Մարաշ. աջին, աշտարակով շէնքը՝ ֆրանսիսքեան հայրերուն միսիոնարական հաստատութիւնը (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Մարաշ - Կրթանպաստ ընկերութիւններ

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 5 Հոկտ. 2011 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 5 Հոկտ. 2011)

19րդ դարու կէսերէն սկսեալ Մարաշի հայոց կրթական-հասարակական կեանքը զգալի յառաջընթաց կ'ապրի՝ կայսրութեան մէջ ծաւալած բարեփոխումներու, հասարակական եւ տնտեսական նոր պայմաններու բերմամբ: Թանզիմաթով սկսած ընդհանուր բարեփոխումներու կարեւոր դրսեւորումներէն մէկն ալ այն էր, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծուէր ազգային-համայնքային խնդիրներ հետապնդելու, եւ առաջին հերթին՝ կրթութեան, լուսաւորութեան հարցերով զբաղելու:

Միաժամանակ, հայ իրականութեան մէջ եւս տեղի կ'ունենային կարեւոր իրադարձութիւններ եւ փոփոխութիւններ, որոնց արձագանգները Պոլսէն եւ այլ կեդրոններէն թափանցելով հայկական գաւառներ եւ գաղթավայրեր, կ'ուղղորդեն հայ համայնքներու հասարակական, կրթական կեանքը:

1) Մարաշէն համապատկեր մը (Աղբիւր՝ Mark Sykes, Dar-ul-Islam, London, 1904)
2) Մարաշ. հարաւային թաղամասերը եւ բերդը (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Geographische Charakterbilder, Leipzig, 1909)

Պոլսոյ հետեւողութեամբ 19րդ դարու կէսերէն, գաւառական կեդրոններուն մէջ, յատկապէս կրթական գործին զարկ տալու նպատակով, կը սկսին հիմնուիլ կրթանուէր ընկերութիւններ, դպրոցասիրաց մարմիններ, որոնց առաջնահերթ խնդիրը կ'ըլլայ հայկական գաւառներու մէջ ժամանակի պահանջներուն համեմատ դպրոցներ բանալ, զանոնք նիւթական հասոյթներով ապահովել, ուսուցիչներ պատրաստել, այդպիսով սատարել կրթութեան, լուսաւորութեան տարածման:

Ինչպէս ամէնուր, Մարաշի մէջ նոյնպէս 19րդ դարու երկրորդ կէսէն կրթական արթնութեան նախանշաններ ի յայտ կու գան: Մասնաւորաբար 1870-80ականներուն մարաշահայ կեանքէն ներս լայն հնչեղութիւն կը ստանան մատաղ սերունդի կրթութեան եւ ժողովուրդի լուսաւորութեան հիմնահարցերը:

Արդարեւ, 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ զգալիօրէն կը փոխուի մարաշահայոց տնտեսական կեանքը, որոշ արտօնութիւններ, փոփոխութիւններ կը կատարուին նաեւ ընկերային կեանքին մէջ: Մարաշի հայութիւնը, թէեւ դանդաղօրէն, կը սկսի աւելի ու աւելի հետաքրքրութիւն ցուցաբերել ուսման եւ կրթութեան հանդէպ, փոքր ի շատէ շարունակելու համար իր գոյութիւնը, պահպանելու մանաւանդ, ազգային-կրօնական դիմագիծը: Մարաշի ընկերային, տնտեսական յառաջընթացը իր բարերար անդրադարձը կ'ունենայ կրթական մարզէն ներս:

Սկզբնապէս Մարաշի կրթական դրութիւնը հեռու է մխիթարական ըլլալէ: Փակուած եւ աւերուած էին միջնադարեան ծաղկուն վանքերն ու ուսումնական կեդրոնները, պատմութեան գիրկն անցած էին երբեմնի գրչութեան ու դպրութեան օճախները, չկային անցեալի բանիբուն հոգեւորականները, վարդապետներն ու ռաբունիները: Մինչեւ 19րդ դարու սկիզբները Մարաշի նորահաս սերունդը լաւագոյն պարագային գրաճանաչութիւն, քերականական եւ եկեղեցական որոշ գիտելիքներ ձեռք կը բերէր արհեստին զուգընթաց՝ արհեստանոց ջուլհականոցներու մէջ: Խօսելով 19րդ դարասկզբի Մարաշի կրթական վիճակին մասին, ուսուցիչ Յարութիւն Նաշալեան կը գրէ. «1820էն առաջ, երբ դեռ Մարաշի եկեղեցիներուն կից Ծաղկոցները չկային, Մարաշի հին վանքերուն մէջ ուսում ստացած միաբանները իրենց ջուլհականոցներու մէջ գրել-կարդալ կը սորվեցնէին աշկերտ-աշակերտներուն» [1]: 1830ական թուականներուն Մարաշի ազդեցիկ իշխաններէն՝ Գէորգ աղա Թօփալեանին անձնական նախաձեռնութեամբ եւ հոգացողութեամբ, Շէքէրտէրէ թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցիին կից կը բացուի Մարաշի առաջին կանոնաւոր դպրոցը: 1850ականներէն սկսեալ Մարաշի վեց եկեղեցիներուն կից կը հիմնուին Ծաղկոցներ [2]:

1863ին Մարաշի առաջնորդական տեղապահ Յովհաննէս Ա. քհնյ. Վարժապետեանին ջանքերով Ս. Սարգիս եկեղեցիին կից կը բացուի բարձրագոյն կրթարան մը՝ «Ճեմարան» անունով, որ հակառակ արդիւնաւոր ընթացքին, քանի մը տարուան կեանք կ'ունենայ եւ կը փակուի յարմար ուսուցիչ չգտնուելուն պատճառով:

Առաւել անփառունակ էր իգական սեռի կրթական վիճակը, կը բաւէ նշել, որ Մարաշի մէջ մինչեւ 1880ականներ եւ աւելի ետք ալ, աղջիկներու յատուկ վարժարաններ չկային:

Այսպիսով, կանոնաւոր եւ բարեկարգ դպրոցներու հիմնումը անհրաժեշտութիւն մը դարձած էր, որ կը ստիպէր մարաշահայ հանրային, եկեղեցական շրջանակները միջոցներ ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ:

Կայ նաեւ կրթական արթնութեան մղող այլ ազդակ մը եւս, որ պէտք չէ անտես առնել: 19րդ դարու կէսերէն, ինչպէս Կիլիկիոյ շատ մը քաղաքներու՝ Մարաշի մէջ նոյնպէս, իրենց գործունէութիւնն սկսած էին ծաւալել եւրոպական, ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութիւները: Օտար այս առաքելութիւնները իրենց յաջողութեան գրաւականը կը տեսնէին մատաղ սերունդի կրթութեան, դաստիարակութեան մէջ, եւ առաջին իսկ առիթով դպրոցներ հաստատած էին ի շարս հայաշատ այլ քաղաքներու նաեւ Մարաշի մէջ: Յայտնի իրողութիւն է, սակայն, որ այս կազմակերպութիւնները կրթական, լուսաւորական իրենց ծրագիրներուն առընթեր, կը հետապնդէին դաւանափոխութեան նպատակներ, Վատիկանը՝ կաթողիկէութիւնը տարածելու եւ իր ազդեցութիւնը զօրացնելու, բողոքական միսիոնարներ՝ հայոց մէջ բողոքականութիւնը տարածելու: Կաթողիկէ եւ բողոքական դպրոցները իրենց ուսման մակարդակով, դասաւանդութեան նոր եղանակներով կը գրաւէին ո'չ միայն իրենց պատկանած համայնքներուն՝ այլեւ լուսաւորչական ընտանիքներուն զաւակները, սակայն, օտար առաքելութեանց այս դպրոցներուն մէջ հայերէնի ուսուցման ու հայեցի դաստիարակութեան հարկ եղած ուշադրութիւնը չէր ընծայուեր: Եւ հոս կը բեկուէին հայ համայնքի հայեցի կրթութեան շահերն ու օտար միսիոնարներու շահախնդրութիւնները:

Ահա այս պայմաններուն մէջ է, որ մարաշահայ ընտրանի մը, մեծ մասամբ Մարաշի հարուստ դասակարգին պատկանող ուսեալ երիտասարդներ եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, քով քովի կու գան կրթական շարժում մը յառաջ բերելու նպատակով: Ակներեւ է, որ մարաշահայ ազդեցիկ, յառաջադէմ խաւը այլեւս անտարբեր չէ մատաղ սերունդի ուսման եւ դաստիարակութեան հարցերուն հանդէպ եւ պատրաստ է այդ նպատակին համար ներդնել իր միջոցներն ու հնարաւորութիւնները:

1880ական թուականներուն մէկը միւսի ետեւէն ասպարէզ կու գան կրթանուէր կազմակերպութիւններ, ընկերութիւններ, որոնց նպատակը մէկն էր՝ նպաստել ժողովուրդի մէջ կրթութեան, լուսաւորութեան տարածման:

Կրթական այս շարժման կազմակերպիչ նախաձեռնողները կը դառնան մարաշահայ կեանքին մէջ կշիռ ունեցող երկու հիմնական ներզօր ուժեր՝ հոգեւորականներն ու վաճառականները: Ասոնց յառաջադէմ ներկայացուցիչները, շփուելով զարգացած կեդրոններուն հետ, տեսնելով ուսման եւ կրթութեան ընձեռած բարիքները, կը փորձեն ուղիներ գտնել Մարաշի կրթական վիճակը բարեփոխելու, մատաղ սերունդը հայեցի ուսման առաջնորդելու համար:

Ուստի կարելի է ըսել, որ 20րդ դարու վերջին տասնամեակներուն Մարաշի մէջ կրթական նոր շարժում մը ինքզինք կը հաստատէ, որուն համար հայ հոգեւորականը կը ներդնէ իր մտաւոր ներուժը, իսկ հայ վաճառականը՝ քսակը:

Մարաշահայոց յառաջատար այս խաւերուն համագործակցութեամբ կը կազմուին ընկերութիւններ, կը բացուին դպրոցներ, կը հրաւիրուին ուսուցիչներ, զարկ կը տրուի ուսումնակրթական գործին:

Առաջնահերթ խնդիր է ժողովուրդի լուսաւորութիւնը: Յատկապէս նորահաս սերունդը ընթերցանութեան մղելու յառաջադրութեամբ կը հիմնուին գրադարաններ, բանաւոր խօսքի, քարոզներու միջոցաւ ժողովուրդին միտքը լուսաւորելու նպատակով կը կազմակերպուին լսարաններ, իր առաջին քայլերը կը կատարէ թատրոնը, ուսումնական ծրագիրներու մէջ կ'ընդգրկուին երաժշտութիւն, երգեցողութիւն, կը կազմուին երգեցիկ խումբեր. թէեւ մեծ մասամբ թրքերէն՝ կը ծաղկի ժողովրդա-աշուղական երգը, մեծ դժուարութեամբ, սակայն իր իրաւունքները կը սկսի հաստատել հայերէնախօսութիւնը, որ ժամանակի ընթացքին ի սպառ նահանջած էր, իր տեղը զիջելով թրքերէնին, մոռացութեան մատնելով անգամ Մարաշի գաւառաբարբառը: «Իրականութիւն է,- կը գրէ Յ. Տէր-Վարդանեան,- որ շնորհիւ դպրոցներու տրուած ուժ եւ կարեւորութեան, նորահաս երիտասարդութիւնը սկսած էր հայերէն բարբառիլ» [3]:

Խօսքը տանք Մարաշի հայերու պատմութեան երախտաւոր Գր. Գալուստեանին, որ 1880ականներուն Մարաշի կրթական, մշակութային վերազարթնումին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Այս տարիները տեսակ մը կրթական արթնութեան շրջան է եղած Մարաշի համար: 1880-1890 տասնամեակը կրթականին հետ ժողովրդական արթնութեան շրջան մըն ալ եղած է: Բարենպատակ ընկերութիւններ հիմնելու, լսարան հաստատելու, թատերական ներկայացումներ տալու, կրթական հանդէսներ սարքելու եռանդ մը կար ժողովուրդին եւ առաջնորդներուն մէջ» [4]:

Յառաջընթաց քայլեր կ'առնուին նաեւ աղջիկներու կրթութեան գործի կազմակերպման ուղղութեամբ. նախաձեռնողներն ու սատարողները կ'ըլլան Մարաշի ուսեալ եւ յառաջադէմ տիկիններէ բաղկացած Տիկնանց կազմակերպութիւնները: Անոնց ջանքերով 19րդ դարու վերջերուն Մարաշի մէջ կը բացուին աղջկանց երկու վարժարաններ, մին՝ Կեդրոնական Վարժարանին, միւսը՝ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին կից:

Հարկ է նշել, որ Մարաշի կրթական արթնութեան այս շրջանին, մեծ բաժին կ'ունենան նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչները, յատկապէս՝ Պոլսոյ եւ այլ կեդրոններու մէջ ուսում առած տիկիններն ու օրիորդները՝ Հրանոյշ Ազատեան, Տուտու Ամիրալեան, Տուտու Գըսաճըգեան, Ովսաննա Քէօմպէճեան, Էլմաս Սաղպազարեան եւ ուրիշներ [5]:

Ուշագրաւ փաստ մըն է, որ մինչեւ Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումը Մարաշի կրթանուէր կազմակերպութիւնները ընդհանրապէս երիտասարդական նախաձեռնութեան արդիւնք են, եւ այդ զարմանալի չէ, եթէ նկատի առնենք այն հանգամանքը, որ անոնք կը ներկայացնեն Մարաշի ուսեալ եւ զարգացած խաւը, որոնք զաւակներն էին Մարաշի առեւտրա-արդիւնաբերական հրապարակի վրայ ազդեցիկ դիրքեր գրաւած ընտանիքներուն: Ասոնցմէ շատեր իրենց կրթութիւնը ստացած են ժամանակի ընտրագոյն կրթարաններուն, մերթ եւրոպայի մէջ, հետեւաբար բնական է, որ ուսեալ եւ զարգացած այս խաւը, կարեւորելով լուսաւորութեան տարածումն ու մանուկներու կրթութիւնը, դառնար մարաշահայ կեանքին մէջ մտաւոր եւ կրթական յառաջընթացի ջահակիրը:

Պէտք է ենթադրել, որ կառավարութիւնը այնքան ալ հաշտ աչքով չի դիտեր երիտասարդական կամ որեւէ այլ խմբաւորում, անկախ անոր նպատակէն: Մասնաւորապէս 1890ականներու կէսերէն՝ ազգային ճնշման ուժեղացման տարիներուն, անպակաս են հալածանքներն ու ձերբակալութիւնները: Այդ է պատճառը, որ մարաշահայ կրթական բոլոր ձեռնարկները մեծ մասամբ կը վերաբերին 1880-1895 ժամանակամիջոցին:

Յատկանշական երեւոյթ մըն է, որ իւրաքանչիւր եկեղեցի կամ թեմ – ինչպէս սովորութիւն է կոչել Մարաշի վեց եկեղեցիները – իր անմիջական շրջանակին ծառայելու նպատակով, կը ստեղծէ ուրոյն ընկերակցութիւն մը, այդպիսով աւելի եւս շեշտելով համայնքային կենսաձեւը՝ ըստ պատկանած թաղին կամ եկեղեցիին [6]: Նախաձեռնողներն ալ բնականաբար տուեալ եկեղեցիի երեւելի դէմքերն ու առաջնորդները կ'ըլլան: Այս ընկերութիւններէն ոմանք նիւթական եւ այլ դժուարութիւններու, իսկ ոմանք ալ կառավարութեան ճնշումներու հետեւանքով հազիւ քանի մը տարի միայն կը գոյատեւեն, այդուհանդերձ կարեւոր դեր կը կատարեն մարաշահայ «նորազարթ» կրթական, ընկերային կեանքին մէջ, զարկ տալով կրթութեան, լուսաւորութեան եւ յատկապէս դպրոցաշինութեան գործին: Այս բոլորին տրամաբանութիւնը կը յանգի մէկ կէտի՝ ժողովուրդին մէջ ամրապնդել ազգային ինքնութիւնը: Միայն անուններու թուարկումը Մարաշի մէջ կեանքի կոչուած այդ մարմիններուն, երեւան պիտի հանէ շրջադարձ մը դէպի անցեալի պատմութիւնը, դէպի ազգային արժէքներ՝ «Կիլիկեան» [7], «Հայրենասիրաց», «Ռուբինեան» [8], «Մամիկոնեան» [9], «Հայկազնեանց» եւլն:

Այս մասին ուշագրաւ հաստատում մը կը կատարէ ծանօթ պատմագէտ Վահան Քիւրքճեան, որ 1882ի ամրան Մարաշ կատարած այցելութեան առիթով հետեւեալը կը գրէ. «Մարաշ այդ թուականին մտաւորական գործունէութեամբ փայլուն վիճակ մը ունէր,- Այնթապն ալ գերազանցելով թերեւս: Այն ատեն կը ծաղկէր Մարաշի Կեդրոնական Վարժարանը. հոծ հայութիւն մը կար հոն նորազարթ. Ազգայնականները թէեւ թուով սահմանափակ, մեծ որակ կը կազմէին, բաղկացած՝ եկեղեցականներէ, ուսուցիչներէ եւ առեւտրականներէ» [10]:

Այս պայմաններուն մէջ է որ Մարաշի տարբեր թաղերու դպրոցներուն կից կը ճիւղաւորուին ու իրենց շիւերը կու տան տասնեակ մը կրթանուէր բարեսիրական ընկերութիւններ:

Կիլիկեան Հայրենասիրաց Ընկերութիւն

Մարաշի նոր շրջանի կրթական արթնութեան երախայրիքը կարելի է համարել 1880ին հիմնուած Կիլիկեան Հայրենասիրաց Ընկերութիւնը: Դպրոցաշինութիւնն ու կրթանուէր գործունէութիւնը իբր ծրագիր որդեգրած այս Ընկերութիւնը, կը կազմուի նախաձեռնութեամբ՝ Մարտիրոս Չօրպաճեան, Յարութիւն Մուրատեան, Կարապետ Պիլէզիկճեան, Օվէս Արըգեան, Մկրտիչ Յովնանեան, խումբ մը կրթասէր երիտասարդներուն, եւ քաջալերանքով ու անմիջական ջանքերով Մարաշի բանիբուն քահանաներէն՝ Տ. Նահապետ Ա. քհնյ. Կարապետեանին: Յայտնի չէ, թէ սոյն Ընկերութեան կազմութիւնը տեղական նախաձեռնութեան մը, թէ' Պոլսոյ Պատրիարքարանէն եկած հրահանգի մը արդիւնքն է, նկատի առնելով, որ «Պոլսոյ օրինակէն ներշնչեալ» գաւառներու մէջ ալ սկսած են հիմնուիլ տեղական ընկերութիւններ [11]: Մանաւանդ 1878էն ի վեր բովանդակ Կիլիկիոյ մէջ գործելու առաջադրութեամբ ասպարէզի վրայ է Պոլսոյ Կիլիկեան Ընկերութիւնը (ապա՝ Միացեալ Ընկերութիւն) [12], որ եռանդուն գործունէութիւն կը ծաւալէ Կիլիկեան գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալով եւ կրթանպաստ ծրագիրներ իրականացնելով: Այսուհանդերձ, ինչ ալ որ ըլլան սոյն ընկերութեան հիմնադրութեան նախադրեալները, յստակ է, որ մարաշահայ խումբ մը «ուսեալ եւ յառաջդիմասէր» երիտասարդներ, լրջօրէն մտահոգուելով հայրենի Մարաշի կրթական անմխիթար վիճակով, գործնական քայլերու կը դիմեն:

Ընկերութեան գլխաւոր նպատակն է Մարաշի մէջ բարձրագոյն վարժարան մը հիմնել եւ նիւթական հասոյթներ ստեղծելով ապահովել անոր կանոնաւոր ընթացքը [13]: Ըստ էութեան կրթական նպատակներ հետապնդող այս Ընկերութիւնը կեանքի կը կոչուի բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան ծրագիրը իրագործելու:

Մուրատեան Պօղոս աղային ջանքերով, Մարաշի կեդրոնական՝ Շէքէրլի հայաշատ թաղին մէջ հողաշերտ մը կը գնուի: Շինութեան ձեռնարկելէ առաջ, կը կազմուի նաեւ Հանգանակիչ Յանձնախումբ մը ատենապետութեամբ՝ Մարտիրոս Չօրպաճեանի: Յանձնախումբը կը յաջողի Մարաշի բոլոր վեց եկեղեցիներու ազգայիններէն բաւականաչափ գումար հանգանակել եւ կառուցել Կեդրոնականի շէնքը [14]:

Այսպէս, սոյն Ընկերութեան «ջանից եւ աշխատութեան շնորհիւ», 1880ին իր դռները կը բանայ Մարաշի նշանաւոր Կեդրոնական Վարժարանը: Քաղաքի վեց եկեղեցիներու նախակրթարաններէն յարմարագոյն աշակերտներ կ'ընտրուին եւ վարժարանը կը սկսի կրթական իր առաքելութիւնը:

Ընկերութեան միջոցները կը գոյանան անդամավճարներէ, հանդէսներէ եւ հարուստներու շրջանակէն ներս հանգանակութիւններէ: Սկզբնական շրջանին Պոլսոյ Միացեալ Ընկերութիւնը կը սատարէ վարժարանին, ուսուցիչ կամ դրամ ղրկելով, սակայն յետոյ կը դադրեցնէ իր օժանդակութիւնը [15]:

Կեդրոնական Վարժարանը աւելի քան 30 տարի (1895ի ջարդերէն ետք եւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն քանի մը տարի գոց կը մնայ), հայեցի ուսում կը ջամբէ Մարաշի մատաղ սերունդին: Դպրոցէն ներս բաւական խնամքով կ'աւանդուին հայերէն՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, հայոց պատմութիւն եւ այլ նիւթեր: «Իր սկզբնաւորութեան օրերէն ի վեր,- կը գրէ Գր. Գալուստեան,- Կեդրոնականը տուած է հարիւրաւոր ընթացաւարտ եւ թերաւարտ սաներ, որոնք հոգին եղած են Մարաշի կրթական, եկեղեցական եւ ընկերային բոլոր օգտակար շարժումներուն: Թէեւ նկատելի են մասնաւորապէս Միսիոնարական ու Հայ Աւետարանական համայնքին կրթական ջանքերն ու արդիւնքները Մարաշի մէջ, սակայն, Կեդրոնական Վարժարանի տուած կրթութեան հայեցի գիծը որոշապէս ուշագրաւ ու գնահատելի եղած է» [16]:

Կեդրոնականին բարձր անուն եւ վարկ ապահոված ուսուցիչները եղած են՝ Սարգիս Սամուէլեան, Սմբատ Բիւրատ, Դաւիթ Տէր Ղազարեան, Թորոս Մահիկեան, Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Տէր Նահապետեան, եւ ուրիշներ [17]:

Կիլիկեան Հայրենասիրաց Ընկերութեան ձեռնարկումներուն ամէնէն մեծ պտուղը անկասկած Կեդրոնական Վարժարանն է, որու թէ' հիմնադրութիւնը թէ' յետագայ գործունէութիւնը կ'առնչուի այս ընկերութեան:

Մարաշի հայերու պատմութեան բոլոր արձանագրողները, մեծ դրուատանքով կը խօսին այս Ընկերութեան մասին, նշելով, որ շնորհիւ անոր շուրջ համախմբուած ուսումնասէր եւ ազգային ինքնութեան ջատագով երիտասարդներուն, Մարաշը կրթական-մշակութային զարթօնք ապրած է: Ուստի չափազանցութիւն չ'ըլլար եթէ ըսենք, որ սոյն ընկերութիւնը դարձած է մարաշահայ մշակութային կեանքի առանցքը, անոր անուան կը կապուին Մարաշի նոր շրջանի կրթական լուսաւորական բոլոր շարժումները:

Ահա թէ ինչու, Կիլիկեան Հայրենասիրացի գործունէութիւնը ուշագրաւ է ո'չ միայն կրթական գործի կազմակերպման, այլեւ ընդհանրապէս՝ Մարաշի հայոց ընկերային, մշակութային կեանքէն ներս մտաւոր շարժում ստեղծելու բացառիկ դերով: Բոլոր փաստերը կը վկայեն, որ ան միայն դպրոցական ծրագիրներով առաջնորդուող կազմակերպութիւն մը չէ եղած, այլ ընդարձակ ծրագիրներ հետապնդող, ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածելու գործնական նպատակներ հետապնդող կառոյց մը:

Մինչեւ Պերլինի վեհաժողովը (1878), այդ նպատակին կը ծառայեն հայկական բնակավայրերու մէջ ստեղծուած գրեթէ բոլոր մշակութային միութիւնները: Վեհաժողովի 61րդ յօդուածին պատրանքները մեծ յոյսեր կը ստեղծեն հայկական շրջանակներու մէջ, նպաստելով զանազան ընկերութիւններու յառաջացման, մասնաւորաբար կրթական-մշակութային եւ հասարակական խնդիրներ հետապնդող մարմիններ: Այս դրոյթներուն կը մօտենայ ակնյայտօրէն 1880ին ասպարէզ իջած Կիլիկեան Ընկերութիւնը, որ նպատակ ունի Մարաշի հայոց մէջ ուսումն ու ընթերցանութիւնը տարածելու միջոցով՝ «ատենախօսութեամբք եւ քարօզներով» արծարծել հայրենասիրական ոգի [18]:

Հայրենասիրացի ծրագիրները թէեւ ոչ ուղղակիօրէն, կ'աղերսուին ներազգային ընդհանրական նպատակներու, ընդգրկելով Մարաշի երիտասարդութեան յառաջադէմ տարրը: Ասոր ամէնէն վառ ապացոյցը կարելի է համարել 19րդ դարու վերջին եւ 20րդ դարու սկիզբը Զէյթունի կռիւներուն Մարաշի հայ երիտասարդութեան անմիջական մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը:

Ընկերութիւնը իր առջեւ խնդիր դրած է պատրաստել եւ կրթել կրօնա-բարոյական մաքուր նկարագիր ունեցող երիտասարդներ, սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցնել ընթերցանութեան հանդէպ: Այս նպատակով Ընկերութեան առաջին գործերէն մէկը կ'ըլլայ «Թանգարան» կոչուած գրադարանին հիմնումը Կեդրոնական Վարժարանին մէջ:

Ընկերութեան անդամները եւ անոնց շուրջ համախմբուած հոգեւոր եւ աշխարհիկ գործիչները, չբաւականանալով միայն եկեղեցիներու մէջ տրուած քարոզներով, կը ձեռնարկեն լսարանի կազմութեան: Շաբաթը անգամ մը՝ Կիրակի օրերը, Կեդրոնականի մեծ սրահին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան քարոզներ, ատենախօսութիւններ կը տրուին՝ Ս. Գրոց, հայոց եւ միջազգային պատմութեան, բարոյագիտական, կրթական եւ զանազան օգտակար նիւթերու շուրջ:

Ինչպէս կը վկայեն ժամանակի հեղինակները, Մարաշի հայոց կեանքէն ներս առանձնայատուկ հնչեղութիւն կը ստանայ լսարանը, տեղի կ'ունենան հանդէսներ, թատերական ներկայացումներ, կը հնչեն ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Մարաշի առաջնորդական փոխանորդ Ղեւոնդ Ա. քհնյ. Տէր Նահապետեան հետեւեալ արժէքաւոր տեղեկութիւնները կը հաղորդէ այս մասին. «Ամէն Կիրակի կէսօրէն ետքը, Կեդրոնական Վարժարանի սրահին մէջ կարգով քարոզ կու տայինք խուռն բազմութեան ներկայութեամբ: Կեդրոնականի դասատուներէն Սարգիս Սամուէլեան եւ Դաւիթ Տէր Ղազարեան կրօնական, բարոյական, կրթական, գիտական եւ ուրիշ օգտակար նիւթերու վրայ բերանացի եւ գրաւոր ճառեր կը կարդային» [19]: «Մարաշի վեց եկեղեցեաց քահանայք եւ երեւելի իշխաններ կու գային լսարան, եւ վարժարանի ուսանողք ատենախօսութիւններէն ետքը՝ ազգային երգեր կ'երգէին: Անխտիր երկսեռ բազմութիւն մը կը լեցնէր լսարանը: Տարիներ տեւեցին լսարանական այս քարոզութիւններն ու ատենախօսութիւնները: Երիտասարդներ երբեմն ալ ներկայացումներ կու տային: Այս ազգօգուտ կրթարանն ու լսարանը մեծ ծառայութիւններ մատուցին Մարաշի հայութեան» [20]:

Կիրակնօեայ լսարանը մեծ ոգեւորութիւն յառաջ բերած էր ժողովուդին մէջ, Մարաշի բոլոր վեց եկեղեցիներուն քահանաներուն, երեւելի իշխաններուն [21]՝ Տէօվլէթ էֆ. Չօրպաճեան, Գէորգ էֆ. Մուրատեան, Գէորգ աղա Թօփալեան եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի խուռներամ ներկայութիւնը, լաւագոյնս կը վկայէ տիրող համընդհանուր խանդավառ մթնոլորտին մասին:

Յովսէփ Տէր Վարդանեան իր «Մարաշի Ջարդը» հատորին մէջ հետեւեալ հետաքրքական հաստատումը կ'ընէ. «Մարաշցին ընդհանուր առումով կրօնասէր ժողովուրդ մը եղած է, վկայ իր եկեղեցիներու շատութիւնը: [...] Կրօնասիրութեան չափ ալ քարոզասէր էր, եկեղեցւոյ հոգեւոր խրատը կամ քարոզը լսելէ ետք կը դիմէր ազգային լսարան, ուր մտիկ կ'ընէր նաեւ մասնաւոր ատենախօսութիւններ կրօնա-բարոյական նիւթերու շուրջ» [22]:

Ազգային հոգեւոր վերելքի այս շրջանին բանաւոր խօսքը՝ քարոզութիւնը, ազգային ինքնագիտակցութեան ամէնէն կենսունակ երակն է, որ իր մէջ կը կրէ լուսաւորական, այլեւ ազգասիրական ուղղուածութիւն: Լսարանը այս իմաստով՝ բարոյա-խրատական, ազգային-եկեղեցական, պատմական՝ ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայի իրողութիւններու արծարծումներով, ի վերջոյ ժողովուրդին մէջ կը վերակրթէր հայրենասիրական եւ քրիստոնէական ոգին:

Հոս հարկ է անդրադառնալ կարեւոր խնդրի մը: Իրաւամբ մարաշցին կրօնասէր ու եկեղեցասէր է, ժամանակի հեղինակներու վկայութեամբ ան իր օրը կը սկսի եկեղեցիի մէջ՝ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ կ'աւարտէ դարձեալ՝ երեկոյեան ժամերգութեամբ: Յայտնի իրողութիւն է, վաղուց արդէն պետական-քաղաքական հովանաւորութենէ զրկուած եւ ամէն տեսակ հալածանքներու ենթակայ հայ մարդուն համար եկեղեցին հոգեկան ապաւէն ու յենարան է եղած: Բնական է, որ մարաշցի հայը իր հոգեկան անդորրն ու խաղաղութիւնը պիտի գտնէր կրօնքի եւ եկեղեցիի մէջ: Այստեղէն՝ իր այնքան քարոզասիրութիւնը, հոգեւորին կառչած մնալու մղումը:

Յատկանշական է, որ Սսոյ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսը նոյնպէս, ամէն անգամ երբ Սիսէն Մարաշ կու գայ՝ Քէրխանի իր ամառանոցը երթալու, Կիրակի օրերը լսարան կ'այցելէ եւ հմտալից քարոզներ կու տայ [23]: Ընդհանրապէս, այս շրջանին Մարաշ այցելած բոլոր հոգեւորականները, Պոլսէն ժամանած կրթական գործիչներ, իբրեւ բանախօսներ հանդէս եկած եւ քարոզած են լսարանին մէջ։ Կրթական առաքելութեամբ Մարաշ գտնուող Միացեալ Ընկերութեան Կիլիկիոյ վարժարանաց ընդհանուր տեսուչ Գրիգոր Սանտալճեան, անոր յաջորդած՝ Բարսեղ Վարդուկեան, Վահան Քիւրքճեան, Կիրակի օրեր լսարանի մէջ գեղեցիկ եւ ազդու ատենախօսութիւններ կ'ընեն: Իբրեւ մնայուն բանախօս կը յիշուին Տ. Ղեւոնդ քհնյ., եւ որդին՝ նորընծայ քահանայ Տ. Նահապետ քհնյ., որ ծանօթ էր իբրեւ հմուտ եւ պերճախօս քահանայ, Կեդրոնականի ուսուցիչներէն՝ Սարգիս Սամուէլեան, Սմբատ Բիւրատ, Դաւիթ Տէր Ղազարեան եւ ուրիշներ:

Այս լսարանը մօտ տասը տարի բացառիկ դեր կը կատարէ մարաշահայոց կեանքին մէջ, ապա կը գոցուի թուրք կառավարութեան մասնաւոր հրամանով, Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի ժամանակաշրջանի հալածանքի ուժեղացման տարիներուն:

Ռուբինեան Ընկերութիւն

Մարաշի Ռուբինեան Ընկերութիւնը կը հիմնեն Ս. Ստեփաննոս թեմի երիտասարդները: Ընկերութեան գլխաւոր նպատակն է որբ եւ անպաշտպան տղոց համար գիշերօթիկ վարժարան մը բանալ եւ անոնց ձրի կրթութիւն եւ ուսում ջամբել: Ընկերութիւնը ի սկզբանէ կը ծրագրէ եկեղեցիին մէջ հաստատել լսարան մը եւ մղում տալ «եկեղեցական եւ ազգասիրական կրթութեան»: Սոյն Ընկերութեան հիմնական մղիչ ուժը՝ անոր հոգի ու շունչ տուողը եղած է երիտասարդ վաճառական եւ ձեռնարկատէր Կարապետ Չօրպաճեան՝ «որու ամէն մտածութիւնն կեդրոնացած է կրթական գործից վրայ» [24]: Ան խումբ մը համախոհներու հետ կը լծուի ազգային-համայնքային ծրագիրներու իրագործման, այդ երիտասարդներէն կը յիշուին Յովհաննէս եւ Նշան Էտալեան, Յակոբ եւ Միհրան Չօրպաճեան, Հաճի Աստուր Ասլանեան, եւ ուրիշներ:

Ընկերութեան միջոցները կը գոյանան անդամավճարներէ եւ նուիրատուութիւններէ: Սկիզբը իբրեւ հասութաբեր կալուած ունի սափրիչի խանութ մը՝ որ հայ սափրիչի մը յանձնուած է, ընկերութեան բոլոր անդամները կը պարտաւորուին այս խանութին ծառայութենէն օգտուիլ, որպէսզի շահոյթը Ընկերութեան գանձարկղը երթայ: Ակնյայտ է, որ Չօրպաճեան էֆ. ջանք չէ խնայած Ընկերութիւնը կանոնաւոր հիմերու վրայ հաստատելու, վարժարանը նիւթական հասոյթներով ապահովելու համար: Այդ նպատակով Ընկերութիւնը կառուցել կու տայ Եէնի Համամ (Նոր Բաղնիք) կոչուող բաղնիքը, կարճ ժամանակի մէջ ձեռք կը բերէ հասութաբեր այլ կալուածներ եւս, այդ թուին՝ ջաղացք մը, սրճարան մը, նաեւ քանի մը խանութներ:

1895ի Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի օրով կատարուած հակահայ ջարդերուն յաջորդող շրջանին, Մարաշի մէջ որբ եւ անօգնական մանուկներու կուտակումը, կը հարկադրէ Ընկերութեան անդամները որբանոց մը բանալ, գործակցութեամբ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիի թաղական խորհուրդին:

Ընկերութեան տարեկան հասոյթը կը կազմէ 120 օսմ. ոսկի, որ անբաւական է նոյնիսկ 20 որբ պահելու եւ անոնց կրթական ծախսերը ապահովելու: Ուստի կ'որոշուի դիմել Ամերիկա՝ հայրենակից Վեր. Յարութիւն Ճէնանեանին: Պատասխանը աւելի քան յուսադրող է, Վեր. Ճէնանեան կը խոստանար տարեկան 120 օսմ. ոսկի տրամադրել որբանոցին: Ուշագրաւ է նամակին բովանդակութիւնը, ուր Վերապատուելին իր անկեղծ զգացումները կը յայտէ գրելով. «Ես ալ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիի Աւազանին մէջ մկրտուած եմ, ուստի սիրով կ'ընդունիմ Ձեր առաջարկը»:

Այսպէս, 1896ին Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին կից կը բացուի որբանոց-վարժարանը, որ ի պատիւ բարերար հայրենակիցին կը կոչուի «Ճէնանեան» որբանոց: Վեր. Ճէնանեանի օգտաշատ գործակցութիւնը այս Ընկերութեան հետ մասնաւորաբար նշանակալի է նաեւ այն իմաստով, որ Հայ Առաքելական եկեղեցի մը սերտօրէն կը գործակցի Հայ Աւետարանական գործիչի մը հետ, այս համագործակցութիւնը պատիւ կը բերէ որքան եկեղեցիին, նոյնքան Վեր. Ճէնանեանին:

Որբանոցի հետագայ շարունակութեան մեծապէս կը նպաստէ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիի ժողովուրդը՝ Ռուբինեան Ընկերութեան միջոցաւ [25]:

Ռուբինեան Ընկերութիւնը իր օգտաշատ ծառայութիւնը կը շարունակէ մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը: Մարաշի հայութեան մատուցած իր բազմատեսակ ծառայութիւններուն կողքին կը պատսպարէ 40ի չափ որբեր ու կ՝ապահովէ անոնց կրթութիւնը։

Մամիկոնեան Ընկերութիւն

Մամիկոնեան Ընկերութիւնը կը հիմնուի 1879ին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցիի երիտասարդներուն կողմէ, նպատակ ունենալով՝ «եկեղեցիի եւ մասնաւորաբար դպրոցին պայծառութեան աշխատիլ»:

Հայ Թաղի կեդրոնը գտնուող Ս. Աստուածածինը՝ Մարաշի հնագոյն եկեղեցին է, ունի աւելի քան հազարամեայ հնութիւն: Հայ Թաղի բնակչութիւնը, հետեւաբար՝ եկեղեցիի ժողովուրդը, ընդհանրապէս բաղկացած է միջակօրեայ եւ աղքատ ընտանիքներէ, այստեղ չկային հարուստ վաճառականներ, որոնք յանձնառու ըլլային թեմին կարիքներուն: Սակայն, 19րդ դարու վերջին տասնամեակներուն լուսամիտ երիտասարդութիւն մը մէջտեղ կու գայ եւ կը սկսի՝ «եկեղեցական ու կրթական գործը զօրացնել բարւոք մատակարարութեամբ» [26]:

Ընկերութեան հիմնադրութիւնը կը կապուի Մարտիրոս Գոմուրեան անուն երիտասարդ գործիչի անուան հետ, որու անմիջական ջանքերով կը կազմուի Մամիկոնեան իշխանական տան անունը կրող այս Ընկերութիւնը: Մարտիրոս Գոմուրեան (ծնած է Մարաշ՝ 1854ին), կ'ուսանի Ս. Գէորգ եկեղեցիի Ծաղկոցը, ինքնաշխատութեամբ կը զարգացնէ՝ գրաբարը, կ'ուսումնասիրէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, Ս. Գիրք եւ Շարականներ: Մեծապէս կ'օգտուի այնթապցի Յարութիւն վարժապետ Կիւլէսէրեանէ (ապա քահանայ), որ 1860ականներուն ուսուցիչ էր Ս. Աստուածածնի դպրոցին մէջ: Կը յիշուի, որ Յարութիւն վարժապետ ընդվզելով նորահաստատ կաթողիկէ եւ բողոքական յարանուանութիւններուն դէմ՝ ջատագոված է Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ իր շուրջը համախմբած եկեղեցասէր եւ կրթասէր խումբ մը երիտասարդներ: Ահա այս երիտասարդներէն են Մարտիրոս Գոմուրեանն ու իր ընկերները, որոնք ի մի գալով կը հիմնեն Մամիկոնեան Ընկերութիւնը [27]:

Ընկերութիւնը կը ծրագրէ դրամական միջոցներ հայթայթել եկեղեցիին կից կառուցուելիք դպրոցին համար: Անդամավճարներէ եւ Մարաշի ազգայիններէ հանգանակուած գումարներով, Ս. Աստուածածին եկեղեցիին կից կը կառուցուի օդասուն, չորս սենեակներէ բաղկացած երկյարկանի դպրոց մը, որ օրհնութիւն մը կ'ըլլայ թաղին մանուկներուն համար: Գոմուրեան 1880-1890 իբրեւ ուսուցիչ ձրիաբար կը ծառայէ այս դպրոցին, ապա կը պաշտօնավարէ Մարաշի մերձակայ Քէշիֆլի գիւղի վարժարանին մէջ: 1902էն սկսեալ կը վարէ Ս. Աստուածածին եւ յետոյ Կեդրոնական Վարժարանի լսարանները: Տեղահանութեան առաջին ալիքով կը տարագրուի Համա, ուր կը մահանայ 62 տարեկանին [28]:

Ուսուցիչ Նշան Սաաթճեան ուշագրաւ դրուագ մը կը պատմէ այս Ընկերութեան շուրջ համախմբուած երիտասարդներուն մասին: 1910ին անոնք եկեղեցիի տնտեսական գործերուն մէջ որոշ բարեփոխումներ կը կատարեն, մասնաւորաբար՝ կը դադրեցնեն պատարագի ընթացքին պնակ պտտցնելը, շաբաթական վճարումի դրութեամբ գանձանակ մը կը հաստատեն, ինչպէս նաեւ քահանային որոշեալ ամսական մը վճարելու դրութիւն կը հաստատեն: Սաաթճեան կը յարէ, թէ այդ նախընթացէն քաջալերուած, հետզհետէ Մարաշի վեց եկեղեցիները նոյնպէս այդ դրութիւնը կ'որդեգրեն [29]:

Լուսինեան Ընկերութիւն

Լուսինեան Ընկերութիւնը (Կիլիկիոյ վերջին Լեւոն Զ. Լուսինեան թագաւորի անունով), կը կազմուի Ս. Գէորգ եկեղեցիի ժողովուրդին կողմէ: Ընկերութեան հիմնադիր անդամները են՝ Յովսէփ Տիշչէքէնեան, Յովհաննէս Գալայճեան եւ ուրիշներ: Թէեւ մանրամասներ կը պակսին, սակայն դժուար չէ կռահել, որ Ս. Գէորգ եկեղեցիի հովանիին տակ կազմուած այս ընկերութիւնը կեանքի կոչուած է եկեղեցիի անմիջական շրջանակէն ներս կրթական, բարեսիրական գործունէութիւն ծաւալելու նոյնանման ծրագիրներով [30]:

Ընթերցասիրաց Ընկերութիւն

Դպրոցներու բազմացումին եւ զարգացումին հետ զարկ կը տրուի նաեւ ընթերցասիրութեան: Այս ուղղութեամբ 1880էն ի վեր անհատական թէ հաւաքական ջանքերը անպակաս եղած են, որուն մէկ արգասիքն է Ընթերցասիրաց Ընկերութիւնը: Սոյն ընկերութեան գլխաւոր մղիչ ուժը կը հանդիասանան Կեդրոնականի ուսուցիչներ՝ Սարգիս Սամուէլեանը եւ Դաւիթ Տէր Ղազարեանը: Մարաշի կրթական արթնութեան մէջ բացառիկ դեր կատարած այս գործիչները կը յիշուին իբրեւ ժամանակի ամէնէն զարգացած եւ գրասէր դէմքերը, որոնք ժամանակակիցի մը դիպուկ արտայայտութեամբ՝ «իրենց անձնական օրինակով ընթերցանութեան հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը տարածէին իրենց շուրջը»:

Սարգիս Սամուէլեան (ծնած է Մարաշ՝ 1856ին), կը յաճախէ Ս. Սարգիս եկեղեցիի նախակրթարանը: Շրջան մը կը զբաղի ջուլհակութեամբ եւ մասնաւոր դասեր կ'առնէ Տ. Եփրեմ քհնյ. Տէր Ղազարեանէն: 1878ին կը տեղափոխուի Այնթապ եւ տեղւոյն գոլէճին մէջ թէ' ուսանելով թէ' ուսուցանելով շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1890ին: Մարաշ վերադառնալով կը նուիրուի կրթական գործին, կը պաշտօնավարէ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ, միաժամանակ կ'ատենախօսէ Կիրակնօրեայ լսարանին մէջ: Կեդրոնականը իր օրով կը բոլորէ փայլուն շրջան մը: Սամուէլեան առաջին նախաձեռնողը կ'ըլլայ Մարաշի մէջ կրթական, բարեսիրական շարք մը ընկերութիւններու: Հնչակեան կուսակցութեան Կիլիկիա թափանցումին հետ, իր ջանքերով կը կազմուի կուսակցութեան մասնաճիւղը, որուն կ'անդամակցին մեծ թիւով երիտասարդներ: Գործակալն է Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ բոլոր հայ թերթերուն, երբեմն նաեւ յօդուածներ կը ստորագրէ մամուլի էջերուն մէջ: Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի գահակալութեան օրով մշտապէս կ'ենթարկուի հետապնդումներու. 1892ին քանի մը ընկերներու հետ իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուելով կը տարուի Հալէպ, ապա՝ կաշառքով ազատ կ'արձակուի: Կ'օժանդակէ Զէյթունի 1895ի կռուին: Քիչ ետք, Մարաշի մէջ սկսած ջարդի օրերուն կը սպաննուի իր տան վրայ յարձակած խուժանին կողմէ [31]:

Դաւիթ Տէր Ղազարեան ծնած է Մարաշ՝ 1854ին, նախակրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Այնթապ գոլէճ, ապա՝ երկու տարի Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարան: Ընտանիքի օգնելու նպատակով, կը ստիպուի կէս ձգել ուսումը, սակայն միշտ փարած կը մնայ գիր ու գրականութեան եւ ինքնաշխատութեամբ կը դառնայ Մարաշի ամէնէն զարգացած մարդոցմէ մէկը: 1880էն արձակ եւ չափածոյ գրութիւններով կ'երեւի «Մանզումէ»ի, «Մասիս»ի եւ «Արեւելան Մամուլ»ի էջերուն մէջ: Դաւիթ Տէր Ղազարեան 41 տարեկան հասակին զոհ կ'երթայ 1895ի ջարդերուն:

Այս գործիչներուն շունչովը բացուած Ընթերցասիրացը, ինչպէս իր անունն ալ կը յուշէ, կը նպատակադրէ նորահաս սերունդին մօտ, բայց մանաւանդ անոնց, որոնք ստիպուած էին ուսումը կէս ձգել եւ գործի ասպարէզ մտնել, ընթերցանութեան ոգին արթնցնել եւ ինքնազարգացումի մղել: Այս նպատակով կը հիմնեն «թանգարան» գրադարան մը, որ կը համալրուի մօտ 200 կտոր ընտիր գիրքերով եւ թերթերով: Գրադարանի հարստացման իր բաժինը կը բերէ Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Տէր Նահապետեան, իր համեստ հաւաքածոն նուիրելով նորաբաց գրադարանին [32]: Ընթերցասիրացը կը գործէ մինչեւ 1895:

Հայուհեաց Ընկերութիւն

Մարաշի կրթական արթնութեան բարենպաստ պայմաններուն մէջ աստիճանաբար կը սկսի յառաջդիմութեան նշաններ ցոյց տալ նաեւ իգական սեռի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը: 1880ականներու սկիզբը ասպարէզ կ'իջնեն Տիկնանց ընկերութիւններ, որոնց նպատակը մէկն է՝ աղջկանց դպրոցներ բանալ, սատարել իգական սեռի կրթութեան:

Տիկնանց առաջին Հայուհեաց Ընկերութիւնը կը կազմուի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցիի ուսեալ եւ զարգացած տիկիններուն կողմէ, նոյն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ բացուած աղջկանց դպրոցին սատարելու համար: Այսպէս, սոյն Ընկերութեան կրթանուէր Տիկիններու անմիջական ջանքերով եւ հոգացողութեամբ հետագային Կեդրոնական Վարժարանի ընդարձակ բակին մէջ կը կառուցուի Աղջկանց Վարժարանը, ուր կը յաճախեն Մարաշի գրեթէ բոլոր թաղերէ աշակերտուհիներ:

Գործօն անդամուհիներէն կը յիշուին տիկիններ՝ Թամամ Մուրատեան, Վարդիկ Փարթամեան, Համմալ Պուրունսուզեան եւ ուրիշներ [33]:

Հայուհեաց Ընկերութիւն

Հայուհեաց Ընկերութիւն անունով եւ նոյն նպատակներուն ծառայող երկրորդ ընկերութիւն մը կը կազմեն Ս. Ստեփաննոս թեմի տիկինները: Այս ընկերութեան հիմնադիր եւ գործունեայ անդամուհիներն են՝ Հաճի Մայրիկ եւ Հաճի Էլմաստ Չօրպաճեաններ, Հաճի Մարիամ Չինչինեան, Հաճի Շուշան Չօրպաճեան եւ ուրիշներ [34]:

Տիկնանց այս ընկերութիւնը, որ իրականութեան մէջ մէկ ճիւղն էր Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին մէջ կազմուած Ռուբինեան Ընկերութեան, աղջկանց յատուկ նախակրթարան մը կը բանայ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիի բակին մէջ: Ընկերութեան անդամուհիները տունէ տուն շրջելով աշակերտուհիներ կը հաւաքեն, եւ դրամ կը հանգանակեն: Առաջին վարժուհին կ'ըլլայ Աննա Գազանճեան, որ կը յաջողի աշակերտուհիներուն արտաքին տեսքին մէջ փոփոխութիւն մտցնել, մասնաւորապէս՝ հանել կու տայ գլուխները ծածկող ֆէսերը [35]:

Պէտք է աւելցնել, որ եկեղեցիներուն կից Ծաղկոցներուն եւ Աղջկանց յատուկ վարժարանին օժանդակելու նպատակով, կը գործեն Տիկնանց Խնամակալութիւններ՝ իրենց համեստ դրամագլուխներով, որոնք կը գոյանան ամսավճարներէն եւ նուիրատուութիւններէ [36]:

Հայկական Յառաջդիմական Ընկերութիւն

1908ին Օսմ. Սահմանադրութեան եւ ազատութեան հռչակումէն ետք, մարաշահայ խումբ մը ուսումնատենչ երիտասարդներ կը կազմեն Հայկազնեան Ընթերցասիրաց Ընկերութիւնը, նպատակ ունենալով երիտասարդներու մէջ ընթերցասիրութեան եւ ինքնազարգացման ոգին արթնցնել: «Հայկազնեան»ի հիմնադիրներն են՝ Տաճատ Յովնանեան, Աստուր Վանէսքէհեաեան, Հապիպ Գալբագեան, Ընծայիկ Տէր Ստեփանեան, Երուանդ Հեզնեան, Արմենակ Աբրիկեան եւ Յովսէփ Տէր Վարդանեան:

Ընկերութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուին կանուխէն գործի ասպարէզ նետուած արհեստաւոր տղաքը: Այս նպատակով Կեդրոնական Վարժարանի շէնքին մէջ ընթերցասրահ եւ գիշերային դպրոց մը կը բանան՝ յատկապէս արհեստաւոր տղոց կրթութեան գործը կազմակերպելու համար: Կարելի է ըսել, թէ «Հայկազնեան»ը ձեւով մը շարունակութիւնն է նախկին «Ընթերցասիրաց Ընկերութեան», որ նոր պայմաններու մէջ բաւական արդիւնաւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ: Ընկերութիւնը ունի իր մասնաւոր լսարանը, որ մեծ նպաստ մը կ'ըլլայ երիտասարդ տղոց մտաւոր զարգացման համար:

Այս շրջանին կազմուած է նաեւ «Եկեղեցասիրաց» անուն միութիւն մը, որ նպատակ ունէր նիւթապէս սատարել եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ նպաստել ապագայ եկեղեցական-քահանաներու մտաւոր զարգացման: Հիմնադիրներն են՝ Հրանտ Թովմասեան, Մինաս Ալլահվէրտեան, Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Յովհաննէս Չիրիշեան, Միհրան Ուրֆալեան եւ Լեւոն Աբովեան [37]: Թէեւ կարճատեւ, սակայն բաւական օգտակար գործունէութիւն մը կ'ունենայ այս ընկերութիւնը մարաշահայոց մէջ:

Այս երկու ընկերութիւնները՝ Հայկազնեանն ու Եկեղեցասիրացը, ապա կը միաւորուին եւ համերաշխօրէն կ'աշխատին միացեալ ուժերով՝ «Հայկական Յառաջդիմական Ընկերութիւն» անունին տակ: Ունին համեստ դրամագլուխ եւ գրադարան մը: Ընկերութեան կանոնագիր-ծրագիրը կը վաւերացուի Կիլիկիոյ Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին կողմէ:

Կրթական Ակումբ

1900ականներուն Մարաշի մէջ արդիւնաւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ Կրթական Ակումբը, հիմնուած՝ Մարաշի բազմարդիւն միսիոնարներէն Տոքթ. Լ. Օ. Լիի կողմէ: 1902ին հաստատուած այս ակումբը մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմ նշանակալի ծառայութիւն կը մատուցէ Մարաշի նոր սերունդին, մասնաւորաբար՝ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, առանց յարանուանական խտրութեան: Հազիւ 40 անդամներով սկսած Ակումբը շատ չանցած կ'ունենայ 72 անդամ-անդամուհիներ, իսկ 1910ի տուեալներով անոր անդամներուն թիւը կը հասնի 125ի, որոնց շարքին՝ 69 բնական եւ 45 պատուոյ անդամներ: Ակումբին մէջ կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ՝ կրթական, ընկերային, գիտական նիւթերու շուրջ:

Մասանաւորաբար կրթական հարցերու նուիրուած նիւթերը ձեւով մը մանկավարժական դասընթացքի դեր կը կատարեն: Յատկանշական է, որ 1910ականներուն Առաքելական համայնքէն շուրջ 30 եւ նոյնչափ ալ Հայ Աւետ. դպրոցներու ուսուցիչներ հետեւած են Ակումբի դասընթացքներուն: Իւրաքանչիւր տարեշրջանի կը կարդացուին շուրջ 20 դասախօսութիւններ:

Կրթական նոր դրոյթներու եւ գաղափարներու հաղորդակից դառնալով, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ Մարաշի դպրոցներուն մէջ դասաւանդութեան եւ դպրոցավարութեան արդիական եղանակներ կը ներմուծեն: Բաց աստի, Ակումբը նաեւ կը ծառայէ ընկերական կապ հաստատելու ուսեալ եւ զարգացած երկսեռ երիտասարդութեան միջեւ: Տարակոյս չկայ, որ կրթական այս շարժումը դեռ երկար ատեն իր օգտաշատ ծառայութիւնը պիտի բերէր Մարաշի երիտասարդութեան, սակայն հասնող պատերազմը եւ անոր յաջորդած աղէտալի տարիները կը քայքայեն կանոնաւոր հիմերու վրայ հաստատուած այս կառոյցը եւս [38]:

Կիլիկեան Միութիւն

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին Դաշնակից զօրքերու յառաջխաղացումով ազատագրուած Կիլիկիոյ դռները կը բացուին Եղեռնի տարիներուն Սուրիա տարագրուած վերապրող հայութեան առջեւ: Բազմահազար տարագիր հայերու հետ տուն դարձի ճամբան կը բռնեն նաեւ Մարաշի հայ խլեակները: Վերադարձող մարաշցիներ, անմիջապէս կը ձեռնարկեն իրենց քանդուած ու աւերուած եկեղեցիները, դպրոցներն ու շէները վերաշինելու գործին, անոր հետ նաեւ ի սպառ քայքայուած համայնքային, կրթական կեանքը վերակազմակերպելուն: Այդ նպատակով 1919ի կէսերուն խումբ մը մարաշահայեր կը հիմնեն Կիլիկեան Միութիւնը:

Միութիւնը զերծ է յարանուանական կամ կուսակցական որեւէ պատկանելիութենէ եւ նպատակադրած է աշխատիլ ընդհանուր ժողովուրդին մտաւոր եւ բարոյական մակարդակը բարձրացնել՝ լսարաններով, գիշերային դպրոցներով, թատերական ներկայացումներ կազմակերպելով եւլն, նպաստելով ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ բարոյական վերելքին: Միութեան հիմնադիր անդամներն են՝ տոքթ. Ընծայիկ Տէր Ստեփանեան, տոքթ. Արշակ Պօղոսեան, Հրանտ Թովմասեան, Յովհաննէս Չիրիշեան, Աւետիս Սէֆէրեան, Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Սեդրակ Զաւէն [39]:

Միութիւնը կը սկսի իր օգտաշատ պտուղները տալ, կը կազմէ իր ուրոյն թատերախումբը, երգ-երաժշտութեան ճաշակ կը տարածէ, կը ձեռնարկէ սեփական նուագախումբի (ֆանֆառ) կազմութեան, սակայն վերահաս Աղէտը կը խափանէ Մարաշի մէջ հիմնուած այս վերջին միութեան ծրագիրներն ալ:

19րդ դարու կէսերէն Մարաշի կաթողիկէ եւ բողոքական համայնքները կը բանան իրենց ուրոյն դպրոցները: Վստահաբար այս համայնքներէն ներս եւս կազմուած են կրթական գործին ծառայող մարմիններ, որոնց մասին տեղեկութիւններ կը պակսին, պէտք է ենթադրել, որ անոնց գործունէութիւնը համայնքային, եկեղեցական ենթակառոյցներուն մէջ ներփակուած է: Նաեւ հարկ է նկատի առնել, որ ե'ւ կաթողիկէ ե'ւ բողոքական համայնքներու վարժարանները չունէին առաքելական համայնքի մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նիւթական, ուսուցիչներու եւլն, հանգամանք մը, որ ըստ էութեան հիմնական շարժառիթն էր նմանօրինակ կազմակերպութիւններու հիմնումին: Ե'ւ կաթողիկէ համայնքին պատկանող դպրոցները, ե'ւ միսիոնարներու հովանաւորութեան տակ գործող բողոքականաց վարժարանները, կը հոգացուին արտաքին օժանդակութիւններով, վերջինները՝ գերազանցապէս Ամերիկեան Պորտի ծախսերով: Բողոքական համայնքին կրթանուէր ձեռնարկներէն պէտք է յիշել մանկանց Կիրակնօրեայ դպրոցներն ու Երիտասարդաց Քրիստոնէական Ջանից Ընկերութիւնները:

Կրթական-բարեսիրական ձեռնարկներու շարքին հարկ է արձանագրել 1895էն ի վեր Մարաշի մէջ ամերիկեան, անգլիական եւ գերմանական հաստատութիւններու ծաւալած որբախնամ գործունէութիւնը, ի մասնաւորի հազարաւոր հայ որբերու ուսման եւ դաստիարակութեան գործին մէջ անոնց նշանակալի աւանդը:

Վերջապէս, հարկ է մասնաւորել Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մարաշի կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն հասցուցած նիւթական կարեւոր օժանդակութիւններն ու Միութեան Մարաշի մասնաճիւղի ծաւալած գործունէութիւնը:

[1] Գրիգոր Գալուստեան, Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Բ. հրատ., Նիւ Եորք, 1988, էջ 429:

[2] Նոյն, էջ 431:

[3] Յովսէփ Տէր-Վարդանեան, Մարաշի Ջարդը 1920-ին Եւ Պատմական Համառօտ Ակնարկ Մը Անցեալին Վրայ, Ա. հրատ. Հալէպ, «Արաքս» - Բ. Թօփալեան, 1927, Բ. հրատ. «Արեւելք», Հալէպ, 2010, էջ 60:

[4] Գալուստեան, op. it., էջ 439:

[5] Նոյն, էջ 534:

[6] Օսմանեան ժամանակներու Մարաշ քաղաքը կը տարածուէր եօթը բարձր բլուրներու վրայ. ըստ այդմ՝ բլուր եւ ձորամէջ կը կազմէին Մարաշի բնական թաղերը: Քաղաքը բաղկացած էր 41 թաղերէ, մեծ մասամբ խառն՝ թուրք եւ հայ բնակչութեամբ, կային նաեւ զուտ հայաբնակ եւ թուրք թաղեր: Մարաշահայութիւնը գլխաւորաբար կեդրոնացած էր հայկական եկեղեցիներու շուրջ: Մարաշի մէջ կային Հայ Առաքելական համայնքին պատկանող վեց եկեղեցիներ՝ Ս. Աստուածածին, Ս. Սարգիս, Ս. Գէորգ, Ս. Ստեփաննոս, Ս. Կարապետ, Ս. Քառասուն Մանկունք: Իւրաքանչիւր եկեղեցի ունէր իր ուրոյն Թաղական Խորհուրդը, քահանաներն ու ծուխերը՝ ընտանիքները: Թաղականներ կ'ընտրուէին թաղի երեւելի անձնաւորութիւնները, որոնք կը վարէին թաղին համայնքային, եկեղեցական, կրթական գործերը: Հինէն եկած սովորութեամբ Մարաշի վեց եկեղեցիները թեմեր կը կոչուէին: Այս եկեղեցիներուն կից հիմնուած էին թաղային դպրոցներ՝ ծաղկոցներ, նախակրթարաններ, ուր կը յաճախէին գլխաւորաբար թաղին մանուկները:

[7] Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցած է հայոց վերջին թագաւորութիւնը, որ կը կործանուի թուականին։

[8] Այս անունով ծանօթ է Կիլիկիոյ մէջ իշխած հայոց առաջին թագաւորական տունը։

[9] Հին հայկական իշխանական տուն մը։ Յաճախ Մամիկոնեան զօրավարներ կ՝ըլլային հայոց թագաւորական բանակներուն սպարապետները։

[10] Վահան Քիւրքճեան, Ազգային Յուշեր, «Հայաստանի Կոչնակ», Մարտ 16, 1929, թիւ 11 (նշուած՝ Գալուստեան, op. cit., էջ 440, 442):

[11] Գալուստեան, op. cit., էջ 428:

[12] «Միացեալ Ընկերութիւն Հայոց»՝ կրթական-մշակութային կազմակերպութիւն: Հիմնուած էր 1881ին, Պոլսոյ մէջ՝ «Արարատեան Ընկերութիւն Հայոց»ի, «Դպրոցասիրաց-Արեւելեան Ընկերութեան» եւ «Կիլիկեան Ընկերութեան» միաւորումով: Նպատակն էր դպրոցներ հիմնել եւ լուսաւորութիւն տարածել արեւելեան հայկական նահանգներուն, Կիլիկիոյ եւ հայաբնակ վայրերու մէջ:

[13] Գալուստեան, op. cit., էջ 492:

[14] Սկզբնապէս շէնքը միայարկ էր, հետագային՝ 1910ին, օրուան առաջնորդ Մկրտիչ Եպս. Վեհապետեանի ջանքերով եւ նիւթական նուիրատուութեամբ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հանգանակութեամբ եւ ձրի աշխատութեամբ, երկրորդ հարկ մըն ալ կ'աւելցուի:

[15] Տէր Վարդանեան, op. cit., էջ 51:

[16] Գալուստեան, op. cit., էջ 446:

[17] Նոյն, էջ 445:

[18] Նոյն, էջ 492:

[19] Նոյն, էջ 593:

[20] Նոյն, էջ 593:

[21] Այսպէս կը կոչուին Մարաշի մէջ ազդեցիկ, հարուստ եւ ազգային-համայնքային գործերը վարող հայ մեծ աղաները:

[22] Տէր Վարդանեան, op. cit., էջ 66:

[23] Գալուստեան, op. cit., էջ 440:

[24] «Արաքս», op. cit., Մարաշ, էջ 42:

[25] Գալուստեան, op. cit., էջ 483:

[26] Նոյն, էջ 580:

[27] Նոյն, էջ 905:

[28] Նոյն, էջ 905:

[29] Նոյն, էջ 579:

[30] Նոյն, էջ 493:

[31] Նոյն, էջ 907:

[32] Նոյն, էջ 493:

[33] Նոյն, էջ 446:

[34] Նոյն, էջ 447:

[35] Նոյն, էջ 447:

[36] Նոյն, էջ 447:

[37] Նոյն, էջ 495:

[38] Նոյն, էջ 495:

[39] Նոյն, էջ 495: