Ֆրեզնօ, Յունուար 1906. Պաղտասարեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ Վարդենի, Զարուհի, Պաղտասար, Աւետիս (Աղբիւր՝ Պեքսթըր ընտանիքի հաւաքածոյ)

Վերին Խոխ գիւղի յուշամատեանը

Հեղինակ՝ Պաղտասար Պաղտասարեան (1864-1934)

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Պաղտասար Պաղտասարեան մօտաւորապէս 24 տարեկան էր, երբ 1888 ին վերջնականապէս կը լքէ իր հայրենի գիւղը՝ Վերին Խոխը (ներկայիս Տէտէյոլու), եւ կը գաղթէ դէպի Միացեալ Նահանգներ։ Ան իր կրթութիւնը ստացած է Խարբերդի դաշտին մէջ գտնուող այս գիւղին հայկական վարժարանին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ որ նախակրթական դասարաններէն աւելի անդին անցնելու հնարաւորութիւն չէ ունեցած։ Իր հայերէն գրութիւնը չափազանց պարզ է, խօսակցական է, քերականական եւ ուղղագրական սխալները առկայ են ամէնուր։ Նոյն ժամանակ յայտնի է որ հայերէնը ինքզինք արտայայտելու լաւագոյն միջոցը եղած է։

Գրական լեզուի մը լաւ չտիրապետելը, անսխալ գրելու անընդունակութիւնը թերեւս շատերու համար անյաղթահարելի արգելք մը կը հանդիսանայ գրական աշխատանքի մը ձեռնարկման առջեւ։ Բայց Պաղտասար Պաղտասարեան փաստօրէն անտեսած է այս արգելքը եւ մեզի ժառանգ ձգած է հարիւր ձեռագիր էջերէ բաղկացած յուշամատեան մը, որուն մէջ կը պատմէ իր գիւղին՝ Վերին Խոխի պատմութիւնը, մինչեւ այն ժամանակները ուր ինք ապրած է այնտեղ։

Հայերէն բնատիպը այստեղ կը ներկայացնենք չնչին փոփոխութիւններով միայն։ Մեր կողմէ գլխաւոր միջամտութիւնը եղած է ուղղագրական սխալներուն սրբագրութիւնը։ Բայց ոչ միշտ։ Այսպէս, երբ անոնք բարբառային են (այս պարագային Խարբերդի տարածքի բարբառը), պահած ենք զանոնք իրենց հարազատ ձեւով։ Օրինակ, հեղինակը կը գրէ «հարաֆ», բայց պէտք է հասկնալ «հարաւ»։ Շատ մը տեղեր կէտադրութիւն ալ աւելցուցած ենք, նկատի ունենալով որ հեղինակը հազուադէպօրէն այս միջոցին կը դիմէ։ Բայց ասկէ զատ թեքսթին շարադասական եւ քերականական կառուցուածքը ընդհանրապէս պահած ենք նոյնութեամբ՝ Պաղտասար Պաղտասարեանի իւրայատուկ լեզուն եւ բարբառային ու խօսակցական գրելաձեւը մեր կողմէ չաղաւաղելու մտավախութեամբ։

Ինչո՞ւ գրած է Պաղտասար Պաղտասարեան այս աշխատանքը, հակառակ իր լեզուական դժուարութիւններուն։ Կը կարծենք որ այս մէկը հարցում մըն է որ ուղղուած է ամբողջ սերունդի մը, որ յետ-Ցեղասպանութեան տարիներուն ապրած է հայկական նորակազմ Սփիւռքին մէջ։ Կորուստին ցաւը, կարօտախտը, արդարութեան պահանջը, ասոնք բոլորը զգացումներ են զորս այդ սերունդի հարիւրաւոր, թերեւս նաեւ հազարաւոր ներկայացուցիչներ ապրած են երբ գրիչ ձեռք առած են ու սկսած են իրենց հայրենի տունին, գիւղին եւ քաղաքին իրենց յիշած անցեալը գրել։ Ասոնք են յուշագրական իրենց նախաձեռնութեան գլխաւոր շարժառիթները։ Առանց այս զգացումներուն այս հեղինակները հաւանաբար նոյն սլացքով եւ նոյն ջանասիրութեամբ անցեալի կեանքը վերակառուցելու գործին պիտի չձեռնարկէին։

Այո՛, պէտք էր մէկը թուղթին յանձներ Վերին Խոխի հայկական պատմութիւնը, անցեալը, երբ նոյն գիւղին հայկական բնակչութիւնը բնաջնջուած էր, իսկ տեղի հայկական կեանքը կործանուած առյաւէտ։ Ահաւասիկ այսպիսի պայմաններու մէջ, Պաղտասար Պաղտասարեանի նման անձեր կը դառնան իրենց գիւղին կամ քաղաքին պատմագիրը, յուշագիրը։ Այստեղ ալ կը կայանայ գիրքին անգնահատելի արժէքներէն մէկը։ Առանց Պաղատասար Պաղատասարեանի ճիգին երբեմնի հայաբնակ այս վայրը պիտի մնար անյուշ, անվկայ։ Հրատարակուած գիրքերու մէջ շատ քիչ բան գիտենք Վերին Խոխի մասին, միայն քանի մը էջ տեղեկութիւններ կան Վահէ Հայկի եւ Մանուկ Ճիզմէճեանի Խարբերդի շրջանին մասին գրուած հաստափոր գիրքերուն մէջ [1]։ Իսկ Պաղտասարեան իր այս անտիպ գործը գրած է 1930-ական թուականներուն, Ֆրեզնոյի մէջ, իսկ կարճ ժամանակ ետք ալ մահացած է։

