Թալաս քաղաքը։ Պատկերին աջին կ՚երեւի քաղաքին Վերին թաղը իր ամբողջութեամբ, իսկ ձախ կողմի վրայ՝ Վարի թաղէն հատուած մը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Կեսարիոյ սանճաք

Կեսարիոյ սանճաքի հայկական կեանքը իր հարուստ պատմութեամբ եւ մշակոյթով։ Ահաւասիկ այս է Յուշամատեանի նոր գլուխին վերնագիրը։ Կարեւորագոյն նիւթ մը որ անխուսափելիօրէն մեր հետազօտութիւններուն մաս պիտի կազմէր։

Յետագայ շաբաթներուն նոր վերնագիրներ պիտի աւելնան մեր կայքէջին մէջ բոլորն ալ Կեսարիոյ հայկական կեանքին առընչուող։