Խարբերդ - «Թամզարա» (պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 05/07/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 05/07/22)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

**********************************************************************

«Թամզարա»ն առանձնայատուկ 9/8 ռիթմով պար մըն է, որ տարածուած էր Հայկական բարձրաւանդակի մեծ մասին մէջ: Գիւղերն ու քաղաքները ունէին իրենց տեղական տարբերակները: Որոշ փորձագէտներ կ'ենթադրեն, որ պարը ծագում առած է Սեբաստիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի Թամզարա գիւղին մէջ:

«Թամզարա»ներուն մեծ մասը կը պարեն շարքով կամ բաց շրջանով, իսկ Խարբերդի «Թամզարա»ն կը պարեն զոյգով կամ եռեակով: Խարբերդի «Թամզարա»յի քանի մը տարբերակներ կան, բայց այս մէկը ամենայայտնի տարբերակներէն մէկն է եւ սովորաբար կը կատարուէր 20-րդ դարի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ինկլընտի (Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւելեան մէջ շրջանը) մէջ դաշտագնացութիւններու, պարերու եւ ընտանեկան հաւաքոյթներու ժամանակ:

Սկզբնաղբիւրը.- Արեւալոյս Տէրանեան Գասպարեան, որղեկավարածէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուառաջին հայկական ժողովրդականպարի համոյթը1920-ականներուն:Անայս պարը սորված է 1920-ական թուականներուն Նիւ Ինկլընտիխարբերդցի գաղթականներէն:

Երաժշտութիւնը.- Առանձնայատուկ9/8 ռիթմը 1-2,1-2,1-2,1-2-3 է: Այս Խարբերդի «Թամզարա»յի պարային ֆրազը եռաչափ է, եւ հաւանական է, որ ուղեկցող «Թամզարա»յի մեղեդին եռաչափ եղած է։

Կատարման բնոյթը.- Զոյգեր կամ եռեակներ (տղամարդը երկու կնոջ միջեւ) անկանոնաւոր ցրուած՝ պարելու տարածքին մէջ, թեւերը փաթթած պարի զուգընկերոջ կամ զուգընկերներու մէջքին՝ գօտկատեղիի բարձրութեան վրայ:

Կամընտիր մուտք.-  Կեցած տեղը, աջ ոտքը թեթեւակի առջեւ դրած, աջ ոտնաթաթի գունդըթեթեւակի աջ հպել՝  կրունկը գետնին (հաշուել 1-2), նորէն հպել (հաշուել 3-4) թեթեւակի դէպի ձախ, կրկին հպել (հաշուել 5-6) թեթեւակի դէպի աջ, նորեն հպել (հաշուել 7-8) թեթեւակի դէպի ձախ, առնել դադար (հաշուել 9): Կրկնել այնքան ժամանակ, մինչեւ որ զոյգի կամ եռեակի առաջնորդը որոշէ սկսիլ պարը:

Խարբերդի «Թամզարա»յի ներկայացում եւ ցուցմունքներ

Հիմնական պար

Չափ/հատած

Հաշիւ

Շարժումներ

1

1-2

Յետքայլ՝ աջ ոտքով

 

3-4

Ձախ ոտքը բարձրացնել թեթեւակի առջեւ

 

5-6

Ձախ ոտքի մատը հպել գետնին

 

7-8

 Ձախ ոտքի կրունկը նետել առջեւ

 

9

Դադար 

2

1-2

Ձախ ոտքով յետքայլ

 

3-4

Աջ ոտքը թեթեւակի բարձրացնել դէպի առջեւ

 

5-6

Աջ ոտքի մատը հպել գետնին

 

7-8

 Աջ ոտքի կրունկը նետել առջեւ

 

9

Դադար

3

1-2

Աջ ոտքով քայլ դէպի առջեւ

 

3-4

Ցատկ՝ աջ ոտքի  վրայ

 

5-6

Ձախ ոտքով թեթեւ քայլ մը դէպի առջեւ

 

7-8

Աջ ոտքով երկու անգամ սեղմել գետնին

 

9

Դադար

Կողմնակի քայլի միջնապար.- Իւրաքանչիւր ղեկավար կ'որոշէ, թէ քանի անգամ պիտի կրկնէ հիմնական պարը եւ երբ պիտի անցնի «կողմնակի քայլին», իսկ յետոյ վերադառնայ հիմնական պարին: Համայնքային տիպիկ միջոցառում մը, որուն ընթացքին Խարբերդի «Թամզարա»ն կը պարեն, առաջին հայեացքով կը թուի քաոսային, սակայն բոլոր պարողները կը հետեւին նոյն հիմնական պարային օրինաչափութեան ընդհանուր յաջորդականութեան տարբեր կէտերուն մէջ եւ կրնան դիւրութեամբ յարմարիլ իրենց մօտ պարող միւսներուն: Իւրաքանչիւր խումբի ղեկավարի պարտականութիւններէն մէկը այն է, որ զգօն եւ տեղեակ մնայ իրեն մօտիկ պարող միւս խումբերէն եւ ղեկավարէ իր խումբը «բախումներ»է խուսափելու համար:

Չափ/հատած

Հաշիւ

Շարժումներ

1

1-2

Աջ ոտքով քայլ մը դէպի աջ

 

3-4

Ետեւ անցնելով, ձախ ոտքով քայլ մը թեթեւակի դէպի աջ

 

5-6

Աջ ոտքով քայլ մը դէպի աջ

 

7-8

Ետեւ անցնելով, ձախ ոտքով քայլ մը թեթեւակի դէպի աջ

 

9

Դադար

Խարբերդի «Թամզարա»յին ընդհանուր պարային օրինաչափութիւնը կը նմանի հայկական աւանդական շատ այլ «Թամզարա»ներու: Տարբերակային ֆիկիւրը, որ կտրուկօրէն կը տարբերէ Խարբերդի «Թամզարա»ն այլ շրջաններու «Թամզարա»ներէն, անոր առանցքային՝ պտոյտի կէտին յաջորդականութիւնն է, որ հնարաւոր դարձած է միայն երկու կամ երեք պարողներու աւանդական փոքր խումբերուն շնորհիւ: Երբ առաջնորդը կ՛որոշէ, խումբը կեցած տեղը կը դառնայ ժամացոյցի սլաքի ուղղութեամբ 360 աստիճան երեւակայական առանցքային կէտի մը վրայ` օգտագործելով հիմնական քայլի Չափ/հատած 3 յաջորդականութիւնը: Այս մէկը սովորաբար կը պահանջէ երեքէն չորս յաջորդականութիւններ` ամբողջական 360 աստիճան աւարտելու համար, որպէսզի խումբը կրկին գտնուի այն դիրքին վրայ, որ կը նայի դէպի սկզբնական ուղղութեան: Այնուհետեւ, զոյգը/եռեակը կը վերադառնայ հիմնական պարային օրինաչափութեան, մինչեւ առաջնորդը որոշէ կատարել «կողմնակի քայլը» կամ առանցքը: Առանցքը կամընտիր է եւ կախուած է առաջնորդին տրամադրութենէն: