Երգողն է Թադէոս Պաղտասարեան: Ծնած է Լիճէ/Լճէ (Տիարպեքիր քաղաքի հիւսիս-արեւելքը), 1915-ին: Ցեղասպանութեան տարիներուն կը կորսնցնէ ընտանիքին անդամները եւ կը շարունակէ ապրիլ Լիճէի մէջ` քաղաքին մէջ յայտնի ժողովրդային բժշկուհի մեծ մօրը հետ:
1925 թուականին Թուրքիոյ մէջ կը բռնկի Շէյխ Սայիտի քրտական ապստամբութիւնը, որ կ’ընդգրկէր նաեւ Լիճէն ու անոր շրջակայ վայրերը: Թրքական իշխանութիւնները կը յաջողին ճնշել այս զինեալ ըմբոստութիւնը: Ծայր կ’առնեն հալածանքներ, որոնցմէ անմասն չեն մնար այս տարածքներուն մէջ ապրող հայոց վերջին մնացորդները:
Այսպիսի պայմաններու մէջ, Թադէոսն ու մեծ մայրը 1926-ին կը հասնին Հալէպ, ուր ապաստան կը գտնեն: Նկատելի է որ Թադէոսի քրտերէն երգերէն ոմանք այդ ժամանակներու ծնունդ են եւ կը նկարագրեն քրտական ապստամբութիւնը, անոր ղեկավարներուն ձերբակալութիւնն ու սպանութիւնը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ:
Թադէոս սկիզբը կը մնայ Հալէպի հայկական որբանոցներէն մէկուն (հաւանաբար՝ տիգրանակերտցիներու որբանոցին) մէջ: Այս հաստատութենէն դուրս գալէ ետք կը սկսի Հալէպի փողոցներուն մէջ աշխատիլ իբրեւ կօշիկի շրջուն ներկարար, մինչեւ այն պահը երբ անձ մը զայն կը խրատէ այդ գործը ձգել եւ զայն կ’առաջնորդէ հիւսուածեղէնի գործարան մը: Նախախնամական այս քայլը դուռ կը բանայ Թադէոսի կեանքին մէջ ասպարէզային յաջողութիւններու: Շնորհիւ իր ուշիմութեան, ժրաջանութեան եւ կամքին, ան շատ արագ կը տիրապետէ հիւսուածեղէնի գործիքներու բոլոր գաղտնիքներուն եւ կը դառնայ անոնց մասնագէտը: Հալէպի մէջ (եւ ոչ միայն) Թադէոս փնտռուած մասնագէտ մըն էր. անոր կը դիմէին ամէն անգամ որ կարիք ըլլար գորգագործութեան նոր մեքենաներ տեղադրելու կամ նորոգելու: Ինքնուս այս անձը յաճախ կը հրաւիրուէր նաեւ արաբական այլ երկիրներ՝ իր մասնագիտութիւնը բանեցնելու համար:
Թադէոս Պաղտասարեան Հալէպի մէջ կ’ամուսնանայ Արաբ Բունարէն Հերմինէի հետ. կ’ունենան երեք զաւակ՝ Գէորգ, Անի եւ Սեդօ:
Թադէոս Պաղտասարեան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է Հալէպի Տիգրանակերտցիներու հայրենակցական միութեան աշխատանքներուն: Տիգրանակերտցիներու կազմակերպած տօնախմբութիւններուն ընթացքին – քաւուրմա տիարպեքիրեան ճաշը այդ օրը անխուսափելի ներկայութիւն մը կ’ըլլար – ան յաճախ կ’երգէր այս էջով ներկայացուած քրտերէն երգերը:
Սոյն արձանագրութիւնները կատարած է Միհրան Մինասեան Թադէոս Պաղտասարեանի տան մէջ, Հալէպ, 12 եւ 18 Հոկտեմբեր 1993-ին:
Թադէոս կը մահանայ Հալէպի մէջ, 1997-ին:
Թադէոս Պաղտասարեան իր երգած երգերուն համար հազուադէպօրէն կը նշէ վերնագիր: Կարգ մը վերնագիրներ առնուած են քրտական այլ աղբիւրներէ, նկատի ունենալով որ ոմանք ծանօթ երգեր են: Հոն ուր երգին անունը լրիւ անծանօթ է, պարզապէս գրած ենք «Անվերնագիր» եւ կողքին աւելցուցած ենք երգին մէջ արծարծուած նիւթը: Երգերուն մասին այլ աղբիւր մըն է Բենիամին Կ. Ժամկոչեանի «Հայնի. Տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական» (Պէյրութ, 1951) գիրքը: Հայնին Լիճէի դրացի գիւղաքաղաք մըն է: Գիրքին պատրաստութեան ատեն հեղինակը հանդիպած է Հալէպ ապրող Թադէոս Պաղտասարեանի հետ, երգել տուած է անոր քրտերէն երգացանկը եւ կարգ մը երգեր ընդգրկած իր գիրքին մէջ՝ ներկայացնելով անոնց նօթաները, քրտերէն արտագրութիւնը եւ հայերէն թարգմանութիւնը: Այս երգերուն պարագային պիտի գործածենք Ժամկոչեանի գիրքին մէջ գործածուած վերնագիրները: Հայնիի գիրքին պատրաստութեան ժամանակ Թադէոս իր 30-ական տարիներուն մէջ էր եւ վստահաբար շատ աւելի լաւ կը յիշէր այս երգերը: Յատկանշական է որ 1990-ականներու արձանագրութեան մէջ ան հարցավար Միհրան Մինասեանին քանի մը առիթներով կը յայտնէ, որ կարգ մը երգեր չի յիշեր, իսկ ուրիշներ միայն կիսատ կը յիշէ. «Աւելի կանուխ պէտք է գայիր», կ’աւելցնէ ան…
«Փեսայութեան երգ» (կամ «Եք մումիք» Yek Mumik)
Ամուսնութենէն առաջ, փեսան հագցնելու ժամանակ երգուող երգ մըն է:
Տառադարձութիւն՝ | Թարգմանութիւն՝ |
Du mûman sê mûman çar mûman çardeh mûman Dê bişînin her malik Her malik du misqalik Bûk li zavê bimbarik | Զոյգ մոմեր, մոմեր, մոմեր, Երեք մոմեր, չորս մոմեր, Ղրկեցէք ամէն տուն, Ամէն տուն: Ամէն տուն երկու մըսխալ [կշիռքի չափ], Հարսը փեսին շնորհաւոր: [1] |
Այս երգին մէկ տարբերակը կ’երգէ նաեւ քիւրտ երգիչ Շիվան Փերվեր: Կայ նաեւ երգին թրքերէն տարբերակը. զայն 1980-ականներու սկիզբը երգած է քիւրտ երգիչ Իպրահիմ Թաթլըսէս:
Կը ներկայացնենք Թադէոս Պաղտասարեանի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Min ......... dîbû mêrgê da
Hûr hûr dimeş e goniyan
Dikim gewrê ramîsim guneh li stûngê me hemiyan
Gez davêjim gerdenê xurmen dikete moriyan
Min ........ dîbû mêrgê da
Hûr hûr dimeşe xirşikan
Dest davêjim gerdenê xurmen dikeve hişikan
Dikim gewrê ramîsim guneh li stûyê keçikan
Yar Sînemê septê û lehtê û çarşemê.
Սոյն երգը հրատարակուած է նաեւ Բենիամին Ժամկոչեանի գիրքին մէջ։ Կը ներկայացնենք սոյն գիրքին մէջ լոյս տեսած երգին հայերէն տառադարձութիւնը եւ անոր թարգմանութիւնը։
Եար Սինէմէ, Սինէմէ թաու Հաւար, հաւար, Սինէմէ Եար Սինէմէ, Սինէմէ թաու Սուպհէ Լահտէ Չարշէմէ։ | Եար Սինէմէ, Սինէմէ թաու Հաւար, հաւար, Սինէմէ Եար Սինէմէ, Սինէմէ թաու Վաղը Կիրակի է. Չորեքշաբթի։ |
Մուգուլ տիպու մէրկէտան Հուրհուր մէշիեան կոնիեան Տէզրա վէժըմ կէրտէնէ Խուրմէն տըքէվէ մորիան Տըքըմ կոլէ ռամիսըմ Կունաս թունկէ համօեէմ։ | Ես մարգագետնին վրայ ցաւ տեսայ, Կամաց-կամաց կը քալէ… Ձեռքս նետեմ ես կրծքին, Մարմնոյն մէջ կ’իյնայ գրգիռ մը, Կ’ուզեմ վարդը համբուրել, Ամբողջ մեղքը իմ վզիս է: |
Մուգուլ տիպօ մէրկէտա Հուրհուր մէշիեան գըռշըգան Տէզրա վէժըմ կէրտանէ Խուրմէն տըքէ վէռիշըքամ Տըքըմ կէօվրէ ռամիսըմ Կունաս թունկէ գէչիքըմ: | Մարգին մէջ ցաւը տեսայ, |
Կը ներկայացնենք Թադէոս Պաղտասարեանի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Keçê tu zanî
Çavreş mala me danî
Te ez kuştî te ez helandî
Kir helala vî canî
Diyarbekir derge ye
Nisêbînê qişle ye
Wer em herin zozanê
Meskena min û te ye
Qitilbil ciyekî dûz e
Hemî gul û nêrgiz e
Jinebîka nastînim
Derdê min yeke qîz e
Were keçê tu zanî
Çavreş mala me danî
Te ez kuştî te ez helandî
Kir helala vî canî
Հալոլիկ (Կաղանդի սովորութիւն մը)
Թադէոս Պաղտասարեան կը պատմէ Լիճէի մէջ գոյութիւն ունեցող Կաղանդի սովորութիւն մը: Հոս կ’արտագրենք իր խօսքերը.
«Աս Հալոլիկը մենք պզտիկ էինք նէ, ուրեմն տոպրակներ կը կարէին մեզի համար՝ մեր տունի կիները, մայրերնիս կամ ամմոյի կիները, կ’առնէինք [տոպրակները] տանիքները կը պտտէինք: Տոպրակը բուխերիկէն վար կ’իջեցնէինք եւ քրտերէնով կը կանչէինք՝
Halolîk hate xwarê
Xwedê bihêlê xortên malê
Xwedê bistîne pîrekên malê
Այդ տոպրակին մէջ ընկոյզ, պաստեղ կը լեցնէին եւ վեր կը քաշէինք: Ուրեմն օր մը մէկու մը տուն[ը] գացինք, հիմա [այդ ընտանիքին] մէկ տղան հոս [Հալէպ] է, Մակըրեանենց տանիքը [իր] հարսանիքը եղաւ: Ճուլճի Կարապետ էր [այդ տանտիրոջ անունը], էշու ճուլ [կարպետ, հաւանաբար իշու կռնակին փռուող թամբն է] կը կարէին: Ուրեմն [տոպրակը] իջեցուցինք վար, «քաշէ՛» ըսաւ, քաշեցինք որ տոպրակը վառեր է, մէջը կրակ լեցուցեր են: Վարէն պոռացին՝ «ուրիշ հատ մը իջեցուցէք, թելը իջեցուցէք վար, կրակին մէջը ինկաւ տոպրակնիդ»: Թելը իջեցուցինք, իրենք տոպրակ մը պատրաստեր են, լեցուցեր են ամէնը, կապեցին ետ վեր քաշեցինք: Հալոլիկը ասի է, երգ չէ»:
Թադէոս ապա կ’արտասանէ Հալոլիկին բառերը՝
Halolîk hate xwarê Xwedê bihêlê xortên malê Xwedê bistîne pîrekên malê | Կաղանդ պապան վար իջաւ, Աստուած պահէ խորթերը [ամուրի երիտասարդները], Առնէ անկեալ ծերերը: [3] |
«Աստուած տունի ամուրի երիտասարդը պահէ, տունի ծերը առնէ: Ասիկա բան մըն էր եանի»:
«Մուսա պէկին երգը»
Սասնոյ գիւղերէն հայ աղջկան մը՝ Կիւլիզարի իրական պատմութիւնն է: Վաղ պատանեկութեան տարիքին, Կիւլիզար (1875–1948) կը գրաւէ քիւրտ աշիրեթապետ Մուսա պէկին ուշադրութիւնը, որ 1889-ին կ’առեւանգէ 14-ամեայ աղջիկը եւ կը տանի իր գիւղը՝ Հեւետիկ: Ի տարբերութիւն առեւանգուող հայ շատ աղջիկներու ճակատագիրին, Կիւլիզարի պարագան բացառիկ է, նկատի ունենալով որ առեւանգումի այս պատմութիւնը այստեղ կանգ չառնէր, այլ տեղի կ’ունենան իրաւական հետապնդումներ Մշոյ հայոց առաջնորդարանին եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին նախաձեռնութեամբ: Բաղէշի (Պիթլիս), ապա Պոլսոյ մէջ կը կատարուի Կիւլիզարի առեւանգումի հարցով դատը: Յատկապէս Պոլսոյ դատը միջազգային լրատուամիջոցներու նիւթ եղած է: Կիւլիզար ազատ կ’արձակուի, աւելի ուշ կ’ամուսնանայ Գեղամ Տէր Կարապետեանի (Մշոյ Գեղամ, Տատրակ, 1865–1918) հետ:
Սոյն երգը մինչեւ այսօր կ’երգուի քրտական շրջանակներու մէջ: Բայց յատկանշական է Թադէոսին երգած տարբերակը. հոն Մուսա պէկ պատրաստ է քրիստոնէութիւն ընդունելու՝ Կիւլիզարի սրտին տիրանալու համար:
Թադէոս այս երգը միայն կ’արտասանէ: Անոր մեղեդին հաւանաբար ան չէր յիշեր արձանագրութեան ժամանակ: Երգելէն վերջ բացատրութիւններ կու տայ այս քրտերէն երգին մասին եւ հոն է որ կը նշէ Մուսա պէկի քրիստոնեայ դառնալու տրամադրութիւնը: Կը ներկայացնենք քրտերէն իր արտասանութիւնը:
Հոս կը վերարտադրենք նաեւ Ժամկոչեանի գիրքէն առնուած սոյն երգին (Թադէոսի տարբերակին) քրտերէն արտագրութիւնը եւ հայերէն թարգմանութիւնը [4]: Այս տարբերակին մէջ Մուսա պէկի քրիստոնեայ դառնալու տրամադրութեան մասին ակնարկ չկայ: Վերջաւորութեան, կը ներկայացնենք նաեւ քրտական երկու տարբերակներ՝ երգի մեղեդիին ծանօթանալու համար:
Մուսա պէկի եւ Կիւլիզարի երգին Թադէոս Պաղտասարեանի արտասանութիւնը՝
Gulê 'elbê girt û çû bêriyê
Hecî Musa Begêm tifengê girt û ket pêşiyê
Go Hecî Musa Begêm bes li min de ez gunem e
Ez aşiqê va fille me ez aşiqê bendewarê dînê xwe me
Lê lê gulê gamê li min gamê
Ez ê gulokê xwe re parêza zerê
Roja lehtê herim dêr camê(camiyê)
Բենիամյին Ժամկոչեանի գիրքին մէջ լոյս տեսած երգին հայերէն տառադարձութիւնը եւ անոր թարգմանութիւնը։
Կուլէ ալպէ կըրթօ չու գանիեէ Հաճի Մուսա պէկի թֆկէնտէ կըրթօ քարթ պէշինէ Կօ, էկէր թուս պէյի սէրտինէ հագի է ուարէ Էկէր նայի էգէ թէպու գը ժըմ լըվէ տէրէ: | Կիւլիզարը դոյլը առաւ գնաց աղբիւրը, Հաճի Մուսան հրացանը առաւ ինկաւ առջեւը, Եթէ կ’ուզես ճշմարիտ օրէնքին գալ [իսլամութիւնն ընդունիլ], եկուր, Եթէ չգաս՝ քեզ հոս կը սպաննեմ: |
– Հաճի Մուսա պէկօ, պիսլիմըտէ վէզ կունէ մէ Էզ աղջիկըմ պէ ֆէլլամէ Էզ աղջիկըմ րէյսա տէրա սըփի վէզ պըխումէ Էզ է կուլոմա, կուլէքի տինըմ: | – Հաճի Մուսա՛, կը բաւէ ըրածդ, մեղք եմ, Ես հայու աղջիկ եմ, Ես ճերմակ վանքի քահանային աղջիկն եմ, Ես Կիւլիզարն եմ, բայց խենդ եմ: |
Էզ է տավու տէվրանա, գովշա պըշամրինըմ Ռէքա Ստամպոլա քամպախ պէք ու տինըմ Էզ է պըկրըմ փէրտա Օսմանլիէ Էկէր փըսրա մընու հաճի Մուսա պէկի քըրիմ Էկէր նէ քըրիմ էզէ հաֆթ տուէլա Էճնէպիյէ պէհէսինըմ: | Թեւերս կը սոթթեմ, քղանքս կը հաւաքեմ, Շիտակ Պոլսոյ ճամբան կը բռնեմ, Եւ Օսմանեան դրօշը կը ճօճեմ: Եթէ իմ ու Մուսա պէկի հարցը չկարգադրուի, Եօթը օտար պետութիւններու կը դիմեմ: |
Այս երգին այլ տարբերակը կ’երգէ Տենկպէժ Լեթիֆէ Քերէյազաին։ Այլ տարբերակ մը կ’երգէ Ռէսօն։
«Չերքէզ Օմէր» (ծանօթ է նաեւ՝ «Էվտիլա պէկ ու Չերքէզ աղա» անունով)
Օսմանեան իշխանութիւնները 1860-ական թուականներուն բանակ կը ղրկեն Սիւրմէլի Մեհմէտ փաշայի հրամանատարութեամբ՝ ճնշելու համար Սիս/Քոզանի շրջանին Քոզանօղլու ցեղախումբը: Սիւրմէլի Մեհմէտ փաշա Թոփրաք Գալէէն քիւրտ մըն էր: Ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին ան քոլէրայէ կը վարակուի ու կը մահանայ: Թոփրաք Գալէի ռազմական հրամանատար կը նշանակուի Չերքէզ Օմէրը: Բայց Մեհմէտ փաշայի որդին՝ Ապտուլլահ/Էվտիլա պէկը, այս որոշումին դէմ կը կենայ, կ’ապստամբի Չերքէզ Օմէրին դէմ, բայց կը սպանուի ճակատումի մը ընթացքին: Մեհմէտ փաշայի կինը եւ Էվտիլա պէկի մայրը՝ Այշէ Խանում կը պատրաստուի իր զաւակը թաղել: Բայց նոյն ժամանակ մօտակայ գիւղի մը մէջ հայկական հարսանիք տեղի կ’ունենար: Այշէ Խանում խօսքը հայերուն ուղղելով, կ’ըսէ թէ իր զաւակին թաղումն է, սուգ է, անյարմար է հարսանեկան տաւուլ-զուռնան: Հայերը կը պատասխանեն թէ իրենք Չերքէզ Օմէրի արտօնութիւնն ունին:
Յատկանշական է, որ Թադէոսի այս տարբերակին մէջ Այշէ Խանում երբ իր խօսքը կ’ուղղէ հայոց, ան ուղղակի կը խօսի Անդրանիկ փաշային հետ (Անդրանիկ Օզանեան, 1865–1927), որ ժամանակագրական առումով քանի մը տասնամեակ աւելի ուշ գործած հայ ֆետայապետ էր:
Կ’ենթադրուի թէ այս երգին հեղինակը քիւրտ աշուղ (տենքպէժ) Էվտալէ Զեյնիքէն է: Այս երգին այլ տարբերակ մը կ’երգէ Տենկպէժ Մեհեմէտէ Խամուրէն։
Թադէոսի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Ez ê kela milazgirê ketim tîne tîne
Van 'egîdên fille du şehîdên def û zurne tîne
'Eyşo Xanim bi sê dengan dikire gazî
Hûn ê def û zurne nexin qomşî nîne
Ez ê mezerê mîrê xwe bikolim li vî kaşan
Xençerê mîrê min avzêrkirî heta qaşan
Xwezî hesret di vî çaxê bi min de derketa siwarê hêşînboz Antranig paşa
Mîrê 'Evdilla Begêm ji oda mezin derket dere
Ketibû qesra ..........
Vî zalimê şûrê lêxist xwînê berda li ser simbêlê sor û zere
Անվերնագիր (հարսանեկան երգ)
Շատ հաւանաբար հարսին ուղղուած երգ մըն է, ուր կը հնչեն հինայով զարդարուելու խօսքեր:
Թադէոսի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Hene çêkin li tasê
Bidin destê reqasê
Hene çêkin li kedûnê
Bidin destê xatûnê
«Խաճէ եւ Սիախմատ»
Քրտական սիրոյ հեքիաթային պատմութիւն մըն է՝ ողբերգական աւարտով: Այս վիպերգը, իր զանազան տարբերակներով, կարեւոր տեղ ունի քրտական բանահիւսութեան մէջ: Դէպքերը տեղի կ’ունենան Վանայ լիճին հիւսիսը՝ Սիփան (Süphan) լեռան տարածքին: Խաճէն աղջիկն է, Սիախմատը՝ տղան: Վիպերգը ունի նաեւ հայերէն իր տարբերակը, զոր քերթուածի/պոէմի ձեւով մշակած է Յովհաննէս Շիրազ «Սիամանթօ և Խջեզարէ» վերնագրով (Հայպետհրատ, Երևան, 1957): Այս հեքիաթի գլխաւոր հերոսին անունը՝ Սիախմատը, դարձած է գրչանունը տաղանդաշատ բանաստեղծ Ատոմ Եարճանեանին (1878–1915): Այս վերջինը իր ծննդավայր քաղաքին՝ Ակնի մէջ աշակերտ եղած ժամանակ ուսուցիչ ունեցած է յայտնի ազգագրագէտ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցը, որ քաջածանօթ էր քրտական այս վիպերգին եւ անոր հայերէն տարբերակներուն: Հայ հոգեւորականը նկատած էր աշակերտ Ատոմին գրական տաղանդը եւ անոր յորդորած որդեգրել Սիամանթօ (Սիախմատի մէկ տարբերակը) գրչանունը:
Թադէոս Պաղտասարեանի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Xecê bi hêvî delala min hêvî
Tu wa destê xwe bavêj tîr û kevana min a bazinzîvî
Ez ê herim gakûvî bikûjim ji me ra bikim taştê û şîvî
Sîyabendo qurban hêvî bi min hêvî
Ez ê destê xwe bavêm tîr û kevana te ya bazinzîvî
Tu wa mere gakûvî mekûje ji me ra lazim nine taştê û şîvî
Sîyabendo qurban nalîna te tê girîna min tê
De nalîn û girîna heftê milletî li ser nalîn û girîna min û te tê
Xecê Sîpan e xweş Sîpan e
Alîkî mij û yek dûman e
Cihê gul û gulistan e
Gakûvî nehişt biqede miradê herdû dilan e
Gakûvîyo gapiçûko qocê te yî darê belalûko
Te çima ji hevdû kir destê zava û bûko
Gakûvîyo gamezino qocê te yî wek hesino
Te çima ji hevdû kir destê mêr û jino
Xecê nîne bi min nîne
Tu wa here werîsê heft gundan bicivîne
Bîne devê çîya destê min a pê bigihîne
Sîyabendo qurban nîne bi min nîne
Çil kezîkê min ê xarpûtlîne
Ez ê dirêj bikim devê mixara destê te ya pêbigihînim
Գրիգոր Խանջեանի նկարազարդումները Յովհաննէս Շիրազի «Սիամանթօ եւ Խջեզարէ» գիրքին («Սովետական գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1979)։
Անվերնագիր (Շէյխ Սայիտի ապստամբութեան վերաբերող երգ)
Երգը Շէյխ Սայիտի քրտական ապստամբութեան մասին է: Թրքական իշխանութիւնները կը ճնշեն ըմբոստութիւնը եւ անոր ղեկավարները մահապատիժի կ’ենթարկեն: Երգին մէջ անարգական խօսքեր կան ուղղուած Թուրքիոյ ղեկավար Մուսթաֆա Քեմալ փաշային (ապագայ Աթաթուրքին):
Թադէոսի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Beşna mîrê min zirav e taka wî rihanê
Hêşîn dibû li barsûma kambax wê dîwanê
Kemal Paşa xêrê bikira xêr nebîna
Çawa derxistibû fermanê Kurdistanê
Axakê mino de lêde paşakê mino de lêde
Şerê şêx Elî Riza giran e bavê min o lêde
Beşna mîrê min zirav e wî rihanê
Hêşîn dibû ........ dibû wê dîwanê
Kemal Paşa xêrê bikira xêr nebîna
Çawa derxistibû fermanê Kurdistanê
Անվերնագիր
Երգը իր կինը կորսնցուցած թափառաշրջիկի մը (քոչար) մասին է: Եկած է Տիարպեքիր քաղաք, քայլամոլոր կը թափառի փողոցներուն մէջ եւ կարծես թէ կինը կը փնտռէ:
Թադէոսի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Diyarbekir di çalê da
Ciyê gewran û rindan waye têda
Kî kir pirsa torinê min çi dike
Waye 'Elîpinar bişewite li nav koşkê da
Ez koçer im penîr tînim
Kuçe kuçe li Diyarbekirê digerînim
Digerim nagerim saxlik û pirsa torinê xwe nabînim
Ez nexweş im ta digrim
Ez ê roj bi rojan xirabtir im
Xelkê dere aliyê malê min û torinê min ji hev rakirin
Անվերնագիր
Շատ հաւանաբար Շէյխ Սայիտի ապստամբութեան մասին երգ մըն է: Կը ներկայացնէ պատմութիւնը քիւրտ էմիր/միրի մը, որու ապարանքին վրայ կը յարձակի թրքական զօրքը:
Թադէոսի երգածին քրտերէն արտագրութիւնը՝
Sibe ye sibeka min ê sar tê
Dengê top û mitralyozan li qesra bavê Emîn kerr û lal tê
Çi bikim îro dest û lingê bavê Emînêm çardeh alî girêdane
Lê dayê sarîgî sibê stûxwar tê
Dengê top û mitralyozan li qesra bavê Emîn kerr û lal tê
Çi bikim îro gullekî berdane beşna bavê Emînêm
Lê dayê sarîgî sibê xwînek sor tê