Մարաշ - Ժողովրդական բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 15 Դեկտ. 2013 (վերջին փոփոխութիւն՝ 15 Դեկտ. 2013)

Առողջապահական պայմանները, հիւանդութիւններ

Մարաշի բնակլիմայական պայմանները, առողջարար օդը, ջրառատ բնութիւնը, սննդեղէնի առատութիւնն ու անարատութիւնը, ընդհանուր առմամբ բարերար ազդեցութիւն ունեցած են տեղւոյն բնակչութեան առողջական վիճակին վրայ. իսկ 19-րդ դարու վերջերէն՝ գիտական բժշկութեան հետզհետէ տարածումով եւ առողջապահական պայմաններու բարելաւումով, քաղաքին առողջապահական դրութիւնը ընդհանուր առմամբ գոհացուցիչ նկարագիր մը կը պարզէ [1]: Սակայն, ջրաբաշխական նախնական դրութիւնը, կանխարգելիչ միջոցներու, առաւել՝ մաքրութեան բացակայութիւնը, պատճառ կ'ըլլան, որպէսզի ախտավարակ հիւանդութիւնները արագօրէն տարածուին քաղաքին մէջ [2]: Յատկապէս ջուրով փոխանցուող հիւանդութիւնները մեծ աւերներ կը գործեն, բազմաթիւ կեանքեր խլելով բնակիչներէն: Յաճախ հանդիպող վարակիչ հիւանդութիւններէն են՝ ժանտախտը, թիֆոն (typhus - տիֆ), ծաղիկը, կարմրախտը, եւլն [3]: Տարածուած հիւանդութիւններու շարքին է նաեւ թոքախտը: Մարաշցիք ասոր ինճէ աղրը (ince ağrı - բարակ ցաւ) անունը կու տան [4], որ կը համապատասխանէ միջնադարեան հայ բժշկագիտութեան մէջ գործածուող «հալեւմաշ» հայկական բառարմատին [5]:

Մարաշի շրջակայ դաշտերը ոռոգող առուներուն, յատկապէս բրինձի (որիզ) մշակութեան համար կուտակուած ջուրերուն պատճառով, տենդի տեսակները անպակաս են գաւառին մէջ: Մասնաւորաբար ամրան տաք եղանակին, դաշտային բնակավայրերու ժողովուրդը կը տուայտի մժեղներու տարածած ճահճատենդէն (մալարիա) եւ ջերմէն [6]:

Հիվանդութիւններու, ախտվարակ գոյացութիւններու մասին մարաշցիք, բնականաբար, նախնական պատկերացում ունին եւ դարմանումներն ալ ըստ այդմ շատ նախնական են, ըստ հիւանդութեան տեսակի՝ քրտնեցնել, արիւն առնել, հաճամաթ քաշել (ապակի արկանել - գաւաթ քաշել, թրքերէն՝ şişe çekme), դեղաբոյսերով բուժում, եւլն [7]:

Անհամեմատ մեծ է մանկական մահացութիւնը, որ հետեւանք է որքան ապառողջ կենցաղավարութեան, նոյնքան՝ ժողովրդի տգիտութեան եւ յետամնացութեան: Մանկական վարակիչ հիւանդութիւններէն առաւել տարածուած են՝ ծաղկախտը, հարսանէթը (ջրծաղիկ), կարմրուկը, եւլն [8]: Յատկապէս նորածին մանուկներու մահացութիւնը այնքան տարածուած է, որ մարաշցիք երեխայի ծնունդին իբրեւ մաղթանք կ'ըսեն՝ «Աստուած մնացական ընէ», որ համազօր է «կեանք պարգեւել»ուն:

Մանուկներու մահացութեան վերաբերեալ որոշ գաղափար մը կու տայ հետեւեալ վիճակագրութիւնը, ըստ որուն՝ ընտանիքի մը 9-ը ծնունդներէն միայն 3-ը կ'ապրի, ասոնց բոլորն ալ մինչեւ մէկ տարեկան մեռած են [9]: Այսպիսով, մանկամահացութիւնը Մարաշի մէջ գրեթէ 60-70 առ հարիւր կը կազմէ: Չափահասներուն մօտ մահացութեան թիւը հետզհետէ կը նուազի [10], կարելի է ըսել, թէ մանուկ եւ դեռատի տարիքային սահմանը յաղթահարելէ ետք, մարաշցիք, յատկապէս գիւղերու մէջ երկարակեցութեան դուռը կը թակեն:

Ինչպէս ամէնուր, Մարաշի մէջ նոյնպէս հին ատենները բժիշկներ չկային: Այդ դերը կամ պարտականութիւնը մասամբ կը կատարէին բժշկական որոշ գիտելիքներ եւ փորձ ունեցող անձնաւորութիւններ, այսպէս կոչուած ժողովրդային բժիշկներ, որոնք բուժման հնաւանդ եղանակներով, առաւել անձնական փորձով կը յաջողէին տարասեռ հիւանդութիւններ բուժել: Դժբախտաբար, շատ բան կորսուած ու մոռցուած է անցեալի այդ փորձառութիւններէն. Մարաշի մէջ կիրառուող բուժման եղանակներուն, դեղաբոյսերուն, անոնց բուժիչ յատկութիւններուն եւ պատրաստման կերպերուն մասին առանձին բեկորներ մնացած են լոկ Մարաշի առնչուող պատմական երկերուն մէջ: Սակայն մինչեւ մեր օրերը մարաշցի ընտանիքներուն մէջ աւանդաբար կիրառուող բուժական շարք մը մօտեցումներ, յատուկ բաղադրատոմսերով պատրաստուած դեղամիջոցներ կը յուշեն տեղւոյն բուժական հարուստ աւանդոյթներուն մասին: Աւելին, Մարաշի գաւառաբարբառին մէջ պահպանուած բժշկական բառիմաստներու որոշ նոյնականութիւնը միջնադարեան հայ բժշկութեան մէջ օգտագործուող եզրերու հետ [ինչպէս՝ ղուլունճ (kulunç, lumbago) - կոլինճ (կողացաւ), թխթապ - դեղթափ, տապաս-ցան, քէօսէ - գօշ, շէաշ - շղարշ (վիրակապ), եւլն], [11] հիմք կու տայ հաստատելու, որ Մարաշի ժողովրդական բժիշկները օգտուած են հայկական աւանդական բժշկութեան եւ յատկապէս՝ Կիլիկեան բժշկագիտութեան ակունքներէն: Եւ այդ զարմանալի չէ, երբ նկատի առնենք, որ վաղ միջնադարուն Հայկական Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող Մարաշը՝ իր շրջակայ վանքերով ու կրթահամալիրներով, կտրուած չէր ժամանակի գիտութեան եւ բժշկութեան շարժընթացէն: Վստահաբար, այդ վանքերուն մէջ գրուած միջնադարեան բժշկարանները ծանօթ էին Մարաշի ժողովրդական բժիշկներուն, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուած աւանդական դեղագիրներով, կրցած են ո'չ միայն այլեւայլ բոյսերէ եւ բնանիւթերէ բուժական պատրաստուկներ ստանալ, այլեւ շարք մը հիւանդութիւններ բուժել: Մարաշցի տարեցներու վկայութեամբ, շարք մը ընտանիքներու մօտ մինչեւ վերջին ժամանակները կային «Հէքիմարան» անունով ձեռագիր գիրքեր, որոնց մէջ գրուած են բազմաթիւ դեղագիրներ:

Ներսէս Շնորհալին և Մխիթար Հերացին. 12-րդ դարու երկու նշանաւոր հայ գրողներ, որոնք յայտնի են նաեւ բժշկութեան մասին իրենց գրութիւններով (Աղբիւր՝ Մաշտոցի անուան Մատենադարան - Երեւան, Ձեռ. 7046, 1644 թ.)

Բուսաբուժութիւն

Մարաշի ժողովրդական բժշկութեան մէջ հիմնական տեղ կը զբաղեցնէ բուսաբուժութիւնը, որ առհասարակ հայ աւանդական բժշկութեան եւ Կիլիկիոյ բժշկագիտութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն է: Այստեղ լայնօրեն կը կիրառուին բոլոր այն բոյսերն ու տունկերը, որոնցմով հարուստ է Մարաշի բնաշխարհը: Մարաշի շրջակայ անտառները, բերրի դաշտերը հրաշալի դեղանիւթեր կ'արտադրեն: Այստեղ աճող կամ մշակուող բոյսերուն մեծ մասը իբրեւ համեմունք կը գործածուի սննդեղէնի մէջ՝ որպէս կանխարգելիչ միջոցներ եւ կամ դեղերու պատրաստութեան մէջ: Կ'օգտագործեն բոյսերու կոճղարմատը, արմատը, երբեմն տերեւները, ցօղունը, պտուղները, չոր կամ թարմ, ամբողջական կամ փոշի վիճակին մէջ, իբրեւ քսուկ, դեղահատ կամ եփուկ, յաճախ՝ այլ դեղամիջոցներու հետ խառնուած:

Մարաշի բնաշխարհին յատուկ բուժական յատկութիւններով օժտուած բոյսերէն նշանաւոր են՝ գոսը (եարանըն գիսի), չէմէնը (չաման), քամունը, քիւնճիւթը (küncüd, շումշայ, sesame), մէնէքշէն (menekşe - մանուշակ), մամըխը (մամուխ, prunus spinosa), չիրիշը (շրէշ, çiriş, asphodel), էրմառուկ-անմեռուկ (helichrysum arenarium), մէզտէքի-մազտաքէ (mastic), կանաչ եւ մանիշակագոյն խոշոր տերեւներով ռեհանը, անուշահոտ անուխը (անանուխ), աղտորը (սօմաք, sumak), սալեփը (salep, խոլորձ, orchis mascula), կանկառի խէժը (քիթրէ, kitre, tragacanth gum), մուշկը (անուշաբոյր իւղ, musk), գազպէն (գուտրէթ հէլվասը, kudret helvası), գահրիի (ճէհրի, reseda luteola) տունկը, եւլն [12]:

«Պատկերազարդ դեղագիտարան»էն էջ մը (Աղբիւր՝ Մաշտոցի անուան Մատենադարան - Երեւան, Ձեռ. 6594, ԺԷ.-ԺԸ. դ.դ.)

Լայն կիրառում ունին Մարաշի բնաշխարհին մէջ յաճախ հանդիպող հականեխիչ, հակաբորբոքային եթերաիւղերով հարուստ դեղաբոյսերը, ինչպէս նունուֆարը, մանուշակը, խռնդատը, կղմուխը, մատուտակը, սուրընջան եւ ուրիշ դեղաբոյսեր: Ասոնց չափաբաժիններու խառնուրդներով դեղամիջոցներ կը պատրաստուին շարք մը հիւանդութիւններ բուժելու նպատակով:

Կարգ մը դեղաբոյսեր, ինչպէս ալոճը, գինձը, անանուխը, տորոնը, մատուտակը եւ այլ բոյսեր, օժտուած են արեան շրջանառութիւնը, սրտի աշխատանքը, արեան ճնշումը կարգաւորող յատկանիշներով, կը գործածուին շատ մը հիւանդութիւններու յառաջացումը կանխարգիլելու նպատակով:

Տենդային հիւանդութիւններու ժամանակ յատուկ սննդականոն կ'առաջարկուի, մեծ տեղ կը տրուի կանաչեղէններուն եւ միրգերուն եւ ասոնց թանձրուկներով պատրաստուած ապուրներուն: Տենդով հիւանդներուն կու տան գինձ, ռեհան, բամիա, փիրփիրիմ (դանդուռ), նուռ, սերկեւիլ, եւլն:

Արիւնը մաքրելու եւ արեան ճնշումը կարգաւորելու համար սովորաբար տզրուկներ (սիւլիւք) կը փակցնեն, եւ կամ արիւն կ'առնեն ծոծրակէն կամ կռնակէն:

Գարնան եւ ամրան ամիսներուն կիներ եւ աղջիկներ շրջակայ դաշտերէն բազմագոյն անուշաբոյր ծաղիկներ կը ժողվեն ու կը չորցնեն, ապա թէյի ձեւով՝ իբր բուժիչ եւ կազդուրիչ ըմպելիներ կը խմեն: Մարսողութիւնը, մարմինի ներքին նիւթափոխանակութիւնը, արեան ճնշումը կարգաւորելու համար իբրեւ դեղամիջոց կը գործածուի կէյիկ կէյիք? կէօպէկի (geyik ğöbeği), եղջերուի պորտ (մուշկ) անուշաբոյր ծաղիկը [13], նոյնպէս՝ խրաչիչէյի (kar çiçeği - քար չիչէյի - ձիւնէ ծաղիկ) կոչուած ծաղիկը [14], իսկ Ճերմակ մարգարտածաղիկներէ (yoğurt çiçeği – եօղուրտ չիչէյի) պատրաստուած թէյը հրաշալի դեղամիջոց է փորկապութեան, փորացաւի համար [15]:

Բուժիչ և անուշաբույր դեղաբոյսերու կողքին, հիմնական տեղ կը զբաղեցնեն նաև բնական մեղրով եւ մեղրամոմով պատրաստուկները: Օրինակ, մեղրամոմի եւ ձիթաիւղի խառնուրդը հալեցնելով կը կապեն վէրքին վրայ:

Մասնագէտ բժիշկներու եւ առհասարակ գիտական բժշկութեան Մարաշ մուտքէն առաջ եւ անկէ յետոյ ալ դեռ երկար ժամանակ մարաշցիք բուժումի, դարմանումի համար կը դիմէին ժողովրդական բժիշկներուն, ասոնցմէ ոմանք նոյնիսկ մասնագիտացած էին որոշակի հիւանդութիւններ բժշկելու մէջ:

Օթաճիութիւն

Աչքի ցաւի, աչքի տարափոխիկ հիւանդութիւններու համար մարաշցիք կը դիմեն օթաճիներուն (otacıs-բուսաբոյժներ): Օթաճիութեամբ ընդհանրապէս կիներ կը զբաղին, որոնք կարմիր, կապոյտ եւ ճերմակ դեղափոշիներ եւ դեղաջուրեր կը պատրաստեն եւ կը դարմանեն ցաւոտ աչքերը: Աչքացաւ ունեցող անձը կռնակի վրայ կը պառկի չոր տախտակամածին վրայ՝ գլուխը դէպի ծալլապատիկ նստած օթաճին, որ կը դեղէ ու կը դարմանէ հիւանդին աչքը [16]: Աչքի հիւանդութիւնները առաւել կը շատնան ամրան եղանակին՝ արեւի, փոշիի, քրտինքի, անմաքրութեան եւ վարակումի պատճառով:

Բժշկութեան վերաբերող պատկերներ՝ հայկական ձեռագիրներէ առնուած (Աղբիւր՝ Walters Art Museum, հայկական ձեռագիրներ, W540_000219_sap եւ W541_000412_sap)

Մարաշի մէջ անուն հանած օթաճիներէն էին՝ Շեքերտերէ թաղը բնակող օթաճը Տուտուն, Գոհար Սիսլեան, ասոր աղջիկը՝ Կիւրճիւ Սէմէրճեան (Քիւմպէթ), Սէվկիւլ Քէշիշեան (Ուզուն-օլուգ), Օթաճը Միւթէպէր (Էքմէքճի), Եղսա Գալբագեան (Խաթունիէ), Սուլթան Սուլթանեան (Քիւմպէթ) [17], Մահտեսի Մարգարիտ կամ Համմալ Անա, որ օթաճիութիւնը սորված է ընտանիքին արդէն 90 կամ 100ամեայ ծեր մամիկէն [18]:

Սընըգճիութիւն

Առանձին մասնագիտութիւն մըն է սընըգճիութիւնը (բեկաբուժութիւն): Սընըգճիներուն կը դիմեն ոսկորի խնդիր ունեցողները: Սընըգճիներ ընդհանրապէս մեծ փորձառութիւն ունին եւ յաջողութեամբ կը կապեն ու կը բուժեն մարմինի կոտրած կամ խախտած մասերը [19]: Նշանաւոր էին՝ Սընըգճը Կիւգիւր (Ագարպաշը), Յակոբ Չիվիյան (Պօտթանճը), Վարդիկ Փարթամեան (Ղույթուլ), Մարիամ Դանիէլեան (Շէքէրտէրէ), Աննիկ Չըպլագեան (Շէյխ Մահալլէսի) եւլն [20]:

Ատամնաբուժութիւն

Հին ատենները, երբ դեռ ատամնաբոյժներ չկային, այդ մասնագիտութիւնը պէրպէրները՝ սափրիչները ի գործ կը դնէին, որոնք սովորաբար փտած ակռաները կը քաշէին կոշտ աքցաններով: Անոնցմէ շատեր մասնագիտացած են նաեւ արիւն առնելու, տզրուկ կամ հաճամաթ փակցնելու, դեղնախտ՝ սարըլըգ (sarılık) կտրելու եւ ուրիշ նման դարմանումներու մէջ [21]: Կը յիշուին՝ Պէրպէր Յովհաննէս Խըրլագեան (վիրաբոյժ) եւ որդին՝ Նշան Խըրլագեան, եւլն [22]:

Ծննդաբերութիւն

Տղաբերքը, ըստ հնաւանդ սովորութեան, տունը կ'ըլլայ: Երկունքի ցաւը սկսելուն պէս պէպէրը (beber - դայեակ, մանկաբարձ) տուն կը կանչուի ծնունդը ընդունելու, որ ընդհանրապէս փորձառու կին մը կամ պառաւ մը կ'ըլլայ [23]: Մանուկը ծնելէ յետոյ, ըստ սովորութեան, զայն կ'աղեն եւ քանի մը ժամ աղի մէջ մնալէ ետք կը լուան, ապա խանձարուրի մէջ կը փաթթեն: Այս սովորութիւնը բժշկական եւ գիտական ո'չ մէկ բացատրութիւն ունի, բայց կը կարծուի, որ աղը մորթային եւ այլ հիւանդութիւններու համար կանխարգելիչ դեր կը կատարէ. աղուած մանուկը ոչ միայն քրտնխաշ չ'ըլլար, այլեւ առողջ եւ կայտառ կը մեծնայ [24]:

Աթթարութիւն

Բժշկութեան առնչուող մասնագիտութիւն մըն է նաեւ աթթարութիւնը: Աթթարները (attar/aktar) համեմունք եւ դեղաբոյսեր վաճառող խանութպաններ են, սակայն ասոնց մեծ մասը հմուտ է դեղագործութեան մէջ եւ հինէն աւանդուած բաղադրատոմսերով դեղամիջոցներ պատրաստելով առողջութիւն կը վաճառեն իրենց կրպակներուն մէջ: Այնպէս որ այս կամ այն հիւանդութիւնը բուժելու եւ դարմանելու համար ժողովուրդը կը դիմէ աթթարներուն, որոնք հարկ եղած սպեղանին կը պատրաստեն, չմոռնալով նաեւ խորհուրդներ տալ հիւանդութեան մասին: Այս տեսակ աթթարներ կային մեծ թիւով. կը յիշուի՝ աթթար Հաճի Չարքճեանը [25]:

1) «Պատկերազարդ դեղագիտարան»էն էջ մը (Աղբիւր՝ Մաշտոցի անուան Մատենադարան - Երեւան, Ձեռ. 6594, ԺԷ.-ԺԸ. դ.դ.)

2) «Պատկերազարդ դեղագիտարան»էն էջ մը (Աղբիւր՝ Մաշտոցի անուան Մատենադարան - Երեւան, Ձեռ. 6594, ԺԷ.-ԺԸ. դ.դ.)

3) Ձեռ. 141-ի մագաղաթէ պահպանակը (Աղբիւր՝ Մաշտոցի անուան Մատենադարան - Երեւան)

Ջրաբուժութիւն

Մարաշի բուժական համալիրին մէջ լայն տեղ կը զբաղեցնէ ջրաբուժութիւնը, որ նոյնպէս աւանդական բժշկութեան մաս կը կազմէ եւ ժողովուրդի սովորութաբանութենէն, տօնի եւ ծէսի աւանդապաշտութենէն անջատ՝ առողջապահական նպատակներ կը հետապնդէ: Այստեղ լայն տեղ կը տրուի ջուրով շփումներուն, լոգանքին, ինչպէս նաեւ մերսումին:

Մարաշի եւ շրջակայքի լեռնային ակունքներուն մօտ գտնուող առատ եւ բուժիչ հանքային ջուրերը, առողջարար ջերմուկները լաւագոյնս կը կիրառուին ժողովուրդին կողմէ: Ասոնց բուժիչ յատկութիւններուն, ամոքիչ ուժին հանդէպ մասնաւոր հաւատք կայ: Սովորութիւն է տօնական եւ այլ օրերու առթիւ այս վայրերը ուխտի երթալ. այդ ջուրերով կը լուացուին, հիւանդաները կը լոգցնեն՝ ապաքինման յոյսով: Մէկ կողմ թողուլով այս առումով ժողովուրդի մէջ արմատաւորուած կարգ մը աւելորդապաշտութիւններն ու հաւատալիքները, կարեւոր է նկատել, որ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած ակնաղբիւրներով հարուստ Մարաշի բնական միջավայրը իրական պարգեւ մըն է առողջապահական տեսակէտէ:

Իր առատ եւ բուժիչ ջուրով յայտնի է Մարաշէն դէպի արեւմուտք Տէօնկէլէ գիւղին մօտ՝ քարքարուտ լերան կողին գտնուող Պուճագը լըճասը (Bucağı licası - անկիւն, աչքէ հեռու տեղ) կոչուած ջերմուկը, ուր այցելուներու համար երկու սենեակներ շինուած են՝ այրերու եւ կիներու յատուկ [26]:

Բուժիչ յատկութիւններով օժտուած աղբիւրներու շարքին է նաեւ քաղաքին հարաւ-արեւելեան կողմը գտնուող Բորոտներու աղբիւրը (Uyuz bunarı - Ույուզ-փունարը), ունի զոյգ ակեր, որոնցմէ մէկը գմբեթով, միւսը՝ կամարով ծածկուած է: Այս աղբիւրին մասին բազմաթիւ աւանդութիւններ, բժշկութեան հին եւ նոր դէպքեր կը պատմուին: Աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Թադէոս առաքեալ այս աղբիւրին ջուրով մկրտած է նորադարձ քրիստոնեաներն ու բժշկած բորոտները [27]: Բորոտներու աղբիւր անուանակոչութիւնն ալ մորթային հիւանդութիւններու բժշկութեան կ'առնչուի: Նաեւ կիներ եւ աղջիկներ Վարդավառի պահքի շաբաթը հոս կու գան լուացուելու, հաւատալով, որ ամէն տեսակ ախտերէ կը մաքրագործուին [28]:

Իրենց բուժիչ յատկութիւններով նշանաւոր են Մարաշի հիւսիսային կողմը գտնուող Թաքսառաքոլի (Թադէոս Առաքեալ) բարձունքին վրայ՝ Գըրգ-Կէօզ (Kirk göz - քառասնակ) կոչուած ջրառատ ակնաղբիւրը, Եալընըզ-Կէօզ (Yalnız göz - միակ, միայնակ ակ) մեծ ակնաղբիւրը, Ս. Կատարինէի աղբիւրը: Վերջինս ճանչցուած է իբրեւ կիներու յատուկ ուխտավայր մը: Հիւանդներ հոս կու գան առողջութիւն գտնելու յոյսով, մասնաւորապէս ջերմէ (սըթմա) տառապող հիւանդները այս աղբիւրին ջուրով կը լոգնան [29]:

Ժողովրդական սովորութիւններ

Մեծ տեղ կը տրուի կանխարգելիչ միջոցներուն: Դարերու խորքէն եկող ժողովուրդի կենսափիլիսոփայութեամբ, յաճախ փորձով մշակուած բազմաթիւ ծէսեր եւ սովորութիւններ կան, որոնք առողջութեան համար բացառիկ նշանակութիւն ունին: Առողջապահական ամբողջ համալիրի մը կը հանդիպինք մարաշահայոց տօնացոյցին մէջ, եկեղեցական տօներու առթիւ սննդային պահեցողութիւններ, ծոմապահութիւններ, որոնք յաճախ առողջութեան նպաստող լաւագոյն միջոցներն էին: Այս առումով բնորոշ են ծոմի եւ պահքի շրջանները, որոնց հանդէպ մարաշցիք առանձնայատուկ վերաբերմունք ունին: Ժողովրդական աւանդութեամբ սահմանուած հետեւեալ դրուագը, խորքին մէջ առողջապահական խորհուրդ մը կը պարունակէ, որ իբրեւ օրինակ կը բերենք հոս: Մարաշցիք կը հաւատան, որ Մեծ Զատկուան նախորդող քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին, մարդու մարմինին ամբողջ իւղը կը հալի եւ հազիւ նուշի չափ կը մնայ, մնացած այդ նշաչափ մասն ալ կը հալի ու կը հատնի Աւագ Չորեքշաբթի օրը խուրուկ կոչուող բոյսը ուտելէ ետք: Պարզ է, որ ժողովուրդը ծանօթ է խուրուկ կոչուող խոտաբոյսին արեան մէջ քոլեսթերոլը (cholesterol) նուազեցնելու, նիւթափոխանակութիւնը կանոնաւորելու բուժիչ յատկութիւններուն, որոնցմով եւ պայմանաւորուած է այս աւանդութիւնը՝ «խուրուկն ալ երբ ուտեն՝այդ եղն ալ կը հալի» [30]:

Այս բոլորին կողքին առանձնայատուկ տեղ ունին նաեւ ժողովրդական սովորութիւններն ու հաւատալիքները: Հիւանդութեան ատեն ընդունուած է տաներէց քահանան տուն հրաւիրել՝ բժշկութեան Աւետարան կարդալու եւ «Փարատեայ» մը ըսելու: Սովորութիւն է նաեւ հիւանդներուն գլուխը Նարեկ կարդալ տալը: Մարաշցիք մեծ հաւատք ունին անոր զօրութեան հանդէպ: Հետաքրքրական է, որ Նարեկ եւ Աւետարան կը կարդան ո'չ միայն քահանայ հայրերը, այլեւ առանձնաշնորհեալներ՝ բարեպաշտ, մաքուր եւ անբասիր վարք ու բարքի տէր մարդիկ: Կան կարդացողներ, որոնք մեծ համբաւ կը վայելեն ո'չ միայն հայերու, այլ նաեւ Մարաշի ողջ քրիստոնեաներու մէջ: Նոյնիսկ կ'ըսուի թէ ոմանք Նարեկը «եղանակաւ» կը կարդան, այսինքն՝ երգեցիկ ոճով: Կը յիշուին՝ Աստուածատուր անուն անձ մը, որ արհեստով դերձակ էր, եւ մեծ համբաւ ունէր մարաշահայոց մէջ՝ իբրեւ սրբակենցաղ բարեպաշտ անձ մը [31]: Նաեւ Ս. Քառասուն Մանուկ վարժարանի դասատուներէն Թորոս գալֆան, որ զմայլելի ձայն մը ունէր եւ շատ լաւ Շարական երգել գիտեր, իսկ Նարեկ աղօթագիրքէն շատ գլուխներ գոց գիտեր [32]:

Նախապաշարումներ, հմայական հաւատալիքներ

Հին ատենները սովորութիւն էր նաեւ հիւանդութեան եւ այլ առիթներով նուսխէ գրել տալը (nuhuset yapmak), րէմիլ նետելը (remil atmak) եւ այլ հմայական հաւատալիքներ [33], որոնք պաշտպանութեան միջոցներ էին չար ոգիներէ, չար աչքէ, թէպէտ աւելի նոր ժամանակները իբրեւ դատապարտելի արարք կը նկատէին այս կարգի երեւոյթները: Բժ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան հին օրերու առողջապահական պայմաններուն մասին խօսելով կը գրէ, թէ մինչեւ 1850ականներ եւ անկէ ետքը, մինչեւ վկայեալ բժիշկներու ասպարէզ գալը Մարաշի մէջ հիւանդներու դարմանումը շատ նախնական, յաճախ ծիծաղելի էր. ինչպէս «նուսխայ գրել, ուռենիի տերեւ գրել, տզրուկ փակցնել, հաճամաթ քաշել, իբրեւ դարման խաղողի եօթ հատիկներուն մէջ մէյմէկ ոջիլ դնել եւ կլլեցնել իբրեւ ոջիլի դեղահատ, եւլն» [34]:

Գիտական բժշկութիւն

1880ական թուականներէն սկսեալ, ուսման եւ կրթութեան տարածումով, մասնագէտ բժիշկներու ասպարէզ գալով, հիւանդանոցներու, դարմանատուներու հիմնումով, Մարաշի առողջապահական պայմանները հետզհետէ կը բարելաւուին: Մանաւանդ Մարաշի հայկական բնակչութեան մէջ աստիճանաբար կը նուազին փոխանցիկ հիւանդութիւնները: Մահացութիւնն ու յատկապէս մանկամահացութիւնը՝ պատուաստներու եւ այլ նախազգուշութիւներու շնորհիւ զգալիօրէն կը նուազի:

1900ական թուականներուն արդէն Մարաշի մէջ նշանակալի թիւ կը կազմեն վկայեալ բժիշկները, ատամնաբոյժներն ու դեղագործները, որոնք քաղաքին մէջ կը բանան իրենց արդիական դարմանատուն-դեղարանները, հետեւաբար բժշկութիւնն ու դարմանումներն ալ աւելի գիտական եւ արդիական ձեւերով կը կատարուին: 

Նոյն այս տարիներուն Այնթապի Կեդր. Թուրքիոյ Գոլէճին մէջ բացուած բժշկական ճիւղը մեծ բարիք մը կ'ըլլայ ո'չ միայն Մարաշի, այլեւ ողջ Կիլիկիոյ հայութեան համար: Մարաշի առաջին վկայեալ բժիշկները կ'ըլլան՝ Գալուստ Նաճարեան եւ Վարդան Փօլատեան: Հետզհետէ Մարաշ կը հաստատուին նաեւ Պէյրութի, Տարսոնի, Պոլսոյ բժշկական վարժարաններէ շրջանաւարտ բժիշկներ [35]: Քաղաքին մէջ գործած բժիշկներէն կը նշուին՝ Սարգիս Ազատեան (1884-1915), Յակոբճան Գալբագեան (1849, Այնթապ-1913), Օսկիան Թօփալեան (1880-??), Գէորգ Կիւլիւզեան (1840-1895), Գալուստ Նաճարեան (1856-1920), Ընծայեկ Տէր Ստեփանեան (1892-1920), Խաչեր Քէշիշեան (1857-1920), Հմայեակ Քէշիշեան (1887-1915), Սիմոն Քիւփէլեան (1895-1915), Ճանիկ Գալբագեան (1881-1933), Վարդան Քէշիշեան (1883-1920) [36]։

Մարաշի Գերմանական հիւանդանոցը

1895-ի Համիտեան կոտորածներէն ետք, Մարաշի մէջ հաստատուած գերմանական միսիոնարութեան առաջին ձեռնարկը կ՚ըլլայ դարմանատան հիմնումը, բուժելու համար հիւանդ ու կիսամեռ վիճակի մէջ լքուած վիրաւորները: Դարմանատունը սկիզբը կը գործէ երկու սենեակներէ բաղկացած վարձուած տան մը մէջ, ուր ամէն տեսակ հիւանդներ կը տեղաւորուին, առանց դոյզն իսկ դասաւորումի: Քանի մը տարի ետք քաղաքին հիւսիսային կողմը՝ օդասուն, բարձր դիրքի մը վրայ իր դռները կը բանայ Մարաշի Գերմանական հիւանդանոցին հոյակապ շէնքը, որ «Սալէմ» անունը կը կրէ [37]: Ի դէպ, նշելի է, որ այս հիւանդանոցը Մարաշի մէջ բացուած առաջին հիւանդանոցն է. մինչ այդ Մարաշի մէջ հիւանդանոց չկար, հիւանդանոցային դարմանումի կարիք ունեցողներ ընդհանրապէս Այնթապ կ'երթային՝ համբաւաւոր Տոքթ. Շէփըրտի հիւանդանոցը [38]:

Սալէմ. գերմանական միսիոնին հիւանդանոցը (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Geographische Charakterbilder, Leipzig, 1909)

1) (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 4., 13. Jahrgang, Jan. 1911)

2) (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 4., 19. Jahrgang, Jan. 1917)

Բժ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանի հաղորդմամբ հիւանդանոցը ունի արանց եւ կանանց յատուկ առանձին բաժիններ, իւրաքանչիւրը 22 անկողին պարունակող, 10 անկողինով ծննդաբերութեան սրահ մը, ինչպէս նաեւ բժշկական նորագոյն գործիքներով օժտուած գործողութեան սրահ մը: Հիւանդանոցի գլխաւոր շէնքէն անջատ յարակից երկու շէքերու մէջ տեղաւորուած են վարակիչ հիւանդութեանց եւ դարմանումի ու դեղարանի առանձին բաժինները: Ամբողջ համալիրը՝ կանաչազարդ պարտէզներով, ջուրի աւազաններով, շրջապատուած է պարիսպով [39]:

Հիւանդանոցին բժշկապետն է Տոքթ. Միւլէրլայլը, որուն անձնուէր ջանքերուն կը պարտի հիւանդանոցը ե'ւ իր համբաւին ե'ւ իր կատարելագործուած աստիճանին հասնելուն համար: Մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ բժշկապետ Միւլէրլայլը, միջավայրին առողջապահական կարիքներէն մղուած, իր ծննդավայրին մէջ կը մասնագիտանայ նաեւ կնախտաբանութեան եւ աչքի հիւանդութեանց ու գործողութիւններու մէջ [40]:

Հիւանդանոցին մէջ աշխատող հիւանդապահուհիներէն է Փաուլա Շէֆըր։ Հիւանդանոցին ծախսերը կը հոգացուին գերմանական Deutscher Hilfsbund für Christliches Liebeswerk im Orient ընկերութեան եւ անոր ջանադիր տնօրէնին՝ Պատուելի Լոհմանին անմիջական ջանքերով [41]:

Մարաշի մէջ գերմանական միսիոնին պատկանող «Սալէմ» հիւանդանոցը (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 4., 19. Jahrgang, Jan. 1917)

Հիւանդանոցին 1912-1913 տարեկան տեղեկագիրը՝ Բժ. Տէր Ղազարեանին մատուցմամբ, յստակ գաղափար մը կու տայ հաստատութեան արդիւնաշատ գործունէութեան մասին: Այսպէս՝ 1912 Հոկտ. - 1913 Յուլիս, ինն ամսուան տեղեկագիրը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ՝ ընդունուած են 512 հիւանդներ, մեծամասնութիւնը հայ, մնացեալը՝ թուրք, չէրքէզ, քիւրտ, եւլն: Կատարուած են շուրջ 485 գործողութիւններ, այս թիւէն դուրս են փոքր գործողութիւններն ու բժշկական միջամտութիւնները: Դարմանատուն յաճախող հիւանդներուն ընդհանուր թիւն է 18.000: Վիճակագրական այս տուեալները կը վկայեն թէ սոյն հիւանդանոցը ինչ մեծ բարիքներ գործած է Մարաշի եւ շրջակայ գիւղերու բնակչութեան համար: Հիւանդանոցին մէջ աշխատող հայ բժիշկները եղած են՝ Բժ. Գալուստ Նաճարեան եւ Բժ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան, եւ դեղագործ՝ Սողոմոն Արեւեան, հիւանդապահներու եւ ծառայողներու անձնակազմը նոյնպէս հայերէ բաղկացած է [42]:

Մարաշի Գերմանական հիւանդանոցը բժիշկներու իր անձնակազմով եւ բուժական արդիական համակարգով իրական օրհութիւն մը եղած է Մարաշի բնակչութեան համար. անուրանալի է յատկապէս անոր օգտակար ծառայութիւնը Մարաշի հայութեան տարագրութեան տարիներուն՝ պատսպարելով Մարաշ մնացող հայերը, եւ թէ վերադարձէն ետքը՝ վերապրողները:

  • [1] Գրիգոր Գալուստեան, Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն, Բ. հրատ., Նիւ Եորք, 1988, էջ 327: Այստեղ ներկայացուող բուժական շատ մը մօտեցումներ, սովորութիւններ, նաեւ դեղամիջոցներ, մինչեւ օրս կը կիրարկուին Հալէպ հաստատուած մարաշցի ընտանիքներուն մէջ, որուն ականատես վկան եղած եմ նաեւ ես: Ժողովրդական այդ դեղամիջոցներէն առաւել տարածուած է եօթը տեսակ դեղաբոյսերէ պատրաստուած զահրընը մահլամը (ծաղկային քսուք). ցաւօք կ'անգիտանամ թէ ճշգրիտ ինչ բոյսերէ կը պատրաստուէր, կը յիշեմ միայն՝ մուշկը, խունկը, մազտէքին, եւ ուրիշ հոտաւէտ բոյսեր ու փոշիներ, որոնք կը հայթայթէին Հալէպի գոց շուկայի աթթարներու քովէն: Հրաշալի այս սպեղանին անպակաս էր բոլոր տուներէ ներս՝ իբրեւ դեղ ու ճարակ ամէն տեսակ վէրքերու եւ խոցերու:
  • [2] Նոյն, էջ 326-327:
  • [3] Նոյն:
  • [4] Նոյն, էջ 326:
  • [5] Տես՝ Ստելլա Վարդանեան, Հայաստանի բժշկութեան պատմութիւն. Հնագոյն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը, Երեւան, 2000, էջ 100-101:
  • [6] Գալուստեան, էջ 259:
  • [7] Նոյն, էջ 327:
  • [8] Նոյն:
  • [9] Նոյն, էջ 317-318:
  • [10] Նոյն, էջ 327:
  • [11] Տե'ս նոյն, էջ 411-425:
  • [12] Նոյն, էջ 278, 303-305:
  • [13] Նոյն, էջ 91:
  • [14] Մարաշի Տէր Ղեւոնդ քահանայի յուշերը, խմբագիր՝ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Երեւան, 2013, էջ 112:
  • [15] Գալուստեան, 339:
  • [16] Նոյն, էջ 327:
  • [17] Նոյն, էջ 328:
  • [18] Տէր Ղեւոնդ քահանայի յուշերը, էջ 168-169:
  • [19] Գալուստեան, էջ 328:
  • [20] Նոյն:
  • [21] Նոյն:
  • [22] Նոյն:
  • [23] Նոյն, էջ 315:
  • [24] Յովսէփ Տէր-Վարդանեան, Մարաշի Ջարդը 1920-ին, Հալէպ, 2010, էջ 68; Գալուստեան, էջ100:
  • [25] Տէր Ղեւոնդ քահանայի յուշերը, էջ 46:
  • [26] Գալուստեան, էջ 56-57:
  • [27] Նոյն, էջ 233; Տէր-Վարդանեան, էջ 48:
  • [28] Գալուստեան, էջ 233:
  • [29] Նոյն:
  • [30] Նոյն, էջ 337:
  • [31] Տէր Ղեւոնդ քահանայի յուշերը, էջ 46:
  • [32] Նոյն, էջ 54:
  • [33] Գալուստեան, էջ 327:
  • [34] Նոյն, էջ 694:
  • [35] Նոյն, էջ 328:
  • [36] Նոյն, էջ 910-913:
  • [37] Նոյն, էջ 694:
  • [38] Նոյն, էջ 692:
  • [39] Նոյն:
  • [40] Նոյն, էջ 693:
  • [41] Նոյն:
  • [42] Նոյն, էջ 909-10: