Մեզիրէ (Մամուրէթ Իւլ-Ազիզ), 1902. հայ որբուկներ լուսանկարուած զիրենք խնամող հաստատութեան մէջ (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպզոնի հաւաքածոյ)

Խարբերդ - Խաղեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 12/6/12 (վերջին փոփոխութիւն՝ 12/6/12)

Խարբերդի խաղերուն ընդմէջէն կրնանք տեսնել տեղական ընկերութեան ապրելակերպի զանազան մանրամասնութիւնները։ Խորքին մէջ այս նիւթով մենք կը նկարագրենք երբեմն շատ պարզ խաղեր, որոնց նմանները կարելի է գտնել նաեւ անցեալին՝ աշխարհի տարածքին զանազան այլ ընկերութիւններու մէջ։ Բայց նոյն նիւթը առիթ մըն է նաեւ քննելու Խարբերդի դաշտի հայերու մտերմիկ պահերը, փոքրիկ զուրաճութիւններն ու ժամանցները. բաներ որոնք կրնան աւելի հասկնալի դարձնել խարբերդցիին առօրեան, այնտեղ տիրող ընկերային գործօնները։

Հետաքրքրական է օրինակ տեսնել խաղերու առատութիւնը։ Անոնք յաճախ կը խաղցուին գիւղերու մէջ եւ կը կրեն բարբառային կամ թրքերէն անուններ։ Այս փաստերը թերեւս բաւարար են մտածելու թէ այսպիսի խաղեր հինէն ի վեր գոյութիւն ունին խարբերդցիներուն մօտ։ Հետեւաբար սխալ է մտածել որ անոնք մուտք գործած են տեղական ընկերութենէն ներս 19-րդ դարուն՝ արեւմուտքցի միսիոնարներու ճամբով։ Խաղերը յաճախ կը խաղցուին աղջիկ ու տղայ միասին, ինչ որ նոյնպէս հետաքրքրական արտայայտութիւն մըն է գիւղերու մէջ տեղական կենցաղին վերաբերեալ։ Ուշագրաւ երեւոյթ մըն է մանաւանդ ըմբշամարտը։ Անիկա արդի Թուրքիոյ մէջ կը ներկայացուի իբրեւ մեծապէս ազգային մարզաձեւ մը ու կը համարուի միջին ասիական հարազատ ժառանգութիւն մը։ Նոյն այս մարզաձեւին կապուած են թրքական բազմաթիւ առասպելներ, որոնք կը բխին նոյն ազգայնական աղբիւրէն։ Ըմբշամարտի մասին Խարբերդի օրինակը չէինք ըսեր որ կը հերքէ վերնոշեալ գաղափարները։ Բայց անիկա միաժամանակ ապացոյց մըն է թէ նոյն այս մարզաձեւը որքան կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է նաեւ հայաբնակ գիւղերուն մէջ։ Ինքնին ուշագրաւ երեւոյթ է թէ ինչպէս հայաբնակ գիւղերու քիւրտ աղաները իրենց միջեւ մրցակցութիւնները հարթելու համար կը կազմակերպեն երկու տարբեր գիւղերու լաւագոյն ըմբիշներու միջեւ մենամարտ եւ այս պարագային երկու ըմբիշներն ալ կ՚ըլլան հայեր։ Ըմբշամարտը տեղի կ՚ունենայ հոծ բազմութեան ներկայութեան, քիւրտ աղաներու եւ ժանտարմաներու ներկայութեան։

Բայց այս խաղերէն շատեր պարզ ժամանցներ են։ Բացի դասական հոլէն ու տամայէն, կան նաեւ այլ խաղեր, որոնք որոշ բացատրութիւններու կարիք ունին։ Խարբերդի գիւղերուն մասին հայերէնով հարուստ սկզբնաղբիւրները առիթ կու տան այս խաղերուն մասին զանազան մանրամասնութիւններ ներկայացնելու։

Վիճակները

Ասոնք գոյութիւն ունին ամէն խաղի մէջ։ Վիճակներու ճամբով կ՚որոշուի թէ ով կամ որ խումբը պիտի ըլլայ խաղը սկսողը։ Այս ճամբով կը կատարուի խմբապետներու կողմէ իր խումբին անդամները ընտրելու գործողութիւնը։ Ամէնէն շատ տարածուած վիճակներէն է «թաց-չոր»ը։ Այսպէս, տաբակ քար մը կ՚առնեն, մէկ կողմին վրայ կը թքեն։ Կողմերէն մէկը կ՚ընտրէ թաց կողմը, իսկ միւսը՝ չորը։ Քարը կը նետեն օդը։ Երբ գետին իյնայ թաց կողմին վրայ՝ չոր կողմը ընտրողը կը շահի ու կը սկսի խաղը [1]։ Կայ նաեւ «քար-բռնուկ»ը. այսինքն խաղցողներէն մէկը փոքր քար մը կ՚առնէ ու կը պահէ երկու ափերէն մէկուն մէջ։ Դիմացինը եթէ ճիշդ գուշակէ քարին տեղը՝ ինք կը սկսի խաղը։ Այլապէս՝ պահողը։ Վէգ (տեղական բարբառով կ՚ըսեն նաեւ աշուղ) նետելը նոյնպէս վիճակի ձեւ մըն է։ «Զիլ» կամ «թամ» (կամ «սոֆի»). ասոնք վէգերուն երկու կողմերուն տրուող անուններն են։ Մէկ խաղցողը կու տայ այս կողմերէն մէկուն անունը, իսկ միւսը կը նետէ։ Կը նային թէ որն է վրան եկած կողմը, եթէ գուշակութիւնը ճիշդ է, գուշակողը կը սկսի խաղը [2]։ Խարբերդի դաշտին մէջ այլ տարածուած վիճակ մըն է «Հագուլ հուգուլ»ը։ Այսպէս, խումբին մէջտեղը կը կանգնի անձ մը ու կը սկսի արտասանել հետեւեալ բառաշարքը՝

Հագուլ հուգուլ,
Չարէ չամպուր,
Մսկէ ամպար,
Տազէ տուզէ,
Խալխան խուլանճ,
Պանտուր պանճ։

Իւրաքանչիւր տողով մէկ անձ կը մատնանշուի։ «Պանտուր պանճ»ը որու որ հասնի, ան ալ կ՚ըլլայ զտուած անձը [3]։

Բազմաշէն (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) գիւղէն Եղիա Մուրատեան (ձախին) եւ Երուանդ Կարապետեան (աջին)։ Լուսանկարուած Մեզիրէ, 1908. Եղիա այստեղ 16 տարեկան է։ Ան եւ եղբայրը՝ Թադէոս, որբացած են 1895-ի ջարդերուն հետեւանքով։ Եղիա հետագային կը յաճախէ Խարբերդի քոլէճը, իսկ աւելի ուշ ալ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ (Աղբիւր՝ Քրէկ Ուոլլընի հաւաքածոյ)

Մաննի պեյուկ (կամ ֆինճան խաղ)

Կը խաղցուի երկու մրցակից խումբերով։

Ափսէի մը վրայ շարել 12 սուրճի գաւաթներ (ֆինճան) եւ մատանի մը։Խաղը սկսող կողմը կ՚որոշուի վիճակով։

Սկսող կողմէն անձ մը մատանին գաղտնի կերպով կը պահէ գաւաթներէն մէկուն տակ, ապա ամբողջ ափսէն կը դրուի մրցակից կողմին առջեւ։ Այս վերջինները հերթաբար պէտք է դարձնեն գաւաթները։ Եթէ մատանին ամէնէն վերջին գաւաթին տակէն դուրս գայ, այն ժամանակ փնտռող կողմը պարտուած կը համարուի, մէկ կէտ կը կորսնցնէ ու խաղը կը կրկնուի։ Իսկ եթէ մատանին աւելի կանուխ գտնուի, այն ատեն խաղը կը շահի փնտռող կողմը ու մատանին պահելու կարգը իրեն կ՚ըլլայ։

Մատանի փնտռողները միշտ կը հետեւին պահողներուն երեսի արտայայտութիւններուն։ Այնպէս որ այս վերջինները դերասանական զանազան շարժուձեւերով ու կեղծ արտայայտութիւններով կրնան խաղի բերել հակառակորդ կողմը։

Խաղին սկիզբէն կ՚որոշուի շահոյթը, որ կրնայ ըլլալ 3-4 կողով խաղող, կէս լիտր տանձ, ափսէ մը խատայիֆ կամ փախլաւա։

Տղայ-աղջիկ միասին կը խաղան մաննի պէյուկը [4]։

Աչք-կապուկ

Առաջին աչ-կապողը (կամ աչ-կապը) կ՚որոշուի «հագուլ-հուգուլ»ով։ Ընտրուած անձին աչքերը թաշկինակով ամրօրէն կը կապեն ու ծայր կ՚առնէ խաղը։ Աչ-կապը պէտք է միւս խաղացողներէն մէկն ու մէկը բռնէ։ Բռնուողը ինք կ՚ըլլայ աչ-կապ։

Տղայ-աղջիկ միասին կը խաղան [5]։

Աչ-խփուկ

Ամրան կը խաղան բակերուն մէջ, իսկ ձմրան՝ ախոռներուն մէջ, ուր կան բազմաթիւ թաքստոցներ, ինչպէս մսուրները, գոմէշներու եւ եզերուն ետեւը, ձիթիհանքի զանազան կողմերը, տինկին ետեւը, սագուին տակը, եւայլն։

Աչ-խփողը (կամ աչ-խուփը) կ՚որոշուի «հագուլ հուգուլ»ով։

Ընտրուած անձը ձեռքերով աչքերը կը գոցէ, գլուխը սիւնի մը կը յենի ու կը սպասէ որ խաղընկերները պահուըտին։ Քիչ ետք կը պոռայ՝ «եղա՞ւ», այսինքն ամէն մարդ պահուըտա՞ծ է։ Պէտք է սպասել մինչեւ որ մէկն ու մէկը պոռայ՝ «եղաւ»։ Ապա աչ-խփողը աչքերը կը բանայ ու կը սկսի փնտռել։ Երբ մէկն ու մէկը տեսնէ, կը պոռայ անոր անունը ու վազելով կ՚երթայ սկիզբի սիւնին մօտ ու կը թքէ վրան։ Առաջին տեսնուած անձը ինք կ՚ըլլայ աչ-խուփ եւ խաղը կը վերսկսի։ Իսկ եթէ պահուըտած անձը աչ-խուփէն առաջ սիւնին հասնի ու թքէ անոր վրայ, այն ատեն ինք կ՚ազատի եւ աչ-խուփը կը շարունակէ փնտռել միւս խաղընկերները։

Տղայ-աղջիկ միասին կը խաղան [6]։

Քարուկ-խաղ

Անհրաժեշտ է ունենալ հինգ փոքր քարեր։

Խաղցողը հինգ քարերը ափին մէջ կ՚առնէ, ապա զանոնք գետին կը նետէ։ Զգուշութեամբ պէտք է նետել, նկատի ունենալով որ քարերը պէտք չէ իրարմէ շատ հեռու իյնան, ոչ ալ պէտք է շատ խիտ ըլլան։

Խաղցողը գետին ինկած հինգ քարերէն մէկը կ՚առնէ ու ձեռքին մէջ կը պահէ։ Ընտրուած քարը կը կոչուի տատա։ Այս վերջինը կը նետէ օդը եւ անմիջապէս ափին մէջ կ՚առնէ մնացեալ չորս քարերէն մէկը։ Գործողութիւնը պէտք է ընել շատ արագ, քանի որ յետոյ նոյն ափը պէտք է բանալ ու բռնել նաեւ ինկող տատան։ Գետնի քարերէն մէկն ու մէկը բռնած ժամանակ պէտք չէ որ կողքինները շարժին։ Այլապէս, խաղցողը պարտուած կը համարուի ու խաղին կարգը միւս խաղընկերոջ կ՚ըլլայ։ Այս ձեւով բոլոր քարերը մէկ առ մէկ պէտք է հաւաքել ափին մէջ։

Մէյ մը որ հինգ քարերը յաջողութեամբ հաւաքուին, խաղացողը քարերը կրկին գետին կը նետէ։ Բայց այս անգամ փոխանակ մէկ առ մէկ հաւաքելու, քարերը կը ժողվէ երկու-երկու (2 + 2)։ Երրորդ խաղին՝ 3 + 1։ Չորրորդ խաղին՝ չորս քարերը միաժամանակ։

Այս բոլորէն ետք կը սկսի նոյն խաղին երկրորդ փուլը։ Խաղցողը իր ձախ ձեռքին ցուցամատով ու բթամատով գետնին վրայ կամուրջ մը կ՚ընէ։ Աջ ափին մէջ գտնուող հինգ քարերը կը թափէ կամուրջին դուրս նայող կողմին առջեւ, այսինքն կամուրջին ձախ կողմը։ Քարերէն մէկը աջ ձեռքով կ՚առնէ եւ ընտրուած քարը դարձեալ կ՚ըլլայ տատա։ Զայն վեր կը նետէ, շատ արագ կը փորձէ գետնի չորս քարերը հաւաքել կամուրջին ճիշդ բերանին առջեւ՝ առանց որ զիրար դպնան, իսկ նոյն աջ ձեռքով ապա կը փորձէ բռնել տատան։ Երկրորդ անգամ որ տատան վեր կը նետէ, չորս քարերը արագ-արագ կամուրջին տակէն ներս կը մտցնէ ու յետոյ ալ կրկին կը բռնէ տատան։ Իսկ վերջին գործողութեամբ, տատան դարձեալ վեր կը նետէ, շատ արագ կը հաւաքէ գետնի չորս քարերը եւ վերջաւորութեան ալ նոյն ափով կը փորձէ բռնել տատան։

Ընդհանրապէս կը խաղան փոքրիկ աղջիկները [7]։

Բոն-ձգուկ (թրքերէն՝ խույըլար)

Կը խաղցուի երկու հոգիով։

Խաղը սկսողը կ՚որոշուի վիճակով։Խաղին համար անհրաժեշտ է 10 ընկոյզ (կարելի է նաեւ ընկոյզի փոխարէն գործածել վէգ կամ մանր քար)։

Բանալ մօտ 6 մատ (15 սմ.) տրամագիծով փոս մը։ Խաղը սկսողը 10 ընկոյզները կը բռնէ մէկ ափին մէջ, փոսէն 7 քայլ հեռու կը կանգնի ու ափին պարունակութիւնը կը նետէ փոսին ուղղութեամբ։ Ապա կը հաշուեն փոսին մէջ ինկածները։ Եթէ անոնք զոյգ թիւ են, նետողը կը շահի։ Իսկ իբրեւ պարգեւ ալ փոսին չափ ինկածներուն թիւով ընկոյզ կը ստանայ իր խաղընկերոջմէն։ Եթէ անզոյգ են, ապա փոսին մէջ գտնուածները խաղընկերը կը շահի եւ նետելու կարգն ալ անոր կ՚անցնի։

Կը խաղան պատանի տղաքը [8]։

Չըղըլար

Գետնին վրայ կը քաշեն մէկուկէս մեթր շառաւիղով շրջանակ, որուն կեդրոնն ալ իւրաքանչիւր խաղացող կը դնէ մէկ կամ երկու վէգ։

Կը ճշդեն շրջանակէն դուրս գտնուող կէտ մը, ուրկէ իւրաքանչիւր խաղացող պէտք է արձակէ իր սագգան։ Այս վերջինը մեծ ու պարարտ ոչխարներու ետեւի ոտքերէն հանուած ոսկրամաս մըն է, որ բաւական մեծ ու ծանր կ՚ըլլայ։ Վարպետ խաղցողներ այս ոսկորին մէջ ծակեր բանալով՝ մէջը կը լեցնեն կապար։

Սագգայով պէտք է հարուածել շրջանակի կեդրոնի վէգերուն ու զանոնք այս օղակէն դուրս հանել։ Արձակողը կը տիրանայ իւրաքանչիւր դուրս ելած վէգին։ Իր կարգը կը շարունակուի ամէն անգամ որ կը յաջողի սագգան վէգի մը դպցնել։ Կարգը կ՚անցնի յաջորդին երբ սագգան պարապութեան կը զարնուի [9]։

