Փենկան/Փինկա/Ատաթեփէ գիւղին մօտ։ Ձկնորսութիւն Եփրատի ջուրերուն մէջ (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Բալու - Ձուկեր

18 Յունուար 2012 (վերջին փոփոխութիւն 18 Յունուար 2012)

Արածանի գետի ձուկերու տեսակները, ըստ Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեանի

Այս ցանկը հաւանական է որ ամբողջական չէ։ Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր) - ծնած ու մեծցած Արածանիի (Մուրատ չայ, Արեւելեան Եփրատ) ափին գտնուող Թըրխէ (այժմ Keklikdere) գիւղին մէջ – զայն պատրաստած է ըստ իր յիշողութեան, այնպիսի ժամանակ մը, երբ այլեւս կ՝ապրէր շատ հեռու իր հայրենի բնաշխարհէն։ Ան մօտէն ծանօթ էր ձուկերու այս տեսակներուն մանաւանդ որ յաճախ ձկնորսութիւն կ՝ընէր Արածանի գետին մէջ։ Այստեղ նշուած ձուկերու անունները հայերու կողմէ տրուած անուանումներ են։ Աւելին, հաւանական է որ այս գործածուած անունները յատուկ են Բալուի շրջանին։

Թոսթոս

Անիկա իր միսին մէջ բնաւ փուշ չունի, բացի անշուշտ ողնայարին ու թեւերուն ոսկորներէն։ Համեղ է ու իւղալի, բայց ոչ այնքան դիւրամարս։ Ունի սղոցաձեւ լողակներ, որոնց հարուածները կրնան վտանգաւոր ըլլալ։ Գոյնը սեւի մօտ է, մանաւանդ՝ անոր կռնակի բաժինը, իսկ փորը աւելի շատ մոխրագոյն է։ Գլուխը տափակ է, ունի կախուած շրթունքներ եւ երկար պեխեր։ Թոսթոսին ամենէն մեծ տեսակը կրնայ մէկ քիլոյէն քիչ մը աւելի կշռել [1]։

Սանտրիկ

Տափակ է եւ փշոտ։ Մանրակազմ է եւ Արածանիի մէջ՝ շատ առատ։ Ամենէն մեծը 300 կրամէն աւելի չի կշռեր։

Մոզ

Կը համարուի Արածանիի ամէնէն ընտիր ձուկը։ Կազմուածքով գեղեցիկ է, նաեւ՝ մսոտ, քիչ փշոտ, համեղ եւ դիւրամարս։ Ձկնորսներուն ամէնէն փնտռած ձուկն է։ Շրթունքները կախուած են իր դունչէն։ Իր ժողովրդականութեան պատճառով, մոզին իւրաքանչիւր չափը կը կրէ իր յատուկ անունը։ Այսպէս, ամէնէն փոքր տեսակը կը կոչուի մագոգ, կրկին չափը ունեցողը՝ զրտըք, աւելի մեծը՝ պալտըր, իսկ ամէնէն մեծ տեսակը՝ ռատամ։ Այս վերջինը հազուադէպօրէն կ՝որսացուի։ Անոր ծանրութիւնը կը գնահատուի 19էն 20 քկ.։ Պալտըր տեսակը կրնայ կշռել 7էն 9 քկ.։ Այս ձուկերը երբ գետին մէջ որեւէ տեղ մը սիրեն, կրնան հարիւրներով այնտեղ լեցուիլ։ Սարգիսեան կը պատմէ թէ ինչպէս անգամ մը Թըրխէէն համագիւղացի ձկնորսներ 45 հատ պալտըր տեսակի մոզեր կ՝որսան ու չորս էշերու վրայ բեռցուած կը փոխադրեն զանոնք գիւղ [2]։

1) Նաւարկութիւն Եփրատի մէջ (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Geographische Charakterbilder, Leipzig, 1909)
2) Արածանի/Արեւելեան Եփրատ/Մուրատ գետը Բալուի մօտ։ Լուսանկար՝ Հրայր Բազէ Խաչերանի։

Խատ

Կռնակին վրայ կ՝երեւին համաչափ գիծեր, իսկ փորին կողմը դեղնագոյն է։ Հաւանական է որ իր անունը խատուտիկ բառին կրճատումը ըլլայ։ Անիկա առատ է Արածանիի մէջ։ Մանրակազմ է, միսը փշոտ է, իսկ համը՝ ախորժելի։ Խատը կը կշռէ մօտ կէս քկ.։

Չոր անկաճ (ականջ)

Շատ առատ է Արածանիի մէջ։ Ձկնորսներուն մօտ մեծ յարգ չունի, նկատի ունենալով որ անիկա փշոտ եւ անհամ է։ Ի տարբերութիւն միւս ձուկերուն, այս մէկուն գլուխը չեն ուտեր՝ անոր ականջներուն չորութեան եւ լեղիութեան պատճառով։

Դըռ

Չափազանց մսոտ  ու գէր է։ Նոյն այս յատկանիշներուն պատճառով այս ձուկը բաւական դանդաղաշարժ է։ Անոր անունը անցած է նաեւ գիւղացիին առօրեայ բառապաշարին մէջ։ Այսպէս ան դըռ կ՝անուանէ իր դանդաղ ու ծանրաքայլ ձին, ջորին, գոմէշը, եզը կամ էշը։ Գոյնը ճերմակի կը զարնէ։ Այս ձուկին մեծ տեսակները կրնան մինչեւ 20 քկ. կշռե

1) Եփրատ գետը Հռոմկլայի (Ռումքալէ) մօտ (Աղբիւր՝ Victor Chapot, La frontière de l’Euphrate de Pompée à la conquête arabe, Paris, 1907)
2) Եփրատը Աքշալէէն արեւելք (Աղբիւր՝ Eberhard-Joachim Graf von Westarp, Unter Halbmond und Sonne, ca 1913, Berlin)

Շրպութ (կամ շապպօթ)

Ասոր գոյնն ալ ճերմակի կը զարնէ։ Մէջքի հաստութիւնը աննկատելի է, գլուխէն մինչեւ պոչը նոյն համաչափութիւնը ունի։ Մեծապէս դժուար որսացուող ձուկ մըն է։ Ան իր գլխու հարուածներով կրնայ ուռկանները պատռել ու դուրս գալ անոնց մէջէն [3]։ Ասոր միսին համը գրեթէ հաւասար է մոզին համեղութեան։

Օձաձուկ

Բալուի մէջ սովորութիւն չկայ զայն որսալու։ Այս պատճառով ալ Սարգիսեան կը յայտնէ թէ ինք անկարող է անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ [4]։

  • [1] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 225։
  • [2] Նոյն, p. 226։
  • [3] Նոյն, p. 227։
  • [4] Նոյն, p. 228։