Խարբերդի հարսանեկան տարազ՝ բնորդի կողմէ հագուած (Լուսանկար՝ Մովսէս Հրայրի)

Խարբերդ – Կրօնական բարքեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 01/9/12 (վերջին փոփոխութիւն՝ 01/9/12)

Խօսկապ (խօսքկապ)

Խօսկապը կրնայ կատարուիլ երբ աղջիկն ու տղան տակաւին օրօրոցին ծառայող նորածիններ են։ Ասոր կու տան պէշիք-քերթմէ (beşik kertme) անունը եւ կը կատարուի երկու բարեկամ կամ դրացի ընտանիքներու միջեւ։

Ամուսնութիւն նախաձեռնողը միշտ տղուն կողմն է։ Ծնողները կամ կնքահայրը հարսնցու ճարելու գործը իրենց վրայ կ՚առնեն։ Աւելի ճիշդ է ըսել, որ նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ միշտ կիներն են հիմնական դերակատարները։ Իրենք է որ ամուսնութեան գետինը կը պատրաստեն, ապա, աւելի խորհրդանշական մանրամասնութիւնները բաժին կը ձգեն տղամարդոց։ Այսպէս, երբ երիտասարդ մը «աչք ունենայ» աղջկայ մը վրայ, անոր հետ ամուսնանալու փափաքը առաջին հերթին ընդհանրապէս կը յայտնէ մօրը։ Այս ալ իր կարգին լուրը կը հաղորդէ ամուսինին եւ անոր հաւանութիւնն ալ առնելէ ետք, սովորութիւն է որ թեկնածուին տունը ուղարկուի միջնորդ կին մը, որ ընդհանրապէս բարի ու սիրուած մէկն է։ Միջնորդը կը հանդիպի աղջկան մօրը։ Երբ մայրը համամիտ է, այն ժամանակ գործը կ՚անցնի տղամարդոց եւ այս պարագային աւելի շատ աղջկան ու տղուն կնքահայրերուն ձեռքը։ Թատերական նոր արարի մը նման կը բացուի նոր տեսարան մը. այս անգամ երկու կնքահայրերը, հետերնին առնելով բարեկամ մը, այցելութեան կու գան աղջկան տունը։ Մանուկ Ծերօն, որ հեղինակն է Խարբերդի դաշտի Բարջանճ (ներկայիս Աքչաքիրազ) գիւղին մասին գիրքին, կնքահայրերու այցելութեան այս նիւթով հետեւեալ կիսաբարբառային խօսակցութիւնը կը վերակենդանացնէ։ Տղուն կնքահայրը ամուսնութեան նիւթը առաջինը բացողն է։ Խօսքը կ՚ուղղէ աղջկան հօր.

Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ) քաղաքին ընդհանուր համայնապատկերը (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

-Կարամու, մենք եկեր ենք Աստուծոյ հրամանովը Լուսիկը մեր Գօգոյին ուզելու, ասոր ի՞նչ կ՚ըսես։

-Բարի էք եկեր, հազար բարի, գլխուս, երեսիս վրայ տեղ ունիք։ Քանի որ մեր ընքապապին (կնքահայր) հետ եկեր էք, Ասուած օր կամեցեր է, ես ի՞նչ կրնամ ըսել։ Կնիկ, Լուսիկին հարցուցե՞ր ես, իր կամքո՞վն է, կ՚ըսէ հայրը։

-Մըյա՜, արի՛մարդ, ատ ի՞նչ խօսք է, ընքապապն ու դուն օր արմար կը դատէք նը, աղջիկը ո՞վ որ ձեր խօսքէն դուրս ելլէ, կ՚ըսէ մայրը։

-Քընի որ ատցեխ է, ես ըլ ըսելիք չունիմ, Ասուած խերլի (շնորհաւոր) ընէ, դիտել կու տայ հայրը [1]։

Այնուհետեւ տղուն կնքահայրը 5-10 խազի (gazi, մետաղադրամ, որ կը համապատասխանէ 20 ղուրուշի) կը դնէ մօրը ափին մէջ եւ այս ձեւով խօսկապը կը կատարուի։ Յետոյ ներս կը մտնէ աղջիկը, որ կը սկսի հիւրերուն ձեռքը համբուրել, սեղան կը դրուի, խրախճանք տեղի կ՚ունենայ ու նշանտուքի օր կը ճշդուի [2]։ Ըստ Դատեմի գիրքի հեղինակ Յակոբ Շահպազեանի, երկու ընտանիքները նախապէս համաձայնութեան մը կու գան աղջիկը հարս առնելու նպատակով տղուն կողմին վճարելիք գինին շուրջ եւ միայն յետոյ խօսկապը տեղի կ՚ունենայ [3]:

Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ), 1904։ Նստած, ձախէն աջ՝ Տիրուհի Խանիկեան (ծնեալ Թէմպէքիճեան, Վերոնիքայի դուստրը), Վերոնիքա Թէմպէքիճեան (ծնեալ՝ Միսաքեան), փոքրիկը՝ Նուպար Խանիկեան, Աւետիս Խանիկեանի մայրը (անունը անծանօթ), Գայեանէ Թէմպէքիճեան (ծնեալ Ֆապրիքաթորեան)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Աւետիս Խանիկեան (փոքրիկ Նուպարին հայրը), Մառանիկ Թէմպէքիճեան (Վերոնիքայի դուստրը), Խոսրով Թէմպէքիճեան (Վերոնիքայի տղան) (Աղբիւր՝ Յասմիկ Խանիկեանի հաւաքածոյ)

Նշանտուք

Երեկոյ մը, տղուն հայրն ու մայրը, պատուիրակութիւն մը կազմած, այցելութեան կ՚երթան աղջկան տունը։ Այցելուներուն շարքին են կնքահայրը, քահանան, ժամկոչը, քանի մը ազգականներ եւ բարեկամներ։ Տան մէջ, բացի աղջկան ընտանիքէն, կան նաեւ հարսնցուին կնքահայրը, ազգականներ եւ բարեկամներ։ Այս առիթով պատրաստ է խրախճանքի սեղան մը, որուն գլուխը կ՚անցնի քահանան։ Կերուխումը ծայր կ՚առնէ։ Տէր հօր առջեւ կը դնեն տղուն կողմին բերած Նշանի ծրարը, զոր կը խաչակնքէ ու կը բանայ։ Անոր մէջ կան զոյգ մը օղ, մատանի մը եւ խազիներու խաթար (ոսկեայ զարդադրամներու շարոց) մը։ Ասոնց վրայ կ՚աւելնան նշանտուքի հիւրերուն բերած խազիները եւ րուպիաները (rubiye, օսմանեան քառորդ ոսկի արժող ոսկեայ մետաղադրամ)։ Յետոյ տանտիկինը կը բերէ իր աղջկան կողմէ ասեղնագործուած թաշկինակ մը կամ քսակ մը, որուն մէջ դրուած է խորհրդանշական կարմիր խնձորը։ Այս պտուղը կը համարուի յուռութ մը՝ աղջկան եւ տղուն միութիւնը հաճոյալի դարձնելու եւ մանչ զաւակի մը ծնունդ տալու նպատակով։ Առագաստի գիշերը, այս խնձորը տղան կը կիսէ եւ երկու բաժինները ինքն ու հարսը կ՚ուտեն։ Խնձորէն զատ, աղջկան մայրը սեղանի վրայ կը դնէ նաեւ գեղջկական գտակ մը եւ մետաքսեայ փուշի մը (գլուխ ծածկելու ծառայող մետաքսեայ հիւսուածք)։ Քահանան այս բոլորը մէկ առ մէկ կ՚օրհնէ ու նշանտուքը կատարուած կը համարուի։ - Նշենք որ հայ բողոքականներուն մօտ, սովորութիւն է որ բացի Նշանի այս առարկաներէն, տղուն կողմը աւելցնէ նաեւ ոսկեզօծ Աստուածաշունչ մը եւ կրօնական երգարան մը –։ Մայրը կը շարունակէ նուէրներուն բաշխումը։ Ան կը բերէ հարսնցուին կողմէ գործուած մէկական խալաթ (երկայն ու լայն կապայ, զոր կը հագնին տան մէջ), քսակ, գտակ եւ գուլպայ, որոնք կը նուիրէ Տէր հօր, տղուն կնքահօր եւ տղուն եղբայրներուն։ Աղջկան կնքահայրը տղուն կողմէն կը ստանայ նոյնպէս խալաթ, չուխա սաքօ (վերարկու) կամ ծրար մը չիթարա (çıtarı, մետաքսի եւ բամպակի խառնուրդ հիւսուածեղէն)։ Տղուն կողմը նոյնպէս կը վարձատրէ քահանան եւ ժամկոչը՝ անոնց տալով մետաղեայ մեճիտիէ (20 ղուրուշ) մը կամ պէշլիք (5 ղուրուշ) մը։

1. Մօրենիկ (ներկայիս Չաթալչեշմէ) գիւղէն հայ ընտանիք մը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)
2. Խոխ (Քավաքթեփէ/Տետէյոլու) գիւղէն Յովակիմ Պաղտասարեանն ու իր ընտանիքը (ծանօթ «Փրոտ» Յովակիմ անունով) ընտանիքը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)
3. Խոխ գիւղէն Կուրղօ Կուրղօեանն (ջաղացպան) ու իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Այս բոլոր արարողութիւններէն ետք սեղան կը դրուի օրուան ճաշը, որ ընդհանրապէս կ՚ըլլայ թոնիրի մէջ խորոված ոչխարի խապուրղա։ Զայն կ՚ուտեն գինիի ընկերակցութեամբ։ Ամբողջ նշանտուքին ընթացքին յաճախ կը լսուին շնորհակալութեան արտայայտութիւններ ու բարի մաղթանքներ, որոնցմէ ոմանք ուղղուած են կնքահայրերուն, իբրեւ գլխաւոր դերակատարները աղջիկ-տղայ միութեան գործին. «օրշնեայ տէր», «առողջութիւն», «անուշ», «ընքապապ, վարձքդ կատար», «Տէր Յիսուս, տղան-աղջիկ իրենց մուրազին հասցնէ» [4]։

Շահպազեանի նկարագրածին համեմատ, նշանտուքի երեկոն քահանան խօսեցեալներուն մատներուն կ՚անցնէ զոյգ մը արծաթեայ փորագրուած մատանիներ, որոնք կը կազմեն ամուսնական ուխտին կնիքը։ Այս արարը բացակայ է Մանուկ Ծերօնի բացատրութիւններուն մէջ, որոնք կը վերաբերին Խարբերդի Բարջանճ գիւղին [5]։

Աղջիկ-տղայ նշանուած կրնան մնալ ամբողջ տարի մը։ Ամբողջ այս ընթացքին եւ մինչեւ պսակը, տղուն կողմը ամէն տօն-տաղաւարի հարսնցուին կը պարգեւէ նուէր մը, որուն կը տրուի փայ անունը. անիկա կրնայ ըլլալ զոյգ մը գոնտուրա (կօշիկի տեսակ), օսկի խաթար (ոսկեայ մետաղադրամներով շարոց), մէջքի քէմէր (զարդարանքներով գօտի), լաչակ, խութնի (մետաքսեայ նախշուն լաթ), խալաթ, եւայլն [6]։

Հարսանիք

Հարսանիքին օրը կը ճշդուի խնամիներուն միջեւ հանդիպումի մը ընթացքին։ Ընդհանրապէս թուական կ՚որոշուի աշնան վերջին օրերէն մէկը։ Անկէ ետք ծայր կ՚առնեն հարսանեկան պատրաստութիւնները։ Ասոնց շարքին ամենէն կարեւոր աշխատանքներէն է հարսանեկան զգեստներուն պատրաստութիւնը։ Աղջկան հագուստը, ըստ Մանուկ Ծերօնի նկարագրածին, կը բաղկանայ մետաքսեայ նախշուն զպունէ (գոգնոց), ոսկեթել բանուած չուխա սալթայէ (çuha salta, բաճկոնակ), մետաքսէ երկար չիթէ (լաչակ)։ Թէ՛ աղջկան եւ թէ մանաւանդ տղուն ընտանիքները այդ տարին պէտք է փորձեն բաւական խնայողութիւններ ընել, որպէսզի կարենան հասնիլ հարսանեկան ծախսերուն։ Յետոյ անհրաժեշտ է հարսանեկան օրերու ճաշի ճոխ սեղաններուն անհրաժեշտ պաշարը պատրաստել, նուագածուներուն (ընդհանրապէս տաւուլ եւ զուռնա նուագողներ) հետ համաձայնութեան գալ [7]։

Հարսանիքի պատրաստութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ արտօնագիրը։ Խարբերդի դաշտի գիւղերուն մէջ տղուն հայրը նախ կը ներկայանայ այսպէս կոչուած «մեծաւորաց ժողով»ին, որ փաստօրէն բաղկացած է գիւղին երեւելիներէն։ Երբ հարցեր գոյութիւն չունին, այլ խօսքով երբ նշանտուքը կանոնաւոր եղած է, տղուն ու աղջկան վարքագիծը կը համապատասխանէ ընդունուած արժեչափերուն, անոնց ընտանիքները եկեղեցիին համար տրուող տուրքը վճարած են, այն ատեն փեսացուին հայրը կը ստանայ արտօնագիր մը՝ խոճապաշիին կողմէ կնքուած։ Նոյն թուղթը ձեռքին, հայրը կը ներկայանայ այս անգամ հայոց Առաջնորդարան, ուրկէ կը ստանայ պսակ կատարելու արտօնագիրը։ Հայ բողոքականներուն մօտ այս արտօնագիրը կը տրուի Ազգապետարանին կողմէ։ Այս դրութիւնը աւելի շատ կը վերաբերի 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք երկարող ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ օսմանեան բարեփոխումներուն (թանզիմաթ) յաջորդող տարիներուն։ Անկէ առաջ, հայ ընտանիքներ նշանտուքի եւ պսակի արտօնութիւնները պէտք էր առնէին իրենց գիւղի քիւրտ կամ թուրք աղայէն, իսկ հարսանեկան խրախճանքներն ալ ընդհանրապէս կ՚ըլլային զուսպ եւ աղքատիկ։

Խորհրդանշական կարմիր խնձորը. այս պտուղը կը համարուի յուռութ մը՝ աղջկան եւ տղուն միութիւնը հաճոյալի դարձնելու եւ մանչ զաւակի մը ծնունդ տալու նպատակով։ Առագաստի գիշերը, այս խնձորը տղան կը կիսէ եւ երկու բաժինները ինքն ու հարսը կ՚ուտեն։ Գծագրութիւնը՝ Ժիւլիէթ Ինիկոյի կողմէ, Յուշամատեան։

Ապա ծայր կ՚առնեն նախապսակեան զանազան արարողութիւնները։ Այսպէս, պսակէն 1-2 շաբաթ առաջ տղուն կողմէն 4-5 տղամարդիկ՝ կնքահօր ընկերակցութեամբ, կ՚այցելեն հարսնցուին տունը՝ քեսիմ-կյրելու (քեսիմ կտրել, գինին շուրջ համաձայնիլ) համար։ Փեսացուին հայրը աղջկան հօր կու տայ 5-էն մինչեւ 25 հնչիւն ոսկի դրամ, որ կը գործածուի աղջկան օժիտին համար։ Եթէ աղջկան կողմը ունեւոր չէ, այն ատեն այս գումարը կը գործածուի նաեւ հարսանեկան ծախսերուն համար, իսկ մաս մըն ալ կը մնայ ընտանիքին այլ գործածութիւններուն համար։ Քեսիմ կյրուելէ ետք, այլեւս հարսնցուն պէտք է տունը մնայ՝ մինչեւ պսակի օրը [8]։

Պսակի արարողութենէն 4-5 օր առաջ արդէն տաւուլ եւ զուռնային տօնական հնչիւնները կը սկսին լսուիլ փեսացուին տան մէջ։ Այստեղ կը հրաւիրուին ընտանիքին ազգականներն ու բարեկամները։ Հրաւէրը երկու փուլ ունի։ Առաջին հերթին իւրաքանչիւր ընտանիքի կարմիր խնձոր մը կ՚ուղարկուի։ Այս նպատակով ընդհանրապէս վարձքով գործի կը լծուի տարեց կին մը, որ գոգնոցին մէջ կարմիր խնձորներ լեցուցած, տունէ տուն կը շրջի եւ պտուղ մը կը նուիրէ հրաւիրեալ ընտանիքներուն։ Այս կիներուն կու տան հըրավըռօ անունը։ Երկրորդ փուլին, հարսանիքէն քանի մը օր առաջ, հրաւիրեալներուն տունը կ՚ուղարկուի փեսացուին կրտսեր եղբայրը կամ այլ երիտասարդ ազգական մը՝ վիզին կապած կարմիր թաշկինակ մը։ Անոր հետ են նաեւ տաւուլ եւ զուռնա նուագողները։ Պատանին պարելով ներս կը մտնէ եւ արդէն իսկ կազմ ու պատրաստ տնեցիները կ՚առաջնորդէ փեսային տունը [9]։

