«Կը փնտռուի». յետ-Ցեղասպանութեան տարիներուն արաբկիրցիներ կը փնտռեն իրենց վերապրող հարազատները։ Սոյն ծանուցումները լոյս տեսած են հայկական մամուլին մէջ։

Ժողովրդագրութիւն - Արաբկիրի վերապրողներու անուանացանկը

Հեղինակ՝ Թոտ Շաֆրեն (Բարիկեան), 11/05/2020 (վերջին փոփոխութիւն՝ 11/05/2020)

Մուտրոսի զինադադարը, որ կը կնքուի հոկտեմբեր 1918-ի վերջաւորութեան, վերջ դրաւ Օսմանեան կայսրութեան Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակցութեան։ Պատերազմի ժամանակներու կառավարութիւնը կը տապալի եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր դահիճները փախուստ կու տան կայսրութենէն։ Դաշնակից ուժերու ճնշումին տակ, թրքական նոր կառավարութիւնը արտօնութիւն կու տայ հայ վերապրողներուն վերադառնալու իրենց հայրենի քաղաքներն ու գիւղերը։

Դաշնակից ուժերը կը տիրէին Պոլիսին, Կիլիկիոյ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ, բայց անոնք ուղղակի ազդեցութիւն չունէին Թուրքիոյ ներքին գաւառներու կացութեան վրայ։ Հայ վերապրողները իրենք զիրենք գտան այս անորոշ վիճակին մէջ, երբ անդին իրենց քաղաքներն եւ գիւղերը ամայացած էին։ Միքայէլ Միքայէլեանը՝ Արաբկիրէն երիտասարդ մը, Ցեղասպանութեան մասին իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս իշխանութիւնները կը համախմբեն վերադառնալ փափաքող հայերը – այս պարագային Ուրֆայի մէջ -, 1918-1919 ձմռան։ Ան կը մեկնի առաջին խումբին հետ, որ կը բաղկանար 50 հոգիէ՝ թուրք երեք ոստիկաններու ուղեկցութեամբ, եւ ճամբայ կ՚իյնան հետեւին Ուրֆա-Ատիյաման-Մալաթիա-Խարբերդ/Մեզիրէ ճանապարհով։ [1]

Այդ ժամանակներուն, American Committee for Relief in the Near East կազմակերպութիւնը - որ հետագային պիտի կոչուէր Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէ (Near East Relief) -, հսկայական աշխատանք կը տանէր հայ եւ ոչ-հայ աղետեալներու օգնութեան ի խնդիր։ Նպաստի առաջին նաւը Ամերիկայէն ճամբայ կ՚ելլէ 1919 յունուարի սկզբին եւ փետրուարի կէսերուն անձնակազմի շուրջ 250 անդամներ նոյնպէս կ՚ուղեւորուին։ [2] Նպաստի տարածքը բաժնուած էր զանազան մասերու. Խարբերդի մասնաճիւղը կ՚ընդգրկէր Մալաթիան եւ Արաբկիրը։ Այս վերջինը աշխարհագրականօրէն կը համարուէր Near East Reliefի աշխատանքներուն «ամէնէն ներքին կայանը»։ [3]

Հենրի Ռիկկզ (Henry Riggs)՝ Խարբերդի մասնաճիւղին պատասխանատուն էր։ Կարտինըր Մինզ (Gardiner Means) Արաբկիր կ՚այցելէ յուլիս 1919-ին։ Բայց նպաստի կարեւորագոյն աշխատանքները ծայր կ՚առնեն միայն սեպտեմբերին եւ նոյեմբերին, երբ հոս կը ժամանեն YMCA կազմակերպութեան անդամ Էլզի Թաննըր (Elsie Tanner), որ կը ստանձնէ որբանոցի պատասխանատւութիւնը, Հերպըրթ Քնափփ (Herbert Knapp), որ կը դառնայ Արաբկիրի կայանին տնօրէնը եւ Պէսսի Մըրտոք (Bessie Murdock), որ կը ստանձնէ դարմանատունը։

Ռիկկզ իր տրամադրութեան տակ ունէր Խարբերդի այս ամբողջ տարածքէն վերապրողներու ցանկեր. անոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 13 հազարի։ Գիտենք, որ սեպտեմբեր 1919-ին այս ցանկերը կը ղրկուին Ամերիկա, այն յոյսով որ անոնք լոյս պիտի տեսնեն հայկական թերթերուն մէջ եւ այս ձեւով «[NER-ի] պիւտճէէն մեծ բեռ մը պիտի իջնէր, երբ բաւարար չափով դրամական փոխանցումներ պիտի սկսէին կատարուիլ»։ [4] Այս նախաձեռնութիւնը իր սպասուած արդիւնքը կու տայ, նկատի ունենալով որ հայ անհատներու կողմէ Ամերիկայէն առաքուած գումարներուն յատկանշական տոկոսը հասցէագրուած էր Խարբերդի շրջան։ [5] Արդ, NER-ը կը հիմնէ դրամական անհատական փոխանցումներու առանձին բաժանմունք մը՝ այս առաքումներով զբաղելու եւ անոնց ճիշդ հասցէին յանձնումը ապահովելու համար։ Կարգ մը պարագաներու ամիսներ կը տեւէր հեռաւոր գիւղի մը մէջ վերապրող մը գտնելը։ 1919-ի վերջը մօտաւորապէս 92 հազար տոլար այս բաժանմունքին ճամբով հասած էր Խարբերդի միաւորին։ [6]

Ինչպէս նախատեսելի էր, Թուրքիայէն դուրս ապրող հայ ընտանիքի անդամներ անձկալից կ՚ուզէին իմանալ թէ վերապրող հարազատներ ունէին կամ ոչ։ Այս իմաստով ալ, Միացեալ Նահանգներու Արաբկիրի հայրենակցական միութիւնը, 1917-ին գումարած իր համագումարին ընթացքին որոշում կ՚առնէ ստեղծելու յատուկ մարմին մը՝ վերապրողներուն նպաստելու նպատակով։ Այս մարմինը կ՚անուանուի Արաբկիրի վերաշինութեան միութիւն. անիկա կը կազմակերպէ դրամահաւաք եւ կը կարգաւորէ նպաստի բաշխումը վերապրող աղետեալներուն եւ որբերուն։ [7]

Բացի ասկէ, Վերաշինութեան միութիւնը քարոզչական արշաւ կը մղէ աշխարհի տարածքին հայկական թերթերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ՝ խնդրելով վերապրողներէ, որ կապ պահեն Պոսթոնի իրենց կեդրոնին հետ։ Պարզ է որ վերապրողները կ՚ուզէին իմանալ իրենց հարազատներուն հասցէները, իսկ Պոսթոնի կեդրոնը այս իմաստով տեղեկութիւնները համակարգելու միջնորդի դերը կը սկսի խաղալ։

Ցեղասպանիւթենէն վերապրածի աւելի քան 2500 անուն հաշուող արաբկիրցներու ցանկը։ Ցանկը պատրաստուած է անգլերէն տառադարձութեամբ։ Սեղմել պատկերին վրայ Excell ֆայլը ներբեռնելու համար։

Ինչ որ աւելի կարեւոր է, Արաբկիրի Վերաշինութեան միութիւնը որոշում կ՚առնէ հրատարակելու Արաբկիր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու վերապրողներու ամբողջական ցանկը։ Այս նպատակով, անոնք քով քովի կը բերեն գոյութիւն ունեցող զանազան ցանկերը եւ կը հրատարակեն աւելի քան 2500 անուն հաշուող ցանկ մը, ուր նշուած է վերապրողին Արաբկիր քաղաքի որ փողոցէն ըլլալը, որ գիւղէն ըլլալը, որ որբանոցին մէջ գտնուիլը եւ ոմանց ալ Հալէպ գտնուիլը։

Near East Relief-ի Խարբերդի միաւորը ինքն է, որ 1919-ի ամռան վերջը հաւաքած է շատ մը վերապրողներու անուններ, նոյնիսկ կարելի է ըսել անոնց մեծ մասը։ Երիտասարդ Միքայէլեանը, որուն անունը աւելի վերը յիշուեցաւ, այդ ժամանակ կը մնար Մեզիրէ եւ իբրեւ թարգմանիչ/քարտուղար պաշտօնի կոչուած էր Ռիկկզի կողմէ։ [8] Հաւանական է, որ ինք եւ իր նման ուրիշներ ճամբորդած են Խարբերդի այս ամբողջ տարածքին՝ վերապրողներու անունները արձանագրելու համար։ Շատ տրամաբանական է նաեւ, որ Միքայէլեան այս նպատակով ալ գացած է Արաբկիր, նկատի ունենալով որ այդ քաղաքի ծնունդ էր։

Այս աշխատանքներուն արդիւնքը հանդիսացող գիրքը ունի նաեւ նախաբան մը, որ 3 Ապրիլ 1920 թուակիր է։ Այս կը նշանակէ որ 2020-ը Պոսթոնի այս հրատարակութեան 100 ամեակն է։ Անիկա կը վաճառուի 15 սէնթի։ Կարելի չեղաւ ամերիկեան գրադարաններու մէջ գիրքին բնագիրը գտնել։ Բայց 2000-ական թուականներուն, Երեւանի մէջ սահմանափակ տպաքանակով կը հրատարակուի նմանագիր մը, որմէ օրինակներ կարելի է գտնել Հայաստանի գրադարաններուն մէջ։

Հայկական մամուլին մէջ կարելի է գտնել զանազան անուանացանկեր, մանաւանդ որբերու վերաբերող, բայց այս գիրքը աննախընթաց է այն իմաստով որ գոյութիւն չունի աշխարհագրական յատուկ վայրի մը վերաբերող վերապրողներու ամբողջական ցանկ մը պատրաստելու նման փորձ։ Այս հրատարակութիւնը գրաւոր փաստ մըն է ո՛չ միայն վերապրողներուն, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք վերադարձան Արաբկիր կամ անոր շրջակայ գօտին, նոյնսիկ եթէ անիկա կարճատեւ եղաւ։

Յատուկ շնորհակալութիւններ գիտաշխատող Խաժակ Դրամփեանին (Երեւան), որ քանի մը տարի առաջ յաջողեցաւ նմանագիր այս գիրքէն օրինակ մը ձեռք ձգել։ Վերապրողներու անուանացանկին մեքենագրութիւնը սիրայօժար ստանձնեցին Յասմիկ Քիւրտեան եւ Մայք Պէք՝ Հայկական ծագումնաբանութիւն Facebook-ի էջէն, ինչպէս նաեւ Խաժակ Դրամփեան։

Վերապրողներու անուանացանկին հայերէն բնագիրին (ֆաքսիմիլէ) նմանագիր տարբերակը։ Սեղմել վերի պատկերին վրայ ամբողջ ցանկը pdf կարդալու համար։

Արաքսի Սիմոնեան, ծնած է Արաբկիր։ Ցեղասպանութենէն ետք եղած է Պոլսոյ որբանոցներուն մէջ, հոն սորված է ձեռագործ, ասեղնագործութիւն։ Ապա, Պոլսոյ մէջ կը պսակուի Սմբատ Խանչերեանի հետ, պիթլիսցի։ Աւելի ուշ ընտանեօք կը տեղափոխուին Ֆրանսա։

Երկու պատկերներուն մէջ ալ Արաքսին ձախին կանգնած աղջիկն է։ Միւսներիուն ինքնութիւնը անծանօթ է (Աղբիւր՝ Ալիս Ժամկոչեան հաւաքածոյ, Փարիզ)։

1) Գաբրիէլեան ընտանիքը, Շեփիկ գիւղէն (ներկայիս Եայլաճըք-Yaylacık), 1903-1904-ի շուրջ (Աղբիւր՝ Մարկարէթ Բարիկեան Շաֆրեն հաւաքածոյ, Bellevue, WA, ԱՄՆ)։

2) Բարեկեան ընտանիքը, Շեփիկ գիւղ (ներկայիս Եայլաճըք-Yaylacık) (Աղբիւր՝ Մարկարէթ Բարիկեան Շաֆրեն հաւաքածոյ, Bellevue, WA, ԱՄՆ)։

Հալէպ 1945. տեղւոյն Արաբկիրի հայրենակցական միութեան անդամներու երկու խմբանկար (Աղբիւր՝ «Նոր Արաբկիր», Ի տարի, թիւ 26, 1945)։

  • [1] Տոքթ. Միքայէլ Միքայէլեան, Յիսուն տարիներ առաջ, Պէյրութ, 1974, էջ 125-132։
  • [2] “Relief for the Near East:  Two Ships, with Workers and Supplies, Left This Port Yesterday,” New York Times, 17 Յունուար 1919, էջ 7։
  • [3] “Harpoot News,” Near East Relief, ներքին տեղեկատու, նախապէս կը կոչուէր The Acorne (SALT Research), 30 Ապրիլ 1922։
  • [4] “Individual Remittances,” The Acorne, ներքին տեղեկատու, SALT Research, 13 Սեպտեմբեր 1919։
  • [5] «Նիւ Եորքէն նոր ստացուած տեղեկատուական թերթիկ, թիւ 24, կը պարունակէ 520 առանձին նիւթ, ընդհանուր գումար՝ 28.082,81 ամերիկեան տոլար։ Այս նիւթերէն 262-ը, այլ խօսքով 10.472,74 ամերիկեան տոլարը կը վերաբերի Խարբերդի միաւորին», “Individual Remittances,” The Acorne, ներքին տեղեկատու (SALT Research), 8 նոյեմբեր 1919։
  • [6] “The Department of Individual Remittances,” The Acorne, ներքին տեղեկատու (SALT Research), 1 Մայիս 1920։ Այս բաժանմունմին արխիւները կրնան շատ կարեւոր աղբիւր հանդիսանալ ընտանեկան պատմութիւններ ուսումնասիրողներուն համար։Այսուհանդերձ, ծաւալուն թղթակցութիւններու եւ արձանագրութիւններու այս նիւթերը բացակայ են Ամերիկայի արխիւներուն մէջ։Որոշ օրինակներ կարելի է գտնել American Board of Commissioners for Foreign Missions-ի Պոլսոյ մասնաճիւղի արխիւներուն մէջ։ 1918-էն սկսեալ եւ մօտաւորապէս տաս տարիներու ընթացքին, շուրջ 4.1 միլիոն ամերիկեան տոլար փոխանցուած է այս բաժանմունքին ճամբով (James L. Barton, Story of Near East Relief (1915-1930): An Interpretation, էջ 407)։
  • [7] Անդրանիկ Փոլատեան, Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, 1969, էջ 592-3։
  • [8] Միքայէլեան, Յիսուն տարիներ առաջ, էջ 133-137։ Միքայլեան «Եփրատ» գոլէճի աշակերտ էր, երբ Ռիկկզ այդ ժամանակ՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ, նոյն հաստատութեան տնօրէնն էր։