Այս էջով կը ներկայացնենք Օննիկ Տինգճեանի կողմէ երգուած Տիարպեքիր/Տիգրանակերտեանժողովրդային երգեր, ինչպէս նաեւ Տիարպեքիրեան ներշնչումով եւ բարբառով երգուած այլ երգեր, որոնք կըպատկանին Օննիկի երգացանկին։ Մեր խորինշնորհակալութիւնները Արա Տինգճեանին, որ գործակցեցաւ այսէջի պատրաստութեան համար։
Օննիկ Տինգճեան
Օննիկ Տինգճեան ծնած է Փարիզ, Ֆրանսա, 1929-ին։ Ծնողները՝ Կարապետ եւ Զօրա Միլլիեան, ծնած են Տիգրանակերտ/Տիարպեքիր, Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Կը մահանան, երբ Օննիկ պատանի էր։ Կ՚որդեգրուի իր կնքահօր եւ կնքամօր՝ Նշան եւ Օղիտա Տինգճեաններու կողմէ, որոնք նոյնպէս տիգրանակերտցիներ էին։
Երիտասարդ տարիքին, ֆրանսերէնի կողքին, Օննիկ կը լսէր եւ կը խօսէր նաեւ հայերէն։ Բայց անոր իմացած հայերէնը Տիգրանակերտի իւրայատուկ եւ գոյնզգոյն բարբառն էր։ Ընտանեկան ամբողջ շրջապատը տիգրանակերտցիներ էին. այնպէս որ, մինչեւ Ամերիկա գալը, Օննիկ համոզուած էր, որ բոլոր հայերը իր նման կը խօսին։
Իր երջանկութիւնը եւ սփոփանքը երգելն էր, սկզբնական շրջանին Փարիզի հայկական եկեղեցիին մէջ։ 1940-ականներու վերջը, երբ կը տեղափոխուի Ամերիկա, կը սկսի երգել նաեւ աշխարհական միջավայրի մէջ եւ շուտով կը դառնայ ամերիկահայ համայնքի ամէնէն սիրուած երգիչը։ Իր ունկնդիրներուն պահանջքին ընդառաջելով, ան կ՚արտադրէ իր երգած ազգագրական եւ ժողովրդական երգերէն բազմաթիւ ձայնապնակներ։ Սակայն, Տինգճեան ի պաշտօնէ սարկաւագ էր. այս իմաստով ալ միշտ ալ սիրած է հայկական եկեղեցական երաժշտութիւնը։ Ան լոյս կ՚ընծայէ «Հաւատամք» խտասալիկը, ուր ան յուզականութեամբ կ՚երգէ հայկական շարականներ։
Իբրեւ հանրայայտ հայ երգիչ, ան համերգներ կու տայ Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին։ Իր “Voice Of Armenians” խտասալիկը արձանագրուած է Երուսաղէմի մէջ, հանդիսատեսներով բերնէ-բերան լեցուն համերգի մը ընթացքին։
2015-ին, Օննիկ Տինգճեան կը մասնակցի յիշատակի համերգներու Տիարպեքիր/Տիգրանակերտի, Պոլսոյ, Գերմանիոյ եւ Ուաշինկթըն Տի.Սիի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ոգեկոչումներու ծիրին մէջ։
Տինգճեան յօրինած է բազմաթիւ երգեր, որոնցմէ ոմանք գրուած են իր հայրենի Տիգրանակերտի բարբառով։
Հայկական երաժշտութեան նկատմամբ իր սէրն ու եռանդը ան փոխանցած է իր որդւոյն՝ ուտ նուագող եւ յօրինող Արա Տինգճեանին։ Անոնք միասին ձայնագրած են Օննիկի վերջին արտադրութիւն խտասալիկը՝ «Տիարպաքիրի հոգին»։ Օննիկ եւ Արա միասին կ՚երեւին նաեւ իրենց վերաբերող վաւերագրական ֆիլմի մը մէջ՝ «Կարօտ» անունով։
Դեկտեմբեր 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Օննիկ Տինգճեանին շնորհեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը՝ հայկական աւանդական երաժշտութեան մարզին մէջ անոր երկարամեայ ծառայութեան համար։
1- Պատմութինիրէ 1 [Պատմութիւններ 1]
2- Տիարպաքիրի հոգին
3- Ամէնը տարան
4- Հելէ հելէ (Տիգրանակերտի ժողովրդային երգ)
5- Հաւը կորաւ
6- Պատմութինիրէ 2 [Պատմութիւններ 2]
7- Շարան. Եարտելէ/Գարնան ծաղիկ/Անուշիկ աղջիկ
8- Տիարպաքիր Փեշրեւի
9- Օյ ջանըմ
10- Զոյգ մը աղաւնի
11- Հասակդ բարձր (Քալէ, քալէ)
12- Շէկ մազերով էր
13- Վայ Պապօ
14- Փեսան թրաշ մըն էնինք
15- Նանայ
16- Սիրանուշ
17- Ցաւիրսի
18- Նարէ
19- Մամիս
20- Յանկարծ
Թախթին վրա քննիր էնք Պատանը շատ բանձր է Կրկներգ Խոշուր միր ձմերուկէ Փաշի բաղնիքի կ՚երթէնք Կրկներգ Ըմըն տեսակ խաղերով Խանչաբաքը խոռու է Կրկներգ Կրկներգ |
Ամէնը տարան, եսի չտարան, քէ ամօ Էլլանք փլինք, բանձրցնինք, քէ ամօ Ըսէ պապուս ընծի հապիր թող չառնէ Ինչ աղուոր է բանձր ֆուռնի հացիրէ Իրկուն կ՚եղնա, եսի խօսքով կը կարգին |
Ժամուն դուռը կանիր է
Հալա, հալա, հալա, նիննայէ
Աչքով ունքով կը կանչէ
Հալա, հալա, նիննայէ
Պաղն ի՞նչ է, պաղչան ի՞նչ է
Հալա, հալա, հալա, նիննայէ
Աղջիկ քու սեւտան ի՞նչ է
Հալա, հալա, նիննայէ
Բանձր ծառ, քաղցր պտուղ
Հալա, հալա, հալա, նիննայէ
Չիմ հասնի, ֆայտան ի՞նչ է
Հալա, հալա, նիննայէ
Քննուկ էնք արթնցուցիր
Հալա, հալա, հալա, նիննայէ
Անուշ քունէս թռցուցիր
Հալա, հալա, նիննայէ
Դուն քի եսի չմըն առնիր
Հալա, հալա, հալա, նիննայէ
Ինչո՞ւ հալքին իմցուցիր
Հալա, հալա, նիննայէ
Աղջիկ անունիդ Աննա
Հալա, հալա, հալա, նիննայէ
Քեզի շըպաքէն տեսա
Հալա, հալա, նիննայէ
Օկօ ընծի պագ մի տուր
Հալա, հալա, հալա, նիննայէ
Էղնամ պապուդի փեսա
Հալա, հալա, նիննայէ
Հաւ մի ունէնք շատ խորոտիկ
Կ՚երթեր կ՚իգեր բօթիկ մօթիկ
Ամառ-ձմեռ միր տան մօտիկ
Ըմուն օր լէ մէկ հատ հաւկիթ
Կննուխ օր մի միր տան դէմէն
Անդրօն էկաւ էնդու թաղէն
Բարիւ տուից մամ ու պապէն
Հաւ լէ կորաւ էսդէն էնդէն
Ես ըսեցի օղուլ եուր է
Օկօ Անդրօ գնա՛ փնտռէ՛
Էս միր հաւը կորսուիր է
Իյանք վով լքրցուցիր է
Ինչ էրեցիր, ինչ էրեցիր
Էս միր հաւը ինչ էրեցիր
Աճեբ գլխուն ինչ բերեցիր
Հոգիս տեղէն լէ հանեցիր
Տիկին Նուարդ, չիմ տեսիր իմ
Ձիր հաւը ես չիմ առիր իմ
Իսա գտնամ, զատ կը բերիմ
Որ չնեղուիս, հոգիդ սիրիմ
Քառսուն տարի անցաւ գնաց
Էս հաւը պողազիս մնաց
Արթուխ հերիք է չարչրուիմ
Ես յանձանքիս մըն ընդունիմ
Հատէ տաղուաթ մը մըն էնինք
Ըմէն մարդու մինք մըն կանչինք
Ուտինք, խմինք, քէֆ մըն էնինք
Եւ իմ պարտքիս մըն վճարինք
Տիկին Նուարդ քատաթ առնիմ
Եսի ներէ, ձեռքիդ պագնիմ
Խիղ մի տիա ես չմըն էնիմ
Հըմա հանգիստ մի մըն քննիմ
Միր մըֆթունան պըլղուրով
Օ եար տելէ, եար տելէ
Մէջը սուխ պըղտունուսով
Օ եար տելէ, եար տելէ
Միր գաւուրման խընծուրով
Օ եար տելէ, եար տելէ
Օկօ ուտինք թրջուկ հացով
Օ եարտելէ, եարտելէ
Միր քըննաֆան պանիրով
Օ եար տելէ, եար տելէ
Քահվէն լէ գագուլաով
Օ եար տելէ, եար տելէ
Գարնան ծաղիկ ես, եար ջան
Անուշիկ վարդ ես, եար ջան
Արարատի պէս, եար ջան
Իմ սարն ու ձորն ես, եար ջան, եար եարօ ջան
Սօսիին պարը, եար ջան
Յակոբին հետը, եար ջան
Բոլոր աշխարհը, եար ջան
Չկայ նմանը, եար ջան, եար եարօ ջան
Թռչուն ես ըլլայի
Քովդ ես կու գայի
Բարձիդ վրայ կանգնելով
Սիրոյ երգ կ՚երգէի
Կարօտով կը սպասեմ
Համբոյրիդ կարօտ եմ
Մօտս եկ իմ սիրելիս
Թեւերուս մէջ պահեմ
Անուշիկ աղջիկ, գեղեցիկ աղջիկ
Համով հոտով, սիրունիկ աղջիկ
Եկուր մօտս մի վայրկեան
Սիրտս բանամ ու կարդամ
Հիւսէնիկի սազերը Ծառին վրայ նուշ կ՚ըլլայ, վարդին վրայ փուշ կ՚ըլլայ Կրկներգ՝ Մեր տան առջեւ կանանչ է Թերթ կարդամ երես երես, Կրկներգ՝ |
Զոյգ մը ճերմակ աղաւնի, կուրծքիդ վրայ կը թռի (2 X)
Պիտի գողնամ մէկ հատը, խելքս գլխէս կը տանի (2 X)
Գարունն էկեր սոխակը բուն կը շինէ միր բակէ (2 X)
Օկօ սրտիդ դուռը բաց, մըննամ հոգուդ սենեակէ (2 X)
Օկօ չային քինարը, պագ մի տամ գարա էրէ (2 X)
Քո մէկ քաղցր ժպիտը, ընծի միլիոններ կ՚արժէ (2 X)
Հասակը քաղցր, համբոյրդ քաղցր
Այս աշխարհին մէջ, ինչ ունիս աղջիկ (2 X)
Կրկներգ՝
Հատէ քալէ քալէ քալէ, հատէ քալէ քալէ քալէ
Աղուորիկ աղջիկ, հոգիս մի՛ հանէ
Ամէն օր առտու, երեսդ ժպտուն
Բարեւ կու տաս դուն, անարատ աղջիկ (2 X)
Կրկներգ՝
Հատէ քալէ քալէ քալէ, հատէ քալէ քալէ քալէ
Աղուորիկ աղջիկ, սիրտս մի՛ վառէ
Յօնքերդ կամար, աչքերդ զարդար
Անուշիկ աղջիկ, դու ինծի յարմար (2 X)
Կրկներգ՝
Հատէ քալէ քալէ քալէ, հատէ քալէ քալէ քալէ
Աղուորիկ աղջիկ, սիրտս մի՛ վառէ
Եար մ՚ունէի ինք շատ բարի, ծանօթացայ անցեալ տարի (2 X)
Ան ալ առին ձեռքէս տարին, ա՜խ եարս, շէկ մազերով էր
Կրկներգ՝
Կարմրտուն այտերը փոսիկներով էր
Շրթունքներէն համբոյր մ՚առի, շատ շատ համով էր
Տարիներով սպասեցի, հազար նազով ձեռք ձգեցի (2 X)
Սրտիս ծաղիկը փրցուցի, ախ եարս, շէկ մազերով էր
Կրկներգ՝
Կարմրտուն այտերը փոսիկներով էր
Շրթունքներէն համբոյր մ՚առի, շատ շատ քաղցր/համով էր
Մայրը յանկարծ միտքը փոխեց, պարանոցէն ալմաս կախեց (2 X)
Ուրիշի դրամով ծախեց, ախ եարս, շէկ մազերով էր
Կրկներգ՝
Կարմրտուն այտերը փոսիկներով էր
Շրթունքներէն համբոյր մ՚առի, շատ շատ համով էր
Շըբթօր բաղնիքի օր է
Քապքապ ֆութան ձեռքիս է
Տաք տաք ճուոռւնի դէմէ
Մամիս քիսան կը քսէ
Վայ պապօ, վայ պապօ, վայ պապօ էս բաղնիքը
Կը քսէ նանց կը քսէ
Մարմինսի եառա կ՚էնէ
Կ՚էլլամ պսսուն պրուխթուն
Էրիսսի կարմիր թթուն
Վայ պապօ, վայ պապօ, վայ պապօ էս բաղնիքը
Աչքս էսդէն էնդէն է
Մամիս աչքիս կը գոցէ
Կ՚ըսէ տղաս հոն մ՚իյա
Աչքիդ գոցէ ամօթ է
Վայ պապօ, վայ պապօ, վայ պապօ էս բաղնիքը
Գինամ կ՚ուզիս հոս կանիս
Ճնճղուկնիրէ նայիս
Հոսցէն սոնա բաղնիքը
Մըն իգաս պապուդ հիտէ
Վայ պապօ, վայ պապօ, վայ պապօ էս բաղնիքը
14- Փեսան թրաշ մըն էնինք
Խօսք՝ Օննիկ Տինգճեան, երաժշտութիւն՝ Ալի Քըզըլթուղ, ըստ «Աղլաեան Կիւլմէտի մի»ի մեղեդիին
Փեսան թրաշ մըն էնինք, հարսը մըն հագուըցընինք (2 X)
Տաւրի վրայ նստելով, հարզի ժամը մըն հասնինք (2 X)
Խորոտիկ, մորոտիկ, միր հարսը շատ ախքիկ է
Խորոտիկ, մորոտիկ, միր փեսան հարբեցիր է
Տէրտէրը խաչ կը բռնէ, աղօթքի մէջը կ՚ըսէ (2 X)
Հոսցէն սոնա մէկ բարձով մըն ապրիք դուք ըմմըն օր (2 X)
Խորոտիկ, մորոտիկ, միր հարսը շատ ախքիկ է
Խորոտիկ, մորոտիկ, միր փեսան հարբեցիր է
Շաքար քիմի քաղցր իս, արիւ քիմի շատ տաք իս (2 X)
Քննիր իմ հոգուդ տունը, արթննամ դուն իմն իս (2 X)
Խորոտիկ, մորոտիկ, միր հարսը շատ ախքիկ է
Խորոտիկ, մորոտիկ, միր փեսան հարբեցիր է
Էր կերար շաքար իշի, թող ուտիր զահար իշի
Կարասէն խոռու կանի, բան քիմի լեղիդ պատռի
Նանայ նանայ տարտիրսի շատ մի բանա (2 X)
Էր կերար ռահաթի լոխում, թող ուտիր զահար զուգգում
Իսէցի լէ մի ուտի, սրտիդ մըն մնա պիթուն
Նանայ նանայ տարտիրսի շատ մի բանա (2 X)
Նստիր է հորու քօշան, արաքէ կ՚ըլլէ շուշէն
Ինք կ՚ըլլէ ինք կը խմէ, չի հաւնի քաղքի փաշան
Նանայ նանայ տարտիրսի շատ մի բանա (2 X)
Ես քեզի եար մըն էնիմ, սրտիսի սար մըն էնիմ
Օկօ ընծի պագ մի տուր, աթլաս ընկողնի տակը
Նանայ նանայ տարտիրսի շատ մի բանա (2 X)
Նստիր է թոնտըրտունը, էրիսէ կարմրտուն է
Աման ախքիկ պագ մի տուր, մտնամ հոգուդի տունը
Նանայ նանայ տարտիրսի շատ մի բանա (2 X)
16- Սիրանուշ
Խօսք՝ Համբարձում Չերչեան, ըստ «Մաքարամ Սարը Պաղլար»ի մեղեդիին (Աղբիւր՝ Սելահաթթին Մազլումօղլու)
Սիրուն աղջիկ իմ սրտիսի սունն ես դուն, սունն ես դուն (2 X)
Մէջքիդ բարակ պօյիդ ախքիկ իմն ես դուն, իմն ես դուն (2 X)
Սիրանուշ, Սիրանուշ, երազ քիմի պըյտընուս
Այսքան տարի համբերեցի շատ անուշ, շատ անուշ (2 X)
Պոյիդի լաւ երկնցիր է, տուր ընծի, տուր ընծի (2 X)
Մէջքիդի լաւ բարակցիր է, տուր ընծի, տուր ընծի (2 X)
Սիրանուշ, Սիրանուշ, երազ քիմի պըյտընուս
Ծիծերդ լաւ խոշորցիր ին, շատ անուշ, շատ անուշ (2 X)
Պառկէնք, սիրէնք, հուտիդ առնէնք, վարդն անուշ, վարդն անուշ (2 X)
Մէջքիդ գրկէնք, շաքար շարպաթ, շատ անուշ, շատ անուշ (2 X)
Սիրանուշ, Սիրանուշ, երազ քիմի պըյտընուս
Գարնան վարդի նման բացուած, շատ անուշ, շատ անուշ (2 X)

17- Ցաւիրսի [Ցաւերս]
Խօսք՝ Օննիկ Տինգճեան, ըստ «Մեճլիսինտէ մաիլ օլտում»ի մեղեդիին (Աղբիւր՝ Ճելալ Կուզելսէս)
Հալա ինչ է, ինչխս իս
Մի հարցնի, աղէկ չիմ (2 X)
Գըշիր ցորիկ վրաս է
Կ՚երեւնա քի իջուածք է (2 X)
Ճիվըրսի նանց կը կոթա
Կ՚երկըննամ հանգիստ չկա (2 X)
Կերածսի սրտիս մնաց
Պողազիս չորցուկ մնաց (2 X)
Տոքթորէ հապ մի տուից
Գլոխսի բարձին դրից (2 X)
Ըսաց (ը)սի առ էս գըշիր
Աղէկ կ՚եղնաս շաֆաքին (2 X)
Շալակսի նանց կը ցաւա
Տաքութին լէ (ը)սուր վրա (2 X)
Ալ հերիք է չարչրուիմ
Սուր սոնէ երբ մըն իգա (2 X)
Իջա չայի քինարէ, նարէ
Տեսա աչքէ խումար է, նարէ
Աչօք ընքօք կը կանչէ, նարէ
Աթլաս ընկողնի տակէ, նարէ
Չիմ գինա ինչու (հը)մար է, նարէ
Կրկներգ՝
Նարէ նարէ հէյ նարէ, նարէ (4 X)
Չայը ջուրը չի տանի, նարէ
Մամիս ճախրակ չի մանի, նարէ
Պապիս տուքան չի բանի, նարէ
Շորպան տաք է չի պաղի, նարէ
Ես քըղցած իմ, չիմ կանի, նարէ
Կրկներգ՝
Նարէ նարէ հէյ նարէ, նարէ (4 X)
Նստիր է պատու տակը, նարէ
Արաքի շուշէն ձեռքը, նարէ
Խաղ կ՚ըսէ ու կը խմէ, նարէ
Ես գինամ ինչու (հը)մար է, նարէ
Կրկներգ՝
Նարէ նարէ հէյ նարէ, նարէ (4 X)
Կէս գիշեր էր լուսնակով անամ, սոխակի պէս անուշ ձայն մը
Անուշ ձայն մը մօրս էր անամ, ատ երգերով քնանամ
Կամաց կամաց կու գային անամ, գետինը կը նստէին
Անհամբեր կը սպասէին անամ, անուշ ձայնը Զօրային
Զօրան կ՚երգէր մինչեւ լոյս անամ, բոլոր մտիկ կ՚ընէին
Սիրտը լցուած արցունքով անամ, կը սպասէր արշալոյսին
Մի լար եաւրուս մի լար եար անամ, անհոգ հանգիստ քնացիր
Գիտես վաղը նոր օր է անամ, երազներով քնացիր
Յանկարծ տեսայ ճամբիս վրայ Կրկներգ՝ Կամաց կամաց ես մօտեցայ Կրկներգ՝ Համոզեցի, եկուր ըսի Կրկներգ՝ |