Նոյն ժամանակ հարսնցուին տունը նոյնպէս եռուզեռը անպակաս է։ Ընտանիքին ազգականներուն եւ բարեկամներուն կողքին, ամենէն տիրական ներկայութիւնը հարսնցուին մտերիմ ընկերուհիներունն է։ Երկու տուներուն մէջ տօնական այս մթնոլորտը կը շարունակուի մինչեւ կիրակի։ Հապուսի (ներկայիս Իքիզտեմիր) գիւղին մէջ գիտենք որ հարսանեկան այս ուրախութիւններուն ժամանակ տեղի կ՚ունենայ նաեւ դէպի օդը հրացանաձգութիւն, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպուին ձիարշաւի մրցումներ։

1. Քէսիրիկ գիւղի Յակոբ քհնյ. Տէր Յակոբեանն ու իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)
2. Դատեմի (Դատըմ) Ուլուհոճեան ընտանիքը, 1910-ին։ Կեդրոնը, նստած, գլխարկով՝ Միսաք Ուլուհոճեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Կիրակի օրը տղուն կողմը կը կազմէ պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ են քահանան, կնքահայրը, տղուն երիտասարդ ազգականները (այր եւ կին), փեսամանուկները, տաւուլ եւ զուռնա նուագողները. բոլորը միասին կու գան հարսնցուին տունը՝ օժիտը բերելու (Խարբերդի մէջ անոր կու տան նաեւ հալաւ, հալաֆ կամ ճէհէզ անունները)։ Տէր հայրը մէկ առ մէկ կ՚օրհնէ հալաւին պարունակութիւնները։ Տան մէջ դրուած է տօնական սեղան մը՝ տեսակ-տեսակ քէօֆթէներով, գառնուկի եփուած միսով, եւայլն։ Բոլորը միասին կ՚ուտեն, կը խմեն, որմէ ետք կը վերադառնան փեսացուին տունը։ Աղջկան տունը այցելելու այս պահուն յաճախ կը կիրարկուի այլ սովորութիւն մը, որ կը կայանայ հարսին տունէն դգալ-պատարագաղ, պղնձեայ ամաններ գողնալուն մէջ։ Վերադարձի ճամբուն վրայ, երիտասարդ «գողերը» այս առարկաները հպարտօրէն իրարու կը շխկրտացնեն։ Հիւսէնիկի մէջ հալաւը աղջկան տունը կը տարուի միայն երկուշաբթի, այսինքն պսակի օրը [10]։

Բազշամէնցի (Պիզմիշին, ներկայիս Սառըչուպուք) կիներ իրենց աւանդական տարազներով (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Այդ կիրակին հարսը վերջին անգամ ըլլալով պիտի գիշերէ իր ծնողներուն տան մէջ։ Նոյն գիշերը, կնքամօր ցուցմունքներուն տակ խումբ մը կիներ հարսին կը հագցնեն հարսանեկան զգեստները, կը հինայեն անոր ձեռքի ու ոտքի մատները, ինչպէս նաեւ ափերը։ Ամբողջ ընթացքին ալ կ՚երգեն սիրոյ ու բաժանումի երգեր, հարսին ուղղուած գովերգներ։ Ահաւասիկ անոնցմէ նմուշ մը.

Մայրիկ, դուն հալալ, մայրիկ, դուն հալալ,
Կաթիկդ եմ կերեր, էրէ ինձ հալալ։

Հայրիկ, դուն հալալ, հայրիկ, դուն հալալ,
Հացիկդ եմ կերեր, էրէ ինձ հալալ։

Քուրիկ, դուն հալալ, քուրիկ, դուն հալալ,
Նաշխածդ եմ հագեր, էրէ ինձ հալալ։

Աղբրիկ, դուն հալալ, աղբրիկ, դուն հալալ,
Ջրիկդ եմ խմեր, էրէ ինձ հալալ։

Քաշեցէք սազը, հիւսեցէք մազը,
Քաշեցէք նազը, սա մեր հարսնուկին։

Շնաֆոր, շնաֆոր, հազար շնաֆոր,
Ամմէն շնաֆոր սա մեր հարսնուկին
[11]։

Հարսանեկան երգերը անպակաս են խարբերդցիներուն մօտ.

Հարսնեց ցնծուն մէկ օրն է կուլում եար,
Հարսին փեսին մենծ օրն է, կուլում եար, զուլում եար
[12]։

Բազշամէն (Պիզմիշին, ներկայիս Սառըչուպուք). գեղջական տարազով հայ կիներ (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Ամբողջ գիշերը հարսն ու հարս-աղջիկները անքուն կը մնան եւ ծոմ կը պահեն։

Ի՞նչ կը կատարուի նոյն կիրակին փեսացուին տան մէջ։ Խուռներամ բազմութիւն կայ նաեւ այստեղ, տաւուլն ու զուռնան կը հնչեն անդադրում եւ ամբողջ ժամանակը փեսամանուկները փեսացուին շուրջ կը դառնան։ Սեղանին վրայ դրուած է հալաւը, իսկ անոնց վրայ ալ զետեղուած է թագաւորին թուրը։ Արարողակարգին մէջ կայ փեսացուն լոգցնելը։ Ապա կ՚որոշուի թէ որու պիտի շնորհուի փեսացուն հագցնելու պատիւը։ Այս մէկը կը նմանի աճուրդի գործողութեան մը։ Ներկաները խոստումներ կ՚ ընեն, ինչպէս օրինակ եկեղեցիին կամ դպրոցին դրամական նուիրատուութիւն մը, փեսամանուկներուն խնճոյքի հրաւէր մը։ Ի վերջոյ այս խոստումներէն մէկն ու մէկը կ՚ընտրուի եւ անոր տէրն ալ կը համարուի այս աճուրդը շահողը, այլ խօսքով ընտրուած անձը կը դառնայ մաճառոս՝ թագաւոր-փեսացուն հագցնողը։ Փեսամանուկները կը սկսին երգել հարսանիքի առիթով լսուող երգեր, իսկ գիւղին վարժապետն ալ այս անկանոն երգչախումբին խմբավարութիւն կ՚ընէ։ Փեսացուն արդէն կրնայ իր վրան հագուիլ. կնքահայրը մէկ առ մէկ անոր հագուստները կը յանձնէ մաճառոսին, որ իր կարգին կը փոխանցէ զանոնք օրուայ թագաւորին։ Այս առիթով լսուող երգերը նոյնպէս հարսանեկան երգացանկէն են, բայց անոնք իրենց բովանդակութեամբ որոշ չափով կը տարբերին հարսնցուին տան մէջ երգուող երգերէն։ Այսպէս, մինչ աղջկան քով կ՚երգուին նաեւ տխուր երգեր՝ տունէն ու հարազատներէն բաժնուելու թեմաներով, տղուն մօտ երգերը այլ են. ասոնց մէջ տիրապետող է հպարտութեան, յաղթանակի ու առնականութեան ոգին։ Նախկին մանուկը դարձած է տղամարդ, կրնայ ամուսնանալ, սերմանել ու իր ճամբով նաեւ ընտանիքին ծառը կրնայ գոյատեւել։ Ահաւասիկ խարբերդեան նմուշ մը այս բնոյթի երգերէն.

Փեսան գովեցէք, շապիկ հագուցէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր։

Փեսան գովեցէք, ելկեկ հագուցէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր։

Փեսան գովեցէք, զպնիկ (զպուն) հագուցէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր։

Փեսան գովեցէք, գօտի կապեցէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր։

Փեսան գովեցէք, ոտից (կօշիկի տեսակ մը) հագուցէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր։

Փեսան գովեցէք, գտկիկը (գտակը) դրէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր։

Փեսան գովեցէք, փուշի պլեցէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր։

Փեսան գովեցէք, թուրն ըլ կապեցէք,
Ըսէք շինաւորաց, մանկիկն է ծաղկեր [13]։

Խարբերդի դաշտին մէջ լուսանկարուած երկու հայեր իրենց գեղջական տարազով (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Երբ փեսացուն արդէն հագուած է, այս անգամ կը սկսին երգել նոր երգ մը, որ հրաւէր մըն է հարազատներուն ուղղուած՝ գալու եւ տեսնելու իրենց «ծաղկած ծառը», այսինքն ամուսնութեան պատրաստ զաւակը.

Գացէք, բերէք սիրուն պապիկ,
Օր գայ տեսնայ, ծառն է ծաղկեր։

Գացէք, բերէք անուշ մայրիկ,
Օր գայ տեսնայ, ծառն է ծաղկեր։

Գացէք, բերէք անուշ քուրիկ,
Օր գայ տեսնայ, ծառն է ծաղկեր։

Գացէք, բերէք չութ (զոյգ) աղբրտիք,
Օր գայ տեսնայ, ծառն է ծաղկեր
[14]։

Այս երգերուն կը յաջորդէ աւելի տխուր մը, որ նուիրուած է փեսային մահացած կամ պանդխտութեան մէջ գտնուող հարազատներուն։ Այս մէկը կ՚երգուի թրքերէն.

