Կեսարիա քաղաք, հայկական տան մը բակը (Աղբիւր՝ B. Chantre, Klein-Azië. Reisherinneringen, in De Aarde en haar Volken, Haarlem, 1899)

Կեսարիա - Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Ատոմ Յ. Պուճիգանեան 04/12/2017 (վերջին փոփոխութիւն՝ 04/12/2017)

Կեսարիոյ աշխարհագրական դիրքը ու որոշ առողջապահական տուեալներ

Ծանօթ է թէ շրջանի մը կլիման որոշ չափով կ'ազդէ բնակիչներուն ապրելակերպին, առօրեային ու առողջապահական պայմաններուն վրայ: Այս գծով հոս կը ներկայացնենք Կեսարիոյ վերաբերող քանի մը տեղեկութիւններ:

Կեսարիա (Քայսերի) քաղաքը՝ 1,050 մեթր բարձրութեամբ, կը գտնուի պատմական Կապադովկիոյ կեդրոնական մասին մէջ, Արգէոս (Էրճիյէս) մարած հրաբխային լերան հիւսիսային ստորոտը: Քայսերի անունով կը ճանչցուի նաեւ ամբողջ uանճաքը, որ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը կը պարունակէր որոշ չափով հայաբնակ գիւղեր ու պզտիկ քաղաքներ ինչպէս Թալաս, Թոմարզա, Էվէրէկ, Չոմախլու, Կէրմիր, Ֆէնէսէ, Մունճուսու [1]։ Կեսարիա քաղաքին հայ բնակչութեան թիւը 19-րդ դարավերջին կը հասնէր 15,000-ի [2]:

Շրջանը ունի ձիւնառատ, պաղ կիսանջրդի կլիմայ, օժտուած է տաք ամառնային ցերեկով ու զով գիշերներով: Կ'անձրեւէ գարնան, ամրան սկիզբը եւ աշնան [3]: Կեսարիոյ բնակիչները ամառնային եղանակը կ'անցընեն այգիներուն մէջ՝ վրաններու տակ, աստղերուն ներքեւ գիշերելով [4]: Այս սովորութիւնը կրնայ զիրենք կազդուրել ու մասամբ իրենց մէջ զօրացնել ախտամերժութիւնը վարակումներու դէմ։ Այս վերջինները, ինչպէս նաեւ կլիման ու ընդհանրապէս առողջապահական գիտելիքներու չգոյութիւնը մեծապէս կը սպառնան Կեսարիոյ բնակիչներուն կեանքին: Այս մասին պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ։

19-րդ դարու վերջը այս տարածքը այցելած Հենրի Պարքլի Կեսարիոյ բնակավայրի ընտրութեան մասին կը գրէ. «Տարօրինակ է որ [կեսարացիները] մօտակայ գեղեցիկ բլուրները անտեսելով, բնակելու համար ընտրած են խոնաւ, գրեթէ ճահճային դաշտերը» [5]: Անառողջական պայմաններուն մասին իրենց գրութիւններուն մէջ կ'արտայայտուին նաեւ Ճոն Մաքտոնըլտ Քիննէր եւ Ր. Ա.. Համմընտ: Առաջինը 1818-ին կը գրէ. «Ոչինչ կրնայ գերազանցել կեղտը ու գարշահոտութիւնը այս տեղի փողոցներուն։ Թումբի նման կանգնած են թրիքի կոյտեր, ու այնպէս կը թուի թէ որեւէ ջանք չի թափուիր հոնկէ վերցնելու համար սատկած ձիերը, շուները, կատուները, շուկային մէջ մորթուած կենդանիներուն փորոտիքը ու մաքրել լճացած ջուրերը...» [6]։

Կեսարիա/Քայսերի. Սուրբ Կարապետ վանքն ու վարժարանը (Աղբիւր՝ Անի Քիւրքճեան հաւաքածոյ, Լիբանան)

Իսկ 1878ին Համմընտ կը տեղեկացնէ հետեւեալը. «Կեսարիա քաղաքը շրջապատուած է պարիսպով, որոշ բնակարաններ լաւ կառուցուած են, սակայն փողոցները նեղ, աղտոտ, աւերակ ու անտեսուած տեսք ունին» [7]:

Կարելի է ըմբռնել թէ վերոյիշեալ պայմաններուն մէջ որքան դժուար է արգիլել վարակումները ու կանխարգիլել տարափոխիկ հիւանդութիւնները:

Արդարեւ, 1847-ի բրիտանական աղբիւր մը կը տեղեկացնէ թէ այս տարածքին մէջ հնդկախտը (քոլերա) խլած է 600 զոհ, եղած են սովի երեք տարիներ՝ 1820/21-ին, 1845-ին եւ 1873/74-ին, իսկ աղքատներուն ու մուրացկաններուն քանակը բազմապատկուած է: Կեսարիոյ փողոցներուն մէջ մուրացկաններու կուտակումին եւ անոնց օգնութիւն բաշխելու գործունէութեան մասին վկայութիւններ ունի Պատուելի Մ. Ֆարնսուորթ [8]: Հասկնալի է թէ սովը աւելի մեծ թիւով զոհեր կը խլէ տկարացածներէն ու հիւանդկախներէն:

Երեխաները ներկայացնելով մարդկային ընկերութեան ամենէն խոցելի դասերէն մէկը, ըմբռնելի է թէ տիրող վատառողջ  մթնոլորտը որքան բարձրացուցած կրնար ըլլալ մանկական մահացութեան տոկոսը, մանաւանդ գաւառին փոքր, մեկուսացած գիւղերուն մէջ:

Կեսարիա. հայ զոյգ մը (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Ի՞նչ գիտենք կեսարացիներուն սննդառութեան մասին

Ծանօթ է թէ ուտելիքներուն քանակը ու տեսակները ազդեցութիւն ունին ընդհանուր առողջութեան վրայ: Առողջարար սննդառութիւնը  կարող է կանխարգիլել կամ հակակշռել հիւանդութիւններ ինչպէս՝ արեան գերճնշում, սրտի հիւանդութիւններ, շաքարախտ, որոշ քաղցկեղներ ու ոսկրափխրում։ Առողջարար սննդառութիւնը պէտք է պարունակէ առատ բանջարեղէն, պտուղ, ամբողջական հունտով արմտիք ու հացեղէններ, քանի որ ասոնք կենսանիւթերու, հանքային աղերու ու ուրիշ բնական նիւթերու կարգին կը պարունակեն բարձր քանակով վնասակար նիւթերը ծծող բնաթել: Առողջութիւնը կարելի է ամրապնդել երբ կը սահմանափակուի իւղոտ միսերուն ներառումը, հետեւաբար հոն պահուըտած ճարպերը, կը գործածուին բուսաիւղեր ու կը նուազեցուին օրական ներառուած աղն ու ջերմուժը [9]:

Այս դիտանկիւնէն, տեսնենք թէ ինչպէ՞ս կը գնահատուի Կեսարիոյ զանազան շրջաններու մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն ուտելիքները:

Կեսարիա. փողոց մը՝ բերդէն ներս (Աղբիւր՝ Alfred Boissier, En Cappadoce, notes de voyage, Genève, 1897)

Փոքր երկրագործական գիւղեր (ինչպէս Չօմախլու, Ճիւնճիւն, Ինճէ-Սու).- Արշակ Ալպօյաճեան Կեսարիոյ մասին իր գիրքին մէջ ամփոփելով՝  Արիս Գալֆայեանի «Չօմախլու» հատորէն կը մէջբերէ. «...մեր պապերը  սննդառութեան մասին չափազանց ժուժկալ էին ու սակաւապէտ, միանգամայն առոյգ, զօրաւոր եւ երկարակեաց էին» [10]: Այդ քաջառողջութիւնը կը վերագրուի եկեղեցիին  պահեցողական կարգերը խստիւ յարգելուն ու մնացած օրերուն ալ պարզօրէն սնանելուն՝ կաթ, մածուն, ճոն-կորկոտով թանապուր եւ հաւկիթ ուտելով: Միսը գլխաւոր տեղը չէր գրաւեր սննդառութեան մէջ. անիկա սեղան կու գայ միայն հանդիսաւոր առիթներու: Ցորենի ալիւրին հետ գիւղացի տանտիկինը կը գործածէ նաեւ «ճոն-ալիւր»: Յիշեցնեմ թէ ճոնը, կամ հաճարը հացահատիկ մըն է, որ արդի բժշկութիւնը կը յանձնարարէ շաքարախտաւորներուն rye bread-ի ձեւին տակ:

Թալաս. քաղաքէն պատկեր մը (Աղբիւր՝ W.J. Childs, Across Asia Minor on Foot, Edinburgh/London, 1917)

Աւելի բարեկեցիկ՝ Էվէրէկ-Ֆէնէսէ ու Թոմարզայի շրջակայ գիւղերը.- Հոս առկայ է վերը նշուած ժուժկալութիւնը, որուն պէտք է աւելցնել քիչ մսեղէն, մեղր, ռուպ  պտուղներ եւ ընդեղէններ [11]: Այս բուսաբանական ընտանիքին կը պատկանին սիսեռը, լուբիան ու բակլան, որոնք գրեթէ միսին համազօր սպիտ (protein) կը պարունակեն: Գործածուած ուրիշ բանջարեղէններ են՝ գետնախնձոր, շոմին, դդում, կաղամբ եւ սմբուկ [12]:

Մեծ քաղաքներ՝ Էվէրէկ, Կեսարիա.- Հոս հարցը կը փոխուի միսը  ստանալով մեծ կարեւորութիւն սննդառութեան մէջ: Կեսարացին ունի ութ, իսկ էվէրէկցին ալ երեք տեսակի մսեղէն կերակուրներ: Ասոնց մաս կը կազմեն առատօրէն համեմուած երշիկը (իրիշկիկ, սուճուխ) ու չէմէնով պատուած ապուխտը՝ էվէրէկցիներուն չոր միսը, որ կեսարացիներուն քով կը կոչուի պաստըրմա: Ան կը պատրաստուի կովու կամ ուղտի միսով: Կեսարացի տանտիկինը կը թխէ բազմազան տեսակի  խմորեղէններ, ու ապուխտը այս քաղաքացիներուն մօտ առօրեայ պանիրին դերը կը խաղայ, կը գրէ Ալպօյաճեան [13]։

Մսակերութիւնը ժխտական արդիւնք ունի առողջութեան վրայ: Այդ առընչութեամբ, Պաթակլիա Ռիչի եւ աշխատակիցներ իրենց “Health risks associated with meath consumption: a review of epidemiological studies”  ուսումնասիրութեան մէջ կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ միսի ու մասնաւորաբար գործարկուած (processed) մսեղէններու երկարատեւ գործածութիւնը կը համընկնի սրտանօթային, լայնաղի-նախաղիի քաղցկեղի եւ չափահասներու շաքարախտի  հիւանդութիւններով մահացածներու տոկոսի աճման [14]: Իր կարգին Ալպօյաճեան կը վկայակոչէ պոլսահայ բժիշկ Վարդանեանը, որուն քով ստամոքսի քաղցկեղով տառապող հիւանդներուն 90%-ը կեսարացիներ եղած են [15]։

Անժխտելի է թէ կեսարացիներուն սննդառութեան եղանակը, մանաւանդ քաղքենիներունը, չի համապասխաներ արդի բժշկական տեսութեանց: Ասոր վրայ եթէ աւելցնենք այն իրողութիւնը թէ կեսարացի ծխամոլ տղամարդիկը առատօրէն կը խմէին իրենց տուներուն մէջ պատրաստուած օղին ու գինին, այն ատեն կ'ամբողջանայ ապառողջական պատկերը [16]։ Բարեբախտաբար կիները տարուան մէջ մէկ օր միայն՝ Բարեկենդանին, ալքոլ կը գործածէին:

Կեսարիա քաղաքը եւ Արգէոս/Էրճիյէս լեռը (Աղբիւր՝ W.J. Childs, Across Asia Minor on Foot, Edinburgh/London, 1917)

Կեսարացիներուն ժողովրդային հաւատալիքներուն կապուած բուժումներ

Ատոնց կարգին կուգան հրաշալի բուժումները աղօթքի եւ ուխտագնացութեան ճամբով, սնահաւատական միջոցներով, բարի (կամ չար) ոգիներու ազդեցութեամբ, նախապաշարումներով, եւայլն:

Ծննդաբերութիւն

Գիւղերուն ու նոյնիսկ քաղաքներուն  մէջ ծննդաբերութեան ատեն կը դիմեն նախնական գիտելիքներ ամբարած դայեակներու կամ լաւագոյն պարագային մանկաբարձուհիներու օգնութեան: Մօրը ազատումը դիւրացնելու համար կեսուրը կաթսայ մը կը կործէ, հարսին կլլել կու տայ հում միս ու անոր կը խմցնէ իր գոգին մեծ հաւաքուած ջուրը: Ամուսինը տունէն ճամբելէ ու նորածինին պորտը կտրուելէն ետքը, կը դիմուին ուրիշ «պառաւական» միջոցներու՝ ծննդաբերէն չար ոգիները հեռացնելու համար: Մայրը կը լուսաւորեն 24 ժամ, որպէսզի արթուն մնալով գէշ երազ չտեսնէ: Ծննդաբերին վերմակին վրայ կը դնեն ամուսնոյն գօտին ու շապընկերը, իսկ բարձին տակն ալ՝ մկրատ, զմելի, խաչ, աւետարան, շամփուր ու երկու սոխ: Եթէ ծննդաբերը ստիպուած ըլլայ տեղ մը երթալ, միասին կը տանի շամփուրները պաշտպանուելու համար պատահական դեւերէն: Գալով սոխերուն, զանոնք դռնէն դուրս կը նետեն, երբ մանուկը մկրտութեան կը տանին, գոչելով «առ ծանրութիւնդ, տուր թեթեւութիւնդ»՝ ծննդականը ցաւերէն ազատելու համար: Ծննդաբերողին պնդութեան դէմ կը յանձնարարուի կասիայի (տարչին) բոյսին թրջոցը (infusion): [17]

Կեսարիա, հայ մեծ մայրիկ մը եւ թոռնիկը - լուսանկարէն հատուած մը (Աղբիւր՝ B. Chantre, Klein-Azië. Reisherinneringen, in De Aarde en haar Volken, Haarlem, 1899)

Գալով նորածինին, զայն գաղջ ջուրով լուալէ ետք, անոր անութները կ'աղեն: Անութներուն մաշկը շատ նրբին  ըլլալով, արդեօք որքան կը չարչարուէր ան աղին առթած տեղական այրուցքէն ու ներծծուած աղին թունաւորումէն: Կը պատահի, որ մանչ զաւակները մինչեւ հինգ տարեկան սնանին մօր կաթով: Զանոնք «կաթէ կտրելու» համար պղպեղ կը քսէին կաթնտուին ստինքին: [18]  Ծանօթ է թէ մօր կաթը կը պաշտպանէ վարակիչ հիւանդութեանց դէմ խթանելով ախտազերծումը շնորհիւ Immunoglobuline A-ի (IgA) եւ մանրէասպան նիւթերու, որոնցմէ՝ lactoferrin-ը: Կաթնակերութեան շրջանին մանուկը յատկապէս պաշտպանուած է լուծումի, միջնականջի բորբոքման (otitis media), շնչառական գործարաններու վարակումի, նորածինային արեան թունաւորման (neonatal septicemia) եւ հարբուխի (influenza) հիւանդութեանց դէմ: Բազմաթիւ պարագաներ ցոյց կու տան, թէ այս բնածին պաշտպանութեան տեւողութիւնը կ'երկարի դիեցման ժամանակին համեմատ [19]։ Արդեօք երկարատեւ դիեցումը մինչեւ 5-րդ տարիքը որեւէ առաւելութիւն կը պարգեւէ՞ մանուկին: Այս առնչութեամբ Australian breastfeeding association-ը իր մէկ գրութեան մէջ կը յանձնարարէ՝ բացարձակ դիեցում մինչեւ 6 ամսական, խառն դիեցում մայրական կաթ ու ուրիշ ուտելիքներ մինչեւ 12-24 ամսական, իսկ անկէ ետք, այս կերպով շարունակել այնքան ատեն որ մայրը եւ զաւակը կը փափաքին [20]:

Այս «տղաբերքի» մասը աւարտելէ առաջ արդար է հարցադրել թէ արդեօք կա՞ն միջոցներ մայրական կաթին գոյութիւնը երկարաձգելու: Գիտենք թէ որոշ բոյսեր կաթնաբեր յատկութիւններ ունին, ասոնց կարգին է անիսոնը եւ չամանը [21]: Ըստ Ալպօյաճեանի, կեսարացիները այս երկու բոյսերն ալ կ՚ամբարեն իբրեւ ձմեռնային պաշար [22]: Առաւել եւս գիտենք, թէ կեսարացիներուն առօրեայ սննդեղէնին մաս կը կազմէ պաստըրման, որուն մութ կարմիր կեղեւին մէջ կայ երկարատեւօրէն հոտաւէտ չամանը:

Իսկ երբ ատենը կու գայ «կաթը կտրելու», մայրը կ'անցնի կաթնաշաղ մոխիրով լեցուն տոպրակին տակէն, կամ անոր կուրծքին վրայ անակնկալօրէն պաղ ջուր կը սրսկեն [23]:

Թալաս քաղաքը։ Պատկերին աջին կ՚երեւի քաղաքին Վերին թաղը իր ամբողջութեամբ, իսկ ձախ կողմի վրայ՝ Վարի թաղէն հատուած մը։ Կեդրոնը գտնուող մեծ կառոյցը յունական եկեղեցին է իր զանգակատունով։ Աւելի վեր կարելի է տեսնել Վերի Թաղի հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցիին գմբէթն ու զանգակատունը։ Հայոց եկեղեցիէն դէպի աջ, մօտաւորապէս նոյն բարձրութեան վրայ կ՚երեւին ամերիկեան միսիոնարական հաստատութիւնները՝ դպրոցներ եւ հիւանդանոց։ Լուսանկար՝ Ստեփանեան եղբայրներ (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)։

Ուխտավայրեր

Կեսարիոյ գաւառին բոլոր շրջաններուն վանքերն ու մատուռները՝ կանգուն թէ կիսաւերակ, ուխտատեղիներ են, ներառեալ՝ որոշ  քարայրներ եւ խոռոչներ: Յիշատակելի է, որ Կեսարիոյ մէջ սրբապատկերներու պաշտամունք չէ եղած: Կրօնասիրութիւնը կ'արտայայտուի մոմավառութեամբ ու նուիրատուութեամբ, օրինակի համար կանայք իրենց գլխաշորին մէջ կարուած ոսկիներէն կը նուիրեն տեղւոյն սուրբին: Ուխտագնացութիւններ կը կատարուին իղձերու իրագործման, տնտեսական բարօրութեան ու հիւանդութիւնէ եւ ամլութիւնէ ազատման համար: Ոտաբոպիկ մայրեր կ'երթան սրբավայրերուն դռները ապաքինում խնդրելու: Սրբավայրերէն ամենէն անուանին Կեսարիա քաղաքին մօտակայ Սուրբ Կարապետի շիրիմն է համանուն վանքին մէջ: Ուխտագնացութիւն կը կատարուի Վարդավառի կիրակին: Ուխտաւորները ուրբաթ օրուընէ ճամբայ կ'ելլեն իրենց մատաղցուներով: Վանքը կը յատկացնէ սենեակներ եկուորներուն, որոնք ոչ միայն կը լեցնեն վանքին արկղերը դրամով ու արժէքաւոր իրերով, այլ նաեւ կը վճարեն մատաղագին կամ պատարագուց: Սբ. Կարապետի մօտակայ Սբ. Դանիէլի եւ Սբ. Գրիգորի վանքերն ալ այցելողներ կ'ունենան այդ առիթով: Բացականերուն համար ուխտագնաց ազգականները այդ տեղերէն «հրաշագործ զօրութեամբ հող» (Ճուհար) կը տանին [24]:

Թալաս, Վարի թաղի Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Ոգիներ եւ ուրիշ նախապաշարումներ

Կեսարացի կամ մունճուսունցի «պառաւը» կը հաւատար չար ու բարի ոգիներու ազդեցութեան ու անոնց գործունէութեանց: Շատեր կը կարծէին թէ այս չար ոգիները՝ ալերը կամ ղարա-ղուրաները, երիտասարդ հարսի կերպարանքով կը «կոխեն տղաձգանին [ծննդաբեր] վրայ ու անոր թոքը հանելով ջուրը կը նետեն», զայն սպաննելու նպատակով: Ծննդաբերը կրնայ ինքզինքը փրկել ղարա-ղուրային մատը խածնելով: Համոզում կար որ սատանաները կրնան նաեւ հիւանդութիւններ բերել: Անոնք մանկանց մէջ մտնելով կը պատճառեն պրկախտ եւ ջղաձգական ցնցումներ: Ին՞չ էր անոնց դէմ փրկութիւնը. խաչակնքում, զանազան յատուկ աղօթքներ, որոնք կ՚արտասանուէին գիշերը անկողին մտնելէ առաջ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ կ՚ըսուէր՝

«...Լուսաւորիչ պապան հոս է,
Փիլոնը վրաս ծածկոց է...» [25]:

Ընտանիքէ մը ներս եթէ կար հոգեկան հիւանդ մը, «խենթ» մը, ինչպէս այդ ատենները կը կոչէին, ապա սովորութիւն էր զանոնք տանիլ Զինճի-Տէրէի յունական վանքը «վրանին կարդալու» եւ այս կերպով զանոնք  չար ոգիներէ ազատելու համար [26]:

Տան սեմերուն մոխիր սրսկելով կարելի կ'ըլլայ ձերբազատուիլ տաք եղանակի լուերէն, իսկ Աւագ ուրբաթ օրը կաղամախիին (white poplar) վրան գամ զարնելով պալար (pimple/boil) չի բուսնիր մարմնին վրայ, ու նոյն օրը գլուխ լուալով հիւանդին երկարատեւ ցաւը կ'անցնի [27]:

Մանկանց դեղնախտը դարմանելու համար կեսարացիք անոր վրայ հացի կտոր մը կը դնեն, իսկ թալասցիք ոսկի կը կախեն:

Շիլութիւնը կանխելու մտօք էվէրէկցիները ու թալասցիները  մկրտութեան յաջորդող օրուան լոգանքի ջուրը կը թափեն անկոխ տեղ մը, իսկ մունճուսունցիները մանուկը մկրտելու տարած ատենին ետեւ չեն նայիր:

Եթէ երեխան ուշանայ լեզու ելլելու, էֆքէրէցիները սովորութիւն ունին Սբ Կարապետի մատուռին բանալին 3 անգամ անխօս մանուկին բերանը դնել [28]:

Մունճուսունցիք ու էվէրէկցիք ծերունիի մը կ'առաջարկեն նորածինին բերանը թքնել զայն երկարակեաց դարձնելու համար:

Մարմնոյն ցաւած անդամին արծաթեայ «պատկերը» կը տարուի Սրբոց Կարապետի, Յակոբի, Թորոսի ու Մինասի անուան վանքերը բուժման համար:

Չար աչքով հիւանդացածը բուժելու համար պառաւ մը դանակին ծայրամասին հաց կ'անցընէ ու եօթը անգամ  կը պտտցնէ հիւանդին գլխուն «Հայր մեր» արտասանելով [29]:

Քնատութենէն կարելի էր բուժուիլ ենթակային բարձին տակ պահելով օձի շապիկ:

Լալկան մանուկը կը լռէ, եթէ ուրբաթ օր հօրը հողաթափով անոր բերանին զարնեն:

Վերադառնալով ծննդաբեր կնոջ, զայն ստինքի ցաւէն ազատելու համար մայր մը իր անդրանիկ դուստրին երկայն մազերը տարածելէ ետք ցաւած մասին վրայ աղջկան հետ փոխնիփոխ կը սանտրեն փռուած ծամերը [30]:

Հիւանդ մը ակնահարողին (աչք զարնողին) սեռը գիտնալու համար բախտագուշակ հմուտ տիկիններ հալած կապար կը թափեն պաղ ջուրին մէջ, ու հոն մետաղին ստացած ձեւէն դատելով տափարակ կամ ուռուցիկ, կը գուշակուի թէ չար աչքը իգական է թէ արական: Սակայն Ալպօյաճեան կը գրէ, թէ կեսարացիները ըլլալով արթուն, գործնական անձինք ու հետեւաբար իրապաշտներ, սնոտիապաշտութիւնները համեմատաբար աւելի կանուխ թօթափած են, բաղդատած դրացի այլ գաւառներու [31]:

Խուրջին՝ հիւսուած գորգէ եւ կաշիէ, Կեսարիա։ Պատկերին մէջ երեւցողը շատ հաւանաբար Սուրբ Գէորգն է։ Անոր ներկայութիւնը չարիքներն ու փորձանքները հեռու պահելու կը ծառայէ։ Այս խուրջինը, թրքերէնով հէյպէ, պատկանած է Սուլթան եւ Գրիգոր Սարգիսեաններուն։ Անոնք հիւսած եւ կարած են զայն, եւ Կեսարիայէն իրենց հետ տարած են Կիպրոս, երբ հոս փոխադրուած են 1932-ին։

Ժողովրդային դարմաններու ուրիշ կերպեր

Ատոնց կարգին թուենք ջրաբուժութիւնը, որ կը գործածուի օրինակ յօդացաւի պարագային (կային բազմաթիւ ջերմուկներ), բնական դեղորայքով դարմանումներ (դեղաբոյսերով, կենդանական ու հանքային նիւթերով),  մարձական, վիրաբուժական ու բեկաբուժական միջոցներ:

Այս յօդուածով արդէն տեսանք թէ ինչպիսի իրաւացի յոռետեսութեամբ եւրոպացի  ճանապարհորդներ նկարագրած են Կեսարիոյ գաւառին ապառողջական պայմանները: Կարելի է մտածել, թէ մեծ քաղաքներուն մէջ՝ օրինակ Կեսարիոյ մէջ, պատկերը տարբեր էր: Այդ գծով Ալպօյաճեանէն կ'իմանանք թէ քաղաքացիք փոխանցիկ հիւանդութեանց տարածումը կասեցնելու համար կը գործածեն հականեխական միջոցներ: Անոնցմէ է մայրիի սղոցուած եւ քացախի մէջ թաթխուած փայտերուն եռացումով թորումը: Այս միջոցը տան մթնոլորտը կը լեցնէ մանրէասպան ցնդական իւղերով [32]: Արդի բուսաբուժութիւնը կը հաստատէ զանազան մայրիներու ցնդական նիւթերուն ունեցած մանրէասպան յատկութիւնները [33]:

Զանազան հիւանդութեանց դարմանում բնական դեղորայքով [34]

Աչքի հիւանդութիւններ

Աչքի ցաւ

Մեր աղբիւրը չի յստակացնէր թէ այդ գործարանին ո՞ր ենթամասը՝ ակնազօ՞դը, եղջերի՞կը թէ կոպե՞րը բորբոքած ըլլալով ցաւ կը պատճառէ: Միայն գիտենք թէ ցաւի պարագային կեսարացին աչքերը կը լուայ տուղտի տերեւներուն (կամ արմատներուն) եռացած թրջոցով: Ըստ արդի բուսաբուժութեան տուեալներուն, տուղտը կը պարունակէ մանրէասպան, հակաբորբոքիչ ու թաղանթները ամոքող նիւթեր:  Ժողովրդային բժշկութեան մէջ այս բոյսը չի յիշուիր իբրեւ աչքադեղ, ան յատկապէս կը գործածուի ներքին հիւանդութեանց պարագային, ինչպէս շնչառական (հազ, կոկորդի ցաւ), բերանի բորբոքում, ստամոքսային ու աղիքային կեղեր (ulcer), իսկ դուրսէն՝ պալարներու եւ լայներակութեան (varices) [35]: Բայց տրուած ըլլալով իր քիմիական բաղադրութիւնը հաւանական է, որ տուղտը պէտք է դարմանէ նաեւ աչքի արտաքին մասի որոշ հիւանդութիւնները:

Աչքի ջրոտիլ

Փոշիէն, արեւին պատճառած գրգռութենէն, հարբուխի հետեւանքէն կամ եղջերիկի վարակումէն աչքերը կրնան արտադրել (երբեմն թարախոտ) հեղուկ մը, որ արտեւանունքը կպչուն կը դարձնէ: Ասիկա լուալու համար կեսարացին կը գործածէ հաւկիթի իւղ, այսինքն հաւկիթին դեղնուցը, որ կը պարունակէ զանազան իւղերու հետ lecithin, cholesterol, biotin (vitamin B7), immunoglobulin, lutein, zeaxanthin) [36]: Իւղը կը կասեցնէ կպչունութիւնը ու կը բանայ արտեւանունքը, իսկ  immunoglobulin-ները կը հակազդեն մանրէներուն: Ուրիշ դարման մըն է աղջիկ դիեցնող կնոջ կաթը: Գիտենք թէ կնոջ կաթը որոշ տոկոսով իւղ կը պարունակէ ու ինչպէս տեսանք «Ծննդաբերութիւն» պարբերութեան տակ, ան կը պաշտպանէ վարակիչ հիւանդութիւններէ: Կարելի չեղաւ լուսաբանել թէ ինչո՞ւ աղջիկ երեխայ դիեցնող կնոջ կաթը նախընտրելի է: Մեղրոտ թաց ճնշական սպեղանիով ալ կը դարմանեն աչքի ցաւերը: Մեղրը կը պարունակէ հակամանրէ propolis կոչուող նիւթը:

Ականջի հիւանդութիւններ

Ականջի ցաւ

Մասնաւոր իւղի մը մէջ թաթխուած սոխի միջուկը, որ կը պարունակէ մանրէասպան, հակաբորբոքիչ նիւթեր [37], կը դնեն ականջին մէջ: Իւղին տեսակը՝ Պէգիր իւղ, կարելի չեղաւ լուսաբանել, բայց հաւանաբար ան կը ծառայէ սոխին իւղալծելի նիւթերը դուրս բերելու, որպէսզի անոնք ականջին մէջ հոսին:

Խուլութեան դարմանումներ

(Հիւանդութեան պատճառը կամ ծանրութեան աստիճանը յայտնի չէ): Կեսարացիները կտոր մը խնձորի մէջ խունկ կը լեցնեն եւ այս պատրաստութիւնը թոնիրի մէջ կ'եփեն «ականջը բանալու» համար: Խունկը Boswellia carterii, thurifera կամ sacra բոյսէն ելած կարծր խէժ-ռետին մըն է, որ տաքցուելով կ'արտադրէ անուշաբոյր ցնդական՝ մանրէասպան ու հակաբորբոքիչ նիւթեր [38]: Ենթադրելի է որ եփած տաք «խցանը» (tampon) ականջին մուտքէն ներս գոլորշի կը ներմուծէ, որ իր կարգին կը կակուղցնէ կուտակուած  մոմանման նիւթերը, այս ձեւով բանալով խցուած զգայարանը, եթէ երբեք լսողականը այդ պատճառաւ տկարացած է: Էվէրէկցիք նոյն արդիւնքը կը ստանան ուրիշ ականջի խցանով մը, որ բաղադրուած է փտած ձիւթէ (ծակտիկներով լի) ու բրասայէ: Բոյսը ուրիշ սոխ/սխտորազգիներոն պէս կը պարունակէ ի միջի այլոց հականեխական, հակաբորբոքիչ ու հակաստնգական (antispasmodic) ցնդական նիւթեր [39]: Նոյնպէս կարելի է պատկերացնել թէ անոնցմէ արտադրուած շոգին կը կակուղցնէ կուտակուած մոմանման նիւթերը, բանալով խցուած լսողական նեղանցքը:

Զանազան ցաւերու դարմաններ

Ակռայի ցաւ եւ բերնի վէրք

Կեսարացին կը գործածէ արդի ատամնաբուժութեան մէջ ծանօթ մեխակի (ղարանֆիլ) չորցուած կոկոնին ցնդական իւղը, որ կը պարունակէ Eugenol հականեխական ու ցաւամոքիչ նիւթը [40]: Այս իւղին օղիի լուծոյթով տեղացիները կը ցօղուեն իրենց բերանը: Օղին իր ալքոլով կը գործէ նաեւ իբրեւ տեղային թմրեցուցիչ: Իբրեւ դեղ կը գործածուի նաեւ պղպեղը, որ կը պարունակէ կծու եւ ցաւամոքիչ capsaicin-ը: Կեսարացիներուն գործածած մէկ այլ դեղը oղիով շաղուած պղպեղի խիւսն է, որ կը դրուի ցաւած ակռային վրայ: Կայ նաեւ ալիւրով պղպեղի շաղուածքը, որ կը գործածուի իբրեւ ծեփան (cataplasm) եւ զայն կը փակցնեն ցաւած ակռային կողմի այտին վրայ: Ծխախոտին nicotine-ը ունի կարճ եւ ցաւամոքիչ յատկութիւն [41]. կեսարացիները ծուխը կը «քաշեն» ցաւած ակռային վրայէն: Բերնի ջրոտած վէրքը (հաւանաբար աֆթ)  ցամքեցնելու եւ գրգռութիւնը կեցնելու համար, անոր վրան կը դրուի փոթոթիչ (astringent) խառնուրդ մը՝ կազմուած մոխրացած գխտորէ, պաղլեղէ եւ ծխախոտէ:

Գլխու ցաւեր

Բազմաթիւ մշակոյթներու ծանօթ hինան, որ կը գործածուի ծամ ու ձեռներ ներկելու, կեսարացիք անոր տերեւներուն խիւսով կը ծեփեն իրենց ցաւած գլուխները: Ըստ Նիզամուտտինի հաւաքած  բուսաբուժական տեղեկութեանց, հինան կը պարունակէ բազմաթիւ դեղանիւթեր, որոնք ի միջի այլոց մանրէասպան, հակացաւ ու հակաջերմ են [42]. միեւնոյն դարմանական յատկութիւնները ունի «քիթէն քաշուած» քացախը, որ կը պարունակէ Aspirin-ի մասնիկին կէսը, այսինքն acetic acid: Ճակատին քսուած օղին իր ալքոլին ու անիսոնի ցնդական իւղին շոգիացումովն առթած պաղութեամբ կը հակազդէ ցաւին, զայն «մոռցնել տալով»: Կայ նաեւ սեղմումով ստացուած ցաւազրկում. այսպէս, որոշ ջիղերու վրայ բանեցուած ճնշումը կը բթացնէ ցաւի զգացողականութիւնը, ահա թէ ինչու կեսարացիներուն քով ընդհանրացած է աղախառն սոխի ու գետնախնձորի ճակատի “bandana”ները: Գալով մանանեխին (խարտալ), անոր հատիկներուն տարբեր պատրաստութիւնները հին ժամանակներէ ի վեր կը գործածուին ժողովրդային բժշկութեան մէջ, ներսէն կամ դուրսէն՝ մորթին կպցուած, զանազան միջոցներով օրինակի համար sinapis patch (մանանեխի ծեփան): Այսպիսի լազխաները (վէրքի պատում) յօդացաւերու դէմ են: Հատիկները ի միջի այլոց կը պարունակեն ծծմբային բաղադրութեամբ հակացաւ նիւթեր, որոնք տեղայնական ջերմութիւն ու գրգռութիւն յառաջացնելով ենթակային մոռցնել կու տան բուն ցաւերը՝ գլխու կամ ուրիշ տեսակի [43]: Կեսարացին իր ոտքերը կը դնէ տաք ջրային մանանեխի լուծոյթի մը մէջ դարմանելու համար գլխացաւը: Իսկ մանանեխով ծեփուած կտաւը կռնակին փակցնելով կը ստացուի քրտնեցուցիչ դարման պաղառութեան դէմ:

Հակահազ դարմաններ

Արտաքին դարմանում. զանազան նիւթերով օծուած կպչուն կտաւի ծեփաններ patches, որոնք կը դրուին կուրծքին վրայ: Անոնցմէ կը յիշուին մեղրախառն պղպեղը՝ հարուստ իր տաքցնող, ցաւամոքիչ capsaicin-ով, ինչպէս նաեւ խունկի ծուխով յագեցած տաք բամպակի կապոցը: Ներքին դարմանում. թաղանթը ամոքող ու հակաբորբոքիչ  պատրաստութիւններու գործածութիւն: Անոնցմէ են տուղտի եռացած թրջոցը (տե՛ս աչքի ցաւի բաժինը), կաթի մէջ եփած թուզի խառնուրդը եւ բիւրեղ շաքարի ծծումը: Ժողովրդային այս դեղը կը կոչուի նաեւ «նապաթ շէքէրի»:

Այլազան հիւանդութիւններ

Տապասկ (urticaria)

Խմել ծիրանի խիւսի եւ հայկաւի ջրային արտահանոյթը: Ըստ Apricot մենագրութեան [44], այս պտուղը կը պարունակէ կենսանիւթեր A & C, ինչպէս նաեւ հակաբորբոքիչ նիւթեր: Առաջին դարու (Յ.Տ.) կիլիկեցի յոյն դեղագործ/բժիշկ Տիոսքորիտես իր De Materia medica գործին մէջ կը յիշէ հայկաւը իբրեւ դարմանական նիւթ:  Ըստ արդի դեղաբանութեան, կաւը կը դարմանէ մարսողական անհանգստութիւնները, թունաւորումները, կենդանիներու խածուածքներն ու միջատներու խայթը [45]: Կարելի է հետեւցնել, թէ կեսարացիներուն գործածած այս խառնուրդը կ՚ամոքէ տապասկի սաստիկ քերուըտուքը: Հաւանաբար այս նոյն դեղը կ՚օգնէ նաեւ ներքին թունաւորումներուն պարագային ալ: Այսպիսի դէպքերու առիթով, կեսարացիները իբրեւ դարման կը խմեն նաեւ թան:

Կարիճի խայթուածք

Ըստ Mayo Clinic-ին (https://www.mayoclinic.org), ընդհանրապէս կարիճի խայթը բժշկական խնամքի չի կարօտիր, եթէ ախտանիշները լուրջ չեն, ինչպէս շնչառական դժուարութիւն, ջղաձգում, դիւրազգացութիւն, արեան գերճնշում եւ ցաւ [46]: Յամենայնդէպս կեսարացին խայթուած տեղը կ'օծէ ձիթաիւղով, իսկ նոյն ձիթաիւղին մէջ նախապէս կը դնեն ողջ կարիճ մը: Ձիթաիւղը ունի հակաբորբոքիչ, ցաւամոքիչ ու թեթեւ հակադիւրազգացական յատկութիւններ [47]։ Կարելի չէ բացատրել հոն լուծուած կարիճին թոյնին օգուտը առանց մտնելու նմանաբուժական (homeopathy) հակադարձ տեսութեանց մէջ:

Սիրտխառնուք

Կը խմեն հանրածանօթ լեմոնի ու անանուխի թրջոցը:

Միզեցուցիչ (diuretic)

Կը խմեն ազատքեղի ու եգիպտացորենի ծոպերու թրջոցը: Այս պարագային ազատքեղին գործածութիւնը բժշկականօրէն հաստատող աղբիւր կայ [48]: Գալով եգիպտացորենին, անիկա նաեւ կը գործածուի երիկամի քարերու ու միզային գործարաններու բորբոքման իբրեւ դարման [49]:

Թոքախտի դարմանում

Մոմով պաշտպանուած վարակիչ մանրէն կը կոչուի դիմացկուն Mycobacterium tuberculosis: Կեսարացին թոքախտի դէմ կը խմէ շան լակոտի արիւն ու կ՚ուտէ անոր միսը: Նման տարօրինակ ժողովրդային բուժումներու կը հանդիպինք բրիտանացիներու նախահայրերուն քով, որոնք կ՚ուտէին խորոված մուկ, արու եղջերուի կոտոշէն պատրաստուած դոնդող ու կը խմէին անսեր կաթ [50]։

Մարսողական գործարաններու անհանգստութիւններ

Փորհարութիւն. կը խմեն խաշուած կոճապղպեղի եւ բրինձի ջուրը: Բրինձին նիշան եփուելէ ետք կը վերածուի դոնդողի ու կը «բռնէ» աղիքային հեղուկները: Այս արմատը ունի հակաստնգական յատկութիւն [51]: Լուծումին կրնան ընկերանալ ցաւալից խիթեր, որոնք  «սբազմօտիք» վիճակէ կը յառաջանան: Լուծումի դէմ  նաեւ կ'ուտեն խոզկաղին, որուն քիմիական բաղադրութեան մասին կարելի չեղաւ տեղեկութիւն ունենալ: Կեսարացին խիթ ունեցողին փորին վրայ տաք աղիւս կը դնէ, թէեւ ասիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ կուրաղիքի բորբոքման պարագային:

Ջերմի դարման

Տաքութիւնը սկսած օրը ենթական պաղ ջուրով լուալ: Ապա անոր խմցնել լեմոնի հիւթի ու հաւկիթի կեղեւի խառնուրդը: Հեղուկը կը խմեն զայն գիշեր մը պաղ օդին ձգելէ ետք: Պտուղին հակաբորբոքիչ flavonoid-ները եւ հիւթին մէջ լուծուած հաւկիթի կեղեւին glycosaminoglycan-ները կրնան հակազդել ջերմին բուն պատճառին եւ կասեցնել զայն: Էվէրէկիցիները սխտորի քացախոտ լուծոյթը խմելով կ'իջեցնեն տաքութիւնը: Ինչպէս արդէն ըսինք, քացախը ունի ասփիրինի նման յատկութիւններ, որոնց վրայ կ'աւելնայ սխտորին ի միջի այլոց հակաջերմ կարողութիւը [52]:

Թութքի դարման (hemorrhoids)

Հիւանդութիւնը կը յատկանշուի սրբանի երակներու ցաւալից ընդլայնումով ու անոնց դրսեւորմամբ: Ասոնց կ'ընկերանան բորբոքում, քերուըտուք եւ արիւնահոսում, մանաւանդ զօրաւոր ջանքի պարագային, ինչպէս պնդացած կղկղանքի արտաքսումի ատեն: Պնդութիւնը «կակուղցնելու» համար յետոյքը ուղղել դէպի եռացած ջուրի կամ քացախի շոգին (վերջինը նաեւ ըլլալով ցաւամոքիչ): Ենթական կը նստեցնեն խաշած մոլոշի տերեւներէն ելած շոգիին վրայ: Ծանօթ է թէ Malvaceae բուսաբանական ընտանիքը հակաբորբոքիչ եւ թաղանթները ամոքող նիւթեր կը պարունակէ, բայց արդեօք ատոնք շոգիով ցնդելի՞ են: Այդ կէտը յստակ չէ: Կեսարիայէն ունինք նաեւ երկու ուրիշ անբացատրելի թութքի դարմաններ՝ հիւանդին կերցնել ուղտի եփած միս կամ տապկուած գորտ:

Մարձական/շարժական ու վիրաբուժական/բեկաբուժական եւ ջրաբուժական դարմանումի ձեւեր

Մարձում

Ի գործ կը դրուի յօդացաւի, ջիղերու կարկամութեան պարագաներուն: Կան երկու ձեւեր:

  • Աղով ու ամենաբուժ օղիով կռնակի շփումներ կ'ընեն հիւանդը քրտնեցնելու համար: Մարձումն ու բաղնիքի մէջ «միսերու քաշքշում»ը տարածուած սովորութիւններ են աշխարհագրական այս տարածքին մէջ:
  • Ենթական կը պառկի երեսին վրայ, կռնակին վրայէն կը քալէ մանուկ մը:

Շարժական ձեւեր

Ասոնք կը գործածուին  կանխելու համար որոշ վիճակներ: Օրինակ քիթի արիւնահոսութեան ատեն, գլուխը կամ ձեռքը վեր պէտք է բռնել: Օձի խայթուածքի պարագային, խայթուած տեղէն վեր վիրակապել, որպէսզի թոյնը չտարածուի, նաեւ վէրքը ծակծկել ու ծծել: Ուշաթափ եղած անձին ճկոյթը խածնել:

Վիրաբուժական

  • Մատնաշուրթի (եղունգի շուրջի) վարակում կամ բորբոքում: Այս կը պատահի երբ որեւէ պատճառաւ եղունգին շուրջ վէրք յառաջացած է եւ միքրոպներ թափանցած են։ Այն ատեն, հիւանդ մատը կը դնեն գորտին սրբանին մէջ: Արդեօք այդ տեղը որեւէ հականեխական նի՞ւթ կայ այդպիսի  վէրքեր դարմանելու համար: Այլ դարման մըն է վէրքին վրայ դնել կտաւատի խիւս կամ շաքար՝ զայն պարպելու համար:
  • Վէրքերը հասունցնելու համար ընդհանրապէս զանոնք կը փաթթեն  կտաւատի, պամիայի կամ թահինով հրուշակի խիւսերով: Զանոնք պայթեցնելէ ետք թարախը դուրս քաշելու համար վէրքը կը ծածկեն ձիթաիւղի մէջ հալած մեղրամոմի/կուպրի պատանքով մը: Պալարներուն վրայ կը դրուի  խաշած տուղտի խիւս:
  • Ուռեցքներուն դէմ կը գործածուի գինիի մէջ եռացած հացի պատանք:
  • Սուրի կտրուածքներուն իբրեւ դարման կը քսեն ձիթաիւղի մէջ թաթախուած մուկի ձագերու արտահանոյթ: Հաւանաբար մատղաշ մարմինները ունին հիւսկէնային սպիացնող բնանիւթեր:
  • Մարմնին մէջ մտած փուշերը փտեցնելու համար, վիրաւոր տեղը ծածկել խորոված սոխի ու մասնաւոր իւղի մը պատանքով: Իւղին ինքնութիւնը կարելի չեղաւ ճշդել:
  • Արիւն առնել: Քառասունքէն առաջ նորածիններէն արիւն կ՚առնեն, որպէսզի անոնք հետերնին «եկած» անմաքուր արիւնէն ազատին: Իսկ գարնան ալ կիներէն արիւն կ՚առնեն. այս գործողութիւնը ընդհանրապէս կը կատարուի բաղնիքներուն մէջ, ուր կիները տզրուկ կը փակցնեն իրենց մարմնին որոշ մասերուն:
  • Ճմլում ու կապտացում: Գաւազանի ծեծի հետեւանքով (բանտի մէջ, ֆալախայ), վիրաւորուած մասը բուժելու համար զայն կը ծածկեն ծեծուած չամիչի խիւսով: Խաղողը կը պարունակէ հակաբորբոքիչ ու մորթային մազերակներուն պատերը զօրացնող flavonoid-ներ ու աղաղներ:

Բեկաբուժական

Խախտած կամ կոտրած անդամներ: Բեկաբուժը  կը փորձէ շարժած ոսկորները իրենց տեղերը բերել: Ապա, վիրաւոր մասին կը կապէ ոչխարին գլխուն մորթը կամ ալ զայն կը փաթթէ օղիի մէջ լուծուած խունկով: Անկէ ետք, իբրեւ ուղղիչ պահպանակ, վիրաւոր մասին վրայ կը հաստատէ չորս տախտակներու շերտեր: Նոյն նպատակաւ կը գործածեն կուպրի, սեւ պղպեղի եւ ուրիշ համեմներու խիւսեր: Խախտած մասը կը փաթթեն օճառի ու հաւկիթի ճերմկուցի խիւսով: Կուպրի ու զանազան համեմներու խիւսերը հաւանաբար տեղայնական տաքութիւն յառաջացնելով, կ'արագացնեն ոսկրային փոխարկութիւնը, նպաստելով կոտրուածքին սպիացման:

Ջրաբուժութիւն

Կեսարիոյ մէջ կը գործածեն ջերմուկները յօդացաւ բուժելու համար: Խիթերու դէմ կը գործածեն տաք ջուրով ողողուած անձեռոցներ: Պաղ ջուրը միայն կը ծառայէ մարածները սթափեցնելու համար:

Եզրափակում

Թէեւ Կեսարիոյ ժողովրդային բժշկութեան մասին մեր ձեռք ձգած աղբիւրը 1937-ին հրատարակուած Արշակ Ա. Ալպօյաճեանի Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ Բ հատորն է, բայց եւ այնպէս գործը բաւականին տեղեկալից է այդ առընչութեամբ:

Կապադովկիան հին ժամանակներէն եղած է արեւելքի ու արեւմուտքի քաղակակրթութեանց ձուլման օրրան, այնպէս որ սպասելի է որ հոն կուտակուած գիտելիքները ժամանակի ընթացքին տեղացիներէն իւրացուէին եւ օգտակար կերպով գործածուէին զանազան բնագաւառներու մէջ, որոնց շարքին առողջապահականին:

Կեսարացիները բաւական հարուստ դարմանական միջոցներ ստեղծած ու կիրարկած են: Երկրագործական որոշ աղքատիկ վայրերու մէջ պահքը ու սակաւակերութիւնը նոյնիսկ նպաստած են բնակիչներուն առողջութեան: Բայց կը թուի թէ ժողովրդային բժշկութենէ ստացուած զանազան այս առաւելութիւններուն դիմաց գոյութիւն ունեցած է նաեւ Կեսարիոյ գաւառին զանազան շրջաններու ապառողջական մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ Կեսարիա քաղաքի բնակիչներուն անխոհեմ սննդականոնը:

  • [1] Richard G. Hovhannesian, “Armenian Caesaria/Kesaria”, in Armenian Kesaria/Kayseri and Cappadocia edited by Richard G. Hovhannesian, Mazda publishers, Costa Mesa, California, 2013, էջ 4։
  • [2] Bedros Der Matossian, “Ottoman Armenian Kesaria/Kayseri in the 19th century”, in Armenian Kesaria/Kayseri and Cappadocia, էջ 191։
  • [3] en.wikipedia.org/wiki/Kayseri
  • [4] Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., հրատարակութիւն Կեսարիոյ եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան Գահիրէի վարչութիւն, Գահիրէ, 1937, էջ 1719։
  • [5] Bedros Der Matossian, “Ottoman Armenian Kesaria/Kayseri in the 19th century”, էջ 189։
  • [6] Նոյն, էջ 190։
  • [7] Նոյն։
  • [8] Նոյն, էջ 191-192։
  • [9] Robert Porter, Justin Kaplan, Barbara Homeier, Merck Manual, Home health handbook, Wiley and sons, 2009, էջ 30։
  • [10] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1695։
  • [11] Նոյն, էջ 1696-1697։
  • [12] Նոյն, էջ 1699։
  • [13] Նոյն։
  • [14] Evelyne Battaglia Richi, Beatrice Baumer, Beatrice Conrad, Roger Darioli, Alexandra Schmid, and Ulrich Keller, “Health risks associated with meath consumption: A review of epidemiological studies”, in Int J Vitam Nutr Res, 2015, 85 (1-2) 70-78.
  • [15] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1700։
  • [16] Նոյն, էջ 1700-1701։
  • [17] Նոյն, էջ 1732-1735։
  • [18] Նոյն, էջ 1734։
  • [19] Lars A. Hanson, “Breastfeeding provides passive and likely long-lasting active immunity”, in Annals Allergy Asthma Immunology, 1998 Dec, 81 (6), pp. 523-533.
  • [20] www.breastfeeding.asn.au//bfinfo/how-long-should-i-breastfeed
  • [21] Felipe Penagos Tabares, Juliana V. Bedoya Jaramillo, and Zulma Tatiana Ruiz-Cortés, “Pharmacological overview of galactogogues” : www.ncbi.nlm.nih.gov/pmc/articles/PMC4165197/
  • [22] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1704։
  • [23] Նոյն, էջ 1735, 1740։
  • [24] Նոյն, էջ 1748-1751։
  • [25] Նոյն, էջ 1776-1777։
  • [26] Նոյն, էջ 1780։
  • [27] Նոյն, էջ 1784։
  • [28] Նոյն, էջ 1791։
  • [29] Նոյն, էջ 1795։
  • [30] Նոյն, էջ 1798։
  • [31] Նոյն, էջ 1801:
  • [32] Նոյն, էջ 1742։
  • [33]  Antoine Saab et al, “Essential oils components in heart wood of Cedrus libani and Cedrus atlantica from Lebanon”: www.researchgate.net/publication/215754551_Essential_oils
  • [34] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1738-1740։
  • [35] "Marshmallow monograph; paragraphs: constituents, herbal use, pharmacological actions" in Herbal medicine, 4th edition, 2013, by Pharmaceutical Press, London, pp 492-494.
  • [36] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1738։
  • [37] George Mateljan, "Onions", in What’s new and beneficial about, onions; paragraphs: composition, antioxidant and anti-inflammatory bebefits, other potential health benefits: www.whoods.com/genpagephp]
  • Իւղին տեսակը՝ պէգիր իւղ, կարելի չեղաւ լուսաբանել, բայց հաւանաբար ան կը ծառայէ սոխին իւղալծելի (oil soluble) նիւթերը դուրս բերելու ու զանոնք ականջին մէջ հոսեցնելու:
  • [38] M. Grieve, Frankincense, Botanical.com: A modern herbal: botanical.com/botanical/mgmh/f/franki31.htm
  • [39]  T.K. Lim, monograph “Allium ampeloprassum” in Edible medicinal and non-medicinal plants, Springer science & business, 9th edition 2015, pp 102-123, on line.
  • [40] "Clove oil monograph", in A. Wade (editor), The Martindale, the extra pharmacopoeia, the 27th edition, 1977, The Pharmaceutical Press, London, p. 1016.
  • [41] JW Ditre et al, Acute analgesic effects of nicotine and tobacco in humans: a meta-analysis. Pain. 2016 Jul;157(7):1373-81.
  • [42] Nizam Uddin et al, "Chemical constituents and bioactivities of Lowsonia alba", in J. Chem. Soc. Pak., Vol. 35, # 2. 2013, pp. 476-485.
  • [43] Mustard: www.drugs.com/npp/mustard.htm
  • [44] G. Matlejan: www.whfoods.com/genpage.php]
  • [45] Bolus armenicus, Wikipedia.
  • [46] Scorpion sting treatment-Mayo Clinic.
  • [47] W.J. Dahl et al, Health benefits of olive oil and olive extracts, University of Florida, IFAS extensionFSHN16-4.
  • [48] Parsely, ibid., p. 1023.
  • [49] Monograph Corn silk, ibid., p. 217.
  • [50] G. Hatfield, “Tuberculosis”, in Encyclopoedia of folk medicine, old and New World traditions, 2004, p. 352: www.abc-clio.com
  • [51] Monograph Ginger, paragraph Herbal use, ibid., p. 344.
  • [52] Schauenberg P / Paris Ferdinand, monograph "Allium sativum, garlic", in Guide yo medicinal plants, Litterworth press, Butler and Tanner 1977, London, p. 84.