Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Միջ-էթնիքական յարաբերութիւններ

Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Արզուն Մահտեսեան-Խոտիկեան, Պետրոս Մահտեսեան։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Սահակ Մահտեսեան (ոտքի), Մանուկ Մահտեսեան (ոտքի), Պօղոս Մահտեսեան (նստած), Մեսրոպ Մահտեսեան (ոտքի), Խաչատուր Աւետիսեան (նստած), Աւետիս Աւետիսեան (ոտքի), 1905 թուականին (աղբիւր՝ Պատմութիւն Պաղնատան, op. cit., էջ 7)

Բալու գաւառակին բնակչութեան մեծամասնութիւնը քիւրտեր են։ Եթէ այստեղ կան աւելի քան 300 գիւղեր, անոնցմէ միայն մօտ 40ը հայաբնակ է, իսկ մնացեալը բացարձակ մեծամասնութեամբ՝ քրտաբնակ։ Թուրքերը կ՝ապրին Բալու քաղաքին, ինչպէս նաեւ անոր մօտակայ Սէյտիլար եւ ուրիշ քանի մը այլ գիւղերու մէջ։ Այնպէս որ երբ կը քննենք գաւառին մէջ գոյութիւն ունեցող միջ-էթնիքական յարաբերութիւնները, այստեղ աւելի շատ նկատի պէտք է առնել հայ-թրքական յարաբերութիւնները՝ քաղաքին պարագային, հայ-քրտական յարաբերութիւնները՝ գիւղերուն պարագային։

Հայերը եւ թուրքերը Բալու քաղաքին մէջ

Բալու քաղաքի թրքական երեք թաղամասերը եւ հայկական չորս թաղամասերը (19րդ դարու վերջաւորութեան կը մնայ միայն երկու հայկական թաղամաս) իրարմէ անջատ են։ Թուրքերը իրենց թիւով հայերուն աւելի քան կրկինն են։

Հայկական վկայութիւնները այն տպաւորութիւնը կը թողեն, որ նոյն քաղաքին մէջ բնակող թրքական եւ հայկական համայնքներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ուրոյն զարգացումն ու կենցաղը։ Բայց այս չի նշանակեր որ փոխ-յարաբերութիւններ եւ փոխ-ներգործութիւններ գոյութիւն չունին այստեղ։ Այսպիսի կապեր փնտռելու համար պէտք է քննել քաղաքային յատուկ վայրերու կեանքը, որուն ամէնէն յատկանշական օրինակը կը կարծենք որ շուկան է։ Համակեցութիւնը որքան ալ խաղաղ եղած է այս երկու խումբերուն միջեւ, փաստը այն է որ փոխադարձ կասկածանքներ, նախապաշարումներ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են անոնց միջեւ եւ կարծէք անոնք ընդհանուր ձեւ մը տուած են երկու այս ժողովուրդներուն դարաւոր կապին։

Առնենք օրինակ բաղնիքին օրինակը։ Քաղաքը ունի իր քարաշէն բաղնիքը, որ կը գտնուի թրքական վարի թաղին մէջ։ Հայերը թուրքերուն պէս ազատ մուտք ունին հանրային այս վայրէն ներս։ Բայց հետաքրքրականը հոն է որ շաբթուան մէջ յատուկ օրեր ճշդուած են, որոնցմէ ոմանք յատկացուած են թուրքերուն իսկ միւսներն ալ՝ հայերուն։ Այլ խօսքով բաղնիքը ընդհանրապէս չի հանդիսանար այս երկու խումբերուն անդամները ուղղակի իրարու մօտ բերելու վայրը[1]։

Նոյնպէս հետաքրքրական է երկու համայնքներուն անդամներուն կողմէ կրօնատեղիներուն փոխադարձ գործածութեան պարագան։ Հայկական վկայութիւններուն մէջ յստակօրէն կը շեշտուի այն կէտը, որ հայեր վախով կ՝անցնին թուրքերուն մզկիթին առջեւէն։ Յայտնի է որ ցանկութիւնն ու հետաքրքրասիրութիւնը մեծ է մզկիթին ներքնամասը տեսնելու կամ նոյնիսկ ներս մտնելու, բայց եւ այնպէս կը պակսի համարձակութիւնը։ Թուրքերուն մօտեցումը հայկական սրբավայրերուն նկատմամբ բոլորովին այլ է։ Անոնք յաճախ կ՝այցելեն հայկական ուխտատեղիները, ուխտ ըրած կը մտնեն քաղաքին հայկական եկեղեցիները կամ հայ քահանային աղօթք ընել կու տան իրենց ընտանիքի անդամ մէկ հիւանդին համար[2]։

Մեսրոպ Կռայեան, որ Բալուի մասին իր գիրքը յաճախ ճոխացուցած է իր պատանեկան եւ երիտասարդական անձնական յուշերով, կը պատմէ զանազան դրուագներ, ուր երեւան կու գան հայերուն մօտ տեղ գտած վախի զգացումը դրացի թուրքէն։ Այսպէս օրինակ, ան կը պատմէ թէ ինչպէս ան յաճախ դպրոցական իր ընկերներուն հետ հայկական թաղամասէն վեր կը բարձրանար՝ մինչեւ Ս. Մարսուպա լերան գագաթը։ Այստեղ անոնք կը քննէին բերդին աւերակները, անոր բազմազան ծերպերը։ Գիտենք որ բերդին ամէնէն հետաքրքրական բաժինները կը գտնուին լերան միւս կողմը, այսինքն հիւսիսային հատուածին մէջ։ Այստեղ է բերդին մուտքը, ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւնը կամ գետնափոր այն ճամբան, որ ըստ աւանդութեան կ՝առաջնորդէ Մեսրոպ Մաշտոցի ճգնարանը, ինչպէս նաեւ այլ քարայր մը, որ կը կարծուի թէ մինչեւ Արածանիի ափին՝ Քնթիկա Քարին քովը, փորուած գետնուղի մըն է։ Բայց պատանի Մեսրոպ Կռայեան իր ընկերներուն հետ չէր համարձակեր այս կողմերը պտտելէ, նկատի ունենանլով որ բերդին այս վայրերուն մէջ անոնք տեսանելի պիտի ըլլային աւելի վար գտնուող թրքական Զովիա թաղին բնակիչներէն, մանաւանդ իրենց հասակակիցներէն[3]։ Ուշագրաւ է որ նոյն հեղինակը կը նշէ թէ միայն 1908ին հռչակուած Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, ճշգրտօրէն 1914ին, ան իր շրջանաւարտ դասընկերներուն եւ իրենց ուսուցիչին հետ կը բարձրանայ լերան այս կողմը եւ առիթը կ՝ունենայ ի վերջոյ այցելելու հնագիտական-առասպելական այս վայրերը[4]:

Կ՝ենթադրենք որ քաղաքին եւ գիւղերուն պարագային այս երեք տարբեր խումբերը՝ քիւրտեր, հայեր եւ թուրքեր, իրար մօտ բերելու եւ անոնց միջեւ ընկերային յարաբերութիւններ ստեղծելու լաւագոյն վայրը կը հանդիսանայ քաղաքին շուկան։ Բալուցի չափահաս տղամարդիկը բոլորն ալ իրենց առեւտուրին կամ արհեստին բերումով առնչուած են շուկային։ Անչափահաս տղաքն ալ յաճախ կ՝օգնեն իրենց հօր կամ դպրոցական ժամերէն դուրս՝ այս կամ այն արհեստաւորին մօտ աշկերտներ են։ Վստահաբար շուկային հետ այս տեւական կապուածութիւնն է եւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող շուկայական ուժականութիւնը, որոնք պատճառ եղած են որ բալուցի հայ տղամարդը տիրապետէր թրքերէն եւ քրտերէն (զանազան իր բարբառներով) խօսակցական լեզուներուն:

Հայերը եւ քիւրտերը գիւղերուն մէջ

Այստեղ զանց պիտի առնենք հայ գիւղացիին յարաբերութիւնը քիւրտ պէյին կամ աղային հետ եւ պիտի կեդրոնանանք քիւրտ շինական-հայ շինական հորիզոնական կապերուն վրայ։ Այս վերջինները կարելի է առաջին հերթին բաժնել երկու տարբեր խումբերու.

ա) զուտ հայկական գիւղեր եւ դրացի քիւրտեր

բ) հայեւքիւրտ խառն բնակչութեամբ գիւղեր

ա) Առաջին խումբին պարագային նկատելի է որ փոխադարձ-կապերու յառաջացման ամէնէն հարուստ միջոցը դարձեալ առեւտուրն է։ Հայ եւ քիւրտ գիւղացիները իրենց ապրանքը յաճախ կը վաճառեն քաղաքին մէջ։ Բայց անոնք նաեւ հետեւողականօրէն իրարու միջեւ ալ առեւտուր կ՝ընեն։ Այսպէս օրինակ Բալուի լեռնային շրջաններուն մէջ բազմազան են ինքնաբուս բանջարեղէնները, որոնք ընդհանրապէս վայրի խոտեր կամ բոյսեր են եւ անոնցմէ ոմանք շատ փնտռուած են քաղաքային շուկային վրայ կամ գիւղերուն մէջ։ Ըլլալով ընդհանրապէս լեռնաբնակներ, քիւրտերը այս տեսակ վայրի բանջարեղէններ կը հաւաքեն եւ անոնց հետ առեւտուր կ՝ընեն հայկական գիւղերուն հետ։ Հայերը այս նիւթերուն փոխարէն քիւրտին կու տան արմտիք։ Յարութիւն քահանայ իր գրքին մէջ կը նշէ թէ քիւրտ շինականը կը նախընտրէ հայ գիւղին հետ առեւտուրը քան թէ քաղաքի շուկային մէջ իր ապրանքը վաճառելը։ Ասոր պատճառը այն է որ քիւրտ կամ հայ շինականները հետեւողականօրէն կը խաբուին Բալուի շուկային հայ եւ թուրք վաճառականներէն։ Փաստօրէն քաղաքացիներուն միջեւ ընդհանուր համերաշխութիւն մը եւ համագործակցութիւն մը կը ստեղծուի ամէն անգամ որ գիւղէն հասնող քիւրտին եւ հայուն հետ վաճառականութիւն ընեն։ Ընկերակցական այս վարուելակերպին նպատակը առեւտուրը ի նպաստ քաղաքացիին շահերուն կատարելն է[5]։ Պաղինի գիրքին մէջ հայեւքիւրտ շինականներու միջեւ այսպիսի հարուստ փոխ-յարաբերութեան մը օրինակը եւս կը գտնենք։ Այսպէս, Պաղինը, որ հայկական մեծ գիւղ մըն է, յայտնի է իր եաղճիութեամբ, այսինքն իւղի առեւտուրով։ Հայ շինականները այս գործը մասնագիտական մակարդակի հասցուցած են եւ անոնք անասնական իւղը բացի Բալու գաւառակէն, կը վաճառեն նաեւ շրջակայ տարածքներուն մէջ՝ Խարբերդ, Մեզրէ, Ուրֆա, Մարտին, Սեւերեկ, Տիարպեքիր եւ Մալաթիա։ Ինչ որ հետաքրքրական է, պաղնցիները իրենք իւղի արտադրութեամբ չեն զբաղուիր։ Այլ, անոնք այս նիւթը ձեռք կը բերեն դրացի կամ շրջակայ քիւրտ  եւ քիւրտ-զազա գիւղերէն։ Այս իմաստով, հայ եւ քիւրտ շինականներուն միջեւ տեղի կ՝ունենայ ապրանքափոխանակութիւն. իր պատրաստած իւղին փոխարէն քիւրտը պաղնցիէն ընդհանրապէ կ՝առնէ Պաղինի մասնագիտութիւն եղող քուլաներ (ուլպա), որոնք դոյլանման փայտէ ամաններ են։ Այս առեւտուրին մէջ դարձեալ քիւրտը կը նախընտրէ իր իւղը ուղղակի պաղնցիին վաճառել, քան թէ անձամբ երթալ հարեւան շուկաներ՝ մօտաւոր կամ հեռաւոր, ուր միշտ համոզուած է թէ տեղացի վաճառականներ զինք պիտի խաբեն [6]:

Հայկական գիւղերուն մէջ կատարուող բամպակահաւաքը (Հոկտեմբեր կամ Նոյեմբեր ամիսներուն) նոյնպէս առիթ մըն է որ բազմաթիւ լեռնական քիւրտեր ժամանեն հայկական գիւղեր եւ ապրանքափոխանակութեան ճամբով երկկողմանի յարաբերութիւններ ստեղծուին այս խումբերուն միջեւ։ Քիւրտերը իրենց հետ կը բերեն նուռ, խնձոր, ընկոյզ, տանձ, չամիչ, պաստեղ եւ ասոնք կը փոխանակեն բամպակի հետ։ Գիւղական յայտնի, հին ու աշխուժ շուկայ մըն է նաեւ Հաւաւը, ուր կու գան շրջակայ քիւրտեր, մանաւանդ անոնց շարքին Քիւրումի բնակիչները՝ այս ձեւով հայեւքիւրտ առեւտրական մնայուն կապ մը հաստատելով[7]։

Ուշագրաւ է նաեւ որ քիւրտը կամ աւելի ճիշդը քիւրտերու ստուար թիւ մը հայկական աղբիւրներուն մէջ կը յայտնուի իբրեւ գաւառակին ամէնէն ընչազուրկ խաւը։ Եթէ հայ գիւղացիին հիմնական սնունդը ցորենն է, անդին հայ հեղինակներ կը շեշտեն որ շատ մը քիւրտեր սնունդի համար կը գործածեն կըլկըլը, որ տեղական բարբառով արմտիքի մը անունն է։ Այս վերջինը կորեկի ընտանիքէն է, բայց անկէ աւելի՝ մեծ, ինչ որ ենթադրել կու տայ որ անիկա աւելի շատ կը նմանի եգիպտացորենին, որ հայերէնի մէջ կը կոչուի նաեւ Երուսաղէմի կորեկ։ Այս արմտիքը Բալուի հայերուն մօտ մարդկային սնունդներուն մէջ կարեւոր տեղ չի գրաւեր եւ աւելի շատ կը տրուի անասուններուն[8]։ Ասոր կողքին կը նշուին նաեւ հայերու արտերէն գողութեան մնայուն դէպքեր, որոնց հեղինակները նոյնպէս աղքատ քիւրտեր են։ Ասոնք չեն նմանիր գողութեան այլ դէպքերու, երբ քիւրտ պէյ մը կամ անոր հետեւորդները կրնան ասպատակել հայկական գիւղի մը վրայ եւ պարտադրել հայ գիւղացիին որ ձրիօրէն իրենց յանձնեն այս կամ այն հարստութիւնները։ Արդ, այստեղ աւելի շատ գործ ունինք գողութեան այնպիսի դէպքերու, որոնց գլխաւոր դրդապատճառը քիւրտերու աղքատութիւնն ու ընչազրկութիւնն է։ Այսպիսի քիւրտեր են, որոնք յաճախակիօրէն որթատունկի գողութիւններ կ՝ընեն հայերու այգիներէն։ Անոնք հայ պահակներու կողմէ յաճախ կը բռնուին, կը ծեծուին, կը պատահին նաեւ գողերու սպանութեան դէպքեր։ Նոյն այս աղքատ քիւրտերն են, որոնք հայկական գիւղերու բամպակաքաղէն ետք կու գան այս վայրերը ու բամպակ կը մուրան հայ շինականէն [9]:

բ) Քիւրտ-հայ այսպիսի խառն բնակչութիւն պարունակող գիւղերուն մասին յուշամատեաններ գրողները ընդհանրապէս նոյն վայրին մէջ ծնած հայեր են։ Անոնց մօտ յաճախ կը կրկնուի այս տեսակէտը, թէ իրենց գիւղին քիւրտերը նախկին հայեր են, որոնք պայմաններու բերումով իսլամացած ու քրտացած են։ Խորքին մէջ քիւրտերու հայկական ծագումին մասին այսպիտի ակնարկութիւններ տեղ գտած են նաեւ Բալուի վերաբերող գրեթէ բոլոր յուշամատեաններուն մէջ։ Հայ հեղինակներուն մօտ ասիկա վերածուած է թոփոսի մը, որ կը կրկնուի ամէն անգամ որ գրուի այս գաւառակի քիւրտերուն ծագումին մասին։ Պէտք է ըսել որ անոնց տուած բացատրութիւնները երբեմն շատ ընդհանուր են կամ հիմնուած են անբաւարար փաստերու վրայ։ Յաճախ կը կրկնուի օրինակ այն միտքը թէ հայերը կրօնափոխ եղած են արշաւանքներու եւ ջարդերու իբրեւ հետեւանք։ Կը յիշատակուին նաեւ քրտական գիւղերու անունները, որոնք յաճախ հայկական նշանակութիւններ ունին. ինչ որ նոյն հեղինակները կը մղէ հաստատելու, որ սոյն գիւղերուն քիւրտ բնակիչները կա՛մ նախկին հայեր են, կա՛մ անոնք պարզապէս կը բնակին նախապէս հայկական գիւղերու մէջ։ Նոյն այս շարքին մէջ կը նշուին շրջանի քիւրտերուն մնայուն ներկայութիւնը հայկական ուխտատեղիներուն մէջ կամ կը յիշուի թէ ինչպէս իրենց տուներուն մէջ քիւրտերը հացը կը խաչակնքեն[10]։

Օխուի մէջ, որ խառն բնակութիւն ունեցող գիւղ մըն է, դրացի քիւրտերուն հայկական ծագումին մասին կան աւելի վաւերական փաստեր։ Բարունակ Թոփալեան կը վկայէ թէ գիւղի հայ պատանիները սովորութիւն ունին իրենց համագիւղացի քիւրտերէն ոմանց արհամարհական ձեւով կոչելու «կէս-կէս»։ Այս կը նշանակէ, որ գիւղին հայերուն համար դրացի քիւրտերուն մէկ մասը նախկին ազգակիցներ են։ Օխուի մէջ քիւրտ եւ հայ խումբերուն միջեւ յարաբերութիւնը ընդհանրապէս սիրալիր է։ Երբ հայ մը այցելութեան կ՝երթայ դրացի քիւրտին, հիւրը անմիջապէս կը հրաւիրուի նստիլ տան օճախին մօտ, որ ամէնէն նուիրական տեղն է։ Ասկէ զատ, իրենց արու զաւակներուն թլփատման արարողութեան ժամանակ, յաճախ կը պատահի որ ծնողները երեխան նստեցնեն դրացի հայու մը գիրկը։ Այս արդէն ընտանեկան կապերը ամրապնդող կարեւոր խորհրդանիշ մըն է[11]։

Կարեւոր է գիտնալ նաեւ, որ հայեւքիւրտ խառն բնակութեամբ գիւղերուն մէջ էթնիքական երկու այս խումբերը կ՝ապրին իրարմէ անջատ թաղամասերու մէջ։

1895-1896 թուականներու հակահայ ջարդերը եւ Բալուի գաւառակը in 1895-1896

Այս դէպքերուն տեղական պատմութիւնը կը կարծենք որ շատ բան կը ցոլացնէ հայ-թուրք եւ հայ-քիւրտ բազմաբնոյթ յարաբերութիւններուն մասին։ Այսպիսի աղետային եւ զանգուածային բռնութեան պահերու պարզ է որ կայ զոհ մը, որ կը հանդիսանայ անպաշտպան ու խոցելի մնացած կողմը։ Բալուի պարագային զոհի դիրքին մէջ գտնուողները եթէ հայերն են, անդին միւս երկու էթնիքական խումբերուն՝ թուրքերուն եւ քիւրտերուն, որդեգրած դիրքը բռնութեան այս ժամանակաշրջանին երբեք ալ միատարր չէ եղած եւ այնտեղ երեւան կու գան զանազան երանգներ, որոնց առանձին կ՝արժէ անդրադառնալ։ Խորքին մէջ պատմական այս դէպքերը լաւապէս հասկնալու համար անհրաժեշտութիւն է սերտել Բալու գաւառակի ընկերային-տնտեսական կառուցուածքը։ Այստեղ մանաւանդ կարեւոր է կանգ առնել տարածքին գլխաւոր իշխանաւորներուն՝ քիւրտ պէյերուն ու աղաներուն բռնած դիրքին վրայ։ Այս կէտին մէջ հակասութիւնները ակնյայտ են։ Փաստօրէն մէկ կողմէ կը տեսնենք անոնց ենթակայ ցեղախումբերուն ուղղակի մասնակցութիւնը այս կոտորածներուն, իսկ միւս կողմէ անոնք պաշտպանի դիրք կ՝որդեգրեն իրենց ազդեցութեան տակ գտնուող հայ գիւղերուն նկատմամբ[12]։ Պարզ է որ ճորտային շահագրգռութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են այս հարցին մէջ։ Քիւրտ պէյեր ու աղաներ երբեք ալ պիտի չփափաքէին զրկուիլ իրենց փաստացի տիրապետութեան տակ գտնուող աշխատող ու արհեստաւոր կարեւորագոյն ուժէ մը, հարստութենէ մը, որն այս պարագային հայ գիւղացիներն են։ Բայց միեւնոյն քիւրտ աղան կամ պէյը կրնայ անողոքաբար յարձակիլ իր ազդեցութենէն դուրս գտնուող, հակառակորդ քիւրտ իշխանաւորի մը ազդեցութեան տակ գտնուող հայկական գեւղերուն վրայ, կոտորել բնակչութիւնը ու թալանել հարստութիւնները։

Նոյնքան կարեւոր է վեր առնել բռնութեան այս օրերուն Բալու գաւառակի օսմանեան իշխանութիւններուն բռնած դիրքը։ Ճիշդ է որ անոնք միշտ ալ թոյլ ներկայութիւն մը եղած են պէյերու ու աղաներու գերակշիռ իշխանութեամբ յատկանշուած այս գաւառակին մէջ։ Բայց եւ անյպէս, օսմանեան իշխանութիւնները միշտ ալ կարեւոր մասնիկը եղած են ընկերային հաւասարակշռութեան մը, որ ձեւով մը գրաւականը եղած է այս տարածքէն ներս յարաբերական անդորրութեան մը գոյութեան կամ աւելի ճիշդը՝ զանգուածային բռնութեան բացակայութեան։ Հարստահարութիւնները, աշխատանքի շահագործումը, ճորտատիրական դրութիւնը երեւոյթներ են, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են Բալու գաւառակին մէջ։ Այս բոլորին դիմաց յստակօրէն կը զգացուի տեղական իշխանութիւններուն միջամտելու անզօրութիւնը, ինչ որ անոնց նաեւ անտարբերութեան մղած է իրերու այս դրութեան առջեւ։ Այսուամենայնիւ իշխանութիւնները պահպանած են երեւութական չէզոքութիւն մը, հանդիսացած են այն կողմը, որ արգիլած է դրութեան աւելի սատկացումը կամ յարաբերական կայունութեան փլուզումը։ Կարծէք քիւրտ պէյերը կամ աղաները լաւապէս գիտեն իրենց իշխանութեան ու սանձարձակութիւններու սահմանները։ Իսկ երբ կը փորձեն զանց առնել այս գիծերը, այն ժամանակ գիտեն որ իրենց դէմ կրնայ ելլել մրցակից քիւրտ իշխանաւորը կամ տեղական իշխանութիւնները։

Ահաւասիկ այս հաւասարակշռութիւնն է որ կը խախտուի 1895ին։ Տեղական իշխանութիւնները քիւրտ աղային ու պէյին բացայայտ կը դարձնեն որ մինչեւ այդ տիրող կարգը փոխուած է եւ թէ կարելի է զանց առնել նախապէս ճշդուած սահմանագծումները։ Համակարգին խախտումը ժամանակաւոր կ՝ըլլայ, բայց անիկա բաւարար է որ քանի մը օրուան մէջ Բալու քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ քանի մը հազար հայեր զոհուին, տուներ հրկիզուին ու կողոպտուին։ Աւելի՛ն, կը կարծենք որ 1895-1896ի ջարդերը գաւառակին ամբողջ ընկերային միջավայրն է որ կը շրջեն, արմատական փոփոխութիւններ կը յառաջանան այնտեղ մանաւանդ հայեւքիւրտ յարաբերութիւններու մարզէն ներս։ Հայկական աղբիւրները կը նշեն, որ այս թուականէն ետք քիւրտ պէյերու դիրքը աւելի եւս կը հզօրանայ, նոյնպէս նաեւ կը բազմանան անոնց կողմէ կատարուած բռնութիւնները, կ՝աւելնան հայկական գիւղերուն մէջ գողութեան դէպքերը։ Ասոր դիմաց հայ տարրը այսուհետեւ նուազ հաւատք կ՝ընծայէ տեղական իշխանութիւններուն չէզոքութեան վրայ, կը դառնայ աւելի ինքնամփոփ ու կարգ մը գիւղերու մէջ կը սկսին ստեղծուիլ քիւրտերու գողութիւններուն դէմ ինքնապաշտպանութեան խումբեր։

  • [1] Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 40։
  • [2] Նոյն, էջ 42։
  • [3] Նոյն, էջ 100։
  • [4] Նոյն, էջ 101։
  • [5] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 180-182։
  • [6] Պատմութիւն Պաղնատան, հրատ. Պաղին գիւղի վերաշինաց ուսումնասիրաց միութեան, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1966, էջ 107-110։
  • [7] Տիգրան Ս. Փափազեան, Պատմութիւն Բալու Հաւաւ գիւղի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1960, էջ 67։
  • [8] Սարգիսեան, op. cit., էջ 451։
  • [9] Նոյն, էջ 46։
  • [10] Պատմութիւն Պաղնատան, op. cit., էջ 17։
  • [11] Բարունակ Թոփալեան, Հայրենի գիւղս Օխու, տպ. Հայրենիք, Պոսթըն, 1943, էջ 20-21։
  • [12] Կռայեան, op. cit., էջ 468։