Հիւսէնիկի գերեզմանատան մէջ հաւաքուած ժողովուրդը (Վահէ Հայկ, op. cit.)

Խարբերդ – Տօներ

Հեղինակ՝ Վ. Թաշճեան, 02/05/2012 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 04/05/2012)

Օսմանեան հայերու տօնացոյցը ընդհանրապէս միւնոյնն է։ Աշխարհագրական հեռաւորութիւնները կամ տեղայնական յատկանիշները այս իմաստով մեծ ազդեցութիւն չեն ունեցած անոր վրայ։ Այսուամենայնիւ տարբերութիւններ նկատելի են զանազան տօներու արարողակարգին, անոնց ժողովրդականութեան ու տօնակատարութեան ձեւերուն մէջ։ Ասոնք երբեմն աննշան այլազանութիւններ են, որոնք միաժամանակ ապացոյցն են օսմանեան հայոց աշխարհին բազմատարրութեան։ Այսպիսի մանրամասնութիւններ միջոցներ են նաեւ աւելի լաւ հասկնալու տեղական միջավայրերը, այնտեղ առկայ պատմական, քաղաքական ու մշակութային գործօնները։

Խարբերդի դաշտին պարագային այսպիսի տարբերութիւններ նոյնպէս առկայ են։ Հետաքրքրական է օրինակ, որ կարգ մը քրիստոնէական տօնակատարութիւններու ընթացքին, հայերու կողքին, նոյն վայրին մէջ ներկայ են նաեւ տեղաբնիկ իսլամներ՝ ըստ աղբիւրներուն քիւրտեր եւ թուրքեր։ Անոնք հաւաքաբար կը տօնեն ու կը մասնակցին այդ օրուան կամ օրերու զուարճութիւններուն ու խրախճանքերուն։ Նոյնպէս հետաքրքրական է նկատել, որ հայերու մօտ տեղական սրբավայրերուն ու ուխտատեղիներուն շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ ասորի սուրբերը, որոնք շատ հաւանաբար մնացորդներն են անցեալին նոյն այս տարածքներէն ներս ասորիներու մեծաթիւ ներկայութեան ու անոնց ձգած կրօնա-մշակութային ազդեցութիւններուն։

Հայ ընտանիք մը, Խարբերդ քաղաք, ca 1915։ Առաջին կարգի 5 երեխաները, ձախէն աջ՝ Կարապետ Մարկոսեան (Աղաւնիին որդին), անունը անծանօթ երեխայ մը (գիրկը նստած), Մենտուհի Կոստանեան (յետագային Չէչեան, բայց մականունը կը փոխուի եւ կը դառնայ Էնկին), Սարգիսի որդին։ Նստած, ձախէն աջ՝ Կարապետ («Աստրկագ») Քելճիքեան, Թուրունճ Ադամեան Քելճիքեան, Եղնար Ադամեան Կոստանեան։ Կանգնած, ձախէն աջ՝ Աղաւնի Քելճիքեան Մարկոսեան (յետագային Պալեան, Կարապետին մայրը), երկրորդէն հինգերորդը ներառեալ՝ Քելճիքեան դուստրեր կամ Քելճիքեան հարսեր կամ Քելճիքեան որդիներ։ Կիներէն մէկը Սարգիսին կողակիցն է, որ հաւանաբար կանգնած է Սարգիսի կողքին, վեցերորդը՝ Սարգիս (Եղնարի որդեգիր զաւակը) (Աղբիւր՝ Զապէլ Գալուստեան Կօշկարեանի հաւաքածոյ)

Կաղանդ

Նոր Տարի, որ նաեւ կը համապատասխանէ ծննդեան պահոց երրորդ օրուան։ Այդ իրիկուայ ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլայ պահքի յատուկ կերակուրներով, պտուղներով, օղիով ու գինիով։ Հետեւաբար, տան կիներն ու աղջիկները արդէն Դեկտեմբեր 30-էն ճաշի պատրաստութեան մէջ կ՚ըլլան, Նոր տարուան սեղանին համար կը պատրաստեն մանաւանդ քաղցրեղէններ, ինչպէս գաթա, բոկեղ [1], անուշապուր։

Խուլագիւղի (Հիւլվենք, Շահինքայա) ընդհանուր տեսարանը. կեդրոնը կ՚երեւի Ս. Գէորգ եկեղեցին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Դեկտեմբեր 31-ը նուէրներ բաշխելու օրն է։ Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակեն, հարսեր իրենց ձեռքի գործ հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ (տանձ, նուռ, խնձոր), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրեն մտերիմներու։ Պատանիներ «գօտեկախ» կ՝ընեն. այսինքն տուներու երդիքներէն վար կ՝իջեցնեն չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ՝ըլլայ տոպրակ մը։ Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնեն շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն։ «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ։ Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուի Ծնունդի իրիկունը, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ՝ Նոր տարիին յաջորդած առտուն։ Կաղանդի օրը տուները հիւր եկող ամէն անձ միշտ պէտք է յիշէ նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը։ Իսկ փոքրիկները, Նոր տարիի առաջին առաւօտը երբ կը զարթնեն, իրենց նուէրները՝ չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, նուշ, պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնեն տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ։ Խարբերդ քաղաքին մէջ, Նոր տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնեն նաեւ իրենց հայրը «կախելու»։ Այսպէս, երբ իրիկուան հայրը տուն կը վերադառնայ, պատանի զաւակները վրան կը յարձակին, մէջքին հաստ չուան մը կ՝անցնեն ու առաստաղէն կախել կը փորձեն։ Հօր «չարչարանք»ը վերջ կը գտնէ միայն այն ատեն երբ ան կը համաձայնի իր հետ բերած քաղցրեղէն նուէրները բաժնել տնեցիներուն [2]։

Չափահասներուն համար տօնական խրախճանքը ծայր կ՝առնէ Նոր տարուան երեկոյեան, իսկ կէս գիշերին, գիւղերուն մէջ (օրինակ Բազմաշէն, Դատեմ, Բարջանճ) սովորութիւն է աղբիւր երթալ եւ Նոր տարուայ ջուրը կուժերու մէջ լեցուած՝ բերել տուն։ Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը կը թափուի փողոցներուն մէջ ու երգելով կ՝ուղղուին դէպի գիւղին աղբիւրները։ Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ՝առնեն, քանի որ, ըստ տեղական աւանդութեան, այդ օրը ջուրերը կախարդիչ յատկութիւն կ՝ունենան եւ անհատը կրնան բժշկել ֆիզիքական զանազան ցաւերէ։ Ասիկա նաեւ կը համարուի աղբիւրներու ոգիներէն Նոր տարուան համար բարի մաղթանքներ խնդրելու արարողութիւն մը։ Այսպէս, գիւղացիներ, յատկապէս աղջիկները, այդ օրը աղբիւրի ակին ու գուռին վրայ, ինչպէս նաեւ ասոնց բոլորտիքը կը ցանեն ցորենի, գարիի, սիսեռի հատիկներ, նոր ծննդաբերած կովու կամ ոչխարի առաջին կաթով պատրաստուած պանիր (տեղական բարբառով՝ խեր), բամպակի կուտ, ոլոռն եւ պայտ (նալ)։ Անոնք նաեւ աղբիւրին ուղղուած եւ զանազան գիւղերու մէջ կրկնուող խօսքեր ունին.

Տանք քեզի ցորեն ու գարի,
Տուր մեզի հազար բարի,
Բարով եկար դուն նոր տարի [3]։

Կամ՝

Աղբիր, աղբիր, առ քեզ հաց, պահէ մեր դուռը միշտ բաց։
Առ քեզի նալ, տուր ինծի մալ (հարստութիւն)։
Աղբիր, առ քեզի խեր, տուր վուս սեր։
Առ քեզի կուտ, տովլաթովդ (հարստութեամբդ) մեր տունը մուտ։
Կաթնաղբիր, քեզի բերեմ քուշնա (քիսամ), օր կովուս կաթն անուշնա։
Ակիդ խերուն, սահքին սիրուն, անուշ ջուր, մուրազս տուր, ինծի սիրուն մանչ մի տուր։
Ակիդ խերուն, սահքին սիրուն, անուշ ջուր, մուրազս տուր, սրտիս սիրածն ինծի տուր։

Իսկ դողէ ու տենդէ տառապողներ նոյնպէս ակին ջուրին մէջ երեք անգամ կը սուզուին ու ամէն անգամ կ՝ըսեն. «Առ իմ փող, տար իմ դող»։ Ուրիշ հիւանդներու ալ կը բարձրացնեն աղբիւրին կողքի ծառը, որ ընդհանրապէս կ՝ըլլայ թթենի։ Հագուած միայն շապիկ ու վարտիք, ծառ բարձրացողը ճիւղ մը պէտք է բռնէ ու ըսէ.

Թութ կը թօթուեմ, ո՞վ կ՝ուտէ։

Այս զէմփերուն (զամփար, զըմփըր, տեղական բարբառով՝ սառ) թութ կ՝ըլլի՞ (կամ՝ Ծօ՛ խենթ, ձմեռ վախտը թութ կ՝ըլլի՞), կը պատասխանեն վարինները։

Ինչո՞ւ դող կ՝ըլլի ու թութ չըլլիր (կամ՝ թութը թօթուեմ, դողը թօթուեմ), կը ձայնէ հիւանդը։

Ապա երեք անգամ ճիւղը կը ցնցէ ու վար կ՝իջնէ ծառէն, համոզուած ըլլալով որ դողը պիտի կտրուի։

Նոր տարուայ այդ իրիկունը սովորութիւն է նաեւ որ գիւղացիներ իրենց հետ աղբիւր բերեն բկեղներ (բլիթ), որոնք օղակաձեւ շինուած հացեր են։ Նախ կը թաթխեն զանոնք աղբիւրին ջուրին մէջ, ապա տուն կը դառնան ու բկեղները կը կերցնեն ախոռի ու գոմի անասուններուն՝ անոնց բեղմնաւորութիւն շնորհելու յոյսով։

Գիւղերուն մէջ սովորութիւն է նաեւ որ նորապսակ հարսերը իրենց ամուսնութեան յաջորդած առաջին Նոր տարիէն ետք միայն արտօնուած կ՝ըլլան այցելելու իրենց ծնողներուն տուները։ Այնպէս որ անոնք եւս իրենց կարմիր կուժերը շալկած կ՝երթան նոյն այդ գիշերը դէպի աղբիւր եւ այնտեղէն ջուր առնելով կը տանին իրենց ծնողներուն։ Այդ յատուկ օրուան համար նոր հարսերը կը հագուին իրենց լաւագոյն հագուստները [4]։

Խրախճանքը կը կրկնուի նաեւ Նոր տարիի առաւօտուն։ Սեղաններուն վրայ կը դրուին բազմազան անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ առատ գինի։ Մեծ ու պզտիկ փոխադարձ այցելութիւններու կ՝երթան՝ շնորհաւորելով Նոր տարին [5]։ Իսկ Հապուսի (Իքիզտեմիր) եւ Բազշամէն գիւղերուն մէջ Կաղանդին յաջորդած օրը զանազան ուրախութիւններու շարքին տեղի կ՝ունենայ նաեւ գոմէշներու մարտ, ձիարշաւ եւ ըմբշամարտ [6]։

Ծննդեան բարեկենդան եւ պահք

Սոյն Բարեկենդանը կը նախորդէ ծննդեան պահքի օրերուն եւ կը տեւէ ամբողջ շաբաթ մը։ Այս ընթացքին կը պատրաստուին մսեղէն ու իւղոտ բազմատեսակ ճաշեր, որոնք Դեկտեմբեր 29-էն սկսեալ եւ ծննդեան պահքի ամբողջ տեւողութեան բացարձակապէս արգիլուած պիտի ըլլան։ Տունը կարգի կը դրուի եւ ծծնդեան Բարեկենդանի Հինգշաբթի օրը կը վերապահուի հիւրեր ընդունելուն։ Այս հիւրերուն շարքին յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի կնքահօր այցելութեան։ Դատեմ գիւղի պարագային գիտենք որ կնքահայրը կ՝ըլլայ այդ օրուայ ճաշին ու տօնախմբութեան ամէնէն յարգուած անձնաւորութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի ծննդեան պահեցողութեան, անիկա կը տեւէ ութ օրեր, կ՝ընդգրկէ նաեւ Նոր տարին եւ վերջ կը գտնէ Ծնունդի նախօրէին [7]։

Ծննդեան ճրագալոյց

Ծնունդին նախորդած երեկոն է, որ միաժամանակ պահոց եօթերորդ օրն է։ Պօղոսեան իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ 1876 թուականի Բազմաշէն գիւղի ճրագալոյցի իրիկունը, երբ եկեղեցւոյ զանգակը կը հնչէ ու ամբողջ գիւղը կը փութայ ներկայ ըլլալու պատարագին։ Պատարագիչ քահանային կողքին, դպրոցական աշակերտներ Ս. Գիրքէն ընթերցանութիւններ կ՝ընեն։ Սովորութիւն է նաեւ Դանիէլ մարգարէի գիրքէն ընթերցանութիւնը աճուրդի դնելը. այդ օրը եկեղեցւոյ հաշուոյն ամէնէն բարձր նուիրատուութիւն ընողին կը շնորհուի ընթերցանութեան բերկրանքը [8]։

Ղարիպ Շահպազեան ինք եւս աճուրդի այս սովորութեան մասին կը գրէ իր գիւղին՝ Դատեմի մէջ։ Ան իր կարգին վառ գոյներով կը ներկայացնէ Դատեմի ճրագալոյցի իրիկունը, երբ ամբողջ գիւղը հաւաքուած կ՝ըլլայ ժամերգութիւնը լսելու, եկեղեցին լուսաւորուած կ՝ըլլայ ամէն կողմ բոցավառող մոմերով։ Կիները խմբուած կ՝ըլլան վերնատան եւ անոր ներքեւի բաժինին մէջ, մինչ տղամարդիկ՝ կիներուն եւ խորանին միջեւ գտնուող տարածութեան մէջ։ Բոլորն ալ իրենց լաւագոյն զգեստները հագուած են, իսկ անխախտ սովորութիւն է, որ այր մարդիկ առանց կօշիկի մուտք գործեն եկեղեցիէն ներս։ Այդ օրուայ Ս. Հաղորդութիւնը առհասարակ վերապահուած է ծոմապահ պատանիներուն ու տարեցներուն։ Ճրագալոյցը երկար արարողութիւն մըն է, որ կ՝աւարտի երկոյեան ուշ ժամերուն։ Ճրագալոյցի իրիկունը միաժամանակ խթում է, այսինքն պահքը կարելի է լուծել։ Բայց այնպէս ինչպէս Զատկուայ խթումը, այս պարագային եւս ծոմապահները ուղղակի միս չեն ուտեր, այլ՝ անասնական այլ արտադրութիւններ (կաթ, իւղ, եւայլն)։ Ասոր կու տան նաւակատիք անունը։ Խարբերդի դաշտին մէջ սովորութիւն է օրինակ Ծննդեան խթումի այդ իրիկունը փերփեր ապուր ուտել։ Նոյն ատեն եկեղեցիին դպիրները տունէ-տուն կը շրջին եւ «Աւետիս»ներ երգելով՝ Քրիստոսի Ծնունդը կ՝աւետեն։ Իսկ իբրեւ վարձատրութիւն անոնք կը ստանան պուլղուր, խաւորմայ, գինի, հաւկիթ, հաց, ռուպ, եւայլն [9]։

Ծնունդ

Ծնունդի օրը կը կատարուի ջուրին մէջ մխրճուած խաչը դուրս հանելու աւանդական արարողութիւնը։ Գծագրութիւնը՝ Ժիւլիէթ Ինիկոյի կողմէ, Յուշամատեան

Ճրագալոյցին յաջորդող օրը՝ Յունուար 6-ին, առտու կանուխ կը հնչէ եկեղեցւոյ զանգակը ու ժողովուրդը դարձեալ կը փութայ այնտեղ՝ տօնելու համար Քրիստոսի Ծնունդը։ Այդ օրը կը կատարուի խաչը ջուրէն հանելու աւանդական արարողութիւնը։ Ասոր համար դարձեալ կ՝ընտրուի ամէնէն մեծ նուիրատուութիւն ընողը։ Խաչը դրուած կ՝ըլլայ ջուրով լեցուած մեծ կաթսայի մը մէջ։ Քահանան կը ձայնէ. «Ո՞վ պիտի ըլլայ Ս. Խաչին կնքահայրը»։ Եւ աճուրդը ծայր կ՝առնէ։ Մէկը կ՝առաջարկէ տասը ղուրուշ, ուրիշ մը մէկ օխա (1 օխա = 1,28 քկ.) մանած, մէկ ուրիշ մը մէկ օխա մոմ կամ մէկ լիթր ձէթ։ Ի վերջոյ Տէր Հայրը իր ընտրութիւնը կը կատարէ, ընտրեալ կնքահօր եկեղեցական շապիկ կը հագցնեն, կնքահայրը ջուրէն դուրս կը հանէ խաչը, որ բոլոր հաւատացեալներուն կողմէ կը պագնուի [10]։

Եկեղեցական արարողութիւնը հազիւ աւարտած, աշակերտները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ՝այցելեն տուները՝ «Աւետիս» երգելու համար։ Վարժապետը այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանայ քանի մը ղուրուշ նուէր։ Նոյն «Աւետիս»ները շահութաբեր ձեռնարկներ են նաեւ պատանիներուն համար։ Այսպէս, երկար թելի մը կապուած պայուսակ մը իրենց ձեռքին, անոնք կ՝ելլեն տուներու տանիքները ու երդիքներէն վար իջեցնելով ծրարը՝ կը սկսին «Աւետիս երգել»։ Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնեն հաւկիթով, իւղով, խաւուրմայով։ Փոքրիկները այս պաշարը տուն կը տանին, կ՝եփեն ու կ՝ուտեն [11]։

Ծնունդի այդ օրը նաեւ Տօնապետ անունը կրող տղամարդոց անուանատօնն է։ Այնպէս որ բոլոր Տօնապետներուն տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ՝ըլլան ու տան մէջ կը կատարուին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք [12]։

Տնային գործածութեան պղնձեայ իրեր (Աղբիւր՝ Henry J. Van-Lennep, Bible lands. Their modern customs and manners, part II, London, 1875)

Վարդանանք

1908-էն ետք այս տօնը աւելի մեծ նշանակութիւն կ՚առնէ։ Նախապէս Վարդանանքը կ՚ոգեկոչուէր ու կը տօնուէր միայն եկեղեցիներու մէջ։ Բայց Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք այս տօնը կը սկսի կատարուիլ նաեւ ժողովրդային հաւաքոյթներու ընթացքին [13]։

Մելետ, Մելեմետ, Տէրընտաս (Տեառնընդառաջ)

Տեղի կ՝ունենայ Փետրուարին։ Իրիկուան, Խարբերդ քաղաքի, Հիւսէնիկի, Մեզիրէի հայոց տուներուն տանիքներուն վրայ կը կատարուի կրակավառութիւն։ Ճիւղերու հսկայ դէզեր երկու-երեք ժամ կը վառուին ու տղաք եւ աղջիկներ կրակին շուրջ բոլորակ կազմած կը պարեն ու կ՝երգեն, ոմանք ալ կրակին վրայէն կը ցատկեն [14]։

Դաշտի գիւղերուն մէջ նոյնպէս Մելետը կը տօնուի մեծ շուքով։ Նախ կը կատարուի երեկոյեան եկեղեցական պատարագը։ Ապա, գիւղացիները մոմեր վառած կ՝ուղղուին իրենց թաղամասերը՝ խարոյկը բոցավառելու համար։ Տարբեր-տարբեր թաղերու մէջ կը ճշդուին վայրեր, ուր կը վառեն այդ իրիկուայ խարոյկը։ Կարգ մը գիւղերու մէջ խարոյկ կը վառեն միայն եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։ Այս է պարագան Բարջանճին (Բերջենճ/Աքչաքիրազ), ուր ժամուն շրջափակին մէջ հաւաքուած ճիւղերու հսկայ դէզը բռնկեցնողը այն անձն է, որ այդ օրը եկեղեցւոյ հաշուոյն կատարած է ամէնէն մեծ նուիրատուութիւնը։ Հանդիսաւոր այս բոցավառութենէն ետք, ժողովուրդը վառ մոմերով կը վերադառնայ իր տուները, ուր տօնախմբութիւնը կը շարունակուի՝ այս անգամ տանիքներուն վրայ։ Այսպէս, ամէն ընտանիք փոքր խարոյկներ կը վառէ ու տանիքներուն վրայ կը շարունակուի երգն ու պարը։ Իբրեւ վառելիք յաճախ կը գործածուի ցրդին (ցրդենի) [15]։

Մելետի օրը երիտասարդներ մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին վառելիք հաւաքելու գործին։ Վառուած խարոյկին մոխիրը նոյնպէս կախարդիչ դեր մը կրնայ ունենալ։ Գիւղացիները զայն կը ցանեն իրենց տանիքին վրայ, որպէսզի ամառները իրենց տուներէն հեռու մնան կարիճներն ու օձերը։ Մոխիրը կը տարածեն նաեւ ախոռին, հաւնոցին ու գոմին մէջ, ինչպէս նաեւ արտերուն ու այգիներուն մէջ, համոզուած ըլլալով որ Մելետը արգասաբերութիւն ու ճոխութիւն կրնայ բերել։ Դատեմ գիւղի մէջ Ղարիպ Շահպազեան կը նշէ, թէ Մելետի աւանդութեան յատուկ բծախնդրութեամբ պէտք է հետեւին նոյն տարին ամուսնացած տղամարդիկը։ Անոնք պէտք է առատ վառելիք բերեն ու դնեն եկեղեցւոյ փակին մէջ։ Այս պարտականութիւնը խախտողներուն Շվոտը (չար ոգին) կրնայ պատուհասել՝ անոնցմէ խլելով իրենց երիտասարդ հարսերը [16]։

Կոստանեան ընտանիքը, Խարբերդ քաղաքէն. ձախէն աջ՝ Աղաւնի Կոստանեան, Եղնար «Անա» Կոստանեան (ծնեալ Ադամեան, Աղաւնիի մայրը), Տիգրան Կոստանեան (Աղաւնիի եղբայրը), Գրիգոր Կոստանեան (հայր), Յովհաննէս Կոստանեան (հօրեղբայր), Յովհաննէսին կինը (անունը անծանօթ), Ազնիւ Կոստանեան (Յովհաննէսին դուստրը) (Աղբիւր՝ Զապէլ Գալուստեան Կօշկարեան հաւաքածոյ)

Սուրբ Սարգիս

Այս սուրբին տօնը մեծ շուքով կը տօնուի յատկապէս Բարջանճ գիւղին մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Յունաստանէն Պարսկաստան իր փախուստին ընթացքին, Ս. Սարգիս կ՝իջեւանի Բարջանճ գիւղին մօտակայ Վարդգեղ կոչուող վայրը, ուր կայ աղբիւր մը, որ հետագային ալ իր անունով կը կոչուի Ս. Սարգիս։ Ժողովրդային առասպելը կ՝ըսէ, որ ամէն տարի Ս. Սարգիսի գիշերը, նահատակ զօրավարը իր սպիտակ ձիով կ՝անցնի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի տան միջով։ Գլխաւորաբար տանտիկինները երեք օր ծոմ կը պահեն, ինչպէս նաեւ, կրակատան քով, ամանի մը մէջ անոնք կը լեցնեն ալիւր կամ խմոր, այն յոյսով որ, սոյն գիշերը, Ս. Սարգիսին ձիուն պայտը հետք մը պիտի ձգէ անոնց վրայ։ Այս արդէն կը նշանակէ որ սոյն տունը բարգաւաճ տարի մը պիտի վայելէ [17]։

