Մուսա Լեռ – Դպրոցներ (Գ)

Կաթողիկէ վարժարաններ

Հեղինակ՝ Վահրամ Լ. Շէմմասեան 05/06/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 05/06/25), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան

Բողոքական միսիոնարներուն նման, քափուչինները մեծ կարեւորութիւն կու տան կրթութեան՝ Մուսա Լերան մէջ կաթողիկէ համայնք մը հաստատելու իրենց ընդհանուր ճիգերուն մէջ։ Անոնք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն մանուկներուն։ Երբ 1892-ին կաթողիկէ քահանայի մը հարցուեցաւ հայերու անկեղծութեան մասին՝ նոր ընդունած կաթողիկէ հաւատքին հանդէպ անոնց լրջութեան եւ անկեղծութեան առումով, ան ըսած է․ «Մենք կը կարծենք թէ անոնք կեղծաւոր պիտի ըլլան, սակայն մէկ սերունդի ընթացքին իրենց զաւակները լաւ կաթողիկէներ պիտի դարձնենք, եւ այս է միայն որ մեզ կը հետաքրքրէ» [1]։ Տասնեօթը տարի ետք՝ 1909-ին, քափուչին վանական մը նման կարծիք մը յայտնած է. «…Մեծ յոյսեր ունինք այս մանուկներուն համար (Խտըր Պէկի եւ Եողուն Օլուքի մանչերու վարժարաններուն մէջ), որովհետեւ մեծերէն յոյս չկայ, քանի որ անոնք ի ծնէ հերձուած [առաքելական] են» [2]։

Կաթողիկէ կրթութեան առաջին քայլերը Մուսա Լերան մէջ կատարուեցան Խտըր Պէկի մէջ՝ 1891-ի Փետրուարին, երբ գիւղացի մը քսան պատանի հաւաքեց «քահանային քով՝ բան մը ընելու» նպատակով՝ առանց որեւէ գիրք ունենալու [3]։ Հայր Պերնարտինօ տա Քանեթրա, երբ Ապրիլին ստանձնեց կաթողիկէ ծուխին ու դարմանատան պատասխանատուութիւնը, պաշտօնապէս բացաւ վարժարանը [4]։ Մանչերու համար երկու նոր վարժարան ալ բացուեցան՝ մէկը Եողուն Օլուքի մէջ՝ 1893-ի Փետրուարին [5], միւսը Վաքըֆի մէջ՝ 12 Յունիս 1900-ին [6]։ Եողուն Օլուքի վարժարանը գործելէ որոշ ժամանակ մը դադրած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ «վերահիմնուած» է 11 Ապրիլ 1899-ին [7]։ Վաքըֆի վարժարանը, որու հիմնադիրն էր հայր Ափոլլինէր տալ Թրեթթօ եւ որու «մտասեւեռումն» էր այս վարժարանը, երեք տարի գործելէ ետք վերջնականապէս փակեց իր դռները 31 Մարտ 1903-ին [8]։ Այս հաստատութիւնները կը բնութագրուէին որպէս «կրօնագիտութեան տարրական վարժարաններ» [9]։

Աղջիկներու կրթութիւնը

Իրենց քարոզչական եռանդին մէջ, քափուչինները ի սկզբանէ անդրադարձան աղջիկներու կրթութեան կարեւորութեան։ Սակայն երկու հանգամանք դժուարացուցին անոր իրականացումը՝ դրամական միջոցներու բացակայութիւնը [10] եւ հմուտ մանկավարժ ու կրօնական կրթութեամբ կաթողիկէ ուսուցչուհիներու պակասը։ Եթէ ուսուցիչները տեղացի չըլլային, պէտք է տեղական բարբառը սորվէին՝ արդիւնաւէտ գործելու համար [11]։ Խտըր Պէկի մէջ աղջիկներու վարժարան մը բանալու առաջին փորձերը աւարտեցան փոքր յաջողութեամբ [12]։ 1898-ի Սեպտեմբերին, առաքելութեան պատասխանատու հայր տալ Թրեթթօ գրեց քարտուղար հայր Քլեմենթէ տա Թերցորիոյին. «Այժմ, երկար փորձառութենէ ետք կը հասկնանք, որ եթէ կրթութիւնը ու ճշմարիտ կրօնքը չթափանցեն իգական սեռին մէջ, ընտանիքը պիտի մնայ տղամարդ ղեկավարին ստրուկը, եւ երբեք սրտով ու համոզումով կաթողիկէ պիտի չըլլայ» [13]։ Այս ըմբռնումով եւ «բողոքականներուն» միջոցաւ յայտնուած սատանային դէմ պայքարելով՝ կիները, իրենց «ազդեցիկ դիրքով ու կարեւոր դերակատարութեամբ», կը նկատուէին «ընտանեկան բարոյական դաստիարակութեան ճարտարապետը» [14]։ Նոյեմբերին, տալ Թրեթթօ կրկին գրեց՝ այս անգամ դրամական աջակցութիւն խնդրելով. «Եթէ կարողանայի ընդունիլ որեւէ օգնութիւն իտալական կառավարութենէն՝ կրթաթոշակի ձեւով, կամ եթէ գումար մը ստանայի… այն առարկաներէն [նախնադարեան քարեր եւ հնագիտական առարկաներ] որ ձգեցի Թուրինի ցուցահանդէսին, անոնք ինծի կը նպաստեն, որ շուտով հիանալի ուսուցչուհի մը ունենամ աղջիկներու վարժարանին համար, որովհետեւ ձմեռը մօտեցած է, եւ այս ժամանակը ամէնէն յարմարն է։ Նաեւ կան լաւագոյն աղջիկները՝ վարժարան մը ունենալու համար» [15]։

Աղջիկներու վարժարան մը, որ տասը տարի գոյատեւեց, (վերա)բացուեցաւ 9 Սեպտեմբեր 1899-ին [16]։ Որոշ ժամանակ ետք, երբ հայր Մարչելլինօ տա Վալլարսա այցելեց վարժարանը, իր տեսած փոփոխութիւններուն մասին հաղորդեց մեծ գոհունակութեամբ.

