Քապուսիէի՝ «Միացեալ» ընկերութիւններուն եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորած ազգային դպրոցը (աղբիւր՝ Միութիւն, Գահիրէ, Բ․ տարի, թիւ 22, Հոկտեմբեր 1913, էջ 156): Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է MyHeritage.com-ի միջոցաւ։

Մուսա Լեռ – Դպրոցներ (Ա)

Հեղինակ՝ Վահրամ Լ. Շէմմասեան 28/12/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 28/12/24), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան

Կրթական կեանքը 19-րդ դարու կէսի Մուսա Լերան մէջ կարելի է նկարագրել մէկ բառով՝ «դատարկութիւն», որովհետեւ գրեթէ որեւէ մէկը այդ գիւղերուն մէջ չէր կրնար կարդալ, գրել կամ թուղթի վրայ հարկերը հաշուել [1]: Այս իրավիճակը փոխուեցաւ շնորհիւ բողոքական եւ կաթոլիկ միսիոնարներու, որոնք ո՛չ միայն պատերազմ յայտարարեցին անգրագիտութեան դէմ՝ ինքնին որպէս նպատակ, այլեւ, եւ առաջնային կերպով, քարոզչական-դաւանափոխական իրենց գործունէութեան համար: Մեծամասնութիւն կազմող առաքելական համայնքը ետ մնաց քանի մը տասնամեակ՝ անգիտութեան եւ/կամ անտարբերութեան պատճառով, բայց ի վերջոյ գիտակցեցաւ ուսման արժէքն ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը՝ պայքարելու օտար ներթափանցումներու դէմ եւ պահպանելու հայկական ինքնութիւնը: Ինչ ալ ըլլան դաւանական երեք խմբաւորումներուն շարժառիթները, մուսալեռցիներու՝ Մուսա Լերան բնակիչներու որոշ թիւ մը առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ծանօթ էր գիրքերու, լեզուներու եւ այլ առարկաներու, թէեւ հիմնականին մէջ՝ տարրական մակարդակով:

Առաքելական թեմական կամ ազգային դպրոցները

Սակաւ է տեղեկատուութիւնը Մուսա Լերան առաքելական համայնքին մէջ 1890-ական թուականներէն առաջ կրթութեան մասին: Առաջին «ազգային» դպրոցները ի յայտ եկան Պիթիաս եւ Հաճի Հապիպլի գիւղերուն մէջ 1860-ական թուականներուն [2], հաւանաբար շնորհիւ Օսմանեան կայսրութեան հայերու մէջ սկսած ընկերային-մշակութային զարթօնքին եւ 1863 թուականին հռչակուած Ազգային սահմանադրութեան, որ ներքին համայնքային գործերու վարման մէջ որոշ իրաւունքներ տուաւ շարքային ժողովրդական զանգուածներուն՝ Եկեղեցիի կողքին: Բայց նորածիլ դպրոցները կարճատեւ կեանք ունեցան: Յաջորդող երեք տասնամեակներուն, որոշ թիւով մանուկներ կրթութեան փոքր բաժին մը ստացան այցելու ուսուցիչներէ, որոնք դասաւանդեցին միայն օսմանեան թրքերէնը հայկական այբուբենով [3]: Բացառաբար, 1887-ին «Լուսաւորչական [Առաքելական] հայերը բացին մրցակցող դպրոց մը [Եողուն Օլուքի մէջ] մեր [բողոքական] տղոց դպրոցէն ետք, բայց տղոցմէ մեծ մասը, որոնք հեռացան մեզմէ, կարճ ժամանակ ետք վերադարձան» [4]: Երկու տարի ետք՝ ո՛չ մէկ ազգային դպրոց կար Մուսա Լերան մէջ [5], բացակայութիւն մը, որ գերակշռեց 1890-ական թուականներու մեծ մասին:

Իրավիճակը սկսաւ փոխուիլ դարադարձին: Չորս գործօն պատճառ եղաւ այս դրական փոփոխութեան: Առաջին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) յեղափոխականներու քարոզչութիւնը 1890-ականներու կէսին որոշ չափով արթնցուց անգիտակից լեռնականներու ազգային գիտակցութիւնը: Երկրորդ, քանի մը այցելու եւ տեղացի քահանաներ, անոնց մէջ՝ համեմատաբար լուսաւորեալ Աբրահամ Տէր Գալուստեանը, ընդգծեցին կրթութեան առաւելութիւնները [6]: Երրորդ, Բերիոյ (Հալէպի) թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ․ Ներկարարեան օգտագործեց խորանէն իր իւրաքանչիւր քարոզը՝ խրախուսելու ուսումը եւ ուսուցիչներ ուղարկեց իր իրաւասութեան տակ գտնուող գիւղական համայնքներ [7]: Եւ չորրորդ, Գահիրէ հաստատուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Կոստանդնուպոլիս հաստատուած «Հայոց միացեալ ընկերութիւնները» համագործակցեցան՝ հիմնադրելու քաղաքային եւ գիւղական դպրոցներու ցանց մը եւ աջակցելու անոնց։ Ասկէ օգտուեցաւ նաեւ Մուսա Լեռը [8]:

Պիթիաս գիւղի առաքելական համայնքը, ուր «դպրոցի եւ դասատուի երես տեսած չէին տեղացիք» քառասուն տարի ի վեր, 1897-ին խնդրեց Հալէպի առաջնորդարանէն ուսուցիչ տրամադրել [10]: Ուսուցիչի պարտականութեանց եւ գործի նկարագրականը կը շեշտէր փորձառութիւն հայերէնի, օսմանեան թրքերէնի եւ ժամերգութեան մէջ: Բացի այդ, պէտք է ունենար «մաքուր բարոյական», «լաւ վարքագիծ», «խոնարհութիւն» եւ «ազնուութիւն»: Աւելին, «հաշուի առնելով բողոքական կրօնի տարածումը» գիւղերուն մէջ, անհրաժեշտ էր, որ թեկնածուն ըլլար «նրբամիտ եւ խորաթափանց»: Փոխհատուցում պիտի ստանար 100-125 ղուրուշ ամսական եւ սնունդ: Խնդրանքին ընդառաջումը անյայտ պատճառով յետաձգելէ ետք [12], առաջնորդարանը 1898-ին ուղարկեց Խաչատուր Յակոբեանը, որ պէտք է յաղթահարէր «ծայրայեղ դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ»՝ նախքան դպրոցը կարգի դնելը: Առաջին ուսումնական տարուան վերջաւորութեան «տղաները, որոնք երէկ հովիւ էին, այժմ կ’երգեն, կ’արտասանեն եւ կը զրուցեն» գրական արեւմտահայերէնով: Միաժամանակ, մինչ այդ «անխիղճ մարդոց» կողմէ կառավարուած բարեսիրական հիմնադրամները վերանայումի ենթարկուեցան՝ նոր եկամուտ ստեղծելու համար [13]: 1906-ին, համեստ թիւով՝ 25 աշակերտներ յաճախեցին դպրոցը [14]: Հինգ տարի ետք՝ 1911-ին, թիւը կրկնապատկուեցաւ՝ 44 տղայ եւ 6 աղջիկ, որոնց կ’ուսուցանէին արական եւ իգական ուսուցիչներ համապատասխանաբար: Այս աճին շնորհիւ, ծրագիրներ մշակուեցան կառուցելու «ընդհանուր ազգային դպրոց» մը՝ 200 օսմանեան լիրա արժողութեամբ եւ տարեկան 80-100 լիրայի պիւտճէով: Անորոշ է, թէ այս ծրագիրը իրականացա՞ւ [16]:

1898-ին, այցելու ուսուցիչ Յովհաննէս Արաբկիրցին, Մամուրեթ-ուլ-Ազիզ/Խարբերդի նահանգէն, կառավարեց Հաճի Հապիպլիի Վարդանեան դպրոցը [17]: Աշակերտներու թիւը տատանեցաւ 25-էն մինչեւ 50 տղոց եւ աղջկանց միջեւ 1906-ին [18]: 1909-ի վերջերուն գոյութիւն ունէր երկու դպրոց՝ տղոց Վարդանեան եւ աղջկանց Շուշանեան, ուր կը դասաւանդէին արական եւ իգական սեռերու ուսուցիչներ՝ համապատասխանաբար [19]: Էջմիածին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մատթէոս Բ. Իզմիրլեանին ուղղուած նամակի մը մէջ Հաճի Հապիպլիի աւագ ուսուցիչ Վարդան Վարդերեսեան եւ թեմի քահանայ Արսէն Տէր Առաքելեան կը բացատրեն, որ իրենց երկու դպրոցներուն «դասագրեանց անկարգութիւնը մեծ վնաս կուտայ», եւ որ ուսուցիչները չեն ստացած իրենց լրիւ աշխատավարձը: Այս երկու անձինք Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանէն նախապէս խնդրած էին օգնել իրենց՝ «Միացեալ» ընկերութիւններէն ստանալու 10-15 լիրա՝ ծախսերու մօտաւորապէս մէկ երրորդը հոգալու եւ 5-6 լիրայի արժողութեամբ դասագիրքեր ապահովելու համար։ Վարդերեսեան եւ Տէր Արսէն այժմ կ’աղաչէին հայրապետին՝ ճնշում գործադրել պատրիարքարանին վրայ, որ իրենց խնդրանքները «լսուին» [20]: Միւս դիմումը կատարուեցաւ Հալէպի առաջնորդարանին՝ տրամադրելու 6-10 լիրա գիրքերու եւ գրատախտակներու համար այն 42½ ֆունտէն, որ ՀԲԸՄ-ը ուղարկած էր՝ աջակցելու Անտիոքի շրջանի 1909 թուականի ջարդերէն փրկուածներուն: Մինչեւ հիմա անյայտ է՝ արդեօ՞ք պատրիարքարանը համաձայնեցաւ, բայց Հալէպի թեմի Ազգ․ Քաղաքական ժողովը մերժեց դիմումը՝ բացատրելով, որ Անտիոքի եւ Մուսա Լերան հայկական դպրոցներուն համար Մաարիֆ-ին (Կրթական բաժանմունքին) յատկացումը պիտի ծածկէ ինչպէս ուսուցիչներուն աշխատավարձը, այնպէս ալ այլ կրթական կարիքները «այս տարի» (մօտաւորապէս 6 Մայիս 1910-էն ետք) [21]:

