Արաբկիրի քազան (Մամուրէթիւլ-Ազիզի սանճաքին մէջ) իր հայաբնակ քաղաքներներով ու գիւղերով, 20-րդ դարու սկիզբին

Արաբկիր

Յուշամատեանին նոր մարտահրաւէրն է Արաբկիրի հայկական կեանքին ու պատմութեան վերականգնումը՝ յօդուածներու, լուսանկարներու, ձայնագրեալ երգերու, յիշողութեան առարկաներու, քարտէսներու, յուշագրութիւններու ճամբով եւ զանազան այլ միջոցներով։

Արաբկիրի եւ շրջակայ հայաբնակ գիւղերու ժառանգութիւնը կը յատկանշուի բազմապիսի երեսներով։ Անոր մէջ իւրայատուկ տեղ ունին երկրագործութիւնը, դպրոցական եւ մշակութային կեանքը, երգարուեստը, տեղական ճոխ պատմութիւնը, արհեստները, կրօնական դարաւոր տօներն ու աւանդութիւնները, բանահիւսութիւնը, պանդխտութիւնը, տեղական լեզուն։ Այս բոլորին նկարագրութեան ճամբով վստահաբար պիտի գտնենք բազմաթիւ նմանութիւններ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայկական այլ բնակավայրերու հետ։ Բայց եւ այնպէս Արաբկիրն ու շրջակայ գիւղերը ունին նաեւ իրենց իւրայատկութիւնները, որոնք ծնունդն են տեղական միջավայրին եւ այնտեղ տիրող աշխարհագրական, ընկերային, ժողովրդագրական եւ մշակութային պայմաններուն։ Այսպիսի տարբերութիւններն են, որրոնք աւելի հետաքրքրական կը դարձնեն Արաբկիրի շրջանի հայկական կեանքի ուսումնասիրութիւնը։ Այս ճամբով է որ մեր առջեւ կը պարզուի հայկական բազմատարր ժառանգութիւն մը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին։

Արաբկիրի ուսումնասիրութեան ձեռնարկելով դէմ յանդիման կը գտնուինք նաեւ սկզբնաղբիւրներ գտնելու դժուարութեան առջեւ։ Այս երեւոյթը համատարած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայկական որեւէ այլ բնակավայրի հետազօտման պարագային։ Գիրքեր, մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներ, հին լուսանկարներ, անտիպ յուշեր, նամակներ, ասոնք բոլորը կրնան նոր լոյս սփռել Արաբկիրի հայկական կեանքին վրայ եւ նպաստել զայն վերականգնելու մեր ձեռնարկած աշխատանքին։ Այնպէս որ այս առիթով համագործակցութեան կոչ կ՚ուղղենք մեր բարեկամներուն իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող այսպիսի նիւթերու պատճէններ մեզի ուղարկելու։