Մարաշի սանճաք
Մարաշի սանճաք

ԴԷՊԻ ՄԱՐԱՇ

Բալուով ծայր առած Յուշամատեանի երթը այժմ կը շարունակուի Մարաշով։

Այս գլխաւոր վերնագիրին տակ պիտի ներկայացնենք օսմանեան շրջանի Մարաշ գաւառը (սանճաք)։ Գաւառի հայութեան կարեւորագոյն կեդրոնն էր Մարաշ քաղաքը (այսօր՝ Քահրամանմարաշ), ուր խմբուած էր նաեւ հայ բնակչութեան կարեւորագոյն հատուածը։ Ներկայացուող նիւթերը պիտի ընդգրկեն նաեւ գաւառին հայաբնակ միւս քաղաքներն ու գիւղերը։ Այս շարքէն բացառութիւն կը կազմէ Զէյթունը (այսօր՝ Սիւլեյմանլը), որ նոյնպէս մաս կը կազմէ Մարաշի սանճաքին, բայց եւ այնպէս կը յատկանշուի իր մասին գրուած սկզբնաղբիւրներու առատութեամբ։ Այս մէկը բաւարար պատճառ մըն է, որ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնենք Զէյթունը եւ հետագային այս վայրին անդրադառնանք առանձին վերնագիրի տակ։

Յուշամատեանի խմբագրութեան համար Մարաշի այս շարքը նոր փորձառութեան մը սկիզբն է։ Փաստօրէն այս վերնագիրին տակ տեղ գտած եւ գտնելիք յօդուածները մեր խմբագրութեան կողմէ չեն գրուած, այլ անոնց հեղինակները Յուշամատեանի աշխատակիցներ են։ Մարաշի պարագային, սոյն գրութիւնները կը պատկանին Վարդի Քէշիշեանին, որու հետ համագործակցութիւնը մեզի համար բարեբախտութիւն մը եղաւ։ Այլ գրութիւններ եւս այլ աշխատակիցներու կողմէ ներկայիս պատրաստութեան մէջ են։ Յուշամատեանի գործելակերպն է, որ իւրաքանչիւր գրութիւն նուազագոյնը երեք անդամներէ բաղկացած դատակազմի մը կողմէ քննուի եւ միայն դրական գրախօսականներ ստանալէ ետք, յօդուածը զետեղուի մեր կայքէջին մէջ։ Այս ձեւով մենք պահպանած կ՝ըլլանք մեր ծրագիրին գիտական խորքը, ինչ որ մեզի համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի։ Յոյս ունինք այս գործելակերպը այսուհետեւ շարունակել եւ մեր էջերը հարստացնել թէ՛ մեր խմբագրութեան կողմէ գրուած նիւթերով եւ թէ մեր աշխատակիցներուն յօդուածներով։

Մարաշի աշխատանքային կայքը – այնպէս ինչպէս Բալուին պարագային – նոյնպէս հանդիսացաւ նոր ծանօթութիւններու եւ նոր հանդիպումներու բեմադրավայրը։ Այսպիսի հանդիպումներ էապէս կ՝ոգեւորեն մեզ։ Այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ հետզհետէ արմատներ կը նետենք մեր կայքէջը այցելող հասարակութեան մէջ, մեր աշխատանքով վստահութիւն կը ներշնչենք շատերու մօտ։ Իսկ արդիւնքը կ՝ըլլայ այն, որ անոնք մեզի կ՝ուղարկեն թանկագին մասունքներ՝ Մարաշի հայկական ժառանգութեան հետ կապուած. հին լուսանկարներ, ձայնագրուած երգեր ու վկայութիւններ, եւայլն։ Այս առիթով շնորհակալութիւն կ՝ուզենք յայտնել Կարօ Տէրունեանին, որ մեզի փոխանցեց ընտանեկան արխիւներուն մէջ մարաշական հին լուսանկարներ պահող անձերու հասցէներ։ Շնորհակալութիւն կ՝ուզենք յայտնել նաեւ Ճոյս Չորպաճեանին, Պետրոս Տիգիճեանին, Նորա Լեսսըրսոնին, Միհրան Մինասեանին, Միշել Փապուճեանին եւ Գրիգոր Կէօքճեանին, որոնք իրենց ներդրումով նպաստեցին Մարաշի վերաբերող էջերուն ճոխացումին։

Նոր հանդիպումներու առջեւ Յուշամատեանի դռները լայնօրէն բաց են…