Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ - «Շուշան» եւ «Հալայ»

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 09/05/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 09/05/23)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

«Շուշան»

Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն ԱՄՆ եկած հայ գաղթականները երգած են այս երգը եւ պարած անոր ուղեկցող պարը: Շուշանը հայկական իգական անուն մըն է:

Կատարման բնոյթը եւ երաժշտութիւնը.- պարողները կը միացնեն ճկոյթ մատները բաց շրջանով, իսկ առաջնորդը աջ կողմն է: Պարը կը շարժի առաջ եւ ետ, բայց չ’առաջանար աջ կամ ձախ: Երաժշտութիւնը 4/4 կշռոյթի մէջ է: Պարին երկարութիւնը երեք չափ է, իսկ երաժշտական արտայայտութիւնը՝ չորս չափ:

Ներկայիս Տիարպեքիրի մէջ կը պարեն վեց չափերով պար մը, որ կապ ունի «Շուշան»ին հետ: «Շուշան»ին սովորաբար կը յաջորդէ Տիգրանակերտի «Հալայ»ը:

Աղբիւր.- Նիւ Եորքի Հայկական ժողովրդական պարերու ընկերութիւն։

Լիճէական «Հալայ» (Լիճէ-Տիարպեքիր)

Տարբեր շրջաններու մէջ «Հալայ»ի բազմաթիւ տարբերակներ կան: Հալայ/Հալէն կապուած է կովկասահայերու շրջանակներուն մէջ յաճախ հանդիպող Քոչարի պարին: «Հալայ»ը պատմական ժամանակներուն հիմնականին մէջ տղամարդոց պար էր` ուժեղ, ծանր շարժումներով, բայց այսօր կը պարեն խառն շարքերով: Երաժշտութիւնը 4/4 կշռոյթի մէջ է:

Լիճէական «Հալայ»ը Տիարպեքիր քաղաքի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Լիճէ քաղաքէն էր: Այս «Հալայ»ին մէջ ձեռքերը մէջքին՝ գօտկատեղիին շուրջն են, բաց շրջանով կամ շարքով:

Աղբիւր.- Նիւ Եորքի Հայկական ժողովրդական պարերու ընկերութիւն։

«Շուշան» եւ «Հալայ» պարերու ներկայացում եւ ցուցմունքներ