Խարբերդ, Վերի թաղ. կ՚երեւին Ս. Յակոբն ու Եփրատ գոլէճի համալիրը (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)

Խարբերդ (քազա) - Դպրոցներ (Ա. մաս)

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 10/11/12 (վերջին փոփոխութիւն՝ 10/11/12)

Մեծապէս տպաւորիչ է Խարբերդի դաշտի հայկական կրթութեան ընդհանուր պատկերը։

20-րդ դարու սկիզբը ամբողջ շրջանը կը ներկայացնէ տղոց ու աղջկանց վարժարաններու հոյակապ եւ համատարած ցանց մը։ Հայկական գրեթէ բոլոր գիւղերը ունին իրենց վարժարանները, որոնք այլեւս նախնական ուսման հին կեդրոններ չեն, այլ՝ ընդհանրապէս երկյարկանի եւ նորարար ոճով կառուցուած շէնքեր։ Քաղաքներու մէջ իւրաքանչիւր հայաբնակ թաղամաս մէկէ աւելի վարժարաններ ունի։ Խարբերդ քաղաքին մէջ, որու հայ բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 15 հազար է, գոյութիւն ունին մէկ գոլէճ, երեք երկրորդական վարժարաններ եւ տասնեակ մըն ալ միջնակարգ եւ նախակրթարան դրպոցներ։ Մօտ 12 հազար հայ հաշուող Մեզիրէի մէջ կան գոլէճ մը, երեք հատ երկրորդական վարժարան եւ տասէ աւելի նախակրթարաններ։ Հիւսէնիկի նման մօտ եօթ հարիւր ընտանիքէ բաղկացած հայկական համայնքը կը հաշուէ 7 կրթական հաստատութիւններ։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճի համալիրը։ Ձախին, նկարին վերի հատուածին մէջ փոքր գմբէթով շէնքը՝ տղոց գիշերօթիկը։ Կողքին, դէպի աջ՝ տղոց երկրորդական վարժարանը, որու տանիքին զետեղուած է ժամացոյց մը։ Քիչ մը աւելի աջ եւ աւելի բարձր դիրքի վրայ գտնուող շէնքը տղոց գոլէճն է։ ձախէն չորրորդ շէնքը՝ գոլէճի նախագահին բնակարանը։ Ամէնէն աջ կողմը, երկար երրայարկ շէնքը միսիոնարներու բնակարաններն են։ Ձախին, նկարին կեդրոնը եւ երկար պատուհաններով մեծ կառոյցը Wheeler Hallն է, ուր տեղի կ՚ունենան գոլէճին հանդիսութիւնները։ Նկարին առաջին գիծի վրայ կ՚երեւին հայկական տուներ (Աղբիւր՝ Արա Ճինկիրեան եւ Հուրիկ Զաքարեանի հաւաքածոյ)

Հարց կը ծագի. ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կրթական կեանքի այս սրընթաց զարգացումը։

Այս հարցով մեր առաջին ակնարկը պէտք է ուղղենք միսիոնարական գործունէութեան, որուն ծիրէն ներս առանցքային բաժին մըն է կրթութիւնը։ Միսիոնարներուն կրթական աշխատանքը անտարակոյս նոր ուժականութիւն մը կը մտցնէ գաւառային տարածքներուն մէջ, կը ստեղծէ մրցակցութեան մթնոլորտ մը, որ ըստ ամենայնի դրական եւ արդիւնաւէտ պէտք է համարել։ Խարբերդի տարածքին մէջ ամերիկացի միսիոնարներն են, որոնք կը հիմնեն արդի համարուող առաջին կրթական օճախները։ Կը բաւէ աչք մը նետել Խարբերդ քաղաքին հին լուսանկարներուն վրայ եւ ասոնց մէջ նկատելի է թէ քաղաքային ընդհանուր համայնապատկերին մէջ որքան շքեղ, տիրական եւ հմայիչ ներկայութիւն մըն է Եփրատ գոլէճի համալիրը։ Ամերիկեան միսիոնարական վարժարաններուն կը յաջորդեն քափուչին եւ գերմանական կրթական հաստատութիւնները, որոնք կը գործեն յատկապէս Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-ազիզ) քաղաքին մէջ։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճի համալիրին պատկանող շէնքեր։ Նկարին վերի կողմը, ձախին գտնուող շէնքը աղջկանց գոլէճն ու երկրորդական վարժարանն է։ Ճիշդ անոր վարը գտնուող երկար եւ ճերմակ շէնքը մանկապարտէզն ու աղջկանց նախակրթարանն է (Աղբիւր՝ Արա Ճինկիրեան եւ Հուրիկ Զաքարեանի հաւաքածոյ)

Անուրանալի է նաեւ թէ կրթութիւնն ու բողոքական կամ կաթողիկէ քարոզչութիւնը համատեղ ընթացող երեւոյթներ են այս հաստատութիւններուն մէջ։ Ամերիկացի առաջին միսիոնարներուն կերպարները մեծապէս արտայայտիչ են այս իմաստով։ Անոնցմէ է օրինակ Ճորճ Տընմօր, որ 19-րդ դարու կիսուն Խարբերդ ոտք կը դնէ երբ այս տարածքին մէջ տակաւին մեծ անծանօթ մըն է բողոքականութիւնը։ Տընմօր նոյնիսկ հալածանքի, քարկոծումի կ՚ենթարկուի տեղւոյն հայերուն կողմէ [1]։ Բայց ամերիկացի միսիոնարը ծայրայեղ մըն է իր հաւատքին մէջ, կուրօրէն համոզուած է իր քալած ուղիին ճշդութեանը։ Կարճ ժամանակ ետք ան Խարբերդի մէջ կ՚ունենայ իր առաջին հայ հետեւորդները, որոնք կ՚ընդունին բողոքականութիւնը։ Բայց հակառակ այն փաստին որ բողոքականութիւնը կը դառնայ տեղայնական պատկերին բաղկացուցիչը, նոյն ժամանակ բողոքական միսիոնարն ու բողոքական հայը ընդհանրապէս ժխտական երանգներով կը ներկայացուին Խարբերդի հայ լուսաւորչական հասարակութեան կողմէ։ Անոնք միշտ ալ կը մնան «բիս փրոտը», «պաք ուտողը», «պիրետի ժողովարանճին»։ Հետաքրքրական է սակայն որ այս ձեւի նկարագրութիւններէն որոշ չափով զերծ կը մնան բողոքական կրթական հաստատութիւնները, որոնք խորքին մէջ միսիոնարներուն տրամադրութեան տակ գտնուող համոզիչ եւ հմայիչ միջոցներ են տեղական միջավայրին մէջ։

Խարբերդ քաղաքէն համայնապատկեր։ Եփրատ գոլէճի համալիրը կը տեսնուի պատկերին վերը՝ ձախ կողմի վրայ (Աղբիւր՝ Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955)

Միսիոնարական դպրոցներուն կառուցումը եւ ասոր կողքին սոյն հաստատութիւններէն ներս դասաւանդման նոր եղանակներու որդեգրումն ու աղջիկներու կրթութեան արագ զարգացումը ամէն բանէ առաջ իմացական ու կենցաղային ուժգին ցնցում մը յառաջացուցած պէտք է ըլլայ գաւառային այս միջավայրին մէջ։ Պարզ է որ Խարբերդի հայութեան մեծամասնութիւնը կազմող լուսաւորչական համայնքը պիտի փափաքէր նաեւ իր սեփական հաստատութիւնները ունենալ։ Նիւթական միջոցներու առումով մրցակցութիւնը անհաւասար մակարդակի վրայ է, բայց եւ այնպէս ակներեւ է որ համայնքային վարիչներուն համար կարելի չէր այս հարցով կրաւորական դիրք բռնել։

Խարբերդ 1902. վերի հատուածին մէջ կը տեսնենք Եփրատ գոլէճի համալիրը։ Ամէնէն ծայրը ձախին, փոքր գմբէթով շէնքը՝ տղոց գիշերօթիկը. աջին՝ տղոց երկրորդական վարժարանը. ձախէն երրորդ շէնքը՝ տղոց գոլէճը. սոյն շէնքը անցքով մը կը միանայ աւելի աջ գտնուող գոլէճին ընդհանուր տնօրէնին տան. ամէնէն վերը աջին, դարձեալ փորք գմբէթով շէնքը՝ աղջկանց գոլէճը, որուն մէջ կը գտնուի նաեւ աղջկանց գիշերօթիկը. ճիշդ վարը գտնուող ճերմակ երկար շէնքը՝ մանկապարտէզն ու աղջկանց նախակրթարանը; այս վերջինին ձախին գտնուող երրայարկ շէնքը՝ միսիոնարներու բնակարաններ (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

Նոյն երեւոյթը կը նկատուի նաեւ օսմանեան պետական մակարդակին վրայ։ 1856-ին Խրիմի պատերազմին իր պարտութենէն ետք, Օսմանեան կայսրութիւնը, եւրոպական պետութիւններու ճնշումին տակ, կը ստիպուի նոր բարեփոխումներ գործադրութեան դնել։ Այս փոփոխութիւններուն մէջ կան նաեւ կրթական համակարգին ազատականացումը, նոր վարժարաններ բանալու օրէնքին յարաբերական մեղմացումը [2]։ Այս պայմաններուն մէջ միսիոնարական դպրոցներուն բազմացումը ահազանգի կը մատնէ օսմանեան պետութիւնը։ Նոյն այս ժամանաներուն է նաեւ որ օսմանեան միջավայրին մէջ աւելի շեշտակի կը դառնայ դպրոցին դերը իբրեւ տեղական ընկերութիւններուն մէջ գործող ազդեցութեան լծակ։ Օսմանեան պետութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ կայսրութեան սահմաններէն ներս միսիոնարական վարժարաններուն այս արագ աճին նկատմամբ։ Օրինական ճանապարհներով կարելի չէր անոնց գործունէութիւնը կասեցնել. կը մնար ուրեմն հիմնել կրթական հաստատութիւններու պետական ցանցը։ Օսմանեան վարիչներուն ամենէն աւելի շատ մտահոգողը այն փաստն է, որ օտար այս վարժարաններ կը սկսին յաճախել նաեւ իսլամ աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ։ Այս բոլորը հիմնական պատճառներ են, զորս պետութիւնը կը մղեն յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու գաւառներուն մէջ պետական վարժարաններու հիմնումին եւ անոնց արդիականացումին [3]։

Խարբերդ քաղաքէն ընդհանուր տեսարան մը (Աղբիւր՝ Rev. Edwin M. Bliss, Turkey and the Armenian Atrocities, London, 1896)

Արդ, միսիոնարական կրթական աշխոյժ եւ հզօր ցանցի մը յառաջացումը աշխատանքի եւ զօրաշարժի հրաւէր մը կը դառնայ թէ՛ օսմանեան պետական եւ թէ համայնքային (միլլէթ) մարմիններուն ուղղուած։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ պետական եւ համայնքային կառոյցները գործի կը լծուին եւ մեծապէս կը բազմանան գաւառներու մէջ պետական եւ համայնքային վարժարաններուն թիւը։ Բայց Խարբերդի տարածքին օրինակը յստակօրէն ցոյց կու տայ նաեւ թէ համայնքային կառոյցները, բաղդատած պետականին, որքան աւելի յանձնառու եւ ընդունակ են իրենց ձեռնարկած կրթական աշխատանքներուն մէջ։ Խարբերդի դաշտին մէջ քանի մը տասնամեակներու կարճ ժամանակամիջոցին ընթացքին հայ լուսաւորչական համայնքին կողմէ կրթական հաստատութիւններու արագընթաց աճն ու զարգացումը ամենէն առաջ արդիւնք է կազմակերպական ոգիի, համայնքային ներքին համագործակցութեան եւ զօրակցութեան։

Երկու լուսանկար Եփրատ գոլէճի շրջանաւարտներու, որոնք ընդունուած սովորութեան համաձայն, ծաղիկներ կը ստանան աշակերտներէն։
1. Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ,
Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք
2. Խարբերդ, 1908
(Աղբիւր՝ Լեւոն Լիւլէճեանի արխիւներ. շնորհակալութիւններ՝ Սեւակ Եարալեանին, Լոս Անճելըս)

Փաստօրէն, իւրաքանչիւր քաղաքային թաղամասի կամ իւրաքանչիւր գիւղի մէջ դպրոց հիմնելը կը դառնայ ինքնին նպատակ մը։ Ծրագիրին իրականացումին մէջ մեծ դեր կ՚ունենայ նաեւ տեղայնական պատկանելիութեան ազդակը։ Երբ հայ գիւղ մը կը յաջողի իր դպրոցն ու նոր եկեղեցին կառուցել, դրացի գիւղի հայերուն համար վարկաբեկիչ կը նկատուի համայնքային սեփական շէնքերէ զուրկ ըլլալը։ Իսկ այս դրական մրցակցութեան մէջ կարեւորագոյն դեր կը խաղայ նաեւ խարբերդցի հայերու պանդխտութիւնը յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ամերիկեան գործարաններու մէջ աշխատող խարբերդցիներ 19-րդ դարու վերջաւորութենէն կը հիմնեն զանազան «Հայ լուսաւորչական կրթասիրաց ընկերութիւններ», որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ խարբերդեան առանձին քաղաք մը կամ գիւղ մը։ Այս միութիւններուն ուղարկած նիւթական նպաստները վճռական դեր կ՚ունենան նոր դպրոցի եւ նոր եկեղեցիի կառուցումը յաջողութեամբ պսակելուն մէջ։ Դպրոցներու պարագային, նոյն այս միութիւններն են նաեւ, որոնք կը ֆինանսաւորեն որակեալ ուսուցիչներու գիւղերէն ներս գործունէութիւնը։ Պոլսոյ հայկական համայնքային մարմինները, որոնց շարքին յատկապէս կրթութեամբ զբաղող «Միացեալ ընկերութիւնը» նոյնպէս կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենան Խարբերդի դաշտին մէջ կրթական կեանքին արձանագրած յաջողութեան մէջ։

Խարբերդ (քաղաք)

Հին դպրոցը

Մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը – կարգ մը գիւղերու մէջ մինչեւ նոյն դարուն վերջը – Խարբերդի դաշտին մէջ տիրապետող են ծխական դպրոցները, ուր աշակերտներու կրթութիւնը կը յատկանշուի իր նախնական եւ ոչ-մանկավարժական բնոյթով։ Այս դպրոցները գիւղին կամ քաղաքին թաղային եկեղեցիին կողքին շինուած կառոյցներ են։

Այստեղ յաճախող երախան կամ պատանին իր հետ կ՚ունենայ փայտեայ պնակ (կամ բնակ) մը, որ քառանկիւն փոքր տախտակ մըն է. անոր վրայ փակցուած է թուղթի վրայ գրուած հայերէն այբուբենի տառերը։ Դպրոցին բացման օրերը երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ է։ Աշակերտը այստեղ կը ժամանէ առտուայ կանուխ ժամերուն, անպայմանօրէն կը մասնակցի եկեղեցւոյ առտուայ պատարագին, ապա մէյ մըն ալ տուն կը վերադառնայ երեկոյեան՝ դարձեալ ժամերգութեան աւարտէն ետք։ Այլ խօսքով, նախնական այս վարժարաններուն մէջ աշակերտ մը կ՚անցնէ գրեթէ 12 ժամ [4]։ Ըստ Մանուկ Ծերօնի, Բարջանճ (Բերջենճ, ներկայիս՝ Աքչաքիրազ) գիւղին մէջ, նախքան կանոնաւոր դպրոցներուն հաստատումը, նախնական տիպի վարժարանները բաց են միայն ձմեռ եղանակին՝ 2-3 ամիս [5]։ Խույլու գիւղին մէջ նոյնպէս դպրոցը կը սկսի «բամաքաղ»էն (բամպակաքաղ) ետք՝ դեկտեմբերի սկիզբը, եւ կը տեւէ 4-5 ամիս։ Դասընթացքներուն դադարեցման ժամանակ պարզ է որ գիւղական այս վայերուն մէջ աշակերտ եւ ուսուցիչ կը լծուին երկրագործական առօրեայ աշխատանքներուն [6]։

Խարբերդի մէջ թրքական նախնական տիպի դպրոց մը։ Նկարը (ca 1913) առնուած է գերմանական միսիոնարական թերթէ մը։ Շատ հաւանական է որ հայկական նոյն տիպի դպրոցները մօտաւորապէս նոյն պատկերը կը ներկայացնէին (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 12., 15. Jahrgang, September 1913)

Գրել-կարդալ սորվելուն կողքին, այս վարժարաններուն մէջ կը դասաւանդուի թուաբանութիւն (գումարել, իրարմէ հանել)։ Կը պատահի յաճախ որ գիւղական կամ թաղային վարժապետները – ընդհանրապէս քահանաներ – միայն այսքան բան գիտեն թուաբանութենէն, այնպէս որ աշակերտները չեն սորվիր բազմապատկելու եւ բաժնելու գործողութիւնները։ Մանուկ Ծերօն ասոր կու տայ «գիւղական թուաբանութիւն» անուանումը, այսինքն աշակերտը ապագային պէտք է կարենայ ըմբռնել ցորենի, բամպակի, տուրքերու հաշիւները։ Այս իմաստով հետաքրքրական է որ թուաբանական այս գործողութիւնները կը սորվին արաբական (ներկայիս արաբական աշխարհին մէջ տակաւին գործածուող) թուանշաններով, որն փաստօրէն կը համապատասխանէ կայսրութեան պետական գործածութեան թուանշաններուն։ Կը կատարուի նաեւ Նարեկի, Սաղմոսի, Աստուածաշունչի, Ժամագիրքի ընթերցում՝ գրաբար լեզուով։ Աշակերտները այս գիրքերէն ամբողջ բաժիններ պէտք է գոց սորվին [7]։

Նախնական այս կրթութեան ամբողջ ընթացքը հետեւելէ ետք, պատանին կ՚արժանանայ «կարդացող տիրացու» տիտղոսին, արժանի է այսուհետեւ մէջքին «տիւիտ» (գրչակալ) կրելու, կրնայ առեւտուրի կամ գործի ասպարէզ մտնել, տիրացու կամ քահանայ դառնալ [8]։

Եփրատ գոլէճի համալիրէն ներս։ Կը տեսնենք աշակերտները (հաւանաբար ասոնց շարքին որբեր) միսիոնին պատկանող հացի փուռին առջեւ (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

Այս դպրոցներուն մէջ ուսուցիչներուն վարձատրութիւնը յաճախ առօրեայ գործածութեան սնունդներ կամ առարկաներ են, ինչպէս պլղուր, բակլա, ծեծած, ոսպ, լուբիա, հաց, խաւուրմա, խաղող, աղի հիսոթ (պիպեռի թուրշի), դդումով գինի, փայտ [9]։ Վարձատրութեան այլ կերպ մըն է աշակերտին ծառայութիւնները վարժապետին ընտանիքին։ Այս մէկը կը կայանայ օրինակի համար աշակերտին կողմէ աղբիւրէն ջուր բերելով կամ ոստայնանկութիւն ընող վարժապետին օգնելով [10]։

Ծխական դպրոցները աւելի շատ կը ծառայեն եկեղեցիի սպասարկողներ եւ դպրաց դասին մէջ երգողներ պատրաստելու նպատակին։ Վարժապետին լաւ ձայն ունենալն ու լաւ երգելը յաճախ կարեւորագոյն յատկանիշներ կը համարուին վարժապետի պաշտօնին ընտրութեան պահուն։ Այս բոլորը թերեւս աւելի հասկնալի կը դարձնեն թէ ինչու շատ մը հայ երեւելիներ հաշտ աչքով չեն նայիր 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ այն յառաջդիմական ճիգերուն, որոնք կը ձգտին այս նախնական վարժարաններուն փոխարէն աւելի արդի կրթական մեթոտներով հաստատութիւններ հիմնել։ Պահպանողական մտայնութեան համոզումով, այսպիսի նոր վարժարաններ գիւղերէն ու քաղաքներու հայկական թաղերէն պիտի նուազեցնեն քահանաներուն եւ դպիրներուն թիւը եւ այս մէկը կը կարծուի որ հոգեւոր կեանքի անկումին պատճառ պիտի ըլլայ։

Աշակերտներուն նկատմամբ գործածուող ծեծը միշտ առկայ է այս տեսակ դպրոցներու մէջ [11]։ Կարապետ Լիւլէճեան զանազան մարնամասնութիւններ կը փոխանցէ անոնց մասին։ Վարժապետներուն մօտ ամենէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող ծեծի տեսակը կը համարուի ֆալախան, որ խարբերդցիներու բարբառով կը կոչուի փալախա։ Աշակերտը գետին կը պառկեցնեն, կը բոպիկցնեն, ոտքերը կը կապեն, ապա ճիպոտով մը (տեղական բարբառով մրմուր չպուխ), - որ կրնայ ըլլալ թթենիի ոստ մը –, ուսուցիչը կը հարուածէ պատժուած տղուն ոտքին ներբանը։ Ֆիզիքական չարչարանքի այլ ձեւեր ալ կան. ուսուցիչը աշակերտին ականջներէն կը բռնէ ու վեր կը բարձրացնէ, կ՚ապտակէ, գետին կը նետէ զայն ու ոտքերով կը հարուածէ, թեւերէն կախել կու տայ զայն ու անոր քովէն անցնող ամէն աշակերտի կը պատուիրէ որ երեսին թքէ։ Ուրիշ անգամներ վարժապետը աշակերտը կը բոպիկցնէ ու այս վիճակով կը հրահանգէ պաղ քարին կամ ձիւնին վրայ կանգնիլ։ Կամ՝ իբրեւ պատիժ, աշակերտը պէտք է եկեղեցիին դրան սեմին ժամերով ծունկի գայ՝ ձեռքին բռնած ծանր քար մը կամ Յայսմաւուրքը։ Այլ օրինակ մըն է մէկ ոտքի վրայ կանգնիլը եւ այդ վիճակով Սաղմոսէն ամբողջ համար մը գոց սորվիլը։ Խարբերդի այս նախնական դպրոցներուն եւ այնտեղ գործադրուող պատիժներուն պատկերը իր առաջ ունենալով է որ Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան) 1893-ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Հայրենիք» թերթին մէջ տպած է «Վասն մեղաց մերոց» պատմուածքը [12]։

Խարբերդ քաղաքէն համայնապատկեր մը։ Վերին հատուածին մէջ կ՚երեւի Խարբերդ գոլէճի համալիրը. (1) Տոքթ. Ոիւլըրի անուան տունը; (2) Ճ. Ք. Պրաունի անուան տունը; (3) Օրսոն Ալլէնի անուան տունը; (4) Աղջկանց գոլէճը; (5) Հերման Պարնումի անուան տունը; (6) Տղոց գոլէճը; (7) Տղոց երկրորդական վարժարանը; (8) Աղօթարան; (9) Ս. Յակոբ եկեղեցին; (10) Ճ. Լ. Պարթոնի անուան տունը (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)

Ամերիկեան միսիոնին կրթական գործունէութիւնը Խարբերդի մէջ

Առաջին ամերիկացի միսիոնարը որ կ՚այցելէ Խարբերդ Ճորճ Տընմօրն է։ Ան մաս կը կազմէ American Board of Commissioners for Foreign Missionsին (ABCFM)։ Տընմօր Խարբերդ կու գայ 1852-ին եւ յարմար կը նկատէ այստեղ միսիոնարական գործունէութիւն մը ծաւալելու։ Ինքն է որ Խարբերդ քաղաքին բարձունքներուն վրայ կը գնէ Քէշիշ օղլուին պատկանող քոնաքը, ուր հետագային ալ կը կառուցուին Եփրատ գոլէճի շէնքերը։ Իրեն կը միանան ուրիշներ՝ Տոքթր. Քրոզպի Ուիլըր եւ Օրսոն Ալէն։ Ամերիկեան միսիոնին պատկանող առաջին կրթական հաստատութիւնը կ՚ըլլայ Աստուածաբանական վարժարանը (Harpoot Theological Seminary), որ կը հիմնուի 1859-ին, Խարբերդ քաղաքին մէջ։ Նոյն տարիներուն միսիոնը քաղաքին մէջ կը բանայ նաեւ նախակրթարաններ։

Քրոզպի Ուիլըր Խարբերդ կը մնայ 1857-էն 1875։ Ապա, միսիոնարը կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ՝ գոլէճի ծրագիրին համար դրամահաւաք կատարելու նպատակով։ Կը յաջողի հաւաքել 180 000 ամերիկեան տոլար։ Այս պայմաններուն մէջ շինարարական աշխատանքները ծայր կ՚առնեն եւ 1878-ին Խարբերդի մէջ կը բացուի միսիոնարական տղոց գոլէճը։ Անիկա կ՚անուանուի Արմէնիա գոլէճ, որ հետագային կը վերակոչուի եւ կը դառնայ Եփրատ գոլէճ։ Առաջին տարին այստեղ կը յաճախեն 34 աշակերտներ [13]։

Խարբերդի ամերիկեան կրթական հաստատութիւնները կը հանդիսանան լուսաշող կեդրոններ արեւմտեան Անատոլիայի այս տարածքին մէջ։ Ամերիկացի միսիոնարներուն արգասիքը հանդիսացող գոլէճն ու միւս կառոյցները կրթական զարգացումի ամբողջ յեղաշրջում մը յառաջ կը բերեն այս տարածքէն ներս։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հիմնուած միսիոնարական այլ կրթական կեդրոններուն կողքին, Եփրատ գոլէճը նոյնպէս ամէն պատճառ ունի միսիոնարներու հպարտանքին առարկան ըլլալու։ Սխալ չէ մտածել թէ այստեղ դասաւանդուող նիւթերուն շարքին կարեւոր տեղ գրաւած են նաեւ բողոքականութեան քարոզչութիւնը եւ ամերիկեան ազդեցութեան ամրապնդումը։ Այս իմաստով վստահաբար իրականութեան կը համապատասխանէ Խարբերդի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսին մէկ գրաւոր վկայութիւնը, երբ 1903 թուականին կը գրէ թէ ամերիկացի դասատուներու, ամերիկեան դասագիրքերու եւ ամերիկեան դասաւանդման մեթոտներու մուտքը լաւագոյն գրաւականն է այս տարածքներէն ներս Միացեալ Նահանգներու տնտեսական գերակայութիւնը ապահովելու համար [14]։ Բայց այս բոլորը կարելի է երկրորդական գործօններ համարել, երբ նոյն ժամանակ նկատի ունենանք Խարբերդի միսիոնարական դպրոցներուն դերը տեղական կրթական կեանքին զարգացումին մէջ։

Հետաքրքրականը հոն է, որ հայկական սկզբնաղբիւրները, որոնք անդրադարձած են Եփրատ գոլէճի պատմութեան եւ գործունէութեան, ոչ միայն իրենց կարգին դրուատիքով կը գրեն անոր մասին, այլ նաեւ անոնց գրութիւններուն մէջ կը տիրէ այն տպաւորութիւնը թէ այս հաստատութիւնը հիմնական դերակատար մը եղած է հայկական տեղական կեանքին մէջ։ Նոյն հեղինակները վեր կ՚առնեն նաեւ այն փաստը թէ գոլէճը շատ մը կողմերով կրած է հայկական նկարագիր։ Խորքին մէջ, այսպիսի մտայնութիւն մը շատ ալ հեռու չէ իրականութենէն։ Փաստօրէն, միսիոնարական այս հաստատութեան մէջ հայերէնը դասաւանդման գլխաւոր լեզուն է բոլոր դասարաններուն համար, այստեղ դասաւանդող ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը հայեր են, հաստատութիւնը կը հետեւի հայկական տօնացոյցին, որուն համաձայն ալ Բարեկենդանը, Զատիկը, Վարդանանքը տօնական օրեր են։ Պատահած է որ գոլէճի կարգ մը նախագահներ, ինչպէս օրինակ Ըրնէսթ Ռիկզ, փորձ ըրած են անգլերէնը հզօրացնել ի հեճուկս հայերէնին։ Բայց այն ատեն անոնք ուժեղ ընդդիմութեան մը հանդիպած են գոլէճին հայերուն կողմէ եւ վերջաւորութեան հրաժարած՝ այսպիսի քայլէ մը։ Ճիշդ է որ գոլէճին մէջ կը տիրեն կրօնական պահպանողական սկզբունքներ եւ ուսուցիչ ու աշակերտ պարտաւոր են հետեւիլ ասոնց, բայց նոյն ժամանակ անուրանալի է որ ամերիկեան այս հաստատութիւնը պարարտ հող մըն է հայկական յեղափոխական գաղտնի խումբերու կազմութեան։ Հակառակ տնօրէնական կազմին ջանքերուն, գործադրած պատիժներուն եւ ուսանողներու վտարումներուն, Եփրատ գոլէճը համիտեան տարիներուն կը հանդիսանայ այն վայրը, ուր հայ երիտասարդներ կ՚ապրին յեղափոխական իրենց առաջին խմորումները, առաջին անգամ ըլլալով կը ծանօթանան այստեղ հնչակեան կամ դաշնակցական ընդյատակեայ հայկական կուսակցութիւններու գործունէութեան եւ նոյնիսկ մաս կը կազմեն աշակերտական-ուսանողական գաղտնի խմբակներու։

Եփրատ գոլէճի նուագախումբը (Աղբիւր՝ Յաբէթ Փիլիպպոսեան (խմբագիր), Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի, 1878-1915, Պոստոն, 1942)

Հայերը նաեւ համոզուած են թէ այս հաստատութիւնը կարճ ժամանակ ետք ուղղակի իրենց տնօրինումին ենթակայ պիտի ըլլայ։ Այս տեսակէտը կրնայ թէեւ միամիտ համարուիլ, բայց եւ այնպէս այս մասին պաշտօնական ակնարկութիւն մը – աւելի ճիշդը ասոր մօտ ակնարկութիւն մը – կը գտնենք գոլէճին սահմանդրութեան 8-րդ յօդուածին մէջ, ուր կը նշուի թէ եթէ ամէն ինչ «ապահով եւ բաղձալի» (safe and desirable) ըլլայ, 1925 թուականէն ետք գոլէճին վարչութիւնը ամբողջովին պիտի անցնի տեղաբնիկներուն ձեռքը, իսկ ամերիկացի միսիոնարները Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի շարունակեն պահել հաստատութեան խնամակալութիւնը [15]։

Գոլէճ անուանումը ամերիկեան միսիոնին բառապաշարին մէջ կը սկսի առնել ընդհանրական նշանակութիւն եւ անիկա իր մէջ կը սկսի ընդգրկել ո՛չ միայն առանձին գոլէճը, այլեւ միսիոնին կից բոլոր միւս կրթական հաստատութիւնները, որոնց շարքին մանկապարտէզը, նախակրթարանը միջնակարգն ու երկրորդական վարժարանը։ Մենք եւս այս յօդուածին մէջ կ՚որդեգրենք գոլէճի վերոնշեալ ընդհանուր նշանակութիւնը։

Գոլէճին (իմա՛ ամբողջ կրթական համալիրին) յաջորդական նախագահներն են՝

  1. Քրոզպի Ուիլըր, որ կը պաշտօնավարէ 1878-էն 1893,
  2. Ճէյմս Լեւի Պարթըն (1893),
  3. Հերման Ն. Պարնըմ (1893-1894, ապա 1902-1903),
  4. Քալեպ Ֆ. Կէյց (1894-1901),
  5. Հենրի Հ. Ռիկզ (1903-1910),
  6. Ըրնէսթ Ռիկզ (1910-1915) [16]։

Խարբերդ, 1902. ամերիկեան միսիոնին պատկանող շէնքերը կ՚երեւին նկարին վերի բաժինին մէջ։ Երկու այս պատկերներն ալ հին արտադրութիւններ են։ Առաջինը տպուած է բացիկի ձեւով եւ ժամանակին զայն տպող լուսանկարիչը գունազարդած է։ Երկրորդը նոյն պատկերին սեւ ու սպիտակ բնատիպն է (Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ [վերի պատկեր]; Մարիա Եաքոպսենի հաւաքածոյ [վարի պատկեր])

Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի իշխանութեան օրերուն է որ տեղի կ՚ունենայ գոլէճին վերանուանումը։ Այսպէս, այդ տարիներուն որդեգրուած օսմանեան նոր օրէնքները իրաւական արգելքներ կը յարուցանեն միսիոնարական դպրոցներուն գործունէութեան առջեւ։ 1888-ին, տեղւոյն վալին կը բողոքարկէ «Արմենիա գոլէճ» անուանումին դէմ եւ բացատրութիւն կը պահանջէ այս մասին։ Ասոր լոյսին տակ, ամերիկացի միսիոնարները յարմար կը նկատեն վերատեսութեան ենթարկել այս անուանումը եւ նոյն տարին իսկ հաստատութիւնը կը վերակոչուի «Եփրատ» կամ «Ֆրաթ» գոլէճ [17]։ Ասոնք այն տարիներն են, երբ համիտեան իշխանութիւններուն գործադրած խստութիւնները կը սկսին նաեւ արտայայտութիւն գտնել դասաւանդութիւններուն մէջ։ Այսպէս, ըստ Վահէ Հայկի, կ՚արգիլուի դասապահերուն ընթացքին «հայ», «զէնք», «դանակ», «սուր», «պատերազմ» եւ այլ բառերու գործածութիւնը, կը գրաւուին հայոց պատմութեան դասագիրքերը, որոնց շարքին 5-րդ դարու հայ մատենագիրներու՝ Եղիշէի եւ Եզնիկ Կողբացիի գործերը։ Նոյն այս տարիներուն, սեւ գիծեր կը քաշուին անգլերէնով գրուած գիքերուն մէջ տեղ գտած «Armenia» եւ «Armenians» բառերուն վրայէն [18]։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճ, 1905. ուսուցչական կազմը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճ. գոլէճի ուսանողներ, 1906 (Աղբիւր՝ Լեւոն Լիւլէճեանի արխիւներ. շնորհակալութիւններ՝ Սեւակ Եարալեանին, Լոս Անճելըս)

1895-ին, նոյն սուլթանին իշխանութեան տարիներուն է նաեւ որ տեղի կ՚ունենան հակահայկական զանգուածային բռնութիւնները, որոնցմէ անմասն չի մնար նաեւ Խարբերդ քաղաքը։ Ամերիկեան միսիոնին պատկանող կրթական շէնքերէն ութը հատը կը թալանուին եւ կը հրկիզուին [19]։

Գործը սակայն հոս կանգ չառներ։ Շէնքերը կը վերաշինուին եւ նորեր կ՚աւելնան։ Ամերիկեան միսիոնարները կը յաջողին Խարբերդի մէջ հաստատել այնպիսի կառոյց մը, որ անձի մը կրթութիւնը կրնայ ապահովել մանկապարտէզի փոքր տարիքէն մինչեւ գոլէճի երիտասարդական տարիները։ Այս կը նշանակէ որ շատ մը անձեր այս հաստատութիւններուն մէջ մնացած են մօտաւորապէս 15 տարի շարունակ, իսկ ոմանք ալ աւելի երկար՝ նկատի ունենալով որ հետագային նոյն գոլէճին մէջ ուսուցչութիւն ըրած են։ Այս բոլորը անշուշտ կը ստեղծեն զօրաւոր փոխ-ազդեցութիւններ տեղացիներուն եւ ամերիկեան միսիոնարական հաստատութիւններուն միջեւ։ Գոլէճին մանկապարտէզը կը յաճախեն մինչեւ վեց տարեկան երախաները։ Վեց տարեկանը բոլորած մանուկները կը մտնեն մանկարան կոչուող հաստատութիւնը, ուր կը մնան երեք տարի։ Այնուհետեւ կը յաճախեն կրթարան կոչուող դպրոցը, որուն տեւողութիւնը նոյնպէս երեք տարի է։ Ապա կարգը կու գայ վարժարանին, ուր աշակերտ մը պէտք է երեք տարի շարունակ դասընթացքներու հետեւի։ Հետագային այս համակարգը որոշ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի։ Այսպէս, վերջին կարգը՝ վարժարանի, կամ երկրորդական վարժարանի տեւողութիւնը կը դառնայ չորս տարի։ Երկրորդականի շրջանաւարտներն են միայն որոնք կրնան գոլէճ մտնել, որու դասընթացքները նոյնպէս կը տեւեն չորս տարի [20]։

Խարբերդ, 1902։ Նկարին կեդրոնը կը տեսնենք ամերիկեան միսիոնին արհեստանոցի շէնքը (‘self-help shop’) (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն առաջ հաստատութիւնը կը ներկայացնէ մեծ համալիր մը որ կազմուած է բազմաթիւ շէնքերէ։ Այստեղ կան կրթական հաստատութիւններու հինգ շէնքեր, երկու գիշերօթիկ, նախագահին շէնքը, միսիոնարներուն յատկացուած բնակարանային երկու շէնքեր, ուսուցչանոց մը, հանդիսասրահ մը («Ուիլըր Հոլ» [Wheeler Hall], որ կրնայ ընդունիլ 1500 անձեր), ընդարձակ խաղավայր մը, ժողովարան-եկեղեցին, արհեստանոցներու շէնքը (զայն կ՚անունաեն self-help shop)։ Բոլորն ալ կառուցուած են հայերով բնակուած քաղաքին արեւմուտքը՝ Վերի Թաղին մէջ, այսինքն՝ լերան կողին եւ կատարին վրայ։ Միսիոնարական այս բոլոր շէնքերը ինքնուրոյն թաղամասի մը տեսարանը կը ներկայացնեն։ Այստեղ գոյութիւն ունի նաեւ ջրամբար մը, որուն միջոցաւ հաստատութեան զանազան կառոյցներուն կը հայթայթուի տաք եւ պաղ ջուր։ Ջուրի հայթայթման գործին կը սատարէ նաեւ հողմանիւ մը, որն անձամբ կառուցած է Եփրատ գոլէճի նախագահներէն՝ Հենրի Ռիկզ։ Ամերիկացի այս միսիոնարը վարպետ մեքենագէտ մըն էր։ Ան նաեւ գոլէճին շէնքերէն մէկուն վրայ կը հաստատէ չորս երեսներով մեծ ժամացոյց մը։ Համալիրը սկսած էր նեղ գալ գոլէճին կարիքներուն։ Այնպէս որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ծրագիր կար հաստատութիւնը տեղափոխելու Խարբերդի դաշտին մէջ աւելի ընդարձակ վայր մը [21]։

Խարբերդի ամերիկեան միսիոնէն ներս։ Ձախին՝ ամերիկացի միսիոնար՝ Ճորճ Քնափփ, իսկ աջին՝ Խաչատուր Պէննէեան (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

Գոլէճի շէնքին մէջ կը գտնուի նաեւ ամերիկեան միսիոնին գրադարանը։ Անիկա բաղկացած է 8000 գիրքերէ, որոնք մեծամասնութեամբ հայերէն են։ Կան նաեւ անգլերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն գիրքեր։ Գրադարանը կը ստանայ նաեւ պոլսական մամուլ։ Գրադարանապետի պաշտօն վարած է Կարապետ Մ. Սողիկեան, որ օգնական ունեցած է՝ Անդրէաս Տէր Ղազարեան [22]։

1889 թուականին գոլէճը կ՚օժտուի իր սեփական տպարանով, ուր կարելի է հայատառ եւ լատինատառ տպագրութիւններ կատարել։ Տպարանին վարիչն է գոլէճի ուսանողներէն Մանուկ Տինճեան, որուն կ՚օժանդակեն Խաչատուր Պէննէեան, Յովհաննէս Փաշկեան, Մկրտիչ Ջամալեան։ Առաջին հրատարակութիւններէն կ՚ըլլան հայերէն դասագիրքեր, տետրակներ, անգլերէն ընթերցարաններ։ Բայց 1896-ին, օսմանեան իշխանութիւններուն հրամանով տպարանը կը դադրի գործելէ։ Պէտք էր սպասել մինչեւ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, վերստին տեսնելու համար տպարանին բանիլը։ Այսպէս, 1909-ին գոլէճը կ՚ունենայ իր հայերէն պաշտօնաթերթը, որ կը կոչուի «Եփրատ»։ Անկէ առաջ՝ 1891-էն սկսեալ, գոլէճի շրջանակին մէջ Գարեգին Պէշկէօթիւրեան (1868, Խարբերդ-1891, Խարբերդ) լոյս ընծայած է ձեռագիր եւ խմորատիպ «Ասպարէզ» կոչուող թերթ մը, որ կաճատեւ կեանք ունեցած է։ «Եփրատ»ը կը համարուի անոր բնական շարունակութիւնը եւ առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1 Նոյեմբեր 1909-ին։ Կիսամսեայ այս հանդէսին խմբագիրն է Կարապետ Մ. Սողիկեան։ Անոր կ՚աշխատակցին Տօնապետ Լիւլէճեան, Յովհաննէս Պուճիգանեան, Սամուէլ Խաչատուրեան, Մկրտիչ Որբերեան, Նիկողոս Թէնէքէճեան։ Թերթին կողքին, տպարանէն լոյս կը տեսնեն նաեւ շրջաբերականներ, զեկոյցներ, կրօնի դասագիրք («Կրօններու պատմութիւնը», հեղինակ՝ Էտուըրտ Քէրի, «Ամէնուն համար» կոչուող թերթիկ մը, Յովհաննէս Կարապետեանի կողմէ գրուած աշխարհաբար քերականութեան գիրք մը։ Այստեղ կը տպուին նաեւ հայատառ քրտերէնով գիրքեր, այբբենարան, Ս. Գիրքէն հատուածներ, հոգեւոր երգարան, կրօնա-բարոյական դասագիրքեր, Մարտիրոս Շմաւոնեանի «Սիրէ հայը» բանաստեղծութիւնը, Քրոզպի Ուիլըրի «Ոհ հայրենեաց ի մին»ը։ Տպարանին կից կը գործէ նաեւ կազմատուն մը [23]։

1898-1899 տարեշրջանին Խարբերդի գոլէճ (իմա՛ ամբողջ կրթական համալիրը) կը յաճախեն 1051 աշակերտներ, որոնցմէ 548-ը տղաք են եւ 503-ը աղջիկներ։ 1902-1903 տարեշրջանին գոլէճին աշակերտներուն ընդհանուր թիւն է 1045, որոնցմէ 540-ը տղաք են եւ 505-ը աղջիկներ։ Իր հիմնադրութենէն մինչեւ 1915 թուականը՝ մօտ 35 տարիներու գոյութեան ընթացքին, գոլէճէն շրջանաւարտ դուրս եկած են մօտ 600 ուսանող եւ ուսանողուհիներ [24]։

Եփրատ գոլէճին մէջ լոյս տեսնող «Եփրատ» կիսամսեայ հանդէսէն օրինակներ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

1913-ին, Եփրատ գոլէճը մեծ շուքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ հայոց գիրերու տօնին 1500 ամեակին։ Այսպէս, շաբաթ օր մը՝ 13 հոկտեմբերին (նոր տոմարով 25 հոկտեմբեր), կը կազմուի ուսուցչական, գոլէճական եւ աշակերտական մեծ թափօր մը, իսկ նոյն ժամանակ ալ կը սկսին հնչել Խարբերդ քաղաքին եկեղեցիներուն եւ հայկական դպրոցներուն բոլոր զանգակները։ Թափօրին առջեւէն կը քալեն գոլէճական ուսանողներ, որոնցմէ մէկը կը կրէ հայկական այբուբենը ներկայացնող դրօշ մը, ուրիշ մը՝ գոլէճին վարդակարմիր գոյնով դրօշը եւ երրորդ մը՝ օսմանեան դրօշը։ Թափօրին մէջ կան նաեւ այլ ուսանողներ, որոնք բարձր բռնած են Սահակ Մեսրոպի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերները։ Խումբը նախ կ՚անցնի բողոքական նախակրթարանին առջեւէն, ուր իրեն կը միանան հաստատութեան աշակերտները։ Ապա, Կեդրոնական վարժարանին (Ս. Յակոբ) մուտքին, թափօրին կը միանան այստեղի աշակերտութիւնը։ Բոլորն ալ հաւաքաբար կը սկսի երգել ազգային երգեր։ Կը հասնին թրքական սուլթանիէ դպրոցին առջեւ, ուր բոլորը միասին կը կոչեն՝ «Կեցցէ՛ կայսրը, կեցցե՛ն Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ»։ Թափօրը այս անգամ կ՚ուղղուի դէպի Հիւսէնիկ։ Հոս անոնք կը դիմաւորուին տեղական հայկական վարժարաններու աշակերտներուն կողմէ, որոնք նոյնպէս դրօշակներ կը կրեն ու միասին կ՚երգեն։ Բոլորը պահ մը կը հաւաքուին տեղւոյն եկեղեցիին ներսն ու դուրսը, ապա հաւաքաբար կը վերադառնան Խարբերդ քաղաք, կ՚անցնին Սինամուտ թաղէն, ետքը՝ ասորիներու թաղէն, Ս. Կարապետ եկեղեցիին առջեւէն եւ կը հասնին աղջկանց Սմբատեան վարժարանը։ Այստեղ կարճ դադարէ մը ետք եւ ուղերձ մը լսելէ ետք, խումբը իր ճամբան կը շարունակէ դէպի բողոքականներու աղջկանց Կեդրոնական վարժարանը, ապա Ս. Ստեփանոսի տղոց թաղային վարժարան։ Ամէն տեղ ալ գոյնզգոյն դրօշակներով խումբին կը միանան սոյն հաստատութիւններուն աշակերտները։ Թափօրը այնուհետեւ կը հասնի քաղաքապետարանին եւ կառավարչատան առջեւ, որմէ ետք՝ շուկային մէջէն անցնելով, դարձեալ կը հասնի իր մեկնակէտը, այսինքն Եփրատ գոլէճ։ Մօտ 1500 անձեր մաս կը կազմեն այս թափօրին։

Յաջորդ օրը կէսօրին, յոբելինական հանդիսութիւնը կը շարունակուի այս անգամ նոյն Եփրատ գոլէճին փակին մէջ։ Ներկայ է այս անգամ Խարբերդի առաջնորդը՝ Պսակ Ծ. վարդապետ։ Սմբատեան վարժարանի սրահին մէջ Սահակի եւ Մեսրոպի թեմայով տեղի կ՚ունենայ կենդանի պատկերի ներկայացում։ Ասկէ ետք ժողովուրդը կը հաւաքուի Բերդին հրապարակը, ուրկէ թափօրը ճամբայ կ՚ելլէ առաջնորդութեամբ քափուչիններու վարժարանի փողերախումբին։ Տեղի կ՚ունենայ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին կ՚երգուին Թարգմանչաց շարականներ, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Ի բիւր ձայնից»ը, «Ազատն Աստուած»ը, խօսք կ՚առնեն Վարդան քհնյ. Արսլանեան, Յովհաննէս Պուճիգանեան, Տօնապետ Լիւլէճեան, Թլկատինցի, Ս. Մանուկեան [25]:

Եփրատ գոլէճի համալիրէն ներս։ Նկարին մէջ կ՚երեւին որբեր եւ այլ երախաներ՝ դպրոցէն վերադարձին։ Ձախին, առաջին մակարդակի վրայ կ՚երեւի Williams Building կոչուող կառոյցը։ Ձախին, ամէնէն ետին կը տեսնենք նոր կառուցուող բողոքական եկեղեցին (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

Հոկտեմբեր 1913, Խարբերդ. հայոց գիրերու գիւտին 1500 ամեակի տօնակատարութիւնը Եփրատ գոլէճէն ներս (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Խարբերդ, հոկտեմբեր 1913. հայոց գիրերու գիւտի տօնին 1500 ամեակի հանդիսութեան պաշտօնական յայտագիրը (Աղբիւր՝ Լեւոն Լիւլէճեանի արխիւներ. շնորհակալութիւններ՝ Սեւակ Եարալեանին, Լոս Անճելըս)

Աստուածաբանական Ճեմարան

Կը հիմնուի 1859-ին։ Խարբերդ քաղաքին մէջ ամերիկեան առաջին այս կրթական հաստատութիւնը կորիզը կը հանդիսանայ Եփրատ գոլէճին։

Այստեղ դասընթացքները կը տեւեն երեք տարի։ Դասաւանդուող առարկաներն են՝ հայերէն լեզու, գրաբար եւ աշխարհաբար քերականութիւն, ատենախօսութիւն, հայ ազգային եւ եկեղեցական պատմութիւն, ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, պատմութիւն հին եւ նոր կտակարաններու, աստուածաբանութիւն, բարոյագիտութիւն, փիլիսոփայութիւն, եկեղեցական երգեցողութիւն, տիեզերագիտութիւն, մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն։

Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ պաշտօնավարող ամերիկացի միսիոնար ուսուցիչներ եւ վարչական պատասխանատուներ.- Քրոզպի Ուիլըր, Օրսոն Ալէն, Հերման Պարնըմ, Ճ.Ք. Պրաուն, Ճ.Լ. Պարթըն, Ճորճ Նէփ, Էտուըրտ Ֆ. Քէրի, Հերպըրթ Էթքինսըն, Հենրի Ռիկզ, Ըրնէսթ Ռիկզ [26]։

Հայ ուսուցիչներ

  1. Նիկողոս Թէնէքէճեան՝ թրքերէն եւ պատմութիւն
  2. Կարապետ Սողիկեան՝ հայոց լեզու եւ տարրաբանութիւն
  3. Յովհաննէս Պուճիգանեան՝ իմաստասիրութիւն
  4. Խաչատուր Նահիկեան՝ ուսողութիւն
  5. Ա.Զ. Եղոյեան(1870, Խույլու-1937)
  6. Վարդան Ամիրխանեան
  7. Տէր Վարդան քհնյ. Արսլանեան՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութիւն
  8. Դաւիթ Խաչկոնց՝ բնագիտութիւն

Մինչեւ 1915 թուականը Աստուածաբանական ճեմարանը կ՚ունենայ 116 ընթացաւարտներ։ 1895-ին, հակահայկական բռնութիւններուն ընթացքին, հաստատութիւնը կը քանդուի եւ բազմաթիւ ուսանողներ եւ ուսուցիչներ կը զոհուին։ Հաստատութիւնը ստիպուած կ՚ըլլայ իր դռները փակ պահել մինչեւ 1903 թուականը, որմէ ետք ծայր կ՚առնէ գործունէութեան նոր շրջան մը։

Կարգ մը ընթացաւարտներ.- Մուրատ Մուրատխանեան (խարբերդցի), Կիրակոս Խաչատուրեան (մալաթիացի), Կարապետ Տէր Գասպարեան (խարբերդցի), Մարտիրոս Եշիլեան (խարբերդցի), Ասատուր Անդրէասեան (հիւսէնիկցի), Տրդատ Խոհարարեան (տիարպեքիրցի), Գէորգ Էնֆիէճեան (խարբերդցի), Պետրոս Պէշկէօթիւրեան (խարբերդցի), Գարեգին Չթճեան (իչմէցի), Յակոբ Անտոնեան (տիարպեքիրցի), Կարապետ Լիւլէճեան (խարբերդցի), Սարգիս Սագալեան (խարբերդցի), Գաւմէ Ապլահատեան (տիարպեքիրցի), Սարգիս Երէցեան (պուլանըքցի), Ասատուր Թօփուզեան (խույլուցի), Յովհաննէս Չաթալպաշեան (խարբերդցի), Պետրոս Կարապետեան (փարջանճցի), Գէորգ Տէմիրճեան (խարբերդցի), Թովմաս Մկրտիչեան (Տիարպեքիրի շրջանէն), Մարտիրոս Պաղտասարեան (վանեցի), Արփիար Վարդանեան (մշեցի), Ասատուր Եղոյեան (խույլուցի), Զաքարիա Պետրոսեան (այնթապցի), Յովսէփ Պարտիզպանեան (ուրֆացի), Եզեկիէլ Էլմասեան (հիւսէնիկցի), Յակոբ Մ. Տեփոյեան (կարմրցի), Սոկրատ Մխիթարեան (1890, Պիթլիս-1970) [27]։

Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանին 1895-ի շրջանաւարտները։ Նստած, ձախէն աջ՝ Կարապետ Թաշճեան, Խոսրով Էլմասեան, Յարութիւն Տարագճեան, Տիգրան Վարդիկեան, Խոսրով Թէրվիզեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Եղիա Գզիրեան, Մարտիրոս Լուսարարեան, Յակոբ Նալպանտեան, Սարգիս Տէմիրճեան, Արմենակ Շաղալեան, Սեդրակ Գույումճեան (Աղբիւր՝ Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955)

Եփրատ գոլէճն ու երկրորդական վարժարանը (տղոց բաժիններ)

Գոլէճը (իմա՛ բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւնը) հիմնուած է 1878-ին։ 1886-ին կը կառուցուի գոլէճին քարաշէն եւ մեծածաւալ նոր շէնքը։ Ասոր կողքին կառուցուած է տղոց երկրորդական վարժարանի առանձին շէնքը։ Գոլէճին մէջ աշակերտելու կու գան Խարբերդի դաշտի գիւղերէն եւ կայսրութեան զանազան հայաբնակ քաղաքներէն բազմաթիւ պատանիներ ու երիտասարդներ։ Այս եկուորներուն կեցութիւնը ապահովելու համար գոլէճը կ՚օժտուի նաեւ գիշերօթիկ բաժինով մը, ուր կը մնան աւելի հեռաւոր վայրերէ (ինչպէս Տիարպեքիր, Մալաթիա, Արաբկիր, Ակն, Բալու, Բերրի, Քըղի, Չնքուշ) եկող աշակերտները [28]։

Գոլէճին առաջին շրջանաւարտները.-

Պետրոս Գազանճեան (հիւսէնիկցի), Յակոբ Գալէնտերեան (տիարպեքիրցի), Նիկողոս Թէնէքէճեան (խարբերդցի), Կարապետ Պէշկէօթիւրեան (խարբերդցի), Գրիգոր Գրիգորեան (հիւսէնիկցի), Մեսրոպ Եշիլեան (բալուցի), Յովհաննէս Կարապետեան (հողեցի), Արշակ Շմաւոնեան (խարբերդցի), Արմենակ Պօղոսեան (հապուսեցի), Խաչատուր Նահիկեան (հիւսէնիկցի)։

Տղոց գոլէճին մէջ, չորս տարիներու վրայ երկարող դասաւանդութիւններուն ընթացքին, կ՚ուսուցուին հետեւեալ նիւթերը.-

  1. Անգլերէն
  2. Անգլիական գրականութիւն
  3. Աստղագիտութիւն (ընտրողական)
  4. Ատենախօսութիւն (հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն գրութիւններ պէտք է գոց սերտել, իսկ լաւագոյն արտասանողները տարեվերջի հանդէսներուն բեմ կը բարձրանան, դարձեալ կ՚արտասանեն ու մրցանակներ կը ստանան)
  5. Բարոյագիտութիւն
  6. Բնագիտութիւն
  7. Բնախօսութիւն
  8. Բուսաբանութիւն (ընտրողական)
  9. Գծագրութիւն (ընտրողական)
  10. Եկեղեցւոյ պատմութիւն (ընտրողական)
  11. Եռանկիւնաչափութիւն (ընտրողական)
  12. Երգ (ընտրողական)
  13. Երկրաբանութիւն (ընտրողական)
  14. Թուղթ Պօղոսի Առաքելոյն
  15. Օսմանեան օրէնք (կը դասաւանդուի 1908-ի Օսմանեան Սահամանադրութեան վերահաստատումէն ետք)
  16. Թրքերէն
  17. Ժամանակակից պատմութիւն
  18. Խորհրդարանական օրէնք (ընտրողական)
  19. Կենդանաբանութիւն
  20. Կրօններու պատմութիւն (ընտրողական)
  21. Հայ գրականութիւն
  22. Հայերէն
  23. Հին եւ յունական պատմութիւն
  24. Հոգեբանութիւն
  25. Հռոմէական պատմութիւն
  26. Ճարտասանութիւն
  27. Մակարդակ երկրաչափութիւն
  28. Մանկավարժութիւն
  29. Միջնադարու եւ նոր ժամանակներու պատմութիւն
  30. Միջոցի երկրաչափութիւն
  31. Վիճարկութիւն (ընտրողական)
  32. Տարրաբանութիւն
  33. Տոմարակալութիւն (ընտրողական)
  34. Տրամաբանութիւն եւ քաղաքական տնտեսագիտութիւն
  35. Փիլիսոփայութեան պատմութիւն
  36. Քրիստոնէական գիտելիքներ
  37. Քրիստոնէական յայտնութիւն եւ Ս. Գիրքի ուսումնասիրութիւն
  38. Քրիստոսի կեանքը
  39. Ֆրանսերէն [29]

Եփրատ գոլէճի 1908-ի ուսուցչական կազմը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Տղոց երկրորդական վարժարանն ալ ունի չորս տարիներու ընթացք մը, ուր կը դասաւանդուին հետեւեալ նիւթերը.-

  1. Աշխարհագրութիւն եւ քարտէսագրութիւն
  2. Ատենախօսութիւն
  3. Բարոյագիտութիւն
  4. Բնագիտութիւն
  5. Բնական աշխարհագրութիւն
  6. Գծագրութիւն
  7. Երգ
  8. Ընդհանուր պատմութիւն
  9. Թուաբանութիւն
  10. Թրքերէն
  11. Կենսաբանութիւն
  12. Հայերէն
  13. Հայերէնի քերականութիւն
  14. Հանրահաշիւ
  15. Հին Աւետարանի հերոսներ
  16. Հրէից գերութիւն եւ սաղմոսներ
  17. Յիսուսի առակները
  18. Յուդայի եւ Իսրայէլի թագաւորութիւններ
  19. Տարրական բնախօսութիւն եւ առողջաբանութիւն
  20. Տոմարակալութիւն
  21. Օսմանեան եւ հայոց պատմութիւն [30]

Խարբերդ, 1871. ամերիկեան վարժարանին աշակերտներուն խմբանկարը. (1) անծանօթ; (2) Կարապետ Պէշկէօթիւրեան; (3) Յովհաննէս Չէրչեան; (4) Մեսրոպ Աւետիսեան; (5) Յակոբ Պողիկեան; (6) Մեսրոպ Թօփուզեան; (7) Մինաս Կիրակոսեան; (8) Մուշեղ Էսիկեան; (9) Յովհաննէս; (10) Սահակ Մեծիկեան; (11) Յովհաննէս Չաթալպաշեան; (12) Յարութիւն Էնֆիէճեան; (13) Աւետիս; (14) Գրիգոր Պաղտասարեան; (15) Ղազարոս Ղազարոսեան; (16) Պաղտասար Ենովքեան; (17) Կարապետ Հինդլեան; (18) Գասպար Յակոբեան; (19) Խաչատուր Մինասեան; (20) Ասատուր Թօփուզեան; (21) Մանուկ Տէփո Կարոյեան; (22) Թօփուզեան (Աղբիւր՝ Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955; Rev. Edwin M. Bliss, Turkey and the Armenian Atrocities, London, 1896)

Գոլէճին ուսուցիչները մեծամասնութեամբ հայեր են. կան նաեւ Խարբերդ քաղաքէն քանի մը հայախօս ասորիներ [31].

  1. Անդրէաս Տէր Ղազարեան, ծն. Ռընտըվան, կը դասաւանդէ պատմութիւն
  2. Աշուր Եուսուֆ (1858, Խարբերդ-կը սպաննուի 1915-ին), ասորի, կը յաճախէ Այնթապի ամերիկեան գոլէճը, կը դասաւանդէ գեղագրութիւն եւ գրաբար հայերէն
  3. Արմենակ Յովակիմեան (Խարբերդ-կը սպաննուի 1915-ին), կը դասաւանդէ ուսողութիւն
  4. Արշակ Շմաւոնեան (1860, Խարբերդ-1919), շրջանաւարտ Եփրատ գոլէճէն, ապա իր ուսումը կը ստանայ Զուիցերիոյ մէջ։ Հետագային կը դառնայ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առաջին թարգմանիչ
  5. Գաբրիէլ Դանիէլեան (??-կը սպաննուի 1915-ին), ուսուցիչ եւ գրադարանապետ
  6. Խաչատուր Նահիկեան (1856, Հիւսէնիկ-կը սպաննուի 1915-ին), կ՚ուսանի բնական գիտութիւններ Միշիկընի Էն Արպըր համալսարանին մէջ, կը դասաւանդէ ուսողութիւն, բնագիտութիւն եւ աստղագիտութիւն
  7. Խաչատուր Պէննէեան, (1864, Խարբերդ-1944), գոլէճին վերատեսուչը, կը դասաւանդէ հայերէն եւ անգլերէն
  8. Կարապետ Լիւլէճեան (1834, Խարբերդ-1914), կը դասաւանդէ մանկավարժութիւն, գրաբար, ազգային եւ եկեղեցական պատմութիւն
  9. Կարապետ Մ. Սողիկեան (Կամսար) (1868, Խարբերդ-կը սպաննուի 1916-ին), շրջանաւարտ Եփրատ գոլէճէն, հաստատութեան տնօրէնութեան կողմէ կ՚ուղարկուի Վիեննա եւ Վենետիկ՝ Մխիթարեան միաբանութեան մօտ հայագիտութիւնը կատարելագործելու համար։ Կը դասաւանդէ հայերէն եւ քիմիագիտութիւն։ Կը տիրապետէ նաեւ լուսանկարչութեան արհեստին
  10. Կարապետ Յ. Պէշկէօթիւրեան (1861, Խարբերդ-1941), կը դասաւանդէ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն
  11. Մ. Ա. Մելքոն (1839, Խարբերդ-1910), ուսումը կը ստանայ Զուիցերիոյ մէջ, ուր կը հետեւի փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան, ընկերային գիտութիւններու եւ լեզուագիտութեան դասընթացքներուն
  12. Մանկասար Մանկասարեան (1859, Խարբերդ-1943), շրջանաւարտ Պոլսոյ Ռոպըրթ գոլէճէն
  13. Մարտիրոս Շմաւոնեան (1833, Հայնի-1892), կը դասաւանդէ փիլիսոփայութիւն, մատենագրութիւն, տրամաբանութիւն, ճարտասանութիւն, երկրաբանութիւն  
  14. Մեսրոպ Եշիլեան (1862, Խարբերդ-1942), Եփրատ գոլէճէն շրջանաւարտ, մէկ տարի քիմիագիտութիւն կ՚ուսանի Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը դասաւանդէ բնագիտութիւն, քիմիագիտութիւն, տարրաբանութիւն, երկրաբանութիւն, անգլերէն
  15. Մկրտիչ Որբերեան (1868, Մալաթիա-կը սպաննուի 1915-ին), Եփրատ գոլէճի շրջանաւարտ, Փրինսթըն համալսարանին մէջ կ՚ուսանի երկրաբանութիւն
  16. Յակոբ Տինճեան, կը դասաւանդէ հայերէն, անգլերէն, շարադրութիւն
  17. Յարութիւն Գասպար Աւագեան (1844, Խարբերդ-1934), շրջանաւարտ Մարաշի աստուածաբանական ճեմարանէն, կը դասաւանդէ ուսողութիւն եւ լեզուագիտութիւն
  18. Յարութիւն Էնֆիէճեան (1853-1918), շրջանաւարտ Միացեալ Նահանգներու Եէյլ համալսարանէն
  19. Յարութիւն Սարկաւագեան (1864- ??), կը դասաւանդէ երաժշտութիւն
  20. Յովհաննէս Գապուլեան (1862, Խարբերդ-1892), կը դասաւանդէ անգլիական գրականութիւն, ուսողութիւն, բնագիտութիւն, աստղագիտութիւն, քիմիագիտութիւն
  21. Յովհաննէս Մ. Կարապետեան (1860, Հողէ-1940), գոլէճին կողմէ կը ղրկուի Միացեալ Նահանգներ՝ ուսումը կատարելագործելու համար։ Կը դասաւանդէ հայերէն, լատիներէն, անգլիական գրականութիւն։ Իր հեղինակած գիրքը՝ «Աշխարհաբարի քերականութիւն», լոյս տեսած է գոլէճին «Եփրատ» տպարանէն
  22. Յովհաննէս Պուճիգանեան (1873, Չնքուշ-կը սպաննուի 1915-ին), Եփրատ գոլէճի շրջանաւարտ, Էտինպուրկի մէջ կ՚ուսանի փիլիսոփայութիւն եւ ընկերաբանական գիտութիւններ, կը դասաւանդէ նոյն ճիւղերը գոլէճին մէջ
  23. Յովհաննէս Տինկիլեան, կը դասաւանդէ անգլերէն
  24. Նիկողոս Թէնէքէճեան (1860, Խարբերդ-կը սպաննուի 1915-ին), կը դասաւանդէ պատմութիւն եւ թրքերէն
  25. Սամուէլ Խաչատուրեան (1875, Բալու-1950), Եփրատ գոլէճի շրջանաւարտ, Գերմանիոյ մէջ կ՚ուսանի երաժշտութիւն, կը դառնայ գոլէճին երաժշտութեան ուսուցիչը
  26. Սարգիս Գէորգեան, կը դասաւանդէ թրքերէն
  27. Սարգիս Սողիկեան (1854, Խարբերդ-1935), համալսարանական ուսում ստացած է Զուիցերիոյ, Պերլինի եւ Լոնտոնի մէջ։ Էրզրումի Սանասարեան վարժարանին հիմնադիրներէն
  28. Վարդան Պ. Ամիրխանեան (1870, Տիարպեքիր-1946), կը դասաւանդէ կրօն եւ բարոյագիտութիւն
  29. Տօնապետ Լիւլէճեան (1875-1917), Եփրատ գոլէճի շրջանաւարտ, հաստատութեան միջոցներով ուսումը կը ստանայ Եէյլ եւ Քօրնէլ համալսարաններուն մէջ, ուր կը մասնագիտանայ բուսաբանութեան եւ բնագիտութեան ճիւղերուն մէջ։ Կը դասաւանդէ բնական եւ կենսաբանական գիտութիւններ
  30. Փիէռ Թաշօ, կը դասաւանդէ ֆրանսերէն
  31. Ֆելիքս Մարկօ (զուիցերիացի), կը դասաւանդէ ֆրանսերէն
  32. Ֆէյ Է. Լիվընկուտ, կը դասաւանդէ անգլերէն եւ գրականութիւն [32]

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճ. ամավերջի հանդէսը Wheeler Hallի մէջ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Տղաներու գոլէճը կ՚օժտուի նաեւ արհեստանոց-շէնքով մը, ուր ուսանողներ կրնան զանազան արհեստներու մէջ մասնագիտանալ։ Այստեղ հաստատուած զանազան գործիքներ նուիրատուութիւններ են՝ կատարուած 1904-ին, Ռաքֆելըր բարեսիրական հաստատութեան կողմէ։ Ուսուցոուղ արհեստներուն շարքին է կահագործութիւնը՝ վարպետ Վարդապետեանի հսկողութեան տակ։ Գոլէճին կահագործարանին արտադրութիւնները (աթոռ, սեղան, այլ կարասիներ) փնտռուած են Խարբերդի շրջանին մէջ եւ անոնք կը գործածուին նաեւ համալիրին պէտքերուն համար։ Զանազան կահոյքերու ապսպրանքներ կը կատարուին խարբերդցի հայ ընտանիքներու կամ տեղական պետական հաստատութիւններու կողմէ։ Արհեստանոցէն ներս կը գործէ նաեւ թիթեղագործութեան բաժանմունք մը, որ համիտեան ժամանակաշրջանին կը փակուի։ Այդ տարիներուն օսմանեան իշխանութիւնները մտավախ էին որ արհեստաւորներ այստեղ պետութեան դէմ գործածուող զէնքեր կրնան արտադրել։ Արհեստանոցին մէջ կ՚ուսուցուի նաեւ երկաթագործութիւն։ Գոլէճին նախագահներէն՝ Հենրի Ռիկզ, յայտնի մեքենագէտ մը եղած է, որ երկաթագործութեան մասին իր գիտելիքները փոխանցած է նաեւ գոլէճի ուսանողներուն [33]։

Եփրատ գոլէճը ունի նաեւ իր սեփական նուագախումբը՝ 20-25 անձերէ բաղկացած։ Ղեկավարներն են Անդրէաս Տէր Ղազարեան եւ Խաչատուր Պուճիգանեան։ Խումբին մէջ նուագուող գործիքներն են՝ ջութակ, մանտոլին, դաշնակ, քանոն, տըմպակ, եւայլն [34]։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճի աղջկանց բաժնի ուսուցչական կազմը. ձախէն աջ, նստած, առաջին կարգ՝ Մարթա Խայանճեան, Վարդուհի Ջաղացպանեան, Աննա Պէննէեան, Աննա Պօնափարթեան, Օրդ. Պարնըմ, Աղաւնի Վարդապետեան։ Նստած, ձախէն աջ, երկրորդ կարգ՝ Սուլթան Թահմազեան, Վարսենիկ Սողիկեան, Մարգարիտ Պալօեան, Եսթեր Աստիկեան, Հայկանուշ Անդրէասեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Աննա Աւագեան, Միրիամ Վ. Փլաթթ (հետագային Քէրի), Մեյրի Լ. Տանիըլս, Աննա Ղազարեան, Օրդ. Ուիլսըն, Աննա Կէլկէլեան, Փարիզ Գրիգորեան, Արուսեակ Նահիկեան, Մեյրի Ռիկզ, Տիրուհի Եըլտըզեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Եփրատ գոլէճ եւ երկրորդական վարժարան (աղջկանց բաժիններ)

Նախքան այս հաստատութեան կառուցումը, Խարբերդ քաղաքին մէջ միսիոնարական հովանիին տակ կը գործեն աղջկանց նախակրթական վարժարաններ, ուր կը դասաւանդուին հայերէն, անգլերէն, Սուրբ Գիրք, թուաբանութիւն, պատմութիւն, կրօնական եւ բարոյագիտական դասեր։ Այս վարժարաններու գործունէութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենան Մարիամ եւ Ճուհար Էնֆիէճեան, Մ. Շմաւոնեան, Սարա Կարապետեան (ծնեալ Մեծատուրեան)։ Դրութիւնը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ 1880 թուականը, երբ նոյն այս տարին նորաբաց Եփրատ գոլէճը կ՚օժտուի նաեւ աղջկանց բաժանմունքով մը։ Աղջկանց դպրոցին շէնքը կառուցուած է տղոց դպրոցէն ոչ շատ հեռու։ Երկու շէնքերուն միջեւ գոյութիւն ունի գոլէճին տնօրէնին յատկացուած շէնքը. այս ձեւով, ինչպէս հաստատութեան տնօրէններէն Ուիլըր դիտել կու տայ, աղջիկ եւ տղայ առիթ չեն ունենար դպրոցի ժամերուն զիրար տեսնելու [35]։

1883-ին այս հաստատութենէն դուրս կու գան առաջին եօթ շրջանաւարտուհիները.- Սարա Մեծատուրեան (հիւսէնիկցի), Նազլի Նանէճանեան (քղեցի), Աննա Չտիկեան (խարբերդցի), Ռեբեկա Ալեքսանտրեան, Մարիամ Էնֆիէճեան, Աննա Մեծատուրեան, Արշալոյս Եուսուֆ։ Ասոնցմէ վեցը այդ ժամանակներուն արդէն նշանուած էին բողոքական պատուելիներու եւ քարոզիչներու հետ։ Աղջկանց գոլէճին առաջին տեսչուհին է Էմիլի Ուիլըր, որուն կը յաջորդէ Մէրի Տենիէլզ։ Այս վերջինը սոյն պաշտօնին վրայ կը մնայ 29 տարի շարունակ [36]։

Աղջկանց գոլէճին մէջ ուսուցչութիւն ըրած անձեր.- Մէրի Տենիէլզ (ընդհանուր տեսչուհի), Մէրի Ու. Ռիկզ, Իզապէլ Հարլի, Էլլէն Քեթլին, Թերեզա Հանթինկթըն (հետագային Ցիկլըր), Հերիէթ Սիմոր, Քարոլայն Պուշ, Մարգարիտ Պուտիգա, Վերոնիգա Թերզեան, Մարիամ Պարսամեան, Տիրուհի Եըլտըզեան, Վարսենիկ Սողիկեան, Մարիամ Ասատուրեան, Մարիամ Երեմեան, Եսթեր Անդրէասեան, Աննա Պոզոյեան, Աղաւնի Թաշճեան, Բուլբուլ Պաղտասարեան, Տալիթա Ճանճանեան, Մարգարիտ Պալեան, Վարդուհի Ջաղացպանեան, Ռեբեկա Աղեքսանդրեան, Աննա Չտիկեան, Մարիամ Տամղաճեան, Մարիամ Աւագեան, Եղսա Թէրզեան, Աննա Աւագեան, Աննա Պէննէեան, Վարդեր Սարգիսեան, Սարա Պետրոսեան, Մարիամ Էնֆիէճեան, Ճուհար Պօղոսեան, Սաթենիկ Տէօքմէճեան, Զապէլ Մաթիկեան, Բրաբիոն Վարդապետեան (հետագային Պալեան), Մարիամ Թաշճեան, Սարա Մեծատուրեան, Սուլթան Մալճանեան, Օղտա Ճինիվիզեան, Զարուհի Պէննէեան, Պատասխան Գազանճեան, Մարիցա Չօփուրեան (հետագային Տեփոյեան) (1890, Հիւսէնիկ-1985), Խումար Թաշճեան, Եղսա Սարաֆեան, Արշալոյս Օղկասեան, Արուսեակ Նահիկեան, Ներմէ Գալուստեան, Մարգրիտ Թէնէքէճեան, Օղտա Ճինիվիզեան, Եսթեր Պօղիկեան, Եսթեր Ասթիկեան, Նիկողոս Թէնէքէճեան, Խաչատուր Նահիկեան, Մեսրոպ Եշիլեան [37]։

1907 թուականին, Տոքթ. Հըրպըրթ Էթքինսընի նախաձեռնութեամբ աղջկանց այս գոլէճին մէջ կը բացուի նաեւ մանկաբարձութեան առանձին բաժանմունք մը։ Դասաւանդուող նիւթերն են՝ հիւանդապահութիւն (Հըրպըրթ Էթքինսընի կողմէ), մանկանց հոգատարութիւն (Թէյսի Էթքինսընի կողմէ), մանրէաբանութիւն (տոքթ. Սարգիս Մումճեանի կողմէ), մարդակազմութիւն (տոքթ. Յովհաննէս Գամպուրեանի կողմէ), դեղաբանութիւն (տոքթ. Ֆիլիփ Մովսէսի կողմէ), ծննդաբանութիւն (տոքթ. Խաչատուր Մանուէլեանի կողմէ)։ Հետագային ուսուցչական այս կազմին կը միանայ նաեւ տոքթ. Ռութ Բարմըլի [38]։

Գոլէճին պարագային մեծ տարբերութիւններ չկան աղջկանց եւ տղոց դասաւանդութիւններուն նիւթերուն միջեւ։ Աչքի զարնող զանազանութիւններէն գլխաւորներէն մէկը՝ աղջկանց մօտ թրքերէնի դասաւանդութեան ոչ պարտաւորեցուցիչ ըլլալն է։ Ի տարբերութիւն տղոց, աղջիկները կը սորվին նաեւ ձեռարուեստ, դերձակութիւն, խոհարարութիւն [39]։

Խարբերդ, Եփրատ գոէլճի համալիրին մէջ 1900ական թուականներուն։ Աշակերտուհիներ եւ իրենց երկու ուսուցչուհիները (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Աղջկանց գոլէճին մէջ դասաւանդուող նիւթեր.-

  1. 19-րդ դարու պատմութիւն
  2. Անգլերէն (ընթերցում, թարգմանութիւն եւ շարադրութիւն)
  3. Անգլերէնի յառաջացեալ դասեր (ընտրողական)
  4. Աստղագիտութիւն (ընտրողական)
  5. Աստուածաշուն
  6. Ատենախօսութիւն
  7. Բնագիտութիւն
  8. Բնախօսութիւն
  9. Բուսաբանութիւն
  10. Գծագրութիւն (ընտրողական)
  11. Դերձակութիւն
  12. Եկեղեցւոյ պատմութիւն (ընտրողական)
  13. Երգ (ընտրողական)
  14. Երկրաբանութիւն (ընտրողական)
  15. Թրքերէն (ընտրողական)
  16. Կենդանաբանութիւն
  17. Կրօններու պատմութիւն (ընտրողական)
  18. Հայ գրականութիւն
  19. Հիմնական վարդապետութիւններ (ընտրողական)
  20. Հին ժամանակներու պատմութիւն
  21. Հոգեբանութիւն
  22. Հռոմէական եւ վաղ Միջնադարու պատմութիւն
  23. Ձեռարուեստ
  24. Մակարդակ երկրաչափութիւն (ընտրողական)
  25. Մանկավարժութիւն
  26. Միջնադարու եւ նոր ժամանակներու պատմութիւն
  27. Միջոցի երկրաչափութիւն (ընտրողական)
  28. Տարրաբանութիւն
  29. Տնարարութիւն
  30. Տրամաբանութիւն եւ բարոյագիտութիւն
  31. Քրիստոնէական յայտնութիւն եւ Ս. Գիրքի ուսումնասիրութիւն [40]

Աղջկանց երկրորդական վարժարանին մէջ դասաւանդուող նիւթեր

  1. Անգլերէն
  2. Անգլերէնի քերականութիւն
  3. Աշխարհագրութիւն
  4. Առողջաբանութիւն
  5. Աստուածաշունչ
  6. Բնագիտութիւն
  7. Բնական աշխարհագրութիւն
  8. Բնական գիտութիւններ
  9. Գծագրութիւն
  10. Գրաբար
  11. Երգ
  12. Ընդհանուր պատմութիւն
  13. Թուաբանութիւն
  14. Խմբերգ
  15. Հայերէն
  16. Հայերէնի քերականութիւն
  17. Հանրահաշիւ
  18. Ձեռարուեստ եւ յարդարում
  19. Ճարտասանութիւն
  20. Օսմանեան եւ հայոց պատմութիւն [41]

Մանկավարժական դպրոց

Այս հաստատութիւնը մաս կը կազմէ Խարբերդի Վերի Թաղին մէջ հաստատուած ամերիկեան միսիոնարական համալիրին։ Մանկավարժական դպրոցն ալ յատկացուած է աղջիկներուն եւ այստեղ կը պատրաստուին հայկական վարժարաններու ապագայ մանկավարժուհիներ։ Շրջանաւարտները ընդհանրապէս կը դասաւանդեն Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերու հայկական վարժարաններուն մէջ։ Առաջին տեսչուհին է Միրիամ Վ. Փլաթթ (հետագային Քէրի), ապա՝ Էլիզապէթ Հարլի։ 1906ին, դպրոցը կ՚ունենայ իր առաջին երկու շրջանաւարտուհիները. Մարթա Պօյաճեան եւ Վարսենիկ Սողիկեան (հետագային Պէկեան) [42]։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճ, Մանկավարժական դպրոցի շրջանաւարտուհիներ եւ ուսուցչուհիներ։ Նստած, ձախէն 5-րդը՝ Էմմա Ռիկզ (ծնեալ Պարնըմ)։ Աջ կողմէն, նստած, առաջինը՝ Աղաւնի Յարութիւնեան (Թլկատինցիի դուստրը) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

1)Խարբերդ, Եփրատ գոլէճ, Մանկավարժական դպրոցի շրջանաւարտուհիներ։ Ձախէն աջ, առաջին կարգ՝ Ոսկեթել Համբարձումեան, Աղաւնի Պօղոսեան, Սաթենիկ Աղաճանեան, Տիգրանուհի Այրասեան, Էլմաս Քիւրքճեան, Եսթեր Պօղոսեան, անունը անծանօթ, Աղաւնի Վարդապետեան, Մարիամ Թէրվիզեան, Թագուհի Թէրվիզեան, Արմենուհի Պօնափարթեան, անունը անծանօթ։ Ետեւի շարք, մէջտեղը կանգնած՝ Էլիզապէթ Հարլի՝ Մանկավարժական դպրոցին տեսչուհին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
2)
Խարբերդ, 1890-ական թուականներ։ Հայ կիներ ու աղջիկներ, որոնք Եփրատ գոլէճի համալիրէն ներս Աստուածաշունչ կ՚ուսանին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Կեդրոնական վարժարան (Ս. Յակոբ, Վերի Թաղ)

Յաճախ ծանօթ է նաեւ «կարմիր գոլէճ» անունով, նկատի ունենալով որ շէնքին արտաքին պատերը կարմիր գոյնով ներկուած են։ Հաստատութիւնը երբեմն նաեւ նոյնացուած է անոր տնօրէնին՝ Թլկատինցիի անունին։ Կը գտնուի Խարբերդ քաղաքի Վերի Թաղի Ս. Յակոբ եկեղեցիին կից։

Նախքան այս վարժարանին կառուցումը, Ս. Յակոբը ունեցած է դասաւանդման նախնական մեթոտով օժտուած ծխական դպրոց մը։ Անիկա կը համարուի քաղաքին ամենէն հին վարժարանը, որուն ծնունդը կը հասնի մինչեւ 1820-ական թուականները։ Այդ տարիներուն, երկու քահանաներ՝ Յակոբ եւ Սահակ Պէշկէօթիւրեաններ, Ս. Յակոբին կից կը բանան դպրոց մը, որուն ուսուցիչները իրենք իսկ կ՚ըլլան։ Նախնական դպրոցին մթնոլորտը կը տիրէ այստեղ. ուսուցիչները ծալլապատիկ կը նստին դասարանին սէտիրին (բազմոց) վրայ, իսկ աշակերտներն ալ անոր դիմացը՝ գետինը։ Հարուստներու զաւակները նստելու համար բերած կ՚ըլլան տոշակ (մինտեր, ներքնակ), մինչ աղքատները կը նստին չոր տախտակին վրայ։ Դասարանը ունի մէկ-երկու փոքր լուսամուտներ, որոնք պատուած են ձէթուած թուղթերով։ Դասարանին մէջ կայ խոշոր բնակ մը, որուն վրայ մեծ տառերով գրուած է «Ա. Բ. Գ.», իսկ ներքեւը՝ «Խաչ, օգնեա՛ ինձ»։ Պատէն կախուած է նաեւ ֆալախան, որուն գործածութիւնը յաճախակի է։

Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանին աշակերտները Խուլագիւղի (Հուլվենք, Շահինքայա) հայկական հին գերեզմանատուն այցելութեան ժամանակ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Նոր վարժարանը կը կառուցուի 1887 թուականին։ Անիկա կ՚օժտուի ժամանակին համար արդիական դասարաններով, գրասեղաններով եւ նստարաններով։ Նորաբաց վարժարանին տնօրէն կը նշանակուի Խարբերդ քաղաքի Սմբատեան վարժարանէն շրջանաւարտ՝ Յովհաննէս Յարութիւնեանը (Թլկատինցի) (1860, Խույլու-կը սպաննուի 1915-ին), որ այս պաշտօնին վրայ ալ կը մնայ մինչեւ իր եղերական մահն ու վարժարանին վերջնական քանդումը։ Ան կը դասաւանդէ նաեւ հայերէն եւ շարադրութիւն։ 1890-էն սկսեալ ծխական այս դպրոցին կ՚աւելցուի երկրորդական բաժին մը եւ այնուհետեւ կը ստանայ Կեդրոնական վարժարան անունը։ Ամէն տարի մօտաւորապէս 300 աշակերտներ կը սկսին յաճախել այս հաստատութիւնը։

Դպրոցին բարձրագոյն վերջին երկու դասարաններուն կը դասաւանդուին հետեւեալ առարկաները.-

  1. Գրաբար եւ աշխարհաբար հայերէն
  2. Հայերէն քերականութիւն
  3. Անգլերէն
  4. Անգլիական գրականութիւն
  5. Թրքերէն եւ թրքերէն շարադրութիւն
  6. Տարրաբանութիւն
  7. Ուսողութիւն
  8. Բաղդատական կրօնագիտութիւն
  9. Ֆրանսերէն
  10. Ֆրանսական գրականութիւն
  11. Երաժշտութիւն
  12. Եկեղեցական երգ,
  13. Եկեղեցւոյ պատմութիւն
  14. Հայոց պատմութիւն

Խարբերդ քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցին (Վերի թաղ) եւ անոր կողքին՝ Կեդրոնական վարժարանին շէնքն ու աշակերտները (Աղբիւր՚ Նուպարեան գրադարան)

Սկզբնական շրջանին վարժարանին եկամուտի աղբիւրները աշակերտներուն թոշակն է, խարբերդցի հայերու նուիրատուութիւնները, երբեմն նաեւ դուրսէն ստացուած հազուադէպ նուէրները։ Աւելի ուշ հաստատութեան նիւթական կացութիւնը յարաբերաբար կը բարելաւուի, երբ դրամական նպաստներ կը սկսին հասնիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած խարբերդցիներու կրթասիրաց միութիւններէն, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ հաստատուած Կարապետ եւ Գրիգոր Մելքոնեան եղբայրներէն (ծխախոտի արտադրիչ)։

Շրջանաւարտներու առաջին տարուան (1891) հունձքին մէջ կը գտնենք հետեւեալ անունները.- Կարապետ Գալուստեան, Նշան Թիւֆէնքճեան, Սարգիս Մալէմէզեան, Մելքոն Թաշճեան, Պետրոս Կէօլճիւքեան։

1892-ի շրջանաւարտներ.- Ռուբէն Զարդարեան, Յակոբ Բարիջանեան, Գրիգոր Խանիկեան, Համբարձում Զաքարեան, Լեւոն Փափազեան, Մկրտիչ Շաղալեան, Սարգիս Թլացեան։

1893-ի շրջանաւարտներ.- Խոսրով Փափազեան, Աւետիս Խանիկեան, Գէորգ Ադամեան, Տօնապետ Մուսեղեան։

1894-95-ի շրջանաւարտներ.- Եղիա Գզիրեան, Կարապետ Թաշճեան, Խոսրով Էլմասեան, Յարութիւն Տարագճեան, Տիգրան Վարդիկեան, Սարգիս Տէմիրճեան, Մարտիրոս Լուսարարեան, Սեդրակ Գույումճեան, Արմենակ Շաղալեան, Յակոբ Նալպանտեան, Խոսրով Թէվրիզեան։

1907-ի շրջանաւարտներ.- Յովհաննէս Գազանճեան, Յարութիւն Պօյաճեան, Պիզմարք Յովսէփեան, Սարգիս Վէլէկեան, Գէորգ Կէօլճիւքեան, Միսաք Տէր Յակոբեան։

1908-ի շրջանաւարտներ.- Սարգիս Նալպանտեան, Գարեգին Թաշճեան, Գարեգին Նալպանտեան, Միսաք Սարաֆեան, Մարտիրոս Տէմիրճեան, Միհրան Սրապեան, Միսաք Տէր Պաղտասարեան։

Կեդրոնականի շրջանաւարտներէն է նաեւ ամերիկահայ յայտնի գրագէտ՝ Բենիամին Նուրիկեան (1894, Հիւսէնիկ-1988, Լոս Անճելըս)։

1) Խարբերդ, 1909. Ս. Յակոբի Կեդրոնական վարժարանի ուսուցչական կազմն ու շրջանաւարտները։ Նստած, ձախէն աջ՝ Արմենակ Յովակիմեան, Յովհաննէս Գամպուրեան, Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան), Մեսրոպ Ժամկոչեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
2)
Խարբերդ, 1910. Ս. Յակոբի Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտները։ Կեդրոնը, նստած՝ վարժարանին տնօրէնը՝ Թլկատինցին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
3)
Խարբերդ, 1910. Ս. Յակոբի Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտները (երկրորդ նկար)։ Կեդրոնը, նստած՝ վարժարանին տնօրէնը՝ Թլկատինցին (Աղբիւր՚ Նուպարեան գրադարան)

1895-ի հակահայ զանգուածային բռնութիւններու օրերուն, յարձակող խուժանը կ՚այրէ ու հիմնայատակ կը քանդէ այս վարժարանը։ Բայց անդորրութիւնը հաստատուելէն անմիջապէս ետք դպրոցի տնօրէն՝ Թլկատինցին, իր կողքին ունենալով խնամակալները, ամէն ճիգ կը թափեն ու կը յաջողին առնուազն քանի մը դասարաններ վերաբանալ Վարի Թաղի Ս. Կարապետ եկեղեցիին կից շէնքին մէջ։ Նոյն ժամանակ ծայր կ՚առնէ Կեդրոնականի շէնքին վերաշինութիւնը։ Այս աշխատանքներուն մէջ մեծ կ՚ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Խարբերդի Կրթասիրացին բերած նիւթական նպաստը։ 1900-ին Թլկատինցին վերստին Ս. Յակոբի թաղամաս կը փոխադրէ Կեդրոնական վարժարանը։ Նորակառոյց շէնքը թէեւ այս անգամ ոչ-կարմիր կը ներկուի, բայց հաստատութիւնը կը շարունակէ պահել «կարմիր գոլէճ» մակդիրը։ Այս տարիներուն է որ Եգիպտոսի Մելգոնեան եղբայրները կը սկսին ամէն տարի 30 օսմանեան ոսկիի նուիրատուութեամբ իրենց մասնկացութիւնը բերել հաստատութեան ծախսերուն։

1903-ին Թլկատինցին կը ստիպուի դադրեցնել տնօրէնի իր պաշտօնը։ Այսպէս, նոյն տարին, օսմանեան իշխանութիւնները քաղաքին մէջ կը ձերբակալեն Հնչակեան կուսակցութեան մաս կազմող երկու յեղափոխականներ՝ Գալուստ Անդրէասեանը (ծածկանունը՝ Յակոբ) եւ Յակոբ Թէվէքէլեան (ծածկանունը՝ Յաբէթ)։ Շապին Գարահիսարցի այս երկու հայերը կը զբաղուէին զէնքի փոխադրութեամբ եւ հնչակեան տեղական խումբերու կազմութեամբ։ Անոնք 1904-ին Մեզիրէի մէջ կախաղան կը հանուին։ Պետական մարմինները այս դէպքին լոյսին տակ իբրեւ կասկածելի կը ձերբակալեն նաեւ Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքներէն 40-է աւելի հայ երեւելիներ, որոնց շարքին ուսուցիչներ։ Թլկատինցին նոյնպէս անոնց շարքին է եւ կը բանտարկուի 9 ամիս, որմէ ետք կը վերադառնայ կրթական իր պաշտօնին։

Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան անդամներ եղած են՝ Գէորգ Էքիզեան, Կարապետ Տէր Պաղտասարեան, Թորոս Տէմիրճեան, Խոսրով Քիւրքճեան, Կարապետ Պէրպէրեան, Հայկազ Կիւլպէնկեան, Կարապետ Ատանալեան, Յակոբ Տէմիրճեան, Սիմոն Տէմիրճեան, Խաչատուր Թէվրիզեան, Յակոբ Ֆերմանեան, Յակոբ Թիւֆէնքճեան, Աւետիս Չտիկեան, Յովհաննէս Դանիէլեան, Յակոբ Վարդիկեան, Յակոբ Տիգիճեան, Սարգիս Թէվրիզեան, Մանուկ Տէր Պաղտասարեան, Գրիգոր Էքիզեան, Գէորգ Կիւրճեան, Կարապետ Տէմիրճեան, Օհան Թաշճեան, Կարապետ Սողիկեան, Գրիգոր Տէօքմէճեան։

Սոյն անձերը կու գան քաղաքին չորս հայկական թաղամասերէն՝ Ս. Յակոբ (Վերի Թաղ), Ս. Կարապետ (Վարի Թաղ), Սինամուտ (քաղաքին արեւելեան թաղամասը) եւ Ս. Ստեփանոս։ Այս այլազանութիւնը փաստ մըն է որ Կեդրոնական վարժարանը իր թաղային դպրոցի հանգամանքէն դուրս եկած է եւ դարձած է սեփականութիւնը քաղաքին ողջ հայ համայնքին։

1 փետրուար 1909-էն սկսեալ Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները կը սկսին հրատարակել գրական ձեռագիր երկշաբաթաթերթ մը, որ կը կոչուի «Ծովակ»։ Թերթը լոյս կը տեսնէ միայն մէկ օրինակով եւ ամէն անգամ ձեռքէ-ձեռք անցնելով մեծաթիւ անձերու կողմէ կը կարդացուի։

Այստեղ դասաւանդած ուսուցիչներու շարքին յիշենք հետեւեալները.

Յակոբ Սիմոնեան (Բալուի Հաւաւ գիւղէն)՝ ֆրանսերէն, աշխարհագրութիւն եւ տոմարակալութիւն, Մեսրոպ Եշիլեան՝ անգլերէն, բնագիտութիւն եւ տարրաբանութիւն, Միսաք Տէր Պաղտասարեան, Սարգիս Վէլէկեան, Յովհաննէս Գապուլեան (Ակնէն), Վարդան քհնյ. Արսլանեան, Ղազար՝ երգեցողութիւն, Յակոբ Օղասափեան, Կարապետ Սողիկեան՝ տարրաբանութիւն եւ բնագիտութիւն, Միհրան Սրապեան, Յակոբ Խաւուզեան, Խաչատուր Խաչիկեան, Ղազար Մանկունի (Բալուի Հաւաւ գիւղէն, Պոլսոյ մէջ ուսանած)՝ եկեղեցական երգեցողութիւն եւ կրօնք, Առաքել էֆենտի (Պոլիսէն)՝ թրքերէն, Մեսրոպ Ժամկոչեան (1880, Խարբերդ-1940), Արմենակ Յովակիմեան, Յովհաննէս Գազանճեան, Յովհաննէս Գամպուրեան, Տոքթ. Պէննէ (Պետրոս Մանուկեան) (1881, Հիւսէնիկ-1915), Համբարձում Կիւլէսէրեան, Հայկազուն Արամեան (1885, Զէյթուն-1970), Յակոբ Տինճեան, Տիգրան Բռիկեան [43]։

Խարբերդ քաղաք, Վերի Թաղ. կ՚երեւին Ս. Յակոբ եկեղեցին (նկարին կեդրոնը, գմբէթաւոր), իսկ աւելի վեր՝ Եփրատ գոլէճը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Սմբատեան ճեմարան (Վարի Թաղ)

Մօտաւորապէս 1865 թուականին, Խարբերդ քաղաքին մէջ կը կազմուի Սմբատեան ընկերութիւնը, որուն նպատակն է զօրավիգ կանգնիլ տեղւոյն կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացումին, քաջալերել հայ ծնողները որպէսզի իրենց զաւակները դպրոց ուղարկեն, մանկավարժական աւելի արդի միջոցներով կրթել նորահաս սերունդը։ Հիմնադիրներն են՝ Ղազար աղա Սառնեցեան, Սահակ աղա Թէրվիզեան, Սարգիս աղա Սանդուրճեան, Յարութիւն աղա Եաղուպեան, Մինաս աղա Արօեան, Առաքել աղա Կէօլճիկեան, Բարդիկ աղա, Խաչատուր էֆենտի Թէրվիզեան։ Ընկերութիւնը կը գործէ քաղաքին Վարի Թաղին մէջ, ուր կը գտնուին Ս. Ստեփաննոս եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիները։ Մօտաւորապէս 1872 թուականին Սմբատեան ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կը բացուի առաջին նախակրթարան վարժարանը։ Պոլսէն այստեղ դասաւանդելու կը հրաւիրուին Աբրահամ Այվազեան, Տիգրան Մանաւեան եւ Բարթող Թաթարեան։ Դասագիրքերն ալ կը բերուին մայրաքաղաքէն [44]։

Հետագայ տարիներուն, Սմբատեան ընկերութիւնը կը շարունակէ նոյն թափով իր գործունէութիւնը։ Հիմնադիր անդամներուն կը յաջորդեն նորեր՝ ընդհանրապէս հիներուն զաւակները։ Անոնցմէ են՝ Գարեգին Թիւֆէնքճեան, Սարգիս Վարդիկեան, Գաբրիէլ Սանդուրճեան, Յովակիմ Բարիջանեան։ Ընկերութեան անդամները Խարբերդի ծխական դպրոցներէն կ՚ընտրեն լաւագոյն աշակերտները եւ զանոնք կը հրաւիրեն Սմբատեանի մէջ աշակերտելու։ Այս ընտրեալ խումբին մաս կը կազմեն՝ Սարգիս Սողիկեան, Յովհաննէս Յարութիւնեան (Թլկատինցի), Սարգիս Թէվրիզեան, Կարապետ Եաղուպեան, Կարապետ Ժամկոչեան, Մարտիրոս Քէլիկեան, Մարտիրոս Արոյեան, Յովհաննէս Կոստանեան, Ալիքսան Ճոխալեան, Աղապապ Արոյեան, Կարապետ Խառաճեան, Գէորգ Թումանաճեան, Եղիա Կէօլճիւքեան, Գրիգոր Թութունճեան։

Ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն (1877) պետական տուրքերը մեծապէս կը բարձրանան, այնքան որ այլեւս նոյնիսկ Խարբերդ քաղաքի հարուստ խաւին համար անոնք անտանելի կը դառնան։ Այսպիսի պայմաններու մէջ քաղաքին հայ աղաներուն նիւթական նպաստը Սմբատեան վարժարանին կը դադրի, ինչ որ բնականաբար պատճառ կ՚ըլլայ նաեւ կրթական այս հաստատութեան փակումին։ Թէեւ հայկական սկզբնաղբիւրները այլ պատճառ մըն ալ կը նշեն Սմբատեանի պարտադիր այս փակումին վերաբերեալ։ Այսպէս, Պոլսէն ժամանած ուսուցիչ Բարթող Թաթարեան, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ գործընկերներ «կասկածելի» կը համարուին օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ եւ հրաման կը ստանան վերադառնալու Պոլիս։ Գլխաւոր ուսուցիչներու բացակայութիւնը անկարելի կը դարձնէ դասաւանդութիւններու կանոնաւոր ընթացքը եւ այս պատճառով ալ Սմբատեան վարժարանը կը ստիպուի փակել իր դռները։ Հաստատութիւնը կը վերաբացուի 1884-ին, այս անգամ շրջանաւարտ աշակերտ՝ Թլկատինցիի տնօրէնութեամբ։ Ան այս պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ 1888 թուականը, երբ տնօրէն կը նշանակուի նոյն քաղաքի Վերի Թաղի Կեդրոնական վարժարանին։ Վերաբացուած Սմբատեանէն ներս կը պաշտօնավարեն նաեւ Միհրան Հագասըզեան (սեբաստացի) եւ Վահան Պէշիկթուրեան։

Խարբերդ, 1876. «Սմբատեան» ընկերութեան անդամներ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Սահակ Թէրվիզեան, Գէորգ Սանդուրճեան, Սարգիս Վարդիկեան, Կարապետ Կոստանեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ Թէքմէճեան, Մկրտիչ Համբարձումեան, Մարտիրոս Գամպուրեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

1886-ին դպրոցը կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին կառոյցին մէջ, ուր կան աւելի մեծ սրահներ եւ պարսպապատ փակ մը։ Այստեղ, Թլկատինցիին կողքին ուսուցչութիւն կ՚ընեն Մանուկ Ծերօն (1862, Բարջանճ-1938) եւ Կոյր Սարգիս (Սարգիս Զատուրեան)։ Այս տարիներուն կը բեմականացուին նաեւ թատերական ներկայացումներ, որոնց շարքին Պետրոս Դուրեանի (1851-1872) «Սեւ հողերը», ինչպէս նաեւ «Արշակ Բ.», «Վանի սովը»։

Սմբատեան վարժարանին յայտնի ուսուցիչներէն է նաեւ Պետրոս Ադամեան, որ կը համարուի այս հաստատութեան սիւներէն։ Ան ծնած է Չմշկածագ եւ Սմբատեանի մէջ ուսուցչութեան կը հրաւիրուի երբ արդէն կ՚ապրէր Պոլսոյ մէջ։ Գիտենք որ Խարբերդի մէջ ուսուցչութեան տարիներուն ան կը ձերբակալուի օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ  եւ երկար տարիներ բանտարկուած կը մնայ։ Իր մասին գրուած հայկական սկզբնաղբիւրներուն մէջ կը նշուի միայն որ այս բանտարկութիւնը տեղի ունեցած է «ազգային նպատակներու կասկածով», երբ այցելութեան գացած է իր ծննդավայրը՝ Չմշկածաք։ Կը բանտարկուի Էրզրումի բանտին մէջ եւ ազատ կ՚արձակուի միայն 1908-ին։

Սմբատեանի շրջանաւարտներէն է, ինչպէս արդէն տեսանք, Յովհաննէս Յարութիւնեանը, որ հետագային պիտի դառնայ հայ հանրայայտ գրագէտ՝ Թլկատինցին։ Այլ անուանի շրջանաւարտներ են՝ Առաքել Կ. Պետիկեան (1860, Խարբերդ-1902), ասորի, ծանօթ Գիսակ գրչանունով։ Ան պաշտօնավարած է նաեւ Պոլսոյ եւ Պարտիզակի մէջ։ Նաեւ Սարգիս Սողիկեան՝ Էրզրումի Սանասարեան վարժարանին հիմնադիրներէն։

Սմբատեան ընկերութեան ճիգերով թատերական առաջին ներկայացումներ տեղի կ՚ունենան Խարբերդ քաղաքին մէջ։ Այս գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենայ վարժարանին ուսուցիչներէն Պետրոս Ադամեան։ Այսպէս, վարժարանին հիմնադրութենէն քանի մը տարի ետք, նոյն հաստատութեան մէջ տեղի կ՚ունենան Քաջն Վարդանի, Հայկ Նահապետի եւ հայկական այլ թեմաներով ներկայացումներ։ Կը նշուի որ այս ներկայացումներուն ներկայ կ՚ըլլան օսմանեան տեղական պաշտօնակատարներ, կուսակալը, եկեղեցականներ։ Թատերախաղին մէջ դերեր կը ստանձնեն Յովհաննէս Յարութիւնեան (Թլկատինցի), Նիկողոս Թէնէքէճեան, Կարապետ Սողիկեան, Խաչատուր Թէրվիզեան, Յովհաննէս Փիլիպպոսեան, Մկրտիչ Տինճեան։

Սմբատեան վարժարանին տղոց բաժինը բաղկացած է նախակրթարանէ եւ միջնակարգէ։ 1886 թուականէն սկսեալ հաստատութիւնը կ՚ունենայ նաեւ աղջկանց բաժին մը։ Ճիզմէճեան դիտել կու տայ որ Վարի Թաղին մէջ աղջկանց այս վարժարանին հիմնադրումը պէտք է բացատրել այն բանով, որ այս թաղամասը հեռու է թուրքերով բնակուած Վերի Թաղի հատուածներէն։ Այլ խօսքով, ապահովութեան պէտք մըն է, որ հայերը կը մղէ Սմբատեանի մէջ բանալու աղջկանց բաժին մը, ուր պիտի յաճախեն նաեւ Վերի Թաղէն աշակերտուհիներ։ Կը պատմուի թէ ինչպէս ամէն առտու Վերի Թաղէն դպրոց ժամանող աղջիկները քօղարկուած կը խմբուին, ապա իրենց վարժուհիին՝ Ռեբեկա Սանթուրճեանի առաջնորդութեամբ կ՚անցնին շուկայէն եւ թրքաբնակ փողոցներէն, մինչեւ որ կը հասնին իրենց վարժարանը։ Երեկոներն ալ նոյն գործողութիւնը կրկնելով անոնք կը վերադառնան Վերի Թաղի իրենց տուները։

Խարբերդ, 1913. Նոր Սմբատեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդը։ Նստած, ձախէն աջ՝ Արմենակ Թէրվիզեան, Տօնապետ Լիւլէճեան, Տէր Վարդան քհնյ. Արսլանեան, Գ. Վարդիկեան, Յովսէփ Մալէմէզեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Գ. Կօշկարեան, Գեղամ Սամուէլեան, Յակոբ Ֆէրմանեան, Յովհաննէս Իսրայէլեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Սմբատեանի աղջկանց բաժինի առաջին շրջանաւարտուհիներն են՝ Հռիփսիմէ Երամեան (հետագային Թագէսեան), Լուսիա Թէրվիզեան (հետագային Տինճեան), Նազլի Սառնեցեան (հետագային Էօքսուզեան), Մարիցա Տէր Ստեփանեան։

Առաջին տեսչուհին է Տիկ. Բարթողեան։ Իսկ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն շարքին կը յիշուին՝ Մարիամ Էնֆիէճեան (հետագային Աւագեան), Օրդ. Խումար, Թօփալ վարժուհի, Օրդ. Էլպիս (Պոլիսէն), Ռեբեկա Սանթուրճեան, Ռեբեկա Քիւրքճեան (հետագային Թորոսեան), Մարիցա Սրապեան, Տէր Մեսրոպ, Սուլթան-Արաքսի Նալպանտեան, Աղաւնի Թաշճեան, Աղաւնի Յարութիւնեան, Սաթենիկ Յարութիւնեան, Թէրվիզ Խորուշեան, Պայծառ Նահիկեան, Մաքրուհի Կուտանեան, Եսթեր Մալիէմէզեան, Աղաւնի Եշիլեան, Հռիփսիմէ Երամեան, Եղիսաբէթ Յակոբեան, Հայկանուշ Խայաճեան։

Սմբատեան վարժարանը փակ կը մնայ 1895-ի համիտեան բռնութիւններէն ետք։ Վերաբացուելէ ետք, միայն աղջկանց բաժինն է որ կը շարունակէ գործել՝ աղջկանց ճեմարան անուան տակ։ Այս տարիներուն հաստատութեան մէջ տնօրէնութիւն կ՚ընէ Վարդան քհնյ. Արսլանեան (1863, Ակն-կը սպաննուի 1915-ին), որ միաժամանակ կը դասաւանդէ պատմութիւն եւ կրօնք։

1908-ին, օսմանեան սահմանադրական կարգերուն վերահաստատումէն ետք, Սմբատեան ընկերութիւնը կրկին կ՚անցնի աշխոյժ գործունէութեան այս անգամ Նոր Սմբատեան ընկերութիւն անուան տակ։ Այդ ժամանակներուն աղջկանց ճեմարանը աւելի կը զարգանայ, նոր գիրքերով կը ճոխացուի գրադարանը, այցելու հիւրեր դասախօսութիւններ կու տան այստեղ, յաճախակիօրէն տեղի կ՚ունենան թատերական ներկայացումներ, որոնք շատ անգամներ թրքերէն կ՚ըլլան՝ թուրք պաշտօնական դէմքերու ներկայութեամբ։ Հայերէնով կատարուած թատերական ներկայացումներէն կը յիշուին «Արցունքի հովիտը» (Աւետիս Ահարոնեան), «Ուխտուածները», Թլկատինցիի գործերը։ Այս նոր շրջանին տնօրէն խորհուրդի անդամներն են. Վարդան քհն. Արսլանեան, Տօնապետ Լիւլէճեան, Յակոբ Ֆէրմանեան, Արմենակ Թէրվիզեան, Յովսէփ Մալէմէզեան, Գեղամ Սամուէլեան, Գ. Կօշկարեան, Յովհաննէս Իսրայէլեան, Գ. Վարդիկեան։ Այս տարիներուն, աւարտական դասարանի աշակերտուհիները կը հիմնեն իրենց սեփական միութիւնը՝ «Արշալոյս հայուհիք», որուն նպատակն է զօրավիգ կանգնիլ Սմբատեան միութեան գործունէութեան [45]։

Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նախակրթարան վարժարան (Վարի Թաղ)

Կը գտնուի Ս. Կարապետ եկեղեցիին կից՝ Վարի Թաղին մէջ եւ ասորիներու թաղամասին շատ մօտիկ։ Եկեղեցին վերաշինուած է 1870-ական թուականներուն։ Վարժարանին շէնքը կը գտնուի երկրորդ յարկի վրայ։ Առաջին յարկը կը ծառայէ իբրեւ բակ եւ հոս է որ տեղի կ՚ունենան ամառնային դասաւանդութիւնները։ Շէնքին այս հատուածը նոյն ժամանակ եկեղեցիին գաւիթն է։ Այստեղ գոյութիւն ունի նաեւ աղբիւր մը՝ առջեւն ալ աւազան, ուր կու գան թաղեցիները ջուրով մատակարարուելու համար։

Նախակրթարանը յատկացուած է միայն տղոց։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին, Ս. Կարապետի դպրոցը կը յաճախեն տարեկան 60-70 պատանիներ։ Ընթացքը աւարտողները ընդհանրապէս կա՛մ արհեստի կը մտնեն եւ կամ իրենց ուսումը կը շարունակեն կրթական այլ հաստատութեան մը մէջ։ 1880 թուականին այս դպրոցին տնօրէն կը նշանակուի Յակոբ Սիմոնեան, որուն օրով հաստատութիւնը կը վերակազմակերպուի եւ արագ զարգացում կ՚ապրի։

Նախակրթարանին խնամակալութիւնը ստանձնած են Տիքիճեան, Կէօլճիկեան, Ֆէրմանեան, Զուլումեան, Թէվրիզեան, Թիւֆէնքճեան, Եղիայեան, Վարդիկեան, Թումաճանեան ընտանիքները։

Հոս ուսուցչութիւն ըրած են սկզբանական շրջանին Յովսէփ վարժապետ, Կարապետ Ճախալեան, Գրիգոր վարժապետ եւ Տէր Արիստակէս Ռուբէնեան, իսկ հետագային՝ Յակոբ Բարիջանեան, Համբարձում Գազանճեան, Հմայեակ Խազոյեան, Վահան Շալեան (հետագային Գուրգէն քահանայ), Լեւոն Լիւլէճեան (1880, Խարբերդ-1965) [46]։

Խարբերդ, Վարի թաղ. հայկական մանկապարտէզի երախաները եւ պաշտօնէութիւնը։ Ուսուցչուհիներ, նստած, ձախէն աջ՝ Հայկանուշ Աւագեան, Իսկուհի Հեքիմեան, Վիքթորիա Գալուստեան։ Վերջին երկու անձերուն միջեւ նստող մարդը՝ Վարդան քհնյ. Արսլանեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Վարի Թաղի աղջկանց վարժարան

Կը պատկանի հայ բողոքական համայնքին։ Կը գտնուի Վարի Թաղին մէջ՝ Լեղի աղբիւրին վերեւ։ Երկյարկանի շէնք մըն է, որուն դիմաց կը գտնուի քաղաքին պատմական բերդը եւ շատ մօտիկ է կաթողիկէ կրթական հաստատութիւններուն։ Սկիզբը պարզ նախակրթարան մըն է, իսկ 1900-էն ետք կ՚օժտուի նաեւ միջնակարգ բաժանմունքով մը։ Ամէն տարի այստեղ կը յաճախեն միջին հաշուով 150-200 աշակերտուհիներ, որոնք հետագային բարձրագոյն ուսում ստանալու համար ընդհանրապէս կ՚անցնին Եփրատ գոլէճ։

Տնօրէնուհին է Բաբէլ Իսկուհի Արօեան։ Ուսուցչուհիներէն են՝ Մարգարիտ Թէնէքէճեան, Աղաւնի Թաշճեան, իսկ ուսուցիչներէն՝ Արմենակ Յովակիմեան, Գարեգին Կոստանեան, Յակոբ Պետրոսեան, Կիրակոս Խաչատուրեան, Աշուր Եուսուֆ։ Խնամակալութեան մաս կը կազմեն՝ Նիկողոս Թէնէքէճեան, Աշուր Եուսուֆ, Կարապետ վարժապետ [47]։

Սինամուտի դպրոց

Այս թաղամասին մէջ գոյութիւն ունի ծխական վարժարան մը, ուր կը յաճախեն տարեկան մօտ 45 աշակերտներ։ Հաստատութեան մէջ կը պաշտօնավարեն Տէր Մարտիրոս, Մուրատեան, Տէր Անանիա [48]։

Ս. Ստեփաննոսի դպրոց

Կը գտնուի քաղաքին Քէշիշ Մէյտան կոչուող թաղամասին մէջ, Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին կից։ Եկեղեցին վերաշինուած է 1880-ական թուականներուն։ Դպրոցը երկյարկանի է եւ ամէն տարի կ՚ընդունի 50-60 աշակերտներ։ Յատկացուած է միայն տղոց։ Նախակրթարանը աւարտող եւ ուսումը շարունակել փափաքողները ընդհանրապէս կը յաճախեն Ս. Յակոբի Կեդրոնական վարժարանը («կարմիր գոլէճ») կամ Եփրատ գոլէճ։

Ս. Ստեփանոսի ուսուցիչներէն յայտնի են սկզբանական շրջանին Մանուկ վարժապետ, Վահան Շալեան, Տիրացու Սարգիս Տինճեան, Տէր Գէորգ, Տէր Դանիէլ, իսկ աւելի ուշ՝ Կոյր Սարգիս (Սարգիս Զատուրեան) վարժապետը։ Երկար ժամանակ դասաւանդումները եղած են նախնական ձեւերով, որոնց մէջ տիրապետող էր ծեծը։ Բայց 1900-ականներէն սկսեալ դրութիւնը կը փոխուի։ Այդ ժամանակներուն, նախակրթարանի բաձրագոյն կարգերուն մէջ, բացի թուաբանական չորս գործողութիւններէն, Նարեկի ընթերցումէն, եկեղեցական երգերէն, կը սկսին դասաւանդուիլ նաեւ աշխարհագրութիւն, ֆրանսերէն, թրքերէն, անգլերէն [49]։

Խարբերդ, Վարի թաղ, 1913. Ս. Ստեփաննոս վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները։ Վարէն, երկրորդ շարք, ձախէն երրորդ անձը (պեխաւոր)՝ Լեւոն Լիւլէճեան (Աղբիւր՝ Լեւոն Լիւլէճեանի արխիւներ. շնորհակալութիւններ՝ Սեւակ Եարալեանին, Լոս Անճելըս)

Խարբերդ, Վարի թաղ. նկարին ամէնէն առջեւը կ՚երեւի քափուչիններու եկեղեցին եւ վարժարանը. վերը, ձախ կողմի վրայ՝ Ս. Ստեփփանոս եկեղեցին (գմբէթաւոր), իսկ ճիշդ ետեւն ալ՝ աջին՝ թրքական մզկիթին մինարէն (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Քափուչիններու տղաներու եւ աղջկանց վարժարանները

Սոյն վարժարանները հիմնուած են 1893 թուականին՝ քաղաքին Վարի Թաղին մէջ, բերդին պատերուն տակ։ Հիմնադիրն է քափուչին միաբան՝ Հայր Լուտովիկ։

Տղաներու վարժարանը ունի նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններ, ուր դասաւանդման լեզուն հայերէնն է։ Ամէն տարի այս հաստատութիւնը կը յաճախեն միջին հաշուով 200-250 աշակերտներ։ Պէտք է նկատի ունենալ որ դասաւանդումները այստեղ ձրի են։ Այստեղ կը յաճախեն առաւելաբար Վարի Թաղերու հայերն ու ասորիները, ինչպէս նաեւ Վերի Թաղէն եւ Հիւսէնիկէն հայ աշակերտներ, որոնց ծնողները անկարող են իրենց զաւակներուն կրթական թոշակը վճարել։ Աւելի բարձր ուսում առնել փափաքող աշակերտները ընդհանրապէս կը յաճախեն Մեզիրէի քափուչիններու գոլէճը։ 1895-1897 քափուչիններու Խարբերդի այս նախակրթարանին մէջ կը դասաւանդէ Ռուբէն Զարդարեան, որ հետագային ուսուցչական պաշտօնով կ՚անցնի Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանը։ Քափուչիններու կրթական այս հաստատութեան յայտնի ուսուցիչներէն են նաեւ Գեղամ Սամուէլեան, Արամ Սրապեան (կը սպաննուի 1915-ին), Սարգիս Պէրպէրեան, Պետրոս Թէնէքէճեան, Ապունա Ատրիանոս, Փէր Լուի Մինասեան (1879, Խարբերդ-1956), Յովակիմ Տէմիրճեան, Կարապետ Ղազարոսեան, Մէհմէտ էֆէնտի, Գասպար Ռուբէնեան, Գարեգին Տէվէճեան, Սուրիան Տաշօ։

Դպրոցէն ներս աշակերտները ամէն առաւօտ պէտք է ներկայ ըլլան լատիներէն լեզուով կատարուող կաթողիկէ պատարագին, իսկ երեկոներն ալ՝ վարդարանի արտասանութեան։

Աղջկանց երկրորդական վարժարանը կը կոչուի Սէն Քլեռ։ Այս մէկը դարձեալ կը գտնուի Վարի Թաղին մէջ։ Հաստատութեան շէնքերը նախապէս պատկանած են ասորի Նաման ընտանիքին. քափուչին հայրերը ասոնցմէ գնելով տարածքը վերածած են կրթական հաստատութեան։ Ամէն տարի միջին հաշուով 200-250 աշակերտուհիներ կը յաճախեն երկրորդական այս վարժարանը։ Սկզբնական տարիներուն Հայր Լուտովիկ կը վարէ վարժարանին տեսչութիւնը։ Հետագային այստեղ տնօրէնութիւն ըրած է Ազնիւ Մինասեան (հետագային Գայըգճեան), օգնական ունենալով երկու ասորի օրիորդներ՝ Սառա եւ Շամիրամ։ Այս տնօրէնուհիին կը յաջորդէ իր քոյրը՝ Իւղաբեր Մինասեան, որ շրջանաւարտ է Եփրատ գոլէճէն եւ ժամանակ մը նոյն հաստատութեան մէջ ալ դասաւանդած է։

Ուսուցչուհիներէն կը յիշուին Դժխուհի Շուշանեան, Ազնիւ Մինասեան, Մարիամ Պէրպէրեան, Մարիամ Պօյաճեան, Մարիամ Թաշճեան, Ս. Թէնէքէճեան, Ե. Կարապետեան։ Ուսուցիչներէն ամենէն յայտնին կը նկատուի Հայր Թադէոս Թովմաճեան (1864, Խարբերդ-1935), որ մաս կը կազմէ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան։ Ան այս պաշտօնը կը վարէ 1898-էն 1904 եւ կը դասաւանդէ հայերէն լեզու, հայ գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն։ 1904-էն սկսեալ երկրորդական վարժարանին տեսչութիւնը կը ստանձնէ Օրիորդ Կամօ (ֆրանսացի)։ Հաստատութեան մէջ աշակերտուհիները կը սորվին երեք լեզուներ. ֆրանսերէն, հայերէն եւ թուրքերէն։ Կը տրուին նաեւ ձեռագործի եւ ասեղնագործութեան դասնթացքներ [50]։

Քափուչիններու դպրոց-որբանոց

Սոյն դպրոց-որբանոցը կը հիմնուի 1895-ի համիտեան ջարդերէն ետք։ Կը գտնուի քաղաքի բերդի փլատակներուն կողքին, իսկ ձախակողմեան փլրակողին վրայ կը գտնուի հայկական գերեզմանատունը։ Տնօրէնն է Փէռ Ռաֆայէլ, իսկ օգնականն է՝ Ֆրէր Ֆէրտինանտ։ Քանի մը տարի հին շէնքի մը մէջ գործելէ ըտք, այստեղ կը կառուցուի աւելի ընդարձակ շէնք մը։ Եկսեռ այս հաստատութեան մէջ կը պատսպարուին մօտաւորապէս 300 մանուկներ [51]։

1) Հայր Ռաֆայէլ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
2) Խարբերդ, Վարի Թաղ. Քափուչին միաբանութեան եկեղեցին եւ դպրոցը։ Աջին կ՚երեւի քաղաքին փլատակ բերդը, իսկ ձախին՝ բլուրին կողին՝ հայկական գերեզմաննոցը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ,
Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Ասորիներու դպրոց (Վարի Թաղ)

Խարբերդ քաղաք. աջին կ՚երեւի ասորիներու թաղամասն ու ասոորիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Կը գտնուի Վարի Թաղի այն հատուածին մէջ, ուր կողք-կողքի կ՚ապրին քաղաքին ասորիները եւ ուր կառուցուած է նաեւ ասորական Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Ասորիներու դպրոցը պարզ նախակրթարան մըն է։ Պէտք է ըսել որ Խարբերդի ասորիները հայախօս են եւ դպրոցական տարիքի տղաք ու աղջիկներ կը յաճախեն այնպիսի կրթական հաստատութիւններ (Եփրատ գոլէճ, Սմբատեան վարժարան, Կեդրոնական վարժարան, ֆրանսական գոլէճ), ուր դասաւանդման հիմնական լեզուն հայերէնն է [52]։

Պատկերներ

Եփրատ գոլէճին կնիքը կրող Աստուածաշունչ, որ տպուած է 1733 թուականին՝ Վենետիկի Մխիթարեաններուն կողմէ։ Գիրքը պատկանած է գոլէճի յայտնի դասախօսներէն Յովհաննէս Պուճիգանեանի (1873-1915), իսկ ներկայիս ալ կը գտնուի անոր թոռնիկին՝ Ատոմ Պուճիգանեանին անձնական գրադարանին մէջ

1) Խարբերդ, 1865. փորագրատիպ. ամերիկեան միսիոնին պատկանող Աստուածաբանական ճեմարանը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
2) Խարբերդ. փորագրատիպ.
ամերիկեան միսիոնին պատկանող Աստուածաբանական ճեմարանը(Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
3) Խարբերդ, 1867։ Փորագրատիպին կեդրոնը կ՚երեւի ամերիկեան միսիոնին պատկանող Աստուածաբանական ճեմարանը։ Այս ժամանակներուն գոլէճին շէնքերը տակաւին չեն կառուցուած։ Վերի հատուածին մէջ կ՚երեւի թրքական գերեզմանատունը, իսկ առջեւի հատուածին մէջ՝ հայկական տուներ (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser,
Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

1) Եփրատ գոլէճի 1889-ի ուսուցչական կազմը։ Նստած, ձախէն աջ՝ Նիկողոս Թէնէքէճեան, Խաչատուր Նահիկեան, Մ. Ա. Մելքոն, Յովհաննէս Կարապետեան, Մեսրոպ Եշիլեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Գարեգին Պէշկէօթիւրեան, Կարապետ Լիւլէճեան, Խաչատուր Պէննէեան, Յարութիւն Աւագեան, Յաբէթ Փիլիպպոսեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
2) Խարբերդ. Եփրատ գոլէճի մանկապարտէզը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
3) Խարբերդի Աստուածաբանական ճեմարանին 1906 տարեշրջանի ուսանողներն ու դասախօսները (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

1) Խարբերդ. Եփրատ գոլէճի 1897-ի շրջանաւարտուհիները։ Նստած, ձախէն աջ երկրորդը՝ Մեյրի Լ. Տանիըլս, երրորդը՝ Մեյրի Ռիկզ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)
2)
Միացեալ Նահանգներ, 1900. Խարբերդի կրթասիրաց միութեան վարչութեան անդամներ։ Առաջին կարգ, ձախէն աջ՝ Մաղաք Պէրպէրեան, Վարդան Կիրակոսեան, Գէորգ Սողիկեան, Մարգար Յովհաննէսեան։ Երկրորդ կարգ, ձախէն աջ՝ Արմենակ Էքմէքճեան, Յակոբ Թումանաճեան, Խաչատուր Զաքարեան (Աղբիւր՝ Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955)
3) Խարբերդ, 1860ական թուականներ։ Աստուածաբանական ճեմարանի շրջանաւարտներ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Եփրատ գոլէճ. աշակերնտեր Խարբերդի դաշտին մէջ  ֆութպոլ խաղալու պահուն (Աղբիւր՝ Catalogue of Euphrates college, 1911-1912, Harpoot, Turkey)

1) Եփրատ գոլէճ. աշակերտուհիներ մարզանքի պահուն (Աղբիւր՝ Catalogue of Euphrates college, 1911-1912, Harpoot, Turkey)
2) Եփրատ գոլէճ. մարզական մրցումներու մէջ առաջնութիւն շահած գոլէճականներ (Աղբիւր՝
Catalogue of Euphrates college, 1911-1912, Harpoot, Turkey)

Եփրատ գոլէճ. «Գոլէճ հասած նոր աշակերտ մը, իր սեփական անկողինով ու գոյքերով» (Աղբիւր՝ Catalogue of Euphrates college, 1911-1912, Harpoot, Turkey)

Եփրատ գոլէճ. արհեստանոցը, աշակերտները եւ արտադրութիւնները (Աղբիւր՝ Catalogue of Euphrates college, 1911-1912, Harpoot, Turkey)

Եփրատ գոլէճ. տղոց նախակրթարանէն ներս (Աղբիւր՝ Catalogue of Euphrates college, 1911-1912, Harpoot, Turkey)

  1. [1] Յաբէթ Փիլիպպոսեան (խմբագիր), Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի, 1878-1915, Պոստոն, 1942, էջ 39-42:
  2. [2] Selçuk Akşin Somel, The Modernization of Public Education in the Ottoman Empire, 1839-1908, Brill, Leiden/Boston/Köln, 2001 pp. 42-43։
  3. [3] Somel, էջ 202-204; Benjamin C. Fortna, Imperial Classroom. Islam, the State, and Education in the Late Ottoman Empire, Oxford University Press, Oxford/New York, 2002, pp. 50-60։
  4. [4] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք, էջեր. 315, 405; Փիլիպպոսեան, Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի..., էջ 24-25:
  5. [5] Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն,, 1938, էջ 177։
  6. [6] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 803։
  7. [7] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում..., էջ 177; Կ. Յ. Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965, էջ 41։
  8. [8] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում..., էջ 177։
  9. [9] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 311-315; Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ..., էջ 42։
  10. [10] Նոյն, էջ 41։
  11. [11] Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 317-318.
  12. [12] Կարապետ Լիւլէճեան, «Խարբերդի հայութեան կրթական նախկին վիճակը», in Փիլիպպոսեան, Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի..., էջ 25-26; Գ. Մխիթարեան, Մեր գիւղը Դատեմ, տպարան Հայրենիք, Պոսթըն, 1958, էջ 54; «Վասն մեղաց մերոց», in Թլկատինցի, Երկեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 1992, էջ 32-33։
  13. [13] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 327-328; Stina Katchadourian (edited by), Great need over the water. The letters of Theresa Huntington Ziegler, missionary to Turkey, 1898-1905, Gomidas Institute, Ann Arbor, Michigan, 1999, p. 63; Փիլիպպոսեան, Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի..., էջ 37-38։
  14. [14] Frank Andrews Stone, ‘The Heritage of the Euphrates (Armenia) College’, in Richard Hovannisian, Armenian Tsopk/Kharpert, Mazda publishers, Costa Meza, California, 2002, p. 211.
  15. [15] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 328-329, 364; Stone, “The heritage of...”, p. 177-178; Catalogue of Euphrates college, 1911-1912, Harpoot, Turkey,  էջ 6։
  16. [16] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 330։
  17. [17] Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000, p. 196; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 330-331։
  18. [18] Նոյն, էջ 138-139։
  19. [19] Stone, “The heritage of...”, p. 216.
  20. [20] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 340։
  21. [21] Frank Andrews Stone, Academies for Anatolia. A study of the rationale, program, and impact of the educational institutions sponsored by the American Board in Turkey, 1830-2005, Caddo Gap Press, San Francisco, 2006, pp. 173-174; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 332, 363; Catalogue of Euphrates college…, էջ 13։
  22. [22] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 334, 336։
  23. [23] Նոյն, էջ 346-347, 358-360, 365; Փիլիպպոսեան, Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի..., էջ 16։
  24. [24] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 338; Stone, Academies for Anatolia…, p. 170.
  25. [25] Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955, էջ 413-415։
  26. [26] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 322-324։
  27. [27] Նոյն, էջ. 326; Փիլիպպոսեան, Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի..., էջ 44-45:
  28. [28] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 327-330; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 128-133։
  29. [29] Catalogue of Euphrates college…, էջ 37; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 333։
  30. [30] Catalogue of Euphrates college…, էջ 38։
  31. [31] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 328, 333; Ծատուր Պէրպէրեան, Խարբերդի կրթական հաստատութիւններուն ծագումն ու զարգացումը (1825-1925), Փարիզ, 1993, էջ 32-114։
  32. [32] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 335, 371-378.
  33. [33] Նոյն, էջ 358-359։
  34. [34] Նոյն, էջ 333-334։
  35. [35] Stone, Academies for Anatolia…, p. 171.
  36. [36] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 341-343; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 134։
  37. [37] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 336; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 134-135։
  38. [38] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 349-350։
  39. [39] Նոյն, էջ 333։
  40. [40] Catalogue of Euphrates college…, էջ 39։
  41. [41] Նոյն, էջ 40։
  42. [42] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 348-350։
  43. [43] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 389-401, 603-609, 622-623; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 149-152, 355-357։
  44. [44] Նոյն, էջ 140։
  45. [45] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 402-408, 491; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 142-148, 157-158.
  46. [46] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 489-493; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 102։
  47. [47] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 504։
  48. [48] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 102, 152։
  49. [49] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 495-498; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 102, 152։
  50. [50] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 501-503; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները …, էջ 159-161; Kieser, Der verpasste Friede…, pp. 93, 208-210.
  51. [51] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 434-435։
  52. [52] Նոյն, էջ 510-513։