Խմբագրական ծանօթագրութիւն
Միայն պատառիկներ հասած են մեզի Օսմանեան կայսրութեան հայերու բազմահարուստ ժառանգութենէն։ Այս իմաստով ալ երբ հարցը կը վերաբերի այս անցեալն ու յիշողութիւնը վերականգնելուն, այն ատեն դժբախտաբար հետքերու եւ մասունքներու հետ է մեր գործը։ Ահա թէ ինչու մեզի համար անսահման հրճուանք կը պատճառէ ամէն առիթ որ կրնայ այդ անցեալը քիչ մը աւելի մատչելի դարձնել, անոր վրայ նոր լուսարձակներ բանալ, քօղազերծել անտեսանելին, մօտեցնել ցարդ անհասանելին, բացատրել անծանօթը, մէկ խօսքով արօրը գործի լծել եւ նոր ակօսներ բանալ օսմանեան պատմութիւնն ու առօրեան հասկնալու եւ սերտելու անմշակ եւ ընդարձակ այս դաշտին մէջ։
Ահաւասիկ այսպիսի առիթ մըն է Արաբկիր ծնած Ճորճ/Գէորգ Ճերճեանի (նախապէս Ճիկերճեան) 100-է աւելի ապակեայ լուսանկարներու հաւաքածոյին գիւտը։ Անոնք պատմական հիանալի լուսանկարներ են, նոր հայեացք մըն են գլխաւորաբար Արաբկիրի, բայց նաեւ Էրզրում/Կարինի կեանքին վրայ Օսմանեան տարիներուն։ Անոնց շնորհիւ կը վերածնի մանաւանդ այս վայրերու հայկական կեանքը. ցարդ անպատկեր եկեղեցիներ եւ դրպոցներ տեսք կը ստանան, մեր առջեւ կը պարզուին ընտանեկան, դպրոցական, որբանոցային կեանքի բոլորովին անծանօթ պատկերներ։
Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Ճորճ Ճերճեանին, որ Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դրաւ իր մեծ հօր պատկանող այս լուսանկարներուն բարձրորակ պատճէնները։
Կարեւոր է այստեղ նշել որ Ճերճեանի հաւաքածոյին մաս կազմող այս լուսանկարներէն շատեր կը մնան առանց բացատրութիւններու։ Ցարդ անծանօթ կը մնան տեղավայրերը, շէնքերուն ու մարդոց ինքնութիւնները, կրնայ պատահիլ նաեւ որ սխալներ ըլլան որոշ պատկերներու մեր կողմէ տրուած բացատրութիւններուն մէջ։ Այս գծով մենք կ՚ապաւինինք մեր այցելուներու օժանդակութեան։ Մեծ հաճոյքով կ՚ընդունինք որեւէ յաւելեալ տեղեկութիւն լուսանկարներուն մասին կամ սրբագրութեան առաջարկ։ Դուք կրնաք գրել մեր հասցէին՝ houshamadyan@gmail.com
Արաբկիր. պատկերին կեդրոնը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Կառուցուած է 1830-ական թուականներուն։ Տանիքին փոփոխութիւնը առաջին անգամ կը ձեռնարկուի 1893-ին։ Սոյն նկարը առնուած է շատ հաւանաբար երբ շինարարական այս առաջին աշխատանքները արդէն աւարտած էին։ Ընդարձակ եկեղեցի մըն է, որ օժտուած է երեք վերնատուներէ՝ կիներուն յատկացուած։ Եկեղեցին ունի երեք մուտք՝ երկուքը դէպի արեւմուտք նայող, իսկ երրորդը՝ դէպի հիւսիս։ Տանիքը ամբողջովին կը վերակառուցուի 1907-էն ետք։ Կ՚աւելցուի գմբէթ մը եւ կը վերաշինուի զանգակատունը։ Ճերճեանի լուսանկարածը փաստօրէն 1907-էն առաջ է, երբ եկեղեցւոյ տանիքը իր նախկին վիճակին մէջ է։ Բաղդատութեան եւ պատմական իրենց արժէքին համար այստեղ կը ներկայացնենք երկու այլ պատկերներ –մաս չեն կազմեր Ճերճեանի հաւաքածոյին-, որոնք առնուած են 1907-էն ետք (տեսնել ստորեւ)։
1) Արաբկիր, Ս. Աստուածածին եկեղեցի։ Լուսանկարը առնուած է 1907-էն ետք (Աղբիւր՝ Հայասստանի ազգային արխիւ, Երեւան, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռոտզանթի)
2) Արաբկիր, համայնապատկեր. լուսանկարուած 1907-էն ետք (Աղբիւր՝ Հայասստանի ազգային արխիւ, Երեւան, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռոտզանթի)
Ընդհանուր տեսարան Արաբկիրէն։ Կ՚ենթադրենք որ ձախին երեւցող հսկայ կառոյցը (վերի երկու լուսանկարներուն մէջ) Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն հատուած մըն է։ Նկատելի են եկեղեցւոյ տանիքին շինարարական փայտերը։
Արաբկիր, Ս. Աստուածածին եկեղեցին. երկու պատկերներու կուտակում մը եղած է։ Մէկ կողմէ կ՚երեւի եկեղեցիին ներսը, իր բազմաթիւ սիւներով եւ խորանով, միւս կողմէ կ՚երեւի կառոյցին տանիքը եւ շրջակայ տուներ։
Արաբկիրի «Հանէսեան» աղջկանց վարժարանը։ Կը կառուցուի Թադէոս էֆենտի Հանէսեանի բարերարութեամբ, 1890-ին։ Եռայարկ շէնք մը, ուր 120 հայ աղջիկներ կը ստանային իրենց կրթութիւնը։ Գոյութիւն ունին կրթական վեց կարգեր՝ 7-13 տարեկան աշակերտուհիներու համար։ Վարժարանը կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւսիսը։ 1895-ի հակահայ ջարդերէն ետք այս դպորցին առաջին երկու յարկերը կը յատկացուին որբանոցի, ուր 40 հայ որբեր կը պատսպարուին եւ կրթութիւն կը ստանան։ Որբանոցը կը գործէ 1898-էն 1903։
«Արաբկիր քաղաքը»
«Տուները շինուած են որպէս բոլոր ոչ հարթ մակերեւոյթ ունեցող քաղաքաց, ամպիթատրոնի ձեւով, կարգ ըստ կարգ է բարձրացեալ սանդղանման։ Տուներու ներքին երեւոյթն ու ձեւը աւելի Հալէպ քաղաքը կը ներկայացնէ։ Ամէնն ալ քարակերտ են եւ յատակին մեծաւ մասամբ ծածկելով կամ սրբատաշ ընտիր քարերով եւ կամ տախտակով։ Զուարճալի է տեսնել փողոցի դռնէն առաջին յարկ մը մտնել կարծած ատենդ յանկարծ երրորդ յարկի մէջ գտնել ինքզինքդ, վասնզի Արաբկիրի տուներն ընդհանրապէս այդ ձեւն ունին, երեւոյթ մը զոր անհնար է տեսնել ի Վան, ի Կարին, յԵրիզա, ի Տիգրանակերտ եւ այլ դաշտային քաղաքներ։
[…] Արաբկիրի յատուկ աւազանման հող մը որ իբր եւ խիւս, մածանուելով միապաղաղ եւ միակտուր քարի պէս կը պատսպարէ այդ քաղաքին տանց տանիքներն՝ զերծ կացունելով հողածածուկ տուներուն յատուկ կաթումներէ ու անձրեւահոսութենէ, կը լրացնէ Արաբկիրի տներու բարեվայելչութիւնն նաեւ արտաքուստ։ Բայց միայն այսքանը չէ Արաբկիրի գեղեցկութիւնը։ Շուկայ, խանութ, տուն, գործարան, պարտէզ, այգի, ջրոցառուակներ, ծառն ու ծաղիկ, սեւ ու ճերմակ ծեփմունք տանց կամ արտաքին երեւոյթ, սոքա ամէնը երբ խաչապատեալ խառնուին իրարու եւ ընծայեն մի տեսարան բազմատեսակ, բազմանուշ, զոր դժուար չէ երեւակայել, ահա այդ է Արաբկիրի տեսիլն […] [Հրադ, «տեսիլ» այստեղ տեսարանի նշանակութեամբ գործածուած է]։
Մարկոս Նաթանեան, Մասիս շաբաթաթերթ, 1885 Փետրուար, թիւ 3755
Հանդիսաւոր օր մը Արաբկիր քաղաքին մէջ։ Լուսանկարին խորքը երեւցող շէնքը հաւանական է որ ըլլայ քոնաքը (կառավարչատուն)
Նոյն հանդիսաւոր օրէն առնուած այլ պատկեր մը։ Դրօշներուն ներկայութիւնը ենթադրել կու տայ որ իսլամական կամ պետական տօնակատարութիւն մըն է։ Պատկերին աջին կ՚երեւի փլատակ շէնք մը։ Անհաւանական չէ որ անիկա մնացորդ մը ըլլայ 1895-ի հակահայ ջարդերէն եւ քանդումներէն, երբ Արաբկիրի հայկական թաղամասերը հրկիզուեցան եւ բազմաթիւ կառոյցներ աւերակ դարձան։
Արաբկիր. Ճերճեան ընտանիքը հաւանաբար իրենց տան շրջափակին մէջ, սուրճ խմելու ընթացքին։ Ձախէն երկրորդը՝ Ճորճ/Գէորգ Ճերճեան։ Աջ անկիւնը, խորքին, գետինը դրուած կ՚երեւի կրամոֆոնի գործիք մը, կողքին ալ իր լսափողը։
Խարբերդ բաժինով ներկայացուած սոյն լուսանկարներուն ճամբով կը պարզուի որ Ճերեճեան գտնուած է նաեւ Խարբերդի շրջանին մէջ, լուսանկարչական իր մեքենայով այցելած է Խարբերդ քաղաքը եւ շրջակայ գիւղերը։ Սոյն նկարը կը ներկայացնէ Խուլավանքի պատմական գերեզմանատունը։ Այս տեղեկութիւնը մեզի փոխանցեց Սամուէլ Կարապետեան, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Ան բաղդատութեան դրաւ Ճերեճեանի այս լուսանկարը Խուլավանքի այլ ծանօթ լուսանկարի մը հետ։ Նմանութիւնը բացայայտ էր։ Պատմական խաչքարերը քանդուած են եւ այլեւս գոյութիւն չունին։ Այս անշուշտ յաւելեալ արժէք մը կու տայ Ճերեճեանի լուսանկարին։ Վայրը կը գտնուի Խուլագիւղէն (Հիւլվենք/Շահինքայա) արեւելք, քանի մը վայկեան հեռաւորութեան վրայ։
Խարբերդ. հայկական աղջկանց որբանոց մը իր սանուհիներով եւ ուսուցչուհիով։ Պատկերէն պարզորոշ է որ փոքրիկ որբուհիները ասեղնագործութիւն կը սորվին այս հաստատութեան մէջ։
Խարբերդ քաղաքի ամերիկեան որբանոցի մէջ խնամուող աղջիկներ եւ տղաք։ Սոյն լուսանկարները Խարբերդի մէջ քաշուած ըլլալը կը հաստատուի ամերիկեան Missionary Herald պարբերաթերթին ճամբով, որուն 1897-ի մէկ թիւին մէջ (թիւ 93, Դեկտեմբեր 1897, էջ 501-503) կը գտնենք սոյն պատկերները (այս տեղեկութիւնը մեզի փոխանցեց Նազան Մագսուտեան)։ Եփրատ գոլէճի համալիրին մէջ գտնուող որբանոցը հիմնուեցաւ 1895-ին Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի գահակալութեան օրերուն տեղի ունեցած հակահայ ջարդերէն ետք։ Այստեղ կը խնամուէին հարիւրէ աւելի հայ որբեր եւ որբուհիներ, կը սորվէին զանազան արհեստներ։ Առաջին նկարին մէջ որբանոցին դերձակութեան արհեստանոցն է, իսկ երկրորդին մէջ՝ կօշկակարութեան։ Գիտենք նաեւ որ որբերուն շարքին մեծ թիւ կը կազմէին Արաբկիրէն եկող տղաք եւ աղջիկներ։ Լուսանկարներուն թուականը 1897-ն է։ Մեր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն Ճերեճեան լուսանկարչական իր մեքենան բերած է Զուիցերիայէն վերադարձին, այլ խօսքով 1900 թուականին։ Բայց Խարբերդի լուսանկարները քաշուած են այս թուականէն քանի մը տարի առաջ։ Արդեօ՞ք 1900-էն առաջ ալ Ճերեճեան լուսանկարչական մեքենայ ունեցած է։ Արդեօ՞ք որբանոցի այս լուսանկարները Ճերեճեանի կողմէ քաշուած չեն։ Այս հարցումներուն առայժմ պատասխան չունինք։
Սանասարեան վարժարան
Էրզրում/Կարինի Սանասարեան վարժարանը կի կառուցուի 1881 թուականին Ս. Փէթէրսպուրկ հաստատուած Մկրտիչ Սանասարեանի բարերարութեամբ։ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործող հայկական ամէնէն յայտնի եւ բարձրորակ մշակութային օճախներէն մէկն է։ Ուսուցիչներրէն կարեւոր մաս մը իրենց մանկավարժական պատրաստութիւնը ստացած են եւրոպական համալսարաններու մէջ, յատկապէս Գերմանիոյ մէջ։ Կրթական այս հաստատութիւնը կը գտնուի Էրզրումի Հայոց Առաջանորդարանի հարեւանութեամբ։ 1883-ին այստեղ կ՚աշակերտեն Արաբկիրէն 33 աշակերտներ։ Ասոնց շարքին է նաեւ Ճորճ Ճերճեան, որ յետագային այս հաստատութեան մէջ եղած է նաեւ ուսուցիչ։
Առաջին կարգի վրայ, ձախին, կ՚երեւի Սանասարեան վարժարանի շէնքերէն մէկը։ Խորքին՝ Էրզրումի հայոց Առաջնորդարանը եւ եկեղեցին իր զանգակատունով։
1) Սանասարեան վարժարան. բարերարին՝ Մկրտիչ Սանասարեանի (1818-1889) կիսանդրին
2) Շատ հաւանաբար Սանասարեան վարժարանի նուագախումբը, որ ելոյթ կ՚ունենայ լիճի մը ափին
1); 2) Սանասարեան վարժարանի մուտքը։ Հանդիսութիւն մը՝ պետական բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեամբ։
3) Սանասարեան վարժարանի չմշկարանը։ Ճորճ Ճերճեան նկարին կեդրոնը ոտքի կեցած է։
Նոյն վերի պատկերին առաջին կարգին նստած աղջիկն է որ նոյնպէս կ՚երեւի տեղական հայկական աւանդական տարազով
Էրզրում. խորքի շէնքը շատ հաւանաբար քոնաքն է (Hükümet Konağı, կառավարչատուն)։ Շէնքին մուտքին, վերեւի բաժինով կ՚երեւի կայսերական նշանը, ինչ որ աւելի ենթադրել կու տայ որ կառավարչատունն է։ Գիտենք որ այս ժամանակներուն սոյն շէնքը այրած է եւ կառավարչատունը փոխադրուած է այլուր։ Պատկերին մէջ, տեղի կ՚ունենայ օսմանեան պետական պաշտօնեաներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ներկայութեամբ հանդիսութիւն մը։ Այս տեղեկութիւնները մեզի փոխանցեց Թոլկա Ճորա։
Ս. Աստուածածին վանք. Ագսիգոմս կամ Սուրբ Օհան (ներկայիս Տեմիրտէօվեն/Demirdöven) գիւղէն 1.3 քմ. հարաւ-արեւմուտք կամ Հասանքալէ (ներկայիս Փասինլեր) քաղաքէն 6 քմ. հիւսիս-արեւելք։ Սոյն գիւղը կը գտնուի Էրզրում/Կարին վիլայէթի Բասէն գաւառին մէջ։ Վանքը կը յիշուի նաեւ Մագիստրոսի, Տիրամօր, Եօթն Վիրաց, Ծիրանեաց անուններով: Կառուցուած է 11-րդ դարուն։ Կ՚աւերուի 20-րդ դարու կէսերուն (Այս տեղեկութիւնները քաղուած են՝ Եղեռն Եղեռնից յետոյ, RAA (Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող), Երեւան, 2015)
10-րդ դարուն կառուցուած վանական համալիր։ Կը գտնուի ներկայիս Չամլըեամաչ/Çamlıyamaç կոչուող գիւղին մէջ, Թորթումի հիւսիսը
Թորթումի ջրվէժը
Թորթումի ջրվէժը, 48 մեթր բարձրութիւն. այս վայրը կը գտնուի Էրզրում/Կարին քաղաքէն մօտ 100 քմ. արեւելք
1) Ճորճ Ճերճեան շատ հաւանաբար լուսանկարուած Արաբկիրի կամ Էրզրումի մէջ
2) 1907, Խարթում (Սուտան). Ճերճեան՝ Արաբկիրը ձգելէն ետք
1912, Պոլիս. Քիւրճեաններու ընտանեկան հաւաքոյթ։ 1909-ին Ճորճ Ճերճեան Սուտանի մէջ կը պսակուի Պարկեշտ Քիւրքճեանի հետ։ Խմբանկարին ձախ ծայրամասին, ոտքի՝ Պարկեշտ եւ Ճորճ։ Երկուքով գրկած են իրենց անդրանիկ որդին՝ Արսէնը (ծն. 1910)
1913, Օմտուրման (Սուտան). Ճորճ եւ Պարկեշտ Ճերճեան եւ իրենց զաւակները՝ Արսէն եւ Լիլլի (կը մահանայ 2 տարեկանին)
Անյայտ լուսանկարներ
Այս լուսանկարներուն մասին մեզի կը պակսին տեղեկութիւններ։ Գիտէ՞ք թէ ուր կը գտնուի սոյն վայրը, գիտէ՞ք թէ ինչ կը ներկայացնէ նկարին մէջ երեւցող կառոյցը, գիտէ՞ք լուսանկարին մէջ երեւցող անձին(երուն) ինքնութիւնը։ Դուք կրնաք գրել մեր հասցէին՝ houshamadyan@gmail.com