Պետրոս Ալահայտոյեան հծոյ 1 | Ուրֆա

Յարութ Պարթանեան (Չուալ-Երթանեան)

Այս էջով ներկայացուած բոլոր երգերն ու պարեղանակները հաւաքուած եւ ձայնագրուած են երաժշտագէտ-երգահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեանի կողմէ։ 1980-ականներէն սկսեալ ան շրջած է տարբեր երկիրներու հայաշատ քաղաքները, հանդիպումներ ունեցած է Ցեղասպանութեան վերապրած հայերու հետ եւ անոնցմէ հաւաքած՝ իրենց հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն ժառանգ մնացած երգեր եւ յուշեր։

Այս էջերուն խմբագրութիւնը եւ երգերուն նօթագրութիւնն ու թուայնացումը գործն է Դոկտ. Ծովիկ Մարգարեանի։

1990-ի սկիզբները ուտ նուագող եւ երգասաց ուրֆացի Յարութ Պարթանեան (1934-2015) եւ Պետրոս Ալահայտոյեան կը հանդիպին Ալահայտոյեաններու Կլէնտէյլի բնակարանը, Քալիֆորնիա։

Այս հանդիպման ընթացքին, Պրն. Պարթանեան կը ներկայացնէ տասներկու երգեր որոնք սորված էր իր նախնիներէն, բնիկ ուրֆացիներէ, յատկապէս իր մեծ մօրմէն։

Յարութ Պարթանեանի հակիրճ կենսագրականը

Գրեց՝ Կարպիս Պարթանեան

Ահաւասիկ մի քանի էջ մեր հօր կեանքէն։ Յարութիւն (Յարութ) Չուալ Եարթանեանը կամ, ինչպէս ԱՄՆ գալէ ետք պիտի կոչուէր, Պարթանեանը, ծնած էր 6 մարտ 1934-ին։

Իր ծնողները՝ Յակոբը եւ Մարին, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներ էին։ Երկուքն ալ ուրֆացի էին. զիրար գտեր էին տարագրութեան ճամբուն երկար օրեր անապատները կտրելէ ետք, ամուսնացած էին ու հաստատուած Այն էլ Արաբ (Սուրիա)։

Յարութիւնին (Յարութ) ծնունդէն առաջ Մարին ծնած էր միաձուանի երկուորեակներ, որոնք սակայն դժբախտաբար չէին ապրած։ Անոնց մահէն տարի մը ետք ծնողները որոշած էին նորէն փորձել զաւակ ունենալ, եւ Մարին ծնած էր երկուորեակ մանչեր՝ Կարօն եւ Յարութը (փաղաքշական անունը՝ «Արշակ»)։

Հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը. երկուորեակները յար եւ նման էին։ Զանոնք իրարմէ զանազանելու համար ծնողները Յարութին ականջը ծակեր էին։ Տարիներ շարունակ վերջինիս զաւակները կատակներով պիտի քաշքշէին զինք ասոր համար։

Երբ Յարութը հինգ տարեկան էր, դժբախտութիւնը նորէն պիտի զարնէր անոր ընտանիքին դուռը։ Յարութին հայրը պիտի մահանար հիւանդութեան հետեւանքով։ Իր երիտասարդ ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար Մարին, որ մինչ այդ սովորական տանտիկին մըն էր, պիտի ստիպուէր նիւթական ապահովելու գործին լծուելու։

Երբ Յարութը հինգ տարեկան էր, դժբախտութիւնը նորէն պիտի զարնէր անոր ընտանիքին դուռը։ Յարութին հայրը պիտի մահանար հիւանդութեան հետեւանքով։ Իր երիտասարդ ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար Մարին, որ մինչ այդ սովորական տանտիկին մըն էր, պիտի ստիպուէր նիւթական ապահովելու գործին լծուելու։ 

Ան կը սկսի հոն ապրող հարուստ ֆրանսուհիի մը առտնին գործերը ընել՝ ձեռքով լուացք ընել եւ չոքեչոք տախտակ շփել ու յատակ լուալ։ Մարիին զաւակները վկան էին այս բոլորին. անոնք իրենց մատաղ տարիքին կը տեսնէին կեանքի դժուարութիւնները եւ իրենց սիրասուն մօր նուիրուածութիւնը։

Այսօրուընէ տարիներ առաջ իր թոռնուհիներէն մէկուն Յարութը պատմած է.

