Հայնի – Արհեստներ եւ տնտեսական կեանք

Հեղինակ՝ Վարուժ Թէնպէլեան, 20/08/21 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20/08/21) 

Հայնի քաղաքի տնտեսական կեանքին եւ ընդհանրապէս արհեստներուն մասին գրուած այս յօդուածին տեղեկութիւնները քաղուած են Բենիամին Կ. Ժամկոչեանի «Հայնի» գիրքէն, որ տպուած է Պէյրութ, 1952-ին, եւ մաս մըն ալ «Յուշարձան ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի» հատորէն, որ տպուած է 2010-ին, հրատարակութեամբ՝ Պէյրութի Սահակեան վարժարանի նախկին սաներուն: Հոս ներկայացուածը 20-րդ դարու սկիզբի պատկերն է, այն ժամանակ երբ Ժամկոչեան ապրած է Հայնի:

Հայնի եղած է հայ եւ քիւրտ ազգաբնակչութեամբ խառն քաղաք մը, եւ դարերու ընթացքին, փոխադարձյարաբերութիւն մը զարգացած է այս երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Անոնք փոխադարձ այցելութիւններ կու տային իրարու, կը դառնային սեղանակից եւ զիրար քիրվայ (կնքահայր) կ՚անուանէին: Հայերը եւ քիւրտերը փոխադարձաբար կը վստահէին իրարու, եւ այդ մէկը կը դրսեւորուէր մանաւանդ առեւտուրի ժամանակ: Ժամկոչեան կը պատմէ, որ զանազան երկրագործական արտադրութիւններով 5–10 գրաստներ բեռնաւորած քիւրտեր հեռաւոր գիւղերէ կու գային Հայնի եւ սեփական տան նման կը մտնէին այս կամ այն հայուն տունը, բեռները կը քակէին, անասունները կը կապէին, կը ճաշէին, երբեմն գիշերներն ալ կը քնանային մաքուր անկողիններու վրայ եւ կը վայելէին իրենց կնքահօր (քիրվային) հիւրասիրութիւնը: Նոյնը նաեւ հայ շրջուն վաճառականներ կ՚ընէին քրտական գիւղեր այցելելով:

Հայնիի տնտեսական կեանքը եւ հոն զարգագած արհեստները հետաքրքրականօրէն բաժնուած էին այս երկու՝ հայ եւ քիւրտ ազգաբնակչութեան միջեւ, եւ երկու խումբերուն միջեւ գոյութիւն ունէր զանազան արհեստներու համագործակցութիւն:

Քիւրտերը ընդհանրապէս կալուածատէր, անասնաբոյծ եւ երկրագործ էին: Հողերը ընդհանրապէս քիւրտերուն կը պատկանէին, թէեւ, պարտքի փոխան քանի մը մեծ ու արդիւնաբեր հողեր անցած էին հայերու ձեռքը: Քիւրտերը նաեւ ունէին 5-6 կերպասավաճառի եւ մէկ կօշկակարի խանութ, որ ըստ Հայնիի հայկական պատմութեան հեղինակ՝ Բենիամին Ժամկոչեանի, քրտացած հայ մը կրնար ըլլալ [1]: Մնացեալները այգեպան, պարտիզպան, ջորեպան կամ անասնապահ էին:

Հայերը կը զբաղէին այգեգործութեամբ, առեւտուրով եւ ունէին արհեստներ։

Հոս նշենք, որ կարգ մը արհեստներ ունէին շրջուն եւ շրջանային բնոյթ: Հայնիի մէջ անգիր օրէնք էր, որ կօշկակարները, կլայագործները, պայտարները, փերեզակները որոշ շրջան մը հեռանային քաղաքէն եւ աշխատէին քրտական գիւղերու մէջ: Զանազան պարէններով բեռնաւորուած, անոնք տուն կը վերադառնային հունձքի կամ այգեկութքի շրջանին՝ ըստ եղանակի յարմարութեան: [2]

Արհեստները Հայնիի մէջ ընդհանրապէս ընտանիքներու-գերդաստաններու սեփականութիւններ էին:

Այգեգործութիւն

Հայնին հարուստ էր խաղողներով, որոնցմէ հռչակաւոր եղած են մազրումին (ճերմակ եւ կարմիր տեսակներով), մահսէրէին, խռփոքը, մատմատը (վարունգի ձեւով, երկար, դեղին), գըռմըզին, ճընսանը, կրտանը, հասանին (գնդակի ձեւով, շատ քաղցր), սեւը (գինիի եւ չամիչի պատրաստութեան համար կը գործածուի): [3] Այգիներուն մէջ բացառաբար կը գտնուէին նշենի եւ թզենի (թուփի ձեւով): Ցանկապատը կ՚ըլլար մամոխենիէ եւ մորմենիէ կազմուած: Գրեթէ ամէն տուն իր այգին ունէր։

Հայնեցիք խաղողները չէին ծախեր, այլ կը պահէին տան գործածութեան համար: Երբեմն փոխանակում կ՚ընէին՝ հեռաւոր գիւղերէ եկած քիւրտ կիներու տալով խաղողը եւ փոխարէնը առնելով թեփ, ոսպ, սիսեռ կամ ալիւր:

Այգեկութքին ամբողջ գիւղը կը թափուէր այգիները, իւրաքանչիւրը իր այգին: Այգի չունեցողը բացառութիւն էր Հայնիի մէջ։ Ժամկոչեան կը պատմէ, որ քաղուած խաղողը յատուկ կողովներով (քթոց) կը փոխադրէին իւրաքանչիւրը իր այգիին մէջ շինած տնակին քով եւ կը պարպէին մեծկակ բերանով կաւէ յատուկ շինուած աւազաններու մէջ (մահսերէ): Խաղողը լեցուելէ ետք, երիտասարդները բոկոտն կը մտնէին աւազան եւ կը կոխկռտէին ողկոյզները։ խաղողին հիւթը (շիրէն) կը քամուէր, ապա աւազանին տակի բերնէն կը վազէր դուրս եւ կը լեցուէր գլանաձեւ կաւէ ամաններու մէջ (քարսայ, դաշխուրան)։ Ասոնք ալ իրենց կարգին կը փոխադրէին տաշտերու (դաշէն) մէջ։ Այնուհետեւ, հիւթը կը լեցնէին կաթսաներու մէջ, որոնք թեթեւ կրակի վրայ դրուած կ'ըլլային։ Մեծ վարպետութիւն կը պահանջէր մալէզին (խաղողին թանձրացած հիւթը) պատրաստութիւնը եւ տանտիկինները վարպետ էին անոր մէջ։ Անոնք գիտէին եփուելուն չափը, որմէ կախեալ էր նաեւ պաuտեղին (հայնեցիք կ՚անուանեն լաքթաշ), ռոճիկին (հայնեցիք շարոց կ՚ըսէին, քաղցր սուճուխ), քեսմէին (կտրօն) յաջողութիւնը։ Հայնիի խաղողի պաստեղը հռչակաւոր եղած է իր բարակութեամբ եւ քաղցրութեամբ։ [4]

Ժամկոչեան կը վկայէ, որ ռոճիկ/սուճուխ/շարոց շինելը բացառիկ կարողութիւն կ՚ուզէր, որովհետեւ լաւ չպատրաստուած մալէզին մէջ թաղուած ընկոյզին կամ նուշին վրայէն մալէզը վար կը թափէր: Ռոճիկին համար դիմացկուն թելի մը վրայ կը շարէին նաեւ ընկոյզի եւ նուշի միջուկը ու կը թաղէին մալէզին մէջ. կը կախէին, եւ քիչ մը ցամքելէ ետք՝ կրկին կը թաղէին։ Խաղողի այս բոլոր արտադրութիւնները կը պահէին մասնաւոր կարասներու մէջ: [5]

Ձմռան համար խաղողը թուփով կը փաթթէին եւ կը կախէին։ Այս գործողութիւնը կը կոչէին տեյլէ: Մինչեւ Զատիկ այսպէս կը մնար։ Խաղողը ուտելէ զատ կը գործածէին քաղցրեղէնի եւ գինիի պատրաստութեան։ Իւրաքանչիւր տուն իր պաշարը ինք կը դնէր եւ ամբողջ ձմեռը տուն, դրացի ու բարեկամ կ'ըմբոշխնէին քաղցրը, կ'ըմպէին՝ բագոսի խնկարկուները: Օղի հանողներ ալ կային խաղողի աւելցուքէն եւ կամ չամիչէն: [6]

Այգիները ընդհանրապէս անջրդի էին։

Հայնեցիք ունէին որթատունկի պահպանման յատուկ եղանակ մը: Ամռան նախօրեակին, մեծ պահքի շրջանին, անոնք կը փորէին թուփին տակի հողը, կեռ դանակով (քշուշ կամ յօտոց) ճիւղերը կը յօտէին եւ կը բարձրացնէին փայտի ձողերու վրայ, զորս Ժամկոչեան սարփինա կ'անուանէ. այս ձեւով իւրաքանչիւր թուփի տակ կը ստեղծուէր տնակ մը։ Տակաւին, կտրուած ճիւղերը իրարու վրայ դիզելով՝ կը չորցնէին, ապա զանոնք հիւսելով բարակ պատեր կը բարձրացնէին, եւ այդ պատերով՝ ամառը տանիքներուն վրայ բացօթեայ սենեակներ կը ստեղծէին (էրզել կամ արզել՝ Ժամկոչեանի բնորոշումով)՝ գիշերը քնանալու համար։ Անկողինները-մահիճները հոն չէին ձգեր ցերեկը: [7]

Ատաղձագործութիւն

Հայնեցի ատաղձագործները ընդհանրապէս կը գործածէին թթենիի փայտը եւ ունէին պարզ գործիքներ, ինչպէս՝ սղոց, ուրագ, դուր, ռէնտէ (յղկիչ), չաղափ (ջութակի աղեղին նման գործիք, զոր կը գործածէին դարձնելու ոտքին առջեւ դրուած փայտը եւ ձախով բռնուած դուրով կը կլորցնէին), էրզահան (երկար յղկիչ) եւ խարտոց: Անոնք  ընդհանրապէս կը շինէին էլպէ (տախտակեայ դոյլ), դգալ, թաթիկ (գերիչ), չելեփ, տոլչա (մեծ շերեփ), խափխափ (երսանկ), մաղ, տեփուր, դուռ, բալլինք եւ երկրագործական գործիքներ: [8]

Ատաղձագործութեամբ զբաղող հայնեցի նշանաւոր գերդաստաններ էին Գուտողենք, Նաճառենք, Իսկոյենք, Թէրզինունենոյենք, Տէր Աւետիսեանենք, Գուշերանց Սարգիս, Դըփոն, Օնէն, Մալգաղանենց Կարապիտը, Պօղոսենց Պուպօն, Թոփալ Նանոյենք, Տէր Խաչատուրենք: [9]

Պղնձագործութիւն

Պղնձագործութիւնը մեծապէս զարգացած էր Հայնիի մէջ: Հայնեցիք հում պղինձը կը բերէին Պախըր Մատէնի շրջանէն եւ վարպետ արհեստաւորներ կը պատրաստէին կաթսայ, տաշտ, սան եւ խոհանոցի բազմատեսակ ամաններ, ինչպէս պրկիշ (պռկունքը վեր բարձրացած շեղ ու անեզր ափսէ), սինի (կլոր, տափարակ ափսէ)։ Սինին եւ պրկիշը կը գործածուէին իբրեւ սեղան։ Շինուած ամանները մինչեւ Խարբերդ, Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ, Պիթլիս/Բաղէշ եւ Էրզրում/Կարին կը տանէին:

Պղնձագործութեամբ զբաղող խանութներու թիւը Ժամկոչեան կը գնահատէ 76-էն 176։ Արհեստաւոր ընտանիքներէն նշենք Օնոկուրենց Մանօենք, Ջլհենց Խաչօենք, Պսկսնեց Թումասենք: [10]

Երկաթագործութիւն

Յստակ չէ, թէ երկաթագործի քանի խանութ կար Հայնիի մէջ: Երկաթագործի խանութին մէջտեղը կ'ըլլար կլոր, 70-80 սմ. բարձր, հողէ ու քարէ շինուած գործասեղան մը, որ կը ծառայէր նաեւ իբրեւ վառարան:

Խանութին ետեւի կողմը հաստատուած կ’ըլլար հսկայ փքոց մը, որուն երկու թեւերը շարժելով աշկերտ մը կրակը կը բոցավառէր: Փքոցին առջեւ կար փոս մը՝ երկաթագործին քուրան, ուր կը դրուէր ածուխը եւ մէջը երկաթը։ Վառարանին քով կը գտնուէր ջուրի փոսը՝ երկաթը կամ պողպատը ջրելու համար: Երկաթագործին համար անհրաժեշտ պիտոյքներ էին սալը՝ զետեղուած վառարանին առջեւ, որուն քով պատրաստ կը կենային ակիշը (կրակ քաշելու տափակ թաթ), քուշթան (կեռ երկաթ), մուրճեր զանազան մեծութեամբ, մաշան (ունելի) եւ այլ գործիքներ։

Վարպետը կը պատրաստէր գիւղացիներուն անհրաժեշտ բոլոր երկաթեայ գործիքները կամ այլ գործիքներու երկաթեայ մասերը:

Երկաթագործ վարպետներու գերդաստաններ էին Մալգազանենք (Ստըմպոլչոնք), Կոփոենք, Գաւրոենք, Գուցոենք։ [11]

Զինագործութիւն

Զինագործութիւնը զարգացած էր Հայնիի մէջ, յատկապէս քիւրտերուն պահանջները գոհացնելու համար, եւ այդ պատճառով հայնեցի զինագործները լաւագոյն բարեկամներն էին քիւրտերուն։

Անոնք տեղական գործիքներով կը շինէին չէյխանան, խանչէրը (դաշոյն), նոյնիսկ եւրոպական տարբեր զէնքերու ամենանուրբ կտորները՝ փայտէ, ոսկորէ եւ երկաթէ մաuերով:

Զինագործութեամբ կը զբաղէին Ստըմպոլչոնց Գրիգորը, Սրապենք, Աթօենք, Շէյխօպօղոսենք: [12]

Պայտարութիւն (նալպանտ)

Հայնեցի պայտարններէն ոմանք ամբողջ տարին Հայնիի մէջ կը գործէին, ուրիշներ գարունն ու ամառը շրջակայ քրտական գիւղերը կը շրջէին տեղական պէտքերուն իրենց արհեստով գոհացում տալու համար։

Պայտարութեամբ կը զբաղէին Պօզոյենք, Մքայելենք, Նալպանտենք, Կուլոենց Գորքօն: [13]

Կօշկակարութիւն

Ամէնէն աւելի տարածուած արհեստն էր Հայնիի մէջ: Կօշկակարները տարին քանի մը ամիս քիւրտ գիւղերուն մէջ կ'անցնէին: Գրեթէ բոլոր ընտանիքներուն մէջ կօշկակարութեամբ զբաղող մէկը կար: Կօշկակարներէն շատեր հնակարկատ էր, այսինքն հին կօշիկներ կը նորոգէր։ Հնակարկատները ծանօթ էին փինեչի անունով:

Այն ժամանակներուն չկային պատրաստ կաշի, պատրաստ մորթ կամ կօշկակարութեան յատուկ կազմածներ: Կաշիի վերաբերեալ բոլոր աշխատանքները, ինչպէս հում կաշին աղալը եւ զայն գործածելի դարձնելը, կօշկակարները կը կատարէին:

Կօշկակարին տան վարի յարկին մէջ կը շինուէին գետնէն բարձր մասնաւոր աւազաններ, որոնք կը կոչուէին սիլակ։ Ժամանակ մը սիլակին մէջ մնալէ յետոյ, հում կաշին կը տարուէր տապախանա (կաշեգործարան), որ ըստ Ժամկոչեանի հին շէնք մըն էր կօշկակարներուն կողմէ գնուած Մահմուտ Աղայէն։ Այնպէս որ բոլոր կօշկակարներուն հաւաքական սեփականութիւնն էր։ Կաշեգործարանի ջուրը կ'ապահովէին Էնգէպիրէն, որմէ ճիւղ մը կ'անցնէր ճիշդ կաշեգործարանի շէնքին քովէն։ Եօթը օր կաշին կը պահէին ջուրին մէջ, յետոյ կը հանէին եւ կը տեղադրէին մէկուկէս-երկու մեթր երկար փայտի մը վրայ։ Ապա, աղեղնաձեւ դանակով մը - երկու կողմը փայտէ կոթով - կը քերթէին կաշին: Ամբողջութեամբ մաքրուած եւ կակուղցած կաշին կը տարուէր տուն եւ կրկին կը ձգուէր սիլակին մէջ։ [14]

Տապաղը (նաեւ դաբաղ) այն նիւթն է, որ խաղախորդը կը պատրաստէ կաշին մշակելու համար։ Հայնիի կօշկակարները այս նիւթը կը պատրաստուէին գործածելով գղթոր (կանաչ, կլոր), կժըգ (սոխի արմատի ձեւով), սումախի թուփ, փտտած եւ կլոր գագոլ (այս նիւթին ինչ ըլլալը կարելի չեղաւ ստուգել): Կօշկակարը տապաղը կը քսէր մաքուր կաշիին զայն ամրացնելու նպակատով։ Ապա, կաշիին երեսի կողմը կը ներկէր սեւ կամ կարմիր։ Ներկելու համար գաճ կը գործածէր։

Պատրաստ կաշին կը տանէր խանութ պատրաստելու համար մուճակ (թաթը գոց, պոչիկով կօշիկ, առանց կրունկի), գալոշ (կրունկով կօշիկ) եւ կաշեղէն պիտոյքներ, ինչպէս՝ թամբ, համետ, սանձ, պախուրձ, եւայլն։

Իբրեւ գործիք ունէին կուճը (կամ կոճ)։ Այս մէկը ծառի մը բունին մէկ մասն էր, անոր յարմարցուած կ՚ըլլային 3-4 ոտքեր եւ կը գործածուէր իբրեւ կօշկակարի սեղան։ Կար նաեւ մսափը, որ կլոր գլուխով, տափակ յատակով, ընդհանրապէս դեղին գոյնի մուրճ մըն էր։ Այլ գործիքներ էին հերիւնը, ասեղը, կազը (կլոր բերնով դանակ), մասաթը (դանակ սրցնելու գործիք), յեսանը (քար)։ Կար նաեւ էնտազան (կամ ընտազա), որ կօշիկին կաղապարն էր։ Այս բոլորին կողքին կը գործածէին զանազան մեծութեամբ եւ ձեւով փայտեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր առանձին անունը ունէր, բայց ինչպէս Ժամկոչեան իր գիրքին մէջ ցաւով կը նշէ՝ կարելի չէ եղած անոնց անունները յիշողութեամբ վերականգնել։ Փայտէ այս գործիքներէն շատեր կը գործածէին կօշիկի մը մէկ կողմը ըստ պահանջի մեծցնելու համար:

Կօշկակարութեամբ զբաղող հայնեցի նշանաւոր ընտանիքներ էին Քէրկւորենք, Շնուռենք, Խչենք, Ժամկոչենք, Ֆերմանենց Մկրօն, Արսուզենք, Մանոենք, Շէհրէշենց Օհանը, Մելքոնը, Մխս Առաքելենց Օհանէսը: [15]

Կլայեգործութիւն

Կլայեգործութիւնն (անագագործութիւն) ալ բաւական տարածուած արհեստ էր Հայնիի մէջ՝ շուրջ 60 ընտանիք: Անոնք կը կոչուէին գալայչի: Այս արհեստաւորները հետաքրքրական կեանք մը կ'ապրէին, որովհետեւ ընդհանրապէս շրջուն էին: Գալայչիները գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք կը պտտէին: Մասնաւորաբար մեծ պահքի երկուշաբթին կը մեկնէին եւ յստակ չէր թէ ճիշդ ե՞րբ պիտի վերադառնային։ Վերադարձը ընդհանրապէս կ՚ըլլար աշնան: Երբեմն դէպի հարաւ, մինչեւ Պաղեստին, երբեմն դէպի հիւսիս, մինչեւ Կարին (Էրզրում) կ՚երթային:

Անոնց գործիքները պարզ էին: Փքոց մը, կեազ (ունելի), քիչ մը կլայեկ (անագի բարակ խաւը), մանր մունր այլ գործիքներ եւ դեղրունք (դեղեր): [16]

Բաղնիքի պղնձեայ դոյլ, Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն (Աղբիւր՝ Տիգրիս, Տարօն եւ Մինաս Գօյունճու, Պոլիս)։

Հայնեցի գալայչիները ունէին իրենց գաղտնի բառապաշարը, որ հաւանաբար ստեղծուած էր նկատի ունենալով իրենց յաճախակի ճամբորդութիւնները երբեմն անծանօթ վայրեր։ Ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ՝

  1. Ծաղ կոտրել - հաց ուտել
  2. Գէլու խոտ - գայլի խոտ, տոճորակ, խավուրմա
  3. Լաթ քաշ - պաստեղ 
  4. Երկաթ կը ծեծէ - կը հասկնայ
  5. Գապը բիր - պնակը բեր
  6. Երկար անկաճ - էշ
  7. Երկար թաթիկ - գող
  8. Անոսկոր իկէ - ոջիլ կայ
  9. Ծխախոտ իկէ - քիւրտ կայ
  10. Կաթիլ – տըպս, ռուպ
  11. Ոսպը քարուտ է - օտար կայ
  12. Երկինքը թօնուտ է - թշնամի կայ
  13. Եռսուն իկէ - թուրք կայ, ռամազան
  14. Յիսուն է - հայ է, մեծ պահք
  15. Խոշուր մժեղ - թուրք

Կլայեգործութեամբ զբաղող բազմաթիւ ընտանիքներու շարքին էին Ճուհարենք, Գափլանենք, Պսկենք, Պուպուշ Գեւոենք։ [17]

Ջուլհակութիւն

Հայնիի մօտ 100 հայ ընտանիքներուն շարքին, իւրաքանչիւրէն մէկ կամ երկու անդամ կը զբաղէր ջուլհակութեամբ։ Հետագային, երբ ջուլհակի վաճառականութիւնը կը զարգանայ, բազմաթիւ ընտանիքներ կը լքեն այս արհեստը եւ կը սկսին առեւտուրով զբաղիլ:

Հայնեցի արհեստաւորները իրենց տան վարի յարկէն սենեակ մը կը յատկացնէին ջուլհակութեան: Սենեակին մէկ անկիւնը մէկ մեթր երկարութեամբ եւ 50 սմ. լայնքով եւ մինչեւ ծունկ խորութեամբ փոս մը կը փորէին: Երկու յենակներու վրայ զետեղուած կլոր գլան մը կը հաստատէին փոսին գլուխը: Կտորը փաթթելու ծառայող այս գլանը կը կոչէին սարմին: Փոսին երկու կողմերը՝ դէպի կեդրոն, կը հաստատուէին երկու յենակներ սանտրին երկու ծայրերուն համար: Փոսէն մօտ 3 մեթր հեռու 20-25 սմնոց երկու յենակներու վրայ կը դրուէր կլոր ձող մը: [18]

Ժամկոչեանի գիրքին մէջ կը նշուին ջուլհակագործութեան զանազան գործիքներ կամ գործիքներու մասեր, որոնք Հայնիի մէջ գործածուող եւ այս արհեստին վերաբերող բառեր են, անոնցմէ ոմանք՝ բարբառային։

Տան հարսերն ու կեսուրը իրենց բաժինը ունէին ջուլհակի աշխատանքին մէջ։ Բամպակը մաքրելու եւ զայն 20-30 սմ. երկարութեամբ բամպակէ ձողերու (պատրուգա) վերածելու պարտականութիւնը վստահուած էր անոնց: Ապա պատրուգան կը մանէին ճախարակով: [19]

Մանուած դերձանը կը փաթթէին 4-էն 6 կող ունեղող գործիքի մը վրայ, որ կը կոչուէր նազուկ։ Այս ձեւով կը պատրաստէին դաստակի մը հաստութեամբ կապեր, որոնք մանած կը կոչէին: Թելերը ամրացնելու համար, մանածը կը թաթխէին շրէզի (փակցնող լուծոյթ) մէջ: Ապա, ընդհանրապէս կիները, թելերը կ'անցնէին նազուկին նման բայց աւելի մեծ գործիքի մը վրայ, որ կարժառ կ'ըսէին (կարժ-կաժ, հիւսք մը դերձան), եւ ճախարակով դարտակները (եղեգէ 5-10 սմ երկար խողովակ) կը լեցնէին: Լեցուած դարտակները կը կոչէին մասուրա: Ջուլհակը անհրաժեշտ թիւով մասուրա կ՚անցնէր ստերչին, կամ «տէսթիճաղ»ին վրայ։ Այս մէկը մագոգի ձեւով գործիք մըն է, որուն վրայ երկշարք 24-էն 36 երկաթէ ձողեր հաստատուած կ'ըլլան մասուրաներուն համար։ [20]

Յաջորդ հանգրուանով կը սկսէին պատրաստել հիւսուելիք կտաւը, կամ ինչպէս իրենք կ'ըսէին՝ յեւանծը: ժամկոչեան կը պատմէ, որ կտաւը պատրաստելու համար, տունէն դուրս բացօթեայ վայրի մը մէջ, 20-30 մեթրի վրայ, իրարմէ 2-3 մեթր հեռաւորութեամբ 2 կամ 4 երկար ցիցեր կը հաստատէին, զոր uթից կը կոչէին: Ապա հիւսուելիք կտաւին լայնքին համաձայն, «տէսթի ճաղ»ին վրայ պէտք եղած թիւով դարտակներ (եղեգէ 5-10 սմ երկար խողովակներ) կ՚անցնէին: Ժամկոչեան կը գրէ. «Բոլոր դարտակներուն վրայի թելերը միացնելով առաջին ձողին կը կապէին, ապա կ՚սկսէին յառաջանալ եւ իւրաքանչիւր ձողի քով հասնելուն անգամ մը մէկ կողմէ, անգամ մը միւս կողմէն խաչաձեւ կ’անցնէին ձողերուն վրայ: Երթ ու դարձով ուզուած երկարութեամբ եւ ուզուած թւով առէջ պատրաստելէ յետոյ կ՚սկսէին հաւաքել։ Ասիկա էր յեւանծը»: [21] 

Շարունակելով նկարագրել ջուլհակին աշխատանքը, Ժամկոչեան կը նշէ, որ յեւանծը մեծ վարպետութեամբ կը վերածէին կծիկի, որ հորին վերեւ անկիւնէ մը կը կախուէր, եւ առաստաղէն կախուած հաստատուն ձողի մը վրայէն անցուելէ ետք, հորէն 2-3 մեթր հեռու գետնին վրայ հաստատուած ձողին վրայէն կ՚անցուէր թելերը իրարմէ բաժնուած։ Ապա առէջին իւրաքանչիւր թելը կ'անցուէր հաստատուն դերձաններէ կազմուած օղակներէ, որոնք երկու մասի բաժնուելով երկու ձողի միացած էին: Ձողերն ալ իրենց կարգին հորին յատակը գտնուած երկու ոտքերու կապուած էին, որպէսզի աջ ու ձախ ոտքերով փոխն ի փոխ գործածելով, կարելի ըլլայ առէջները երկու մասի բաժնել եւ մագոգը մէջէն անցնել: Օղակներէն անցած առէջները կ'անցնէին սանտրի մը մէջէն եւ կը հաստատուէին սարմինին (կտորը փաթթելու ծառայող գլան-կլոր ձող) վրայ: Սանտրին ակռաները շինուած կ'ըլլային 1-2 միլիմեթր լայն, 10-12 սանթիմեթր երկարութեամբ եղէգէ բարակ ձողիկներէ: [22] 

Ամէն բան պատրաստելէ ետք, ջուլհակը կը նստէր ոտքերը հորին մէջի երկու տախտակէ ոտքերուն դրած ու կը սկսէր հիւսել. մագոգը աջէն ձախ, ձախէն աջ նետելով, ամէն նետելուն տէֆէով կը զարնէր ամրացնելու համար դերձանը: Տէֆը առաստաղէն կախուած հարուածող փայտն է, որ արաբերէն-թրքերէնով կը նշանակէ ղեկ։ Կտաւը հիւսելէ յետոյ ներկելն ալ ջուլհակը կ՚ընէր: Կարմիր ալէզարին (կարմիր ներկ), խլեքար (օճառի փոշիի նման ճերմակ), գաճ, պաղլեղ (շէպ) եւ այլ նիւթերով (դեղրունք, դեղորայք) անջնջելի գոյն մը կու տար կտաւին:

Ջուլհակութեամբ զբաղող յայտնի ընտանիքներ էին Խաչատուրեանները, Թօփչունքը, Սրապենք, Տըպսենք, Խալֆ Առաքելենք, Աղասենք, Ճաուալիսենք, Քել Էղսոենք, Էղօենք, Պալպալենք, Խալֆ Մանուկանք, Տէր Մանուէլենք, Մանաստուրենք։

Խզարճի (սղոցող)

Ծառերու բուները երկար տախտակներու վերածող արհեստ։ Հայնեցի խզարճիները չորս գերաններ երկու առ երկու իրարու կը կապէին` գլուխնին բազմապատկութեան նշանի ձեւով, եւ ասոնց վրայ կը հաստատէին չորս-հինգ մեթր երկար գերան մը, որուն վրայ կը դրուէին սղոցուելիք բուները: Տախտակներուն հաստութիւնը որոշելու համար կարմիր ներկով զուգահեռական գիծեր կր քաշէին։ Սղոցողներէն մէկը կը բարձրանար երկար գերանին վրայ դրուած բունին վրայ, աշխատակից մըն ալ կը կենար տակը, ու երկար սղոցով կը սկսէին տախտակը բաժնել: [23]

Այլ արհեստներ

Հայնիի մէջ քիչ տարածուած այլ արհեստներ էին՝ 

  • Ներկարարութիւնը.- Այս արհեստով զբաղող ընտանիքներ էին Զորոենց Գորքոն, Չոլոենց Կարօն, Ապօենց Մանուկը, Սիմոենց Կարապետը եւ Պոյաճի Սիմոնենք:
  • Բամպակը կուտէն զատողներ.- Ծանօթ ընտանիքներ էին Ղուկոենց Առաքիլը, Ջուղուկանց Յակոբն ու Օհանը:
  • Գեղեցիկ զարդերով վարագոյր, սեղանի ծածկոց եւ ծրարներ պատրաստողներ (պասմաճի).- Այս արհեստով կը զբաղէին Պատմաչոնք, Չալըմենք, Խաչ խաթունենց Մրօենք, Դայռենք, Չալըղենք, Էղօենք:
  • Համետագործութիւն.- Չալըմենք, Չուլչի Պղտօենք:
  • Ջաղացք շինողներ.- Անթէենք, Իսրոյենք, Տէր Մովսէսենք:
  • Մսավաճառ.- Ագռենք, Քէսենք, Ֆերմանենց Ֆերմանը, Դանոնց Օհանը, Ղուկասը, Լալենց Կարեն:
  • Դայեակութիւն.- Դայեակները ծանօթ էին թիկմար կամ փթող/փաթթող անուններով։ Հանրածանօթ էին Մչօ Մրօն (Անուշ) եւ Մահպօենց Սառօն:
  • Հայնիի մէջ կային նաեւ ոսկերչութեամբ, սափրիչութեամբ, թամբագործութեամբ, թաղիքաշինութեամբ եւ փռապանութեամբ զբաղողներ, նաեւ տինկճիներ (ծեծած եւ ձաւար ծեծող): [24]
  1. [1] Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, «Հայնի», Պէյրութ, Լիբանան, 1952, էջ 21։
  2. [2] «Յուշարձան Ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի», հրատարակութիւն Պէյրութի Սահակեան Վարժարանի Նախկին Սաներուն, Պէյրութ, 2010, էջ 35։
  3. [3] Ժամկոչեան, «Հայնի», էջ 22։
  4. [4] «Յուշարձան Ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի», էջ 39։
  5. [5] Նոյն։
  6. [6] Ժամկոչեան, «Հայնի», էջ 22։
  7. [7] Նոյն։
  8. [8] Նոյն, էջ 23։
  9. [9] Նոյն։
  10. [10] Նոյն։
  11. [11] Նոյն։
  12. [12] Նոյն, էջ 24։
  13. [13] Նոյն։
  14. [14] Նոյն։
  15. [15] Նոյն, էջ 25։
  16. [16] Նոյն։
  17. [17] Նոյն։
  18. [18] Նոյն, էջ 26
  19. [19] Նոյն, էջ 26
  20. [20] Նոյն, էջ 26
  21. [21] Նոյն, էջ 26
  22. [22] Նոյն, էջ 27
  23. [23] «Յուշարձան Ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի», էջ  31։
  24. [24] Ժամկոչեան, «Հայնի», էջ 27-28։