Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Տօներ

5 Յուլիս 2011

ԿԱՂԱՆԴ

Կաղանդի տօնակատարութիւնը տեղի կ՝ունենայ Դեկտեմբեր 31ի իրիկունը, մինչ Նոր Տարին ծայր կ՝առնէ կէս գիշերէն ետք։

Կաղանդի իրիկունը սեղանի վրայ դրուած կ՝ըլլան եօթ տեսակ կերակուրներ.

  • Խորու.- Պարունակութիւն՝ պլղուր, աղնծուած, ծեծուած եւ խիւսի վերածուած շուշմայ, քիչ մը ծեծուած կարմիր պղպեղ, ջարդուած սոխ։ Այս բոլորը զիրար խառնելով կը լեցնեն կիսով չափ ջուրով լեցուն պտուկի մը մէջ, կափարիչը կը փակեն ու խմորով ալ կը ծեփեն, որպէսզի օդ չմտնայ։ Ապա կը դնեն թոնիրին մէջ որ եփի։
  • Պլղուրով եւ սիսեռով քէօֆթէ.- Պարունակութիւն՝ պլղուր եւ երեք անգամ աւելի սիսեռ։ Այս ճաշը շատ կը նմանի թոփիկ կոչուող եւ յարաբերաբար աւելի ծանօթ ուտելիքին։
  • Խոշապ՝ ծիրանէ, սալորէ, չամիչէ եւ ռուպէ շինուած։
  • Անուշապուր.- Պարունակութիւն՝ ծեծուած ու թեփերէն մաքրուած ցորեն, ընկոյզ, նուշ, չամիչ, մեղր (որ երբեմն կը փոխարինուի ռուպով կամ գազպէով [1])։
  • Փերփեր ապուր.- Պարունակութիւն՝ չորցուած փերփեր, ծեծուած ցորեն, կարմիր լուպիա, աղացուած ոսպ, չոր պղպեղ, սոխ եւ շուշմայի իւղ։
  • Պահոց քէշքէկ.- Պարունակութիւն՝ ծեծուած ցորեն, ոսպ, սիսեռ, չորցուած կանկառ, չոր բանճար (յելուկ), շուշմայի իւղ (շիրիկ)։
  • Շուշմայի հաց.- Ցորենի ալիւրով շաղուած խմոր, զոր շատ բարակ կը բանան ու կը տապկեն շուշմայի իւղին մէջ։ Ապա իւրաքանչիւրին երկու երեսներուն կը քսեն հեղուկ խառնուրդ մը, որ շինուած կ՝ըլլայ շուշմայի խիւսով ու ռուպով (կամ մեղրով)։ Այսպէս պատրաստ՝ բոլորը կը շարեն մէկը միւսին վրայ [2]։

Երբ Կաղանդի իրիկունը մութը կ՝իջնէ, գիւղերու մէջ ծայր կ՝առնէ գօտեկախի սովորութիւնը։ Ասիկա երկայն գօտի մըն է, որ կախուած կ՝ըլլայ տան երդիքէն եւ անոր միւս ծայրամասին կապուած կ՝ըլլայ մեծ տոպրակ մը։ Տանտիկինը այս ձեւի մէկէ աւելի տոպրակներու մէջ կը լեցնէ ընկոյզ, չամիչ, նուշ, պաստեղ, ռոճիկ (քաղցրեւէնով պատրաստուած նուշի կամ ընկոյզի շարոց), քեսմէ (լոգումի պէս շատ եփուած ու թանձրացած ռուպի պատառներ) ու զանոնք կը կախէ տանիքէն վար [3]։ Տիգրան Փափազեան նոյն այս գօտեկախի աւանդութեան մասին կը գրէ, որ իր գիւղին՝ Հաւաւի մէջ, չափահասներն են, որոնք տանիքէ տանիք կը պտտին՝ ձեռքերնին բռնած պարանի մը անցուած տոպրակ մը։ Այս վերջինը, զոր կը կոչեն չանթա, կ՝իջեցնեն ծխնելոյզէն վար՝ միաժամանակ կանչելով «Ալէ վըլայ, ալէ վըլայ որ չանթաս լեցուն վեր ելլայ»։ Վարը, օճախին գլուխը նստողները կը տեսնեն տոպրակը ու տանտիկինը կը սկսի անոր մէջ լեցնել ընկոյզ, չամիչ եւ պաստեղ [4]։ Իր մանկութիւնը դարձեալ Հաւաւ գիւղին մէջ անցուցած Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ) իր կարգին կը նկարագրէ գիւղին Կաղանդը։ Ձմեռուայ այդ պաղ եղանակին այս մանուկները կը ցատկեն մէկ տանիքէն միւսը եւ երդիքներէն կը կախեն իրենց տոպրակները՝ սպասելով որ տնեցիներ զանոնք լեցնեն պտուղներով։ Տանիքներուն վրայ կայնած անոնք կ՝երգեն.

«Ալէլուիա՜, ալէլուիա,
Մէկ քադա, մէկ քուլինճա
Տուէք մեզի, ելլա՜յ գայ»… [5]

Այսպիսի սովորութիւն մը կայ նաեւ Բալու քաղաքին մէջ։ Կաղանդի իրիկունը, մօտաւորապէս ժամը 9էն 10 միջեւ, պատանիներ ու երիտասարդներ տուներու ծխնելոյզներէն երկար թելով մը վար կ՝իջեցնեն կարմիր խնձոր մը։ Տան մէջ՝ կրակին շուրջ հաւաքուածները կը բռնեն զայն, տանտէրը քանի մը մետաղեայ մանր դրամներ կը մխէ պտուղին մէջ ու ձայն կու տայ որ քաշեն։ Քաղաքին մէջ եւս տոպրակներ կ՝իջնեցնեն ծխնելոյզէն ու տանտիկինը զանոնք պտուղներով կը լեցնէ։ Երբեմն ալ տոպրակները լեցուն կ՝իջնեն, այս անգամ նուէր ստացողը տնեցիները կ՝ըլլան [6]։

Բալուի գիւղերուն մէջ, կէս գիշերին, տան մեծը իր տղաքը առնելով կ՝ուղղուի դէպի գիւղին աղբիւրը։ Այստեղ իրենց հետ կը բերուին արջառներուն համար պատրաստուած Կաղանդի հացեր, որոնց կու տրուի անասուններուն կճղակներուն ձեւը։ Այլ հացեր նմանցուած են երկրագործական, արհեստի կամ տնային աշխատանքներու վերաբերող գործիքներու (խոփ, կկոց, ուրագ, սղոց, մատնոց, մկրատ)։ Աւանդութիւն է որ գիւղացի տղամարդիկը Կաղանդի այդ գիշերը հաւաքուին աղբիւրին շուրջ, ամբողջովին մերկանան, մտնեն հոսող սառ ջուրին մէջ ու լոգնան։ Իրենց հետ կը թրջեն նաեւ արջառներուն ու իրենց յատկացուած վերոնշեալ խմորեղէնները, որոնք զետեղուած կ՝ըլլան մեծ մաղերու մէջ։ Կը վերադառնան տուն, արջառները կը սկսին ուտել իրենց բաժինը, մինչ գիւղացիներն ալ՝ իրենցը [7]։

Ճաշելու արարողութիւնը ծայր կ՝առնէ յաջորդ առաւօտ՝ Նոր Տարուայ մէջ։ Նախ մանուկները երբ կ՝արթննան, իրենց անկողիններուն վերէն կախուած գուլպաները լեցուած կը գտնեն չամիչով, ընկոյզով ու պաստեղով։ Փոքրիկներուն նախապէս ըսուած կ՝ըլլայ որ այս նուէրները բերողը շվօտն է (չար ոգի մը), որ կրնայ նաեւ չարութիւն ընող մանուկները Նոր Տարուան գիշերը կերպարանափոխել [8]։ Քաղաքին մէջ նուէրները նիւթական աւելի մեծ արժէքներ կ՝ունենան։ Այսպէս, առտուան դէմ, տան անդամները կարգով կու գան ու մեծերուն ձեռքը կը համբուրեն ու Նոր Տարին կը շնորհաւորեն։ Մեծերը իրենց կարգին կը համբուրեն անոնց, կու տան իրենց օրհնութիւնը ու ամէն մէկուն կը բաժնեն նուէր մը, որ կրնայ ըլլալ ոսկի կամ արծաթ մատանի, օղեր, թաշկինակ, երեսի ծածկոց, դրամ, եւայլն [9]։

Տան մէջ սեղանի վրայ շարուած կ՝ըլլան եօթ կերակուրները։ Ճաշին կ՝ընկերանայ նաեւ գինին։ Սեղանակիցները կը սկսին նաեւ Նոր Տարուայ երգեր երգել, որոնցմէ Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան կը յիշէ հետեւեալը.

Բարի եկար Նոր Տարի
Տո՛ւր մեզի ցորեն գարի,
Լէ լէ, լէ, լէ, ախ լէ լէ,
Մեր փեթակն ալիր կ՝ուզէ
Լէ, լէ, լէ, լէ…
Տանտիկինը եղ կ՝ուզէ լէ, լէ
Բուխերիկս մուխ կ՝ուզէ, լէ, լէ…
Մեր օճախը փատ կ՝ուզէ, լէ, լէ…
Էգուն պաղջին պտուղ տուր լէ, լէ.
Մեր աղջիկին փեսայ տուր լէ, լէ…
Մեր տղային հարս մը տուր, լէ, լէ…
Հիւրընտութին թող չըլլի
Քէսատութին թող չըլլի, լէ, լէ
Հեյրան Նոր տարի [10]

Բալուէն Փրավիտընս՝ ժառանգութեան մը վերապրումը (Բալուցիներու դաշտահանդէս մը)

Հատուած՝ Միսաք Պէրպէրեանի "40 Years of Memories: 1932-1972" ֆիլմէն։ Նկարահանուած 1930ականներուն եւ ներկայիս պատրաստուած Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի կողմէ։ Կ՝երեւին բալուցիներ՝ Փրավիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ, Միացեալ Նահանգներ) դաշտահանդէսի մը ժամանակ։ Ֆիլմը կը պատկանի Ճորճ Աղճայեանի հաւաքածոյին։ Երգ՝ «Բալու քաղաք շինուեր է», երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան (երգը առնուած է Պետրոս Ալահայտոյեանի՝ Բալուի (եւ տարածաշրջանի) երաժշտական-ազգագրական հաւաքածոյ գիրքէն, Դրազարկ հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա, 2009)։

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

Այս տօնին իրիկունը Բալուի գիւղերուն մէջ տեղի կ՝ունենայ խարոյկ վարելու արարողութիւնը։ Ըստ Սարգիսեանի, կրակ կը վարուի գլխաւորաբար երկու տարբեր տեղերու մէջ. եկեղեցւոյ գաւիթին կեդրոնը եւ գիւղին ռէսին (գիւղապետ) տան տանիքին վրայ։ Առաջինին պարագային իբրեւ վառելանիւթ կը գործածուի ցախը, մինչ երկրորդին պարագային՝ կանաչ ցրդին։ Ասոնցմէ զատ փոքր տարողութեամբ խարոյկներ կը վարուին նաեւ գրեթէ բոլոր տուներուն առջեւ կամ անոնց տանիքներուն վրայ [11]։ Փափազեան Հաւաւի մասին գրած իր վկայութիւններուն մէջ կը գրէ թէ իրենց գիւղին մէջ ցրդիներու դէզը կը դրուի գիւղին եկեղեցւոյ բակը եւ այնտեղ ալ կը վարուի խարոյկը [12]։ Մինչ Օխուի կեանքը նկարագրող Թոփալեան դիտել կու տայ որ իր գիւղին մէջ երեք մեծ խարոյկներ կը վարուին՝ երեք տարբեր կէտերու վրայ [13]։ Բալու քաղաքին մէջ մեծ խարոյկ վարելու սովորութիւնը չկայ։ Փոխարէնը ամէն տուն կը վարէ փոքր կրակ մը [14]։

Բալուցիները այս տօնին կու տան Մելեմետ կամ Մելետ անունները, որ ըստ Ստ. Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»ին աւելի շատ տօնական այս օրը վարուող խարոյկին անունանումն է, որ սակայն ժամանակի ընթացքին հոմանիշ դարձած է նոյնինքն Տեառնընդառաջին։ Այս տօնին կը տրուին նաեւ Տերնտաս, կամ Տրնդեզ անունները։ Անիկա ամէն տարի տեղի կ՝ունենայ Փետրուար 14ին։ Ըստ էութեան հեթանոսական տօն մըն է, բայց անիկա միաժամանակ կը համապատասխանէ Քրիստոսի ծնունդին քառասուներորդ օրուան։

Սովորութիւն է որ Տեառնընդառաջի օրը՝ արեւածագէն առաջ, գիւղերուն նոր կարգուելիք փեսաները եւ անոնց կնքահայրերը մօտակայ լեռ մը բարձրանան ու նոյն օրն իսկ վերադառնան իրենց գիւղերը։ Իսկ երեկոյեան ժամերգութենէն մէկ-երկու ժամ առաջ նոյն այս անձերուն վստահուած կ՝ըլլայ ռէսին տանիքին վրայ ցրդիներու դէզը տեղաւորելը։ Թոփալեան կը նշէ որ Օխուի մէջ ցրդիներու այս դէզը 3.5 մեթրէն աւելի բարձր կ՝ըլլայ [15]։

Ժամերգութենէն ետք, գիւղի բոլոր բնակիչները՝ ձեռքերնին մէկական վարուած մոմերով թափօր մը կազմած, կը հաւաքուին ռէսին տանիքը։ Խարոյկ վարելու այս արարողութիւնը կը կատարուի քահանային ցուցմունքներով։ Ան է որ առաջինը կը խաչակնքէ ու իր ձեռքին բռնած մոմով առաջին կրակը կու տայ ցրդիներուն։ Իրեն կը յաջորդեն միւս գիւղացիները։ Ապա, երկինք բարձրացող խարոյկին բոցերուն շուրջ կը սկսին դառնալ ներկաները. ասոնց շարքին նոր կարգուելիք փեսաները ամէնէն փութկոտութեամբ կը կատարեն այս աքթը։ Ժողովուրդը կը սկսի երգել, իսկ շատ մը երիտասարդներ կը ցատկին խարոյկին վրայէն։ Ժողովուրդը համոզուած է, որ կրակին շուրջ դառնալով կամ անոր վրայէն ցատկելով, Տեառնընդառաջը իրենց բաղձանքները պիտի իրականացնէ, ինչպէս նաեւ զիրենք պիտի պաշտպանէ գալիք վտանգներէ։ Երբ կրակը արդէն գրեթէ մարած է, ամէն մարդ խարոյկին ծայրերը թափած մէկական ցրդիի կիսայրած ճիւղ մը կ՝առնէ ու կը տանի իր տունը։ Այս ճիւղը կը բաժնեն քանի մը կտորներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը դրուի հաւնոցին, ախոռին, գոմին կամ մարագին մէջ։ Գիւղացին համոզուած է որ Տեառնընդառաջի ցրդին ճոխութիւն ու բեղմնաւորութիւն կրնայ բերել եւ պաշտպանութիւն կրնայ շնորհել իր անասուններուն։ Այսպիսի յատկութիւններ անոնք կը տեսնեն նաեւ խարոյկին մոխիրին մէջ, որմէ հաւաքուած բաժին մը նոյնպէս տուն կը տարուի։ Ամբողջ տարի մը զայն կը գործածեն տան օճախին համար, ինչպէս նաեւ թոնիրով հաց պատրաստելու ժամանակ։ Մոխիրը կը տարածեն նաեւ արտերուն վրայ՝ առատ բերք ունենալու յոյսով [16]։

Գիւղացիներուն համար նոյնպէս նշանակութիւն ունի Տեառնընդառաջի խարոյկին ծուխին առած ուղղութիւնը։ Երբ հովուն հոսանքը զայն դէպի հիւսիս թէքէ, ապա այս մէկը գիւղացիներուն աւետաբեր նշան է եւ կը նշանակէ թէ տարեկան բերքը առատ պիտի ըլլայ։ Իսկ չարագուշակ է դէպի հարաւ թեքող ծուխը. այս կը նշանակէ որ գիւղացին երաշտ տարի մը պիտի ունենայ՝ իր բոլոր չարաղէտ հետեւանքներով [17]։

Կրակի այս արարողութեան աւարտին ամէն մարդ կ՝երթայ իր տունը, ուր պատրաստուած կ՝ըլլայ այդ օրուան յատուկ ճաշը՝ կօման։ Ասիկա խմորով պատրաստուած ուտելիք մըն է, որուն մէջ կ՝ըլլայ նաեւ եփուած սոխ, համեմներու տեսակներ, ծեծուած շուշմայ։ Ապա ծայր կ՝առնէ պարն ու երգը, որ կը տեւէ մինչեւ ուշ գիշեր։ Բալուի գիւղացին Տեառնընդառաջի յաջորդ օրը չաշխատիր [18]։

Բալուէն Փրավիտընս՝ ժառանգութեան մը վերապրումը (Ընտանեկան հաւաք մը)

Նկարահանուած 1950ական թուականներուն եւ ներկայիս պատրաստուած Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի կողմէ։ Կիրակոս Տէր Մանուէլեանի ընտանիքին մէկ հաւաքը՝ Փրավիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ, Միացեալ Նահանգներ)։ Կիրակոս Բալուի Սաքրաթ գիւղի ծնունդ է։ Հաւաքին ներկայ են Մարսիլիա ապրող բալուցի իր ազգականները։ Ֆիլմը կը պատկանի Ճորճ Աղճայեանի հաւաքածոյին։ Երգ՝ «Թամզարա», երգասաց՝ Մարօ Նալպանտեան (երգը առնուած է Պետրոս Ալահայտոյեանի՝ Բալուի (եւ տարածաշրջանի) երաժշտական-ազգագրական հաւաքածոյ գիրքէն, Դրազարկ հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա, 2009)։

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ

Սուրբ Սարգիսը կը տօնուի ձմրան ամէնէն պաղ եղանակին (փետրուարին) ու կը նախորդէ Բարեկենդանին։ Այս սուրբը մեծապէս յարգուած է Բալուի գաւառակին մէջ։ Ս. Սարգիսի օրը, հակառակ ցուրտին ու բուքին, բալուցի հայն ու քիւրտը կ՝այցելեն այս սուրբին յատկացուած ուխտավայրերը։ Քիւրտերը զայն կը կոչեն Խըտըր Էլիաս (Խըզըր Ս. Սարգիս)։ Իրենց մօտ սովորութիւն է Խըտըր Էլիասի անունով երդուել կամ դժուարութեան պարագային այս սուրբին օգնութեան ապաւինիլ [19]։

Այս տօնին առիթով հայերէն շատեր, մանաւանդ կիներ, հարսեր ու չափահաս աղջիկներ քանի մը օր շարունակ ծոմ կը պահեն, այլ խօսքով ոչինչ կ՝ուտեն։ Ծոմը ունի երկու փուլեր. առաջինը ծայր կ՝առնէ երկուշաբթի օր մը ու կը շարունակուի մինչեւ չորեքշաբթի կէսօր։ Երկուքուկէս օր ոչինչ կ՝ուտեն, ջուր անգամ չեն խմեր։ Չորեքշաբաթի կէսօրին ծոմապահները դրացիներով ու ազգականներով միասին կը ճաշեն. այս ճաշը կը կոչուի ծոմբաց։ Ապա, ծոմը կը շարունակուի չորեքշաբթի կէսօրէն մինչեւ ուրբաթ երեկոյ։ Պէտք է ըսել որ այս ծոմապահութիւնը ընդհանրապէս խիստ կերպով կը յարգուի, մանաւանդ որ Ս. Սարգիսը բացի անկէ որ պաշտամունքի առարկայ է, միաժամանակ նաեւ վախազդու սուրբ մըն է՝ սպիտակ իր ձիուն հեծած քաջարի ասպետը, որ կրնայ պատուհասել բոլոր անոնց որոնք ծոմը անժամկէտ կը կտրեն [20]։

Բալուի մէջ Ս. Սարգիսին նկատմամբ այս պաշտամունքին ու երկիւղածութեան լաւ օրինակ մըն է Օխի (այժմ Պուլկուրճուք) գիւղը։ Ըստ Թօփալեանի, գիւղը մեծամասնութեամբ կը դատարկուի Ս. Սարգիսի տօնին օրը։ Օխիի արեւելեան կողմը կը գտնուի այս սուրբին անունով սրբավայր մը՝ ապառաժոտ վայրի մը մէջ։ Օխուցիները, ինչպէս նաեւ այլ գիւղերէ ուխտաւորներ խումբեր կազմած կու գան այստեղ, իրենց հետ բերելով զանազան մատաղներ։ Այս քարերուն վրայ կանգնած է բռինչի ընդարձակ ծառ մը, որուն ճիւղերուն վրայ ուխտաւորներ կը կապեն նաեւ քուրջի կտորներ [21]։

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Այստեղ մեր ներկայացնելիք Բալուի Բարեկենդանը կը վերաբերի մեծ պասին նախորդող շաբթուան, որուն կը տրուի նաեւ Բուն Բարեկենդան անուանումը։ Պարզ է որ տօնական այս օրերը կը յատկանշուին առատ կերուխումով ու ուրախութեամբ, մանաւանդ որ յաջորդ շաբաթները պիտի ըլլան սակաւակերութեան ու պահեցողութեան ժամանակ մը, որուն ընթացքին մարդիկ հեռու պիտի մնան անասնական արտադրութիւններ ուտելէ։ Տօնակատարութիւնները ընդհանրապէս կը տեւեն չորս օրեր՝ հինգշաբթիէն մինչեւ կիրակի։

Համադամ ու բազմատեսակ ճաշերը ուրեմն բարեկենդանեան այս օրերուն ամէնէն տիրական ներկայութիւններէն են։ Այս առնչութեամբ Մելիքեան կը նշէ այս տօնին մասին թրքերէնով բացատրութիւն մը, որ կ՝արտայայտէ թուրքին կամ քիւրտին ժողովրդային պատկերացումը հայերուն Բարեկենդանին նկատմամբ։ Այսպէս այս տօնին համար անոնք կ՝ըսեն՝ gavurun patlamak haftası dır, այլ խօսքով՝ անհաւատներուն պայթելու շաբաթը [22]։ Հայերը իրենց կարգին ունին առակ մը, ուր կ՝ըսուի՝ «քիւրտը եւ թուրքը երբ անօթենան, հայու Բարեկենդանը կը յիշեն» [23]։ Բալու գաւառի Բարեկենդանի շաբթուան ճաշերէն կը յիշուին հետեւեալները.-

Փաթիլայ.- Ասիկա խմորեղէն մըն է, որ կը պատրաստուի ցորենի ալիւրով։ Նախ խմորը կը բանան շատ բարակ ու զայն կը բաժնեն երկու մասերու։ Առաջինին վրայ կը դնեն պանիր կամ խաւուրմա, զոր կը ծածկեն բացուած խմորին միւս մասով։ Եզերքները կը փակցնեն իրարու, ապա կ՝եփեն սաճին վրայ։ Եփուելէն վերջ կը կտրեն ու փոքր ու քառակուսի պատառիկներու կը բաժնեն։

Սըռոն.- Կը պատրաստուի բարակ բացուած խմորով։ Կը կտրեն ու կը վերածեն փոքր կտորներու։ Կը թաղեն սխտորուած մածնաթանի մէջ, իսկ ետքն ալ կը լեցնեն խորունկ ամանի մը մէջ։ Վերջաւորութեան նոյն ամանին մէջ կ՝աւելցնեն իւղ։

Բխբխիկ.- Անուշեղէն մը, զոր կը պատրաստեն ալիւրով, հաւկիթին դեղնուցով ու կաթով։ Կ՝եփեն իւղի մէջ, ապա վրան կ՝աւելցնեն ռուպ կամ մեղր։ Իւրաքանչիւր պատառ ընկոյզէն քիչ մը աւելի մեծ կ՝ըլլայ [24]։

Բարեկենդանի շաբաթը, ամէն Ճաշէ ետք, ընտանիքներ կը բարձրանան իրենց տան տանիքները, ուր տօնական ուրախ մթնոլորտը կը շարունակուի երգով ու պարով։ Այլ տղամարդիկ նոյն ժամանակ գիւղին մէջ կը մասնակցին խաղերու ու մրցումներու, ինչպէս վահանախաղ, վազք, քալփոխ [25]։ Յարութիւն քհն. Սարգիսեան կը յիշէ բարեկենդանեան քանի մը երգեր ու պարերգեր, ինչպէս «Ծնկն ածո, ծնկն ածո», « Պաղչին պատը փլեր ը», «Աղկէկ իմ աղն ի՞նչ ընեմ» [26]։

Պաղչին պատը փլեր ը
Եարըս մէջը քըներ ը
Ձան կուտամ, ձանըս չառներ
Մըկըր իզմէն ցաւեր ը։

Ըս օր աղկէկ մը տեսայ,
Կուժն առաւ ջուրը կ՝երթայ,
Ոսքը սըլըխուաւ ինկաւ,
Ձեռքին բըռնած, կուժը կոտրաւ։

Մի՛ լար աղջիկ, ըսի մի՛ լար,
Կուժըդ շինիմ ոսկի անկով.
Ջուր լեցնեմ վարդի ռէնկով։

Տօնական պահերը կը շարունակուին յաջորդ օրերուն։ Տիգրան Փափազեան կը նշէ որ Բալուի Հաւաւ գիւղին մէջ սովորութիւն է, որ գիւղացիներ Բարեկենդանի տօնական այս օրերուն զէնքեր (դաշոյն, ատրճանակ, հրացան) կրեն, ծաղրածուներ իրենց դէմքերը մուրով կը ծածկեն, այլանդակ զգեստներ կը հագուին ու փայտէ սրունքներով կը շրջագային գիւղին մէջ [27]։ Շաբաթ օրը, գիւղին պարտէզէն ոչ շատ հեռու տեղ մը, երիտասարդները սեղան կը պատրաստեն կէսօրուան ճաշին համար։ Երկար սեղանին շուրջն ալ կը դնեն կարպետներ, զորս կը ծածկեն օթոցներով ու բարձերով։ Այստեղ կու գան գիւղին մեծերն ու պզտիկները ու դարձեալ ծայր կ՝առնեն պարեր, կը հնչուին երգեր ու տեղի կ՝ունենայ կերուխում։ Այս յատուկ օրուան ճաշերը ընդհանրապէս մսեղէն են, որոնց շարքին ամէնէն յատկանշականը ոչխարի խորովածն է։ Մորթուած անասունին փորը կը լեցնեն համեմներով շաղուած պլղուրով, ապա զայն կը կախեն թոնիրին կրակին վրայ ու թոնիրն ալ կը փակեն կափարիչով մը։ Կը պահեն մինչեւ որ ոչխարը կարմրի։ Այս ճաշը կը կոչուի խափամայ կամ պրիան։ Ասիկա գիւղին բոլոր ունեւոր տուներուն Բարեկենդանի Շաբաթ օրուան ճաշն է։ Հաւաքական այս ճաշին կ՝ընկերակցի գինին [28]։ Յարութիւն քհն. Սարգիսեան կը գրէ թէ այս տօնահանդէսին ընթացքին սովորութիւն է որ գիւղացիները նոյն այս պարտէզին մէջ ներկայացնեն թատերախաղ մը.

