(աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)
Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ V. Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Բնակչային տեղաշարժեր

Բալուի վերաբերեալ գիրքերուն մէջ ակնարկութիւններ չկան հին ժամանակներուն տեղի ունեցած հայերու բնակչային մեծ տեղաշարժերու մասին։ Հայաբնակ այլ քաղաքներու կամ գաւառներու պարագային, երբ տեղւոյն բնակչութիւնը եկուոր է, հաստատուած է նոր բնակավայրին մէջ տեղահանութիւններու կամ պատերազմներու իբրեւ հետեւանք, սովորութիւնը այն է, որ այս մասին միշտ ալ հետքեր մնացած կ՝ըլլան տուեալ վայրի հայութեան բանաւոր պատմութեան մէջ։ Աւելի՛ն, նոյն վայրին մասին գրուած յուշամատեանները ընդհանրապէս կը մատնանշեն տեղւոյն հայութեան վաղեմի ծագումը, որ քաղաքէն կամ որ տարածքէն անոնց գաղթած ըլլալը։ Բալուի մասին այս ձեւի ակնարկութիւններ հազուագիւտ են, ինչ որ կրնանք ենթադրել որ տեղաբնիկ հայերը շատ հինէն ի վեր այս տարածքներուն մէջ բնակած են։ Բացառութիւն է այս իմաստով Բարունակ Թոփալեանի գիրքը, որուն մէջ հեղինակը կը յայտնէ թէ դարեր առաջ իրենց ընտանիքը Մուշէն գաղթած է ու հաստատուած Բալուի Օխու գիւղին մէջ[1]։ Նոյն գաւառին մասին այլ յուշամատեաններու մէջ կը նշուի մօտակայ տարածքներէ – ինչպէս օրինակ Չարսանճաք – հայերու գաղթը Բալու եւ անոնց հաստատումը արդէն իսկ հայաբնակ այստեղի գիւղերու մէջ։


Քաղաք եւ գիւղեր

Քաղաքին մասին գոյութիւն ունին բանաւոր վկայութիւններ, որոնց մէջ կը նկարագրուին այս վայրին երբեմնի ճոխութիւնն ու մեծութիւնը։ Այսպէս, 19րդ դարու բոլոր վկայութիւններուն մէջ կը յիշատակուի, որ Բալու քաղաքը կը գտնուի Արածանի գետին աջ ափին։ Այսուհանդերձ, բնակավայրին բանաւոր պատմութիւնը դիտել կու տայ որ աւելի հին ժամանակներուն քաղաքը կը տարածուէր նաեւ ձախ ափին վրայ, մինչեւ Շէյխին Գոռը կոչուած վայրը, որ գերեզման մըն է[2]։ Անորոշ կը մնայ թէ երբ տեղի ունեցած է քաղաքին զարգացումին այս անկումը եւ թէ ինչ եղած են այս փոփոխութեան պատճառները։

Ինչ որ յստակ է սակայն այն փաստն է, որ քաղաքին անկումը շարունակուած է նաեւ 19րդ դարու տեւողութեան եւ այս մասին տեղեկութիւնները յարաբերաբար աւելի հարուստ են։ Այսպէս, գիտենք որ քաղաքը ունեցած է չորս հայկական թաղամասեր՝ Երեւան, Տօներ, Ս. Սահակ եւ Ս. Կիրակոս, վերջին այս երկուքը տեղւոյն համանուն եկեղեցիներուն անուններով։ Բայց 19րդ դարու վերջին տասնամեակներուն, քաղաքին այս թաղամասերէն կը գոյատեւէին միայն երկուքը՝ Երեւանն ու Տօները։ Անդին, Ս. Կիրակոսը ամբողջովին աւերակ ու անմարդաբնակ վիճակ մը ունէր։ Գրեթէ նոյն պարագաներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Ս. Սահակը, որ մեծ մասով աւերակ էր. իսկ նոյն թաղամասին եկեղեցին ալ կիսափուլ էր ու լքուած։ Նոյն ժամանակներուն, քանդուած տուներու կարելի է հանդիպիլ նաեւ Բալու քաղաքին այլ վայրերուն մէջ։ Մէկ բան յստակ է, որ այսուհետեւ հայկական կեանքը կեդրոնացած կը մնայ Երեւան եւ Տօներ թաղամասերուն մէջ։

Քաղաքին այս անկումին պատճառը տնտեսական ընդհանուր տագնապն է, որ մեծ աւերներ կը գործէ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ՝ ընդհանրապէս հայաբնակ ու քրտաբնակ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ։ 19րդ դարու ռուս-օսմանեան պատերազմները, բացի իրենց պատճառած մարդկային հսկայական կորուստներէն, միաժամանակ պատճառ եղած են ամբողջ տարածքներու սնանկացումին ու սովի յառաջացումին։ Բալուն նաեւ կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն շատ մը այլ տարածքներուն օրինակով այն գաւառն է, ուր կեդրոնական իշխանութիւնները չափազանց թոյլ են եւ չեն յաջողած իրենց քաղաքական ու վարչական կամքը պարտադրել այստեղ։ Իշխանութիւններուն այս բացակայութիւնը փոխարինուած է տեղական պէյերու եւ աղաներու ուժին ամրապնդումով. անոնք դարձած են տեղական փաստացի իշխանաւորները եւ յաճախ ճորտապետի դիրք ունին Բալուի գիւղական շրջաններուն մէջ՝ շահագործելով տեղւոյն քիւրտ եւ հայ շինականները։ Վերջապէս, 19 դարու վերջաւորութեան՝ 1895 թուականին, տեղի ունեցած հակահայ կոտորածները նոյնպէս անմասն չեն թողած Բալու գաւառը։ Զանգուածային այս բռնութեան ընթացքին կը հրկիզուին ու կը քանդուին հայերու բազմաթիւ տուներ՝ քաղաքին ու գիւղերուն մէջ։

Այս բոլոր ազդակները մեծ թափ կու տան Բալուի հայերու գաղթին, որու հոսանքը իր գագաթնակէտին կը հասնի 19րդ դարու ընթացքին։ Բալուցի տղամարդիկ կը թողեն քաղաքն ու գիւղերը ու կը մեկնին օսմանեան այլ քաղաքներ՝ աշխատանք ճարելու, դրամ վաստկելու ու վերստին վերադառնալու հեռանկարով։ Իրակնութիւնը այն է սակայն, որ անոնցմէ քիչեր ետ կը դառնան իրենց հայրենի տուները, որոնք երկար ժամանակի վրայ հետզհետէ կը լքուին։ Բալուցի պանդուխտներուն ընտրած քաղաքները կ՝ըլլան մօտիկ վայրեր, ինչպէս Խարբերդ, Քըղի, Տիարպեքիր։ Թափ կ՝առնէ նաեւ աւելի հեռաւոր քաղաքներ գաղթը, ինչպէս Պոլիս, Այնթապ, Ուրֆա, Հալէպ, Ատանա։ Արդ, բալուցիները մեծ թիւերով կը մեկնին Կիլիկիոյ այս վերջին քաղաքը, ուր բամպակի մշակութիւնը շատ արագ զարգացում կ՝ապրէր։ Բալուցի գիւղացին, որ արդէն իսկ բամպակի փորձառու մշակ մըն է, կը դառնայ ուրեմն փնտռուած մարդուժ մը։ Ատանա քաղաքին Ճամուզ Կէօլ կոչուած թաղամասը մեծամասնութեամբ կը բնակուի բալուցի հայերէ[3]։ Հետագային՝ 20րդ դարու առաջին տարիներէն սկսեալ, բալուցիներու գաղթի այս հոսանքը կը հասնի մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր կը սկսին կազմուիլ վերաշինման եւ ուսումնասիրաց միութիւններ։ Այս բոլորին նպատակն է հայրենակցական զօրակցութիւն ցոյց տալ Բալուի իրենց հայրենի գիւղին կամ քաղաքին՝ ստանձնելով դպրոցի մը շինութիւնը, պահելով դպրոցական սաներ կամ առաքելով եկեղեցիին համար դրամական նպաստ։ Բալուցի գաղթականներուն ընտրած առաջին քաղաքները կ՝ըլլան Փրաւիտընսը, Չըլսին, Հէյվըրհիլը, Նիւ Եորքը[4]։ Պէտք է նշել որ գաղթի այս հոսանքը նկատելի է նաեւ Բալու գաւառի քիւրտ շինականներուն մօտ, որոնք իրենց կարգին կը սկսին մեկնիլ գաղթականական միեւնոյն ուղիներով։