«Ութ տարեկան էի. հինգ տարեկանէս արդէն յայտնի էր, որ շատ լաւ ձայն ունէի։ Մեծ մօրմէս երգեր կը սորվէի եւ կ’երգէի։ Մեր տան ետեւի բակին մէջ թզենի ունէինք։ Կը մագլցէի այդ ծառը, ճիւղի մը վրայ կը նստէի եւ կ’երգէի։ Դրացուհիները մտիկ կ’ընէին երգելս, յետոյ կու գային մօրս տուն եւ անոր կ’ըսէին. «Մարի՛, ձգէ՛ որ տղադ մեզի համար երգէ»։ Անոնք նաեւ ինծի դրամ կու տային. գլուխիս  թիթեղէ տուփ մը կը դնէի որ մինչեւ աչքերս կը հասնէր, ձեռքիս աւել մը կ’առնէի, զայն կը բռնէի կարծես ուտ նուագէի եւ կ’երգէի։

«Այդ օրերուն քսանհինգամեայ Գրիգոր Ստամպուլեանը, որ ամեն կիրակի եկեղեցի կ’երթար, լսեր էր ութ տարեկան հասակիս լաւ ձայն ունենալուս մասին, կու գար զիս եկեղեցի կը տանէր։ Մայրս անոր կը հարցնէր. «Ո՞ւր կը տանիս կոր տղաս. ինչո՞ւ պէտք է եկեղեցի երթայ»։ Գրիգորը կը պատասխանէր. «Այս պատանիին ձայնը եկեղեցիին համար է» եւ կը պատմէր որ ձայնս քաղցրութիւն պիտի բերէր եկեղեցիին, եւ որ պէտք էր ամեն կիրակի երգէի եկեղեցիին մէջ»։

Կարօն՝ Յարութին զոյգ եղբայրը, ծանր հիւանդացեր էր։ Ամենէն մօտ գտնուող բժիշկը Հալէպ կ’ապրէր՝ հարիւր մղոն հեռու, ամիսը անգամ մը միայն գիւղ կու գար։ Դեղեր չկային։ Այսպիսով 11 տարեկանին Կարօն պիտի մահանար։ Վեց տարի առաջ հայրը կորսնցուցած Յարութին վրայ իր երկուորեակին մահը շատ ծանր պիտի ազդէր եւ ամբողջ կեանքին վրայ հետք պիտի ձգէր։

Տրուած ըլլալով որ նիւթականի առումով հեռանկարներ չկային, Մարին կ’որոշէ իր զաւկին եւ քրոջը ընտանիքին հետ փոխադրուիլ Հալէպ։

Փոքրիկ Յարութին համար շատ դժուար էր տեսնելը թէ մայրը որքան կը չարչարուէր իրենց երկուքին դժուար ապրուստը հայթայթելու համար։ Եւ օր մը, երբ Մարին գործէն կը վերադառնայ, Յարութը մօրը կ’ըսէ. «Այլեւս դուն երբեք ուրիշներուն տունը տախտակ պիտի չշփես, գետին պիտի չմաքրես, եւ ուրիշներու հագուստները պիտի չլուաս։ Այս տան այրը ե՛ս եմ, ե՛ս պիտի աշխատիմ, ե՛ս պիտի մեր ապրուստը հոգամ։»

Յարութը 12 տարեկան էր միայն։

Եւ իր խօսքին հաւատարիմ՝ Յարութը կը դառնայ սափրիչի աշկերտ եւ այդ աշխատանքով կ’ապահովէ իր ընտանիքին ապրուստը։