«Երբ անցեալին կ’ըսուէր թէ ամէնքը պարտաւոր էին եկեղեցի երթալ Կիրակիներուն եւ տօներուն, աղջիկները եւ նորահարսերը երբեք չէին կրնար մտնել եկեղեցւոյ դռնէն ներս բացի Սուրբ Ծնունդի եւ Զատկուան օրերէն։ Պէտք ունէինք ուսուցչուհիի մը՝ կուսակրօն քահանային առաջնորդութեամբ, այդ սնահաւատութիւնը վերացնելու համար։ Այժմ մատուռ կ’այցելեն աւելի շատ կիները քան տղամարդիկ։ Ինչպէ՛ս գեղեցիկ եւ ցնցիչ է փոքրիկ աղջիկներուն՝ Տէրունական աղօթքը եւ «Ողջոյն քեզ, Մարիա՛մ»-ը իրենց մայրերուն սորվեցնելը դպրոցէն տուն վերադառնալէն ետք։ Աղջիկներու վարժարան կը յաճախեն մօտաւորապէս 70 աղջիկներ։ Թիւը աւելի մեծ պիտի ըլլար եթէ երկրորդ ուսուցչուհի մը ունենայինք. օրինակ՝ Խտըր Պէկ եւ միւս գիւղերը դպրոց կը պահանջեն՝ խոստանալով կաթողիկէ դառնալ» [17]։

Չնայած այս ոգեւորիչ ու դրական մթնոլորտին, վարժարանը անգամ մը եւս փակուեցաւ՝ 1910-ին [18]։ Քափուչին առաքելութիւնը, լիովին գիտակցելով, որ աղջիկներու բարոյական ու կրօնական կրթութիւնը այդպէսով սահմանափակուած էր, պատասխանատու կը զգար, բայց անզօր՝ «քանի դեռ մեր միջոցները սահմանափակ են» [18]։ Բայց պէտք է որ դրութիւնը աւելի ուշ բարելաւուած ըլլայ, որովհետեւ մինչեւ 1914, վարժարանը դարձեալ բացուած էր՝ Խտըր Պէկի մէջ երկու կաթողիկէ վարժարաններու մէջ միասին գրանցուած 90 աղջիկ եւ մանչ աշակերտներով [19]։

Վարժարաններու շէնքերուն պայմանները շատ անմխիթար էին։ Սկզբնական շրջանին, Խտըր Պէկի մատուռը նաեւ իբրեւ դասարան կը ծառայէր [20]։ Այնուհետեւ, դարմանատան բակին մէջ գտնուող խրճիթ մը ստանձնեց այդ դերը [21]։ Այս դրութիւնը շարունակուեցաւ գէթ մինչեւ 1902-ի Նոյեմբեր, երբ հաղորդուեցաւ, որ մատուռի մը հետ միասին, կանոնաւոր դպրոցական շէնք մը պիտի կառուցուի [22]։ Տուեալներ չկան, թէ արդեօք այս ծրագիրը գործադրուեցա՞ւ։ Խտըր Պէկի աղջիկներու վարժարանը վարձուած տուն մըն էր, որ կը պատկանէր տեղացի առաքելական քահանայ Էմմանուէլի, որ դարձած էր կաթողիկէ, ապա տեղափոխուած Պէյրութ եւ ի վերջոյ հաստատուած Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս [23]։ Վաքըֆի մէջ, Պօղոս Չիլտիրեան անունով նորադարձ կաթողիկէի մը (որ մահացած էր բանտին մէջ) բնակարանը վերածուած էր աղջիկներու վարժարանի [24], մինչդեռ ուրիշ մը՝ վարձուած խրճիթ մը՝ կը ծառայէր որպէս մանչերու վարժարան [25]։ Տասը տարիէ ի վեր Եողուն Օլուքի մէջ աշակերտներ ընդունած, քայքայուած խրճիթը պիտի քանդուէր եւ փոխարինուէր աւելի ապահով եւ ընդարձակ կառոյցով մը [26]։ Դպրոցներու ներքին ձեւաւորման ու յարդարանքին մասին նկարագրութիւններ չկան։

Ուսուցիչներ՝ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ

Կաթողիկէ վարժարաններու թիւին աճը, մանաւանդ Վաքըֆի մէջ երկու յաւելումներով, տագնապի մատնեց առաքելական համայնքը։ Ըստ այդմ՝ Պօղոս քահանայ Քիւսպէկեան եւ Սարգիս Թասլագեան՝ նախկին կաթողիկէ ուսուցիչ մը, որ վերադարձած էր առաքելական հօտին, 1901-ի Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին բուռն քարոզարշաւ մը սկսան այդ աճը կասեցնելու եւ ընթացքը ետ դարձնելու համար՝ կառավարութեան բողոքելով ուսուցիչ Թորոսի (մականունը չկայ) դէմ եւ այցելելով տուները՝ ժողովուրդին մէջ հակակաթողիկէ տրամադրութիւններ սերմանելու համար [27]։ Ըստ տա Թրիեսթէի՝

«Նոյնիսկ մեր Վաքըֆի երկու վարժարաններու բացման դէմ են, … իրենց նախանձին եւ այն վախին պատճառով, որ պիտի կորսնցնեն նիւթական ու դրամական շահերը, որոնք ունին Խըտր Պէկի մէջ իրենց եկեղեցիին ու դպրոցին կապակցութեամբ։ Անոնք կը վախնան, որ այս կողմերը բնակող նոր ընտանիքները կաթողիկէ կրօնքը պիտի ընդունին։ Արդ, անոնք դիմեցին սադրանքներու եւ հազար ու մէկ նենգութիւններու՝ տկարացնելու համար Աստուծոյ գործերը որոնք կը մարմնաւորէ Կաթողիկէ եկեղեցին։ Այնուամենայնիւ, Սուրբ Կոյսը յաղթանակ արձանագրեց եւ կը շարունակէ յաղթանակել՝ իր որդիներուն եւ դուստրերուն կողմէ Սուրբ Պատարագին ընթացքին Վարդարանի աղօթքը արտասանելու շնորհիւ. եւ մենք ալ պիտի ներմուծենք այս աւանդութիւնը՝ ամէն շաբաթ Պատարագէն ետք» [28]։

Աշակերտութեան թիւը կը տարբերէր ըստ եղած վարժարաններու թիւին։ Լաւագոյն շրջանին՝ 1901 թուականին, այսինքն՝ երբ հինգ վարժարան գոյութիւն ունէր՝ երեքը մանչերու համար Խտըր Պէկի, Վաքըֆի եւ Եողուն Օլուքի մէջ, եւ երկուքը աղջիկներու համար՝ Խտըր Պէկի ու Վաքըֆի մէջ, աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը տատանէր 150-200 սահմաններուն միջեւ՝ միջին հաշուով 30-40 աշակերտ՝ իւրաքանչիւր հաստատութեան մէջ [29]։

Սակայն այս թիւերը ամբողջ տարեշրջանի մը ընթացքին անկայուն կը մնային։ Օրինակ՝ 1900-ին, 150 մանուկներէն միայն 50-ը կը շարունակէին կանոնաւորաբար դասերուն ներկայ գտնուիլ, որովհետեւ մեծամասնութիւնը հարկադրուած էր զբաղելու գիւղատնտեսութեամբ կամ անասուններու հովւութեամբ՝ ընտանիքներուն աջակցելու համար [30]։ Երբեմն, եթէ ոչ յաճախ, առաքելական աշակերտներու թիւը գերազանցած է իրենց կաթողիկէ հասակակիցներունը [31]։ Աշակերտներու տարիքը կը տատանէր 9-12 տարեկանի միջեւ [32]։ Մանչերու պարագային, դպրոցէն կը հեռանային 13 տարեկանին՝ արհեստ սորվելու նպատակով [33]։

Դասաւանդող կազմը բաղկացած էր երեք հիմնական տարրերէ՝ միսիոնարներէն, տեղացի վարձու ուսուցիչներէն եւ դուրսէն բերուած մասնագէտներէն։ 1892 եւ 1893 թուականներուն, մնայուն միսիոնարը կը դասաւանդէր իտալերէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ կրօնագիտութիւն (քաթեշիզմ), միեւնոյն ժամանակ սորվելով տեղական հայերէն բարբառը աշակերտներէն [34]։ Այլ հոգեւորական մըն ալ՝ հայր Իգնատիոս Լիոնայէ, 1909-ին (եւ թերեւս աւելի առաջ), առաւօտեան աշակերտներու դասատու էր, իսկ յետմիջօրէին կը զբաղէր հիւանդներու խնամքով դարմանատան մէջ [35]։

Տեղացի ուսուցիչները էական մաս մը կը կազմէին դասաւանդող կազմին։ Խտըր Պէկի առաջին ուսուցիչը եղած է «ամենէն կարող» տեղացիներէն մէկը [36], «առաքելական հայ մը, որ այժմ լատին է…» [37]։ 1900 թուականին խօսք կայ Խտըր Պէկի մէջ տեղացի ուսուցչուհիի մը մասին, որ անցած էր բողոքականութենէն կաթողիկէութեան։ Ան «շատ ալ ուսեալ չէր, բայց ոչինչի փոխարէն այս ալ լաւ է…» [38]։ Աւելին, քափուչինները երեք տեղացի երիտասարդներ կը նկատէին կարող եւ խոստմնալից։ Անոնցմէ մէկը Եողուն Օլուքի գործող ուսուցիչն էր՝ Վահան Գըժտրեան, որ կաթողիկէ մըն էր՝ նկարագրուած իբրեւ «իմաստուն, առաքինի, բարի»։ Ան գիտէր հայերէն ու թրքերէն եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէն կարդալ ու խօսիլ։ Տա Թրիեսթէ կը փափաքէր զայն ուղարկել Ֆրանսա՝ չորս տարուայ կրթութեան, ֆրանսերէնին տիրապետելու համար, որմէ ետք ան պիտի վերադառնար Մուսա Լեռ իբրեւ «մեծարժէք գանձ»՝ առաքելութեան համար [39]։ Չկան տեղեկութիւններ՝ արդեօք այս կրթական ճամբորդութիւնը իրականացա՞ւ, թէ՞ ոչ։

Խտըր Պէկէն այլ հաւանական թեկնածու մըն էր Խաչեր Փանոսեան (Հեճիր/Հաճիր/Հեչիր Փանոսեան), որ կը նկարագրուէր իբրեւ «տաղանդով եւ բարի կամքով լի»։ Ան արդէն մէկ տարիէ ի վեր կ’ուսանէր Լիբանանի Ապէյի գաւառի Սուրբ Ֆրանսիս Ասիզիի վարժարանին մէջ 1899 թուականէն ի վեր։ Յոյս կար, թէ «ամիսներու ընթացքին ան պիտի դառնայ լաւ ուսուցիչ մը։ Մինչեւ հիմա իր ընտանիքը՝ թէեւ շնորհակալ մեզմէ, սակայն տակաւին հերձուած է։ Ժամանակի ընթացքին, թերեւս զաւկին միջոցով դարձի կու գան» [40]։

Երրորդ տեղացի թեկնածուն՝ Վահան Վարժապետեան, նոյնպէս կը սորվէր Ապէյի վարժարանին մէջ։ Երբ 1902-ին վարժարանը վերջնականապէս փակուեցաւ, Վարժապետեան եւ Փանոսեան վերադարձան տուն՝ դասաւանդելու Խտըր Պէկի եւ Եողուն Օլուքի մէջ, համապատասխանաբար։ Թէպէտեւ իրենց ուսումը կիսատ մնաց, սակայն անոնք արդէն սորված էին քերականութիւն, աշխարհագրութիւն եւ «շատ օգտակար բաներ՝ մարդոց համար», ի յաւելումն «մեր Սուրբ Կաթողիկէ կրօնքի սկզբունքներուն»։ Իրենց գիտելիքները խորացնելու, ինչպէս նաեւ նոր սերունդը կրթելու ու ոգեշնչելու նպատակով՝ այժմ կը խնդրէին գրականութեան երկու գիրք եւ քանի մը դասագիրք [41]։ Տա Թրիեսթէ կ’ապահովցնէր, որ երկուքն ալ «շատ լաւ արդիւնքներ կու տան՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ կրօնքի դասատու» [42]։ Իրականութեան մէջ, տա Թրիեսթէ գոհ էր, որ Ապէյի վարժարանը փակուած էր, որովհետեւ «մեր կոչումը ժողովուրդի աւետարանեցումն է», որ կարելի է իրականացնել նախնական վարժարաններու միջոցով եւ ոչ թէ սերովբէական քոլէճներ կամ դպրեվանքեր վարելով [43]։ Ուրիշ երիտասարդ մըն ալ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, դասաւանդած է իր հայրենի Եողուն Օլուքի մէջ 1900-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 1912, երբ զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակ եւ ուղարկուեցաւ Միջագետք՝ ապստամբութեան մը ճնշման գործողութեան, ուրկէ անոր մասին այլեւս լուր չեկաւ [44]։

Ինչ կը վերաբերի դուրսէն հրաւիրուած ուսուցիչներուն, քափուչինները շատ կանուխ սկսած էին «յարմար ուսուցիչ մը փնտռել Հալէպէն», ինչպէս նաեւ ուրիշներ՝ «որոնց համար ամէն բան կ’ընենք» [45]։ Վերը նշուած Թորոս մը եւ Սարգիս Մուշակեան՝ երկուքն ալ Ուրֆայէն, 1900-1901 ուսումնական տարուան ընթացքին դասաւանդած էին Վաքըֆի եւ Եողուն Օլուքի մանչերու վարժարաններուն մէջ, համապատասխանաբար։ Թորոսի դուստրերէն մէկը՝ Լուսիա, վարած էր Վաքըֆի՝ կարճատեւ գոյութիւն ունեցած աղջիկներու վարժարանը [46]։

1895-ին Խտըր Պէկի եւ Եողուն Օլուքի ուսուցիչները կը ստանային ամսական 150 եւ 125 օսմանեան ղուրուշ, համապատասխանաբար [47]։ 1902 թուականի Սեպտեմբեր ամսուան կէսերուն, չորս կաթողիկէ վարժարաններու տարեկան ծախսերը կազմած էին 982 ֆրանք, հետեւեալ բաժանումով՝ չորս ուսուցիչներ՝ 300, 215, 215, 204 ֆրանք․ գիրքեր՝ 30 ֆրանք․ թուղթ՝ 10 ֆրանք․ թանաք՝ 6 ֆրանք․ գրիչներ՝ 2 ֆրանք [48]։ Մէկ տարի ետք՝ Խտըր Պէկի ուսուցիչին ամսական աշխատավարձը կազմած էր 138,20 օսմանեան ղուրուշ, ուսուցչուհիինը՝ 94,20 ղուրուշ, Եողուն Օլուքի տղամարդ ուսուցիչինը նոյնպէս՝ 94,20 ղուրուշ [49]։ Այսպիսով, թէպէտեւ Խտըր Պէկի ուսուցչուհին իր տղամարդ գործընկերոջմէ 44 ղուրուշ կամ 32 առ հարիւր աւելի քիչ աշխատավարձ կը ստանար, սակայն իր աշխատավարձը հաւասար էր Եողուն Օլուքի տղամարդ ուսուցիչի աշխատավարձին։

Ուսում, դասագիրքեր, ծրագիր

Անվճար ուսումը գլխաւոր պատճառն էր, որ ծնողները իրենց զաւակները ղրկէին կաթողիկէ վարժարաններ [50]։ Քափուչին միսիոնար մը նշած է. «Ամէն բան անվճար է, et amore Dei — գիրքեր, թուղթեր, գրիչներ, թանաք, կին ու տղամարդ ուսուցիչներ» [51]։ «Փոքր յուշանուէրներու» բաժանումը եւս խթանած էր ուսման ցանկութիւնը, անգամ մը՝ աշակերտներուն թիւը կրկնապատկելով ութ օրուան մէջ [52]։ Տա Թրիեսթէ նաեւ խնդրած էր «փոքր օգնութիւն մը» մեծաւոր հօրմէն՝ «մեր մանչ եւ աղջիկ աշակերտներուն մերկ մարմինները հագցնելու համար», յոյս ունենալով որ այդ օգնութիւնը կը շնորհուի [53]։ Բողոքական միսիոնար մը, թէեւ՝ կողմնակալ, հետեւեալ կերպով նկարագրած էր այն մեթոտները, որոնցմով երեխաները կը գրաւէին. «Քափուչինները այստեղ [Եողուն Օլուքի մէջ] մեզ կը ճնշեն եւ մեր քանի մը երեխաները սիրաշահած են։ Անոնց միջոցները լաւ եւ խոր ուսուցման վրայ չեն հիմնուած, այլ ծնողքը բոլոր ծախսերէն զերծ պահելուն եւ երեխաներուն առատ նուէրներ շնորհելուն վրայ՝ տօներուն եւ պատեհ առիթներով, ինչ որ կրնայ հաւաստի արդարացում մը ըլլալ երեխաներուն նման բաներ տալու համար։ Սա անուրանալի իմաստութիւն մըն է, որ անկասկած անոնց յաջողութիւն կը բերէ՝ գնահատուելով աշխարհիկ դիտանկիւնէն» [54]։

Դասագիրքերուն մասին տեղեկութիւնները սակաւաթիւ են։ 1894-ին վարժարանները գրեթէ ընդյատակեայ կը գործէին (իսկ Յունիս ամսուն՝ կարճ ժամանակով իսկապէս փակուած էին), որովհետեւ կառավարութիւնը զանոնք անօրինական նկատած էր։ Վերաբացման համար ուժեղ բողոքներ ներկայացուեցան եւ կաշառքներ տրուեցան, սակայն նախապէս դասագիրքերը Հալէպ ղրկուեցան՝ պաշտօնական զննութեան համար [55]։ 1900 թուականին աւելի աշխուժութիւն նկատուեցաւ դասագիրքերու ձեռքբերման մէջ՝ նոր վարժարաններու բացման նախապատրաստութեան շնորհիւ։ Տա Թրիեսթէ, բացի 12 օսմանեան լիրայէն աւելի արժողութեամբ հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր գնելէն [56], հարցուցած էր Պէյրութի մէջ Իտալիոյ գլխաւոր հիւպատոս սինիոր Վիթթոյին, թէ արդեօք Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը պատրա՞ստ է նուիրաբերել գիրքեր եւ համապատասխան նիւթեր։ Վերջինս, «բարեկամական աջակցութեան քայլով մը», հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, սակայն նախ ուզեց 1) ունենալ չափանիշ մը՝ իմանալու թէ ինչ տեսակ գիրքեր պէտք է ընտրել, եւ 2) իմանալ աշակերտներուն թիւը, որոնք իտալերէն կը սորվին, ինչպէս նաեւ անոնց դասարանները՝ համեմատած «մեր տարրական վարժարաններու» դասարաններուն Իտալիոյ մէջ [57]։ Իրօք, արտաքին գործոց նախարարը ղրկեց «դպրոցական առարկաներու հարուստ հաւաքածու մը, գրատախտակներ եւ աշխարհագրութեան քարտէսներ...»: Միաժամանակ, եւ թերեւս իր բարեխօսութեամբ, Մուսա Լերան համար յատկացուած էր 700 ֆրանքի զգալի նուիրատուութիւն մը Լեհաստանէն, սակայն քափուչիններու մեծաւորը, անյայտ պատճառներով, «անշնորհք կերպով զայն չուղարկեց» տա Թրիեսթէին [58]։

Ծրագիրը կը ներառէր հայերէն, թրքերէն, թուաբանութիւն եւ աշխարհագրութիւն իբրեւ պարտադիր առարկաներ, իսկ իտալերէն եւ ֆրանսերէն՝ իբրեւ ընտրովի [59]։ Կը յուսացուէր, որ քսան կամ երեսուն տարիէն երիտասարդութիւնը պիտի խօսէր գրական հայերէնը աւելի լաւ [60]։ Աղջիկներուն համար, կը թուի թէ շեշտը դրուած էր թրքերէն լեզուով խօսելուն եւ կարդալուն վրայ [61]։ Երգեցողութիւնը կը կազմէր օրուան գործունէութեան անբաժան մասը [62]։ Կրօնքի դասերուն համար, որ կարեւորութեամբ ամէն բանէ վեր կը դասուէին, տա Թրիեսթէ հայր Ալֆոնսի «Կրօնագիտութիւն»ը թարգմանած էր տեղական հայերէն բարբառով, որպէսզի աշակերտները, եւ անոնց միջոցաւ՝ նաեւ մեծահասակները, աւելի լաւ հասկնան [63]։ Անկախ իրենց դաւանական պատկանելիութենէն, բոլոր աշակերտները պարտաւոր էին հետեւիլ այդ դասընթացքներուն. ով մերժէր՝ կրնար վտարուիլ [64]։

Մուսա Լերան մասին քափուչինեան փաստաթուղթեր (աղբիւրը՝ Curia Generale dei Frati Minori Cappuccini, Istituto Storico, Archivio Generale dei Cappuccini, Հռոմ)։

Երեխաները թէ՛ սովորական եւ թէ՛ Կիրակի ու տօնական օրերուն, պարտաւոր էին մասնակցիլ Սուրբ Պատարագին։ Աւելի ճշգրտօրէն`

«Դպրոցական օրերուն, ուսուցիչն ու աշակերտները կը հաւաքուէին մեր (Խտըր Պէկի) մատուռին մէջ։ Նախ կը կատարէին յարգալից խաչակնքում, ապա միասին հայերէն կ’արտասանէին Վարդարանը, թրքերէնով՝ «Salve Regins»՝ մօտենալով Սուրբ Հաղորդութեան եւ երգելով բարեպաշտական երգ մը։ Շաբաթական կիրակնօրեայ Պատարագին ժամանակ նոյնպէս թրքերէնով կը կարդացուէին Սուրբ Ալֆոնսի հոգեւոր խորհրդածութիւնները։ Սովորաբար, յատկապէս տօնական օրերուն՝ Պատարագը կը մատուցուէր կնդրուկով, կ’երգուէր Աւետարանը, «Prefation»-ը, «Հայր Մերը»․․․։ Քանի որ լատինական ծէսին համապատասխան խմբերգային կարողութիւններ չկային, ներկաները կ’երգէին այն, ինչ որ գիտէին՝ «Kyrie, Gloria, Credo, Agnus Dei» [65]։

Այս արարողութիւններէն շատերը կը կրկնուէին նաեւ դպրոցէն յետոյ։ Ուսուցիչներն ու աշակերտները միասին կ’արտասանէին «Հայր Մերը», «Ավէ Մարիա»-ն եւ «Խոստովանանք»-ը հայերէն ու թրքերէն, կ’ընթերցէին «Սուրբ Կոյսի Օրհնաղօթքները»՝ հայերէն եւ «Աստուածաբանական գործերը»՝ թրքերէն, իսկ երբեմն կ’երգէին համապատասխան երգեր իտալերէնով եւ լատիներէնով [66]։

1890-ականներու վերջաւորութեան՝ ուսումնական ծրագիրը գրեթէ նոյնը մնացած էր։ Բացատրուած էր, որ «քանի որ ժողովուրդին մտաւոր զարգացումը իր սկզբնական փուլին մէջ է, միսիոնարը պարտաւոր է սկսիլ սորվեցնել ամենահիմնական բաները՝ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհիկ բնոյթի։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ներշնչել հնազանդութիւն եւ յարգանք օսմանեան իշխանութեան՝ օրինական իշխանութեան հանդէպ, որ, թերեւս, կրնայ համոզուիլ, թէ կաթողիկէ համայնքը իր կառավարութեան երդուեալ թշնամին չէ»։ Այս «վեհ առաքելութիւնը» իրականացնելու համար, անհրաժեշտ էին նոր դպրոցներ՝ իւրաքանչիւր սեռի համար։ Յատկապէս, «կաթողիկէ ընտանիքները շատ ուրախ պիտի ըլլան ունենալու ֆրանսական լաւ դպրոց մը, ուր իրենց երեխաները կրնան լիովին ազատութեամբ յաճախել»։ Ահա թէ ինչո՛ւ «հրատապ կոչ» էր ուղղուած Ֆրանսայի քրիստոնեաներուն՝ անհրաժեշտ միջոցները հաւաքելու նպատակով [67]։

Եզրակացութիւն

Խտըր Պէկի քափուչին միսիոնարները Անտիոքի առաքելութիւնը (ներառեալ Մուսա Լերան առաքելութիւնը) կը համարէին յատուկ, որովհետեւ «անիկա ամբողջովին կը պատկանի մեզի եւ չենք առերեսուիր այլ տարրերու հետ…»՝ ի տարբերութիւն մարոնիներուն, յիսուսեաններուն, լազարիստներուն, Քրիստոնէական դպրոցներու եղբայրներուն, մայրապետներուն եւ այլն։ Ուստի՝ «փոխանակ մտահոգուելու Լիբանանի մէջ եղած 115 մարոնիական դպրոցներով կամ այլուր եղածներով, հոգ տանինք միայն մեր վարժարաններուն, որոնք կապուած են դարմանատուներուն հետ» [68]։

Ի վերջոյ՝ ինչպիսին ալ ըլլային իրենց ցանկութիւններն ու ուսուցման կամ քարոզչութեան միջոցները, քափուչինները համոզուած էին, որ առաքելական հայերու մէկ մասը կրնար ներգրաւուիլ իրենց կողմը, եթէ որոշ հասարակական ուժեր չգործէին ընդդէմ այդ նպատակին։ Ինչպէս միսիոնարներէն մէկը գանգատով գրած է. «Եթէ այս կամ այն քանի մը մանուկները, դպրոցէն դուրս գալով շուրջ 13 տարեկանին, չենթարկուէին իրենց միջավայրի քայքայիչ ազդեցութեան, այսինքն՝ անհաւատալի կրօնական անտարբերութեան սովորոյթներու հրապոյրին, եւ եթէ մեր կաթողիկէ աղջիկները ամուսնանային միայն կաթողիկէներու հետ, շուտով Խտըր Պէկը օրինակելի առաքելութիւն մը կը դառնար» [69]։

  • [1] ABCFM, ABC: 16.9.5., 11-րդ հատոր, Ատամզը՝ Սմիթին, 29 Դեկտեմբեր 1892։
  • [2] Curia Generale dei Frati Minori Cappuccini, Istituto Storico, Archivio Generale dei Cappuccini (այսուհետ AGC), Հռոմ, H 93, Քարթելլա V, Խտըր Պէկի մէջ քափուչիններու մեծաւոր Անտրէա տա Քալասքլիան՝ Քափուչինեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին, 19 Օգոստոս 1909։
  • [3] Սաքրա Քոնկրեկացիոնէ փեր լէ Չիեզէ Օրիենթալի (այսուհետ՝ SCCO) արխիւներ, Հռոմ, Ռուպրիքա 105 (1), թղթապանակ 29, Armeni del Patriarcato 1893-1895, 1897-1900, թղթապանակ 29, «Գապուսիէ, Խտըր Պէկ եւ Եողուն Օլուք գիւղերու առաքելութիւնը», Ճովաննի Անտրէա տա Քարամանիան՝ Առաքելական պատուիրակ եւ Սուրիոյ հովուապետ Կաուտենցիօ Պոնֆիկլի արք. տա Քապասային, 26 Յունիս 1891։
  • [4] AGC, H 93, Քարթելլա V, Ֆետելէ տա Թրիեսթէն՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին, 8 Օգոստոս 1900, «Պատմութիւն Խտըր Պէկի առաքելութեան 1891-1900»։ Թէեւ գրութիւնը իտալերէն է, փաստաթուղթին վերնագիրը նաեւ լատիներէն է՝ «Chronicon seu Memoriae Historico. Chronologicae novae Missionis Kodorbekiensis prope Antiochiam anno Domini 1891 fundatae. Kodorbek. Al anno 1891 usque 1900 mensis Augusti» (այսուհետ՝ Chronicon Historico)։ Հայր Պերնարտինօ տա Քանեթրայի մասին տեղեկութիւնները տրուած են «Պատմական նախաբան» ենթավերնագրին տակ։
  • [5] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Թրիեսթէն՝ հայր Անթոնիոյին, 4 Յունիս 1893։
  • [6] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ ընդհանուր մեծաւորին, 8 Օգոստոս 1900, Chronicon Historico 1900-ի համար։
  • [7] Նոյն տեղը, Chronicon Historico 1898-99-ի համար։
  • [8] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, պատճէնը 2 Ապրիլ 1903 թուագրուած նամակի մը, ուղղուած ընդհանուր մեծաւորին (տա Թերցորիօ)՝ ցոյց տալու համար մեծաւոր հօր, եւ, եթէ յարմար համարուի, Մարչելլինօ տա Վալլարսային։
  • [9] Archives des Capucins de France, (այսուհետ՝ ACF), Bibliothèque Franciscaine des Capucins, Փարիզ, թղթապանակ 65/175, «Anciennes Missions, 1) Syrie et Liban: Correspondence 1880-1919 (1ère liasse)», տա Վալլարսան՝ հայր Մոյսէին, 22 Նոյեմբեր 1902։
  • [10] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Վալլարսան՝ մեծաւոր հօր, 17 Նոյեմբեր 1895։
  • [11] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ առաքելութիւններու գլխաւոր քարտուղար հայր Անթոնինօ/Անթոնիօ տա Ռեսքիոյին, 4 Յունիս 1893․ ACF, թղթապանակ 1R¹, «Syrie: Listes des missionnaires (Province de Lyon)/Notices sur les divers postes, 1916», հայր Ժերոմը(՞)՝ յարգելի պարոնին, 28 Հոկտեմբեր 1907․ նոյնը, հայր Ժերոմը (՞)՝ գերապատիւ հօր, 4 Փետրուար 1910։
  • [12] Օրինակ, դպրոց մը փակեց իր դռները հազիւ հիմնադրուելուն պէս 1891-ին. տե՛ս SCCO, Ռուպրիքա 105 (1), թղթապանակ 29, տա Քարամանիան՝ տա Քապասային, 26 Յունիս 1891։ Ուրիշ դպրոց մը գոյութիւն ունէր 1896-ին, բայց ան ալ կարճ կեանք մը ունեցաւ. տե՛ս Քլեմենթէ տա Թերցորիօ, «Les Missioni dei Minori Cappuccini», 5-րդ հատոր (Ասիական Թուրքիա։ Հռոմ: Քօօփերաթիվա Թիփոկրաֆիքա Մանուցիօ, 1919), էջ 464։
  • [13] AGC, H 93, Քարթելլա V, հայր Աբոլլինարէ տալ Թրեթթօն՝ հայր Քլեմենթէ տա Թերցորիոյին, 8 Սեպտեմբեր 1898։
  • [14] Նոյն տեղը։
  • [15] Նոյն տեղը, 9 Նոյեմբեր 1898։
  • [16] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ քարտուղար հօր, 8 Օգոստոս 1900, Chronicon Historico 1898-99-ի համար։ 9 Սեպտեմբեր 1899-ը սակայն չի համապատասխաներ տալ Թրեթթոյի տուած տեղեկութեան, քանի որ ան կը գրէ գերապատիւ հօր՝ 19 Հոկտեմբեր 1899-ին. «Աւելի քան 3 ամիս է, որ բացի աղջիկներու դպրոցը եւ այն բաւականին լաւ կ’ընթանայ»։
  • [17] Նոյն տեղը, տա Վալլարսան՝ ընդհանուր մեծաւոր հօր, 3 Նոյեմբեր 1899։
  • [18] Ռ. Բ. Ժերոմ, «Touchant hommage à un missionnaire», «Les Missions Catholiques» 44: 2270 (8 Դեկտեմբեր 1912): 578․ ACF, թղթապանակ 1R¹, «Syrie: Listes des missionnaires», հայր Ժերոմը(՞)՝ գերապատիւ հօր, 4 Փետրուար 1910։