Վարդերեսեան, յամառ ու գրասէր մարդ, շարունակեց գրել Էջմիածին՝ խնդրելով գիրքեր, օրացոյցներ եւ Մայր Աթոռի պաշտօնական պարբերական Արարատը։ Այդ հրատարակութիւնները օգտակար էին նաեւ իր աշակերտներուն: Ան 16/29 Մարտ 1913-ին գրեց Ամենայն Հայոց նորընտիր կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցին. «Գիտեմ եւ համոզուած եմ, որ Դուք կ’ուզէք, որ ազգի իւրաքանչիւր անդամը ըլլայ կրթեալ. հետեւաբար, [խնդրեմ] մի՛ փորձէք մարել մեր ցանկութիւնը: Թող մենք ալ Ձեր շնորհով կարդանք, տեղեկանանք եւ որպէս դաստիարակ՝ սորվեցնենք մեր աշակերտներուն: Ուղարկեցէք [այդ հրատարակութիւնները] ՝ յանուն մեր երիտասարդ սերունդին» [23]:

Յաբեթ Իսկենտերեան, տեղացի մը, փոխարինեց Վարդերեսեանը որպէս ուսուցիչ՝ երբ վերջինս քահանայ ձեռնադրուեցաւ 1913-ի գարունէն ետք: Աշակերտ մը այսպէս կը նկարագրէ դպրոցական կեանքը Հաճի Հապիպլիի դպրոցին մէջ Իսկենտերեանի շրջանին. «Դպրոցնիս՝ եկեղեցւոյ կից, ընդարձակ սրահ մըն էր, թութի ծառերով եզերուած փոքր գաւիթով։ Ամբողջ աշակերտութեան համար յատկացուած էր մէկ ուսուցիչ։ Երէց, յառաջադէմ աշակերտները դաս կու տային փոքրերուն։ Սրահին ճիշդ մէջտեղը զետեղուած էր խոշոր վառարան մը։ Իւրաքանչիւր աշակերտ, դասագիրքը շալկած, կ’երթար ուսուցչի սեղանին մօտ դաս կարդալու։ Շարքով կը նստէինք գետինը փռուած խսիրներուն վրայ։ Ձմեռ ատեն, ամէն ոք կը բերէր բազմոց, եւ պարտաւոր էր բերել փայտի կտոր մը՝ վառարանը տաքցնելու համար։ Պատմութեան, կրօնի ուսման, աշխարհագրութեան դասերը կ’ըլլային խմբական։ Ամենանեղացուցիչը թուաբանութեան դասն էր» [24]:

Հաճի Հապիպլի կարիք ունէր նոր դպրոցական շէնքի: Գիւղի երեւելիներէն Մարտիր Իսկենտերեանը ապահովեց պատշաճ հողատարածք մը՝ կառուցելու համար այն, ինչ տեղացիներուն կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս «Գոլէճ» [25]: 18 կանգուն երկարությամբ եւ 15 կանգուն լայնքով (մօտաւորապէս 226 քառակուսի մեթր) տեղանքը, որ կրնար տեղաւորել չորս-հինգ դասարան, կը կանգնէր գիւղի եզրին՝ բացառիկ դիրքով մը, որ կ’իջնէր անդունդի մը վրայ՝ գեղեցիկ բնանկարով: Բերիոյ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Գասպարեան նախագահեց հիմնարկէքի արարողութեան եւ նուիրեց 10 լիրա իր սեփական գրպանէն [26]: Իրենց կարգին, Հալէպի առաջնորդարանը եւ կառավարութիւնը նպաստեցին համապատասխանաբար 12¾ [27] եւ 27 լիրայով [28]: 1911-ի ամրան սկիզբը դպրոցին արտաքին պատերը հասան 3 կանգուն (2,7 մեթր) բարձրութեան: Դպրոցը նկատի առնուեցաւ որպէս կեդրոնական նախակրթարան Մուսա Լերան բոլոր գիւղերուն համար, որոնք, ըստ առաջնորդարանին, կրնային պահել միայն մանկապարտէզներ: Վերջիններս պիտի դառնային Հաճի Հապիպլիի դպրոցին աշակերտ հայթայթող, այդպիսով ուժ եւ ֆինանսներ պիտի խնայուէին: Այս դպրոցին անյետաձգելիութիւնը նաեւ հիմնուած էր օտար միսիոնարական ազդեցութիւններու կողմէ վտանգուած ազգային ինքնութեան պահպանման պահանջին վրայ: Չնայած այս մտահոգութիւններուն եւ անոնց լուծման համար ի գործ դրուած ջանքերուն ու աշխատանքներուն, գոլէճի շէնքին կառուցումը դեռ չէր աւարտած առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին [29]:

Կրթական գործը Եողուն Օլուքի մէջ զարկ ստացաւ 1898-ին, երբ, տարիներ շարունակ արտայայտուած մտահոգութիւններէ ետք, Ծխական խորհուրդը նշանակեց հոգաբարձուներու կազմ մը եւ Սեւերեկէն (Տիարպեքիրի նահանգ) հրաւիրեց Եղիա անունով ուսուցիչ մը [30]: Առաջին տարուան աւարտական քննութիւններն ու աւարտական հանդէսը տեղի ունեցան 23 Հոկտեմբերին՝ ի ներկայութեան մեծ բազմութեան, այդ թիւին՝ քահանաներ եւ բողոքական հիւրեր պատուելի Ստեփան Մահշիկեանի ղեկավարութեամբ: Քննութիւնները կեդրոնացան հայերէնի դասագիրքին՝ Մայրենի լեզու-ի, թրքերէնի դասագիրքին՝ Letayif-ի (կատակախօսութիւններ), Güldeste-ի (բանաստեղծութիւններու ժողովածու), քերականութեան եւ թուաբանութեան վրայ: Դպրոցական տարեկան զեկոյցը ընթերցուեցաւ թրքերէնով, պատուելի Մահշիկեան արտասանեց գլխաւոր խօսքը «գիտութիւն» նիւթին մասին եւ աշակերտները բեմադրեցին տեսարան մը «Երանոս Աղբար» կատակերգութենէն: Ըստ միջոցառումը լուսաբանող լրագրողին՝ «ամէնէն փոքր տղայք անգամ» կրցան «յստակ կերպիւ բառեր արտասանել» [31]:

Եողուն Օլուքի դպրոցէն սկզբնական յոյսերն ու ակնկալիքները շուտով ի դերեւ ելան, երբ առաքելական դպրոցի կողքին հիմնուած կաթողիկէ նոր դպրոցը ներգրաւեց 14 աղքատ աշակերտներ [32]: Հաւանաբար տեւական աղքատութիւնը եղաւ հիմնական պատճառը, որ առաքելական դպրոցը փակէ իր դռները 1906-ին [33], անգամ մը եւս՝ 1911-ին [34]: Որպէսզի դպրոցը շարունակէ գործել, տեղական երիտասարդներու խումբ մը 1908-1910-ի միջոցին հիմնեց Դպրոցասիրաց Միութիւն կոչուած կրթական ընկերակցութիւն մը՝ հաստատելու մշտական հիմնադրամ մը՝ անոր տոկոսներով հոգալու համար դպրոցին տարբեր կարիքները [35]: Եողուն Օլուքէն տասներկու գաղթականներ Պուէնոս Այրէսի (Արժանթին) մէջ 1911-էն ետք հիմնեցին մասնաճիւղ մը՝ նպատակ ունենալով կառուցել դպրոց մը իրենց հայրենի գիւղին մէջ: Քանի որ մասնաճիւղի անդամներուն մեծ մասը տեղափոխուեցաւ Նիւ Պրիթըն՝ Քընեքթիքըթ, 1914-ին կազմեցին նոր կազմակերպութիւն մը՝ Եողուն Օլուքի Կրթական Ընկերակցութիւն անունով, հաւաքեցին 1․400 ամերիկեան տոլար, բայց չկրցան ղրկել ծննդավայր՝ առաջին համաշխարհային պատերազմին պատճառով [36]:

Քապուսիէի առաքելական համայնքին կրթութիւնը կարծես թէ սկսաւ 1900-ական թուականներուն: Աշակերտական առաջին կազմը բաղկացած էր 35 մանչերէ եւ աղջիկներէ, որոնց կ’ուսուցանէին երիտասարդ տղամարդ մը եւ բողոքական կին մը՝ համապատասխանաբար [37]: 1910-ին մնաց միայն մէկ ուսուցիչ՝ դասաւանդելու ընտրեալ քանի մը աշակերտներու [38]: Այս «աննախանձելի» վիճակը շտկելու համար, գիւղի ամէնէն երեւելի անձը՝ Գէորգ Պալճեան, խոստացաւ նուիրել իր տունը, թթենիի այգիները եւ իր մնացեալ գոյքին մեծ մասը՝ կրօնական եւ կրթական նպատակներու համար, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ միակ զաւակին: Պալճեան պիտի պատուէր իր խոստումը՝ պայմանով, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանն ու «Միացեալ» ընկերութիւնները հոգ տանէին իր եւ իր կնոջ մնացեալ կեանքին կամ լրիւ վճարէին 600 լիրան, որ ան պարտք էր իր պարտատէրերուն [39]: Բանակցութիւնները իր եւ Կիլիկիոյ մէջ «Միացեալ» ընկերութիւններու ընդհանուր տեսուչ Միքայէլ Նաթանեանի միջեւ աւարտեցան անորոշ արդիւնքով [40]:

Հակառակ այս անյաջողութեան, «Միացեալ» ընկերութիւնները, ՀԲԸՄ-ի անունով գործելով, 1 Ապրիլ 1911-ին բացին նախակրթարան մը Քապուսիէի մէջ՝ 17 աշակերտով, 2 ուսուցիչով, խնամատարով մը եւ տարեկան 30 ոսկիի պիւտճէով [41]։ 1911-ի պաշտօնական այլ տեղեկագիր մը, առանց յատուկ թուական նշելու, աշակերտներուն թիւը կը սահմանէր 85 հոգի, իսկ պիւտճէն՝ 3․996 ղուրուշ (գրեթէ 40 ոսկի), թիւեր, որոնք համապատասխանաբար 500 տոկոս եւ 25 տոկոս բարձր էին ապրիլեան թիւերէն [42]։ Օգոստոսին Նաթանեան կը տրամադրէ նոր մանրամասնութիւններ. դպրոցը մանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ դասարան էր, ծխական եւ համատեղ կրթութեամբ. աշակերտներուն թիւը կը տատանէր 120-150-ի միջեւ. այր ուսուցիչը՝ այնթապցի Նազարէթ Նալպանտեան, կը պատրաստուէր վկայականի քննութեան. անձնակազմը կը բաղկանար երկու անձէ։ Կին ուսուցչուհի մը տակաւին չէր գտնուած․ ան երբ վարձուէր, պիտի ստանար տարեկան 10 լիրա աշխատավարձ, նոյնիսկ 12 լիրա՝ «եթէ լաւ ըլլար եւ մասնաւորապէս հայերէն լաւ գիտնար»։ Ան պիտի կրնար խնայել իր ամբողջ եկամուտը, որովհետեւ գիւղացիները պիտի հոգային անոր ճամբորդական ծախսերը, նաեւ կացարան ու սնունդ պիտի տրամադրէին։ Նաթանեան նմանապէս հետաքրքրութիւն յայտնեց Հալէպ բնակող Զաքար Մասիկեանի մը հանդէպ՝ ուսուցչական պաշտօնի մը համար [43]։ Ամենայն հաւանականութեամբ, Քապուսիէի դպրոցը բաց մնաց մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմ։

Աւելի քան տասնամեակ մը՝ 1898-1910, Խտըր Պէկի ազգային դպրոցը մնաց անուանական հաստատութիւն մը՝ անկանոն գործելով եւ ներքին երկպառակութենէ տառապելով [44]։ 1911-ին, «Միացեալ» ընկերութիւնները հոն բացին նախակրթարան մը 46 աշակերտով [45]։ Երկու տարուան ընթացքին անոնց թիւը բարձրացաւ 52-ի, որոնց կ’ուսուցանէին երկու ուսուցիչ՝ 24 ոսկիի գործառնական պիւտճէով [46]։ Խտըր Պէկի առաքելական դպրոցներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չկայ։

Դրացի Վաքըֆ գիւղը դպրոց չունէր մինչեւ 1910։ 1911-1912-ին, եողունօլուքցի Մովսէս Տէր Գալուստեան, այն ատեն՝ պատանի մը, կը կառավարէր Վաքըֆի 38 աշակերտներէ բաղկացած դպրոցը [47]։ Անոր յաջորդը՝ Պետրոսի որդի Պօղոս անունով տեղացի մը, կառավարութեան ուշադրութիւնը գրաւեց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իր հրատարակած «Մուխթասար Ճողրաֆիա» (Համառօտ աշխարհագրութիւն) հայատառ օսմաներէն դասագիրքով․ Օսմանեան Կայսրութեան ասիական մասի նկարագրութեան մէջ, հեղինակը յիշատակած էր «Էրմենիստան»ը (Հայաստան)՝ Արարատ լերան եւ Պիթլիս քաղաքի պատկերներով։ Հարցում-պատասխանի ձեւով, որ գիրքին մեթոտն էր, աշակերտները պիտի սորվէին հայ ազգի ծագման, անուան, պատմական սահմաններուն, քրիստոնէութեան ընդունման թուականին, վերջին թագաւորին, կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ հայաբնակ գլխաւոր քաղաքներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին [48]։ Անստոյգ է, թէ դասագիրքը գործածուեցա՞ւ Վաքըֆի դպրոցին մէջ։ Հալէպի նահանգապետութիւնը Օգոստոս 1914-ին զգուշացուց մայրաքաղաքի Կրթութեան նախարարութիւնն ու Տեղեկատուութեան, Արդարադատութեան եւ Միլլէթներու (կայսրութեան կրօնական համայնքներու) նախարարութիւնները, դասագիրքին իբր թէ ներկայացուցած վտանգներուն մասին՝ ազգայնական գաղափարներ տարածելու առումով.

«Սուէտիոյ [գաւառակի] Վաքըֆ գիւղին մէջ ուսուցիչ Պօղոս էֆէնտիին վերաբերեալ կը տեղեկացնենք ձեզ, որ անոր գրած հայերէն աշխարհագրութեան գիրքը կը գործածուի Կոստանդնուպոլսոյ հայկական դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն դասաւանդելու համար։ Կը գտնենք, որ այս գիրքը պէտք է շրջանառութենէ հանուի, քանի որ վտանգաւոր գաղափարներ կը ներշնչէ դպրոցական երեխաներու միտքերուն մէջ։ Յաւելեալ կը տեղեկացնենք ձեզի, որ գիրքը հրատարակուած է [Կոստանդնուպոլսոյ] Պոյաճեան տպարանին մէջ։ Հետեւաբար, կը թելադրենք ձեզի դիմել անհրաժեշտ քայլերու՝ կասեցնելու այս գիրքով ուսուցումը, նաեւ դադրեցնելու այս գիրքին շրջանառութիւնը եւ հետագայ վերահրատարակութիւնը» [49]։

Այս հարցին արծարծումը զուգադիպեցաւ առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկման հետ, որ կը նախանշէր սոսկալի վախճան մը կայսրութեան հայ ժողովուրդին համար։

Ինչպէս նկատելի է, Մուսա Լերան առաքելական կամ ազգային բոլոր դպրոցներուն մեծագոյն թերութիւնը դասագիրքերու եւ ուսուցողական այլ նիւթերու «ցամաքութիւնն» էր՝ յոյժ անաբաւարարութիւնը: Այնտեղ ուր նման նիւթեր գոյութիւն ունէին, անոնք կա՛մ անբաւարար էին, կա՛մ ծնողները չէին կրնար զանոնք գնել: Այս պատճառով, շատ «խելացի, պայծառ եւ հմուտ» մանուկներ օտար միսիոնարներու լարած «մարդորսութեան թակարդներու» զոհ դարձան կամ չկրցան դպրոց յաճախել ընդհանրապէս: Աբրահամ Տէր Գալուստեան քահանայի եւ ուրիշներու դիմումները Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան՝ մեծ մասով մնացին ապարդիւն [50]: Միայն երբ «Միացեալ» ընկերութիւնները/ՀԲԸՄ-ը հովանաւորեցին Հաճի Հապիպլիի, Քապուսիէի եւ Խտըր Պէկի դպրոցները, ընթերցանութեան եւ գրելու նիւթերը դարձան համեմատաբար աւելի հասանելի աշակերտներու աւելի մեծ թիւի մը համար:

Երկրորդական եւ բարձրագոյն կրթութիւն

Քանի որ Մուսա Լերան բոլոր դպրոցները, անկախ իրենց յարանուանական պատկանելիութենէն, տարրական էին, շրջանաւարտներուն համար հետագայ ուսման առիթ չկար տեղւոյն վրայ։ Անշուշտ, շատ մուսալեռցիներ՝ Մուսա Լերան թէ արտասահմանի մէջ, կը փափաքէին երկրորդական հաստատութիւն մը ունենալ իրենց լերան վրայ։ Պիթիասի 1901-1902 ուսումնական տարուան առնչութեամբ ամերիկացի միսիոնար մը ակնարկած է որ բողոքական քարոզիչը «մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցած է աւելի լաւ դպրոցներու հանդէպ եւ արդիւնքը, եթէ կարենայինք կէս ճամբան հանդիպիլ իրենց, հաւանաբար պիտի ըլլար լաւ երկրորդական դպրոց մը» [51]։ Իր կարգին, անանուն բարերար մը 1903-ին խոստացած է 1․700 օսմանեան լիրա՝ Մուսա Լերան համար նախատեսուած կեդրոնական, թերեւս տարրականէն վեր դպրոցի մը կառուցման եւ պահպանման համար։ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեան հարցուցած է բարերարին ցանկութիւնը. աշխարհակա՞ն, թէ՞ կրօնական դպրոց կ’ուզէր, քաղաքի՞, թէ՞ վանքի մը մէջ, գիշերօթի՞կ, թէ՞ ցերեկօթիկ, դպրոցը քանի՞ աշակերտ պիտի ընդունէր, աշակերտները վարձք պիտի վճարէի՞ն, թէ՞ ոչ։ Կաթողիկոսը յստակօրէն կը փափաքէր իր Աթոռին շատ անհրաժեշտ ժառանգաւորաց վարժարան մը ունենալ, քան սովորական դպրոց մը Անտիոքի շրջանին մէջ, փաստարկելով, որ այնտեղի որեւէ գիւղի մը ընտրութիւնը իբրեւ հաւանական դպրոցի վայր նախանձը պիտի արթնցնէր դրացի համայնքներուն եւ որ Սիսի աղքատ ժողովուրդն ալ դպրոցի նոյնքան արժանի էր [52]։ Վերջին նախընտրութիւնը յաղթական դուրս եկաւ։ Հետագային՝ տասնամեակին վերջերը, թերթ մը յիշեցուց Մուսա Լերան մէջ կեդրոնական երկրորդական դպրոցի մը կարեւորութիւնը, որմէ պիտի օգտուէր ամբողջ համայնքը եւ որուն մէջ երեք յարանուանութիւններն ալ հաւասար ձայն պիտի ունենային։ Քանի որ ծրագիրի իրագործման եւ պահպանման համար նախատեսուած 1․000 լիրան չէր կրնար տեղւոյն վրայ ամբողջութեամբ հանգանակուիլ, առիւծի բաժինը պէտք է ստանձնէին Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր գտնուող բարեկեցիկ հայրենակիցները [53]։ Այս ծրագիրն ալ չիրականացաւ։

Բողոքական հովիւ Յարութիւն Նոխուտեան 1914-ին վերջին փորձ մը կատարեց Պիթիասի մէջ տարրականէն վեր դպրոց մը հիմնելու։ Ան գրեց. «Երբ սկսայ իմ ծառայութիւնս Պիթիասի մէջ, իմ ծրագիրս էր Պիթիասի դպրոցը [sic] դարձնել Մուսա Լերան եօթը գիւղերուն կրթական կեդրոնը։ Գացի տեսնելու [Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճի տնօրէն] Տոքթ. Ճան Մերիլը ՝ խնդրելու իր օգնութիւնը իմ ծրագիրս իրականացնելու համար։ Այնթապի Գոլէճի դասախօսական կազմը որոշեց օգնել մեզի եւ առաջին տարուան համար ղրկեց երկու ուսուցիչ... Մեր դպրոցը կազմակերպեց դասարաններ՝ աշակերտները Այնթապի Գոլէճ յաճախելուն պատրաստելու համար։ Կարճ ժամանակ անց առաջին համաշխարհային պատերազմը բռնկեցաւ եւ մեր ծրագիրը չյաջողեցաւ» [54]։

Տեղական միջնակարգ կամ երկրորդական դպրոցի մը բացակայութիւնը չյուսահատեցուց երիտասարդները՝ այլուր հետագայ կրթութիւն փնտռելէ։ Թէեւ մեկնող աշակերտներուն ճշգրիտ թիւը երբեք չի կրնար որոշուիլ, մօտ եօթանասուն այդպիսի պարագաներ պարունակող ցանկ մը մեզի տեղեկութիւններ կը տրամադրէ անոնց մեկնումի ժամանակին, ելման վայրին եւ վերջնակէտին մասին։ Շուրջ 75 տոկոսը մեկնած է 1900-1914-ի միջեւ, ինչը կը վկայէ դարավերջին Մուսա Լերան մէջ կրթութեան հանդէպ աճող հետաքրքրութեան մասին։ Ընդհանուր 67 աշակերտներէն 36-ը կամ 53,7 տոկոսը ծագումով Պիթիասէն էր, 13 աշակերտ կամ 19,4 տոկոսը՝ Եողուն Օլուքէն, 10 աշակերտ կամ 14,9 տոկոսը՝ Քապուսիէէն, 5 աշակերտ կամ 7,5 տոկոսը՝ Հաճի Հապիպլիէն, մնացեալ 3 աշակերտները կամ 4,5 տոկոսը՝ Խտըր Պէկէն եւ Վաքըֆէն։ Նշանակալիօրէն, մեկնողներէն 18-ը կամ շուրջ 27 տոկոսը աղջիկ էր, ինչը կը ներկայացնէ նշանակալի իրագործում մը՝ նկատի առնելով ընդհանրապէս կիներու հասարակական ոչ-արտօնեալ կարգավիճակը։

Աշակերտներէն շատեր գացին Մարաշ, Տարսոն (Թարսուս), Քիլիս, Հալէպ, Երուսաղէմ, Պէյրութ, Այնթուրա (Լեռնալիբանան), Կոստանդնուպոլիս եւ Միացեալ Նահանգներ։ Սակայն մեծամասնութիւնը ընտրեց երեք հասցէ՝ Այնթապ, Քեսապ եւ Պուրսա (յաճախելու համար Շերամաբուծութեան հիմնարկը, ինչպէս քննարկուեցաւ Մուսա Լեռ – Շերամաբուծութիւն բաժինին մէջ)։ Մօտաւորապէս մէկ երրորդը արձանագրուեցաւ Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճը (սովորաբար կոչուած Այնթապի Գոլէճ) եւ Օրիորդաց Ճեմարանը, երկուքն ալ ամերիկեան միսիոնարական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ Այնթապի մէջ (Հալէպի նահանգ)։ Միսիոնարները իրենք հաւաքագրեցին արձանագրուողներուն մեծամասնութիւնը։ Լիւսիլ Ֆորման զեկուցած է 1897-ին. «Հիւսիս-արեւմտեան Սուրիա երթալուս գլխաւոր նպատակն էր [աղջիկներու] մեր դպրոցը եւ [միսիոնարական] դաշտին այդ մասը աւելի սերտ կապի մէջ դնել։ Վերջին տարիներուն այդ շրջանէն շատ քիչ աղջիկներ կու գան մեզի, եւ ես կը փափաքէի ծնողները հետաքրքրել՝ իրենց զաւակները ղրկելու։ Այդ ուղղութեամբ ուրիշ օգնութիւն մըն ալ եղաւ մեր երկու ուսուցչուհիներուն այցը Պիթիաս եւ Եողուն Օլուք։ Մենք երեք աղջիկ բերինք այնտեղէն եւ կը յուսանք յաջորդ տարի աւելի ունենալ» [55]։ 1906-ին, Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճ յաճախող ընդհանուր 146 աշակերտներէն երեքը կամ 2 տոկոսը Պիթիասէն, Հաճի Հապիպլիէն եւ Եողուն Օլուքէն էին [56]։ Յաջորդ տարի «այս գիւղէն [Պիթիաս] չորս աղջիկ կ’ուզեն գալ [Օրիորդաց] Ճեմարան եւ քանի մը տղաք պատրաստուած են [Կեդրոնական Թուրքիոյ] Գոլէճին համար» [57]։ Եւ 1913-ին, «[Պիթիասի բողոքական] ուսուցիչը կը թուի գիտութեան ծարաւ մը արթնցուցած ըլլալ, եւ ղրկած է յաջորդ տարի Ճեմարան գալ փափաքող վեց աշակերտներու անունները։ Քանի որ բոլորն ալ շատ աղքատ են, մենք կրնանք միայն երկու աղջիկ ընդունիլ» [58]։

Հետաքրքրական է, որ Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճին մէջ ուսանող մուսալեռցի երիտասարդներէն ոմանք կազմեցին ընկերութիւն մը՝ Սուէտիոյ Հայ Ուսանողներու Միութիւն անունով։ Անոր «իտէալ»ն էր՝ «քաղաքակրթել ու ծաղկեցնել» հայրենի լեռը՝ գրիչով՝ իբրեւ «մեր զէնք» եւ թուղթով՝ իբրեւ «կռուի դաշտ» [59]։ Խումբին գործունէութիւնը կ’ընդգրկէր նամակագրութիւն այլուր ուսանող հայրենակիցներու հետ, թատերախաղեր եւ արշաւ մը Մուսա Լերան մէջ՝ համոզելու աւելի շատ ծնողներ իրենց զաւակները բարձրագոյն կրթութեան ղրկելու [60]։

Մուսալեռցի աշակերտներէն շատեր արձանագրուեցան Քեսապի բողոքական երկրորդական երկու դպրոցները։ Արձանագրուողներէն մէկը՝ Երեմիա Ռենճիլեան, որ հետագային Միացեալ Նահանգներու մէջ ոսկրաբուժ դարձաւ, հետեւեալ կերպով կը մանրամասնէ 1909-ի կոտորածներէն առաջ Քեսապի մէջ մուսալեռցի ուսանողներուն կազմը. «Ես տասնհինգ տարեկանիս ամերիկեան երկրորդական դպրոցը կը յաճախէի կրտսեր եղբօրս եւ քրոջս հետ [sic], Միհրան՝ տասներեք եւ Վիքթորիա՝ տասնմէկ տարեկան, նաեւ ուրիշ զարմիկներ ու ազգականներ, ընդամէնը եօթը հոգի մեր Պիթիաս գիւղէն...» [61]։ Խօսելով կոտորածէն ետք Մուսա Լեռէն նոր դիմողներուն եւ շարունակող աշակերտներուն մասին, Քեսապի մնայուն միսիոնարը կը գրէ.

«Անոնք աղաչեցին ինծի՝ ընդունելու իրենց տղաներէն չորսը՝ երեք ընտանիքներէ, եւ յառաջ մղելու զանոնք, որպէսզի կարենան ընդունուիլ Թարսուսի կամ եթէ կարելի է՝ Այնթապի Գոլէճ։ Անոնք այնքան պայծառ տղաք են, որ չկրցայ ոչ ըսել։ Ընդունեցի զանոնք։ Յետոյ կան իրենց աղջիկները, որոնք ինծի հետ էին կոտորածներէն առաջ։ Մէկը մեր դասարանին մէջ է, այս տարի պիտի աւարտէ, եւ երբ աւարտէ, կրնայ դասաւանդել ու օգնել իր ընտանիքին.... Տղաներէն մէկը անոր եղբայրն է։ Ուրիշ աղջիկ մը, որ ինծի հետ էր կոտորածէն առաջ եւ որուն հայրը այն ատեն հարուստ էր, ամէն ինչ կորսնցուցած են, հազիւ ուտելու հաց ունին, աղաչեց նորէն գալ եւ գոնէ [վկայական] ստանալ որպէսզի կարենայ դասաւանդել, ուստի ընդունեցի զինք։ Երրորդը կու գայ իմ տալ ծրագրած ուսուցչական պատրաստութեան համար, որպէսզի կարենայ յաջորդ տարի դասաւանդել իրենց նախակրթարանին մէջ» [62]։

Մուսա Լերան հայերուն մտաւորական զարգացումը երկար եւ դժուարին ճամբայ կտրեց։ Հակառակ դժուարութիւններուն, երբ համեմատենք 19-րդ դարու կէսերուն տիրող համատարած տգիտութեան հետ, կրթութիւնը շօշափելի յառաջդիմութիւն արձանագրած էր մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբը։ Վիճակագրական տուեալները յստակ են․ 1890-1900-ի միջեւ ծնածներուն 82 տոկոսը անգրագէտ էր, իսկ 18 տոկոսը ստացած էր տարրական կրթութիւն։ Համեմատաբար, 1901-1910-ի միջեւ ծնածներուն միայն 54 տոկոսը չէր գիտեր կարդալ եւ գրել, մինչ 41 տոկոսը յաճախած էր տարրական դպրոց, 4 տոկոսը՝ վեցամեայ դպրոց, 0,8 տոկոսը՝ միջնակարգ դպրոց եւ 0,2 տոկոսը՝ երկրորդական դպրոց կամ աւելի վեր [63]։ Այս հաստատումին հետ, տեղին է վերջին դիտողութիւն մը։ Ինչպէս պիտի քննարկուի, երեք յարանուանութիւնները կրթութիւնը հետապնդեցին գրագիտութիւն տարածելու, հետեւորդներ շահելու կամ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու նպատակով։ Սակայն անոնց ուսումնական ծրագիրները զանց առին տեղի բնական պաշարներուն եւ գոյութիւն ունեցող արհեստագիտական յառաջդիմութիւններուն յարմարեցուած գործնական նիւթերը, որոնք կրնային ամրապնդել եւ բազմազանեցնել տնտեսութիւնը՝ մեղմացնելով համատարած թշուառութիւնը։ Ընդհանուր գիտելիքներ հաղորդելը, քարոզներ տալը կամ նպաստ բաշխելը ինքնին լուծումներ չէին։

Ազգային վարժարաններու վիճակագրութիւն, 1898-1915

Տարի

Գիւղ

Դպրոց

Աշակերտներու թիւ

Ուսուցիչներ

Նշումներ

1898

Պիթիաս

Այո

-

Խաչատուր Յակոբեան

Ուսուցիչ դուրսէն

1898

Հաճի Հապիպլի

Այո

-

Յովհաննէս (մականունը՞)

Ուսուցիչ Արաբկիրէն

1898

Եօղուն Օլուք

Այո

-

Եղիշէ Թաշճեան

Ուսուցիչ Սեւերեկէն

1898

Խտըր Պէկ

Այո

-

-

Դպրոցը խղճուկ վիճակի մէջ

1906

Պիթիաս

Այո

30

Մէկ

Համատեղ

1906

Հաճի Հապիպլի

Այո

25-30

Մէկ

-

1906

Եօղուն Օլուք

Ոչ

-

-

-

1906

Խտըր Պէկ

Ոչ

-

-

Դպրոցը փակուած էաղքատութեան/անհամաձայնութեան պատճառով

1906

Վաքըֆ

Ոչ

-

-

-

1906

Քապուսիէ

Այո

40

Մէկ իգական

-

1908

Հաճի Հապիպլի

Այո

-

Սելիմ Տեմիրճեան

Ուսուցիչ դուրսէն

1908

Եօղուն Օլուք

Այո

-

Խորէն Կիւլիւզեան

-

1908

Խըտըր Պէկ

Այո

-

Գէորգ Պաղտոյեան

Ուսուցիչ Հաճընէն

1908

Քապուսիէ

Այո

-

Եղիշէ Թաշճեան

-

1910

Պիթիաս

Այո

-

Մէկ արական, մէկ իգական

 

Շատ նախնական դպրոց

1910

Հաճի Հապիպլի

Այո

-

Նշան Մանճիկեան

Ուսուցիչ Քեսապէն

1910

Եօղուն Օլուք

Այո

-

Խորէն Կիւլիւզեան

Շատ նախնական դպրոց

1910

Խտըր Պէկ

Այո

-

-

Անմխիթար դպրոց

1910

Վաքըֆ

Այո

-

-

Անմխիթար/նախնական դպրոց

1910

Քապուսիէ

Այո

-

Նազարէթ Նալպանտեան

Ուսուցիչ դուրսէն

1911

Պիթիաս

Այո

50

Մէկ արական, մէկ իգական

Մէկ տեղացի ուսուցիչ, միւսը Այնթապէն

1911

Հաճի Հապիպլի

Այո

40-44

Վարդան Վարդերեսեան

-

1911

Եօղուն Օլուք

Ոչ/Այո

20

Մէկ իգական

Տեղացի ուսուցիչ

1911

Խտըր Պէկ

Այո

46

Մէկ

-

1911

Վաքըֆ

Այո

38

Գէորգ Պաղտոյեան

Տեղացի ուսուցիչ

1911

Քապուսիէ

Այո

70

Նազարէթ Նալպանտեան, Գէորգ Մանճիկեան

Դպրոցը ունէր 30 լիրայի պիւտճէ/մաքրութեան սպասարկող

1912/13

Հաճի Հապիպլի

Այո

-

Գէորգ Պաղտոյեան

-

1912/13

Եօղուն Օլուք

Այո

-

Մխիթար Սարգիսեան

Ուսուցիչ դուրսէն

1912/13

Խըտըր Պէկ

Այո

52

Երկու

-

1912/13

Վաքըֆ

Այո

-

Մովսէս Տէր Գալուստեան

Տեղացի ուսուցիչ Եօղուն Օլուքէն

 

1912/13

Քապուսիէ

Այո

-

Յովհաննես (մականո՞ւնը)

Ուսուցիչ Զէյթունէն

1913/14

Հաճի Հապիպլի

Այո

-

Մարթա Քէօշէեան

Ուսուցիչ տեղական Պիթիասէն

1913/14

Եօղուն Օլուք

Այո

-

Սիմոն Այանեան

Ուսուցիչ Քեսապէն

1913/14

Խտըր Պէկ

Այո

-

Պօղոս Այանեան

Ուսուցիչ Քեսապէն

 

1913/14

Քապուսիէ

Այո

-

Աբրահամ Դաւիթեան

Տեղացի ուսուցիչ

1914/15

Հաճի Հապիպլի

Այո

-

Յաբեթ Իսկենտերեան

Տեղացի ուսուցիչ

1914/15

Խտըր Պէկ

Այո

-

Սերոբ Շերպէթճեան

Տեղացի ուսուցիչ

1914/15

Քապուսիէ

Այո

-

Գրիգոր Արոյեան

Ուսուցիչ Կիւրինէն

      

Աղբիւրներ՝ Հարցազրոյց Գրիգոր Գեղունիի հետ, 29 Յունուար 1989, Նորթ Հոլիվուտ, Գալիֆորնիա; Գեղունի, «Իմ կեանքի յուշերից», Ա, էջ 64-69; Շրիկեան (աւազանի անունը՝ Եսայի), «Անտիպ ձեռագիր», էջ 63-65; Շերպէթճեան, «Պատմութիւն Սուէտահայերու», էջ 40-41; ՀԲԸՄ, «Տեղեկագիր 3-րդ շրջանի», էջ 68; «Ճէպէլ Մուսայի հայաբնակ գիւղերը», էջ 914-915, 944; «Կիլիկեան մոռցուած անկիւներ», էջ 1232-1233; «Ասպարէզ», 27 Ապրիլ 1911, 18 Ապրիլ 1911; «Բիւզանդիոն», 8 Դեկտեմբեր 1906; «Փունջ», 6 Յունիս 1898, Յուլիս, 1898։

Բողոքական դպրոցներ, 1860-1909

Տարի

Գիւղ

Դպրոց

Ուսուցիչներ

Տղաներ

Աղջիկներ

Ընդհանուր աշակերտներու թիւ

1860

Պիթիաս

1

1

31

15

46

1860

Հաճի Հապիպլի

1

-

15

5

20

1860

Քապուսիէ

1

-

14

2

15

1862

Պիթիաս

1

-

33

12

45

1862

Հաճի Հապիպլի

1

-

35

-

35

1862

Եօղուն Օլուք

1

-

4

-

4

1863

Պիթիաս

1

-

22

12

34

1863

Հաճի Հապիպլի

1

-

32

-

32

1865

Պիթիաս

1

-

22

12

34

1865

Հաճի Հապիպլի

1

-

32

-

32

1866

Պիթիաս

1

-

8

6

14

1867

Պիթիաս

1

1

8

6

14

1868

Պիթիաս

1

-

35

30

65

1869

Պիթիաս

2

1

25

16

41

1870

Պիթիաս

1

-

20

15

35

1871

Պիթիաս

1

-

25

4

29

1871

Եօղուն Օլուք

1

-

8

2

10

1881

Պիթիաս

1

1 (իգական)

-

-

40

1881

Եօղուն Օլուք

1(2?)

2 (իգական)

-

-

64

1881

Քապուսիէ

1

1 (արական)

-

-

16

1882

Պիթիաս

1

2 (իգական+արակա՞ն)

-

-

30

1882

Հաճի Հապիպլի

1

1 (արական)

-

-

12

1882

Եօղուն Օլուք

1

1 (իգական)

-

-

26

1888

Պիթիաս

1(2?)

-

19

11

30

1888

Եօղուն Օլուք

1(2?)

-

18

8

26

1890

Պիթիաս

2

2

60

10

70

1890

Եօղուն Օլուք

2

2

45

8

53

1891

Պիթիաս

1

1

27

13

40

1891

Եօղուն Օլուք

1

1

24

16

40

1893

Պիթիաս

1

1

32

20

52

1893

Եօղուն Օլուք

1

1

25

20

45

1894

Պիթիաս

1

1

35

15

50

1894

Եօղուն Օլուք

1

1

25

20

45

1895

Պիթիաս

1

1

32

16

48

1895

Եօղուն Օլուք

1

1

23

13

36

1896

Պիթիաս

1

1

30

30

60

1896

Եօղուն Օլուք

1

1

17

31

48

1897

Պիթիաս

1

1 (իգական)

36

30

66

1897

Եօղուն Օլուք

1

1 (իգական)

25

20

45

1899

Պիթիաս

1

1 (իգական)

30

31

61

1899

Հաճի Հապիպլի

1

1 (արական)

19

1

20

1899

Եօղուն Օլուք

1

1 (իգական)

19

14

33

1900

Պիթիաս

1

1 (իգական)

34

36

70

1900

Հաճի Հապիպլի

1

1 (արական)

19

1

20

1900

Եօղուն Օլուք

1

1 (իգական)

19

14

33

1901

Պիթիաս

2

2 (արական+իգական)

77

47

124

1901

Եօղուն Օլուք

1

1(իգական)

17

4

21

1902

Պիթիաս

2

1 (իգական)

52

35

87

1902

Հաճի Հապիպլի

1

1 (արական)

26

4

30

1902

Եօղուն Օլուք

1

1 (իգական)

20

6

26

1903

Պիթիաս

1

1 (իգական)

25

35

60

1903

Հաճի Հապիպլի

1

1 (արական)

15

5

20

1903

Եօղուն Օլուք

1

1(իգական)

20

15

35

1904

Պիթիաս

2

1 (իգական)

47

37

84

1904

Եօղուն Օլուք

1

2 (արական+իգական)

12

15

27

1905

Պիթիաս

2

1

50

35

85

1905

Եօղուն Օլուք

1

1

22

8

30

1906

Պիթիաս

-

2

38

32

70

1906

Եօղուն Օլուք

-

1

15

10

25

1906

Քապուսիէ

-

1

-

-

-

1907

Պիթիաս

-

2

45

35

80

1907

Եօղուն Օլուք

-

1

15

10

25

1907

Քապուսիէ

-

1

5

7

12

1908

Պիթիաս

2

2

35

30

65

1908

Եօղուն Օլուք

2

1

20

10

30

1909

Պիթիաս

2

2

50

38

88

1909

Եօղուն Օլուք

1

1

16

8

24

       

Աղբիւրներ՝ ABCFM, ABC: Letters and Papers addressed to the Board, vol. 287, Mission to Central Turkey, Supplementary Tabular View South Armenia Mission, 1860, No. I, 1862, No. II 1863, No. II 1865, No. II 1866, No. II 1867, No. II 1868, No. II 1869, No. II 1870, No. II 1871; 16.9.5, vol. 6, Lucien Adams to N.G. Clark, Statistics of Estimates for Aintab Station, C.T. Mission. November 5, 1884; section 22, 1888; section 93, Tabular View of School in the Aintab Field, April 1881; section 98, Aintab Station, Report of Schools and Bible Readers, received June 10, 1882; vol. 8, Myra A. Proctor to N.G. Clark, Monthly Wages of Teachers in Antioch Field, September 16, 1881; vol. 11 sections 19, 24, 34, 37, 40, 46, 49, and 55; Annual Tabular Views for the Years Ending December 31, 1890, 1891, 1893, 1895, 1896, 1897, and 1899, Aintab Station; section 28, Statistics of Estimates, Aintab Station, CTM, July 28, 1892; vol. 15, sections 113, 118, 122, 126, 131, 136, 139, 141, 146, and 150; Tables of Statistics for the Years Ending December 31, 1900, 1901, 1902, 1903, 1904, 1905, 1906, 1907,  and 1909, Aintab Station, Central Turkey Mission.

Մուսա Լեռէն դուրս կրթութիւնը շարունակող աշակերտներ, 1840-1915

Ժամանակաշրջան

Անուն

Հայրենի գիւղ

Դպրոցի վայր

Դպրոց

1840-ական

Քայէքճեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1850-ական

Կարապետ Քայէքճեան

Պիթիաս

Պոլիս

Բժշկական դպրոց

1860-ական-1880-ական

Յարութիւն Ֆիլեան

Պիթիաս

Մարաշ, Օպերլին (Օհայօ), Նիւ Եորք, Շիքակօ

Աստուածաբանական ժառանգաւորաց, Միացեալ  աստուածաբանական ժառանգաւորաց

1870-ական

Աննա Ֆիլեան

Պիթիաս

Պէյրութ

Բրիտանական աղջկանց դպրոց

1870-ական

Ծաղիկ Ֆիլեան

Պիթիաս

Պէյրութ

Բրիտանական աղջկանց դպրոց

1870-ական

Սարա Ֆիլեան

Պիթիաս

Պէյրութ

Բրիտանական աղջկանց դպրոց

1870-ական

Վարդեր Ֆիլեան

Պիթիաս

Պէյրութ

Բրիտանական աղջկանց դպրոց

1870-ական

Յակոբ Ռենճիլեան

Պիթիաս

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճ

1870-ական

Աննա Շերպէթճեան

Պիթիաս

Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան

1870-ական-1880-ական

Աբրահամ Սէքլէմեան

Պիթիաս

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

1880-ական

Աղսաբիթ Սէքլէմեան

Պիթիաս

Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան

1880-ական

Անանուն Աղջիկ

Քապուսիէ

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1880-ական

Անանուն Աղջիկ

Քապուսիէ

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1880-ական

Գէորգ Շերպէթճեան

Պիթիաս

Պոլիս

Իրաւաբանական դպրոց

1880-ական-1890-ական

Սէդրակ Իսկէնտէրեան

Հաճի Հապիպլի

Հալէպ

Լատինական դպրոց

1880-ական-1890-ական

Եսայի Կարիկեան

Քապուսիէ

Այնթուրա (Լիբանան)

Ֆրանսական միսիոնարական դպրոց

1890-ական-1900-ական

Արմենակ Շերպէթճեան

Պիթիաս

-

Իրաւաբանական դպրոց

1900-ական-1915

Ճորճ Իսկէնտէրեան

Հաճի Հապիպլի

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

1900-ական-1915

Իսկէնտէր Իսկէնտէրեան

Հաճի Հապիպլի

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

1900-ական-1915

Արմենակ Քայէքճեան

Պիթիաս

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

1900-ական-1915

Եփրեմ Ֆրանքեան

Պիթիաս

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

1900-ական-1915

Մովսէս Չափարեան

Պիթիաս

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

 

1900-ական-1915

Ռուբէն Ֆիլեան

Պիթիաս

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

1900-ական-1915

Աբրահամ Ռենճիլեան

Պիթիաս

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

1900-ական-1915

Սարգիս Ռենճիլեան

Պիթիաս

Պուրսա

Շերամաբուծութեան դպրոց

1900-ական-1915

Դանիէլ Չափարեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Մանուէլ Շէմմասեան

Վաքըֆ

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

ԿարօԻսկէնտէրեան

Հաճի Հապիպլի

Քիլիս

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Պարգեւ Ֆիլեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Գրիգոր Քէշիշեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Երեմիա Ռենճիլեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Միհրան Ռենճիլեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Սարգիս Քէօշէեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Յակոբ Թիլիքեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Մովսէս Շերպէթճեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Մարիամ Գալէճեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Տիրուհի Իկարեան

Պիթիաս

Քեսապ

Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Թագւոր Չափարեան

Պիթիաս

Քեսապ, Թարսուս

Բողոքական դպրոց, Սուրբ Պօղոսի գոլէճ

1900-ական-1915

Անանիա Եարալեան

Եօղուն Օլուք

Հալէպ

Հայկական դպրոց

1900-ական-1915

Թովմաս Աբրահամեան

Եօղուն Օլուք

Քիլիս

Հայկական դպրոց

1900-ական-1915

Տիգրան Անտրէասեան

Եօղուն Օլուք

Այնթապ, Մարաշ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ, Աստուածաբանական ժառանգաւորաց

1900-ական-1915

Յաբեթ Իսկէնտէրեան

Հաճի Հապիպլի

Քիլիս, Այնթապ

Հայկական դպրոց, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ, Կիլիկեան վարժարան

1900-ական-1915

Մովսէս Փաշայեան

Հաճի Հապիպլի

Երուսաղէմ

Հայկական աստուածաբանական ժառանգաւորաց

1900-ական-1915

Նուարդ/Վահիտէ Իկարեան

Պիթիաս

Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան

1900-ական-1915

Նեկտար Ֆրանքեան

Պիթիաս

Քեսապ, Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան, Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Վիքթորիա Ռենճիլեան

Պիթիաս

Քեսապ, Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան, Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Սիմա Քէշիշեան

Պիթիաս

Այնթապ, Քեսապ

Աղջկանց ճեմարան, Բողոքական դպրոց

1900-ական-1915

Սարա Թիլիքեան

Պիթիաս

Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան

1900-ական-1915

Օհաննէս Ռենճիլեան

Պիթիաս

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

1900-ական-1915

Աբրահամ Դաւիթեան

Քապուսիէ

Պոլիս

Հայկական Կեդրոնական գոլէճ

1900-ական-1915

Յակոբ Պաթուզեան

Քապուսիէ

Թարսուս

Սուրբ Պօղոս գոլէճ

1900-ական-1915

Սարգիս Ղազարեան

Քապուսիէ

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

1900-ական-1915

Սարգիս Գասամանեան

Քապուսիէ

-

-

1900-ական-1915

Յակոբ Զատիրեան

Քապուսիէ

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

1900-ական-1915

Խաչեր Չիֆթճեան

Քապուսիէ

-

 

1900-ական-1915

Յակոբ Պալճեան

Քապուսիէ

-

-

1900-ական-1915

Մովսէս Խայոյեան

Եօղուն Օլուք

Թարսուս

Սուրբ Պօղոս գոլէճ

1900-ական-1915

Յակոբ Ապաճեան

Եօղուն Օլուք

Այնթապ, Թարսուս

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ, Սուրբ Պօղոս գոլէճ

1900-ական-1915

Միհրան Խէյունեան

Եօղուն Օլուք

Թարսուս

Սուրբ Պօղոս գոլէճ

1900-ական-1915

Ստեփան Գպուրեան

Եօղուն Օլուք

Թարսուս

Սուրբ Պօղոս գոլէճ

1900-ական-1915

Տիգրան Գազանճեան

Եօղուն Օլուք

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

1900-ական-1915

Պետրոս Տէր Գալուստեան

Եօղուն Օլուք

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

1900-ական-1915

Կիւլենիա Անդրէասեան

Եօղուն Օլուք

Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան

1900-ական-1915

Նեկտար Գույումճեան

Եօղուն Օլուք

Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան

1900-ական-1915

Շուշան Գազանճեան

Եօղուն Օլուք

Այնթապ

Աղջկանց ճեմարան

1900-ական-1915

Պօղոս Կիրակոսեան

Խտըր Պէկ

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

1900-ական-1915

Խաչատո՞ ւր

-

Այնթապ

Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ

     

Աղբիւրներ՝ Հարցազրոյց Գրիգոր Գեղունիի հետ, 29 Յունուար, 1989, Նորթ Հոլիվուտ, Գալիֆորնիա. հարցազրոյց Ենովա Պոլիսեան-Հաճեանի հետ, 18 Փետրուար 1989, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա. հարցազրոյց Վիքթորիա Ռենճիլեան-Սարաֆեանի հետ, 16 Ապրիլ 1988, Ֆրեզնօ, Գալիֆորնիա. հարցազրոյց Մարթա Շերպէթճեան-Շեմմասեանի հետ, 28 Դեկտեմբեր 1983, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա. Արմէն Հանիսեան, նամակ հեղինակին, 7 Փետրուար 1989. Միսաք-Զօրա Իսկենտէրեան, նամակներ հեղինակին, 8 Մայիս 1977, 2 Յունիս 2 1977․ ABCFM, ABC: 16.9.5, vol. 6, Myra A. Proctor, Report of -ԱԿԱՆchool-ական and Bible Reader-ական in Aintab -ԱԿԱՆtation for the Year Ending April 1-ականt, 1882, Ճորճ Ֆիլեան, «Հայաստան եւ իր Ժողովուրդը», էջ xiii-xvi. Իսկենտէրեան, «Յուշեր», էջ 45. Խռլոփեան, «Ոսկեմատեան», Ա. հատոր, էջ 338, ծանօթագրութիւն. Ռենճիլեան, «Ով եւ Ուր», էջ 11. Jane Wingate, “Image-ական Our Pa-ականt," Ararad XXX: 1 (Winter, 1989), p 61. Նոր Աւետաբեր, թիւ 26 (Նոյեմբեր 24, 1928): 205։

  • [1] Տիգրան Ժ. Խրլոբեան, Ոսկեմատեան. Պատմութիւն Մերձ[աւոր] Արեւելքի Հայ Աւետ[արանական] Միութեան, Ա. հատոր, հրատարակութիւն Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Միութեան, Պէյրութ, 1950, էջ 343։
  • [2] Դաւիթ Տէր Դաւթեանց, «Ստորագրութիւն այցելութեան ... Բերիոյ նահանգին գիւղօրէից», Արշալոյս Արարատեան, Զմիւռնիա, թիւ 808, 24 Յունիս 1867, Փունջ, Կ. Պոլիս, 26 Յունիս 1899, էջ 3։
  • [3] Պօղոս Մատուռեան, «Հայրենի կտուրին տակ»․ տե՛ս Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան (խմբ.), Յուշամատեան Մուսա Լերան, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, 1970, էջ 483։
  • [4] American Board of Commissioners for Foreign Missions (ABCFM) Archives, Houghton Library, Harvard University, Cambridge, MA, ABC: 16.9.5, vol. 6, C.S. Sanders, Report of Aintab Station for the Year Ending May 25, 1887.
  • [5] Փունջ, 7 Հոկտեմբեր 1889։
  • [6] Փունջ, 11 Յուլիս 1898, 25 Դեկտեմբեր 1899։
  • [7] Նոյն տեղը, 11 Ապրիլ 1898, 26 Յունիս 1899։
  • [8] Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն (ՀԲԸՄ), Տեղեկագիր 5-րդ շրջանի (1 Մայիս-31 Դեկտ[եմբեր] 1910), Կ. Պոլիս, տպարանին անունը եւ թուականը չեն նշուած, էջ 34-35, 68։ Միք[այէլ] Նաթանեան, «Հայոց Միացեալ Ընկերութիւնք Կիլիկիոյ մէջ. Լուսաբանութիւն մը», Պայքար, Պոսթըն, նոր տարուայ բացառիկ, 1947, 62-63։
  • [9] Փունջ, 6 Յունիս 1898։
  • [10] Հալէպի Հայոց Առաջնորդարանի Արխիւներ, Հալէպ, Բաժին Ա, Թղթածրար 7, Ստացուած Նամակագրութիւն՝ Անտիոք, 1909-1939, Մ[արտիրոս] Ս. Միսաքեան առ առաջնորդ Պետրոս [վրդ․ Ներկարարեան], 21 Դեկտեմբեր 1897։ Թէեւ թղթածրարին թուականները 1909-1939 են, այս նամակը 1897-էն է եւ հոն զետեղուած է։
  • [11] Նոյնը։
  • [12] Նոյնը։
  • [13] Փունջ, 6 Յունիս 1899։
  • [14] «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», Արեւելեան Մամուլ, Զմիւռնիա, թիւ 50 (1․232), 6 Դեկտեմբեր 1906․ Բիւզանդիոն, Կ. Պոլիս, 8 Դեկտեմբեր 1906։
  • [15] Բիւզանդիոն, 27 Ապրիլ 1911։
  • [16] Ասպարէզ, Ֆրեզնօ, 18 Օգոստոս 1911։
  • [17] Փունջ, 6 Յունիս 1898։
  • [18] «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», Արեւելեան Մամուլ, թիւ 50 (1․232), 6 Դեկտեմբեր 1906․ Բիւզանդիոն, 8 Դեկտեմբեր 1906։
  • [19] Հայաստանի Ազգային Արխիւ (ՀԱԱ), Երեւան, ֆոնտ 57, ցուցակ 2, գործ 1828, Տ. Արսէն Տէր Առաքելեան եւ Վարդան Վարդերեսեան առ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան, 18/31 Դեկտեմբեր 1909։
  • [20] Նոյնը։
  • [21] Հալէպի Հայոց Առաջնորդարանի Արխիւներ, Բաժին Դ, Թղթածրար 41, 1910-1915, Ատենագրութեան տետր Քաղաքական Ժողովոյ (թեմի), 6 Մայիս 1910-ի նիստի արձանագրութիւն։
  • [22] ՀԱԱ, ֆոնտ 57, ցուցակ 2, գործ 999, Վարդան Վարդերեսեան առ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանց, 16/29 Մարտ 1913։
  • [23] Նոյնը։
  • [24] Եզնիկ Պօյաճեան, Պատկերներ Մուսա տաղի դիւցազներգութենէն, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ եւ Թորոնթօ, 1973, էջ 13։
  • [25] Պօղոս Մատուռեան, «Հայրենի կտուրին տակ»․ տե՛ս Գուշագճեան եւ Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 486․ Գուշագճեան եւ Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 561․ Միսաք/Զօրա Իսկէնտէրեան, Նամակներ հեղինակին, 26 Ապրիլ 1977, 17 Մայիս 1977։
  • [26] ՀԲԸՄ-ի Արխիւներ, Թղթածրար 16 Բ, Միացեալ Ընկերութիւնք եւ զանազանք 1909-1915, Շահէ ծ․ վրդ․ Գասպարեան առ Միացեալ Ընկերութեանց Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, 3 Յունիս 1911։
  • [27] Հալէպի Հայոց Առաջնորդարանի Արխիւներ, Բաժին Դ, Թղթածրար 40, 1906-1910, Ատենագրութեան տետր Քաղաքական Ժողովոյ, հաշուեկշիռ՝ 31 Դեկտեմբեր 1909։ Նուիրատուութեան մասին առաջնորդարանին որոշումը կայացած է Նոյեմբերին։
  • [28] Նոյն տեղը, 11 Մարտ 1910-ի նիստի արձանագրութիւն։ Փաստաթուղթը նաեւ կը նշէ թէ «(վերջին [27 լիրան] ամենեւին չէ ղրկուած)»։ Պարզ չէ թէ կառավարութի՞ւնը չղրկեց դրամը, թէ՞ Բերիոյ թեմի Քաղաքական Ժողովը։
  • [29] ՀԲԸՄ-ի Արխիւներ, Թղթածրար 16 Բ, Շահէ ծ․ վրդ․ Գասպարեան առ Միացեալ Ընկերութեանց Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, 3 Յունիս 1911։
  • [30] Փունջ, 11 Ապրիլ 1898, 11 Յուլիս 1898։ Ծխական խորհուրդի անդամներն էին Ադամ Ադամեան (ատենապետ), Աբրահամ Շէմմասեան, Գաբրիէլ Շէմմասեան, Յակոբ Գուշագճեան, Յակոբ Պիտանեան եւ Պետրոս Թենանեան։ Հոգաբարձութեան մաս կը կազմէին Պօղոս Թաշճեան, Յովհաննէս Քալեան, Պօղոս Պօյաճեան եւ Յակոբ Չափարեան։
  • [31] Փունջ, 28 Նոյեմբեր 1898։
  • [32] Նոյն տեղը, 10 Ապրիլ 1899։
  • [33] «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», Արեւելեան Մամուլ, թիւ 50 (1․232), 6 Դեկտեմբեր 1906․ Բիւզանդիոն, 8 Դեկտեմբեր 1906։
  • [34] Բիւզանդիոն, 27 Ապրիլ 1911։
  • [35] «Վիճակագրութիւն Ճեպել Մուսայի հայ գիւղերուն»․ տե՛ս Միհրան Աճեմեան, Միսաք Սիսեռեան եւ Եդուարդ Ոսկերիչեան (կազմողներ), Սուրիահայ Տարեցոյց, Հալէպ, Բ. տարի, 1925, տպարան «Արաքս» – Պ. Թօփալեան, էջ 241․ Փիւնիկ, Պէյրութ, 14 Փետրուար 1925․ Ազդակ, Պէյրութ, 9 Յուլիս 1927։
  • [36] Արմէն Հանիսեան, նամակներ հեղինակին, 26 Սեպտեմբեր 1977, 1 Հոկտեմբեր 1977․ Հայ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Գոլէճի Արխիւներ, Այնճար, Լիբանան, Թղթածրար Զանազան թղթակցութիւններ, Զաքարիա Հանիսեան, Միհրան Սերէքեան եւ Յակոբ Սարգահեան առ Այնճարի Եկեղեցւոյ Շինարարական Յանձնախումբ, 7-3-1961։ Կազմակերպութեան պաշտօնական կնիքը նամակին վարը կը նշէ 1914 թուականը։
  • [37] ABCFM, ABC: 16.9.5, vol. 19, John Merrill to Enoch F. Bell, May 21, 1907.
  • [38] «Ճեպել-ի Մուսայի հայաբնակ գիւղերը», Աւետաբեր, Կ. Պոլիս, թիւ 6339, 24 Սեպտեմբեր 1910, էջ 914-915։
  • [39] Բիւզանդիոն, 8 Սեպտեմբեր 1910։
  • [40] ՀԲԸՄ, Տեղեկագիր 5-րդ շրջանի, էջ 68։
  • [41] Նոյնը։
  • [42] Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ոսկեմատեան, 1906-1913 (Գահիրէ, ՀԲԸՄ մամուլ, [1913?]), էջ 108։
  • [43] Յակոբ Չոլաքեանի անձնական արխիւ, Հալէպ (այժմ՝ Երեւան), Միքայէլ Նաթանեան առ Հալէպի առաջնորդական տեղապահ Տ. Յարութիւն ա․ քհնյ․ Եսայեան, 19 Օգոստոս/1 Սեպտեմբեր 1911։
  • [44] Փունջ, 6 Յունիս 1898․ «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», թիւ 50 (1․232), 6 Դեկտեմբեր 1906․ Բիւզանդիոն, 8 Դեկտեմբեր 1906․ «Ճեպել-ի Մուսայի հայաբնակ գիւղերը», Աւետաբեր, Կ. Պոլիս, թիւ 6339, 24 Սեպտեմբեր 1910, էջ 914-915։
  • [45] Բիւզանդիոն, 27 Ապրիլ 1911։
  • [46] Միութիւն, Գահիրէ, թիւ 18, Յունիս 1913, էջ 91։
  • [47] Մովսէս Շրիքեան, «Յուշագրութիւն Մովսէս Աւ. Քհն. Շրիքեանի (աւազանի անուն՝ Եսայի)» (անտիպ ձեռագիր, Մոնթէպելլօ, Գալիֆորնիա), էջ 64։
  • [48] [Պօղոս], Մուխթասար Ճողրաֆիա, Կ. Պոլիս, տպարան «Յակոբ Պօյաճեան», 1877, էջ 5-8։ Դասագիրքը նախորդ տարի հրատարակուած էր հայերէնով․ տե՛ս [Պօղոս], Համառօտ դասագիրք աշխարհագրութեան հարցմամբ եւ պատասխանով ի պէտս դպրոցաց, Կ. Պոլիս, տպարան «Յակոբ Պօյաճեան», 1876։
  • [49] Թուրքիա, BOA, A.MKT.MHM.1320.B.2, Հալէպի կուսակալը առ Կրթութեան նախարարութիւն, պատճէններով առ Տեղեկատուութեան, Արդարադատութեան եւ Միլլէթներու նախարարութիւններ, Օգոստոս 1914։ Տե՛ս նաեւ A.MKT.MHM.549.1.4.1320.B2.․ A.MKT.MHM.549.1.3․ A.MKT.MHM.549.1.5․ A.MKT.MHM.549.1.6․ A.MKT.MHM.549.1.7․ A.MKT.MHM.549.1.8․ A.MKT.MHM.549.1.13․ A.MKT.MHM.549.1.14.
  • [50] Փունջ, 11 Ապրիլ 1898, 6 Յունիս 1898, 25 Դեկտեմբեր 1899․ Բիւզանդիոն, 23 Յունիս 1898։
  • [51] ABCFM, ABC: 16.9.5, vol. 16, John E. Merrill, Annual Report – Aintab Station, July 1901-June 1902.
  • [52] Զաքարիա Պզտիկեան, Կիլիկեան կսկիծներ – Վաւերագրեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսական դիւանէն, 1903-1915, տպարան «Հրազդան», Պէյրութ, 1927, էջ 41-43։
  • [53] Ասպարէզ, 1 Հոկտեմբեր 1909։
  • [54] Harry H. Serian, The Life and Experiences of Rev. Harry H. Serian (Haroutiune Nokhoudian): An Autobiography (Beirut: Kalfayan Publishing House, 1968), p. 23.
  • [55] ABCFM, ABC: 16.9.5, vol. 12, Foreman to Smith, September 29, 1897.
  • [56] Ibid., vol. 16, John Merrill, Report of Central Turkey College, Aintab, for the Year Ending June 21, 1906.
  • [57] Ibid., Isabel J. Merrill, Report of Woman’s Work in Aintab Station (Oorfa and Kessab Not Being Included), 1906-1907.
  • [58] Ibid., ABC: 16.9.6, vol. I, Foreman, W.B.M. Education, copied July 28, 1913.
  • [59] Յաբեթ Մ. Իսկէնտէրեան, Քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպարան «Կ. Տօնիկեան», Պէյրութ, 1959, էջ 35։ 
  • [60] Մանուէլ Պէյլէրեան, «Յաբեթ Մ. Իսկէնտէրեանի կեանքն ու գործը (համառօտ ակնարկ)», Հնչակ, Լոնտոն, 1935, թիւ 3, Մարտ․ 1935, թիւ 4, Ապրիլ․ 1935, թիւ 7, Յուլիս։ Իսկէնտէրեան, Յուշեր, էջ 45։ Զօրա Իսկէնտէրեան, նամակներ հեղինակին, 8 Մայիս 1977, 2 Յունիս 1977։ Ըստ Զօրա Իսկէնտէրեանի, միութիւնը կազմուած է 1910-ին, մինչ Պէյլէրեան կը յիշէ 1912 թուականը։ Անդամակցութիւնը կը ներառէր Յաբէթ Մ. Իսկէնտէրեան (հիմնադիր), Սարգիս Ա. Ռենճիլեան, Սարգիս Քէօշէեան, Հ. Ապաճեան, Մ. Խէյունեան, Աբրահամ Դաւիթեան, Սարգիս Ղազարեան, ոմն Խաչատուր եւ ուրիշներ։ Եթէ առաջին համաշխարհային պատերազմը չսկսէր, միութեան պիտի միանային երկու կիներ՝ Սիմա Քէշիշեան եւ Վիքթորիա Ռենճիլեան, երկուքն ալ Պիթիասէն։
  • [61] Yeremia Renjilian, Who and Where ([Asheville, NC]: N.p., n.d.), p. 11։ Սա փոքր գրքոյկ մըն է։
  • [62] The Friend of Armenia, no. 44 (Winter, 1911): 52.
  • [63] Վերժինէ Սվազլեան, Մուսա Լեռ, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն մատենաշար թիւ 16, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1984, էջ 8։