Մինչ այդ, 8 տարեկանէն արդէն շատ պարզ էր, որ տղան տարուած էր երաժշտութեամբ։ Մարին անընդհատ էր որ իր դրացիներուն կանչերը կը լսէր, որ արտօնէր տղուն երթալ եւ մեծ մօրմէն սորված երգերը երգել անոնց տուներուն մէջ։

Հալէպ փոխադրուելէն ետք, երբ Յարութը 12 տարեկան էր, Մարին անոր կը փոխանցէ հօրմէն մնացած միակ ժառանգութիւնը՝ հօր ոսկեայ ժամացոյցը։

Ահա այն մղումը, որ պիտի շարժումի մէջ դնէր Յարութին յառաջիկայ 70 տարիներու կեանքին ընթացքը։ Ժամացոյցը մօրմէն ստանալէն ետք, Յարութը կ’որոշէ երթալ ամենամօտիկ երաժշտական խանութը, ուր արդէն նկատած էր իր միւս սիրոյն՝ ուտ գործիքի մը գոյութիւնը։ Ամեն օր սափրիչանոց իր գործին գացած ու եկած ճամբուն վրայ կը նայէր պատէն կախուած գործիքին։ Եւ այդ օրը, իր քրտնած ափին մէջ պահած ոսկեայ ժամացոյցը, ցուցափեղկին առջեւ կեցած, վերջապէս կը զգայ որ այս անգամ քաջութիւնը կը բաւէ որ մտնէ եւ տիրոջը հարցնէ գործիքին գինը։ 12 ոսկի կ’արժէր ուտը։ Յարութը կ’երթայ ամենամօտիկ ոսկերիչին քով եւ կը ծախէ հօրը ժամացոյցը 12 ոսկիի։ Եւ ոգեւորուած 12-ամեայ պատանին գործիքը սեղմած կը վազէ տուն՝ անհամբեր իր երկչոտ մատներուն տակ զգալու արքայական նուագարանին լարերը։

1) Յարութ Պարթանեան շատ հաւանաբար Լիբանանի մէջ 1960-ականներուն (Աղբիւր՝ Պարթանեան ընտանիքի հաւաքածոյ)։
2) Յարութ Պարթանեան լուսանկարուած լիբանանեան պատկերասփիւռի
Սթիւտիօ ալ-ֆան երգային մրցանքին մասնակցութեան պահուն (Աղբիւր՝ Պարթանեան ընտանիքի հաւաքածոյ)։

19 տարեկանին Յարութը արդէն լսումներ կ’անցնէր եւ ապա գործի կ’ընդունուէր Հալէպի պետական ռադիոկայան, ուր պիտի նուագակցէր այդ օրերու հռչակաւոր արաբ դասական կատարողներուն։

26 տարեկանին Յարութը կ’որոշէ մօր եւ մօրաքրոջ հետ փոխադրուիլ Պէյրութ (Լիբանան), արհեստավարժ երգիչի իր ասպարէզը կերտելու համար։ Կը շարունակէ սակայն իր եւ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովել սափրիչի աշխատանքով։

Լիբանան փոխադրուելէ քիչ ժամանակ անց, օր մը, երբ կ’ուղղուէր դէպի իր սափրիչանոցը, Յարութին դիմաց գետին կ’իյնայ քնքուշ վարդ մը։ Կանգ կ’առնէ ան, կը ծռի, կ’առնէ վարդը որ տայ տիրոջը, հայեացքը կը բարձրացնէ եւ քարացած կը մնայ։ Յարութը անթարթ կը նայէր իրեն ժպտացող կապոյտ-կանաչ աչքերուն եւ կը տեսնէր իր ամբողջ ապագայ կեանքը մեր անուշ մօր՝ Հռիփսիմէ Գէորգեանի աչքերուն մէջ…

1966-ին առաջին անգամ ըլլալով Յարութը կը մասնակցի համալիբանանեան «Սթիւտիօ էլ-ֆանն» հեռատեսիլային մրցոյթին։ 500 մասնակից երգ-երաժշտութեան տարբեր անուանակարգերու մէջ կը մրցէին. արաբերէնով։ Նախնական ընտրութեան բազում փուլերը յաղթահարելէ ետք Յարութը եւ չորս այլ մասնակից կը հասնին եզրափակիչին։ Միակ հայ, հետեւաբար ոչ արաբ մասնակիցը ըլլալով, ուտ նուագելով ու երգելով, Յարութը կը յաջողի առաջին տեղը գրաւել եւ շահիլ առաջին մրցանակը այս հեղինակաւոր մրցոյթին, որ հեռատեսիլով կը սփռուէր ամբողջ արաբախօս աշխարհին մէջ։ 

Տխուր անակնկալ մը կը սպասէր իրեն, սակայն։ Փոխանակ արժանանալու հայ համայնքին դրուատանքին, ուղիղ սփռուող այս հեռատեսիլային հաղորդումին ընթացքին Յարութը կը կանչուի կազմակերպիչներուն քով, եւ վերջիններս կը հարցնեն իրեն «դուն իսկապէս հա՞յ ես»։ Ըստ երեւոյթին հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ, եւ 1960-ականներուն հայ համայնքը մեծ թիւ կը կազմէր, հեռաձայներ էին, կասկածի տակ դրած էին Յարութին հայ ըլլալը, եւ պահանջեր էին, որ կազմակերպիչները ներողութիւն խնդրէին հայերէն «արաբ արուեստագէտ» մը իբրեւ հայ ներկայացնելու համար։

Հեռատեսիլի կայանին եւ այդ հաղորդումին պատասխանատուները վստահեցնելէ ետք թէ ինքը «եօթը պորտ» զտարիւն հայ է, եւ այս թիւրիմացութիւնը մէկանգամընդմիշտ փարատելու նպատակով, Յարութը կազմակերպիչներուն կ’առաջարկէ իրեն արտօնել հաղորդումին աւարտին ուղիղ եթերով հայերէն երգ մը երգել։ Այս առաջարկը բազմաճիւղ լուծում մըն էր, որ քիչ մըն ալ կը մտահոգէր կազմակերպիչները, բայց անոնք կը համաձայնին։ Եւ բոլորը կ’ապշին, երբ Յարութը կը սկսի երգելու «Բարձր սարեր»-ը՝ Սարոյի դերերգը «Անուշ» օփերայէն։

Հեռատեսիլի կայանին եւ այդ հաղորդումին պատասխանատուները վստահեցնելէ ետք թէ ինքը «եօթը պորտ» զտարիւն հայ է, եւ այս թիւրիմացութիւնը մէկանգամընդմիշտ փարատելու նպատակով, Յարութը կազմակերպիչներուն կ’առաջարկէ իրեն արտօնել հաղորդումին աւարտին ուղիղ եթերով հայերէն երգ մը երգել։ Այս առաջարկը բազմաճիւղ լուծում մըն էր, որ քիչ մըն ալ կը մտահոգէր կազմակերպիչները, բայց անոնք կը համաձայնին։ Եւ բոլորը կ’ապշին, երբ Յարութը կը սկսի երգելու «Բարձր սարեր»-ը՝ Սարոյի դերերգը «Անուշ» օփերայէն։

Այլեւս ոչ մէկը բողոքելու համար կը հեռաձայնէր հեռատեսիլի կայան։

10 մայիս 1992-ին Յարութը պիտի նստէր, շրջապատուած իր սիրելիներով, եւ ձեռքին մէջ բռնած նոյն ձեռքը, որ սեղմեր էր 1962-ին, իր սիրելի Հռիփին քնքուշ ձեռքը։ Հռիփը եւ Յարութը նորէն կը ժպտէին իրարու։ Այս անգամ, սակայն, հրաժեշտի ժպիտ էր…

Հռիփը կորսնցուցած էր, բայց Յարութը շրջապատուած էր իրենց զաւակներուն սիրով ու ջերմութեամբ. շուտով պիտի բախտաւորուէր երկու թոռնիկով՝ Հռիփսիմէ եւ Յարութ։ 

Յարութը երջանիկ ու հպարտ մեծ հայր էր։ Ուշադիր էր, որ իր ընդմէջէն թոռնիկները վայելէին նաեւ իրենց մեծ մօր գուրգուրանքը։ Մեծ հայրիկին փաթթուկները առատ էին, խանդաղատանքը թոռնիկներուն հանդէպ՝ մշտայորդ։

Կեանքը տեւական չէ. ամեն ինչ պայմանական է։

Յարութ Պարթանեանի համերգներէն պատկերներ, 1970-ական եւ 1980-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Պարթանեան ընտանիքի հաւաքածոյ)։

Տարիները մաշեցուցած էին Յարութի մարմինը։ 2013-ին, սուրբ Ծննդեան նախօրէին, Յարութը պիտի իյնար, կոտրէր փոքր կոնքը ու հիւանդանոցային դարմանումի կարիք ունենար։ Տարիներու շաքարախտը եւ սրսկումները փճացուցած էին իր առողջութիւնը։ Ան իր մահկանացուն պիտի կնքէր 10 մարտ 2015-ին։

Յարութին ժառանգները իր չորս զաւակները՝ Յակոբը, Մարին, Կարպիսը եւ Գէորգն են։ Շատերու կեանքը փոխուած է Յարութի խորապէս մարդկային մօտեցումներէն անոր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Յարութին ձգած ժառանգութիւնը նաեւ երաժշտական է, յատկապէս Ուրֆայի ժողովրդային երգեր, որոնք սորված էր իր մեծ մօրմէն։ Այս երգերու իր կատարումներուն մէջ խտացած է Յարութի անկախ ոգին եւ խորունկ առատաձեռնութիւնը։ Անոնցմով մոռացութենէ կը փրկուի նաեւ Ուրֆայի ժողովրդային արուեստէն բեկոր մը։

1-Աման, էս Պէշլոնց աղջինա [Պէշլոյենց աղջիկը]
2-Ախ, Մարիամ
3-Աղուոր աղջիկ հոս եկուր
4-Աղջին աղքէկ մազ ունիս
5-Անձրեւ կու գայ լեռները
6-Եկան տանողնին
7-Ես կ՜երթնիյա ճամբաքիս
8-Էրկու եազմա մատնի մի
9-Մեր հարսը խէրով, փեսան պեխերով
10-Մշմշի [ծիրանի] ծառը ջրեցի
11-Նստեր է հորուն տակա
12-Քններ է, քրտներ է

1- Աման, էս Պէշլոնց աղջինա

Հէյ, հէյ, Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Էլէր ա բանձր տէներ ա
Ու կելել ա ու կը խմէ
Է չըսեր Աստուած կայ վերայ
Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Խլեր եմ ծոցին մըջինա

Ուշկի կու գաս յուշիկ-մուշիկ
Ոտքն է մտեր վարդի փուշիկ
Իմ պզտլիկ պագն անուշիկ
Աման էս Պէշլոնց աղջինայ
Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Խլեր եմ ծոցուն մըջինա

Ուշկի կու գաս վերի քէօշքէն
Քէմէրա էնկերը մէշքէն
Վերան էղայ էնքիր աչքէն
Աման էս Պէշլոնց աղջինայ
Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Խլեր եմ ծոցուն մըջինա

Ուշկի կու գաս վերի տանա
Աստուած քըզի դոռ մի բանայ
Պաչիկ մը տուր հարա ֆանա
Աման էս Պէշլոնց աղջինայ
Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Խլեր եմ ծոցուն մըջինա

Ուշկի կու գաս վերի էգուն
Խաֆոխը կը թափի գոգուն
Պաչիկ մը տուր պապուդ հոգուն
Աման էս Պէշլոնց աղջինայ
Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Խլեր եմ ծոցուն մըջինա

Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Էլէր ա բարձր կէներ ա
Կը բերէ պասմա տեղեր ա
Աման էս Պէշլոնց աղջինայ
Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Խլեր եմ ծոցուն մըջինա

Էղսան նստեր լուացք կէնէ
Շմրիկ մազերը թաց կէնէ
Խախուն տղին խելաց կէնէ
Աման էս Պէշլոնց աղջինայ
Աման էս Պէշլոնց աղջինա
Խլեր եմ ծոցուն մըջինա

Ուրֆայի եւ շրջակայքին մէջ ապրող կիներ իրենց աւանդական տարազով (Աղբիւր՝ Album de la Mission de Mésopotamie et d'Arménie confiée aux Frères-Mineurs Capucins de la Province de Lyon, 1904. լուսանկարիչ՝ Եղբայր Ռաֆայէլ)։

2- Ախ, Մարիամ

Ախ, Մարիամ, Մարիամ, Մարիամ
Ես քըզի կ՚առնամ կ՚առնամ
Ես քըզի կ՚առնամ կ՚առնամ

Էկեր պապիդ չի տար սէ
Կաթօլիկ կ՚ըլլամ կ՚առնամ
Քօրտիստան գըննամ կ՚առնամ

Մարիամին էրես բարձայ
Վըրէն թաքքալա դարձայ
Վըրէն թաքքալա դարձայ

Ուզեցի պագ մի առնամ
Չթողուց հասուտ քորա
Չթողուց հասուտ կորայ

Ախ, Մարիամ, Մարիամ, Մարիամ
Ես քըզի կ՚առնամ կ՚առնամ
Ես քըզի կ՚առնամ կ՚առնամ

Էկեր պապիդ չի տար սէ
Կաթօլիկ կ՚ըլլամ կ՚առնամ
Բրոտիստան գըննամ կ՚առնամ

Ուրֆայի մէջ Կարապետին եւ Ճրճոյին հռչակաւոր նուագախումբը։ Ձախէն աջ՝ քէմանճի Կարապետ, քանոնճի Յարութիւն, երգիչներ՝ Ասորի Ճրճօ եւ Ճիւրէ Մահօ, տէֆճի Մրճօ, տէպըլէքճի Խաչօ (Աղբիւր՝ Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, հրատ. Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան, Պէյրութ, 1955)։

3- Աղուոր աղջիկ հոս եկուր

Աղուոր աղջիկ հոս եկուր
Ընծի մէկ պաչիկ մը տուր
Աստուած սիրես մի մերժեր
Ուրիշներուն չեմ ըսեր

Գնայ մանչուկ սեւուլիկ
Աչուկներդ աղուորիկ
Ինչ պարտք ունիմ ես քեզի
Այս բան չի վայլեր ինծի

Չի վայլելիք ինչ կայ որ
Սիրտս քաշեց քանի որ
Եկուր ինծմէ մի փախչիր
Ատու մի ըլլար անդադար

Աղուոր աղջիկ դուռը բաց
Թաշկինակս ներս մնաց
Ամէնուն համբոյր տուիր
Իմ համբոյրս ուր մնաց

Չէ չէ սիրտս բարի է
Պիտի տամ քեզի անկէ
Որ կը վախնամ մեզ տեսնեն
Վերջը մեզ կը բամբասեն

Բամբասելիք ինչ կայ որ
Սիրտս քաշեց քանի որ
Եկուր ինծմէ մի փախչիր
Ատու մի ըլլար անդադար

Ուրֆայի եւ շրջակայքին մէջ ապրող կիներ իրենց աւանդական տարազով (Աղբիւր՝ Album de la Mission de Mésopotamie et d'Arménie confiée aux Frères-Mineurs Capucins de la Province de Lyon, 1904. լուսանկարիչ՝ Եղբայր Ռաֆայէլ)։

4- Աղջին աղքէկ մազ ունիս

Աղջին աղքէկ մազ ունիս
Բլբուլի բերան ունիս
Ոսկի ճուղապ չես տար ա
Էս ինչ չէշիկ նազ ունիս

Լուսինկան կապ բոլորեց
Սեւ ամպին մէջ մոլորեց
Եարիս ղուրպէթ էրթալա
Եօթը տարին բոլորեց

Ուրֆացիներ իրենց աւանդական տարազով (Աղբիւր՝ Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, հրատ. Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան, Պէյրութ, 1955)։

5- Անձրեւ կու գայ լեռները

Անձրեւ կու գայ լեռները
Էլլենք դառնանք մեր տերա
Էտ մօրիդ էջվին կուրնայ
Ինծիկ հանեց լեռները

Լեռի ճամբան քարոտ է
Եարիս հետիս քէնոտ է
Պարիշելու միտք չունի
Սիրտս եարիս կարօտ է

Անձրեւ կու գայ լեռները
Էլլենք դառնանք մեր տերա
Էտ մօրիդ էջվին կուրնայ
Ինծիկ հանեց լեռները

Ուրֆայի մէջ ֆրանսիսքէններու վարժարանին աշակերտուհիներն ու ուսուցչական կազմը։ Աշակերտուհիները հագուած են աւանդական տարազներ (Աղբիւր՝ Album de la Mission de Mésopotamie et d'Arménie confiée aux Frères-Mineurs Capucins de la Province de Lyon, 1904. լուսանկարիչ՝ Եղբայր Ռաֆայէլ)։

6- Էկան տանողնին

Էկան տանողնին
Չարչար գռողնին
Մոմեր վարողնին
Հոգի հանողնին

Ինչ աղէկ հարս ա
Չուստ կտրիճ փեսայ
Հարսն ալ փեսային
Հոգին է կէս ա

Հագեր ա աթլաս
Ոտքերնին խըլխալ
Աղքէկ աղջինիս
Քաջ փեսայ հալալ

Ինչ աղէկ հարս ա
Չուստ կտրիճ փեսայ
Հարսն ալ փեսային
Հոգին է կէս ա

Գլխուն կողք կենեչ
Վիզա օսկում խէչ
Կոխած տեղեր
Բուսնի վարդ կէկէչ

Ինչ աղէկ հարս ա
Չուստ կտրիճ փեսայ
Հարսն ալ փեսային
Հոգին է կէս ա

Բերէք տէֆ սազ ա
Կիսեցէք մազա
Աղքէկ աղջինին
Քաշեցէք նազա

Ինչ աղէկ հարս ա
Չուստ կտրիճ փեսայ
Հարսն ալ փեսային
Հոգին է կէս ա

Վարձքերնիդ կատար
Աներ զոնքէնչ մայր
Ազգ ու ազգական
Քերւա կնքամայր

Ինչ աղէկ հարս ա
Չուստ կտրիճ փեսայ
Հարսն ալ փեսային
Հոգին է կէս ա

Ուրֆա, համայնապատկեր։ Լուսանկարը առնուած է քաղաքին բարձրադիր բերդէն (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Geographische Charakterbilder, Leipzig, 1909).

7- Ես կ՚երթնիյա ճամբաքիս

Ես կ՚երթնիյա ճամբաքիս
Աղջի մի դպպաւ թեւիս
Ես իմ թեւէս վազ անցայ
Թող գայ մտնայ իմ ծոցիս

Լուսինկան կամար կամար
Ես կու լամ քըզի համար
Էրեսիդ ընծի դարձուր
Աստուծոյ սիրուն համար

Ես կ՚երթնիյա ճամբաքիս
Աղջի մի դպպաւ թեւիս
Ես իմ թեւէս վազ անցայ
Թող գայ մտնայ իմ ծոցիս

Ուրֆայի մէջ տեղական նուագախումբ մը (Աղբիւր՝ Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, հրատ. Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան, Պէյրութ, 1955)։

8- Էրկու եազմա մատնի մի

Էրկու եազմա մատնի մի
Գացինք բերինք հարսնուկ մի
Չափութէ տէօշշէկ թեփէ բարձ
Հարսը կ՚ուզէ մեղր ու հաց
Չափութէ տէօշշէկ թեփէ բարձ
Հարսը կ՚ուզէ թահինով հաց

Քաթ մի տեղեր օրան մի
Աման պիպի տուն կա մի
Ես ղուրպէթա կ՚երթամ ա
Կնիկիս պիյօղ քննացնի

Էրկու եազմա մատնի մի
Գացինք բերինք հարսնուկ մի
Չափութէ տէօշշէկ թեփէ բարձ
Հարսը կ՚ուզէ մեղր ու հաց
Չափութէ տօէշշէկ թեփէ բարձ
Հարսը կ՚ուզէ թահինով հաց

9- Մեր հարսա խէրով, փեսան պեխերով

Մեր հարսա խէրով, փեսան պեխերով
Աթլաս տեղերով կենեչ օղերով
Հագեր է աթլաս պրկդդին գիրազ
Կարգուիլ ուզողին Աստուած տայ մուրազ

Ձեռքա ոտքա հաննա ուզելով կ՚երթայ
Կտրիճ փեսային բախտի դոռ բանայ
Հագեր է աթլաս պրկդդին գիրազ
Կարգուիլ ուզողին Աստուած տայ մուրազ

Աղպէնայ չեղողին քննամիշ ընողին
Աստուած մուրազա տայ կարգուիլ ուզողին
Հագեր է աթլաս պրկդդին գիրազ
Կարգուիլ ուզողին Աստուած տայ մուրազ

Հարսնիքա հարսին հալալ քաջ փեսին
Հալալ է հալալ հարսը իր փեսին
Հագեր է աթլաս պրկդդին գիրազ
Կարգուիլ ուզողին Աստուած տայ մուրազ

Ուրֆա, 1900։ Արմենակ Աթթարեանի ամուսնական նկարը։ Այլ տեղեկութիւններ չունինք լուսանկարին մէջ յայտնուող անձերուն մասին (Աղբիւր՝ Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, հրատ. Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան, Պէյրութ, 1955)։

10- Մշմշի ծառը ջրեցի

Մշմշի ծառը ջրեցի
Բալան տակը փռեցի
Էլին ալամին դէմա
Ես իմ եարըս սիրեցի

Ղարիպ եմ էկայ ձեզի
Ղարիպ մի ըսէք ինծի
Ղարիպը հոգի մ՚ունի
Ղուրպան թող ըննամ քեզի

Ուրֆա, 1919-1920-ի շուրջ. Հայր Աբրահամ լիճի շրջակայքին մէջ (Աղբիւր՝ լուսանկար հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)։

11- Նստեր է հորուն տակա

Նստեր է հորուն տակա
Կը փէլլա մատնուն ակա
Էշքովը քով կը կանչէ
Աթլաս տեղերուն տակա

Հալալ է ինծի հալալ
Եարիս հետ պառկիմ հալալ
Ադամը խաբուեցաւ
Դրախտին պտղին համար

Թութու պաստեղա կերաւ
Լուսինկան մեռա մտաւ
Էլին աղջինա ինծի եար
Չլպխցաւ ծոցիս մտաւ

Հալալ է ինծի հալալ
Եարիս հետ պառկիմ հալալ
Ադամը խաբուեցաւ
Դրախտի պտղին համար

Ուրֆա. ճաշի պատրաստութիւն (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, Potsdam, 13. Jahrgang, 1912, Juli, Heft 7)։

12- Քններ է, քրտներ է

Քններ է քրտներ է
Պագեր է կարմրեր է
Բաղն ինչ է բաղչէն ինչ է
Աղջիկ քու ճիլվէդ ինչ է

Բաղչէն դրի ես մամուն
Էկօ էրթանք ես ու դուն
Մէրուդ խօսքին մի հէյնար
Իրար առնանք ես ու դուն

Քններ է քրտներ է
Պագեր է կարմրեր է
Բաղն ինչ է բաղչէն ինչ է
Աղջիկ քու ճիլվէդ ինչ է