Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Երկրագործութիւն (Ցորեն)

«Երկրագործութիւն» ենթավերնագիրին սոյն բաժինը կը վերաբերի Բալուի մէջ ցորենի մշակութեան՝ ցանքէն եւ հունձքէն մինչեւ կամնումը եւ պլղուր պատրաստելու յաջորդական հանգրուանները։

Ցանք եւ հունձք

Գարնան եւ ամրան եղանակներուն գիւղացին կը սկսի ցորենի յատկացուած արտը չորս-հինգ անգամ հերկել՝ իւրաքանչիւր հերկումէ ետք 10-15 օրուան դադար մը տալով։ Ապա Սեպտեմբերի կիսուն ծայր կ՝առնէ հերկուած այս արտերուն ոռոգումը։ Հողը լաւապէս խոնաւնալէ, կամ ինչպէս կ՝ըսեն թարպիս ըլլալէ ետք միայն գիւղացին կը սկսի ցորենի հատիկներ սերմանել։ Այս գործողութենէն ետք, արօրով դարձեալ կը հերկեն արտը՝ հատիկները աւելի եւս հողին տակ խրելու նպատակով։ Իսկ արօրին կը հետեւի ցաքը, որուն միջոցաւ լայն ակօսները կը փակուին, հողը կը հարթուի եւ տակաւին մակերեսի վրայ մնացող հատիկները գետնին տակ կ՝անցնին։

Այսպէս ալ կ՝աւարտի ցորենի մշակութեան առաջին հանգրուանը։ Գիւղացին մէյ մըն ալ արտ կը վերադառնայ յաջորդ տարուան Ապրիլին կամ Մայիսին, այն ժամանակ երբ ձիւներու հալքէն ետք ցորենի կանաչ ծիլեր հողէն դուրս ցցուած կ՝ըլլան [1]։ Եթէ երաշտ կամ կարկուտ տեղի չունենայ, գիւղացին մասնաւոր ընելիք մը չունի ցորենի արտին հետ եւ այս դրութիւնը կը տեւէ մինչեւ Յունիս, այսինքն՝ երբ կը հասնի հունձքի պահը։ Իրականութեան մէջ ցորենի արտը քախանքի ալ պէտք չունի։ Հունձքը, կամ ինչպէս գիւղերուն մէջ կ՝ըսեն քաղը գիւղացիները կը զբաղեցնէ Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն։ Այս մէկը հաւաքական աշխատանք մըն է. ամբողջ գիւղը միասնաբար կ՝որոշէ հունձքի առաջին օրը, բոլորը կ՝իմանան, դուրս կը հանեն իրենց գործիքները ու կը պատրաստուին այդ օրուան։ Կը պատահի նաեւ որ գիւղին գիզիրը հունձքի նախօրէին երեկոյեան բարձր տանիքի մը վրայ կանգնած բարձրաձայն յայտարարէ. «Վաղը մանկա՜ղ ը, մանկա՜ղ հա՜…, հազըր եղէք օր դաշտ էրթա՜ք… չըսէք օր չի լսեցինք հա՜…» [2]։

Լուսածագէն առաջ հնձողները մանգաղները իրենց ուսերնին կը հասնին արտերուն մօտ։ Ամբողջ գիւղն է որ զօրաշարժի ենթարկուած է։ Տուներուն մէջ կը մնան միայն ծերերը, տանտիկինները, 6-7 տարեկանէն վար մանուկները։ Արտ կը տարուին նաեւ ծծկեր երեխաները։ Երկրագործ չեղողները կամ արտ չունեցողները նոյնպէս այստեղ կ՝ըլլան եւ վճարովի կ՝աշխատին քիչ մարդուժ ունեցող ընտանիքներուն համար։ Անոնց օրականը ընդհանրապէս 7էն 9 քկր. ցորեն է։ Գիւղերու մէջ հունձքը կրնայ մինչեւ 80 օրեր տեւել. այնպէս որ գիւղացի մը եթէ ամբողջ այս շրջանին վճարովի աշխատի, կրնայ վերջաւորութեան 560 քկր. ցորեն ամբարել [3]։

Իւրաքանչիւր խումբ ուղիղ գիծով շարքեր կազմած միասնաբար կը կանգնին արտին մէջ։ Ամէն հնձող իր ձախ ձեռքի հինգ մատներուն անցուցած կ՝ըլլայ մատնոցներ, իսկ աջ ձեռքով ալ բռնած կ՝ըլլայ մանգաղը։ Անոնք պատրաստ են հունձքին, կամ տեղական բարբառով մանկաղին, բայց կը սպասեն օնճիին հրամանին։ Օնճին անոնց շարքին ամէնէն փորձառուն է. ան է որ կը յատկանշուի մանգաղի արագ հարուածներով եւ ամբողջ աշխատանքին ընթացքին ցուցմունքներ կու տայ իր կողքի գիւղացիներուն։ Օնճին է նաեւ որ արտը կը բաժնէ «օն»երու. այսինքն հնձելու համար սահմանուած հաւասար մասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ հաւաքաբար պէտք է աշխատիլ։ Ապա օնճին կը խաչակնքէ ու բարձրաձայն կ՝ըսէ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, Ամէն…», մանգաղին բերանին կը դպցնէ բուռ մը ցորեն, եւ այս արդէն կ՝ըլլայ սկսելու ազդանշանը։ Մանգաղները կը սկսին հարուածել հասկերը։ Հունձքը կը սկսի արտին կեդրոնէն, ուր նաեւ կը հաւաքուին ցորենի խուրձերը։ Մինչ խմբային եւ համաչափ այս շարժումները ծայր առած են, դարձեալ կը լսուի օնճիին ձայնը. «խուրձ համպար ը ըս օնը» (ամէն օնի մէջ իւրաքանչիւր հնձող իր քաղածը պէտք է խուրձի վերածէ)։ Արդ, աշխատանքը ունի իր օրէնքները, քանի որ ամէն հնձուոր պարտաւոր է ամէն մէկ օնի մէջ 100-120 խուրձ կազմել [4]։ Իսկ խուրձեր կազմելու համար կը գործածուի կեմը, որ պարան մըն է։ Զայն պատրաստողները կ՝ըլլան գեղջուհիները, որոնք նախ իրենց արմատներէն կը քաղեն խուրձ մը ցորենի հասկեր ու զանոնք ամբողջ օր մը կը պահեն աղբիւրի աւազանին մէջ։ Ցօղունները ջուրը կը ծծեն, կը կակուղնան ու կը դառնան առաձգական։ Ապա այս ցօղուններէն տասական հատ կ՝առնեն ու իրարու կը հանգուցեն՝ այս ձեւով կազմելով մօտ երկու մեթր երկայնութեամբ պարաններ։

Երկու օն ցորեն հնձելէ ետք խումբը կը նստի նախաճաշի, որ կ՝անուանուի սրտադեղ։ Անիկա տեղի կ՝ունենայ ժամը 7էն 8ի միջեւ։ Աշխատանքը կը վերսկսի ու երկու օն եւս կը հնձեն։ Այնուհետեւ խումբը դարձեալ կէս ժամ հանգիստ կ՝ընէ։ Արտին կեդրոնը արդէն խոզանի մը (հնձուած արտի) վերածուած կ՝ըլլայ։ Այստեղ 5-6 մեթր տրամագիծով շրջանակի մը մէջ կը սկսին իրարու վրայ դիզուիլ խուրձերը, որոնք վերջաւորութեան 6-7 մեթր բարձրութեամբ կոնաձեւ դէզեր կը սկսին կազմել։ Արեւուն ճառագայթներուն կիզիչ պահն է, հնձուորները քրտնած ու յոգնած են, բայց վերստին ձեռք կ՝առնեն մանգաղները։ Բայց պէտք է խնայել նաեւ աշխատողներուն ուժը. այնպէս որ այս ժամերուն համար ճշդուած օները աւելի փոքր կ՝ըլլան։ Իսկ կէսօրին աշխատանքը վերստին կանգ կ՝առնէ։ Հնձուորները կը հաւաքուին բարձր դէզերուն շուքին կամ իրենց լարած եռոտանի վրաններուն (չաթմա) տակ։ Տանտիկինը արդէն գիւղէն բերած կ՝ըլլայ կէսօրուան ճոխ ճաշը, ուր կը գտնենք ձաւարի եղինձ, խարկուած միս, թան, թանապուր, սեր, կարագ, ձուածեղ։ Ապա աշխատողները մօտ երկու ժամ կը քնանան։ Օնճին դարձեալ հրաման կու տայ ու հաւաքական աշխատանքը կը վերսկսի։ Մինչեւ մայրամուտ 4-5 օներ եւս կը հնձուին։ Հունձքի այս օրերուն կը պատահի նաեւ որ դաշտերը այցելութեան գան բոշաներ, որոնք թմբուկով ու փողով կը փորձեն զուարթացնել աշխատող գիւղացիները, միաժամանակ անոնցմէ ցորենի խուրձեր մուրալով [5]։

Օգոստոսի վերջերը ցորենի բոլոր արտերը ճերմակ խոզաններու վերածուած կ՝ըլլան։ Այնտեղ կ՝երեւի միայն բոզկեկ խոտը։ Ասիկա ցորենի արտերուն մէջ առատօրէն աճող անվնաս բոյս մըն է, որ հազիւ մէկ-երկու ամսուայ կեանք ունի, որմէ յետոյ կը չորնայ, իր կանաչ գոյնը կը փոխուի սեւի ու կը դառնայ չափազանց դիւրավառ։ Ցորենի հունձքէն ետք, գիւղացին կրակի կու տայ արտերուն մակերեսին բուսած բոզկեկը, որուն հետ կ՝այրին նաեւ վնասակար այլ խոտեր ու փուշեր։ Այրած բոյսերուն փոշին պարարտացուցիչի դեր կը խաղայ հողին համար [6]։

Կալը

Հունձքէն ետք գիւղացիները կը վերադառնան տուն։ Անոնց հանգիստը միայն քանի մը օր կը տեւէ, որովհետեւ շուտով ծայր կ՝առնեն կալի աշխատանքները։ Առաջին հերթին պէտք է հանել կալին մակերեսին ծեփուած կշգուրները. ասոնք կաղապարաձեւ անասունի չորցած թրիքներ են, որոնց միջոցաւ գիւղացիները կը ծեփեն կալատեղին՝ գետինը պաշտպանելու նպատակով։ Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ քանի մը կշգուր շալկած կը փոխադրէ զանոնք տուն։ Ապա կալատեղին կ՝ոռոգեն, արօրով կը հերկեն, կը ցաքեն, մինչեւ որ լաւապէս հարթանայ եւ ոչ մէկ բուսականութիւն այնտեղ մնայ։ Այսպէս կը թողեն մէկ-երկու օրեր, որոնց ընթացքին գետինը կը ցամքի ու կը պնդանայ։ Այնուհետեւ ծայր կ՝առնէ այս յատակը լողելու գործողութիւնը. այսպէս, գետնին վրայ կը պտտցնեն ծանր քարէ քլան մը, որպէսզի լաւ մը հարթարէ մակերեսը։ Նոյն գործողութիւնը կը կրկնուի երեքէն չորս անգամ։ Այս ձեւով կալատեղին ո՛չ միայն ամբողջովին ողորկացած կ՝ըլլայ, այլ նաեւ գետինը կատարելապէս կարծրացած ու քարացած կը գտնենք։ Այս մէկը հիմնական նշանակութիւն ունի, նկատի ունենալով որ յաջորդող շաբաթներուն՝ կամնումի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, այստեղէն պիտի անցնին շատ մը մարդիկ ու անասուններ։ Իսկ գետինը պէտք է որ պահէ իր կարծրութիւնը, այլապէս կամնուած ու հոսուած արմտիքը կրնայ հողով ու քարով միախառնուիլ [7]։

Իր այս ձեւին մէջ կալը պատրաստ վիճակի մէջ է. գիւղացին առաջին հերթին հոս կը փոխադրէ ոլոռնը, ոսպը, գարին, կտաւատը, բակլան։ Ասոնց կամնումը եւ հոսումը մօտ երկու շաբաթէն աւարտելէ ետք միայն կալատեղին ամբողջովին կը տրամադրուի ցորենին, որ գիւղացիին համար ամառնային գլխաւոր զբաղումն է։ Կը պատահի որ գիւղացին իր կալը կառուցած ըլլայ ցորենի արտին մէջ իսկ՝ խոզաններուն վրայ։ Այս մէկը աւելի յաճախակի է տեսնել ցորենի սահմանափակ հունձք ունեցող արտերուն պարագային։ Բայց ընդհանրապէս կալատեղին շինուած կ՝ըլլայ գիւղացիին տան քովը։ Հոս է որ գիւղացին սայլով կամ գրաստով կը բերէ իր արտերուն ցորենը կամ գարին։ Փոխադրութեան այս գործողութեան կը տրուի օրան կրել անունը եւ անիկա կրնայ տեւել մէկէն երկու շաբաթ [8]։

Բալուի սայլը

Գիւղացիները այս փոխադրամիջոցին կու տան սալ անունը։ Տեղական բարբառով սալ կը նշանակէ նաեւ տափարակ քար, որ կը գործածուի գետինը սալայատակելու համար։ Սայլը կը բաղկանայ հետեւեալ բաժիններէն. երկու արեղներ, երկու գլաններ, նետ մը, չորս արղաներ (ակռայ) եւ տուն մը։

