Եոզկատ (քաղաք), 2 Օգոստ. 1900. կեդրոն, ձախէն աջ՝ Թորիկեան եպիսկ., Ղեւոնդ վրդ. Թուրսարգիսեան (Առաջնորդ) (Դարեան/Երկանեան, op. cit.)

Եոզկատ - Տօներ

Հեղինակ՝ Էտուարտ Գրիգորեան, 19/9/12 (վերջին փոփոխութիւն՝ 19/9/12)

Եոզկատի տարածքի հայութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ հայկական աւանդական տօներն ու միշտ մեծ շուքով կը նշէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը: Այդ տօներն ու ծիսակատարութիւնները յաճախ իւրօրինակ բեմականացումներ են, որոնք իրենց արտաքին ձեւին մէջ կրնան տարբերիլ ըստ գիւղին, քաղաքին կամ գաւառակին աշխարհագրական դիրքին։

Եոզկատ. Սահակեան ընտանիքը (Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Ակամօր (Կաղանդ, Ամանոր)

Ակամօրը (Նոր Տարի, Կաղանդ) նախաքրիստոնէական տօն է եւ հոս կ՚իշխէ աւանդական դարձած նախապաշարում մը, ըստ որու այդ օրը ինչպէս որ կը սկսի, նոյնպէս ալ տարին կ'ընթանայ: Այդ է պատճառը, որ Եոզկատի շրջանի հայերը ամէն կերպ կը ջանան ուրախ եւ շքեղ անցընել Կաղանդը: Նախ բաղարջ խմորով այլազան խմորեղէններ կը թխեն, որոնցմէ պարտադիր են «խոփը» եւ «մաճը», որպէս համապատասխան գիւղատնտեսական աշխատանքներ խորհրդանշող գործիքներու նմանակներ: Բաղարջին խմորը կը թխեն առանց աղի ու իւղի. անոր կու տան կլոր, գաթայի կամ լուսինի ձեւեր, երեսին կը քսեն հում հաւկիթ, իսկ պատառաքաղով ալ նոյն երեսին վրայ կը գծեն զանազան նախշեր։ Վերջապէս բաղարջին վրայ կը ցանեն չէօրեկ օթու (çörek otu, nigella-ի սեւ հունտ)։ Թխող կինը բաղարջներէն մէկուն մէջ անպայման դրամ կը պահէ: Կաղանդի օրը, բախտաւոր կը համարուի այն անձը, որուն բաղարջին մէջէն մետաղադրամը կը յայտնուի: Ի տարբերութիւն սովորական բաղարջի, որ ուտիք-հաս կամ ուտիքի հաց կը կոչուի, Կաղանդի բաղարջը եոզկատցիները պաք-հաս կամ պահքի հաց կ'անուանեն [1]։

Նոր տարուան առաջին առտուն, շատ կանուխ ժամերու, սովորութիւն է որ եոզկատցի հայ կինը ասեղ-դերձան ձեռք առնէ ու քիչ մը հիւսէ։ Այս արարողութիւնը կը կոչուի Յուդային աշկը պանել (Յուդային աչքը կարել)։ Առանց ասոր այն համոզումը կը տիրէ թէ Յուդան կրնայ իրենց ու իրենց ընտանիքին չարիք հասցնել նոր տարուան ընթացքին։

Այս գործողութենէն ետք, դարձեալ կանուխ ժամերու, եոզկատցի երիտասարդ աղջիկներն ու հարսերը կ՚երթան օսկէ ճուր (ոսկի ջուր) բերելու։ Այդպէս կը կոչուի հանդիսաւոր այդ օրուան աղբիւրի ջուրը։ Ամէն մէկը կը փորձէ առաջինը հասնիլ այնտեղ, քանի որ կը կարծուի թէ այդ օրը աղբիւրէն առաջին ջուր առնողին կուժն է որ պիտի լեցուի հեղուկ ոսկիով։ Իրենց հետ կը տանին նաեւ նախորդ օրը պատրաստուած բաղարջները, որպէսզի զանոնք աղբիւրին քով իրարու միջեւ փոխանակեն: Նախապայման է, որ բաղարջներուն փոխանակումը կատարուի առաջին իսկ հանդիպած մարդուն հետ` առանց ընտրութեան: Կիները իրենց հետ կը տանին նաեւ օճախէն մոխիր եւ ամբարէն առնուած բուռ մը գարի, զորս կը թափեն աղբիւրի ակին մէջ ու այսպէս կ’ըսեն.

Առ քեզի գարին` տուր մեզի բարին
կամ`
Առ քեզի քոմուր (մոխիր)` տուր մեզի օմուր (կեանք)

Ապա փոխանակուած բաղարջները աղբիւրի ջուրով կը ցօղեն ու կը վերադառնան տուն։ Սովորութիւն է նաեւ բաղարջներէն բաժին հանել ընտանի կենդանիներուն` կտորտանքները խառնելով անոնց կերին: Այս երեւոյթին կատակով «Կենդանիներու Զատիկ» անունը կու տան [2]:

Եոզկատի շրջանի Պուրունքըշլա (Պողազլեանի քազա) հայաբնակ գիւղին մէջ վաղ առաւօտեան աղբիւր այս այցելութիւնը կը շարունակուի խրախճանքով։ Հոն կու գան նաեւ տղամարդիկ, ձիւնին վրայ խարոյկ կը վառեն ու մինչեւ արեւածագ կը շարունակուին ծայր առած շուրջպարը, երգն ու ուրախութիւնը: Երբ աղջիկ ու տղայ տուն կը վերադառնան, կը շնորհաւորեն տնեցիներն ու կը ստանան հայրական օրհնութիւնը: Ահա այն ատեն բաղարջը հաւասար չափով կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն միջեւ [3]։

Կաղանդին տեղի կ՚ունենայ նաեւ Մուկերու տօնը: Այսպէս, տան մեծերը` մամիկներն ու տիկինները, տունին տարբեր անկիւններուն մէջ՝ մուկերու անցքերուն մօտ, սովորական կամ խարկուած ցորեն, գարի եւ կամ ուրիշ հատեղէններ կը ցանեն, որպէսզի մուկերն ալ տօն ընեն եւ տարուան ընթացքին անոնք չար չըլլան իրենց հանդէպ, հագուստեղէնը չկրծոտեն ու հացահատիկը չգողնան [4]:

Եոզկատի սանճաքի Ռումտիկին (ներկայիս Ֆելահիյէ) գիւղաքաղաքին մէջ (Պողազլեանի քազա) Նոր տարիին ամէն մարդ, մանաւանդ այրերը, իրարու տուն այցելութիւններ կու տան ու շնորհաւորանքներ կ՚ընեն։ Անոնք իրարու կ՚ըսեն՝

Զինաւոր Նոր տարի, շնորհաւոր Նոր տարի
Սիրելիոք, բարեկամոք։

Ամբողջ օրը այս այցելութիւնները կը շարունակուին եւ տուներէ ներս մարդիկ կը հիւրընկալուին գինիով եւ ճոխ սեղաններով [5]:

Ծնունդ

Հակառակ տիրող ցուրտ եղանակին, Եոզկատի սանճաքի հայկական բնակավայրերուն մէջ հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ կ՚ուղղուի եկեղեցի՝ ներկայ գտնուելու օրուան արարողութիւններուն։ Ժամերգութենէն ետք, շրջանի բնակիչները փոխադարձ այցելութիւններ կը կատարեն ու ծննդեան առիթով իրարու բարի մաղթանքներ կ՚ըսեն։

Պոզուք գիւղին մէջ (Չորումի սանճաք), ինչպէս նաեւ հայաբնակ այլ վայրերու մէջ, Ծնունդի երեկոյեան պատանիներ տանիքէ տանիք ու դռնէ դուռ կը շրջին եւ իրենց ձեռքին բռնած տոպրակները նուէրներով կը լեցնեն։ Անոնք այս առիթով թրքերէնով կ՚երգեն.

Պու կիւն Քրիստոս տօղտու, աւետիս,
Պիւթիւն ճիհան շաղ օլտու, աւետիս,
Մէլաիքլէր կէօքտէն էնտի, աւետիս։

Bugün Krisdos doğdu, avedis.
Bütün cihan şağ oldu, avedis.
Melaikler gökden indi, avedis.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Այսօր Քրիստոս ծնաւ, աւետիս,
Երկիրն ամբողջ փառաւորուեցաւ, աւետիս,
Հրեշտակներն իջան երկնքէն, աւետիս:


Ապա կը շարունակուի՝

Այսօր տօն է ծննդեան, աւետիս,
Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս,
Փայլեցաւ այսօր արդարութեան, աւետիս
[6]։

Ովսաննա Շողոտեան, Ռումտիկին գիւղէն (Աղբիւր՝ Հ. Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, Պէյրութ, 1967)

