Արաբկիր. ձախէն աջ՝ դափի, գլարինէթի, քեմանիի եւ սազի հայ նուագածուներ (Աղբիւր՝ Ճորճ Ճերճեանի լուսանկարներու հաւաքածոյ)։

Արաբկիր - «Թամզարա» (պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 16/07/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 16/07/22)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

**********************************************************************

«Թամզարա»ն առանձնայատուկ 9/8 ռիթմով պար մըն է, որ տարածուած էր Հայկական բարձրաւանդակի մեծ մասին մէջ: Գիւղերն ու քաղաքները ունէին իրենց տեղական տարբերակները: Որոշ փորձագէտներ կ'ենթադրեն, որ պարը ծագում առած է Սեբաստիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի Թամզարա գիւղին մէջ:

Արաբկիրը Խարբերդի մօտ կը գտնուի, եւ Արաբկիրի «Թամզարա»ին մէջ նկատելի է Խարբերդի «Թամզարա»ին կատարման բնոյթին՝ զոյգի կամ եռեակի ազդեցութիւնը։ Արաբկիրի «Թամզարա»ի այս տարբերակը տարածուած է ԱՄՆ-ի Փենսիլվանիա/Նիւ Եորք/Նիւ Ճըրսի շրջաններուն մէջ:

Սկզբնաղբիւրները.-  Սօսի Քատեան, Արսէն Անուշեան։

1) Արաբկիր, խմբանկար. հայ երաժիշտներ եւ տօնախմբութեան մը մասնակիցներ, քաղաքին մօտակայ Անդիչայ կոչուած վայրին մէջ։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ անունը անյայտ սազ նուագող մը, Յաբէթ Մնճենց (քէմանի բռնած է), Արթին (Արսէնի որդի), անունը անյայտ քլարինէթ նուագող մը։ Մէջտեղի շարք, ձախէն աջ՝ Համազասպ Թէնէքէճոնց, ձախէն չորրորդը՝ Նշան Էժտահարեան։ Ամէնէն ետեւի շարք, ձախէն աջ երրորդը՝ Հաճի (Արսէնի որդի, Արթինին եղբայրը)։ Միւսներուն ինքնութիւնը անյայտ է (Աղբիւր՝ Ոսկեգետակ. Տարեգիրք, Ա. հատոր, Սարգիս Բախտիկեան (խմբ.), Տպ. Հայկ, 1945, Պէյրութ)։
2) Արաբկիր, խմբանկար. հայ երաժիշտներ եւ տօնախմբութեան մը մասնակիցներ, քաղաքին մօտակայ Անդիչայ կոչուած վայրին մէջ։ Առաջին շարք, գետին նստած, ձախէն աջ՝ Յարութիւն, Յակոբ, Արմենակ Գալուստեան (դափ բռնած է), Սարգիս Թէվէքէլեան (սազ բռնած է), անունը անյայտ ջութակահար մը, Չէրչի Վահան (քէմէնչէ բռնած է), Մինաս Ֆէրէշէթեան, Արշակ Գալուստեան, Եդուարդ Պօզաճեան, Միհրան Եկաւեան (Աղբիւր՝ Ոսկեգետակ. Տարեգիրք, Ա. հատոր, Սարգիս Բախտիկեան (խմբ.), Տպ. Հայկ, 1945, Պէյրութ)։

Արաբկիր, խմբանկար. հայ երաժիշտներ եւ տօնախմբութեան մը մասնակիցներ, քաղաքին մօտակայ Անդիչայ կոչուած վայրին մէջ։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ դափ նուագողին ինքնութիւնը անյայտ է, Յաբէթ Մնճենց (քէմէնչէ նուագողը), Արթին (Արսէնի որդի, քէմանի նուագողը), քէմէնչէ միւս նուագողին եւ սազ նուագողին ինքնութիւնները անյայտ են (Աղբիւր՝ Անդրանիկ Լ. Փոլատեան, Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, 1969)։

Երաժշտութիւնը.-  Առանձնայատուկ 9/8 ռիթմը 1-2,1-2,1-2,1-2-3 է: Արաբկիրի «Թամզարա» պարային ֆրազը եռաչափ է եւ անոր ուղեկցող իւրօրինակ մեղեդին երեք չափ/հատածով է:

Ոճը.- Ծանր եւ ուժեղ շարժումներ, յատկապէս իւրաքանչիւր խումբի «առաջնորդ»ին կողմէ:

Կատարման բնոյթը.- Երկու կամ երեք պարողներու փոքր խումբեր «կռնակի զամբիւղի բռնուածքով» (ձեռքը զուգընկերոջ-զուգընկերներու գօտկատեղիին ետեւ, սեփական ձեռքով բռնելով անոնց հեռագայ ձեռքը):

Մուտք.- Հաշուել 1-2. դոփել աջ ոտնաթաթի գնդակը դէպի աջ (որոշ պարողներ դոփելու ժամանակ կը պտտեն աջ ոտքը աջ կրունկին վրայ): Հաշուել 3-4. պտտել աջ ոտքը՝ դոփելու համար ոտնաթաթի գնդակը դէպի ձախ անկիւնագիծ: Հաշուել 5-6. Դոփել աջ ոտնաթաթի գնդակը դէպի աջ: Հաշուել 7-8. պտտել աջ ոտքը եւ դոփել ոտնաթաթի գնդակը դէպի ձախ անկիւնագիծով: Հաշուել 9. դադար: Շարունակել շարքը մինչեւ խումբին «առաջնորդը» սկսի հիմնական պարի դէպի առաջ քայլը:

«Արաբկիրի Թամզարա»

Արաբկիրի «Թամզարա», «Արծիւ» նուագախումբ (Ֆիլատելֆիա), շուրջ 1940 թուական
Յարութիւն Գունտուրաճեան - ջութակ
Գրիգոր Գալայճեան - ուտ
Գրիգոր Ներսէսեան - տըրպաքէ

«Թամզարա» - Տ. Պէրպէրեան

Բալուի «Թամազարա»յի ներկայացում եւ ցուցմունքներ

Չափ/հատած

Հաշիւ

Շարժումներ

1

1-2

Աջ ոտքով քայլ դէպի առջեւ 

 

3-4

Ցատկ՝ աջ ոտքի  վրայ

 

5-6

Քայլ մը թեթեւակի դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքի վրայ

 

7

Մէկ անգամ զարնել յատակին աջ ոտքի վրայ

 

8-9

Դադար

2

1-2

Յետքայլ՝ աջ ոտքով

 

3-4

Ձախ ոտքը թեթեւակի բարձրացնել դէպի առջեւ, միեւնոյն ժամանակ փոքր ցատկ մը՝ աջ ոտքի վրայ

 

5-6

Ձախ ոտքը երկարել դէպի առջեւ ձախ անկիւնագիծով  եւ դոփել ոտնաթաթի գնդակը

 

7

Ձախ ոտնաթաթի գնդակը դոփել դէպի առջեւ

 

8-9

Դադար

3

1-2

Յետքայլ՝  ձախ ոտքով

 

3-4

Աջ ոտքը թեթեւակի բարձրացնել դէպի առջեւ, միեւնոյն ժամանակ փոքր ցատկ մը՝  ձախոտքի վրայ

 

5-6

Աջ ոտքը երկարել դէպի առջեւ աջ անկիւնագիծով  եւ դոփել ոտնաթաթի գնդակը

 

7-8

Աջ ոտնաթաթի գնդակը դոփել դէպի առջեւ

 

9

Դադար

1) Արաբկիր քաղաքէն պատկեր մը (Աղբիւր՝ «Նոր Արաբկիր» տեղեկատու, ԻԳ. տարի, Մայիս 1949, թիւ 32, Նիւ Եորք)։
2) Արաբկիր Էժտահարեան ընտանիք։ Ամէնէն ետեւի շարք, ձախէն երկրորդը՝ Մկրտիչ Էժտահարեան։ Նստած, կեդրոնը, ձախէն առաջինը՝ Կիլիմ Էժտահարեան (Մկրտիչին կինը, ծնեալ Զիրաքեան)։ Միւսներուն ինքնութիւնը անյայտ է (Աղբիւր՝ Էժտահարեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Ֆիլատէլֆիա։ Շնորհակալութիւններ Փօլ Վարդան Սուքիասեանի)։