Ուրֆա, գերմանական որբանոց. հայ որբերը խաղի ընթացքին (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, Juli 1902, III, 7. Heft, Berlin)

Ուրֆա - Խաղեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 31/08/2016 (վերջին փոփոխութիւն՝ 31/08/2016)

Չէքիճում

Ուրֆայի ամէնէն ժողովրդական խաղերէն է, որ խորքին մէջ բաւական կոշտ խաղ մըն է եւ կը խաղցուի տղամարդկանց կողմէ։

Խաղցողներէն մէկը կորաքամակ կը չոքիլ, ձեռքերը սրունքներուն վրայ դրած։ Այս անձը «պառկող»ն է։ Խաղընկերները մէկ առ մէկ վրայէն պիտի ցատկեն եւ իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի ցատկած պահուն իր ափով ամուր զարնել - «շափլամա» մը տալու - «պառկող»ին կռնակին։ Ասկէ ետք, նոյն խաղընկերները դարձեալ մէկ առ մէկ «պառկողին» վրայ կը նետուին։ Առաջին նետուողը պէտք է փորձէ ոտքերը գետին չդնել, չիյնալ, եւ մինչեւ նախապէս ճշդուած ժամանակ մը այդ դիրքով մնալ «պառկող»ին վրայ։ Եթէ չյաջողի, ապա ինք կը դառնայ «պառկող»։ Եթէ յաջողի, ապա կարգը կու գայ յաջորդ խաղընկերոջ նետուելու «պառկող»ին վրայ։ Իսկ եթէ պատահի որ «պառկող»ը ընդհանրապէս չդիմանայ եւ իր վրայի բեռան տակ տապալի, այն ատեն պարտուած կը հռչակուի։

Ուրֆա, 1919-1920-ի շուրջ, լուսանկարը քաշուած է քաղաքին հարաւը, բերդին շրջակայքին մէջ (Աղբիւր՝ լուսանկար հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Տարապ, տարապ

Երկու մրցակից խումբեր կը կազմուին։ Իւրաքանչիւր խումբ կրնայ մինչեւ 20 հոգի հաշուել։ Խումբերը կը կագնին իրարմէ 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Իրենց կանգնած տեղը կը համարուի տուեալ խումբի անդամներուն «տուն»ը, իսկ կեդրոնի 20 մեթրանոց այս տարածքը խաղադաշտն է, ուր առանց արտօնութեան ոչ մէկ խաղացող իրաւունք ունի մուտք գործել։ Իւրաքանչիւր խումբէ մէկը կը ճշդուի եւ ասոնք կը մտնեն խաղադաշտ։ Այստեղ ալ ծայր կ՚առնէ երկու մրցակիցներուն «կռիւը»։ Ամէն մէկը պիտի փորձէ իր մրցակիցը քաշել իր խմբակիցներուն կողմը, այսինքն իրենց «տուն»ը։ Երբ մենամարտողներէն մէկը կը յաջողի իր «տան» սահմաններուն մօտեցնել դիմացինը, այն ատեն առաջինին խմբակիցները կրնան եւս զայն քաշել ու բերել սահմանէն ներս։ «Տան» սահմանէն ներս ինկած հակառակորդը պարտուած կը համարուի։

Հետաքրքրականը հոն է, որ ամբողջ ժամանակը խաղադաշտին մէջ մենամարտող երկու մրցակիցները շունչ պէտք չէ առնեն (թէեւ խաղի կանոններուն մէջ չի մանրամասնուիր թէ շունչը պահելը ինչպէս կը ստուգուի)։ Իսկ երբ մրցակիցը հակառակորդի «տան» մօտ բերուի, այս անգամ «տան» մնացեալ անդամները իրենք շունչ առնելէ կը դադրին եւ կը փորձեն հակառակորդը քաշքշելով իրենց մօտ բերել։ Խաղին ընթացքին բոլոր խաղացողները կը կրկնեն «տարապ, տարապ» բառերը (նշանակութիւնը անծանօթ)։

Խաղին ընթացքին երկու խումբերէն կը լսուին նաեւ դիմացինին ուղղուած գրգռիչ արտայայտութիւններ, որոնք այս խաղին յատուկ են եւ Ուրֆայի հայկական բարբառով են։ Այսպէս, մէկը դիմացինը կ՚անուանէ ճնճղուկ եւ կը պոռայ. «Ա՛յ ճնճղուկ, ճնճղուկ, մէրիդ պապիդ սըգըճուկ» (Ա՛յ ճնճղուկ, ճնճղուկ, մօրդ եւ հօրդ չափ շատ փոքր)։ Կամ, դիմացինը դարձեալ երգիծանքի առարկայ կը դառնայ, երբ կը պոռան. «Հէ՛յ տէլիճէ, տէլիճէ, մէրիդ պապիդ կը ճնչէ, կը ճնչէ» (Հէ՛յ բազէ, բազէ, մամադ պապադ կը ճչայ, կը ճչայ)։ Դարձեալ, այս արտայայտութիւնները արտասանուած պահուն պէտք է շունչը պահել։

Ուրֆա,  1919-1920-ի շուրջ։ Խորքին, կեդրոնը, ճերմակ քարերով շինուած կառոյցը Սուրբ Սարգիս վանքն է  (Աղբիւր՝ լուսանկար հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Էրկէն էշ (երկար էշ)

Կը խաղան երկու մրցակից խումբերով, իւրաքանչիւրը տասնեակի մը չափ անդամներով։ Խումբերէն մէկուն խմբապետը կը կագնի պատի մը տակ, կռնակը պատին տուած։ Ճիշդ խմբապետին դիմաց, անոր խմբակիցները՝ մէկը միւսին ետեւ կանգնած, կը կազմեն ուղիղ եւ մօտ երկու մեթրանոց կամուրջանման գիծ մը՝ կռնակնին ու գլուխնին կքողներէ բաղկացած։ Այսինքն, անոնք ամբողջ մէջքով կը կռանան եւ կքած գլուխները դէպի խմբապետը ուղղուած։

Մրցակից խումբին անդամները մէկ առ մէկ պիտի փորձեն ցատկիլ այս կամուրջին վրայ եւ անոր վրայ հեծած մնալ։ Առաջին ցատկողները պէտք է փորձեն կարելի եղածին չափ հեռու ցատկիլ եւ իյնալ խմբապետին մօտակայ տեղ մը, որպէսզի յաջորդող խմբակիցներուն ցատկելու եւ իյնալու միջոց ստեղծուի։ Ամէն ցատկող պէտք է անշարժ մնայ իր ինկած տեղը եւ արգիլուած է ոստումէն ետք կատարուած ամէն յառաջացում։ Վերջաւորութեան մրցակից խումբին բոլոր ցատկողները կը սեղմուին մարդկային այս կամուրջին վրայ։

Կամուրջ կազմողները պէտք է ամուր կանգնին եւ դիմանան իրենց վրայ ցատկածներուն ծանրութեան եւ ճնշումին։ Կը պարտուին երբ անոցնմէ մէկն ու մէկը տապալի եւ այս ձեւով նաեւ կամուրջն ալ փլի։ Ցատկող խումբը կը պարտուի, երբ կամուրջին վրայ հեծնողներէն մէկն ու մէկին ոտքը գետին դպնայ։

Էրկէն էշ (երկար էշ) խաղը։ Գծագրութիւնը՝ Ժիւլիէթ Ինիկոյի կողմէ, Յուշամատեան

Էշէք պէքլեմէն

Խմբային խաղ։ Դաշտին կեդրոնը կը կենայ «պառկող»ը, այսինքն անձ մը որ կորաքամակ կը չոքի, ձեռքերը սրունքներուն վրայ դրած։ Ան կ՚ունենայ ընկերակից մը, որ կը խաղայ պահապանի դերը եւ կը դառնայ անոր շուրջ բոլորը։ Մնացեալ խաղացողները այս երկուքին հակառակորդներն են։ Ամբողջ խաղին ընթացքին անոնք պիտի փորձեն մօտենալ «պառկող»ին եւ փորձել անոր կռնակը ելլել։ «Պառկող»ը կը գտնուի կրաւորական դիրքի մէջ, բայց անոր պահապանը պատրաստ կը հսկէ եւ իրաւունք ունի ամէն մօտեցողի հարուածել կամ հրել։

Երբ մէկն ու մէկը ճարպիկ շարժումներէ ետք ի վերջոյ կը յաջողի հեծնել «պառկող»ին կռնակը, այն ատեն կարգը կու գայ իջնելուն ու փախելուն։ Բայց պահապանը կողքին կանգնած է, այնպէս որ փախելու համար հնարամիտ միջոցներ պէտք է գտնել։ Հեծեալին խմբակիցները կրնան զինք օգնել պահապանը զբաղեցնելով։ Եթէ հեծեալը փախուստի պահուն բռնուի եւ ենթարկուի պահապանին հարուածներուն, պարտուած կը համարուի եւ ինք կը ստանձնէ «պառկող»ի դերը։

Ուրֆա, հայկական թաղամասին մէջ (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Քէլէ պիշտի

Խաղադաշտին կեդրոնը կը տնկեն ցից մը, որուն կը կապեն մօտ չորս մեթր երկար պինդ չուան մը։ Խաղին մասնակիցները իրենց կօշիկները կը հանեն եւ կը տեղադրեն ցիցին մօտիկ, չուանին շրջագիծին սահմաններուն մէջ։ Վիճակով կը ճշդուի կօշիկներուն «պահապան»ը։ Խաղը ծայր կ՚առնէ։ «Պահապան»ը միշտ մէկ ձեռքով պէտք է պահէ չուանը, շրջագայի կօշիկներուն շուրջ եւ չարտօնէ որ խաղացողներէն մէկն ու մէկը կօշիկ մը գողնայ։ «Պահապան»ը եթէ յաջողի աքացի մը տալ կօշիկ գողցողներէն մէկուն, հարուածուողը ինք կը կը ստանձնէ «պահապան»ի դերը։ Իսկ եթէ պատահի որ ձախողի կից տալ եւ բոլոր կօշիկները գողցուին, այն ատեն «գող»երը կօշիկները իրենց ձեռքին կը յարձակին «պահապան»ին վրայ եւ կը սկսին զայն ծեծել։ «Պահապան»ը այս վիճակէն կ՚ազատի միայն այն ատեն երբ յաջողի մէկն ու մէկին աքացի մը տալ։

Ուրֆա, գերմանական որբանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Paul Rohrbach, Armenien, Stuttgart, 1919)

Կիրօ թաղուեցէք

Այս խմբախաղը կը խաղան լեռնագնացութիւններու ընթացքին։ Երկու խումբերու կը բաժնուին։ Երկու խումբերն ալ կ՚ունենան իրենց խմբապետները։ Խումբերէն մէկը պահուըտողը կ՚ըլլայ, իսկ միւսը՝ փնտռողը։ Պահուըտողները կը ցրուին եւ անոնցմէ ամէն մէկը իրեն համար կը գտնէ թաքստոց մը։ Որոշ ժամանակ ետք փնտռող խումբը գործի կ՚անցնի, խմբապետը կը քալէ առջեւէն եւ բարձրաձայն ու անընդհատ կը պոռայ՝ «կիրօ թաղուեցէք»։ Երբ պահուըտողներէն ոեւէ մէկը տեսնուի, այն ատեն ան ստիպուած է զինք գտնողը իր ուսերուն վրայ առնել եւ հասցնել մինչեւ նախապէս ճշդուած կեդրոնավայրը։ Այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ բոլոր պահուըտողները յայտնուին։

Ուրֆա,  1919-1920-ի շուրջ. բնատիպ պատկերէն հատուած մը (Աղբիւր՝ լուսանկար հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Չէլիկ փետ

Ժողովրդականութիւն վայելող խմբախաղ մըն է Ուրֆայի մէջ կամ այլուր։ Կը խաղցուի դաշտահանդէսներու ժամանակ։ Խաղին համար անհրաժեշտ է մօտ 25 սմ. երկարութեամբ եւ երկու ծայրերը սրցուած փայտեայ ձողեր - ասոնց կը տրուի չէլիկ անունը -, ինչպէս նաեւ աւելի երկար ու հաստ ճիպոտներ։ Վիճակով կը ճշդուի թէ որ խումբը չէլիկ նետողը պիտի ըլլայ եւ որ խումբը՝ չէլիկ բռնողը։

