Մարաշ. վերը, ձախին՝ աշտարակով շէնքը, ֆրանսիսկեան հայրերուն միսիոնարական հաստատութիւնն է (Աղբիւր՝ The Armenian Weekly)

Մարաշի սանճաք - Առեւտուր

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 28 Նոյ. 2011 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 28 Նոյ. 2011)

Վաղ միջնադարէն սկսեալ Կիլիկիոյ հիւսիս-արեւելեան դուռերէն մէկը հանդիսացող՝ Մարաշը կամ Գերմանիկը, կարեւոր հանգուցակէտ է տարանցիկ առեւտուրի ճանապարհի վրայ, որ կ'երկարի Միջերկրականի արեւելեան ափերէն մինչեւ Միջագետք ու Պարսկաստան: Տարակոյս չկայ, որ վաճառականութիւնն ու առեւտուրը ծաղկեալ վիճակ մը ունին այս քաղաքին մէջ, սակայն այդ մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի: Այս առթիւ սուղ վկայութիւններու կը հանդիպինք հայագիտական նիւթերու, մասնաւորաբար Կիլիկիոյ վերաբերող գրաւոր սկզբնաղբիւրներու մէջ, որոնք թոյլ կու տան եզրակացնել, որ Մարաշի եւ շրջակայքի բնակչութեան հիմնական տարրը կազմող հայեր, ո'չ միայն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած են երկրամասի տնտեսական եռուզեռին, այլեւ միջազգային տարանցիկ առեւտուրի մէջ: Ուշադրութեան արժանի են նաեւ հայկական տարբեր բնակավայրերու մէջ գրուած ձեռագիրներու յիշատակարանները, որոնք վկայութիւններ կը բերեն առեւտրական նպատակներով այդ վայրերը այցելած մարաշցի հայ վաճառականներուն մասին:

Մարաշ, Չօրպաճեան ընտանիքը. նստած, ձախէն առաջինը՝ Յարութիւն Չօրպաճեան։ Ոտքի, ձախէն երկրորդը՝ Պաղտասար Չօրպաճեան (Աղբիւր՝ Ճոյս Չօրպաճեանի հաւաքածոյ)

Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք, մէկ կողմէ տարանցիկ առեւտուրի ցամաքային ուղիներու կարեւորութեան նուազումին, միւս կողմէ նուաճողներու ստեղծած քաղաքական, տնտեսական ծանր պայմաններուն հետեւանքով, Մարաշը կը կորսնցնէ իր երբեմնի կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը:

Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին, Մարաշի տնտեսական միջավայրի եւ տեղական շուկաներու մեկուսացումին պատճառով, առեւտուրն ալ ինքն իր մէջ ամփոփուելով՝ տեղական բնոյթ կը կրէ: 18րդ դարու վերջերուն եւ 19րդ դարու առաջին կիսուն, Մարաշի առեւտրական հրապարակը կը պահէ իր ներքին կենսունակութիւնը: Առաւելաբար մանրածախ առեւտուր կ'իրականացնեն նոյն ինքն արհեստագործ վարպետները, որոնք իրենց արտադրանքը վաճառքի կը հանեն տեղւոյն շուկաներուն կամ Մարաշի մերձակայ բնակավայրերուն մէջ:

19րդ դարու կէսերէն կայսրութեան մէջ ծայր առած բարեփոխութիւնները, արեւմտականացման ուղին բռնած առեւտրա-տնտեսական նոր յարաբերութիւնները մեծ թափ կը հաղորդեն արհեստներուն եւ առեւտուրին, խթանելով արդիւնաբերութեան համեմատական զարգացումը երկրէն ներս: Տնտեսական զարգացման համար որոշակի նախադրեալներ ունեցող Մարաշը՝ իր բնական անսպառ հարստութեամբ, հումքի առատութեամբ, արհեստաւորական խաւերու ներգրաւուածութեամբ, չէր կրնար անմասն մնալ երկրին մէջ ծաւալող տեղաշարժերէն:

19րդ դարու երկրորդ կէսէն Մարաշի տնտեսական կեանքը կը սկսի աշխուժութեան նշաններ ցոյց տալ, նոր թափ կ'առնէ արհեստագործութիւնը, կը ստեղծուին մանուֆաքթուրային տիպի փոքր ձեռնարկութիւններ, արհեստանոցներ, կը ստուարանան առեւտրա-արհեստաւորական խումբերը:

Եթէ սկզբնապէս Մարաշի տնտեսական միջավայրին յատուկ էր նեղ մասնագիտական բացակայութիւնը՝ երբ արհեստաւորը միաժամանակ ե'ւ արտադրող ե'ւ վաճառող էր, ապա՝ 19րդ դարու կէսերէն արհեստագործութեան վերելքն ու արդիւնաբերութեան զարգացումը, կը պայմանաւորեն առեւտուրի եւ արհեստներու ճիւղաւորում, առեւտրա-տնտեսական միջավայրը կը համալրուի գործունեայ առեւտրական ձեռնարկատէրերով, որոնք կարեւոր դեր կը ստանձնեն նոր ձեւաւորուող դրամատիրական յարաբերութիւններուն մէջ: Արհեստագործութեան եւ առեւտուրի ասպարէզին մէջ կատարուող տեղաշարժերը յառաջ կը բերեն փոփոխութիւններ ընդհանրապէս ընկերային կեանքէ ներս, ժողովուրդի գիտակցութեան, ըմբռնումներուն եւ բարքերուն մէջ: Նորաստեղծ դրամատիրական վերնախաւի այս ներկայացուցիչները, շփուելով յառաջադէմ քաղաքներուն հետ, արագօրէն կ'իւրացնեն եւրոպական արդիական բարքերն ու սովորութիւնները եւ զանոնք կը ներմուծեն Մարաշ: Անոնք ծանօթանալով առեւտուրի արդիական եղանակներուն, գիտակցելով ուսման եւ կրթութեան անհրաժեշտութեանը, ոչ միայն իրենց զաւակները ուսման կը մղեն, այլեւ դպրոցներ կը հիմնեն, կը դառնան Մարաշի կրթական գործի կազմակերպողները: Յատկանշական է, որ առեւտրական այս ընտանիքներու երիտասարդութեան մեծ մասը կը մասնակցի կամ իր օժանդակութիւնը կը բերէ Զէյթունի հակակառավարական կռիւներուն, եւ հնչակեան կուսակցութեան ընդյատակեայ գործունէութեան:

Այսպէս, Մարաշի մէջ հետզհետէ ասպարէզ կու գան տեղական արտադրանքի վաճառքով զբաղող վաճառականներ, մանր եւ միջին առեւտրականներ, առեւտուրը աստիճանաբար կը սկսի զատուիլ արհեստագործութենէն, կը զօրանայ միջնորդ վաճառականութիւնը: Նշուած փոփոխութիւնները անշուշտ համեմատական են եւ զարգացումն ալ պէտք է դիտարկել նախորդող եւ յաջորդող ժամանակաշրջաններու ընդհանրութեան մէջ, մանաւանդ որ արգելակող հանգամանքներն ալ բազմազան են: Արհեստաւորներն ու առեւտրականները պաշտպանուած չեն պետութեան կողմէ, չկայ կեանքի եւ գոյքի ապահովութեան երաշխիք, ճանապարհներու վրայ անպակաս են աւազակախումբերը, ասոր ալ եթէ յաւելենք բազմատեսակ հարկերն ու տուրքերը, ապա պատկերը կը թուի ամբողջական ըլլալ: Այս բոլորով հանդերձ, հայ առեւտրա-արհեստաւորական դասը բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով, ո'չ միայն ճանապարհ կը հարթէ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի զարգացման համար, այլեւ կարեւոր դեր կը խաղայ երկրամասի տնտեսական յարաբերութիւններու ձեւաւորման մէջ:

19րդ դարուն Մարաշի հայերը կը կազմեն երկրամասի ընդհանուր բնակչութեան հիմնական տարրերէն մին: Մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է քաղաքի մէջ, մաս մըն ալ՝ շրջակայ հայաբնակ կամ խառն բնակչութեամբ գիւղերու մէջ: Ինչպէս քաղաքի, նոյնպէս գիւղական շրջաններու արհեստագործութեան եւ առեւտուրի ասպարէզը գրեթէ ամբողջովին հայերու կը պատկանի [1]: Հետեւաբար, սխալ չի թուիր, եթէ ըսենք, որ Մարաշի բնակչութեան ընդհանուր հաշուեկշռին մէջ հայ տարրը կարեւոր տեղ ունի ո'չ միայն քանակով, այլեւ տնտեսութեան մէջ զբաղեցուցած կշիռով: Հայկական այս մենաշնորհը կը շարունակուի մինչեւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը եւ հետնորդող տեղահանութեան եւ ջարդերու հետեւանքով հայ տարրին Մարաշէն անհետացումը:

Մարաշի հայ առեւտրականներու գործունէութեան պատկերը փոքր ի շատէ ամբողջական դարձնելու նպատակով, հարկ է խօսիլ անոնց արտադրական-տնտեսական գործունէութեան մասին, նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ առեւտրական դասին հիմքը կը կազմեն նոյն ինքն՝ արհեստագործ վարպետները: Աւելին, Մարաշի հայ վաճառականներու գործունէութեան համապարփակ քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ մինչեւ 19րդ դարու վերջերը առեւտրականներուն մեծ մասը տակաւին կտրուած չէ արհեստէն, կարելի է ըսել՝ արհեստագործութիւնը առեւտուրի յենարանն է, ահա թէ ինչու մինչեւ 20րդ դարու սկիզբները, դժուար է յստակ սահմանազատումներ դնել այս երկու խումբերուն միջեւ:

Մարաշի հայ արհեստագործութեան շրջանակը բաւական ճոխ այլազանութիւն մը կը ներկայացնէ: Առաջնակարգ դիրք կը գրաւեն ոստայնանկութիւնը, կտաւագործութիւնը, մետաքսագործութիւնը, դերձակութիւնը, կօշկակարութիւնը, մուճակագործութիւնը, ներկարարութիւնը, ոսկերչութիւնը, արծաթագործութիւնը, կաշեգործութիւնը, ատաղձագործութիւնը, պղնձագործութիւնը, եւլն: Ըստ էութեան, այս արտադրութիւններուն շուրջ կը դառնայ տեղւոյն ամբողջ ապրանքաշրջանառութիւնը՝ սկսած հումքի ներածումէն, մինչեւ պատրաստի ապրանքատեսակներու արտածումը:

19րդ դարու վերջին քառորդին Մարաշը ընդհանուր առմամբ մանր ապրանքային արտադրութեան եւ արհեստագործութեան կեդրոն մըն է: Արտադրանքը մեծ մասով տեղական պահանջքը կը գոհացնէ, թէեւ կան արտադրութիւններ, որոնք աւելի շատ արտաքին շուկայի մէջ սպառում ունին, ուստի կարելի է ըսել, որ արհեստագործ վարպետները կ'աշխատին թէ' ներքին թէ' արտաքին շուկայի համար: Նկատելի է, որ տեղական սպառումը բաւական մեծ ծաւալներ ունի, քանի որ տեղացի բնակչութեան մեծամասնութիւնը իր կարիքները հոգալու համար կ'օգտուի Մարաշ քաղաքի հայ արհեստագործներու աշխատասիրութենէն. գիւղական շրջանները գրեթէ զուրկ են արհեստներէ, բնակչութիւնը ընդհանրապէս գնումներու համար կը դիմէ Մարաշի առեւտրական հրապարակ:

1890ականներու տուեալներով Մարաշի մէջ կան արհեստագործական ապրանքներու եւ նպարեղէնի 1900 խանութ, 281 արհեստնոց, 7 խան, 2 օճառի գործարան եւլն [2]: Խանութներուն մեծ մասը նաեւ արհեստանոց գործատեղիներ են, ուր տեղւոյն վրայ կ'արտադրեն ու կը ծախեն պատրաստի արտադրանքը: Խանութ-արհեստանոցները սովորաբար կապալով կը յանձնուին, իսկ կապալառուները մեծ մասամբ հայեր են: Ասոնք իրենք վարպետներ են կամ գործատու վաճառականներ, որոնք միանգամայն ե'ւ կ'արտադրեն, ե'ւ կը վաճառեն իրենց արտադրանքը: Այս մարզէն ներս հայերու դերը իսկապէս նշանակալի է, որու վրայ արժէ կանգ առնել:

Աղբիւր՝ «Մարաշի Ասեղնագործութիւն», հրատ. Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան, Հալէպ 2010

Հետզհետէ իր դիրքերը զօրացնող հայ առեւտրա-արհեստաւորական խաւը, մասնակցելով նոր ձեւաւորուող առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններու շարժընթացին, կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանի արդիւնաբերութեան կազմակերպման մէջ: Այսպէս, 19րդ դարու կէսերէն Մարաշի հայ բնակչութեան մէջ ինքզինք կը հաստատէ առեւտուրի եւ արհեստագործութեան շնորհիւ հարստացած դրամատէր վաճառականներէ բաղկացած այսպէս կոչուած՝ առեւտրական վերնախաւ մը, որու ձեռքին կը գտնուին առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան հիմնական լծակները: Վարպետ արհեստաւորներ, որոնք յաջողած են արհեստի միջոցով դրամ դիզել, իրենց շահած դրամագլուխը կը ներդնեն արտադրութեան մէջ՝ հիմնելով արհեստագործական ձեռնարկութիւններ:

