Յուշամատեանի պատրաստած սոյն փոտքասթը նուիրուած է Ուրֆային եւ այնտեղի երբեմնի հայկական հարուստ կեանքին։ Ներկայացուող բոլոր հին լուսանկարները Ուրֆայէն են, լսուող հայերէն երգը նոյնպէս մաս կը կազմէ Ուրֆայի երգացանկին։ Պատրաստուած է Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի եւ Քարին Լէօն Հեննեպէրկի կողմէ։ Ուտով նուագ եւ երգ՝ Յարութ Չուալ-Երթանեան (Յարութ Պարթանեան)։
Podcastին համար գործածուած պատկերներ
1. Ուրֆա քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Service historique de la Défense, Vincennes)
2. Ուրֆա քաղաքը՝ բերդէն դիտուած, ca 1919-1920 (Աղբիւր՝ լուսանկար հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)
3. Ուրֆա. լուսանկարին կեդրոնը, առանց գմբէթի մեծ կառոյցը Ս. Աստուածածին եկեղեցին է (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)
1.Ուրֆա, հայկական թաղամասին մէջ (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)
2. Ուրֆայի շուկան, 1919-1920-ի շուրջ (Աղբիւր՝ լուսանկար հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)
3.Գերմանական միսիոնին հիւսնութեան արհեստանոցը։ Կեդրոնը (առաջին շարք, սեղանին աջին)՝ Գրիգոր Թաշճեան (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)
1.Ուրֆա. գերմանական որբանոցին ատաղձագործութեան արհեստանոցը։ Պատկերին մէջ կ՚երեւի որբերու ձեռքով կառուցուած փայտեայ մանրանկար տունը (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, 1912, 13. Jahrgang, Heft 1, Verlag der Deutschen Orient-Mission, Potsdam)
2. Ուրֆայի գերմանական որբանոցին դերձակութեան աշխատանոցը, ուր հայ որբուհիներ կը սորվին այս արհեստը (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, März 1909, X., Heft 3., Verlag der Deutschen Orient-Mission, Potsdam)
3. Ուրֆա, գերմանական որբանոց. հայ որբերը խաղի ընթացքին (Աղբիւր՝ Der Christliche Orient, Juli 1902, III, 7. Heft, Berlin)