Ամուսնական լուսանկար, 1912. Քաթերին Գալտըրճեան եւ Լեւոն Աթթար-Մկրեան (Լեւոն Րէմզի) (Աղբիւր՝ Հուրիկ Ադդարեանի հաւաքածոյ)

Եոզկատ - Կրօնական բարքեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 01/5/13 (վերջին փոփոխութիւն՝ 01/5/12)

Խօսքկապ, նշանտուք

Աղջիկ ու տղայ իրար միացնելու ամենէն հին սովորութիւններէն մէկն է «օրրանի նշանտուք»ը (պեշիք քերթմէ). ասիկա արդէն 19-րդ դարու վերջերուն Եոզկատի շրջանին մէջ սկսած էր անհետանալ։ Այս ձեւի նշանտուքներ տեղի կ՚ունենան իրարու շատ մօտիկ, յաճախ ունեւոր եւ փոխադարձ յարգանք վայելող ընտանիքներու միջեւ։ Այլ խօսքով, ընտանիքներուն երկարամեայ բարեկամութիւնն է որ նշանուած նորածին զոյգին ընդմէջէն պիտի յարատեւէ, ինչպէս նաեւ հարստութեան ժառանգն է որ «ապահով» ձեռքերու մէջ պիտի մնայ։ Հետագայ տարիներուն, ծնողներու հոգածութեամբ, օրօրոցէն իսկ նշանուած այս մանուկները միասին հասակ կը նետեն։ Այսինքն, յաճախ իրարու կը հանդիպին, ծնողներու քաջալերանքով կը դառնան լաւագոյն խաղընկերներ, իսկ աւելի ուշ ալ, առաջին առիթով զանոնք կ՚ամուսնացնեն [1]։

Եոզկատ. համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Հ. Ս. Էփրիկեան, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, պրակ Ա., Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1900)

Ամուսնութիւն մը իրականացնելու աւելի տարածուած ձեւը կը կատարուի միջնորդ կնոջ մը ճամբով։ Այս պարագային ամուսնութեան թեկնածու աղջիկը կ՚ըլլայ մօտաւորապէս 13-14 տարեկան, իսկ տղան՝ 18-20 տարեկան։ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ եւ տօնական օրերու արարողութիւնները յարմար առիթներ են աղջիկ տեսնելու եւ անոր շուրջ կարծիք կազմելու համար։ Տօնական օրերուն տեղի ունեցող դաշտահանդէսները այս իմաստով մեծ նշանակութիւն ունին։ Այդ օրն է ուր տղայ ու աղջիկ հաւաքաբար կը մեկտեղուին, միասին կը պարեն, հաւաքական խաղերու կը մասնակցին, եւ այս բոլորը՝ իրենց ծնողներուն նայուածքներուն տակ։ Եոզկատ քաղաքին երկարատեւ ձմեռները նոյնպէս առիթներ են աղջիկ-տղայ հանդիպումներու։ Այսպէս, այս եղանակին ընտանիքները իրենց տուները քաշուած կ՚ըլլան եւ դուրսի աշխատանքները ընդհանրապէս կանգ կ՚առնեն։ Տուներու մէջ ծայր կ՚առնեն հաւաքական աշխատանքներ, ինչպէս օրինակ քարէ սանդերու մէջ կորկոտ ծեծել, ձաւար աղալ, եւայլն։ Այս առիթներով դրացիներ յաճախ մէկը միւսին օգնելու կ՚երթան եւ այս ձեւով ալ ձմեռնային աշխատանքը կը ստեղծէ ընկերային միջավայր մը, ուր աղջիկ եւ տղայ համատեղ կ՚ըլլան [2]։

Մէյ մը որ աղջկան հարցով նախընտրութիւնը կատարուած է, տղուն մայրը կը դիմէ միջնորդ կնոջ մը, որ կ՚երթայ աղջկան տունը եւ փափաքը կը ներկայացնէ տանտիկինին։ Այսպիսի միջնորդ կիներ միշտ ալ գտնուած են քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ Անոնք ճարտասան, սրամիտ, խորամանկ անձեր են, որ բացի միջնորդութեան իրենց պաշտօնէն ընդհանրապէս իրենք կ՚ըլլան նաեւ ապագայ հարսնցուին սեռային յարաբերութեան մասին առաջին գիտելիքները տուողը [3]։