Արեղը, կամ արեղին.- 3էն 3.5 մեթր երկայնութեամբ եւ 15-20 սանթիմեթր լայնքով իր կեղեւէն մաքրուած ու տաշուած քերան մըն է։ Այս երկու գերանները շեղակի ձեւով իրարու կը միանան կազմելով եռանկիւնաձեւ գագաթ մը, որ ամրացուած կ՝ըլլայ երկաթեայ անուրի մը մէջ։ Երկու արեղներուն միացման կէտը կը կոչուի սալին գլոխը (սայլին գլուխը)։ Գագաթին, կամ գլուխին հակառակ կողմը կը գոյանայ մօտ 1.75 մեթր երկարութեամբ բացուածք մը։ Երկու այլ գերաններ՝ առաջինը երկու մեթր երկարութեամբ, իսկ երկրորդը մէկ մեթր երկարութեամբ, կը հաստատուին այս արեղներուն վրայ՝ այս ձեւով զանոնք անշարժացնելով ու աւելի եւս ամրացնելով։ Երկու այս նոր գերաններուն միջեւ կը պահուի մօտ 1.5 մեթրի հեռաւորութիւն մը եւ այս միջոցը կը լեցուի իրարու զուգահեռ հաստատուած փայտերով։ Սայլին այս բաժինը կը կոչուի տուն եւ ասոր վրայ կը բեռցուին փոխադրելիք ապրանքները։

Արղան (ակռայ).- Ասոնք արեղներուն տակ ամրապէս ու դէմ դիմաց ուղղահայեաց հաստատուած 30-35 սանթիմեթր երկայնքով ցիցեր են։ Կը գտնուին տանը ճիշդ միջին կէտին վրայ։

Նետը.- Երկու արղաներուն դերը նետը ամուր պահելն է։ Այս վերջինը մօտ 2.5 մեթր երկայնքով գերան մըն է, որուն երկու ծայրերը հաստատուած են դէմ դիմաց գտնուող արղաներուն քառանկիւն ծակերուն մէջ։ Կարեւոր է որ նետը կարծր փայտէ մը շինուած ըլլայ։ Այս պատճառով ալ յաճախ Բալուի մէջ կ՝ընտրուի թթենին։

Գլանները.- Նետին երկու ծայրերը տակաւին 10-15 սանթիմեթր արղաներէն դէպի դուրս կ՝երկարին։ Այս ծայրամասերուն անցուած կ՝ըլլան անիւաւոր երկու փայտերը, կամ գլանները։ Այս վերջինները ընդհանրապէս մայրիի կամ շոճիի տախտակէ կազմուած են եւ ամրացուած են երկաթեայ շրջանակի մը մէջ։ Իւրաքանչիւրը ունի մօտ մէկ մեթր տրամագիծ։ Գլանաձեւ այս տախտակը մէկ ամբողջութիւն մը չէ. այնտեղ կը գտնենք գամերով եւ կուպրով իրարու միացած եւ բոլորակի ձեւ առած զանազան փայտեր։ Հին աւանդութիւն է որ Բալուի գլանները ընդհանրապէս ներածուած ըլլան Սեբաստիոյ Կերեմեկ գիւղէն։ Գլան մը կրնայ աւելի քան հարիւր տարի գործածութեան դիմանալ։

Տան չորս անկիւններուն վրայ կը գամուին նաեւ ուղղահայեաց դիրքով եւ մէկ մեթր երկայնքով չորս ցիցեր։ Սայլին աջ կողին վրայ գտնուող երկու այս ցիցերը իրարու կը միացուին հորիզոնական դիրքով ամրացուած ձողերով։ Նոյն բանը կը կրկնուի նաեւ ձախ կողին վրայ գտնուող ցիցերուն պարագային։ Վրայի այս կառուցուածքը կը դիւրացնէ սայլին բեռնաւորումը։ Տան առջեւի եւ ետեւի բաժինները բաց կը պահուին։ Երկու անիւներէ կազմուած սայլը ընդհանրապէս իր գլխուն վրայ կը հանգչի։ Իսկ երբ զայն պէտք է պահել հորիզոնական դիրքով, այն ժամանակ անոր գլխուն տակ կը դրուի մօտ մէկ մեթր երկայնքով յենակ մը, որ Բալուի մէջ կը կոչուի գըլխըտէ. նոյն գաւառակին մէջ Արածանի գետի ձախափնեայ գիւղացիները զայն կը կոչեն տարգ [9]։

Կամնում

Ցորենի խուրձերը արդէն դիզուած կ՝ըլլան կալին քով եւ այլեւս կարելի է սկսիլ կամնումի գործողութեան, որ կրնայ երկուքէն երեք ամիս տեւել։ Կամնումին ճամբով ցորենի հաւաքուած այս խուրձերը կը մանրուին, յարդի կը վերածուին, իսկ ցորենի հատիկներն ալ դուրս կու գան իրենց քիստաւոր կճեպներէն, կը հոսին։ Այս գործողութեան համար կը գործածուի կամը, որ բաղկացած կ՝ըլլայ կողք կողքի դրուած շոճիի երկու տախտակներէ՝ իւրաքանչիւրը մօտ 170 սանթիմեթր երկայնքով, 50 սանթիմեթր լայնքով եւ 4-5 սանթիմեթր հաստութեամբ։ Այս երկու տախտակներէն իւրաքանչիւրին մէկ կողմի ծայրը դէպի վեր կը բարձրանայ՝ այս ձեւով կազմելով յստակ կորութիւն մը։ Երկու փայտերը իրարու միացած են իրենց վրայ ամրացուած երկու այլ փայտերով, կամ գօտիներով՝ իրամէ մէկ մեթր հեռաւորութեամբ։ Կամին այս արտաքին երեսը կը կոչուի կամին կռնակը։ Միւս երեսը՝ տակ, կամ տակի երես։ Անիկա ծածկուած է գայլախազի (կայծքար) սուր կտորներով։ Վերջապէս, կամին կոր ու դէպի վեր բարձրացած բաժինին կը տրուի կամին գլուխը անուանումը։ Գլուխին մօտիկ գտնուող փայտեայ գօտիին ճիշդ մէջտեղը բացուած է անցք մը, ուրկէ կ՝անցնի պարան մը, որ կամը կը կապէ կեռածայր ձողի մը ծայրին։ Ձողին կեռաձեւ այս բաժինը իր կարգին կը միանայ լուծին փոկին՝ այս ձեւով նաեւ կամը կ՝ըլլայ լծուած։ Կեռածայր այս ձողին կը տրուի կամընտէ անուանումը եւ անիկա մէկէն երկու մեթր երկայնութիւն ունի [10]։

Կամնումի առաջին փուլը չարչն է։ Ցորենի խուրձերը շրջանակաձեւ կը զետեղուին կալին մէջ՝ հասկերը միշտ շրջանակին ներսի կողմը դարձած։ Կեմերը կը քակուին եւ 200-300 խուրձ ցորեն կը փռուի գետին։ Գիւղացիները հոսելիներ (փայտէ եղաններ) իրենց ձեռքին այս բոլորակին մէջ հաւասարապէս կը տարածեն ցորենի ձանծերը, կամ ցօղունները։ Այս ամբողջ գործողութիւնը կը կոչուի չարչել։ Առաջին չարչը մօտ 75 սանթիմեթր բարձրութիւն կ՝ունենայ։ Այնուհետեւ ծայր կ՝առնէ կամուորներուն աշխատանքը։ Մեծ դժուարութեամբ կարելի կ՝ըլլայ լծկան անասունները եւ անոնց լծուած կամերը բարձրացնել չարչին վրայ։ Սկիզբը լծկան գոմէշները կամ եզները մինչեւ իրենց փորը թաղուած են ձանծին մէջ։ Կամուոր գիւղացիները անոնց շրջանակաձեւ կը պտտցնեն։ Շրջանները կը յաջորդեն իրարու եւ առաջին այս փուլը կը տեւէ 4-5 ժամ, մինչեւ որ չարչը հասնի նուազագոյն մակարդակի մը։

Առաջին չարչը կամնուելէ ետք, զայն կը պահեն նոյն շրջանակին մէջ եւ ասոր վրայ կ՝աւելցնեն նոր չարչ մը, որ մօտ մէկ մեթր բարձրութիւն կ՝ունենայ։ Իւրաքանչիւր չարչի կամնում կը տեւէ մօտ երկու օր։ Մեծ չարչերու կամնումին համար երբեմն մինչեւ վեց կամեր միաժամանակ կը գործածուին։ Իսկ Արածանիի ձախափնեայ գիւղերուն մէջ սովորութիւն է որ նախքան չարչին վրայ կամը զետեղելը, անոր վրայ կը հանեն իրենց բոլոր լծկան անասունները, որոնք կոխկռտելով մէկ մեթր բարձրութեամբ չարչը բաւական մը կը ցածցնեն [11]։

Հոսում

Կամնուած ու յարդի ու հատիկի խառնուրդ այս ցորենը կը հաւաքեն կալին մէկ անկիւնը ու անկէ կը կազմեն թեղեր, որոնք կ՝ունենան մօտ 1.5 մեթր բարձրութիւն եւ 3-4 մեթր երկայնութիւն։ Հաւաքելու այս գործողութիւնը կը կոչուի թեղել։ Կարեւոր է որ թեղերը շարուած ըլլան արեւմուտքէն արեւելք երկարող դիրքի մը վրայ, նկատի ունենալով որ հոսելու գործողութեան ատեն – որ յաջորդ փուլին պիտի գայ – հոսող գիւղացին կրնայ օգտուիլ ամռան եղանակին ընդհանրապէս արեւմուտքէն փչող հովէն։ Թեղերը այսպէս օրերով կրնան մնալ՝ մինչեւ տասանորդը ճշդող պետական պաշտօնեային (շահնային) ժամանումը [12]։

Բալուի գիւղացիները հոսելու երկու ձեւեր ունին։ Անոնցմէ առաջինը հովի միջոցաւ կատարուողն է։ Այսպէս, կալուորը կը բարձրանայ թեղին վրայ, եւ երբ հովը կը սկսի փչել՝ հոսելիով կ՝առնէ յարդախառն ցորենէն (մալաղմայ) մաս մը ու օդը կը նետէ. յարդերը կ՝իյնան հեռուները, մինչ հատիկները աւելի ծանր ըլլալով կը թափին թեղին վրայ։ Որոշ ժամանակ ետք կը կազմուին մէկ կողմէ յարդի եւ միւս կողմէ արմտիքի անջատ կոյտեր։ Այս մէկը աւանդական, երկար տեւող եւ դժուար ձեւն է։ Երկրորդ ձեւը կը կատարուի զատիչ մեքենայով։ Ասոր համար կը գործածուի թեւաւոր անիւ մը, զոր կարելի է մեքենական լծակներով դարձնել։ Որքան արագ դառնայ այս անիւը, այնքան աւելի զօրաւոր կ՝ըլլայ անոր յառաջացուցած օդի հոսանքը։ Այս մեքենային վրայ կը զետեղուի նաեւ մետաղեայ թելերով հիւսուած մաղ մը, որ անիւին դարձած պահուն աջ եւ ձախ շարժումներ կ՝ընէ։ Ապա մալաղման կը սկսին լեցնել մաղին մէջ։ Նոյն ժամանակ կալուոր մը անիւը կը սկսի շատ արագ դարձնել. օդի հոսանքը դուրս կը նետէ յարդը, իսկ մաղին աջ ու ձախ շարժումները կը ցնցեն արմտիքները, որոնք մաղին ծակերէն դուրս գալով, ապա մեքենային միացուած խողովակէ մը անցնելով՝ կը թափին գետին՝ այս սարքին ետեւը։ Հոսուած ցորենը անգամ մը եւս նոյն այս մեքենայով կը հոսեն. այս անգամ կը գործածուի աւելի մանր ծակերով մաղ մը, ինչ որ թոյլ կու տայ աւելի զտուած ու մաքուր արմտիք ունենալ։ Մեքենայով կարելի է մէկ-երկու ժամէն ամբողջ թեղ մը հոսել [13]։

Յաջորդ հանգրուանին տեղի կ՝ունենայ հոսուած ցորենը չափելը եւ տասանորդին գնահատումը (այս մասին տեսնել «Տեղական իշխանութիւն» ենթագլուխը)։ Ապա, գիւղացին իր բաժին ցորենը կը տանի տուն, ուր շինուած են այս նպատակով յատուկ շտեմարաններ [14]։ Կալին մէջ կը մնան տակաւին յարդը, կոթնիքը (կոթինք, ծանծ, խզուզ. ասիկա հասկերուն լաւ չկամնուած բաժիններն են) եւ մղեղը (մրեղ, յարդի շատ մանր փշրանքները, որոնք կը գործածուին շաղախին մէջ)։ Գիւղացիները յարդն ու մղեղը կը փոխադրեն իրենց մարագները, իսկ կոթնիքներով ալ նոր չարչ մը կը կազմեն ու կը կրկնեն կամնումի եւ հոսումի գործողութիւնները [15]։

Տուն տարուած եւ շտեմարաններու մէջ ամբարուած ցորենի հատիկներէն գիւղացին մաղելով կը զատէ ամէնէն մաքուրները, մեծերն ու հասունցածները, զանոնք հետագային իբրեւ սերմնացու գործածելու համար։

Պլղուրին պատրաստութիւնը

Պլղուրը, կամ պղլուրը մաս կը կազմէ այն սննդանիւթերուն, ինչպէս կորկոտը, ծեծածը, ոսպը, սիսեռը, բակլան, որոնք գիւղացին առանձին-առանձին կը պահէ եւ զանոնք կը գործածէ կերակուրներու պատրաստութեան համար։ Այս տեսակ նիւթերուն կը տրուի ապրցու անունանումը։ Պլղուրին պատրաստութիւնը բաւական դժուար է ու կը տեւէ օրեր։ Անիկա կը պատարաստուի աշորայ տեսակի ցորենէն, որմէ կը պատրաստուի նաեւ հացալիւրը։ Նախ տանտիկինը իր գնահատումը կ՝ընէ եւ ընտանիքի անդամներուն թիւին համեմատ կը ճշդէ պլղուրի վերածուելիք ցորենին քանակը։ Ընդհանրապէս ամէն անձ տարեկան կը սպառէ 3 օլչակ պլղուր, այլ խօսքով՝ 92.1 քկր.։ Պատրաստութեան առաջին փուլը տեփրելու, կամ տեփուրէ անցընելու գործողութիւնն է, որ վերապահուած է գեղջկուհիներուն։ Ցորենը մաս առ մաս կ՝առնեն ու կը լեցնեն տեփուրին մէջ, որ մօտ 75 սանթիմեթր տրամագիծով փայտէ աման մըն է։ Վեր-վեր կը նետեն. թեփերը եւ յարդի փշրանքները այս ձեւով տեփուրէն դուրս կ՝իյնան, իսկ քարերն ալ կեդրոնը կը հաւաքուին։ Ասկէ ետք, գեղջկուհին ձեռքով դարձեալ կը զատէ ու կը մաքրէ տեփուրին մէջ մնացած ցորենը, մինչեւ որ ամէն օտար նիւթ անկէ դուրս հանուի [16]։

Այնուհետեւ, օճախներու վրայ կը դնեն պղինձէ քանի մը տաշտեր, որոնց մէջ կիսով չափ ջուր կը լեցնեն ու կը սկսին տաքցնել։ Քիչ մը տաքնալէ ետք իւրաքանչիւր տաշտի մէջ մէկ կամ մէկուկէս օլչակ (30.72 քկր.էն 46 քկր.) զտուած ցորեն կը լեցնեն։ Ջուրը կը սկսի եռալ, խոշոր շերեփներով տաշտին պարունակութիւնը կը խառնեն, ցորենը կ՝ուռի ու մակերեսին ուղղութեամբ կը բարձրանայ։ Ասիկա արդէն խաշուելու նշանն է։ Ապա, խաշուած ցորենը կ՝առնեն ու տանիք կը հանեն։ Այստեղ ցորենը կը մէյնեն, կամ գետնին վրայ հաւասար բարձրութեամբ կը տարածեն ու քանի մը օր կը սպասեն, մինչեւ որ արեւուն տակ չորնայ։ Այնուհետեւ տանիքէն դարձեալ տուն կը բերեն եւ երկրորդ անգամ ըլլալով ծայր կ՝առնէ ցորենը տեփուրէ անցընելու գործողութիւնը։ Ցորենը կ՝ըլլայ ամբողջապէս հըյրուած, այսինքն մաքրուած։ Զայն կը լեցնեն մեծ պարկերու մէջ ու ասեղով մըն ալ կը գոցեն իւրաքանչիւրին բերանը [17]։

Իր այս վիճակին մէջ ցորենը կը տարուի ձիթիհանք, ուր աշխատանքը վերապահուած է այրերուն։ Այստեղ ծայր կ՝առնէ ցորենը ծեծելու գործողութիւնը։ Մաս-մաս կը լեցնեն զայն ձիթիհանքի կալին վրայ, վրան կը թափեն քիչ մը ջուր, ապա եզի մը, գոմէշի մը կամ ձիու մը միջոցաւ կը սկսին երկնաքարը անոր վրայ շրջանակաձեւ դարձնել։ Այս ծանր քարին ճնշումին տակ ցորենը կը զատուի իր թեփէն։ Եթէ թեփը լաւապէս զատուած ըլլայ ցորենէն, այն ժամանակ պլղուրին որակը աւելի բարձր կ՝ըլլայ։ 

Կարգ մը գիւղերու մէջ յատուկ ծեծարաններ կան, որոնք շինուած կ՝ըլլան ջրաղացներու մօտիկ։ Ասոնց կը տրուի տընկ անուանումը։ Ասիկա ջրաղացքին օրինակով երկյարկանի տնակ մըն է։ Վարի յարկը կայ կաղնիի փայտէ շինուած անիւ մը, որ կը դառնայ ջուրին զօրութեամբ։ Անոր առանցքը 2.5էն 3 մեթր երկայնք ունի եւ 8-10 սանթեմեթր ալ տրամագիծ։ Անիւին առանցքին հաստատուած է երկանաքար մը, որ անիւին հետ միասին կը դառնայ հաստատուն խարիսխի մը վրայ։ Այստեղ եւս զտուած ցորենը կը թափեն տընկին կալին վրայ, եւ քարին ճնշումին տակ ցորենը կը զատուի իր թեփէն [18]։

Ծեծուած ցորենը իր թեփին հետ խառն անգամ մը եւս կը հանուի տանիք, ուր կը մէյնեն զայն եւ հոն կը պահեն գրեթէ ամբողջ օր մը, մինչեւ որ անոնց մէջէն խոնաւութիւնը ամբողջապէս չքանայ։ Ապա ամբողջ այս ցորենը կը մաղուի՝ պլղուրը բաժնելով թեփէն։ Ասոր կը յաջորդէ աղալու գործողութիւնը, որ ընդհանրապէս կը կատարուի տան մէջ, փոքր չափի երկանաքարերու միջոցաւ։ Երկուքէն մինչեւ հինգ երկանաքարեր կը զետեղուին տան մէջ, աշխատանքը կը ստանձնեն երիտասարդ տղամարդիկը, որոնք այս առիթով դրացի ընկերներ ալ կը կանչեն գործին մասնակից ընելու համար։ Անոնցմէ մէկը կը բռնէ երկանաքարին եզերքին վրայ հաստատուած ցիցը ու զայն հրելով կը դարձնէ նաեւ բոլորակաձեւ ամբողջ քարը։ Նոյն ժամանակ դարձնողին կողքին կեցած ուրիշ անձ մը ափ առ ափ պլղուրը կը լեցնէ դարձող երկանաքարին վրայի ծակին մէջ։ Այս ընթացքին է որ պլղուրը կլոր կտորներու կը վերածուի։ Աղացուած պլղուրը ապա կը տրուի կիներուն ու աղջիկներուն, որոնք անգամ մը եւս զայն կը մաղեն։ Բուն նպատակն է մեծ պլղուրները փոքրերէն զատել։ Մեծերը կը գործածուին փիլաւի (եղինձ) համար, մինչ մանրերը՝ քուֆթայի։ Աղացուած ու զատուած այս պլղուրները այնուհետեւ կը լեցնեն կարասներու մէջ, որոնց բերանները կաւով լաւ մը կը շաղախեն [19]։

Ցորենէն կը պատրաստեն նաեւ կորկոտն ու ծեծածը, որոնք ապրցուներու շարքին իրենց կարեւորութեամբ կը գրաւեն երկրորդ դիրքը։ Այս երկու արմտիքները կը շինուին մանճաքի ցորենէն, որուն հատիկները կարծր կ՝ըլլան եւ ընդհանրապէս չեն գործածուիր հաց շինելու համար։ Ծեծածին եւ կորկոտին պատրաստութիւնը այնքան ալ դժուար չէ։ Այսպէս, մանճաքը նախ կը մաղեն, ապա կը տեփրեն ու յետոյ ալ ձիթիհանքի մէջ երկար ժամանակ կը ծեծեն։ Այս ցորենը աւելի հեշտ կը ծեծուի, նկատի ունենալով որ անիկա նախապէս չէ խաշուած։ Այնուհետեւ ծեծուած ցորենը կը փոխադրեն տանիք, ուր չորնալէ ետք ծայր կ՝առնէ այս անգամ հոսելու գործողութիւնը, որուն ընթացքին թեփը կը զատուի ծեծածէն։ Կը մնայ վերջին գործողութիւն մը, որն մաղելն է։ Այս գծով կը գործածուին երկու տեսակ մաղեր. առաջինը մեծ ծակերով, իսկ երկրորդը՝ մանր ծակերով։ Առաջինէն անցածները կը կազմեն ծեծածը, մինչ երկրորդին արդիւնքը կ՝ըլլայ կորկոտը, որ իրականութեան մէջ ծեծածին փշրանքներն են։ Բալուի հիւսիսային գիւղերու բնակիչները ծեծածին կորկոտ կ՝անունանեն, իսկ հարաւային գիւղերուն մէջ կորկոտ անունը կը տրուի պարզապէս այս փշրանքին [20]։

  • [1] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 86-87։

  • [2] Ibid., էջ 88։

  • [3] Ibid., էջ 88, 92։

  • [4] Ibid., էջ 88-90։

  • [5] Ibid., էջ 89, 90-91։

  • [6] Ibid., էջ 93։

  • [7] Ibid., էջ 95-96։

  • [8] Ibid., էջ 96-97, 101։

  • [9] Ibid., էջ 97-100։

  • [10] Ibid., էջ 101-102։

  • [11] Ibid., էջ 102-104։

  • [12] Ibid., էջ 104։

  • [13] Ibid., էջ 106-107։

  • [14] Ibid., էջ 109։

  • [15] Ibid., էջ 111-112։

  • [16] Ibid., էջ 112-114։

  • [17] Ibid., էջ 114-115։

  • [18] Ibid., էջ 115-116։

  • [19] Ibid., էջ 117-118։

  • [20] Ibid., էջ 118-119