Այլ խումբ մը՝ արհեստագործութենէ բոլորովին զատուելով, կը զբաղի զուտ առեւտրական գործառնութիւններով: Ըստ այդմ, Մարաշի հայ վաճառականները կարելի է դասակարգել երկու առանձին խումբերու միջեւ՝ արդիւնաբերող, արտածող ու ներմուծող խոշոր վաճառականներ եւ մանրածախ առեւտրականներ: Այս երկրորդ խումբին համար Մարաշի մէջ կայ յստակ տարբերակում մը՝ աթթարիէ, կամ աքթարիէ վերադիրին ներքեւ. աթթար արաբերէն բառ մըն է, որ բառացի կը նշանակէ նպարավաճառ, իսկ թրքերէնի մէջ ունի նաեւ մանրավաճառ, բազմատեսակ ապրանքներ վաճառող իմաստը: Կայ նաեւ երրորդ խումբ մը՝ երկրագործական նիւթերու՝ ցորենի, բրինձի, բամպակի մշակութեամբ եւ այգեգործական բերքերու առքուվաճառքով զբաղող վաճառականներ: Ըստ էութեան այս երեք ենթաբաժիններու մէջ ներգրաւուած հայ վաճառականները կը կազմեն Մարաշի առեւտրա-տնտեսական բոլորտիքը:

Ասոնք է որ ամբողջութեամբ կը հայթայթեն Մարաշի եւ շրջակայքի եւրոպական արտադրութեան ապրանքներու եւ շրջակայ բնակավայրերէ ներածութիւնները: Անոնք առեւտրական կապեր հաստատած են կայսրութեան վաճառաշահ քաղաքներու եւ առեւտրական հրապարակներու հետ, իրենց գործակատարները կ'առաքեն հոն, որոնց միջոցաւ կը ներածեն եւրոպական ամէն տեսակ արդիւնաբերական արտադրութիւններ:

Մարաշի հայ վաճառականները առեւտրական յարաբերութիւններ մշակած են Կիլիկիոյ եւ Փոքր Ասիոյ հայաբնակ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ շահաստաններ՝ Հալէպի եւ Դամասկոսի առեւտրական հրապարակներու եւ յանձնակատարներու հետ, եւ առեւտրական գործարքներ կ'իրականացնեն այդ վայրերու առեւտրական տուներու հետ: Տարին քանի մը անգամ՝ Պոլիս, Հալէպ, Կեսարիա, Ատանա եւ այլուր կ'երթան ու Մարաշ կը բերեն բազմատեսակ ապրանքներ: Անոնք տեղական բնամթերք եւ ձեռարուեստի նիւթեղէններ կ'արտածեն կայսրութեան հեռաւոր եւ մօտակայ շրջաններ՝ Սիս, Ատանա, Կեսարիա, Մալաթիա, Տիարպեքիր, ինչպէս նաեւ՝ Դամասկոս եւ Հալէպ, ու հոնկէ ալ ապրանք գնելով կը բերեն Մարաշ [3]: Հալէպի առեւտրական յանձնակատարներու միջոցաւ Մարաշի արտածութիւնները եւրոպական շուկայ կը հանուին:

Մարաշի ներածութիւններուն մաս կը կազմեն ամէն տեսակ երկաթեղէն, ապակեղէն, յախճապակի, հիւսուածեղէն, ասուեղէն, մքլորի մանած եւ կտաւ, կարմիր մանած, գունաւոր կաշեղէն, շաքար, սուրճ, քարիւղ, թուղթ եւլն [4]: Ներածումը մեծ մասամբ Մերսինի, Պէյրութի եւ առաւելաբար Ալեքսանտրէթի ճամբով կը կատարուի:

Մարաշի արտածութիւներուն մէջ հիմնական տեղ կը զբաղեցնեն բնամթերքները՝ բրինձ, չամիչ, գահրի, պիստակ, գխտոր, տորոն, ընկոյզ, սալեփ, նաեւ սարրաճիյէ՝ ձիերու համար պարզ եւ նախշուած թամբեր, պղնձեղէն, կապերտ, ատաղձ, ընկոյզի փայտ, կահեղէն, կաշեղէն, սեկ, ոսկերիչներու եւ սավաթագործ վարպետներու ձեռագործ շինուածքներ, նաեւ անասուններ, ոչխարի ընտիր բուրդ, ներքին գաւառներու համար՝ ալաճա, կտաւեղէն, տեղական ոտնամաններ, հագուստներէն՝ սեւ բուրդէ կամ այծի մազէ շալվար, ֆէրմանէ, ապա եւլն [5]:

Աղբիւր՝ «Մարաշի Ասեղնագործութիւն», հրատ. Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան, Հալէպ 2010

Արդիւնաբերող մեծ վաճառականներ

19րդ դարու երկրորդ կէսէն Մարաշի մէջ կը սկսին հիմնուիլ արհեստագործական համեմատաբար խոշոր արհեստանոցներ եւ արտադրական ձեռնարկութիւններ: Բնականաբար, իրենց ձեռնարկումներուն մէջ առեւտրական շահեր հետապնդող արհեստագործ վարպետները՝ նախապատուութիւնը կու տան այն արհեստներուն, որոնց ծանօթ են եւ որոնք մեծ պահանջարկ ունին շուկայի վրայ, ինչպէս՝ ոստայնանկութիւնը, մանածագործութիւնը, կտաւագործութիւնը եւ ասոնց առընթեր արհեստները:

Հիւսուածեղէնի համեմատական զարգացման համար Մարաշի մէջ կան անհրաժեշտ նախադրեալներ, աւելի ճիշդ նպաստող պայմաններ. նախ՝ երկրամասի երկրագործական շրջան ըլլալը, արտադրութեան գրեթէ բացակայութիւնը, եւրոպական արտադրանքի թոյլ տարածուածութիւնը։ Նպաստող պայմաններ են նաեւ՝ հումքի առատութիւնը, արտադրանքի պահանջարկը, վարպետներու առկայութիւնը եւ բարձր կարողականութիւնը։ Այս ամէնը կը պայմանաւորեն ոստայնանկութեան եւ յարակից արհեստներու արտադրութեան կազմակերպումը Մարաշի մէջ: Կարելի է ըսել, որ տեղի կ'ունենայ արդիւնագործութեան տեղայնացում:

Մարաշի հայոց պատկանող աւանդական այս արհեստներով հայ առեւտրա-արհեստագործական խաւը մուտ կը գործէ տնտեսական նոր դաշտ՝ մանր տնայնագործական արտադրութենէ վերաճելով արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու: Կտաւագործութեան եւ հիւսուածեղէնի արտադրութեան աւանդոյթները իւրացուցած Մարաշի հայ վաճառականները, օգտուելով վարձու աշխատանքով ապրող մարդոց ծառայութենէն, կը հիմնեն աշխատանոց-արհեստանոցներ: Այս արհեստանոցները փոքր մանուֆաքթուրային տիպի գործարաններ են, ուր կ'աշխատին արհեստաւորներու փոքր, իսկ երբեմն ալ մեծ խումբեր: 19րդ դարու վերջերուն, ջուլհակութիւնն ու կտաւագործութիւնը իրենց արտադրութեան ծաւալով առաջատար դիրք կը գրաւեն Մարաշի արհեստագործութեան եւ արտադրութեան մէջ: Առեւտրականները իրենք գործատու վարպետներ են, որոնց ձեռքի տակ կ'աշխատին տասնեակ, երբեմն ալ հարիւրաւոր ջուլհակներ: Արհեստը բանեցնող վարպետները միաժամանակ մանածը ներմուծող եւ բանուածքը արտածող վաճառականներն են:

Հինէն ի վեր Մարաշը նշանաւոր է հիւսուածեղէններու արտադրութեամբ, ծաղկած վիճակ մը ունին արեւելեան տիպի բամպակեայ, բրդեայ կամ խառն բանուածքները՝ ալաճա, մանուսա, ապա, մաշլահ, նաեւ մետաքսաթել, ոսկեթել ու արծաթաթել հիւսուածեղէններ, գօտիներ, վարշամակներ, կտաւէ տպածոյ ծածկոցներ, վարագոյրներ, նոյնպէս բուրդէ, մետաքսէ եւ զանազան հիւսուածեղէններ, որոնց արտածութիւնները կայսրութեան ներքին գաւառները, մինչեւ Դամասկոս, Հալէպ կը հասնին:

Ցաւօք, մանրամասնութիւններ կը պակսին հիսուածեղէններու արտադրութեան ծաւալի վերաբերեալ, ինչպէս որ տուեալներ չունինք արտածումի քանակի եւ տարատեսակներու ծախու գինի մասին, սակայն, դատելով այս գործով զբաղող վաճառականներու եւ արհեստաւորներու բազմութենէն, պէտք է ենթադրել, որ այս արհեստի շահագործումը բաւական հասութաբեր է, ակնյայտ է, որ ձեռնարկատէր առեւտրական դասը արագ կը բարգաւաճի, ընդլայնելով գործունէութեան դաշտը:

Մարաշի ե'ւ ներքին ե'ւ արտաքին առեւտուրի մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ալաճայի գործը: Տեղական պահանջքը բաւարարելէ զատ, մեծ քանակութեամբ կ'արտածուի կիլիկեան եւ փոքրասիական հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը, ինչպէս նաեւ Սուրիա [6]:

1800ականներու կէսերէն Մարաշի մէջ կան ալաճա գործելու բազմաթիւ արհեստանոցներ եւ մանուֆաքթուրային ձեռնարկութիւններ:

Այս գործի ռահվիրաներէն կարելի է համարելՍտեփան Իսկեանը: 1791ին Մարաշ ծնած այս հայը, հօրը՝ Մելքոն Իսկեանի մահէն ետք կը ղրկուի Երուսաղէմ, ուսանելու հօրեղբօրը՝ Ժառանգաւորաց Վարժարանի տեսուչ եւ ուսուցիչ Իսկեան եպսկ.ին մօտ: Քանի մը տարի ուսանելէ ետք, կը փափաքի կուսակրօն ըլլալ, սակայն հօրեղբօրը խորհուրդով կը վերադառնայ Մարաշ, ուր կը հիմնէ ալաճա գործելու իր արհեստանոցը: Գործը շատ շուտով կը բարգաւաճի: Ան իբրեւ կարող եւ բանիմաց վաճառական մեծ յարգանք եւ պատիւ կը վայելէ հայ եւ թուրք ժողովուրդի մէջ, որ իբրեւ մեծարանքի արտայայտութիւն՝ զինք կը կոչէ Հաճի Պապա: Իսկեան առեւտրական գործերով կապուած է Մարաշի մերձակայ կարգ մը քաղաքներուն հետ: Կը մահանայ 1875ին, զաւակները նոյնպէս զբաղած են առեւտրական գործերով, կանուխէն Ամերիկա հաստատուած են [7]:

1. Յովհաննէս Տէր Մեսրոպեան (1850ականներ-1907)
2. Յովսէփ Տիսչէքէնեան (1854-1917)
3. Գէորգ Տէր Մեսրոպեան (1885-1932)

Ալաճայի գործով զբաղող առաջին վաճառականներէն է Հաճի Պետրոս Կիլիկեան (Եիրիքեան), (ծնած է Մարաշ՝ 1830ականներուն): Հաճի Պետրոս Մարաշի բարգաւաճ՝ Եիրիքեան ընտանիքին նահապետն է, կը յիշուի որպէս կրթասէր եւ աղքատասէր անձ մը: Հաստատած է ալաճայի բաւական ընդարձակ գործ: Եիրիքեան բազմանդամ ընտանիքին բոլոր անդամերը զոհ կը դառնան 1895ի ջարդերուն [8]:

Մարաշի մէջ ալաճայի գործով զբաղող յայտնի վաճառականներէն է Վարդիվար Շահզատէեանը (ծնած է Մարաշ՝ 1845ին), որ իր եղբայրներուն՝ Պաղտասարին եւ Պօղոսին հետ ալաճայի ընդարձակ գործ կը հաստատէ եւ վաճառականութեամբ կը զբաղի: 1895ի հակա-հայկական ջարդերուն զոհ կը դառնայ [9]:

Մարաշի երեւելի վաճառականներէն է Յովհաննէս Տէր Մեսրոպեան (ծնած է Մարաշ՝ 1850ականներուն), Մարաշի առեւտրական հրապարակի վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ, հաստատած է ալաճա գործելու ընդարձակ գործ, որու մէջ ներգրաւուած են նաեւ եղբայրները: Առեւտրական գործունէութեան կողքին գործօն մասնակցութիւն կ'ունենայ Մարաշի ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ, անդամ է Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցիի թաղականութեան եւ առատաձեռն նուիրատուութիւններով կը սատարէ եկեղեցիին: Կը մահանայ 1907ին Մարաշ [10]:

Ալաճա արտադրող նշանաւոր վաճառականներէն է Աբրահամ Չօրպաճեանը (ծնած է Մարաշ՝ 1879ին), որդին է Մարաշի երեւելի վաճառականներէն Կարապետ Չօրպաճեանի: Կրթութիւնը կը ստանայ Ս. Ստեփաննոսի եւ Կեդրոնական Վարժարանի մէջ: Երիտասարդ տարիքէն կը մտնէ առեւտուրի ասպարէզ, կը բանայ խանութ-արհեստանոցներ եւ կը սկսի ալաճա գործել տալ: 1890ականներու վերջերէն առեւտրական գործառնութիւններով կապուած է վաճառաշահ շատ մը քաղաքներու եւ կեդրոններու հետ: Կ'այցելէ Հալէպ, Պէյրութ, Պոլիս, Յունաստան, Զմիւռնիա, Եգիպտոս եւ բաւական կ'ընդարձակէ առեւտրական իր գործը: Իր մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային գործերուն: 1909ի Կիլիկիոյ Աղէտէն ետք կը փոխադրուի Հալէպ, ապա ափ կ'առնէ Հարաւային Ամերիկա [11]:

Ալաճայի գործով կը զբաղին բազմաթիւ ընտանիքներ, ինչպէս՝ Պօղոս Սաաթճեան, Պուլղուրճեաններ, Գօվուգլեաններ, Տէր Յովհաննէսեաններ, Սէֆէրեաններ, Մեծապատիւեաններ, Հաճի Փարթամ, Կարապետ Հիւսիւքիւթեան եւ ուրիշներ [12]:

Աղբիւր՝ «Մարաշի Ասեղնագործութիւն», հրատ. Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան, Հալէպ 2010

Ասոնք փաստօրէն գործատու վաճառականներ են, որոնք անհրաժեշտ հումքը ապահովելով կը յանձնեն արհեստանոցներու նաեւ տուներու մէջ աշխատող ձեռքերուն եւ իրենց գործաւորներուն գործած պատրաստի ալաճան կը վաճառեն Մարաշի նշանաւոր Ալաճաճը Պէտէսթէնի (գոց շուկա) մէջ [13] կամ կ'արտածեն Մարաշի շրջակայ գիւղերն ու քաղաքները, Կեսարիա ու մինչեւ Սուրիա:

Մարաշի արհեստանոցներուն մէջ կը գործուին նաեւ տարբեր տեսակի բրդեայ եւ բամպակեայ այլ հիւսուածեղէններ: Ե'ւ տեղական շուկայի ե'ւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ մեծ պահանջարկ կը վայելեն ոչխարի կամ այծի բուրդէ հիւսուածեղէնները՝ ապան, գումաշը եւ այլն: Կան վարպետներ, որոնք տեղացի թուրք եւ քիւրտ խաշնարածներէն մեծաքանակ բուրդ գնելով ասուեղէն գործել կու տան: Նշանաւոր են նաեւ Մարաշի մէջ գործուած բուրդէ եւ բամպակէ գօտիները, որոնք կ'իրագործուին ե'ւ տեղական շուկայի ե'ւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ: Այստեղ կարեւոր է նկատել, որ Մարաշի, յատկապէս շրջակայքի գիւղական բնակչութեան հիմնական զբաղումներէն է անասնապահութիւնը, անոնց պահած կենդանիները այնքան բուրդ եւ մազ կ'արտադրեն, որ կը բաւարարէ ո'չ միայն տեղական կարիքները, այլեւ մեծ քանակութեամբ կ'արտահանուի:

Մեծ սպառում ունի Մարաշի տեղական խասա կոչուած բամբակեայ կապոյտ ներկուած կտաւը, նաեւ պէզ կամ մաղրում կոչուած տեղական կոշտ կտաւը, որ մեծ սպառում ունի Մարաշի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Համբաւաւոր են մետաքսեայ ոսկեթել, արծաթաթել հիւսուածեղէնները, կտաւի վրայ նախշազարդ բանուածքները, որոնք կ'արտածուին հեռու եւ մօտ քաղաքներ:

Հիւսուածեղէնէ զատ մեծ սպառում ունին նաեւ պատրաստի զգեստեղէնն ու տարազի պարագաները: Մարաշի շրջակայ քաղաքներ կ'արտածուին՝ ապա կոչուած այր մարդոց վերնազգեստներ, շատ յարգի են ասոնց պէտէն ապա, սըրմա կոչուած մետաքսէ եւ ոսկեթել նախշազարդուած տեսակները եւ բաւական սուղ արժեն՝ մինչեւ 15-20 ոսկի, նաեւ բուրդէ շինուած շալվարները, որոնք կ'արտածուին Մարաշի մերձակայ քաղաքներն ու գիւղերը [14]:

20րդ դարու սկիզբները, երբ արդէն քաղաքին մէջ կ'ընդհանրանան եւրոպական հիւսուածեղէններն ու զգեստեղէնները, տեղական արտադրանքը մեծ մասամբ գիւղերու մէջ կը սպառի:

Մարաշի գլխաւոր արտածումներու շարքին է նաեւ մետաքսէ հիւսուածեղէնները՝ ծոպեր, խանթուռներ, երիզներու ծոպազարդեր, որոնք տեղական սպառումէ աւելի կ'արտածուին մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ, ուր մեծ անուն հանած են: Արհեստը բանեցնող վարպետները՝ գազազները (մետաքսէ առասաններ պատրաստող), մեծ մասամբ իրենք կը զբաղին մետաքսահիւս առասաններու վաճառքով: Մարաշի մէջ սպառելէ աւելի ասոնք կ'արտածուին մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ [15]:

Ուշագրաւ փաստ մըն է, որ Մարաշի մէջ մինչեւ 20րդ դարու սկիզբները շերամաբուծութեամբ չէին զբաղեր, ուստի մետաքսէ նրբաթելը ամբողջութեամբ դուրսէն կը ներմուծուէր, մեծ մասամբ՝ Հալէպի եւ Դամասկոսի առեւտրական հրապարակներէն: Այսպիսով, հայ վաճառականներուն ներածած մետաքսաթելով Մարաշի մէջ հիւսուած առասանները վերստին վաճառքի կը հանուին դուրսի շուկաներուն մէջ:

1800ականներու կէսերուն մետաքսագործութեան խոշոր վաճառականներ են՝ Չօրպաճեան գերդաստանի անդամները: Այս գործը կը հիմնէ գերդաստանին նահապետը՝ Չօրպաճի օղլու Յակոբ աղան: Անոր գործը կը շարունակեն որդիները՝ Տէօվլէթ Չօրպաճեան եւ Դաւիթ Չօրպաճեան: Տէօվլէթ ծնած է Մարաշ՝ 1815ին: Նախակրթութիւնը կը ստանայ Եարփուզցի Յարութիւն Գալֆա Եումշաճըգեանի քով։ Որոշ ժամանակ հօրը արհեստով՝ գազեզութեամբ զբաղելէ ետք, կը մտնէ առեւտրական ասպարէզ, ուր մեծ յաջողութիւններու կը հասնի: Կը վերաշինէ պապենական տունը, կը կառուցէ եռայարկ՝ երեսունէ աւելի սենեակներէ բաղկացած շքեղ առանձնատուն մը: Տէօվլէթ էֆ.իի որդիներն են՝ Յարութիւն, Մարտիրոս, Յակոբ եւ Կարապետ Չօրպաճեանները, որոնք նոյնպէս կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն Մարաշի ազգային, հասարակական եւ առեւտրական շրջանակներէ ներս: Երբ զաւակները գործի յաջողութիւններ կ'ունենան, Տէօվլէթ էֆ. ամբողջութեամբ կը նուիրուի ազգային հասարակաական գործերու: 1850էն մինչեւ իր մահը՝ 1890 թուականը, կ'անդամակցի կառավարական բարձր ժողովներուն՝ իբրեւ Մէճլիսի Իտարէի (տեղական կառավարական խորհուրդ) հայ ներկայացուցիչ, նաեւ Ազգ. Քաղաքական եւ Գաւառական ժողովներուն՝ իբր ատենապետ: Առիթ կ՝ունենայ հանդիպելու Սուլթան Ապտուլազիզին, որ տպաւորուած Տէօվլէթ էֆ.ով՝ անոր կը շնորհէ Րիւթպէի Սալիսէ աստիճանը: Երուսաղէմի Եսայի պատրիարքը զինք կը կարգէ Մարաշի Աթոռակալ (պէտք է հասկնալ՝ փոխանորդ), պաշտօն մը զոր կը վարէ մինչեւ իր մահը: Կը յիշուի որ Տէօվլէթ էֆ. այցելած է նաեւ Ռուսիոյ ծովային վաճառականութեան դուռ հանդիսացող Օտեսա քաղաքը, եւ այդ առթիւ ստացած Ռուսիոյ Շահպէնտէրութեան տիտղոս, սակայն խոհեմութիւնը ունեցած է իր քաղաքին մէջ զայն չգործածելու: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը դառնայ Հալէպի վիլայէթի Մէճլիսի Մարաշի պատուիրակը: Կը հաշտեցնէ իրարու հակառակորդ մութասարրիֆ Հաճի Նազիր Փաշան ու զինուորական հրամանատար Իսմայիլ Փաշան, եւ Նազիր Փաշայի միջոցով կը յաջողի ջնջել ցամաքային առեւտուրի մաքսը՝ պաճը, որ կը գանձուէր Մարաշէն արտածուած բոլոր ապրանքներէն, եւ որ կ'արգելակէր քաղաքին մէջ առեւտուրի զարգացումը: 1882ին կարեւոր դեր կ'ունենայ Զէյթունի ապստամբները ձերբակալելու եւ Զէյթունը հպատակեցնելու նպատակով Մարաշ ուղարկուած թնդանօթներով զինուած 1000 հոգինոց թրքական զօրաբանակը ետ պահելու եւ խնդիրը հաշտութեամբ կարգադրելու մէջ: Տէօվլէթ էֆենտի իր կատարած նուիրատուութիւններով մեծ բարերարը եղած է Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է Մարաշի Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադրութեան եւ շինութեան գործին: Սոյն դպրոցը կայուն հիմերու վրայ հաստատելու նպատակով, ան երեք խանութներ կը նուիրէ՝ իբրեւ հասութաբեր կալուած: Նախանձախնդիր եղած է Մարաշի մէջ ուսումը տարածելու. Ս. Ստեփաննոսի կից դպրոց մը կը բանայ եւ իր անձնական ծախքով ուսուցիչներ կը հրաւիրէ: Սիրուած եւ յարգուած է Մարաշի հայերէն եւ թուրքերէն: Տէօվլէթ էֆ. կը մահանայ 1890ին եւ կը թաղուի Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիի շրջաբակին մէջ [16]:

Տէօվլէթին որդին՝ Դաւիթ, երկար տարիներ կը շարունակէ հօրը գործը՝ մետաքսագործութիւնը: Իր որդիները՝ Կիրակոս եւ Նշան Չօրպաճեաններ նոյնպէս կը հետեւին հօրենական արհեստին [17]:

Չօրպաճեաններ բոլորն ալ Մարաշի վաճառականական դասի երեւելի ներկայացուցիչներէն են, ազդեցիկ դիրք կը գրաւեն ո'չ միայն շուկայի վրայ, այլեւ հայ եւ թուրք հասարակութեան մէջ, կարեւոր մասնակցութիւն ունին Մարաշի ազգային, եկեղեցական, ընկերային կեանքին եւ կարեւոր նուիրատուութիւններով սատարած են անոր, նաեւ վարած են կառավարական պատասխանատու պաշտօններ:

Արհեստով գազազ վաճառական մըն է Տէօվլէթ էֆ.ի որդի Հաճի Կիրակոս Չօրպաճեանը, որ երկար տարիներ իբրեւ վաճառական կը տիրապետէ շուկային վրայ, վայելելով նաեւ թուրք շրջանակներու համարումը: Իր ուղղամտութեամբ կը շահի թուրք գործաւորներուն վստահութիւնը, որոնք կը նախընտրեն իրենց ապրանքը անոր ծախել: Գործօն մասնակցութիւն կ'ունենայ ազգային կեանքին, երկար տարիներ կը վարէ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցիի գանձապետի պաշտօնը, կը մահանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ: Զաւակներէն՝ Տիգրան կը շարունակէ հօր գործը, որ նոյնպէս ծանօթ վաճառական մըն է [18]:

Նշան Չօրպաճեան (ծնած է Մարաշ՝ 1857ին), Դաւիթ Չօրպաճեանի կրտսեր որդին՝ արհեստով գազազ մը: Կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն Կեդրոնական Վարժարանին մէջ: Գործօն մասնակցութիւն կ'ունենայ ազգային, ընկերային կեանքին մէջ: Անոր նախաձեռնութեամբ Մարաշի մէջ կը կազմուի առաջին թատերախումբը, որ թատերախաղեր կը ներկայացնէ հայ եւ թուրք հանրութեան: Առաջին Հնչակեաններէն է, հետապնդուած է կառավարութեան կողմէ: Զոհ կ'երթայ 1895ի ջարդերուն [19]:

Մարտիրոս Չօրպաճեան (ծնած է Մարաշ՝ 1849ին), Տէօվլէթ էֆ.ի որդին, նոյնպէս վաճառական մը: Կրթութիւնը կը ստանայ Ս. Ստեփաննոսի նախակրթարանը եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիի ճեմարանը: Կարեւոր դեր կ'ունենայ Մարաշի Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադրութեան եւ կառուցման մէջ: Իբրեւ Հանգանակիչ Յանձնախումբի ատենապետը, քանի մը համախոհներու հետ կրթական մեծ շարժում մը յառաջ կը բերէ Մարաշի մէջ: Կը մահանայ 1889ին, տակաւին երիտասարդ տարիքին [20]:

Յակոբ Չօրպաճեան` երրորդ զաւակը Տէօվլէթ էֆ.ի, նոյնպէս վաճառական մը, կրթութիւնը կը ստանայ Մարաշի նախակրթարաններուն մէջ: Հօրը օրինակին հետեւելով կ'ունենայ ազգօգուտ գործունէութիւն: 1890ին կը կարգուի տեղական վարչական խորհուրդի (մեճլիսի իտարէ) անդամ: 1896ին քաղաքական ամբաստանութեամբ կը բանտարկուի, յետոյ ազատ կ'արձակուի: Տեղահանութեան շրջանին Հալէպ կը մնայ, ապա կը տարագրուի Պապ, հոնկէ ալ Տէր Զօր, ուր ամբողջ ընտանիքը զոհ կ'երթայ ջարդերուն [21]:

Չօրպաճեան ընտանիքի երեւելի ներկայացուցիչներէն է՝ Կարապետ Չօրպաճեանը, կրտսերագոյն զաւակը Տէօվլէթ էֆ.ի, կրթութիւնը կը ստանայ Մարաշի Ազգ. վարժարաններուն մէջ: Ինք հիմնած է Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիի Ռուբինեան Ընկերութիւնը, բարեսիրական նպատակներով: Ջանացած է հասութաբեր գործեր հիմնելով նիւթական միջոցներ ապահովել այս Ընկերութեան համար: 1892ին քաղաքական ամբաստանութեամբ Հալէպ կը տարուի, ապա ազատ կ'արձակուի: 1896ի ջարդերէն ետք Մարաշի մէջ կուտակուած որբերու համար, Վեր. Յ. Ս. Ճէնանեանին հետ գործակցաբար կը հիմնէ Մարաշի Որբանոց-Վարժարանը: Եղած է Մարաշի մէջ հնչակեան կուսակցութեան առաջին անդամներէն: Շուրջ 40 տարի կը ծառայէ ազգային գործերու մէջ: Տեղահանութեան շրջանին կը տարագրուի Հալէպ, ապա Պապ: Զինադադարէն ետք կը վերադառնայ Մարաշ, ուր 1920ի աղէտէն ետք կը վերապրի, սակայն 1921 Սեպտեմբերին կը սպաննուի թուրքերու կողմէ՝ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ [22]:

1. Յակոբ Խրլագեան (?-1920)
2.
Մարի Խրլագեան (Յակոբի կինը)
3. Գէորգ Խրլագեան (1838-1903)

Կը յիշուին նաեւ այս գործով զբաղող ուրիշ վարպետներ, ինչպէս՝ Հաճի Գասպար Կէօնիւպէյազեան, որ նոյնպէս գազազ մըն է [23]:

Խրլագեան գեդրաստանը կը գլխաւորէ Մարաշի վաճառականներու համախմբումը: Խրլագեաններ կը սերին 18րդ դարուն Ղարաբաղէն Մարաշ գաղթած Գասպար Գալբագեան-Խրլագեանի սերունդէն: Մեծ եւ բազմանդամ այս գերդաստանը Մարաշի մեծատուն վաճառականական դասին կը պատկանի: Խրլագեաններ իրենց ձեռներէցութեան եւ առեւտրական հմտութեանց շնորհիւ պատուաւոր դիրք եւ ազդեցութիւն ունին Մարաշի մէջ, վայելելով միանգամայն՝ հայ եւ թուրք շրջանակներու յարգանքը: Գերդաստանի մեծ հօր՝ Գասպարի որդի Թորոս Տէտէ Խրլագեանի սերունդը կը կազմեն Խրլագեան գերդաստանին շառաւիղները, իր որդիներն են՝ Գէորգ, Աբրահամ, Աւետիս, Յակոբ, Յարութիւն: Խրլագեաններ լայն գործունէութիւն ծաւալած են առեւտրական զանազան ճիւղերու մէջ, զբաղած են ե'ւ մանուֆաքթուրայի, ե'ւ հողամշակութեան, ե'ւ ապրանք ներմուծող ու արտածող վաճառականութեամբ: Մասնաճիւղեր հաստատած են Մանչեսթըրի, Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ, ուր տուներ ունին եւ վաճառականական գործերով յաճախ հոն կը մնան: Գերդաստանը կաթողիկէ համայնքին պատկանելով մեծապէս օգտակար եղած է տեղւոյն կաթողիկէ եկեղեցիին եւ դպրոցին:

Գերդաստանին երէց ներկայացուցիչը՝ Գէորգ Խրլագեան (1838-1903) մեծ յարգանք կը վայելէ Մարաշի հայ եւ թուրք շրջանակներու մէջ, ունցած է պետական պատուաստիճան եւ ստացած է պատուանշան [24]:

Գերդաստանի ակնառու դէմքերէն է Յակոբ Խրլագեան, ունի շատ բարձր դիրք: Վաճառականական գործերուն զուգընթաց կը զբաղի կառավարութեան զինուորական պիտոյից մատակարութեամբ: Կառավարութեան մատուցած իր ծառայութիւններուն համար պատուանշաններ ստացած է կառավարութենէն: Նաեւ կաթողիկէ համայնքէն ներս իր կարեւոր օժանդակութեան համար Լեւոն ԺԳ. Ս. Պապէն ստացած է պատուանշան:

1914ին կ'ընտրուի Մարաշի երեսփոխան (մէպուս) Օսմանեան խորհրդարանին մէջ: 1919ին, զինադադարէն ետք, Մարաշ վերադառնալով մեծ ծառայութիւններ կը մատուցանէ Ֆրանսական գրաւման բանակի սպաներուն, ապահովելով անոնց կեցութիւնը, սակայն 1920ին, երբ բանակը անակնկալօրէն կը քաշուի, ինք լուր անգամ չ'ունենար, կը փորձէ նահանջին հետեւիլ, սակայն քաղաքին մերձակայքը թուրք խուժանին ձեռքը կ'իյնայ եւ կը սպաննուի [25]:

Մարաշի առեւտրական հրապարակի վրայ յայտնի անուններէն է Գրիգոր Մեծատուրեանը [26], որ կը զբաղի գորգի վաճառականութեամբ: Իբրեւ գորգի վաճառական կը յիշուին նաեւ՝ Յովսէփ Տիշչէքէնեան, Սարգիս Չօրպաճեան, եւլն [27]:

Մարաշի մէջ գորգի արտադրութեան եւ առեւտուրի ուղղութեամբ նշանակալի քայլեր կ'առնուին 20րդ դարասկզբին: 1909-10ին Անգլիական Արեւելեան Գորգի Ընկերութիւնը՝ Շարզ Խալը Գումբանեասը անունով գորգի աշխատանոցներ կը բանայ Մարաշի մէջ, զարկ տալով գորգի արդիւնաբերութեան: Յաջողութեան բոլոր նախադրեալները ունեցող այս գործը սակայն կը խափանի վրայ հասած ջարդերուն եւ տեղահանութեան պատճառով [28]:

1.Յակոբ Խրլագեան եւ ընտանիքը Մարաշի իրենց տան պարտէզին մէջ (Աղբիւր՝ Խրլագեան ընտանիքի հաւաքածոյ)
2.Յարութիւն Մուրատեան (1854-1926)

Թէ' տեղական շուկայի, թէ' շրջակայ գիւղերու եւ քաղաքներու օճառի պահաջքը ամբողջութեամբ կը բաւարարեն հայ ձեռնարկատէր առեւտրականներու հիմնած օճառի զոյգ գործարանները՝ մասպանաները: Մարաշի մէջ օճառի առաջին գործարանը կը հիմնէ Չօրպաճեան վաճառականական գերդաստանի անդամներէն՝ Կարապետ Չօրպաճեանը, գործակցութեամբ Կարապետ Մահսէրէճեանի, որ նոյնպէս ծանօթ վաճառական մըն է քաղաքին մէջ [29]: Կարապետ Մահսէրէճեան կը հիմնէ նաեւ շուշմայի շիրիկի (թահին), շիրկան ձէթի մահսէրէ կոչուած ձիթհան գործարան մը, արտադրանքը մեծ մասամբ կը սպառի տեղական շուկայի մէջ եւ մեծ պահանջարկ ունի:

Նոյնանման արտադրութիւն ունին նաեւ այլ Մահսէրէճեան եղբայրներ, որոնք մահսէրէ կը բանեցնեն Սէրայ-Ալթը թաղին մէջ [30]:

Օճառի գործարաններէն երկրորդը կը պատկանի Մարաշի ծանօթ վաճառականներէն Պօղոս Մուրատեանին (ծնած է Մարաշ՝ 1828ին): Օճառի գործարանէն բացի ունի սեփական բամպակազտիչ գործարան մը եւ ջաղացք մը: Կ'ըսուի թէ իր դիրքին եւ հարստութեան համար 1895ին՝ Սուլթան Ապտուլհամիտի օրով կատարուած հակահայ ջարդերուն առաջին թիրախներէն մէկը իր տունը կ'ըլլայ: Պօղոս Մուրատեան իր երկու քաջակորով որդիներուն հետ ժամեր կը դիմադրէ, սակայն երբ զինամթերքը կը սպառի, բոլորն ալ գնդակահար կը սպաննուին, իսկ տունը կը կողոպտուի:

Մարաշի մէջ համեմատաբար զարգացած արհեստներէն է պղնձագործութիւնը, վարպետները կը պատրաստեն մեծ ու փոքր կաթսաներ, ափսէներ, տաշտեր, գաւաթներ, զանազան խոհանոցային իրեղէններ, որ գոհացում կու տայ ո'չ միայն Մարաշի պահանջքին, այլեւ շրջակայ բոլոր գիւղերու եւ դաշտային Կիլիկիոյ կարգ մը քաղաքներու [31]: Պղնձագործներու շուկայի վրայ ծանօթ դէմք մըն է Աւետիս Սընըգճեան (ծնած է Մարաշ՝ 1853ին), անդամ է Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիին եւ բարեսիրական, ընկերային գործունէութիւններ ունեցած է համայնքէն ներս: Եղած է քաղաքապետական ժողովի անդամ, տարագրուած է Դամասկոս, մինչեւ 1930 թուականը Հալէպ կը մնայ, ապա ընտանիքին հետ կ'անցնի Ամերիկա [32]: Այս գործին մէջ նշանաւոր անուններէն են Յակոբ Կարապետեան եւ եղբայրք, Աւետիս Գումրուեան, Հայթաեան ընտանիք, Աւետիս Սանճըեան եւ որդիք եւ ուրիշներ [33]:

Պղնձեղէնէ զատ բաւական բանուկ արհեստ մըն է երկաթագործութիւնը, բոլորովին թուրքերու յատուկ, որոնց արտադրած երկաթեղէնները՝ կենցաղային իրեղէններ, հողամշակութեան գործիքներ, մեծ պահանջարկ ունին շրջակայ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ [34]:

Ինչպէս հայկական զանազան բնակավայրերու, Մարաշի մէջ նոյնպէս ոսկերչութիւնը կը մնայ հայ վարպետ ոսկերիչներու մենաշնորհը, ասոնց պատրաստած ընտիր եւ նուրբ զարդեղէնները՝ ապարանջաններ, մանեակներ, գինդեր, ճակտոցներ, գօտիներ եւլն, մեծ անուն հանած են անգամ ոսկերչութեան զարգացած կեդրոններու մէջ: Գր. Գալուստեանի վկայութեամբ՝ կարելի չէ հաւատալ, որ մարաշցի ոսկերիչներուն պատրաստած տարատեսակ զարդեղէնները ձեռքով շինուած են [35]: Շատ յարգի են սավաթով աշխատցուած (սեւադապատում) արծաթէ զարդերը, տուփերը: Մարաշի մէջ ստեղծուած ոսկերչական արտադրութիւններ կ'արտածուին կայսրութեան հարուստ քաղաքները՝ մինչեւ Պոլիս եւ այլուր [36]:

Ձեռնարկատէր վարպետները յաճախ միջնորդ վաճառականներու կամ տարբեր քաղաքներու մէջ գտնուղ առեւտրական գոծակալութիւններու միջոցով իրենք կը ներմուծեն արտադրութեան համար անհրաժեշտ հումքը, ներկը եւ պիտոյքները: Այս պարագային գործ ունինք արտադրական բնոյթի վաճառականութեան հետ, ուր առեւտուրը ո'չ միայն կտրուած չէ արհեստագործութենէն, այլեւ անկէ կը սնանի: Ընդ որում, այս ձեռնարկութիւնները մեծ մասամբ ընտանեկան բնոյթի են, աշխատանքի բաժանումը կայացած է ընտանիքի անդամներուն միջեւ: Անոնք միաժամանակ ներմուծող եւ արտածող վաճառականներ են:

Այս տիպի արդիւնաբերական աչքառու ձեռնարկութիւն է Սաղպազարեան ընտանիքին հիմնած տպածոյի (պասմա) արտադրութիւնը, նոյնիսկ տեղական տպածոյ արտադրանքը իրենց անունով՝ Սաղպազար Պասմասը կը կոչուի: Սերունդէ սերունդ աւանդաբար փոխանցուելով, այս արհեստը վերածուած է արդիւնաբերական լուրջ ձեռնարկութեան: Արտադրութեան բնանիւթերը, ներկը եւ տպածոյի կաղապարները, ամբողջութեամբ ընտանիքին անդամներուն կողմէ կը պատրաստուին: Տեղական սպառումէն զատ, տպածոյ արտադրանքը մեծ պահանջարկ ունի նաեւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ [37]:

Տպածոյ արտադրանքի առանձին ճիւղ մըն էր եաղլըգճիութիւնը, որ զարգացման բարձր աստիճանի հասած է Մարաշի արդիւնաբերող վաճառականներէն՝ Յովհաննէս Չօրպաճեանին ջանքերով. տաճումի եղանակով կը պատրաստեն շղարշի վրայ տարբեր գոյներով ծաղկանկար տպածոներ: Չօրպաճեան նոյնպէս ինք կը պատրաստէ իր գործին համար բոլոր անհրաժեշտ նիւթերն ու կազմածները [38]:

Մարաշի արտածումներու շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն փայտեղէն նիւթերը՝ ատաղձը եւ կահ կարասին: Մարաշի շրջակայ լեռնային խիտ անտառներով շրջապատուած բնութիւնը նպաստած է շրջանի մէջ փայտամշակութեան եւ ատաղձեղէնի առեւտուրի ծաւալումին: Այստեղ նոյնպէս կը տարբերակուին իրարմէ անջատ երկու ճիւղեր՝ փայտի եւ ատաղձի վաճառականներ եւ կահեղէններ շինող եւ վաճառող վարպետներ:

Առաջին խումբը կը զբաղի շինութեան համար նախատեսուած ատաղձներու՝ գերաններու, հեծաններու, ինչպէս նաեւ վառելափայտի առք ու վաճառքով: Տեղական սպառումէ զատ, կ'արտածուի մօտակայ քաղաքները, ինչպէս նաեւ Սուրիա [39]: Երկրորդ խումբը կը զբաղի կահեղէններու արտածումով: Ծանօթ է, որ մարաշցի վարպետներուն պատրաստած ընտիր կահեղէնը աւելի դուրսի համար կ'արտադրուի: Կիլիկեցիի հաղորդմամբ Մարաշի մէջ «հիւսնութիւնը բաղդատմամբ այլ արհեստներու շատ յառաջ գացած է. կը շինեն ընտիր աթոռներ, թիկնաթոռներ, մահճակալներ բազմոցներ, եւլն. սակայն շատ քիչ տուներ այս կարասիներն կարելի է գտնել, հարուստներու յատուկ կը սեպուի: Արհեստաւորք կը շինեն եւ կը յղեն Բերիա (Հալէպ), ուր կը ծախուի» [40]: Անշուշտ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ կահոյքի խոշոր կտորները ինչպէս այդքան երկար ճանապարհ կտրելով Հալէպ կը հասնէին, փոխադրամիջոցներու եւ երթեւեկի բացակայութեան: Հնարամիտ վաճառականները գտած են ձեւը զանոնք անվնաս տեղափոխելու համար. կը զետեղեն տախտակէ մեծ սնտուկներու մէջ եւ ջորեպաններու միջոցաւ կ'արտածեն Ատանայի եւ հիւսիսային Սուրիոյ նահանգները, մեծ մասամբ Հալէպ [41]:

19րդ դարու վերջերուն աւելի ու աւելի կը սերտանան առեւտրական յարաբերութիւնները եւրոպական երկիրներու եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, առեւտրական հրապարակը կ'ողողուի եւրոպական աժան ապրանքներով, արհեստագործական արտադրաեղանակի սահմաններն ալ հետզհետէ կը սկսին կրճատուիլ: Արտադրութեան որոշ տեսակներ չտոկալով եւրոպական արտադրանքի մրցակցութեան հետզհետէ դուրս կը մղուին ասպարէզէ, շուկայի վրայ կը սկսին տիրապետող դիրքեր գրաւել ներմուծող վաճառականները:

Աթթարիէ վաճառականներ

Վաճառականներու այս խումբին յատուկ է նեղ մասնագիտական ճիւղաւորումի բացակայութիւնը. ասոնք մեծ մասամբ ներմուծող եւ արտածող առեւտրականներ են, այսինքն` կը գործեն շուկայի պահանջարկին համաձայն, տարբեր տեղերէ կը գնեն եւ Մարաշի տարբեր շուկաներու մէջ տեղաւորուած իրենց խանութներու, կրպակներու մէջ կը ծախեն տարատեսակ ապրանքներ: Ասոնց շարքին կը պատկանին Պոլսոյ, Հալէպի, Մերսինի եւ Կեսարիոյ հետ առեւտուրով կապուած վաճառականները: Ընդհանրապէս կը զբաղին ներմուծուած ապրանքներու առեւտուրով: Գաւառներ կ'առաքեն տեղական գործուածքներ, օճառ, եւլն, իսկ հոնկէ կը ստանան գլխաւորաբար գխտոր, խէժ, ընկոյզ, բրինձ, մորթեղէն, փայտեղէն, եւ հումքի եւ բնամթերքի այլ տեսակներ, զորս կը վաճառեն Մարաշի մէջ կամ դուրս կ'արտածեն:

Իբրեւ աթթարիյէ վաճառականներ Մարաշի մէջ ակնառու դիրք ունին Մկրտիչ Ամիրալեան եւ որդին՝ Եզրաս Ամիրալեան: Ամիրալեան գերդաստանը կը սերի Զէյթունէն, կը յիշուի, որ Մկրտիչին մեծ հայրը իբրեւ բժիշկ ծառայած է Օսմանեան բանակին մէջ եւ ստացած է ամիրա պատուանունը, այստեղէն՝ ընտանիքին Ամիրալեան մականունը:

Մկրտիչ Ամիրալեան (ծնած է Մարաշ՝ 1840ականներուն), կը յիշուի իբրեւ կարող եւ գործունեայ անձ մը: Պէլէտիյէ շուկային մէջ արդիական ոճով խանութ ունի եւ մանրավաճառութեամբ կը զբաղի: Յանդուգն է եւ համարձակախօս: 1890ին հայ թուրք ընդհարումի մը առիթով, յանդիմանելով Քրէական ատեանի (ճէզա մահքեմեսի) դատաւորը, կը պաշտպանէ անիրաւեալները, եւ ձերբակալուելով Հալէպ կը տարուի, երեք ամիս ետք կը վերադառնայ Մարաշ: 1895ի ջարդի օրերուն մեծ թիւով զինուորներ կը պաշարեն Ամիրալեանի տունը, որդւոյն՝ Եզրաս Ամիրալեանին հետ ժամեր շարունակ կը դիմադրէ, սակայն պաշարողները տունը կը հրդեհեն, եւ ընտանիքը ողջակէզ կ'ըլլայ [42]:

Եզրաս Ամիրալեան (ծնած է Մարաշ՝ 1869), կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն Հայ Աւետ. Դպրոցին մէջ, կը հետեւի հօրը առեւտրական գործին: 1889ին հայերու եւ թուրքերու միջեւ ծագած կռուի մը առիթով կը ձերբակալուի եւ Հալէպ կը տարուի, վեց ամիս ետք կաշառքով ազատ արձակուելով կը վերադառնայ Մարաշ: Իբրեւ հնչակեան կուսակցութեան անդամ նիւթապէս ու բարոյապէս կ'օժանդակէ Զէյթունի 1895ի կռուին: 1895ի ջարդերուն հօրը հետ մինչեւ վերջին փամփուշտը կը դիմադրէ, սակայն տունը կրակի կը տրուի եւ իրենք տան մէջ հրոյ ճարակ կը դառնան [43]:

1. Մարաշի ծնունդ Էլմաս Տէր Մկրտիչեան (ծնեալ՝ Քիւրքճեան) եւ զաւակը՝ Լեւոն Տէր Մկրտիչեան (Մարաշի առեւտրականներէն)։ Շատ հաւանաբար լուսանկարուած է Մարաշի մէջ (Աղբիւր՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի հաւաքածոյ)
2. Գոհարիկ Տէր Մկրտիչեան (Լեւոնի քոյրը), 1920ական թուականներուն, Փարիզ (Աղբիւր՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի հաւաքածոյ)
3. Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին պատկանող օսմանեան Առեւտրական տան անդամակցութեան պաշտօնական վաւերաթուղթը (Աղբիւր՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի հաւաքածոյ)
4. Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին Պոլսոյ ֆրանսական Բարձր Քոմիսարութեան կողմէ տրուած ազատ երթեւեկութեան վաւերաթուղթ մը (Աղբիւր՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի հաւաքածոյ)

Մարաշի վաճառականական երեւելի ընտանիքներէն են Արըգեանները: Կ'ըսուի թէ այս ընտանիքին նախնիները շատ առաջ Պարսկաստանէն գաղթած են եւ թէ նախապէս Արիք-Խան կը կոչուէին: Ընտանիքին մեծ հայրն է՝ Պարսում Խան, որդին՝ Պետրոս եւ ասոր զաւակները՝ Յակոբ եւ Յարութիւն:

Յարութիւն Արըգեան (ծնած է Մարաշ՝ 1815ին), ուսումը կը ստանայ Մկրտիչ Կաթողիկոսին մօտ, երբ վերջինս դեռ աշխարհական էր: Երիտասարդ տարիքին մուտ կը գործէ վաճառականական ասպարէզ եւ իր ուշիմութեամբ բացառիկ յաջողութիւններու կը հասնի: Ան մեծ կշիռ եւ ազդեցութիւն ունի ազգային եւ պետական շրջանակներու մէջ, 38 տարի եղած է մեճլիսի իտարէի անդամ: Մարաշի տեղական կառավարութեան եւ Զէյթունի միջեւ ծագած վէճերը կը հարթէ, մեծ ծառայութիւններ կը մատուցանէ կառավարութեան: Իր կարողութիւններուն ու արդարադատութեան համար կառավարութեան կողմէ կը պատուուի Երրորդ եւ Չորրորդ կարգի Մէճիտիյէ եւ Օսմանի պատուանշաններով: Արըգեան իբրեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիի զաւակ մեծապէս օգտակար կը դառնայ նաեւ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս ծագած ներքին վէճերը կարգադրելուն մէջ, պաշտպանելով ժողովուրդին շահերը: Կը մահանայ 1890ին [44]:

Մարաշի յայտնի վաճառականնէրէն է Ծերօն Թիւթիւնճեան (ծնած է Մարաշ՝ 1867ին), կրթութիւնը կը ստանայ հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն կը զբաղի վաճառականութեամբ. իւղ, մորթ, կաշի, քարիւղ, շաքար եւ այլ ապրանքներ կը ներածէ եւ տեղական արտածութիւններ կ'ուղարկէ արտաքին շուկաներ: Մեծ յարգանք կը վայելէ կաթողիկէ համայքին մէջ: Եղած է Քրէական ատեանի անդամ, ինչպէս նաեւ Թաղապետութեան անդամ: Մարաշի վերջին աղէտին՝ 1920ի Փետրուարին կը զոհուի ուրիշ շատերու նման [45]:

Մարաշի մեծատուն վաճառականներէն են Թօփալեանները: Կը յիշուի, որ գերդաստանին Վարդան անունով նախահայրը շատ ժամանակ առաջ Պայազիտէն, իսկ այլ աւանդութեան մը համաձայն՝ Պարսկաստանէն գաղթած է Մարաշի մօտակայ Կապան (Կեպեն) բնակավայրը, եւ կաղ ըլլալուն համար սերունդը կոչուած է Թօփալ օղլու: Ասոր սերունդէն է Գէորգ Թօփալեանը (ծնած է 1780ականներուն՝ Կապան), որ ընտանիքին հետ Մարաշ հաստատուած է: Գէորգ աղա մեծ ագարակատէր է, սիրուած է հայերու եւ թուրքերու կողմէ: Երկար տարիներ հայոց կողմէ եղած է մեճլիսի իտարէի անդամ, Ս. Գէորգ եկեղեցիի իշխաններէն է: 1830ականներուն իր ջանքերով կը բացուի Մարաշի առաջին կանոնաւոր դպրոցը: Կը միջամտէ ու հաշտարար դեր կը կատարէ կառավարութեան եւ Զէյթունի միջեւ ծագած խնդիրներուն: Թիւրիմացութեան մը զոհ դառնալով կը սպաննուի [46]:

Գէորգ աղայի որդին՝Վարդան Թօփալեան (ծնած է 1813ին՝ Մարաշ), հօրը նման կը զբաղի վաճառականութեամբ: Մեծ յարգ ու պատիւ կը վայելէ հայերու եւ թուրքերու մէջ: Եղած է մեճլիսի իտարէի անդամ, իբրեւ թաղական միշտ սատարած է Ս. Գէորգ եկեղեցիին: Կը մահանայ 1890ին [47]:

Նոյն գերդաստանի շառաւիղներէն է Կարապետ Թօփալեան (ծնած է Մարաշ՝ 1845ին)՝ նոյնպէս վաճառական, իբրեւ արդարակորով անձ, միշտ պայքարած է իր դէմ եղած զրպարտութիւններուն եւ սադրանքներուն դէմ եւ իր քաջութեամբ պատկառանք ազդած է թուրքերուն, որոնք չաթալ իւրէքլի (զոյգ սիրտ ունեցող) կը կոչէին զինք: Եղած է մեճլիս իտարէի անդամ: Ծանօթ է իբրեւ կրթասէր անձ, իր ծախքով յառաջադէմ ուսանողներ կարդացուցած է Այնթապ գոլէճին մէջ: 1895ի ջարդերուն նախորդող խառնակ օրերուն սրախողխող կը սպաննուի: Թօփալեան բազմաճիւղ գերդաստանին ամդամներէն եղած են նաեւ կառավարութեան պաշտօնեաներ [48]:

Ծանօթ վաճառական է Գրիգոր Կէյիկեան (ծնած է Մարաշ՝ 1855ին), երիտասարդ տարիքին կը մտնէ առեւտրական ասպարէզ, շուրջ 25 տարի եղած է մեճլիսի իտարէի անդամ: Եղած է ամերիկեան եւ գերմանական միսիոնարաց գործակատարը տեղական կառավարութեան մօտ: Տարագրութեան շրջանին՝ 1916ին ընտանեօք կ'աքսորուի Տէր Զօր, ուր կը սպաննուի [49]:

1. Յակոբճան Պայրամեան
2. Համբարձում Թօփալեան (?-1913)

3. Ծերօն Թիւթիւնճեան (1867-1920)
4. Կոստան Վարժապետեան (1879-1917)
5. Գրիգոր Կէյիկեան (1855-1916)
6. Մկրտիչ Ամիրալեան (1840ականներ-1895)

Մահտեսի Մելքոն Հազարապետեան (ծնած է Տէրէնտէ՝ 1843ին), որդին է ծանօթ առեւտրական Մահտեսի Յովհաննէսի (Ճաֆար): 18 տարեկանին կը մտնէ հօրը առեւտրական գործին մէջ: 1878ին գործը կը տեղափոխէ Մարաշ, ճիւղ մըն ալ կը բանայ Ալպիսթանի մէջ, կը զբաղի ներածումի եւ արտածումի գործով: Հալէպի մէջ յանձնակատարական տուն մը կը բանայ մարաշցի Կարապետ Կանիմեանի եւ Մելքոն Պապիկեանի ընկերակցութեամբ: 1895ի ջարդի օրերուն Մելքոն Հազարապետեան ընտանեօք կ'ապաստանի ամերիկացի միսիոնարներու մօտ, իսկ իր տունը կը կողոպտուի: Հազարապետեան բարեսէր անձ մըն է, կ'օժանդակէ ուշիմ ուսանողներու կրթութեան: Կը մասնակցի ազգային, եկեղեցական եւ կրթական գործերու, առատաձեռն նուիրատուութիւններ կատարելով: Անդամ է մեճլիսի իտարէի եւ Թաղապետական ժողովներուն: 1915 Օգոստոսին, Հազարապետեան կը բանտարկուի մարաշցի շատ մը երեւելիներու հետ: Յայտնի է, որ ընդհանուր տեղահանութենէն 3-4 ամիս առաջ արդէն Մարաշի մէջ կը սկսին հալածանքներն ու բռնութիւնները: Զանազան պատրուակներով, կեղծ մեղադրանքներով կ'արգելափակուին Մարաշի եւ շրջակայի հայ երեւելիները, որոնց մէջ՝ ուսուցիչներ, քահանաներ, վաճառականներ, եւլն: Հազարապետեան առաջին տարագրուողներէն կ՝ըլլայ. կ'անցնի Հալէպ, Մէսքէնէ եւ Ապու Հարիր տարագրութեան ճամբաներով, ուր կը մահանայ 1916ին [50]:

