Ուրֆա. ամերիկեան որբանոցի հիւսնութեան արհեստանոցը (Աղբիւր՝ ամերիկեան միսիոնի արխիւներ, Harvard University, Houghton Library)

Ուրֆա - Արհեստներ

Վահէ Թաշճեան, 29/08/2016 (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/08/2016)

Ուրֆան մեծապէս հարուստ է իր արհեստներով, որոնցմէ շատեր այս քաղաքին մէջ դարերու հնութիւն ունին եւ հասած են, ինչպէս պիտի տեսնենք, հմտութեան բարձրագոյն մակարդակներու։ Արհեստներուն հարստութիւնն ու բարձր զարգացումը նաեւ առնչուած են քաղաքին աշխարհագրական դիրքով. Ուրֆան փաստօրէն կը գտնուի առեւտրական տարբեր ճամբաներու խաչմերուկին վրայ։ Այս մէկը պատճառ եղած է որ քաղաքին մէջ թէ՛ արհեստները զարգանան եւ թէ վաճառականութիւնը։

Ուրֆայի արհեստներու կեանքին մէջ կարեւորագոյն ներկայութիւն են տեղաբնիկ հայերը, անոնց հմտութեան եւ գիտելիքներուն կը պարտի այս քաղաքին արհեստային արտադրութիւններուն հռչակը։

Խումբ մը ուրֆացի հայեր, լուսանկարուած 1908-էն ետք (Աղբիւր՝ Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, Պէյրութ, 1955)

Ալաճայի գործ (ոստայնագործութիւն)

Ալաճան գծաւոր հիւսուածք մըն է. անկէ կը պատրաստուի տեղացիներուն հագուստեղէնը։ Ալաճայագործութիւնը Ուրֆայի մէջ հայերու կողմէ բանեցուող արհեստ մըն է։ Ալաճաճին (կամ մանուսաճի) է որ կը գործէ Ուրֆա քաղաքին եւ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ մեծապէս տարածուած տղամարդու էնթարին՝ երկար փէշերով զգեստը։ Քաղաքին մէջ կան ալաճայի բազմաթիւ արհեստանոցներ, ուր հմտացած արհեստաւորներ կ՚աշխատին օրն ի բուն իրենց հորերուն մէջ կամ տէզկեահներուն (ոստայնանկ) դիմաց նստած։ Անոնց արհեստանոցները տարածուած են յատկապէս հայկական թաղամասին մէջ, ուր շատեր կը գործեն իրենց տուներուն մէջ։ Հայկական թաղամասը խիտ բնակուած վայր մըն է, կազմուած է նեղ փողոցներով, որոնք յաճախ անելներ են։ Այս ձեւով աշխատանքի ժամերուն թաղամասին տարբեր անկիւններէն տեւաբար կը լսուի ոստայնանկի գործիքներուն հանած ձայնը։

Ուրֆայի ալաճայագործներուն արտադրութիւնները համբաւ ունին. բացի տեղական սպառումէն, այս հիւսուածքները կ՚արտածուին նաեւ շրջակայ քաղաքներու շուկաները։ Ուրֆացի արհեստաւորը այլ մօտակայ քաղաքներու (Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ, Այնթապ) ալաճաճիներուն հետ մրցակցութեան դիմանալու համար տեւաբար կը փորձէ նորութիւններ մտցնել իր արտադրութիւններուն մէջ, ինչպէս օրինակ գոյներու նոր բաղադրութիւններ յառաջացնել, նոր զարդարանքներ ստեղծել, եւայլն։ [1]

Ոստայնագործութիւնը մեծապէս տարածուած է նաեւ Կարմուճ գիւղին մէջ, ուր կը բանին հարիւրէ աւելի տէզկեահներ։ [2]

1) Ուրֆա, գերմանական գորգագործարանին մէջ հայ կիներ աշխատանքի ընթացքին (Աղբիւր՝ Paul Rohrbach, Armenien, Stuttgart, 1919)
2) Ուրֆա, գերմանական միսիոնին պատկանող գորգագործարան (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, Marz-April 1901, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Berlin)

Ուրֆա, բուրդի արտադրութիւն (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Պասմայագործութիւն եւ ներկարարութիւն

Ասոնք մեծապէս զարգացած արհեստներ են Ուրֆայի մէջ եւ տարածուած են յատկապէս հայերուն շարքին։ Պասմայագործութիւնը տպածոյի գործն է, այսինքն արհեստաւորը զանազան ձեւի ծաղկազարդեր եւ դիմանկարներ կը փորագրէ փայտեայ կաղապարներու վրայ, ապա զանոնք կը տպէ ճերմակ կտաւներուն վրայ։ Մեքենաներու գործածութիւնը տակաւին չէր տարածուած, այնպէս որ այդ ժամանակներուն այս բոլոր գործողութիւնները ձեռքով կը կատարուէին։

Ուրֆայի հայ պասմայագործներու գլուխ գործոցներէն կը համարուի քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին ծաղկազարդ վարագոյրը՝ եօթր մեթր երկայնքով եւ տասնչորս մեթր լայնքով։ Սոյն եկեղեցին 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին կը հրկիզուի եւ նորոգուած սրբատեղիին վարագոյրը կը պատրաստուի եւ կը նուիրուի քաղաքին պասմայագործներուն կողմէ։ Վարագոյրը պատրաստած արհեստաւորներուն շարքին կը յիշուին Առաքել, Արուշ եւ Աւետիս Միսիրեան եղբայրները, Արուշ Ճիկերկանցն ու երկու որդիները՝ Աբրահամ եւ Յովակիմ, Սարգիս, Յովսէփ, Արուշ եւ Անանիա Մարաշլոնց եղբայրները, Գէորգ, Նազար եւ Յակոբ Գըզըլօղլիյեան եղբայրները, Գէորգ Հալէպօղլիյեանը։

Գալով ներկարարութեան, անիկա պարզապէս հիւսուածքները, ըլլան անոնք մանած կամ հում վիճակի մէջ, բնական գոյներով ներկելու արհեստն է, որուն մէջ ուրֆացի արհեստաւորը հմտութեան բարձր մակարդակի հասած է։ Ուրֆայի հիւսուածքները նշանաւոր են իրենց գոյներու դիմացկունութեամբ։ [3]

1) Ուրֆա. հիւսուածքներ ներկող հայ արհեստաւորներ (Աղբիւր՝ Paul Rohrbach, Armenien, Stuttgart, 1919)
2) Ուրֆա. գերմանական գորգագործարանին մէջ ներկարար արհեստաւորներ (Աղբիւր՝ Johannes Lepsius,
Jahrbuch der Deutschen Orient-Mission, Berlin, 1903)

Ուրֆա, բուրդի արտադրութեան պատկերներ (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Դերձակութիւն

Քաղաքին դերձակները կը գործեն ըստ տեղական պահանջին, որ իր կարգին երկու տեսակ է. տեղական ոճի եւ արեւմտեան ոճի հագուածքը։ Վերջին խումբին յաճախորդներն են քաղքենի խաւի ներկայացուցիչներ, ինչպէս կառավարական պաշտօնեաներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, դեղագործներ, եւայլն։ [4]

Ուրֆա. գերմանական միսիոնին պատկանող հայկական որբանոցին ջուլհակութեան (ոստայնագործութիւն) աշխատանոցը (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, Oktober 1912, Heft 10, 13. Jahrgang, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Potsdam)

Կօշկակարութիւն

Այնպէս ինչպէս դերձակութեան արհեստը, քաղաքին կօշկակարներն ալ վարժուած են նոյն ժամանակ եւրոպական նորաձեւ եւ տեղական աւանդական ոճերու կօշիկներ պատրաստել։ Պէտք է ըսել որ եւրոպական ձեւի կօշիկները շատ տարածուած են քաղաքի բնակչութեան մէջ։ Ուրֆացին կը սիրէ հագուիլ սեւ ու փայլուն կաշիէ շինուած կօշիկներ։ Տեղական զգեստներ հագուող անձը կը պատահի որ կօշիկին պարագային ընտրութիւնը եւրոպականին երթայ։ Պատկերը սակայն կը փոխուի ամրան եղանակին, երբ ժողովուրդը կը սկսի մուճակ հագուիլ։ Սիրուած են յատկապէս երեսները այծի կաշիէ պատրաստուած կարմիր մուճակները։

Կօշկակարութիւնն ալ Ուրֆայի մէջ յայտնի է իբրեւ հայկական արհեստ։ Թուրք կօշկակարներու փոքր խումբը համախմբուած է էսքիճի պազարին մէջ (հնակարկատներու շուկայ)։ Ուրֆա քաղաքի բոլոր կօշկակարները (նաեւ մուճակագործ) համախումբ 300-է աւելի են։

1895-ի ջարդերէն ետք քաղաքին մէջ հիմնուած ամերիկեան եւ գերմանական որբանոցներու մէջ կը բացուին կօշկակարութեան արհեստանոցներ, ուր հայ որբեր կը սորվին այս արհեստը վարպետ կօշկակարներու հսկողութեան տակ։ [5]

Ուրֆա. ամերիկեան որբանոցին կօշկակարութեան աշխատանոցին մէջ հայ վարպետ-արհեստաւորներ եւ աշկերտներ աշխատանքի ընթացքին (Աղբիւր՝ Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, Պէյրութ, 1955)

1) Ուրֆա. գերմանական միսիոնին պատկանող որբանոցին կօշկակարութեան արհեստանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, November 1908, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Potsdam)
2) Ուրֆա. հայ որբեր գերմանական կամ ամերիկեան որբանցին մէջ կօշկակարութեան արհեստը սորվելու ընթացքին (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes,
Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Կահագործութիւն

Քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի առանձին շուկայ մը, ուր կողք կողքի կը գտնուին կահագործներու խանութներ։ Այստեղ կը պատրաստուին տնական զանազան առարկաներ, աթոռներ, երկրագործական գործիքներ։ Կահագործները մեծամասնութեամբ թուրքեր են։

Քաղաքին գերմանական միսիոնին մէջ երբ կը բացուի կահագործութեան աշխատանոց մը, այստեղ կը սկսին պատրաստուիլ նաեւ հայ կահագործ վարպետներ։ [6] Ամերիկեան միսիոնին մէջ եւս գոյութիւն ունի ատաղձագործական արհեստանոց մը, որուն գլխաւոր վարպետներն են Ֆրանսիզ Նաճարեան, Յակոբ Նաճարեան եւ Մագսուտ Խանպէկլիեան։ Ատաղձագործարանը սկիզբը հիմնուած է ամերիկեան միսիոնին շրջափակին մէջ, բայց երբ գործը մեծ տարողութիւն կը ստանայ, անիկա 1910-էն ետք կը փոխադրուի Սէրային (կառավարատուն) դիմաց՝ Սեւերեկլի Ալիին (քիւրտ երեւելի մը, որ յետագային կ՚անդամակցի իթթիհատ կուսակցութեան) տան դիմաց։ [7]

1) Ուրֆա. գերմանական որբանոցին ատաղձագործութեան արհեստանոցը, ուր հայ որբեր այս արհեստը կը սորվին (Աղբիւր՝ Johannes Lepsius, Jahrbuch der Deutschen Orient-Mission, Berlin, 1903)
2) Ուրֆա. գերմանական որբանոցին ատաղձագործութեան արհեստանոցը։ Պատկերին մէջ կ՚երեւի որբերու ձեռքով կառուցուած փայտեայ մանրանկար տունը (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, 1912, 13. Jahrgang, Heft 1, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Potsdam)

Սանտրագործութիւն

Սանտր պատրաստող արհեստաւորները հայեր են։ [8]

Որմնադրութիւն

Ուրֆայի մէջ վարպետ որմնադիրը նաեւ ճարտարապետի դեր կը խաղայ։ Կը կարծուի որ որմնադրութիւնը շատ հինէն ի վեր իր իւրայատուկ տեղը ունեցած է այս քաղաքին կեանքին մէջ։ Պատճառը շատ հաւանաբար ընտիր քարահանքերու գոյութիւնն է Ուրֆայի մօտակայ տարածքներուն մէջ։ Այսպէս, նշանաւոր են Թօփ Տաղըի, Տամլամաճայի եւ Աբգար թագաւորի լեռներուն մէջ գտնուող քարահանքերը։ Ուրֆայի մէջ կառուցուած բազմաթիւ կամուրջներ, եկեղեցիներ, բաղնիքներ, մզկիթներ, խաներ, հիւանդանոցներ գործերն են տեղական որմնադիրներուն, որոնցմէ շատեր հայեր են։ Տեղացի որմնադիրներու հռչակը քաղաքէն դուրս ալ տարածուած է։ Պատահած է որ ուրֆացի որմնադիրներ հրաւիրուին Հալէպ, Տիարպերքիր, մինչեւ իսկ Պոլիս տեղւոյն վրայ շինութիւններ իրականացնելու համար։ [9]

Ուրֆայի հայ ճարտարապետներէն կը յիշուին՝ Աբրահամ Խէլֆօղլեան (սպաննուած 1895-ին), Ուստա Հայրապետ (սպաննուած 1895-ին), Քէլ Գրիգոր (սպաննուած 1895-ին), Խաչեր Թաշճեան, Գրիգոր Մեսրոպեան (սպաննուած 1915-ին), Վաղարշ Մեսրոպեան (սպաննուած 1915-ին), Հիսա Հիսայեան (սպաննուած 1915-ին), Գէորգ Հիսայեան (սպաննուած 1915-ին), Յակոբ Արծիւեան (սպաննուած 1915-ին), Խաչեր Արապեան, Շմաւոն Թաշճեան, Գէորգ Թօփալեան, Սարգիս Մեսրոպեան, Ճորճ Թօփալեան, Պետրոս Երեմեան։ [10]

19-րդ դարուն ապրած եւ գործած ճարտրապետներէն նշանաւոր են Ուստա Հառապը (Հայրապետ) եւ Գէորգ Տէվրուշօղլին։ Կը պատմուի որ 28 Սեպտեմբեր 1854-ին աննախընթաց փոթորիկ մը կը հարուածէ Ուրֆա քաղաքը։ Հողմին ուժը այնքան զօրաւոր եղած է, որ կարգ մը մինարէներ կը քանդուին, իսկ զանոնք վերաշինող ճարտարապետը կ՚ըլլայ Ուստա Հառապ։ Գէորգ Տէվրուշօղլի եւ Ուստա Հառապ ճարտարապետներն են 1850-ականներու վերջերը կառուցուած Թեքքէ եւ Հերեսէ կոչուող շէնքերուն, որոնք շինուած են Աթպազար կոչուող վայրին մէջ։ Նոյն այս ճարտարապետներն են, որոնք 1864-ին կը վերականգնեն Ուրֆայի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղէղին հետեւանքով քանդուած Հասան Փաշայի մզկիթին մինարէն։ Կը յիշուի նաեւ Գրիգոր Տէվրուշօղլիին անունը, որ ճարտարապետն է 1871-ին կառուցուած հայկական դպրոցին։ Իսկ Գրիգոր Մեսրոպեան եւ հայրը՝ Սարգիս Մեսրոպեան, կը հանդիսանան ճարտարապետները Ուրֆա քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Սուրբ Սարգիս վանքին վերաշինութեան աշխատանքներուն, որոնք ծայր կ՚առնեն 1873-ին։ [11]

Հայ որմնադիրներ հմտացած են նաեւ ջրուղիներ կառուցելու արուեստին մէջ, մանաւանդ որ քաղաքին ջուրը կը մատակարարուի այս ջրուղիներուն ճամբով։ [12]

Ուրֆայի Ս. Աստուածածին տաճարին նորոգութիւնը հայ արհեստաւորներու ձեռքով (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, 0ktober 1900, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Berlin)

Խաղախորդութիւն

Այս մէկը կենդանիներու մորթը մշակելով կաշիի պատրաստութեան արհեստն է։ Այս մարզին մէջ Ուրֆայի աշխատողները առաւելաբար թուրքեր են։ Հայ խաղախորդներ կը յայտնուին աւելի ուշ, երբ գերմանական որբանոցին մէջ (որբանոցը կը գտնուի Միլլէթ խանի մէջ՝ հայերուն պատկանող կալուած մը) այս արհեստը բանեցնող բաժանմունք մը կը բացուի, կը պատրաստուին հայ խաղախորդներ, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը կ՚ունենան ցարդ գործող այս արհեստին մէջ։ [13]

Պղնձագործութիւն

Բարձր զարգացում նուաճած արհեստ մըն է Ուրֆայի մէջ։ Քաղաքին մէջ կը գործեն 180-ի չափ պղնձագործութեան խանութներ, որոնց յաճախորդները, բացի քաղաքացիներէն, ամբողջ գաւառի ժողովուրդն է։ Այս ճիւղին պատկանող ուրֆացի հայ արհեստաւորները կը յատկանշուին պղինձին վրայ կատարուած իրենց նուրբ փորագրութիւններով եւ պղնձեայ արձանիկներու արտադրութեամբ։ Ասոնցմէ է օրինակ ջուրի թասը, որու կեդրոնը ամրացուած է պղնձեայ ձկնիկ մը։ Այս ձեւի թասեր փնտռուած են կայսրութեան զանազան շուկաներուն մէջ։ [14]

Ոսկերչութիւն

Այս արհեստը կը բանեցնեն Ուրֆայի հայերը։ Կան վարպետ ոսկերիչներ, որոնց արտադրած ապարանջանները, օղերը կամ զանազան այլ զարդեղէնները կը վաճառուին նաեւ քաղաքէն դուրս այլ տարածքներու մէջ։ [15]

Գորգագործութիւն

1895-ի հակահայ ջարդերէն մօտ երկու տարի ետք, գերմանական միսիոնը կը հաստատուի Ուրֆայի Միլլէթ խանին մէջ եւ կը զբաղի որբերու հոգածութեամբ։ Այս խանին մէջ է որ գերմանացիները կը հիմնեն գորգի գործարան մը, որ մեծապէս զարկ կու տայ այս արհեստին զարգացումին։ Տնօրէնն է՝ Ֆրանց Էքարթ, գործակից՝ Օրիորդ Փաթրունք, մեքենագէտ՝ Մասասքի, հաշուապահ՝ Հերզինկէր։ Էքարթին եղբայրը՝ Պրունօ, նոյնպէս գործարանի վարիչներէն է։ Գործարանը ճանչցուած է Մասմանա անունով։ Կը գտնուի հայ եւ թուրք թաղամասերուն միջեւ։

Մասմանայի արտադրութիւններէն շատեր գերմանական եւ եւրոպական այլ քաղաքներ կը ղրկուին։ Գործարանին առաջին վարպետները կ՚ըլլան գերմանացիներ, որոնք նախապէս կ՚աշխատէին գերմանական Ֆրիզտորֆ քաղաքին մէջ, Եոհաննէս Լէփսիուսի կողմէ հիմնուած գորգի գործարանին մէջ։ Երբ Լէփսիուս կ՚որոշէ Օսմանեան կայսրութիւն տեղափոխուիլ, այն ատեն գործարանի սարքերը իր հետ կը տեղափոխէ, ինչպէս նաեւ Լէփսիուսի կը միանան Ֆրիզտորֆի մէջ գործող մասնագէտներ, որոնց շարքին Էմմա Կայթնըր (գծագրիչ), Քարլ Վէսթ (մանող եւ ներկարար), Քարլ Օթթօ (մեքենագէտ), Ռիշարտ Շէֆըր (մեքենագէտ)։ Գերմանացի վարպետները կարճ ժամանակ Ուրֆա մնալէ եւ իրենց հմտութիւնը տեղացի հայերուն փոխանցելէ ետք, կը վերադառնան իրենց երկիրը։

Մասմանայի հայ վարպետներուն շարքին նշանաւոր գծագրիչ մըն է Կարապետ Ոսկերիչեան, իսկ Կարապետ եւ Մկրտիչ Քիլէճեանները ներկարարութեան հմուտ մասնագէտներ են։ Գորգագործութեան յայտնի մասնագէտներ են նաեւ՝ Յովհաննէս Թաշճեան, Լեւոն Չամիչեան, Սարգիս Վարդանեան, Զարեհ Որբերեան, Յակոբ Աղկոյենց։ [16]

Մասմանայի գորգերը կը վաճառուին նաեւ եւրոպական շուկաներուն մէջ։ [17]

Ուրֆայի գերմանական որբանոցին հայ որբերուն եւ որբուհիներուն ձեռքով գործուած գորգերու վաճառման ծանուցում Գերմանիոյ մէջ։ Ծանուցումը լոյս տեսած է որբանոցը տնօրինող գերմանական միսիոնին թերթին մէջ, որ լոյս կը տեսնէր Պերլինի, ապա Փոցտամի մէջ (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, Marz-April 1900, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Berlin)

Գերմանական նոյն պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած եւ վաճառման համար դրուած Ուրֆայի հայ որբերուն գործած գորգերէն նմուշներ (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, 1. Jahrgang, 1900, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Berlin / Der Christliche Orient, November/December 1900, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Berlin)

Ուրֆայի գերմանական գորգի գործարանին մէջ հայ կիներ կը ցուցադրեն իրենց գործած գորգերը (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, 14. Jahrgang, 1913, Dezember 11, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Potsdam)

Ասեղնագործութիւն

«Ուրֆայի գործ» անուանումը շատ յայտնի է այս արհեստին մէջ։ Ուրֆացի կիներուն ձեռագործ արտադրութիւնները (թաշկինակ, սեղանի ծածկոց, բարձի երես, զգեստներ, եւայլն) կը կրեն յատուկ դրոշմ մը, ինչ որ դիւրաւ կը զանազանէ զանոնք այլ վայրերու ասեղնագործութիւններէն։ Ուրֆայի մէջ այս ձեւի գործերը կը կոչուին «պուլուխթու» կամ «թաթարի գործ»։ Այս արհեստն ալ մեծ թափ կ՚առնէ 1895-ի ջարդերէն ետք, երբ Ուրֆա հաստատուած յատկապէս միսիոնարական հաստատութիւններ իրենց որբանոցներուն մէջ կը սկսին ասեղնագործութիւն դասաւանդել որբացած աղջիկներուն։ [18]

Ասեղնագործութեան արհեստանոցը կը հաստատուի 1896-ին, ամերիկեան որբանոցին մէջ (քաղաքին արեւմուտքը), Քորիննա Շաթթըքի (ժողովուրդին մէջ ծանօթ Միս Շաթթըք անունով) նախաձեռնութեամբ։ Ժողովուրդին կողմէ աւելի շատ ծանօթ էր «նշխին տուն» անունով։ Այստեղ ուսուցչութեան պաշտօն կը վարեն ձեռագործի վարպետուհիներ՝ Շահմէլ Գալայճեան, Խորոզենց Խանըմ, վարպետ Հոռոմ, վարպետ Եւա եւ Հազարվարդ Թաշճեան։ Բացի այս անուններէն, վարպետ ասեղնագործներուն շարքին կը յիշուին նաեւ այլ անուններ. Մարիամ Ծառուկեան, Լուսիա Գըվըրեան, Եւա Ալահայտօյեան, Եղսա Արիստակէսեան, Խաթուն Ժամկոչեան, Գուտցի Աղասեան, Հայկուհի Կարոյեան, Լուսիա Քիւփէլեան, Խաթուն Գորգիկեան։

Միս Շաթթըքի ասեղնագործութեան արհեստանոցը սկիզբը կը հաստատուի Սաղաթելենց թաղին մէջ, ապա կը տեղափոխուի ժողովարանին մօտակայ Շաղօղլոնց տունը։ Այս արհեստանոցին համար աշխատող կիներուն թիւը կը հասնի մինչեւ հազարի։ Ուրֆայի արհեստանոցին յաջողութիւնը այնքան կարեւոր էր, որ Միս Շաթթըք մասնաճիւղ մըն ալ կը բանայ քաղաքին մօտակայ Կարմուճ գիւղին մէջ եւ մասնաճիւղին տնօրէնութիւնը կը յանձնուի Եւա Ալահայտոյեանի։ Նմանօրինակ այլ մասնաճիւղեր կը բացուին նաեւ Ուրֆայի շրջանէն դուրս, ինչպէս Պէրէճիկ, Սեւերեկ, Ատիեաման, Մարաշ։ [19]

Ուրֆայի ասեղնագործութիւնները կը վաճառուին նաեւ եւրոպական շուկաներուն մէջ։ [20]

Ուրֆայի մէջ հայ կիներ եւ աղջիկներ ասեղնագործելու ընթացքին (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Երկաթագործութիւն

Ուրֆայի մէջ կան մօտաւորապէս 200 երկաթագործներ, որոնք հայեր են։ Քաղաքին մէջ ունին իրենց առանձին շուկան, ուր կը պատրաստեն մանաւանդ երկրագործական կամ շինարարական գործիքներ, ինչպէս արօր, բահ, բրիչ, եւայլն։ Ամերիկեան որբանցին մէջ կը հաստատուի երկաթագործութեան արհեստանոց մը, ուր հայ որբեր այս արհեստը կը սորվին վարպետ երկաթագործներու ձեռքին տակ։ [21]

Ուրֆայի գերմանական որբանոցին դերձակութեան աշխատանոցը, ուր հայ որբուհիներ կը սորվին այս արհեստը (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, März 1909, X., Heft 3., Verlag der Deutschen Orient-Mission, Potsdam)

Պայտարութիւն

Պայտարներ (նալպանտ) շատ կան Ուրֆայի մէջ, նկատի ունենալով որ քաղաքը շրջապատուած է բազմաթիւ գիւղերով, ինչպէս նաեւ անիկա վաճառաշահ կեդրոն մըն է, կարաւաններու անցման կէտ։ Ահաւասիկ պատճառներ, որոնք ձին եւ ջորին կը դարձնեն մեծապէս գործածական՝ բեռներ փոխադրելու համար։ Ուրֆացի պայտարներ ամէն գարնան իրենք կը շրջին մօտակայ գիւղերը եւ իրենց ծառայութիւնը կ՚առաջարկեն գիւղացիներուն կենդանիները պայտելու։

Ուրֆայի յայտնի պայտարներէն են Եօթնեղբայրեան եղբայրները, որոնց արհեստանոցը կը գտնուի Նալպնտոնց խանին մէջ, որ հայկական թաղամասէն դուրս կը գտնուի։ Այս խանը միշտ լեցուն կ՚ըլլայ ձիաւոր ճամբորդներով կամ կարաւաններով։ Ինչպէս Եօթնեղբայրեաններու օրինակը ցոյց կու տայ, պայտարութիւն ընող արհեստաւորը յաճախ նաեւ կ՚ըլլայ զինագործ եւ անասնաբուժ։ Գիտենք նաեւ որ պայտարութիւն ընելու համար Եօթնեղբայրեան պայտարներէն ոմանք տարուան մեծ մասը կը բացակային Ուրֆայէն եւ իբրեւ պայտար կը շրջագային քաղաքին շրջակայ քիւրտ եւ արաբ ցեղախումբերուն մէջ։ [22]

Ջորեպանութիւն

Կարմուճ գիւղին մէջ տարածուած է ջորեպանութիւնը։ Այստեղ կայ մօտ 500 բեռ կրող կենդանի։ Վաճառականներ յաճախ կարմուճցի ջորեպաններու կը վստահին իրենց ապրանքներուն փոխադրութիւնը մինչեւ Հալէպ եւ Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ։ Կարմուճի գիւղացիները իրենք ալ կը զբաղին վաճառականութեամբ։ Սովորութիւն է որ մեծ պահքէն ետք եւ երեք ամիս շարունակ անոնք իրենց ջորիներուն վրայ ապրանքներ (պլղուր, ծեծած, չամիչ, պասթեղ) բեռցնեն եւ ուղղուին շրջակայ քրտական եւ արաբական ցեղախումբերուն քով։ Այստեղ ապրանքը կը փոխանակուի յատկապէս կենդանիի իւղի, բուրդի եւ պանիրի դէմ։ [23]