Հիւսէնիկի մէջ, Ս. Սարգիս կը կոչուի աւանին հիւսիսը՝ լեռնաշղթային ամէնէն բարձր գագաթին վրայ գտնուող ժայռային բնական կամուրջը։ Անիկա հաշմանդամ մանուկներ բուժելու յատկութիւն ունի։ Ս. Սարգիսի օրը, մայրեր, իրենց զաւակը առած կը բարձրանան մինչեւ լերան գագաթի այդ կէտը, մոմ կը վառեն կամուրջին վրայ, կը համբուրեն այն փոսիկները, որոնք կը համարուին ըլլալ Ս. Սարգիսի ձիուն պայտին հետքերը, մեթալիկներ կը դնեն ժայռին ծերպերուն մէջ ու կը վերադառնան իրենց տունը [18]։

Խարբերդ քաղաք. կեանքը փողոցին մէջ (Աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բուն Բարեկենդան (բարկենտանք)

Մեծ պահքին նախորդած ժամանակաշրջանն է, որ կը տեւէ ամբողջ շաբաթ մը։ Գիւղերուն մէջ այդ օրերը կը յատկանշուին ուտել-խմելով, խրախճանքներով, ցնծութեամբ, թմբուկով ու զուռնայով, երգով ու պարով։ Դպրոցները փակուած կ՝ըլլան, իսկ գիւղացիք ընդհանրապէս դադրած կ՝ըլլան աշխատելէ։ Այդ շաբաթը տեղի կ՝ունենան նաեւ զանազան խաղեր, ինչպէս ըմբշամարտ (կիւրէշ բռնել), արաբական հարսանիքի բեմականացում, վահանախաղ, գոմէշամարտ։ Գոմէշները ամբողջ տարուան ընթացքին կ՝արժանանան գիւղին խնամքին եւ միայն Բարեկենդանի եւ Զատիկի տօներուն է որ զանոնք դուրս կը հանեն եւ, ամբողջ գիւղին ներկայութեամբ, երկու գոմէշներ իրարու դէմ կը կռուեցնեն։ Գոմէշամարտերու շարքին ամէնէն հանդիսաւորները եւ ժողովրդականութիւն վայելողները տեղի կ՝ունենան Սուրսուր գիւղին մէջ։

Բարեկենդանի զուարճութիւններէն՝ ուղտախաղը («տեւէ օյինի»)։ Գծագրութիւնը՝ Ժիւլիէթ Ինիկոյի կողմէ, Յուշամատեան

Բարեկենդանի զուարճութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ ուղտախաղը (տեւէ-օյինի)։ Այսպէս, երկու թիկնեղ մարդիկ իրենց ուսերուն վրայ բեռցուցած կ՝ըլլան լաթերով ու քուրջերով պատրաստուած ուղտ մը, որու քամակին ալ նստած կ՝ըլլայ ուղտապանը՝ ցնցոտիներ հագած եւ երեսը սեւ ներկած։ Ուղտը կը պտտցնեն գիւղին փողոցներուն մէջ՝ տաւուլ-զուռնայի առաջնորդութեամբ, իսկ ուղտապանն ալ իր կատակներով աւելի կը խանդավառէ ամբողջ գիւղը։ Հետաքրքրական է նաեւ որ հայ եւ քիւրտ խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերու մէջ քիւրտեր եւս մասնակցութիւն կը բերեն Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն։ Այս է պարագան օրինակ Ծովք (Կէօլճիւք) գիւղին, ուր ամէն Բարեկենդանի տեղաբնիկ ու դրացի գիւղերէ քիւրտեր կու գան ու կը մասնակցին այդ տօնի պարերուն, երգերուն ու խաղերուն։

Ինչպէս է ծննդեան Բարեկենդանին, զատկուանին պարագային եւս հիւրընկալութիւններու շարքին կարեւորագոյն տեղը կը տրուի կնքահօր, որ մեծ պատիւներով կ՝ընդունուի իր սաներուն ու սանուհիներուն տունէն ներս։ Խնդութեան ու բերկրանքի այս շաբթուան վերջին օրը Կիրակին է, որ կը կոչուի Բուն Բարեկենդան։ Խարբերդ քաղաքի, Մեզիրէի եւ Հիւսէնիկի մէջ բարեկենդանեան խնդութիւնները աւելի շատ ամփոփուած են սոյն Կիրակի օրուան մէջ։ Հիւսէնիկի մէջ ժողովուրդը կը հաւաքուի կարգ մը տուներու ընդարձակ տանիքներուն վրայ, ուր տեղի կ՝ունենան այլազան խաղեր, երգ ու պար։ Ոմանք ծպտուած կ՝ըլլան. օրինակ բոշայի հագուստներ կը հագուին, ուրիշներ՝ արջի կերպարանքով կը սկսին պարել տաւուլ ու զուռնայի նուագին կշռոյթով։ Հիւսէնիկի մէջ եւս կը կրկնուի ուղտախաղը, այս պարագային քիչ մը տարբեր ձեւով։ Այսպէս, տանիքին վրայ, հասակաւոր ու թիկնեղ տղամարդու մը ուսերուն ուղտի համետ կը դնեն եւ վրան ալ կը բազմեցնեն արաբական տարազով փոքրիկ աղջիկ մը։ Մինչ ուղտը պէտք է պարէ նուագին հնչիւններով, նոյն ժամանակ աղջիկը իլիկ կը մանէ։ Քրտական հարսնիք բեմականացնելը նոյնպէս մաս կը կազմէ այդ օրուան զուարճութիւններուն։ Նշենք նաեւ որ խապուրղան եւ բրինձի իւղոտ փիլաւը Բուն Բարեկենդանի ընթրիքին եփուող աւանդական ճաշերն են [19]։

Մեծ Պահք

Ընդհանրապէս, հինգ տարեկանէն սկսեալ ամէն անձ պէտք է յարգէ պահքը։ Այսինքն 40 օր շարունակ անասնական ամէն արտադրութիւն (միս, իւղ, հաւկիթ, կաթ, մածուն, եւայլն) ուտելէ պէտք է դադրիլ։ Խարբերդի դաշտի գիւղերուն մէջ կարծես սուգի օրեր ըլլան. երգ ու նուագ, ուրախութիւն ու խրախճանք բոլոր կը մարին ու կը սկսին ապաշխարութեան ու աղօթքի երկար շաբաթները։ Գիւղերու մէջ ամէն օր երեքէն չորս անգամ ժամերգութիւն տեղի կ՝ունենայ [20]։

Մեծ Պահքը կը սկսի Երկուշաբթի օր մը, այսինքն Բուն Բարեկենդանին վերջին օրէն – Կիրակի մը – անմիջապէս ետք։ Պահքի առաջին օրը կը կոչուի Մկնտօն, կամ Մտանք տօն, որուն ընթացքին, առտու կանուխ, տան հարսերն ու աղջիկները կը լուան ու կը մաքրեն Բուն Բարեկենդանէն մնացած բոլոր ամանները, տաշտերը, պուտուկները, մինչեւ իսկ թոնիրը՝ անհետացնելով անոնցմէ միսի կամ իւղի ամէն հետք ու հոտ [21]։ Բարջանճի մէջ այս մաքրութիւնը պէտք է կատարուի Երկուշաբթի արդէն չմտած [22]։ Ոմանք, մանաւանդ տարեցները, Միաժում կը բռնեն։ Այսինքն, պահքի շաբաթներուն ընթացքին օրական միայն մէկ անգամ կը ճաշեն։ Այս մէկը կը կատարուի կա՛մ Պահքի եօթ շաբաթներուն ամբողջ տեւողութեան, կա՛մ միայն առաջին ու վերջին շաբաթներուն ընթացքին [23]։ Շահպազեան կը նշէ պահոց օրերու ճաշացուցակը, որուն աւանդաբար կը հետեւին իր գիւղին՝ Դատեմի մէջ.

Դատեմի (Դատըմ) Ուլուհոճեան ընտանիքը, 1910-ին։ Կեդրոնը, նստած, գլխարկով՝ Միսաք Ուլուհոճեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Երկուշաբթի.- Նախաճաշին՝ ծնիկով (շատ մանր ձաւար) ապուր, որուն վրայ կ՝աւելցնեն շուշմայի ձէթ՝ շիրիկ։ Կէսօրուայ ճաշին՝ ցամաք թաթխան կամ սխտոր խաշ։ Թաթխանը, կամ թաթխօնը աղնձուած եւ ծեծուած սիսեռի, աղի, փշրուած տաքդեղի, սեւ փոշի պղպեղի եւ անանուխի խառնուրդն է, որուն մէջ հացը կը թաթխեն ու կ՝ուտեն։ Ընթրիքին՝ խառնակ ապուր (թիւրլի), որուն մէջ կ՝ըլլայ սեխի, կութայի (վարունգի տեսակ մը) եւ դդումի չորցուած կեղեւներ։

Երեքշաբթի.- Նախաճաշին՝ հերիշտէ, զոր կը համեմեն մուխաշարով (աղացուած սեւ սիսեռ) եւ շիրիկով (շուշմայի ձէթ)։ Կէսօրուայ ճաշին եւ ընթրիքին՝ դդումով խոռու։

Չորեքշաբթի.- Նախաճաշին՝ ոսպով ապուր։ Կէսօրուայ ճաշին եւ ընթրիքին՝ թարխանայ։

Հինգշաբթի.- Նախաճաշին՝ շիրիկով փիլաւ։ Կէսօրուայ ճաշին եւ ընթրիքին՝ հատիկ լուպիա։

Ուրբաթ.- Նախաճաշին՝ աղացուած մանր ոսպ եւ ծնիկ։ Կէսօրուայ ճաշին եւ ընթրիքին՝ մարխօթա ապուր։

Շաբաթ.- Նախաճաշին՝ շիրիկով պուլղուր ապուր։ Կէսօրուայ ճաշին՝ ռուպ եւ հացին վրայ քսուած շուշմայի մածուցիկ (թահին)։ Ընթրիքին՝ փերփեր ապուր։

Կիրակի.- Նախաճաշին՝ շիրիկով փիլաւ։ Կէսօրուայ ճաշին եւ ընթրիքին՝ պահոց գնդիկ (քէօֆթէ)։

Այս բոլոր ճաշերուն կ՝ընկերանան նաեւ բազմազան թթուներ, որոնցմէ նշանաւոր է Խարբերդի դաշտը, ինչպէս օրինակ տաքդեղի (պիպեռ, կամ տեղական բարբառով իսոթ), լոլիկի, սմբուկի, կարոսի [24]։

Մեծ Պահքի չորրորդ շաբթուան Չորեքշաբթին Միջինքն է, որ կը համապատասխանէ ծոմապահութեան այս եօթ շաբաթներուն մօտաւորապէս կէսին։ Այդ օր ամէն տան մէջ կը պատրաստուի Միջինքի միջով գնդիկ (քէօֆթէ), որ կ՝ըլլայ նաեւ կէսօրուայ ճաշը։

Ծոմապահութեան այս 40 օրերուն ընթացքին է նաեւ, որ տան երդիքէն (ըստ Վահէ Հայկի՝ մառանին առաստաղէն) կախուած կ՝ըլլայ մեծ սոխ մը, որուն վրայ կը մեխեն կարմիր աքլորի եօթ փետուրներ։ Ամէն անգամ որ Պահքի շաբաթ մը թաւալի, փետուրներէն մէկը կը քաշեն ու կը հանեն [25]։

Պահքի շաբաթներուն առաստաղէն կախուող սոխը իր եօթ փետուրներով։ Գծագրութիւնը՝ Խուան Մանուէլ Մորենոյի կողմէ, Յուշամատեան։

Ծաղկազարդ (Զարդազար)

Մեծ Պահքի վերջին կիրակին։ Խարբերդի դաշտին մէջ անոր կու տան նաեւ Զարդազար անունը։ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակը տօնելու օրն է, գարունը դիմաւորելու ուրախ պահն է, երբ բնութիւնը արդէն իսկ կանաչապատ կ՝ըլլայ։ Խարբերդ քաղաքին մէջ մարդիկ ուռիի ճիւղերէն սուլիչներ կը շինեն եւ այդ կիրակին փողոցներն ու տուները սուլոցի եւ ուրախութեան աղմուկով կը լեցնեն։ Հաւատացեալները եկեղեցիէն տուն կը դառնան կանաչ տերեւներով [26]։ Դատեմ գիւղին մէջ, Ծաղկազարդի օրը, առտուայ ժամերէն իսկ, եկեղեցւոյ սեղանը զարդարուած կ՝ըլլայ այգիներէն ու պարտէզներէն բերուած նուշի, ծիրանի, բալի եւ սալորի ծաղկած ճիւղերով։ Իսկ այս ամէնը շրջապատուած կ՝ըլլան վառ մոմերով։ Երկեկոյեան ժողովուրդը կրկին կը հաւաքուի եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի կ՝ունենայ «Դռնբացէք»ի արարողութիւնը։ Այսպէս, քահանան, տաշտ մը իր առջեւը դրած, մուրճի երեք հարուած կու տայ անոր ու դողդոջուն ձայնով մը կ՝երգէ «Բաց մեզ, Տէ՛ր, զդուռն ողորմութեան»ը։ Նոյն ժամանակ ժողովուրդը կը սկսի արտասուիլ ու կուրծքերը ծեծել [27]։

Ծաղկազարդի օրը եկեղեցին զարդարուած կ՚ըլլայ նուշի, ծիրանի, բալի եւ սալորի ծաղկած ճիւղերով։ Գծագրութիւնը՝ Յուշամատեանի կողմէ։

Աւագ Հինգշաբթի

Խարբերդի դաշտին գիւղերուն մէջ կէսօրին եկեղեցւոյ զանգակը կը հնչէ ու ամբողջ ժողովուրդը գործելէ կը դադրի։ Բոլորը կ՝ուղղուին եկեղեցի, ուր խորանին առջեւ կազմուած կ՝ըլլայ Յիսուսի գերեզմանը եւ տեղի կ՝ունենայ նաեւ Ոտնլուայի արարողութիւնը։ Տանտիկինները իրենց հետ կը տանին նաեւ կարագ եւ իւղ։ Մեծ տաշտի մը մէջ լեցուած կ՝ըլլայ ջուր եւ անոր կողքին՝ մեծ ամանի մը մէջ, տուներէն բերուած կարագն ու իւղը։ Դպիրները կ՝երգեն, իսկ քահանան շապիկ հագած տասներկու դպիրներու ոտքերը կը լուայ ու օրհնուած իւղ կը դնէ անոնց վրայ։ Ապա կարգը կու գայ ժողովուրդին. մէկ առ մէկ հաւատացեալները կը մօտենան քահանային, որ անոնց աջ ձեռքերուն մէջ իւղ կը դնէ, իսկ իրենք ալ իւղը կը քսեն իրենց ճակատին, աչքերուն եւ ձեռքերուն։ Համոզուած են որ այդ օրուայ օրհնուած իւղն ու կարագը հականեխիչ յատկութիւն ունի։ Նոյն իւղէն կը քսեն նաեւ իրենց ընտանի անասուններուն ճակատին ու եղջիւրներուն [28]։ Դատեմ եւ Բազմաշէն գիւղերուն մէջ սովորութիւն է որ այդ օրը երիտասարդ հարսեր ու աղջիկներ կար ընեն, ձեռագործ գործեն, բան մը որ փոխաբերաբար կը նշանակէ Յիսուսը ուրացած Յուդան պատժել՝ անոր աչքերը կարելով [29]։

Աւագ հինգշաբթիի գիշերը Խաւարում է։ Առտուան ժամը երկուքին եկեղեցւոյ զանգակը կը հնչէ։ Խորանը վարագոյրով փակուած է, իսկ առջեւն ալ զետեղուած է Քրիստոսի մարմինը՝ թագով ու սաղաւարտով։ Եկեղեցւոյ բոլոր ճրագները մարած կ՝ըլլան եւ առտուայ այդ կանուխ ժամերուն, իսկական խաւար կը տիրէ սրահէն ներս։ Տեղի կ՝ունենան ժամեր տեւող երգեցողութիւն ու Աւետարանի ընթերցում [30]։

Աւագ Ուրբաթ

Դարձեալ տեղի կ՝ունենայ ժամերգութիւն։ Տասներկու մեծ մոմեր – որոնցմէ մէկը սեւ ներկուած է - դրուած կ՝ըլլան սեղանին վրայ։ Երբ կը սկսի երգուիլ «Ի Տէր յերկնից» շարականը, սեւ մոմը դուրս կը հանուի ու կը թագցուի։ Անիկա խորհրդանիշն է Յուդայի բացակայութեան [31]։

Բազմաշէն (Պիզմիշին, Սարըչուպուք) գիւղէն հայ ընտանիքի մը անդամներ լուսանկարուած Մեզիրէի (Մամուրէթիւլ-ազիզ) մէջ, 1907-ին։ Ձախէն աջ՝ Պահար Մալխասեան (ծնեալ Սահակեան), Սահակ (Պահարի եղբօրորդին), Զարուհի Մալխասեան (հետագային Մուրատեան)՝ Պահարի աղջիկը (Աղբիւր՝ Քրէկ Ուոլլընի հաւաքածոյ)

Աւագ Շաբաթ

Հաւկթախաղի (հաւկիթ ծեծուըցնել) պատրաստութիւնները կը տեսնուին։ Այդ օրը, ինչպէս նաեւ նախորդած երկու օրերուն հաւկիթները կարմիր կը ներկուին՝ զանոնք տորոնի (rubia tinctorum) արմատին եւ սոխի կեղեւին հետ խաշելով։ Բոլոր տուներուն մէջ առատօրէն կը պատրաստուի նաեւ թան, քանի որ այդ օրը սովորութիւն է, որ պատանի տղաք ու աղջիկներ տունէ-տուն պտտին ու կուժերով թան բաժնեն կթան անասուններ չունեցողներուն կամ աղքատներուն։ Բոլոր աշխատանքները դադրած են։ Աւագ Շաբթուան օրն է նաեւ որ ամուսնացած հարսեր իրենց ծնողներուն այցելութեան կ՝երթան։ Կէսօրէ ետք եկեղեցիին զանգակը կը հնչէ՝ ժողովուրդը Զատիկի Ճրագալոյցի արարողութեան հրաւիրելու համար։ Խորանին վարագոյրը կը բացուի ու քահանան կը պատարագէ ոսկեայ սաղաւարտը գլխուն։ Ապա կարգը կու գայ Դանիէլի գիրքէն ընթերցումին։ Այս պարագային եւս սոյն արարողութիւնը աճուրդի կը դրուի եւ ամէնէն մեծ նուիրատուութիւն ընողին միայն պատիւ կը շնորհուի այս ընթերցումը կատարելու։ Ընդհանրապէս կարդացողը կ՝ըլլայ նուիրատուին դպրոցական զաւակը։ Կէսօրէն ետք ժամը երեքի մօտ ժամերգութիւնը կ՝աւարտի, ժողովուրդը կ՝ուղղուի տուն, ուր տեղի կ՝ունենայ Խթումը։ Իսկ պատանիներ ու երիտասարդներ կը հաւաքուին գիւղին հրապարակը, ուր ծայր կ՝առնէ հաւկթամարտը։ Այս մէկը կը շարունակուի յաջորդ երկու կամ երեք օրերուն ալ։ Բազմաշէնի մէջ երեկոյեան, արեւը մար մտնելէ առաջ, օրիորդներ ու հարսեր կ՝այցելեն մօտակայ Խաչքար եւ Ս. Զաքարիա կոչուող ուխտավայրերը, ուր մոմ կը վառեն, իսկ ուրիշներ ալ աղաւնի կամ աքլոր մատաղ կ՝ընեն [32]։

Զատիկ

Խուլագիւղի (Հուլվենք/Շահինքայա) գերեզմաննոցին մէջ՝ Մեռելոցի օր մը (Վահէ Հայկ, op. cit.)

Առտու կանուխ ծայր կ՝առնէ ժամերգութիւնը, որմէ ետք ամբողջ Խարբերդի դաշտին հայերուն մօտ կը տիրէ տօնական ուրախ ու զուարթ մթնոլորտ մը։ Բարջանճի մէջ տեղի կ՝ունենան գոմէշամարտեր (գոմէշ կռուըցնել)։ Բազմաշէնի մէջ աւանդութիւն է, որ ամբողջ գիւղացիութիւնը եկեղեցիէն վերջ ուղղուի գիւղին մօտակայ Խաչքար կոչուող ուխտավայրը, որ մօտ չորս մեթրանոց ճերմակ ժայռ մըն է՝ վրան խաչ մը քանդակուած. հոս տեղի կ՝ունենան ըմբշամարտի մրցումներ, կը կազմակերպուին խաղեր, ժողովուրդը կը պարէ ու կ՝երգէ։ Հիւսէնիկի մէջ, Կիրակի կէսօրէն ետք, ինչպէս նաեւ յաջորդ երկու օրերուն ընթացքին, ամբողջ բնակչութիւնը զբօսանքի վայրի կը վերածէ գերեզմանատունը։ Հիւսէնիկցիները այս երեք օրերուն է որ հաւկթամարտ կ՝ընեն։

Զատկուայ Կիրակիին յաջորդ օրը Մեռելոց է։ Առտուայ ժամերգութենէն ետք, Խարբերդի դաշտի հայերը կ՝այցելեն իրենց գերեզմանները՝ հետերնին տանելով ուտելու առատ պաշար, գինի եւ օղի։ Բազմաշէն գիւղին պարագային գիտենք որ Մեռելոցի Երկուշաբթին, ժամերգութենէն ետք, գիւղացիները նախ կ՝ուղղուին Խաչքար կոչուող վայրը, ուր տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէ մինչեւ կէսօր։ Անկէ ետք միայն գլխաւորաբար կիներն ու տարեցները կ՝այցելեն գիւղին գերեզմանատունը [33]։

Ս. Պարսամ

Զատիկի Կիրակիին յաջորդող առաջին Հինգշաբթին։ Խարբերդի դաշտին մէջ անոր կը տրուի նաեւ Մօրենիկի օր անունը, նկատի ունենալով որ Ս. Պարսամ կը կոչուի սոյն գիւղին եկեղեցին։ Սոյն Հինգշաբթիէն արդէն իսկ մէկ երկու օր առաջ ուխտաւորներու խումբերը այլազան գիւղերէ ու քաղաքներէ ճամբայ կ՝ելլեն դէպի Մօրենիկ (Չաթալչեշմէ) գիւղը։ Անոնց շարքին են հայեր, քիւրտեր եւ թուրքեր, որոնք միասնաբար կը տօնեն Ս. Պարսամը։ Ոմանք կը գիշերեն եկեղեցւոյ վերնատունը, իսկ ուրիշներ մօրենիկցի բարեկամներու մօտ։ Հինգշաբթի օրը հայերը նախ կը լսեն ժամերգութիւնը։ Կէսօրուայ ժամերուն Մօրենիկի այգիները, պարտէզներն ու մարգագետինները լեցուած կ՝ըլլան հազարաւոր ուխտաւորներով, որոնք կերուխումին կողքին, կը կազմակերպեն նաեւ զանազան խաղեր, ինչպէս ձիարշաւ, գօտեմարտ, թմբկահարութիւն, հաւկթախաղ։ Նոյն օրը զանազան կողմերէ կու գան նաեւ մանրավաճառներ, որոնք այս վայրերուն մէջ կը հաստատեն իրենց կրպակները՝ այս ձեւով Ս. Պարսամի տօնին տալով մեծ տօնավաճառի մը մթնոլորտը [34]։

Զուռնա ու տհոլ նուագողներ (Աղբիւր՝ Henry J. Van-Lennep, Bible lands. Their modern customs and manners, part II, London, 1875)

Ս. Նշան

Զատիկի Կիրակիին յաջորդող Կիրակին, կամ Կարմիր Կիրակին։ Խարբերդի դաշտին մէջ անիկա կը համարուի նաեւ Եղեգիի օր, նկատի ունենալով որ այդ անունով կը կոչուի սոյն գիւղի եկեղեցին։ Շրջակայ գիւղերու ժողովուրդը ուխտի կու գայ այստեղ։ Ժամերգութենէն ետք, անոնք կ՝ուղղուին Ս. Յովհաննէս կոչուող մօտակայ լճակը։ Այստեղ կայ փոքր քարայր մը, որ կը կարծուի ըլլալ նախկին ճգնարան մը։ Ուխտաւորներ մոմ կը վառեն, ապա լճակին շուրջ գտնուող ուռենիներուն տակ կը հանգստանան, կ՝ուտեն ու կը խմեն։ Մօրենիկի Ս. Պարսամին տօնին օրինակով, Ս. Նշանի օրը դարձեալ ամբողջ ուխտատեղին կը վերածուի մեծ տօնավաճառի մը, նկատի ունենալով որ Եղեգին լեցուած կ՝ըլլայ ամէն կողմէ եկած մանրավաճառներէ [35]։

Խարբերդ քաղաքի Կեդրոնական վարժարանի աշակերտներուն դաշտնագնացութիւնը Խուլավանքի ու անոր պատմական գերեզմանատան մէջ։ Վայրը կը գտնուի Խուլագիւղէն (Հիւլվենք/Շահինքայա) արեւելք, քանի մը վայկեան հեռաւորութեան վրայ (Վահէ Հայկ, op. cit.)

Վարդավառ

Առտու կանուխ, հարսեր ու աղջիկներ հորերէ ու աղբիւրներէ կուժերով ջուր կը կրեն ու կը բերեն իրենց տուները։ Գիւղերու մէջ տան բոլոր բաժինները այս ջուրով կը լուան, ջուր կը հոսեցնեն նաեւ հայաբնակ թաղամասերու փողոցներուն մէջ։ Ի վերջոյ Վարդավառը նշանաւոր է նաեւ իրարու վրայ ջուր սրսկելով։ Այս տօնին առիթով ժողովուրդը կը թռցնէ նաեւ աղաւնիներ եւ զանազան խաղեր կը կազմակերպեն։ Խարբերդի դաշտին մէջ Վարդավառի տօնին գլխաւոր ժամադրավայր կը համարուի Խուլագիւղի (Հուլվենք/Շահինքայա) վանքը, որ ծանօթ է նաեւ Խուլավանք, Ղուլէի վանք, Ս. Գէորգ, կամ Մովսիսավանք անուններով։ Խարբերդ քաղաքէն, Մեզիրէէն, Հիւսէնիկէն ու զանազան գիւղերէ ուխտաւորներ ուտելիքի ծրարներ շալկած, կ՝ուղղուին դէպի այս վանքը, ուր մինչեւ երեկոյ ուտելով, խմելով, երգելով ու պարելով հաճելի ժամանակ կ՝անցնեն։ Ուրիշներ, ձի կամ էշ ունեցողներ, Շաբաթ օրուընէ իսկ ճամբայ կ՝ելլեն աւելի հեռու՝ Իչմէ եւ Զարդարիչ (Տեյիրմենէօնիւ) գիւղերուն մօտակայ Զարդարիչի վանքը, որ կը գտնուի Մաստառ լերան ստորոտը։ Վանքը կը կրէ ասորի սուրբի մը անունը՝ Ապտուլ Մեսիհ, կամ Ս. Մերկերիոս։ Շրջակայ այլ գիւղերէ նոյնպէս ուխտաւորներ կը ժամանեն այստեղ [36]։

Տնային գործածութեան կաւաշէն իրեր (Աղբիւր՝ Henry J. Van-Lennep, Bible lands. Their modern customs and manners, part II, London, 1875)

Համբարձում (Վիճակ, Վճկի տօն)

Այս տօնը տեղի կ՝ունենայ Մայիս ամսուն՝ Հինգշաբթի օր մը։ 10-15 տարեկան աղջիկներ գոյնզգոյն հագուստներով խումբ-խումբ կը հաւաքուին այգիներուն մէջ, թութի եւ ուռենիներու շուքին տակ, մարգագետիններու կամ տուներու տանիքներուն վրայ։ Այստեղ հաւաքաբար կը պատրաստեն կերակուրներ ու անուշեղէններ [37]։ Նոյն ժամանակ, նոյն խումբերէն զտուած կ՝ըլլան եօթ աղջիկներ, որոնք պարտէզները կ՝երթան եւ եօթ տեսակ ծաղիկներու փունջեր կազմած կը վերադառնան։ Վերջապէս, ուրիշ խումբեր ալ գիւղին եօթ տարբեր աղբիւրներէն լեցուած կուժով ջուր կը բերեն։ Մէյ մը որ իւրաքանչիւր խումբի աղջիկները կը համախմբուին, ծայր կ՝առնէ կերուխումը, ապա՝ պարն ու երգը [38]։

Բազմաշէնի մէջ աղջիկները դարձեալ խումբեր կազմած նորահարսի դիմակներ կը պատրաստեն ու կը զարդարեն զայն։ Դիմակը ապա կը հագուի մէջէրնէն երիցագոյնը, որ այս ծպտումին տակ անճանաչելի կ՝ըլլայ։ Նոյն գիւղին մէջ այս խումբերը պարելով ու երգելով, տափով ու ծնծղայով կ՝ուղղուին Խաչքար կոչուող վայրը, ուր կը մնան մինչեւ յետմիջօրէի առաջին ժամերը։ Ապա կը վերադառնան գիւղ, ուր դարձեալ խումբեր կազմած կը խմբուին տուներու մէջ՝ այս անգամ հաւաքաբար ճաշեր պատրաստելու եւ ուտելու համար, ինչպէս նաեւ՝ կրկին երգելու ու պարելու։

Ահաւասիկ նմուշ մը Բազմաշէնի մէջ Համբարձումի առիթով երգուող երգերէն.

Աղջիկ քու պօյըդ էր երկան
Նայնմ նա աղա եար,
Դուն չես վայլեր այդ էրկակն
Եար, եար։

Անի ձգէ իս սիրէ
Նայնմ նանա աղա եար,
Որ ըլլամ պօյիդ ղուրպան
Եար, եար։

Կայներ ես պատին տակը
Նայնմ նա աղա եար,
Դրուած էր մատնուտ ակը
Եար, եար։

Այդ իմ նախշած գտակս է
Նայնմ նանա աղա եար,
Զարկած ես ֆէսիդ տակը
Եար, եար [39]:

Մանուկ Ծերօն իր կարգին կը յիշէ երգ մը, զոր աղջիկներ հաւաքաբար կ՝երգեն Համբարձումի օրը.

Ալվա էկան գարնան օրերը, կուլում եար,
Առնիմ սիրած եարս էլլըմ սարերը, կուլում եար.
Սարեր քարեր ի վար էշնըմ ձորերը, կուլում եար,
Ձորէն խորէն էլլըմ կանանչ դորերը, կուլում եար, ճիւան եար։

Ուրիշ մը.

Աղկեկ իմ աղն ի՞նչ ինիմ, կուլում եար,
Կլոր իմ մաղն ի՞նչ ինիմ, կուլում եար.
Էլլըմ տեներն ի՞նչ ինիմ, կուլում եար,
Հոն տեսնալիք եար չունիմ, կուլում եար, կուլում եար [40]։

Պարի վերջաւորութեան կը սկսի վիճակը։ Այսպէս, եօթ տարբեր ծաղիկները նախ կը նետեն եօթ տարբեր աղբիւրներու ջուրէն կազմուած կաւէ մեծ ամանի մը մէջ։ Ապա նոյն ամանին մէջ կը նետեն զանազան փոքր չափի անձնական առարկաներ, ինչպէս մատանի, օղ, մատնոց, կոճակ, եւայլն։ Խումբին աղջիկներէն կ՝ընտրուի վիճակահան մը, որուն աչքերը կը կապեն ու ան եօթը յաջորդական անգամներ ձեռքը կը դնէ ամանին մէջ եւ այնտեղէն առարկայ մը դուրս կը քաշէ։ Առաջին առարկան հանելու ժամանակ ան կ՝արտասանէ հետեւեալը.

Տեներն էլլալս կու գայ,
Դարվար նայիլս կու գայ,
Էլին տղան իմ ի՞նչս է,
Գրկել պառկիլս կու գայ։

Զտուած առաջին առարկային տէրը ամէնէն բախտաւորը կը համարուի եւ անոր մուրազը կը կարծուի թէ անպայման կ՝իրականանայ։ Երկրորդ առարկան որ դուրս կը հանուի, վիճակահան աղջիկը կ՝արտասանէ.

Վարէն կու գան ջութ մը ֆիտան,
Հէլպէթ մէկը ինծի կու տան,
Առնիմ էլլեմ վերի օտան,
Պառկեցնեմ եաթղիս օրթան։

Երրորդ առարկային՝

Ուսկո՞ւ կու գաս։ Վերի Վանայ,
Աստուած մըզի դուռ մի բանայ։
Ես դիւանա, դուն դիւանա,
Էս դարդերուն վո՞վ դիմանայ։

Չորրորդ վիճակին՝

Ուսկո՞ւ կու գաս յուշիկ-մուշիկ,
Ոտքդ դրուէր մանտր կօշիկ։
Շատ աղէկ ես, պագդ՝ անուշիկ,
Սեւ-սեւ աչքեր, բերան նուշիկ։

Ուսկո՞ւ կու գաս. Վերի էգուն,
Պաչիկ մի տուր պապուտ հոգուն,
Գիշերէն վերջ այգուն-այգուն,
Չեմ խմշիր ալ ես քու հոգուն։

Յաջորդ վիճակներուն տէրերը աստիճանաբար նուազ յոյս կ՝ունենան իրենց երազները իրականացած տեսնելու [41]։

Ս. Աստուածածին

Ծովք (Կէօլճիւք) լիճը եւ կղզիին վրայ կառուցուած Ս. Նշանի վանքի աւերակները։ Սոյն վայրը, Ս. Աստուածածինի օրը, Խարբերդի դաշտին մէջ յայտնի ուխտավայր մըն է (Վահէ Հայկ, op. cit.)

Ուխտագնացութեան մեծապէս ժողովրդական թուական մըն է։ Սոյն օրը Խարբերդի ու Տիարպեքիրի զանազան գիւղերէն ու քաղաքներէն ուխտաւորներ կը հաւաքուին Ծովք լիճի (Կէօլճուք) Ս. Նշան վանքը։ Անիկա նոյնանուն գիւղին մօտակայ եւ աւերակներու մէջ գտնուող սրբավայր մըն է, որ կը գտնուի կղզեակի մը վրայ։ Ուխտաւորներուն թիւը յաճախ կը հասնի հինգէն վեց հազարի։ Երեք օրերու վրայ պար, երգ, հրացանաձգութիւն, մատաղ ու բազմազան խաղեր կը կերպարանափոխեն այս փոքրիկ գիւղին ու շրջակայ բնութեան պատկերը [42]։

Աստուածածնի օրը ուխտագնացութիւն կը կատարուի նաեւ Մաստառ լերան ստորոտին գտնուող Զարդարիչի վանքը։

Ս. Մամաս

Սեպտեմբերին տեղի ունեցող այս սուրբին անուանակոչութիւնը մեծ շուքով կը կատարուի յատկապէս Քէսիրիկ գիւղին մէջ, որուն մօտակայ կը գտնուի նոյն սուրբին անունը կրող վանք մը։ Այս առիթով ուխտագնացութիւն կը կատարուի այլազան գիւղերէ [43]։

Խարբերդի շրջան, 1914. հայկական միսիոնին մէջ աշխատողներ եւ բարեկամներ դաշտահանդէսի մը ընթացքին (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպզոնի հաւաքածոյ)

  • [1] Մանեակի ձեւով փափուկ հաց մը, զոր կը պատրաստեն իւղով եւ ռուպով:
  • [2] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959, էջ 687-688, 919։ Ապտալ Գոլէճ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1930, էջ 70։ Յակոբ Ղարիպ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը մեր եւ սիրոյ արիւնոտ ածուներ, Ֆրանսա, 1967, էջ 95։ Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938,, էջ 120։ Կ.Յ. Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965, էջ 124:
  • [3] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 96-97:
  • [4] Ծերօն, Բարջանճ..., էջ 120-121։ Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 68-70։ Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 97-98:
  • [5] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 72:
  • [6] Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963, էջ 60։ Khosrov Vartanian, History of Pazmashen, անգլերէն թարգմանութիւն, անտիպ (հայերէն բնատիպը լոյս տեսած 1930ին, Newton Falls), էջ 9:
  • [7] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 93-94:
  • [8] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 72-73:
  • [9] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 100-102:
  • [10] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 72-74:
  • [11] Նոյն, էջ 74-75:
  • [12] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 103:
  • [13] Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 688:
  • [14] Նոյն:
  • [15] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 104։ Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 78-79։ Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 121։ Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 774:
  • [16] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 78-79։ Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 104։ Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 122:
  • [17] Նոյն, էջ 124-125:
  • [18] Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 134-135:
  • [19] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 106։ Գուրգէն Մխիթարեան, Մեր գիւղը Դատեմ (հին եւ նոր ժամանակներուն), տպ. «Հայրենիք», Պոստոն, 1958, էջ 113-116։ Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 157-158։ Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 127։ Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 773, 950:
  • [20] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 107։ Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 77-78:
  • [21] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 107։ Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 127-128:
  • [22] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 122:
  • [23] Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 689:
  • [24] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 107-108:
  • [25] Նոյն, էջ 107։ Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 689, 919։ Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 122։ Հապուսի գիւղին..., էջ 62:
  • [26] Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 689:
  • [27] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 110:
  • [28] Նոյն, էջ 111։ Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 84:
  • [29] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 109։ Vartanian, History of Pazmashen..., էջ 9-10:
  • [30] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 84-85:
  • [31] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 111:
  • [32] Նոյն, էջ 114-115։ Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 86-87։ Հապուսի գիւղին, էջ 63:
  • [33] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 88-91։ Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 115։ Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 128։ Vartanian, History of Pazmashen..., էջ 27-28:
  • [34] Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 129։ Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 904-905:
  • [35] Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 130։ Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 905:
  • [36] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 123։ Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 582-583, 687, 865, 890։ Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 130-131:
  • [37] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 122:
  • [38] Շահպազեան, Թանգարան…, էջ 116-117:
  • [39] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 106-107:
  • [40] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 123:
  • [41] Նոյն, էջ 123:
  • [42] Վահէ Հայկ, Խարբերդ…, էջ 586-587, 768, 774:
  • [43] Նոյն, էջ 588: