Մուսա Լեռ – Շերամապահութիւն
Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան, 12/08/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 12/08/24), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան
Մուսա Լերան մէջ շերամապահութեան զարկ տուողը՝ Ճոն Պարքըր
Ճոն Պարքըրի կապը Մուսա Լերան հետ կարեւորագոյն եւ վճռորոշ ազդակ է այդ համայնքի 19-րդ դարու երկրորդ քառորդի տնտեսութիւնը հասկնալու համար:
Ո՞վ էր Ճոն Պարքըր: Անոր կարճ կենսագրութիւնը այս է.
«Եգիպտոսի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ գլխաւոր հիւպատոս Ճոն Պարքըր (1771-1849) ծնած է Զմիւռնիա, 9 մարտ 1771-ին: Ան որդին էր Ուիլիըմ Պարքըրի, որ կրտսեր որդին էր Թոմաս Պարքըրի՝ «Տը Հոլ»էն, Պեյքուէլի մօտ, Տերպիշայրի մէջ, եւ հին կոմսերու ընտանիքի մը սերունդէն էր...: Ճոն Պարքըր կրթուած էր Անգլիոյ մէջ: Մօտաւորապէս 1797-ին ան մեկնեցաւ Լոնտոնէն՝ իբրեւ Օսմանեան Տէրութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճոն Սփենսըր Սմիթի անձնական քարտուղարը: 9 ապրիլ 1799-ին Պարքըր նշանակուեցաւ Հալէպի մէջ փոխհիւպատոս, ուր նաեւ պիտի գործէր իբրեւ Levant եւ East India ընկերութիւններու ժամանակաւոր գործակալ: 18 նոյեմբեր 1803-ին ան դարձաւ Levant ընկերութեան լիիրաւ հիւպատոս: Այդ տարի ան ներմուծեց պատուաստումը Սուրիա: 1825-ի աշնան Պարքըր նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոս Աղեքսանդրիոյ մէջ: 1829-ի մարտին ան դարձաւ Եգիպտոսի մէջ գլխաւոր հիւպատոսը եւ պաշտօնը վարեց մօտաւորապէս չորս տարի: Եգիպտոսէն մեկնեցաւ 31 մայիս 1833-ին՝ ուղղուելով դէպի Սուէտիոյ իր առանձնատունը: Ճոն Պարքըր մահացաւ կաթուածէ 5 հոկտեմբեր 1849-ին, 78 տարեկան հասակին: Անոր ամառնային տունը կը գտնուէր Պիթիասի մէջ, Ռոսոս լերան բարձունքի մը վրայ: Պարքըր թաղուեցաւ գիւղի հայկական եկեղեցւոյ պատին մօտ, ուր Ճենովայէն բերուած գեղեցիկ մարմարէ յուշարձան մը կանգնեցուեցաւ անոր յիշատակին» [1]:
Ճոն Պարքըրի բազմաթիւ հիւրերէն մէկը զայն նկարագրած է որպէս «կատարեալ ճենթըլմէն, կայացած գիտնական, խորաթափանց մտածող, իմաստասէր եւ մարդասէր» [2]: Պարքըր Մուսա Լերան մէջ ունէր երկու «գիւղական արդիական նստավայր», մէկը Պիթիասի, միւսը՝ Խտրպէկի մէջ [3]: Պարքըրի ներկայութիւնը Մուսա Լերան մէջ հիմնական ազդակ էր շրջանը արտաքին աշխարհին բացուելուն մէջ: Իրօք, անոր այցելուներէն ոմանց հեղինակած ուղեգրութիւնները կը կազմեն Մուսա Լերան մասին հիմնական հրատարակուած սկզբնաղբիւրները՝ 1850-էն առաջ:
Պարքըր բազմաթիւ ձեւերով նաեւ նպաստեց հիւսիս-արեւմտեան Սուրիոյ տեղաբնիկներու կեանքի բարելաւման: Տնտեսական ոլորտին, մասնաւորապէս շերամապահութեան եւ պարտիզպանութեան/հողագործութեան մէջ Պարքըրի ներդրումը շատ կարեւոր է: Սկսելով 1820-ականներէն, ան վերականգնեց եւ բարելաւեց շերամի որդերու այլասերող ձուիկերը՝ թարմ, գերազանց ձուիկեր կանոնաւորաւորապէս բերելով Ֆրանսայէն եւ Իտալիայէն, յատկապէս Փիեմոնթի շրջանէն [4]: Ձուիկները բաշխուեցան բոժոժ եւ մետաքս մշակողներուն միջեւ հիւսիս-արեւմտեան Սուրիոյ մէջ, ներառեալ «հարեւան շրջանները, Անտիոք, Սուէտիա եւ Լաթաքիոյ ու Թրիփոլիի մօտակայ բոլոր լեռնային շրջանները» [5]: Այս նորամուծութեան շնորհիւ, մետաքսի արտադրութեան մէջ տարեկան նուազագոյնը մէկ երրորդ ձուիկներու կորուստը փոխարինուեցաւ տարեկան մէկ երրորդ աճով [6]: Ոչ միայն տեղացի սեփականատէրերը աւելի շահեցան, այլ նաեւ հարստացուցին պետութեան գանձարանը «միլիոնաւոր ղուրուշներով» [7]: Նմանապէս, Ճոն Պարքըր եւ իր որդիները հիմնեցին փոքր գործարան մը Սուէտիոյ մէջ՝ եւրոպական յառաջադէմ եղանակով մետաքս կծկելու համար: Երկու այլ անգլիացիներ եւ պելճիքացի ճարտարագէտ մը ի վերջոյ միացան ձեռնարկին, ֆրանսական եւ իտալական մեքենաներ գնուեցան [8]: «Հաստատութիւնը լաւ սկիզբ ունեցաւ, առաջին տարուան [1847-48] շահերը հասան մօտ քառասուն առ հարիւրի: Սակայն սեփականատէրերուն միջեւ կարգ մը դժբախտ վէճեր պատճառ եղան աշխատանքներու կասեցման» [9]: Ըստ այլ տարբերակի մը, «շերամի որդերու հիւանդութիւնը ստիպեց զանոնք [սեփականատէրերը] լքելու ձեռնարկութիւնը» [10]: Ինչ ալ ըլլար պատճառը, եթէ ձեռնարկութիւնը շարունակուէր, ան յաւելեալ օգուտներ պիտի բերէր տեղաբնիկներուն:
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ շերամապահութիւնը կը կազմէր ապրուստի գլխաւոր աղբիւրը Մուսա Լերան, ինչպէս նաեւ Անտիոքի ամբողջ շրջանին մէջ: Յղում ընելով 19-րդ դարու առաջին տարիներուն, ճանապարհորդ Ռոպերթ Ուոլփոլ կը հաղորդէ․ «Հանրայայտ է, որ Անտիոքի հիմնական ապրանքը մետաքսն է: Սուէտիոյ եւ Անտիոքի շրջակայքին մէջ արտադրուած միջին քանակութիւնը... մօտ 200 քանթար է [11,3 թոն]: Այս շրջանին մետաքսը բաժնուած է չորս տեսակի. Անտիոքինը, Սուէտիայինը, լեռներունը եւ Պէյլանինը» [11]: Սուրիոյ մէջ 1836-ի առեւտրական վիճակագրութիւնները կազմելու ընթացքին, Ճոն Պոուրինկ անունով բրիտանացի մը կու տայ հետեւեալ մանրամասնութիւնները. «Անտիոքի, Սուէտիոյ եւ անոնց շրջակայքին մէջ արտադրուած մետաքսի ամբողջ քանակութիւնը կը բերուի Հալէպ: Ան սովորաբար 180-200 քանթար է [10-12,3 թոն], շատ նպաստաւոր եղանակներու պարագային՝ 220 քանթար [12,4 թոն]. ասոր շուրջ 75-80 քանթարը [4,2-4,5 թոն] կը սպառի Հալէպի մէջ», իսկ 100 քանթար/5,6 թոն (Ամասիայէն, Հալէպէն եւայլ վայրերէ հասած մետաքսէն) կ’արտահանուէր Անգլիա (20 քանթար/1,1 թոն), Ֆրանսա (30 քանթար/1,7 թոն) եւ Ճենովա ու Լիվոռնօ (50 քանթար/2,9 թոն): Ընդհանուր առմամբ, Անտիոքի մետաքսին 1.000 տրամ/տիրհեմը (3,2 քկ./7 փաունտ) կ’արժէր 300-320 ղուրուշ [12]: Ուրիշ ժամանակաւոր բնակիչ մը` Ֆրետերիք Արթըր Նիլ, խօսելով Անտիոքի 1840-ականներու տասներեք ամենահարուստ երեւելիներուն մասին, կը պնդէ թէ «անոնց միջեւ բաժնուած է ամբողջ հողային սեփականութիւնը, Ճըսըր էլ-hատիտէն [արաբերէնով՝ Երկաթէ կամուրջ]՝ մէկ կողմը, մինչեւ Սուէտիոյ, Պիթիասի եւ Քեսապի գիւղերը՝ միւս կողմը: Բոլոր հողերը լաւապէս մշակուած են, կ’արտադրենցորեն, գարի եւ այլ հացահատիկներ, կամ ցանուած են թութի ծառաստաններով՝ շերամի որդերու բուծման համար» [13]: 1860-ականներուն, Լիքլամա ա Նիյեհոլթ (Lycklama à Nijeholt) անունով նետերլանտացի ճանապարհորդ մը նոյնպէս կը նշէ, որ Մուսա Լերան հայերը կը զբաղէին «շերամի որդերու բուծմամբ. գրեթէ ամբողջ ցանքատարածքը պատուած է թթենիներով» [14]:
Շերամի որդերու հաւաքման եւ բոժոժի բերքահաւաքի գործընթացը
Բոժոժը կ’արտադրուէր երկու ամսուան ընթացքին՝ ապրիլէն մինչեւ յունիս [15]: Մեկնաբանելով այս շրջանի կարեւորութիւնը Պիթիասի մէջ, ամերիկացի բողոքական միսիոնար մը կը գրէ. «Քանի որ բոլոր գիւղացիները պէտք է աշխատին շերամի որդերու եղանակին, դպրոցական տարին կը յարմարի գիւղի արդիւնաբերութեան, եւ բացուելով յուլիսի սկիզբը, կը փակուի ապրիլի սկիզբը» [16]: Շերամի որդերու բուծումը տեղի կ’ունենար կա՛մ սովորաբար հեռաւոր ագարակներու մէջ գտնուող, քէօխ կոչուած յատուկ հիւղակի մը, կա՛մ մատխան անունով ծանօթ նախասենեակի մը մէջ:Ախտահանման համար՝ անոնց ներքին պատերը կը մաքրուէին եւ կը սպիտակեցուէին խաւուրայով (կրաքար), վնասակար միջատները հեռու պահելու համար՝ պատուհանները կը ծածկուէին կտաւով կամ նուրբ ցանցով եւ մակաբոյծներն ու մուկերը հեռու պահելու համար՝ ծծումբ կ’այրուէր անկիւն մը [17]: Անմիջապէս որ մարտի վերջը կամ ապրիլի սկիզբը թթենիի տերեւները ծլէին՝ շերամի որդերու ձուիկները «զարթնեցնելու» համար կը դրուէին յատկացուած սենեակին մէջ՝ որոշ ջերմաստիճանի տակ: Քանի մը օր ետք ձուիկներէն կը ծնէին շատ մանր ճիճաներ (որդեր), որոնք կը բարձրանային իրենց վրայ դրուած տերեւներուն վրայ: Տերեւները այնուհետեւ կը փոխադրուէին քոր կամ չերշեֆէ կոչուող ամաններու մէջ: Քորը կը պատրաստուէր կովու չորցուած աղբէն, որուն հոտը վնասակար միջատները հեռու կը պահէր, մինչ տակը կտաւով ծածկուած, փայտէ սկուտեղ չերշեֆէն կ’օգտագործուէր գլխաւորաբար աւելի վարպետ մշակողներուն կողմէ [18]: Երկու պարագային ալ, թրթուրները քանի մը շաբաթ կը կերակրուէին թթենիի թարմ, մանրուած տերեւներով, մինչ անոնք կ’անցնէին թեփոտման չորս փուլերէ, ծանօթ որպէս մաղսըմ (մանուկ), քույրուք (պոչ), նաքըշ (զարդ) եւ քասըլ (ձգուած կամ մկանային) [19]:
Աճման վերջին փուլին, թրթուրները կը փոխադրուէին պաթըրներու (հիւսուած եղէգնեայ խսիրներ) վրայ՝ յատկապէս շինուած աւիլներ (թփուտէ աւելներ) պահելու համար: Պաթըրները, իրենց կարգին, կը դրուէին արուտու կոչուած գերանանման փայտէ շինուած, բարձր, հինգ-վեց դարակ փայտամածներու՝ սեմիտիներու վրայ: Տեղաւորուելէ ետք, հասուն թրթուրները իրենց շըրնըքը (բոժոժ) կը մանէին աւիլներու վրայ: Աւիլներու միջեւ տարածութեան՝ մեսսերին մէջ ետեւ մնացած եւ հաւաքաբար կերտաք անունով ծանօթ աւելի դանդաղ որդերը կը հաւաքուէին եւ յատուկ խնամք կը ստանային մինչեւ որ անոնք ալ մանէին իրենց պատեանները: Բոժոժները այնուհետեւ կը քաղուէին վաճառուելու համար այդ վիճակին մէջ՝ նոր ձուիկներ բուծելու կամ մետաքս հանելու համար [20]: Առաջին պարագային, Անտիոքի՝ Սուէտիոյ եւ մօտակայ Զէյթունիէի մէջ պահեստներ եւ/կամ մանելու գործարաններ ունեցող վաճառականները կ’երթային Մուսա Լեռ, կը կշռէին բոժոժները եւ զանոնք տեղացի ջորեպաններու օգնութեամբ կը փոխադրէին իրենց խանութները: Այդ վաճառականներուն մեծ մասը յոյն ուղղափառ քրիստոնեայ էր՝ Ճապրա Խուրի, Միթրի Խուրի, Զաքի Սուքիաս, Անտոնիոս անունով մէկը [21] եւ ուրիշներ:
Ըստ Անտիոքի եւ Սուէտիոյ բրիտանական փոխհիւպատոսութեան 10 ապրիլ 1900 թուակիրառեւտրական տեղեկագրին, «հաշուարկուած է որ անցեալ տարուան ընթացքին £40.000 արժողութեամբ 120 թոն չոր բոժոժ արտահանուած է Սուէտիայէն դէպի Մարսէյլ, մինչ նախորդ տարուան արտահանումը հաշուարկուած էր 100 թոն՝ £35.000 արժողութեամբ: Անտիոքէն Հալէպ ուղարկուած հում մետաքսի քանակը հաշուարկուած էր 20 թոն՝ £22.000 արժողութեամբ» [22]: Թէեւ Մուսա Լերան մէջ արտադրուած բոժոժներու քանակին վերաբերեալ համեմատելի թիւեր չկան, 1911 թուականի համար տրուած հաշուարկները ցոյց կու տան բոժոժներու քանակին կարեւորութիւնը շրջանի շերամապահութեան արտադրութեան մէջ: Պիթիասի բնակիչները կը ստանային 40-45 քաշ (վերցնել/քաշել) բոժոժ կամ 51-58 քիլոկրամ (112-128 փաունտ)՝ 28,35 կրամ (1 օնս) ձուիկէն, ընդհանուր առմամբ 20.000 քաշ (25,64 մեթրական թոն) [23]: Ամբողջ Մուսա Լեռը կ’արտադրէր 80.000 օխա (102 թոն) բոժոժ [24]: Այս տուեալներէն կարելի է հանել երկու եզրակացութիւն. առաջին, որ Պիթիաս կ’արտադրէր Մուսա Լերան բոլոր բոժոժներուն առնուազն 25 տոկոսը [25], եւ երկրորդ, որ Մուսա Լերան մէջ մշակուած բոժոժները կը կազմէին Անտիոք-Սուէտիա շրջանի տարեկան արտահանումներուն մեծ տոկոսը:
Գիւղացիները իրենց լաւագոյն բոժոժները կը պահէին ձուիկի ապագայ պաշարներու համար: Բոժոժներու մէջ փակուելէն քանի մը շաբաթ ետք, թրթուրները կը ծակէին իրենց պատեանները եւ կ’ելլէին որպէս թիթեռներ: Էգերը այնուհետեւ կը բաժնուէին եւ կը դրուէին վզնոցի նման կախուող, խամիւց կոչուող մանրիկ պարկերու մէջ, ուր անոնք կը ձուադրէին եւ կը մեռնէին: Չորցած թիթեռները կը թրջուէին մէկ առ մէկ, կը ծեծուէին հաւուններու (սանդեր) մէջ եւ կը դրուէին լամըրներու (սահիկներու) միջեւ՝ մանրադիտակային զննման համար: Վարակուած թիթեռներու ձուիկները կը նետուէին, իսկ առողջները կը լուացուէին, կը չորցուէին եւ կը պահուէին պանիրի «Լա վաշ քի ռի» ընկերութեան տուփի չափով, ստուարաթուղթէ կլոր, փոքր տուփերու մէջ [26]: Տեղական արտօնագրատուները կը կնքէին եւ կը ստորագրէին արտահանման համար նախատեսուած տուփերը՝ հաստատելով անոնց ապրանքային բարձր որակը [27]:
Քանի որ ձուիկներու մշակումը կը պահանջէր մանրակրկիտ աշխատանք եւ լրացուցիչ աշխատուժ, նոյնիսկ փոքր երեխաները կ’աշխատէին փոքր վարձատրութեան դիմաց [28]: Կը թուի թէմասնաւորապէս աղջիկները ցուցաբերած են բարձր հմտութիւններ մանրադիտակով զննութեան գործին մէջ: Երբ 1907-ին Օսմանեան հանրային պարտուց վարչութիւնը կազմակերպեց շերամապահութեան համապետական մրցոյթ մը, ըստ հաղորդումներուն, Հալէպի նահանգի մրցանակներուն մեծ մասը նուաճեցի պիթիասցի մասնակիցները [29], անոնց մէջ՝ առնուազն երկու կին: Անոնցմէ Մերեն Ֆիլեան-Իկարեանը ստացաւ դրամական նուէր մը, մանրադիտակ մը եւ ձուիկի զննման պաշտօնական արտօնագիր [30]. միւսը՝ «Ազիզինց Մաթուշէ» անունով ծանօթ, տասնամեայ աղջնակ Մարթա Գէորգ Շերպէթճեանը պարգեւատրուեցաւ մետալով [31]:
Մէկ քութօէ (տուփ) ստացուած բոժոժներու քանակը միջին ընտանիքի մը հնարաւորութիւն կու տար համեստ կեանքով մը ապրիլ: Չորս տուփ արտադրութիւն ունեցող տնտեսութիւնները կը համարուէին բարեկեցիկ [32]: Բացառիկ բերք կը ստանային քանի մը անհատներ. օրինակ, Քապուսիէի ամենահարուստ մարդուն՝ Գէորգ Պալճեանի թթենիներու պարտէզներէն միայն մէկը «կը կերակրէր» քսաներկու տուփ՝ սեփականատիրոջն ապահովելով տարեկան 100 օսմանեան ոսկի եկամուտ [33]: Նմանապէս, Հաճը Հապիպլիի երեւելիներէն Մարտիր Իսկենտէրեանի ընտանիքը 1915-ին ունէր շերամի սերմի 1.500-1.800 տուփ՝ պատրաստ կառավարութեան ստուգման համար: 1916-ի գարնան Իսկենտէրեանները (որոնցմէ ոմանք այդ ժամանակ արդէն տարագրուած էին Համա) լուր ստացան Անտիոքի մէջ իրենց վստահուած անձեր հանդիսացող յոյն սարրաֆներէն (լումայափոխներէն) 2.000 օսմանեան ոսկի արժողութեամբ շերամի սերմերու մասին, որ Իսկենտէրեաններու շերամապահական արդիւնաբերութիւնն արտադրած էր անոնց բացակայութեան: Բացի այդ, Մարտիրի եղբայրներէն մէկը մեծ քանակութեամբ մետաքսեայ ապրանքներ ձգած էր Նաճիպ Սպիրիտոն անունով յոյնի մը մօտ: Թէեւ Իսկենտէրեան ընտանիքի երկու ներկայացուցիչներ ձեւով մը կրցան հասնիլ Անտիոք՝ իրենց գումարները հաւաքելու համար, անոնք վերադարձան դատարկաձեռն՝ խաբուած ըլլալով [34]:
Մետաքս մանելը, հիւսելը եւ արտադրանքի վաճառքը
Աւելի աղքատ գիւղացիները պարզապէս բանուորներ էին: Շերամապահութեան եղանակը եւ անոր հետ ամբողջ տարուան եկամուտը անոնց համար կ’աւարտէր բոժոժներու եւ ձուիկներու ձեռքբերումով: Հետեւաբար, ծայրը ծայրին հասցնելու համար ուրիշ եկամուտ չունենալով, շատ գիւղացիներ լուրջ դժուարութիւններու կը հանդիպէին: Ինչպէս այցելու մը հաղորդած է, Քապուսիէի մօտ գտնուող Չեւլիքի բնակիչ Իպրահիմ անունով մէկու մը տարեկան եկամուտը «չէր գերազանցեր 400 ղուրուշը՝ անգլիական £2-էն պակաս: Ասկէ ան կը ծրագրէր խնայել բաւարար գումար՝ նաւահանգիստի թուրք պաշտօնեաները կաշառելու համար, որպէսզի անոնք աչք գոցեն իր բաց նաւակով դէպի Կիպրոս փախուստին վրայ. քանի որ, ըսաւ ան, «այստեղ շերամէ զատ ուրիշ արդիւնաբերութիւն չկայ: Ան ինծի տարին երկու ամիս աշխատանք կու տայ, իսկ միւս տասը ամիսներուն ոչինչ ունիմ ընելու եւ ոչ մէկ միջոց՝ դրամ վաստակելու»» [35]: Ինչ ալ ըլլայ, աւելի ձեռներէց հայրենակիցներ տարուան ընթացքին կը շարունակէին զբաղիլ շերամապահութեան այլ գործունէութիւններով, ինչպիսիք են մանումը, հիւսումը եւ մետաքսեայ արտադրանքի վաճառքը:
Հալլաճները (մանողները) բարակ թելը բոժոժէն կը հանէին օգտագործելով տուլապ (անիւ) կոչուող փայտէ թիւրպին մը: Բոժոժները կը դրուէին ջուրով լեցուն լիւղերու (տաշտերու) մէջ եւ կը տաքցուէին մինչեւ որ թելերը քակուէին: Մանողները այնուհետեւ մեղմօրէն կը քաշէին մետաքսի թելերը, զանոնք կը կապէին տուլապի չորս իլիկներուն եւ կը մանէին [36]: Պիրիսեմի (հում մետաքս՝ ապրշում) ձեռքբերումին անմիջապէս յաջորդող ժամանակաշրջանը կը կոչուէր պազը տուլապ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ անիւէն ետք եւ կը խորհրդանշէր եղանակին աւարտը: Մարդիկ այդ ատեն կը քանդէին իրենց դարակները, մէկ կողմ կը դնէին սկուտեղներն ու գործիքները եւ (կրկին) կը մաքրէին ու կը սպիտակեցնէին իրենց աշխատավայրերը: Յատկանշանկան է, որ գնումներու, մկրտութիւններու, նշանտուքներու եւ հարսանիքներու մեծ մասը տեղի կ’ունենար «անիւէն ետք», քանի որ մարդիկ հնչուն դրամ ստացած կ’ըլլային [37]:
Սակայն մետաքսին առնչուող ոչ բոլոր ձեռնարկները կը դադրէին «անիւէն ետք»: Ամրան վերջաւորութեան, աշնան եւ ձմրան ընթացքին բաւական գիւղացիներ, յատկապէս Պիթիասի, Հաճի Հապիպլիի եւ Եողուն Օլուքի մէջ, կ’աշխատէին իրենց տուներուն հիւր (ջրհոր) կոչուող յատուկ մէկ անկիւնը կտորեղէն հիւսելով թազքեահներու վրայ [38]: Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Հաճի Հապիպլիի մէջ 70-80, իսկ Պիթիասի մէջ 30-40 հատ հաշուող այդ մեքենաները կ’արտադրէին սպիտակ եւ գունաւոր զանազան իրեր՝ թաշկինակներ, սրբիչներ, «Թոսիա» եւ «Թրիփոլի» գօտիներ, գլխարկներ, շալեր, սաւաններ, անկողինի ծածկոցներ, վարագոյրներ, փողկապներ, տղամարդու զգեստներ ու կնոջ հագուստներ [39]: «Իրենց գերազանց որակով եւ գեղեցկութեամբ հռչակուած» [40] այս ապրանքները կը վաճառուէին հարեւան թիւրքմէն գիւղերուն, Անտիոքի, Ամուք լիճի շրջակայ դաշտին, Իսքենտերունի, Հալէպի, Այնթապի, Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ այլ մասերուն եւ Եգիպտոսի մէջ [41]:
Շերամապահութեան մասնագէտները Մուսա Լերան մէջ
Թէեւ տեղական շերամապահութեան մասնագէտներուն մեծամասնութիւնը ինքնուս էր, ոմանք յաճախած էին արհեստագիտական դպրոց՝ ձեռք բերելու ժամանակի ամենայառաջադէմ գիտական գիտելիքները, օրինակ՝ Լուի Փասթէօրի՝ մանրադիտակներ օգտագործող մեթոտը: Այդպիսի հռչակաւոր հաստատութիւններէն էր Պուրսայի շերամապահութեան հիմնարկը, որ ստեղծուած էր Ֆրանսայի Մոնփելիէի շերամապահութեան հիմնարկին նմանութեամբ: 1888-ին Օսմանեան հանրային պարտուց վարչութեան կողմէ իր հիմնադրութենէն մինչեւ 1914, Հիմնարկը տուած էր 1.251 շրջանաւարտ մասնագէտ՝ Փասթէօրին աշակերտած փրոֆեսոր Գէորգ Թորգոմեանի ղեկավարութեան տակ [42]: Օսմանեան Տէրութեան մետաքս արտադրող շրջաններ իր ստուգողական շրջագայութիւններուն ընթացքին, Թորգոմեան, Նուրի անունով թուրք օգնականի մը ուղեկցութեամբ, այցելած էր նաեւ Մուսա Լեռ եւ հաւաքագրած տեղացի երիտասարդներ համեմատաբար բարեկեցիկ ընտանիքներէ, որոնք կրնային հոգալ ուսման վարձը եւ Պուրսայի մէջ ապրելու այլ ծախսերը [43]: Ծրագիրը կը ներառէր մինչեւ երեք տարի դասընթացք՝ ընդգրկելով «մետաքսի արտադրութեան եւ շերամի բուծման գիւղատնտեսական, կենսաբանական եւ արհեստագիտական կողմերը» [44]: Շրջանաւարտ ըլլալու եւ արտօնագիր ստանալու համար ուսանողները կը գրէին աւարտաճառ եւ կը ներկայացնէին վերջնական քննութիւն [45]: Պուրսայի հիմնարկի մուսալեռցի շրջանաւարտներէն են Մովսէս Չափարեանը, Ռուբէն Ֆիլեանը, Եփրեմ Ֆրանկեանը, Արմենակ Քայըքճեանը (Պիտերճի Արմենակ), Աբրահամ եւ Սարգիս Ռենճիլեանները՝ բոլորն ալ Պիթիասէն եւ Իսկենտէր ու Ճորճ Իսկենտէրեան եղբայրները՝ Հաճի Հապիպլիէն [46]: Այս արտօնագրեալ մասնագէտները կարեւոր դեր խաղցած են տուն վերադառնալէ ետք շերամի տեղական ձուիկներուն որակը բարելաւելուն մէջ:
Դպրոցական կրթութեամբ թէ ինքնուս, Մուսա Լեռէն շերամապահութեան շատ մասնագէտներ եւ օգնականներ նաեւ կը հսկէին շրջանի հարուստ սեփականատէրերու մետաքսի չիֆթլիքները (ագարակները): Անտիոքի եւ Սուէտիոյ միջեւ ինկած տարածքը թուրք, յոյն, եւրոպացի եւ քանի մը հայ հողատէրերու պատկանող թութի ծառաստաններ էր հիմնականին մէջ: Անտիոքի թուրք երեւելիներէն Պերեքէթ զատէ Ռիֆաաթ աղան ունէր մեծ ագարակ մը Վագըֆ գիւղին կից Քիւրտ Տերեսի գիւղին մէջ: Ապտուլ Ղանի զատէ Հիւսնի աղան եւ Քոսըրի զատէ Ռեշիտ աղան պարտէզներ ունէին Մուսա Լերան սահմանակից Քարաչայ (Սեւ գետակ) երկու գետակներու ափերու երկայնքին: Յոյն ուղղափառ Հաննա Մըրընը եւ Հաննա Իպրահիմը նշանակալի անշարժ գոյք ունէին Մաղարաճըքի մէջ, իսկ Լաքքանի ընտանիքը՝ Սուրբ Սիմէոն Սիւնակեացի վանքին մօտ: Եւրոպացիներէն յիշատակուած է Տոմենիքօ տի Լուփի անունով իտալացի նաւապետ մը, որ կարեւոր ծառաստանի մը տէրն էր Մաղարաճըքի աղբիւրին վերեւ: Անտիոքի մէջ Գերմանիոյ փոխհիւպատոս Մարտիրոս Միսաքեան բերք կը հաւաքէր Սելեւկիոյ աւերակներու շրջանին մէջ գտնուող երկու կտոր հողերէն, իսկ կոստանդնուպոլսեցի Քերովբէ Արսլանեանը (երգիծաբան Երուանդ Օտեանի մօրեղբայրը)՝ Միշրաքիէ եւ Մուղայրուն ալեւիաբնակ գիւղերու սահմաններուն մէջ գտնուող իր կալուածներէն [47]: 1920-ականներու սկիզբը Արսլանեանի մետաքսի գործերուն ծաւալը կրնայ ցուցանիշ ըլլալ նաեւ իր նախապատերազմեան գործարքներուն: Անոր ագարակները կ’արտադրէին 55 տուփ շերամի ձուիկ (10 տուփ եւս արտադրելու հնարաւորութեամբ), իւրաքանչիւր պարտէզ կը սնուցանէր մէկ տուփ՝ 50 օսմանեան ոսկի արժողութեամբ, ընդհանուր առմամբ 3.000 ոսկիէ աւելի: Ձուիկներուն մշակումը տեղի կ’ունենար տասնեօթը ագարակային տուներու եւ շերամի մէկ գործարանի մէջ, որոնք բոլորն ալ բնակեցուած էին եւ/կամ կը ղեկավարուէին ալեւի մարապաներու (բերքի քառորդի դիմաց վարձակալներու) կողմէ [48]: Արսլանեանը եւ միւս սեփականատէրերը կը վարձէին Մուսա Լերան հայ մասնագէտներ՝ իրենց ալեւի վարձակալ գիւղացիներուն սորվեցնելու համար: Մետաքսի այդպիսի վարպետներէն մէկը՝ պիթիասցի Սարգիս Շերպէթճեանը կը վերահսկէր մետաքսի արտադրութեան բոլոր փուլերը Սապիթ էֆենտի անունով մէկու մը պատկանող երկու գիւղերուն մէջ [49]: Ըստ որոշ հաշուարկներու, Շերպէթճեանի նման եղանակային աշխատողները կը հաշուէին 500-600 հոգի կամ Մուսա Լերան ամբողջ բնակչութեան 8-10 տոկոսը [50]:
Շերամապահութեան մարտահրաւէրներու դիմակայումը
Չնայած Մուսա Լերան մէջ շերամապահութեան յառաջադէմ վիճակին, արդիւնաբերութեան եւ աւելի մեծ շահոյթներու հնարաւորութիւններուն ծանր հարուած հասցուցին երկու գործօններ՝ բնութեան աղէտները եւ վաշխառուներու խարդախութիւնները: Առաջին պարագային, մարախը եւ, յատկապէս, եղանակի խիստ տատանումները յաճախ կը փճացնէին թթենիի տերեւը եւ այլ մշակաբոյսեր: Օրինակ, փաստագրուած է որ 1864-էն 1901-ի միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին, առնուազն ինը եղանակներ (24 տոկոս) աղէտալի եղած են, ընդ որուն՝ Հաճի Հապիպլին անկման մէջ գտնուած է չորս յաջորդական տարի՝ 1864-1867-ին, իսկ միւս գիւղերը՝ 1872-ին, 1878-ին, 1897-ին, 1899-ին եւ 1901-ին [51]: Խըտըրպէկի մէջ տեղակայուած քափուչին միսիոնար մը 1897-ի յուլիսին կը հաղորդէ, թէ «ժողովուրդը կը տառապի անընդհատ անձրեւներու պատճառով մետաքսի բոժոժներու հաւաքման ձախողութեան հետեւանքէն» [52] եւ թէ սեպտեմբերի սկիզբը «ցորենի բերքը բաւական աղքատ է անձրեւի պակասին պատճառով, գրեթէ ոչինչ [կը ստացուի] ձիթապտուղէն...» [53]: Չորս տարի ետք, 1901-ի սեպտեմբերին, գործընկեր մը կը գրէ, թէ վատ բերքերը «ամենաէական կարիքներուն գինը բարձրացուցին մինչեւ տանիք: Յոյս չկայ, որ այս դժուար վիճակը ապագային որեւէ բարելաւում կ’ունենայ, քանի որ կառավարութիւնը ոչինչ կ’ընէ այլ երկիրներէ այդ ապրանքներուն ներմուծումը դիւրացնելու համար: Բացի այդ, կառավարութիւնը կը շարունակէ պարտադրել դաժան հարկերը, կարծես թէ ժողովուրդը բաւարար թշուառութեան մէջ չէ» [54]:
Երբեմն կը գերակշռէր դրական տեսլականը: Ինչպէս բողոքական միսիոնար մը կը գրէ Պիթիասի մասին, «հաճելի է ... արձանագրել, որ անոնց 1902-ի բերքը շատ լաւ եղած է: Եղանակի բուռն տատանումները այնքան պատճառ եղած են վախնալու, որ խիստ կարկուտ պիտի յաջորդէր եւ փճացնէր անոնց բերքը: Մեծ թեթեւութիւն է իմանալ, որ այդպէս չէ պարագան, այլ ընդհակառակը, 1902-ին անոնք ունեցած են առատ բերք» [55]: Կը թուի, թէ այս յատուկ գիւղը տարիներու տառապանքէ ետք սորված էր աղէտը շրջանցելու կերպը: 30 յունիս 1903-ին աւարտող տարուան զեկոյց մը կը բացատրէր. «Պիթիասը միակ վայրն է Անտիոքի շրջանին մէջ, որ այս տարի ունի մետաքսի լաւ բերք: Պիթիասի ժողովուրդը այնքան եռանդուն է եւ այնքան հաւատարմօրէն ուսումնասիրած է մետաքսի արդիւնաբերութեան իւրաքանչիւր փուլը, որ կրկին ու կրկին յաղթանակ խլած է պարտութենէն, աւելի ճիշդ՝ յաջողած է լաւ բերք ստանալ շատ անբարենպաստ պայմաններու տակ, մինչ ուրիշներ պարզապէս ձեռք քաշած են եւ կորսնցուցած իրենց բերքը» [56]:
Փոխառութեան գործարքներու բնոյթը երկրորդ վնասատուն էր մետաքսի շահոյթներուն: Աղքատութիւնը շատ գիւղացիներ կը ստիպէր հարուստ վաճառականներէն դրամ փոխ առնելու բարձր տոկոսադրոյքներով՝ սովորաբար 20-30 տոկոս: Աւելին, փոխատուները երբեմն կը պահանջէին իրենց դրամը վերադարձնել հինգ կամ վեց ամսուան ընթացքին, այսպիսով իրականութեան մէջ գանձելով կրկնակի տոկոս տարուան համար [57]: Ինչպէս հաղորդուած է 1897-ի սեպտեմբերին, «քամին կը փչէ ի նպաստ փոխատուներուն, որոնք հողերը գրաւելով, դրամ փոխ կու տան 30 եւ 35 տոկոս շահով, եւ եթէ [պարտապանները] չվճարեն տարուան վերջը, հողը պէտք է յանձնուի կէս գինով, ինչպէս պատահեցաւ այս օրերուն: Հոս [Խըտըրպէկի եւ ընդհանրապէս Մուսա Լերան մէջ] իրաւունքը կը պատկանի աւելի ուժեղին եւ խորամանկին, որոնք գողութիւն ընող կառավարական պաշտօնեաներու աջակցութիւնը կը ստանան» [58]: Աւելին, գիւղացիները կը ստիպուէին նոյն վաշխառուներուն վաճառել իրենց բոժոժները շուկայականէն ցած գինով, միաժամանակ թելադրուելով լրացնել յաջորդ տարուան ձուիկի պաշարները եւրոպական սուղ տեսակներով, որոնք նոյն վաշխառուները կը վաճառէին [59]: Այս արատաւոր օղակը խզելու ակնյայտ փորձով մը, քափուչին միսիոնար մը 1890-ականներու կէսերուն փորձեց հայ կաթողիկէ համայնքին համար ուղղակիօրէն ստանալ 30 օնս ձուիկ Միլանի (Իտալիա) մետաքսի հաստատութեան մը սեփականատէր Լուիճի տել’Օրօ Ճիոզու անունով անձէն [60]: Բայց այս համեստ փորձը չի թուիր ծառայած ըլլալ իր նպատակին երկար ժամանակի համար, որովհետեւ եօթը տարի ետք Հալէպի բրիտանացի հիւպատոս Հ. Զ. Լոնկուըրթ հետեւեալ կերպ կը նկարագրէ իր տեսադաշտին մէջ գտնուող ընդհանուր իրավիճակը. «Հազուադէպօրէն [գիւղացին] կը ճողոպրի վաշխառուի ձեռքերէն. իւրաքանչիւրը կը փորձէ խաբել միւսը, եւ կեանքը կ’անցնի վէճերու մէջ: Դրամ փոխ տուողը անխուսափելիօրէն կը յանգի իր գումարը առատօրէն ինքն իրեն վերադարձնելուն, մինչ գիւղացին կը խուսափի Գիւղատնտեսական դրամատունէն: Ան բնազդաբար կը նախընտրէ փոխ առնել նոյնիսկ 30 տոկոսէն աւելի տոկոսով, քան փոխ առնել կառավարութենէն: Խորամանկութիւնը կ’առաջնորդէ զինք այս հարցին մէջ, քանի որ այսպիսով ան կը խուսափի վճարման անկարողութեան պարագային իր հողը կորսնցնելու ստոյգ վտանգէն» [61]:
Մուսա Լերան մէջ կացութիւնը ողբերգական համեմատութիւններու հասաւ 1909-ի ջարդերէն ետք: Պիթիասի մէջ իր տեսածէն յուզուած ամերիկացի միսիոնարուհի մը կը հաղորդէ. «Այս գիւղին բնակիչները մետաքսի մշակումով կը զբաղին եւ ձուիկներ կը պատրաստեն վաճառքի համար: Իրենց աշխատանքը կ’ընեն փոխ առնուած դրամագլուխով: Բոլոր ձուիկները կորսուեցան, քանի որ տրուած էին վճարելու համար երբ մետաքսը ծախուէր եւ յանձնուէր Ատանայի ու Աղեքսանտրէթի մէջ, ուստի եւ բնականաբար ոչինչ ստացած են եւ պիտի չկրնան որեւէ բան ստանալ, բայց միեւնոյն ժամանակ իրենց հին պարտքերուն համար ծայրագոյն ճնշումի կ’ենթարկուին եւ չեն կրնար նոր դրամագլուխ փոխ առնել գործը վերսկսելու համար: Հոն էի ... եւ տուն վերադարձայ սրտաբեկ: Խե՜ղճ մարդիկ: Անօթի, մերկ եւ յուսահատ» [62]:
Տնտեսական այս քրոնիկ տագնապին հակառակ, քաջալերիչ նշաններ կային Ա. համաշխարհային պատերազմին նախորդող վերջին տարիներուն: Այդպիսի բարեփոխութիւններէն մէկն էր 1909-ին Օննիկ Թոսպաթ անունով պոլսահայու մը Հալէպի նահանգի Մետաքսի հսկողութեան տնօրէն նշանակուիլը: Նշանակալի է, որ Թոսպաթ իր կեդրոնատեղին հաստատեց ոչ թէ նահանգի կեդրոնին, այլ Անտիոքի մէջ, ուրկէ նոր կանոնակարգեր մտցուց տեղական շերամի ձուիկներու եւ առնչակից ճարտարարուեստներու որակը բարելաւելու համար: Թոսպաթի ծրագիրները զգալիօրէն օգտակար եղան տեղացի արտադրողներուն [63]: Բայց անոր ճիգերը լաւ արդիւնք պիտի չտային, եթէ չըլլար Պուրսայի հայ շրջանաւարտներուն մասնագիտական ներդրումը, քանզի 1911-ին Մուսա Լերան ժողովուրդը սկսած էր ձուիկի տարեկան իր կարիքներուն մինչեւ մէկ երրորդը գնել շատ բարելաւուած տեղական տեսակներէն, փոխանակ գնելու աւելի սուղ եւրոպական տեսակներէն [64]: Նոյնիսկ առաջարկ եղած էր Մուսա Լերան մէջ հիմնելու մետաքսի ժամանակակից գործարան մը, որ պիտի ունենար հետեւեալ բարերար ազդեցութիւնները. դրամ փոխ պիտի տար աւելի ցած տոկոսով, ձուիկները պիտի ծախէր աժան գինով, բոժոժները պիտի գնէր իրենց իսկական արժէքով եւ աշխատանք պիտի հայթայթէր այրիներու, աղջիկներու եւ այլ գործաւորներու: Որոշ հաշուարկումով, այս գործարանը նոյնիսկ եթէ միայն հում բոժոժներ արտադրէր, պիտի կրնար տեղացիներուն ապշեցուցիչ եկամուտ՝ տարեկան 1.500.000 տոլար առձեռն գումար ապահովել [65]: Ապացոյց չկայ, թէ հեռաւոր Ֆրեզնոյի (Քալիֆորնիա) մէջ եղած այս առաջարկը իրականացած է:
- [1] Լեսլի Սթեֆըն եւ Սիտնի Լի (խմբագիրներ), The Dictionary of National Biographies [Ազգային կենսագրութիւններու բառարան], Ա. հատոր, Լոնտոն, Օքսֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1921, էջ 1124: 1935-ին Պիթիասի մէջ Պարքըրի գերեզմանի վերականգնման բանակցութիւններու մասին տե՛ս Մեծն Բրիտանիա, Հանրային արխիւ, Քիու, Արտաքին գործոց նախարարութիւն (FO) 861՝ Դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու արխիւներ, Թուրքիա՝ Հալէպ, Ընդհանուր թղթակցութիւն (Ելք եւ մուտք), թղթածրար 112:
- [2] Ֆ. Ա. Նիլ, Eight Years in Syria, Palestine, and Asia Minor, from 1842 to 1850 [Ութ տարի Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ, 1842-էն մինչեւ 1850], Բ. հատոր, 2-րդ հրատարակութիւն, Լոնտոն, Քոլպըրն եւ ընկ. հրատարակչութիւն, 1852, էջ 59:
- [3] Նոյն տեղը, էջ 78: Ըստ Էօզեպ տը Սալի Pérégrinations en Orient ou voyage pittoresque et politique en Egypte, Nubie, Syrie, Turquie, Grèce pendant les années 1837-38-39 [Ուխտագնացութիւններ Արեւելքի մէջ կամ գեղանկարային եւ քաղաքական ճամբորդութիւն Եգիպտոսի, Նուպիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Յունաստանի մէջ 1837-38-39 թուականներուն], Ա. հատոր, 2-րդ հրատարակութիւն, Փարիզ, Փանիեռ եւ Լ. Քիւրմէր, 1840, էջ 168, Պիթիասի եւ Խըտըրպէկի մէջ Պարքըրի տուները գեղեցկութեամբ կը գերազանցէին Սուէտիոյ տան գեղեցկութիւնը:
- [4] Չարլզ Ֆիոթ Պարքըր, Memoir on Syria [Յուշագրութիւն Սուրիոյ մասին], Լոնտոն, Մատըն եւ Մալքըլմ, 1845, էջ 36. Ճոն Պաուրինկ, Report on the Commercial Statistics of Syria [Տեղեկագիր Սուրիոյ առեւտրական վիճակագրութեան մասին], Լոնտոն, Ուիլեըմ Քլոուզ եւ որդիներ, 1840, էջ 113. Պարքըր, «Սուրիա եւ Եգիպտոս», Բ., էջ 1-2:
- [5] Պարքըր, Syria and Egypt, Բ., էջ 255:
- [6] Պարքըր, Memoir on Syria, էջ 36:
- [7] Պարքըր, Syria and Egypt, Բ., էջ 2:
- [8] Նոյնը, էջ 272:
- [9] Ուիլիըմ Ֆրանսիս Էյնսուըրթ, A Personal Narrative of the Euphrates Expedition [Եփրատեան արշաւախումբի անձնական պատմութիւն մը], Բ. հատոր, Լոնտոն, Քիկըն Փոլ, Թրենչ եւ ընկ., 1888, էջ 403:
- [10] Պարքըր, Syria and Egypt, Բ., էջ 272:
- [11] Ռոպըրթ Ուոլփոլ (խմբագիր), Travels in Various Countries of the East; Being a Continuation of Memoirs Relating to European and Asiatic Turkey [Ճանապարհորդութիւններ Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ. Եւրոպական եւ Ասիական Թուրքիոյ վերաբերեալ յուշերու շարունակութիւն], Լոնտոն, Լոնկմըն, Հըրսթ, Ռիս, Օրմ եւ Պրաուն, 1820, էջ 133:
- [12] Պաուրինկ, Report on the Commercial Statistics of Syria, էջ 15:
- [13] Նիլ, Eight Years in Syria, Բ., էջ 31:
- [14] Լիքլամա ա Նիյհոլթ, Voyage en Russie, au Caucase, et en Perse dans la Mésopotamie, le Kurdistan, la Syrie, la Palestine et la Turquie exécuté pendant les années 1865, 1866, 1867 et 1868 [Ճամբորդութիւն Ռուսիա, Կովկաս եւ Պարսկաստան, Միջագետք, Քիւրտիստան, Սուրիա, Պաղեստին եւ Թուրքիա՝ կատարուած 1865, 1866, 1867 եւ 1868 թուականներուն], Դ. հատոր, Փարիզ եւ Ամսթերտամ, Արթիւս Պերթրան եւ Ք. Լ. վան Լանկենհիւյսըն, 1875, էջ 328:
- [15] Շերամապահութեան եղանակի սկիզբը իրականութեան մէջ կախեալ էր կլիմայէն եւ կը տարբերէր տեղէ տեղ: Օրինակ, 1920-ական թուականներուն սկիզբը գրուած նամակէ մը կ’իմանանք, որ եթէ արեւելեան ցուրտ օդը փետրուար-մարտին հասնէր Մուսա Լեռ, թթենիի տերեւները մէկ ամիս ուշ կը ծլէին եւ որ ծովեզերեայ Չեւլիքի մէջ տերեւները սովորաբար մէկ ամիս աւելի կանուխ կ’երեւէին քան աւելի զով Պիթիասի մէջ: Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեան, անձնական թուղթեր, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, Մովսէս Ռենճիլեան, նամակ «Իմ սիրելի զաւակներուս» (Գրիգոր եւ Վիքթորիա Սարաֆեան), 2 մայիս 1923:
- [16] Արտասահմանեան առաքելութիւններու յանձնակատարներու ամերիկեան յանձնաժողովի (ABCFM) արխիւներ, Հաութըն գրադարան, Հարվըրտի համալսարան, Քեմպրիճ, Մասաչուսեց, ABC: 16.9.6, Կեդրոնական Թուրքիոյ Առաքելութիւն (ԿԹԱ), Ա. հատոր, Լուսիլ Ֆորմընը Օրիորդ Լամսընին, 28 յուլիս 1913:
- [17] Հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, 30 մարտ 1988, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա. հարցազրոյց Յովհաննէս Հաճեանի հետ, 8 յունուար 1990, Հոլիվուտ, Քալիֆորնիա. Սոնա Զէյթլեան, Մուսա Լերան ժողովրդական հեքիաթներ», Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1973, էջ 681-682. Գրիգոր Կէօզալեան [Գեղունի], «Մուսա Լերան ազգագրութիւնը», Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, 2001, էջ 70-72, 77:
- [18] Հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա: Չերշեֆէի չափերն էին մօտաւորապէս 1 x 5 x 0,5 մեթր:
- [19] Սուրէն Ֆիլհաննէսեան, նամակ հեղինակին, առանց թուականի (1989). Խաչեր Մատուռեան, «Մեր հացը», տե՛ս Մարտիրոս Գուշաքճեան եւ Պօղոս Մատուռեան (խմբագիրներ), «Յուշամատեան Մուսա Լերան», Պէյրութ, տպարան «Աթլաս», 1970, էջ 155. Կէօզալեան, «Մուսա Լերան...», էջ 72-75:
- [20] Ֆիլհաննէսեան, նամակ. Զէյթլեան, «Մուսա Լերան...», էջ 708. Կէօզալեան, «Մուսա Լերան...», էջ 76-77:
- [21] Հարցազրոյց Մարթա Շերպէթճեան-Շէմմասեանի հետ, 28 դեկտեմբեր 1983, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, 4 մարտ 1988, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա:
- [22] Մեծն Բրիտանիա, FO 861, թիւ 35 թղթածրար, Տէյվիտ Տաուէքը Հենրի Տ. Պարնհամին, Անտիոքի եւ Սուէտիոյ բրիտանական փոխհիւպատոսութեան առեւտրական տեղեկագիր, 10 ապրիլ 1900:
- [23] «Բիւզանդիոն» օրաթերթ, Կոստանդնուպոլիս, 26 ապրիլ 1911:
- [24] «Ասպարէզ» թերթ, Ֆրեզնօ, 18 օգոստոս 1911:
- [25] Պիթիասի մէջ բոժոժներէն գոյացած եկամուտը կը գերազանցէր Եողուն Օլուքի, Խտըրպէկի եւ Վաքըֆի գումարային եկամուտը: Նմանապէս, իրենց գերազանց որակին շնորհիւ, Պիթիասի բոժոժները 25 տոկոսով աւելի սուղ կը ծախուէին քան Հալէպի օսմանեան նահանգի այլ վայրերու մէջ արտադրուածները: Տե՛ս «Բիւզանդիոն», 27 ապրիլ 1911. Ապր[ահամ] Հ. Ռենճիլեան, «Անթաքյատա իփեքճիլիք (իփեք պէօճեյի պէնտինին սոնու)» (Շերամապահութիւնը Անտիոքի մէջ [Շերամի եղանակի վերջը]), «Նոր Աւետաբեր» թերթ, 6:17 (10 նոյեմբեր 1933): 327:
- [26] Հարցազրոյց Ֆլորենս Իկարեան-Յարութիւնեանի հետ, 4 մարտ 1989, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա. հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, 4 մարտ 1988. Ֆիլհաննէսեան, նամակ:
- [27] Հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, 4 մարտ 1988:
- [28] Նոյն տեղը:
- [29] «Բիւզանդիոն», 26 ապրիլ 1911:
- [30] Ֆլորենս Իկարեան-Յարութիւնեան, անձնական թուղթեր, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Սարգիս Ֆիլեանի 1962-ին գրած անվերնագիր յայտարարութիւն՝ Մերեն Իկարեանի մանրադիտակը Երեւանի մէջ թանգարանի մը նուիրելու առիթով:
- [31] Հարցազրոյց Մարթա Շերպէթճեան-Շէմմասեանի հետ, 28 դեկտեմբեր 1983, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա:
- [32] Հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, 4 մարտ 1988:
- [33] «Բիւզանդիոն», 8 սեպտեմբեր 1910:
- [34] Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի արխիւներ, Երեւան, Կարօ Իսկենտէրեան, «Այսպէս անցան օրերս», ձեռագիր յուշեր, տետրակ I, էջ 10, 31-34:
- [35] Կերթրուտ Լաութիըն Պել, Syria: The Desert and the Sown [Սուրիա. Անապատն ու մշակուածը], Լոնտոն, Ուիլեըմ Հէյնըմըն, 1907, էջ 329:
- [36] Հարցազրոյց Ֆլորենս Իկարեան-Յարութիւնեանի հետ. Ֆիլհաննէսեան, նամակ: Քաճաները (մաքրուած բոժոժները) չէին նետուեր, այլ կը գործածուէին կեղծ մազ կամ պարաններ շինելու համար: Տե՛ս Թովմաս Հապէշեան, «Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ», Պէյրութ, «էրեբունի» հրատարակչութիւն, 1986, էջ 88:
- [37] Ֆիլհաննէսեան, նամակ:
- [38] Նոյն տեղը. Յարութիւն Փ. Պօյաճեան, Musa Dagh and My Personal Memoirs [Մուսա Տաղը եւ իմ անձնական յուշերս], Ֆէր Լոն, Նիւ Ճըրզի, «Ռոզքիր» հրատարակչատուն, 1981, էջ 2:
- [39] Զոհրապ Իսկենտէրեան, «Յուշեր պատմութեան համար, Պէյրութ, «Սեւան» տպագրատուն, 1974, էջ 45. նոյնի՝ «Հաճի Հապիպլի», Գուշաքճեան եւ Մատուռեան, «Յուշամատեան Մուսա Լերան», էջ 76. Ռենճիլեան, «Անթաքյատա իփեքճիլիք», էջ 327:
- [40] Վիթալ Քինէ, La Turquie d’Asie. Géographie administrativem statistique, descriptive et raisonnée de chaque province de l’Asie-Mineure [Ասիական Թուրքիա. Փոքր Ասիոյ իւրաքանչիւր նահանգի վարչական, վիճակագրական եւ նկարագրական աշխարհագրութիւն], Բ. հատոր, Փարիզ, Է. Լըրու, 1891, էջ 198:
- [41] Իսկենտէրեան, «Յուշեր», էջ 45. նոյնի՝ «Հաճի Հապիպլի», էջ 76. Ռենճիլեան, «Անթաքյատա իփեքճիլիք», էջ 327. հարցազրոյց Մարթա Շերպէթճեան-Շէմմասեանի հետ, 28 դեկտեմբեր 1983, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա:
- [42] Ժաք Թոպի, Intérêts et impérialism français dans l’Empire ottoman (1895-1914) [Ֆրանսական շահեր եւ կայսերապաշտութիւն Օսմանեան կայսրութեան մէջ (1895-1914)], Փարիզ, Սորպոնի հրատարակչութիւն, 1977, էջ 105, 491-492:
- [43] Հարցազրոյց Մարթա Շերպէթճեան-Շէմմասեանի հետ, 28 դեկտեմբեր 1983, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա. Ռենճիլեան, «Անթաքյատա իփեքճիլիք», էջ 327:
- [44] Էլիզապէթ Ֆրանկեան-Սթենտըն, նամակ հեղինակին, 12 սեպտեմբեր 1988:
- [45] Հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, 4 մարտ 1988:
- [46] Նոյն տեղը. հարցազրոյց Մարթա Շերպէթճեան-Շէմմասեանի հետ, 28 դեկտեմբեր 1983, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա:
- [47] Սերոբ Շերպէթճեան, «Պատմութիւն սուէտիահայերու», խմբագիր՝ Եսայի Հաւաթեան, Պէյրութ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2010, էջ 30: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ, Երուանդ Օտեան ճամբորդած էր Անտիոք իր մեծ մօր հետ՝ շրջանին մէջ գտնուող անոր ագարակներէն մէկուն քանի մը պարտէզները ծախելու: Այցելութիւնը տեւած էր ամբողջ տարի մը, որուն ընթացքին Օտեան այցելած էր Մուսա Լեռ, Քեսապ եւ Հալէպ: Երբ վերադարձաւ Կ. Պոլիս, «Արեւելք» թերթին մէջ հրատարակեց Անտիոքի մասին համառօտ աշխարհագրական տեղեկագրութիւն մը. տե՛ս Երուանդ Օտեան, «Երկերի ժողովածու», Դ. հատոր, Երեւան, Հայպետհրատ, 1962, էջ 19-20:
- [48] Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներ, Անթիլիաս, Լիբանան, Թղթածրար 22/1, Ճեպել Մուսա-Սուէտիա, 1920-1940 (Մուսա Լեռ-Սուէտիա, 1920-1940), Տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանը Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին, 12 հոկտեմբեր 1926:
- [49] Հարցազրոյց Մարթա Շերպէթճեան-Շէմմասեանի հետ, 28 դեկտեմբեր 1983, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա: Գիւղերէն մէկը Մինեթ Քերպին էր, որ նաեւ յայտնի էր Ասի Քիրա անունով: Միւս գիւղը կարելի չեղաւ ճշդել:
- [50] Հ. Պ. Ժերոմ, «Ջարդերու երկրին մէջ», Les Missions Catholiques 41: 2,091 (2 յուլիս 1909): 315. Փոլ Ժաքօ, Antioche, centre de tourisme [Անտիոք, զբօսաշրջութեան կեդրոն], Գ. հատոր, Պէյրութ, Կաթողիկէ տպարան, 1931, էջ 507. «Ասպարէզ», 18 յունիս 1909:
- [51] Արտասահմանեան Առաքելութիւններու Ամերիկեան Յանձնաժողով (ABCFM), ABC: 16.9.5, 4-րդ հատոր, Փ. Օ. Փաուըրզը Ն. Ճ. Քլարքին, 19 մարտ 1872. Քորիննա Շաթըքը Ն. Ճ. Քլարքին, 14 օգոստոս 1878. նոյն, 14-րդ հատոր, Ք. Ս. Սանտըրզը Ճատսըն Սմիթին, 30 օգոստոս 1899. նոյն, 16-րդ հատոր, Տարեկան Տեղեկագիր –Այնթապի կայան, յուլիս 1901-յունիս 1902. Դաւիթ Տէր Դաւթեանց, «Ստորագրութիւն այցելութեան ... Բերիոյ նահանգին գիւղօրէից», «Արշալոյս Արարատեան» երկշաբաթաթերթ, Զմիւռնիա, թիւ 808, 24 յունիս 1867, էջ 3. «Փունջ» շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 12 յունիս 1899:
- [52] Curia Generale dei Frati Minori Cappuccini, Instituto Srorico, Archivio Generale dei Cappuccini (այսուհետեւ AGC), Rome, Italy, H 93, Cartella V, Marcellino da Vallarsa to V. Rev. Father, July 16, 1897
- [53] Նոյն տեղը, 2 սեպտեմբեր 1897:
- [54] Նոյն տեղը, Apollinare dal Tretto to Rev. Father, 4 սեպտեմբեր 1901:
- [55] ABCFM, ABC: 16.9.5, 16-րդ հատոր, Տարեկան Տեղեկագիր – Այնթապի կայան, յուլիս 1901-յունիս 1902:
- [56] Նոյն տեղը, Ընդհանուր Տեղեկագիր Այնթապի Կայանի, յուլիս 1902-30 յունիս 1903:
- [57] «Բիւզանդիոն», 8 սեպտեմբեր 1910. «Ասպարէզ», 11 օգոստոս 1911, 18 օգոստոս 1911. «Արեւ» (Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս), 8 հոկտեմբեր 1915. «Ճեպէլ Մուսայի հայաբնակ գիւղերը», «Աւետաբեր» 63:39 (24 սեպտեմբեր 1910): 914-15:
- [58] AGC, H 93, Cartella V, Da Vallarsa to V. Rev. Father, 2 սեպտեմբեր 1897: Տե՛ս նաեւ նոյնը, 16 յուլիս 1897:
- [59] «Բիւզանդիոն», 8 սեպտեմբեր 1910. «Ասպարէզ», 11 օգոստոս 1911, 18 օգոստոս 1911. «Արեւ», 8 հոկտեմբեր 1915. «Ճեպէլ Մուսայի հայաբնակ գիւղերը», էջ 914-15:
- [60] AGC, H 93, Cartella V, Da Vallarsa to Excellency, 1 օգոստոս 1895. Da Vallarsa to Rev. Father General, 5 օգոստոս 1895, 3 Յունուար 1896:
- [61] Մեծն Բրիտանիա, FO 424: Թղթակցութիւն Ասիական Թուրքիոյ եւ Արաբիոյ գործերուն վերաբերեալ, 1878-1913, թղթածրար 212, Հ. Զ. Լոնկուըրթ՝ Ն. Օ’Քոնորին, 15 ապրիլ 1903:
- [62] Friends of Armenia, Լոնտոն, թիւ 44 (Ձմեռ 1911), էջ 52:
- [63] Ռենճիլեան, «Անթաքյատա իփեքճիլիք», էջ 328:
- [64] «Բիւզանդիոն», 26 ապրիլ 1911:
- [65] «Ասպարէզ», 11 օգոստոս 1911, 18 օգոստոս 1911: