Մարաշ, 1911, Աղջկանց գոլէճի աշակերտուհիներ։ Ձախէն աջ՝ Արաքսի Ճեպեճեան, Ռոզա Յովնանեան, Վիքթորիա Պէրէճիքլեան (Ճեպեճեան գրադարան)

Մարաշ - Դպրոցներ

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 15 Փետրուար 2012 (վերջին փոփոխութիւնը 15 Փետր. 2012)

Սկզբնական շրջան

Ուսումնակրթական գործի կազմակերպումը արդի ըմբռնումով մարաշահայոց մէջ կը սկսի 19րդ դարու կէսերէն, մինչ այդ կրթական ձեռնարկները ընդհանրապէս անհատական եւ պատահական բնոյթ կը կրեն: Պատմութենէն յայտնի է, սակայն, որ դեռ միջնադարուն, Մարաշի մէջ հիմնուած են հայկական վանական դպրոցներ, ժամանակի հասկացողութեամբ՝ հոգեւոր մշակոյթի եւ կրթութեան օճախներ: Մարաշի պատմագիրներէն Յարութիւն Նաշալեան այս մասին կը գրէ. «Աւանդաբար կը պատմուի, թէ հին ատենները, Մարաշի ուսման կեդրոնները եղած են Ս. Թորոս եւ Ս. Յակոբ վանքերը»: Նաշալեանի հաղորդմամբ, քաղաքին արեւմտեան կողմը, բլուրներու վրայ նախկին վանքերուն տեղիքը ուխտատեղի էր ժողովուրդին համար, Ս. Թորոսի վայրը՝ իր մէկ հատիկ ծառով, եւ Ս. Յակոբի գտնուած տեղը, որ կը կոչուէր «Թէքքէ», այսինքն՝ վանք: Կ'ըսուի, թէ յատկապէս Հայ Թաղին (թէքքէ մահալլէսի) բարձունքը շինուած Ս. Յակոբի վանքը երեւելի եղած է իր միաբաններով [1]: Ժամանակի հասկացողութեամբ բարձր այս կրթօճախին մէջ այբբենարանէն ետք կ'աւանդէին՝ Սաղմոս, Նարեկ եւ Աւետարան, եկեղեցական երգեցողութիւն, այլեւ՝ «եղեգնեայ գրիչով եկեղեցական սակաւօրինակ ու հազուագիւտ ուրիշ մատեաններ մագաղաթի վրայ ընդօրինակել ու գեղեցիկ մանրանկարներով զարդարել» [2]: Հայերէն ձեռագիրներու յիշատակարաններ եւ այլ յարակից աղբիւրներ կը վկայեն, որ Մարաշի ու Զէյթունի վանական կեդրոններու մէջ հայերէն գրչագիր մատեաններ գրուած եւ օրինակուած են ամբողջ միջնադարու ընթացքին: Վանական այս դպրոցները ունեցած են ուրոյն աւանդոյթներ, շարունակելով միջնադարեան Հայաստանի ուսումնական կեդրոններու աւանդութիւնը, յաջողած են վառ պահել մտքի ու լուսաւորութեան կանթեղը:

Աւետարան՝ Լիմ կղզիի (Վան) վանքին մէջ պատրաստուած, 1336 թուական, գործ՝ Կիրակոս քահանայի (Աղբիւր՝ Staatsbibliothek, Berlin, Hs. or. 10910)

Մարաշի հայոց պատմութեան երախտաւոր՝ Գրիգոր Գալուստեան, Ս. Գէորգի Ծաղկոցին մասին իր յիշողութիւններուն մէջ կը պատմէ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կը պահուէին նախկին Ս. Յակոբի վանքին պատկանող հայերէն հին ձեռագիրներ եւ եկեղեցական անօթներ: «1895ի կոտորածներէն քանի մը տարիներ առաջ,- կը գրէ Գալուստեան,- երբ ես ալ կը յաճախէի Ս. Գէորգ եկեղեցիի Ծաղկոցը, յաճախ կը թղթատէի դպրոցին դիմացը «խուց»ին մութ ու խոնաւ պահարաններուն մէջ դիզուած մագաղաթեայ ստուար հատորները, կողքերը կաշեպատ տախտակներով, ամուր կազմուած, Յայսմաւուրք, Ժամագիրք եւ եկեղեցական ուրիշ գրչագիր մատեաններ... Այդ գրչագիրներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը անօթներուն համար կ'ըսուէր, թէ բերուած էին «Թէքքէ»ի (Ս. Յակոբ) վանքէն» [3]:

Մարաշի հայոց պատմութիւնը արձանագրող հեղինակներու հաւաստմամբ, սկզբնապէս, երբ դեռ Մարաշի եկեղեցիներուն կից դպրոցներ եւ ծաղկոցներ չկային, յիշեալ վանքի միաբաններէն իրենց ջուլհակի հորին կամ գործատեղիին մէջ իրենց աշկերտ-աշակերտներուն գրել-կարդալ կը սորվեցնէին՝ թախթա (տախտակ) կարդացնելով: Թախթան քառակուսի տախտակ մըն է, որուն վրայ այբուբենը գրուած է, զոր պարանով կ'անցնեն աշակերտներու վիզէն: Այբ-բենը իւրացնելէ ետք, աշակերտներուն ձեռքը կու տան բուն Սաղմոսարանը, որ է հին Կտակարանի «Գիրք Սաղմոսաց»ը, ապա փոխարինելու կու գան՝ Աստուածաշունչ մատեանը, իր մնացած գիրքերով, Նարեկը, Շարակնոցը, եւլն: Եկեղեցի յաճախող դպիրները բերանացի կը սորվին շարականներն ու եկեղեցական երգասացութիւնները [4]:

Ասիկա մէկն է այն վկայութիւններէն, որ կը հաստատէ, թէ Մարաշի հայութիւնը հինէն ի վեր անտարբեր չէ եղած ուսման եւ կրթութեան հանդէպ, եւ կարելի եղած չափով փորձած է նորահաս սերունդին փոխանցել մայրենի լեզուի հետ նաեւ կրօնական գիտելիքներ:

Մարաշի ուսեալ հոգեւորականներէն՝ Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Տէր Ղազարեան, բնութագրելով 19րդ դարասկզբի Մարաշի կրթական կեանքը կ'ըսէ թէ՝ սկզբնապէս, դպրոցներու չգոյութեան պատճառով տղաք կը յաճախէին քահանաներուն տուները, ջուլհակի հորերուն քով ծալլապատիկ նստած՝ Սաղմոս, Նարեկ եւ Քերականութիւն կը հեգէին, եւ կ'աւելցնէ՝ «Հօրս Տ. Ղազարին քով կու գային 20-30 մեծ աղաներուն տղաները» [5]:

Ըսինք թէ մինչեւ 19րդ դարու կէսեր Մարաշի նորահաս սերունդը գրաճանաչութիւն, քերականական եւ եկեղեցական որոշ գիտելիքներ ձեռք կը բերէ արհեստին զուգընթաց՝ արհեստանոց ջուլհականոցներու կամ եկեղեցիներու խուցերու խղճուկ պայմաններուն մէջ, թախթայի միջոցաւ: Սակայն, Ճշմարտութիւնը կը պահանջէ ըսել, որ այս միջոցներով եւ այս պայմաններուն տակ գրաճանաչ դարձած սերունդն է, որ ճանապարհ կը հարթէ մարաշահայ նոր շրջանի կրթական լուսաւորական շարժման համար:

Մարաշի մէջ նոր տիպի կրթական առաջին օճախը կը բացուի 1828-30ին՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Մարաշի երեւելի իշխաններէն [6] ՝ Թօփալեան Գէորգ աղայի կողմէ:

Մարաշի մեծատուն Թօփալեան գերդաստանի շառավիղներէն՝ Գէորգ աղա ազդեցիկ դիրք ունէր ոչ միայն հայ, այլեւ թուրք հասարակութեան մէջ: Իր միջոցներով եւ անձնական նախաձեռնութեամբ կը բացուի Մարաշի անդրանիկ կանոնաւոր դպրոցը տեղւոյն հայ պատանիներուն կրթութիւն տալու համար:

Կը պատմուի որ 1824ին Ստեփան Գարաեափուճեան անուն երիտասարդ մը, Սաղմոս-Նարեկի իր նախնական ուսումը Մարաշի մէջ ստանալէ ետք, Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը կ'երթայ իր ուսումը կատարելագործելու: Վերադարձին Ս. Սարգիս թեմին [7] քահանայ կը ձեռնադրուի՝ իբրեւ իր գերդաստանին 35րդ քահանան: Այս ուսեալ նորընծան կը հրաւիրուի Թօփալեան Գէորգ աղային կողմէ, իր բացած դպրոցին մէջ իբրեւ ուսուցիչ:

Երկրորդ վկայութեան համաձայն Թօփալեան Գէորգ իշխանը տուն մը շինել կու տայ եւ Կեսարիայէն Կարապետ անուն վարժապետ մը հրաւիրելով իր նոր տան մէջ դպրոց մը կը բանայ եւ բաւական թիւով պատանիներ հաւաքելով անոնց կրթութեան ու դաստիարակութեան հոգ կը տանի: Կը տեսնուի, թէ Մարաշի անդրանիկ վարժարանին մասին երկու տեղեկութիւններն ալ համանման են, միայն ուսուցիչները տարբեր են, չի բացառուիր որ այս երկու անձերն ալ դասաւանդած ըլլան նոյն կամ տարբեր ատեններ:

Այս մասին համարժէք տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Տէր Ղազարեան. «Մարաշի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կանոնաւոր դպրոց բացուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցիին մէջ՝ բարեհամբաւ Թօփալեան գերդաստանի ջանքերուն եւ առատաձեռնութեան շնորհիւ։ Ուսուցիչն էր կեսարացի Կարապետ վարժապետ, կէօզլուկլիւ (ակնոցաւոր) մականուանեալ, որ կ'ուսուցանէր քերականութիւն, տրամաբանութիւն, ճարտասանութիւն, թուաբանութեան չորս գործողութիւնները» [8]:

Իբրեւ անդրանիկ դպրոց, մարաշահայ կրթական գործի կազմակերպման մէջ առաջնային ալ կ'ըլլայ անոր դերը: Թեմական այս դպրոցը մարաշահայոց կու տայ ուսեալ եւ կրթուած հոգեւորականներ, աշխարհիկ գործիչներ, որոնք յետոյ կը դառնան Մարաշի նոր շրջանի եկեղեցական, կրթական, հասարակական կեանքի կազմակերպողները: Այս կրթօճախի սաները կ'ըլլան՝ Մկրտիչ կաթողիկոս Քէֆսիզեան, Տ. Նահապետ Ա. Քհնյ. Տէր Կարապետեան, Ս. Քառասուն Մանուկ թեմէն՝ Տ. Մկրտիչ Քհնյ., Թօփալեան Վարդան իշխանը, Ս. Գէորգ թեմէն՝ Տ. Կարապետ Քհնյ. Սաաթճեան, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Տիշչէքէնեան, Տ. Կարապետ Քհնյ. Աղայեան (Աղո իրէց), Տ. Պետրոս Քհնյ. Սեւջուկեան, Ս. Ստեփաննոս թեմէն՝ Խաչեր վարժապետ (Խալֆէ) Տէր Մեսրոպեան եւ ուրիշներ [9]:

Մարաշ, ca 1885։ Աքտերէ թաղամասին բողոքական կրթական հաստատութիւնները։ Ձախին՝ Կեդր. Թուրքիոյ Աղջկանց Գոլէճը, կեդրոնը՝ միսիոնար Հենրի Մարտընի բնակարանը, աջին՝ Կիլիկիոյ աստուածաբանական ճեմարանը (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)

Աշակերտներ, որոնք նոր կը մտնեն դպրոց, կը սկսին Այբ-բենէն, այսինքն գրաճանաչութենէն, ապա անոնց կ'աւանդուին՝ Սաղմոս, Նարեկ, Գործք Առաքելոց, նաեւ թուաբանութիւն, այս ամէնը իւրացնելէ ետք միայն աշակերտները կը սկսին ձեռք առնել Հ. Միքայէլ Չամչեանի հաստափոր Քերականութիւնը: Կ'ըսուի թէ Թօփալան Գէորգ աղա դեռ վարժարանը չբացած, երբ առեւտրական գործերով Պոլիս կ'երթայ՝ Վենետիկի Մխիթարեաններու հրատարակութիւններէն բաւական օգտակար գիրքեր իր հետ Մարաշ կը բերէ:

Դպրոցը կարճ ժամանակի մէջ բաւական լաւ ընթացք կ'առնէ, սակայն Թօփալեան Գէորգ աղա թիւրիմացութեան մը զոհ դառնալով, կը սպաննուի Մարաշէն երեք ժամ հեռու Ճիհան գետի կամուրջը անցած պահուն։ Դպրոցը իր հովանաւորէն զրկուելով, շուտով կը գոցուի:

1840ական թուականներուն Էջմիածինէն Մարաշ կու գայ Սերովբէ Ծ. Վրդ. անուն ուսումնական վարդապետ մը եւ Ս. Գէորգի նոյն վարժարանին մէջ 5-6 տարի մը կ'ուսուցանէ, աւանդելով գրաբար շարադրութիւն, քերականութիւն, ճարտասանութիւն, տրամաբանութիւն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլ դասեր: Կը պատմուի որ աշխարհագրութեան դասատուութիւնը աւելի դիւրահասկնալի դարձնելու համար ան խոշոր ձմերուկներու վրայ քարտէսներ կը գծէ եւ այդ կերպով կը սորվեցնէ աշակերտներուն: Սերովբէ Վարդապետին քով իրենց ուսումը կը զարգացնեն Տ. Նահապետ Ա. Քհնյ. Տէր Կարապետեան, Տ. Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Վարժապետեան, իշխան Վարդավառ Գույումճեան եւ ուրիշներ [10]:

Ահա այս դպրոցներէն ներս քիչ շատ ուսում առած եւ պատրաստուած սերունդին միջոցաւ եւ անոր անմիջական մասնակցութեամբ, 1840ականներէն սկսեալ Մարաշի վեց եկեղեցիներուն մէջ հետզհետէ կը սկսին բացուիլ ծաղկոց կոչուած նախակրթարանները: Եւ այս առումով հարկ է արժեւորել անհատական բոլոր ջանքերը, որոնք իրենց կարգին նշանակալի դեր կ'ունենան մարաշահայ նոր շրջանի կրթական կեանքի կազմակերպման մէջ:

* * * *

Մարաշի կրթական կեանքի առանձին էջերը ներկայացնելէ առաջ, անհրաժեշտ կը նկատենք նախ անդրադառնալ անոր վերելքը պայմանաւորող շարք մը ազդակներու:

19րդ դարու կէսերէն սկսեալ, մէկ կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ թանզիմաթով սկսուած բարեփոխումները, միւս կողմէ՝ Ազգային Սահմադրութեամբ հայկական շրջանակներ թափանցած կրթութեան-լուսաւորութեան ալիքը նոր շունչ կը հաղորդեն Մարաշի հայոց հասարակական-կրթական կեանքին:

Հրապարակ կու գան շարք մը կրթանպաստ ընկերութիւններ, որոնք կեանքի կը կոչուին գլխաւորապէս դպրոցներ բանալու, կրթական գործին զարկ տալու նպատակով: Թեմերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու շուրջ համախմբուած այս մարմինները ստեղծուած են իւրաքանչիւրը իր թեմին Ծաղկոց-վարժարաններուն օժանդակելու, մանուկներու ուսման ու կրթութեան միջոցներ ապահովելու համար, ինչպէս՝ Ս. Ստեփաննոս թեմին՝ «Ռուբինեան», Ս. Աստուածածնի՝ «Մամիկոնեան», Ս. Գէորգի՝ «Լուսինեան», Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ՝ «Հայուհեաց», Կեդրոնական Վարժարանի՝ «Կիլիկեան Հայրենասիրաց» եւ այլ ընկերութիւններ [11]:

Հարկաւ կրթական լուսաւորական համընդհանուր վերելքի այս շրջանին մեծ դեր վերապահուած է Պոլսոյ, ուր 19րդ դարու առաջին կէսէն արդէն կը սկսի կրթական նոր եւ զօրաւոր շարժում մը, որ հետզհետէ պիտի ծաւալէր նաեւ գաւառական կեդրոններուն մէջ:

Ինչպէս շատ մը կեդրոններու, Մարաշի մէջ նոյնպէս կրթական արթնութեան մղող հիմնական շարժիչ ուժերը կ'ըլլան հայկական-համայնքային կեանքին մէջ կշիռ ունեցող երկու իրարու գործակից ուժեր՝ յառաջադէմ հոգեւորականութիւնն ու հարուստ վաճառականական դասի ներկայացուցիչները, առաջինը՝ իր մտաւոր կարողութիւններով, իսկ երկրորդը՝ նիւթական նուիրատուութիւններով, կը դառնան նոր շրջանի կրթական գործի կազմակերպողները:

Մարաշ, 1904. Մեսրոպեան վարժարանէն խմբանկար։ Ուսուցիչները նստած են առաջին շարքին վրայ. ձախէն աջ՝ Հաճի Յովհաննէս Մեսրոպեան, Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, Խորէն վարդապետ Կապատեան, Իմաստուն Պապաշանեան (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

Անուրանալի է նաեւ օտար միսիոնարական կազմակերպութիւններու եւ անհատ միսիոնարներու նպաստը Մարաշի կրթական յառաջընթացին մէջ: Մարաշ մուտք գործելէն ի վեր, յատկապէս Ամերիկեան Պորտի միսիոնարները, կը սկսին հիմնել արդիական դպրոցներ, բարձրագոյն վարժարաններ եւ գոլէճներ, վայելելով տեղւոյն հայ բողոքական համայնքին գործակցութիւնը: Անոնց ներմուծած ուսման եւ կրթութեան արդի միջոցներն ու եղանակները լաւագոյն օրինակ հանդիսանալով, խթան կ՝ըլլան նաեւ Առաքելական համայնքին ուսումնակրթական գործը յառաջ մղելուն:

Մարաշի եւ մարաշահայոց կրթական կեանքին մաս կը կազմեն նաեւ 1895-96ի ջարդերէն ետք ամերիկեան, անգլիական եւ գերմանական միսիոնարական կազմակերպութիւններուն ծաւալած որբախնամ գործունէութիւնը, մասնաւոր յիշատակութեան արժանի է այս հաստատութիւններուն բացած որբանոց-դպրոցներուն մէջ հազարաւոր հայ որբերու ուսման ու կրթութեան գործի կազմակերպումը։

Մարաշ, 1893. Ակադեմիա բարձրագոյն վարժարանէն խմբանկար։ Կեդրոնը, նստած՝ տիկին Լ. Օ. Լի (գլխարկով). անոր ձախ կողմը՝ Տոքթ Լի, Սարգիս Սամուէլեան եւ Սփիրիտոն Մարաշլեան, իսկ աջ կողմը՝ Լեւոն Աշճեան եւ Սիմոն Քիւփէլեան (ուսուցիչներ) (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

Ծաղկոց-նախակրթարաններ

1850ականներէն սկսեալ Մարաշի վեց եկեղեցիներուն կից [12] կը բացուին Ծաղկոց կոչուող նախակրթարանները, որոնք կը մատակարարուին եկեղեցիներու հասոյթներէն եւ ենթակայ են Թաղական Խորհուրդներուն: Աւելի ուշ կը սկսին կազմուիլ Հոգաբարձական մարմիններ, կ'որդեգրուին կրթական բարեփոխումներ, եւ հետզհետէ այս դպրոցները կանոնաւոր ձեւ կը ստանան:

Ցաւօք, տարրական այս կրթարաններուն հիմնադրութեան եւ սկզբնաւորութեան մասին տեղեկութիւններ չեն պահպանուած. մարաշցի յուշագիր հեղինակներու նկարագրութիւնները ընդհանուր բնութագիր մը կու տան լոկ: Ակնյայտօրէն, Մարաշի հայոց պատմութիւնը երկասիրող Գրիգոր Գալուստեանին տրամադրութեան տակ Մարաշի կրթական կեանքի վերաբերեալ սակաւաթիւ աղբիւրներ եղած են, ուստի կրթութեան գլուխը շարադրած է գերազանցապէս յուշագիր հեղինակներու հաղորդումներու եւ իր անձնական յիշողութիւններու հիման վրայ:

Կարգ մը հեղինակներ հետաքրքրական մանրամասներ կը հաղորդեն սկզբնական շրջանի դպրոցական կեանքի մասին, մասնաւորաբար ուսուցման եղանակներու, դպրոցէն ներս կարգ ու կանոնի, սովորութիւններու մասին, զորս հարկ կը համարենք մէջբերել այլ տեղկութիւններ չըլլալուն պատճառով:

Յայտնի է, որ եկեղեցիներուն կից բացուած բոլոր Ծաղկոց-նախակրթարանները կ'առաջնորդուին միասնական ծրագիրով եւ գրեթէ միեւնոյն դրուածքը ունին: Գրիգոր Գալուստեան նկարագրելով Ս. Գէորգ եկեղեցիին նախակրթարանը, կը նպատակադրէ ընդհանուր գաղափար մը տալ բոլոր Ծաղկոցներուն մասին:

Ս. Գէորգի Ծաղկոցը կը գտնուի Շէքէրտէրէի ձորին կողմը, փայտաշէն, երկայնաձեւ շէնքին երկրորդ յարկը, կը բաղկանայ միակ սրահէ մը, չորս կողմէն պատուհաններով, առանց ապակեփեղկերու: Ձմեռը ցուրտէ պաշտպանուելու համար, կտաւով կամ տախտակի կտորներով կը գոցուի: Դասաւանդութիւնն ալ հեռու է կանոնաւոր ըլլալէ. աշակերտները իրենց կարդացած գիրքերուն համաձայն դասարաններու բաժնուած են, նոյն սրահին մէջ տարբեր տարիքի աշակերտներու դասաւանդութիւնը միատեղ կ'ըլլայ: Այն ատենները նստարաններ եւ գրասեղաններ չկային: Աշակերտները կը նստին խսիրներով ծածկուած յատակին վրայ՝ ծալլապապիկ (պաղտաշ), ոմանք իրենց հետ կը բերեն իրենց սեփական բազմոցը (մինտէր): Սկիզբները ձմեռը բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներ իրենց սեփական հողէ կրակարանը (քէօզլիւք) ունէին: Յետոյ սովորութիւն կ՝ըլլայ թիթեղեայ վառարաններ (սոպա) գործածել, վառելափայտը աշակերտները կը բերեն տունէն [13]:

1) Լեւոն Աշճեան (ուսուցիչ, Մարաշ Ակադեմիա)
2) Սարգիս Սամուէլեան (ուսուցիչ, Կեդրոնական վարժարան)
3) Վերապատուելի Եղիա Քասունի (ուսուցիչ, Կեդրոնական վարժարան)
4) Վերապատուելի Ահրարոն Շիրաճեան՝ Մարաշի հայկական կրթական կեանքի կարեւորագոյն դէմքերէն
5) Արմենակ Հայկազեան՝ Մարաշի աստուածաբանական ճեմարանի շրջանաւարտ
6) Հայկազուն Քէշիշեան (ուսուցիչ, Կեդրոնական վարժարան)

Ուրեմն, սկզբնական շրջանին ծաղկոցները նախնական ոճի դպրոցներ են։ Նոյն այս նախնական ժամանակաշրջանին կը վերաբերին Կարապետ Տէր Ղազարեանի (Տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանին հայրը) հետեւեալ ուշագրաւ տեղեկութիւնները. «Ընդհանուր առմամբ եկեղեցիներու մէջ շարական եւ փոխասացութիւն կարդացողներուն խալֆա (խալֆէ, խալֆօ) անունը կը տրուէր, որ միեւնոյն ատեն դասատու կը նշանակէր» [14]: Այս խալֆաներէն քահանաներ կը ձեռնադրուին, որոնք պարզ գրել կարդալ գիտեն: Նախապէս խալֆան իր տանը մէջ աշակերտներ կ'ընդունէր շաբաթական որոշ վճարումով մը եւ կամ փոխան դրամական վճարումի՝ իբր ընծայ խալֆային կը տանէին ձաւար, իւղ, պանիր, ածուխ ու փայտ: Երբ խալֆան քահանայ ձեռնադրուի, աշակերտները այլեւս եկեղեցի կը յաճախեն, ուր խալֆան կ'ունենայ փոքր խուց մը դպրոցի ծառայելու, որ միեւնոյն ատեն ջուլհակի արհեստանոց մըն է:

Հին օրերու խալֆաներէն նշանաւոր են՝ Խաչեր խալֆան՝ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին, Սարգիս Կիւգիւր՝ Ս. Սարգիսի, Թորոս խալֆան՝ Ս. Քառասուն Մանկանցին մէջ, որոնք սերունդներ դաստիարակած են:

Աշակերտները ամառ ձմեռ, առանց արձակուրդի կը յաճախեն խալֆաներու քով: Աշակերտները կարգերու բաժնուած չեն, դասի ատեն իւրաքանչիւրը ոտքի վրայ կեցած պարտ է իր դասը կարդալ. մէկը Աւետարան, ուրիշ մը քերական, եւլն: Դասի ատեն խալֆային ձեռքը պատրաստ կը գտնուի գաւազան մը, երբ մէկը սխալի գաւազանի հարուած կը ստանայ ձեռքերուն: «Դպրոցին մէջ կարգազանց աշակերտները պատժելու համար,- կը գրէ Գր. Գալուստեան,- յաճախ անոնց ձեռքը կը տրուէին եկեղեցական հին գրչագիր մատեաններ եւ մէկ ոտքի վրայ կը կեցնէին՝ իբրեւ պատիժ կրելու անոնց ծանրութիւնը» [15]:

Կան նաեւ այլ սովորութիւններ: Հետաքրքրական է Կ. Տէր Ղազարեանին հետեւեալ հաղորդումը. «Երբ աշակերտ մը Սաղմոսի Բ. գլուխ 3րդ համարին հասնի, ուր գրուած է «Խզեսցուք զկապանս նոցա, եւ ընկեսցուք 'ի մէնջ զլուծ նոցա», խալֆէն աշակերտին ներքնաշապիկը վերէն վար կը պատռէր եւ կ՝ընդունէր ընծաներ աշակերտին ծնողաց կողմէ» [16]:

Դադարի պահուն աշակերտները դուրս ելլելու համար խալֆայէն հրաման չեն առներ։ Խուցին դրան վրայ կախուած տախտակ մը կայ, որուն մէկ երեսին գրուած է՝ «Եկաւ» իսկ միւս երեսին՝ «Գնաց», այս եղանակով աշակերտները ելումուտ կ'ընեն՝ առանց խանգարելու խալֆային ջուլհակութեան գործը: Կէսօրուան ճաշին եւ երեկոյեան արձակման պահերուն միայն խալֆան կ'արտասանէ իր նշանաւոր խօսքը՝ «Բանտըխիլ, տղա'ք», այսինքն՝ արձակում տղաք, բանտէն ելէք [17]:

Առանձին հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Կարապետ Տէր Ղազարեանին յիշողութիւնները. «Մեր ատեններուն՝ ամէնէն բարձր ուսումը կը համարուէր քերականութիւն գիտնալը։ Քերականութիւն գիտցողներու մէջ նշանաւոր եղած են Տ. Յովհաննէս Վարժապետեան, Տ. Եփրեմ Աղազարեան եւ Սարգիս Պիլէզիկճեան (յետոյ Պատուելի Սարգիս): Քերականութեան դասը կ'աւանդուէր եղանակաւոր հարց ու պատասխանի ձեւով: Աշակերտներէն մէկը կ'ուղղէր հարցումը, իսկ միւսները կը պատասխանէին, եղանակաւոր բարձր ձայնով։ Երբ աշակերտը հարցնէր՝ “Ի՞նչ է Քերականութիւնը”, բոլորը մէկ կը պատասխանէին. “Արհե'ստ ուղիղ խօսե'լու եւ անսխալ շարադրելու”: “Ի՞նչ է գիր - Գիրն է գիծ ի'նչ, նշան տա'ռի. տառն է հնչո'ւմ, ինչ հեգելի”: “Ի՞նչ է վանկը - Վանկն է միով հնչմամբ խօսի, բաղկացութեամբ պէս պէս տառի”, եւայլն: Այս կերպով կը սորվէին՝ քերականութիւնը, որ 4-5 տարիներու կը կարօտէր: Ահա այսպիսի դպրոցական դրութեան տակ իր կրթութիւնը առած էր Մարաշի կրթեալ անդրանիկ սերունդը» [18]:

Գր. Գալուստեանի վկայութեամբ, իր դպրոցական տարիներուն նոր նոր սկսած են գործածուիլ աշխարհաբար դասագիրքերը: Քերականէն ետք աշակերտներուն կը տրուին Փոքր եւ Մեծ Սաղմոս, Մայրենի Լեզուի Ա. եւ Բ. տարիները, ինչպէս նաեւ համառօտ Հայոց պատմութիւն եւ Քրիստոնէական մը: Աւելի ետք՝ Գրաբար քերականութիւն՝ նախատարերք, Աւետարանի ընթերցում եւ թարգմանութիւն, ինչպէս նաեւ Օսմաներէն քերական, Փոքր Ինշա (շարադրութիւն), տարրական թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, եւլն: Երաժշտութեան դասատուութիւնը կ'ամբողջանայ եկեղեցական եւ ազգային կարգ մը երգերու երգեցողութեամբ [19]:

«Խալֆօն,- պատմողը դարձեալ Գալուստեանն է,- կը բազմէր յատակէն քիչ մը բարձր սէտիրի վրայ, իսկ դաս առնող ուսանողներս ետեւէ ետեւ ծնրադիր կը շարուէինք Խալֆոյին առջեւ համարները (դաս) կարդալու համար, բարձրաձայն. գրէթէ բոլորս ալ կրկնելով գիրքին նոյն էջը: Խալֆօն շատ անգամներ այցելուի մը հետ ժամերով կը խօսակցէր սիկարէթ ծխելով, մինչ մենք դասերը կը կարդայինք: Ամառուան տաք օրերուն Խալֆօն երբեմն նստած տեղը կը քնանար ու մենք կը շարունակէինք ընթերցանութիւնը, միջանկեալ չարաճճիութիւններով» [20]:

Դպրոցական կարգապահութիւնն ալ տարօրինակ ձեւերով կ'ընթանայ: Խալֆօն կամ օգնականը թէ' դաս կու տան, թէ' աշակերտներուն կը հսկեն, երբեմն ալ բարձրագոյն կարգի չափահաս տղոցմէ հսկիչ կը նշանակեն: Ֆլախան (հաստ փայտ), ծեծը եւ պատիժը անպակաս են դպրոցներէն: Ուսուցիչը ծեծի եւ պատիժի բացարձակ ազատութիւն ունի, որովհետեւ ծնողք երբ իրենց զաւակները դպրոց կը դնեն, ուսուցիչին կ'ըսեն՝ «Մասը քիզ, իւսկիւրիւ եէս» (միսը քեզի, ոսկորը ինծի): Երբեմն ծեծը անիրաւաբար ու անտեղի կ'ըլլայ, սակայն վարժապետը միշտ իրաւունքի մէջ կը նկատուի [21]: Հակառակ այս բոլորին, ինչպէս կը վկայէ Վեր. Յարութիւն Ճէնանեան՝ «Թէեւ ոմանք կրնան դպրոցէ փախչիլ պատիժէ ազատելու համար, սակայն, ընդհանրապէս բոլորն ալ կը սիրեն դպրոցը եւ առանձնաշնորհ մը կը նկատեն հոն յաճախել, որովհետեւ շատեր զուրկ են անկէ» [22]:

Սկիզբները երբ դեռ դպրոցներու մէջ զանգակ չէին գործածեր, վարժապետը արեւին նայելով աշակերտները ճաշի դադարի կը հանէր կամ բանտըխիլ կ'ընէր: Կէսօրուան դադարը կը տեւէ ժամ մը: Բարեկեցիկներ ճաշը իրենց հետ կը բերեն կամ անիկա կը բերուի իրենց քոյրերուն կողմէ՝ ճաշի ատեն: Ծանր է աղքատ աշակերտներուն վիճակը, որոնք յաճախ ուտելիք չեն ունենար: Երեկոյեան դպրոցէն արձակուելով աշակերտներու իւրաքանչիւր կարգ իր «կառավարիչով» տուն կը ղրկուի:

Իսկ Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Տէր Ղազարեան իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ երբ արդէն բացուած են Մարաշի վեց եկեղեցիներուն կից թաղային դպրոցները, փոքր տարիքի երեխաները դպրոց չեն յաճախեր, իսկ թուրք «լակոտներուն» վախէն, յատկապէս Ուրբաթ օրերը աշակերտներուն թիւը կը նուազի: Թուրք տղաք Ուրբաթ օրերը քարերով եւ պարսատիկներով հայ տղաքը կ'ահաբեկեն, նոյնիսկ չափահաս թուրքեր կը մասնակցին այս կռիւներուն եւ հայ աշակերտները ստիպուած եկեղեցւոյ մօտակայ հայ տուները կ'ապաստանին, մինչեւ որ թուրքերը հեռանան [23]: Ինչպէս կը տեսնենք, ժամանակ առ ժամանակ ճնշումներէ եւ բռնութիւններէ զերծ չեն մնացած նաեւ դպրոցահասակ երեխաները:

Բոլոր փաստերը ի մի բերելով կարելի է ըսել, որ բացառութեամբ խիստ սակաւաթիւ մանուկներու, որոնք մասնաւոր ուսման կը հետեւին հոգեւորականներու ձեռքին տակ ու ժամանակի ըմբռնումով լաւ կրթութիւն կը ստանան, մարաշահայ կրթական կեանքը յատկապէս սկզբնական շրջանին հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ, դասատուութիւնը կը կատարուի ամենանախնական պայմաններուն մէջ: Աշակերտներէն անոնք որ քիչ շատ ուսում կը ստանան, աւելի շատ կը պարտին իրենց բնածին ընդունակութիւններուն եւ ջանասիրութեան. անոնք իրենց ուսածն ու իւրացուցածը կը զարգացնեն այս ու այն կողմ յաճախելով, հարցնելով, գիտելիքներ քաղելով, այսինքն՝ ինքնօգնութեամբ:

Մարաշ, Ակադեմիա բարձրագոյն վարժարանի ուսանողներու խմբանկար։ Նստած, ձախէն աջ՝ Սարգիս Քիւլլիւկեան, Մինաս Գասարճեան, Աւետիք Փօլատեան, Նշան Զէյթունցեան, Վահրամ Թահմիզեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ Պայըրեան, Լեւոն Կիւլիւզեան, Տիգրան Ենովքեան, Աղեքսանդր Էլմաճեան, Մովսէս Միսիեան, Երուանդ Էլմաճեան, Գարեգին Ղարիպեան (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

* * * *

1860ականներու սկիզբը թրքական զօրքերուն դէմ Զէյթունի կռիւներուն պատճառով Պոլսէն կայսերական կառավարութեան կողմէ իբրեւ քննիչ Զէյթուն կը ղրկուի Սարգիս էֆ. Աղաբէկեան անուն բարձրաստիճան հայ պաշտօնեան, որ քննութիւններ կատարելու եւ տեղեկագրեր պատրաստելու համար կը ստիպուի քանի մը ամիս Մարաշ մնալ: Ան մօտէն ծանօթանալով Մարաշի եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին անկազմակերպ վիճակին, իբր ուսեալ եւ գիտակից հայ, կը ձեռնարկէ Ազգային Սահամանադրութեան օրէնքներուն համեմատ կազմակերպել մարաշահայոց ներքին կեանքը: Աղաբէկեան կ'այցելէ վեց եկեղեցիները, Սահմանադրութիւնը կը մեկնաբանէ ժողովուրդին, Պոլսէն Ազգային Սահմանադրութեան տետրակներ բերել կու տայ ու ժողովուրդին կը ցրուէ: Իր ջանքերով եւ անմիջական մասնակցութեամբ Մարաշի մէջ կը կազմուին առաջին Թաղական Խորհուրդները. թաղային խեղճուկրակ ծաղկոցները, որոնք ժամանակակիցի մը դիպուկ յորջորջմամբ՝ աւելի շատ «խամրոցներ էին», կանոնաւոր նախակրթարաններու վերածելու ծրագիր կը մշակէ:

Ս. Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցիին մէջ, Քաղաքական Ժողովի ներկայութեամբ եւ վեց եկեղեցիներու թաղականներու մասնակցութեամբ, ընդհանուր ժողով մը կը գումարէ, եւ կրթական յառաջդիմութեան համար բարձրագոյն կրթարանի մը պէտքը կը շեշտէ: Որոշում կ'առնուի նախատեսուած վարժարանը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ բանալ: Շուտով՝ 1862ին կը բացուի վարժարանը, որու կը տրուի Ճեմարան անունը, Տ. Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Վարժապետեանի տեսչութեամբ [24]:

Ճեմարանը կը շարունակէ 6-7 տարի, ուր կը յաճախեն Մարաշի վեց եկեղեցիներու իշխան աղաներուն եւ ուսման կարօտ աղքատ ժողովուրդին զաւակները, ստանալով ժամանակի համար բարձր ուսումը: Ճեմարանէն ներս կ'աւանդուին շարադրութիւն, ճարտասանութիւն, տրամաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, թուաբանութիւն, գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանութիւն եւ Ս. Գիրքի մեկնաբանութիւն [25]:

Ճեմարան-վարժարանին աշակերտները կ'ըլլան՝ Տ. Կարապետ Քհնյ. Կիւլիւզեան (յետոյ Առաջն. Փոխանորդ, Այնթապ), Տ. Գէորգ Քհնյ. Չարխափանեան (Չարփանաճեան)՝ Ս. Գէորգէն, Տ. Պետրոս Քհնյ. Տէր Պետրոսեան, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Տ. Մեսրոպեան՝ Ս. Ստեփաննոսէն, Յարութիւն Ժամկոչ Եփրեմեան (յետոյ՝ Տ. Եփրեմ Քհնյ. Ժամկոչեան)՝ Ս. Սարգիս թեմէն, Համբարձում եւ Յովհաննէս Թօփալեաններ, Յարութիւն, Մարտիրոս եւ Յովհաննէս Չօրպաճեաններ, Տօքթ. Յակոբճան Գալփագեան, Կարապետ Գազէզեան, Երջանիկ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Նահապետեան՝ Ս. Քառասուն Մանկանց թեմէն, Յարութիւն Գույումճեան (փաստաբան), Յարութիւն Մուրատեան եւ ուրիշներ:

Հազիւ իր առաջին հունտերը ցանած Ճեմարան-վարժարանը 1864ին հրոյ ճարակ կը դառնայ, սակայն ժողովուրդին նուիրատուութեամբ եւ Տ. Յովհաննէս Քհնյ.ի ջանքերով կը վերաշինուի ու կը շարունակէ դասընթացքը: Ճեմարանին ուսուցիչներէն է եղած իր ժամանակի ամէնէն կարող մտաւորականներէն՝ Յարութիւն Ժամկոչ Եփրեմեան (ծանօթ նաեւ Եփրեմ Քհնյ. Խատենց անունով), որուն աշակերտները կ'ըլլան՝ Մարաշի մտաւոր եւ կրթական կեանքին մէջ նշանակալի դեր կատարած Սարգիս Սամուէլեան, Խաչատուր Ծ. Վրդ. Տէր Ղազարեան, Դաւիթ Տէր Ղազարեան, Սողոմոն Ալիքսանեան ուսուցիչները: Տ. Եփրեմ Քհնյ.ին համար կ'ըսուի, թէ Մարաշի մէջ ինք եղած է առաջին թերթ ստացողն ու կարդացողը: Հմուտ էր գրաբարի, հայ եկեղեցական երաժտութեան, թրքերէնի: Թրքերէնի թարգմանած է շարականներ եւ ազգային երգեր, Պետրոս Դուրեանի «Եթէ Տժգոյն Մահու Հրեշտակ»ը, որ կ'երգուէր Մարաշի մէջ: Հեղինակած է նաեւ թրքերէն երգեր, ինչպէս նաեւ յօրինած է հայերէնէ թրքերէն ժողովրդական տաղաչափեալ եւ յանգաւոր բառարան մը: Նաեւ եղած է երգիծաբան [26]:

Վեց-եօթը տարի Մարաշի կրթական կեանքը արգասաւորելէ ետք Ճեմարանն ալ պատմութեան գիրկը կ'անցնի:

Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Նահապետեան իր կենսագրականին մէջ կը յիշէ այս տարիներուն կրթական այլ նախաձեռնութեան մը մասին. Մարաշի երեւելի վաճառականներէն Տէօվլէթ էֆ. Չօրպաճեան, 1874ին դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութենէն վերադարձին, իր հետ կը բերէ բնիկ պոլսեցի Յակոբ Նազարէթեան անուն ուսուցիչ մը եւ Մարաշի վեց եկեղեցիներու երեւելիներու միաբանութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը բացուի վարժարան մը, դարձեալ՝ Տ. Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Վարժապետեանի տեսչութեամբ: Նազարէթեան կ'ուսուցանէ հայերէն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ հայոց պատմութիւն, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւն, իսկ Տ. Ղեւոնդ իբրեւ օգնական ուսուցիչ՝ թրքերէն: Դպրոցը կը շարունակուի երկու-երեք տարի, ուսուցիչ Նազարէթեան կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ 1877ին ու դպրոցն ալ կը փակուի [27]:

1850-60ականներէն սկսեալ հայ կաթողիկէ եւ հայ բողոքական համայնքները եւս կ՝ունենան իրենց յատուկ նախակրթարանները:

Մարաշի Ս. Ստեփաննոս Եկեղեցւոյ Բարձր. Վարժարանի 1903 տարուայ շրջանաւարտներն ու ուսուցիչները։ Նստած, ձախէն աջ՝ Կարապետ Տէր Յարութիւնեան, Յարութիւն Նաշալեան (ուսուցիչ), Սողոմոն Ոսկերիչեան (ուսուցիչ), Խորէն Գութուճեան (ուսուցիչ), Հաճի Տէր Մեսրոպեան։ Ոտքի, Ա. կարգ՝ Գէորգ Գափուճեան, Ստեփան Տէր Ստեփանեան, Եսայի Յարութիւնեան, Աստուր Միքիլեան, Պարոյր Թօփալեան։ Ոտքի, Բ. կարգ՝ Ղեւոնդ Գուտուլեան, Արմենակ Տէր Յովհաննէսեան (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

Կեդրոնական վարժարան

Բնականաբար, վերոյիշեալ ծխական դպրոցները չեն կրնար բաւարարել մարաշահայոց, յատկապէս հարուստ դասակարգի կրթական պահանջները: Անոնք իրենց զաւակները անհրաժեշտ կրթութեան համար կը սկսին ուղարկել Այնթապ, Պոլիս, Տարսոն (Թարսուս) եւ այլ ուսումնական կեդրոններ: Անկասկած, ասիկա մատաղ սերունդի ուսման ու կրթութեան միակ արդիւնաւէտ միջոցն է, սակայն Մարաշէն դուրս մեկնողներուն թիւը խիստ սահմանափակ է եւ բնաւ չէր կրնար լուծել տեղւոյն կրթական խնդիրները: Զարմանալի չէ, որ ուսեալ յառաջադէմ երիտասարդները, յատկապէս անոնք, որոնք ուսման համար կը մեկնին ժամանակի ամենալաւ հայկական ուսումնական հաստատութիւնները, վերադառնալով անտարբեր չեն գտնուիր կրթական խնդիրներուն հանդէպ. մանաւանդ կրթութեան, լուսաւորութեան ջատագով մարաշահայ երեւելի ընտանիքներու ժառանգները, որոնք ոչ միայն կը քաջալերեն, նիւթապէս կը սատարեն, այլեւ իրենք կը դառնան մարաշահայ կրթական յառաջընթացը նախասահմանողները:

Այսպէս, 1880ականներու շեմին Մարաշի մէջ բարձրագոյն կրթարան մը հիմնելու երկար փայփայուած ծրագիրը քով քովի կը բերէ մարաշահայ խումբ մը ուսեալ եւ յառաջդիմասէր երիտասարդներ, որոնք բարեկարգ վարժարանի հիմնումը կէտ նպատակ ընդունելով կը կազմեն կրթանուէր ընկերութիւն մը՝ Կիլիկեան հայրենասիրաց ընկերութիւն անունով: Ընկերութիւնը իր առջեւ խնդիր կը դնէ ժամանակի պահանջմանց համապատասխան վարժարան մը հիմնել եւ նիւթական հասոյթներ ստեղծելով ապահովել անոր կանոնաւոր ընթացքը [28]: Ընկերութիւնը կը կազմուի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Նահապետ Ա. Քհնյ. Տէր Կարապետեանի անմիջական ջանքերով. նախաձեռնողները կ'ըլլան Հաճի Կիրակոս Չօրպաճեան, Մարտիրոս Չօրպաճեան, Յարութիւն Մուրատեան, Կարապետ Պիլէզիքճեան, Օվէս Արըգեան եւ Մկրտիչ Յովնանեան [29], բոլորն ալ մարաշահայ երեւելի ընտանիքներու ներկայացուցիչներ: Ընկերութեան միջոցները կը գոյանան անդամավճարներէ, հանդէսներէ եւ հարուստներու շրջանակէն ներս հանգանակութիւններէ:

Ընդհանրապէս, 1880-1890 տասնամեակը, մարաշահայոց կրթական վերելքի հետ կը նկատուի ժողովրդական արթնութեան ժամանակաշրջան մը: Ժամանակակից հեղինակներու միահամուռ վկայութեամբ մարաշահայ ազգային հասարակական կեանքը մտաւոր կրթական վերականգնման վերելք կ'ապրի. «բարենպատակ ընկերութիւններ հիմնելու, լսարան հաստատելու, թատերական ներկացացումներ տալու, հանդէսներ սարքելու եռանդ մը կար ժողովրդին եւ իր առաջնորդներուն մէջ» [30]:

Եւ ահա, համընդհանուր ոգեւորութեան այս պայմաններուն մէջ, Կիլիկեան Հայրենասիրաց Ընկերութեան «ջանից եւ աշխատութեան շնորհիւ», 1880ին կը բացուի Մարաշի Կեդրոնական վարժարանը: Անհրաժեշտ բոլոր ծախքը կը յոգացուի քաղաքի երեւելիներուն, բացառապէս Մարաշի հայ վաճառականներուն եւ առեւտրա-արդիւնաբերական հարուստ դասակարգին կողմէ: Քաղաքի կեդրոնական Շէքէրլի թաղին մէջ վարժարանին համար հող մը կը գնուի Մուրատեան Պօղոս աղային «ջանիւք եւ հոգողութեամբ»: Շինութեան ծախսերը հայթայթելու համար կը կազմուի Հանգանակիչ յանձնախումբ մը՝ Մարաշի մեծատուն Չօրպաճեան գերդաստանի զարմէն՝ Մարտիրոս Չօրպաճեանի ատենապետութեամբ: Յանձնախումբը կը յաջողի Մարաշի բոլոր վեց եկեղեցիներու ազգայիններէն բաւականաչափ գումար հանգանակել եւ կառուցել Կեդրոնական վարժարանի շէնքը: Շէնքին շինութիւնը բաւական արագ կ'ընթանայ, կը մնայ ուսուցիչի հարցը. Պոլսէն կը հրաւիրուի Միսաք Էլմասեան անուն (Շահնազարեան վարժարանի նախկին սաներէն) ուսեալ եւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու հմուտ ուսուցիչ մը, որ ընտանեօք Մարաշ կը տեղափոխուի: Քաղաքի վեց եկեղեցիներու նախակրթարաններէն յարմարագոյն աշակերտներ կ'ընտրուին եւ 1880ի աշնան իր դռները կը բանայ նշանաւոր Կեդրոնական Վարժարանը, որ պարծանքն է մարաշահայութեան: Աշակերտները կու գան Մարաշի տարբեր թաղերէն. քաղաքի կեդրոնը գտնուիլը, օդասուն եւ յարմարաւէտ դիրքը, կը նպաստեն տարբեր թաղերու ուսանողութեան Կեդրոնական յաճախելու:

Սակայն Էլմասեան հազիւ երկու տարի կը պաշտօնավարէ եւ հրաժարելով կը վերադառնայ Պոլիս:

Կիլիկեան հայրենասիրաց ընկերութիւնը իր առջեւ խնդիր դրած էր պատրաստել եւ կրթել կրօնա-բարոյական մաքուր նկարագիր ունեցող երիտասարդներ, սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցնել ընթերցանութեան հանդէպ: Այս նպատակով Ընկերութեան առաջին գործերէն մէկը կ'ըլլայ Կեդրոնական վարժարանին մէջ Թանգարան-գրադարանին հիմնումը:

Ահա թէ ինչպէս կը նկարագրէ Գր. Գալուստեան իր աշակերտութեան՝ 1890ական տարիներու վարժարանը. «Կեդրոնականի շէնքը կը բաղկանար միայարկ ընդարձակ շէնքէ մը. ունէր բեմ մը, երկու կողմերը դասաձեւ բաժնուած մասերով, ուր ուսանողական երգչախումբը եւ ուսուցիչներ կը նստէին լսարանի եւ հանդէսներու ատեն: Բեմին ետեւը տեղաւորուած էր «Թանգարան» կոչուած գրադարանը՝ գիրքերով լեցուն: Այս շէնքին մէջ է որ տեղի կ'ունենային կիրակնօրեայ լսարան, հանդէս, թատերական ներկայացում եւ այլն: Անձրեւոտ օրերուն սրահը կը ծառայէր նաեւ իբրեւ խաղավայր: Բակի մուտքի կողմը կար նաեւ երկյարկանի երկայնաձեւ շէնք մը՝ երկու սրահով եւ մէկ դասարանով» [31]:

Կրթական լուսաւորական համատարած ոգեւորութեան այս շրջանին մեծ է բանաւոր խօսքի ազդեցութիւնը: Չ'ուշանար նաեւ լսարանի կազմութիւնը, որ նպատակ ունի «ատենախօսութեամբք եւ քարոզներով» Մարաշի հայոց մէջ ուսումն ու ընթերցանութիւնը տարածել: Դատելով աղբիւրներու մէջ յիշատակումներէն, Կեդրոնականի Կիրակնօրեայ լսարանները նշանակալի դեր կ'ունենան մարաշահայ մտաւոր զարգացման ճանապարհին: Մարաշի պատմութիւնը արձանագրող բոլոր հեղինակները անխտիր, մեծ գովեստով կը խօսին այս լսարաններուն մասին, նշելով, որ անոնց շնորհիւ Մարաշը կրթական-մշակութային զարթօնք ապրած է [32]: Շաբաթը անգամ մը՝ Կիրակի օրերը Կեդրոնականի մեծ սրահին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան քարոզներ, ատենախօսութիւններ կը տրուին՝ Ս. Գրոց, ազգային եւ արտաքին պատմութեան, բարոյագիտական, կրթական եւ զանազան օգտակար նիւթերու շուրջ. տեղի կ'ունենան հանդէսներ, թատերական ներկայացումներ, կը հնչեն ազգային երգեր:

Մարաշի առաջնորդական փոխանորդ Ղեւոնդ Ա. քհնյ. Տէր Նահապետեան հետեւեալ արժէքաւոր տեղեկութիւնները կը հաղորդէ այս մասին. «Ամէն Կիրակի կէսօրէն ետքը, Կեդրոնական Վարժարանի սրահին մէջ կարգով քարոզ կու տայինք խուռն բազմութեան ներկայութեամբ: Կեդրոնականի դասատուներէն Սարգիս Սամուէլեան եւ Դաւիթ Տէր Ղազարեան կրօնական, բարոյական, եւ շատ մը օգտակար նիւթերու վրայ բերանացի եւ գրաւոր ճառեր կը կարդային» [33]: Տէր Նահապետեան ապա կ՝աւելցնէ. «Մարաշի վեց եկեղեցեաց քահանայք եւ երեւելի իշխաններ կու գային լսարան, եւ վարժարանի ուսանողք ատենախօսութիւններէն ետքը՝ ազգային երգեր կ'երգէին: Անխտիր երկսեռ բազմութիւն մը կը լեցնէր լսարանը: Տարիներ տեւեցին լսարանական այս քարոզութիւններն ու ատենախօսութիւնները: Երիտասարդներ երբեմն ալ ներկայացումներ կու տային: Այս ազգօգուտ կրթարանն ու լսարանը մեծ ծառայութիւններ մատուցին Մարաշի հայութեան» [34]:

1) Սողոմոն Ոսկերիչեան, 1868-1915/6 (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)
2) Հաճի Տէօվլէթ էֆ. Չօրպաճեան, 1815-1890
(Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

Կիրակնօեայ լսարանը մեծ ոգեւորութիւն յառաջ կը բերէ ժողովուրդին մէջ, Մարաշի բոլոր վեց եկեղեցիներուն քահանաներուն, երեւելի իշխաններուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի խուռներամ ներկայութիւնը, լաւագոյնս կը վկայէ տիրող համընդհանուր խանդավառ մթնոլորտին մասին:

Կը յիշուի, որ Սսոյ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսը ամէն անգամ Մարաշ գտնուելուն, Կիրակի օրերը Կեդրոնական վարժարանի լսարանը կ'այցելէր եւ հմտալից քարոզներ կու տար [35]: Ընդհանրապէս, այս շրջանին Մարաշ այցելած բոլոր հոգեւորականները, նաեւ Պոլսէն ժամանած հանրային-կրթական գործիչներ, հանդէս եկած ու քարոզած են լսարանին մէջ: Իբրեւ մնայուն բանախօսներ կը յիշուին Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Տէր Նահապետեան, եւ որդին՝ Տ. Նահապետ քհնյ., Կեդրոնականի ուսուցիչներէն՝ Սարգիս Սամուէլեան, Սմբատ Բիւրատ, Դաւիթ Տէր Ղազարեան եւ ուրիշներ:

Մարաշի կրթական վերազարթնումի եւ Կեդրոնական վարժարանի մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը գտնենք Վահան Քիւրքճեանի «Ազգային Յուշեր»ուն մէջ, ուր 1882ի ամառը Մարաշ այցելութեան առթիւ կը գրէ. «Մարաշ, որ այդ թուականին՝ ազգային-մտաւորական գործունէութեամբ փայլուն վիճակ մը ունէր,- Այնթապն ալ գերազանցելով թերեւս: Այն ատեն կը ծաղկէր Մարաշի Կեդրոնական վարժարան, տեսչութեամբ Սմբատ Բիւրատի եւ Սարգիս Սամուէլեանի - երկուքն ալ անձնուէր կարող դաստիարակներ։ Հոծ հայութիւն մը կար հոն նորազարթ, որ Զէյթունի դրացնութեան պատճառաւ թէ' կը տագնապէր եւ թէ' կ'ոգեւորուէր պարբերաբար: Չօրպաճեան Տէօվլէթ էֆէնտին՝ ազդեցիկ եւ պատկառելի նահապետն էր հայ հասարակութեան: Մուրատեան Գէորգ էֆէնտին (որուն որդին Յարութիւն էֆ. ամէնուն նախանձը կը շարժէր Փարիզ ուսում առած ըլլալու համար) նոյնպէս մեծ կշիռ ունէր իբրեւ պետական մարդ – Մէճլիս իտարէի (կառավարական տեղական խորհուրդ) անդամ: Ընդհանուր յարգանք կը վայելէր Տ. Նահապետ Ա. Քհնյ., որուն որդին ալ նորընծայ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. ծանօթ էր իբրեւ բազմահմուտ եւ պերճախօս քահանայ: Եռուզեռի շրջան մը վերջապէս, - Պերլինի գօնկրէէն չորս տարի անց: Քաղաքն ունէր վեց Լուսաւորչական եկեղեցի՝ իւրաքանչիւրն իր վարժարանով: Բողոքական եւ Կաթոլիկ հասարակութիւններն ալ մեծ ոյժ կու տային կրթութեան գործին» [36]:

1) Յովսէփ Վեհունի/Գարաճաեան (ուսուցիչ, Մարաշ Ակադեմիա եւ Կեդր. Վարժարան)
2) Սիմոն Քիւփէլեան (ուսուցիչ, Մարաշ Ակադեմիա)
3) Կարապետ Թօփալեան (1845-1895)

Հակառակ Կիլիկեան հայրենասիրաց ընկերութեան՝ վարժարանը նիւթական հասոյթներով օժտելու առաջադրութեան՝ Կեդրոնականը հասոյթի մնայուն աղբիւր մը չէ ունեցած: Ծախսերը կը հայթայթուին աշակերտներէ գանձուած վճարումներէն եւ ընդունուած սակացոյցի մը համաձայն քաղաքին եկեղեցիներէն ստացուած նպաստներէն:

Սկզբնապէս Պոլսոյ Միացեալ ընկերութինը կ'օժանդակէ Մարաշի կրթական գործին, ուսուցիչներ ղրկելով կամ նպաստներ յատկացնելով, սակայն յետոյ կը դադրեցնէ:

Այս շրջանին կրթական գործի կազմակերպման առումով լուրջ քայլեր կ'առնուին Միացեալ ընկերութեան Կիլիկիոյ վարժարանաց տեսուչ Գրիգոր Սանտալճեանին (Փարիզի վարժապետանոցէն վկայեալ) կողմէ, վերջինս սակայն վաղաժամ կը մեռնի Մարաշի մէջ: Գր. Գալուստեանի հաւաստմամբ, Սանտալճեանի մահով անկատար կը մնան կրթական շատ մը ձեռնարկներ, որոնք հաւանաբար յաջողէին այս կարող տեսուչին ջանքերով: Անոր կը յաջորդէ Բարսեղ Վարդուկեան, որ 1882ի Հոկտեմբերին իբր Միացեալի Կիլիկիոյ վարժարանաց տեսուչ կ'այցելէ Մարաշ եւ դպրոցական նոր մեթոտներ կը ներմուծէ վարժարաններէն ներս:

Կեդրոնականը Մարաշի պատանի սերունդին կու տայ հայեցի կրթութիւն: Սկիզբէն եւեթ հայերէն նիւթերու ուսուցումը՝ հայոց լեզու՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, հայոց պատմութիւն, պատշաճ մակարդակի վրայ կը գտնուի, այնպէս որ շրջանաւարտներ, երբ Ամերիկեան գոլէճներ (Օսմանեան կայսրութեան մէջ) եւ այլ երկրորդական վարժարաններ կը մտնեն, այս հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդուող հայերէնի մակարդակին հետեւելու մեծ դժուարութիւն չեն ունենար:

1890ականներուն Կեդրոնականի տեսուչ-ուսուցիչն է Սարգիս Սամուէլեան, ուսուցիչներէն կը յիշուին՝ Յակոբ Գալէմճեան, Յովհաննէս Գութուճեան, Սողոմոն Ոսկերիչեան, Միհրան Իսպիրեան (ծանօթ է նաեւ Խորէն Խորխոռունի անունով եւ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսի Ժառանգաւորաց Վարժարանի սաներէն է) աւելի ետքը՝ Սմբատ Բիւրատ, Դաւիթ Տէր Ղազարեան, տաճկագէտ՝ Թորոս Մահիկեան, Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Նահապետեան եւ ուրիշներ [37]:

Կեդրոնականի ուսուցչակազմին մէջ յիրաւի տիրող դէմքերէն է Սարգիս Սամուէլեան, որուն շատ բան կը պարտի մարաշահայութիւնը՝ այդ տարիներու կրթական արթնութեան եւ յառաջդիմութեան համար: Կեդրոնականը իր օրով կը բոլորէ փայլուն շրջան մը: Կը սարքուին թատերական ներկայացումներ, հանդէսներ: Իր եւ իր գործակից Սմբատ Դաւիթեանի անմիջական ջանքերով մարաշահայ երիտասարդութեան մէջ լայն տարածում կը գտնէ ընթերցանութիւնը՝ գիրն ու գրականութիւնը, հայերէն թերթը:

Երկու խօսք ալ Դաւիթ Տէր Ղազարեանի մասին, որ նոյնպէս 19րդ դարավերջի Մարաշի կրթութեան-լուսաւորութեան նուիրուած գործիչներէն է եւ նշանակալի դեր ունեցած է մտաւոր շարժում ստեղծելու մէջ։ Ծնած է Մարաշ՝ 1854ին, Տ. Ղազար քահանայի ընտանիքին մէջ: Փոքր տարիքէն գիրքի եւ գրականութեան սիրահար, իրեն քաջալերող կ'ունենայ հօրեղբայրը՝ Տ. Եփրեմը, որ իր ժամանակի համար բաւական հարուստ գրադարանը Դաւիթին առջեւ բաց կը ձգէ։ 1890էն երկու տարի Այնթապի գոլէճը կը յաճախէ, ապա՝ երկու տարի Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարանը: Ընտանեկան հոգերու պատճառով, կը ստիպուի կէս ձգել ուսումը, սակայն միշտ փարած կը մնայ գիր ու գրականութեան եւ ինքնաշխատութեամբ կը դառնայ Մարաշի ամէնէն զարգացած մարդոցմէ մէկը: Իրեն տարեկից եւ մտերիմ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Տէր Նահապետեանին հետ կը սիրեն հին դասական գիրքերը պրպտել, ժամանակակիցներու վկայութեամբ այս երկուքը Մարաշի ամէնէն գրասէր երիտասարդներն էին, որոնք մեծապէս սատարած են Մարաշի երիտասարդ մտաւորականութեան զարգացման: Տէր Ղեւոնդ իր պերճախօս քարոզներով եւ ատենախօսութիւններով, Դաւիթ՝ գրիչով եւ ուսուցչութեամբ փայլուն շրջան մը կ'արձանագրեն Մարաշի գրական-կրթական կեանքէն ներս՝ 1885-1895 տասնամեայ շրջանին: Դաւիթ 41 տարեկան հասակին զոհ կ'երթայ 1895ի հակահայ ջարդերուն [38]:

Կեդրոնական Վարժարանի պատմութեան մէջ նկատառելի հետք ձգած անուններէն է նաեւ Սմբատ Բիւրատ, որ իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Կեդրոնականին մէջ եւ կ'ատենախօսէ Կիրակնօրեայ Լսարանին մէջ:

Մարաշ, 1899. Կիլիկիոյ աստուածաբանական ճեմարանի շրջանաւարտներն ու ուսուցիչները։ Նստած, ձախէն աջ՝ վերապատուելի Սիմոն Թէրզեան, Տոքթ. Լ.Օ. Լի, Տոքթ. Ֆրէտ Մաքալըմ (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

1895ի ջարդերէն ետք Կեդրոնականը քանի մը տարի գոց կը մնայ, սակայն յետոյ կը վերաբացուի՝ տարուէ տարի աւելի բարեկարգ վիճակ ստանալով, բազմաթիւ ուսանողներ պատրաստելով Տարսոնի, Այնթապի Ամերիկեան գոլէճներուն եւ այլ կրթօճախներու համար:

Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահռչակման տարիներուն Կեդրոնականը առաջնակարգ դիրքի մը կը հասնի: Այս շրջանին կարեւոր փոփոխութիւն մը տեղի կ՝ունենայ կրթական այս հաստատութեան վարչական դրութեան մէջ։ Այսպէս, առաքելական եւ բողոքական համայնքները կը սկսին միացեալ պիւտճէով մը վարել վարժարանը։ Հայ առաքելական համայնքի Կեդրոնական Վարժարանին եւ Հայ Աւետարանական վարժարանին միացումը տեղի կ'ունենայ 1910 Սեպտեմբերին, երկուքին միացումէն գոյացած վարժարանը կը սկսի կոչուիլ Միացեալ Կեդրոնական Վարժարան: Նոյն տարուան մէջ կառավարութենէն կը ստացուի նաեւ ութամեայ լիսէյի արտօնութիւնը:

Այս շրջանին Կեդրոնականին իբրեւ ուսուցիչ եւ տեսուչ կը գործակցին՝ Վեր. Կարապետ Յարութիւնեան (տնօրէն), Վեր. Ահարոն Շիրաճեան, Վեր. Եղիա Քասունի (Պէհէսնիլեան) Փրոֆ. Էլիշա Րուպեան, Աբրահամ Պէրպէրեան, Սիրական Օրջանեան, Սերովբէ Պասմաճեան, Մարտիրոս Թէրզեան, Նշան Եզեկիէլեան, Հայկազուն Քէշիշեան, Յովհաննէս Թօրեան, Յովսէփ Վեհունի եւ ուրիշներ [39]:

Երկար չի տեւեր միջ-համայնքային կրթական այս գործակցութիւնը, հակառակ անոր որ միացման համաձայնագիրը երկու կողմերու վարչական պատասխանատու պաշտօնական մարմիններուն կողմէ եւ Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոսին կողմէն ալ վաւերացուած էր, սակայն ինչպէս կը պարզուի աղբիւրներէն՝ միացումը որքան աննախընթաց, նոյնքան փափուկ խնդիր մըն էր, ի վերջոյ կրօնադաւանական տարբերութիւնները անխուսափելի կը դարձնեն բաժանումը:

1910ին, օրուան առաջնորդ Մկրտիչ Եպս. Վեհապետեանի ջանքերով եւ նիւթական օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հանգանակութեամբ եւ ձրի աշխատութեամբ, երկրորդ յարկ մը կ'աւելցուի ընդարձակ մեծ շէնքին վրայ, ընդգրկելով ութը դասարան եւ մեծ սրահ մը [40]:

Վրայ կը հասնին տարագրութեան եւ ընդհանուր պատերազմի օրերը եւ բոլոր հաստատութիւններու նման, Կեդրոնականը նոյնպէս կը քայքայուի:

Զինադադարէն ետք՝ 1919ին, վարժարանը կը վերաբացուի նոր աշխուժով մը, այս անգամ՝ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ համայնքներու գործակցութեամբ: Այս շրջանին տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ Փրոֆ. Արամ Պաղտիկեան: Աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ մինչեւ 400ի: Վարժարանին պիւտճէն որ նախապէս 100 ոսկի էր, եռապատկուելով կը հասնի 300 ոսկիի: Վարժարանը ձրիավարժ ըլլալով՝ Տնտեսական Խորհուրդը տարեկան տուրքի դրութեամբ ժողովուրդէն կը հաւաքէ ծախքը: Մարաշի 1920ի վերջին աղէտը կը քայքայէ լաւ սկսուած այս գործն ալ [41]:

Կեդրոնականը իր գոյութեան գրեթէ երեք տասնամեակներու ընթացքին հասցուցած է մեծ թիւով շրջանաւարտներ, որոնք յետոյ շունչն ու հոգին եղած են մարաշահայ կրթական, եկեղեցական եւ ընկերային բոլոր շարժումներուն: Իբրեւ Հայ Առաքելական համայնքի Մայր վարժարան, կարելի չէ գերագնահատել Կեդրոնականի դերը յատկապէս Մարաշի նորահաս սերունդին հայեցի ուսում եւ կրթութիւն ջամբելու առումով: Կեդրոնական Վարժարանին անունը բոլոր այս առումներով կը կապուի մարաշահայ կրթական լուսաւորական վերազարթօնքին հետ:

1; 2) Մարաշ, ca 1911-12. ամերիկեան աղջկանց Գոլէճի (Կեդրոնական Թուրքիոյ Աղջկանց գոլէճ) հայ աշակերտուհիները (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեանի հաւաքածոյ)

Իգական սեռի կրթութիւնը

Եթէ մանչերու ուսումնադաստիարակչական գործը փոքր ի շատէ հոգածութեան առարկայ էր եւ մասնաւոր ջանքերն ալ անպակաս էին այս ուղղութեամբ, ապա աղջիկներու կրթութիւնը ո'չ միայն բարձիթողի մատնուած էր, այլեւ իբրեւ աւելորդութիւն բոլորովին անտեսուած էր: Այդ է պատճառը, որ երկար ատեն, ընդհուպ մինչեւ 1850ականներ աղջկանց յատուկ դպրոցներ չկային Մարաշի մէջ:

Իգական սեռին դպրոցէ կրթութենէ հեռու ըլլալը լաւապէս հասկնալու եւ ճիշդ գնահատելու համար, հարկ է նախ ի մտի ունենալ Մարաշի ընկերային մթնոլորտը, կեանքի պայմանները, եւ միւս կողմէ տեղւոյն հայութեան չափազանց պահպանողականութիւնը, որ կը ստիպէ եթէ ոչ մեկուսի, ապա՝ ինքնամփոփ կեանք մը վարել, տեղացի այլ ժողովուրդներու հետ ընդհարումներու, բախումներու տեղի չտալու համար: Այս ամէնուն կու գան միանալ նահապետական բարքերն ու սովորութիւնները, որոնք անջրպետ են իգական սեռի ուսման ու կրթութեան ճանապարհին: «Աղջիկներուն թոյլատրուած չէր այն ատեն դպրոց երթալ, - իր յուշերուն մէջ կը պատմէ Վեր. Յ. Ճէնանեան,- արդէն անոնց համար դպրոց ալ չկար: Աղջկան մը դպրոց երթալը բոլորովին անտեղի կը նկատուէր: Երբեմն աղջնակներ կէսօրին իրենց եղբայրներուն ճաշ կը բերէին ու ակնարկ մը կը նետէին ներս՝ տեսնելու համար թէ ի'նչի կը նմանէր դպրոցը։ Խեղճե՜րը, ո'րքաններ կը բաղձային այդ պատեհութեանց համար» [42]:

Հայկական շատ մը բնակավայրերու նման, Մարաշի մէջ նոյնպէս, աղջիկներու կրթական գործի կազմակերպումը կը հանդիսանայ հայ բողոքականներուն երախտիքը: Մարաշի մէջ աղջկանց առաջին վարժարանն ալ արդէն կը հիմնուի բողոքական համայնքին կողմէ տակաւին 1856ին [43]: Անկասկած, ե'ւ արական ե'ւ իգական կրթօճախներու հիմնադրութեան եւ հետագայ գործունէութեան ընթացքին մեծ դեր կը խաղայ արեւմտեան միսիոնարական կազմակերպութիւններու, ի մասնաւորի ամերիկեան «պորտ»ի նիւթական եւ բարոյական նեցուկը: Այսպէս, տարուէ տարի աւելի զգալի կը դառնայ աղջկանց վարժարաններու անհրաժեշտութիւնը Մարաշի մէջ, մանաւանդ  բողոքակաաններու օրինակը, ձեւով մը խթան կը հանդիսանայ առաքելական համայնքին համար, որպէսզի անոնք ալ աղջկանց յատուկ վարժարաններ հիմնեն:

Մարաշ, Կեդրոնական Թուրքիոյ Աղջկանց գոլէճին (ամերիկեան) ուսուցչախումբը։ Նստած, ձախէն աջ՝ Մարիա Ալեքսանտրիտու, Կիւլենիա Մումճեան (հետագային Ադամեան), Է. Մ. Պլեյքլի, Արաքսի Գույումճեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Լուսիա Գըսաճըգեան, Մաքրուհի Պուլկուրճեան (հետագային Գումրուեան), Պեսսի Հարտի (հետագային Լիման), Լուսիա Միքայէլեան, Սալիհէ Պատէմեան (հետագային Ամիրալեան), Սանդուխտ Դաւիթեան (հետագային Պաղտիկեան) (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

Ամփոփ տեղեկութիւններ հասած են աղջկանց նախակրթարաներուն մասին, սակայն այդ քիչն ալ բաւարար է հաստատելու, որ Մարաշի իգական սեռի կրթական մակարդակը մեծ յառաջընթաց կ'արձանագրէ 1880ականներէն սկսեալ, որուն մէջ մեծ դեր վերապահուած է անշուշտ Մարաշի Աղջկանց գոլէճին (Կեդրոնական Թուրքիոյ Աղջկանց գոլէճ), որ թէեւ ամերիկեան-բողոքական կրթօճախ մըն է, սակայն բաց է բոլորին առջեւ, առանց դաւանական խտրութեան, եւ լայն հնարաւորութիւններ ունի բարձր ուսում տալու տեղւոյն նախակրթարաններէն շրջանաւարտ օրիորդներուն: Արդարեւ, հայ առաքելական համայնքի նախակրթարաններ աւարտած աղջիկներէն շատեր իրենց ուսումը կը շարունակեն գոլէճին մէջ, անոնցմէ շատեր մեծապէս օգտակար կը դառնան իբրեւ ուսուցչուհի պաշտօնավարելով ազգային վարժարաններուն մէջ [44]:

1905ին Մարաշի հայ աղջկանց վարժարաններուն ուսանողուհիներուն ընդհանուր թիւը եղած է 669 [45]:

Կարեւոր է նկատել, որ 1880-1890 տասնամեակին Մարաշի կրթական արթնութեան մէջ մեծ բաժին ունեցած է նաեւ Մարաշի իգական սեռը, յատկապէս կը յիշուին Պոլսոյ Մանկավարժական Վարժարանէն շրջանաւարտած Տիկիններ՝ Հրանուշ Ազատեան, Տուտու Գըսաճըգեան, Տուտու Ամիրալեան, Օրիորդներ՝ Ովսաննա Քէօմպէճեան, Էլմաս Սաղպազարեան եւ ուրիշներ [46]:

Հայ առաքելական համայնքէն ներս աղջկանց առաջին դպրոցը կը բացուի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիի շրջափակին մէջ, Տ. Ստեփան Քհնյ.ի վարժապետութեամբ [47]: Զանազան աղբիւրներու համաձայն, 1883ին արդէն Ս. Քառասուն Մանուկին կից կար աղջկանց վարժարան մը, ուր կ'ուսուցանէին Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. եւ Օր. Սէմա Գազազ-Յակոբեան: Այս դպրոցը յետոյ կը փոխադրուի Կեդրոնական Վարժարանին կից կառուցուած շէնքը [48]:

Նոյն եկեղեցիի կրթասէր տիկիններէն կը կազմուի Հայուհեաց ընկերութիւնը, որ նպատակ ունի սատարել Մարաշի իգական սեռի կրթութեան [49]: Ընկերութեան միջոցները կը գոյանան անդամուհիներուն ամսավճարներէն եւ նուիրատուութիւններէ:

Ընկերութեան շուրջ համախմբուած տիկինները՝ Թամամ Մուրատեան, Վարդիկ Փարթամեան, Համմալ Պուրունսուզեան եւ ուրիշներ, կը յաջողին Աղջկանց Վարժարանի ծառայելու շէնք մը շինել տալ Կեդրոնական Վարժարանի շրջափակին մէջ [50]: Իրականութեան մէջ շէնք կոչուած այս կառոյցը երկայնաձեւ միայարկ, համեստ շինութիւն մըն է: Բնականաբար, ինչպէս միւս բոլոր դպրոցները, աղջկանց այս վարժարանն ալ կանոնաւորապէս չէ շարունակուած, անհաստատ պիւտճէի կամ այլ պատճառով, մերթ ընդ մերթ փակ մնացած է [51]: 1890ի ատենները այս դպրոցին մէջ կ'ուսուցանէ Օր. Ղուտծիկ Տէր Ղազարեան, իբր օգնական ունենալով Օր. Խաթուն Վարդօղլեան [52]:

Շուտով երկրորդ Հայուհեաց ընկերութիւն մը կը կազմուի Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիի երեւելի տիկիններէ, որոնց շարքին Մարաշի յայտնի Չօրպաճեան ընտանիքի տիկիններ՝ Մայրիկ եւ Էլմաստ Չօրպաճեաններ: Այս ընկերութեան ջանքերով եւ նիւթական նուիրատուութեամբ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին մէջ կը բացուի աղջիկներու յատուկ նախակրթարան մը, որ կցուած էր մանչերու վարժարանին: Առաջին վարժուհին կ'ըլլայ Աննա Գազանճեան։ Կը յիշուի, որ անոր առաջին նախաձեռնութիւններէն մէկը կ'ըլլայ աղջիկներուն գլուխը դրուող տափակ եւ երիզաւոր ֆէսերը վերցնել տալ [53]: 1875ին այս նախակրթարանին մէջ կ'ուսանէին մօտ տասնեակ մը աղջիկներ [54]:

Աւելի ետքը Մարաշի բոլոր վեց եկեղեցիներուն մէջ կը բացուին աղջկանց յատուկ Ծաղկոց-նախակրթարաններ։ Ասոնք բոլորն ալ ունին Տիկնանց խնամակալութիւններ, յատկապէս աղջիկներու կրթութեան սատարելու նպատակով [55]:

Շուրջ 2.000 տուն հաշուող Մարաշի հայութիւնը 1898ին ունէր երկու աղջկանց վարժարան՝ 200ի մօտ աշակերտուհիներով, առաջինը Կեդրոնականի, իսկ երկրորդը՝ Ս. Ստեփաննոսի մէջ, երկուքն ալ նախակրթարաններ, Կեդրոնականը քիչ մը աւելի բարձր ծրագիրով [56]:

Մարաշ, Մարտ 1911. ձախէն աջ՝ օրդ. Մայրիկ Խըտըզմալեան, օրդ. Մարիամ Ճըրնազեան, օրդ. Կիւրճիւ Իշխանեան (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեանի հաւաքածոյ)

Հայ կաթողիկէ համայնքի դպրոցները

Կաթողիկէութեան Մարաշ մուտքէն ի վեր՝ 1860ական թուականներէն սկսեալ, կաթողիկէ վարդապետներ կը վարեն մանչերու յատուկ նախակրթարան մը՝ մարաշցի դպրապետ-վարժապետներու գործակցութեամբ: Դատելով աղբիւրներու մէջ պահպանուած սեղմ եւ հակիրճ տեղեկութիւններէն, կաթողիկէ համայնքը իր դպրոցն ունեցած է, երբ դեռ կաթողիկէ դաւանանքի հետեւորդներ մատուռի վերածուած բնակարաններու մէջ կը կատարէին եկեղեցական արարողութիւնները. «Երբ Հայ Կաթոլիկէ համայնքին թիւը երթալով կը բազմանայ,- կը գրէ Գալուստեան,- Շէքէր-տէրէ թաղին մէջ Յակոբ Աղա Չաքմաքեանի բնակարանը մատուռի կը վերածուի, ուր կը պատարագէր նորեկ Ղըվըրեան Յովհաննէս Վրդ., հոն յաճախող աշակերտաց դասատուութիւն ընելով» [57]:

1865ին Մարաշի հայ կաթողիկէ համայնքը կ'ունենայ իր առաջին արքեպիսկոպոսը՝ յանձին Գեր. Տ. Պետրոս Արք. Աբէլեանի: Աբէլեան գերապայծառին անմիջական ջանքերով համայնքը կ'ունենայ իր ուրոյն եկեղեցին՝ Ս. Փրկիչ, նոյն շրջափակին մէջ կը բացուի նաեւ մանչերու նախակրթարանը: Պատմութիւնը կը հաւաստէ, որ «Աբէլեան գերապայծառ իր ժողովրդեան յառաջդիմութեան համար գերմարդկային ճիգեր թափելով՝ զայն փայլուն վիճակի մը հասցուցած է կարճ ժամանակի մը մէջ»: Առաջնորդարան, եկեղեցի եւ դպրոցներ շինելէ զատ, շատ մը անշարժ կալուածներ գնելով, նիւթական հաստատուն եկամուտներ ապահոված է: Իր օրով հաստատուած են Մանչերու Մեսրոպեան եւ աղջկանց Անարատ Յղութեան վարժարանները, որոնք շարունակած են իրենց գոյութիւնը մինչեւ Մարաշի հայերուն հեռացումը [58]:

Մանչերու Մեսրոպեան վարժարան

Ըսինք թէ հայ կաթողիկէ համայնքի սկզբնաւորման ժամանակներէն համայնքը ունէր մանչերու յատուկ նախակրթարան մը, որ կանոնաւոր դպրոցի կը վերածուի գերապայծառ Աբէլեանին ջանքերով: Դպրոցին մէջ կը դասաւանդուին հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն լեզուներ եւ տարրական նիւթեր: 1860-1870 տասնամեակին դպրոցին մէջ կ'ուսուցանեն Գերյ. Պետրոս Վրդ. Տէմիրճեան, Խաչեր Զուլումեան, Յովսէփ Պաղտակէզէրեան, աւելի ետքը՝ Ծերոն Չագմագեան, Պետրոս Տէր Յակոբեան եւ Տէտէ-Թորոս Շատարեւեան: Կը յիշուի որ բոլորն ալ իրենց նախակրթութիւնը Մարաշի մէջ ստացած, ետքը ինքնաշխատութեամբ բաւական զարգացումի հասած էին: Տէտէ-Թորոս Շատարեւեան հետագային Հալէպի նահանգի կարող փաստաբաններէն մէկը եղած է, 1920ին Պենեդիկտոս ԺԵ Ս. Պապէն կոմսութեան աստիճան ստացած է:

1877ին Գերպ. Աբէլեանին յաջորդած Արհ. Կղեմէս Եպս. Միքայէլեան նոյնպէս ոգի ի բռին կ'աշխատի թեմին բարգաւաճման համար: Միքայէլեան Եպս. մեծ կարեւորութիւն ընծայելով մատաղ սերունդի ուսման ու դաստիարակութեան, նոր թափ մը կը հաղորդէ երկսեռ վարժարաններուն [59]:

1885-1895ի շրջանին վարժարանին տեսչութիւնը կը վարեն Գերյ. Յովհաննէս Կէտիքեան, Իգնատիոս Թէրզեան, Լեւոն Քէչէճեան վարդապետները, որոնք կ'ուսուցանեն հայերէն եւ տարրական ուսմունք: Ուսուցիչներէն կը յիշուին մարաշցի Թորոս Մահիկեան եւ Յակոբ Ֆարաճեան՝ երկուքն ալ թրքագէտ:

Նախակրթարանն այս շրջանին կ'ունենայ երկու բաժին՝ փոքրերու եւ մեծերու: Փոքրիկներուն կ'ուսուցանեն մարաշցի Սարգիս Գրըգեան եւ Արիստակէս Սաճօնեան, Վարդավառ Ատալեան, վերջինը՝ նոյն ատեն դպրապետ եւ երաժիշտ: Մեծերու բաժնին մէջ կը դասաւանդեն Միսաք եւ Բարունակ Մոմճեաններ (1893-1896), հայերէնի եւ ֆրանսերէնի դասերը կը վարեն Գերյ. Մանուէլ Գալայճեան եւ Վարդան Պաղչէճեան վարդապետները՝ երկուքն ալ Հռոմի հայ կղերանոցէն:

1902ին իբրեւ հայերէնի եւ թրքերէնի ուսուցիչ կը հրաւիրուի ալպիստանցի Պապաշանեան, որ մինչեւ 1915 կը վարէ այդ պաշտօնը, իրեն գործակից ունենալով մարաշցի Յովհաննէս Մեսրոպեանը:

Դպրոցին ծախսերը կը հոգացուին հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ: Դպրոցին մշտապէս սատարած են հայ կաթողիկէ երեւելի ընտանիքներն ու ազդեցիկ դէմքերը: Սկզբնական շրջանին կը յիշուին աղաներ՝ Մկրտիչ Քէօյլիւեան, Յակոբ Թալաթինեան, Յակոբ Կէտիքեան, Գէորգ Քէշիշեան, Արթին Արըգեան եւ Արթին Ագրապեան, աւելի վերջերը՝ Խըրլագեան էֆէնտիներ, եւ ուրիշներ:

1907ին համայնքէն ներս կը բացուի նաեւ երկսեռ փոքրիկներու համար մանկապարտէզ մը, որուն տեսչութիւնը կը յանձնուի Սրբոյն Յովսէփայ Եղբայրութեան անդամներուն: Դասաւանդութիւնը կը վարեն մայրապետ մը եւ երեք վարժուհիներ [60]:

Հռիփսիմեան աղջկանց նախակրթարան

Մարաշի հայ կաթողիկէ առաջին Արքեպիսկոպոս Աբէլեան Պետրոս Գերապայծառ, Մարաշ եկած ատեն իր հետ կը բերէ Թագուհի Մայրապետը (Անգարայէն), աղջկանց կրթութեան նուիրուելու համար: Թագուհի Մայրապետ, տեղացի քանի մը օգնականներով կը սկսի հայերէն տարրական ուսում տալ եւ ձեռագործ սորվեցնել աղջիկներուն: Շրջան մը այսպէս կը շարունակուի, յետոյ Պոլսէն Անարատ Յղութեան Մայրապետներէն՝ Քոյր Իսկուհի, ետքն ալ Քոյր Երմոնէ Մարաշ կու գան եւ տեղացի մայրապետցու օրիորդներու գործակցութեամբ յառաջ կը մղեն աղջկանց կրթութեան գործը:

1897ին Թիւրքեան Աւետիս Գերապայծառին խնդրանքին վրայ, Պոլսէն Անարատ Յղութեան հայազգի մայրապետներէն՝ պոլսեցի Քոյր Րօզա, մարաշցի Քոյր Բրաբիոն Քէչէճեան եւ կարնեցի Քոյր Թէրէզա Յովնանեան, Մարաշ գալով կը հաստատեն աղջկանց կանոնաւոր վարժարան մը՝ Հռիփսիմեան Աղջկանց նախակրթարանը [61]: Քոյր Բրաբիոն Աւստրիա եւ Քոյր Թէրէզա Ֆրանսա ուսած էին: Սկիզբը մէկ երկու տարի նոյնիսկ գիշերօթիկի բաժին կ'ունենայ, ուր կանոնաւորապէս կ'ուսուցանուին հայերէն, ֆրանսերէն, ասեղնագործութիւն, եւայլն: Քանի մը վարդապետներ կը դասաւանդեն աշխարհագրութիւն, թուաբանութիւն եւ տարրական նիւթեր: Այսպէս կը շարունակուի մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը եւ պատերազմի շրջանին ալ կարելի չափով:

Հռիփսիմեանը այս շրջանին ունի 350 աշակերտուհիներ, տարեկան պիւտճէն կը կազմէ 150 օսմ. ոսկի, զոր կը հայթայթեն մասամբ նուիրատուութիւններէն, մասամբ ալ աշակերտուհիներու վճարումներէն: Համայնքին բարեկեցիկ տիկինները, մանաւանդ Խըրլագեան գերդաստանի տիկնայք, պահապան հրեշտակները եղած են կրթական այս հաստատութեան՝ իրենց դրամական կարեւոր նպաստներով եւ ամէն տեսակ խնամքներով:

Զինադադարէն ետք 1919ին՝ Քոյր Էլպիս Կապրաշեան քանի մը մայրապետներու հետ Մարաշ կու գայ: Շուտով իրեն ընկերակցող մայրապետները կը վերադառնան, իսկ Քոյր Էլպիս կը մնայ Մարաշ, Աղջկանց գոլէճ մը բանալու ծրագիրը իրականացնելու նպատակով, բայց վերջին 1920ի աղէտը արգելք կը հանդիսանայ այդ ծրագրի իրագործման:

Հայ բողոքական դպրոցներ

Հալէպ, որբանոց. նկարին կեդրոնը կ՝երեւի վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեան (գլխարկով եւ մէկ ձեռքը գրպանին)։ Շիրաճեան հիմնադիրն է Առաջին Համաշխարճային պատերազմի տարիներուն բացուած այս որբանոցին։ Շիրաճեանի ձախին, նստած՝ Նորա Ալթունեան (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ)

Նախակրթարաններ

Ինչպէս հայ կաթողիկէ համայնքը, հայ բողոքական համայնքն ալ իր սկզբնաւորութեան օրերէն, մասնաւոր հոգածութիւն կը ցուցաբերէ կրթական գործի հանդէպ, մանաւանդ հայ բողոքականները իրենց կրթական ջանքերուն մէջ իբրեւ առաջնորդ եւ աջակից կը վայելէին Ամերիկեան միսիոնարութեան նիւթական, մտաւոր եւ բարոյական նեցուկը: Պէտք է նկատի առնել, սակայն, որ բողոքական շարժման առաջին քայլերէն ի վեր յատկապէս կրթական գետնի վրայ ամերիկացի միսիոնարները մշտապէս վայելած են հայ բողոքական համայնքներուն գործակցութիւնը: Ինչպէս դիտել կու տայ Վեր. Եղիա Քասունի՝ «ամերիկացիք ալ պիտի չկրնային կրթական այսպիսի հոյակապ եւ լայնահիմն դրութիւն մը կառուցանել, եթէ չգտնէին այն նպաստաւոր գետինը եւ հայ ժողովուրդին պէս պատրաստուած գործօն տարր մը, ու մանաւանդ չվայելէին Հայ Աւետ համայնքներու գիտակից եւ յարաճուն գործակցութիւնը» [62]: Ուստի միանգամայն արդար եւ ընդունուած իրողութիւն է, որ ինչպէս բովանդակ հայկական գաւառներու մէջ, մարաշահայ կրթական գործը նոյնպէս, մեծ համեմատութեամբ յառաջընթաց ապրած է տեղական ուժերու եւ միսիոնարներու գործակցութեան որպէս արդիւնք:

Հայ բողոքական եկեղեցիի հիմնադրութեան օրէն՝ 1846 Յուլիս 1էն սկսեալ, երբ արագ արագ բողոքական կը կազմուէին Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ, մասնաւոր հոգ կը տարուի, որպէսզի իւրաքանչիւր նոր հայ բողոքական համայնք ունենայ իր առանձին դպրոցը, գէթ տարրական աստիճանով: Ընդհանրապէս միսիոնարներուն միտումն էր ժողովուրդի հոգիին հետ միտքն ալ լուսաւորել, անոնց մեծագոյն ջանքն էր անգրագիտութեան բարձումը, իսկ ասոր մէջ ամէնէն հիմնականը՝ մատաղ սերունդի ուսումն ու դաստիարակութիւնը:

1853ին, երբ Մարաշի հայ բողոքականները հազիւ քսան հոգի էին, կը բանան իրենց անդրանիկ արական դպրոցը՝ 15 աշակերտներով, որոնց շարքին նաեւ ոչ-բողոքականներ: 1855ին աշակերտներուն թիւը կը բարձրանայ 35ի, յաջորդ տարի՝ 52ի, ու այսպէս տարուէ տարի մանչերու նախակրթութիւնը արագ քայլերով կը յառաջանայ բողոքական համայնքէն ներս [63]:

1856ին կը բացուի Աղջկանց նախակրթարանը, որ ոչ միայն hայ բողոքականներուն, այլեւ առաջին աղջկանց վարժարանն էր Մարաշի մէջ: Նոյն տարին բողոքական նախակրթարանին մէջ կան մօտ 70 երկսեռ աշակերտներ, որոնցմէ 28ը աղջիկներ: Սակայն, խառն կրթութիւնը անպատեհ նկատելով, շուտով աղջկանց բաժինը կը զատուի եւ վարժուհի կը նշանակուի Մարինոս Ամիրալեան, որ հազիւ գրել կարդալ գիտէր, եւ թէ' կ'ուսանէր թէ կ'ուսուցանէր: Աւելորդ չէ հոս նկատել, որ հայ բողոքական տարրական դպրոցները, երկսեռ եւ միասեռ, ներառեալ մինչեւ 10-12 տարեկան մանչերու կարգերը, ընդհանրապէս վարժուհիներու կը յանձնուէին, նոյնիսկ Այնթապի եւ Մարաշի պէս կեդրոն քաղաքներու մէջ. այս կերպ կառավարելը ե'ւ խնայողական էր եւ դիւրին: Ասիկա կ՝ենթադրուի ըլլալ ամերիկեան սովորութիւն մը, որ որդեգրուած էր նաեւ հայ բողոքականներուն կողմէ. օրիորդներ եւ տիկիններ որոնք տուներու մէջ քիչ շատ ուսում առեր էին՝ միաժամանակ ե'ւ կ'ուսուցանէին եւ կ'ուսանէին: Իսկ վարժուհիներ կը պատրաստուէին ամերիկացի միսիոնարուհիներուն վարած Աղջկանց Բարձրագոյն վարժարաններու եւ գոլէճներու մէջ: Բացի դպրոցական ուսումէ, բողոքական փոքրաթիւ համայնքի կիներուն ալ պարզ ընթերցանութիւն սորվեցնելու համար տիկիններ օրիորդներ տուները կը շրջէին եւ զանոնք Աւետարանի ընթերցման կը վարժեցնէին:

Այսպէս, 1858ին արդէն նախակրթարանի աղջկանց բաժնին աշակերտուհիներուն թիւն է 35: 1861ին, միսիոնարուհիներ «Միսիս» Կուտըլ եւ «Միսիս» Հուայթ(՞)՝ 13 չափահաս աղջիկներով կը հիմնեն աղջիկներու առաջին կանոնաւոր դասարանը եւ կը սկսին ուսուցանել: Քանի մը տարուան մէջ աշակերտուհիներու թիւը կը բազմապատկուի, հասնելով 125ի:

Համայնքը տարուէ տարի բազմանալուն հետ կ'ունենայ երեք եկեղեցիներ ու անոնց կից իր մանկապարտէզներն ու նախակրթարանները՝ մանչերու եւ աղջիկներու յատուկ: Այս դպրոցներուն մէջ տարրական ուսմանց հետ յատուկ հոգ կը տարուի նաեւ բարոյական եւ կրօնական դաստիարակութեան: Ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը Մարաշի Աղջկանց գոլէճի ընթացաւարտներ են:

Բողոքականները ունին նաեւ մոտըլ սքուլ (տիպար վարժարան) կոչուած վարժարանը, իսկ աղջկանց իբրեւ նախապատրաստական Վիւսթա (միջնակարգ) կոչուած վարժարանը, ուր աղջիկներ կը պատրաստուին Աղջկանց գոլէճ մտնելու համար [64]:

Վեր. Ահարոն Շիրաճեան 1905ին գրուած յօդուածի մը մէջ, բողոքական համայնքին երկսեռ աշակերտութեան թիւը կը համրէ 1341 (673 մանչ եւ 669 աղջիկ), իսկ ուսուցիչներուն թիւը՝ 47 (9 ուսուցիչ եւ 38 ուսուցչուհի), դպրոցներու տարեկան պիւտճէն՝ 400 օսմ. ոսկի [65]:

Նշելի է, որ յատկապէս 1905-1915 տասնամեակին բողոքականներուն կրթական գործը կը բարգաւաճի մեծ թափով:

Մարաշ, 1914. Կեդրոնական Թուրքիոյ Աղջկանց գոլէճին (ամերիկեան) ընթացաւարտները։ Գետին նստած, ձախէն աջ՝ Մայրիկ Քեռիկեան, Եսթեր Հայտոսթեան (հետագային Մանուկեան)։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ռեբեկա Հեղինեան, Կատարինէ Կիւլիւզեան, Նեկտար Ճէպէճեան, Է. Մ. Պլեյքլի, Վիքթորիա Սարգիսեան (հետագային Լեւոնեան), Եսթեր Գըսաճըգեան (հետագային Էլմաճեան)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մաքրուհի Պուլկուրճեան (հետագային Գումրուեան), Զարուհի Սվաճեան, Գոհարիկ Մկրտիչեան, Ովսաննա Մանուշակեան, Արմենուհի Պաղտոյեան, Արշալոյս Քէօթէքլեան (հետագային Սընըգճեան), Մէյրի Այվազեան, Մարիամ Մակարեան (հետագային Չօրպաճեան), Նուրիցա Պարտագճեան (հետագային Սարըեան), Եփրոս Ճիզմէճեան, Խաթուն Պալասանեան (Աղբիւր՝ Վիոլետ Ճեպեճեան գրադարանի հաւաքածոյ)

Մարաշ Ակադեմիա բարձրագոյն վարժարան

1891ին կը բացուի հայ բողոքական համայնքի Բարձրագոյն վարժարանը՝ Մարաշ Ակադեմիա անունով, Մր. Թովմաս Տէյվիտսըն Քրիսթիի անմիջական ջանքերով, որ կ'ըլլայ դպրոցին առաջին տեսուչը: Բարձրագոյն այս վարժարանը կը հիմնուի մասնաւորաբար Այնթապի Կեդր. Թուրքիոյ գոլէճին համար ուսանողներ պատրաստելու նպատակով, քանի որ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող Իտատիյէ (օսմանեան պետական նախակրթարան վարժարան) կոչուած դպրոցին մէջ աշակերտներ հարկ եղած պատրաստութիւնը չէին ունենար գոլէճ մտնելու համար: Վարժարանը կը հաստատուի Մարաշի առաջին միսիոնարներէն Մր. Պիպիյի համար 1856ին շինուած շէնքին մէջ:

Ուշագրաւ պարագայ մըն է, որ Մր. Քրիսթի ո'չ միայն առանձինն կը ձեռնարկէ Բարձրագոյն վարժարան մը հիմնելու, այլեւ ստիպուած կ'ըլլայ յաղթահարել Մարաշի միւս միսիոնարներուն հակառակութիւնները, որոնք դէմ էին այդ ծրագրին [66]: Առաջին ուսուցիչները կ'ըլլան Վեր. Աւետիս Պուլղուրճեան, Վեր. Ահարոն Շիրաճեան, Սիմոն Քիւփէլեան (Տարսոն գոլէճի փրոֆէսոր), Տոքթ. Նշան Ամիրալեան, Յակոբ Գալէմճեան:

Մինչեւ 1895ի հակահայ ջարդերը վարժարանը կը բարգաւաճի մեծ թափով: Այս շրջանին կը պաշտօնավարեն ուսուցիչներ՝ Լեւոն Աշճեան, Սարգիս Սամուէլեան (երկուքն ալ 1895ին նահատակուած), Սփիրիտոն Մարաշլեան, Յովհաննէս Չիլինկիրեան, Միպար Մընչերեան եւ Կարապետ Յարութիւնեան (ապա Վերապատուելի): Տեսչութիւնը կը վարէ Տոքթ. Լ. Օ. Լի [67]:

Դպրոցին մէջ կ'աւանդուին հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն, ընդհանուր եւ ազգային պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, հանրահաշիւ, գիտական ուսմանց նախատարերք, Սբ. Գիրք եւ շարադրութիւն, ինչպէս նաեւ երգ երաժշտութիւն: Աշակերտները կը մարզուին նաեւ հրապարակախօսութեան մէջ, այդ նպատակով շաբաթը անգամ մը կ'ունենան արտասանութեան վարժութիւն [68]:

1895-1908 շրջանին դպրոցին մէջ պաշտօնավարած են՝ Եղիա Պէհէսնիլեան (Քասունի), Լուտեր Չօրպաճեան, Ճորճ Փոլատեան, Տօքթ. Լեւոն Մելիտոնեան, Յովհաննէս Հայտօսթեան, Վարդան Սամանլեան, Միհրան Գազանճեան, Յովնան Տէր Պետրոսեան, Աբրահամ Պէրպէրեան եւ ուրիշներ:

Վեր. Ա. Շիրաճեանի 1905ին կազմած վիճակագրութեան համաձայն, վարժարանը նոյն տարին ունի 5 ուսուցիչ եւ 125 ուսանող: Մարաշ Ակեադեմիան իր անդրանիկ շրջանաւարտները կու տայ 1893ին եւ մինչեւ 1905 կ'ունենայ 92 շրջանաւարտ, որոնցմէ շատեր իրենց ուսումը կը շարունակեն Տարսոնի եւ Այնթապի գոլէճներուն մէջ: Մարաշ Ակադեմիային աշակերտած են նաեւ մեծ թիւով հայ առաքելական համայնքի զաւակներ [69]:

Բարձրագոյն այս կրթարանը իր արդիւնաւոր գործունէութիւնը կը շարունակէ շուրջ 23 տարի՝ 1891-1914:

Կեդրոնական Թուրքիոյ Աղջկանց գոլէճ (աղջկանց ամերիկեան գոլէճ)

Իգական սեռի դաստիարակութեան երկրորդ կարեւոր քայլը կ'ըլլայ բողոքական բարձրագոյն դպրոց մը հաստատել աղջիկներու համար: 1865ին, երբ արդէն աղջիկներու նախակրթարանը յաջող ընթացք մը առած էր եւ աշակերտուհիներուն թիւն ալ տարուէ տարի յաւելում արձանագրած, 1865ին յարմար կը տեսնուի նախակրթարանէն 45 յառաջադէմ աղջիկներ զատելով կազմել աղջիկներու բարձրագոյն վարժարան մը՝ Ճոզեֆին Լ. Քոֆինկի տեսչութեամբ: Աղջկանց բարձրագոյն վարժարան անուն այս դպրոցը, «Միսիս» Քոֆինկի եռանդուն աշխատանքին եւ հմուտ վարչութեան շնորհիւ արագ քայլերով կը բարգաւաճի: Դպրոցին մէջ կ'աւանդուին հայերէն աշխարհաբար, Ս. Գիրք, քերականութիւն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւլն [70]: Շրջանաւարտ աշակերտուհիները ապա կ՝երթային Այնթապ, ուր տեղւոյն Աղջկանց վարժարանը կ'աւարտէին երկու տարիէն: 1872ին Մարաշի մէջ կը հաստատուի նաեւ գիշերօթիկ բաժինը, որ պատեհութիւն կ'ընծայէ նաեւ շրջակայ քաղաքներէն ու գիւղերէն եկող աղջիկներուն սորվելու բարձրագոյն այս վարժարանին մէջ:

Այս պայմաններուն մէջ, աղջիկներու կրթութեան գործը տարուէ տարի կը բարգաւաճի, հետզհետէ աւելի բարձր մակարդակ մը ապահովելով, իսկ 1882ին կը հասնի կանոնաւոր գոլէճի աստիճանին: Եւ երբ միսիոնարներ կ'առաջարկեն Աղջկանց Գոլէճ մը բանալ, առաջարկը խանդավառ ընդունելութիւն կը գտնէ համայնքի երեւելիներուն քով: Մարաշի մէջ գոլէճ բացուելուն եւ աղջկանց վարժարանը գոլէճի աստիճանի բարձրանալուն առթիւ, Մարաշի երեւելիները եւ բողոքական համայնքը իրենց բաժինը կը բերեն դրամական կարեւոր նուիրատուութիւններով. մասնաւորաբար՝ Կարապետ Աղա Թօփալեան՝ 125, Սարգիս Աղա Րուպեան՝ 25, իսկ բողոքական համայնքը հանգանակութեամբ՝ 350 օսմ. ոսկի նուիրելով 500 օսմ. ոսկիի նպաստ մը կը յատկացնեն 1881տարեվերջին [71]:

Այսպէս, 1882ին միսիոնարներու եւ տեղւոյն հայ բողոքական համայնքին գործակցութեամբ կը հաստատուի Մարաշի Կեդր. Թուրքիոյ Աղջկանց գոլէճը:

Աղջկանց գոլէճի ուսման ծրագիրը կը համապատասխանէ ամերիկեան գոլէճական ծրագրին, բնականաբար, մասամբ տեղական պայմաններուն յարմարեցուած: Սկզբնական շրջանին, թէեւ հայերէն լեզուի ուսուցման մասնաւոր հոգ չի տարուիր, սակայն վերջին տարիները այդ բացն ալ մասամբ կը դարմանուի շնորհիւ մարաշցի հայ ուսուցիչներու:

Հարկ է յիշել որ կանոնաւոր գոլէճի կազմակերպումէն վերջն ալ, կրթական այս օճախը կը պահէ նախապատրաստական բաժին, այլեւայլ կողմերէ դիմող եւ բաւարար պատրաստութիւն չունեցող ուսանողներուն համար: Նաեւ գոլէճը իրեն կից ունի մանկապարտէզ կամ ծաղկոց, ուր ուսուցչական ասպարէզին պատրաստուող վերի կարգի ուսանողուհիները գործնականապէս կը վարժուին եւ մանկավարժական փորձառութիւն ձեռք կը բերեն:

Վեր. Ահարոն Շիրաճեանէն կը տեղեկանանք, որ 1905ին գոլէճի ուսանողներուն թիւն է՝ 89, որոնցմէ 63ը՝ մարաշցի, իսկ ուսուցիչներուն թիւն է՝ 8 [72]: Գոլէճի ուսանողուհիները կու գան՝ Այնթապէն, Հալէպէն, Ուրֆայէն, Քիլիսէն, Պէյլանէն, Ատանայէն, Հաճընէն, Սիսէն, Տարսոնէն, Զէյթունէն, Ալպիսթանէն եւ դեռ ուրիշ շատ քաղաքներէ եւ գիւղերէ: Շրջանաւարտ ուսանողուհիները իրենց քաղաքներուն մէջ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան իբրեւ ուսուցչուհիներ, յատկապէս աղջկանց նախակրթարաններու մէջ: Յիրաւի, Մարաշի Աղջկանց գոլէճը բարիք մը եղած է ընդհանուր Կիլիկիոյ շրջանակին, բայց նախ եւ առաջ մարաշահայոց համար։

Ընդհանուր առմամբ կրնանք ըսել թէ շնորհիւ գոլէճական ուսմանց, մարաշահայ կրթական-հասարակական կեանքը զգալիօրէն բարեփոխուած է, սկսած ուսուցչուհիներ պատրաստելէ, կրթական, դպրոցական մանկավարժական նոր մեթոտներ ներմուծելէ, մինչեւ երգ երաժշտութեան ու գեղարուեստի տարածումն ու ընդհանրացումը: Յիշենք, որ Աղջկանց գոլէճի ուսանողուհիները եւրոպական ձայնանիշերով երգեցողութիւն, իսկ ընդունակութիւն ունեցողները երգեհոնի ու դաշնակի վրայ նուագելու կրթութիւն կը ստանան, այս կերպով ակադեմական երաժշտութիւնը մուտ գործած է հայ տուներէ ներս [73]:

Մարաշի ընդհանուր համայնապատկերին վրայ հեռուէն աչքի կը զարնեն բարձունքի վրայ կառուցուած Աղջկանց գոլէճի շէնքերը: Լուսաւոր, օդասուն եւ գեղեցկադիր այս շէնքերը օժտուած են շատ մը յարմարութիւններով: Գլխաւոր շէնքը ունի գեղեցիկ սրահ մը, բազմաթիւ դասարաններ, նաեւ ննջարաններ՝ գիշերօթիկներու համար: Ունի նաեւ խաղավայր եւ ծաղիկներով զարդարուն ընդարձակ բակ մը: 1885-1903 գոլէճը հասցուցած է 96 շրջանաւարտուհի, նոյն՝ 1903 թուականին ուսանողուհիներուն թիւն է 90 [74]: 1905ին գոլէճը կ'օժտուի նոր շէնքով մը՝ 2.000 օսմ. ոսկիի ծախքով:

Մարաշ, Կեդրոնական Թուրքիոյ Աղջկանց գոլէճի (ամերիկեան) հայ ուսուցչուհիներ. նստած, ձախէն աջ՝ Հերմինէ Ամիրալեան, Ռահէլ Հեղինեան, Մէյրի Հեղինեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Կիւլէնիա Մումճեան (հետագային Ադամեան), Եւնիկէ Թէրզեան (հետագային Քասունի), Գայեանէ Գրաճեան, Լուսիա Միքայէլեան, Ֆերիտէ Շամլեան (հետագային Յովակիմեան), Արաքսի Գույումճեան (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

Կիլիկիոյ աստուածաբանական ճեմարան

Տակաւին 1854ին Պենյամին Շնայտըր Այնթապ գտնուող միսիոնարներու գործակցութեամբ աստուածաբանական կանոնաւոր դպրոց մը կը բանայ, որ աւելի ուշ՝ 1864ին Մարաշ կը փոխադրուի: Այնթապի մէջ սկզբնաւորութիւնը՝ 1854-1864, եւ Մարաշ փոխադրուած բարձրագոյն այս դպրոցը՝ 1864-1873, այս երկու շրջաններուն՝ աստուածաբանական եւ գիտական խառն ուսում կու տայ:

Մարաշի Ագտէրէ թաղին մէջ հաստատուած սոյն դպրոցը, նոյն կարգավիճակով արդիւնաւորապէս կը շարունակուի մինչեւ 1872: Դպրոցին մէջ կ'աւանդուին անգլերէն, հայերէն, թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, բնագիտութիւն, աստղագիտութիւն, եւայլն: Մարաշ փոխադրուելէն ետք, աւելի կարեւորութիւն կ'ընծայուի դպրոցէն ներս անգլերէնի ուսուցման եւ զայն պատշաճ մակարդակի բարձրացնելուն:

Այս շրջանին Ճեմարանին վարիչ ուսուցիչները եղած են՝ Տոքթ. Փրաթ, յետոյ անոր Պոլիս մեկնելէ ետք՝ 1867ին Կ. Հ. Մանթկամըրի, ապա՝ 1869ին Սթեֆըն Թրոպրիճ, իսկ աւելի ուշ՝ 1871ին Հենրի Փերի. գիտական ճիւղին վարիչ ուսուցիչն է Ալեքսան Պէզճեան:

1869ին ուսանողներու թիւն է 30։ Բացի Մարաշէն, այս ճեմարանը աշակերներ ունեցած է Այնթապէն, Ալպիսթանէն, Ատանայէն, Քէսապէն, Ուրֆայէն, Սեւերէկէն, Տիարպեքիրէն, եւայլն [75]:

Վեր. Ահարոն Շիրաճեանին պատրաստած տեղեկագիրը կարեւոր մանրամասներ կը պարունակէ ճեմարանին Մարաշ փոխադրուելուն մասին. հետաքրքրական է գիտնալ, որ ճեմարանը Մարաշ հաստատման համար Մարաշի բողոքականները 1868ին հանգանակութեամբ 400 օսմ հնչիւն ոսկի վճարած են [76] հաստատութեան հիմնադրամին: Այդպիսով Մարաշի հայ բողոքական համայնքը իրաւունքը շահած է այս հաստատութեան համահաւասար իրաւատէրը ըլլալու:

1874ին Այնթապի մէջ կը հաստատուի Կեդր. Թուրքիոյ գոլէճը՝ գիտական ճիւղի կազմութեամբ, այդպիսով Մարաշի մէջ հաստատուած Ճեմարանը կը մնայ որպէս զուտ կրօնական եւ աստուածաբանական կրթական օճախ. այլեւս Ճեմարանն իր գիրկը կ'առնէ քարոզչութեան պատրաստուող ուսանողներ միայն, հետեւաբար քայլեր կ'առնուին Ճեմարանին դասընթացքն ալ բարձրացնելու լրիւ ճեմարանական աստիճանին, որ տեղի կ'ունենայ 1879ին: Աստուածաբանականի այս երկրորդ շրջանը կը նշանաւորուի նաեւ առաջին շէնքի շինութեամբ. 1879ին ճեմարանը կ'օժտուի իր սեփական հոյակապ շէնքով եւ խիստ արժէքաւոր մասնագիտական գրադարանով: 1881ին ճեմարանը կ'ունենայ իր կանոնաւոր եւ մնայուն աստուածաբանական ճիւղը՝ երկու ամերիկացի եւ մէկ հայ փրոֆէսորներով: Սակայն, հաստատութիւնը զուտ աստուածաբանական դպրանոց մը դառնալէ ետքն ալ, երկար ատեն կը ստիպուի բաւական թիւով ուսանողներ ընդունիլ, որոնք գոլէճական կատարեալ ուսում չունէին, ընդհանրապէս գիւղական շրջանակներու համար ուսուցիչ-քարոզիչներ հասցնելու նպատակով:

Այս շրջանի ընթացաւարտներէն են՝ Փրոֆ. Յ. Գ. Գրիգորեան, Փրոֆ. Սարգիս Լեւոնեան,Վեր. Աւետիս Պուլղուրճեան, Պատ. Սարգիս Ենովքեան, Վեր. Յակոբ Գումրուեան, Վեր. Յակոբ Գունտագճեան եւ ուրիշներ:

Աստուածաբանական Ճեմարանի բուն վերակազմութիւնը, սակայն, տեղի կ'ունենայ 1888ին: Հաստատութեան համար նոր կանոնագիր մը կը հաստատուի եւ որոշում կ'առնուի որ միայն գոլէճական կամ անոր համազօր հաստատութիւններէ շրջանաւարտներ կրնան ընդունուիլ իբրեւ ընծայացու եւ Ճեմարանին մէջ երեք տարի կանոնաւոր ասուածաբանական կրթութեան հետեւիլ [77]:

Վերակազմեալ ճեմարանը իր առաջին շրջանաւարտ հունձքը կու տայ 1889ին, որոնցմէ վեցը՝ Վեր. Ահարոն Շիրաճեան, Վեր. Պետրոս Թօփալեան, Վեր. Համբարձում Աշճեան, Վեր. Ստեփան Յովհաննիսեան, Պատ. Յովհաննէս Չիլինկիրեան, Վեր. Գարեգին Եսայեան եւ Պատ. Ստեփան Յովհաննիսեան, բոլորն ալ մարաշցի, հրապարակային քննութիւն տալով արտօնեալ քարոզիչի արտօնագրեր կը ստանան:

Վերջապէս 1889ին կարելի կ'ըլլայ Մարաշի աստուածաբանական ճեմարանը բարձրացնել Ամերիկայի նմանատիպ ճեմարաններու մակարդակին: Ուսման ծրագիրը երեք տարի։ Ծրագիրին զուգընթաց, ուսուցիչներու եւ հիւր գործիչներու կողմէ կը տրուին դասախօսութիւններ: Յետայսու ճեմարանը իւրաքանչիւր երեք տարին կանոնաւորապէս շրջանաւարտներ կը հասցնէ:

1892ին արտօնեալ քարոզիչի վկայականներ կը ստանան՝ Գրիգոր Գըրգեաշարեան, Մանուկ Յակոբեան, Արմենակ Հայկազեան, Լեւոն Սողոմէեան եւ Լեւոն Աշճեան, առաջին երեքը հաճընցի, վերջին երկուքը՝ մարաշցի: Այս շրջանին ճեմարանին մնայուն փրոֆէսորներն են՝ ամերիկացի միսիոնարներ Տոքթ. Թովմաս Քրիսթի՝ ուսուցանելով եբրայերէն եւ հին յունարէն, եկեղեցական պատմութիւն եւ Նոր Կտակարանի մեկնութիւն, Տոքթ. Լ.Օ. Լի՝ դրութենական աստուածաբանութիւն եւ Սբ. Գրոց մեկնութիւն, Վեր. Սիմոն Թէրզեան՝ քարոզախօսութիւն [78]:

Ուսանողները, որոնք երեք տարին անգամ մը իբրեւ նոր կարգ կ'ընդունուին, կը հոգացուին հաստատութեան կողմէ իբրեւ գիշերօթիկներ, նոյն ատեն Մարաշի բողոքական եկեղեցիներու մէջ պատեհութիւնը կ'ունենան գործնականապէս վարժուելու քարոզախօսութեան եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ ուսուցչութեան, իսկ ամառնային շրջանին կ'այցելեն մօտակայ գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ [79]:

1895ին հրաժարեալ Տոքթ. Քրիսթիին փոխարէն Ճեմարանը իբրեւ մնայուն փրոֆէսոր կ'ունենայ Էրզրումէն Մարաշ փոխադրուած հայագէտ միսիոնար մը՝ Ֆրէտ Մաքալըմ:

Ճեմարանին Վարչական Մարմինը 1914ին կը բաղկանայ հետեւեալներէ՝ Վեր. Ճ. Մէրրիլ (Այնթապ), Վեր. Ճ. Մարթին (Այնթապ), Տօքթ. Շէփըրտ (Այնթապ), Վեր. Հ. Կարտնըր (Հաճըն), իսկ Աւետ. Եկեղեցիներու Կիլիկեան Միութեան կողմէ՝ Վեր. Ա. Յարութիւնեան (Մարաշ), Վեր. Տ. Գունտագճեան (Քեսապ), Վեր. Հ. Աշճեան (Ատանա) եւ Վեր. Ստեփան Թովմասեան (Տարսոն): Վեր. Սիմոն Թէրզեանին իբր աջակից կը հրաւիրուի տեղացի փրոֆէսոր մը՝ Օքսֆորտի մէջ իր ուսումը կատարելագործած Վեր. Կարապետ Յարութիւնեան:

Ճեմարանը կը գտնուի Մարաշի հիւսիս արեւելակողմը՝ Աղջկանց Գոլէճի եւ միսիոնարաց բնակարաններու շրջանակին մէջ, ունի բարձրադիր եւ գեղեցիկ երեք շէնքեր։ Հաստատութեան պարծանքն է գեղեցիկ եւ ճոխ գրադարանը՝ մօտ 3500 արժէքաւոր հատորներով, մեծ մասամբ աստուածաբանական նիւթերու նորագոյն հրատարակութիւններ:

Հաստատութեան վերջին հունձքը կ'ըլլայ 1914ի ընթացաւարտ կարգը՝ պատուելիներ՝ Ասատուր Սօլագեան, Եփրեմ Ճըրնազեան, Ներսէս Սարեան, Սարգիս Չօպանեան, Սիրական Աղպապեան, Տիգրան Անդրէասեան, Յարութիւն Նօհուտեան, Սիմոն Վեհապետեան, Գէորգ Սահակեան: Ասոնցմէ բացի կան նաեւ մասնակի դասընթացքի հետեւողներ [80]:

Մարաշ, 1914. Կիլիկիոյ աստուածաբանական ճեմարանի ընթացաւարտներն ու ուսուցչական կազմը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ պատուելիներ Գէորգ Սահակեան, Ներսէս Սարըեան, Սիմոն Վեհապետեան, Աստուր Սօլագեան, Սիրական Աղպապեան, Տիգրան Անդրէասեան, Յարութիւն Նօխուտեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ ուսուցիչներ վերապատուելի Կարապետ Յարութիւնեան, վերապատուելի Սիմոն Թէրզեան, վերապատուելի Կուտսէլ, վերապատուելի Ուըտլի։ Գետին նստած, ձախէն աջ՝ պատուելիներ Եփրեմ Ճըրնազեան, Սարգիս Չօպանեան (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

  • [1] Գրիգոր Գալուստեան, Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Բ. հրատ., Նիւ Եորք, 1988, էջ 428:
    [2] Նոյն։
    [3] Նոյն, էջ 429:
    [4] Նոյն։
    [5] Նոյն, էջ 434:
    [6] Այսպէս կը կոչուին Մարաշի ազդեցիկ, հարուստ եւ ազգային գործերը վարող աղաները:
    [7] Մարաշի մէջ սովորութիւն էր Հայ Առաքելական վեց եկեղեցիները «թեմ»եր անունով կոչել:
    [8] Գր. Գալուստեան, op. cit., էջ 434:
    [9] Նոյն, էջ 430:
    [10] Նոյն, էջ 431:
    [11] Նոյն, էջ 492-493:
    [12] Մարաշի Հայ Առաքելական համայնքին պատկանող վեց եկեղեցիներն են՝ Ս. Աստուածածին, Ս. Սարգիս, Ս. Գէորգ, Ս. Ստեփաննոս, Ս. Կարապետ, Ս. Քառասուն Մանկունք: Իւրաքանչիւր եկեղեցի ունի իր թաղային դպրոցը՝ Ծաղկոցը, ուր կը յաճախեն գլխաւորաբար թաղին մանուկները:
    [13] Գր. Գալուստեան, op. cit., էջ 435:
    [14] Նոյն, էջ 433:
    [15] Նոյն։
    [16] Նոյն։
    [17] Նոյն։
    [18] Նոյն, էջ 434։
    [19] Նոյն, էջ 437։
    [20] Նոյն, էջ 436։
    [21] Նոյն։
    [22] Նոյն, էջ 438։
    [23] Նոյն, էջ 434։
    [24] Նոյն, էջ 432։
    [25] Նոյն։
    [26] Նոյն, էջ 562-563։
    [27] Նոյն, էջ 432։
    [28] Նոյն, էջ 492։
    [29] Նոյն, էջ 439։
    [30] Նոյն։
    [31] Նոյն, էջ 443։
    [32] Նոյն, էջ 492։
    [33] Նոյն, էջ 593։
    [34] Նոյն։
    [35] Նոյն, էջ 440։
    [36] Նոյն, էջ 440-441։
    [37] Նոյն, էջ 443-445։
    [38] Նոյն, էջ 563։
    [39] Նոյն, էջ 445։
    [40] Նոյն, էջ 443։
    [41] Նոյն, էջ 462։
    [42] Նոյն, էջ 438։
    [43] Նոյն, էջ 446։
    [44] Նոյն, էջ 448։
    [45] Նոյն, էջ 472։
    [46] Նոյն, էջ 534։
    [47] Նոյն, էջ 446։
    [48] Նոյն, էջ 447։
    [49] Նոյն, էջ 446։
    [50] Նոյն։
    [51] Նոյն, էջ 447։
    [52] Նոյն։
    [53] Նոյն։
    [54] Նոյն։
    [55] Նոյն։
    [56] Նոյն։
    [57] Նոյն, էջ 634:
    [58] Նոյն, էջ 637:
    [59] Նոյն, էջ 461-462, 639:
    [60] Նոյն, էջ 645:
    [61] Նոյն, էջ 463-464:
    [62] Նոյն, էջ 374-375:
    [63] Նոյն, էջ 464:
    [64] Նոյն, էջ 465-469:
    [65] Նոյն:
    [66] Նոյն:
    [67] Նոյն:
    [68] Նոյն, էջ 468:
    [69] Նոյն:
    [70] Նոյն, էջ 469:
    [71] Նոյն:
    [72] Նոյն:
    [73] Նոյն:
    [74] Վեր. Եղիա Քասունի, Լուսաշաւիղ. Պատմութիւն Հայ Բողոքական Շարժման, 1846-1946, Պէյրութ, Լիբանան, 1947, էջ 367:
    [75] Գալուստեան, op. cit., էջ 477-478:
    [76] Նոյն, էջ 478:
    [77] Նոյն, էջ 478-479:
    [78] Նոյն, էջ 479:
    [79] Նոյն, էջ 480:
    [80] Նոյն, էջ 481: