Հայկական հարսանեկան թափօր (Աղբիւր՝ Rev. Henry J. Van Lennep, Travels in little-known parts of Asia Minor, Vol. I, London, 1870)

Զէյթուն – Կրօնական բարքեր

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 20/6/12 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20/6/12)

Զէյթունցին ըլլալով աւանդապաշտ, դարերու ընթացքին կենցաղային առօրեային զուգընթաց մշակած է ընտանեկան ծիսական արարողութիւններ եւ սովորութիւններ, որոնք իւրայատուկ են եւ կը տարբերին հարեւան շրջապատէն: Այսպէս, անդրադառնալով հարսանեկան արարողութեանց, սովորութիւն է, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններու մէջ, երբ երկու ընտանիքներ իրար նկատմամբ համակրանք կը զգան եւ կ’ուզեն աւելի սերտացնել իրենց կապը, դեռ օրօրոցի մէջ կը նշանեն իրենց երեխաները, այնուհետեւ իրարու «խնամի» ըսելով կը դիմեն եւ որոշ մտերմութիւն կ’ունենան, եւ երբ հասնի անոնց ամուսնութեան տարիքը (Զէյթունի մէջ տղամարդկանց նշանուելու տարիքը կը համարուի 15-17, իսկ կանանցը՝ 12-14), կը սկսին հարսնախօսութեան արարողութիւնները. իսկ եթէ ընտրեալ չկայ, սակայն տան մէջ ամուսնանալու տարիքին հասած տղամարդ կայ, տան կանայք՝ գլխաւորապէս մայրը, կը սկսին փնտռել հարսնացու եւ հետաքրքրուիլ շրջապատի աղջիկներով, յատկապէս եկեղեցիի մէջ ուշադրութիւն դարձնել հասակն առած պարմանուհիներուն: Յետոյ, երբ արդէն ընտրած են մէկը, իրենց մտադրութիւնը կ’առաջարկեն տղուն եւ հաւանութիւն ստանալէն յետոյ (թէեւ պէտք է ըսել, որ տղան պարտաւորուած է ընդունիլ մօր առաջարկը, եթէ նոյնիսկ սիրահարուած է ուրիշին) [1], առիթ կը գտնեն այցելելու տուեալ աղջկայ տուն, զրոյցի ընթացքին ապագայ հարսնացուէն ջուր կը խնդրեն. սա նշան է աղջկայ ծնողներուն համար, որ հիւրերը եկած են հարսնատեսի. անոնց երթալէն ետք, ծնողները իրենք կ’որոշեն ընդառաջել կամ ոչ, եւ ըստ այդմ լուր կը ղրկեն տղայի տուն. եթէ ըսին՝ «Աստուած բարին կատարէ», ուրեմն դրական է պատասխանը:

Նշանախօսութիւն

Տղուն հայրը քահանայի միջոցով աղջկան ծնողներուն կը ղրկէ հարսնախօսութեան նշան հանդիսացող ոսկի մատանին, կամ երկու ոսկեայ ապարանջան, կամ ալ քանի մը ղազի՝(ոսկեդրամ), որոնք նշանուած տարիներուն, տարբեր առիթներով կը նուիրեն հարսնացուին, որպէսզի կուտակուելով յետագային՝ հարսանիքի ժամանակ, հարսի ճակատի զարդը կամ պարանոցի վզնոցը հանդիսանայ [2]: Իսկ մօտիկ ազգականներէն քանի մը հարազատներ իրենց հետ բերելով մեղր, հրուշակ, ընկոյզ, չամիչ, լեպլեպու, երբեմն նաեւ ոսկեդրամ՝ կ’ընկերակցին քահանային աղջկան տունը երթալու համար: Նշանծուի տունը հիւրերուն դիմաւորելու համար մեծ կարպետ մը կը փռեն՝ վրան բազմոցներ: Հայրը հիւրերը կը դիմաւորէ եւ կը հրաւիրէ նստելու, յետոյ կը կանչէ իր հարազատները, որպէսզի միանան հիւրերուն: Հիւրասիրութիւնը կը սկսի ճիկարոյ (ծխախոտ) եւ ներկիլոյ (նարկիլէ) բերելով, որմէ յետոյ կը հիւրասիրեն գինի եւ օղի համապատասխան աղանդերով (չամիչ, ընկոյզ, մեղր, պաստեղ, թուզ, փորը լցուած կաքաւ եւ աքլոր): Քահանան կը սկսի զրոյցը, ըսելով. «Է՜հ, տուն եկողին չե՞ն ըսեր թէ ինչու եկար. եթէ Տէրը կամենայ, Աստուած յարմար տեսնէ, աղջիկդ ասոնց տղուն տալու համար խօսեր էք, այդպէ՞ս է, եթէ այո, առ այս նշանը»: Ապա քահանան օրհնելով նշանը, կու տայ մեծ մօրը, ան ալ իր տղուն, այսինքն՝ աղջկան հօրը, ամուսինն ալ կնոջ կը յանձնէ, որպէսզի այս վերջինը տանի իրենց աղջկան մատին անցնէ: Ընթացքին աղջկան հարազատները կը յայտարարեն. «Աստուած շնորհաւոր ընէ, բարին է. ասկէ առաջ տասը հոգի ուզեց, բայց ճակատագիրը այս է եղեր»: Աղջիկը ներս գալով կը համբուրէ բոլորին ձեռքերը: Ապա սեղան կը բերեն այդ առիթին յատուկ ճաշեր, ինչպէս՝ սողանլը, հատռուզ, միջէօվ քէօֆթէ, հաւկըթտապկիլօ, եւայլն: Իսկ եթէ պահքի շրջան է ապա՝ պասային կերակուրներ: Քահանայի օրհնութենէն յետոյ կը ճաշեն եւ իրար կը շնորհաւորեն: Հիւրասիրութեան աւարտին, երբ պիտի մեկնին, քահանան դարձեալ կ’աղօթէ. նշանուած աղջիկը դարձեալ կու գայ համբուրելու բոլորի ձեռքերը. քահանային կը նուիրեն անձեռոց մը, իսկ միւս հիւրերուն՝ դրամապանակ [3]:

Զէյթունցի երեւելի մը իր երկու որդիներուն հետ։ Գոյները աւելցուած են Յուշամատեանի կողմէ եւ կրնան չհամապատասխանել տարազային հարազատ երանգներուն (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Նշանածին տունը երթալ

Ընթացիկ շաբաթուայ Ուրբաթ առտուն, տղուն հայրը կը կանչէ զէյթունցի կտրիճ մը եւ անոր կը յանձնարարէ հրաւիրել իրենց բարեկամները, ընկերները, դրացիներն ու ազգականները՝ այցելութեան երթալու նշանծուենց տուն:

Շաբաթ առտու տղայի կողմինները կը մորթեն ոչխար մը, փորը կը լեցնեն ընկուզեղէնով, մսով եւ չիրերով եւ կ’եփեն. կը պատրաստեն բրինձով եղինձ. կը վերցնեն մեղր, գինի եւ հաց. կը զարդարուին եւ մեծ խումբով, հանդիսաւորապէս կ’երթան նշանծուն տեսնելու:

Աղջկայ տունը, երկար կարպետի վրայ բազմոցներ փռուած կը սպասեն խնամիներուն: Առատ հիւրասիրութիւն, խմիչք, բարեմաղթանքներ եւ ուրախութիւն: Ապա մէկը պնակ մը կ’առնէ եւ ներկաներէն կը հաւաքէ հարսին նուէրը, որ սովորաբար դրամ կ’ըլլայ. այդ գումարը կը տրուի փեսացուին, որպէսզի ոսկեդրամներ գնէ հարսնացուի համար [4]:

Հարսնախօսութիւնը կը տեւէ 1- 3 տարի. այդ ընթացքին նշանածները իրար տեսնելու իրաւունք չունին. նոյնիսկ եթէ պատահաբար հանդիպին իրարու, պէտք է երեսները դարձուցած հեռանան իրարմէ: Տղայի կողմինները ամէն տօնական օրերու կու գան նշանծուի տուն, նուէրներով եւ առատ ուտելիքներով [5]:

Կանայի հարսանիքը, Աւետարան, 1430, Խոսրովավանք, Շատախ։ Նկար՝ Վարդան, Nr. 4827, fol. 4, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, Երեւան (Աղբիւր՝ Jean-Michel Thierry, Patrick Donabedian, Armenische Kunst, Freiburg/Basel/Wien, 1988)

Հարսանիք

Պապուն հանդիպիլ (քահանայի այցը).- Այս արտայայտութիւնը խորհրդանշական է, այն նախանշանն է հարսանիքի: Հարսանիքէն քանի մը շաբաթ առաջ, տղուն հայրը պատուիրակութիւն մը կը կազմէ, բաղկացած քահանայէն, քանի մը բարեկամներէ եւ շրջապատի յայտնի դէմքերէն եւ կը ղրկէ խնամիներուն տուն, ուր կը դիմաւորուին յատուկ հիւրասիրութեամբ: Կերուխումէն յետոյ, կը յայտնեն իրենց այցելութեան նպատակը, որ եկած են հարսանիքի մասին որոշումներ կայացնելու: Շատ յաճախ աղջկայ ծնողները նազ կ’ընեն, կ’ուզեն յետաձգել, պատճառաբանելով, որ աղջիկը դեռ փոքր է. յետոյ հարսանիքի նախապատրաստութեան գինը կը բարձրացնեն՝ հագուստի ծախս, քանի մը կօշիկ, տղուն կարմիր պարեգօտ, եղբայրներուն՝ կիսակօշիկներ, դրացիներուն՝ հողաթափ կամ թաշկինակ, եւայլն: Եթէ համաձայնեցան, ապա կը սկսին հարսանեկան հագուստներու գնումներուն եւ կարուձեւին [6]:

Յատկանշական է հարսանիքի ընթացիկ շաբթուան Իրկուշաբթըն (Երկուշաբթի), երբ կը սկսին հարսանեկան նախապատրաստութիւնները փիլաւի համար բրինձ մաքրելով: Բրինձը առատութեան խորհրդանիշ է եւ պատահական չէ, որ հարսը ճանապարհելու ժամանակ վրան բրինձ կը նետեն, թերեւս յիշողութեամբ 2-րդ դարուն (Ք.Ա.) Արտաշէս Ա. թագաւորի եւ Սաթենիկի հարսանիքէն:

Երեքշաբթի օր կանայք կը հաւաքուին եւ մեծ քանակութեամբ հաց կը թխեն, հարսանիքի համար: Միաժամանակ երիտասարդներուն կը ճանապարհեն փայտ բերելու: Կը հաւաքուին 30-40 երիտասարդ, կարմիր պարեգօտ հագած, կուրծքին՝ արծաթեայ շղթայ, մէջքին՝ ատրճանակ: Տղայի հայրը անոնց կը տրամադրէ ջորիներ. նաեւ մեծ քանակութեամբ օղի, գինի, հաց եւ աղանդեր. այսպէս ճամբու կը դնեն դէպի Խանոս կոչուած անտառը: Տղաները մերթ ընդ մերթ հրացանաձգութիւն կ’ընեն, որպէսզի բոլորը իմանան հարսանիքի մասին. յաճախ նաեւ խումբին կը միանան նոր երիտասարդներ, նոյն ձեւով զարդարուած: Ամբողջ ճամբու ընթացքին կ’երգեն, կը կատակեն եւ հրացանաձգութիւն կ’ընեն: Գիշեր մը կը մնան անտառի մէջ, ուրախութիւն եւ կերուխում կ’ընեն, ապա յաջորդ օրը, փայտը բեռցած գրաստներու վրայ կը վերադառնան հարսնետուն, նոյն աղմուկով եւ ուրախութեամբ. դեռ գիւղի մուտքին անոնց կը դիմաւորեն դհոլ-զուռնայով: Բեռը յանձնելէն յետոյ կը շարունակեն իրենց ուրախութիւնը, այս անգամ մրցոյթ - նշանառութիւն կատարելով: Երեկոյան կը հիւրընկալուին փեսայի տանը. այնուհետեւ հարսնատան սեղանը ամէն օր միշտ բաց է բոլոր հիւրերու առջեւ: Չմոռնանք յիշելու, որ տղայի հայրը քանի մը գրաստ փայտ կը ղրկէ նաեւ հարսի տուն [7]:

Հինգշաբթի օր տղայի հայրը ազապպաշին (կնքահօր) նուէր կը ղրկէ ատրճանակի արծաթեայ շղթայ մը կամ զոյգ մը կօշիկ: Կնքահայրը կը հագնի կարմիր շքեղ պարեգօտ մը եւ վրան կը կապէ արծաթեայ թելով երիզուած թաշկինակ մը, ի նշան կնքահայրութեան: Շուկայէն կը վերցնէ առիթին յատուկ կլորակ խմորեղէն եւ որուն որ հարսանիքի պիտի հրաւիրէ, կու տայ խմորեղէնը, ըսելով «տառօսը» քո զաւկիդ ալ, հրամմեցէք հարսանիք: Մինչ այդ տունին մէջ կը շարունակեն հաց թխել, միսը ծեծել, քէօֆթէ պատրաստել, ինչպէս նաեւ տուն մաքրելու ժրաջան աշխատանքը: Հարսնացուն եւ փեսացուն ալ իւրովի կը պատրաստուին. ծոմ կամ պահք կը պահեն, կ’ապաշխարեն, կը խոստովանին. երբեմն ալ, եթէ հարուստ են, աղքատներուն ողորմութիւն կը բաժնեն [8]:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին գործածուող հրացաններ ու ատրճանակներ (Աղբիւր՝ Henry J. Van-Lennep, Bible lands. Their modern customs and manners, part II, London, 1875)

Հարսանիքի գլխաւոր օրը՝ Ուրբաթն է: Առաւօտեան կ’եփեն քանի մը կաթսայ տակապուր, էաղցիւծ իւսպ, օռուզապուր, սօղանլը, եւայլն: Ազգականները, բարեկամներն ու դրացիները դատարկաձեռն չեն գար. անոնք ալ իրենց հետ կը բերեն տարբեր ուտելիքներ, միրգեր եւ քաղցրեղէններ: Կիներ իրենց գրպանները կը լեցնեն ընկոյզ, չամիչ, պաստեղ, կաղին, շաքար, եւայլն, որպէսզի պզտիկներուն բաժնեն:

Կ’երթան եկեղեցի նիշոն ուրհնիլ (նշանը օրհնել)՝ փեսային տրուելիք ոսկեայ մատանին եւ հարսին ոսկեայ ապարանջան, որոնք իրարու կապուած են մետաքսէ գունաւոր երիզով. քահանան փեսայի ազգականներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, «Նշանաւ Ամենայաղթ խաչիդ քո Քրիստոս» շարականով կ’օրհնէ ամուսնութեան խորհրդանիշ հանդիսացող մատանին եւ թաշկինակի մէջ ծրարուած չամիչն ու լեպլեպուն. այդ ընթացքին ներկաները կը հաւաքեն իրենց նուիրատուութիւնը՝ քահանայի բաժինը: Օրհնութեան կարգէն յետոյ կնքահայրը եկեղեցիի դրան դիմաց կանգնած չամիչն ու լեպլեպուն կը բաժնէ ներկաներուն, որպէս տառօս [9]:

Յաջորդ արարողութիւնը՝ ճարդուրումն (զարդարում)է: Տղուն կողմինները քահանայի եւ մեծամեծներու հետ, նուագածուներու կշռոյթի տակ կ’երթան հարսի տուն. կնքահայրը գլխուն վրայ դրած սկուտեղի մը մէջ կը տանի հարսին հանդերձանքը՝ ղութնի խումաշ, զգեստը եւ զոյգ մը դեղին կօշիկ: Տան շեմին կիւլպէնկ (հրախաղութիւն) կ’ընեն. կանայք առնելով հանդերձանքը տաներէցի գլխաւորութեամբ եւ ուրախ երգ-պարով կը հագցնեն հարսը, ապա ձեռքերուն հինա կը դնեն: Կնքահօր սկուտեղը վերադարձնելու ժամանակ վրան կը դնեն թաս մը ցորեն, դգալ մը, սանտր մը եւ ասեղ մը: Մինչ քահանան եւ տիրացուն կ’երգեն.

Խնկի ծառի նման ես,
Բարի պտուղ բերկրեալ ես,
Դու քաղցր պտուղ համ ես,
Աստուածածին, մեղայ քեզ
[10]:

Թափօրը կ’երթայ փեսայի տուն՝ թէագվիւր վոլոյ (թագաւորին լոգցնել) ծիսակարգը կատարելու համար: Մեծ տաշտիշոնի մէջ կը նստեցնեն փեսան, կնքահայրը թուրը կը պահէ անոր գլխուն՝ խաչի նման, ապա տաք ջուրով եւ օճառով կը լոգցնեն զայն, «Այսօր անճառ» շարականի երգեցողութեամբ: Թագաւոր-փեսայէն յետոյ հերթը կնքահօրն է. զայն ալ լոգցնելէն յետոյ, չամուսնացած տղաները իրենց ոտքերը կը լուան այդ ջրով, որպէսզի տառօս ըլլայ [11]:

Ապա պիտի օրհնուի փեսայի եւ կնքահօր հանդերձանքը. հալաւ ուրհնէք (հալաւ, զգեստ օրհնէք) կը կոչուի այս արարողութիւնը. կը բերեն ճերմակ ծրարի մէջ դրուած անոնց հանդերձանքը՝ պարեգօտ, ծոպաւոր թեզանիքով շապիկ, թաշկինակ, վարտիք, գօտի, գլխու փաթթոց, ոտնամաններ. նաեւ հարսին պարեգօտն ու գլխաշորը: Օրհնելէ եւ հագցնելէ յետոյ, ծունկի կու գան քահանայի առջեւ. այս վերջինը պահպանիչ մը կարդալէ ետք, թուր մը տալով փեսային կ’ըսէ. «Աստուած զսուր ընդ մէջ քո հզօր, որպէս վայելչութեան եւ գեղոյ քո. սովաւ յաղթեսցես զթշնամիս քո, առ եւ ամուր պահիր»: Կերուխումի ժամանակ դարձեալ նուիրատուութիւն կը հաւաքեն քահանայի համար: Քահանան, փեսայի եւ կնքահօր հետ միասին, թափօրով մը կ’երթայ հարսի տուն, ուր կը կատարէ նախապսակի ծէսը՝ միացնելով հարսի եւ փեսայի ձեռքերը [12]: Ապա հարսի ազգականներուն հետ վերադառնալով տուն կը սկսին ուրախ խաղերը, կատակները, երգն ու պարը, կերուխումն ու խրախճանքը, որ կը տեւէ մինչեւ լոյս. ահագին բազմութիւն հաւաքուած կ’ըլլայ: Կէսգիշերն անց կրակ կը վառեն, կը ցատկեն կրակի վրայէն, մուր եւ ալիւր կը քսեն երիտասարդներու դէմքին. հրացանաձգութիւն կ’ընեն: Խնամիներու այս այցը կը կոչուի «նեղութիւն տալ», հետեւաբար անոնք կը սկսին տարօրինակ պահանջներ ներկայացնել.- այսինչը ձեռքին՝ երկու դոյլ ջուր ոտքի կենայ, միւսը բերնով խածնէ առաստաղէն կախուած սոխը, երկանքով ցորեն աղալ եւ ուտել, երկու կաքաւ բերել, աղբիւրէն ջուր ուզել, քէօֆթէ շաղել եւ հիւրասիրել, եւայլն [13]:

Փորագիր պատկեր. հայկական հարսանիք մը Օսմանեան կայսրութեան մէջ 19-րդ դարու կէսերուն։ Գոյները աւելցուած են Յուշամատեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Henry J. Van-Lennep, Bible lands. Their modern customs and manners, part II, London, 1875)

Առտու արեւածագէն առաջ, ոչխար կը մորթեն եւ մատաղ կը պատրաստեն: Դրացիներն ու ազգականներն ալ կերակուր կը բերեն: Կոչնակները կը զարնեն, կը սկսին պատարագի եւ երբ լուսնայ, կ’երթան հորս հանըլ (հարս հանելու): Այնտեղ արդէն կարպետներ եւ բարձեր շարած, գինի-օղի մատակարարելով խորոված կը պատրաստեն. տղամարդիկ կը նստին կերուխումի, կանայք կ’անցնին տուն եւ երէցկնոջ օգնութեամբ, երգ ու պարով, հարսին կը հագցնեն կարմիր պարեգօտը, մետաքսէ թիկնոցը, վարդագոյն կօշիկը՝ որու մէջ մետաղադրամ դրած կ’ըլլան եւ ով որ հագցնէ, անոր նուէրն է. գլխուն երկար սաւան մը կը դնեն, դէմքին՝ շղարշ, ճակտին եւ վզին ոսկեայ դրամներով զարդեր, պարեգօտի վրայ տեղ-տեղ թաշկինակներ կ’ամրացնեն: Երբ պատրաստ է տունէն դուրս գալու, եղբայրները կը կանգնին դրան շեմին, կ’արգիլեն տանիլը, մինչեւ որ կօշիկ նուէր տան իրենց: Հարսը տունէն դուրս գալու ժամանակ, երգ ու պարին կ’ընկերակցի քահանայի աղօթքն ու երիտասարդներու հրացանաձգութիւնը, պատանիներու կանչը՝ «խաբեցինք, առինք». հարսը ձի նստելու ատեն կու լայ կրկնելով. «համ կու լամ, համ կ’երթամ»: Ուրախ թափօրը հարսը կը տանի եկեղեցի [14]:

Պսակի սկզբին, հարսի եւ փեսայի գլխուն մետաքսէ երիզով խաչ կը կապեն. փեսայի ուսերէն կը կապեն խաչաձեւ ուրար, ապա ձեռքը կու տան մետաքսեայ ծոպերով թաշկինակի մէջ ծրարուած նարինջ կամ խնձոր: Պսակի ամբողջ տեւողութեան կնքահայրը թուրը խաչի նման կը պահէ նորապսակներու գլխուն վրայ: Աւարտին հարսնաքոյրը քահանային ծրար մը կու տայ, որուն մէջէն քահանան կը հանէ ֆէս մը, որ կը դնէ փեսայի գլխուն, մատի մատանին, իսկ պաստեղն ու մեղրը կը բաժնէ փոքրիկներուն: Ներկաները կը մօտենան շնորհաւորելու պսակուածները. տղամարդիկ փեսայի, իսկ կանայք հարսի խաչը կը համբուրեն: Եկեղեցիէն դուրս գալու ժամանակ քահանան եւ տիրացուն ծնծղաներու երաժշտութեամբ կ’երգեն «Արեգական արդարութեան» շարականը. ապա դպրոցականները՝ որեւէ ազգային երգ, որուն կը յաջորդէ երիտասարդներուն հետեւեալ թրքերէն երգը.

(հայատառ թրքերէնով)
Եաղմուր եաղար եէր եաշ օլուր,
Ճեմի գուշլար պիր խօշ օլուր,
Կիւզէլ սէվին սէրխօշ օլուր,
Կէլին սալլանա, սալլանա...:

(թրքերէնով)
Yağmur yağar yer yaş olur,
Cemi kuşlar bir hoş olur,
Güzel seven sarhoş olur,
Gelin sallana, sallana…

Անձրեւ կը տեղայ, երկիր կը թացնայ,
Բոլոր թռչնոց հաճոյք կ’ըլլայ.
Աղուոր սիրողը գինով կ’ըլլայ,
Եկէք շարժելով, շարժելով
[15]:

Յետոյ բոլոր երիտասարդները կը բացագանչեն «զու լու լու, զու լու լու», որ կը նշանակէ կեցցեն հարսն ու փեսան: Հարսը կը նստեցնեն ձիու վրայ, իսկ փեսան եւ կնքահայրը մէկական ջորիի վրայ, երգ ու պարով թափօրը կը շարժի դէպի փեսայի տունը. ճանապարհի տուներէն մարդիկ խմիչք եւ միրգ կը հիւրասիրեն, ինչպէս նաեւ թաշկինակ կը նետեն հարսին գլխուն, ապա բռնելով ձիու սանձէն կը խնդրեն երգել [16]:

Երբ տուն կը հասնին կնքահայրը խմորի տաշտը կը բերէ հարսի դիմաց. այս վերջինս խմոր շաղելու շարժումներ կ’ընէ, խոնարհ եւ աշխատասէր հարս ըլլալու խոստումով. նոյն ժամանակ փեսայի մայրը վերէն բուռ մը մանր մետաղեայ դրամներ (կամ գարեձաւար) կը թափէ, ի նշան առատութեան: Դրան շեմին կեսրայրը հարսին կը խոստանայ նուիրել այգի մը կամ արտ մը, որու որպէս պատասխան հարսը ծոցէն կը հանէ նուռ մը, զարնելով դրան շեմին, կը տարտղնէ հատիկները, արտայայտելով իր ցանկութիւնը նռան հատիկներու նման գեղեցիկ, առողջ եւ շատ զաւակներ պարգեւելու. ապա գիրկը կու տան նորածին տղայ մը, որպէսզի առաջնեկը տղայ ըլլայ:

Տուն մտնելէն յետոյ հարսը կը տանին ճաշի օճախի կաթսան խառնելու, ապա կ’առանձնացնեն վարագուրած սենեակի մը մէջ: Փեսան մէկ ձեռքին թուր, միւս ձեռքին՝ ծրարուած միրգը ոտքի կանգնած կ’ընդունի շնորհաւորանքները: Դարձեալ կերուխում եւ ուրախութիւն, որ կը տեւէ մինչեւ Կիրակի երեկոյ: Հարսի տունէն կը բերեն օժիտի սնտուկը, անոր հագուստներն ու այն մանր-մունր նուէրները, որոնք պիտի բաժնեն փեսայի կողմիններուն:

Երկուշաբթի հարսանիքը կը դադրի. պսակի ժամանակ հաղորդութիւն ստանալէն յետոյ, նորապսակներուն չի թոյլատրուիր մերձենալ մինչեւ ութ օր. այս ընթացքին փեսան կը գիշերէ կնքահօր տունը, ուր կը շարունակուին խնճոյքները. եթէ սխալմամբ որեւէ մէկը փեսային «թագաւոր» դիմելու փոխարէն անունովը կանչէ, կը տուգանուի ոչխարով մը, զորս նոր խնճոյքի առիթ կը հանդիսանայ:

Ութ օր յետոյ քահանան գալով նորապսակներու տուն, ըստ կանոնի կը վերցնէ ուրարն ու խաչը, կը բացատրէ ամուսնութեան խորհուրդը, կը խրատէ եւ պահպանիչ կը կարդայ անոնց համար:

Մեղրամիսէն 40 օր յետոյ հարսը «դարձ»- այցելութեան կ’երթայ իր հօր տուն: Երէցկնոջ պարտականութիւնն է 15 օր ետք զայն ետ տուն բերելը:

Զէյթունցի հարսը խոնարհ, հլու հնազանդ է իր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ. լռակեաց՝ իր կեսուրի եւ կեսրայրի հետ. նոյնպէս փեսան չի խօսիր զոքանչի ու աներոջ հետ, մինչեւ առաջին երեխայի ծնունդը [17]:

Օրօրոց (Աղբիւր՝ Henry J. Van-Lennep, Bible lands. Their modern customs and manners, part II, London, 1875)

Ծնունդ եւ մկրտութիւն

Նորածինի ծնունդն ընդունելով, դայեակը մանուկը լուալէ յետոյ անոր քանի մը ժամ աղի մէջ կը պահէ. մայրը կը խնդրէ, որ աղը շատ ցանէ, որպէսզի տղան պինդ, զօրաւոր ըլլայ: Զէյթունի մէջ ասացուածք կայ. անպատեհ խօսող մարդուն կ’ըսեն. «Ծնած ատենդ դայեակը աղը քիչ է ցանած»: Դայեակը ամբողջ ութ օր կու գայ այս գործողութիւնը կատարելու համար: Մեկնած պահուն, իրեն նուէր կու տան գլխաշոր մը, պաստեղ, ընկոյզ, չամիչ, ցորեն, կորկոտ, եւայլն:

Երբ ազգականներն ու դրացիները կու գան ծննդականին այցելութեան, իրենց հետ կը բերեն հափուսա (տեղական պատրաստութիւն անուշեղէն մը), որպէսզի վերագտնէ ուժը եւ առատ կաթ ունենայ: Այնուհետեւ 40 օր պարտաւոր է մնալ տունը [18]:

Դայեակի պարտականութիւնն է նաեւ ծնած օրը տեղեակ պահել կնքահօրն ու քահանային, որպէսզի պատրաստ ըլլան ութ օր յետոյ մկրտելու նորածինը: Եթէ նորածինը տղայ է, կնքահայրը կ’ուրախանայ, ըսելով. «Օ~խ, չախ-մոխ (հրացան) մըն ալ աւելցաւ մեզի». եւ կը պատուիրէ դայեակին, որ առատ աղ ցանէ նորածինին վրայ, որպէսզի երբ տղան սկսի վազվզել, թեւատակն ու աճուկները քրտինքէն չխաշին, կռուի ժամանակ ալ ամուր եւ կտրիճ ըլլայ: Այնուհետեւ կնքահայրը եկեղեցի երթալով կը խոստովանի, կը հաղորդուի եւ ութ օր կնոջմէն հեռու կը պառկի: Կնքահայրը նորածինի համար կոնկուղ (կնունքի յատուկ կերպաս) կ’առնէ. եթէ տղայ է, ապա 1.5 կանգուն (չափ մը՝ արմուկէն մինչեւ միջնամատին ծայրը, մօտ 60 սմ.) մետաքսէ կերպաս, իսկ աղջկայ պարագային՝ 1.5 կանգուն չիթ (գոյնզգոյն տպածոյ ծաղիկներով զարդարուած հիւսուածք) կ’առնէ:

Տղայ զաւակ կնքելուն կ’ընկերակցի հանդիսաւոր պատարագն ու մատաղը: Նշուած օրը կնքահայրը նորածինը շալկած կու գայ եկեղեցի եւ կը սպասէ քահանային. տղայ մը դոյլով ջուր կը բերէ. դայեակը կը մերկացնէ նորածինը եւ կը յանձնէ կնքահօր. քահանան ալ երեխան կը տանի մկրտութեան աւազանի մօտ եւ ըստ կարգի կը կատարէ կնունքի արարողութիւնը: Կանայք դայեակէն կը խնդրեն մկրտութեան ջուրէն քիչ մը իր հետ տուն բերել: Մկրտութենէն յետոյ, կնքահայրը նորածինը գրկելով, զոյգ մը վառած մոմեր, քահանայի եւ սարկաւագներու հետ կու գան մկրտեալի տուն: Ծննդականը նստած կ’ըլլայ հարսնութեան ճերմակ սաւանի մէջ ծածկուած. կնքահայրը երեխան կը դնէ մօր առջեւ դրուած բարձին վրայ, ըսելով. «Հայրով, մայրով մեծնայ». ան ալ իր հերթին կը ծռի համբուրելու կնքահօր ոտքը. քահանայի աղօթքէն յետոյ տանտէրը բոլորը կը հրաւիրէ սեղան՝ կնունքի հացի: Սանամայրը կնքահօր կը նուիրէ թաշկինակ մը, պաստեղ եւ ծաղկեփունջ: Կնքահայրը կը հոգայ կնունքի ծախսը՝ քահանայի, եկեղեցիի եւ դայեակի վարձը, կերպասն ու նարօտը, մետաքսեայ այն թելը, որու վրայ կնունքի խաչը պիտի անցնեն [19]:

Ութ օր միւռոնի մէջ մնալէ յետոյ դայեակը կու գայ նորածինը լոգցնելու. ներկաները տաշտին մէջ մետաղադրամ կը նետեն, որ դայեակին նուէրն է:

40 օր յետոյ մայրը նորածինի հետ կ’ երթայ եկեղեցի, որպէսզի քահանան յատուկ արարողակարգով քառասունքէն հանէ երեխան: Այլ պարտադիր սովորութիւն է առաջին Տեառնընդառաջի տօնին ընկոյզ եւ չամիչ վերցուցած մանուկը տանիլ եկեղեցի՝ օրհնութեան համար:

Բոլոր տօն օրերուն սանամայրը կնքահօրը նուէր կը ղրկէ ծրար մը, որուն մէջ կ’ըլլայ շիշ մը օղի կամ գինի, քանի մը տեսակ միրգ, աման մը ապուր, շապիկ մը կամ ճարմանդ մը եւ կամ թաշկինակ մը [20]:

Մկրտութիւն
1 Աւետարան, Խարբերդ, 1025 (Աղբիւր՝ Adriano Alpago Novello, Dir Armenier. Brücke zwischen Abendland und Orient, Stuttgart/Zürich)
2 Աւետարան, Գլաձոր, 1307 (Աղբիւր՝ Adriano Alpago Novello, Dir Armenier. Brücke zwischen Abendland und Orient, Stuttgart/Zürich)
3 Աւետարան, Աւանց, Վասպուրական, 1600, նկարիչ՝ Զաքարիա Աւանցի, Ms. 2804, f. 12 v, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, Երեւան (Աղբիւր՝ Tamara Mazaéva, Hratchia Tamrazyan (editors),
La miniature arménienne, Ed. Naïri, Erevan, 2006)

Մահուան եւ թաղման սովորութիւններ

Եթէ մահամերձ հիւանդ կայ, կը կանչեն քահանան, որպէսզի ենթակային խոստովանութեան կարգ կատարէ եւ հաղորդութիւն տայ. մեծ մեղք կամ դժբախտութիւն կը համարուի առանց հաղորդութեան մահանալը: Այս արարողութիւնը զէյթունցիք իտէմիտէ պէշօր (վերջին պաշար) կը կոչեն: Մահուան ժամանակ կ’աշխատին իսկոյն բերանն ու աչքերը փակել, ձեռքերը խաչաձեւ կուրծքի վրայ դնել եւ մարմինն ուղղել դէպի արեւելք: Ապա կը կանչեն քահանան, որպէսզի հոգոց մը ըսէ, ապա դիակը կը դնեն տան մէկ կողմը լայն տախտակի մը վրայ լուալու տաք ջուրով եւ օճառով. այն կրակը, որու վրայ ջուրը տաքցուցին անմիջապէս կը մարեն եւ խանձերը կը թափեն շատ հեռու (որպէսզի ոչ ոք պատահաբար այն չվերցնէ եւ իր տուն տանելով, պատճառ չդառնայ իր տնեցիներու մահուան) [21]:

Դիակը կը պատանքեն 7 (երեք մեթրէ աւելի) կանգուն անլուայ կտաւով: Դիակ լուացողն ու պատանք կարողը կնոջ պարագային կանայք, այր մարդու պարագային՝ տղամարդիկ պետք է ըլլան: Պատանքը կարելու ժամանակ, ննջեցեալի բերանը կտոր մը նշխարհք կը դնեն, իսկ ափերուն մէջ՝ Երուսաղեմէն բերուած խունկ եւ մոմ: Վիզէն կը կախեն խետուկ չուանկըն (Երուսաղէմէն բերուած կարմիր մետաքսէ թելով գործուած կապ, նարօտ, որ կը գործածուի եւ թաղման եւ կնունքի արարողություններու ժամանակ) [22]: Ապա կու գան քահանան եւ տիրացուն. տան մէջ յատուկ արարողակարգ կը կատարեն. յետոյ մարմինը դնելով լէշփէտի (դիակը տանելու պատգարակ, դագաղին փոխարինող) վրայ, կը ծածկեն հին շուրջառով մը եւ շարական երգելով կը տանին եկեղեցի: Ննջեցեալը եթէ հարուստ է, յաջորդ օրը պատարագէն յետոյ կը յուղարկաւորեն, ապա թէ ոչ, նոյն օրը կը կատարեն եկեղեցական արարողակարգը: Հարազատները ննջեցեալի շուրջ հաւաքուած, քահանան ծէսը կը սկսի մահացողի փոխարէն ըսելով. «մեղա՜յ Ամենասուրբ» [23]: Թաղման անխտիր կը մասնակցին նոյն թաղի բոլոր մարդիկ: Պատգարակը չորս հոգիով ուսերուն վրայ դրած կը տանին մինչեւ գերեզմանատուն. ննջեցեալի հարազատ կանայք ննջեցեալի հանդերձանքէն ինչ որ մաս իրենց ձեռքին մէջ, լաց ու կոծով եւ գովասանքներ բարձրաձայնելով կը հետեւին դիակին: Այս սովորութիւնը համընդհանուր է, ի բաց առեալ կռուի նահատակներու յուղարկաւորութենէն, ուր կ’արգիլուի բարձրաձայն լացը, այն համարելով ամօթ եւ նախատինք՝ նահատակի յիշատակի նկատմամբ: Երեկոյեան բոլոր թաղեցիք, քահանայ եւ իշխան (այս անունով ծանօթ են Զէյթունի երեւելիները), միասին կ’երթան ննջեցեալի տունը ցաւակցելու եւ մխիթարելու. մեռելաճաշ կը տրուի միայն քահանաներուն եւ աղքատներուն: Յաջորդ օրը միասնաբար կ’երթան գերեզմանատուն՝ Այգուց կատարելու եւ այնտեղ ալ մեծ հոգեճաշ կը տրուի, ազգականներու եւ դրացիներու պատրաստութեամբ. իսկ եթէ եղանակը նպաստաւոր չէ, ապա տան մէջ կը կատարեն հոգեճաշը:

Կայ նաեւ այլ սովորութիւն մը կապուած թաղման հետ. երբ ջուրէն վերադարձող կանայք լսեն, որ մահ պատահած է, կը թափեն սափորի ջուրը, վերադառնալով աղբիւր, նորէն լեցնելու զայն, որպէս նշան սգակից ըլլալու ննջեցեալի տիրոջ:

Քահանայի յուղարկաւորութիւնը կը տարբերի սովորական թաղումներէն, այն իմաստով, որ նախ եկեղեցիի կոչնակը երկար եւ տխուր կը հնչեցնեն, ապա մարմինը տանելով եկեղեցի, այնտեղ կը լուան եւ կը պահեն եկեղեցիի մէջ, մինչեւ լոյս մոմեր վառելով դիակի շուրջ. յաջորդ օրը պատարագէն յետոյ կը կատարուի վերջին օծման արարողակարգը վանահօր ձեռամբ. Զէյթունի բոլոր թաղերու բնակիչները կու գան վերջին յարգանքը մատուցելու. ննջեցեալի հանդերձանքը կը ղրկուի վանք: Իսկ հոգեճաշի ծախսը կը կատարէ ննջեցեալի օրհնութեան կնքահայրը [24]:

Աղբիւր՝ Զէյթունի մէջ (ներկայիս Սիւլէյմանլը)։ Լուսանկարներ՝ Հրայր Բազէ Խաչերանի։

Այլ հաւատալիք մըն է երբ մահացողը դժուար կ’աւանդէ հոգին եւ եթէ այդ պահուն ընտանիքի անդամներէն որեւէ մէկը բացակայ է, կողքի մարդիկ հարազատներուն կը յանձնարարեն բացակայ անդամին պատկանող իր մը մօտեցնել մահամերձին [25]:

Ննջեցեալի նոր հանդերձանքը կը յանձնեն քահանային, իսկ հիները կը բաժնեն. սովորութիւն է նաեւ քահանային նուիրել ափսէ մը եւ դգալ մը, որպէս մեռնողի բաժին: Զէյթունցիները սուգ չեն պահեր. յաջորդ շաբաթ իսկ կրնան ամուսնանալ:

  • [1] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն, Բ. մասն, Փարիզ, 1903, էջ 135։
  • [2] Գ. Տէօվլէթ, Սանտօխ, Փարիզ, 1945, էջ 99։
  • [3] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն, Պոլիս, 1884, էջ 72-75։
  • [4] Նոյն, էջ 75-77:
  • [5] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 136։
  • [6] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 78:
  • [7] Նոյն, էջ 80:
  • [8] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 137։
  • [9] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 83:
  • [10] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 138
  • [11] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 84:
  • [12] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 140:
  • [13] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 86:
  • [14] Նոյն, էջ 88:
  • [15] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 141:
  • [16] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 88:
  • [17] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 143-147:
  • [18] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 18:
  • [19] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 134:
  • [20] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 21:
  • [21] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 148:
  • [22] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 98:
  • [23] Նոյն, էջ 99:
  • [24] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն…, էջ 147-150:
  • [25] Յ. Ալլահվերտեան, Ուլնիա կամ Զէյթուն…, էջ 97։