Տիարպեքիր - Բարբառ

«Մեր անունները»


Այս տեսերիզը «Մեր անունները» պատմուածքին ընթերցումն է՝ Մկրտիչ Մարկոսեանի «Մեր այդ կողմերը» գիրքէն առնուած։ Գեղարուեստական այս տեսերիզը պատրաստած է Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանը։

Սիլվինան յաջողած է հին պատկերներու գործածութեամբ եւ գեղարուեստական նրբութիւններու միջոցաւ կամուրջ մը ստեղծել մէկ կողմէ 1940-ական եւ 1950-ական թուականներու Մարկոսեանի ապրած եւ տեսած Տիարպեքիրին եւ միւս կողմէ նախա-Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի՝ աւելի հին եւ հարուստ Տիարպեքիրի հայկական կեանքին միջեւ։

Պատմուածքը ընթերցողն է յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը։ Արսինէին շրթներէն հնչող Տիարպեքիրի հայերէնը տեսերիզին կու տայ խորհրդանշական յատուկ իմաստ մը։ Արսինէին նախնիները նոյնպէս Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն են. անոնք շարունակած են խօսիլ տեղական բարբառը, երբ Ցեղասպանութենէն վերապրելէ ետք՝ հաստատուած են Լիբանան կամ իրենց ապաստան տուած այլ երկիրներ։

Յուշամատեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերին այս տեսերիզին իրականացումին։ Անոնց շարքին մեր յատուկ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Արտաշէս Մարկոսեանին եւ Project SAVEին, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, որ այս տեսերիզին գլխաւոր հովանաւորներէն է։