Ջաղացպանութիւն

Ուրֆայի ջաղացքները կը գտնուին քաղաքէն դուրս յատկապէս Պուլունդի կոչուող վայրին մէջ։ Ջաղացպաններուն շարքին շատեր Սասունի կողմերէն գաղթած հայեր են։ Բացի ջուրով բանող ջաղացքներէն, կան նաեւ աղօրիքի տեսակներ, որոնք կը բանին յատկապէս ջորիներու ուժով։ 1908-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սահմանադրական կարգերուն վերահաստատումէն ետք, Ուրֆայի մէջ կարգ մը հայեր ներդրումներ կը սկսին կատարել այս մարզէն ներս եւ՝ ալիւրը աղալ շոքեշարժ (կազով բանող) մեքենաներու միջոցով։ Այս ձեւի արդի ջաղացքներ ունին Քիւլահեան եւ Ֆալապաշեան ընտանիքները։ [24]

Կարմուճ գիւղին մէջ եւս ջաղացպանները ընդհանրապէս սասունցիներ են։ [25]

Կլայագործութիւն

Կլայագործներէն շատեր հայեր են։ Թէեւ անոնք իրենց խանութները ունին քաղաքին մէջ, բայց տարուայ զանազան եղանակներուն կը շրջագային դրացի գիւղերը եւ իրենց ծառայութիւնը կ՚առաջարկեն գիւղացիներուն պղնձեայ առարկաները կլայելու։ [26]

Հացագործութիւն

Ուրֆացիներուն մեծ մասը իր հանապազօրեայ հացը (թոնտըրի հաց եւ պետինքէշ) կ՚եփէ տուներուն մէջ հաստատուած թոնիրներուն մէջ։ Բացի ասկէ, շուկային մէջ, ինչպէս կարգ մը թաղերու մէջ կան առանձին փուռեր, որոնցմէ շատեր կը պատկանին Սասունի կողմերէն գաղթած հայերու։ [27]

Քէպապճիութիւն

Ուրֆայի հայերուն մօտ նշանաւոր է սմբուկով խորովածը (պատինճանով քէպապ), որուն համադամները կարելի է գտնել քաղաքի քէպապճիներուն քով։ Խորովածի խանութները կը պատկանին հայերու եւ թուրքերու։ [28]

Մսավաճառութիւն

Քաղաքին մէջ կան թուրք եւ հայ մսավաճառներ։ Թուրքերուն քով աւելի շատ տարածուած է կովու եւ ուղտի միսի վաճառքը, մինչ հայերուն քով՝ ոչխարինն ու այծինը։ [29]

Ուրֆա. ամերիկացի միսիոնարուհի Քորիննա Շաթթըք կը նախագահէ 1895-ի հակահայ կոտորածէն ետք հիմնուած նպաստաբաշխ մարմինը։ Ձախէն աջ՝ անծանօթ, Գէորգ Սեւերէկլեան, Յովհաննէս Ոսկերիչեան, Յովհաննէս Ճէրէտեան, Քորիննա Շաթթըք, Գէորգ Րումեան, Աղաճան Տէր Պետրոսեան, Կարապետ Իմիրզեան, Յարութիւն Քաղթացեան (Աղբիւր՝ Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, Պէյրութ, 1955)

Նպարավաճառութիւն

Ուրֆայի մէջ կարելի է գտնել թուրքի, հայու, քիւրտի, հրեայի կամ ասորիի պատկանող նպարավաճառի խանութներ։ Կը պատահի որ այս գործը կատարուի նաեւ երկու նպարավաճառներու միջեւ գործակցաբար։ [30]

Աթթարութիւն

Աթթարները համեմունք եւ դեղաբոյսեր վաճառող խանութպաններ են։ Ուրֆայի մէջ կան հայ, թուրք եւ հրեայ աթթարներ։ Իրենց արհեստին մէջ այնքան հմտացած են, որ աթթարները փաստօրէն քաղաքին մէջ կը կատարեն նաեւ դեղագործի դերը։ Անոնք գիտեն պատրաստել զանազան բոյսերու միջոցաւ դեղեր, որոնք գործածական են մանաւանդ տեղական ժողովրդային բժշկութեան մէջ։ [31]

Ուրֆայի մէջ յայտնի աթթարներ են. Աթթար Սարգիս, Յարութիւն եւ Նազարէթ Գէւոճանեան, Սարգիս Գազանճեան, Կիրակոս Դերձակեան, Սարգիս Պէրպէրեան, Յովհաննէս Տատանեան։ [32]

Աթթարներուն կողքին Ուրֆայի մէջ կան նաեւ վկայեալ դեղագործներ. Աբրահամ Աթթարեան (սպաննուած 1915-ին), Յակոբ Սարիկեան (սպաննուած 1915-ին), Սարգիս Ճէրահեան (սպաննուած 1915-ին), Կիրակոս Քէօսէեան (սպաննուած 1915-ին), Մելքոն Գապպէնճեան (սպաննուած 1915-ին), Յարութիւն Աբրահամեան (սպաննուած 1915-ին), Սողոմոն Արեւեան։ [33]

Վաճառականութիւն

Քաղաքին մէջ յայտնի վաճառատեղիներ են Կէօմրիւք խանը, Պէտէսթէնը եւ Թերզի պազարը, որոնք երեքն ալ յարակից են։ Ուրֆայի մէջ մեծաքանակ առուծախի առարկայ են կերպասեղէնը, հացահատիկը, իւղը, բուրդը, կաշին։ Հայերը կարեւորագոյն տեղը ունին Ուրֆայի վաճառականութեան մէջ։ Կան վաճառականական տուներ, ուր հայ եւ թուրք առեւտրականներ գործակացաբար կ՚աշխատին։ Քաղաքին մէջ կան նաեւ հրեայ վաճառականներ։ Հայ վաճառականներէն ոմանք իրենց մասնաճիւղը ունին Հալէպի մէջ, որ Ուրֆայի հետ առեւտուրի կարեւորագոյն կէտերէն է։ [34]