Պուրունքըշլայ գիւղին մէջ Ծնունդի օրը յատկանշական ներկայութիւն մըն է տեղւոյն վարժարանին ուսուցիչին կողմէ ղեկավարուող աշակերտական երգչախումբը։ Մօտ 20 հոգիէ կազմուած այս խումբին մանուկները հագուած կ՚ըլլան ճերմակ շապիկներ ու գիշերով եւ մինչեւ առտուայ առաջին ժամերը անոնք տունէ տուն կը պտտին, կ՚երգեն կրօնական երգեր ու շարականներ՝ աւետելով Քրիստոսի ծնունդը։ Զիրենք հիւրընկալող գիւղացիները իբրեւ նուէր անոնց կու տան դրամ, ինչպէս նաեւ կարագ, ռուպ, ձաւար։

Այդ օրը Պուրունքըշլայի եկեղեցին նոյնպէս կը յորդի հաւատացեալ բազմութեամբ։ Տիրող ցուրտը անտեսելով, բոլորն ալ սովորութիւնը կը յարգեն ու եկեղեցի կը մտնեն իրենց կօշիկները մուտքին ձգած։ Ներսը, յատակին, փռուած են գորգեր ու կարպետներ, նստարան ու աթոռ չկան այստեղ։ Բոլորը կը նստին ծալլապատիկ։ Տղամարդոց յատկացուած տեղը մայր դուռէն դէպի խորան երկարող տարածքն է, մինչ կիները կը բարձրանան վերնատուն [7]։

Ռումտիկինի մէջ Ս. Ծնունդի առթիւ ամէն ընտանիք գաթայ եւ բոկեղ-հաց կը պատրաստէ: Գաթային խմորը լաւագոյն ցորենով կը պատրաստուի եւ զայն կը շաղեն աւելցնելով հաւկիթ, իւղ եւ կաթ: Խմորը գունդի վերածելով մէջը առատ խորիս (կամ խորիզ) կը դնեն, կը հարթեցնեն, եզրերը նախշաւոր կը դարձնեն եւ վրան հաւկիթի դեղնուց քսելէ ետք թոնիր կը դնեն: Ինչ կը վերաբերի բոկեղ-հացին, անիկա անխորիս կ'ըլլայ: Այս մէկը թահինով կը պատրաստուի: Խմորին վրայ տեղ-տեղ չամիչ կը դնեն ու ապա թոնիրին մէջ կ'եփեն:

Գաթան եւ բոկեղ-հացը պատրաստելէ ետք, մէջտեղ կը հանեն չամիչ, բոված սիսեռ (լեպլեպու), ընկոյզ, ծիրանի չիր, պաստեղ, ընկոյզի շարոց (սուճուխ) եւ քանի մը տեսակ չոր մրգեղէն:

Պատանիները այս բոլորը գիտնալով, սրածայր կեռ մետաղ մը կը պատրաստեն, ծայրը գունաւոր թաշկինակ մը կը կապեն եւ քանի մը մեթր երկարութեամբ չուանի մը կը միացնեն: Այս պատրաստութեամբ զինուած տղաքը Ս. Ծնունդի ճրագալոյսի իրիկունը (խթում) տանիքէ տանիք շրջելով, թաշկինակով կեռ մետաղը իւրաքանչիւր տան բուխերիկէն վար իջեցնելով Ս. Ծնունդը կ'աւետեն ու կ'ըսեն.

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնուեցաւ, աւետիս, կեր գաթաս կախէ:

Տանտիկինը կամ մեծ-մայրը աւետման լուրը առնելնուն պէս կը փութայ բուխերիկէն կախուած թաշկինակը գաթայով եւ չոր մրգեղէնով լեցնելու: Այսպէս, պատանիները ուրախութեամբ կը շարունակեն տանիքէ տանիք պտտիլ եւ օճախներէն Ս. Ծննդեան բարիքներ հաւաքել:

Կէս գիշերը հազիւ անցած եկեղեցւոյ կոչնակը կը հնչէ եւ բարեպաշտ ժողովուրդը եկեղեցի կը փութայ: Հոգեւոր արարողութեան աւարտին ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս ելլելով, տունդարձի ճամբուն վրայ զիրար կ'ողջունեն՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսը իրար փոխանցելով:

Տան մեծերը տուն հասնելնէն ետք հիւրասենեակին մէջ կը տեղաւորուին, իսկ տան զաւակները` տղայ, հարս ու աղջիկ, նախ մեծերուն ձեռքը կը համբուրեն, ապա ըստ պատշաճի` նուէրներ կը ստանան: Ըստ ընկալեալ սովորութեան նորահարսերուն դեղին ոսկի կը նուիրեն՝ կուրծքէն կամ ճակատէն կախելու համար:

Այր մարդիկն ու երիտասարդները իրենց տուներէն դուրս կու գան ու խումբեր կազմած իրար տօն կը շնորհաւորեն [8]:

Քառասուն մանուկ (Քառասուն ճրագ)

Եոզկատ գաւառին հայկական յարգելի եւ տարածուած տօներէն մէկը Քառասուն մանկանց տօնն է: Տարբեր գիւղերու մէջ տարբեր անուններ ունի այդ տօնը: Օրինակ Պողազլեանի մէջ Քառասունճիրագ կը կոչուի, իսկ Չաթ գիւղին մէջ` Քառսունմանուկ: Այս տօնը յատկապէս կը նշեն երիտասարդ աղջիկները, որոնք եկեղեցական արարողութենէն ետք, մէկու մը տունը կը հաւաքուին եւ ուրախ հաւաքոյթ կ'ընեն: Այս առիթով անոնք կը պատրաստեն խաւիծ [9], հալվա եւ միայն բուսական իւղով պատրաստուած ուտեստներ կ'ուտեն, այլապէս անոնց պաքը կ’աւրուի (կը լուծարուի): Այս տօնը Մեզ պաքի (Մեծ պահքի) ճիշդ կիսուն կ'ըլլայ [10]։

Տէրինտաս, Տէրնտած, Տէրընտես (Տեառնընդառաջ)

Տէրինտասը Եոզկատի հայերուն համար ուրախալի օր է մասնաւորաբար մանուկներու եւ երիտասարդներու համար, որոնք խարոյկներու վրայէն ցատկելու աշխոյժ եւ ոգեւորող խաղերէն ետք, փայտէ ձողերու վրայ ամրացուած թիթեղէ ջահերու մէջ մարխ կը լեցնեն, եւ խարոյկի կրակէն վառելով, փողոցներուն մեջ ջահերթ կը կազմակերպեն։ Մարխը կոնաբեր ծառերու արտադրած խէժն է որ դիւրավառ ըլլալու յատկութիւնը ունի [11]։

Ռումտիկին գիւղին մէջ Տեառնընդառաջի երեկոյեան բոլոր տուներուն տանիքներուն (երդիկ) վրայ վառելու համար ցախ կը դիզեն: Յետ-եկեղեցական արարողութեան ցախերուն դէզերը կը բռնկեցնեն ու անոնց բոցէ լեզուները վեր կը բարձրանան: Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ խարոյկներուն շուրջ պար կը բռնեն, զիրար կը քաջալերեն ու ոգեւորութեամբ անոնց վրայէն կը ցատկեն: Փոքրիկ տղոց եւս մասնակից կը դարձնեն այդ արարողութեան, որպէսզի անոնք անվախ ըլլալ սորվին:

Եոզկատի մէջ սովորութիւն է, որ աւանդական խարոյկին շուրջ շրջան ընեն նաեւ նորահարսերը կամ ընդհանրապէս երիտասարդ հարսերը: Տեառնընդառաջի կրակը պաշտամունքի այն անտեսանելի հուրն է, որ տարին անգամ մը այդ խարոյկով ներկայութիւն կը դառնայ հայկական բնակավայրերուն մէջ: Ահա այդ խարոյկին շուրջ դառնալով է, որ նորահարսերը կը հաւատան, թէ երջանիկ պիտի ըլլայ իրենց կեանքը: Այդ առթիւ, ըստ տեղական աւանդութեան, նորահարսերը չամիչով խառնուած հատիկ (խաշած ցորեն) կը բաժնեն թաղեցիներուն։

Պողազլեանի մէջ սովորութիւն է նաեւ Տէրինտասի խարոյկէն բուռ մը մոխիր սփռել երդիկին չորս կողմերը։ Այս ձեւով համոզում կը տիրէ թէ կ՚արգիլուի չար ոգիին՝ քանքըշին, տունէն ներս մուտքը։ Կը կարծուի նաեւ թէ Տէրինտասի խարոյկը տան տանիքին վրայ վառելը նոյնպէս կապ ունի քանքըշը ընտանեկան բոյնէն հեռացնելու դիտաւորութեան, քանի որ, ըստ ժողովրդային հաւատքին, այս բոցերուն մէջ չար ոգիին փորն ու ոտքերն են այրողը [12]:

Եոզկատ, հայ ընտանիք մը. ոտքի, ձախէն աջ՝ փոքրիկ տղուն անունը անծանօթ, Յովհաննէս Պապայիկիթեան, Յարութիւն Պապայիկիթեան, Աղաւնի Պապայիկիթեան (Յովհաննէսին կինը), փոքրիկ տղուն անունը անծանօթ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Հաճի Զաքար Պապայիկիթեան, Հաճի Զաքարի կինը (անունը անծանօթ) (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, op. cit.)

Բարեկենդան

Մեծ պահքին նախորդող խրախճանքի, ոգեւորութեան, ուտել-խմելու օրն է։ Սեղանները մասնաւորապէս առատ կ՚ըլլան, նկատի ունենալով որ յաջորդ օրն իսկ ծայր պիտի առնէ եօթ շաբաթներու ծոմապահութիւնը։

Պուրունքըշլա գիւղին մէջ Բարեկենդանի համադամ ճաշերէն են հաւը, հնդկահաւը, գառնուկը, այլազան խմորեղէններն ու կարկանդակները [13]։

Եոզկատ, հայ ընտանիք մը. ոտքի կանգնած չափահասները՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Մաքրուի Էնֆիէճեաններ, Տէր եւ Տիկին Յակոբ (Սարգիսին եղբայրը) եւ Անուշ Էնֆիէճեաններ։ Նստածները՝ Սարգիսին եւ Յակոբին ծնողները (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, op. cit.)

Մեծ պահք

Պահեցողութեան այս շաբաթները միաժամանակ խաղաղութեան, հաշտութեան ու հանդուրժողութեան օրեր պէտք է ըլլան։ Այնպէս որ Եոզկատ գաւառի հայաբնակ գիւղերուն մէջ սովորութիւն է որ այս ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցող վէճերն ու քինախնդրութիւնները քահանային եւ գիւղի մեծերուն միջնորդութեամբ վերացուին։

Ռումտիկինի մէջ մեծ պահքը ընդունուած է մեծպաք անուանել։

Գիւղացին տօնացոյց կամ օրացոյց չունի եւ շաբաթներու յաջորդականութիւնը մտապահելու համար յատուկ ձեւ մը որդեգրած է: Այսպէս, տուներուն լուսամուտները մեծ մասամբ առաստաղէն կ'ըլլան. տան մեծ մայրը կամ տիկինը խոշոր գլուխ սոխ մը առնելով, անոր շուրջ հաւի կամ աքլորի եօթ փետուր կը շարէ, մէջտեղը ձողիկ մը կ՚անցնէ եւ դերձանով մը լուսամուտին քովէն վար կը կախէ: Սոխը իր փետուրներով հանդերձ մեծպաք կը կոչուի: Ամէն անցնող շաբթուան հետ փետուր մը կը փրցնեն անկէ, մինչեւ որ վերջին շաբաթը հասնի եւ փետուրները սպառելուն հետ, պահքն ալ վերջանայ ու Ս. Զատիկը գայ: Յաճախ, երբ սոխը կը ծլի, այդ կը նշանակէ, թէ տարին առատ ու բարի պիտի ըլլայ: Եոզկատ քաղաքին, Պոզուքի եւ Պուրունքըշլայի մէջ նոյն այս սոխին կու տան խլոճիկ անունը։ Անիկա կախուած կ՚ըլլայ թոնրատան առաստաղէն եւ յաճախ նաեւ կը ծառայէ ծոմապահութիւնը խախտել ուզող երախաները վախցնելու։ Ամէն անգամ որ թեթեւ հով մը փչէ խլոճիկը կ՚օրօրուի. իսկ տնեցիները մանուկներուն համոզած կ՚ըլլան որ անիկա ապրող էակ մըն է, հրէշ մը, որ ուշադիր կը դիտէ տան մէջ կատարուող ամէն բան, մանաւանդ երախաներուն շարժումները։ Փոքրիկ տղաք ու աղջիկներ նաեւ կը հաւատան թէ խլոճիկը ծոմը խախտողներուն աչքերը կը փորէ։ Միայն Զատկուան նախօրեակին է որ անոր վերջին փետուրը կը հանեն, դուրս կը նետեն թոնրատունէն ու կը յանձնեն մանուկներուն։ Այս վերջինները յատուկ խանդավառութեամբ մը զայն կը կոխկռտեն ու կը ճզմեն…[14]

Տէժկինէկ (Ծաղկազարդ)

Տէժկինէկ կը կոչուի Ծաղկազարդը՝ Ռումտիկինի բարբառով։ Նոյն գիւղաքաղաքին մէջ միեւնոյն անունը կու տան նաեւ ուռիի թարմ ճիւղէն պատրաստուած գաւազանին։ Ծաղկազարդի օրը պատանիներ մօտ մէկ մեթր երկարութեամբ ուռիի ոստ մը կը կտրեն ու անոր կեղեւը կը հանեն։ Այս ձեւով մերկացած ճիւղը ճերմակ գոյն մը կ՚առնէ։ Ապա, հանուած կեղեւը վերստին մէկ մատնաչափ լայնքով կը փաթթեն նոյն ճիւղին՝ շեղակի կերպով, այնպէս մը որ ճերմակ միջոցներ մնան։ Այս վիճակին մէջ ճիւղը կը բռնեն կրակի մը ծուխին վերեւ։ Կարճ ժամանակ ետք փաթթուած կեղեւը կը հանեն ու իրենց ձեռքին կ՚ունենան սեւ ու սպիտակ գեղեցիկ գաւազան մը։

Այդ գաւազանը ձեռքերնուն, պատանիները տունէ տուն կը շրջին, միշտ նոյն խօսքերը կրկնելով. «Մամու-մամու (մեծ մայր), հաւուդ ոռր կուտուզիկ (ածան), ինծի հաւկիթ մը տուր»:

Ասոնք արդէն պատրաստութիւններ են Զատկուան առթիւ տեղի ունենալիք հաւկթախաղին [15]։

Չորում (Անգարայի վիլայէթ), 1904. հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ)

Զատիկ

Գարնանային բնութեան վերափոխուած պայմաններուն մէջ, Զատիկը ուրախութիւն պարգեւող տօնն է։ Անցած են ձմրան դժուար օրերը, երկար ծոմապահութիւնը վերջ գտած է, բնութիւնը վերստին ծաղկած է եւ կանաչը պատած է ամէն կողմ։ Բնական այս փոփոխութիւններուն տեսակ մը հայելին են նաեւ զատկուան խրախճանքներն ու տօնակատարութիւնները։

Զատիկի կիրակիին Եոզկատ գաւառի հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ է եկեղեցական արարողութեան։ Այդ օրը, եկեղեցիին մէջ բաժնուող մասը պէտք է անպայման ստանալ եւ ուտել, այլապէս համոզում կայ թէ բոլոր գործերը կրնան վատ ընթացք առնել։ Ժամերգութենէն ետք կը վերադառնան տուն, ուր կը սկսի այնքան սպասուած կերուխումը. անիկա կը շարունակուի մինչեւ ուշ երեկոյ: Տարուան այդ եղանակին, բնութեան վերակենդանացման ու գարնան ծաղկունքին հետ, երախայ, պատանի, երիտասարդ աղջիկ ու տղայ զատկուան նոր ու գունեղ հագուստներով զարդարուած կը լեցուին դաշտ ու պարտէզները, ուր հաւկթախաղ կ'ընեն եւ թմբուկ-զուռնային կշռոյթով կը պարեն, մինչ մեծերը տունէ տուն փոխ այցելութիւններու կ'երթան՝ իրարու Քրիստոսի յարութիւնը աւետելու:

Կարմիր ներկուած հաւկիթները եւ ամէն կողմ կատարուող հաւկթախաղը ամէնէն ուշագրաւ երեւոյթներէն է զատկուան այս տօնախմբութիւններուն։ Եոզկատի շրջանին պարագային կ՚ըսուի թէ դրացի թուրքերն ալ կը բաժնէին հայերու այս ուրախութիւնն ու զուարճութիւնը։ Տեղական թրքերէն առած մը կ՚ըսէ՝ «Մինչեւ որ հայոց կարմիր հաւկիթին կեղեւը գետին չիյնայ, գարուն չի գար» [16]:

Համբարձում

Կը տօնուի Զատիկէն 40 օր ետք։ Ռումտիկինի մէջ այս տօնին կու տան Վիճակ անունը: Այս բնակավայրին թաղամասերէն իւրաքանչիւրը ունի գիւղէն դուրս գտնուող իր յատուկ դաշտագետինը, ուր Համբարձման տօնին առիթով կը հաւաքուին երգ ու պարի եւ վիճակ հանելու համար։ Այս տեսակ վայրերէն է օրինակ Ղալէ կոչուող բլուրին գագաթը, որ տափարակ է։ Այստեղ, տօնական այդ օրը, կը հաւաքուի մեծ բազմութիւն մը, տեղի կ՚ունենայ կերուխում, նուագ, պար, երգ, զանազան խաղեր [17]։

Եոզկատ. համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Հ. Ս. Էփրիկեան, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, պրակ Ա., Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1900)

Վարդավառ

Այս տօնը նաեւ ջուրի հետ կապուած ուրախութիւն է: Ամէն թաղի մէջ երիտասարդներ, հարսեր, աղջիկներ ու պատանիներ անհուն ուրախութեամբ զիրար կը թրջեն: Չեն խնայեր ոչ պարզ, ոչ տօնական հագուստ հագուողները: Վարդավառ է եւ որեւէ մէկը բարկանալու կամ նեղուելու իրաւունք չունի: Ջուր սրսկելու խաղը առաւօտ կանուխ կը սկսի ու կը տեւէ մինչեւ արեւը զենիթին հասնի, այնուհետեւ ամէն ոք թաց, խխում կտրած ու յոգնած տուն կը վերադառնայ: Ամառնային այս տօնին սովորութիւն է որ Եոզկատի շրջանի հայեր ուխտի երթան իրենց բնակավայրերուն մօտակայ գտնուող վանքերը։ Ուրիշներ, տօնական այս օրը կ՚անցընեն այգիներուն մէջ, ուր ամբողջ ընթացքին կը տիրէ ուրախութեան ու զուարճութեան մթնոլորտ։ Եոզկատի շրջանին մէջ գոյութիւն ունի այս տօնին յատուկ պարերգ մը, որ աղջիկ-տղայ միասին կը պարեն ու կ՚երգեն։ Մեզի հասած է անոր հայերէն տարբերակը եւ վստահ չենք թէ անիկա արդեօք հարազա՞տ պարերգն է, թէ պարզապէս թրքերէնին թարգմանութիւնը։

Հէ՜յ Վարդավառ, հօ՜յ Վարդեվառ,
Մուրատս տուր կամ հոգիս առ,
Մուրատս տուր կամ հոգիս առ։

Աղջիկ աս աչերուդ մատաղ,
Ըլլամ արտերուդ հօտաղ,
Ըլլամ արտերուդ հօտաղ։

Հէ՜յ Վարդավառ, հօ՜յ Վարդեվառ,
Մուրատս տուր կամ հոգիս առ,
Մուրատս տուր կամ հոգիս առ։

Տըղա՛յ, մէջքիդ գօտին ըլլամ,
Դըրանդ առջեւը ման գամ,
Դըրանդ առջեւը ման գամ։

Աղջի քու սեւ մազիդ ղուրպան,
Ըլլամ ես տունիդ պահապան,
Ըլլամ պարտէզիդ պահապան։

Աղջի ինչո՞ւ նազ կանես չար,
Եէկիտը եէկիտին է եար,
Եէկիտը եէկիտին է եար։

Տղայ, օր արեւդ սիրեմ,
Եօթը լեռնէն ծաղիկ բերեմ,
Եօթը լեռնէն ծաղիկ բերեմ։

Տղայ սեւ փերչէմիդ մեռնիմ,
Ճէյրան հասակիդ գերին եմ,
Ճէյրան հասակիդ գերին եմ
[18]։

Պողազլեան. Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, op. cit.)

Աստուածածին

Օգոստոսի կիսուն, Աստուածածնայ տօնը կը յատկանշուի խաղողօրհնէքով։ Եոզկատի տարածքին մէջ անիկա մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Պէտք է նկատի առնել որ տեղացի հայերուն մօտ շատ տարածուած է այգեմշակութիւնը եւ խաղողի արտադրութիւնը կարեւոր տեղ ունի տեղական տնտեսութեան մէջ։ Տեղական խաղողէն մաս մը կ՚արտածուի, իսկ կարեւոր մաս մըն ալ կը ծառայէ ռուպի պատրաստութեան։ Թերեւս այս է նաեւ պատճառը որ Աստուածածինը այս տարածքէն ներս դարձած է կարեւորագոյն տօնախմբութիւններէն մէկը եւ շատ մը հայկական տեղական եկեղեցիներ կը կրեն Աստուածածին անունը։ Այդ օրը ժողովուրդը խուռներամ կը հետեւի եկեղեցական արարողութեան: Տարուան մէջ, մինչեւ այդ օրը, ոչ ոք պէտք է խաղող ուտէ։

Աստուածածինը մեծ շուքով կը տօնուի Ռումտիկինի մէջ։ Հաւատացեալները եկեղեցիէն տուն կը բերեն օրհնուած խաղողի ողկոյզ մը, ապա, էշով, ձիով կամ եզան սայլով կ՚ուղղուին Քըզըլըրմաք (Հալիս) գետի ափին գտնուող այգիները՝ Պուճագ, Պաղարսըխ, Տոպուր Ճալը վայրերը։ Երկու-երեք օր շարունակ այստեղ կը կատարուի կերուխում, երգ ու պար, հրացանաձգութիւն։ Տեղացի թուրքերը այս տօնը կը կոչեն օղլախ ղըրան (oğlak kıran), նկատի ունենալով որ այս առիթով հայերը իբրեւ մատաղ բազմաթիւ ուլեր կը մորթեն [19]։

Խաղողի իր այգիներով ծանօթ է նաեւ Ուզունլու հայաբնակ գիւղաքաղաքը (Պողազլեանի քազա)։ Այստեղ եւս մեծ շուքով կը տօնուի Աստուածածինը։ Քահանաներն ու դպիրները թափօր կազմած, կ՚անցնին այգիներուն մէջէն՝ շարականներ երգելով, խունկ ծխելով եւ օրհնանքներ ընելով։ Ապա, տօնական զուարճութիւնները կը շարունակուին այգիներուն մէջ. երիտասարդները շուրջպար կը կազմեն, կ՚երգեն, ուրիշներ կը պատրաստեն մատաղը, որ ընդհանրապէս կ՚ըլլայ ոչխար կամ այծ։ Յաճախ նաեւ դրացի թուրքեր իրենք եւս կը միանան հայերուն՝ Աստուածածնի այս տօնախմբութիւններուն։ Իսկ քահանաներէն ալ կը խնդրեն, որ իրենց այգիներն ալ օրհնուին [20]։

Խաչ

Մեզի ծանօթ է Ռումտիկինի մէջ կատարուող Խաչի տօնակատարութիւնը։ Անիկա տեղի կ՚ունենայ աշնան, երբ արդէն իրենց աւարտին հասած կ՚ըլլան այգեկութքի, հնձանի եւ ռուպի պատրաստութեան բոլոր աշխատանքները։ Խաչի տօնը ձեւով մը նաեւ վերջակէտ կը դնէ տարուան ընթացքին կատարուող երկրագործական ծանր աշխատանքներուն, նկատի ունենալով որ անոր կը յաջորդէ ձմեռը, որուն ընթացքին գիւղացին իր տունը քաշուած կ՚ըլլայ [21]։

  • [[1] Արմէն Դարեան, Անդրանիկ Երկանեան (խմբագիրներ), Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, հրատարակութիւն Եոզկատի եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան, Պէյրութ, 1988, էջ 148։
  • [2] Նոյն, էջ 148-149։
  • [3] Նոյն, էջ 132։
  • [4] Նոյն, էջ 149։
  • [5] Հայկազուն Յ. Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, հրատարակութիւն Րումտիկինի հայրենակցական միութեան, տպ. Ատլաս, Պէյրութ, 1967, էջ 57-59։
  • [6] Դարեան/Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 130։ Նուրիցա Մ. Փիլիպոսեան, Աւետիս Քէստէքեան (Ա. Կապենց), Վահէ Հայկ, Յուշարձան Եօզղատցիներու (Եոզկատ), Ֆրէզնօ, 1955, էջ 104-105։
  • [7] Դարեան/Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 132։
  • [8] Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի…, էջ 57-58։
  • [9] Այս անուշեղէնը կը պատրաստուի եռացած իւղի մէջ ալիւրը տապկելով, ապա անոր վրայ եռացած շաքարաջուր աւելցնելով։
  • [10] Դարեան/Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 149։
  • [11] Նոյն, էջ 151։
  • [12] Նոյն, էջ 152։ Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի…, էջ 59։
  • [13] Դարեան/Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 133։
  • [14] Նոյն, էջ 130-131։ Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի…, էջ 60։ Փիլիպոսեան/Ա. Կապենց/Վահէ Հայկ, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 105-106։
  • [15] Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի…, էջ 60-61։
  • [16] Նոյն, էջ 61։ Փիլիպոսեան/Ա. Կապենց/Վահէ Հայկ, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 105-106։ Դարեան/Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 133։
  • [17] Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի…, էջ 61-62։
  • [18] Նոյն, էջ 62-63։ Փիլիպոսեան/Ա. Կապենց/Վահէ Հայկ, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 106-107։
  • [19] Նոյն, էջ 106։ Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի…, էջ 63։ Դարեան/Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 131։
  • [20] Նոյն, էջ 96։
  • [21] Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի…, էջ 64-65։