Բալու - Աշխարհագրութիւն

Ինչպէս հասնիլ Բալու

Ինչպէ՞ս Պոլիսէն հասնիլ Հայկական Բարձրավանդակի կեդրոնական մէկ կէտին վրայ գտնուող այս գաւառակը։ Կան երեք գլխաւոր ճանապարհներ։ Առաջինը Միջերկրականի ճամբով կարելի է հասնիլ մինչեւ Մերսին նաւահանգիստը, ապա այստեղէն կարաւան մը բռնելով երթալ մինչեւ Բալու՝ ճանապարհին վրայ կանգ առնելով Ատանայի եւ Մարաշի մէջ։ Այս ուղին կրնայ տեւել տասնհինգ օրեր եւ ասոր կը կոչեն ձմրան ճանապարհ։ Երկրորդ ճամբան նախ Սեւ Ծովու վրայով մեզ կը տանի Սամսոն նաւահանգիստը, ապա կարաւանով մինչեւ Ամասիա, Թոգաթ, Սեբաստիա, Խարբերդ ու վերջապէս Բալու։ Այս ուղին կրնայ տեւել տասնվեց օրեր եւ ասոր ալ կու տան ամրան ճանապարհ անուանումը։ Երրորդ ճանապարհը դարձեալ Սեւ Ծովի վրայով նախ մեզ կը հասցնէ Տրապիզոն, այստեղէն ալ կարաւանի մը միանալով նախ կ՝ուղղուինք Կիւմիւշխանէ, Երզնկա, ապա Քղիի մօտէն անցնելով կը հասնինք Բալու։ Այս ուղին ամէնէն կարճը կրնայ սեպուիլ, քանի որ տաս օրուայ տեւողութիւն ունի։ Բայց բաղդատած միւս ճանապարհներուն, այս մէկուն գործածութիւնը շատ աւելի դժուար է, նկատի ունենալով անոր լեռնային նկարագիրը. այս պատճառով ալ այս մէկն ալ կը համարուի ամառնային ճանապարհ։

Բալու տանող այս ճանապարհներու նկարագրութիւնը կատարած է Պօղոս վրդ. Նաթանեան, որ Բալուի Առաջնորդը եղած է 1878-1879 տարիներուն [1]։ Քանի մը տասնամեակ ետք Բալու քաղաքի հիւսիսէն կը սկսի անցնիլ Խարբերդէն դէպի Էրզրում տանող ճանապարհը։ Այս գիծը կը կտրէ Բալուի դաշտը՝ արեւելքէն արեւմուտք եւ կ՝անցնի Նպըշի, Նորշնակ, Նոր Գիւղ Մեզրէ, Նոր Գիւղ, Արմուճան, Կիւլիւշկեր գիւղերուն մօտէն։ Բայց ոչ մէկ լայն ճանապարհ Բալու քաղաքը կը կապէ այս խճուղիին [2]։

Բալուի դիրքը քարտէսի վրայ աւելի տեսանելի դարձնելու համար, յայտնենք որ արեւելքէն անոր ամէնէն մօտիկ քաղաքային կարեւորագոյն կեդրոնն է Մուշը, արեւմուտքէն՝ Խարբերդը, հարաւէն՝ Տիարպեքիրը, իսկ հիւսիսէն՝ Քղին ու Երզնկան։ Արածանի գետը (Մուրատ չայ, կամ Արեւելեան Եփրատ) Բալուի գաւառակը կը բաժնէ երկու մասերու. հարաւային կողմը, կամ գետին ձախ ափին վրայ կը գտնուին Թիլ, Թըրխէ, Նաճարան, Քուրտիքան հայաբնակ գիւղերը։ Այս վերջիններուն կը տրուի Աշմուշատ, կամ Հարաւային Գիւղեր անուանումը։ Հիւսիսային հատուածին մէջ տեղադրուած է Բալու քաղաքը, եւ անկէ դէպի արեւմուտք երկարող հատուածին մէջ կը գտնուին թրքաբնակ Սէյտիլար, նաեւ հայաբնակ Նոր Գիւղ, Նոր Գիւղի Մեզրէ, Արմուճան, Կիւլիշկեր, Դաւթի Մեզրէ եւ Ուզունօպա գիւղերը։ Վերնոշեալ բոլոր գիւղերը կ՝եզերեն Արածանիի աջ ափը եւ անոնք ծանօթ են Վարի Գիւղեր անուանումով։ Բալու քաղաքէն հիւսիս՝ արեւմուտքէն արեւելք երկարող դաշտին մէջ կը գտնուին գաւառակին բարեբեր ու ջրառատ դաշտերը. այս տարածքը ծանօթ է Վերի Գիւղեր անուանումով։ Հայկական բնակչութիւնը այստեղ գաւառակին ամէնէն հոծն է, իսկ քրտական գիւղերը նոյն այս վայրին մէջ յարաբերաբար քիչ են։ Այստեղ կը գտնուին հայաբնակ Ձէթ, Սղամ, Սագրաթ, Շինազ, Ապրանք, Մուրջոմի Մեզրէ, Չայրի Մեզրէ, Հաւաւ, Ներխի, Նպըշի, Խոշմաթ, Խամիշլի, Արթուխան, Իսապէկ, Գումպաթ, գիւղերը։ Վերի Գիւղերէն աւելի հիւսիս-արեւելք կը գտնուին Օխու եւ Թափա (Թեփէ) երկու հայաբնակ յայտնի գիւղեր, որոնք հարուստ են իրենց դաշտերով։ Հայաբնակ փոքր գիւղեր ալ գոյութիւն ունին դաշտային այս շրջանները ծայրապատող լեռներուն ստորոտներուն վրայ։ Պէտք է ըսել որ լեռնային այս վայրերուն մէջ, որոնց բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 2500 մեթր, հայերը ջնջին փոքրամասնութիւն մըն են եւ այստեղի բնակչութիւնը բացարձակ մեծամասնութեամբ քիւրտեր են [3]։

Այս նկարագրութենէն յստակ կը դառնայ որ Բալու գաւառակին մէջ հայկական բնակչութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած է Արածանիի անմիջական ձախ ափին եւ ի մասնաւորի աջ ափին գտնուող դաշտին մէջ։ Այս տարածքը կը կազմէ գաւառակին արեւմտեան կողմը։ Մնացեալ վայրերը՝ հիւսիս, հարաւ ու արեւելք, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կազմուած է քիւրտերէ։

Բալու քաղաքը՝ դիրքը եւ նկարագրութիւնը

Քաղաքը կառուցուած է Արեւելեան Եփրատի հարաւային ափին վրայ, հովիտի մը մէջ՝ Սուրբ Մեսրոպ լերան ստորոտին։ Նոյն այս լերան գագաթը կայ ուրարտական շրջանէն մնացած բերդի մը աւերակները։ Քաղաքը կը յատկանշուի իր անկանոն փողոցներով ու անընդհատ ելեւէջներով, որոնք կը դժուարացնեն երթեւեկութիւնը։ Բալուն իր հարաւային ու հիւսիսային կողմերէն շրջապատուած է բարձրադիր լեռներէ, ինչ որ պատճառ կ՝ըլլայ որ այստեղի կլիման, մանաւանդ ամառնային եղանակին, առողջարար չըլլայ։

Քաղաքին մէջ կան հայկական չորս թաղամասեր՝ Երեւան, Տօներ, Ս. Սահակ եւ Ս. Կիրակոս։ Այս վերջին երկուքը 19րդ դարու վերջաւորութեան աւերակային ու լքուած վիճակ մը ունէին. հետեւաբար հայկական կեանքը կեդրոնացած կը մնայ Երեւան եւ Տօներ թաղամասերուն մէջ [4]։ Ասոնք կառուցուած են Ս. Մեսրոպ լերան ստորոտին՝ դէպի Արածանի նայող կողմին վրայ։ Զառիթափ այս վայրը բալուցիներուն կողմէ կը կոչուի Քռան։ 1870ական թուականներու տուեալներով այստեղ կ՝ապրէին 585 տուն հայեր, որոնք կը կազմէին 4683 հաշուող բնակչութիւն մը։ Քաղաքին գործող երկու եկեղեցիներն են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ Ս. Աստուածածինը, թէեւ, 1870ական թուականներու տուեալներով, տակաւին կը գործէին Ս. Սահակն ու Ս. Կիրակոսը։ Քանի մը տասնամեակ ետք է, որ այս թաղամասերու հայութեան մեկնումով, երկու այս եկեղեցիները իրենց կարգին պիտի լքուէին իրենց հաւատացեալներէն։  Լերան ճակատին վրայ, հայկական թաղամասէն քիչ մը վեր կայ նաեւ Ս. Թորոս ուխտատեղին [5]։ Հայ բողոքականները իրենք եւս Բալուի մէջ ունին իրենց աղօթատեղին։ Հարաւի կողմը գտնուող լերան գագաթը հայերու կողմէ կ՝անուանուի «Գոհանամք» եւ անիկա ուխտավայր մըն է տեղի բնակչութեան համար։ Իսկ հիւսիսի կողմի լերան վրայ կայ այլ ուխտատեղի մը՝ Ս. Պօղոս նախկին վանքը, որմէ մնացած են միայն աւերակներ [6]։

Կառավարական կեդրոնատեղին նախապէս գտնուած է քաղաքէն մօտ քառորդ ժամ հեռաւորութեամբ վայր մը։ Սակայն այս մէկը կը քանդուի ու պետական նոր շէնքը կը կառուցուի քաղաքին ճիշդ կեդրոնը [7]։

Ջրառատ վայր մը չէ Բալու քաղաքը։ Ճիշդ է որ Արածանին իր կողքէն կ՝անցնի, բայց կարելի չէ դիւրութեամբ գետին ջուրը բարձրադիր դիրքի մը վրայ կառուցուած այս քաղաքին զանազան վայրերը հասցնել։ Հաւանաբար նոյն այս պատճառով ալ քաղաքն ու անոր անմիջական շրջապատը ընդհանրապէս զուրկ են կանաչազարդ տեղերէ։ Փաստօրէն ամբողջ Բալու քաղաքին տարածքին մէջ քանի մը բարտիի եւ քանի մը նուշի ծառեր միայն կան։ Ջուրի այս պակասը մասամբ կը գոհացուի երեք աղբիւրներու գոյութեամբ. ասոնք կը կոչուին Շար, Վար եւ Ճէմի, որոնք շատ կը գործածուին հայկական թաղամասերու բնակիչներուն կողմէ։ Կայ նաեւ բաղնիքին սառնորակ ջուրը, որուն աղբիւրը կը գնտուի թրքական վարի թաղին մէջ։ Ամառ ատեն, հայկական թաղերէն ձի կամ աւանակ ունեցողները կու գան այստեղ եւ իրենց անասուններուն վրայ բեռցուած ջուրը կը բարձրացնեն հայկական տուները [8]։

Թրքական թաղամասերը բաժնուած են հայկականներէն։ Այսպէս, թուրքերը կը բնակին երեք տարբեր վայրերու մէջ. Զովիա, որ կը գտնուի քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը՝ բերդին ետեւը։ Զովեան մօտ 242 տուներէ բաղկացած մեծ թաղամաս մըն է, որ ունի երկու մզկիթներ։ Թրքական միւս թաղամասը՝ Աշաղքի Մեհլէ, կը գտնուի բերդին հարաւ-արեւելքը, գետեզերքին վրայ գտնուող բերդանման ապառաժի մը՝ Քնթիկա Քարին, ճիշդ ետեւը։ Այս թաղը կը բաղկանայ 436 տուներէ։ Երրորդ թաղամասը՝ Չարշը Պաշի, կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը՝ շուկային վերեւ եւ զառիթափի վրայ հաստատուած։ Այս մէկն ալ կը հաշուէ 528 տուներ։ Ընդամէնը 1206 թրքաբնակ տուներ, կամ 7236 թուրքեր կ՝ապրին Բալուի մէջ, 1870ական թուականներու տուեալներով [9]։

1877-78ի ռուս-օսմանեան պատերազմին նախօրեակին եւ հիմնուելով Սալնամէի տուեալներուն վրայ – ուր այս պարագային կը նշուին միայն տղամարդոց թիւը -, հայ բնակչութիւնը կը գնահատուի գաւառակին 20%ով, իսկ Բալու քաղաքին մէջ ալ մօտ 40%ով։ Պատերազմէն անմիջապէս ետք, այն ժամանակ երբ Բալուն արդէն միացած էր Մամուրէթ էլ-Ազիզի նահանգին, հայերու թիւը կը կարծուի ըլլալ գաւառակին 40%ը. ասոր պատճառը իսլամ տղամարդոց թիւին արտասովոր անկումն է։ 1890ի սկիզբները՝ Սուլթան Համիտի օրով կատարուած հակահայ կոտորածներուն նախօրեակին, գաւառակին հայերը կը հաշուեն 13 հազարէն 14 հազար անձեր, այլ խօսքով ընդհանուր բնակչութեան 25%ը։ 1895-96ի կոտորածները պատճառ կ՝ըլլան հայերու թիւին նկատառելի նուազումին։ Իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին նախօրեակին, հայերու թիւը կը գնահատուի մօտ 15 հազարով [10]։

Բալու գաւառակի գիւղերուն մէջ ընդհանրապէս խանութներ չկան։ Թէեւ այս գծով բացառութիւն կը կազմէ հայաբնակ Հաւաւ գիւղը։ Այնպէս որ քաղաքին շուկան այն վայրն է, ուր առեւտուր կ՝ընեն քաղաքացիներն ու գիւղերէն եկած մարդիկ։ Շուկային մէջ կան հին եւ նոր խաները։ Այստեղ կը գործեն առեւտրական խանութներ, արհեստաւորներ ունին իրենց սեփական խանութները։ Շուկային հրապարակին ընդհանրապէս գիւղացիներն են, որոնք իրենց հետ բերած ապրանքները կը զետեղեն ու կը վաճառեն։ Ասոնց շարքին են ցորենը, գարին, փայտը, ածուխը [11]։ Քաղաքէն դէպի արեւմուտք՝ Սղամ գիւղը տանող ճամբուն վրայ, կը գտնուի օսմանեան զօրանոց մը։ Հարաւէն եկողը քաղաք մտնելու համար պէտք է գործածէ Արածանիի վրայ նետուած կամուրջ մը։ Անիկա ունի քարաշէն հիմեր, որուն վրայ կառուցուած է փայտաշէն անցք մը, որ, ըստ ժամանակի նկարագրութիւններուն, բաւական խարխուլ է։ Նոյն աջ ափին վրայ, կամուրջին ճիշդ կողքին հաստատուած է պետական պահականոց մը, որ հսկողութիւն կը բանեցնէ այստեղէն անցնող ճամբորդներուն ու անոնց բեռներուն վրայ [12]։


Վարչական դրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ

Բալուն երկար ժամանակ մաս կազմած է Տիարպեքիրի էյալէթին։ Այս դրութիւնը կը փոխուի 19րդ դարուն, երբ, թանզիմաթի փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, վերատեսութեան կ՝ենթարկուի օսմանեան ամբողջ վարչական համակարգը ու կը վերագծուին վարչական ներքին սահմանները։ Այս ձեւով, 1869ի սալնամէի տուեալներով, Բալուն վարչականօրէն կը միանայ Խարբերդի (Մամուրէթ էլ-Ազիզ) նորակազմ լիվաին, որ բաղկացած էր երկու սանճաքներէ՝ Խարբերդէն (Մամուրէթ էլ-Ազիզ) եւ Արղանա Մատէնէն։ Բալուն այն ժամանակ քազայի կարգավիճակ ունէր եւ բաղկացած էր հետեւեալ միւտիւրլիւքներէն. Բալու, Քարապեկան, Ճապաղջուր, Էկիլ։ Ասոնք իրենց կարգին բաժնուած էին նահիէներու, կամ նեվահիներու՝ հետեւեալ ձեւով.

  • Բալու.-
    Բալու (79 գիւղեր),
    Պուլանըք (49 գիւղեր),
    Հուն (9 գիւղեր),
    Քարաչոր (38 գիւղեր),
    Օհի (20 գիւղեր)

    Քարապեկան.-
    Քարապեկան (15 գիւղեր),
    Վեշին (14 գիւղեր),
    Կէօքտերէ (25 գիւղեր),
    Սիվան (11 գիւղեր)

    Ճապաղջուր.-
    Ճապաղջուր (55 գիւղեր),
    Մենեշքութ (-)

    Էկիլ.-
    Էկիլ (70 գիւղեր),
    Ներիպ (10 գիւղեր),
    Թերքան (-)


Մէկ տարի ետք, նոյն սալնամէին մէջ Սիվանի գիւղերուն թիւը կը սրբագրուի ու կը նշուի 41։ Աւելի ուշ, վարչական նոր փոփոխութեան մը լոյսին տակ՝ Ճապաղջուրի եւ Էկիլի միւտիւրլիւքները կ՝անջատուին, իսկ Բալուի քազան ալ կը միացուի Արղանա Մատէնի սանճաքին, որ իր կարգին մաս կը կազմէ Տիարպեքիրի վիլայէթին [13]։

Բացի Բալուի քազայէն, Արղանա Մատէնի սանճաքը կ՝ընդգրկէր նաեւ Արղանա Մատէն եւ Ջերմուկ (Ջերմիկ) քազաները։ 1903ի տուեալներով Բալուի քազան բաղկացած էր իր կարգին իննը նահիէներէ, որոնք հետեւեալներն էին. Քարապեկան, Սիվան, Կէօք Տէրէ, Օխի, Պուլանըք, Քարաչոր, Աշմիշատ (Աչմիչան), Հուն (Խուն) եւ Մազրուաթ [14]։ Պօղոս վրդ. Նաթանեան ինք 1880 թուականներու տուեալներով կը նշէ միայն եօթ նահիէներ, որոնցմէ բացակայ են վերը նշուած վերջին երեք անունները, իսկ անոր նշած նոր անունը Ոշի նահիէն է [15]։ Այս նահիէներէն Մազրուաթը կ՝ընդգրկէր քազային կեդրոնական քաղաքը՝ Բալուն, ինչպէս նաեւ 44 գիւղեր ։ Քարաչորը, Ոշին, Քարապեկան մեծամասնութեամբ քրտաբնակ են։ Պուլանըք, Կէօք Տէրէ, Սիվան եւ Օխու նահիէները մեծամասնութեամբ բնակուած են զազա քիւրտերով [17]։

1870-71ի օսմանեան սալնամէի տուեալներով, Բալուի տարածքին մէջ կային 299 գիւղեր։ Իւրաքանչիւր նահիէի մէջ կային հետեւեալ թիւով գիւղեր. Բալուի նահիէ՝ 80 գիւղեր, Պուլանըքի նահիէ՝ 50 գիւղեր, Հունի նահիէ՝ 10 գիւղեր, Քարաչորի նահիէ՝ 39 գիւղեր, Օխուի նահիէ՝ 21 գիւղեր, Կէօքտերէի նահիէ՝ 26 գիւղեր, Սիվանի նահիէ՝ 42 գիւղեր, Քարապեկանի նահիէ՝ 16 գիւղեր, Վեշինի նահիէ՝ 15 գիւղեր։ Իսկ 1915ի տուեալներով, այս գաւառակէն ներս գոյութիւն ունէին 323 գիւղեր [18]։

Որո՞նք էին այս տարածքի հայաբնակ գիւղերը

Հայաբնակ գիւղերը (բնակչութեան տուեալները մեծ մասամբ հիմնուած են 1912-13ին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին կատարած վիճակագրութեան տուեալներուն վրայ).-

ԱՄԱՐԱԹ, կամ ԱՇԸՆ ԳԻՒՂ(ներկայիս՝ Ամարաթ).- Կը գտնուի Բալու քաղաքին հիւսիսը՝ Ներխիի հարեւանութեամբ։ Գիւղը Բալուի կարգ մը քաղաքացի հայերուն ամառանոցն է։ Անոր հրապարակին կեդրոնը կայ յղկուած քարերով աւազան մը՝ մօտ 10 քառ. մեթր տարածութեամբ եւ 1.5 մեթր խորութեամբ։ Այստեղ կայ նաեւ շատրուան մը, ուրկէ կը ժայթքի աւազանին ջուրը [19]։

ԱՊՐԱՆՔ(ներկայիս՝ Քէօփրիւտերէ).- Կը գտնուի Բալու քաղաքին հիւսիսը՝ մօտ մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ [20]։ Ունի դաշտային դիրք։ Այստեղ կ՝ապրին մօտ 23 տուն հայեր եւ կառուցուած է եկեղեցի մը՝ Ս. Աստուածածին [21]։

ԱՎԼԱՎԻ;(ներկայիս՝ Ավլաղը).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը՝ չորս ժամ հեռաւորութեամբ։ Գիւղը կը գտնուի ձորի մը մէջ եւ ունի հայ եւ քիւրտ խառն բնակչութիւն մը՝ 19 տուն հայեր եւ 20 տուն քիւրտեր։ Երկու այս խումբերը կ՝ապրին առանձին թաղամասերու մէջ [22]։

ԱՐԹՈՒԽԱՆ (ներկայիս՝ Սողուքփընար).- Խամըշլի գիւղի հիւսիսակողմը, 30-35 տուն հայեր։ Գիւղը ունի դաշտային դիրք, հոն կառուցուած է Ս. Մինաս եկեղեցին եւ գոյութիւն ունի դպրոց մը (45 աշակերտներ)։ Արթուխանի մօտիկ կը գտնուին Ս. Թովմաս եկեղեցիին աւերակները [23]։

ԱՐՄՈՒՃԱՆ (ներկայիս՝ Եարըմճա).- Բալու քաղաքի հարաւ-արեւմտեան կողմը՝ չորս ժամ հեռաւորութեան վրայ։ 1870ականներուն կազմուած էր մօտ 50 տուն հայերէ, իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 30 տուներէ։ Այստեղ կառուցուած է Ս. Սարգիս  եկեղեցին, կայ նաեւ դպրոց մը (30 աշակերտներ) [24]։

ԱՔ ՓՈՒՆԱՐ (ներկայիս՝ Աքփընար).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւելքը։

ԴԱՒԹԻ ՄԵԶՐԷ (ներկայիս՝ Դաւթիք).- Քաղաքին արեւմուտքը՝ երեք ժամ հեռաւորութեամբ։ Հաստատուած է լեռներու մէջ գտնուող ձորի մը մէջ։ 1870ականներուն բաղկացած էր մօտ 22 տուն հայերէ, իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 10 տուներէ։ Ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Կիրակոս, եւ դպրոց մը (15 աշակերտներ) [25]։

ԹԱՓԱ, կամ ԹԷՓԷ (ներկայիս՝ Քարաքոչան).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւելքը, Օխու գիւղի արեւմուտքը։ Գիւղը դաշտային դիրք ունի. 1870ականներուն կազմուած էր մօտ 48 տուն հայերէ, իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 61 տուներէ։ Այստեղ կառուցուած է Ս. Մինաս եկեղեցին, կայ նաեւ երկսեռ դպրոց մը (60 աշակերտներ) [26]։

ԹԸՐԽԷ (ներկայիս՝ Քեքլիքտերէ).- Բալու քաղաքին հարաւ-արեւմուտքը, Նաճարան գիւղէն մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ, Արածանիի ձախ ափին։ Գիւղը ունի բարձր դիրք եւ հաստատուած է բլուրի մը ստորոտը։ Ունի դպրոց մը (16 աշակերտներ), ինչպէս նաեւ քարուկիր խաչաձեւ եկեղեցի մը՝ Սուրբ Սարգիս։ Կազմուած է 32 հայկական տուներէ։ Համատեղ կ՝ապրին նաեւ մէկ զազա քիւրտ եւ մէկ քիւրտ տուներ [27]։

ԹԻԼ (ներկայիս՝ Կէօմեչպաղլար).- Բալու քաղաքին հարաւ-արեւմուտքը, Արածանիի ձախ ափին։ Կը գտնուի ընդարձակ հովիտի մը մէջ եւ կազմուած է 50 տուներէ՝ քիւրտ եւ հայ խառն բնակչութեամբ։ Հայերուն տուներուն թիւը 24 է։ Երկու խուբերը կ՝ապրին առանձին թաղերու մէջ։ Այստեղ կառուցուած է Ս. Կարապետ եկեղեցին, դպրոց մը (14 աշակերտներ), իսկ գիւղէն տաս վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ս. Խաչ վանքը, որ կ՝անուանուի նաեւ Թիլա վանք եւ կիսով չափ աւերակ է։ Այս գիւղին մէջ կը գտնուի նաեւ տարածքի ազդեցիկ քիւրտերէն՝ Թէֆիք պէյի օթեւանը [28]։

ԻՍԱՊԷԿ (ներկայիս՝ Իսապէյ).- Բալու քաղաքին հիւսիսը՝ չորս ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Ունի դաշտային դիրք։ 1870ականներուն կազմուած էր մօտ 30 տուն հայերէ, իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 25 տուներէ։ Գիւղին մէջ կը գտնուին Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ դպրոց մը (45 աշակերտներ) [29]։

ԽԱՃԱՐ, կամ ԽԱՃԱՐ ՄԵԶՐԷ (ներկայիս՝ Քաժար).- Բալու քաղաքին արեւմուտքը, բարձր դիրքի մը վրայ հաստատուած գիւղ մը։ Այստեղ կ՝ապրին 35 տուն հայեր եւ 15 տուն քիւրտեր։ Գիւղը յայտնի է իր գինիի իր արտադրութեամբ։ Յարութիւն քահանայ դիտել կու տայ որ տակաւին 1915 թուականէն առաջ հայերը լքած էին այս գիւղը [30]։

ԽԱՄԻՇԼԻ (ներկայիս՝ Քամիշլի).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը։ Գիւղը ունի ինն հայ տուներ եւ եկեղեցի մը՝ Ս. Սարգիս [31]։


ԽԱՐԱ ԽԱՅԱ
 (ներկայիս՝ Քարա Քայա).- Քաղաքին հիւսիս-արեւելքը։ Ունի չորս տուներ, որոնք բաղկացած են հայ եւ զազա քիւրտ խառն բնակչութեամբ [32]։


ԽԱՐԱԿԵՐԻԿ (ներկայիս՝ Քարա Կելիկ).- Քաղաքին արեւմուտքը՝ հինգ ժամուան հեռաւորութեան վրայ։ Կը գտնուի լերան մը ստորոտը եւ ունի քիւրտ եւ հայ խառն բնակչութիւն՝ ընդամէնը 12 տուներ։ Այստեղ կառուցուած է եկեղեցի մը՝ Ս. Խաչ, եւ դպրոց մը (11 աշակերտներ)։ Երկու խումբերը կ՝ապրին առանձին թաղամասերու մէջ [33]։


ԽԱՐԱՊԱ 
(Արշամաշատ, Աշմիշատ) (ներկայիս՝ Հարապա).- Կը գտնուի Արածանիի ձախ ափին։ Այստեղ կը գտնուին հին բերդի մը աւերակները, որոնք հաւանաբար կը պատկանին Արշամաշատին՝ Ծոփքի մայրաքաղաքին [34]։ 


ԽԱՐԱՊԷՕՐՔ (ներկայիս՝ Քարապիւք).- Խամիշլիի արեւմուտքը, հաստատուած է ձորի մը մէջ։ Այստեղ կ՝ապրին 21 տուն հայեր եւ մօտ հինգ տուներ ալ զազա քիւրտեր։ Ունի եկեղեցի մը՝ Ս.  Աստուածածին, եւ դպրոց մը (30 աշակերտներ) [35]։


ԽՈՇՄԱԹ (ներկայիս՝ Չաքուրքաշ).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւելքը՝ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Այստեղ կառուցուած է Ս. Տիրամայր Աստուածածին եկեղեցին։ Օժտուած է ընդարձակ ու բերրի արտերով։ Այստեղ կ՝ապրին 114 տուն հայեր եւ կան երկու դպրոցներ (160 աշակերտներ) [36]։


ԿԻՒԼԻՇԿԵՐ (ներկայիս՝ Մուրադպաղու).- Քաղաքին արեւմուտքը՝ աւելի քան հինգ ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Կը գտնուի Արածանիի ափին, ունի դաշտային դիրք։ 1870ականներու տուեալներով այստեղ կ՝ապրէին 320 հայեր, իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 143 հայեր (25 տուներ)։ Գիւղին մէջ կայ եկեղեցի մը եւ դպրոց մը (15 աշակերտներ) [37]։


ԿՐՊՕ (ներկայիս՝ Քալքանքայա).- Օխուի եւ Թէփէի միջեւ։ Գիւղը ունի քսան տուներ՝ հայեւքիւրտ խառն բնակչութեամբ։ Հայերու վեց տուները կը կազմեն առանձին թաղ մը [38]։


ՀԱԼԱԼԳՈՄ (ներկայիս՝ Հալալքոմու).- Բալու քաղաքին արեւմուտքը՝ լեռնային վայրի մը մէջ։ 1870ականներու տուեալներով այստեղ կ՝ային 20 տուն հայեր, իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 8 տուներ։ Գիւղը ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Սարգիս եւ դպրոց մը։ Հալալգոմի հայերուն հետ համատեղ կ՝ապրին նաեւ 14 տուն զազա քիւրտեր [39]։


ՀԱՒԱՒ (ներկայիս՝ Էքինէօզու).- Բալու քաղաքին հիւսիսը-արեւմուտքը՝ երկուքուկէս ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Դաշտային դիրք մը ունի։ Հաւաւի արեւմուտքը՝ տաս վայրկեան հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուի Քաղցրահայեաց Ս. Աստուածածին վանքը, որ առաջնորդանիստ հաստատութիւն մըն է։ Գիւղը կը բաղկանայ 207 տուներէ։ Այստեղ կառուցուած են երկու եկեղեցիներ՝ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Կաթողիկէ, ինչպէս նաեւ՝ երկու դպրոցներ (260 աշակերտներ)։ Գիւղին հիւսիս-արեւմուտքը՝ քառորդ ժամ հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուի Աւագ Ակ աղբիւրը։ Հաւաւի շրջապատին մէջ բազմաթիւ են հին շէնքերու աւերակները, հին խաչքարերը, որոնց գոյութիւնը ենթադրել կու տայ, որ աւելի հին ժամանակներուն այստեղ քաղաք մը եղած է [40]։


ՁԷԹ (ներկայիս՝ Քափըաչմազ).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւմտեան կողմը՝ երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Գիւղը հաստատուած է ձորի մը մէջ եւ ունի 87 տուն հայեր։ Այստեղ կառուցուած են Ս. Թորոս եկեղեցին եւ դպրոց մը (55 աշակերտներ)։ Գիւղին արեւմուտքը եւ բարձր դիրքի մը վրայ կը գտնուի Հայպատ սրբավայրը, որ ուխտատեղի մըն է։ Այստեղ կայ մատուռ մը, որուն մէջ զետեղուած է մեծ խաչքար մը։ Մինչեւ մատուռը հասնելու համար պէտք է մօտ կէս ժամ բարձրանալ բլուրին զառիվերը։ Բացի այս, Ձէթի շուրջ կան չորս այլ սրբավայրեր։ Անոնցմէ է Ս. Խաչը, որ կը գտնուի գիւղին հարաւը։ Անկէ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ կայ Հայպըտքորը, որ տեղական բարբառով կը նշանակէ Հայպատի Քոյր։ Ձէթի արեւմտեան կողմը՝ Հայպատի ուղղութեամբ, կայ Թուխ Մանուկ սրբավայրը, իսկ գիւղին արեւելեան կողմը կայ մէկ այլ սրբավայր, որուն անունը չի յիշատակուիր [41]։ 


ՂԱՄՊԷՐ ՇԷՅԽ, կամ ԽԱՄՊԱՇԵԽ (ներկայիս՝ Քամպերսիհ).- Իսապէկի հիւսիսը, Քումպաթ գիւղին հարեւանութեամբ։ Ունի դաշտային դիրք եւ հայեւքիւրտ խառն բնակչութիւն՝ մօտ 30 տուներէ բաղկացած [42]։ Յարութիւն քահանայ դիտել կու տայ որ տակաւին 1915 թուականէն առաջ հայերը լքած էին այս գիւղը [43]։


ՄՈՒՐՋՈՄԻ ՄԵԶՐԷ (ներկայիս՝ Քարունճաքոյ).- Հաւաւ գիւղէն հարաւ՝ 20-25 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ։ Ունի դաշտային դիրք։ 1870ականներու տուեալներով գիւղը բաղկացած էր 44 տուներէ, իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 20 տուներէ։ Ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Գէորգ, եւ դպրոց մը (18 աշակերտներ) [44]։


ՆԱՃԱՐԱՆ (ներկայիս՝ Պալթաշը).- Արածանիի ձախ ափին՝ Բալու քաղաքին հարաւ-արեւմուտքը։ Գիւղը կառուցուած է բլուրի մը ստորոտը։ Կազմուած է 25 հայ տուներէ, ինչպէս նաեւ 10ը՝ քրտական տուներէ։ Ունի իր եկեղեցին՝ Ս. Մինաս, եւ դպրոց մը (18 աշակերտներ) [45]։


ՆԵԽՐԻ, կամ ՆԵՐԽԻ (ներկայիս՝ Նիրխի).- Բալու քաղաքին հիւսիսը եւ անկէ կէս ժամ հեռաւորութեամբ։ Գիւղը հաստատուած է Խաչքռան կոչուած հսկայ ժայռի մը ստորոտը։ Տուները շինուած են կողք-կողքի՝ զառիթափի մը վրայ, ինչ որ իւրայատուկ տեսք մը կու տայ այս գիւղին։ Օժտուած է աղբիւրով մը, որ ըստ աւանդութեան խուլերը բուժելու յատկութիւն ունի։ Նեխրիի մէջ կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ դպրոց մը (75 աշակերտներ)։ Եկեղեցիին ետեւ կանգնած է նաեւ չեչաքարէ շինուած «կապոյտ» խաչքարը, որ ունի մօտ երկու մեթր երկարութիւն եւ մէկ մեթր լայնք։ Այստեղ կ՝ապրին 62 տուն հայեր։ Գիւղին աջ կողմը գոյութիւն ունի մեծ ապառաժ մը, որուն մէջ փորուած է փոքրիկ սենեակ մը, որ հաւանաբար ճգնարան մը եղած է [46]։


ՆՈՐ ԳԻՒՂ
 (ներկայիս՝ Ենիքէօյ).- Քաղաքին արեւմուտքը՝ մէկուկէս ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Գիւղը կը բաղկանայ 21 տուն հայերէ եւ ունի իր եկեղեցին ու դպրոցը (15 աշակերտներ) [47]։


ՆՈՐ ԳԻՒՂ ՄԵԶՐԷ
 (ներկայիս՝ Ենիքէօյմեզրէասը).- Քաղաքին արեւմուտքը՝ մօտ երեք ժամ հեռաւորութեամբ։ Հաստատուած է բարձր դիրքի մը վրայ եւ բաղկացած է 30 տուն հայերէ։ Ունի եկեղեցի մը եւ դպրոց մը [48]։


ՆՈՐՇՆԱԿ (ներկայիս՝ Պէշփընար).- Բալու քաղաքին արեւմուտքը՝ երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Փոքրիկ գիւղ մըն է, որ ունի հինգ տուն հայեր [49]։


ՆՊԸՇԻ (ներկայիս՝ Նիփշի).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւելքը՝ մէկ ժամ հեռաւորութեամբ։ Դրացի է Նեխրի գիւղին։ Հաստատուած է բարձր դիրքի մը վրայ, ուրկէ կ՝երեւի Բալուի դաշտը։ Կազմուած է 36 հայ տուներէ, ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Կարապետ, եւ դպրոց մը (45 աշակերտներ)։ Գիւղին մօտ կը գտնուին Ս. Պօղոս վանքին աւերակները։ Ասոր մօտ գոյութիւն ունի Ս. Պօղոսի աղբիւրը, որ դարձած է ուխտավայր մը հայերու եւ ոչ-հայերու համար։ Նպըշի գիւղին մօտիկ գտնուող այլ ուխտավայր մըն է Ս. Թումանը։ Հետագային քաղաքացի հայեր կը սկսին այս գիւղին մէջ հողեր գնել ու ջրհորներ բանալ։ Նպըշիին աշխարհագրական դիրքը անոր կը շնորհէ զանազան յարմարութիւններ. կլիման հաճելի է, ջրառատ է, հարուստ է իր այգիներով եւ պարտէզներով։ Մէկ խօսքով այս գիւղը յարմարութիւններ ունէր ապագայ քաղաքի մը վերածուելու, մանաւանդ որ Խարբերդէն Էրզրում երկարող նոր խճուղին կ՝անցնէր ճիշդ Նպըշիին մօտէն [50]։ 


