Բալու – Երգ եւ պար

Յուշամատեանի կողմէ (խմբագիրի ծանօթագրութիւն)

Երգն ու երաժշտութիւնը անբաժան մասերն են բալուցիներու կեանքին, ըլլան անոնք քաղաքի բնակիչներ թէ գիւղացիներ։ Երգը ներկայ է, երբ բալուցի գիւղացին հողին վրայ կ՝աշխատի, կը ցանէ ու կը հնձէ, ներկայ է տօներուն եւ ուրախ հանդիսութիւններուն ընթացքին, ներկայ է տուներէն ներս խրախճանքներու ու քէֆերու ժամանակ։ Երգը նաեւ սիրերգերու, սգերգերու կամ օրօրոցայիններու ձեւերուն տակ արտայայտիչն է մարդկային կեանքի զանազան հոգեվիճակներու։ Այս բոլորով հարուստ է Բալուն եւ այս բոլորը մաս կը կազմեն գաւառակին հայկական ժառանգութեան։

Տեղին է նշել որ բալուցիներու կողմէ իրենց գաւառակին մասին գրուած տարբեր-տարբեր աշխատութիւններուն մէջ յստակօրէն կ՝ուրուագծուի ընդհանուր պատկեր մը, ուր նկատելի է թէ նոյն այս տարածքէն ներս քիւրտ-հայկական դարաւոր համակեցութիւնը իր խոր ազդեցութիւնը ունեցած է մշակութային զանազան մարզերու վրայ։ Ասոնցմէ է նաեւ երգն ու պարը։ Ճիշդ է, բալուցին տեղական հայկական բարբառով կ՝երգէ իր տարածքէն ներս ծնունդ առած ժողովրդական բազմաթիւ երգեր, իր երգացանկին մէջ որդեգրած է նաեւ շրջակայ հայկական գաւառներու ու քաղաքներու հայկական երգերը։ Բայց նոյնքան եւ թերեւս նաեւ աւելի՝ բալուցի հայը – մանաւանդ ասոնց շարքին շինականը - կ՝երգէ քրտերէն։ Պետրոս Ալահայտոյեան իրաւացի է, երբ կը գրէ՝ «դարերով կողք կողքի ապրող եւ յարատեւ կերպով իրարու հետ շփման մէջ եղող երկու ժողովուրդի միջեւ, ինչպիսին են հայերն ու քիւրտերը, անխուսափելի են այսպիսի ստորերկրեայ բնական իրարաթափանցումի երեւոյթները (…)» [1]։

Բայց եւ այնպէս քրտերէն կամ թրքերէն երգերու առկայութեան իրողութիւնը շատ քիչ ձեւով կը յիշատակուի հայկական յուշամատեաններուն մէջ։ Աւելի՛ն, երբ կարգ մը յուշամատեաններու հեղինակներ իրենց գործերուն մէջ կը յիշատակեն հայերէն երգերուն խօսքերը եւ երբեմն ալ նաեւ կը ներկայացնեն անոնց նօթաները, նոյն այս ճիգը ընդհանրապէս բացակայ է քրտերէն կամ թրքերէն երգերու պարագային։ Վերջին հաշուով այս գիրքերը ծնունդ են յետ-Եղեռնեան տարիներուն, ուր տիրապետողն էր ազգային վերակառուցումի մթնոլորտը։ Այլ խօսքով այն ինչ որ կենցաղաոճի մը բնական երեւոյթներն էին հայրենի գիւղին կամ քաղաքին մէջ – բալուցիներու պարագային քրտերէն երգելը -, այլեւս դարձած էր անհանդուրժելի։ Այս երգերը ճիշդ է որ վերապրող հայերու կողմէ կը շարունակուէին երգուիլ Սփիւռքի մէջ, բայց այլեւս կային «ներքին» արգելքներ, որոնք կը փորձէին զանոնք վանել իրենց առօրեայ կեանքէն։ Նոյն այս պատճառով ալ գրաւոր գործերու մէջ, ինչպիսին են օրինակ Բալուի մասին գրուած յուշամատեանները, չենք գտներ քրտերէն երգեր։ Քրտերէնով երգելու մասին ակնարկութիւններ չկան մանաւանդ այն գլուխներուն մէջ, որոնք ուղղակի կը վերաբերին Բալուի երգերուն ու տօնախմբութիւններուն։ Բայց եւ այնպէս անոնք մաս կը կազմեն բալուցի հայուն - յատկապէս շինականին – առօրեայ կեանքին։ Այս իմաստով ալ այս մասին անուղղակի նշումներ միշտ ալ առկայ են, երբ կարգ մը հեղինակներ կը պատմեն անձնական դրուագներ՝ Բալուի իրենց կեանքէն առնուած [2]։

Այս էջով ներկայացուող բոլոր երգերը արգասիքն են երաժշտաբան Պետրոս Ալահայտոյեանի տարիներու վրայ երկարած երգահաւաքի հիանալի աշխատանքին։ Բալուի երգերուն վերաբերող ստորեւ տրուած յօդուածը նոյնպէս մեծ մասամբ համադրումն է Ալահայտոյեանի գիրքին տեղեկութիւններուն։ Ասոնք լոյս տեսած են «Բալուի (եւ տարածաղրջանի) երաժշտական-ազգագրական հաւաքածոյ» (2009) հատորին մէջ։ Բալուի այս երգերուն բացարձակ մեծամասնութեան կատարողն է Մարօ Նալպանտեան։ Յուշամատեանի խմբագրութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պետրոս Ալահայտոյեանին, որ համաձայն գտնուեցաւ իր հաւաքած ու աշխատասիրած այս նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դնելու։

Պետրոս Ալահայտոյեան

Ծնած է Պէյրութ Մեծ Եղեռնէն վերապրած ուրֆացի ընտանիքի մը մէջ։ Աւարտած է տեղւոյն Նշան Փալանճեան Ճեմարանը։ Երկար տարիներ ապրած է Պելճիքա։ Լուվէնի համալսարանէն վկայուած է դեղագործ, ապա Պրիւքսէլի պետական համալսարանէն՝ երաժշտագէտ։ Պաշտօն ստանձնած է Պրիւքսէլի պետական ռատիօկայանէն ներս։ 1985էն 1994 ան իր ազատ օրերն ու արձակուրդները տրամադրած է փնտռելու 1915էն վերապրած հայ ծերունիներ Եւրոպայի հայաբնակ աւաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ամերիկայի՝ այցելելով հայկական ծերանոցները եւ հանգստեան տուները։ Իր ձայներիզային ձայնագրութիւնները, Բալուի ազգագրական երգերէն բացի, կը պարունակեն ստուար հաւաքածոյ մը Վանի, Քեսապի, Տիգրանակերտի տոհմական երգերու, նաեւ քրտերէն եւ քրտական երգերու շարք մը։ Ան հաստատուած է Կլենտէյլ (Միացեալ Նահանգներ). հայ երաժշտութեան մասին յօդուածներ եւ անդրադարձներ կը գրէ եւ կարճ ուսումնասիրութիւններ կը հրատարակէ հայկական մամուլին մէջ։

Հեղինակն է՝ Բալուի (եւ տարածաղրջանի) երաժշտական-ազգագրական հաւաքածոյ, Դրազարկ հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա, 2009, 448 էջ, կը պարունակէ երկու խտասալիկներ, գին՝ 75 $։ Հեղինակին հետ կապ՝ bedovio(at)earthlink.net

Մարօ Նալպանտեան

Ծնած է Հալէպ, բալուցի ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը՝ Տիգրան Նալպանտեան, եղած է լաւ երգող եւ գիտցած է հին երկրի երգերը։ Անոր եղբայրը՝ Արամը, Բալուի մէջ եղած է դպրապետ եւ վարժապետ, լաւ երաժիշտ, 1910ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ։ Միւս հօրեղբայրը՝ Գառնիկ Նալպանտեան, եղած է սարկաւագ։ Հալէպի մէջ իր դպրոցական տարիներուն Մարոյին ուսուցիչները միշտ քաջալերած են երգի եւ պարի իր նախասիրութիւնը։

Ազգագրական հին երգերն ու պարերգերը Մարօն սորված է ընտանիքին մէջ՝ լսովի։ Ըստ Մարոյին, միայն հօրեղբայրները եւ հայրը չեն եղած իր երգի ակունքները։ Միշտ հետամուտ եղած է սորվելու նոր երգեր մօրմէն, մեծ մօրմէն, բալուցի հայրենակիցներէ եւ ծերունիներէ։ Հայրը Բալուի պարերգերը սորված է իր նախնիներէն։ Ծնողքը միշտ ներկայ եղած են հայկական հարսանիքներուն, երգած ու պարած են, իսկ Գառնիկ հօրեղբայրը Բալուի մէջ փեսայ հագցնելու արարողութեանց միշտ բերած է իր մասնակցութիւնը եւ իր երգերով ու ազդու ձայնով ճոխացուցած հարսանեկան խրախճանքները։

Բալուի հարսանեկան տօնախմբութիւնն ու այնտեղ երգուող երգերը

Ամուսնութեան մը կնքումին առաջին նախաձեռնողները կ՝ըլլան տղուն ծնողները։ Անոնք նախ այցելութեան կ՝երթան աղջկան տունը եւ անոր ծնողներէն իրենց աղջկան ձեռքը կը խնդրեն։ Երբ համամտութիւն գոյացած է երկու ընտանիքներուն միջեւ, այն ատեն կատարուած կ՝ըլլայ խօսք-կապը եւ զայն այլեւս դրժել կարելի չէ։ Քանի մը շաբաթ ետք տղուն ծնողները դարձեալ կ՝այցելեն աղջկան տունը, այս անգամ իրենց հետ առնելով նաեւ փեսացուն։ Այս առիթով տեղի կ՝ունենայ կերուխում, կ՝երգուին երգեր, իսկ քահանան ալ կ՝օրհնէ նշանը, որ ընդհանրապէս մատանի մը կամ մանեակ մը կ՝ըլլայ. այս ձեւով տղան ու աղջիկը կը յայտարարուին նշանուած [3]։ Ուրախութեան առաջին այս փուլին վերաբերող գոյութիւն ունին բալուական երեք պարերգեր՝ «Պար էլէք», «Գոգ ախպար», «Բալուի լազ պարը» [4].

«Պար Էլէք»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [5]

Պար էլէ՛ք, պար էլէ՛ք,
Աղջիկ(ք) նազերով, տղաք սազերով,
Պար էլէ՛ք, պար էլէ՛ք։

Պաղ աղբիրի եզերք,
Զով հովի շուքի տակ՝
Պար էլէ՛ք, պար էլէ՛ք,
Աղջիկ(ք) նազերով, տղաք սազերով,
Պար էլէ՛ք, պար էլէ՛ք։

Պոյըդ բարձր չինար
Ջուխտ հիւսերով աղջիկ,
Պար էլէ՛ք, պար էլէ՛ք,
Սալուորըն էկաւ՝ յոգնած ու քըրտընած,
Պար էլէ՛ք, պար էլէ՛ք։

Սեւտայով աղջիկ, պագ մը տաս,
Ի՞նչ կ՝ըլլի, ի՞նչ կ՝ըլլի.
Պիտի տաս նը՝ հիմա տուր,
Մօրըդ մընայ՝ ուշ կ՝ըլլի, ուշ կ՝ըլլի.
Պիտի տաս նը՝ հիմա տուր,
Էրկուքիս մուրազն ըլլի.
Լաւ կ՝ըլլի, օր ըլլի, լաւ կ՝ըլլի։

«Բալուի լազ պարը»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [6]

Նուագեցէ՛ք լազ պարին,
Թող խաղայ Նարին-Նարին,
Հա՛յ Նարին-Նարին,
Նուագեցէ՛ք լազ պարին։

Բալուի խորթոները,
Խորոտ են աղջիկները,
Տաւուլ, զուռնա կը զարնեն,
Իրանք կ՝իյնան խաղերը։
Նուագեցէք…

Աղջի, դու շատ սիրելի,
Կէրտանլըղըդ սիրեցի,
Պօյիդ-պօսիդ ես ղուրպան,
Մատանիս քիզի նշան։
Նուագեցէք…

Մազիդ մէկ թել ես կ՝ուզիմ,
Բարձիս տակը ես դընիմ,
Գիշերները կարօտնամ,
Մազիդ հետը կը խաղամ։
Նուագեցէք…

Հարսանիքի օր կը ճշդուի եւ այս ժամադրութենէն եօթ օր առաջ ծայր կ՝առնեն տղուն կողմի կազմակերպած խրախճանքները։ Խօսք-կապի ու նշանտուքի այս ամբողջ ընթացքին տղան ու աղջիկը երբեք իրարու չեն հանդիպիր։ «Ափօ, մամօ, կարգէ՛ զիս» եւ անոր յաջորդող «Երեք ոտք»ը (առանց խօսքի) խնամիներուն միջեւ այս խրախճանքներուն ընթացքին հնչուող պարերգեր են.

«Ափօ, մամօ, կարգէ՛ զիս»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [7]

Գըցինք, գըցինք, հեռացանք,
Եարոջ դըրան մօտեցանք,
Տեսանք դուռը կիսաբաց,
Մըտա(նք), առի(նք) թաժա հաց։

Ափօ, մամօ, կարգէ՛ զիս,
Չոլի տըղուն մի՛ տար զիս,
Տանէ չոլեր (ս)պաննէ զիս։

Ափօ, մամօ, կարգէ՛ զիս,
Ջուլհակ տըղուն մի՛ տար զիս,
Մագոգ կոյրէ, ծեծէ զիս։

Ափօ, մամօ, կարգէ՛ զիս,
Չօպան տըղու տուէք զիս,
Սեւ մաքու կաթ խըմցընէ,
Սեր ու մածուն կերցընէ։

«Երեք ոտք»

Բալու քաղաքին մէջ հարսանիքէն մէկ օր առաջ, ուրբաթ իրիկուն, աղջիկներ ու նոր հարսներ կու գան ու կը լեցուին հարսնացուին տունը, ուր տօնական մթնոլորտի մը մէջ աղջկան ձեռքերը հինա կ՝ընեն։ Այս առիթով է որ կ՝երգուի բալուցիներու սիրած երգը՝ «Բալու քաղաք շինուեր է».

«Բալու քաղաք շինուեր է»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [9]

Բալու քաղաք շինուեր է,
Էրկաթէ դուռ դըրուեր է,
Ախ, ըսի, մըտնիմ ներսը,
Եարըս մէջը կորեր է։

Աղաւնիին ճերմակը,
Աղջի մ՝էներ ըս նազը.
Շատ պըզտիկուց սիրեր իմ,
Դըժար է ըս զատուիլը։

Ախ կ՝էնիմ, արին գու գայ,
Ճիկերըս քարին գու գայ,
Ի՞նչ էնիմ ըս աղէկան,
Գըրկել պագնիլըս գու գայ։

Աղաւնին զարկին, ինկաւ,
Թեւ ու թիկունքը կոյրաւ,
Հեյ մ՝ալ ըսի՝ (մէկ) տեսնիմ,
Ինք իրան օտքի էլաւ։

Ախ կ՝էնիմ, արին գու գայ,
Ճիկերըս քարին գու գայ,
Ի՞նչ էնիմ ըս աղէկան,
Առնել պառկիլըս գու գայ։

Շաբաթ օրը հարսը բաղնիք կը տարուի, կը լոգցուի, իսկ երեկոյեան ալ անոր հարսանեկան զգեստները կը հագցնեն։ Նոյն պահուն փեսան իր ընկերներուն կողմէ կ՝առաջնորդուի բաղնիք, ուր ուրախ մթնոլորտի մը մէջ խմբովին կը լոգնան, ապա փեսան կը տանին սափրիչին մօտ, իսկ անկէ ետք ալ ամբողջ խումբը կ՝երթայ փեսին տունը, ուր ծայր կ՝առնէ փեսան հագցնելու ճոխ հանդիսութիւնը։ Այստեղ կ՝ըլլայ նաեւ քահանան, որ կ՝օրհնէ բոլոր հագուստները։ Ապա նոյն այս քահանան (այս դերը երբեմն կը ստանձնէ նաեւ լուսարարը կամ վարժապետը) կը սկսի երգել «Խորհուրդ Խորին»ին առաջին տունը։ Ասկէ ետք հարսանեկան հագուստները հատ-հատ կը վերցուին եւ փեսին ուղղուած գովասանական երգերու ընկերակցութեամբ կը յանձնուին փեսայ-մանուկներուն – այդ յատուկ օրուան փեսին կամակատարները, պաշտպաններն ու օգնականները -, որոնք իրենց կարգին կը սկսին հագցնել փեսան [10]։ Զգեստաւորման այս վերջին արարողութեան ընթացքին կ՝երգուի «Փեսին գովքը» («Հանդերձօրհնէք») [11]։

«Փեսին գովքը» («Հանդերձօրհնէք»)

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [12]

Կանչեցէք տէրտէրը, օրթնեցէք լաթերը,
Հանեցէք արդար լաթերը,
Հագուցէք մեղաւոր լաթերը,
Ըսէք, ըսէք շնաֆոր։

Վայլէ, շընաֆոր,
Հագնի շընաֆոր,
Ըս մեր թագուորին
Զըպնէ շընաֆոր։

Վայլէ, շընաֆոր,
Հագնի շընաֆոր,
Ըս մեր թագուորին
Ելէկ շընաֆոր։

Վայլէ, շընաֆոր,
Հագնի շընաֆոր,
Ըս մեր թագուորին
Շալվար շընաֆոր։

Վայլէ, շընաֆոր,
Հագնի շընաֆոր,
Ըս մեր թագուորին
Քէօսթէկ (քըստէկ) շընաֆոր։

Խընկենիի ծառն էր ծաղկեր, 
Հայրիկ, էկուր, զաւակըդ տես.
Հագեր, կապեր է վարդի պէս։
Գացէք, ըսէք իր մայրիկան,
Օր գայ տեսնայ իր սիրեկան։

Էրթամ փնտռիմ ծաղիկ սիրուն,
Քաղիմ, բերիմ, մայրիկ սիրուն։
Ըսէք շընաֆոր։

«Փեսին գովքը» երգին մասին Բարունակ Թոփալեան – Բալու Օխու գիւղէն – իր յուշերուն մէջ դիտել կու տայ, որ անիկա իրենց գիւղին մէջ կ՝երգուէր թրքերէնով։ Գովերքին բառերէն նմուշ մը կը գտնենք անոր յուշերուն մէջ [13].

Çağırın keşişi,
Görsün bu işi,
Göydürsün (giydirsin) binişi,
Mübarek olsun:

Թարգմանութիւն՝
Կանչէք քահանան,
Թող տեսնէ այս գործը,
Հագցնէ փեսան,
Շնորհաւոր ըլլայ։

Elinde tası
Başındaki fesi
Bağlayın başı
Mübarek olsun:

Թարգմանութիւն՝
Ձեռքին է թասը,
Գլխին է ֆէսը,
Նարօտ կապեցէք,
Շնորհաւոր ըլլայ։

Բալուի գիւղերուն մէջ սովորութիւն է, որ այս զգեստաւորումէն ետք, կնքահայրն ու փեսայ-մանուկները բերեն մօտ մէկուկէս մեթր բարձրութեամբ ծառ մը, որուն գագաթին վրայ կ՝ըլլան եօթը բարակ ճիւղեր։ Այս վերջիններուն վրայ կը շարեն խնձորներ, տանձեր ու չամիչի շարոցներ։ Բոլոր ճիւղերուն ծայրամասերը իրարու կը միացուին եւ միացման այս կէտին վրայ ալ կ՝ամրացուի մեծ նուռ մը, որ իր կարգին կը զարդարուի ոլոռուն ժապաւէններով [14]։ Ծառը կը խորհրդանշէ փեսին եւ հարսին պտղաբերութիւնը։ Անոր տակ հաւաքուած հարսնեւորները կը սկսին երգել.

«Էրթամ բերիմ զոգ մը կաքաւ՝
Որ գայ քովը ծառն ը ծաղկեր։
Հարս ու փեսան ծառ տնկեցին,
Էկէք գովինք ծառն ը ծաղկեր…» [15]

Ասոր անմիջապէս կը յաջորդէ փեսին ուղղուած այլ գովերգ մը.

«Թագւոր ի՜նչ բերիմ քու նման,
Քու կանանչ արեւուդ նման, 
Թէ օր բերիմ կարմիր վարդեր,
Չեն նմանիր թուշիդ կարմիր.
Թէ օր բերիմ ջորի ու ձի,
Չեն նմանիր պօյիդ էրկան.
Թէ օր բերիմ հարս մը աղկէկ
Ան պիտ նմանի սրտիդ թագուոր»։ [16]

Նաեւ այս առիթով կ՝երգեն «Հարսը հօր տունէն հանելու երգը».

«Հարսը հօր տունէն հանելու երգը»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [17]

Եարս էր կայներ տընտըրին մէջը,
Ինչ գըրկելու բարակ մէջքը,
Տաստուր առնիմ, էլլամ խէչը,
Ա՜խ, գըրկելու բարակ մէջքը։

Ըսիր կ՝առնիմ, զիս խաբեցիր,
Սէրդ սեւտա (է)րիր, զիս վառեցիր։

Մեր տուն ձեր տան դիմաց-դիմաց,
Հերիք ինես աչօք իմաց,
Իմ սըրտիկըս քիզի մընաց։

Էրես, էրես, կարմիր էրես,
Մազդ էրեսդ ի վար ես բերեր,
Մածուն կ՝ուզիմ, թան կը բերես,
Սերը սիրածիդ կը տանիս (տանես),
Զիս կը թողես մէյ մըլ կ՝առնես,
Դատաստանին ըլլիս սեւերես։

Գովասանական այս երգերէն ետք փեսան կը ստանայ օրհնուած թուրը, որ փոխաբերական իմաստով այն զէնքն է որուն միջոցաւ փեսայ-թագաւորը պիտի պաշտպանէ հարս-թագուհին։ Ան կը ստանայ նաեւ մետաքսեայ թաշկինակի մը մէջ ծրարուած հոտաւէտ խնձոր մը, որ որդեծնութեան խորհրդանիշն է [18]։ Անմիջապէս փեսային շուրջինները կը սկսին անոր ուղղուած բարեմաղթութիւններ ընել։

Շաբաթ իրիկնամուտին, հարսնեւորներու թափօրը կ՝ուղղուի հարսին տունը՝ հարսը բերելու։ Սովորութիւն է որ տան դուռը այցելուները իրենց առջեւ ամուր կերպով փակուած գտնեն։ Ասոր վրայ կնքահայրը նուէր մը կը խոստանայ հարսին եղբօր կամ քրոջ։ Դռները լայն կը բացուին ու հարսնեւորները կը խուժեն ներս։ Այնուհետեւ քօղարկուած հարսը կը նստեցնեն ձիու մը վրայ։ Ուրախութիւնն ու տխրութիւնը միախառնուած են, քանի որ այստեղ կը շեշտուի աղջկան բաժանումի պահը իր ընտանեկան օճախէն։ Տաւուլ եւ զուռնա նուագողները այս առիթով կ՝աշխատին ամէնէն տխուր եղանակները հնչեցնել։ Յաճախ լացողներ կ՝ըլլան [19]։ Կ՝երգուին տխուր երգեր, ինչպէս «Էկան, կը տանին» կամ Բալուի մէջ շատ սիրուած «Մի՛ լար Մայրամ»ը, որ ունի նաեւ բալուցի հայերուն կողմէ երգուող թրքերէն տարբերակ մը [20].