Պաղտասար Պաղտասարեանի օրինակով իրենց գիւղին կամ քաղաքին յուշագիրը դարձած հեղինակներու գործերը միշտ չէ որ հրատարակուած են։ Անոնցմէ շատեր – ինչպէս էր պարագան այս գործին – կը շարունակեն մնալ ընտանեկան կամ այլ արխիւներու մէջ։ Մեր կայքէջի էջերուն մէջ որոշած ենք յատուկ տեղ տալ այս տեսակ յուշամատեաններու եւ յոյսով ենք, որ մեր այցելուները մեզի կ՚ուղարկեն իրենց ընտանեկան արխիւներուն մէջ մնացած անտիպ յուշագրութիւններ, նամակներ, նօթեր, եւայլն։ Մենք պատրաստ ենք այս տեսակ գրութիւններու վրայ աշխատիլ եւ զանոնք հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել։

Պաղտասար Պաղտասարեանի թեքսթը եթէ մէկ կողմէ կը յատկանշուի գրական իր թերութիւններով, անդին նոյն հեղինակը իր այս յուշամատեանին մէջ ցոյց կու տայ վերլուծական մեծ կարողութիւն, երբ կը բացատրէ գիւղին ընկերային կառուցուածքը, տեղի հայերուն եւ թուրքերուն փոխ-յարաբերութիւնները, գիւղի պէկին իշխանութիւնը, պետական համակարգին բացակայութիւնը, պետութիւն եւ պէկերու իշխանութիւն յարաբերութեան հոլովոյթը, եւայլն։

Սոյն յուշամատեանին մէջ կարեւոր տեղ ունի բանաւոր պատմութիւնը։ Հեղինակը այս վկայութիւնները լսած է գիւղին մեծերէն՝ հայեր եւ թուրքեր։ Թուականները շատ յստակ չեն, բայց յայտնի է որ անոնք կը վերաբերին 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն տեղի ունեցած անցքերու։ Իսկ գիւղին պատմութիւնը մեծ մասամբ հիմնուած է այստեղ իշխած իրերայաջորդ պէկերուն եւ աղաներուն կենսագրութեան վրայ։ Կարծես անիկա ըլլայ զիրար յաջորդած թագաւորներու պատմութիւն մը, իւրաքանչիւրին իշխանութեան օրով պատահած կարեւոր իրադարձութիւններով. Ալէհ պէկ, Զիլֆօ պէկ, Մամօ պէկ, Ասաֆ աղա, Իսակ աղա, եւայլն։ Ահաւասիկ շարքը Վերին Խոխի իշխանաւորներուն։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը գիւղին հայ եւ թուրք բնակչութիւններուն վրայ ընդհանրապէս միահեծան իշխած է։ Բացի գլխաւոր պէկէն կամ աղայէն, Վերին Խոխի մէջ գոյութիւն ունեցած են նաեւ այլ կալուածատէր թուրք աղաներ, որոնց կը տրուէր իշխող պէկին կամ աղային ուշախուշագ (ծառայ) անունը։ Հայ երկրագործ խաւը այս աղաներուն եւ պէկերուն մարապաները (ճորտ) եղած են։ Այլ խօսքով իրենց մշակած արտը պէկերուն եւ աղաներուն սեփականութիւնն էր, բայց հայ մարապան կրնար օգտուիլ իր բերքին կարեւոր մէկ բաժինէն։ Պաղտասարեան մանրամասնութիւններ կը նշէ իրենց գիւղէն ներս օսմանեան պետական իշխանութեան հզօրացումին, ի հեճուկս աղա-պէյ համակարգին, որուն իբրեւ արդիւնք հայերը հնարաւորութիւնը կ՚ունենան մարապայի կարգավիճակէն դուրս գալու։ Բայց հեղինակը նոյն ժամանակ կը շեշտէ որ այս փոփոխութիւնը ունեցած է իր հակասութիւնները եւ անիկա հայ գիւղացիին կեանքի պայմաններուն բարելաւում չէ բերած անպայմանօրէն։

Առանձին հետաքրքրութեան արժանի են ռուս-թրքական պատերազմին (1877-1878) ընթացքին Վերին Խոխ գիւղէն հայ կամաւորներու զինուորագրութիւնը օսմանեան բանակին մէջ։ Նոյնպէս հետաքրքրական է Պաղտասար Պաղտասարեանի նկարագրութիւնը գիւղէն ներս բողոքականութեան մուտքին։ Հեղինակը այս բոլոր անցքերուն շատ յաճախ ուղղակի վկան է։

Ինչպէս բազմաթիւ այլ յուշամատեաններու մէջ, Պաղտասար Պաղտասարեանի աշխատանքին մէջ եւս բազմիցս կը կրկնուին թուրքին նկատմամբ քլիշէ արտայայտութիւններ։ «Ծուլութիւն», «բռնութիւն», «խաբեբայութիւն». այսպիսի արտայայտութիւններ երբեմն կրնան ծնունդ ըլլալ յետ-Եղեռնեան ժամանակաշրջանի ազդեցութիւններու։ Ասոնք սակայն չեն կրնար նսեմացնել Պաղտասարեանի աշխատանքին իսկական արժէքը. համոզուած ենք, որ անիկա Վերին Խոխ գիւղի մանրապատմութեան ընդմէջէն՝ նոր լոյս կը սփռէ Օսմանեան ժամանակաշրջանին հայերու եւ թուրքերու համակեցութեան եւ յարաբերութիւններու հոլովոյթին պատմութեան վրայ։

Յուշամատեանին ժամանակագրութիւնը կանգ կ՚առնէ 1895-ի ջարդերուն նախօրեակին, երբ Պաղտասար Պաղտասարեան արդէն գաղթած է Միացեալ Նահանգներ։ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի օրով կատարուած հակահայ այս բռնութիւններուն ընթացքին Վերին Խոխը՝ Խարբերդի դաշտի հայաբնակ գիւղերուն եւ քաղաքներուն շարքին ամէնէն ծանր մարդկային վնասները կրող վայրերէն մէկը կ՚ըլլայ։ Զոհ կ՚երթան աւելի քան 100 հայեր։ Այնուհետեւ Վերին Խոխի բնակիչները մեծ մասամբ կը գաղթեն Մեզիրէ, Խարբերդ քաղաք կամ Միացեալ Նահանգներ։ Միայն 40 հայ ընտանիք կը շարունակէր բնակիլ այստեղ 1915-ի Ցեղասպանութեան նախօրեակին:

Ընդհանուր 100 էջ հաշուող այս ձեռագրէն ստորեւ կը ներկայացնենք առաջին 25 էջերը։ Մնացեալ բաժինները մեր էջերուն մէջ պիտի տեղադրենք յաջորդող շաբաթներուն։

Փարլիըր (Ֆրեզնօ Քաունթի, Քալիֆորնիա), 17-18 Ապրիլ 1920։ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերու 4-րդ Շրջանային համաժողովը։ Պաղտասար Պաղտասարեան մասնակիցներէն մէկն էր։ Լուսանկար՝ Գ. Գ. Նաճարեան (Աղբիւր՝ Պեքսթըր ընտանիքի հաւաքածոյ)

Խարբերդի դաշտը իր հայկաբնակ գիւղերով ու քաղաքներով։ Քարտէսին մէջ Արածանի/Արեւելեան Եփրատ/Մուրատչայ գետը կ՚երեւի իր այսօրուայ հունով, նկատի ունենալով հոն կառուցուած քանի մը ամբարտակներ փոխած են գետին հոսանքը։ Քարտէսը պատրաստած է Ճորճ Աղճայեան եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի խումբին կողմէ։

Այժմու անուններ. 1|Քաւաքփընար; 2|Քաւաքալթը; 3|Էլմափընարը; 4|Սարայպաշը; 5|Քուշլույազը; 6|Ալփայութ; 7|Այըպայ Քէօյ; 8|Օպուզ; 9|Սարըչուպուք; 10|Չէօթելի; 11|Հարմանթեփէ; 12|Հազար; 13|Կիւզէլեալը; 14|Ուզունթարլա; 15|Քորուճու; 16|Ետիկէօզէ; 17|Իքիզտեմիր; 18|Եօլիւսթիւ; 19|Էօրենճայ; 20|Եուրթպաշը; 21|Ուլուքենթ; 22|Իչմէ; 23|Քարշըպաղ; 24|Կիւնթաշը; 25|Քըզըլայ; 26|Հարբութ; 27|Տէտէյոլու; 28|Քաւաքթեփէ; 29|Շահինքայա; 30|Քըրաճ; 31|Կուրպէթ Մեզրէ; 32|Կիւմիւշքաւաք; 33|Քույուլու; 34|Ենիքափը; 35|Քոնաքալմազ; 36|Քէօրփէ; 37|Էլազիկ; 38|Մոլլաքենտի; 39|Չաթալչեշմէ; 40|Մունզուրօղլու; 41|Եիւնլիւճէ; 42|Պայլարճա; 43|Աքչաքիրազ; 44|Սարայ; 45|Սարըքամըշ; 46|Չայլար; 47|Կիւնկօրէն; 48|Պահչէքափը; 49|Աշայը Պաղ; 50|Եուքարը Պաղ; 51|Օլկունլար; 52|Դատըմ; 53|Տողանքուշ; 54|Եազըքոնաք; 55|Քուշհանէ; 56|Սինան; 57|Վիրանէ Մեզրէ; 58|Աքսարայ; 59|Ենեճի; 60|Ալթընչեւրէ; 61|Տեյիրմէնէօնիւ; 62|Մուրաթճըք; 63|Չաքըլ; 64|Քափլըքայա; 65|Էրպիլտի; 66|Սալքայա; 67|Իկոփքոյ; 68|Չաքմաքէօզիւ; 69|Տալըճա

Վերին Խոխի (ներկայիս Տէտէյոլու) յուշամատեան

[էջ 1] Վերի Խոխ անուամբ կոչուած ծանօթ գիւղը Խարբերդ քաղաքէն 20 մղոն դէպի հարաֆ երեք լեռներու մէջ շինուած է՝ հարաֆային կողմը ցցուած է Սիրուիճէ կոչուած լեռը, որ սրածայր եւ անմատչելի գագաթով պաշտպան կը հանդիսանայ հարաֆի սաստկաշունչ հովերուն դէմ, իսկ արեւմտեան կողմը կը պաշտպանուի Բաղդաջուխ կոչուած լեռը [լերան կողմէ], որ կցուած է Խաչիկ Օղլի կոչուած բլուրին հետ եւ այս վայրը հինաւուրց օրերէն ճանչցուած է ուղխտատեղի թէ հայոց եւ թէ այլ ազգերուն համար, մանաւանդ երիտասարդներ ունին փափաքին գոհացում տուող տեղ, երբեմն ալ սուրբ պատարագ մը մատուցուի ատ վայրը։

Ծովք/Կէօլճիւք լիճէն համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական, Նիւ-Եորք, 1959)

Նաեւ հիւսիսային կողմը ոչ անչափ բարձր տաբարակ բլուր մը կայ, այնպէս որ արգելք չըլլար հիւսիսային զով օդը բնակչութեան հասնելուն։ Սակայն արեւելեան կողմը բոլորովին բաց է այնպէս որ երբ առաւօտեան պայծառ արեւը կը ցայտէ իր առաջին ողջոյնը Խոխի բնակչութեան կը հանդիպի, որոնց հաճոյքը կ՚ըլլայ անպատմելի։

Գիւղին մէջ տեղէն խորունկ ձոր մը կայ արեւմուտքէն դէպի արեւելք կ՚երթայ եւ ատ ձորին անունն է Չելէպէ Տերեսի։ Հայեր [զայն] կը կոչեն Չելեպոնց ձորը, բաւական խորունկ է, տեղ կայ 300-400 ոտք խորունկ կը հաշուըւի։ Ամառը ջուր չկայ, բայց գարնան եղանակին երբ ձիւները կը սկսին հալիլ, մանաւանդ երբ անձրեւ ալ կը տեղայ, մէկ կողմէն միւս կողմի (…) [էջ 2] այս ձորին հարաֆի կողմը ընդհանրապէս թուրքեր կը բնակին եւ հիւսիս կողմը հայերը։ Գրեթէ հայոց եւ թուրքերուն քանակը նոյնն է, ընդհանրապէս չորս հարիւր տուն կը հաշուըւի Խոխ գիւղը՝ կէսը հայ, կէսը թուրք։ Հայոց կողմը աւելի առաւելութիւն ունի, որովհետեւ շուկան, առուտուրը, արհեստաւորներ հայոց թաղը կը գտնուին։ Նաեւ՝ նոր լուրերը, ուրիշ գիւղերէն գալող քիւրտերը, նաեւ հայեր, մինչեւ իսկ կառավարութեան կողմէն ղրկուած ոստիկանները։ Հայոց թաղը կը գտնուին նոյնպէս եկեղեցին, ժողովարանը եւ մանաւանդ Աւետաբեր թերթ մըն ալ կու գար հայոց թաղը։ Այնպէս որ բոլոր առաւելութիւնները հրապուրիչ դարձուցած էին հայոց թաղը թուրքերուն համար։ Թուրքերուն կողմը եթէ տեղ մը կար ուր կը հաւաքուէին՝ ան ալ մզկիթին շուրջն էր, երբ խօսակցութիւնները կը հատնին, կը ձանձրանան, խումբով կ՚որոշեն շուկայ երթալ, քիչ մըն ալ դէմի թաղը երթանք մէկը կ՚առաջարկէ, արդէն յայտնի է ամէն հայու, որ թուրքերը գործել շատ չեն սիրեր եւ երբ շուկան կու գան ոմանք քիչ մը առուտուր կ՚ընեն, ոմանք ժամանակնին այլ եւ այլ խօսակցութեամբ կ՚անցնեն, այնպէս որ հոս-հոն պտտելով օրերնին կ՚անցնեն մինչեւ որ կէսօր ըլլայ կամ իրիկուն, որ տուներնին երթան։ Երբեմն կատակի ձեւով իրենց նախանձը կը յայտնեն ըսելով թէ թուրքերը հայոց համար կը գործեն, հայերը պիտի (…) [էջ 3] թուրքերը ամէն մէկ ատեն առեւտրական սպասարկութիւն։ Նաեւ առեւտրական ծառայութիւնները անարգ բան մը կը սեպէին եւ առեւտրականները եւ արհեստաւորները տեղ մը ստորին դասակարգին կը դասէին։ Թէեւ մենք հայերս պատուաւոր արհեստներ ունէինք, որոնք մեզի լաւ ապրուստ կը հայթայթէին, որոնք պիտի թուեմ ընթերցողին գաղափար մը տալու համար թէ ինչ տեսակ արհեստներ, նաեւ ինչ տեսակ առուտուր ունէինք որ միմիայն հայերն էին ատ ծառայութեան եւ սպասարկութեան մէջ գտնուողները։ Տասը կամ տասնհինգ նպարավաճառներ, որոնցմէ ոմանք յաւելուած ունէին, թէ տեղական եւ թէ եւրոպական կտաւեղէններ, մանուսաներ, տպածոներ, թիթեղէններ, երկաթեղէններ, պտուղեններ, շաքարեղէններ եւայլն, ինչ որ ատ ճիւղին կը վերաբերի։ Երկու կանոնաւոր մսագործներ (լայսընսով [license]) եւ շատ մը անկանոն մսագործներ, որոնք երբ ձեռքերնին անցնի առջար կամ ոչխար որեւէ տեղ կը մորթեն, կը ծախեն իրենց գիներով, այսինքն ժամանակի պահանջին համեմատ։