Մարաշի ծանօթ վաճառականական ընտանիքներէն է Պիլէզիքճեան գերդաստանը: Կը յիշուի, որ ընտանիքին նահապետը՝ Մահտեսի Կարապետ Պարսկաստանէն, հաւանաբար Նոր Ջուղայէն գաղթած է Մարաշ եւ առեւտուրով կը զբաղի: Մահտեսի Կարապետի սերունդէն է Յովհաննէս Պիլէզիկճեանը (ծնած Մարաշ 1826ին), 17 տարեկանէն առեւտրական գործի կը սկսի, կը հաստատէ ներածումի եւ արտածումի մեծ վաճառատուն, մեծ հարստութեան տէր կը դառնայ, այնպէս որ մարաշցիներ զինք կը կոչեն Ալթուն Պապասը (ոսկիին պապան): Հասութաբեր կալուածներ կը նուիրէ Կեդրոնական Վարժարանին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին, նաեւ դրամական նուիրատուութիւններ կը կատարէ: Կը մահանայ՝ 1892ին [51]: 

Յովհաննէսի որդին՝ Կարապետ Պիլէզիքճեան (ծնած է Մարաշ՝ 1850ին), կը շարունակէ հօրը գործը, եղած է եկեղեցասէր եւ գթասիրտ անձ մը: Զէյթունի ապստամբութեան օգնելու ամբաստանութեամբ կը ղրկուի Հալէպ եւ կաշառքով ազատ կ'արձակուի: 1895ի ջարդերէն ետք կը բանտարկուի եւ բանտին մէջ կը մեռնի՝ 45 տարեկանին [52]:

Նոյն ընտանիքին ներկայացուցիչներն են՝ Նազարէթ եւ Արմենակ Պիլէզիքճեանները, նոյնպէս ծանօթ վաճառականներ: Կ'օժանդակեն ազգային գործերու: Թուրքիոյ քեմալական նորահաստատ իշխանութիւնները կը բռնագրաւեն իրենց ամբողջ հարստութիւնը [53]:

Շարքը կը շարունակէ՝ Հաճի Չարգճեան (ծնած Մարաշ՝ 1868ին), կրթութիւնը կը ստանայ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ: Առեւտրական գործերուն զուգընթաց կը ստանձնէ նաեւ կրթական եւ եկեղեցական պաշտօններ, Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցիի գանձապետն է: Առաջին Համաշխարհային պատերազմին կը տարագրուի Համա: Զինադադարէն ետք կը վերադառնայ Մարաշ եւ 1920ին Գույթուլ թաղին մէջ հաւաքուած 368 հայերու հետ կը տարուի Մարաշի Ուլու Ճամիի բակը, ուր բոլորն ալ սրախողխող կը սպաննուին [54]:

Մարաշի մեծատուն վաճառականներէն են Պայրամեանները: Զէյթունէն սերող այս ընտանիքին շառաւիղներէն՝ Խաչեր Պայրամեան կը հաստատէ առեւտրական ընդարձակ գործ մը, 10 տարի կը մնայ մեճլիսի իտարէի անդամ: Զաւակները՝ Յակոբճան եւ Թորոս նոյնպէս առեւտրական գործերով կը զբաղին: Յակոբճան Պայրամեան կառավարական արկղակալի պաշտօնը կը վարէ Մարաշ, Զէյթուն եւ Ալպիսթանի մէջ [55]:

Կոստան Վարժապետեան (ծնած Մարաշ՝ 1860ին), եղած է վաճառական, իր վարմունքով սիրաշահած է թուրք երեւելիներն ու կառավարական պաշտօնեաները եւ յարգուած անոնց կողմէ: Եօթ տարի եղած է մեճլիսի իտարէի անդամ: 1915ին, իր ընտանիքով կը տարագրուի նախ Տէր Զօր, յետոյ՝ Մէսքէնէ, ուր եւ կը մահանայ 1917ին [56]:

Իբրեւ Աթթարիյէ վաճառականներ կը յիշուին նաեւ՝ Կարապետ Փարթամեան եւ որդիք, Տաքէսեան եղբայրք, Գազազեաններ, Սեդրակ Տիշչէքէնեան, Համալեան եղբայրք, Սարգիս Ահարոնեան, Սողոմոն Ոսկերիչեան, Յարութիւն Պապաեան, Տէր Մեսրոպեան եղբայրք, եւլն [57]:

Մարաշի շրջակայքի արտածումներն ու ներմուծումները

Մարաշ քաղաքին շուրջը՝ Մարաշ Ալթը եւ Փազարճըգ լայնատարած դաշտավայրերը, հիւսիս-արեւմտեան եւ արեւելեան ջրարբի եւ բարեբեր լեռնահովիտները, ինչպէս նաեւ լեռները ծածկող անտառները շրջանը բնական գեղեցկութիւններով օժտելուն հետ, կը հոգան Մարաշի եւ շրջակայքի բնակչութեան կարիքները՝ ե'ւ որպէս սպառման բնամթերք ե'ւ որպէս առեւտուրի ու ապրանքաշրջանառութեան հիմնական նիւթեր: Շրջանի բերրի դաշտերը կ'արտադրեն ամէն տեսակ արմտիք եւ ընդեղէններ՝ ցորեն, գարի, կորեկ, հաճար, ոսպ, շուշմա, բրինձ, բամբակ, ծխախոտ եւլն: Իսկ անտառներէն կը ստացուի մեծ քանակութեամբ անտառաբերք՝ գահրի (cehri), գխտոր/գղթոր, տորոն (kök boya), սալեփ, մանիշակ, մատուտակ, աղտոր (սումախ), կանկառի խէժ, գազպէ [58], կարեւոր բերքեր են նաեւ պիստակը, ընկոյզը, եւլն: Այս բերքերուն հիմնական մասը կ'արտածուի արտաքին շուկաներ, եւ այդ պատճառով բաւական մեծ չափեր ընդունած է:

Գաւառի արտածումներուն մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն ցորենը եւ բրինձը: Ըստ Մարաշի եւ շրջակայքի տեղագրութիւնը ուսումնասիրող հեղինակներուն, Մարաշը հինէն ի վեր երկրագործական կարեւոր կեդրոն մը եւ մեծ վաճառատեղի եղած է [59]: Շրջանին մէջ ցորենի առեւտուրի կարեւորութեան մասին կը վկայէ նաեւ այն, որ Մարաշի մէջ ընդարձակ շուկայ մը յատկացուած է, ուր կը մթերուի եւ կը վաճառուի ներքին շրջաններէն ներմուծուած ցորենը: Արասա կոչուած այս ընդարձակ շուկան փաստօրէն կը մատակարարէ շրջանի ամբողջ ցորենը:

Ծանօթ է, որ Մարաշի դաշտին հողատէրերը մեծ մասամբ թուրքեր են, սակայն 1800ականներու կէսերէն արմտիքի եւ ընդեղէնի մշակութիւնը իբրեւ հասութաբեր ձեռնարկ կը գրաւէ նաեւ դրամատէր հայ վաճառականները, որոնք ընդարձակ հողատարածքներ ձեռք բերելով զարկ կու տան հողագործութեան [60]: Մարաշցի կարգ մը մեծատուն ընտանիքներ ամառանոց տուներ, ընդարձակ արտեր եւ այգիներ ունին այս կողմերը: Անոնք մշակելի հողեր կը գնեն, ցանքի գործ կը հաստատեն, աշխատցնելով մեծ մասամբ գիւղացի մշակներ, ապա հունձքը Մարաշ բերելով կը ծախեն. ասիկա բաւական եկամտաբեր գործ մըն է, կարգ մը ընտանիքներ այս գործով կը հարստանան եւ բարձր դիրքի կը հասնին:

Յատկապէս բրինձի մշակութեան մէջ հայերը կարեւոր տեղ կը գրաւեն: Մարաշի շրջակայ դաշտերուն մէջ միջինը 450 կենդինար (kentinar) բրինձի բերք կը ստացուի, որուն մէկ կարեւոր մասը հայերուն կը պատկանի. բրինձը թէ' քաղաքին մէջ կը ծախուի եւ թէ մեծ քանակութեամբ դուրս կ'արտածուի [61]: Բրինձի մշակութեամբ կը զբաղին Մարաշի վաճառականական դասի այնպիսի ներկայացուցիչներ, ինչպիսիք են՝ Խրլագեան եղբայրները, Թօփալեանները, Մուրատեանները, Արըգեանները, Կոստան Վարժապետեանը, Գըսաճըգեանները, եւլն [62]:

Աղբիւրներէն կը պարզուի, որ հայ գործատէրեր, 1900ականներու սկիզբները իբրեւ շահութաբեր ձեռնարկ կը սկսին Մարաշի շրջակաները թթաստաններ տնկել, զարկ տալով շերամապահութեան գործին, նաեւ ընդարձակ ձիթաստաններ՝ ձէթ եւ ձիթապտուղ արտադրելու համար, ինչպէս նաեւ պիստակի ծառաստաններ, որոնց բերքէն մեծ շահ կ'ակնկալուի [63]: Սակայն հասնող Համաշխարհային Ա. պատերազմը հիմնայատակ կը շրջէ ամէն նախաձեռնութիւն:

Մարաշի առեւտրական հրապարակին վրայ հիմնական տեղ կը զբաղեցնեն խաղողէ պատրաստուած բազմատեսակ մթերքները: Մարաշը խաղողամշակութեան մէջ յառաջատար դիրք կը գրաւէ, շրջակայքի այգիներուն մէջ մինչեւ 40 տեսակ խաղող կը հասնի: Խաղողի առատ բերքով կը պատրաստեն բազմատեսակ քաղցուեղէն, թէ՛ տեղական սպառումի, թէ' արտածումի համար, ինչպէս՝ չամիչ, ռուպ, պաստեղ, քըրմա, սամսա, եւլն. միայն չամիչի արտադրութիւնը 1890ին կը կազմէ 1 միլիոն 600 հազար օխա (oka) (2 048 000 քկ.) [64]:

1900ականներու սկիզբները բաւական կը յառաջանայ գինեգործութիւնն ու օղեգործութիւնը, ոգելից խմիչքներ կ'արտածուին Կիլիկիոյ քաղաքներն ու գիւղերը, մինչեւ Օսմանիյէ եւ Ատանա [65]:

Արտածումի գլխաւոր նիւթերէն են նոյնպէս մեղրը եւ մեղրամոմը, որ մեծ քանակութեամբ Եւրոպա կ'առաքուի Ալեքսանտրէթի ճամբով, նոյն՝ 1890ի տուեալներով Մարաշի մէջ կայ մեղուի 12 500 փեթակ [66]:

Մարաշի առեւտրական հրապարակի վրայ հիմնական տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ անասուններու առեւտուրը: Մարաշի կլիման, լեռնային արօտավայրերը նպաստաւոր են խաշնարածութեան համար. 1890ի տուեալներով Մարաշի սանճաքի մէջ կայ՝ 105 800 գլուխ ոչխար եւ 284 հազար այծ: Ասոր զուգընթաց բաւական մեծ չափերու կը հասնի անասուններու վաճառքը, որ գլխաւորաբար կը կատարուի Հալէպի մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ տեղւոյն հայ վաճառականներուն միջոցով: Մարաշի առեւտրականները ոչխարի հօտերը գարնանամուտին գիւղացիներէ կը գնեն, եւ Մարաշի լեռնային արօտավայրերու մէջ վարձու հովիւներու միջոցով խնամելէ ետք, աշնան հօտը կը քշեն հեռաւոր վայրեր՝ Տիարպեքիր, Հալէպ, եւ նոյնիսկ Եգիպտոս:

Գիւղեր

Գիւղերու մէջ կը յիշուին փոքրաթիւ վաճառականներ եւ մանրածախ առեւտրականներ՝ աթթարիյէներ: Շրջանի բնակչութիւնը ընդհանրապէս աղքատ է, բարեկեցիկ խաւը կը կազմեն վաճառականները, կը յիշուին Կիւրինէն, Աշոտիէն, Տէրէնտէէն, Կեսարիայէն եւ այլ վայրերէ եկած վաճառականներ. պէտք է ենթադրել, որ ասոնք հիմնական արմտիքի եւ բնամթերքի առեւտուրով զբաղող միջնորդ վաճառականներ են:

Գիւղական կարգ մը շրջաններ արհեստագործութեան եւ առեւտուրի բաւական զարգացած վիճակ մը կը պարզեն: Բնորոշ է, որ իւրաքանչիւր շրջան մասնագիտացած է յատուկ ճիւղի մը մէջ, ուստի առեւտուրն ալ մեծ մասամբ այդ ծիրէն ներս կ'իրականանայ: Գիւղական շրջաններու արհեստագործական արտադրանքը ըստ հիմնականին տեղւոյն բնակչութեան խնդրանքը կը գոհացնէ, թէեւ ձեռարուեստի որոշ ճիւղեր կարեւոր արտածում ունին:

Արհեստներու եւ առեւտուրի տեսակէտէ յառաջացած կեդրոն է զուտ հայաբնակ Ֆընտըճագը (այժմ Dönüklü), որ Մարաշի գլխաւոր եւ ամէնէն մեծ գիւղն է յարակից Տէրէ-Քէօյ եւ Քէշիֆլի գիւղերուն հետ: Այստեղ կան բոլոր անհրաժեշտ արհեստները: Այս վայրերուն մէջ զարգացած են արհեստագործութիւնն ու առեւտուրը: Շրջանը մեծ մասամբ ինքնաբաւ է, բնակչութիւնը իր կարեւոր գնումներուն համար կը դիմէ Մարաշ եւ իրենց կարգ մը բերքերն ու արտադրութիւններն ալ ծախու կը հանէ Մարաշի շուկաներու մէջ:

Մարաշցի կարգ մը հարուստ ընտանիքներ ամառանոց տուներ եւ այգիներ ունին այստեղ: Քէշիֆլիի մէջ կը յիշուին Մանուկ աղա Գալուստեանը եւ որդին Կարապետը: Հարիւրամեայ ծերունին եւ իր որդին զոհ կ'երթան 1895ի յարձակումներուն [67]:

Ֆընտըճագի շրջակայ քանի մը գիւղերու բնակչութիւնը երկրագործութենէ զատ, կը զբաղի փայտահատութեամբ, շրջակայ անտառներէն ծառեր կտրելով մեծ քանակութեամբ փայտանիւթ կ'արտածէ՝ Մարաշ, Այնթապ, մինչեւ Սուրիա ու Եգիպտոս: Հեռաւոր վայրերու առեւտուրը կ'իրականացնեն միջնորդ վաճառականները, երբեմն ալ գիւղացիները իրենք ջորեպաններու միջոցով կը տեղափոխեն ու կը վաճառեն Մարաշի մօտակայ առեւտրական հրապարակներուն մէջ: Շրջանը մեծաքանակ ատաղձ կը հայթայթէ նաեւ Մարաշի վարպետ կահագործներուն:

Այս անտառները հարուստ են նաեւ վայրի կենդանիներով՝ գայլ, աղուէս, վայրի կատու, կզաքիս, որոնց մուշտակեղէնը պահանջարկ վայելող ապրանքներէն է եւ բաւական արտածում կ'ըլլայ [68]:

Երկրագործական առաւել զարգացած շրջաններէն է Մարաշի հարաւ-արեւելեան կողմը ընդարձակ դաշտավայրերու վրայ տարածուող Փազարճըգ գաւառակը՝ իր 10 նահիյէներով (գիւղախումբ): Բնակչութեան հիմնական զբաղումներն են երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնը, իրենց կարեւոր գնումներուն համար կ'այցելեն Մարաշ քաղաքը եւ իրենց բերքերը կը բերեն վաճառելու: Մարաշի կարգ մը հարուստ ընտանիքներ ագարակներ ունին եւ կը մշակեն երկրագործական բերքեր՝ ցորեն, գարի, եւ այլ արմտիք, մասնաւորապէս բրինձ: Փազարճըգի մէջ կը յիշուի Կարապետ աղա Թօփալեանը, որ բաւական ընդարձակ գործ ունի:

Երկրագործութեան, յատկապէս ցորենի արտադրութեան կարեւոր շրջաններէն է Ալպիսթանի գաւառակը: Ալպիսթանի դաշտը անգամ ամէնանախնական միջոցներով մշակուելով տարեկան մինչեւ 2,5 միլիոն քիլէ ցորեն (91 125 000 քկ.) կ'արտադրէ [69]:

Գաւառի արտածումերուն շարքին կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն Մարաշի արեւմտեան կողմը՝ Անտըրըն (Էնտէրուն) գաւառակի՝ քրտական աշիրէթներու մէջ գործուած գորգերն ու կապերտները, որոնց հռչակը տարածուած է ողջ գաւառին եւ հեռաւոր վայրերու մէջ [70]: Ասոնց առք ու վաճառքով կը զբաղին նաեւ Մարաշի հայ վաճառականները, որոնք գիւղացիներու գործած կապերտները գնելով կ'արտածեն հայաշատ կեդրոններ:

Կապանը (Կեպեն) Անտըրըն գաւառակի կեդրոնն է ու՝ շրջանի ամէնէն բարեբեր եւ հարուստ գիւղերէն. այս հանգամանքը շահած է գլխաւորաբար Ատանայի հետ առեւտուրի միջոցով: Նշանաւոր է Կէօքսունի (Կոկիսոն) հարաւը գտնուող Կանչի (հին Կանչի բերդը - Չուգուր Հիսար) գիւղին ջրարբի դաշտերուն մէջ աճեցուած վարունգը, որուն սերմնացուն մեծ համբաւ ունի եւ ամբողջ Սուրիոյ պահանջքը կը գոհացնէ [71]:

Մեծ համբաւ կը վայելեն նաեւ Կէօքսուն գիւղաւանին մէջ պատրաստուած արծաթեղէնները, զորս կը պատրաստեն 1800ականներու կէսերէն հայաշատ կեդրոններու մէջ հաստատուած չէրքէզները. արհեստ մը, որ Կովկասէն բերած են իրենց հետ [72]:

Զէյթունէն կը ներածուի մեծ քանակութեամբ արմտիք եւ ընդեղէններ, աղտոր, մուշկ, ձիթապտուղ, գինի, օղի, չամիչ, պաստեղ, ռուպ, ընտիր մեղր, որոնք հեռաւոր տեղեր կը ղրկուին, նաեւ՝ մորթեղէն, երկաթեղէն եւ փայտ: Միայն չամիչի արտածումը Մարաշ՝ տարեկան մինչեւ 4.500 ոսկի կը կազմէ: Այս բերքերէն կ'արտածուին՝ մինչեւ Ազիզիյէ, Չուգուր-Օվա ու Տէօրթ Եօլ: Երկրորդ կարգի կու գայ վարունգի կուտը, տարեկան մօտ 1.000 ոսկիի չափ կ'արտածեն մինչեւ Երուսաղէմ: Զէյթունէն Մարաշ կ'արտածուի նաեւ ոչխարի եւ կովու կաթ, իւղ, մածուն: Տեղական երկաթեղէնի արտադրութեան համար հումքը կը մատակարեն Զէյթունի երկաթահանքերը:

Հալէպ-Մարաշ տնտեսական կամուրջը

Հին ժամանակներէն ի վեր Մարաշը առեւտրա-տնտեսական բազմաթիւ թելերով կապուած է հարաւէն իրեն սահմանակից սուրիական քաղաքներուն հետ: 19րդ դարու կէսերուն, երբ Մարաշի մէջ առեւտրականները նոր ուժ կը հաւաքեն, տարանցիկ առեւտուրի մէջ առաջատար դիրքեր գրաւած Հալէպի հայ վաճառականները առեւտրական կապեր ունին եւրոպական շարք մը երկիրներու՝ Լոնտոնի, Մանչեսթըրի, Փարիզի, Լիվորնոյի այն գործակալութիւններուն հետ, որոնց ձեռքին կը գտնուէր Պէյրութ-Հալէպ-Կիլիկիա-Անատոլուի հետ կատարուող տարանցիկ առեւտուրը:

Մարաշի հայ վաճառականներուն համար դէպի արտաքին շուկայ հիմնական դուռեր կը հանդիսանան Հալէպի, Դամասկոսի առեւտրական հրապարակները, իսկ ծովու ճամբով Պէյրութի եւ Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստները: Այս հանգամանքը կը պայմանաւորուի այս քաղաքներուն, յատկապէս՝ Հալէպի առեւտրա-տնտեսական բարգավաճ վիճակին, եւ որ աւելի կարեւոր է տեղւոյն հայ վաճառականներուն ազդեցիկ դիրքով:

Մարաշի հայ առեւտրականները բաւարար քանակութեամբ տեղական ապրանք կը տանին Հասլէպ եւ հոնկէ ալ բազմատեսակ ապրանք կը ներմուծեն Մարաշ եւ շրջակայ գաւառները: Հալէպ կ'արտահանեն տեղւոյն բերքերն ու արտադրութիւնները, ուրկէ Հալէպի մեծ մասամբ հայ միջնորդ վաճառականներու կամ յանձնակատարներու միջոցաւ կը տարածուի տարբեր կողմեր: Հալէպէն կ'առաքեն եւրոպական արդիւնաբերական ապրանքներ՝ բրդեայ, մետաքսեայ եւ բամպակեայ հիւսուածեղէններ, մանուածեղէն, երկաթեղէն, անագ, ապակեղէն, ներկեր, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ «գաղթաբերքեր»՝ սուրճ, շաքար, համեմունքներ, եւլն [73], իսկ Մարաշէն արտածումներուն հիմնական մասը ինչպէս արդէն նշուեցաւ, երկրագործական հումքն է:

Մարաշի եւ Հալէպի արտածութիւններու եւ ներածութիւններու պարզ բաղդատական մը կը բացայայտէ գրեթէ միանման ցանկ մը նիւթերու, որ հիմք կու տայ եզրակացնել, թէ Մարաշէն ներմուծուած ապրանքներուն մեծ մասը Հալէպի առեւտրական տուներու միջոցաւ կ'իջնէ Մարսիլիոյ նաւահանգիստը, ուրկէ կը թափանցէ եւրոպական շուկաներ [74]: Հետաքրքրական փաստ մըն է, որ Հալէպի արտածումներու ցանկը, գրեթէ ամբողջութեամբ կը ներառէ Մարաշի արտածումներու ցուցակը:

Այս կապերը աւելի ու աւելի կ'ամրապնդուին 1890էն ետք՝ երբ Մարաշը Հալէպի վիլայէթին (նահանգ) կը կցուի։ Նահանգային նոյն գօտիին պատկանիլը, միւեւնոյն կանոններուն եւ օրէնքներուն ենթակայ ըլլալը, բնականաբար կը նպաստէ ապրանքաշրջանառութեան վերելքին, կը դիւրացնէ առեւտրականներու ելեւմուտը եւ ապրանքներու ներմուծումն ու արտահանումը: Մարաշէն դուրս եկած առեւտրական կարաւանները կը բեկուին Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ: Այս շրջանին կը տեսնենք նաեւ մարաշցի վաճառականներ, որոնք առեւտրական գործակալութիւններ բացած են Հալէպի, Պէյրութի մէջ, եւ ինքնուրոյն կը վարեն վաճառականական կապեր Փոքր Ասիոյ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ եւրոպական առեւտրական հաստատութիւններուն հետ, որոնցմէ են՝ Խրլագեանները, Մահտեսի Մելքոն Հազարապետեանը եւ իր գործակիցները՝ Կարապետ Կանիմեանն ու Մելքոն Պապիկեանը: Սիսակ Վարժապետեան «Հայերը Լիբանանի մէջ» իր երկասիրութեան մէջ կը գրէ. «Մարաշի Խրլագեան առեւտրական հիմնարկի Պէյրութի գործակալները, օրինակ, ամէն տարի հազարաւոր ոսկիի ապրանք կը ստանային Եւրոպայէն եւ կը տարանցէին Կիլիկիա եւ ներքին գաւառները» [75]: Մարաշցի հայ առեւտրականներուն Պէյրութի առեւտրական եռուզեռի հանդէպ աճող հետաքրքրութեան մասին կը վկայէ նաեւ հետեւեալ հաղորդումը, ուր կ'ըսուի. «1880ական թուականներուն Պէյրութի [հայ] առեւտրականներուն մեծ մասը պանդուխտներ էին, որոնք կը բնակէին Ռում Խանի մէջ, եւ կը պարապեն կոմիսիոնի (միջնորդ) գործով: Անոնք ընդհանրապէս կեսարացի, ատանացի, մարաշցի, ուրֆացի եւ տիգրանակերտցի էին» եւ զանազան քաղաքներու հետ մեծ գործարքներ կ'ընէին [76]:

Մարաշի շուկաները

Եթէ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ըլլանք Մարաշի շուկաներուն վրայ, պիտի յայտնաբերենք ընդհանրապէս արեւելեան քաղաքներուն յատուկ՝ երբեմն ամբողջ փողոց մը զբաղեցնող, մասնագիտացուած խանութ-արհեստանոցներու երկար շարքեր: Քաղաքի շուկայի մէջ առանձին թաղեր կը զբաղեցնեն կօշկակարները, ալաճաճիները, որոնք տեղաւորուած են Ալաճաճը Պէտէսթէնի մէջ, ոսկերիչները՝ Գույումճու պազարի մէջ, պղնձագործները կը զբաղեցնեն Գազանճը չարշըսը ընդարձակ շուկան, սարրաճները (կաշեգործ)՝ Սարրաճխանէի մէջ։ Կողք կողքի շարուած այս խանութներուն մէջ վարպետ արհեստաւորները ե'ւ կ'աշխատին ե'ւ կը ծախեն իրենց ապրանքները:

Մարաշի գլխաւոր շուկաներն են՝ Պէլէտիյէ չարշըսը, որու կից է Պէտէսթէնը (գոց շուկայ), Գույումճու պազարը, Արասա, Թապախանէ, Չարշը պաշը, Պօղազ-քէսէն, Տիւքքեան-էօնիւ, Ուզուն-օլուգ, Գայապաշը, Տիվանլը, Գույուճագ, Սէրայ-ալթը, եւլն: Պէլէտիյէ չարշըսըն ամէնէն գեղեցիկն է, իսկ արեւելեան իր ճոխութեամբ նշանաւոր է Պէտէսթէն գոց շուկան:

Մարաշի խանութպանները՝ նպարավաճառներ, պտղավաճառներ, մանրավաճառներ, մեծ մասամբ հայեր են, կան նաեւ փոքրաթիւ թուրքեր: Հայ խանութպանները հիմնական դեր կը կատարեն Մարաշի մանրածախ առեւտուրի մէջ: Կան նաեւ քեֆաֆ կոչուած խանութպաններ, որոնք կօշկակար արհեստաւորներուն շինած կօշկեղէնները կը գնեն եւ փոքր շահով մը կը վերավաճառեն [77]: Բանջարեղէնի վաճառքով ընդհանրապէս հայեր կը զբաղին. ասոնք եւ կը մշակեն եւ կը վաճառեն, այդ պատճառով կը կոչուին պաղչէճի (պարտիզպան) [78]:

Փոխադրութիւն

Մինչեւ 20րդ դարու սկիզբները ինչպէս ողջ կայսրութեան տարածքին, Մարաշի մէջ նոյնպէս փոխադրութեան եւ երթեւեկութեան միակ միջոցը բեռնակիր անասուններն են, երկաթուղիներու եւ այլ միջոցներու չգոյութեան պատճառով: Ապրանքը կը տեղափոխեն աւանդական երթուղիներով՝ հին կարաւանային ճանապարհներով: Մարաշի հարաւային կողմը տարածուող դաշտավայրի հարաւային կողմէն՝ Պաղչէի ճամբով դուրս կու գայ հին կարաւանային Ատանա-Միսիս խճուղին, արեւմտեան կողմէն ճանապարհը կ'երկարի դէպի՝ Այնթապ եւ Հալէպ, իսկ դէպի հիւսիս՝ լեռնային ճանապարհը կը հասնի Կիւրիւն եւ Սեբաստիա. կան նաեւ շուրջի գաւառները տանող նեղ կածաններ եւ շաւիղներ:

Բեռներու փոխադրութիւնն ալ հին օրերու նման կարաւանային առեւտուրի կերպարանք ունի: Գաւառներէ հողային մթերքներու փոխադրումը ընդհանրապէս եզերու կամ գոմէշի սայլերով, երբեմն նաեւ ուղտերու վրայ բարձուած, իսկ աւելի հեռու վայրեր ներածումն ու արտածումը կը կատարուի՝ էշ, ձի, ջորի, կամ ուղտերու կարաւաններով:

Այս երթեւեկութիւնը կ'ենթադրէ տաժանելի չարչարանք, ամառ ձմեռ հարմանտաները (այսպէս կը կոչուին Մարաշի ջորեպանները) ստիպուած էին ջորիին ետեւէն մինչեւ 12-18 ժամ քալել: Ջորեպանները երբեմն մինչեւ 10-15 անասուններ ունին եւ կանոնաւոր երթեւեկ կ'ընեն Հաճըն, Այնթապ, Քիլիս, Կեսարիա, Ատանա, եւլն: Աւելորդ է նկատել, թէ տեղաշարժի եւ փոխադրութեան դժուարութիւնները կ'արգելակեն առեւտուրն ու տնտեսական փոխյարաբերութիւնները, այդպիսով նաեւ շրջանին մէջ արդիւնաբերութեան յառաջընթացը: Ասոր պէտք է գումարել նաեւ ճանապարհներու անապահովութիւնը, աւազակային խումբերու յաճախակի յարձակումներն ու թալանը:

Առեւտրական կապերը աւելի կը զարգանան եւ կ'ամրապնդուին երկաթուղիի բացուելուն հետ: Երկաթուղիի այդ ճանապարհը, որու քիչ անց «կեանքի ճանապարհ» անունը կը տրուի, մեծ թափ կը հաղորդէ կայսրութեան ներքին եւ արտաքին առեւտուրին: Առաջին երկաթուղին Կիլիկիոյ մէջ Մերսին Ատանա գիծը կ'ըլլայ, որ կը բացուի 1886 Օգոստոսին:

Հարկեր եւ տուրքեր

Մինչեւ 19րդ դարու կէսերը, եւ անկէ յետոյ տակաւին երկար ատեն, Օսմանեան կայսրութեան տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ հիմնական կը մնան հարկերն ու տուրքերը, որոնք մաս կը կազմեն նաեւ հայերու տնտեսական առօրեային եւ առեւտրական փոխյարաբերութիւններուն: Կան զանազան յայտնի ու անյայտ տուրքեր եւ հարկեր, որոնք կը գանձուին արհեստաւորներէ, խանութպաններէ, առեւտրականներէ, որպէս Էսնաֆ Վէրկիսի: Պէտք չէ մոռնալ, որ Օսմանեան կայսրութեան հարկային դրութեան մէջ հիմնաւորուած օրինական եւ մնայուն տուրքերուն ու հարկերուն զուգահեռ յառաջացած էին իշխանաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն քմայքէն՝ սովորոյթային, յաճախ կամայական ապօրինաբար գանձուող վճարումներ ու հատուցումներ: Ըստ Լեւոն Վարդանի՝ օսմանեան քաղաքացիները, շուկայի մարդերը եւ նոյնիսկ տան մէջ աշխատող ջուլհակները կը վճարեն Ասեսլիք կոչուող հարկը: Պաճ (հարկ եւ տուրք) կը գանձուէր ներմուծուող եւ արտածուող, կամ շուկայի եւ խանութի մէջ վաճառուող բոլոր ապրանքներէն [79]:

Եզրակացութիւն

Մարաշի վերաբերեալ հայկական բոլոր աղբիւրներուն մէջ, հեղինակներ յաճախ մէկը միւսը վկայակոչելով, կը մատնանշեն Մարաշի տնտեսական, մանաւանդ առեւտուրի թոյլ զարգացումը: Ընդունելով հանդերձ տարածուած այդ տեսակէտին իրականութեան մօտ ըլլալը, կարելի չէ համաձայնիլ ցարդ տիրապետող այն կարծիքին, թէ Մարաշի «տուրեւառն ոչինչ նշանակութիւն ունի» [80], մանաւանդ որ նոյն այդ հեղինակները երբեմն իրենք զիրենք հակասելով, կը բերեն փաստեր, որոնք Մարաշի առեւտրական հրապարակի եռուզեռը կը պարզեն:

Ի մի բերելով վերը շարադրուածը կրնանք եզրակացնել, որ թէպէտ Մարաշի մէջ չկան շատ մեծ վաճառականներ կամ ձեռնարկատէրեր, որպիսիք կարելի է հանդիպիլ հայկական այլ բնակավայրերու եւ գաղթօճախներու մէջ, չկան երկրի տնտեսութեան վրայ լայն առումով ներազդող առեւտրա-արդիւնաբերող հսկաներ, սակայն վերը բերուած փաստերը բաւարար են հաստատելու, թէ հակառակ աննպաստ պայմաններուն, արտաքին ճանապարհներէ կտրուած ու մեկուսի դիրքին, Մարաշի հայ վաճառականները առեւտրական ընդարձակ կապեր ունին վաճառաշահ կեդրոններու եւ առեւտրական հրապարակներու հետ, անոնք աշխուժ առեւտուր կ'իրականացնեն ո'չ միայն ներքին գաւառներու, այլեւ կայսրութեան հեռու եւ մօտ բնակավայրերու հետ: Աւելին, Մարաշի հայ առեւտրականները բազում յայտնի եւ անյայտ դժուարութիւններ յաղթահարելով, կարեւոր դեր կը կատարեն երկրամասի առեւտուրի եւ արդիւնագործութեան զարգացման մէջ:

Ի լրումն հարկ է արձանագրել, որ 1895ին, Սուլթան Ապտուլհամիտի գահակալութեան օրերուն կատարուած հակահայ ջարդերը հիմնովին կը կասեցնեն Մարաշի տնտեսական յառաջընթացը։ 1909ի Կիլիկիոյ Աղէտը նոր հարուած կը հասցնէ քաղաքի առեւտրատնտեսական կեանքին, մեծ կորուստներ կը կրէ յատկապէս առեւտրական հարուստ դասակարգը, չըսելու համար, որ անոնց մեծագոյն մասը ջարդերու առաջին զոհերը կը դառնան: Սակայն, կը տեսնենք, որ կարճ ժամանակի մէջ առեւտուրն ու շուկան կրկին կ'աշխուժանան, 20րդ դարու առաջին տասնամեակին գերազանցելով նոյնիսկ նախկին վիճակը: Վերջին այս ճիգերն ալ պիտի խորտակուէին հասնող Համաշխարհային Ա. Պատերազմի, Եղեռնի ու տեղահանութեան թոհուբոհին մէջ:

Ուստի, Օսմանեան կայսրութեան չափանիշները նկատի առնելով կարելի է ըսել, որ Մարաշ գաւառը 20րդ դարու սահմանագծին նախորդող եւ յաջորդող ժամանակաշրջանին առեւտուրի եւ ապրանքաշրջանառութեան տեսակէտէ բաւական զարգացած վիճակ մը ունի: Մարաշի շուկան ըստ հիմնականին կը բաւարարէ գաւառի բնակչութեան պահանջքը, իսկ որոշ ճիւղերու պարագային արտածումը կը գերազանցէ տեղական պահանջարկը: Մարաշի ներածումներու եւ արտածումներու ամբողջութիւնն ինքնին կը վկայէ քաղաքի առեւտրական եռուզեռին մասին:

19րդ դարու վերջերը եւ 20րդ դարու առաջին տասնամեակին ասպարէզ իջած՝ աղա, էֆէնտի, հաճի, մահտեսի, իշխան պատուանունները կրող հայ վաճառականները կը ներկայացնեն Մարաշի երեւելիներու դասը, որոնք ազդեցիկ դիրքեր գրաւած են առեւտրական հրապարակին վրայ։ Անոնք սերտ յարաբերութիւններ ունին կառավարական շրջանակներու հետ, եւ մերթ պատասխանատու պաշտօններ կը վարեն: Հայ վաճառականները կարեւոր դեր կը կատարեն ազգային կեանքին մէջ, կը ղեկավարեն ազգային եկեղեցական կեանքը, անտարբեր չեն ազգային խնդիրներուն հանդէպ, եւ առատաձեռն նուէրներով կը սատարեն ազգային, հասարակական, կրթական կեանքին:

[1] Տեղացի իսլամ ընտրանի տարրը ընդհանրապէս հողատէրեր են կամ կառավարութեան պաշտօնեաներ, ընդարձակ հողատարածքներ ունին եւ անոր եկամուտովը կ'ապրին: Ոմանք նաեւ վաճառական են կամ արհեստաւոր: Գիւղացիներ մեծ մասամբ երկրագործութեամբ եւ խաշնարածութեամբ կը պարապին:

[2] Թ. Խ. Յակոբեան եւ ուրիշներ, Հայաստանի եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան, Հտր. 3, Երեւան, Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, 1991, էջ 722:

[3] Գրիգոր Գալուստեան, Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Բ. հրատ., Նիւ Եորք, 1988, էջ 305:

[4] Նոյն, էջ 305:

[5] Նոյն, էջ 305:

[6] Նոյն, էջ 284:

[7] Նոյն, էջ 871:

[8] Նոյն, էջ 921:

[9] Նոյն, էջ 922:

[10] Նոյն, էջ 926:

[11] Նոյն, էջ 934:

[12] Նոյն, էջ 285:

[13] Նոյն, էջ 286:

[14] Նոյն, էջ 290:

[15] Նոյն, էջ 292:

[16] Վահան Քիւրքճեան, «Ազգային Յուշեր», in Հայաստանի Կոչնակ, 1929, Մարտ 16, թիւ 11:

[17] Գալուստեան, op. cit., էջ 292:

[18] Նոյն, էջ 923:

[19] Նոյն, էջ 924:

[20] Նոյն:

[21] Նոյն:

[22] Նոյն, էջ 923:

[23] Նոյն, էջ 292:

[24] Նոյն, էջ 920:

[25] Նոյն։

[26] Նոյն, էջ 291:

[27] Նոյն, էջ 306:

[28] Նոյն, էջ 291:

[29] Նոյն, էջ 303:

[30] Նոյն, էջ 303:

[31] Նոյն, էջ 299:

[32] Նոյն:

[33] Նոյն:

[34] Նոյն, էջ 300:

[35] Նոյն:

[36] Նոյն, էջ 299:

[37] Նոյն, էջ 291:

[38] Նոյն:

[39] Նոյն, էջ 37:

[40] «Արաքս», 1889, Բ. տարի, գիրք Ա., Յունիս, Ս. Պետերբուրգ, էջ 43:

[41] Գալուստեան, op. cit., էջ 43, 295:

[42] Նոյն, էջ 916:

[43] Նոյն:

[44] Նոյն:

[45] Նոյն, էջ 917:

[46] Նոյն, էջ 918:

[47] Նոյն:

[48] Նոյն, էջ 919:

[49] Նոյն, էջ 920:

[50] Նոյն, էջ 773, 921:

[51] Նոյն, էջ 925:

[52] Նոյն:

[53] Նոյն:

[54] Նոյն, էջ 923:

[55] Նոյն, էջ 925:

[56] Նոյն, էջ 926:

[57] Նոյն, էջ 306:

[58] Նոյն, էջ 278:

[59] Նոյն, էջ 264:

[60] Նոյն, էջ 277:

[61] Նոյն, էջ 278: Մէկ կենդինարը կը համապատասխանէ 31էն 39 քլկ.ի։

[62] Նոյն, էջ 278:

[63] Նոյն, էջ 282:

[64] Նոյն, էջ 281:

[65] Նոյն, էջ 282:

[66] Կիլիկիա, էջ 316:

[67] Գալուստեան, op. cit., էջ 42-43:

[68] Նոյն, էջ 37:

[69] Նոյն, էջ 70:

[70] Նոյն, էջ 60, 291:

[71] Նոյն, էջ 64:

[72] Նոյն, էջ 17:

[73] Տես՝ «Արեւելեան Մամուլ», 1906, էջ 668:

[74] Գալուստեան, op. cit., էջ 319:

[75] Ս. Հ. Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի Մէջ, հատ. 1, Պէյրութ, 1951, էջ 331:

[76] Նոյն, էջ 431:

[77] Գալուստեան, op. cit., էջ 294:

[78] Նոյն, էջ 302:

[79] Լեւոն Վարդան, «Հարկերը Օսմանեան եւ Պարսկական Կայսրութիւններուն մէջ, ԺԵ-Ի դար», Ա-Ի, հրատ. պատր. Կ. Աբրահամեան, Գ. Գասպարեան, Երեւան, ԳԱԹ, 2004, էջ 123:

[80] «Արաքս», 1889, Բ. տարի, գիրք Ա., Յունիս, Ս. Պետերբուրգ, էջ 43: