Իյտէլի. Պարթեւեան վարժարանին բացումը, 1912 թուական (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Եոզկատ - Դպրոցներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 15/09/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 15/09/15)

Նախքան Եոզկատ քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ գործող հայկական վարժարաններուն մասին գրելը, պիտի անդրադառնանք այս տարածքին մէջ գործող կրթասիրաց ընկերութիւններուն, որոնք հիմնական դեր ունեցան տարածքէն ներս դպրոցաշինութեան եւ կրթական կեանքի զարգացումին մէջ։ Այս միութիւնները հիմնական նախաձեռնողները եղան շատ մը վարժարաններու հիմնադրութեան եւ յետագային ալ անոնք կը փորձեն անհրաժեշտ գումարները ձեռք բերել դպրոցին զարգացումը, ուսուցիչներու եւ սաներու ուսման ծախսերը հոգալու համար։

Ահաւասիկ սոյն ընկերութիւններուն ցանկը, որ պատրաստուած է Մխիթարեան միաբանութեան անդամ՝ Եփրեմ Վրդ. Պօղոսեանի (1887-1972) կողմէ.

1) Արամ Թորոսեան
2) Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան (1868-1915)
3) Հայրապետ Այվազեան (սպաննուած 1915-ին)
4) Հայկազուն Յ. Եափուճեան (1908/10-1986)
5) Գրիգոր Զեփիւռեան

Լուսաւորչական ընկերութիւն.- Հիմնուած է 1852-ին Եոզկատի Առաջնորդ Մկրտիչ Վրդ. Տիգրանեանի կողմէ։ Կ՚ենթադրուի ըլլալ Եոզկատ քաղաքի ամէնէն հին կրթական ընկերութիւնը։ Բացի տղոց կրթութիւնը քաջալերելէ, սոյն ընկերութիւնը ճիգ կը թափէ նաեւ աղջկանց վարժարան մը հիմնելու։ Թէեւ ընկերութիւնը յաջողութիւն կ՚արձանագրէ այս մարզին մէջ, բայց կը նշուի որ աղջկանց վարժարանը կարճ ժամանակ ետք վերստին կը փակուի։ Պէտք էր սպասել մինչեւ 1908-ի Օսմնեան Սահմանադրութեան վերահաստատումը, Եոզկատի մէջ աղջկանց յատկացուած իսկական վարժարանի մը հիմնումը իրականացուած տեսնելու համար։

Օհանեան ընկերութիւն.- Հիմնուած է 1870-ին կամ 1871-ին։ 1872-ին «Օհանեան» անունով վարժարան մը կը հիմնուի Եոզկատ քաղաքին մէջ, որ փաստօրէն սոյն ընկերութեան նախաձեռնութիւնն էր։ Վարժարանը երկար կեանք չունենար։

Վահանեան ընկերութիւն.- Հիմնուած է 1872-ին՝ նախաձեռնութեամբ Արիստակէս Եպս. Դերձակեանի։ Սոյն ընկերութիւնը կը հիմնէ համանուն վարժարան մը, որ թէեւ սահմանափակ թիւով աշակերտներ կ՚ունենայ, բայց կ՚ենթադրուի որ գոյութիւն ունեցած է մինչեւ 1915։ Նոյն «Վահանեան» վարժարանէն շրջանաւարտներ 1885-ին կը հիմնեն Գրասիրաց ընկերութիւն մը, որ վարժարանին համար գրադարան մը կը յաջողի կառուցել։

Եոզկատ քաղաքը, համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Անձնուէր ընկերութիւն.- Հիմնուած է 1876-ին։ 1883-ին ընկերութիւնը Եոզկատ քաղաքին վերի գերեզմանատան կից կը հիմնէ ընթերցարան մը, ուր քաղաքի հայերը կրնային թերթեր եւ գիրքեր կարդալ։ Ընկերութիւնը նաեւ նիւթապէս կ՚օժանդակէր Եոզկատի մայր-վարժարանին։

Խորէնեան ընկերութիւն.- Հիմնուած է 1878-ին եւ անմիջապէս Եոզկատ քաղաքին մէջ կը բանայ «Խորէնեան» վարժարանը։ Այս վերջինը, առաջին տարիներու յաջողութենէն ետք, 1880-ականներու կէսերէն սկսեալ կը գործէ միայն իրբեւ մանկապարտէզ։

Սէթեան ընկերութիւն.- Հիմնուած է 1879-ին՝ Մնացական Սէմէրճեանի կողմէ (Զէյթունէն)։ 1882-ին Թերզիլի գիւղին մէջ կը բանայ վարժարան մը, որ կը կոչուի «Սէթեան»։

Արմենուհեան ընկերութիւն.- Հիմնուած է 1881-ին՝ Եոզկատի Փոխ-Առաջնորդ Ղեւոնդ Եպս. Շիշմանեանի կողմէ։ Նպատակն է աղջկանց կրթութիւնը քաջալերել։ Կ՚ենթադրուի որ նոյնանուն վարժարան մըն ալ կը հիմնեն, բայց կրթական հաստատութիւնն ու ընկերութիւնը երկար կեանք չեն ունենար։

Կը յիշուին նաեւ Արամեան (հիմնուած 1876-8-ին), Լուսասփիւռ (հիմնուած 1876-7-ին), Ուսումնասիրաց (հիմնուած 1885-ին), Դպրոցական (հիմնուած 1885-ին), Աղքատասիրաց (հիմնուած 1889-ին), Ճշմարտասիրաց (հիմնուած 1889-ին), Յառաջդիմասիրաց (հիմնուած 1908-ին) ընկերութիւնները [1]։

Եոզկատի մէջ հայկական մանկապարտէզ մը իր ուսուցչուհիներով եւ պատասխանատուներով (Աղբիւր՝ Արմէն Դարեան, Անդրանիկ Երկանեան (խմբագիրներ), Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Եոզկատ (քաղաք)

Քաղաքի կրթական կեանքը զարգացում կ՚ապրի 1880-ական թուականներէն սկսեալ։ Մինչեւ այդ գոյութիւն ունեցող վարժարաններուն մէջ աշակերտները առաւելաբար կը ստանային կրօնական գիտելիքներ՝ Կտակարան, Նարեկ կամ Աւետարան կարդալով։

19-րդ դարու երկրորդ կէսին, Օհան ամիրա Արսլանեանի (1784-1874) բարերարութեամբ Առաջնորդարանի բակին մէջ կը հիմնուի Եոզկատի հայկական վարժարանը, որ աւելի յայտնի է Մայր-վարժարան անունով։ Բարերարը նաեւ շինել կու տայ եկեղեցիէն մինչեւ Թաշ Խանի կամուրջը երկարող ճամբուն երկու կողմերը գտնուող խանութներ, որոնց բերած եկամուտը կը գործածուի եկեղեցւոյ եւ դրպոցին ծախսերը հոգալու։ Օհան Արսլանեան Եոզկատի տարածքին մէջ երեւելի անձնաւորութիւն մըն է։ Ան հարստութեան, ուժի եւ դիրքի կը տիրանայ Եոզկատի Չափանօղլու տէրէպէյ (աւատապետ) ընտանիքին հովանիին տակ։ Չափանօղլուները ամբողջ այս տարածքին մէջ կը համարուին ամէնէն մեծ կալուածատէրերը։ Արսլանեան չորպաճիի դիրքին հասած էր, այսինքն ինքն էր որ տէրէպէյ այս ընտանիքին եւ Եոզկատի հայերուն միջեւ միջնորդութիւն կ՚ընէր այլազան հարցերու շուրջ։ Քաղաքին մէջ շինարարական բազմաթիւ ձեռնարկներու հեղինակն է։ Կը յիշուի նաեւ որ Եոզկատի ամբողջ կուսակալութեան տասանորդի տուրքը (աշար) ինք կը գնէր պետութենէն։ Այս ազդեցիկ դիրքը ան յաճախ ի սպաս դրած է հայկական զանազան ձեռնարկներ յաջողցնելու համար, ինչպէս օրինակ եկեղեցիի կամ դպրոցի շինութիւն [2]։

Եոզկատ, 1901, երեք քոյրեր. ձախէն աջ՝ Աղաւնի Պերպերեան (յետագային Շափճեան), Լուսինէ Պերպերեան (յետագային Փափազեան), Շնորհիկ Պերպերեան (յետագային Առաքելեան) (Աղբիւր՝ Էտուըրտ եւ Մէյրի Անն Գազանճեանի հաւաքածոյ)

Արսլանեանի բարերարութեամբ հիմնուած վարժարանը սկզբնական շրջանին նախնական տիպի դպրոց մըն է, որ յատկացուած է միայն մանչերու դաստիրակութեան։ Կը բաղկանայ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններէ, ընդամէնը 350 աշակերտներով։ Առաջին տարիներուն այստեղ տնօրէնութիւն կ՚ընէ Սիմոն Հէքիմեան, իսկ ուսուցիչներէն կը յիշուին Տէր Բարսեղ քահանան (Կէրմիր գիւղէն) եւ տիրացու Բարսեղը (Մարզուանէն) [3]։

1908-ին, Եոզկատի Առաջնորդ՝ Խորէն Վրդ. Դիմաքսեանի (1864-1915) նախաձեռնութեամբ, հին դպրոցին շէնքը կը քանդուի եւ փոխարէնը, գերեզմանատան տարածքին վրայ, կը կառուցուի եռայարկ գեղեցիկ շէնք մը, որ Առաջնորդին անունով ալ կը կոչուի «Դիմաքսեան» վարժարան։ Գետնայարկը յատկացուած է նախակրթարանին։ Առաջին յարկին վրայ կը գտնուի դպրոցին մեծ լսարանը, իսկ վերջին յարկին վրայ կան միջին եւ բարձրագոյն դասարանները [4]։

1908-էն ետք այս վարժարանին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Գրիգոր Ալչըճեան (Թալասէն)։ Իր տեսչութեան օրերուն տարակարծութիւն մը կը ծագի իր եւ Առաջնորդին միջեւ, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ նաեւ որ պառակտում ստեղծուի դպրոցին շուրջ համախամբուած Եոզկատի հայերուն միջեւ։ Վերջաւորութեան, Առաջնորդին հակառակող խումբը կը հեռանայ եւ քաղաքին մէջ կը հիմնէ երկրորդ դպրոց, որու մասին այլ տեղեկութիւն չունինք։ Կը յիշատակուի որ Սիսի Սահակ Բ. կաթողիկոս իր կարգին միջամտած է հակադիր կողմերը հաշտեցնելու նպատակով [5]։

1914 թուականին Առաջնորդութեան պաշտօնին վրայ Խորէն Վրդ. Դիմաքսեանին կը յաջորդէ Ներսէս Եպս. Դանիէլեան (1868-1915), որուն օրով կրթական գործը նոր թափ կ՚առնէ Եոզկատ քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ։ Նոր Առաջնորդը յատկապէս մեծ քաջալերողը կ՚ըլլայ աղջկանց կրթութեան։ Ան կը սպաննուի Ցեղասպանութեան տարիներուն [6]։

Եոզկատ քաղաքին մէջ այլ վարժարաններ

Վահանեան վարժարան

1870-ականներէն կը յիշուի «Վահանեան» վարժարանը, որ մանչերու յատկացուած կրթական սեփական հաստատութիւն մըն է։ Տնօրէնն է Ա. Պօյաճեան, իսկ աշակերտներուն թիւը մօտաւորապէս 30 է։ Այստեղ կը դասաւանդէ Բարսեղ Տէրունեան։ «Համազգային» երկսեռ վարժարանը նոյնպէս սեփական հաստատութիւն մըն է։ Կը յիշուի նաեւ «Խորէնեան» վարժարանը, որ բաղկացած է մանկապարտէզէ մը։ Հոս կը դասաւանդեն Աւետիս Մաշլագճեան եւ Յակոբ Կորդեան։ Կը գործէ նաեւ «Միաբանեան» անունով վարժարան մը, ուր կը դասաւանդեն Յակոբ Միաբանեան եւ Ռուբէն Պետրոսեան, իսկ տնօրէնութեան պաշտօն կը վարէ Միհրան Քիւրքճեան, որ նոյն ժամանակ կը տնօրինէ «Խորէնեան» վարժարանը։ Կ՚ենթադրուի որ մինչեւ 1915 թուականը «Խորէնեան» եւ «Վահանեան» վարժարանները շարունակած են իրենց գոյութիւնը [7]։

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան (1868-1915) (Աղբիւր՝ Արմէն Դարեան, Անդրանիկ Երկանեան (խմբագիրներ), Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Բողոքականներու վարժարան

Կրթական այս հաստատութիւնը կը հովանաւորուի ամերիկեան միսիոնարական ընկերութեան կողմէ։ Երկյարկանի շէնք մըն է, որ յատկացուած է տղաներու եւ աղջկանց դաստիրակութեան։ Տնօրէն՝ Արամ Թորոսեան [8]։

Կաթողիկէ վարժարան

Վարժարանը կը կառուցուի 1890-ական թուականներուն, շրջանի հայ կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Յովսէփ Վրդ. Գըրմզեանի նախաձեռնութեամբ [9]։

Եոզկատի շրջանի այլ դպրոցներ

Պողազլեան

Պողազլեանի մէջ գոյութիւն ունին հայկական երկու վարժարաններ՝ տղոց եւ աղջկանց կրթութեան յատկացուած։ Տղոց վարժարանը աւելի հին է, իսկ աղջկանց դպրոցը կը հիմնուի մօտաւորապէս 1912 թուականին [10]։

Իյտէլի. Պարթեւեան վարժարանին բացումը, 1912 թուական (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Բէօհրենկ (ներկայիս Կիւմիւշքաւաք)

Մօտ 150 տուն հայ հաշուող այս գիւղը (300 տուն թուրքերու կողքին) ունի համեստ վարժարան մը, որ կառուցուած է Ս. Յակոբ անուան եկեղեցւոյ կողքին [11]։

Գարահալլը (կամ Գարախանլը)

400 տուն հայութիւն հաշուող այս գիւղը թէեւ հայկական իր վարժարանը չունի, բայց տեղւոյն երեւելիներէն Հաճի Եղիայեանը դպրոցի վերածած է իր սեփական տան ընդարձակ մէկ սենեակը։ Այստեղ դասաւանդած է Գէորգ Փափազեան [12]։

Էյլենճէ

Գիւղը ունի երկու վարժարան՝ հայ լուսաւորչականներուն (Աբգարեան վարժարան) եւ հայ բողոքականներուն պատկանող։ Այս երկու վարժարաններէն շրջանաւարտ երիտասարդներէն ոմանք իրենց ուսումը շարունակած են Մարզուանի կամ Թալասի ամերիկեան գոլէճներուն մէջ [13]։

Թերզիլի (ներկայիս Սարըքաեա)

Գիւղին մէջ գոյութիւն ունի հայկական նախակրթարան մը, որ կապուած է տեղւոյն Ս. Թորոս եկեղեցիին։ Բացի ասկէ, Թերզիլիի մէջ կը գործէ «Սէթեան» վարժարանը, որ կառուցուած է 1881-ին նոյնանուն ընկերութեան կողմէ [14]։

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան (1868-1915) (Աղբիւր՝ Արմէն Դարեան, Անդրանիկ Երկանեան (խմբագիրներ), Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Իյտելի

Գիւղին հայկական վարժարանը յարաբերաբար հին է։ 1908-էն ետք այս վարժարանը կը վերածուի բարձրագոյն կարգի կրթական հաստատութեան մը, շնորհիւ յատկապէս Հաճի Գրիգոր աղա Գալուստեանի (Պոլսոյ պատրիարք՝ Շնորհք Արք. Գալուստեանի (1913-1990) մեծ հայրը) թափած ճիգերուն։ Նոր վարժարանը երկյարկանի քարաշէն եւ մարմարակերտ կառոյց մըն է, մկրտուած է «Պարթեւեան» վարժարան եւ այստեղ կը սորվին նաեւ շրջակայ հայկական գիւղերէ ժամանող տղաք։ Դպրոցին ծախսերը հոգացող ընտանիքներէն կը յիշուին Գալուստեանները եւ Թորոսեանները [15]։

Ինճիրլի

Գիւղը ունի իր վարժարանը, որ կը կոչուի «Արամեան»։ Անիկա կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին։ Վարժարանը ունի աղջկանց եւ տղոց բաժիններ [16]։

Իւրնէճ (ներկայիս Քոնուքլար)

Գիւղը ունի վարժարան մը, որ կը կոչուի «Լուսաւորչեան»։ Կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին [17]։

Կիւրտէն (ներկայիս Եազըքըշլա)

Այստեղ կը գործէ հայկական վարժարան մը, որ կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից։ Դպրոցին մէջ դասաւանդած ուսուցիչներէն կը յիշուի Մեսրոպ Չիֆթճեան [18]։

Մենթեշէ

Գիւղը ունի երկու հայկական վարժարան՝ մէկը լուսաւորչականներուն եւ միւսը բողոքականներուն պատկանող։ Այս վերջինը աւելի բարեկարգ է եւ հոս կը յաճախեն աւելի մեծ թիւով աշակերտներ, որոնց շարքին նաեւ թուրքեր [19]։

Ուզունլու

Մօտաւորապէս 500 տուն հայ հաշուող այս գիւղին մէջ կան երկու հայ եկեղեցիներ (Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ), ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին կից՝ վարժարան մը [20]։

Չաքմաք

Գիւղին հայ բողոքական եւ հայ լուսաւորչական համայքները ունին իրենց ուրոյն երկսեռ վարժարանները։ Այս հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդած ուսուցիչներէն կը յիշուին Կարապետ Էֆ. Կիւլեան, Հրանդ Եարտըմեան, Սեվտայեան, Ադամ էֆենտի [21]։

Չոքրատան

200 տուն հայ հաշուող այս գիւղին մէջ գոյութիւն ունի դպրոց մը, որ կառուցուած է տեղւոյն Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ կից։ Այստեղ ուսուցչութիւն ըրած են Էմմիեան եւ Օգումուշեան քահանաները։ 1908-ին՝ Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, գիւղին հայկական վարժարանը կը բարեկարգուի։ Այստեղ յաճախել կը սկսին նաեւ բնիկ թուրք աշակերտներ [22]։

Պելէօրէն

Գիւղը ունի մօտ 150 աշակերտ հաշուող վարժարան մը։ Այստեղ ուսուցչութիւն ըրած է Յակոբ Պերպերեան (Ռումտիկինէն), օգնական ունենալով Դանիէլ եւ Աւագ ուսուցիչները [23]։

Պուրուն Գըշլա

Գիւղաքաղաքին հայկական երկսեռ դպրոցը կը կոչուի «Արամեան» ազգային վարժարան։ Անիկա երկյարկանի քարաշէն կառոյց մըն է։ Հաստատութեան մէջ տնօրէնութեան պաշտօն վարած է Մինաս Պետրոսեան։ 1908-ին, սոյն տնօրէնին կը յաջորդէ Զաքէոս Այվազեան, որ շրջանաւարտ էր Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանէն։ Այս պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ իր զինուորագրումը՝ 1914 թուականին։ Ապա, տնօրէն կը դառնայ Ղազարոս Հինդլեան։ Ուսուցչական կազմին մաս կազմած են Միհրան Դաւիթեան, Սարգիս Թորոսեան, Գրիգոր Արզումանեան, Ռուբէն Շէհիրլեան։ Աղջկանց բաժնի տնօրէնուհի եղած է Իսկուհի Դաւիթեան (Թալասէն)։ Դպրոցին ուսուցչական կազմը բաղկացած է երեք ուսուցչուհիներէ եւ հինգ ուսուցիչներէ։

Տղոց վարժարանէն առաջին շրջանաւարտներէն են՝ Հայրապետ Պէնլեան, Կիւլպէնկ Պէնլեան, Արամ Օհանեան, Արամ Տէմիրճեան, Լութֆիկ Թորոսեան, Անդրանիկ Պօղոսեան, Ռուբէն Գարակէօզեան, Ղեւոնդ Սահակեան։

Ցեղասպանութենէն առաջ ծրագիր կար աղջկանց առանձին վարժարան մը հիմնել Պուրուն Գըշլայի մէջ, իսկ տղոց վարժարանն ալ հասցնել երկրորդական մակարդակի։ Նոր շէնքերուն կառուցման համար գումար կը հաւաքուի, ճարտարապետը կը ճշդուի, հիմերը կը դրուին, բայց վրայ կը հասնին հայերու տեղահանութիւնն ու ջարդը։

Գիւղին մէջ կան 15 տուն հայ բողոքականներ, որոնք իրենց սեփական վարժարանը ունին՝ 50 աշակերտ հաշուող եւ Սիսակ էֆենտիի տնօրինութեամբ [24]։

1), 2)՝ Իյտէլի. Պարթեւեան վարժարանին բացումը, 1912 թուական (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Ռումտիկին (ներկայիս Ֆէլահիյէ)

Մօտ 750 տուն հայութիւն հաշուող այս գիւղաքաղաքին հայկական վարժարանը («Պարթեւեան») կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից։ Մինչեւ 1890-ական թուականները դասաւանդութիւնները այստեղ նախնական բնոյթ ունէին։ Ուսումը կը սահմանափակուէր Սաղմոս եւ Ժամագիրք կարդալով եւ դպրոցին բուն նպատակն էր տիրացու պատրաստել։

1895-էն ետք ուսուցչութեան համար Ռումտիկին կը հրաւիրուի Սահակ Կիւլշէնեան (Պարտիզակէն), որ հիմնական բարեփոխումներ կը մտցնէ տեղական դպրոցին համակարգէն ներս։ Ան կը պաշտօնավարէ աւելի քան տաս տարի։ Իր օրով նախկին դպրոցը կը քանդուի եւ փոխարէնը կը կառուցուի աւելի արդիական տիպի վարժարան մը։ Դասաւանդութիւնները այստեղ ծայր կ՚առնեն նախակրթարանի մակարդակէն։ Կը սկսի դասաւանդուիլ աշխարհաբար, գրաբար, քերականութիւն, թրքերէն, աշխարհագրութիւն, հայոց պատմութիւն, թուաբանութիւն, երգեցողութիւն եւ նօթա, անգլերէն։

Կրթական այս հաստատութիւնը միայարկ է, դպրոցին յատկացուած բաժինը մտնելու համար պէտք է բարձրանալ քանի մը աստիճաններ, որմէ ետք մեր առջեւ կը բացուի սրահը, որ ունի յարակից սենեակ մը դասարանի համար գործածուող։ Գետինը տախտակամած է, իսկ շէնքը ունի նաեւ իր փայտանոցը։ Ամէն ձմեռ աշակերտները պարտաւոր են բերել իրենց անհրաժեշտ վառելանիւթը դպրոցը տաքցընելու նպատակով։ Հաստատութիւնը ընդհանրապէս զուրկ է գրասեղաններէ եւ աշակերտները կը նստին բազմոցներու վրայ, զորս իւրաքանչիւր աշակերտ իր տունէն բերած կ՚ըլլայ։ Գրասեղաններ կան միայն բարձրագոյն երկու դասարաններուն համար։ Դպրոցը մինչեւ միջնակարգ է։ Աւելի բարձր ուսում ստանալ փափաքողները ընդհանրապէս կը յաճախեն Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը կամ Թալասի ամերիկեան գոլէճը։

1913-ին Ռումտիկինի վարժարանին թատերական խումբը կը ներկայացնէ Պետրոս Դուրեանի «Սեւ Հողեր» թատերախաղը։

Ուսուցիչներէն կը յիշուին Աւագ Գալֆայեան, Սերոբ Գալֆայեան, Սահակ Կիւլշէնեան, Սահակ Եէշիլեան, Աբրահամ Եէշիլեան, Գրիգոր Պերպերեան, Լեւոն Գարայեան, Գէորգ Գարայեան, Գէորգ Մելքոնեան, Մատթէոս Ղալֆա, Յակոբ Պերպերեան, Գրիգոր Զեփիւռեան։

Տեղացի թուրք ընտանիքներէն ոմանք իրենց զաւակները նոյնպէս այս վարժարանը կ՚ուղարկեն։

Ռումտիկինի հայ բողոքական փոքրաթիւ համայնքը ունի նաեւ իր սեփական վարժարանը, որուն տեղավայրը նոյնինքն ժողովարանն է [25]։

Հայկազուն Յ. Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, Պէյրութ, 1967

Սերայ

Գիւղին դպրոցը կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից եւ ունի մօտ 100 աշակերտ։ Սերայի թուրքերը իրենց զաւակները նոյնպէս այս վարժարանը կ՚ուղարկեն [26]։

Քելլեր (ներկայիս Ենիբազար)

Գիւղաքաղաքը ունի իր հայկական վարժարանը, որ կը կոչուի «Վահանեան»։ Այստեղ կը յաճախեն 200-250 աշակերտներ։ Տնօրէն եղած են Յարութիւն Տիւլկէրեան (Եոզկատէն), Սարգիս Թոշիկեան, Սողոմոն (Գարաեաղուպէն), Մինաս Պետրոսեան (Պուրուն Գըշլայէն), Հայրապետ Այվազեան (կը սպաննուի 1915-ին) [27]։

Քէօհնէ (ներկայիս Սորկուն)

Մօտ 400 տուն հայութիւն հաշուող այս գիւղը ունի նախակրթարանի մակարդակի հայկական երկյարկանի վարժարան մը, ուր կը յաճախեն մօտ 200 աշակերտներ։ 1915-ին կ՚աւարտին նաեւ աղջկանց երկյարկանի վարժարանի շէնքին կառուցման աշխատանքները, բայց հաստատութիւնը այնպէս ալ փակ կը մնայ, նկատի ունենալով որ վրայ կը հասնի հայերու տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը։ Կրթական այս հաստատութեան տնօրէններէն կը յիշուի Գրիգոր Դաւիթեան (Թալասի ամերկեան գոլէճէն շրջանաւարտ, կը սպաննուի 1915-ին) [28]։

Այլ դպրոցներ

Եոզկատի սանճաքին մէջ հայկական վարժարաններ կան նաեւ հետեւեալ գիւղերուն մէջ. Գարաեաղուպ, Գարապըյըք, Գըզըլճը Օվա, Կէօվեճլի, Չաթախ, Պեպէք, Սաաթլը, Սաչլը, Սարը Համզա, Տելի Համզա [29]։

  • [1] Արմէն Դարեան, Անդրանիկ Երկանեան (խմբագիրներ), Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, հրատարակութիւն Եոզկատի եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան, Պէյրութ, 1988, էջ 280-283; Նուրիցա Մ. Փիլիպոսեան, Աւետիս Քէստէքեան (Ա. Կապենց), Վահէ Հայկ, Յուշարձան Եօզղատցիներու (Եոզկատ), Ֆրէզնօ, 1955, էջ 91-95։
  • [2] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 53-54։
  • [3] Նոյն, 54, 286-289; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 27, 53։
  • [4] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 54; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 57։
  • [5] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 55։
  • [6] Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 122-125։
  • [7] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 54, 286-289; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 56; Սարգիս Մ. Ծոցիկեան, Արեւմտահայ աշխարհ, Նիւ-Եորք, 1947, էջ 196։
  • [8] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 57; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 56։
  • [9] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 286։
  • [10] Նոյն, էջ 84։
  • [11] Նոյն, էջ 85։
  • [12] Նոյն։
  • [13] Նոյն, էջ 87-88։
  • [14] Նոյն, էջ 88-89; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 62։
  • [15] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 90։
  • [16] Նոյն, էջ 91։
  • [17] Նոյն, էջ 91; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 62։
  • [18] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 93։
  • [19] Նոյն, էջ 94-95։
  • [20] Նոյն, էջ 96; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 73։
  • [21] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 101; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 79։
  • [22] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 102։
  • [23] Նոյն։
  • [24] Նոյն, էջ 104-108; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 82-84։
  • [25] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 109-112; Հայկազուն Յ. Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, Պէյրութ, 1967, էջ 128-130։
  • [26] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 113։
  • [27] Նոյն, էջ 115-116։
  • [28] Նոյն, էջ 118։
  • [29] Նոյն, էջ 119։