«Թատերախաղը ներկայացնողը դատաւոր անունը կը կրէ ու կ՝ունենայ իր ոստիկանները, իր գրագիրները, ամէնքն ալ իրենց աստիճաններուն համեմատ զգեստներ կը հագնին։ Ներկայացման ժամանակը եկածին պէս, դատաւորը փայտաշէն ձիու մը վրայ հեծած՝ կը յառաջանայ հոն, ուր կեդրոնական պարը կայ եւ ուր գիւղին ռէսը ու միւս մեծերը նստած ուրախութիւն կ՝ընեն։ Կը յառաջանայ ծա՜նր, ծա՜նր, բայց խոժոռ ու դժնեայ երեւոյթով մը։ Անոր սուրհանդակ ոստիկանները առջեւէն կու գան՝ ճամբայ բանալու լեցուած բազմութեան մէջէն։ Երկու կողմերն ու ետեւն ալ իր պահապան ոստիկաններն ունի՝ իր կեանքին պաշտպանութիւն ընելու համար։ Ամէնքն ալ ծպտուած են։ Եթէ ձայներնին զիրենք չմատնէ, կարելի չէ ճանչնալ անոնց ով ըլլալը։ Դատ պիտի տեսնէ դատաւորը։ Դատը պիտի ըլլայ անկաշառ ու անաչառ, դատուելիք անձերը նախապէս ընտրած ու առած է։ Քովն են ատոնք, ատոնցմէ գլխաւորը գիւղին ռէսն է, միւսներն ալ գիւղին մեծերը։

« (…) Ատեանը կազմուած է ու դատաւորը իրեն յատկացուած բայց քիչ մը բարձրկեկ երկու բարձերու վրայ կը նստի, ճիշտ մեծերուն սեղանին մօտիկը, անոնց առընթեր։ Այս պարն ու միւս բոլոր խաղերը կը դադրեցուին, վասնզի դատավարութիւնը պիտի սկսի։ Կը դադրի նաեւ հոն բազմող մեծերուն կերուխումը։ Դատաւորը եկած սեպելով ատենը, ատեանը կը բանայ եւ հրաման կու տայ որ կեղծ ռէսը ատեան կանչուի. զայն անմիջապէս կը բերեն ոստիկանները եւ հարցաքննութիւնը կը սկսի հրապարակաւ (…)» [29]։

Գիւղապետը հրապարակաւ «դատելը» եզակի կը դարձնէ այս թատերախաղը։ Շատ ուշագրաւ է նաեւ որ այս «դատավարութեան» ընթացքին մեր առջեւ աւելի յստակ կը պարզուին գիւղին առօրեայ կեանքին կապուած գլխաւոր հոգերը, որոնց նկատմամբ անհրաժեշտ խղճամտութիւնը չցուցաբերելու յանցանքով ամբաստանուած է դերասան-ռէսը։ Այսպէս դատաւորը կը յայտնէ, որ գիւղին արտերուն պահապանը (խորուճի) գործէ արձակուելէ ետք, ռէսը ուշացուցեր է նոր պահապանին նշանակումը։ Հսկողութեան այս բացակայութենէն օգտուելով, կարգ մը չարամիտ գիւղացիներ իրենց այծերը, կովերն ու եզները գաղտնի կերպով արածել տուած են ուրիշներու արտերուն վրայ՝ անոնց պատճառելով մեծ վնասներ։ Իսկ ռէսը ոչինչ կրցած է ընել այս անիրաւութեան դէմ։ Պահապանին բացակայութիւնը նոյնպէս պատճառ եղած է որ քիւրտեր մեծ քանակութեամբ փայտ գողնան գիւղին արտերէն։ Ռէսը կ՝ամբաստանուի նաեւ գիւղին արտերուն ոռոգման գործին մէջ իր թերացումներուն համար։ Գիւղին բերքը այս իսկ պատճառով աղքատ եղած է։ Ուրեմն մեղաւորը ռէսն է, որովհետեւ տարուան ընթացքին ան ճիգ չէ թափած ոռոգումի այս հարցը լուծելու, երբեք չէ գացած ջուրի ակը, չէ ուզած գիտնալ թէ ինչու դրացի քիւրտերը այս տարի ջուրի բաժանման համաձայնութիւնը խախտած են ու աւելիով գործածած են ակին ջուրը։ Կամ օրինակ այգիներու պահակը իր կարգին մեծ թերացումներ կատարած է իր գործին մէջ, գողութիւններու վրայ աչք գոցած է, եւ այս պատճառով ալ խաղողի բերքը այս տարի սովորականէն քիչ եղած է։ Իսկ պահակը իր ողջ տարեկանը ստացած է եւ ռէսը այս անիրաւութեան խնդրով երբեք չէ զբաղած։ Նոյնն է նաեւ գիւղին հովիւը, որ քանի անգամներ անիրաւութիւններ գործած է, ասոր-անոր այծը կամ ոչխարը արածելու տարած ու երբեք ալ չէ վերադարձուցած իրենց տէրերուն. իսկ այս յանցանքներուն նկատմամբ ռէսը լուր մնացած է։ Գիւղին մէջ անիրաւութիւններ գործողներուն շարքին կը յիշուի ապա շահնան, որ բերքերուն տասանորդը ճշդող պետական պաշտօնեան է։ Դատաւորները կը յայտնեն թէ այս տարի շահնան ահագին խախտումներ կատարած է, չափազանցած է այգիներուն, թութի, պարտէզներուն բերքին քանակը՝ անշուշտ ի վնաս գիւղացիներուն։ Իսկ ռէսը դարձեալ ձեռնածալ մնացած է, հակառակ անոր որ իր պարտականութիւնն է բողոքել կառավարութեան մօտ եւ պահանջել որ այս հարցով պետական քննութիւն բացուի [30]։

Այս ամբաստանութիւններուն ընթերցումէն ետք, դատաւորը կը սկսի քննել այս անգամ գիւղացիներուն միջեւ գոյացած անհատական հակամարտութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր անլոյծ մնացած են նոյն ռէսին անփութութեան պատճառով։ Այսպէս, երկու գիւղացիներ տարիէ մը աւելի իրարու միջեւ վէճի մէջ են կողք կողքի գտնուող իրենց արտերուն սահմանները ճշդելու հարցով։ Անոնցմէ մէկը կ՝ամբաստանէ դրացին իր արտին հաշուոյն սահմանները ընդարձակելու յանցանքով։ Իսկ ռէսը, հակառակ անոր որ տեղեակ եղած է այս խնդրէն՝ ձեռնածալ մնացած է։ Դատաւորը դիտել կու տայ, որ ռէսին պարտականութիւնն է գիւղին մելիքներուն ընկերկացութեամբ երթալ ու գետնի վրայ քննել հակամարտութեան պատճառները, ճշդել իւրաքանչիւրին սահմանները եւ վերջնականապէս լուծել երկու դրացիներու այս խնդիրը [31]։

Այսպէս զիրար կը յաջորդեն ամբաստանութիւնները։ Մեր առջեւ միաժամանակ աւելի պարզ կ՝երեւին գիւղական կեանքէն ներս ռէսին խաղացած կարեւոր դերը, անոր գլխաւոր պարտականութիւնները։ Ռէսի դերին մէջ գտնուողը կը փորձէ ինքզինք պաշտպանել, բայց ի զուր, քանի որ փաստերը ակնբախ են եւ վկաները բազմաթիւ։ Վերջաւորութեան, դատական ատեանը կու տայ իր վճիռը. պաշտօնանկ ընել ռէսը։ Անմիջապէս դերասան ռէսին վրայէն կը հանեն անոր մռուզ ապան. ասիկա յատուկ վերարկու մըն է, որ գիւղին մէջ միայն ռէսը կը հագուի։ Ապա զայն կը շղթայեն, ոստիկանները կողքին կ՝անցնին ու զայն կը նստեցնեն այս թատերախաղին համար յատուկ շինուած սանդուխներու վրայ։ Դերասան-ռէսը իր թերացումներուն պատճառած բոլոր վնասները հատուցանելու խոստում կու տայ։ Ասկէ ետք ռէսն ու իր պաշտօնակիցները ազատ կ՝արձակուին [32]։

Թատերախաղէն ետք վերստին ծայր կ՝առնեն պարերը, երգերն ու խաղերը։ Անոնք կը շարունակուին նաեւ յաջորդ օրը՝ Բուն Բարեկենդանի կիրակին։

Թատերական ներկայացումի մասին ակնարկութիւն ունի նաեւ Փափազեան՝ Հաւաւի վերաբերող իր յուշերուն մէջ։ Այսպէս, Բալուի այս գիւղին մէջ Բարեկենդանի Հինգշաբթի օրը կը տօնուի նաեւ Վարդանանցը եւ այս առիթով, եկեղեցական պատարագէն անմիջապէս ետք, տեղի կ՝ունենայ թատերական ներկայացում մը՝ դպրոցին սրահին մէջ։ Այս առիթով սովորութիւն է, որ տղամարդիկ իրենց մէջքին թուր մը կապեն եւ այսպէս ալ շրջագային գիւղին մէջ։ Այս զգեստաւորումը յարգանքի նշան կը համարուի 5րդ դարուն տեղի ունեցած այս պատերազմին (Վարդանանց) նահատակուած հերոսական դէմքին՝ Վարդան Մամիկոնեանին [33]։

ԶԱՏԻԿ ԵՒ ՄԵԾ ՊԱՀՔ

Բուն Բարեկենդանը կ՝աւարտի կիրակի օրը եւ անոր յաջորդող երկուշաբթին իսկ ծայր կ՝առնէ մեծ պահքը (մեծ պասը), որ կը տեւէ եօթը շաբաթ՝ մինչեւ Զատիկի ճրագալոյցը, այլ խօսքով մինչեւ խթման շաբաթ գիշերը։

Մեծ պահքը կը համապատասխանէ ինքնազսպումի, պահեցողութեան ու ապաշխարութեան շաբաթներուն, որոնց ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալը հեռու պէտք է մնայ ամէն մեղքէ ու՝ դադրի ուտելէ անասնական ամէն արտադրութիւն։ Ասոնք հոգեւոր ինքնամաքրումի եօթը շաբաթներ են, որոնց ընդհանրապէս մեծ կարեւորութիւն կ՝ընծայէ բալուցի հայը։ Բալուի գիւղերուն մէջ հոգեւոր մաքրութիւնը նաեւ կը կրէ ֆիզիքական մաքրութեան նշանակութիւնը։ Այսպէս, մեծ պահքի առաջին երկուշաբթին տուներուն մէջ կը լուան բոլոր ամանեղէնները (կաթսայ, տաշտ, ափսէ, պնակ, տապակ, եւայլն)։ Անոնց վրայէն պէտք է հանել անասնական իւղի ամէնէն ջնջին հետքն անգամ։ Լուացուելէ ետք, այս բոլորը մոխիրով ալ կը սրբուին։ Ապա ծայր կ՝առնէ լոգանքի մեծ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին տան բոլոր անդամները մէկ առ մէկ կը լոգնան ու կը մաքրուին [34]։ Բալու քաղաքին մէջ, մեծ պահքի վերջին երկու շաբաթներուն ծայր կ՝առնէ տան մաքրութեան մեծ աշխատանքը, որ կը տեւէ օրեր։ Այս ընթացքին տան կիներն ու աղջիկները կ՝իջնեն Արածանիի ափը՝ իրենց հետ տանելով տան աղտոտած քիլիմները, փալասները, վարագոյրերը եւ ամէն ինչ որուն լուալը շատ ջուր կը պահանջէ [35]։

Երգ, պար, կերուխում ու ծիծաղ բոլոր կը դադրին։

Մեծ պահքին ամբողջ տեւողութեան, տան մէջ՝ առաստաղին ճիշդ կեդրոնէն կախուած կ՝ըլլայ խորփոլողը, որուն կ՝անուանեն նաեւ խուլինճակ, կամ խուլունճիկ։ Ասիկա բաղկացած կ՝ըլլայ կարծր սոխէ մը, որուն վրայ կը մեխուին աքլորի եօթ փետուրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ մեծ պահքի եօթ շաբաթները։ Ամէն անգամ որ պահեցողութեան այս օրերէն շաբաթ մը թաւալի, տնեցիները այս փետուրներէն մէկը վար կ՝առնեն եւ այսպէս կը շարունակուի մինչեւ խթման շաբաթ օրը։ Խորփոլողը կը ծառայէ նաեւ չարաճճի երեխաները սաստելու նպատակին։ Յաճախ փոքրիկներուն կ՝ըսուի «խելօք կեցէք էրդիքէն խորփոլողը կը տեսնայ» [36]։

Բալու մէջ սովորութիւն է որ Զատիկէն երկու կիրակի առաջ ընտանիքները պատրաստուին չարտախ ելլելու։ Ասիկա տան տանիքին վրայ փայտաշէն կառուցուածք մըն է, որ ամառնային բնակարանի դեր կը խաղայ։ Բալուի պարագային աւելի շատ չորս կամարներով շինութիւն մըն է։ Գարնան այս եղանակին, ընտանիքին կիներն ու աղջիկները կը զբաղին չարտախը ծեփելով։ Այս նպատակով կը պատրաստեն յատուկ ծեփ մը, որ պատրաստուած կ՝ըլլայ կաւէ, մրեղէ ու անասուններու քակորի ջուրէ։ Կը ծեփեն չարտախին պատերն ու յատակը։ Քանի մը օր ետք, ծեփուած պատերը կը ճերմկցնեն ճերմակ քարով մը։ Ծաղկազարդի օրը, ասինքն Զատիկէն մէկ կիրակի առաջ, արդէն ընտանիքները փոխադրուած կ՝ըլլան իրենց չարտախներուն մէջ [37]։

Ծաղկազարդին, հաւատացեալները եկեղեցիէն կը վերադառնան իրենց հետ բերելով փշատիի կամ ուռենիի ճիւղեր, զորս կը պահեն տան մէջ՝ օձի ու կարիճի դէմ իբրեւ պահապան [38]։

Ծաղկազարդի առաւօտը Բալուի գիւղերուն մէջ սովորութիւն է որ պատանիներ իրենց ձեռքերնուն ունենան կարմիր ներկուած ուռենիէ կամ բարտիէ մէյ մէկ բիրեր, որոնց, ըստ Սարգիսեանի, կը տրուի սրսէ չպուխ անուանումը։ Մելիքեան իր կարգին կը յիշատակէ այս խաղը, այն տարբերութեամբ որ այս փայտերուն կու տայ տաճկենակ անունը եւ կ՝աւելցնէ որ խաղը տեղի կ՝ունենայ Աւագ Շաբաթ օրը։ Ուրեմն, փողոցներուն մէջ կամ տանիքներուն վրայ ծայր կ՝առնէ բիրերու այս խաղը։ Մէկը իր սրսէ չպուխը շեղակի կը կռնթնեցնէ պատին, իսկ միւսը իր բիրով մէկ զօրաւոր հարուածով կը փորձէ կտրել զայն։ Այսպէս փոխն ի փոխ կը շարունակուի, մինչեւ որ անոնցմէ մէկուն բիրը կտրի ու պարտուած հռչակուի։ Ամէնէն վերջը բոլոր կտրուած բիրերը կը հաւաքեն ու մեծ խարոյկ մը կը վարեն [39]։

Ծաղկազարդի իրիկուայ ճաշը կ՝ըլլայ թանապուրը, որ կը պատրաստուի թանով, ծեծուած ցորենով եւ դաղձով։ Ասոր կողքին սեղանին վրայ անպայման կ՝ըլլայ նաեւ կարմիր ներկուած հաւկիթներ [40], իսկ Բալու քաղաքին մէջ ալ այս բոլորէն անբաժան կ՝ըլլայ նաեւ կարկանդակը [41]։ Աւագ Ուրբաթ օրը սովորութիւն է որ Բալու քաղաքի արհեստաւորներէն ոմանք – մանաւանդ ասոնց շարքին ոսկերիչները – աշխատին, նկատի ունենալով որ այդ օրը գործուած ապրանքները յատուկ յարգ մը կ՝ունենան [42]։

Բալու քաղաքին մէջ այլ սովորութիւն մըն է Խաւարման գիշերը (Աւագ Ուրբաթ)՝ եկեղեցիին մէջ հաւաքուած մարդոց զգեստները իրարու կապելը։ Այսպէս, հաւատացեալներէն ոմանք իրենց հետ բերած կ՝ըլլան ասեղ ու դերձան, կ՝ընտրեն թիրախ մը ու գաղտագողի անոր զգեստները կը կապեն իրարու [43]։ 

Յաջորդ օրը՝ Աւագ Շաբաթ, ծոմապահութիւնը վերջ կը գտնէ։ Բալուի մէջ ասիկա ուրախութեան ու ցնծութեան օր է։ Առաւօտ կանուխ կիները կը զբաղին տան մաքրութեամբ եւ հիւրասենեակը կարգի կի դնեն, որովհետեւ յաջորդ օրը՝ կիրակի, վերապահուած է հիւրեր ընդունելու եւ Զատիկը շնորհաւորելու։ Պատանիներ շաբաթ օրը իրենց ամէնէն գեղեցիկ եւ երբեմն ալ նաեւ նոր հագուստները հագուած կ՝ըլլան։ Բոլորն ալ կ՝ուղղուին եկեղեցի՝ հաղորդութիւն առնելու։ Ապա, անոնք կը հաւաքուին եկեղեցւոյ փակը, ուր տեղի կ՝ունենայ գոյնզգոյն հաւկիթներու մարտը։ Հաւկթախաղը վերապաուած էր այր մարդոց։ Չափահասները նոյնպէս իրենց լաւագոյն հագուստները հագուած՝ կ՝ուղղուին եկեղեցի։ Բալու քաղաքին մէջ երիտասարդ կիներն ու աղջիկները իրենց գլուխն ու երեսը ծածկած կ՝ըլլան բարակ մետաքսէ շղարշով մը, որ, ըստ Կռայեանի, այս մէկը զիրենք կը պաշտպանէ դրացի թուրքերու զննիչ նայուածքներէն։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, բալուցի հայերը կը վերադառնան իրենց տուները, խուլունճիկին վրայէն վար կ՝առնեն վերջին փետուրը, ապա տուներու տանիքներուն վրայ ծայր կը սկսին պարն ու խաղը։ Շաբաթ երեկոյ Խթում է։ Թէեւ պահքը վերջ գտած է, բայց բալուցիները զերծ կը մնան միս ուտելէ. Զատիկին նախորդող ճրագալոյցի այդ երեկոն կը համարուի նաւակատիք, այինքն պահքը լուծուած կը նկատուի, անասնական արտադրութիւններ կ՝ուտուին, բայց մարդիկ տակաւին զերծ կը մնան միս ուտելէ։ Խթման ընթրիքը ընդհանրապէս բաղկացած կ՝ըլլայ թանապուրէ, ձուկէ, խաշած հաւկիթէ եւ ձէթով պատրաստուած կերակուրներէ [44]։ 

Զատիկի կիրակին Բալուի եկեղեցիները յատուկ փայլ մը կ՝առնեն։ Հաւատացեալները դարձեալ իրենց ամէնէն վայելուչ զգեստներով առաւօտուն խուռներամ խմբուած կ՝ըլլան այստեղ։ Պատանիներ այդ օր եւս եկեղեցւոյ փակին մէջ հաւկթախաղ կ՝ընեն։ Ապա, մարդիկ կ՝ուղղուին իրենց տուները եւ կէսօրուայ ճաշէն ետք ծայր կ՝առնէ հիւրեր ընդունելու սովորութիւնը։ Այսպէս, ընտանիքներ տունէ տուն կ՝անցնին եւ այդ օրը մէկէ աւելի բարեկամներու եւ ազգականներու կարճատեւ այցելութեաններ կու տան [45]։

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ

Բալուի գիւղերուն մէջ սովորութիւն է որ Համբարձման օրը, որ կը համապատասխանէ հինգշաբթիի մը, երկսեռ բազմութիւնը առաւօտեան իսկ հաւաքուի բնակավայրին մօտակայ ընդարձակ տեղ մը, ուր ծայր կ՝առնէ նաեւ տօնական այս օրուան յատուկ ուրախութիւններն ու խաղերը։

Հաւաւ գիւղին մէջ Համբարձման շաբթուան կիրակին յատուկ նշանակութիւն մը կ՝առնէ։ Գիւղին մէջ պատարագ տեղի չունենար, այլ բոլոր հաւատացեալները կ՝ուղղուին մօտակայ Քաղցրահայեաց Ս. Աստուածածին վանքը. այս յատուկ օրը այստեղ կու գան նաեւ ամբողջ Բալուի տարածքէն հայեր։ Կէսօրուայ մօտ բոլոր այս հաւատացեալները կը խմբուին վանքին շրջակայ անտառին մէջ, ուր իւրաքանչիւր խումբ կը պատրաստէ օրուան ճաշը, որ ընդհանրապէս կ՝ըլլայ պուլղուրի եղինձ (փիլաւ) [46]։

Այս տօնը տեղի կ՝ունենայ գարնան վերջաւորութեան։ Անոր կը տրուի նաեւ Վիճակի օր անունանումը եւ այս պարագան աւելի շատ կը վերաբերի դեռատի աղջիկներուն։ Այսպէս, Համբարձման հինգշաբթիէն մէկ օր առաջ գիւղէն եօթ անչափահաս աղջիկներ (ընդհանրապէս 13-14 տարեկան) կուժեր բռնած կ՝երթան եօթ տարբեր աղբիւրներէ ջուր կը լեցնեն եւ այս կուժերուն մէջ կը դնեն եօթ տարբեր ծաղիկներու փունջեր։ Անմիջապէս կու գան եկեղեցի, ուր կ՝օրհնուին իրենց հետ բերած ջուրն ու ծաղիկները։ Ապա կը սկսին զանոնք բաժնել գիւղի տուներուն, ուր մարդիկ ջուրը կը լեցնեն խնոցիին մէջ՝ հարուելիք մածունին հետ միասին, որպէսզի իրենց կաթն ու իւղը անսպառ ըլլան։ Իսկ ծաղիկները կը կերցնեն կաթնտու անասուններուն եւ լծկան եզերուն՝ անոնցմէ յաւելեալ պարարտութիւն յուսալով [47]։ Յաջորդ առտու կանուխ, այսինքն Համբարձման հինգշաբթին, նոյն եօթ աղջիկները, իրենց հետ նաեւ հինգ ուրիշ աղջիկներ, կը հաւաքուին սենեակի մը մէջ ու կը սկսին վիճակ ձգել՝ ճշդելու համար թէ իրենցմէ ամէն մէկը ինչ դերեր պիտի ստանձնէ նոյն օրը կատարուելիք խաղին մէջ։ Դերերը հետեւեալներն են. հարս, հարսի հետ պարող, տափ զարնող, երգող, նուէրներ հաւաքող։ Ասկէ ետք խումբը ներկայ կ՝ըլլայ եկեղեցական արարողութեան ու յետոյ այս 12 աղջիկները կ՝այցելեն զանազան տուներ, ուր կը պարեն, կ՝երգեն Համբարձումի այս տօնին յատուկ երգեր, իսկ տնեցիներն ալ իրենց կը բաժնեն նուէրներ, ինչպէս իւղ, հաւկիթ, աղ, պլղուր, եւալյն։ Աղջիկները իրենց նուէրներով բեռնաւորուած կը վերադառնան իրենց սենեակը եւ հոն կը պատրաստեն կէսօրուան ճաշը, որուն կը հրաւիրեն քահանան, տիրացուները ու գիւղին չքաւորները։ Մնացեալ նուէրները նոյնպէս կը բաշխուին աղքատ ընտանիքներուն [48]։

Մեսրոպ Կռայեան դիտել կու տայ որ Բալու քաղաքին Համբարձման տօնակատարութիւնը գիւղերէն քիչ մը կը տարբերի։ Այսպէս, առաւօտեայ եկեղեցական արարողութենէն ետք, երիտասարդներ կ՝ուղղուին այգիները, գետեզերքը կամ տուներուն տանիքները, ուր ծայր կ՝առնէ խրախճանքը։ Աւելի տարեցներ իրարու տուներ այցելութեան կ՝երթան։ Բոլոր պարագաներուն ալ գինին եւ օղին առատ կը հոսի տօնական այս օրը։ Բալու քաղաքին մէջ կը գործէ նաեւ «վիճակի» այլ տարբերակ մը։ Այս անգամ եօթ պարմանուհիները իրենց բերած եօթ տարբեր աղբիւրներու ջուրն ու եօթ տարբեր ծաղիկները կը լեցնեն լայն բերանով սափորի մը մէջ ու կը հաւաքուին իրենցմէ մէկուն տունը։ Կը զուարճանան, կ՝երգեն, կը ճաշեն, ապա աւելի փոքրիկ աղջկայ մը կը թելադրեն իրենց համար վիճակ քաշել։ Սափորին մէջ պարմանուհիները արդէն նետած կ՝ըլլան իրենց պատկանող անձնական մէկական իրեր, ինչպէս օղ, մատանի, փոքր բանալի, կոճակ, եւայլն։ Կը սկսին միասնաբար երգել «Վիճակի երգ»էն կամ ասոր նման այլ երգերէ տուն մը, որ իր մէջ կը բովանդակէ լուր մը, գուշակութիւն՝ չար կամ բարի։ Աղջնակը կը քաշէ վիճակը։ Զատուած իրին տիրոջ կը վերաբերի նաեւ երգուած տունին գուշակութիւնը [49]։

[1] Մանանայի տեսակ մը, որ թափուած կ՝ըլլայ անտառի ծառերուն տերեւներուն վրայ։ Մեղրէն աւելի քաղցր կ՝ըլլայ։
[2] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 13-14։
[3] Նոյն, էջ 14։
[4] Տիգրան Ս. Փափազեան, Պատմութիւն Բալու Հաւաւ գիւղի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1960, էջ 114։
[5] Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 320։
[6] Նոյն, էջ 324։
[7] Սարգիսեան, op. cit., էջ 14-15։
[8] Փափազեան, op. cit., էջ 115։
[9] Կռայեան, op. cit., էջ 321։
[10] Սարգիսեան, op. cit., էջ 16։
[11] Նոյն, էջ 17։
[12] Փափազեան, op. cit., էջ 117։
[13] Բարունակ Թոփալեան, Հայրենի գիւղս Օխու, տպ. Հայրենիք, Պոսթըն, 1943, էջ 37։
[14] Կռայեան, op. cit., էջ 372։
[15] Թոփալեան, op. cit., էջ 37։
[16] Սարգիսեան, op. cit., էջ 18-19։
[17] Նոյն, էջ 19-20։
[18] Փափազեան, op. cit., էջ 118։
[19] Կռայեան, op. cit., 331-332։
[20] Սարգիսեան, op. cit., 438-439։ Թոփալեան, op. cit., էջ 38-39։
[21] Նոյն, էջ 38-40։
[22] Պօղոս Մելիքեան, Հայրենի շունչով, տպ. Համազգային, Պէյրութ, 1969, էջ 279։
[23] Կռայեան, op. cit., էջ 342։
[24] Սարգիսեան, op. cit., էջ 20-21։
[25] Փափազեան, op. cit., էջ 120։
[26] Սարգիսեան, op. cit., էջ 22-23։
[27] Փափազեան, op. cit., էջ 120։
[28] Սարգիսեան, op. cit., էջ 24-25։
[29] Նոյն, էջ 25-26։
[30] Նոյն, էջ 26-28։
[31] Նոյն, էջ 28-29։
[32] Նոյն, էջ 30-31։
[33] Փափազեան, op. cit., էջ 122։
[34] Սարգիսեան, op. cit., էջ 32։
[35] Կռայեան, op. cit., էջ 349։
[36] Սարգիսեան, op. cit., էջ 33։ Կռայեան, op. cit., էջ 345։
[37] Սարգիսեան, op. cit., էջ 37-38։
[38] Կռայեան, op. cit., էջ 349։
[39] Սարգիսեան, op. cit., էջ 38։ Մելիքեան, op. cit., էջ 280։
[40] Սարգիսեան, op. cit., էջ 38
[41] Կռայեան, op. cit., էջ 351։
[42] Նոյն, էջ 351
[43] Նոյն։
[44] Նոյն, էջ 352-353։ Մելիքեան, op. cit., էջ 279։
[45] Կռայեան, op. cit., էջ 354-355։
[46] Փափազեան, op. cit., էջ 127-128։
[47] Սարգիսեան, op. cit., էջ 39։
[48] Նոյն, էջ 40-42։
[49] Կռայեան, op. cit., էջ 359-36։