Ուրֆայի շրջակայ գիւղերը կը հանդիսանան քաղաքի վաճառականներուն համար հում նիւթի ձեռք բերման կարեւորագոյն վայրերը։ Այստեղէն է օրինակ որ վաճառականը կը գնէ իր հացահատիկը (ցորեն, գարի, շուշմայ), բուրդը, իւղը, մատուտակ/մատակը (liquorice), չամիչը, սիսեռը, մորթը, որոնք կը հանդիսանան նաեւ Ուրֆայի գլխաւոր արտածումները։ Սովորութիւն է, որ գիւղացի մատակարարը երբ ապրանքը վաճառելու համար քաղաք գայ, ուրֆացի վաճառականը զայն առաջնորդէ իր տունը, հիւրընկալէ, յաճախ նաեւ գիշերելու հրաւիրէ։ Այս գործելաձեւը նկատելի է հայ վաճառականներուն քով։ Անոնք փաստօրէն օրթախութիւններ (գործակցութիւն) ստեղծած են թուրք, քիւրտ կամ հայ գիւղացիներու հետ։ Եթէ պէտք է ըլլայ, հայ վաճառականը իր «օրթախ» գիւղացիին կը հայթայթէ դրամագլուխ, ոչխար, լծկան կենդանիներ, սերմնցու։ Մէկ խօսքով, այսպիսի օգնութիւններ մաս կը կազմեն վաճառականին գործունէութեան։ [35]

1) Քորինա Շաթթըք (լուսանկարին կեդրոնը, գրելու պահուն) կը վարձատրէ ասեղնագործութեան արհեստանոցին համար աշխատող հայ կիներն ու աղջիկները։ Արհեստանոցը հիմնուած էր ամերիկացի միսիոնարուհիին կողմէ՝ 1895-ի ջարդերէն որբացած կամ այրիացած հայ կիներուն եւ աղջիկներուն եկամուտի աղբիւր մը ապահովելու նպատակով (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)
2) Գերմանական միսիոնին հիւսնութեան արհեստանոցը։ Կեդրոնը (առաջին շարք, սեղանին աջին)՝ Գրիգոր Թաշճեան (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Ուրֆայի յայտնի հայ վաճառականներէն են.

Նշան եւ Աղաճան Տէր Պետրոսեան եղբայրները. անոնք կը ներածեն կերպասեղէն, մետաքսեղէն, չուխա, եւ մանիֆաթուրա (հիւսուածեղէն), իսկ կ՚արտածեն բուրդ, իւղ, ոչխար, շուշմայ, արմտիք, մորթ։

Կարապետ եւ Յովհաննէս Իմիրզեան եղբայրները. կը ներածեն հիւսուածեղէն եւ կ՚արտածեն բուրդ, ոչխար, իւղ, շուշմայ։

Մկրտիչ, Յովակիմ եւ Նազարէթ Չալեան եղբայրները. կը ներածեն հիւսուածեղէն, կ՚արտածեն իւղ, ոչխար, բուրդ, արմտիք։

Նազարէթ եւ Յակոբ Քիւլահեան. կը ներածեն կերպասեղէն, մետաքսեղէն, չուխա, կ՚արտածեն բուրդ, ոչխար, շուշմայ, իւղ։

Հալաճեան եղբայրները. կը ներածեն կերպասեղէն։

Խաչեր Պէրէճիկլեան. կը ներածէ մանած, պղինձ, անագ եւ հիւսուածեղէն։

Մարգար Պէրէճիկլեան. կը ներածէ ապակեղէն եւ ատաղձ։

Յարութիւն Քէքլիկեան. կը ներածէ հիւսուածեղէն եւ մորթեղէն։

Դաւիթ եւ Յովհաննէս Մելքոնեան եղբայրները. կը ներածեն հիւսուածեղէն։

Թորոս Քէթէնճեան. կը ներածէ կերպասեղէն, կ՚արտածէ ոչխար, արմտիք, իւղ։

Կարապետ եւ Մկրտիչ Գարագաշեան եղբայրները. կը ներածեն մանած եւ հիւսուածեղէն, կ՚արտածեն արմտիք եւ բուրդ։

Նազարէթ Շամլեան եւ եղբայրները. հիւսուածեղէն ներածող։

Յարութիւն Չէրքեզեան. կը ներածէ սուրճ, շաքար, օճառ եւ համեմունք։

Յովհաննէս Գարագաշեան. կը զբաղի ոսկեղէնի առեւտուրով։

Ներսէս Գարագաշեան. ոսկեղէնի առեւտրական։

Շիշոյեան եղբայրները. կ՚արտածեն ոչխար եւ ոչխարի մորթ։

Յովհաննէս Ճանոյեան. կ՚արտածէ բուրդ եւ իւղ։

Գէորգ Մոմճեան եւ Յարութիւն Եաղճեան. կ՚արտածեն մորթ եւ իւղ։

Կարապետ Եաղճեան. կը ներածէ երկաթեղէն։

Տիգրան Թիւֆէնկճեան. կը ներածէ կաշեղէն։

Մարաշլեան եղբայրները. կ՚արտածեն կտաւ եւ պասմա։

Կարապետ Բրուտեան. կը ներածէ մանած եւ անագ, կ՚արտածէ իւղ, շուշմայ։

Յովհաննէս Թափթափեան. կը ներածէ երկաթ եւ պղինձ։

Հապիպ Տապպաղեան. կը ներածէ երկաթ, ներկ եւ պղինձ։

Յովհաննէս Քիլէճեան եւ Յակոբ Թաթարեան. կը զբաղին կերպասեղէնի առեւտուրով։

Եզեկէլ Ունճեան. կը ներածէ կերպասեղէն։

Թորոս եւ Մկրտիչ Թուլուղեան եղբայրները. կը զբաղին հիւսուածեղէնի եւ արմտիքի առեւտուրով։

