Ուրֆա - Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Ատոմ Յ. Պուճիգանեան 02/03/2017 (վերջին փոփոխութիւն՝ 02/03/2017)

Ժողովրդային բժշկութեան մաս կը կազմեն հաւատալիքները, որոնց կարգին՝ հրաշքով ստացուած բուժումները: Այս իմաստով, Ուրֆան կարելի է նկատել այն վայրերէն մէկը, ուրկէ մեզի հասած է հրաշքով բժշկուելու քրիստոնէութեան առաջին տարիներէն աւանդուած պատմութիւն մը:

Ըստ աւանդութեան, Եդեսիոյ (Ուրֆայի պատմական անունը) Աբգար թագաւորին - որուն տոհմին համար կ՚ըսուի թէ Արշակունիներուն հետ խնամիական կապեր ունէր - հասած էր Յիսուս Քրիստոսի համբաւը։ Եդեսիոյ վրայ իշխող այս թագաւորը կը տառապէր բորոտութենէ - վարակիչը՝ Mycobacterium leprae –, կը թղթակցի Յիսուսի հետ խնդրելով անկէ որ Եդեսիա ապաստանի զինքը բուժելու համար, մանաւանդ որ Երուսաղէմի մէջ ան հալածուած էր: Յիսուս կը մերժէ, քանի որ ան պէտք էր իր առաքելութիւնը աւարտին հասցնել: Սակայն Աբգարին կը ղրկէ իր կենդանագիր պատկերը՝ Դաստառակը: Յիսուսի Համբարձումէն ետք Եդեսիա կու գայ Թադէոս առաքեալը, կը բժշկէ Աբգար թագաւորը ու երկրին մէջ կը տարածէ քրիստոնէութիւնը: [1]

Աւանդական այս պատմութիւնը Ուրֆայի մէջ բժշկութեան առնչուող մեզի ծանօթ ամէնէն հին պատմութիւններէն է։

Ուրֆայի առողջական վիճակը եւ ժողովրդային հաւատալիքները լուսաբանող տուեալներ

Ուրֆայի գաւառը (սանճաք) կը գտնուի վերին Միջագետքի հիւսիսային բարեխառն գօտիին մէջ: Գաւառին կարեւորագոյն քաղաքը՝ Ուրֆան, կանգնած է ծովու մակերեսէն մօտ 500 մեթր բարձրութեան վրայ, ինչ որ զինք կ՚օժտէ յարաբերաբար բարեխառն կլիմայով մը։ [2]

Ուրֆան յստակօրէն կը վայելէ տարուան չորս եղանակները. ձմեռը ձիւնառատ է, իսկ ամրան՝ օրուայ մէջ կը տիրէ սաստիկ չոր տաք, որուն կը յաջորդէ գիշերային զովութիւնը, երբ բնակիչները կը գիշերեն իրենց տուներու տանիքներուն վրայ կամ իրենց այգիներուն մէջ։ [3] Այս ապրելակերպը ուրֆացիներուն (հայ, արաբ, թուրք, քիւրտ, ասորի ու հրեայ) հաւանաբար որոշ առողջութիւն պարգեւած է, խթանելով անոնց ախտամերժողական ոյժը։ Գարնան, Ուրֆայի շուկան կ՚ողողուի մածունով, կարագով, պանիրով ու իւղով, իսկ աշնան տուներու ամբարները կը լեցուին անուշեղէններով, ցորենով ու ձաւարով։ Այս վերջինը մաս կը կազմէ «երդուեալ» մսակեր ուրֆացիին սիրած չի-քէօֆթէին, պորանիին կամ լխլխուն քէօֆթէին բաղադրիչներէն։ [4] Ուրֆացիներուն այս չափազանց մսակերութեան հետեւանքներուն մասին շատ բան չենք գիտեր։ [5]

