Բալու- Քաղաքական կուսակցութիւններ

ԲԱԼՈՒ (քաղաք)

Բալու քաղաքի եւ ընդհանրապէս այս գաւառակի գիւղերու հայերու քաղաքական գործունէութեան սկզբնաւորութիւնը սերտօրէն կապուած է Պոլսոյ հետ, ուր կ՝ապրէին հոծ թիւով գաւառացի պանդուխտներ։ Գիտենք օրինակ, որ տակաւին 1889էն սկսեալ օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ կազմուած Հնչակեան կուսակցութեան ընդհատակեայ խումբերուն անդամներէն շատեր բալուցի պանդուխտներ են, որոնք նաեւ կարեւոր դեր կը խաղան նոյն կուսակցութեան կազմակերպած եւ Սուլթան Ապտուլ Համիտի իշխանութեան դէմ ուղղուած Պապը Ալիի ցոյցին մէջ [1]։ Օսմանեան իշխանութիւնները բռնութեամբ հը հակազդեն այս ցոյցին, կը սպաննուին ու կը ձերբակալուին բազմաթեւ ցուցարարներ. անոնցմէ ոմանք բռնի կը վերադարձուին իրենց հայրենի գիւղերն ու քաղաքները։ Այս վերջին խումբերուն մէջ եղած են նաեւ բալուցի պանդուխտներ, որոնք կ՝ենթադրուի կարեւոր դերակատարութիւն կ՝ունենան իրենց ծննդավայրերուն մէջ քաղաքական ընդյատակեայ կազմակերպութիւններ ստեղծելու գործին մէջ [2]։ Հնչակեան առաջին գործիչներու այս խումբին մաս կազմած է նաեւ Ազարիկ Գոլոյեան, որ Բալուի Ձէթ գիւղէն էր եւ այս տարիներուն ուսուցչութիւն կ՝ընէ գաւառակին զանազան դպրոցներուն մէջ։

Այս տարածքէն ներս հնչակեան մէկ այլ յայտնի գործիչ մըն է Պետրոս Վարժապետեանը (Պետրէ)։ Ան ծնած է 1870ին Բալուի Սագրաթ գիւղին մէջ։ Գիւղին վարժարանը աւարտելէ ետք, կ՝ուղարկուի Պոլիս՝ իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար։ Այստեղ է որ ան կ՝անդամակցի Հնչակեան կուսակցութեան, կը մասնակցի Պապը Ալիի ցոյցին, ապա կ՝անցնի Միացեալ Նահանգներ։ 1906ին զինք դարձեալ կը գտնենք իր հայրենի գիւղին մէջ, ուր կը շարունակէ քաղաքական իր ընդյատակեայ գործունէութիւնը։ Նոյնպէս Բալուի Խարակետան (Խարակերի՞կ) գիւղէն է հնչակեան մէկ այլ գործիչ՝ Գրիգոր Երեմեանը [3]։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը քաղաքին մէջ կ՝ունենայ իր սեփական ակումբը։ Այստեղէն կ՝անցնին դաշնակցական զանազան գործիչներ, որոնց շարքին Ռուբէն Զարդարեան եւ Տիգրան Պոնափարթեան (Խարբերդէն), Կարօ, կամ Քեաֆիր Հէմզօ (Մուշէն), Բարսեղ Շահպազ (Տիարպեքիրէն)  [4]։

ՀԱՒԱՒ

1885ին Հաւաւի մէջ կը ստեղծուի առաջին հայկական միութիւնը, որ կը կոչուի Ազգային Ընկերութիւն։ Անոր հիմնադիրը կ՝ըլլայ որոշ ատեն Պոլիս ապրած հաւաւցի Համբարձում Կարեան։ Իսկ հիմնադիր ադամներն են. Թորոս քահանայ, Օհան Վարժապետ, Ոսկեան, Քաջ Վարդան Պօյաճեան եւ Սարգիս Մալիկեան։ Ընկերութեան նպատակներէն մէկն է աւելի կազմակերպուած ձեւով ստանձնել գիւղին ապահովութիւնը՝ պէյին գործած բռնութիւններուն դէմ։ Այդ ժամանակներուն Ազգային Ընկերութիւնը կապեր կը հաստատէ Վանի հայկական կազմակերպութիւններուն հետ, Հաւաւէն երիտասարդներ կ՝երթան Վան եւ կը ծանօթանան այնտեղ տիրող ազգային զարթօնքի մթնոլորտին [5]։ Այլ աղբիւր մը այս տարիներուն մասին կը նշէ Հաւաւի մէջ «Հայկազեան» անունով միութեան մը գոյութեան մասին, որ Ազգային Ընկերութեան յար եւ նման գործունէութիւն մը ունեցած է։ Երկու այս խումբերուն անդամակցած հաւաւցիները շատ յաճախ միեւնոյն անձերն են, ինչ որ մտածել կու տայ որ հաւանաբար այս երկուքը միեւնոյն միութիւններն են՝ պարզապէս տարբեր աղբիւրներու մէջ յայտնուած տարբեր անուններու տակ [6]։

1890ական թուականներէն սկսեալ յստակօրէն կ՝երեւի որ Հաւաւը միշտ ալ տեղական իշխանութիւններուն հսկողութեան տակ է։ Անոնք տեւաբար մտավախ են որ այսպիսի հայահոծ մեծ գիւղ մը կրնայ վերածուիլ հայ յեղափոխականներու մէկ հնոցին։ Յաճախ գիւղը օսմանեան բանակայիններու կողմէ կ՝ենթարկուի խուզարկութիւններու՝ զէնք փնտռելու դրդապատճառով։ Օսմանեան իշխանութիւններուն այս մտավախութիւնը աւելի լուրջ կը դառնայ, երբ կը պարզուի որ 1895ին Պոլսոյ մէջ հայերու կողմէ կազմակերպուած Պապը Ալիի ցոյցին մասնակցած են նաեւ հաւաւցի պանդուխտներ։ Պոլսոյ ցոյցը տեղական իշխանութիւններուն կողմէ բռնօրէն կը ճնշուի եւ բազմաթիւ ցուցարարներ կը սպաննուին։ Եօթ հաւաւցիներ այս զոհերուն շարքին էին։ Այն ժամանակ Հաւաւ կու գայ օսմանցի աստիճանաւոր զինուորական մը՝ քանի մը զինուորներով միասին, ու անոնք կը հաստատուին գիւղին դպրոցին սենեակներուն մէջ։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, վարժարանին տնօրէնութիւնը ամէն առտու դպրոցին բացումը փոխանակ «Հայր Մեր»ով կատարելու՝ կը ստիպուի աշակերտներուն երգել տալ Չօք եաշա Սուլթան Համիտը [7]։

Կը պատմուի նաեւ որ 1894ին Հաւաւի հայերը կը նախաձեռնեն աղերսագիր մը գրել Բարձր Դրան, որուն մէջ ի  նապստ կ՝արտայայտուին պետական բարենորոգումներու ու Բալուի տարածքէն ներս ընկերային ու տնտեսական պայմաններուն բարելաւումին։ Հետաքրքրական է, որ այս առիթով Հաւաւ կը հրաւիրուին նաեւ դրացի քրտական գիւղերէն՝ Քիւրումէն եւ Կատիսանէն մեծամեծներ, որոնք նոյնպէս կը ստորագրեն այս աղերսագիրին տակ։ Ապա, գրութիւնը կը յանձնուի հաւաւցի հայու մը, որ անձամբ զայն պէտք էր հասցներ Էրզրում։ Տեղական իշխանութիւնները յայտնապէս տեղեակ էին այս նախաձեռնութենէն. ճանապարհին կը բռնեն նամակակիր հաւաւցին, կը ձերբակալեն նաեւ բոլոր միւս ստորագրող հայերը, որոնք կը տարուին Քղիի բանտը [8]։

Նոյնիսկ 1895ի կոտորածէն ետք, շատ սովորական բան էր Հաւաւի մէջ անհատական զէնք ունենալը [9]։ Այն ժամանակ գիւղը կը գտնուի այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր արջառի կամ բերքի գողութիւնները ընդհանրացած բնոյթ ունին։ Այնպէս որ կը կարծենք թէ անհատական զէնքերու գոյութեան հարցով տեղական իշխանութիւնները երկար ժամանակ բարեացակամ վերաբերում մը ցուցաբերած են։

Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին խումբը կը կազմուի Կիրակոս Փափազեանի կողմէ, որ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Միացեալ Նահանգներէն վերադարձած հաւաւցի մըն էր։ Առաջին դաշնակցականները կ՝ըլլան Տիգրան Փափազեան, Հ. Փափազեան, Լ. Փափազեան, Կարապետ Կատարեան, Պ. Պըխեան, Օ. Պօյաճեան։ Այս կուսակցութեան մէջ ղեկավար դերեր կը ստանձնեն Թովմաս Ճէլալեան, Վահան Փափազեան, Յարութիւն Մերկեան, Պօղոս Ձախսուրեան [10]։ Նոյն շրջանին կը կազմուի նաեւ Հնչակեան խումբ մը։ 1909էն ետք Հաւաւի մէջ կը կազմուի նաեւ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան մասնաճիւղը [11]։

Հաւաւցի է նաեւ դաշնակցական ֆետայապետ Գայլ Վահանը (Մինաս Տոլպաշեան)։ Ան սկիզբը Պոլսոյ մէջ անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան։ Ապա կ՝անցնի Փրավիտընս (Միացեալ Նահանգներ), ուր կ՝ապրէին բալուցի բազմաթիւ պանդուխտներ։ Այստեղ Տոլպաշեան կը յարի Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ 1902ին զինք կը գտնենք Կովկաս, ուր կը զբաղի դաշնակցական ֆետայական խումբեր Օսմանեան կայսրութիւն ներմուծելու գործով։ 1904ին կը ղեկավարէ 60 ֆետայիներէ կազմուած «Մասիս» խումբը, որ օսմանեան տարածքներէն ներս կը մտնէ ու կը յարձակի Մոսուն գիւղի մօտիկ օսմանեան պահականոցին վրայ։ Նոյն այս կռիւին ընթացքին կը սպաննուի նաեւ Գայլ Վահանը [12]։

Ըստ Ձախսուրեանի, յետ-սահմանադրական այս տարիներուն Հաւաւի մէջ Դաշնակցութիւնը կը հաշուէ 70 անդամ, Հնչակեան կուսակցութիւնը՝ 25-30 անդամ, իսկ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը՝ 35-45 անդամ [13]։

ՊԱՂԻՆ

1908ի աշնան (Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք) Պաղինէն կ՝անցնի դաշնակցական գործիչ Բարսեղ Շահպազը։ Այս այցելութեան ընթացքին է որ գիւղին մէջ կը կազմուի դաշնակցական առաջին խումբը։ Նոյն այս ժամանակներուն Միացեալ Նահանգներէն Պաղին կը սկսին վերադառնալ շատ մը պանդուխտներ, որոնք արդէն իսկ անդամ էին հայկական զանազան կուսակցութիւններու։ Պաղինի մէջ հնչակեաններն ալ կը կազմեն իրենց առանձին խումբը։ Այս տարիներուն գիւղին կուսակցական խումբերը յաճախ կը զբաղուին զինումով։ Սոյն գործին համար քօղարկումի լաւ ձեւ մը կը հանդիսանայ եաղճիութիւնը (անսնական իւղի առեւտուրը), որմով համբաւաւոր է Պաղինն ու պաղնեցիները։ Դրացի քաղաքներուն շուկաները այս իւղը փոխադրող կարաւաններուն կը սկսին միանալ երիտասարդ կուսակցականներ, որոնք Խարբերդի կողմերէն զէնք կը գնեն, ապա զանոնք ջորիներու վրայ բարձելով նոյն խումբով կը վերադառնան Պաղին [14]։

ԱՅԼ ԳԻՒՂԵՐ

Սահմանադրութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին հնչակեան գործունէութեամբ կը յատկանշուին յատկապէս Խոշմաթ եւ Սղամ գիւղերը։ Այս վերջինին մէջ կը կազմուի նաեւ հնչակեան թատերախումբ մը (Յակոբ Տօնիկեանի ղեկավարութեամբ), որ կը ներկայացնէ Հմայեակ Արամեանցի (Շւոտի) [15] «Հերոսութիւններ» թատերգութիւնը [16]։

[1] Ա. Կիտուր (խմբագիր), Պատմութիւն Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, 1887-1963, Բ. հտր., տպ. Շիրակ, Պէյրութ, 1963, էջ 419-420։

[2] Ibid., էջ 420։

[3] Ibid., էջ 420-421։

[4] Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 408։

[5] Տիգրան Ս. Փափազեան, Պատմութիւն Բալու Հաւաւ գիւղի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1960, էջ էջ 32, 36, 216-217։

[6] Յարութիւն Ձախսուրեան, Պատմութիւն Բալահովիտի հնուց մինչեւ մեր օրերը, տպ. Տօնիկեան, 1974, Պէյրութ, էջ 390-391։

[7] Փափազեան, op. cit., էջ 38-39։

[8] Ibid., էջ 39-40։

[9] Ibid., էջ 57։

[10] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 420։

[11] Փափազեան, op. cit., էջ 73-74։

[12] Հրաչ Տասնապետեան,Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. Ժողով (1890-1924), «Դրօշակ»ի տպարան, 1988, Աթէնք, էջ 207։

[13] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 420։

[14] Պատմութիւն Պաղնատան, հրատ. Պաղին գիւղի վերաշինաց ուսումնասիրաց միութեան, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1966, էջ 121-123։

[15] 1915ին կը գործակցի օսմանեան գաղտնի ոստիկանութեան հետ ու կը մատնէ կուսակցական իր ընկերները։

[16] Ա. Կիտուր, op. cit., էջ 426-427։