Զիլեր (թրքերէն՝ զիլլար)

Կը խաղան երկու հոգիով եւ երկու խումբով։ Խաղին համար անհրաժեշտ են ընկոյզ եւ վէգ։
Գետինը՝ հողին վրայ, 50-60 մատ (1.3-1.5 մեթր) տրամագիծով շրջանակ մը գծել։ Տրամագիծը եւս գծել։

Տրամագիծին վրայ իւրաքանչիւր խաղացող քով-քովի կը շարէ երկուական ընկոյզ։

Շրջանակին կեդրոնը, ընկոյզներուն շարքին կը կանգնին խաղցողները, որոնք իրենց վէգերը միաժամանակ առջեւ կը նետեն։ Վէգերը պէտք է շրջանակէն դուրս գան, բայց նետողը պէտք է փորձէ նաեւ զայն բոլորակին շատ մօտիկ զետեղել։

Առաջին այս փուլին յաղթող կը համարուի զիլ ինկած վէգին տէրը։ Եթէ զիլ ինկած վէգերը մէկէ աւելի են, ապա յաղթող կը համարուի շրջանակին կեդրոնին ամէնէն մօտիկ ինկած զիլ-վէգին տէրը։ Իսկ թամ ինկած վէգերուն տէրերը ինքնաբերաբար պարտուած կը համարուին եւ իրենց կարգը կը կորսնցնեն։ Եթէ բոլոր վէգերը թամ իյնան, այն ատեն դարձեալ յաղթող կը համարուի կեդրոնին ամէնէն մօտիկ վէգին տէրը։

Երկրորդ փուլին խաղալու կարգը հետեւեալն է. ա) շրջանակին կեդրոնին ամէնէն մօտիկ զիլ ինկած վէգին տէրը, բ) շրջանակին կեդրոնին երկրորդ, երրորդ, եւայլն ամէնէն մօտիկ զիլ ինկած վէգերուն տէրերը, գ) շրջանակին կեդրոնին ամէնէն մօտիկ թամ ինկած վէգին տէրը, դ) շրջանակին կեդրոնին երկրորդ, երրորդ, եւայլն ամէնէն մօտիկ թամ ինկած վէգերուն տէրերը։

Տէր Մանուէլեան ընտանիքը, Խարբերդի դաշտի Իչմէ գիւղէն, ca 1907։ Փոքրիկները, ձախէն աջ՝ Սարա (ծնած 1904-ին), Հայկակ (ծնած 1906-ին, մեծ հօրը գիրկը), Եղիա (ծնած 1902-ին)։ Ոտքի, Հայրը՝ Հայկակ, եւ մայրը՝ Մարթա։ Նստած, մեծ հայրը՝ Յովհաննէս (Չամիչ ամու) (Աղբիւր՝ Արա Ճինկիրեան եւ Հուրիկ Զաքարեանի հաւաքածոյ)

Առաջին խաղցողը կը կանգնի իր վէգին ինկած կէտին վրայ, կը բռնէ վէգը ու կ՚արձակէ տրամագիծին վրայ շարուած ընկոյզներուն ուղղութեամբ՝ զանոնք հարուածելու ու շրջանակէն դուրս հանելու նպատակով։ Եթէ յաջողի, այն ատեն թէ՛ դուրս ելած ընկոյզը կը շահի, թէ ալ խաղը կը շարունակէ վէգին ինկած տեղէն։ Խաղալու իրաւունքը տակաւին իրեն կը մնայ եթէ վէգը զիլ իյնայ, նոյնիսկ եթէ չյաջողի ընկոյզ կամ ընկոյզներ դուրս հանել շրջանակէն։ Բայց երբ վէգը թամ իյնայ, կարգը կ՚ըլլայ յաջորդին։

Կը խաղան մինչեւ որ շրջանակին մէջ շարուած բոլոր ընկոյզները աւարտին։ Կը խաղան պատանիները [10]։

Այս նոյն խաղը ունի նաեւ աւելի պարզեցուած տարբերակ մը։ Գետնին վրայ կը քաշեն գիծ մը։ Իւրաքանչիւր խաղցող անոր վրայ կը շարէ իր վէգը։ Առաջին խաղցողը կը կանգնի վէգերուն շարքին ճիշդ ետեւը ու իր սագգան քանի մը քայլ առջեւ կը նետէ, միաժամանակ պոռալով՝ «աշուղս զի՞լ մի»։ Եթէ սագգան զիլ իյնայ՝ ան կը շահի բոլոր վէգերը։ Եթէ սագգան թամ իյնայ, այն ատեն կարգը կու գայ յաջորդ խաղընկերոջ։ Երբ բոլոր խաղցողներուն սագգաները թամ իյնան, այն ժամանակ նոյն հերթով անոնք իրենց այս ոսկորները կ՚արձակեն վէգերու շարքին ուղղութեամբ։ Իւրաքանչիւր հարուածուած վէգ շահ մըն է [11]։

Մսդէպապ

Կը խաղցուի երկու հոգիով։ Խաղցողները կ՚ըլլան նստած վիճակով ու դէմ դիմաց։ Ամէն մէկը գետնին կը շարէ երկուական վէգեր, այնպիսի դիրքով մը որ երկու վէգեր մէկը միւսին կռնակին դպչին։

«Չոր-թաց»ով կ՚որոշուի խաղը սկսողը։ Ան ձեռքին կ՚առնէ իր սագգան եւ ուժգին կ՚արձակէ գետին շարուած վէգերուն ուղղութեամբ՝ զանոնք շրջելու նպատակով։ Հարուածող անձը կը տիրանայ ամէն շրջուած վէգի։ Յաջորդ վէգ արձակողը կ՚ըլլայ մրցակից խաղցողը ու այսպէս յաջորդաբար [12]։

Թելլար

Թելլարը գնդաձեւ փոքր քար մըն է։ Անոր կը տրուի նաեւ կիւլլա անունը։ Այս խաղին համար կը գործածուին ընկոյզներ կամ վէգեր, զորս կը շարեն իրարմէ մօտ մէկ քայլ հեռաւորութեամբ կէտերու վրայ եւ գրեթէ ուղղահայեաց գիծի մը վրայ։ Կը ճշդուի սահման մը, ուրկէ պէտք է արձակել թելլարը։ Թիրախները ընկոյզները կամ վէգերն են։ Ան որ կը յաջողի հարուածել թիրախ վէգը կամ ընկոյզը, նոյն ատեն կը տիրանայ նաեւ անոր [13]։

Կտուր խաղալ

Կը խաղան երկու մրցակից խումբերով՝ իւրաքանչիւրը մօտ տաս հոգիէ կազմուած։

Մէկ խումբին անդամները ձեռք-ձեռքի բռնած կը սկսին հալածել մրցակիցներէն մէկը։ Պէտք է յաջողիլ զայն պաշարել ու մարդկային այս կտուրին մէջը առնել։ Բռնուած խաղցողին խմբակիցները պէտք է փորձեն ճեղքել կտուրը ու ազատել գերեվարուած անձը։

Կը խաղան պարմանուհիներն ու երիտասարդ հարսերը [14]։


Չանչ խաղալ

Կը խաղան երկու մրցակից խումբերով։

Փողոցը, գետնին վրայ փոքր փոս մը կը բանան։ Փոսին վրայ կը զետեղեն չանչը, որ կամրջաձեւ ու սուր ծայրամասերով փայտ մըն է՝ ափի մը մեծութեամբ։ Խումբերէն մէկը կ՚ըլլայ չանչը նետողը, մինչ միւսը՝ բռնողը։ Ուրեմն, նետող խումբէն մէկը ձեռքին կը բռնէ մէկ մեթր երկարութեամբ գաւազան մը, որուն մէկ ծայրամասը նախ կը դնէ չանչի տակի փոսին մէջ։ Ապա դէպի վեր ուժգին հարուած մը կու տայ չանչին, որ դէպի երկինք կը բարձրանայ։ Մրցակից խումբը կանգնած կ՚ըլլայ հարուածողին դիմացը, որոշ հեռաւորութեան մը վրայ։ Անոնք փէշերնին բացած կը սպասեն չանչին։ Եթէ մէկն ու մէկը յաջողի այս փայտը իր փէշին մէջ առնել՝ իր խումբը խաղը շահած կ՚ըլլայ։ Այն ատեն նաեւ չանչ նետելու կարգն ալ իրենցը կ՚ըլլայ։

Կը խաղան երիտասարդ աղջիկներն ու հարսերը [15]։

Պոչ-բռնուկ

«Քար-բռնուկ»ով կ՚որոշեն խաղին երկու դերակատարներ՝ «ձագ»ն ու «մայր»ը։ Ձագը կը կկզի (պպզել), իսկ մայրը ձագին գօտիին ծայրէն կամ զպունին (երկար զգեստ, պարեգօտ) փէշէն բռնած – այսինքն պոչէն – կը դառնայ անոր շուրջ։

Միւս խաղցողները կը բոլորուին ձագ ու մօր շուրջ եւ կը փորձեն տփոցներ տալ երկուքին։ Մայրը պէտք է ջանայ ոտքով հարուածել շուրջիններուն, առանց սակայն ձգելու ձագին պոչը։ Մօր առաջին հարուածը ստացողը ինք կ՚ըլլայ ձագ, իսկ նախկին ձագն ալ կ՚առնէ մօր դերը։

Կը խաղան պատանի տղաք ու աղջիկներ՝ խմբովին [16]։

Աւետեան ընտանիքը, Մեզիրէ, ca 1910։ Կեդրոնը, ոտքի, ձեռքին գիրք մը բռնած աղջնակը՝ Փառանձիկ/Վիքթորիա (1902-1973, հայրանուն՝ Յակոբ), ճիշդ առջեւը, նստած՝ մայրը՝ Վարդեր Աւետեան։ Փառանձիկի ձախին կանգնած է իր երէց քոյրը՝ Կարինէ, որ շրջանաւարտ է Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանէն (Աղբիւր՝ Լանս Գասպարեանի հաւաքածոյ)

Այլըխ ձգուկ

«Քար-բռնուկ»ով կ՚որոշուի առաջին այլըխ ձիգը։

Միւս խաղցողները բոլորակ մը կազմած կը կկզին՝ կռնակնին դէպի դուրս, երեսնին շրջանակէն ներս։

Այլըխ ձիգը, թաշկինակը ձեռքը, կը սկսի դառնալ միւս խաղցողներուն շուրջը՝ շրջանակին դուրսի կողմէն։ Վերջաւորութեան կ՚ընտրէ թիրախ անձ մը ու թաշկինակը գաղտագողի կը դնէ անոր ետեւ։ Շրջանակ մը եւս կը դառնայ եւ եթէ տուեալ անձը տակաւին չէ նկատած ետեւը դրուած թաշկինակին ներկայութիւնը, այն ատեն այլըխ ձիգը կը բռնէ թիրախ անձը ու անոր շալակը կ՚ելլէ։ Այլըխ ձիգը յաղթած կը համարուի, ինք կը նստի պարտուողին տեղը, իսկ այս վերջինն ալ կ՚ըլլայ նոր այլըխ ձիգ։ Բայց կրնայ պատահիլ նաեւ որ թաշկինակը ստացողը նկատէ եղելութիւնը. այն ատեն անմիջապէս տեղէն կ՚ելլէ, այլըխ ձիգին ետեւէն կը վազէ ու կը փորձէ բռնել զայն, նախքան որ իր բաց մնացած տեղը գրաւուի։ Եթէ յաջողի՝ հալածողը ինք այլըխ ձիգին շալակը կ՚ելլէ, ապա կը վերադառնայ նախկին տեղը ու նոյն անձը կը շարունակէ մնալ այլըխ ձիգի դերին մէջ։

Այս խաղը կը խաղան պատանի տղաք ու աղջիկներ՝ խմբովին [17]։

Նոյն խաղին կայ այլ տարբերակը, որ կը կոչուի թուլլա։ Այս վերջինը գօտի մըն է, որուն մէկ ծայրամասը ամուր հանգուցուած է եւ ստացած՝ գունդի մը ձեւը։ Այստեղ եւս խաղցողները կը նստին շրջանակաձեւ։ Միակ տարբերութիւնը այն է, որ թաշկինակի փոխարէն կը գործածուի թուլլան։ Կռնակներուն ետեւէն դարձող անձը թուլլայի անակնկալ հարուած մը կու տայ թիրախ խաղցողին, որ անմիջապէս ոտքի կ՚ելլէ, կը հալածէ հարուածողը՝ անոր պարզ մը դպնալու նպատակով։ Այս վազքը դարձեալ կը կատարուի շրջանակաձեւ։ Իսկ հալածուողն ալ պէտք է յաջողի հալածողին տեղը նստիլ [18]։

Չուլ-խաղ

Կը խաղան երկու մրցակից խումբերով։ Կը խաղցուի տուներու տանիքը կամ տափարակ բակի մը մէջ, ուր խաղագետինը պէտք է է ըլլայ 15-20 քառակուսի ոտք (1.5-2 քառ մեթր)։ Խաղագետինին մէկ անկիւնը կը քաշեն շեղակի գիծ մը, որ կ՚ըլլայ «բոն»ը (բոյն)։Առաջին հերթին երկու առաջնորդներ իրենց խումբերը կ՚ընտրեն «քար-բռնուկ»ով։ Նոյն ձեւով կ՚որոշուի նաեւ թէ որ խումբը պիտի մտնէ «բոն», այսինքն պէտք է մնայ անկիւնը՝ շեղակի գիծին ետեւ։ Միւս խումբը կը մնայ դուրսը։ «Բոն»էն դուրս կու գայ առաջին խաղցողը եւ մէկ ոտքի վրայ ցատկելով կը սկսի հետապնդել հակառակորդ խումբի անդամները։ Միայն մէկ հետապնդող պէտք է ըլլայ։ Երբ յաջողի մէկու մը պարզ մը դպնալ, այն ատեն այս մէկը «թըս» կ՚ըլլայ ու կը դադրի խաղալէ։ Բայց եթէ միոտանին յանկարծ վեր առած ոտքը գետին դպցնէ, այն ատեն ինքն է որ «թըս» կ՚ըլլայ։Այս խաղը աւելի շատ կը խաղան երիտասարդները։

Բարջանճի մէջ մէկ ոտքով հիանալի հետապնդողներ են Կելէն Արութը, Մղտեսի Աստուրենց Մանուկը, Մղտեսի Գաբոյենց Պօղոսը, Չօրթութենց Պետրոսը, Քիլարճոնց Գրիգորը, Մինասենց Գրիգորը, Ծերոնենց Մանուկը [19]։

Թիզ-Պոռքուկ

Վիճակով կ՚որոշուին երկու անձեր, որոնք պէտք է նստին գետին, դէմ դիմաց, ոտքերը երկարած, այնպէս մը որ անոնց ներբանները իրարու կպած ըլլան։ Միւս խաղցողները կարգով երեք անգամ կը ցատկեն անոնց ոտքերուն վրայէն։ Չորրորդ փորձին արգելքը աւելի կը բաձրանայ։ Այսպէս, նստողներէն մէկը իր մէկ ոտին կրունկը կը դնէ միւսին ոտին մատներուն վրայ։ Միւսները կը շարունակեն ցատկել։ Յաջորդ փորձին, նստողներէն մէկը իր միւս ոտն ալ կ՚աւելցնէ եւ արգելքը այս ձեւով աւելի կը բարձրանայ։ Վերջապէս, չորրորդ ոտն ալ կ՚աւելնայ։ Ցատկողները պէտք է խուսափին ոտքերուն դպնալէ։ Դպչողը ինք կը նստի, իսկ նախկին նստողն ալ ցատկողներուն կը միանայ։

Կը խաղան երիտասարդները [20]։

Զարազամպա

Խմբախաղ։

Զարազամպան, որ այս պարագային խաղցողին անունն է, կ՚ընտրուի «հագուլ-հուգուլ»ով։

Գետինը կը քամեն ցից մը, որուն կը կապեն մօտ երեք մեթրանոց (10 ոտք) պարան մը։ Զարազամպան կապին ծայրը բռնած կը պահէ ու կը շրջի ցիցին շուրջ։ Միւս խաղցողները իրենց գօտիները կը հանեն, անոնց մէկ ծայրամասը հանգոյց կ՚ընեն ու կը վերածեն գունդի, ապա կը նետեն ցիցին քովերը։ Այս տեսակ հանգուցուած գօտիները, ինչպէս տեսանք, կը կոչուին թուլլա։

Դուրսի խաղցողները պէտք է փորձեն այս թուլլաները ձեռք ձգել։ Իսկ զարազամպան ձեռքով միշտ բռնած պէտք է պահէ իր պարանը, նոյն ժամանակ ալ հսկէ թուլլաներուն վրայ։ Իր կողմը մօտեցող խաղցողներուն ան կրնայ միայն ոտքով հարուածել։ Հարուած ստացողը ինք զարազամպա կ՚ըլլայ։ Իսկ եթէ պատահի որ դուրսի խաղցողները յաջողին թուլլա մը գողնալ առանց հարուած ստանալու, այն ժամանակ իրաւունք ունին նոյն այս գօտիով զարազամպան հարուածել։ Հարուածները միշտ պէտք է գլուխէն վար ըլլան։ Գլուխին հարուածողը իբրեւ պատիժ ինք զարազամպա կ՚ըլլայ։

Կը խաղան երիտասարդները [21]։

Փատ-քաշուկ

Կը խաղան երկու մրցակիցներով։

Երկու խաղցողները կը նստին գետին՝ դէմ դիմաց, ոտքերը երկարած, այնպէս մը որ անոնց ներբանները իրարու կպած ըլլան։ Անոնք երկուքով բռնած կ՚ըլլան հաստ ու ամուր փայտ մը՝ 5 սմ. (2 մատ) հաստութեամբ եւ 60-75 սմ. (24-30 մատ) երկարութեամբ։ Խաղը ծայր կ՚առնէ ու ամէն խաղցող կը փորձէ փայտը իր կողմը քաշել։ Կը յաղթէ ան որ փայտին կը տիրանայ։

Կը խաղան երիտասարդները [22]։

Քար-նետուկ (թրքերէնով սալլամա)

Խմբախաղ։

Խաղը կը կայանայ մեծ քար մէկ կամ երկու ձեռքով ամէնէն հեռուն նետելուն մէջ։ Կը ճշդուի սահմանագիծ մը, որ պիտի ըլլայ քար նետելու մեկնակէտը։ Կը խաղցուի չորս տարբեր ձեւերով.

-Երկու ձեռքով քարը նետել։ Ոտքերը կարելի է շարժել ազատօրէն։

-Երկու ձեռքով քարը նետել։ Նետած պահուն ոտքերը պէտք չէ շարժին։ Երկու ձեռքով բռնուող քարերը ամէնէն ծանրերը կ՚ըլլան։ Անոնք կրնան մինչեւ 50-60 քկ. կշռել։

-Մէկ ձեռքով բռնել քարը, բարձրացնել մինչեւ գլուխ եւ քայլ մը դէպի առաջ առնելով՝ նետել զայն։

-Երկու ձեռքով քարը նետել յետոյքին տակէն՝ երկու ոտքերուն միջով։

Կը յաղթէ քարը ամէնէն հեռու նետողը։

Բարջանճ գիւղին մէջ այս խաղին մէջ անուն հանած անձեր են Հերքօ Կիրակոսը, Կոյր Ակոբը, պատուելի Պետրոսը, Կելէն Արութը եւ Քիլարճոնց Խաչօն։

Կը խաղան երիտասարդները [23]։

Կրակ առնուկ

Կը խաղան երկու մրցակից խումբերով։

Տօնական օրերու ընթացքին – ինչպէս օրինակ Զատիկ – խաղցուող խաղ մըն է։ Խաղը տեղի կ՚ունենայ բաց դաշտի վրայ։ Մրցակից խումբերէն իւրաքանչիւրը ունի իր «տուն»ը, որուն մէջ կը պահեն «կրակ»ը։ Խարբերդի մասին գրուած գիրքերուն մէջ չի նշուիր թէ ինչպէս կը մարմնաւորուի այս կրակը։ Հաւանաբար անիկա որեւէ առարկայ մըն է։

Պաշտպանող խումբը կը պահէ իր «տուն»ը, մինչ նախայարձակ խումբին անդամները կու գան ու կը պաշարեն զայն ու կը փորձեն ներս թափանցելով գողնալ «կրակ»ը։ Պաշտպանողները իրենց ձեռքին կը բռնեն թուլլաներ։ «Կրակ»ը գողցողը անմիջապէս կը վազէ դէպի իր «տուն»ը։ Բայց պաշտպանող խումբէն մէկ անդամ իրաւունք ունի անոր հալածելու։ Պէտք է վազել արագ, նախքան որ «կրակ»ի գողը իր «տուն»ը մտնէ։ Իսկ երբ յաջողի հասնիլ, այն ատեն իր թուլլայով կրնայ լաւ մե ծեծել մրցակիցին, մինչեւ որ այս վերջինը իր «տուն»ը հասնի։ Այնուհետեւ նախկին պաշտպանողները իրենք կը փորձեն «կրակ»ը գողնալ։

Այս խաղը ընդհանրապէս կը խաղան նոր փեսաներն ու նշանուած տղամարդիկը՝ գիւղացի հանդիսատեսներուն առջեւ [24]։

Ամպարէշ կամ անպարոշ

Կը խաղցուի երկու մրցակից խումբերով՝ ամէն մէկը 4-5 հոգիէ կազմուած։ Խաղը սկսող խումբը կ՚որոշուի «թաց-չոր»ով։

Խումբերէն մէկը կը կազմէ կռնակնին ու գլուխնին կքողներու գիծ մը։ Այսինքն անոնք ամբողջ մէջքով ու գլուխով կը կռանան։ Միայն առաջին անձն է որ չի կքիր, այլ կը կանգնի ուղիղ՝ կռնակը պատին յենած։ Յաջորդ խմբակիցը կը կռանայ, գլուխը կը դնէ առաջինին փորին եւ զայն իբրեւ յենարան կը գործածէ։ Պատին կռթնածը ձեռքերով ամուր կը բռնէ խմբակիցին թիկունքներէն, որպէսզի կազմուելիք մարդկային շղթան պինդ ըլլայ։ Երրորդ խմբակիցը նոյնպէս կը կռանայ եւ ձախ արմուկը կը միացնէ երկրորդ խմբակիցին յետոյքին եւ ձախ թեւն ալ կ՚անցնէ նոյն անձին ազդրին։ Չորրորդ խմբակիցը (թերեւս նաեւ հինգերորդը) նոյնը կ՚ընէ։ Այս ձեւով կը կազմուի չորս կամ հինգ կռացողներու ուղիղ շղթայ մը։

Խաղը սկսողը կ՚ըլլայ միւս խումբը։ Անոնցմէ առաջինը տասը քայլ հեռաւորութենէ մը վազելով կը յառաջանայ դէպի շղթային վերջին կռացողը ու կը նետուի որքան կարելի է առջեւ՝ կռացողներէն մէկուն քամակին վրայ՝ առանց իյնալու։ Անմիջապէս կը սկսի հաշուել մինչեւ 20, 50 կամ 100, այնպէս ինչպէս նախապէս երկու խումբերը համաձայնած կ՚ըլլան։ Հերթաբար կը յաջորդեն չորս ընկերները, որոնք նոյնպէս կը հեծնին մրցակիցներուն քամակին ու կը հաշուեն։ Ցատկող այս հինգ ընկերներէն եթէ որեւէ մէկը իյնայ կամ ոտքը գետին դպցնէ՝ խումբը պարտուած կը համարուի ու դերերը կը փոխուին։

Կը խաղան պատանիները [25]։

Ախոռ խաղալ

Կը խաղցուի երկու մրցակից խումբերով։

Կը խաղան ընդհանրապէս գարնան սկիզբը, թրիքի փոսերուն վրայ։ Վիճակով կ՚որոշուին երկու խումբերուն անդամները։

Մէկ խումբը կը մտնէ «ախոռ», այսինքն թրիքի փոսին տարածքը։ Դուրսի խումբը կը սպասէ այս շրջագիծէն հինգ քայլ հեռու։ Անոնցմէ մէկը ձեռքին կը բռնէ կտաւէ կամ չուանէ գնդակ մը ու կը դառնայ «ախոռ»ին շուրջ՝ միշտ պահելով հինգ քայլի միջոցը։ Ուշադիր կը հետեւի ներսիններուն շարժումներուն։ Նպատակն է ձեռքի գնդակով հարուածել ներսիններէն մէկն ու մէկին։ Բայց նպատակայարմար է հարուածել անակնկալօրէն, որպէսզի հարուածողը փախելու առիթ ալ ունենայ։ Այլապէս, ներսինները եթէ յաջողին գնդակը անմիջապէս վերցնել ու հակահարուածով մը դպցնել փախողին՝ յաղթած կ՚ըլլան։ Այս պարագային դուրսինները իրենք «ախոռ» կը մտնեն [26]։

Վրայէն անցնուկ

Կ՚ընտրուի խաղցող մը, որ մէջքն ու գլուխը կը կքէ, ոտքերը լայն կը բանայ եւ իւրաքանչիւր ձեռքով ալ մէկ ծունկը կը բռնէ։ Կքած կռնակին վրայ կը դնեն հին գլխարկ մը կամ թաշկինակ մը։ Միւս խաղցողները պէտք է կքողին վրայէն ցատկեն։ Վարպետութիւնը հոն է որ ցատկած պահուն պէտք չէ գլխարկը կամ թաշկինակը գլորել։ Այլապէս, կքելու կարգը կ՚ըլլայ գլորողին [27]։

Կօռ-կօռ

Խմբախաղ։

Առաջին հերթին կը ճշդուի «կռթամայր» մը (թուխս նստած հաւ մը)։ Ան մէկ ձեռքին կը բռնէ չուանէ կամ կտաւէ շինուած մտրակ մը, որուն ծայրամասը ամրացած է հանգոյցներով։ Միւս ձեռքին կը բռնէ բարակ չուան մը, որուն ճամբով կը պատրաստէ աչքի ձեւեր։ Ասոնք հանելուկներ են, որոնք ուղղուած են իր շուրջ հաւաքուած խաղցողներու խումբին։ Ամէն անգամ հարց կու տայ. «էս ինչի՞ աչք է»։

Ճիշդ պատասխան տուող անձը «կռթամօր» միւս ձեռքէն մտրակը շատ արագ կը խլէ ու կը սկսի շուրջինները հարուածել։ Հարուածները անմիջապէս պէտք է կանգ առնեն երբ «կռթամայրը» «կոռ-կոռ» կանչէ։ Երբ հարուածողը քիչ մը ուշանայ մտրակը իր տիրոջ վերադարձնելու, այն ատեն միւս խաղցողները ազատ են հարուածողը ծեծելու [28]։

Խալայուայ

Կը խաղցուի երկու մրցակից խումբերով։

Հաւասար թիւով (5-10 հոգի) խումբեր կը կազմուին։ Խմբապետները կ՚ընտրեն իրենց խումբին անդամները։ Առաջին ընտրողը կ՚որոշուի «քարբռնուկ»ով։ Խմբապետներուն կողմէ ընտրութիւնը կը կատարուի մէկ առ մէկ եւ փոխն ի փոխ։

Իւրաքանչիւր խումբ դիրք կը բռնէ կէտի մը վրայ, որ կը կոչուի խալա, այսինքն բերդ։ Երկու այս կէտերուն միջեւ պէտք է պահպանել 50-60 քայլի հեռաւորութիւն մը։

«Թաց թէ չոր»ով կը ճշդուի թէ որ խումբը պիտի ըլլայ նախայարձակը։Նախայարձակ կողմը կ՚ընտրէ իր ամէնէն առաջապահը, որ նախընտրելի է արագավազ ըլլալ։ Ան նախ կ՚ուղղուի մրցակիցին խալան։ Մրցումը այստեղէն ալ ծայր կ՚առնէ։ Առաջապահը պէտք է փորձէ վերադառնալ իր խմբակիցներուն խալան։ Բայց անոր դէմ մրցակից խումբը իրարու ետեւէ կ՚ուղարկէ մէկ կամ աւելի հետապնդողներ։ Այս վերջիններուն նպատակն է պարզ մը դպնալ առաջապահին եւ այս ձեւով արգիլել անոր խալա մուտքը։ Բայց նոյն ժամանակ հետապնդողները շատ զգուշ պէտք է ըլլան, քանի որ հետապնդուողին խմբակիցները իրաւունք ունին հետապնդողներուն հարուածելու եւ իրենց խալայէն ներս զիրենք գերի առնելու։Կը բաւէ որ հալածողներէն մէկն ու մէկը դպնայ առաջապահին ու ան խաղէն դուրս կը համարուի։ Այն ատեն նոյն խումբը նոր առաջապահ մը կ՚ուղարկէ։ Իսկ եթէ ան յաջողի մտնել իր խալան, այն ատեն առաջապահ ղրկելու կարգը կ՚ըլլար մրցակից խումբին։ Խաղը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ խալաներէն մէկը դատարկուի։

Կը խաղան տղամարդիկը [29]։

Խապախ

Կը կոչուի նաեւ բերդ-խաղ։ Կը խաղցուի երկու մրցակից խումբերով։

Հաւասար թիւով (5-10 հոգի) խումբեր կը կազմուին։ Խմբապետները կ՚ընտրեն իրենց խումբին անդամները։ Առաջին ընտրողը կ՚որոշուի քարբռնուկով։ Խմբապետներուն կողմէ ընտրութիւնը կը կատարուի մէկ առ մէկ եւ փոխն ի փոխ։

Տափակ քար մը կը դրուի խաղադաշտին կեդրոնը։ Այս կը ներկայացնէ բերդը։ Խումբերէն մէկը կ՚ըլլայ բերդապահ, մինչ միւսը յարձակող։

«Թաց թէ չոր»ով կը ճշդուի թէ որ խումբը պիտի ըլլայ բերդապահը։

Բերդապահները կը խմբուին տափակ քարին շուրջ։ Անոնք պէտք է պաշտպանեն այս քարը դուրսիններու յարձակումներէն։ Բերդապահները անակնկալ յարձակումներ կը կատարեն դէպի դուրս՝ մրցակիցներուն դպչելու եւ այս ձեւով զանոնք «թըս», այսինքն խաղէ դուրս ընելու համար։ Բայց միաժամանակ կը զգուշանան բերդէն շատ հեռանալէ, որովհետեւ դուրսինները կրնան զայն գրաւել։

Ի՞նչպէս կը գրաւուի բերդը։ Երբ մրցակիցներէն մէկն ու մէկը կը յաջողի առանց բերդապահներէն զարնուելու տափակ քարին դպնալ, բերդը կը համարուի գրաւուած։ Դուրսինները չեն կրնար բերդապահներուն «թըս» ընել։ Անոնք պարզապէս պէտք է փորձեն մրցակիցները «ճըռ» ընել, այսինքն տափակ քարէն հեռացնել ու բերդը գրաւել։

Դուրսիններուն համար լաւագոյն ձեւն է բերդին վրայ յարձակիլ զանազան կողմերէ, զոյգ-զոյգ, որպէսզի կարելի ըլլայ բերդապահները առաւելագոյնս խուճապի մատնել։ Այսպէս, մինչ անոնցմէ մէկը կը մօտենայ բերդին ու կը փորձէ բերդապահներուն ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնել, նոյն ժամանակ իր կողքի ընկերը կը փորձէ դպնալ տափակ քարին։

Բերդը գրաւելու համար կը բաւէ անոր դպնալ ձեռքով կամ ոտքով։ Մէյ մը որ յաջողի՝ գրաւողը կը պոռայ «խապախ» [30]։

Ձմերուկ զարնել, կամ ձմերուկ քաշել

Խարբերդի դաշտի ձմերուկները կ՚ըլլան շերտաւոր՝ կանաչ ու ճերմակ։ Ամառները ձմերուկները կը քաղեն ու զով տեղերու մէջ իրարու վրայ կը դիզեն՝ ծախուելու համար։

Այս առիթով հոս կը հաւաքուին գիւղին բախտախաղի համակիր երիտասարդները «ձմերուկ քաշել» խաղալու։ Երկու հոգի ձմերուկ մը կը ճշդեն, ապա իրենց միջեւ բախտախաղը կը կայանայ հետեւեալ հարցումներուն մէջ. «կուտը կարմիր է թէ սեւ», «կուտը դեղին է թէ նարնջագոյն (տեղական բարբառով քամոնի)», «քանի՞ հատ կուտ կայ այս հատուածին (տեղական բարբառով շախխա) մէջ», «քանի օխա (տեղական բարբառով հոխխա, 1.28 քկ.) կը կշռէ ձմերուկը»։

Ապա, ձմերուկը բռնողը իր չախույով (դանակ) կը կտրէ պտուղը։ Գուշակութիւնը ճիշդ ընողը կը տիրանայ ձմերուկին, իսկ պարտուողը պարտիզպանին կը վճարէ պտուղին փոխարժէքը։ Կշիռքին կամ կուտերուն թիւին պարագային, յաղթող կը՚լլայ ամէնէն մօտաւոր գուշակութիւն ընողը։ Երբեմն բախտախաղի պարգեւ կը ճշդուի մինչեւ 10 ձմերուկ [31]։

Գոմէշ կռուըցնել (գոմէշամարտ)

Խարբերդի կարգ մը գիւղերուն մէջ գոմէշամարտը հրապարակային մեծ հանդիսութիւն մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ տօնական օրերուն՝ Զատիկին եւ Բարեկենդանին։ Այս խաղին համար կը զատուին ամէնէն հսկայ ու հուժկու անասունները, որոնք խարբերդցիներուն կողմէ յաճախ կ՚անուանուին Թոսուն, Արապ (արաբ), Թոռոման, Ասլան, Պորօ, Պաշշօ, Խումաշ, Դիգգո. ասոնք բոլորն ալ եզերու ու գոմէշներու տրուած խարբերդեան փաղաքշական անուններ են։

Գոմէշամարտի վերապահուած անասունները գիւղին յատուկ գուրգուրանքին կ՚արժանանան։ Իբրեւ կեր (տեղական բարբառով՝ ալիկ) անոնց կը տրուի քուշնայ (lathyrus tuberosus), կովտոն եւ փոխինդ։ Ամէն օր անոնց կը խմցնեն գիւղի ակերուն պաղ ու զուլալ ջուրը։ Գոմէշները կը լոգնան նաեւ այս ջուրերուն մէջ։ Մէկ խօսքով գիւղին կողմէ հաւաքական ջանք մը կայ այս անասունները առողջ եւ ուժեղ պահելու՝ մարտի օրուան իբրեւ պատրաստութիւն։

Գոմէշամարտը տեղի կ՚ունենայ գիւղին չային մէջ։ Ասիկա հեղեղատն է, այսինքն գարնանային հեղեղներուն բացած անցքը, որ ընդհանրապէս լայն տարածք մը կ՚ըլլայ։ Մրցակից երկու գոմէշները պարաններով կը բերուին այստեղ, ուր հաւաքուած կ՚ըլլայ նաեւ ամբողջ գիւղը իր ռէսով, աղայով, պէկով ու բոլոր բնակիչներով։ Պարանները կը քակուին եւ երկու անասունները կը յայտնուին դէմ դիմաց, պատրաստ ամեհի մարտին։ Կռիւը ծայր կ՚առնէ, գլուխ գլխի, կոտոշ կոտոշի, հարուածները զիրար կը յաջորդեն, այս բոլորը հանդիսատեսներուն խանդավառ բացագանչութիւններուն տակ։ Գիւղացիները իրենք եւս բաժնուած կ՚ըլլան երկու խումբի, ամէն մէկը գոմէշի մը կողմնակից։ Անոնցմէ ոմանք գրաւներ կը դնեն. յաղթողը պիտի ստանայ օրինակ պարկ մը ցորեն։ Վերջաւորութեան պարտուող գոմէշը գետին կ՚իյնայ կամ պարզապէս փախուստ կու տայ։ Այս վերջին պարագային յաղթող անասունը ընդհանրապէս կը հետապնդէ անոր մինչեւ ախոռին դուռը։ Միայն այստեղ է որ գիւղացիները կը կանգնեցնեն գոմէշամարտը. պարաններով կը մեկուսացնեն յաղթական անասունը, ապա հանդիսաւոր թափօրի մը ուղեկցութեամբ զայն կը տանին մինչեւ իր ախոռը [32]։

Կուլաշ բռնել (կիւրեշ, ըմբշամարտ)

Ըմբշամարտի տեսարան հայկական մանրանկարչութեան մէջ (Աղբիւր՝ Աստղիկ Գէորգեան, Արհեստներն ու կենցաղը հայկական մանրանկարներում, Երեւան, 1978)

Այս մարզաձեւը գօմէշամարտին չափ ժողովրդականութիւն կը վայելէ։ Գիւղերուն մէջ ըմբշամարտը, կամ գօտեմարտը տեղի կ՚ունենայ չային կամ որեւէ կալի մէջ։ Ներկայ կ՚ըլլան կին ու տղամարդ հոծ թիւով։

Կը պատմուի նաեւ որ 1875-ին Խարբերդի դաշտի երկու մօտակայ գիւղերու՝ Բազմաշէնի եւ Դատեմի քիւրտ աղաներուն միջեւ կը ծագի վէճ մը, թէ որ գիւղը ունի լաւագոյն ըմբիշը (փեհլիվանը)։ Ասոր վրայ կ՚որոշուի երկու գիւղերէն լաւագոյն մարզիկներուն միջեւ մենամարտ մը կազմակերպել։ Բազմաշէնի Սարայ աղաները լուր կու տան գիւղին յայտնի ըմբիշ Օհանին պատրաստ ըլլալու մենամարտին։ Անիկա տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ ամսուն Դատեմի եւ Մեզիրէի միջեւ դաշտի մը մէջ։ Ապտալ Պօղոսեան ականատես է այս իրադարձութեան եւ ան իր գիրքին մէջ կը վերյիշէ զայն։ Այսպէս, նշեալ օրը Բազմաշէն գիւղը տօնական մթնոլորտի մէջ էր։ Ամբողջ գիւղը կը հաւաքուի Սուրբ Զաքարիայի ձորը, տաւուլ ու զուռնան կը խանդավառեն բոլորը, տեղի կ՚ունենայ նաեւ ձիարշաւ։ Ապա իր ձիով կու գայ նաեւ Փեհլիվան Օհանը, որ կ՚ընդունուի ներկաներուն ցնծագին արտայայտութիւններով։ Բազմաշէնի հերոսը կ՚ուղղուի դէպի մենամարտին վայրը, իսկ ամբողջ գիւղն ալ կը հետեւի անոր։ Դատեմի հերոսը նոյնպէս տաւուլ-զուռնայով եւ դատեմցիներու ուղեկցութեամբ ճամբայ ելած էր մրցավայր։ Այս մենամարտին համար ներկայ էին նաեւ ոստիկաններ, որպէսզի առաջքն առնէին որեւէ խառնակութեան։ Ընդարձակ դաշտին մէջ երկու ըմբիշները կը կանգնին, քանի մը անգամ շրջան կ՚ընեն, իրարու կը մօտենան ու իրար ծանրութիւն կը փորձեն, կրկին շրջան կ՚ընեն՝ աւելի եւս ելեկտրականցնելով մթնոլորտը։ Ապա ծայր կ՚առնէ կռիւը, որուն առաջին փուլը կը տեւէ տասնեւհինգ վայրկեան։ Որոշ դադարէ մը ետք մարտը կը վերսկսի։ Քսան վայրկեան իրարու դէմ պայքարելէ ետք, Դատեմի հերոսը կ՚իյնայ ու Սարայ աղաները անմիջապէս Փեհլիվան Օհանին յաղթական կը հռչակեն ու մենամարտը կ՚աւարտի։ Յաջորդ տարին Փեհլիվան Օհանը Կիլիկիա կը մեկնի իբրեւ պանդուխտ աշխատաւոր։ Այստեղ եւս հռչակաւոր ըմբիշ կը դառնայ եւ այս մասին Պօղոսեան դարձեալ զանազան տեղեկութիւններ կու տայ [33]։