Աղբիւրներուն մէջ այնքան ալ յստակ չէ թէ ճիշդ ինչպէս չէլիկները կը նետուին։ Գիտենք որ զանոնք երկինք բարձրացնելու եւ հեռուները հասցնելու համար կը գործածուի մեծ ճիպոտը։ Անոր հետ է որ չէլիկին զօրաւոր հարուած մը կու տան։ Բայց չենք գիտեր թէ նախքան ճիպոտի հարուածը չէլիկը ուր տեղադրուած կ՚ըլլայ։ Գիտենք որ Ուրֆայէն դուրս, այլ վայրերու մէջ զայն կը տեղադրեն երկու քարերու արանքին, ուրիշ տեղեր գիտենք որ չէլիկին մէկ ծայրամասը շեղակի կը կռթնեցնեն պատի մը, իսկ միւս ծայրամասն ալ կը դպնայ գետին։

Բռնող խումբը նետողներէն մօտ 100 մեթր հեռաւորութեան կանգնած կ՚ըլլայ։ Ազդանշանը կը տրուի եւ չէլիկները երկինք կը բարձրանան։ Մրցակիցները մեծ զգուշութեամբ պէտք է փորձեն բռնել չէլիկներէն մէկն ու մէկը։ Եթէ յաջողեցան, այս անգամ իրենք կ՚ըլլան նետող։

Թօփ տէկէնէկի

Այս մէկը ամերիկեան baseballը յիշեցնող խաղ մըն է։ Անհրաժեշտ է հաստ գաւազան մը եւ գնդակ մը, որ պատրաստուած կ՚ըլլայ քուրջի կտորներէ եւ ծածկուած կ՚ըլլայ բուրդի գունաւոր թելերէ հիւսուածքով մը։ Երկու մրցակից խումբեր կ՚ըլլան իրարմէ որոշ հեռաւորութեան վրայ կանգնած։ Այստեղ ալ կայ նետող խումբը եւ կայ՝ բռնողը։ Առաջին խումբէն խաղցող մը իր ձեռքի գաւազանով զօրաւոր կերպով կը հարուածէ գնդակը դիմացի խումբին ուղղութեամբ։ Միւսները պէտք է օդին մէջ բռնեն գնդակը եւ թոյլ չտալ որ գետին դպնայ։

Ուրֆա, քափուչիններու վարժարանին աշակերտները եւ ուսուցիչները (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Մըսմըլիճէ

Այս խաղը ընդհանրապէս կը խաղան աղջիկները։ Խաղացողներէն մէկը երեսն ի վար կը չոքի, իսկ մնացեալները պիտի փորձեն ցատկելով անոր վրայէն անցնիլ։ Միայն ցատկիլը չի բաւեր, անոնք միաժամանակ պէտք է անսխալ արտասանեն քրտերէնի, թրքերէնի եւ հայերէնի խառնուրդ հետեւեալ տողերը.

Սիսմիլլիճ է միսմիլլիճ,
Միսմիլլիճ է պավեթէ,
Պավեթէ թըլհավարի,
Թըլհավարի խըզմէթի,
Խըզմէթի պաշ իւսթինէ
Պաշըմ տիւվար իւսթիւնէ,
Չընկըր չընկըր չարխանա,
Կատուն կապեց պարխանա,
Պարխանաեա կօպիա,
Կօպիա կօպ կօպիա,
Ալթունի չախչախիա։
Գացինք քընճուլը մտանք,
Եզի բղող մը գտանք,
Քշտեցինք գուլփը կտրաւ,
Գուլփը գուլփին անցուցինք,
Սրրուկ միլլէրին անցուցինք,
Ահա ես մէկս անցուցի,
Ահա ես երկուքս անցուցի,
Ահա ես եսիկ տենտըրէ տէներ քարեցի (ինքզինքս տանիքէ տանիք նետեցի)։

Այլ խաղեր

Կը նշուին նաեւ ուրֆացիներու կողմէ խաղցուող այլ խաղերու անուններ, դժբախտաբար անոնց բացատրութիւնները չունինք։ Այս խաղերէն են՝ թոլախան, խորոզիկը, աբէմուսը, ռասթքէսմէն։ Ուրֆայի նեղ փողոցներուն մէջ տարածուած է նաեւ տղոց կողմէ գնդիկի (կամ ինչպէս իրենք կը կոչեն՝ կիւլլէի) խաղը։ Թէեւ այս վերջինին օրէնքներուն մասին բան չենք գիտեր։

Ուրֆայէն փողոցի տեսարան մը, 1919-1920-ի շուրջ (Աղբիւր՝ լուսանկար հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Աղբիւր

Արամ Սահակեան, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, հրատ. Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան, Պէյրութ, 1955, էջ 616-621։