ՇԻՆԱԶ (ներկայիս՝ Սարայպահչէ).- Ապրանք գիւղին հարաւը, Բալու քաղաքին ու Հաւաւ գիւղին միջեւ։ Ունի դաշտային դիրք։ Այստեղ կը գտնուի հնաւուրց փոքր եկեղեցի մը՝ Ս. Յակոբ։ Կազմուած է 54 տուն հայերէ [51]։


ՈՒԶՈՒՆՕՎԱ (ներկայիս՝ գոյութենէ դադրած).- Բալու քաղաքին արեւմուտքը՝ վեց ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Հաստատուած է Արածանիի ափին եւ ունի դաշտային դիրք։ 1870ականներու տուեալներով գիւղը կազմուած էր 45 հայ տուներէ (360 հոգի), իսկ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին բնակիչներուն թիւը 178ն է։ Գիւղին մէջ կայ եկեղեցի մը՝ Ս. Աստուածածին։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայ բողոքականներ են, որոնք ունին այստեղ իրենց ժողովարանը եւ դպրոց մը [52]։


ՈՒԶՈՒՆՕՎԱ ՄԵԶՐԷ (ներկայիս՝ Ուզունօվա).- Կը գտնուի Ուզունօվայի հարեւանութեամբ եւ կազմուած է 12 տուն հայերէ։ Ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Սարգիս [53]։


ՉԱՅՐԻ ՄԵԶՐԷ.- Կը գտնուի Նպըշի գիւղի մօտ։ Կազմուած է 13 տուներէ, ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Գրիգոր եւ դպրոց մը (16 աշակերտներ) [54]։


ՊԱՂԻՆ (ներկայիս՝ Պաղին).- Կազմուած է մօտ 102 տուն հայերէ։ Բալու քաղաքէն ուղիղ դէպի հարաւ՝ չորս ժամուան հեռաւորութեան մը վրայ։ Ունի երկու դպրոցներ (140 աշակերտներ), որոնցմէ մէկուն անունն է Արամեան, եկեղեցի մը՝ Ս. Սարգիս։ Գիւղէն մէկ ժամ հարաւ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Պաղնայ հին իշխանական ամրոցին աւերակները, ինչպէս նաեւ Ս. Սարգիս եւ Ս. Աստուածածին անուամբ յաջորդաբար վանքի մը եւ եկեղեցիի մը փլատակները [55]։


ՊԱՇԱՐԱԹ (ներկայիս՝ Պաշարաթ).- Բալու քաղաքին արեւմուտքը՝ չորս ժամուան հեռաւորութեան վրայ։ Կը գտնուի ձորի մը մէջ։ 12 տուն հայեր համատեղ կ՝ապրին 10 տուն զազա քիւրտերու հետ [56]։


ՍԱԳՐԱԹ (ներկայիս՝ Եազուպաշու).- Բալու քաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը, Շինազի մօտիկ։ Ունի դաշտային դիրք եւ կազմուած է 75 տուներէ։ Այստեղ կառուցուած է եկեղեցի մը՝ Ս. Թորոս, եւ դպրոց մը (73 աշակերտներ)։ Բալուի ազդեցիկ պէյերէն՝ Իպրահիմն ու Ռուշտին, այս գիւղին մէջ կառուցել տուած են իրենց ապարանքները։ Քիւրտ պէյերը այս շինարարութեան համար ստրկային աշխատանքի մղած են Սագրաթի հայ շինականները։ Հռչակաւոր է այստեղի Սեւ Ակ աղբիւրը [57]։


ՍԸՐԻՆ (ներկայիս՝ Սերին).- Այս բնակավայրը կը գտնուի Բալու քաղաքին հարաւը, Սրին Տաղի ընդարձակ դաշտին մէջ։ Երկու ժամուայ հեռաւորութիւն մը կը բաժնէ Սըրինը Պաղին գիւղէն։ Կազմուած է 32 տուներէ, ամբողջութեամբ հայեր։ Ունի իր դպրոցն (40 աշակերտներ) ու եկեղեցին՝ Ս. Աստուածածին [58]։


ՍՂԱՄ (ներկայիս՝ Փընարթեփէ).- Բալու քաղաքին արեւմուտքը՝ մօտ մէկուկէս ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Կազմուած է 51 տուն հայերէ, ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Խաչ, եւ դպրոց մը (50 աշակերտներ)։ Այստեղ կը գտնուին նաեւ Ս. Կարապետ մատուռը եւ Ս. Պօղոս սրբավայրը [59]։


ՏԵՎԵՃԻ (ներկայիս՝ Տեվեճի).- Բալու քաղաքի հիւսիսը՝ երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Ունի դաշտային դիրք մը եւ կազմուած է 15 տուներէ՝ հայ եւ քիւրտ խառն բնակչութեամբ [60]։


ՏԷՄԻՐՃԻ (ներկայիս՝ Տեմիրճի).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւելքը։ Այստեղ կան քսան տուներ, որոնք կազմուած են հայ եւ զազա քիւրտ խառն բնակչութեամբ [61]։ Յարութիւն քահանայ դիտել կու տայ որ տակաւին 1915 թուականէն առաջ հայերը լքած էին այս գիւղը [62]։


ՏԻԼԻՄԻԼԻ (ներկայիս՝ Թեքարտըչ).- Թէփէի հիւսիս-արեւմուտքը, հայեւքիւրտ խառն գիւղ մը, ուր կան մօտ տաս տուներ՝ հայերն ու քիւրտերը իրարմէ անջատ թաղամասերու մէջ։ Գիւղն ունի եկեղեցի մը, ինչպէս նաեւ անոր մօտիկ կայ Սեւ Քար Պապա սրբավայր-ուխտատեղին [63]։ Յարութիւն քահանայ դիտել կու տայ որ տակաւին 1915 թուականէն առաջ հայերը լքած էին այս գիւղը [64]։

ՔԵՆԿԵՐԼԻ (ներկայիս՝ Ֆահրիպէյ).- Բալու քաղաքին արեւմուտքը։ Բաղկացած է 28 տուն հայերէ։ Ունի եկեղեցի մը՝ Ս. Թովմաս, եւ դպրոց մը (20 աշակըրտներ) [65]։


ՔՈՒՄՊԱԹ (ներկայիս՝ Քիւմպէթ).- Բալու քաղաքին հիւսիսը՝ մօտ հինգ ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Կազմուած է 32 տուներէ։ Գիւղին մէջ կը գտնուին Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ դպրոց մը (40 աշակերտներ) [66]։

ՔՈՒՐՏԻՔԱՆ (ներկայիս՝ Կիւմիւշքայնաք).- Բալու քաղաքին հարաւ-արեւմուտքը՝ հայեւքիւրտ խառն բնակչութեամբ։ Կան վեց տուն հայեր, որոնք ունին իրենց եկեղեցին՝ Ս. Խաչ [67]։


ՕԽՈՒ (ներկայիս՝ Պուլկուրճուք).- Բալու քաղաքին հիւսիս-արեւելեան կողմը։ Դաշտային գիւղ մըն է հայ եւ քիւրտ խառն բնակչութեամբ (25 տուն հայ եւ 25 տուն քիւրտ)։ Հայերն ու քիւրտերը կ՝ապրին առանձին թաղերու մէջ։ Այստեղ կառուցուած է Ս. Կիրակոս եկեղեցին եւ դպրոց մը (40 աշակերտներ)։ Գիւղին արեւելքը կայ Ս. Սարգիս սրբավայրը, որ ուխտավայր մըն է։ Օխուի շուրջը կը գտնուին մեծ թիւով խաչքարեր [68]։

[1] Պօղոս Ծ. Վ. Նաթանեան, Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու, 1883, Պոլիս, էջ 13-14։

[2]Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 251։

[3]Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 111։

[4]Նոյն, էջ 207։

[5]Նաթանեան, op. cit., էջ 32-33։

[6]Նոյն, էջ 84։ Կռանեան, op. cit., էջ 38։

[7]Նոյն, էջ 40։

[8]Նոյն, էջ 44։

[9]Նաթանեան, op. cit., էջ 30, 41, 47-48։

[10]Այս տեղեկութիւններուն համար շնորհակալ ենք Ճորճ Աղճայեանին, որ սիրայօժար կերպով իր Բալուի մասին իր անտիպ աշխատութիւնը փոխանցեց մեզի։

[11]Կռայեան, op. cit., էջ 41։

[12]Նոյն, էջ 42։

[13]Այս տեղեկութիւններուն համար շնորհակալ ենք Ճորճ Աղճայեանին, որ սիրայօժար կերպով իր Բալուի մասին իր անտիպ աշխատութիւնը փոխանցեց մեզի։

[14] Յարութիւն Ձախսուրեան, Պատմութիւն Բալահովիտի հնուց մինչեւ մեր օրերը, տպ. Տօնիկեան, 1974, Պէյրութ, էջ 253։

[15]Նաթանեան, op. cit., էջ 94։

[16]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 253։

[17]Նոյն, էջ 95-97։

[18]Այս տեղեկութիւններուն համար շնորհակալ ենք Ճորճ Աղճայեանին, որ սիրայօժար կերպով իր Բալուի մասին իր անտիպ աշխատութիւնը փոխանցեց մեզի։

[19]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 273։

[20]Քաղաքէ գիւղէ եւ գիւղէ գիւղ այս բաժնող միջոցներու չափերը  բոլորն ալ կը վերաբերին ոտքով հեռաւորութիւններու։

[21]Raymond H. Kévorkian / Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire ottoman à la veille du génocide, Paris, Éd. Arhis, 1992, էջ 408։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 274։ Նաթանեան, op. cit., էջ 79։

[22]Նոյն, էջ 84։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[23] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 284։ Նաթանեան, op. cit., էջ 67։

[24]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 275։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 86։

[25]Նոյն, էջ 87։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[26]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 283։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 70։

[27]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 272։ Նաթանեան, op. cit., էջ 89։

[28]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 271։

[29]Նոյն, էջ 285։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 74։

[30]Նոյն, էջ 84։ Սարգիսեան, op. cit., էջ 320։

[31]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Ձախսուրեան, էջ 284։ Նաթանեան, op. cit., էջ 67։

[32]Նոյն, էջ 73։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 284։

[33]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 85։

[34]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 272։

[35]Նոյն, էջ 284։ Նաթանեան, op. cit., էջ 68։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[36]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 272։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 74-75

[37]Նոյն, էջ 86։

[38]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 284։ Նաթանեան, op. cit., էջ 69։

[39]Նոյն, էջ 85։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[40]Նաթանեան, op. cit., էջ 60-64։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[41]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 275-277։ Նաթանեան, op. cit., էջ 83։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[42]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 285։ Նաթանեան, op. cit., էջ 71։

[43]Սարգիսեան, op. cit., էջ 320։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 285։

[44]Նաթանեան, op. cit., էջ 66-67։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Սարգիսեան, op. cit., էջ 320։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 279։

[45]Նաթանեան, op. cit., էջ 88։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 272։ Սարգիսեան, op. cit., էջ 320։ Նշենք որ, ըստ Սարգիսեանի, Նաճարանի եկեղեցին կը կոչուի Ս. Նշան։

[46]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 272։ Նաթանեան, op. cit., էջ 77-78։

[47]Նոյն, էջ 86։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[48]Նաթանեան, op. cit., էջ 86-87։

[49]Նոյն, էջ 87։

[50]Կռայեան, op. cit., էջ 43։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 273-274։ Նաթանեան, op. cit., էջ 77-78։

[51]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 274։ Նաթանեան, op. cit., էջ 79։

[52]Նոյն, էջ 83։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[53]Նաթանեան, op. cit., էջ 84-85։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[54]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 274։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[55]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 269։ Նաթանեան, op. cit., էջ 87-88։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Տեսնել նաեւ՝ Պատմութիւն Պաղնատան, հրատ. Պաղին գիւղի վերաշինաց ուսումնասիրաց միութեան, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1966։

[56]Նաթանեան, op. cit., էջ 85։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[57]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 274։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 80-81։

[58]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 271։ Սարգիսեան, op. cit., էջ 320։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[59]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 274։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 80։

[60]Նոյն, էջ 73-74։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 284։

[61];Նաթանեան, op. cit., էջ 73։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 284։

[62]Սարգիսեան, op. cit., էջ 320։

[63]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 284։ Նաթանեան, op. cit., էջ 70։

[64]Սարգիսեան, op. cit., էջ 320։

[65]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[66]Ձախսուրեան, op. cit., էջ 285։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։ Նաթանեան, op. cit., էջ 71։

[67]Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։

[68] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 279-282։ Նաթանեան, op. cit., էջ 69։ Kévorkian / Paboudjian, op. cit., էջ 408։