  • [19] ACF, թղթապանակ 1R¹, «Syrie: Listes des missionnaires», Notre œvres dans les missions: Mission de Syrie» (զեկուցագիր 1914-ի համար)։
  • [20] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Թրիեսթէն՝ մեծաւոր հօր, 1 Դեկտեմբեր 1892։
  • [21] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, Քոտերպեք [Խտըր Պէկ]․ Առաքելութեան ունեցուածքը, Սեպտեմբեր 1901։
  •  [22] Քափուչին միսիոնարական արխիւներ (այսուհետ՝ CMA), Maison St. François, Մթայլէպ, Լիբանան, H 93, «Syria Privati», փաստաթուղթ թիւ 23, տա Թրիեսթէն՝ գլխաւոր քարտուղարին, բաժին II, Ունեցուածքը Խտըր Պէկի մէջ 1902 տարուան համար, 20 Նոյեմբեր 1902։
  • [23] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Թրիեսթէ, Քոտերպեք [Խտըր Պէկ]․ Առաքելութեան ունեցուածքը, Սեպտեմբեր 1901․ CMA, H 93, «Syria Privati» փաստաթուղթ թիւ 23, տա Թրիեսթէն՝ գլխաւոր քարտուղարին, 20 Նոյեմբեր 1902։
  • [24] AGC, H 93, Քարթելլա V, Chronicon Historico, թիւ 2, Յունուար 1901։
  • [25] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, Քոտերպեք [Խտըր Պէկ]․ Առաքելութեան ունեցուածքը, Սեպտեմբեր 1901։
  • [26] Նոյն տեղը, Chronicon Historico, թիւ III, Դեկտեմբեր 1900։
  • [27] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ գլխաւոր քարտուղարին, 3 Նոյեմբեր 1901։
  • [28] Նոյն տեղը։
  • [29] Նոյն տեղը, տալ Թրեթթօն՝ գերապատիւ հօր, 4 Սեպտեմբեր 1901․ տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ գլխաւոր քարտուղարին, 3 Նոյեմբեր 1901, կցեալ՝ տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ հայր Անտրէա տա Լէոնիսսային, 1-ին Discreet եւ գերապատիւ հայր Ֆրանչեսքօ տա Սալիմային, 2-րդ Discreet, 3 Հոկտեմբեր 1901․ տա Թրիեսթէի նամակը գերապատիւ քարտուղար հօր, 21 Հոկտեմբեր 1901, խնդրանքով մը՝ փոխանցուելու գերապատիւ մեծաւոր հօր, ինչպէս նաեւ Հաւատքի Տարածման Ժողովի նախագահ նորին գերազանցութիւն քարտինալին [Mieczysław Halka-Ledóchowski]։
  • [30] Նոյն տեղը, յաւելուած Chronicon Historico-ին, բաժին 4/բ․ Լուրեր դպրոցներուն մասին, 11 Սեպտեմբեր 1900։
  • [31] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ տա Ռեսքիոյին, 20 Յուլիս 1895։ Տալ Թրեթթօն՝ գերապատիւ հօր, 19 Հոկտեմբեր 1899։
  • [32] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ տա Ռեսքիոյին, 20 Յուլիս 1895։
  • [33] Նոյն տեղը, տա Քալասքլիան՝ գերապատիւ մեծաւոր հօր, 16 Յունուար 1907։
  • [34] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ մեծաւոր հօր, 1 Դեկտեմբեր 1892, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ հայր Անթոնիոյին, 4 Յունիս 1893։ Այլ միսիոնարներ պէտք է սորվեցուցած ըլլան առնուազն կրօնք, եթէ ոչ ֆրանսերէն եւ իտալերէն, հետագայ տարիներուն նաեւ։
  • [35] Նոյն տեղը, տա Քալասքլիան՝ գերապատիւ մեծաւոր հօր, 19 Օգոստոս 1909։
  • [36] Նոյն տեղը, հայր Վինչենցօ տ’Ալեսանտրիան՝ փրեֆեթթոյին [Հաւատքի Տարաժման Ժողովի նախագահին՝ քարտինալ Ճիովաննի Սիմէոնէին], 22 Փետրուար 1891։
  • [37] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ մեծաւոր հօր, 1 Դեկտեմբեր 1892։
  • [38] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, ներկայացուելու գերապատիւ մեծաւոր հօր, 10 Նոյեմբեր 1900, յաւելուած Chronicon Historico-ի, բաժին 4/բ, Լուրեր դպրոցներու մասին, 11 Սեպտեմբեր 1900։
  • [39] ACF, թղթածրար 65/175, Anciennes Missions, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ հայր Մոյսէին, 19 Մայիս 1900։ Տե՛ս նաև AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, 7 Յուլիս 1900։
  • [40] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, ներկայացուելու գերապատիւ մեծաւոր հօր, 10 Նոյեմբեր 1900, յաւելուած Chronicon Historico-ի, բաժին 4/բ, Լուրեր դպրոցներու մասին, 11 Սեպտեմբեր 1900։
  • [41] ACF, թղթածրար 65/175, Anciennes Missions, Վահան Վարժապետեանը և Հաչիր Փանոսեանը՝ գերապատիւ հօր, 22 Նոյեմբեր 1902։
  • [42] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ հայր Մոյսէին (տ’Օրլէան), 22 Նոյեմբեր 1902։ Երկու ուրիշ ուսուցիչներ ալ յիշուած են, երկուքն ալ Խտըր Պէկի մէջ՝ Յակոբ Ադամեան (Աղուպ Ադդումեան), տե՛ս Chronicon Historico Յունիս 1894-ի դէպքերուն համար, եւ ոմն «Միքայիլ Միհայիլեան Պետրոսեան Տեկիրմանճեան», տե՛ս Chronicon Historico, թիւ 1․ Պատմութիւն, Նոյեմբեր 1900 ամիս։ Քանի որ երեք ազգանուններ յիշուած են երկրորդ պարագային, դժուար է գիտնալ, թէ մէ՞կ ուսուցիչ էր, թէ՞ երեք ուսուցիչներ էին։
  • [43] ACF, թղթածրար 65/175, Anciennes Missions, տա Թրիեսթէն՝ հայր Մոյսէին, 22 Նոյեմբեր 1902։
  • [44] Փօլ Պետրոսեան (Պօղոս Տէր Պետրոսեան), նամակ հեղինակին, անթուական (1990)։
  • [45] AGC, H 93, Քարթելլա V, տ’Ալեսանտրիան՝ փրեֆեքթին [Հաւատքի Տարաժման Ժողովի նախագահին՝ քարտինալ Ճիովաննի Սիմէոնէին], 22 Փետրուար 1891։
  • [46] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, Chronicon Historico-ի մէջ, Օգոստոս 1901, եւ թիւ 5, Օգոստոս 1901-ի շարունակութիւնը։
  • [47] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ հայր Անթոնինոյին, 1 Մարտ 1895։
  • [48] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար տա Թերցորիոյին, 15 Դեկտեմբեր 1902։
  • [49] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, պատճէնը 2 Ապրիլ 1903 թուագրուած նամակի մը՝ ուղարկուած գերապատիւ քարտուղար Քլեմենթէին (տա Թերցորիօ)։
  •  
  • [50] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ հայր Անթոնինոյին, 20 Յուլիս 1895․ տա Թրիեսթէի զեկուցագիրը գերապատիւ մեծաւոր հայր Պերնարտօ տա Անտերմաթթիին՝ Խտըր Պէկի առաքելութեան մասին, Սեպտեմբեր 1895։
  • [51] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, Chronicon Historico, Խտըր Պէկ, Սուրբ առաքելութիւն․ Ուսումնասիրութիւններ, Սեպտեմբեր 1901։ Տե՛ս նաև ABCFM, ABC: 16.9.5, 10-րդ հատոր, Ատամս, Զեկուցագիր Անտիոքի գործունէութեան, 12 ամիս, Յունիս 1893։
  • [52] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Վալլարսան՝ գերապատիւ հօր, 2 Յունուար 1896։
  • [53] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, 15 Յուլիս 1903։
  • [54] ABCFM, ABC: 16.9.5, 16-րդ հատոր, Սանտըրս, Զեկուցագիր Այնթապի կեդրոնի, Յուլիս 1903-Յունիս 1904։
  • [55] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ մեծաւոր հօր, 24 Յուլիս 1894։ Մանչերու դպրոցներու փակման հրամանը Խտըր Պէկի և Եողուն Օլուքի մէջ, որ եկաւ Հալէպի նահանգի կառավարիչէն, փոխանցուեցաւ Սուէտիոյ փոխկառավարիչին եւ Անտիոքի քաղաքապետարանին մէջ հայկական գործերու խորհրդատու (կամ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ) ոմն Պօղոս աղայի, 19 Յունիսին, լատիններու գլխաւորին և ուսուցիչներ Սարգիս Թասլագեանին և Յակոբ Ադամեանին (Աղուպ Ադդումեան) Խտըր Պէկի մէջ։ Տե՛ս Chronicon Historico Յունիս 1894-ի դէպքերու համար։
  • [56] Նոյն տեղը, տալ Թրեթթօն և տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, 2 Ապրիլ 1900։
  • [57] Նոյն տեղը, տախտակ VI, գլխաւոր հիւպատոս Վիթթօն՝ տա Թրիեսթէին, 12 Օգոստոս 1900։ Պարզ չէ, թէ Վիթթօ Իտալիոյ գլխաւոր հիւպատոսն էր Պէյրութի՞, թէ՞ Հալէպի մէջ։
  • [58] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, Chronicon Historico, թիւ 3, Փետրուար [մինչեւ Ապրիլ] 1901։
  • [59] Նոյն տեղը, տա Վալլարսան՝ գերապատիւ հօր, 2 Յունուար 1896․ տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, ներկայացուելու գերապատիւ մեծաւոր հօր, 10 Նոյեմբեր 1900, յաւելուած Chronicon Historico-ի, բաժին 4/բ Լուրեր դպրոցներուն մասին, 11 Սեպտեմբեր 1900․ տալ Թրեթթօն՝ գերապատիւ հօր, 4 Սեպտեմբեր 1901։
  • [60] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ մեծաւոր հօր, 1 Դեկտեմբեր 1892։
  • [61] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, ներկայացուելու գերապատիւ մեծաւոր հօր, 10 Նոյեմբեր 1900, յաւելուած Chronicon Historico-ի, բաժին 4/բ Լուրեր դպրոցներուն մասին, 11 Սեպտեմբեր 1900։
  • [62] Նոյն տեղը, տա Վալլարսան՝ գերապատիւ հօր, 2 Յունուար 1896․ տալ Թրեթթօն՝ գերապատիւ Հօր, 19 Հոկտեմբեր 1899․ տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, 15 Մայիս 1900․ տա Թրիեսթէ՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, ներկայացուելու գերապատիւ մեծաւոր հօր, 10 Նոյեմբեր 1900, յաւելուած Chronicon Historico-ի, բաժին 4/բ Լուրեր դպրոցներուն մասին, 11 Սեպտեմբեր 1900․ տալ Թրեթթօն՝ գերապատիւ հօր, 4 Սեպտեմբեր 1901։
  • [63] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ մեծաւոր հօր, 1 Դեկտեմբեր 1892։
  • [64] Նոյն տեղը, տա Վալլարսան՝ գերապատիւ հօր, 2 Յունուար 1896։
  • [65] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէն՝ գերապատիւ քարտուղար հօր, ներկայացուելու գերապատիւ մեծաւոր հօր, 10 Նոյեմբեր 1900, յաւելուած Chronicon Historico-ի, բաժին 4/բ, Լուրեր դպրոցներուն մասին, 11 Սեպտեմբեր 1900։
  • [66] Նոյն տեղը, տա Թրիեսթէ, Chronicon Historico, թիւ III, Դեկտեմբեր 1900։
  • [67] Ֆիտէլ Պոնէն, «La mission de Koderbek», Les Missions Catholiques 31:1594 (22 Դեկտեմբեր 1899): 602-03։
  • [68] AGC, H 93, Քարթելլա V, տա Թրիեսթէն՝ միաբանութեան գերապատիւ հայր փրոքիւրաթորին, 15 Հոկտեմբեր 1902։
  • [69] Ռ. Փ. Ժերոմ, «La mission de Khoderbek (Syrie)», Les Missions Catholiques 42: 2159 (21 Հոկտեմբեր 1910): 497։