Խարբերդի դաշտը (Խարբերդի քազային մէջ) իր հայաբնակ քաղաքներներով ու գիւղերով, 20րդ դարու սկիզբին

Խարբերդի դաշտը

Այս վերնագրին տակ, Յուշամատեանը պիտի անդրադառնայ Խարբերդի դաշտին մէջ գտնուող հայկական տեղավայրերուն։ Օսմանեան վարչական դրութեան մէջ այս տարածքը կը համապատասխանէ Խարբերդի քազային (գաւառակ), որ մաս կը կազմէ Մամուրէթ իւլ Ազիզ նահանգին (վիլայէթ

Սոյն տարածքը, օսմանեան ժամանակաշրջանին, հայկական գիւղական եւ քաղաքային խիտ բնակչութիւն ունեցած է։ Անոր գլխաւոր քաղաքները եղած են Խարբերդն ու Մեզիրէն եւ ասոնց շուրջ՝ տասնեակներով հայաբնակ գիւղեր ու աւաններ։ Եթէ գիւղերուն մէջ հայկական կեանքը կը յատկանշուի երկրագործական հարուստ աւանդութեամբ, քաղաքներուն ու աւաններուն մէջ արհեստները մեծապէս զարգացած են, իսկ 19րդ դարու վերջաւորութեան, անոնցմէ ոմանք մինչեւ իսկ կը հասնին ճարտարարուեստի մակարդակին։

Նոյնքան ճոխ է նաեւ Խարբերդի դաշտի կրթական-մշակութային կեանքը։ 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Խարբերդ ու Մեզիրէ քաղաքներուն մէջ կը բացուին հայկական բազմաթիւ երկսեռ դպրոցներ՝ նախակրթարանէն մինչեւ եկրորդական վարժարան։ Գիւղական շրջանները նոյնպէս կ՝օժտուին հայկական դպրոցներու իրենց ցանցով։ Մշակութային կեանքը այս իմաստով ալ կ՝ապրի աննախընթաց եռուզեռ մը, որ հետզհետէ կը սկսի իր դրական ազդեցութիւնը տարածել տարածքաշրջանին մէջ գտնուող հայաբնակ այլ քաղաքներու ու գիւղերու վրայ։ Բնականաբար, անգրագիտութեան արագընթաց նուազումը եւ դպրոցական դաստիարակութիւնը դուռ կը բանայ նաեւ Խարբերդի դաշտի հայերուն ընկերային ու տնտեսական յաջողութիւններուն։

Բայց Խարբերդի դաշտը նաեւ բեմադրավայրը կը հանդիսանայ Օսմանեան ժամանակաշարջանի վերջին տասնամեակներուն կատարուած հակահայ ամէնէն վայրագ բռնութիւններուն։ Խարբերդի գիւղական շրջաններուն մէջ տակաւին մեծապէս ազդեցիկ են տեղական աղաներն ու պէկերը, որոնք կը տիրեն շատ մը գիւղերու արտադրութեան միջոցներուն։ Պետութեան թուլութիւնը եւ օրէնքի բացակայութիւնը շատ յաճախ անպաշտպան դիրքի մը մէջ կը դնէ շրջանի հայ եւ քիւրտ գիւղացիութիւնը։ Այս բոլորը նաեւ առիթ տուած է գաղթականական հոսքի մը՝ մանաւանդ Խարբերդի դաշտի հայկական գիւղերէն դէպի օսմանեան մեծ ու բարգաւաճ քաղաքներ, կամ մինչեւ իսկ դէպի Միացեալ Նահանգներ։

Ահաւասիկ այս եւ ընդհանրապէս տեղական հայկական կեանքին առնչակից նիւթերու է որ պիտի անդրադառնանք Խարբերդի դաշտին յատկացուած մեր էջերուն մէջ։

Կայքէջի այս էջերուն պատրաստութեան ընթացքին Յուշամատեանի խմբագրութիւնը վայելեց գործակցութիւնը կարգ մը անհատներու, որոնց նկատմամբ մեծապէս շնորհապարտ ենք։ Այստեղ կ՝ուզենք յիշել անունները Քրէկ Ուալլընի, Հուրիկ Զաքարեանի, Միքայէլ Կօշկարեանի, Նորա Թաշճեանի, Կիրոյ Մանոյեանի։ Անոնք իրենց տրամադրած տեղեկութիւններով, գիրքերով, լուսանկարներով, ձայնագրութիւններով ճոխացուցին Խարբերդի դաշտին յատկացուած մեր էջերը։