Աղջկան մօր պատասխանը արդէն յստակ կը դարձնէ ապագայ ընթացքը։ Եթէ ժխտական է, գործընթացը այնտեղ ալ կրնայ կանգ առնել։ Իսկ եթէ յօժար է, այն ատեն ծայր կ՚առնէ յաջորդ փուլը, ուր դերակատարները տղամարդիկն են։ Այսպէս, տղուն հայրն ու կնքահայրը, ինչպէս նաեւ քանի մը երեւելիներ կ՚ուղղուին աղջկան տունը, ուր պաշտօնապէս կը խնդրեն աղջկան ձեռքը։ Եթէ համաձայնութիւն գոյանայ, այն ատեն տեղի կ՚ունենայ խօսքկապը, որուն կը հետեւի նաեւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը։ Խօսքկապին առիթով տղուն ծնողքը պէտք է նաեւ աղջկան ընտանիքին նուիրէ կարեւոր գումար մը, որ կ՚ըլլայ 6 մեճիտէյէն մինչեւ 2-3 օսմանեան ոսկի։ Կարճ ժամանակ ետք, տղուն անմիջական ազգականները դարձեալ այցելութեան կ՚երթան աղջկան տունը, այս անգամ իրենց կ՚ընկերակցի նաեւ քահանան։ Այս նոր այցելութեան ժամանակ կը կատարուի նշանտուքը։ Տէր հայրը կ՚օրհնէ նշանը, աղջկան կը դրուին նուէր բերուած օղերն ու մատանին։ Նշանտուքը պէտք է առնուազն տարի մը տեւէ։ Ընթացքին, տղուն ծնողներն ու ազգականները զանազան առիթներով կ՚երթան ապագայ հարսնցուին տունը՝ իրենց հետ բերելով զանազան նուէրներ։ Այս ամբողջ ընթացքին արգիլուած տղուն եւ աղջկան միջեւ ամէն տեսակցութիւն [4]։

Հարսանիք եւ պսակ

Տղուն եւ աղջկան ընտանիքները միասնաբար կ՚որոշեն հարսանիքին օրը, որ Եոզկատ քաղաքին մէջ ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենայ գարնան։ Պուրունգըշլայի (Burunkışla) մէջ հարսանիք մը երբեք կիրակի օր մը չըլլար, այլ ծայր կ՚առնէ երկուշաբաթի առտու կանուխ։ Իսկ Րումտիկին (ներկայիս Ֆելահիէ, Felahiye) գիւղին մէջ հարսանիքները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան աշնան, այսինքն երկրագործական աշխատանքներու աւարտէն ետք [5]։

Փափազեան ընտանիքը՝ Եոզկատէն։ Լուսանկարը քաշուած է Քերովբէ Փափազեանի ընդ Վերժին Կիւլպէնկեանի ամուսնութեան առիթով։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Չատըրճեան, Քերովբէ Փափազեան, Վերժին Փափազեան (ծն. Կիւլպէնկեան), Մարիամ Փափազեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Վերժինին եղբայրը, Տիկ. Փափազեան, Համբարձում աղա Փափազեան, Միսաք Փափազեան (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Րումտիկինի մէջ հարսանիքին նախորդող կարեւոր հանդիսութիւններէն է աղջկան օժիտին (հալաւ, ճեհեզ) տղուն տունը հասնիլը։ Ասկէ ետք, շաբաթ օրը, տղուն հարազատները, ազգականներն ու ընկերները աղջկան տունը կ՚երթան հինա դնելու։ Անոնք իրենց հետ կը բերեն նաեւ մեծ սկուտեղներով (սինի) անուշեղէններ։ Սինիները իրենց գլուխներէն վեր բռնած, անոնց վրայ ալ վառող մոմեր զետեղուած, խումբը տաւուլ-զուռնայի ուղեկցութեամբ կը հասնի աղջկան տունը։ Մեծ խրախճանք տեղի կ՚ունենայ այստեղ, հինան կը դրուի բոլորին ալ մատներուն։ Յաջորդ օրը կիրակի է, եւ Րումտիկինի մէջ այդ օրն է որ տեղի կ՚ունենայ հարսանիքը [6]։

Հարսանիքի օրը աղջկան տունը լեցուած է խուռներամ բազմութեամբ, իսկ հարսն ալ նոյն ժամանակ կը հագցուի, մազերը կը յարդարուին։ Տղուն տան մէջ կը տիրէ նոյնպէս տօնական մթնոլորտ։ Հոն, սեղանի մը վրայ դրուած է հալաւը եւ հարսանիքին առիթով գործածուելիք հինան։ Շաբաթ կէսօրին, այսինքն հարսանիքին նախորդ օրը, տեղի կ՚ունենայ հալաւ օրհնէքը, որմէ ետք ծայր կ՚առնեն փեսացուն հագցնելու արարողութիւնները։ Հագուստները մէկիկ-մէկիկ կ՚օրհնուին ու կը դրուին անոր վրայ։ Վիզէն ալ կ՚անցուի կապոյտ փողկապ մը, որ նշան է սիրոյ։ Փեսան հագուած է արդէն եւ կը հռչակուի թագաւոր։ Ամուրի երիտասարդ ընկերներու շարքէն կ՚ընտրուի հարսանեկան այս օրերու փեսային պահապանը, փեսամանուկը, որուն կը տրուի նաեւ (Րումտիկինի մէջ) մոմճի անուանումը։ Ասկէ ետք աւելի մեծ թափով կը շարունակուին տղուն տան մէջ հարսանեկան զուարճութիւնները։ Տան մէջ եւ տան տանիքին վրայ ծայր կ՚առնեն պարեր [7]։

Եոզկատ քաղաքին մէջ հարսանիքը գիւղական նոյն այս երկարութիւնը չունի։ Տղուն ազգականներն ու ընկերները կը կազմեն աղմկարար թափօր մը, որ քաղաքին փողոցներէն երթեւեկելով կ՚ուղղուի դէպի հարսին տունը։ Անոնք ճամբուն վրայ կ՚երգեն, կը պարեն, իսկ ոմանք ալ օդը կը կրակեն իրենց հրացաններով։ Կը հասնին աղջկան տան շեմին եւ, սովորութեան համաձայն, դուռը փակ կը գտնեն, իսկ առջեւն ալ կանգնած են պահակներ։ Ծայր կ՚առնէ երկու խումբերուն միջեւ պայքար մը, որ կը դադրի երէցներու միջամտութեամբ, աւելի ճիշդը՝ այն ժամանակ երբ տղուն կողմը հարսին ընտանիքին կը խոստանայ մեծ նուէր մը [8]։

Աղջիկը ի վերջոյ դուրս կու գայ տունէն։ Բաժանման պահն է։ Մայր ու աղջիկ յորդառատ արցունք կը թափեն։ Րումտիկինի մէջ այս առիթով զուռնաճին կը հնչեցնէ տխուր եղանակներ եւ կը յիշատակուին տխուր երգի մը հետեւեալ քառեակը՝

Անամ պէսլեր խուրմա իլէ,
Էլլեր պէսլեր եարմա իլէ,
Իշտէ ղոյուպ կիտիյորըմ
Սիլայը թէրկ էտիյորում։

Anam besler hurma ile,
Eller besler yarma ile,
İşte koyup gidiyorum,
Sılayı terk ediyorum.

Թարգմանութիւն՝

Մայրս արմաւ կը կերցնէ,
Օտարը հատիկ կը կերցնէ,
Ահա կը ձգեմ կ՚երթամ,
Գիւղէս կը հեռանամ: [9]

Եոզկատ (քաղաք), 2 Օգոստ. 1900. կեդրոն, ձախէն աջ՝ Թորիկեան եպիսկ., Ղեւոնդ վրդ. Թուրսարգիսեան (Առաջնորդ) (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Ապա տղուն թափօրին կը միանան նաեւ աղջկան հարազատները ու բոլորը միասին կ՚ուղղուին դէպի եկեղեցի։ Րումտիկին գիւղին մէջ հարսը իր տունէն կը տանին գեղեցիկ զարդարուած ձիու մը վրայ, որուն սանձէն կը բռնէ կնքահայրը։ Կը պատահի որ եկեղեցի տանող կէս ճամբուն երիտասարդներ պարան քաշած ըլլան եւ արգիլեն թափօրին երթը։ Կնքահայրը այս պարագային պէտք է բանակցի երիտասարդներուն հետ, անոնց նուէրներ խոստանայ, որպէսզի ի վերջոյ արգելքը վերանայ։ Եոզկատ քաղաքին մէջ երբ հարսանեկան այս խումբը եկեղեցւոյ մուտքի դրան կը հասնի, կը սկսին կոչնակները ղօղանջել։ Խորանին առջեւ տեղի կ՚ունենայ պսակը։ Հարսին ու փեսին գլուխներուն կապուած է նարօտը, երկուքին աջ ձեռքերը զիրար բռնած են, անոնց կողքին կանգնած է կնքահայրը, ինչպէս նաեւ փեսամանուկը, որ հագուած է նոր հագուստներ, իսկ մէջքին ալ կապած է կեռասագոյն կամ երկնագոյն մետաքսեայ փայլփլուն լայն գօտի մը։ Քահանան խաչը կը բռնէ պսակուող զոյգին գլուխներուն վերեւ եւ կ՚օրհնէ զանոնք։ Պսակի արարողութեան աւարտին, Պուրունգըշլայի մէջ սովորութիւն է որ ամուսնութեան թեկնածու երիտասարդներ շարուին խորանին առջեւ եւ իրենք զիրենք ցուցադրեն [10]:՝

Եկեղեցական արարողութիւնը կ՚աւարտի եւ թափօրը այս անգամ կ՚ուղղուի փեսային տունը։ Եոզկատ քաղաքին մէջ սովորութիւն է որ, տան մուտքին, երիտասարդներ ջուրով լեցուն սափոր մը փշրեն նորապսակներուն ոտքերուն առջեւ. այս կը խորհրդանշէ թէ բախտն ու երջանկութիւնը ջուրի պէս պիտի հոսին անոնց նորաշէն օճախէն ներս։ Կը նշուի նաեւ այլ սովորութիւն մը, երբ երիտասարդներ տանիքներէն վար կը նետեն կաւէ շինուած մեծ ամաններ, որոնք կ՚իյնան ու կը փշրուին։ Ասոր ալ խորհրդանշական նշանակութիւնը այն է թէ նորապսակ զոյգին առջեւ փորձանքները հեռու պիտի մնան։ Ասկէ ետք, ուրիշ անձ մը հարսին եւ փեսին ոտքերուն առջեւ կը զենէ ոչխար մը, խոյ մը կամ աքաղաղ մը եւ արիւնը կը տարածէ անոնց առաջ։ Րումտիկինի մէջ կը յիշուի նաեւ այլ սովորութիւն մը։ Այսպէս, երբ թափօրը կը հասնի փեսին տան առջեւ, հարսին կը հրաւիրեն ներս մտնել։ Բայց ան իր քօղին տակէն գլխու շարժումով մը մերժողական նշան կ՚ընէ, մատնանիշ կ՚ընէ իր կեսուրն ու կեսրայրը եւ կը խնդրէ որ անոնք միասին տան առջեւ պարեն։ Այլ խօսքով, ան կը խնդրէ որ այս նոր տունէն ներս իր մուտքը տեղի ունենայ զուարթ եւ կենսուրախ մթնոլորտի մէջ։ Ծայր կ՚առնէ մեղմ ու յուշիկ պարեղանակ մը, փեսին ծնողները կը պարեն, իսկ ամենէն վերջն ալ հարսը խոնարհելով տուն կը մտնէ [11]։

Եոզկատ. Սահակեան ընտանիքը (Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Փեսային տան մէջ ծայր կ՚առնէ կերուխումը։ Քահանան նոյնպէս ներկայ է այս խնճոյքին, բայց կանուխ կը հեռանայ սեղանէն որպէսզի երիտասարդները ազատ-համարձակ զուարճանան, երգեն ու պարեն։ Բայց նախքան այս խրախճանքը, նոյն տան առանձին սենեակի մը մէջ հաւաքուած կիներուն կը ցուցադրուին հարսին օժիտը եւ ազգականներէ ու բարեկամներէ ստացուած նուէրները։ Օժիտին մաս կը կը կազմեն հարսին կողմէ պատրաստուած իր անձնական պէտքերը, ինչպէս օրինակ հագուստեղէն, ձեռագործ, անկողիններու ծածկոց։ Հարսը նաեւ օժիտին կ՚աւելցնէ փեսային ընտանիքին համար պատրաստուած նուէրներ, ինչպէս հագուստ, թաշկինակ, գուլպայ։ Օժիտ ցուցադրելու այս արարողակարգէն ետք միայն առիթ կը տրուի սպասուած երգուպարին։ Պարերու շարքը կը բանայ նորապսակ ամոլը, իսկ նուագախումբ մը, որ բաղկացած է ընդհանրապէս ջութակի, քլարինէթի, ուտի, թմբուկի եւ տէֆի նուագածուներէ, ներկայ է այս զուարթ մթնոլորտին ամբողջ տեւողութեան [12]։

Րումտիկին գիւղին մէջ օժիտ ցուցադրելու արարողակարգը տարբեր է։ Այստեղ, հարսանիքը նախորդող օրերուն, աղջկան ընտանիքը օժիտին պարունակութիւնը կը սկսի ցուցադրել շրջապատին։ Յատուկ այս առիթով հրաւիրուած ճարտասան կին մը իւրաքանչիւր առարկայի գովքը կ՚ընէ, բացատրութիւններ կու տայ եւ կը յայտնէ թէ որուն համար պատրաստուած է անիկա։ Ապա ամբողջ օժիտը կը զետեղեն սնտուկներու մէջ, զանոնք կը բարձեն ձիերու վրայ եւ հանդիսութեամբ կը տանին փեսին տունը։ Աւելի ունեւորներ ուղտերու վրայ կը բարձեն օժիտը, իսկ անասուններն ալ այս առիթով յատուկ կը զարդարեն [13]։

Եոզկատի շրջանի հայ բողոքականներուն մօտ հարսանիքը կը կատարուի աւելի զուսպ արարողակարգով մը։ Այսպէս, կնքահայրն ու կնքամայրը հարսնեւորները կ՚առաջնորդեն բողոքական ժողովարան, ուր տեղի կ՚ունենայ պսակի արարողութիւնը։ Տունէն ժողովարան եւ ապա ժողովարանէն տուն ճամբուն վրայ չեն նուագեր, չեն պարեր, այլ միայն կ՚երգեն հոգեւոր երգեր։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք հարսնեւորները կը հաւաքուին տղուն տունը, ուր սուրճով կը հիւրասիրուին [14]։

Ծնունդ, մկրտութիւն եւ «հատիկ»

Երախային ծնունդը տեղի կ՚ունենայ դայեակին հոգածութեամբ։ Ան է որ մօր ու երախային անհրաժեշտ խնամքը կու տայ։ Գիւղերու մէջ սովորութիւն է նորածին երախան անմիջապէս աղի մէջ թաթխել։ Ապա, դայեակը զայն կը լուայ տաք ջուրով լեցուն կոնքի (տաշտ) մը մէջ. կը շփէ անոր քիթը, բերանը, ձեռքերն ու ոտքերը, ապա ոտքերէն բռնած գլխիվայր կը կախէ, յետոյ ալ գլուխէն բռնած օդին մէջ կը ճոճէ զայն՝ վիզը երկարելու մտադրութեամբ։ Ասկէ ետք դայեակը երախան կը կապէ խանձարուրին մէջ ու կը յանձնէ մօրը։ Մէջքէն վար, նորածինը կը փաթթեն հողլաթով, որուն ներսի բաժինը կը ծածկեն մաղուած ու տաքցուած հողով մը։ Այս նիւթը կը ծծէ երախային բնական պէտքերը եւ մորթը կը պաշտպանէ բորբոքումներէ։ Հետաքրքրական է նշել որ Եոզկատի մէջ գործող ամերիկացի միսիոնարներ, երբ այցելութեան կ՚երթային հայկական գիւղեր, կրօնական քարոզչութեան կողքին կը փորձէին նաեւ գիւղացիները հեռու պահել նորածին երախան աղի մէջ թաթխելու սովորութենէն [15]։

1 Եոզկատ, հայ ընտանիք մը. ոտքի կանգնած չափահասները՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Մաքրուի Էնֆիէճեաններ, Տէր եւ Տիկին Յակոբ (Սարգիսին եղբայրը) եւ Անուշ Էնֆիէճեաններ։ Նստածները՝ Սարգիսին եւ Յակոբին ծնողները (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…)
2 Եոզկատ. Գարալեան ընտանիքը (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…)

Եոզկատ. Պարիկեան ընտանիքը (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի…)

Ընտանիքին մէջ ոգեւորութիւնը մեծ է, երբ առաջին երախան մանչ է։ Հարսը այս պարագային յատուկ յարգանքներու կ՚արժանանայ եւ նուէրներ կը ստանայ։ Այս առիթով կը կազմակերպուի նաեւ խրախճանք։

Երախային ծնունդէն 8-10 օր ետք կը կատարուի մկրտութիւնը։ Կնքամայրն է որ մանուկը գրկած կ՚ուղղուի եկեղեցի, իր կողքին ունենալով երախային ծնողներն ու ազգականները։ Եկեղեցիէն ներս մանուկը կը յանձնուի կնքահօր։ Ապա քահանան զայն կը թաթխէ մկրտութեան աւազանին գաղջ ու միւռոնուած ջուրին մէջ, տեղի կ՚ունենայ կրօնական պատշաճ արարողութիւնը ու կը ճշդուի երախային անունը։ Մկրտութենէն ետք տեղի կ՚ունենայ կերուխում եւ զուարճութիւն։

Ընդհանրապէս մէկ տարեկանի շուրջ է որ երախան կը հանէ իր առաջին ակռան։ Այս առիթով տնեցիք ցորենի հատիկ կը խաշեն, վրան շաքար կը ցանեն ու կը սկսին բաժնել ազգականներու եւ դրացիներու, որպէսզի ասոնք ալ եղելութիւնը իմանան։ Ճշդուած օր մը բոլորն ալ կու գան երախան տեսնելու, իրենց հետ նուէրներ բերելով։ Այդ օրը խաշուած հատիկը, աղօթքներու եւ բարի մաղթանքներու ընկերակցութեամբ, կը թափեն երախային գլուխէն վար, որպէսզի ան հատիկի նման ակռաներ շարունակէ հանել։ Ապա երախային առջեւ կը շարեն զանազան առարկաներ, ինչպէս մկրատ, գրիչ, մուրճ, դանակ։ Այն առարկան որ երախան առաջինը բռնէ, կը կարծուի որ այդ ալ պիտի ըլլայ անոր ապագայ արհեստը խորհրդանշող իրը [16]։

Մահ եւ թաղում

Եոզկատ, մօտաւորապէս 1911։ Հայկական թաղում։ Թագաղին ետին, աջ կողմը կանգնած պատանին (գլուխը քիչ մը ձախ թեքած)՝ Վահան/Ճոն Այվազեան (ծնած 1896-ին)։ Կրտսեր եղբայրը՝ Անդրանիկ/Արթըր Այվազեան, կանգնած է անոր ետին, աջ կողմի վրայ, իսկ իրենց հայրը (անունը անյայտ) կեցած է Անդրանիկի ետին՝ ձեռքը տղուն ուսին դրած (Աղբիւր՝ Ճենիս Քարթըրի (Այվազեան) հաւաքածոյ, Միացեալ Նահանգներ)

Մեռելը տան մէջ կը տեղադրեն ամենէն ընդարձակ սենեակին կեդրոնը գտնուող անկողինի մը վրայ։ Տակը փռուած է կապերտ մը, իսկ անկողինը ծածկուած է նոր ծածկոցներով, սաւաններով եւ փայլուն վերմակով մը։ Սրահին չորս բոլորը կը նստին սգաւոր տնեցիները, ազգականներն ու մտերիմները։ Եոզկատի շրջանէն ներս լուսանկարչութեան տարածումէն ետք, սովորութիւն կը դառնայ հանգուցեալին հետ հանդերձ ընտանեօք լուսանկարուիլը։ Այս պարագային մեռելը յաճախ կը զետեղեն նստուկ վիճակի մէջ։ Եղերամայրեր յաճախ ներկայ են տունէն ներս եւ կ՚ողբան հանգուցեալին բարեմասնութիւնները։

Սեմերճիպաշեան ընտանիքը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Հրայր Սեմերճիպաշեան, Ասատուր Սեմերճիպաշեան, Վահան Սեմերճիպաշեան, Նազար Սեմերճիպաշեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Նահապետ Սեմերճիպաշեան, Մարիամ Սեմերճիպաշեան (Աղբիւր՝ Ա. Դարեան/Ա. Երկանեան, Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, Պէյրութ, 1988)

Ապա, մեռելը կը հանեն տան փակը, տախտակի մը վրայ կը տեղադրեն անոր մերկ մարմինը։ Եթէ ննջեցեալը այր է, զայն տաք ջուրով լուալու պաշտօնը կը ստանձնէ եկեղեցւոյ ժամկոչը, իսկ եթէ ան կը պատկանի իգական սեռին՝ զայն լուացողը կ՚ըլլայ տարեց կին մը։ Ասկէ ետք, մեռելը կը փաթթեն ճերմակ սաւանի մը մէջ, կը պատանքեն եւ կը տեղաւորեն եկեղեցիին պատկանող դագաղին մէջ։ Չորս տղամարդիկ կը բռնեն դագաղին կողերուն ամրացուած չորս բռնիչներէն, մինչեւ կէս մէջքերնին կը բարձրացնեն դագաղը եւ կը տանին եկեղեցի, ետքն ալ՝ գերեզմանատուն։ Եոզկատի թուրքերն են որ իրենց մեռելներուն դագաղները կը տանին ուսամբարձ։ Յուղարկաւորութեան թափօրին առջեւէն կը քալեն քահանան, սարկաւագը եւ դպիրներ։ Գերեզմանատան մէջ մեռելը կ՚իջեցնեն նոր բացուած փոսին մէջ, մօտիկ ազգականներ եւ ներկաներ ափ մը հող կը նետեն այնտեղ։ Դամբանաքար չի զետեղուիր, այլ պարզապէս հողաթումփ մը։ Քանի մը շիրմաքարեր կան Եոզկատ քաղաքի եկեղեցիին շրջափակի գերեզմանատան մէջ։ Ասոնք կը պատկանին եկեղեցիին դպրոցին հիմնադիրներուն՝ Արսլանեաններուն (ծանօթ նաեւ Օհան Չորպաճիի ընտանիք անունով) [17]։

Թաղումին յաջորդող օրերուն, հանգուցեալներուն ազգականներն ու դրացիները կարգով կը ստանձնեն ամէնօրեայ հոգեճաշին պատրաստութիւնը [18]։

Չորում (Անգարայի վիլայէթ), 1904. հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ)

  • [1] Արմէն Դարեան, Անդրանիկ Երկանեան (խմբագիրներ), Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, հրատարակութիւն Եոզկատի եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան, Պէյրութ, 1988, էջ 124։
  • [2] Նոյն, էջ 124-126; Նուրիցա Մ. Փիլիպոսեան, Աւետիս Քէստէքեան (Ա. Կապենց), Վահէ Հայկ, Յուշարձան Եօզղատցիներու (Եոզկատ), Ֆրէզնօ, 1955, էջ 85։
  • [3] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 124-125; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 85։
  • [4] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 125, 127; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 85։
  • [5] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 127, 133; Հայկազուն Յ. Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, հրատարակութիւն Րումտիկինի հայրենակցական միութեան, տպ. Ատլաս, Պէյրութ, 1967, էջ 119։
  • [6] Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, էջ 118։
  • [7] Նոյն, էջ 120։
  • [8] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 127; Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, էջ 118-119։
  • [9] Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, էջ 119։
  • [10] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 127, 133; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 86; Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, էջ 118-119։
  • [11] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 127; Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, էջ 121; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 86-87։
  • [12] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 127-128; Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, էջ 118; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 87։
  • [13] Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, էջ 118։
  • [14] Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 87-88։
  • [15] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 128; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 88։
  • [16] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 128; Փիլիպոսեան, Յուշարձան Եօզղատցիներու…, էջ 88-89։
  • [17] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 129։
  • [18] Դարեան, Պատմագիրք Եոզկատի…, էջ 129։