Շինտիճիկ պունա պիր պապա,
Աղլիատի խապա-խապա։

Շինտիճիկ պունա պիր անա,
Աղլիատի եանա-եանա։

Շինտիճիկ պունա պիր պաճի,
Աղլիատի աճի-աճի։

Շինտիճիկ պունա պիր գարտաշ,
Աղլիատի տաղ իլան տաշ։

Շինտիճիկ պունա պիր նէնէ,
Աղլիատի թանէ-թանէ
[15]։

Şimdi buna bir baba,
Ağlıyordu kaba-kaba.

Şimdi buna bir ana,
Ağlıyordu yana-yana.

Şimdi buna bir bacı,
Ağlıyordu acı-acı.

Şimdi  buna bir kardaş,
Ağladı dağ ile taş.

Şimdi buna bir nene,
Ağladı tane-tane.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Հիմա ասոր մէկ հայրը,
Կոշտ ու կոպիտ լացաւ:

Հիմա ասոր մէկ մայրը,
Վայ-վայ լացաւ:

Հիմա ասոր մէկ քոյրը,
Աղի-աղի լացաւ:

Հիմա ասոր մէկ եղբայրը,
Լեռ ու ձոր ինկած լացաւ:

Հիմա ասոր մէկ մամը,
Հատիկ-հատիկ լացաւ:

Խարբերդի հարսանեկան տարազ՝ բնորդի կողմէ հագուած (լուսանկար՝ Մովսէս Հրայրի)։ Զգեստը պատկանած է Վերոնիքա Թէմպէքիճեանի (ծնեալ՝ Միսաքեան) եւ առաջին գործածութիւնը կ՚ենթադրուի ըլլալ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին։ Մեր շնորհակալութիւնները Յասմիկ Խանիկեանին, որ Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դրաւ սոյն տարազը։

Հիւսէնիկի մէջ փեսան հագցնելու առիթով կ՚երգուի թրքերէն այլ գովերգ մը.

Չաղըրըն պապասը,
Կէօրսին եավրուսը
Գոյսըն տալ ֆէսի
Միւպարէք օլսուն։

Çağırın babasını,
Görsün yavrusunu,
Koysun dal fesini,
Mübarek olsun.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Կանչեցէք պապան,
Թող տեսնէ սիրելին
Դնէ կոկիկ ֆէսը
Շնորհաւոր ըլլայ։

Այս քառեակէն ետք, փեսացուին հայրը նոր ֆէսը երեք անգամ կը դարձնէ տղուն գլխուն շուրջ, եւ միայն յետոյ զայն կը դնէ տղուն գլխուն եւ կը համբուրէ անոր ճակատը։ Եւ երգը կը շարունակուի.

Չաղըրըն անասը
Պէյնիսին թանէսի
Կէյտիրսին կէօմլէյի
Միւպարէք օլսըն։

Çağırın anasını,
Beğensin tanesini,
Giydirsin gömleğini,
Mübarek olsun.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Կանչեցէք մայրը
Մեծցուցէր է ձագուկը
Հագցնէ շապիկը
Շնորհաւոր ըլլայ:

Այս անգամ տղուն մայրն է որ բաճկոնը կը վերցնէ, երեք անգամ կը դարձնէ զայն անոր շուրջ, ապա կը հագցնէ փեսացուին եւ անոր այտերը կը համբուրէ։

Չաղըրըն գարտաշը,
Կէօրսին եօլտաշը,
Կէյտիրսին շալվարը
Միւպարէք օլսուն։

Çağırın kardeşini,
Görsün yoldaşını,
Giydirsin şalvarını,
Mübarek olsun.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Կանչեցէք եղբայրը,
Թող գայ ուղեկիցը,
Հագցնէ շալվարը
Շնորհաւոր ըլլայ:

Կարգը կու գայ եղբօրը, որ նոյն բաները կրկնելով կը հագցնէ այս անգամ փեսացուին շալվարը.

Չաղըրըն պաճըսի,
Չէքմիշ աճըսը,
Կէյտիրսին ճիզմէսի,
Միւպարէք օլսուն։

Çağırın bacısını,
Çekmiş acısını,
Giydirsin çizmesini,
Mübarek olsun.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Կանչեցէք քոյրը,
Իր ցաւը քաշողը,
Հագցնէ մոյկերը,
Շնորհաւոր ըլլայ:

Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ), 1912. Աւետիս եւ Տիրուհի (ծնեալ Թէմպէքիճեան) Խանիկեաններու ընտանիքը։ Զաւակները, ձախէն աջ՝ Էտուառ, Անժէլ եւ Նուպար (Աղբիւր՝ Յասմիկ Խանիկեանի հաւաքածոյ)

Փեսացուին կը մօտենայ անոր քոյրը կամ աղջիկ ազգական մը եւ անոր կը հագցնէ իր կօշիկները [16]։

Զգեստաւորման այս գործողութեան ընթացքին փեսացուին գրպանը կը դնեն նաեւ նշանածին ղրկած խօսկապի թաշկինակը, որուն մէջ է նաեւ կարմիր խնձորը, զոր յետոյ պիտի կիսէ հարսին հետ։ Ապա անոր մէջքին կը կապեն օրհնուած թուրը, որ խորհրդանիշն է ամուսինին կողմէ հարսին ու ընտանիքին պատուի պահպանութեան։ Փեսացուին, ինչպէս նաեւ կնքահօր, կնքամօր եւ տունին բոլոր երիտասարդներուն ձեռքերն ալ կը հինայեն։ Հարսնցուին տան օրինակով, այստեղ եւս խրախճանքը կը շարունակուի մինչեւ առաւօտ, իսկ փեսացուն եւ փեսամանուկները նոյնպէս ծոմ կը պահեն եւ անքուն կը մնան [17]։

Խարբերդի դաշտին մէջ սովորութիւն է որ պսակը տեղի ունենայ երկուշաբթի առտու մը, թէեւ Հապուսի գիւղին մէջ գիտենք որ անիկա կը կատարուի հինգշաբթի օրը։ Բազմաշէնի (Պիզմիշին, ներկայիս Սարըչուպուք) մէջ պսակը նոյնպէս կը կատարուի աշնան. այս գիւղին պարագային հետաքրքրականը հոն է, որ կը փորձեն այդ տարուան բոլոր պսակները նոյն օրը հաւաքաբար կատարել եւ պսակուող զոյգերուն թիւը մինչեւ 12-ի հասցնել։

Պսակի օրը հասած է։ Խարբերդի գիւղերուն մէջ առտուայ շատ կանուխ ժամերուն ամբողջ գիշերը քէֆ ըրած հարսնեւորները, տաւուլ-զուռնայի հնչիւներուն տակ, այս անգամ կ՚արթնցնեն ամբողջ գիւղը։ Ասիկա կը նշանակէ որ հարսնառումը ծայր առած է։ Հիւսէնիկի մէջ, հաւանաբար նաեւ Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ) եւ Խարբերդ քաղաքներուն մէջ, պսակը նոյնպէս տեղի կ՚ունենայ երկուշաբթի օր մը, այն տարբերութեամբ որ ամբողջ գիշերը փեսացուն եւ փեսամանուկները, հարսնցուն ու անոր մտերիմները արթուն չեն մնար։

Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ). 1913։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Վարդեր Նազարեան (ծնեալ Պոկիկեան), նստած՝ Մկրտիչ Նազարեան (Վարդերի ամուսինը), Տիկ. Պոկիկեան (Վարդերի մայրը), Պետրոս Պոկիկեան (Վարդերի հայրը), այս երկուքին միջեւ կանգնած պատանին՝ Սարգիս Պոկիկեան (Վարդերի եղբայրը)։ Չորս մանուկները Վարդերի եւ Մկրտիչի զաւակներն են։ Բացի Վարդերէն եւ Մկրտիչէն, բոլորն ալ զոհ գացած են 1915-ի ջարդերուն (Source: Marderos Deranian, Hussenig. The origin, history, and destruction of an Armenian town, translated by Hagop Martin Deranian, Armenian Heritage Press, Belmont, 1994)

Խարբերդի դաշտ. հայ կիներ ու աղջիկներ հացի պատրաստութեան ատեն (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Իսկ առտու շատ կանուխ, փեսացուն եւ քանի մը մօտիկ ընկերներ միասին կ՚երթան բաղնիք, ապա նախաճաշ կ՚ընեն նոյն այս ընկերներէն մէկուն կամ կնքահօր տան մէջ։ Անկէ ետք է միայն որ հրաւիրեալներ կը սկսին հաւաքուիլ տղուն եւ աղջկան տուները, կը սկսի կերուխում եւ ծայր կ՚առնէ հարսնցու ու փեսացու հագցնելու արարողութիւնները։ Մէյ մը որ տղան ու աղջիկը պատրաստ են, հարսնեւորներու թափօրը կ՚ուղղուի հարսնցուին տունը՝ հարսնառումին համար։ Տօնական այս շքախումբին բուն զարդն է փեսացու-թաւագորը, որ գիւղերու պարագային հեծած է ձիու մը վրայ։ Ըստ Շահպազեանի նկարագրութեան, ան հագուած է պարեգօտ մը կամ կարմիր-կանաչ-կապոյտ մետաքսեայ զպուն մը, մէջքին կապած է գոյնզգոյն հիւսուածքով շալ գօտի մը, ինչպէս նաեւ փոկ մը, որմէ կախուած է «թագաւորական» սուրը։ Փեսացուն գլուխը ծածկած է կարմիր ֆէսով, որուն վրայ ալ փաթթուած է մետաքսեայ փուշին (փայլուն թաշկինակ)։ Վիզին դրած է վզնոց, իսկ ոտքերուն ալ՝ նոր կօշիկներ։ Աղջկան տունը նոյնպէս բոլորն ալ հագուած-շքուած պատրաստ են դիմաւորելու թափօրը։ Հարսը – դարձեալ ըստ Շահպազեանի – գլխուն դրած է գունաւոր եազմա մը (վարշամակ, գլուխը ծածկելու թաշկինակ), հագած է մետաքսեայ շրջազգեստ մը, կուրծքին անցուած է մետաքսեայ նախշուն լաթ մը (խութնի), կռնակին՝ ասրէ (ոչխարի բուրդ) գործուած վերարկու մը, մազերը բազմաթիւ հիւսկէններով իջած է մինչեւ սրունքները եւ ոտքերուն անցուած են ձեռագործ սրմալի կօշիկներ [18]։

Թափօրը կը հասնի հարսնցուին տունը։ Այստեղ սովորութիւնները մէկ գիւղէն միւսը իրարմէ քիչ մը կը տարբերին։ Օրինակ, Հապուսի գիւղին մասին գիտենք, որ փեսային թափօրը երբ կանգ կ՚առնէ տան առջեւ, տղուն կնքահայրը տնեցիներէն ողջ աքաղաղ մը կը պահանջէ, զոր կը բռնէ եւ անասունին վիզը կ՚երկարէ փեսային։ Այս վերջինը իր թուրով պէտք է վիզը կտրէ։ Դատեմի մէջ թափօրը երբ կը հասնի հարսին տունը, դուռը փակ կը գտնէ։ Հոս է որ տղուն կնքահայրը պէտք է «դուռ բացէք»ի գումար մը տայ հարսնեղբօր [19]։

Հարսնցուին բաժանումի պահը սովորութիւն է որ տխուր գունաւորում ստանայ։ Մայր ու աղջիկ իրարու փաթթուած են եւ հարսը չուզեր տունէն հեռանալ։ Այդ պահուն կը միջամտէ տղուն կնքամայրը, որ մայր ու աղջիկ կը բաժնէ իրարմէ։ Ապա աղջիկը կը համբուրէ ծնողներուն, հարազատներուն ու բոլոր ազգականներուն ձեռքերը, իսկ անոնք ալ կը փոխադարձեն հարսնցուին այտերը համբուրելով։ Աղջկան ձին պատրաստ է, անիկա շքեղօրէն զարդարուած է. բայց անոր վրայ հեծած է հարսնեղբայրը, որ կը համաձայնի տեղը զիջիլ հարսնցուին, միայն երբ փեսացուին կնքահայրը անոր կու տայ պէշլիք մը։ Հարսնցուն ի վերջոյ կը նստի իրեն յատկացուած ձիուն վրայ։ Գիւղերու մէջ կը պատահի որ ձիու փոխարէն ան նստի սայլի վրայ, իսկ փեսացուն ալ՝ նոյն կարգին առաջամասը։ Գիւղերուն մէջ հարսնցուն գլուխէն մինչեւ ոտքերը քօղով ծածկուած է։ Յաճախ, ձիուն վրայ եւ հարսնցուին ճիշդ ետեւը կը նստի տղուն կնքամայրը։ Հիւսէնիկի մէջ ձի գործածելու սովորութիւնը ընդհանրացած չէ։ Այս պարագային փեսացուն կը քալէ առջեւէն, կողքին կնքահայրը, իսկ անոնց ետեւէն հարսնցուն՝ երեսը քօղարկուած եւ թեւին մտած կնքամայրը։ Հարսանեաց թափօրը քայլերը կ՚ուղղէ դէպի եկեղեցի։ Ձիուն վրայ հեծած աղջկան կողքէն կը քալէ անոր եղբայրը, որ ստանձնած է քրոջ թիկնապահութիւն ընելու պարտականութիւնը, իսկ ձեռքին ալ բռնած է փեսացուին թուրը։ Առջեւէն կը քալէ փեսացուին ձին, մինչ անոր կը հետեւի հարսնցուինը, իսկ սանձն ալ բռնած կ՚ըլլայ տղամարդ ազգական մը [20]։

Եկեղեցիէն ներս առաւելագոյնս լուսաւորում կայ։ Հարս ու փեսա ծնկաչոք կը հաղորդուին։ Գլուխնին նարօտներով զարդարուած են։ Ապա կը կանգնին, մէկը միւսին աջ ձեռքը կը բռնէ, գլուխ գլխի կը դնեն, քահանան անոնց գլուխներուն վերեւ կը բռնէ խաչը, իսկ կնքահայրն ալ խաչին քով կը բռնէ թուրը։ Պսակօրհնէքը կը կատարուի։ Ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս կու գայ եւ նոյն թափօրը այս անգամ կ՚ուղղուի փեսային տունը։ Տաւուլ եւ զուռնան կը շարունակեն նուագել, իսկ քանի մը տղամարդ ալ ամբողջ ճամբուն ընթացքին անդադար կը պարեն։ Հարսն ու փեսան դարձեալ իրենց ձիերուն վրայ հեծած են։ Այս պահէն սկսեալ անոնք գիւղին թագաւորն ու թագուհին են։ Ճամբուն վրայ կարգ մը փեսամանուկներ իրենց հրացաններով կամ ատրճանակներով օդը կը կրակեն։ Ամէն տան դրան առջեւ ընտանիքներ թափօրը կը դիմաւորեն խոնջաներով (սկուտեղ, ափսէ), որոնց վրայ դրուած է փարջով օղի եւ գինի, ինչպէս նաեւ չամիչ, լեպլեպու, ռոճիկ-պաստեղ եւ պտուղներ։ Ապա թափօրը պէտք է կարճ մը հանգրուանի փեսային կնքահօր տունը, ուր օրուան թագաւորն ալ գինի կը խմէ։ Ճամբան կը շարունակուի մինչեւ հարսնետուն։ Կը պատահի որ մէկ օրուայ մէջ քանի մը հարսանիքներ տեղի ունենան եւ այս պատճառով մէկէ աւելի հարսանեկան թափօրներ կազմուին։ Իսկ երբ թափօրները փողոցներուն մէջ դէմ դիմաց գան, խնդիր կրնայ ծագիլ թէ ո՞ր մէկուն է երթեւեկութեան առաջնահերթութիւնը։ Գինին եւ օղին ալ երբեմն պատճառ կ՚ըլլան որ այսպիսի հարցեր ընդհարումներով լուծուին։ Ինչ որ է, թափօրը ի վերջոյ հարսնատուն կը հասնի, ուր տղուն հայրն ու մայրը արդէն հոն մտած են, կը սպասեն դորդանի (գաւիթ, փակ) դրան վերեւի պատշգամին վրայ կամ պարզապէս դրան սեմին։ Դատեմ եւ Բազմաշէն գիւղերուն մէջ, տան մուտքին կը կատարուի աքլոր գլխատելու արարը։ Այսպէս, փեսամանուկներէն մէկը ողջ աքլորին վիզը կ՚երկարէ փեսային, որ իր թուրով կը հարուածէ անոր։ Ապա, փեսամանուկը իր աջ ձեռքը կը թաթխէ անասունին արեան մէջ եւ կը քսէ զայն փեսային ճակատին։ Խարբերդի այլ վայրերու մէջ (ինչպէս Հիւսէնիկ) կը յիշուի դրան շեմին ոչխար մորթելու սովորութիւնը։ Զենումի այս գործողութենէն ետք, ծնողները նորապսակներուն գլխուն կը ցանեն շաքար, չամիչ, լեպլեպու, իսկ ունեւոր ընտանիքներու պարագային՝ մանրուք մետաղադրամներ։ Հարս ու փեսայ ձեռք-ձեռքի տուած կը մտնեն տուն [21]։

1. Իչմէ, 1913. պատարագէն ետք հայկական եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)
2. Հապուսի (ներկայիս Իքիզտեմիր). Սողոմէն Պօյաճեանը եւ իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963)
3. Խարբերդ քաղաք. տուներ՝ բերդին մօտ կառուցուած (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Խարբերդ քաղաք. ընդհանուր պատկեր արեւելակողմի թաղամասերէն (Աղբիւր՝ Rev. Edwin M. Bliss, Turkey and the Armenian Atrocities, London, 1896)

Ծայր կ՚առնէ հարսանեկան խնճոյքը։ Կիներն ու տղամարդիկը առանձին կը խմբաւորուին եւ բոլորն ալ ծալլապատիկ կը նստին գետինը, թաղիքներու վրայ (մինտէր)։ Ճաշերը բազմատեսակ են ու առատ. ոչխար, քէշկէկ, գինի, օղի։ Իսկ տան դուռը այդ օր բաց է բոլորին առջեւ, ըլլան անոնք հարուստ, աղքատ կամ օտարական, ըլլան անոնք հայ, քիւրտ կամ թուրք։ Բացի տաւուլէն եւ զուռնայէն, կը նուագուի նաեւ սազ, քանոն, ուտ, տումպելեք եւ քամանչա։ Կը բացուին տան ամենէն ընտիր գինիներուն բղուղները։ Ներկաները կը սկսին նուագածուներուն գրպանները դրամ դնել, իսկ հարսին ու փեսային ճակատները քառսուննոցներով եւ պէշլիքներով ծածկել։ Արդէն գիշերուայ ժամերը հասած են։ Բարի մաղթանքներ, «օրշնէք»ներ կը սկսին տեղալ նորապսակներուն հասցէին. «Եավրուկներս, մէկ հացով, մէկ բարձով ծերանաք», «օճախնիդ միշտ վառ մնայ», «Դռներնիդ միշտ բաց եւ սեղաննիդ հայր Աբրիամու սեղանն ըլլի»։

Նոյն գիշերն է նաեւ որ փեսամանուկները կը փորձեն «առեւանգել» փեսան եւ գիւղին առուն կը տանին զայն լոգցնելու համար։ Այստեղ նորապսակ տղան իր սուրով երեք անգամ խաչաձեւ կերպով ջուրը կը կտրէ։ Ըստ սովորութեան, այս կը նշանակէ որ չար ոգիները (ալքերը) հեռու պիտի մնան առագաստի գիշերէն։ Ապա, փեսամանուկները կը համաձայնին փեսան ազատ արձակել, պայմանաւ որ կնքահայրը շքեղ խնճոյքի մը խոստում ընէ։ Կնքահայրը կը համաձայնի եւ երգով-պարով նորապսակ տղան կը տանին կնքահօր տունը, ուր կը շարունակուի խրախճանքը։ Սովորութիւն է որ փեսան այս տան մէջ մնայ երեք օր շարունակ, մինչեւ չորեքշաբթի իրիկուն՝ առանց հարսը տեսնելու։ Մեղրալուսինը միայն անկէ ետք տեղի կ՚ունենայ։ Մանուկ Ծերօն իր կարգին կը գրէ թէ Բարջանճի մէջ մինչեւ ուրբաթ օրը փեսան կնքահօր տունը կը մնայ։ Իսկ Հապուսի գիւղին պարագային գիտենք որ հարսին մայրը իր աղջկան կողքին կ՚անցնէ առաջին գիշերը, փեսային տան մէջ [22]։

Քաշմիրէ հիւսուած շալ, որ պատկանած է Խանիկեան ընտանիքին, Մեզիրէ։ Ներկայիս կը գտնուի Յասմիկ Խանիկեանի մօտ, Պէյրութ։

Ի վերջոյ փեսան կը վերադառնայ տուն։ Զայն բերողը կնքահայրն է։ Ուշ գիշեր է արդէն եւ հարսը առանձնացած է առագաստի սենեակին մէջ։ Շահպազեան կարգ մը տեղեկութիւններ կու տայ այդ գիշեր տեղի ունեցող առագաստի արարին մասին։ Այսպէս, փեսան մուտք կը գործէ սենեակ, մինչ կնքահայրը կը շարունակէ մնալ նոյն տան մէջ։ Մէկ-երկու ժամ ետք փեսան դուրս կու գայ, փոքր ծրար մը կը յանձնէ կնքահօր եւ վերստին կը միանայ հարսին։ Ծրարին մէջ կայ ասեղնագործ ճերմակ հիւսուածք մը՝ արեան բիծերով ներկուած։ Հարսին կուսութիւնը հաստատուած է։ Կնքահայրը տանիք կ՚ելլէ եւ ատրճանակի երեք հարուածներ կը կրակէ օդին մէջ։ Ծրարը ետքը կը տրուի կնքամօր, ապա՝ փեսային մօր, յետոյ ալ կը յանձնուի հարսին ծնողներուն [23]։

Պսակին յաջորդող առաջին հինգշաբթին, հարսին մայրը՝ խումբ մը կիներու ընկերակցութեամբ, կը ժամանէ փեսային տունը եւ իր հետ կը բերէ ճիհէզի լաթերը (հարսին կողմէ տրուող օժիտը)։ Ասոնք տարիներէ ի վեր աղջկան կողմէն պատրաստուած առօրեայ գործածութեան ծառայող ձեռագործներ են։ Իւրաքանչիւր ծրար կը բացուի աղջկան կնքամօր կողմէ, զայն ցոյց կու տայ ներկայ հիւրերուն, ապա կը յանձնէ կեսուրմօր [24]։

Հարսանեկան խրախճանքները յաջորդող օրերուն եւ երբեմն մինչեւ երկու շաբաթ կը շարունակուին. ընդհանրապէս անոնք տեղի կ՚ունենան նորապսակներուն տունէն հեռու, այլ տուներու մէջ [25]։

Պսակէն 15 օր ետք տեղի կ՚ունենայ «հարս-բաղնիք»ը։ Այս արարողութիւնը առաւելաբար յատուկ է բարեկեցիկ ընտանիքներուն։ Հիւրերու ամբողջ խումբով մը, տղուն հարազատները (միայն կիները) հարսը կը տանին բաղնիք։ Այս առիթով երգուող երգերէն ծանօթ է հետեւեալ քառեակը.

Ճնճղիկ, ճնճղիկ, խմէ՛ ջրիկ,
Կե՛ր կորկտիք, շալկէ՛ պողչայ,
Էրթըք բաղնիք, թռիր գնա՛
[26]։

1. Զարուհի Մուրատեան (ծնեալ Մալխասեան) իր երկու զաւակներուն հետ՝ Անժէլ եւ Մերուժան (ծանօթ նաեւ՝ Ուարրըն), Միացեալ Նահանգներ, 1923 (Աղբիւր՝ Քրէկ Ուոլլընի հաւաքածոյ)
2. Բազշամէնցի ընտանիք մը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1910 թուականին։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ Մալխասեան, Պահար Մալխասեան (ծնեալ Սահակեան)։ Նստած, ձախէն աջ՝ Պօղոս Սահակեան (Պահարին եղբայրը. 1914-ին կը վերադառնայ Բազմաշէն, ճակատագիրը անյայտ), Զարուհի Մալխասեան (Պահարին աղջիկը, հետագային Մուրատեան), Սարգիս Մալխասեան (Պահարին ամուսինը) (Աղբիւր՝ Քրէկ Ուոլլընի հաւաքածոյ)
3. Գասպար Ճինկիրեան (1899-1990), ծնեալ Խարբերդ քաղաք, եւ կինը՝ Վերոն, նոյնպէս ծնեալ Խարբերդ քաղաք։ Ամուսնական լուսանկար, Հալէպ, ca 1934 (Աղբիւր՝ Արա Ճինկիրեան եւ Հուրիկ Զաքարեանի հաւաքածոյ)

Մանուկ Ծերօն Բարջանճ գիւղին մասին իր գրած գիրքին մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ Խարբերդի գիւղերուն մէջ բողոքական հարսանիքներուն մասին։ Յայտնապէս բողոքականութիւնը փորձած է սկզբնական շրջանին որոշ զսպուածութիւն եւ համեստութիւն մտցնել այս արարողութիւններուն մէջ։ Անոնք օրինակ կը փորձեն այս արարողակարգէն վերցնել օժիտը (հալաւ) օրհնելու սովորութիւնը, որ կը կատարուի պսակէն առաջ. եկեղեցիէն ներս թոյլ չի տրուիր նաեւ պսակի ժամանակ հարսին եւ փեսային գլխուն վերեւ խաչ եւ թուր դնել. տաւուլ եւ զուռնան կը փոխարինուին բողոքական երգարանէն առնուած հայերէն երգերով. հարսանեկան թափօրին մէջ պարելու երեւոյթը կը վերնայ. հարսանեկան ճոխ սեղաններուն վրայէն կ՚անհետանայ նաեւ գինին եւ օղին։ Բայց սովորութիւններու այս փոփոխութիւնը այնքան ալ երկար կեանք չունենար, քանի որ 1880ական թուականներէն սկսեալ բողոքականները իրենք եւս կը վերականգնեն հայկական հարսանեկան հին աւանդութիւններ, զորս փորձած էին պահ մը մոռնալ։ Մանուկ Ծերօն որ ինք եւս բողոքական մըն է եւ միաժամանակ խարբերդեան խնճոյքներու ու քէֆի սիրահար մը, կը գրէ. «Այս տողերը գրողը բարեբախտ կը նկատէ ինքզինքը այս վերազարթնումի շրջանին ամուսնացած ըլլալուն համար» [27]։

Ծնունդ եւ մկրտութիւն

Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքներէն Միսաքեան ընտանիքին տոհմածառը 1654-էն սկսեալ մինչեւ 1930-ական թուականները։ Տպուած է Գահիրէի մէջ 1947-ին։ Այստեղ կ՚երեւին ընտանիքին միայն այրերուն անունները (Աղբիւր՝ Յասմիկ Խանիկեանի հաւաքածոյ)

Սովորութիւն է որ նորածին երախային վրայ անմիջապէս աղ ցանեն, իսկ անոր դեգը (placenta) անմիջապէս կը թաղեն տան մէկ անկիւնը՝ դայեակին գործածած մկրատին հետ միասին։ Ապա դայեակը նորածինը տաք ջուրով կը լոգցնէ քարղանի մը մէջ։ Ոտքերէն բռնած գլխիվայր կը կախէ, գլուխէն բռնած կը բարձրացնէ, յետոյ ալ թեթեւ կերպով երեք անգամ կը ցնցէ հետեւեալը արտասանելով. «թօթուաջրիկ, էրկան վզիկ, առնա քնիկ, շալկամսիկ, չո՞փ, չո՞փ…» [28]։

Երախան ընդհանրապէս խանձարուրի մէջ կը փաթթեն, կամ ինչպէս խարբերդցիները կ՚ըսեն՝ կը խունտախեն։ Ասոր համար կը գործածուի հողլաթը, որ տան մէջ գործուած հաստ կտաւ մըն է, որուն վրայ կը ցանեն չաղայի հող։ Այս վերջինը կաւային բնոյթի հող մըն է, որ նախ պէտք է աղանձել եւ յետոյ կտաւին վրայ քսել։ Գեղանի համարուող նորածիններուն գլխուն մազերուն յաճախ ասեղ եւ հլունք կը կապեն, իբրեւ չարխափան։ Ասեղը կը ծառայէ չար աչքերը «ծակելու», իսկ հլունքն ալ՝ «շլացնելու»։ Նոյն այս բանը կ՚ընեն նաեւ առատ կաթ տուող կովերուն եւ գոմէշներուն հետ։ Իսկ հիւանդոտ երախաներուն վիզէն կը կախեն արծաթեայ եռանկիւն տուփ մը եւ անոր մէջ կը դնեն նուսխա մը (դեղատոմս)։ Ընդհանրապէս, ծննդաբերութենէն մինչեւ ութ օր, տղացկան կնոջ կողքին միշտ ներկայ է դայեակը [29]։

Ծնունդէն ետք պէտք է աճապարել կնունքը կատարելու։ Անիկա տեղի կ՚ունենայ երբ նորածինը արդէն ութօրեայ է։ Երբ կնքուողը մանչ զաւակ մըն է, կնքահայրը իբրեւ նուէր իր հետ բերած կ՚ըլլայ կերպասի որակաւոր հիւսուածք մը, որուն մէջ ալ կը փաթթեն ջուրէն դուրս եկող փոքրիկը։ Իսկ եթէ կնքուողը աղջիկ զաւակ մըն է, այն ատեն զայն կը փաթթեն սովորական չիթարա կտորով մը։ Մկրտութեան արարողութենէն ետք նորածինին ընտանիքը կը կազմակերպէ մեծ խնճոյք մը, տօնելու համար այս ուրախ առիթը։ Արու զաւակներուն պարագային ուրախութիւնը աւելի մեծ է, այս առիթով մատաղ կ՚ընեն եւ միսն ալ մեծ մասամբ կը բաժնեն աղքատներուն։ Իսկ մատաղին ամենէն համեղ բաժինները կը նուիրեն քահանային եւ կնքահօր։ Այս վերջինը նաեւ իր վերջին խօսքը ունի երախային անուանակոչութեան մէջ։ Սովորութիւնը այն է, որ արու զաւակին կը տրուի մեծ հօր, հօր կամ հօրեղբոր անունները, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչեան դէմքերու անուններ։ Իսկ 19րդ դարու վերջին տարիներէն սկսեալ կ՚ընդհանրանայ հայկական պատմական անուններու ընտրութիւնը [30]։

Բարջանճ (Բերջենճ/Աքչաքիրազ) գիւղի Տէր Նշան քահանան (մահացած 1905-ին) եւ իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Մկրտութեան յաջորդող առաջին կիրակին, կին ազգականներ եւ բարեկամուհիներ նորածինը շնորհաւորելու կու գան եւ իրենց հետ անպայման կը բերեն ուտելիք-խմելիք եւ այլ նուէրներ։ Ասոնք ընդհանրապէս կ՚ըլլան գինի, մեղրէ կամ ռուպէ պատրաստուած մալէզ, չամիչ, պաստեղ, ռոճիկ (շարոց), լեպլեպու, երախայի զգեստներ, մօր համար լաչակ, խութնիէ կարուած կրծկալ։ Այս այցելութիւնը, որուն կ՚ընկերակցի կերուխումը, կը սկսի կէսօրէ ետք եւ կը տեւէ մինչեւ ուշ երեկոյ։ Այս առիթով յաճախ կը լսուի նորածինին ուղղուած մաղթանքը. «ծլիս, ծաղկիս, պլպլկիս»։ Իսկ մօրն ալ կը մաղթեն տաստաճաղը լեցնելու յարատեւութիւն։ Այս մէկը ոստայնանկութեան գործիքն է (տէզկեահ), որուն վրայ կը շարուին 12 մասուրաները, այսինքն եղեգնեայ բարակ եւ փողանման շերտերը, որոնց վրայ կը ոլորուի թելը։ Այս մաղթանքը բնականաբար փոխաբերական է եւ կը նշանակէ 12 զաւակ ունենալ [31]։

Ծնունդ տուող մայրը պէտք է քառասուն օր շարունակ շատ զգոյշ ըլլայ եւ իր առողջութեանը վրայ լաւ հսկէ։ Խարբերդի դաշտի գիւղերուն մէջ սովորութիւն է որ ծնունդին յաջորդող առաջին այս շաբաթներուն ընթացքին մօր անկողինին աջ կողմը թոնիրի ակիշ եւ խաչըրկաթ դրուի։ Այս վերջինը եռաթեւ երկաթեայ առարկայ մըն է, զոր թոնիրին վրայ կը հաստատեն՝ կաթսաներու յատակի նեցուկ ծառայելու համար։ Բացի այս, նորածինին եւ մօր անկողինները մազէ պարանով կը պատեն։ Այս բոլորը յուռութներ են, որոնք չար ոգիները (ալք եւ շըւոտ) հեռու կը պահեն երախայէն եւ իր մօրմէն։ Այլապէս, շըւոտը կու գայ եւ իր ակիշով մօրը լեարդը կը քաշէ ու կը հանէ, իսկ երախան ալ գողնալով, զայն կը փոխէ ալքերու ծնունդ տգեղ եւ տհաս զաւակով մը։ Այս պատճառով ալ, գոյութիւն ունի ժողովրդային արտայայտութիւն մը՝ տգեղ փոքրիկները կոչելու «ալքու փոխած» [32]։ Բողոքական ընտանիքներուն մէջ այսպիսի հաւատները կը վերնան, բայց Մանուկ Ծերօն կը նշէ իր մօրմէն լսած պատմութիւն մը, որ բաւական արտայայտիչ է այս իմաստով։ Այսպէս, մայրը «բրոտ» (բողոքական) դառնալէ ետք այլեւս կը դադրի ծնունդէն ետք իր կողքին ակիշ դնելէ կամ խաչակնքելէ, նկատի ունենալով որ ասոնք հեթանոսական արարքներ կը համարուին։ Բայց երբ Մարիամը (դուստրը) կը ծնի, գիշերը իր ցաւերուն մէջ առջեւը կը ցցուի «գժոժ [խառնիխուռն], էրկան մազերով, սեւռնոտ [սրածայր] ժանիքով, երկան՝ ցից առղաներով [ակռայ], չանկըլուած [կեռ] ըղունկներով [եղունգ], խրչլոտ [հինցած] ջոթով [լաթ], կեղտոտ եւ այլանդակ շըւոտը» որ «կայներ է եաթաղին [անկողինին] ոտնակոշը, ձառքերը օրանին կողմը էրկնցուցած»։ Մայրը, սարսափած, կը գոռայ ու ամուսինին կ՚ըսէ. «Աման, մարդ, չապիկ [արագ] թոյրին [թոնիր] ակիշը բեր» ու կը շարունակէ. «Պապըդ ակիշը դրաւ կողմըս, կռապաշտ մռապաշտ, երեք անգամ խաչ հանեցի, շըւոտը իզկորուստ եղաւ, հրամանը Տիրուն» [33]։

Մահ (մայ) եւ թաղում

Իչմէ. ոտքի, աջէն ձախ՝ Վարդեր Օնանեան, Աւետիս Անտոնեան (մեռնողին եղբայրը), Աւետիսին որդին (անունը անծանօթ), Աւետիսին կինը (անունը անծանօթ), ծունկի կինը՝ անծաօթ։ Ննջեցեալը Վարդերին մայրն է (անունը անծանօթ)։ Լուսանկարուած հաւանաբար սգաւոր ընտանիքին տան առջեւ։ Հետաքրքրական է տեսնել որ տունը թղթատարական արաբատառ թիւ ունի (թիւ 20 կամ 30) (Աղբիւր՝ Արա Ճինկիրեան եւ Հուրիկ Զաքարեանի հաւաքածոյ)

Գիւղերուն մէջ սովորութիւն է մահացած անձը տան դորդանը հանել ու կամի մը կամ այլ տախտակի մը վրայ զետեղել։ Այստեղ, դին կը լուան ու կը մաքրեն, շապիկ ու վարտիք կը հագցնեն, իսկ յետոյ ալ նոր եւ երբեք ջուրով չլուացուած երկար կտաւով մը կը պատեն զայն։ Կտաւին երեսը ծածկող բաժինը քանի մը տեղերէ կը ծակծկեն, մեռեալին թեւերը խաչաձեւ կուրծքին վրայ կը ծալլեն, իսկ ոտքերուն բթամատներն ալ իրարու կը կապեն։ Այս վիճակով է որ դին կը դնեն դագաղին մէջ, որ ընդհանրապէս վրան բաց է։ Ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին մեռեալին տունը, հոս կու գայ նաեւ ժողովրդական երգիչ մը, որ մահերգներով աւելի եւս կը փորձէ յուզել ներկաները։ Ապա սգաւորներու թափօրը, քահանային առաջնորդութեամբ, կ՚ուղղուի եկեղեցի։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք եւ արեւը տակաւին մայր չմտած, թաղմանական թափօրը կ՚ուղղուի այս անգամ գերեզմաննոց, ուր տեղի կ՚ունենայ նաեւ թաղումը։ Կիները չեն երթար գերեզմաննոց։

Սովորութեան համեմատ, ննջեցեալին հարազատները 40 օր հագուստ չեն փոխեր, ոչ ալ լոգանք կ՚առնեն։ Բացի այս, տղամարդիկը երեսնին չեն ածիլեր, մինչեւ քառասունքի հոգեհանգստեան պատարագը։ Հոգեհանգիստի օրը տեղի կ՚ունենայ նաեւ հոգեճաշը, որ ընդհանրապէս կ՚ըլլայ քէշկէկ (քաշկակ, հերիսա)։ Ունեւոր ընտանիքներ այս առիթով կը հրաւիրեն նաեւ գիւղին բոլոր աղքատները [34]։

Խարբերդ քաղաք, 1914. Խաչատուր էֆենտի Թէվրիզեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ննջեցեալին ճիշդ ետեւը կանգնած է Խարբերդի Առաջնորդ Պսակ Ծ. Վրդ. Տէր Խորէնեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

1. Բազմաշէն (Պիզմիշին, ներկայիս Սարըչուպուք). Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)
2. Խուլագիւղի (Հուլվենք/Շահինքայա) գերեզմաննոցին մէջ՝ Մեռելոցի օր մը (Վահէ Հայկ, op. cit.)
3. Հիւսէնիկի գերեզմանատան մէջ յուղարկաւորութեան մը ընթացքին (Վահէ Հայկ, op. cit.)

Զատիկին, կարգ մը գիւղերու գերեզմաննոցները – ինչպէս օրինակ Հիւսէնիկի մէջ – կը վերածուին մեծ հաւաքավայրի մը, ուր ամբողջ գիւղը կը խմբուի, այստեղ կը ճաշեն, խաղեր կը կազմակերպեն, եւ անշուշտ նաեւ իրենց ննջեցեալներու գերեզմաններուն այցելութիւն կու տան [35]։

Խարբերդի գիւղերէն ներս բողոքականութեան եւ կաթողիկէութեան մուտքէն ետք, խնդիրներ կը ծագին ոչ-լուսաւորչական հայերու թաղումի ժամանակ։ Շարք մը գիւղերու մէջ այս համայնքները թիւով այնքան քիչ են, որ անոնք սեփական եկեղեցի եւ գերեցմաննոց չունին մը։ Իսկ համագիւղացի լուսաւորչականներն ալ դէմ կը կանգնին այսպիսիներուն իրենց գերեզմաննոցին մէջ տեղ տալու։ Այսպիսի դրուագ մը կը պատմէ Մանուկ Ծերօն։ Այսպէս, Բարջանճի մէջ Սրապենց Աստուրը կաթողիկէ կ՚ըլլայ իր ամբողջ ընտանիքով։ Այս համայնքը եկեղեցի եւ գերեզմաննոց չունէր գիւղին մէջ։ Այնպէս որ Սրապենց Աստուր երբ կը մահանայ, հարց կը ծագի թէ ուր պիտի թաղուի։ Լուսաւորչականները կը մերժեն անոր մարմինը թաղել իրենց տարածքէն ներս, այնպէս որ հանգուցեալին մարմինը ամբողջ ամիս մը կը մնայ իրենց այգին։ Այս հարցով Մեզիրէի հայ կաթողիկէ համայնքի կրօնապետը կը միջամտէ իշխանութիւններուն մօտ, որոնք պաշտօնակատարներ կ՚ուղարկեն Բարջանճ եւ լուսաւորչական գերազմանատան մէջ փոս փորել կու տան։ Բայց ժողովուրդը կը խուժէ վայրը եւ կ՚արգիլէ որ այս «լատինը» թաղուի իրենց հարազատներուն կողքին։ Ի վերջոյ Աստուրին մարմինը կը թաղուի Շինթիլ տանող ճամբուն վրայ տեղ մը [36]։

Գրիգոր Տէր Յակոբեանի թաղումը, 1908. Հիւսէնիկի Ս. Վառվառ եկեղեցիի գաւիթը (Աղբիւր՝ Marderos Deranian, op. cit.)

  • [1] Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938, էջ 112-113։
  • [2] Նոյն, էջ 113։
  • [3] Յակոբ Ղարիպ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը մեր եւ սիրոյ արիւնոտ ածուներ, Ֆրանսա, 1967, էջ 73։
  • [4] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 113։
  • [5] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 74։
  • [6] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 113։
  • [7] Նոյն։
  • [8] Նոյն, էջ 114։
  • [9] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 75-76։ Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 114։ Ապտալ Գոլէճ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1930, էջ 126։
  • [10] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 114։ Կ.Յ. Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965, էջ 121։ Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963, էջ 69։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 75, 80։
  • [11] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 114։
  • [12] Նոյն։
  • [13] Նոյն, էջ 115։
  • [14] Նոյն։
  • [15] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 77-79։
  • [16] Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 120-121։
  • [17] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 115։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 79։
  • [18] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 115։ Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 119։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 81-82։ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն…, էջ 125-128։
  • [19] Հապուսի գիւղին պատմութիւնը…, էջ 70։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 82։
  • [20] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 115։ Ահարոնեան, Հիւսէյնիկ…, էջ 121։ Հապուսի գիւղին պատմութիւնը…, էջ 70։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 81։
  • [21] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 116-117։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 82-84։ Marderos Deranian, Hussenig. The origin, history, and destruction of an Armenian town, translated by Hagop Martin Deranian, Armenian Heritage Press, Belmont, 1994, էջ 128։
  • [22] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 117։ Հապուսի գիւղին պատմութիւնը…, էջ 71։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 85-87։ Deranian, Hussenig…, էջ 127։
  • [23] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 87-88։
  • [24] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 117։
  • [25] Նոյն։
  • [26] Նոյն։
  • [27] Նոյն։
  • [28] Նոյն, էջ 118։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 66։
  • [29] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 118։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 63։ Deranian, Hussenig…, էջ 129։
  • [30] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 119։ Հապուսի գիւղին պատմութիւնը…, էջ 72։
  • [31] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 66։
  • [32] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 119։ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 63-64։
  • [33] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 119։
  • [34] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 90-92։ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959, էջ 1324։
  • [35] Deranian, Hussenig…, էջ 35-36։
  • [36] Մանուկ Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 142։