Բալուէն գաղթողներու կարեւոր հատուած մը կը հաստատուի Պոլսոյ մէջ։ Այս պանդուխտներէն շատերու համար դրամ վաստկելու ձեւը կը դառնայ բեռնակրութիւնը։ Բայց կայ նաեւ կարեւոր հատուած մը, որ օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ կանուխէն կը սկսի բանեցնել հիւսնութիւն եւ որմնադրութիւն. երկու արհեստներ, որոնց շատ մը բալուցիներ քաջածանօթ էին արդէն իսկ իրենց ծծնդավայրէն։ Հետագային այս պանդուխտներէն կարեւոր թիւ մը պիտի դառնան Պոլսոյ մէջ յայտնի շինարարներ (խալֆա)։ Այնպէս որ ժամանակի ընթացքին, այս բալուցիներէն ոմանք կամ անոնց շառաւիղները կը համարկուին Պոլսոյ տեղական կեանքին մէջ, ընկերային խաւ կը փոխեն ու կը դառնան երեւելի դէմքեր հայկական համայնքէն կամ ընդհանրապէս օսմանեան ընկերութենէն ներս։ Այս խումբին կը պատկանին պոլսեցի ճարտարապետներ կամ մտաւորականներ. բալուցի է օրինակ Գրիգոր Օտեանի (1834-1887) հայրը կամ Երուանդ Օտեանի (1869-1926) մեծ հայրը՝ Եազըճը Պօղոս աղան։ Ան սկիզբը կը հաստատուի Կեսարիա, ապա՝ Պոլիս։ Նոյնպէս Պոլիս հաստատուած բալուցի ծնողներու զաւակներ են Սրբուհի Գալֆաեան (1822-1889)՝ Հայ Մայրապետներու Միութեան հիմնադիրը, Երուանդ Աղաթօն (1860-1935)։ Բալու ծնած է նաեւ Պոլսոյ հայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն՝ Լեւոն Բաշալեանի (1863-1943) հայրը։ Իսկ Պոլիս հաստատուած հայ պանդուխտներու կեանքը լաւագոյնս նկարագրած է Մելքոն Կիւրճեան – գրական ծածկանունով Հրանդ – (1859-1915) հայ գրականութեան մէջ։ Ան կը ծնի Բալուի Հաւաւ գիւղը եւ պատանի տարիքէն կ՝անցնի օսմանեան մայրաքաղաք եւ այնտեղ ալ կը մնայ ու կը ստեղծագործէ։ 1880ական թուականներուն վերջաւորութեան Պոլսոյ «Մասիս» թերթին մէջ կը սկսին լոյս տեսնել Հրանդի Պանդուխտի նամակներ շարքը, որ յուզիչ ներկայացումն է գաւառացի հայ բանուորներուն պոլսական դժուար կեանքին։

  • [1] Բարունակ Թոփալեան, Հայրենի գիւղս Օխու, տպ. Հայրենիք, Պոսթըն, 1943, էջ 55։
  • [2] Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 35-36։
  • [3] Նոյն, էջ 38։
  • [4] Նոյն, էջ 426-428։