Բարջանճի մէջ յայտնի ըմբիշներ են Միսաքենց Տօնապետը, Խոճիկ Մղտեսը Մարսուպը, Միսաքենց Պետօն, Տնկոզը (Հերքօ պաճիին ամուսինը), Հերքօ Կիրակոսը (Տնկոզին որդին), Հոտօ Մղտեսի Խաչօն, Կօշկար Միսաքենց Խաչօն, Խոճիկ Գրիգորի որդի՝ Մարտիրոսը, Կէլէնենց Արութը [34]։ Դատեմի մէջ անուանի ըմբիշ է Խարատոնոյենց Տօն ամուն [35]։ Իսկ Բազմաշէնի մէջ յայտնի են Տէր Գաբրելենց Օհանը, Եզկանց Խաչօն, Պետոյենց Կիրակոսը, Պէրպէր Խաչօն, Պետոյենց Գեւամուն, Չոպոյենց Տօնօն, Առքօ Խաչօն, Հազարխանենց Օվակիմը եւ Մուրատենց Գեւօն [36]։

Երկու ըմբիշներ։ Լուսանկարուած Զմիւռնիոյ մէջ, օսմանեան ժամանակաշրջանին (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Տավա-Օյինի (ուղտախաղ)

Բարեկենդանի օրերուն կատարուող զաւեշտախաղ մը։

Երկու թիկնեղ մարդիկ իրենց ուսերուն վրայ բեռցուցած կ՚ըլլան լաթերով ու քուրջերով պատրաստուած ուղտ մը, որու քամակին ալ նստած կ՚ըլլայ ուղտապանը՝ ցնցոտիներ հագած, երեսը սեւ ներկած, ձեռքին ալ երկար ու ցեխոտ ձող մը։ Ամէնէն առջեւէն կը քալէ պատանի մը, նոյնպէս քուրջեր հագած, երեսը սեւ ներկուած, իսկ ձեռքով ալ կը քաշէ ուղտին սանձը։ Ուղտը կը պտտցնեն գիւղին փողոցներուն մէջ՝ տաւուլ-զուռնայի առաջնորդութեամբ, իսկ ուղտապանն ալ իր կատակներով աւելի կը խանդավառէ ամբողջ գիւղը։ Այսպէս օրինակ, շքախումբը կանգ կ՚առնէ մսագործին կամ նպարավաճառին խանութին առջեւ, ուղտապանը կ՚երկարէ իր ձողը դէպի կախուած միսերը կամ ցուցադրուող զանազան ապրանքները ու կ՚ըսէ. «իրեք հոխխանոց պոչով խապուրղա մը» կամ «հոխխա մի կարմիր չամիչ»։ Ապա կ՚աւելցնէ. «չէ նը, ինչ որ կայ չամուռ կ՚ինիմ (կը կեղտոտեմ), հա՛»։ Ապրանքին կը տիրանայ ու երթը կը շարունակուի։ Ճամբուն վրայ ուղտապանին գինի ալ կը հրամցնեն, ան ուղտէն կ՚իջնէ ու կը պարէ։ Մեծ ու պզտիկ հրճուանքով կը հետեւին ուղտին թափօրին [37]։

Փայլիվան խաղալ (լարախաղացութիւն)

Փայլիվանները (փեհլիվան, այս պարագային լարախաղաց) Խարբերդի դաշտ կու գան ընդհանրապէս Մուշէն, կալերու աշխատանքէն ետք։ Այսինքն այն ժամանակ, երբ գիւղացին տարուայ իր ամէնէն ծանր աշխատանքները նոր աւարտած՝ հրճուանքի ու զբօսանքի պէտքը ունի։ Անոնք կ՚ըլլան խումբով՝ 4-5 հոգի, կու գան էշերով, որոնց վրայ բառցած կ՚ըլլան իրենց զանազան իրերը եւ փոքրիկ թմբուկները։ Փեհլիվանները միաժամանակ նուագածուներ են եւ անոնց վիզերէն միշտ կախուած կ՚ըլլայ քամանչան։ Խաղադաշտին վրայ կը հաստատեն իրենց պարանը, ապա քամանչայով ու տաւուլով կը պտտին գիւղին փողոցներուն մէջ՝ ժողովուրդը հրաւիրելով լարախաղացութիւնը դիտելու։ Ամբողջ գիւղը կը հաւաքուի ու խաղը կը սկսի։ Առաջին փեհլիվանը պարանին վրայ կը ցատկէ «եա Սուրբ Կարապետ» ձայնելով։ Ան բոպիկ է ու երկու ձեռքերուն՝ երկար եւ բարակ ձող մը։ Պարանին վրայ ոստումներ կ՚ընէ, միոտանի կը քալէ, կը կախուի, կը վազէ՝ ամէն կարեւոր շարժումի մը միշտ պոռալով «եա Սուրբ Կարապետ»։ Երբեմն ալ պարանին վրայ կը դնէ տաշտ մը, կը յաջողի անոր մէջ նստիլ ու դանդաղօրէն պարանին վրայէն սահելով յառաջանալ։ Մինչ մէկ փեհլիվանը պարանին վրայ իր ելոյթը կ՚ունենայ, միւսները տաւուլով ու քամանչայով կը խանդավառեն մթնոլորտը։ Մուտքի դրամ չի պահանջուիր, բայց խաղի աւարտին անոնք կը մօտենան հանդիսատեսներուն ու կը ժողվեն իրենց վարձատրութիւնը։ Բացի դրամէն, գիւղացիները անոնց կու տան նաեւ թարմ հաց, ցորեն, պլղուր, ծեծած, էշերուն համար ալ գարի [38]։

Լարախաղացներ. լուսանկարուած Մուշի մէջ, Սուրբ Կարապետ վանքին առջեւ (Աղբիւր՝ Գեղունի, թիւ 1-10, 1903, Բ. տարի, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Խմբագիրի ծանօթագրութիւն

Ծանօ՞թ էք Խարբերդի դաշտին մէջ կիրարկուող այլ խաղերու, անոնց խաղաձեւին ու խաղի օրէնքներուն։ Յաւելումներ կամ առարկութիւններ ունի՞ք սոյն յօդուածին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն վերաբերեալ։

Ձեր մեկնաբանութիւնները կամ տեղեկութիւնները կրնաք ուղարկել մեր հասցէին՝ houshamadyan(at)gmail.com

Անհրաժեշտ է որ ձեր նամակին մէջ նշած ըլլաք ձեր անունը, մականունը ու տեղեկութեան աղբիւրը։

  • [1] Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938, էջ 152։ Յակոբ Ղարիպ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը մեր եւ սիրոյ արիւնոտ ածուներ, Ֆրանսա, 1967, էջ 152։
  • [2] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ..., էջ 130։
  • [3] Նոյն, էջ 153։
  • [4] Նոյն, էջ 152-153։
  • [5] Նոյն, էջ 153։
  • [6] Նոյն։
  • [7] Նոյն։
  • [8] Նոյն, էջ 154։
  • [9] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 44
  • [10] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ..., էջ 154։
  • [11] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը..., էջ 45։
  • [12] Նոյն։
  • [13] Նոյն։
  • [14] Նոյն, էջ 46։
  • [15] Նոյն, էջ 47։
  • [16] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ..., էջ 154-155։
  • [17] Նոյն, էջ 155։
  • [18] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը..., էջ 44։
  • [19] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ..., էջ 155։
  • [20] Նոյն, էջ 155։
  • [21] Նոյն։
  • [22] Նոյն, էջ 156։
  • [23] Նոյն, էջ 156։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը..., էջ 42։
  • [24] Ապտալ Գոլէճ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1930, էջ 89։
  • [25] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը..., էջ 42-43։ Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963, էջ 65։
  • [26] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը..., էջ 41-42։
  • [27] Հապուսի գիւղին պատմութիւնը…, էջ 65։
  • [28] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը..., էջ 43։
  • [29] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ..., էջ 156։
  • [30] Նոյն, էջ 156-157։
  • [31] Նոյն, էջ 157։
  • [32] Նոյն, էջ 157-158։
  • [33] Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն…, էջ 64-66։
  • [34] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ..., էջ 158։
  • [35] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը..., էջ 38-39։
  • [36] Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն…, էջ 64։
  • [37] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ..., էջ 158։
  • [38] Նոյն, էջ 159։