Ս. Աստուածածինի տօնը մեծ շուքով կը տօնուի Խարբերդի դաշտին մէջ։ Այդ օրը հազարաւոր ուխտաւորներ կ՚ուղղուին Ս. Նշան վանքը, որ կը գտնուի Ծովք/Կէոլճիւք լիճին մէջ։ Երեք օրերու վրայ տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէ այստեղ։
Յուշամատեանը պատրաստած է կարճատեւ animation մը, ուր երկու խարբերդցիներ իրենց տեղական բարբառով զրոյց մը կ՚ունենան այս տօնին առիթով՝ տօնակատարութեան նոյն վայրին մէջ։
*******************************************
Այս ընդհանուր վերնագիրին տակ կը ներկայացուին ձեր ընտրելիք տեղավայրին հայկական կրօնական հաստատութիւնները, եկեղեցիներն ու ուխտավայրերը, տօները, ծնունդի ու մկրտութեան, ինչպէս նաեւ պսակի ու թաղման սովորութիւնները։