«Էկան, կը տանին»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [21]

Էկան կը տանին, զընգըլօ (զընգըլով),
Էկան, կը տանին, զընգըլօ,
Կարմիր սոլերով, զընգըլօ։

Էկան, կը տանին,
Տանին, թող տանին,
Ըսօր կը տանին,
Զատկին կը բերեն։

Էկան, կը տանին,
Լալով, օղբալով,
Գլուխ կապեր են
Բըլբուլի (պիլպիլի) շալով։

Էգին կը կթեն,
Օր կ՝ըսեն օրթ է,
Լացէք, օղբացէք,
Տարածնիդ օրբ է։

Խնծոր քաղեցէք,
Գօտին կապեցէք,
Կամուրջ (կարմուճ) նետեցէք,
Հարսնուկն ընցուցէք։

Էկան, կը տանին
Էկան, կը տանին, զընգըլօ,
Կարմիր շորերով, զընգըլօ։

Էկան, կը տանին,
Տանին, թող տանին,
Ըսօր կը տանին,
Զատկին կը բերեն։

«Մի՛ լար Մայրամ»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [22]

Մի՛ լար, Մայրամ, մի՛ լար, աչուիդ կ՝աւիրի,
Քեզ պըզտիկ կարգողին տընակն աւիրի։

Մայրամ չատըր զարկեր Օրմա լեռները,
Մէկ դին սուրուն կ՝արծէր, մէկ դին գառները։

Ալուա էկան գարնան էրկան օրերը,
Առնիմ սիրած եարըս, էլլամ սարերը։

Սարերուն, ձորերուն պաղ-պաղ ջըրերը,
Խըմիմ պաղ-պաղ ջըրեր, պառկիմ շըքները։

Մայրամ թոնիր կըպոց (կպցուց), տիները մուխ էր,
Աչուին զաւրուր քաշեց, յօնքերը թուխ էր։

Մի՛ լար, Մայրամ, մի՛ լար, աչուիդ կ՝աւիրի,
Քեզ պըզտիկ կարգողին տընակն աւիրի։

Օրօրու ջուրն անցանք, էլանք ի Տ(Դ)արման
Ուր օր աղկէկ մի կար՝ անունն էր Մայրամ։

-Մայրամ, ղուրպան, մօրըդ եայլան ո՞ւրտեղն է։
-Վազք աղբիրի պաղ ջուրերուն մօտերն է։

Մի՛ լար, Մայրամ, մի՛ լար, աչուիդ կ՝աւիրի,
Քեզ պըզտիկ կարգողին տընակն աւիրի։

Կռայեան կը նշէ նոյն այս առիթով երգուող այլ տխուր երգ մը, որ կը կոչուի «Ժառժառում»։ Ըստ այս հեղինակին այս երգին բառերը կը պատկանին Ազարիկ Գոլոյեանի, որ Բալուի Ձէթ գիւղէն է եւ տարածքին մէջ գործող հնչակեան գործիչ մըն է [23]։ Այս երգին մասին նշում ունի նաեւ Պօղոս Մելիքեան իր յուշերուն մէջ, որոնք կը վերաբերին Բալուի Ներխի գիւղին մէջ անցուցած իր մանկութեան ու պատանեկութեան [24]։ Կռայեան կը յիշէ նաեւ այս երգին բառերը, որոնց մէջ կը վերագտնենք «Մի՛ լար Մայրամ»ի կրկներգը՝ «Քեզ պզտիկ կարգողին, Տնակն աւիրի».

Ժառժառում, Ժառժառում,
Էկան տանողնիտ,
Աչքի հանողնիտ,
Ժառժառում, ժառժառում,
Մի՛ լար, հարսնուկ, մի լար,
Աչքերդ կ՝աւրուին,
Քեզ պզտիկ կարգողին
Տնակն աւիրի։
Ես ծաղիկ եմ մալ կ՝ուզիմ,
Մէջքս բարակ շալ կ՝ուզիմ,
Երբ ուր կեսրանցս գնացի,
Ճըզրիկ գոնտրա կ՝ուզիմ։ [25]

Հարսանեկան արարողութեան տխրատեսիլ այս փուլը վերջ կը գտնէ եւ ամբողջ թափօրը պարերով ու երգերով կ՝ուղղուի եկեղեցի։ Փեսան ու հարսը ձիերու վրայ նստած կ՝ըլլան։ Փեսին ձին կը քալէ առջեւէն, մինչ հարսինը՝ ետեւէն։ Եկեղեցիին մէջ տեղի կ՝ունենայ կրօնական երկար արարողութիւն մը։ Յարութիւն քհն. Սարգիսեան կը գրէ որ Բալուի շատ մը գիւղերուն մէջ հարսի ու փեսի հարսանիքի պատրաստութեան այս ամբողջ արարողակարգը տեղի կ՝ունենայ կիրակի իրիկուն։ Բոլոր հարսնեւորները ամբողջ գիշերը արթուն կը մնան ու ժամանակը կ՝անցնի կերուխումով, երգով ու պարով։ Յաջորդ օրը արշալոյսին, մեծ թափօր մը կազմուած, բոլորը կ՝ուղղուին գիւղին եկեղեցին [26]։

Հարսանեկան տօնախմբութեան յաջորդ փուլը կը կայանայ խրախճանքին ու կերուխումին մէջ։ Պէտք է ըսել որ այս արարողութիւններուն ընթացքին ամէնէն շատ երգուող երգերէն է «Զարդար քուրուկը» («Զամպուրը»), որ ձեւով մը Բալուի «քայլերգ»ն է [27]։

«Զարդար քուրուկ» («Զամպուրը»)

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [28]

Գետինն անցնէր ըս զամպուրը,
Վայ, հացի թացան էր զամպուրը,
Կանաչ խոտ էր ըս զամպուրը,
Ախ, անոյշ հոտ էր ըս զամպուրը։

Զարդար քուրուկ, Ճուվարն ո՞ւր է,
Ախ, Զարդար քուրուկ, Ճուվարն ո՞ւր է.
Ես ըսի՝ մ՝երթար զամպուրը։

Ըս տարի զամպուրը վատ է,
Ախ, զամպուրին մուշտարին շատ է,
Զամպուրին մուշտարին շատ է։

Ախ, տը ե՞բ ինիմ աչօք իմաց,
Ճէպիկըս խարշլըղ(խ) չի մընաց,
Քուլլի ձեր օղուրը գնաց։

Աղջի, էկեր քուլպան կ՝ուզէ,
Քուլպան տուի, պագ մ՝ալ կ՝ուզէ,
Մէ մի տուի, հէմ ըլ կ՝ուզէ։

Գետինն անցնէր ըս զամպուրը,
Օր չի բուսնէր ըս լեռտանքը,
Մեզ չի ձգեր ըս ձորտանքը։

Աղկէկ ես, աղն ի՞նչ կ՝էնես,
Կըլոր ես, մաղն ի՞նչ կ՝էնես,
Կըլոր ես, մաղն ի՞նչ կ՝էնես։

Հագեր էիր կարմիր խատը,
Կը լմանէիր նռան հատը,
Կը լմանէիր նռան հատը։

Քաղաքու աղայի սուրուն,
Զարդարն ընկաւ կանկռուն կողուն,
Զարդարն ընկաւ կանկռուն կողուն։

Հագեր էր, կարմըրտեր էր,
Պառկեր էր, քրտըներ էր,
Պառկեր էր, քրտըներ էր։

Կայներ ես պաղչին պատին,
Կը կէնչես աղա տըղին,
Կը կէնչես աղա տըղին։

Ույ, մի՛ ըներ, մի՛ներ, մի՛ներ,
Մ՝օլըրտիր Բալուայ տեներ,
Մ՝օլըրտիր Բալուայ տեներ։

Ժողովուրդը կ՝երգէ ու կը պարէ։ Խրախճանքի ժամանակ «Զամպուր»ին կողքին կը լսուին նաեւ «Գոգ Ախպար»ը, «Երեք ոտք»ը.

«Գոգ Ախպար»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [29]

Գոգ ախպարն է, տանծ է բերեր,
Հոս չեմ առներ, մեր տունը բեր։
Ո՛ւյ, Գոգ ախպար, ո՛ւյ գոգ ախպար,
Սարի պույուխլի Գոգ ախպար։

Ըսօր տերկուն ինչո՞ւ տափար,
Ինծի ղայրու վէրո՞ւն խաբուար։
Ո՛ւյ, Գոգ ախպար, ո՛ւյ…

Ըկըր կ՝առնիմ, կ՝ըսեն՝ խաբուաւ,
Աչքըս իտորմինէ վախցաւ։
Ո՛ւյ, Գոգ ախպար, ո՛ւյ…

Ապա կը յայտնուի փեսին մայրը, որ «Կեսուրին նազ պարը» եղանակին կշռոյթով կը կատարէ մենապար մը։ Կ՛ըսուի որ կեսուրմայրը այս պարին ժամանակ գլխուն դրած կ՝ըլլայ կլոր ափսէ մը՝ վրան թխուած հաց, եւ կ՝ուղղուի կողք-կողքի նստած հարսին ու փեսին մօտ։ Պետրոս Ալահայտոյեան այս մասին կը գրէ. «Այս նրբակերտ եւ մնջիկ ծիսապարը կեսուրին կողմէ պատրաստուած օրհնանք-ընծան է նորապսակ զոյգին՝ զայն հացի սրբազան պաշտամունքային այս պարով իր նոր բոյնին մէջ հաստատող» [30]։ Կ՝երգուին զոյգին վերաբերող երգեր. «Հայկօն տարին գիշերով», «Պաղն ի՞նչ էր, պաղչան ի՞նչ էր», «Էրթանք մեր էգին, եա՛ր», «Տալ տալա», «Հայրիկին ալ», «Թամզարա»։ Հայերէն երգերուն շարքին կ՝երգուին նաեւ բազմաթիւ քրտերէն երգեր [31]։

«Կեսուրին նազ պարը»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [32]

«Հայկօն տարին գիշերով»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [33]

Հայկօն տարին գիշերով,
Պատ կը ծակեն շիշերով։
Կայնի՛ր, սեւկիւլիւս, կայնի՛ր,
Կայնի՛ր, ջէյրանըս, կայնի՛ր։

Լուսինկան օլոր-մոլոր,
Ես պագնիմ ծըծիդ բոլոր։
Կայնի՛ր, սեւկիւլիւս, կայնի՛ր,
Կայնի՛ր, ջէյրանըս, կայնի՛ր։

«Պաղն ի՞նչ էր, պաղչան ի՞նչ էր»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [34]

Պաղն ի՞նչ էր, պաղչան ի՞նչ էր,
Աղջի, քո սեւտան ի՞նչ էր.
Ցած ծառէն բարձըր պըտուղ, եար,
Չիմ հասնիր, ֆայտան ի՞նչ էր։

Ըս տըղան էլ կը լմանէր, եար,
Քէնքիլը տալ կը լմանէր.
Էկաւ անցաւ մեր դռնէն, եար,
Կ՝ըսես՝ զար բէկ կը լմանէր։

Աղկէկ աղջիկ մը ըլլիս, եար,
Օր գայ օր տունը չըլլիս,
Կիւլվարդ պաղչաներն ըլլիս, եար,
Նըշանածիդ ծոցն էղնիս։

Էլեր կայներ բարձըր տեղ, եար,
Թեւիս մանթաշան նեղ է.
Ուր օր կ՝էրթաս թեզ էկուր, եար,
Գիտցիր օր սիրտըս նեղ է։

Ջուխտ բարձողը քար կ՝ըլլի, եար,
Էլի տղան եար կ՝ըլլի՞.
Էլար գացիր ղարիպ տեղ, եար,
Ըսխըտըր կենալ կ՝ըլլի՞։

Քալածը խազ կը լմանէր, եար,
Պոյն ալ պայազ կը լմանէր.
Էրնէ՜կ ծոցիդ պառկողին, եար,
Ձըմեռն ամառ կը լմանէր։

«Էրթանք մեր էգին, եա՛ր»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [35]

Էրթանք մեր էգին, եար,
Տանծերուն տըկուն,
Տանծըն էր գօտուն եար,
Ես (էս) մեռայ հոտուն։

Էրթանք մեր էգին, եար,
Խընծորնուն տըկուն,
Խընծորն էր գօտուն, եար,
Ես (էս) մեռայ հոտուն։

Այ աղջի ջան, ուսկա՞ գու գաս,
Տանծերուն/տանծենուն տըկուն, ամա՜ն,
Տանծերուն/տանծենուն տըկուն, ամա՜ն,
Տանծերը գօտիս մանէ-ման,
Ես մեռայ հոտուն, ամա՜ն,
Ես մեռայ հոտուն, ամա՜ն։

Աղա տղայ, ուսկա՞ գու գաս,
Խընծորնուն տըկուն, ամա՜ն,
Խընծորնուն տըկուն, ամա՜ն.
Խընծորը գօտիս մանէ-ման,
Ես մեռայ հոտուն, ամա՜ն,
Ես մեռայ հոտուն, ամա՜ն։

Ա՛խ, ընքապապ, ուսկա՞ գու գաս,
Սալորնուն տըկուն, ամա՜ն,
Սալորնուն տըկուն, ամա՜ն,
Սառան ինիմ քըզի հայրան,
Սալորնուն տըկուն, ամա՜ն,
Խընծորնուն տըկուն, ամա՜ն,
Տանծերուն տըկուն, ամա՜ն։

«Տալ տալա»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [36]

Տալ տալա, տալ տալա,
Տալ պոյիդ ղուրպան։

Մէջքուկըդ բարակ էր,
Գըրկելուդ հայրան,
Երեսըդ կարմիր էր,
Պագնելուդ ղուրպան։

Օր կ՝ըսեն Իստամբուլ,
Սիրտըս կը թընդայ.
Վախնամ՝ էրթաս, չի գաս,
Տուշմանըս խընդայ։

Տալ տալա, տալ տալա,
Տալ պոյիդ ղուրպան…

Գըցի փոստախանան,
Նամակ ձըգեցի,
Տասնհինգ օր սպասեցի,
Ճուղապը չառի։

Աղջի, Եղսօ ջան,
Փոստաճին էկաւ,
Կողակցէդ խապարներ բերաւ։

Տալ տալա, տալ տալա…

«Հայրիկին ալ»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [37]

Աղջըկանը՝ օսկի կօշիկ,
Մայրիկին՝ արծաթ, ամա՜ն,
Հայրիկին ալ եմէնի մը՝
Տապան չունենայ…

Չէ, չէ, չեմ կրնար պարել,
Մազ փապուճըս կը ճըզճըզայ,
Անօթի փորըս կը կըռկըռայ,
Շուն կեսուրըս կը տըռտըռայ,
Չեմ կրնար պարել։

Աղջըկանը քօշկ շինեցէ՛ք,
Մայրիկին՝ խօնախ, ամա՜ն,
Հայրիկին ալ փըլած մարագ՝
Էրդիկ չունենայ…

Աղջըկանը ֆայտոն բերէ՛ք,
Մայրիկին՝ օթօ, ամա՜ն,
Հայրիկին ալ թօփալ էշ մի,
Սէմեր չունենայ…
Չէ, չէ, չեմ կրնար պարել…

Աղջըկանը ջուխայ գըլխարկ,
Մայրիկին՝ եազմա, ամա՜ն,
Հայրիկին ալ կարմիր ֆէս մի,
Փիւսկիւլ չունենայ…

Աղջըկանը խաս կըտրեցէ՛ք,
Մայրիկին՝ աթլաս, ամա՜ն,
Հայրիկին ալ ջուխայ շալուար,
Ուջխուր չունենայ…
Չէ, չէ, չեմ կրնար պարել…

Աղջըկանը խազ տապկեցէ՛ք,
Մայրիկին օրտեք, ամա՜ն,
Հայրիկին ալ անժուր ապուր,
Համ-հոտ չունենայ…
Չէ, չէ, չեմ կրնար պարել…

«Թամզարա»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [38]

Լէ, լէ, լէ, լէ, թամզարա,
Աղջիկ, տըղայ կը խաղայ.
Աղջիկ, տըղայ կը խաղայ։

Վերի պաղչին տանծերը,
Հոփ-հոփ կ՝ընեն մանչերը,
Ուր օր աղջիկ մը տեսնան,
Հոն կը ծըռեն ֆէսերը։

Թամզարա պար պարեցէք,
Ուսերնիդ ալ շարժեցէք.
Թամզարային պարերը,
Իրար կու գան եարերը։

Խելքըս գըլխէս առեր ա
Էդ աղկէկան մազերը.
Թամզարային վարպետը,
Քըղու, Բալու, Խարբերդը։

Տելիլօ (քրտերէն)

երգասացներ՝ Ժանօ Յովսէփեան եւ Մարօ Նալպանտեան [39]
քրտերէն արտագրութիւն՝ Uğur Dursun Adsiz

Delîlo Seyran e
De lî lî lî lî de lî lî lî lî de lî lî lî lî Seyran e
Ho hooo oooy de oy oy ooy birîndar e
Taca Seyran pênc xevpatyay* hemû xeyalên xwe giredan
Em zarokên welatlî ne çar daran û şadlî ne
De lî lî lî lî de lî lî lî lî de lî lî lî lî Nurhan e
Wo hooo oooy de oy oy ooy birîndar e
De lî lî lî lî de lî lî lî lî de lî lî lî lî Seyran e
Ho hooo oooy de oy oy ooy can e
 
Taca Seyran pênc xevpatyay* hemû xeyalên xwe giredan
Em zarokên welatlî ne çar daran û şadlî ne
 
De lî lî lî lî de lî lî lî lî de lî lî lî lî Seyran e
Ho hooo oooy de oy oy ooy birîndar e
De lî lî lî lî de lî lî lî lî de lî lî lî lî Seyran e
Ho hooo oooy de oy oy ooy can e
 
Taca Nurhan pênc xevpatyay* hemû xeyalên xwe giredan
Em zarokên welatlî ne çar daran û şadlî ne
De lî lî lî lî de lî lî lî lî ho hooo oooy de oy oy ooy can e
Ho hooo oooy oy oy ooy lo lo loy lo lo Seyran e
Delîlo delîlo delîlo lo delîlo delîlo Seyran e
Delîlo delîlo delîlo lo delîlo delîlo Seyran e
 
Mi(n) dî Seyran meşi ya
Zêr û qamar xweş çû ya
 
Delîlo delîlo delîlo lo delîlo delîlo Seyran e
Seyran qiza axa ye
Hezar zêr baxşîş da ye
Delîlo delîlo Seyran e
Xortên gundan kurban e
Delîlo delîlo delîlo lo delîlo delîlo Seyran e
Seyran qiza keşîş e
Hezar zêr baxşîş da ye
Delîlo delîlo delîlo lo delîlo delîlo Seyran e
Delîlo delîlo delîlo lo delîlo delîlo Seyran e

«Խըմը-խըմէ թորեւան»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան[40]

Օ՛յ (Վայ), խըմը-խըմէ թորեվան,
Օ՛յ (Վայ), Խըմը-խըմէ զոզանէ։

Օ՛յ (Վայ), Խըմը-խըմէ զոզանէ,
Օ՛յ (Վայ), խըմը-խըմէ թորեւան։

«Ա՜խ լէ խորթան»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան[41]

Ա՜խ, լէ խորթան, լէ, լէ, լէ, լէ,
Տէկըր ըմ, տադէ ըմ, վայ, վայ,
Շէկ ռահան ըմ, լէ, լէ, լէ, լէ,
Պէն հուրիք ըմ, վայ, վայ։

Կուլ շիրին ըմ, վայ, վայ, […]


«Չըփնէ, չըփնէ կովանտ է»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան[42]

Չըփ(ը)նէ, չըփնէ, չըփ կովանտ է,
Կովանտ քըրդէ կոնտան է։

Խաշլէ, խաշլէ, խաշլէ եար է,
Լէ, լէ, լէ, լէ, կովանտ է։

Բալու քաղաքին մէջ հարսանեկան բոլոր այս արարողութիւնները՝ խրախճանքները ներառեալ, կը տեւեն 2-3 օր, մինչ գաւառակի գիւղերուն մէջ սովորութիւն է, որ անոնք տեւեն մօտաւորապէս ամբողջ շաբաթ մը։

Բարեկենդանի երգեր

Բարեկենդանի հինգշաբթին տօնական օր մըն է, մարդիկ չեն աշխատիր եւ ամբողջ օրը տեղի կ՝ունենան խնճոյքներ ու տօնախմբութիւններ։ Բալու քաղաքին հայկական թաղամասերը կը սկսին ապրիլ երգերու եւ երաժշտութիւններու կշռոյթով։ Նուագածուներ գործի կ՝անցնին թաղերուն մէջ։ Քաղաքացիները եւ մանաւանդ ասոնց շարքին կիներն ու աղջիկները բարձրացած կ՝ըլլան տուներու տանիքները, պար կը բռնեն ու կ՝երգեն։ Գիւղերու մէջ մթնոլորտը համանման է։ Շինականները կը խմբուին իրենց տանիքներուն վրայ կամ դռներուն առջեւ ու խումբով կը պարեն։ Շաբաթ օրը գիւղացիները կ՝ուղղուին իրենց պարտէզները, ուր երկար սեղաններ դրուած կ՝ըլլան, տուներէն ճաշեր կը բերուին. այստեղ կը շարունակուին պարը, երգը եւ նուագը։ Տօնախմբութիւնները կը տեւեն չորս օր՝ մինչեւ կիրակի, որ կը համընկնի Բուն Բարեկենդանին [43]։ Այս առիթով կ՝երգուի «Աղկէկ աղջիկ, դուռը բաց».

«Աղկէկ աղջիկ, դուռը բաց»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան[44]

Աղկէկ աղջիկ, դուռը(դ) բաց,
Այըլըխըս ներս մնաց,
Երբ որ ձեր դըռնէն անցայ, ա՜խ,
Իմ սըրտիկըս կէս մնաց։

Բարձըր տեղեր զով կ՝ըլլի,
Էկէ հայինք ի՞նչ կ՝ըլլի,
Ես քեզմէ վազ չիմ անցնիր, ա՜խ,
Սըրտիդ ուզած(ը) թող ըլլի (էրկուքիս մուրազըն ըլլի)։

Կաթնաղբիւր, քարէ տաճար,
Ես քու հոգուդ ըլլիմ ճար,
Մեռոն-ճաշակ խօսք տուի, ա՜խ,
Սուրբ Կարապետ մըզի ճար։

Եարըս ասլան կը լմանի,
Սարի ջէյրան կը լմանի,
Ես իմ սիրածըս առի, ա՜խ,
Դուշմանին սիրտը այրի։

Յարութիւն քհն. Սարգիսեան կը նշէ նաեւ Բարեկենդանի այլ երգեր, որոնց միայն խօսքերուն ծանօթ ենք [45].

Ծնկն ածո, ծնկն ածո,
Ծնկն ածոին քնարը,
Կրպօ էլիր տէները,
Կրպօ էլիր տէները,
Տե՛ս Մրոյին թշերը,
Կարմիր խնձորի պէս ը,
Կարմիր խնձորի պէս ը,
Մազերը ձոնի պէս ը,
Մազերը ոսկու պէս ը
Մազերը ոսկու պէս ը,
Պօյը ջինարի պէս ը,
Նինի, նինի, նինի, նի,
նինի, նինի, նինի, նի։

Մրօ Կրպօն չինար ը,
Մրօ Կրպօն չինար ը,
Ան քու ուզած լաւ եարն ը,
Ան քու ուզած լաւ եարն ը,
Էրնէկ քիզի որ ունիս,
Էրնէկ քիզի որ ունիս,
Կրպոյին պէս նշանած,
Կրպոյին պէս նշանած,
Աչքեր ունի եղնիկի,
Աչքեր ունի եղնիկի,
Սիրտ մը ունի սրբի պէս,
Սիրտ մը ունի սրբի պէս։

**

Աղկէկ իմ աղն ի՞նչ էնիմ,
Կլոր իմ մաղն ի՞նչ էնիմ,
Էլլամ տիներն ի՞նչ էնիմ,
Հոն տեսնելու եար չունիմ։

Եարըս ղարիպ երկիր ը,
Աշխարհ ինծի մութ ը,
Էլին ծառնը ծաղկեր,
Իմս՝ կարկուտնը զարկեր։

Աղկէկ կեսուր, խաթուն կեսուր,
Քու ըս տղուդ խօսք մը հասցուր,
Իս կը թողը կ՝երթայ պառկի
Մեծ ախոռին գոմշին մըսուր։

Մեր դուռը ձեր դրան դիմաց,
Հերիք էնիմ աչօք իմաց,
Ճեպիկըս խաշլըղ չը մընաց,
Բոլորը քու օղուրըդ գընաց։

Մեր տունը բակի կըլմանի,
Մազերըս թագի կըլմանի,
Անցաւ, գնաց սիրականըս,
Գիտես քի Պէկի կըլմանի։

Ռեհան ցանեցի, թեզ մը բուսցաւ,
Խապարըդ էկաւ ինծի հասաւ,
Լսեցի որ կարգըւեր ես,
Գըլոխըդ էրկինք հասաւ։

Համբարձման տօնի երգեր

Գիւղերու մէջ Համբարձման հինգշաբթիէն մէկ օր առաջ կը զատուին եօթ անչափահաս աղջիկներ (ընդհանրապէս 13-14 տարեկան), որոնք կուժեր բռնած կ՝երթան եւ եօթ տարբեր աղբիւրներէ ջուր կը լեցնեն եւ այս կուժերուն մէջ կը դնեն եօթը տարբեր ծաղիկներու փունջեր։ Անմիջապէս կու գան եկեղեցի, ուր կ՝օրհնուին իրենց հետ բերած ջուրն ու ծաղիկները։ Ապա կը սկսին զանոնք բաժնել գիւղի տուներուն։ Յաջորդ առտու կանուխ նոյն եօթ աղջիկները, իրենց հետ նաեւ հինգ ուրիշ աղջիկներ, կը հաւաքուին սենեակի մը մէջ ու կը սկսին վիճակ ձգել՝ ճշդելու համար թէ իրենցմէ ամէն մէկը ինչ դերեր պիտի ստանձնէ։ Դերերը հետեւեալներն են. հարս, հարսի հետ պարող, տափ, երգող, նուէրներ հաւաքող։ Ասկէ ետք խումբը կ՝այցելէ զանազան տուներ, ուր կը պարեն, կ՝երգեն, իսկ տնեցիներն ալ կը բաժնեն իրենց նուէրներ [46]։

Մեսրոպ Կռայեան դիտել կու տայ որ Բալու քաղաքին մէջ կը գործէ «վիճակի» այլ տարբերակ մը։ Այս անգամ եօթ պարմանուհիները իրենց բերած եօթ տարբեր աղբիւրներու ջուրն ու եօթ տարբեր ծաղիկները կը լեցնեն լայն բերանով սափորի մը մէջ ու կը հաւաքուին իրենցմէ մէկուն տանը։ Կը զուարճանան, կ՝երգեն, կը ճաշեն, ապա աւելի փոքրիկ աղջկայ մը կը թելադրեն իրենց համար վիճակ քաշել։ Սափորին մէջ պարմանուհիները արդէն նետած կ՝ըլլան իրենց պատկանող անձնական մէկական իրեր, ինչպէս օղ, մատանի, փոքր բանալի, կոճակ, եւայլն։ Կը սկսին միասնաբար երգել «Վիճակի երգ»էն կամ ասոր նման այլ երգերէ տուն մը, որ իր մէջ կը բովանդակէ լուր մը, գուշակութիւն՝ չար կամ բարի։ Աղջնակը կը քաշէ վիճակը։ Զատուած իրին տիրոջ կը վերաբերի նաեւ երգուած տունին գուշակութիւնը [47]։


«Վիճակի երգ»

երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան [48]

Վիճկէ-վիճակն էկեր է,
Քըթան լաչկիկ ձգեր է,
Շար ու շապիկ հագեր է,
Էկեր էջեր ձեր դուռը/տունը։
Ի՞նչ գողնամ, գառ (գառնուկ) գողնամ,
Եօթնաղբիրէն ջուր գողնամ։

Արտիկ մ՝ունիմ աշորայ,
Ջուր չեն իտար ջրելու,
Ծառը ճըղերով կ՝ուզինք,
Աղջիկն օղերով կ՝ուզինք,
Տղան պեխերով կ՝ուզինք։

Լուսինկան բակն իջեր է,
Բակն արեւով լեցուեր է,
Մանկիկ տղան տեսեր է,
Գըցեր մօրկան ըսեր է,
Մօրկան սիրտը այրեր է,
Խոչ մի ղուրբան կըյրեր է։

Վիճկէ-վիճակ էկեր է,
Էկեր, էջեր ձեր դուռը,
Մեծ փեթկէն պըլղուր կ՝ուզէ,
Պըզտիկ փեթկէն աղ կ՝ուզէ (կուզը),
Սեւ հաւէն հաւկիթ կ՝ուզէ,
Կարմիր կովէն եղ կ՝ուզէ (կուզը)։

Յարութիւն քհն. Սարգիսեան ինք եւս կը ներկայացնէ Համբարձման տօնին առիթով երգի մը բնագիրը, որ զանազան նմանութիւններ ունի վերոնշեալին հետ [49].

Վիճակն էկեր մեր դուռը, օխ լէ, լէ, լէ, լէ, լէ
Եօթն աղբիւրէ ջուր կուզը, օխ լէ,
Կարմիր կովուն եղ կուզը, օխ լէ,
Սեւ հաւուն հաւկիթ կուզը, օխ լէ,
Մեծ փեթկէն պղլուր կուզը, օխ լէ,
Պզտիկ փեթկէն աղ կուզը, օխ լէ։

Հայտէ, Եղսա ու Մագօ, օխ լէ,
Փարչեր դնենք մեր փիճին, օխ լէ, լէ,
Էրթանք, եռաջ կաթն աղբիր օխ լէ,
Ջուր լեցնենք մենք ընկէ, օխ լէ,
Փարչերուն մէջ ու դառնանք, օխ լէ,
Էրթանք մէկ մըլ Տող աղբիր, օխ լէ,
Ընկէ էրթանք Պաղ աղբիր, օխ լէ,
Քամուն աղբիրն ըլ էրթանք, օխ լէ,
Սեւ հատիկի պաղ զուլալ օխ լէ,
Ջուրն ըլ առնենք ու դառնանք օխ լէ,
Էրթանք գեղին Մենծ աղբիրն օխ լէ,
Մեղրիկ ջուրն ըլ չի մառնանք, օխ լէ…։

Եօթն ախջիկ էինք էրէկ լէ, լէ հէյրան լէ, լէ,
Եօթն աղբիրէն ջուր բերող լէ, լէ
Տարինք ըտ ջուրը Պապուն լէ, լէ,
Տէր պապն օրշնեց ըտ ջուր լէ, լէ,
Ու խմցուցինք Վիճակին լէ, լէ,
Ու սողը գցինք ամէն տուն լէ, լէ,
Օրշնած ջուրէն մէյ մէկ թաս լէ, լէ,
Տուինք ընոնց որ խառնեն լէ, լէ,
Մածունին հէտ խնոցուն լէ, լէ,
Օր օրշնուի, մածունը լէ, լէ,
Օր եղն ընոր շատ ըլլի լէ, լէ։

Եօթ կտրիճ աղկեկուկ լէ, լէ, հէյրան լէ, լէ,
Չնարի պոյ ունեցող լէ, լէ,
Առնենք էլլանք սարերը լէ, լէ,
Պարենք մէկտեղ գօտիման լէ, լէ,
Սարեր, ձորեր թող խնտան լէ, լէ,
Մեր ձաներէն թանպուրայ լէ, լէ,
Ու շէնցնենք մեր տներ լէ, լէ,
Վարենք, ցանենք մեր լարեր լէ, լէ,
Որ տան մեզի շատ բերքեր լէ, լէ։

Օրօր-աղօթք

Վերջին այս երգը ժողովրդային աղօթք մըն է, որ ինչպէս Պետրոս Ալահայտոյեան կը գրէ, շատ կը նմանի նաեւ օրօրոցայինի, «ինչպէս օրօրոցայիններուն մեծ մասը անհատականացած է եւ աղօթքի մրմունջներու վերածուած [50]»։

Բալուի աղօթքը

երգասաց՝ Սուլթան մայրիկ Աբրահամեան [51]

Սուրբ Կարապետ եմ գնացեր,
Օտային մէջը պառկեր քնացեր,
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ
Մուրազ տուեր, չեմ իմացեր։

Սուրբ Կարապետ խորան-խորան,
Մէջը կ՝օրրուի օսկի օրրան,
Սաղմոս կ՝ըսեն միաբերան,
Եօթը գլուխ Աւետարան։

Սուրբ Կարապետը մատնեցին,
Քայսերու քաղքէն հանեցին.
Մշոյ սոյնը կայնեցուցին,
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ,
Մուրազ տուող Սուրբ Կարապետ,
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ։

Սուրբ Կարապետ բարձր տեղ ի,
Ճամբայ ունի ոլոր-մոլոր,
Չորս կողն ալ ջաղ ու ճուղ ի,
Ամէն պտուղ տարտի դեղ ի։
Եաեաւորին բարեւ կու տայ,
Ձիաւորին ճուղապ կու տայ։

Մուրազ տուող Սուրբ Կարապետ,
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ։

  • [1] Պետրոս Ալահայտոյեան, Բալուի (եւ տարածաղրջանի) երաժշտական-ազգագրական հաւաքածոյ, Դրազարկ հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա, 2009, էջ 55։
  • [2] Այս մասին տեսնել օրինակ՝ Բարունակ Թոփալեան, Հայրենի գիւղս Օխու, տպ. Հայրենիք, Պոսթըն, 1943, էջ 121։
  • [3] Պօղոս Մելիքեան, Հայրենի շունչով, տպ. Համազգային, Պէյրութ, 1969, էջ 281։ Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 292։
  • [4] Ալահայտոյեան, op. cit., էջ 43։
  • [5] Ibid., էջ 254։
  • [6] Ibid., էջ 269։
  • [7] Ibid., էջ 207-208
  • [8] Ibid., էջ 230-231։
  • [9] Ibid., էջ 205-206։
  • [10] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 3։
  • [11] Ալահայտոյեան, op. cit., էջ 43-44։
  • [12] Ibid., էջ 200-201։
  • [13] Թոփալեան, op. cit., էջ 44-45։
  • [14] Սարգիսեան, op. cit., էջ 4։
  • [15] Ibid., էջ 5։
  • [16] Ibid.։
  • [17] Ալահայտոյեան, op. cit., էջ 222-223։
  • [18] Սարգիսեան, op. cit., էջ 6։
  • [19] Ibid., էջ 3։
  • [20] Ալահայտոյեան, op. cit., էջ 45-46, 217։
  • [21] Ibid., էջ 213։
  • [22] Ibid., էջ 215։
  • [23] Կռայեան, op. cit., էջ 300-301։
  • [24] Մելիքեան, op. cit., էջ 282։
  • [25] Կռայեան, op. cit., էջ 301։
  • [26] Սարգիսեան, op. cit., էջ 6։
  • [27] Ալահայտոյեան, op. cit., էջ 46։
  • [28] Ibid., էջ 272-274։
  • [29] Ibid., էջ 276-277։
  • [30] Ibid., էջ 221։
  • [31] Ibid., էջ 47-49, 55։
  • [32] Ibid., էջ 220։
  • [33] Ibid., էջ 225։
  • [34] Ibid., էջ 258-259։
  • [35] Ibid., էջ 246-247։
  • [36] Ibid., էջ 252-253։
  • [37] Ibid., էջ 321։
  • [38] Ibid., էջ 262։
  • [39] Ibid., էջ 331։
  • [40] Ibid., էջ 332-333։
  • [41] Ibid., էջ 334-335։
  • [42] Ibid., էջ 336։
  • [43] Կռայեան, op. cit., էջ 341-342։ Սարգիսեան, op. cit., էջ 21-22, 24։
  • [44] Ibid., էջ 227։
  • [45] Սարգիսեան, op. cit., էջ 22-23
  • [46] Ibid., էջ 39-41։
  • [47] Կռայեան, op. cit., էջ 360-361։
  • [48] Ալահայտոյեան, op. cit., էջ 233։
  • [49] Սարգիսեան, op. cit., էջ 40-41։
  • [50] Ալահայտոյեան, op. cit., էջ 396-398։
  • [51] Ibid., էջ 397։