Ուրֆա քաղաքին կառոյցին վրայ հակիրճ ակնարկ

Քաղաքը ունի մեծ թիւով քարաշէն, երկյարկանի տուներ: Ըմպելի ջուրը կը ստացուի թաղային ջրամբարներէն կամ այսպէս կոչուած «գասթել»ներէ, իսկ տնական գործածական ջուրը կը քաշուի ջրհորներէ: Մինչեւ 1886 թուականը հայոց թաղի տուներու մէջ չկար հոսող ջուր, իսկ քաղաքապետութիւնը գրեթէ բացակայ ըլլալուն պատճառով, քաղաքին առողջապահական վիճակը նախանձելի չէր կրնար ըլլալ: Ուրֆայի փողոցները նեղ են եւ կոյուղիները անկանոն: Թէեւ հայկական թաղը բարձրահայեաց դիրք մը ունի, օդասուն եւ համեմատաբար առողջարար է, սակայն չենք գիտեր թէ անոր բնակիչները տարափոխիկ հիւանդութիւններէ որքա՞ն զերծ են: Այս մասին Արամ Սահակեանի Ուրֆայի պատմագիրքը մասնաւոր պատասխան չի տար, ինչպէս նաեւ բացակայ են այնտեղ մանկական հիւանդութեանց, մահասութեանց ու հայ ընտանիքներու աւանդական բազմածնութեան առնչութեամբ տեղեկութիւնները: [6]

Ուխտատեղիներ

Բացի քաղաքին շրջակայ այգիներուն մէջ կատարուող ամառնային խնճոյքներէն, Ուրֆայի մէջ կան գլխաւորաբար ժողովրդային քէֆի երկու զբօսավայրեր՝ Այն-էլ-Զալիխայի ու Հայր Աբրահամի լճակները: Անոնք  թէեւ արտակարգօրէն ձկնառատ են, բայց արգիլուած է սուրբ  ձուկերուն որսը, որովհետեւ երկու այս վայրերը կը կրեն կրօնական աւանդական կնիք: Կը պատմուի թէ կռապաշտներ Հայր Աբրահամը կը հալածեն, զայն կը բռնեն ու կ՚որոշեն զայն զոհել իրենց կուռքերուն։ Դէպքը տեղի կ՚ունենայ Ուրֆայի բերդին առջեւ, լճակին վայրը։ Զոհասեղան մը կը պատրաստեն եւ կը փորձեն ծառի ճիւղերով հրկիզել Հայր Աբրահամի մարմինը։ Այդ պահուն, երկինքէն շանթ մը կ՚իյնայ, այստեղ գտնուող ծառ մը կը բռնկեցնէ, ծառէն կայծեր կը ժայթքին, իսկ կայծերուն ինկած տեղէն ալ ջուր կը բխի։ Իսկ կայծակնահար եղած ծառն ալ կը շարունակէ պահել իր կանաչութիւնը։ Հրաշային այս ծառը կը կոչուի Էրած ծառ: [7]

Հայր Աբրահամի լճակին շրջակայքը ուխտատեղի կը դառնայ քրիստոնեաներու ու իսլամներու համար: Էրաց ծառին ճիւղերուն վրայ ուխտաւորներ սովորութիւն ունին կապելու ուլունքներ ու հագուստի գունաւոր ծուէններ: Պարզ է որ ուխտաւորներ այս վայրը կ՚այցելեն հրաշալի բուժումներ ստանալու համար:

Նմանօրինակ վայր մըն է նաեւ Աբգար թագաւորի լեռը, որ կը գտնուի Ուրֆա քաղաքին հարաւ-արեւմտեան կողմը: Ըստ աւանդութեան, հոն՝ ընդարձակ քարայրի մը մէջ, կը գտնուի Աբգարի դամբարանը: Յունիսի առաջին օրը ուխտագնացներ կ՚այցելեն այստեղ, գերեզմանին վրայ կ՚աղօթեն ու ետքն ալ ծայր կ՚առնէ կերուխումն ու խրախճանքը: [8] Մեզի ծանօթ է արդէն Աբգարի բորոտութենէն բուժման աւանդութիւնը։ Հետեւաբար կ՚ենթադրենք որ ուխտաւորները թագաւորին շիրիմը այցելելով կ՚ակնկալեն նաեւ առողջական բարելաւում:

Ուրֆայի հայոց արհեստները

Արամ Սահակեան կը թուէ 17 արհեստ: [9] Արդի առումով կարելի չէ ակնկալել որ 19-րդ դարավերջին Ուրֆայի մէջ գոյութիւն ունենար արհեստաւորական հիւանդութեանց հասկացողութիւն ու հետեւողական դարմանումներ: Սակայն նշուած որոշ արհեստներ, ինչպէս՝ որմնադրութիւն, մօտակայ քարահանքներուն մէջ քարհատութիւն, ջաղացպանութիւն ու երկաթագործութիւն, կրնան պատճառել մարմնական վնասներ, յատկապէս՝ ոսկորներու, մկաններու, յօդերու: Ասոնց դիմաց Ուրֆայի մէջ կային կին կամ տղամարդ վարպետ գըրըգճիներ (բեկաբոյժներ): Անոնցմէ Սահակեան կը յիշէ Նուռ ուտողենց Մարիամը ու Ղազարը: Անոնք կը դարմանէին ճմլումները, խախտած թեւերն ու ոտքերը ու իրար կը միացնէին կոտրած ոսկորները։ [10]

Ուրֆայի հիւանդութիւնները ու ժողովրդային դարմանումի կերպերը

Կարեւոր է գիտնալ թէ Ուրֆայի մէջ մանր-մունր անհանգստութիւններուն շատ կարեւորութիւն չեն տար: Ուրֆացին համոզուած է, որ օղի/չի-քէօֆթէի դարմանումով մը ջերմէ տառապողը յաջորդ օրն իսկ ոտքի կը կանգնի:

Ուրֆացին սակայն կը սարսափի հետեւեալ երեք հիւանդութիւններէն՝

Աչքի ցաւ

Այս ամենէն շատ տարածուած հիւանդութիւնն է որ մէջտեղ կ՚ելլէ մանաւանդ ամառուան եղանակին: [11] Տրուած պատճառները հետեւեալներն են. կիզիչ արեւ, փոշի, պտուղներու հիւթ, եւ ընդհանրապէս առողջապահական պայմաններու պակաս: Ասկէ կարելի է ենթադրել թէ հիւանդութիւնը հաւանաբար կրնայ ըլլալ conjuctivitis /red eye (ակնազօդաբորբ/կարմրած աչք): Դարմանումի համար հիւանդները կարգ կը բռնեն ընդհանրապէս կին բուժակներուն դրան առջեւ: Տեղեկութիւն չկայ թէ ինչ էին դարմանական միջոցները, որոնք երբեմն հիւանդին կուրութիւն կը պատճառէին: Յամենայնդէպս, բուժակներուն յաճախորդներուն թիւը անկում կը կրէ, երբ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին Ուրֆայի մէջ կը բացուի գերմանական հիւանդանոցը:

Կողատապ (Pleurisy)

Հիւանդութիւնը բոլոր եղանակներուն բաւական թիւով զոհեր կը խլէր ժողովուրդէն: [12] Սահակեան այս հիւանդութեան պատճառները չի տար: Ասիկա կրնայ շնջառական գործարաններու բորբոքման հետեւանք ըլլալ, ինչպէս օրինակ թոքատապի (pneumonia)։ Ժողովրդական դարմանումը շիշէ քաշելն (cupping) ու արիւն առնելն (սափրիչին ածելիով կամ տզրուկով) է:

Աւուր հանել (Հալէպի չիպան, bouton d’Alep)

Խոռոչային սպիի նմանող վէրքեր են, որոնք կը յայտնուին ենթականերուն այտերուն կամ քթին ծայրը: Զանոնք կարելի է գտնել նաեւ ծոծրակին, թեւին եւ ձեռքերուն վրայ: Մարդիկ իրենց կեանքին ընթացքին մէկ անգամ աւուր կ՚ունենան: [13] Հիւանդութիւնը կը յառաջանայ երբ ենթական խայթուի phlebotome դասին պատկանող էգ ճանճերէն (sandfly): Ճանճը մորթին տակ կը ներարկէ միաբջիջ մակաբոյծ մը (protozoan)՝ leishmania տեսակէն: Հիւանդութիւնը գիտականօրէն ճանչցուած  է իբրեւ cutaneous Leishmaniasis: [14] Այդ ճանճերը կը բազմանան Սուրիոյ ու Իրաքի ջրառատ, ճահճային շրջաններուն մէջ:

Ուրֆայի մէջ ժողովրդային բժիշկներ եւ ժողովրդային դարմանումի այլ ձեւեր

Իշընէ Պախ Մինաս

Մինաս ուրֆացի մըն է, որուն դիմումը - 1885-ին կատարուած - Մարաշի աստուածաբանական դպրոցը ուսանելու կը մերժուի, այնպէս որ ան կը վերադառանյ Ուրֆա ու կը սկսի գործել իբրեւ ժողովրդային բժիշկ: Առ այդ կը պատմուի թէ ան թոքախտաւորը «կը բուժէր» հիւանդին կուրծքէն նէրկիլէյի խողովակով դուրս քաշելով հիւանդութիւն պատճառող մանրէները (Mycobacterium tuberculosis), այլապէս ծանօթ իբրեւ Bacilles de Koch: [15] Կը պատմուի նաեւ որ Պախ Մինաս  նոյնիսկ կատարած է ուղեղային գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ հեղինակ է ձեռագիր հեքիմարաններու: [16]

Ապսուն ընողներ, կամ ապսունուածներ

Ասոնք օձէ ու կարիճէ խայթուողները կը բուժեն, թէեւ դարմանումի կերպը յայտնի չէ: Ապսունուածները նաեւ օձահմաններ են (օձ հմայողնե՞ր), այսինքն անոնք կրնան օձերը իրենց թաքնուած տեղերէն դուրս բերել եւ իրենց գրպաններուն մէջ տեղաւորել: Անոնցմէ հռչակաւոր է Ինճօ Բարարը: [17]

Հրաշագործ Տէր Մելքոն

Ուրֆացիները` թուրք թէ հայ, կը վկայեն Տէր Մելքոն քահանային կարողութիւններուն մասին: Հայր Աբրահամի ջրուղիին մօտիկ աշխատող սրճեփ մը՝ Ապտիւլրահմանը, տեսած է թէ ինչպէս Տէր Մելքոն կ՚աղօթէ՝ ջուրին վրայ փռուած իր ծփացող ճիւպպէին վրայ ոտքի կանգնած: Կը պատմուի որ ան կրնար գոց դռներէն մտնել կամ առանց բանալի գործածելու կղպուած դուռ մը բանալ: Բայց այս նիւթով մեզ հետաքրքրողը այն էր, որ շատ մը ուրֆացիներ կը հաւատային թէ այս «սուրբ մարդը» կրնար նաեւ անբուժելի հիւանդութիւններ դարմանել: [18]

Եզրափակում

Ուրֆայի ժողովրդային բժշկութեան մասին շատ տուեալներ չկան: Այդ մասին մեր գլխաւոր աղբիւրը Արամ Սահակեանի Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները գիրքին մէջ մօտաւորապէս երկու էջերու մէջ խտացուած տեղեկութիւններն են: Հակիրճ, անբաւարար նկարագրականներ ունինք քանի մը հիւանդութեանց մասին, ինչպէս աչքի ցաւ, կողատապ, Հալէպի վէրք, օձի խայթուածք, իսկ փոխանցիկ հիւանդութիւններէն՝ թոքախտի մասին միայն: Բան չենք գիտեր տարափոխիկ ու մանկական այլ հիւանդութեանց մասին, ինչպէս այրուածքի, մորթային ու մարսողական գործարաններու ախտերու եւ մարմնական ցաւերու մասին:

Ընդհանրապէս ժողովրդային բժշկութիւնը կը դիմէ դեղաբոյսերու: Այդ գծով ալ տեղեկութիւններ չունինք, հակառակ որ ըստ Մուսթաֆա Ասլանի, Ուրֆան  հարուստ է ատոնցմով: Ասլան կը թուէ 41 դեղաբոյս, որոնցմէ 27-ը կը բուսնին վայրի վիճակի մէջ։ [19]

Ուրֆայի մէջ գերմանական հիւանդանոցը կը հիմնուի գերմանական միսիոնարական կազմակերպութեան (Deutsche Orient Mission) կողմէ, նախաձեռնութեամբ Dr. Johannes Lepsius-ի։ Բժշկական այս հաստատութեան մէջ ծառայած են զուիցերիացի երեք բժիշկներ, որոնց շարքին միսիոնար Եաքոպ Քիւնցլէր։ Հիւանդանոցին անձնակազմը մեծ մասամբ բաղկացած էր հայ բոյժքոյրերէ, դեղագործներէ եւ բժիշկներէ: [19] Թերեւս այս հիւանդանոցին գործունէութեան շնորհիւ հայ բնակչութիւնը համեմատաբար բաւական ծանօթ էր արեւմտեան «ուղղափառ» բժշկութեան, ի տարբերութիւն նոյն ժամանակներուն մօտակայ այլ գաւառներու մէջ ապրող իրենց հայրենակիցներուն: Արդեօք այս վիճակին պատճառո՞վ է որ Ուրֆայի մէջ ժողորդային բժշկութիւնը նուազ կարեւոր տեղ գրաւած է տեղական ընկերութենէն ներս, կամ պարզապէս Ուրֆայի հայոց պատմագիր Արամ Սահակեանը իր գիրքին մէջ շատ տեղ չէ յատկացուցած այս նիւթին:

  • [1] Ս. Մ. Ծոցիկեան, Արեւմտահայ աշխարհ, տպագրութիւն «Ա. Յ. Լէյլէկեան», Նիւ Եորք, էջ 148-150; R. H. Hewsen, "Armenia on the Tigris: the vilayet of Diarbekir and the sanjak of Urfa", in Armenian Tigranakert/Diarbekir and Edessa/Urfa, Richard Hovannisian (ed.), Mazda publishers, California, 2006.
  • [2] Արամ Սահակեան, Դիւզնական Ուրֆան եւ իր  Հայորդիները, երկրորդ տպագրութիւն, հրատարակութիւն՝ Ուրֆայի Հայ երիտասարդաց միութիւն, Հալէպ, 2011, էջ 589։
  • [3] Նոյն, էջ 591։
  • [4] Նոյն, էջ 622-623։
  • [5] Գէորգ Երեւանեան բերիցիներուն (Տերսիմի շրջան) չափազանց մսակերութեան անդրադառնալով, կը գրէ թէ անոնց «կեանքի տեւողութիւնը 45–ը չէր անցներ» (Գէորգ Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, տպարան Կ. Տօնիկեան, Պէյրութ 1956)։
  • [6] Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան, էջ 591-592։
  • [7] Նոյն, էջ 593-595։
  • [8] Նոյն, էջ 597-598։
  • [9] Նոյն, էջ 602-610։
  • [10] Նոյն, էջ 646։  
  • [11] Նոյն, էջ 644։
  • [12] Նոյն, էջ 645։
  • [13] Նոյն։
  • [14] Robert Porter, Justin Kaplan, Barbara Homeier, Merck Manual, Home health handbook, Wiley and sons, 2009, pp. 1217-1218.
  • [15] Tuberculose: www.infirmiers.com/pdf/tuberculose.pdf
  • [16] Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան, էջ 645-646։
  • [17] Նոյն, էջ 646։
  • [18] Նոյն, էջ 647։
  • [19] Mustafa Aslan, Plants used for medical purposes in Sanliurfa-Turkiye, KSUDoga Bil. Derg., J. Nat. Sci. 16(4), 2013, pp. 28-35.