Բալու - Օսմանեան Սահմանադրութիւն

Բալու (քաղաք)

Սահմանադրական կարգերու վերահաստատման լուրին առաջին ցնցիչ արձագանգը Բալու քաղաքին մէջ կը հանդիսանան թնդանօթի տրաքոցները։ Բերդին վրայ հաստատուած հին թնդանօթը կը գործածուէր միայն յատուկ հանդիսութիւններու առիթով։ Ժողովուրդը անակնկալի կու գայ այս արտասովոր թնդիւններէն, բալուցիներ անմիջապէս կը հաւաքուին քայիմաքամին շէնքին առջեւ, ուրկէ դուրս կու գայ քայիմաքամը եւ ժողովուրդին առջեւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ Սահմանադրութեան հռչակումը։ Ասոր վրայ կը սկսի հայոց եկեղեցիին զանգակը հնչել, հայեր կը փակեն իրենց խանութները, կը հաւաքուին եկեղեցւոյ մէջ ու կը սկսին գոհաբանական աղօթք մատուցել յայտարարուած «Ազատութեան» համար [1]։

Սահամանադրական այս տարիները նոր էջ մը կը բանան այնպէս ինչպէս Բալու քաղաքի, նոյնպէս ալ գիւղաբնակ հայութեան կեանքին մէջ։ Կրթական ասպարէզը նոր թափ կ՝առնէ, երբ մանաւանդ պանդխտութեան մէջ գտնուող բալուցիներու հաւաքած դրամներով կը հիմնուին նոր դպրոցներ, իսկ ուրիշներ ալ կը նորոգուին ու կը բարելաւուին։ Եռուզեռ կ՝ապրի նաեւ կուսակցական կեանքը. կը կազմուին դաշնակցական եւ հնչակեան նոր խումբեր։ Ուրիշ բալուցիներ կը վերադառնան պանդխտութենէ եւ իրենց հայրենի գիւղին կամ քաղաքին մէջ կը կառուցեն սեփական նոր տուներ։ Պէտք է ըսել որ աւելի շատ այս ժամանակաշրջանին է որ Բալու գաւառակին մէջ կը բազմանան երկյարկանի տուներուն թիւը, պատուհանները կը փակուին ապակիներով [2]։

Յատկանշական ու համատարած երեւոյթ մըն է նաեւ ամբողջ գաւառակին մէջ զինուորագրութեան նկատմամբ հայերու բռնած դիրքը։ Օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը կը նշանակէր նաեւ որ հայը նոյնպէս այլեւս պէտք էր օսմանեան բանակին ծառայեր։ Բայց այս իրաւունքը ընդհանրապէս մտավախութիւններով կ՝ընկալուի գաւառակի հայ բնակիչներուն կողմէ։ Ասիկա գլխաւոր պատճառներէն է որ քաղաքէն ու գիւղերէն պատանիներու ու երիտասարդներու գաղթի ալիք մը կը ծաւալի դէպի Միացեալ Նահանգներ [3]։

Հաւաւ

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման լուրը Հաւաւ կը հանսի Բալու քաղաքը գացած եւ հոնտեղէն վերադարձող հաւաւցիներու կողմէ։ Անոնք կը տեղեկացնեն իրենց համագիւղացիներուն քաղաքին մէջ տիրող խանդավառ ու տօնական մթնոլորտին մասին։ Նոյն օրն իսկ հաւաւցիներ կը հաւաքուին եւ խումբով կ՝երթան Բալու՝ այս բոլորը անձամբ տեսնելու ու հաստատելու համար։ Առաջին շաբաթներուն կը գտնուին հաւաւցիներ, որոնք ամէն օր դէպի քաղաք երթեւեկութիւն կ՝ընեն՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն։ Այդ օրերուն Բալու կու գայ նաեւ չարսանճաքցի ֆետայի մը՝ Աւետօն (Աւետիս Գազանճեան)՝ մազերը հինայով ներկուած եւ խուրձ մը ձեռին։ Իրիկունով, հաւաւցիի մը տանիքը կը խմբուի մեծ թիւով բազմութիւն մը ու բոլոր ներկաները մեծ ուշադրութեամբ մտիկ կ՝ընեն ֆետայիին պատմութիւնները։ Ասոր կը յաջորդէ հայ այլ ֆետայիներու կամ քաղաքական գործիչներու Հաւաւ մուտքը։ Յայտնի է որ ժամանակները փոխուած են։ Յաջորդող ամիսներուն զէնքի վաճառականութիւնն ալ նոր թափ կ՝առնէ այս տարածքէն ներս, մանաւանդ որ հայերը այլեւս ազատօրէն կը կրեն իրենց զէնքերը. դրացի քիւրտեր կամ թուրքեր Հաւաւ կը բերեն մարթինիի տեսակներ ու կը վաճառեն տեղւոյն շուկային վրայ։ Հաւաւցիներուն համար զէնք կրելը այլեւս այնքան ընդհանրացած է, որ դրացի Խոշմաթ գիւղէն հարս բերելու համար անոնք կը սկսին երթալ իրենց մարթինի հրացաններով [4]։ Միայն այս ժամանակաշրջանին է նաեւ որ Հաւաւի մէջ իսկապէս կը սկսին գործել հայկական կուսակցութիւնները։ Մինչեւ այդ այս վերջինները Հաւաւի մէջ չունէին գործող խումբեր կամ մարմիններ։

Արտասովոր եռուզեռ մը ծայր կ՝առնէ Հաւաւի մէջ յետ-Սահմանադրութեան այս ժամանակաշրջանին։ Միացեալ Նահանգներէն հաւաւցիներ կը վերադառնան իրենց հայրենի տունը, կը կառուցուին նոր տուներ, նոր այգիներ ու նոր պարտէզներ։

Ներխի

Բալուի Ներխի գիւղին վերաբերող այս բաժինը հիմնուած է Պօղոս Մելիքեանի յուշերուն վրայ, որ Սահմանադրութեան հռչակման այս շրջանին դպրոցական պատանի մըն է։ Ան կը յաճախէր դրացի գիւղին՝ Խոշմաթի վարժարանը։ Պօղոսեան կը նշէ, որ երբ պատմական այս փոփոխութեան լուրը մինչեւ իրենց կը հասնի, այն ժամանակ դպրոցը կը կազմակերպէ տօնակատարութիւն մը։ Աշակերտները իրենց ձեռքերուն բռնած գունաւոր թուղթէ դրօշակներ եւ տարբեր-տարբեր ցուցատախտակներ քալելով կ՝ուղղուին մօտ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Չայրի Մեզրէի դաշտը։ Ճամբուն վրայ աշակերտները թրքերէնով կ՝երգեն եաշասըն հուրիէթ, օսմանլըյըզ գարտաշլըք տըր (Կեցցէ՛ ազատութիւնը, օսմանցի ենք, եղբայրութիւն է), ինչպէս նաեւ հայերէնով՝ «Ազատ Աստուած» (Միքայէլ Նալպանտեան)։ 

Նոյն այս դաշտին մէջ կը հաւաքուին նաեւ Հաւաւ գիւղի եւ Բալու քաղաքի աշակերտները՝ բոլորը միասին կազմելով մօտ 500 հոգինոց ստուար խումբ մը։ Լեզուները քակուած են, աշակերտները համարձակօրէն կ՝երգեն այնպիսի երգեր, որոնք դեռ քանի մը շաբաթ առաջ շշնջալու իսկ պիտի վախնային.

«Մեր քաջ պարոններ չորս կողմն են բռնած
Այժմ շուն Սուլթանին յոյսերն են հատած»

Ասոնց կողքին կ՝երգուին նաեւ «Տալւորիկ»ը, «Ազատն Աստուած»ը, «Կարկուտ տեղաց»ը, «Հեռաւոր երկիր»ը [5]։

Սագրաթ

Այս ժամանակաշրջանին Սագրաթ գիւղի հայկական կեանքը կը յատկանշուի այստեղ հաստատուած քիւրտ ազդեցիկ պէյ՝ Իպրահիմին դէմ բացուած դատով։ Դատը բացողը հնչակեան գործիչ Պետրոս Վարժապետեանն (Պետրէ) էր։ Ան Իպրահիմ պէյը կ՝ամբաստանէ Սագրաթ գիւղին շրջակայքը գտնուող իր հօրենական կալուածներուն բռնագրաւումով եւ կը պահանջէ վերատիրանալ անոնց։ Պետրէն Բալու քաղաքի դատարանին առջեւ կը ներկայացնէ իր մեծ հօր անունին արձանագրուած բոլոր կալուածաթուղթերը ու վերջաւորութեան կը շահի դատը [6]։

* * * *

1908ին Բալու գաւառակի կարգ մը ազդեցիկ պէյերուն միջեւ ծայր առած զինեալ ընդհարում մը պատճառ կ՝ըլլայ որ տեղական իշխանութիւնները միջամտեն ու ձերբակալեն Թէֆիկ պէյը, ինչպէս նաեւ Սագրաթ գիւղէն Իպրահիմ եւ Ռիւշտի եղբայրները։ Այսպիսի արագ միջամտութիւն մը շատերու համար ապացոյցը կը հանդիսանայ սահմանադրական կարգերուն վերահաստատումով ստեղծուած քաղաքական նոր մթնոլորտին։ Բայց պէյերուն բանտարկութիւնը կը տեւէ միայն քանի մը տարիներ եւ 1912ին անոնք վերստին ազաատ կ՝արձակուին Ուրֆայի իրենց բանտէն։ Անոնք կը վերադառնան Բալուի շրջան ու անմիջապէս կը վերականգնեն իրենց ազդեցութեան գօտին։ Հետաքրքրականը հոն է որ Իպրահիմ եւ Ռիւշտի պէյերը այլեւս անդամ էին իթթիհատ կուսակցութեան ու Սագրաթի մէջ ալ կը կառուցեն կուսակցական ակումբ մը [7]։ Իպրահիմ պէկ կ՝ընտրուի նաեւ Տիարպեքիրի նահանգային ժողովի անդամ [8]։

[1] Ա. Կիտուր (խմբագիր), Պատմութիւն Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, 1887-1963, Բ. հտր., տպ. Շիրակ, Պէյրութ, 1963, էջ 422-423։

[2] Ibid., էջ 424։

[3] Ibid., էջ 425։

[4] Տիգրան Ս. Փափազեան, Պատմութիւն Բալու Հաւաւ գիւղի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1960, էջ 68-69, 71։

[5] Պօղոս Մելիքեան, Հայրենի շունչով, տպ. Համազգային, Պէյրութ, 1969, էջ 257-258։

[6] Ա. Կիտուր, op. cit., էջ 424։

[7] Ibid., էջ 428-429։

[8] Յարութիւն Ձախսուրեան, Պատմութիւն Բալահովիտի հնուց մինչեւ մեր օրերը, տպ. Տօնիկեան, 1974, Պէյրութ, էջ 418։