Ժողովրդագրութիւն

Արաբկիրի հայերու տարեգրութիւն

Հեղինակ՝ Թոտ Շաֆրեն (Բարիկեան) - Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 15/05/2023 (վերջին փոփոխութիւն՝ 15/05/2023)

Աւելի կանուխ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ քննարկած էինք Արաբկիրի վերաշինութեան միութեան գործունէութիւնը: Միութիւնը հրատարակած էր ցանկ մը Ցեղասպանութենէն վերապրողներու, որոնք Արաբկիր եւ մօտակայ գիւղերը վերադարձած էին Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին յաջորդած ամիսներուն:

Հետաքրքրական է, որ Արաբկիրի հայրենակցական միութիւնը շարունակեց ստուգել հայերու թիւը Արաբկիրի մէջ մինչեւ 1980-ականներու սկիզբը՝ միաժամանակ օժանդակելով արաբկիրցիներուն, որ ներգաղթեն Նոր Արաբկիր՝ Խորհրդային Հայաստան: Միութիւնը դրամական օգնութիւն տրամադրեց Արաբկիր մնացողներուն [1]:

Այս ոչ-պաշտօնական թիւերը Թուրքիոյ մէջ Արաբկիրի հայկական ներկայութեան նուազումին արձանագրումն են: Անոնք նաեւ վկայակոչման կարեւոր նիւթեր են իրենց ընտանիքներու պատմութիւնն ուսումնասիրող արաբկիրցի հայոց համար:

Որպէս հիմք կրնանք մէջբերել Անդրանիկ Փօլատեանի պատմագիտական ուսումնասիրութիւնը Արաբկիրի եւ մօտակայ գիւղերու նախաեղեռնեան բնակչութեան թիւին վերաբերեալ: Արաբկիրի հայոց մասին իր կազմած ու երկասիրած կոթողային պատմագիրքին մէջ ան ուսումնասիրած է առկայ աղբիւրները եւ եզրակացուցած, որ գաւառակին բնակչութիւնը կը կազմէր մօտ 35000 հոգի, որոնց կէսը հայ էր [2]:

Արաբկիրի ժողովրդագրութիւնը ընդմիշտ փոխուեցաւ 1915-ին: Արաբկիրի վերապրողներու 1920-ի Ապրիլին հրապարակուած ցանկին մէջ հաշուըւած էին 2226 փրկուածներ Արաբկիրի եւ մօտակայ երեք գիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ 216-ը՝ Հալէպի մէջ, ընդհանուր թիւով՝ 2442 հոգի: Ցանկը կու գայ 1919 թուականի կէսերէն եւ հաւանական չէ, որ ասոնցմէ զատ ըլլային մեծ թիւով այլ վերապրողներ, որոնք նոյնպէս դուրս եկած ըլլային Փոքր Ասիայէն եւ այս ժողովրդագրութեան մէջ նկատի չառնուած։

Ի՞նչ պատահեցաւ այս 2226 վերապրողներուն, որոնք 1919 թուականի կէսերուն արձանագրուած էին որպէս Արաբկիրի եւ շրջակայքին մէջ բնակողներ: Արդեօք քաղաքին հայ բնակչութիւնը վերականգնեցա՞ւ ու բարգաւաճեցա՞ւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք: Ցաւօք, Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծնունդ տուած պատերազմն ու հանրապետական ժամանակաշրջանի հակահայկական քաղաքականութիւնը յանգեցուցին հայ բնակչութեան նուազումին, այն աստիճան, որ ան այսօր հիմնականին մէջ գոյութիւն չունի [3]: Այս անկումը արձանագրուած է Արաբկիրի հայրենակցական միութեան հրատարակած Նոր Արաբկիր Տեղեկատուի էջերուն մէջ (պարբերականը լոյս տեսած է սկիզբը Նիւ Եորքի, այնուհետ Ֆիլատելֆիոյ եւ Ուոթըրթաունի մէջ՝ 1925-էն մինչեւ 1983):

1928-ին Արաբկիրի հայրենակցական միութիւնը հրատարակեց ցանկ մը հայերու, որոնք տակաւին կը բնակէին Արաբկիրի մէջ: Ցանկը դասակարգուած էր ըստ ընտանիքներու եւ կ’ընդգրկէր իւրաքանչիւր անհատի ամբողջական անունը: Այնտեղ կը գտնենք 948 հայեր՝ 305 ընտանիքներէ, ինչ որ կը ներկայացնէ շեշտակի անկում մը 1919-ին հաշուարկուած վերապրողներու թիւին համեմատ [4]: Շատ մարդիկ լքեցին Արաբկիրը 1920-ականներու սկիզբի քաղաքական անկայուն պայմաններուն բերումով: Միւս կողմէ, Արաբկիրի հայրենակցական միութիւնը 1920-ականներու կէսէն ետք օգնած էր հարիւրաւորներու՝ տեղափոխուելու Նոր Արաբկիր նորաշէն աւանը՝ Երեւանէն անմիջապէս դուրս՝ անոր հիւսիսակողմը:

Արաբկիրցի հայոց յաջորդ հաշուառումը արձանագրած է Էվերէկի քահանայ Տէր Թորոս Չալկըճեանը 1950-ին: Ան շրջագայութիւն մը կատարեց գաւառներուն մէջ: Արաբկիրի մասին անոր տուած թիւերը հաղորդուած են Նոր Արաբկիր Տեղեկատուին մէջ [5]: Արաբկիրի հայերը կը հաշուէին 115 հոգի առ 25 Յուլիս 1950 [6]: Ըստ երեւոյթին, անոնք մեծահասակներ էին կամ ընտանիքներու գլխաւորներ եւ ոչ թէ ամբողջական ընտանիքներ: Եթէ օգտագործենք ընտանիքի անդամներուն միջին քանակը (4,45 հոգի), 1963-ի հաշուառումով՝ իրական բնակչութիւնը կը կազմէր 500 հոգի: Հայերը կը շարունակէին լքել շրջանը. անոնք կա՛մ կ’երթային Սթամպուլ, ապա կ’անցնէին Արեւմուտք, կա՛մ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, կը ներգաղթէին Նոր Արաբկիր՝ Երեւան:

Այս ոչ-պաշտօնական հաշուառումներէն վերջինը տեղի ունեցաւ 1963-ին: Նոր Արաբկիր Տեղեկատուին մէջ հաղորդուած է, որ Արաբկիրի մէջ եւ անոր շուրջ կ’ապրէին 272 հայեր՝ 61 ընտանիքներէ [7]: Արաբկիրի հայութիւնը սկսած էր նօսրանալ նախաեղեռնեան շրջանին. 1915-էն առաջ ան կը հաշուէր շուրջ 17 հազար հոգի, որ հետզհետէ նուազեցաւ դառնալով 2.226 հոգի (1919-ին), 948 հոգի (1928-ին), մօտ 500 հոգի (1950-ին), 272 հոգի (1963-ին):

1963-ի տեղեկագիրը կ’ընդգրկէր իւրաքանչիւր ընտանիքի գլխաւորին զբաղումը եւ անոնց բնակարաններուն կարգավիճակը, այսինքն՝ սեփակա՞ն էին, թէ՞ վարձով: Տասներեք ընտանիքներու գլխաւորներ անգործ էին: Տիրապետող մասնագիտութիւնը «գործաւոր»ն էր, որպիսին ներկայացուած էին 10-ը: Այս զբաղումներու բազմազանութիւնն ու տնտեսական նշանակութիւնը շատ հեռու են 1891 թուականի ֆրանսական առեւտրական ամսագիրի մը մէջ Արաբկիրի հայոց մասին նկարագրուածներէն [8]: Սա աւելի՛ ցոյց կու տայ Ցեղասպանութեան յաջորդած յիսուն տարիներուն ընթացքին հայութեան նուազումն ու անկումը Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

1970-1980-ական թուականներուն Նոր Արաբկիր Տեղեկատուին մէջ յայտնուեցան քանի մը ցանկեր` ընդգրկելով հայրենակցական միութենէն դրամական նպաստ ստացածները [9]: 1970 թուականին կային նպաստընկալ 25 անհատներ, 1971-ին` 24, 1974-ին` 26, 1980-ին` 22, իսկ 1981-ին` 19 հոգի: 1980-ի մէկ նուիրատուութեան առ ի պատասխան գրուած շնորհակալական նամակի մը մէջ կը կարդանք. «Այս կողմէն նորութիւն մը չկայ տալիք: Հոստեղ [Արաբկիր] քանի մը տուն մնացած է. Շէփիկ [եւ] [Վ]անք գիւղ[եր]ը կա[ն] ուր հազիւ հինգ տուն հայ կայ» [10]:

Excel ցանկ մը, ուր համախմբուած ներկայացուած են այս յօդուածին մէջ նշուած բոլոր անուանացանկերը եւ յարակից տեղեկութիւնները։ Անունները անգլերէնի տառադարձուած են հայերէն բնագիրէն։ Սեղմել վրան՝ ամբողջ pdf ցանկերը տեսնելու համար։

Արաբկիրի մարդահամարը

1949-ի Մայիսին Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած Արաբկիրի հայրենակցական միութեան տարեկան 22-րդ ընդհանուր ժողովին որոշուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի Նոր Արաբկիր բնակավայրէն դուրս ապրող բոլոր արաբկիրահայերու մարդահամար կատարել [11]: Ծրագիրը Արաբկիրի հայոց պատմութիւնը պատրաստելու շարունակական ջանքերուն մէկ մասն էր: Պատմութիւնը, զոր երկասիրեց եւ խմբագրեց Անդրանիկ Փօլատեան, հրատարակուեցաւ քսան տարի ետք՝ 1969-ին, Նիւ Եորքի մէջ:

Այդ օրերուն Նոր Արաբկիր Տեղեկատուին մէջ երեւցած խմբագրական մը վերնագրուած էր «Իրականացնենք մարդահամարը»: Հեղինակը կը յորդորէր բոլոր արաբկիրցիները լծուելու այս ճիգին եւ համախմբելու բոլոր ջանքերը, հաշուարկելու համար բոլոր վերապրողները, որոնք «վերջին աւելի քան կէս դարու անանուն եղեռնի շրջանէն մազապուրծ ճողոպրած, օտար երկինքներու (...) ներքեւ ապաստան գտած» էին: Յոյս կը յայտնուէր, որ արդիւնքն ըլլար «յիշատակարան մը անոնց, որոնք մարդային կոչուած գազաններէ հալածական, տէր պէ տէր եղան (...), բայց երբեք, երբեք չի մոռցան իրենց երկինքն ու երկիրը ԱՐԱԲԿԻՐ» [12]:

Մէկ տարի չանցած` յայտնուեցաւ յօդուած մը, ուր կը վերահաստատուէր մարդահամարին կարեւորութիւնը Արաբկիրի պատմութիւնը գրելու գործին մէջ: Այստեղ յատկապէս նշուած էր, որ ուղարկուած է հարցաթերթիկ մը, որ պէտք է լրացուի եւ վերադարձուի արագօրէն [13]:

Ըստ երեւոյթին, մարդահամարին վերաբերեալ յաւելեալ քննարկում չէ եղած Նոր Արաբկիր Տեղեկատուին մէջ: Այս մասին նշուած չէ Փօլատեանի պատմագիրքին մէջ, թէեւ հոն նշանաւոր մարդոց մասին որոշ կենսագրական տեղեկութիւններ կրնային ներկայացուած ըլլալ մարդահամարի հարցաթերթիկներու պատասխաններուն հետ:

Շեփիկ գիւղին մարդահամարը

Յայտնաբերուած են երկու ցանկեր, որոնք կը տեղեկածածկեն Արաբկիրի մօտակայ Շեփիկ գիւղը եւ թուագրուած են Արաբկիրի ծրագրուած մարդահամարի ժամանակաշրջանով: Եթէ նկատի ունենանք, որ Արաբկիրի աւելի մեծ մարդահամարի ծիրին մէջ, շրջանի գիւղերու բնակչութեան հաշուառումը պէտք է կատարուէր գիւղերու հայրենակցական կազմակերպութիւններուն կողմէ, ապա տրամաբանական կը թուի, թէ Շեփիկի հայրենակցական միութիւնը կազմած է այս ցանկերը, որոնք օրինակ կը հանդիսանան թափուած համընդհանուր ջանքին:

Երկու ցանկերը գտնուեցան Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ պահուող Արաբկիրի հայրենակցական միութեան թղթածրարի «Շեփիկ» ենթածրարին մէջ [14]: Անոնք կ’արձանագրեն՝ 1. Շեփիկի բնակչութիւնը ըստ ընտանիքներու, 1895-ին՝ նախքան ապտուլհամիտեան ջարդերը եւ 2. Նոր Արաբկիրէն դուրս շեփիկցիներու թիւը ըստ ընտանիքներու, մօտ 1950-ին:

Ցանկերը կազմած է Հռիփսիմէ Մինասեան: Ան ուսուցչուհի եղած է Շեփիկի մէջ եւ Ֆիլատելֆիա գաղթած է 1910-ին: Ան պէտք է տեղեկացուած ըլլար Շեփիկի միութեան մասին, քանզի իր տան մէջ է, որ իր եղբայրը՝ Առաքել Մելքոնեան, որպէս նախագահ, կը վարէր Շեփիկի միութեան գործերը Առաջին համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան: Այս կարեւոր ծանուցումը Հայրենիք օրաթերթին մէջ 1919-ի ամրան կ’ընդգրկէ Հռիփսիմէի հասցէն.

«Արաբկիր Շեփիկ գիւղի բոլոր ազատուածները, ուր որ ալ ըլլան, թող դիմեն հետեւեալ հասցէին. Շեփիկ գիւղի Վերաշ. Միութեան Վարչութիւն
1125 Master St., Phila., Pa., U.S.A.
Ծանօթ.– Կը խնդրուի արտասահմանի թերթերէն արտատպել զայս» [15]:

Առաքել մահացաւ 1940-ին, միութեան քարտուղարը՝ Կարապետ Յակոբեան, մահացաւ 1948-ին, իսկ գանձապահը՝ Կարապետ Բարեկեան, Քալիֆորնիա տեղափոխուեցաւ 1945-ին: Ուստի տրամաբանական կը թուի, թէ Հռիփսիմէին առաջարկուեցաւ, որ համակարգէ այս կարեւոր ծրագիրը: Սփիւռքի մէջ շարք մը ընտանիքներու հասցէները եւ փաստաթուղթերուն մէջ գտնուած մակագրութիւնները մեզի թոյլ կու տան 1950 թուականն ընդունիլ որպէս ցանկերու թուագրման տարի, ինչ որ կը տեղաւորուի Արաբկիրի հայրենակցական միութեան լայն մարդահամարի ժամանակամիջոցին մէջ: Հռիփսիմէ մահացաւ 1954-ին:

Անհատական անուններէն բացի՝ ցանկերը կը տրամադրեն հետեւեալ ամփոփիչ տեղեկատուութիւնը շեփիկցիներուն մասին.

  • 1895-ին կար 88 ընտանիք՝ 523 անդամներով:
  • Մօտ 1950-ին ամբողջ աշխարհի մէջ կար 52 ընտանիք՝ 234 անդամներով:
    • Շեփիկի մէջ կային 25 անհատներ (ընտանիքներուն թիւը՝ անյայտ), որոնց երկու երրորդը ծնած էր Ցեղասպանութենէն ետք:

Ինչպէս որեւէ ուսումնասիրութեան պարագային, շատ հաւանաբար կարելի չէ եղած կապ հաստատել բոլոր շեփիկցիներուն հետ կամ ոչ բոլորը պատասխանած են հարցախոյզին: Հնարաւոր է նաեւ, որ սխալներ արձանագրուած են անուններու եւ ընտանիքներու անդամներու քանակի պարագային: Այդուհանդերձ, այս յօդուածի հեղինակի ընտանիքին եւ շարք մը ազգականներուն վերաբերող տեղեկութիւնները ճիշդ են: Սա միակ տպագրուած արձանագրութիւնն է Շեփիկի բնակչութեան մասին 1895-էն մինչեւ այսօր:

Յատուկ նշում.- Մեծապէս պարտական եմ Յասմիկ Քիւրտեանին, որ իր ժամանակը յատկացուց այնքան ազնուօրէն ու ճարտարօրէն կատարելու համար Նոր Արաբկիր Տեղեկատուի ցանկերուն տառադարձութիւնները, նաեւ Ժան Սիմոն Խազարեանին, որ տառադարձեց մեր հայրենի Շեփիկ գիւղի ցանկերուն անունները: Յատուկ շնորհակալութիւն Խաժակ Դրամբեանին, որ յայտնաբերեց վերապրող արաբկիրցիներու եւ շեփիկցիներու ցանկերը եւ զանոնք ուղարկեց ինծի:

Յաւելուած

Արաբկիրցիներու այլ ցանկեր Նոր Արաբկիր Տեղեկատուին մէջ
 

Նոր Արաբկիրի բնակիչներԹիւ 7, 1929, սկիզբը՝ էջ 116
Նոր Արաբկիր ներգաղթեալներԹիւ 12, 1936, սկիզբը՝ էջ 2
Արաբկիրցիներ Պէյրութի մէջԹիւ 24, 1944, սկիզբը՝ էջ 9
Արաբկիրցիներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ (անգլերէն, հասցէներով)Թիւ 24, 1944, սկիզբը՝ էջ 22
Պէյրութէն եւ Հալէպէն հայրենադարձած արաբկիրցիներԹիւ 28, 1946, սկիզբը՝ էջ 592
Արաբկիրցիներ Խարթումի մէջ (Սուտան)Թիւ 42, 1954, սկիզբը՝ էջ 1407

  • [1] Արաբկիրցիներու հայրենակցական ընկերութիւնը՝ Արաբկիրի կրթասիրաց ընկերակցութիւնը, հիմնադրուած է 1911-ի Նոյեմբերին՝ միաւորելով երեք անկախ ընկերակցութիւններ: Նոր կազմակերպութիւնը կեդրոն ընդունեց Նիւ Եորքը, թէեւ այդ փոխուեցաւ տարիներու ընթացքին: 1917-ին կազմաւորուեցաւ Արաբկիրի վերաշինութեան միութիւնը՝ օգնելու համար վերապրողներուն: Երկու կազմակերպութիւնները միաւորուեցան 1922-ի Դեկտեմբերին՝ որպէս Արաբկիրի հայրենակցական միութիւն:
  • [2] Jerjian, George and Poladian, Antanig, Arapgir: Homage to an Armenian Community, Xlibris, 2014, p. 32-33: Ճերճեանի անգլերէն գիրքը համառօտեալ տարբերակն է Անդրանիկ Լ. Փօլատեանի Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի հայերէն հատորին:
  • [3] Նշենք, որ անորոշ թիւով իսլամացած հայեր, հայկական ծագումով թուրքեր եւ «ծպտեալ» հայեր տակաւին կը բնակին շրջանին մէջ: Անոնք հայկական գործուն հաւաքականութիւն չեն եւ նկատի չեն առնուած այն հաշուառումներուն մէջ, որոնց յղում կատարեցինք Արաբկիրի հայրենակցական միութեան հրատարակութիւններուն մէջ: Տե՛ս www.youtube.com/watch (Արաբկիրի վերջին հայը) եւ Saris, Mayda, Son Arapgirli: Varsen Oruncakciel [Վերջին Մնացող Արաբկիրցին. Վարսէն Օրունճաքճիէլ], Birzamanlar Yayıncılık, Istanbul, 2011:
  • [4] Նոր Արաբկիր Տեղեկատու, թիւ 6, 1928, էջ 92-96:
  • [5] Վիճակագրութիւնը Թալին Սուճիեան նկարագրած է իր Հայերը Արդի Թուրքիոյ մէջ [The Armenians in Modern Turkey] գիրքին մէջ: Ան նաեւ կը նշէ, որ Տէր Թորոս Չալկըճեան իր այցելութեան ընթացքին կատարած է ամուսնութեան 55 եւ կնունքի 126 արարողութիւն (Suciyan, Talin, The Armenians in Modern Turkey: Post-Genocide Society, Politics and History, I.B. Tauris, 2017, p. 58):
  • [6] Նոր Արաբկիր Տեղեկատու, թիւ 35, 1950, էջ 1017-1018:
  • [7] Նոր Արաբկիր Տեղեկատու, թիւ 60, 1963, էջ 17-18:
  • [8] Annuaire oriental du commerce, de l’industrie, de l’administration et de la magistrature..., 10e année. 1891-ի ցանկերուն համար տեսնել bluebirdmaps.com/2017/10/04/prominent-armenians-in-eastern-anatolia-vilayets-1891-part-4/
  • [9] Նուիրատուութիւններու ցանկեր հրապարակուած են նաեւ նախկին տարիներուն: 
  • [10] Նոր Արաբկիր Տեղեկատու, թիւ 86, 1980-1981, էջ 25: Նամակը անգլերէնի թարգմանած է Յասմիկ Քիւրտեան:
  • [11] Նոր Արաբկիր Տեղեկատու, թիւ 33, 1949, էջ 873: Յօդուածը անգլերէնի թարգմանած է Յասմիկ Քիւրտեան:
  • [12] Նոր Արաբկիր Տեղեկատու, թիւ 33, 1949, էջ 873:
  • [13] Նոր Արաբկիր Տեղեկատու, թիւ 34, 1950, էջ 951-952:
  • [14] Հայաստանի Ազգային արխիւ, ֆոնտ 447 (Արաբկիրի հայրենակցական միութիւն, Ամերիկայի կեդրոնական վարչութիւն), արկղ 42, Շեփիկ ենթածրար: Այս նիւթը յայտնաբերած է Խաժակ Դրամբեան, տառադարձած է Ժան Սիմոն Խազարեան: 
  • [15] Այս ազդը եօթը անգամ երեւցած է Պոսթոնի Հայրենիք օրաթերթին մէջ 1919-ի Յունիսին եւ Յուլիսին: Թարգմանութիւնը՝ Յասմիկ Քիւրտեանի: