Բալու - «Թամզարա» (պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 05/07/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 05/07/22)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

*********************************************************************

Թամզարան առանձնայատուկ 9/8 ռիթմով պար մըն է, որ տարածուած էր Հայկական բարձրաւանդակի մեծ մասին մէջ: Գիւղերն ու քաղաքները ունէին իրենց տեղական տարբերակները: Որոշ փորձագէտներ կ'ենթադրեն, որ պարը ծագում առած է Սեբաստիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի Թամզարա գիւղին մէջ:

Բալու քաղաքին հայերը գաղթած են ԱՄՆ` իրենց հետ տանելով իրենց պարերը: Թոմ Պոզիկեանը պարը սորված է 1940-1950-ական­ թուականներուն Քալիֆորնիայի Սան Խոաքին Վալիի մէջ գտնուող բալուեցի հայ գաղթականներէն:

Սկզբնաղբիւրը. Թոմ Պոզիկեան։

Երաժշտութիւնը. Առանձնայատուկ9/8 ռիթմը 1-2,1-2,1-2,1-2-3է: Բալուի «Թամզարա»պարային ֆրազը ութ Չափ/հատածէ եւ կը համապատասխանէ երաժշտութեան ընդհանրացած կատարման: Բալուի «Թամզարա»յի երգային տարբերակը, երգուած՝ Մարօ Նալպանտեանի կողմէ։

Երգի բառերու տարբերակներէն մէկը հետեւեալն է՝

Լէլէլէլէթամզարա,
Աղջիկ, տղայ կը խաղայ.
Ասոր կըսեն թամզարա,
Աղջիկ, տղայ կը խաղայ.

Թամզարա պար պարեցէ՛ք,
Ուսերնիդ ալ շարժեցէ՛ք:
Վերի պաղչին տանձերը,
Հոփ-հոփ կ’ընեն մանչերը:

Ուր որ աղջիկ մը տեսնեն,
Հոն կը ծռեն ֆէսերը.
Թամզարային պարերը,
Իրար կու գան եարերը:

Խելքս գլխէս առեր ա
Էդ աղջկան մազերը.
Թամզարային վարպետը,
Գեղու, Բալու, Խարբերդը:

Ոճը. Ծանր եւ ուժեղ շարժումներ, յատկապէս խումբի «առաջնորդ»ի կողմէ:

Կատարման բնոյթը. Երկու կամ երեք պարողներու փոքր խումբեր «կռնակի զամբիւղի բռնուածքով» (ձեռքը զուգընկերոջ-զուգընկերներու գօտկատեղիին ետեւ, սեփական ձեռքով բռնելով անոնց հեռագայ ձեռքը): «Թամզարա»յի այս «զոյգի տարբերակը» յատուկ է նաեւ Խարբերդի և Արաբկիրի շրջաններուն։ Հայկական այլ շրջաններու մեծ մասին մէջ թամզարան  շարքով պար է, կամ «հայկական պահուածքով» (Արեւմտեան Հայաստան) կամ «ուսի պահուածքով» (Արեւելեան Հայաստան):

Բալուի «Թամազարա»յի ներկայացում եւ ցուցմունքներ

Չափ/հատած

Հաշիւ

Շարժումներ

1

1-2

Յետքայլ՝ աջ ոտքով

 

3-4

Ձախ ոտքին մատը ուղղել դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքը երկնցուցած

 

5-6

Ձախ ոտքին մատը ուղղել դէպի ձախ անկիւնագիծը ՝ ձախ ոտքը երկնցուցած

 

7-8

Ձախ կրունկը հպել դէպի առջեւ (7), ձախ բութ մատը հպել դէպի առջեւ (8)

 

9

Դադար

2

1-2

Ձախ ոտքով յետքայլ

 

3-4

Աջ բութ մատը ուղղել դէպի առջեւ՝ աջ ոտքը երկնցուցած

 

5-6

Աջ բութ մատը ուղղել դէպի աջ անկիւնագիծը ՝ աջ ոտքը երկնցուցած

 

7-8

Աջ կրունկը հպել դէպի առջեւ (7), աջ բութ մատը հպել դէպի առջեւ (8)

 

9

Դադար

3

1-2

Աջ ոտքով քայլ դէպի առջեւ

 

3-4

Ձախ ոտքով կտրուկ քայլ մը նետել աջ ոտքին ետեւ մինչ աջ ոտքը կը մնայ նոյն տեղը եւ աջ կրունկը կը բարձրանայ գետնէն

 

5-6

Քայլ դէպի առջեւ՝ աջ ոտքով

 

7-8

Ձախ ոտքով կտրուկ քայլ մը նետել աջ ոտքին ետեւ մինչ աջ ոտքը կը մնայ նոյն տեղը եւ աջ կրունկը կը բարձրանայ գետնէն

 

 

Դադար

4

1-2

Քայլ դէպի առջեւ՝ աջ ոտքով

 

3-4

Ցատկ՝ աջ ոտքի  վրայ

 

5-6

Քայլ մը դէպի առջեւ թեթեւակի՝ ձախ ոտքով

 

7-8

Երկու անգամ դոփել աջ ոտքի վրայ

 

9

Դադար

5-8

 

Կրկնէլ Չափ/հատած 4 պարային շարքը եւս չորս անգամ, մինչ զոյգը կլոր կը դառնայ 360°ժամացոյցի սլաքի ուղղութեամբ, որպէսզի խումբը կրկին գտնուի այն դիրքին վրայ, որ կը նայի դէպի սկզբնական ուղղութեան:

Բալուի «Թամզարա»ն միշտ կը հետեւի այս պարային շարքի շարժումներուն՝ չափ/հատած 1-8:

Այլ «Թամզարա»ներ