Մկրտիչ Կէնճ Վանէսեան. հիւսուածեղէն ներածող։

Գէորգ Քէօսէեան. հիւսուածեղէն ներածող։

Աղեքսանդր Քաղթացեան. հիւսուածեղէնի վաճառական։

Պօղոս Արզուհալճեան. հիւսուածեղէնի վաճառական։

Պասմայագործ Առաքել Միսիրեան աշխատանքի ընթացքին (Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, Պէյրութ, 1955)

Հագուստի վաճառականներ են. Մկրտիչ Պէրէճիկլեան, Յակոբ Թաթարեան, Յովհաննէս Գնաճեան, Աբրահամ Գալէմքերեան եւ Յակոբ Սբէնճեան (խանութնին կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին կից), Կարապետ Պագգալեան (խանութը կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մօտերը), Գրիգոր Պիւլպիւլեան (խանութը կը գտնուի Պուչաքճի մէյտանի վրայ), Պօղոս Ճէրահեան (խանութը կը գտնուի Պուչաքճի մէյտան թաղամասին մէջ), Յակոբ Սանոսեան (խանութը կը գտնուի Մասմանայի թաղամասին մէջ), Յակոբ Չէնկէեան (խանութը կը գտնուի Չէնկենց թաղին մէջ), Յովհաննէս Տէր Հայրապետեան (խանութը կը գտնուի գըզըլճամիի-կարմիր մզկիթի թաղը)։

Առտնին գործածութեան եւրոպական ապրանքներու ներածողներ. Նազարէթ Շահինեան, Սարգիս Գազանճեան, Դանիէլ Աթթարեան, Մաղաք Աթթարեան, Աւետիս Մուղալեան, Կարապետ Երկայնեան, Յարութիւն Քիլէճեան, Մաթոս Մաթոսեան, Սարգիս Թաշճեան։ [36]

Ոչ-հայ վաճառականներէն կը յիշուին Հապիպ Տապպաղը, որ կը ներածէ երկաթեղէն, կ՚արտածէ կենդանիի աղիքներ, Տաւուտ Տէյան, որ կ՚արտածէ բուրդ եւ շուշմայ, Սապպաղ եղբայրները եւ Շամա եղբայրները, որոնք նոյնպէս կ՚արտածեն բուրդ եւ շուշմայ, Հինտիյէ եղբայրները, որոնք կը ներածեն մանած եւ կ՚արտածեն բուրդ, Նէպօզատէ Հաճի Իմամ էֆենտի, որ կը ներածէ օճառ, շաքար, կարտածէ իւղ եւ շուշմայ, Հաճի Գարալօք, որ կ՚արտածէ իւղ, Մխայէլ Ապաճի, որ կ՚արտածէ բուրդ, շուշմայ, Հաճի Ճիւմա Զատէ էֆենտի, որ կ՚արտածէ իւղ եւ շուշմայ, Հաճի Էօմէր Գասապ էֆենտի, որ կը ներածէ օճառ, շաքար եւ սուրճ, Հաճի Համզա Թիւթիւնճի էֆենտի, որ կը ներածէ հիւսուածեղէն, Ռուստէմ Նէպէկլի, որ կը ներածէ քարիւղ։ [37]

Ուրֆայի մէջ հայ երեւելիներու խմբանկար (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, Mai 1904, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Berlin)

  • [1] Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, հրատ. Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան, Պէյրութ, 1955, էջ 601-602։
  • [2] Նոյն, էջ 666։
  • [3] Նոյն, էջ 602-603։
  • [4] Նոյն, էջ 603։
  • [5] Նոյն, էջ 461-464, 497, 603-604։
  • [6] Նոյն, էջ 604։
  • [7] Նոյն, էջ 464-465, 853; Wadie Jwaideh, Kurdish National Movement: Its Origins and Development, Syracuse University Press, Syracuse, New York, 2006, էջ 136.
  • [8] Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, էջ 604։
  • [9] Նոյն, էջ 605-606։
  • [10] Նոյն, էջ 739։
  • [11] Նոյն, էջ 193, 198, 201, 218, 227։
  • [12] Նոյն, էջ 252-253։
  • [13] Նոյն, էջ 495, 606։
  • [14] Նոյն, էջ 606-607։
  • [15] Նոյն, էջ 607։
  • [16] Նոյն, էջ 499-503, 607։
  • [17] Բիւրակն, ԻԵ. տարի, Բ. շրջան, թիւ 9-10, 27 Յունուար 1907, Պոլիս, էջ 239։
  • [18] Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, էջ 459, 607։
  • [19] Նոյն, էջ 451, 455-461։
  • [20] Բիւրակն, ԻԵ. տարի, Բ. շրջան, թիւ 9-10, 27 Յունուար 1907, Պոլիս, էջ 239։
  • [21] Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, էջ 607։
  • [22] Նոյն, էջ 607, 992-994։
  • [23] Նոյն, էջ 667։
  • [24] Նոյն, էջ 608-609։
  • [25] Նոյն, էջ 668։
  • [26] Նոյն, էջ 609։
  • [27] Նոյն։
  • [28] Նոյն։
  • [29] Նոյն, էջ 610։
  • [30] Նոյն, էջ 609։
  • [31] Նոյն, էջ 610։
  • [32] Նոյն, էջ 732։
  • [33] Նոյն, էջ 738։
  • [34] Նոյն, էջ 610; Բիւրակն, ԻԶ տարի, Գ. շրջան, 5 Յուլիս 1908, թիւ 28, Պոլիս, էջ 888։
  • [35] Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, էջ 729; Բիւրակն շաբաթաթերթ, ԻԶ տարի, Գ. շրջան, թիւ 23, 31 Մայիս 1908, Պոլիս էջ 730։
  • [36] Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, էջ 729-732; Բիւրակն, ԻԶ տարի, 5 Յուլիս 1908, թիւ 28, Պոլիս, էջ 888-889։
  • [37] Բիւրակն, ԻԶ տարի, 5 Յուլիս 1908, նոյն։