Պաղտասար Պաղտասարեանի ձեռագիրէն էջեր՝ իր գիւղին պատմութեան մասին։

Տասը կամ աւելի երկաթագործ եւ պայտար, ոմանք ալ գիւղերը կը պտտէին ձիերը կամ էշերը կը պայտէին, նաեւ իրենց շինած բահերը, դանակները, զմելիները կը ծախէին։

Տասնհինգէն աւելի կօշկակար, [նոյնքան ալ] տապաղչի (1), նաեւ շատ մըն ալ հնակարկատ (էսկիճի քէշկէր) (2)։ [էջ 4] Տասնհինգ կամ աւելի դերձակ, ոմանք իրենց սփական տեղը ունէին, ոմանք ուրիշի համար կը կարէին։ Տասնհինգէն աւելի որմնադիր, որոնց պաննան կը կոչէին։ Տաս (…) դերձակ՝ չուլճի (3) կամ սեմերճի (4)։ Երեք սափրիչ (մէկը թուրք), մէկ սրագործ (խլընճի) (5)։ Երեք կարպետ գործող։ Մէկ (երբեմն աւելի) հացի փուռ։ 2 խալայճի (պղնձէ ամաններ մաքրող) (6)։

8 հատ մասնաւոր տէզերկար, որ պլղուրը եւ ծեծածը թեփէն կը հանէին, նաեւ պլղուրը կաղային՝ խոշորը զատ, մանրը զատ։ Ատոնց մէկը թուրք էր։ Չորս հիւսն (նաճար) (7)։ Ընդհանուր առմամբ բոլոր հայ տուներուն մէջ կտաւ գործելու հօր (տէզկայ) (8), նաեւ մանած մանելու ջայր կը գտնուի։ Թուրքերուն տուներուն մէջ ալ կը գտնուի գործելու եւ մանելու գործիքները, բայց անոնք միայն իրենց տունին գործածութեանը համար են։ Բայց հայերը բոլոր շրջակայ գիւղերու քիւրտերու կտաւները կը գործեն, շատերուն ապրուստի միջոցը միայն ատ է։

Չորս հատ ալիւրի աղօրիք կայ գիւղէն մէկ մղոն հեռաւորութեամբ՝ մէկ գծի վրայ։ Թէեւ ջաղարջը [իմա՛ ջաղացքը] թուրքերունն է, բայց աղօրեպանները հայեր են։ Քսանէ աւելի բամպակ աղնող, նաեւ նոյն թիւով կամ աւելի ճըռճըռ կտնող կայ։ Վեց կամ աւելի հովիւ՝ մեծ մասը թուրք են։ Տասը այգիի պահապան, [մեծ մասամբ թուրքեր]։ [էջ 5] 30 հատ երկրագործներ, (…), հինգ թմբկահար (տաւուլճի), նոյն թիւով կամ աւելի փողահար (զուռնաճի)։ [Կան նաեւ] բազում փերուզակներ, հնակարկատներ, դանակ սրողներ։ [Ասոնք] կալ ժամանակը կը խռնուին շրջակայ գիւղերը, որոնք ընդհանրապէս քիւրտերու գիւղեր են, գրեթէ երկու հարիւրէն աւելի գիւղեր կը հաշուեն լեռներու վրայ, լեռներու ստորոտները՝ մեծ ու փոքր գիւղեր։ Յիշեալ փերուզակները քանի մը ամսուան մէջ կը ճարեն իրենց օրապահիկը յիշեալ գիւղերէն։ Ուրիշ պարագաներու այդ գիւղերու բնակիչները իրենց պիտոյքները կը գնեն Խոխի գիւղէն, իսկ իրենց արտադրած ապրանքներն ալ վաճառելու համար կը բերեն Խոխ գիւղը։ Խոխեցիք միշտ ալ պէտք ունին անոնց բերած ապրանքները, որոնք են ցորեն, գարի, եգիպտացորեն, կորեկ, կով, մագի, այծ, ուլ, գառնուկ, հաւ, հաւկիթ, պանիր, կարագ, բանջարեղէն։ Ասոնք կը փոխանակեն բամպակի եւ մանածի հետ։

Վերին Խոխ (ներկայիս Տէտէյոլու) գիւղէն ընդհանուր համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական, Նիւ-Եորք, 1959)

Գիւղը, ամառ թէ ձմեռ, գրեթէ միշտ խռնուած վիճակի մէջ է, այնպէս որ գիւղը քաղաքի կերպարանք կ՚առնէ երբ քիւրտեր գիւղ գան։ [Անոնք] պարապ չեն գար, ծախելու համար բան մը կը բերեն։ Եթէ ուրիշ բան չունենան, անոնք միշտ ալ փայտ ունին, ցախ, կաղնիի ոստեր։ Ժողովուրդը տանիքը կը պառկի ամրան գիշերները եւ ատ ցախ […] [էջ 6] կը շինեն, ձմեռն ալ կը վարեն փակցանքի [կրակը սկսելու դիւրավառ նիւթ] համար, ոմանք ալ այծերուն կը կերցնեն։ Այնպէս որ քիւրտերուն բերած ապրանքները միշտ ալ պիտանի եղած են եւ ամէն բան ծախուած է թէ աժան, թէ թանկ, այնպէս որ քիւրտերը մեզի պէտք էին, մենք ալ իրենց։

Նկարագրեցի ձեզի Խոխ գիւղին դիրքը, որ գրեթէ երեք լեռներով պարփակուած է։ Ան մեծ պողոտայի մը չի հանդիպիր, թէեւ իր յատուկ ճամբաները ունի։ Արեւմուտքէն ճամբայ մը կու գայ հայոց թաղը ու [կը հասնի մինչեւ] գլխաւոր շուկան։ Հիւսիսէն՝ [այլ ճամբայ մը, որ] հայոց թաղը, ապա շուկայ կ՚ելլէ եւ թրքաց թաղը [կը հասնի]։ Արեւելքէն՝ [այլ ճամբայ մը, որ] դարձեալ շուկայ կ՚ելլէ։ Հարաւէն, [լեռներուն մէջէն], ճամբայ մը կը հասնի մինչեւ գիւղ եւ կը հանդիպի թրքաց թաղին։ Գիւղի մէջի փողոցները ճաշակաւոր կերպով շինուած չեն, սըրույի սիստըմ [survey system] չէ ունեցած։

Հարց կը ծագի թէ այս կարեւոր գիւղը ինչպէ՞ս եղած է որ յիշեալ երեք լեռներուն միջեւ պահուըտած է։ Եթէ Խոխի գիւղը մէկ մղոն դէպի արեւելք շինուած ըլլար, հոն կար ընդարձակ դաշտ մը ուր շատ կանոնաւոր գիւղաքաղաք մը կրնար շինուիլ։ Թէեւ ադ տեղը շատ մը քարեր արտերուն եզերքները շարուած են, բայց մեր մեծերէն ոչ ոք բան մը գիտեր կամ կը պատմէր ադ մասին։ Բայց շատ մը ծեր մարդիկ կը պատմէին հին գիւղին մասին հետեւեալը. [էջ 7] Մեր գիւղը կը գտնուի եղեր ներկայ տեղէն երկու մղոն հիւսիս-արեւելք. հին գիւղին արեւելեան կողմը բարձր կեցած է Մայր Մարիամ լեռը, որուն հարաւային կողմը կցուած լեռ մը կայ՝ աւելի բարձր, որուն կը կոչեն Սուրբ Ստեբաննոսի լեռ։ Նաեւ գիւղին հիւսիս-արեւելեան կողմը կայ գիւղին աղբիւրը, որու կողքին կայ հողաբլուր մը՝ թրքական ֆէսի ձեւով, որուն գագաթը գրեթէ չորս չերեկի (9) չափ սերմ կը ցանուի, իսկ տակը ութ չերեկի տեղ գրաւած է։ Ատ բլուրին պարունակած հողը բոլորովին տարբեր գոյն է, նաեւ շատ մը տեսակ հողեր եւ գոյներ կը տեսնուին հոս, այնպէս որ այդ տեղին շրջակաները չեն տեսնուիր կամ չեն գտնուիր այս բլուրին պարունակած հողին պէս հողեր։

Նոյն ատեն, որեւիցէ մէկը չէր կրնար ստոյգ գաղափար մը տալ թէ ատ բլուրը ինչու հոտ շինուած է եւ ինչ բանի կը ծառայէ եղեր։ Թէեւ շատ մը գաղափարներ կու տային ատ բլուրին շինուելուն մասին կամ ինչ օգտակարութիւն ունի եղեր. ոմանք կ՚ըսէին թէ օրուան իշխանը իր հպատակներուն հրամայեր է որ ամէն մէկը պարկ մը հող իր շալակովը հոտ բերէ եւ գիտնայ թէ որչափ մեծ բլուր մը կրնան շինել։ Ոմանք կ՚ըսէին թէ մունետիկի համար է, ոմանք կ՚ըսէին թէ երբ գիւղը վտանգ ենթարկուի՝ բլուրին վրայ կրակ կը վարեն, որպէսզի օգնութեան գան ուրիշ տեղերէ, ոմանք ալ [էջ 8] այնպէս կը կարծեն թէ կրօնական նպատակի համար կը գործածուի եղեր կամ բարձր տեղին վրայ զոհ կը մատուցանեն եղեր։ Վերջին կարծիքը տիրող կարծիքը կը սեպուէր, բայց դարձեալ մութի մէջ է մնացած։

Վարին Խոխ (ներկայիս Քաւաքթեփէ) գիւղի ընդհանուր տեսարանը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական, Նիւ-Եորք, 1959)

Այնպէս կ՚ենթադրուէր թէ աղբիւրը (որ կը կոչուի «գիւղի աղբիւր») գիւղին կեդրոնն է եղեր, վկայ են աղբիւրի շուրջի արտերը, որոնց սահմանները քարերով պարուրուած են չորս կողմերէ եւ նոյն հեռաւորութեամբ ցանկապատով արտեր կան։ Թէեւ տեղեր կան ուր քարերը անխնամ եւ անկարգ դիզուած են եզերքներուն վրայ, բայց նոյն ատեն գրեթէ ամէն արտերու սահմանները խնամքով քարէպատ են։ Շինուած են քառակուսի մղոններ, աւելի են ցանկապատով արտերը եւ [անոնք] գիւղին տուներու քարերէն են։ Ատ քարերը կրնանք այս եզրակացութեան գալ թէ գիւղին տեղը սէքշընէ [section] շատ աւելի տեղ կը պարունակէ։ Աղբիւրէն մէկ մղոն դէպի հարաւ-արեւելք գերեզմաննոց մը կայ, շատերը կը պնդեն թէ եկեղեցին գերեզմաննոցին հետ կից է եղեր։ Յիշեալ գերեզմաննոցը տակաւին կը գործածէինք եւ [զայն] կը կոչէինք Վարի գերեզմաննոց եւ շատեր տակաւին հոտ կ՚ընդունէին իբրեւ սրբավայր, որովհետեւ եկեղեցւոյ տեղ եղած է։ Ատ առթիւ ոմանք երբեք իրենց մեռելները Վերի գերեզմաննոցը չեն թաղեր։ [էջ 9] Գիւղին աղբիւրը որ յիշած եմ գրեթէ ջաղջի [իմա՛ ջաղացք] մը ջուր կը հաշուըւի։ [Անիկա] չափէ դուրս պաղ է, այնպէս որ երբ յիշեալ աղբիւրը կ՚երթայինք, մեր կեցած գիւղը հրապուրիչ ըլլալէ կը դադրէր։ Երբ տղայ էինք, ամառ ատեն մը մեր վարժապետները մեզ դաշտերը կը տանէին թութ ուտելու անուան տակ, [ինչ որ] բաւական օդափոխութիւն կրնային կոչել։ Մեր վարժապետին հետ երկայն ատեն աղբիւրին ակին վրայ կը նստէինք եւ մեր վարժապետը կ՚ափսոսար որ ատ ջուրէն զրկուած էինք, նաեւ գեղեցիկ տեսարաններէ։

Յովակիմ Պաղտասարեանի ընտանիքը՝ Վերին Խոխ գիւղէն։ Յովակիմ հօրեղբայրն է Պաղտասար Պաղտասարեանի՝ Վերին Խոխ գիւղին վերաբերող յուշամատեանին հեղինակին։ Յովակիմը շատ հաւանաբար նկարին ձախին նստած մարդն է։ Պաղտասարի գրութեան մէջ Յովակիմ տիրական ներկայութիւն մըն է (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական, Նիւ-Եորք, 1959)

Եւ երբ վարժապետը կը ջանար տեղեկանալ տարեց մարդոցմէ, որոնք ալ իրենց հայրերէն տեղեկացած էին՝ անգիր պատմութիւնները այնպէս կը բացատրէին. թէ մեր նախահայրերը երբեք մեղադրելի չէին որ թողուցին այս բարեբեր վայրերը եւ իրենց բնակութիւնը կազմեցին անբերրի լեռներուն ստորոտները։ Ճիշդ գիւղին աղբիւրին մօտերը հայեր իրենց սեփական արտերը ունէին, մինչեւ իսկ մեր օրերերը, [անոնք] իրենց ոչխարները տակաւին հին գիւղի գոմերուն մէջ կը պահէին։ Բայց երբ պարագաները փոխուեցան, անոնք ալ վերջացան։ Բայց տակաւին արտերուն տէրերէն ոմանք, որոնցմէ մէկն էր Տէր Զաքարենց Գէորգ ամուն՝ բաւական տեղեկութիւն կու տար։ Նաեւ Խաթաճի Եաղուպը որ գիւղին ամէնէն ծերերէն մէկն էր։ [էջ 10] Եաղուպ կը պատմէր թէ իր հայրը կը յիշէ եղեր հին գիւղին շէնքերը եւ ըստ իրեն տեղեկատուութեան այն թուոյն գրեթէ հարիւր յիսուն տարուայ պատմութիւն է։ Հօրեղբայրս ալ կը պատմէր շատ մը պատմութիւններ, որ նախնի ծերերէն լսած էր, նաեւ թուրքերէն շատեր հետաքրքրութեամբ կը պատմէին եւ պատմութիւնները շատ հակասական չէին իրարմէ։ Հետեւեալն է անգիր պատմութիւնը.

Հին գիւղին բնակչութիւնը հինգ հարիւրի չափ կը հաշուըւի եղեր, որոնց մէկ քառորդէն քիչ մը աւելի հայերն են եղեր, իսկ մնացածը թուրքեր։ Ատ գիւղին մեծաւորը Ալէհ պէկ անունով մի թուրք եղած է եղեր։ Յիշեալ պետը բարձր կարողութեան տէր եղած է, նաեւ մեծ վարչագէտ մը։ [Գիւղը] կը կառավարուի միապետական սիսդըմով [system], ինչպէս թուրքերը ուրիշ կերպով չեն կառավարուիր։

Եւ գիւղը մեծ պողոտայի վրայ շինուած ըլլալով բնակչութիւնը փորձանքի ենթարկուած է, որովհետեւ ատ ժամանակները բազում թաթարներ կը ճամբորդեն եղեր դէպի հարաֆ [իմա՛ հարաւ]։ Ատ անբաղձալի ճամբորդները անգութ կերպով կը վարուին խաղաղ գիւղացւոց հետ, այնպէս որ կեանքը անտանելի կը դառնայ գիւղին [համար]։ Բնակչութիւնը շատ անգամ կռիւ կ՚ունենայ այս անգութ մոնկոլներուն հետ, շատ անգամ ալ ատոնց անիրաւի պահանջներուն տեղի տալու կը [էջ 11] պարտաւորուին, երբ ճամբորդները թւով շատուոր կ՚ըլլան։ Վերջապէս գիւղացիները անտանելի կը գտնեն իրենց կացութիւնը, կը դիմեն մեծաւորին որպէսզի դարման մը գտնէ ատ անտանելի կացութեան։ Պէկը անել կացութեան մէջ կը գտնուի, չի ուզեր լքել գիւղը։ Գիւղացւոյց վիճակը նկատի կ՚առնէ, բնակչութիւնը կը փափաքի ուրիշ տեղ եւ մատնանիշ կ՚ընեն Սիրուիճէ լերան ստորոտը, որ խիտ անտառներով շրջապատուած՝ երեք լեռներու մէջ կը պաշտպանուի, ուրիշ տեղերէ ճամբայ չունի, այնպէս որ շատ ապահով տեղ կը սեպուի։ Միայն թէ արեւելեան կողմը կիրճ մը կայ, ան ալ շատ դիւրութեամբ կը պաշտպանուի։ Ժողովուրդը սխալած չէր, վերջին փորձերը ցոյց տուած են, ինչպէս կը պատմուէր, թէ երբ թաթարի մը նշոյլը կը տեսնեն, բոլոր գիւղացիք կը հաւաքուին եղեր պահակ զինուորներու պէս արեւելեան կողմի կիրճը։ [Գիւղը] կը պաշտպանեն բարձր լերան վրայէն քարեր գլտորելով, այլ եւ այլ կերպով պաշտպանած են՝ թաթարներ փախուստ տալով եւ շատ անգամ ալ անշնչացած դիակներ հետ թողելով։ Բայց որչափ ժողովուրդին խորհածը ուղիղ, նաեւ պահանջը արդարացի է, բայց Ալէհ պէկը իր ժողովուրդին պաշտպան եւ տէր, չուզեր որ գիւղը քանդուի։ Թէեւ պէկը անձամբ ժողովուրդին զօրավարը եղած է, երբեմն թաթարներէն մեռած, երբեն գիւղացիներէն մեռած։ Բայց պէկը կը խորհի թէ կարող [էջ 12] պիտի ըլլայ բռնի ուժով զսպել ատ ճամբորդները։ Կը պատմուի թէ երբեմն հարիւրներով կը խուժեն գիւղին վրայ՝ զինուած ժամանակի զէնքերով, եւ երբեմն գիւղացիներուն յարկարծակիի բերելով [թաթարները] մեծ վնասներ [կը հասցնեն] գիւղին խաղաղ բնակիչներուն։ Դիմումները կը կրկնուին, բայց պէկը դաւաճանութիւն կը սեպէ գիւղին քանդումը եւ լքումը։ Մինակ պատասխանը կ՚ըլլայ պախալըք տեսնեն (10)՝ ես ձեր օգուտին համար է որ կը խորհիմ եւ կը գործեմ։

Տարիներ կը տեւեն նեղութիւնները, [անոնք] երթալով կը շատնան, դիմումները կը շարունակուին պէկին, դէմ եղած դժուարութիւնները կը բազմապատկուին։ Բայց պէկը չի փոխեր իր համոզումը, կը խորհի թէ ժողովուրդը աւելի թշուարութեան պիտի մատնուի եթէ գիւղը լքէ եւ ինքզինքը պատասխանատու կը սեպէ։ Իր ազգականներն ալ որչափ որ իրեն կողմնակից կը նկատուին, անոնք ալ քիչ մը փոխուած են։ Թէեւ Սիրուիճէի ստորոտը երթալ չեն ուզեր, բայց գիւղին վիճակը անտանելի նկատելով փոփոխութիւն մը կը բաղձան։ Բայց Ալէհ պէկին պատասխանը կ՚ըլլայ. «ես ձեր օգտին համար կ՚աշխատիմ, սպասեցէք, ժամանակը կը փոխուի», եւայլն։ Բայց իրօք պարագաները կը փոխուին, բայց հակառակ կողմ։ Զիլֆօ պէկ անուամբ [անձնաւորութիւն մը] Ալէհ պէկին դէմ կը դառնայ՝ ունենալով ժողովուրդին մէկ մասը։ [էջ 13] Իրեն հետեւորդները ներսէն թշնամի, դուրսն ալ թաթարները թշնամի։ Վերջապէս լաւ օրեր կը սպասէ, կը ջանայ իր ազգականները հպատակեցնել առանց արիւն թափելու։ Բայց իր ազգականը ինք կ՚ուզէ անցնիլ իշխանութեան գլուխ եւ կառավարել ժողովուրդը, որ գրեթէ պզտիկ թագաւորութիւն մըն է։ Խուլ պայքարը կը շարունակուի, թէեւ Զիլֆօ պէկը տակաւին ի վիճակի չէ կռուելու կամ արիւնով խլել իշխանութիւնը։ Կը սպասէ նպաստաւոր պարագաներու, թէեւ մեծաւորն ալ ճանապարհ մը կը փնտռէ։ Այդ պարագաներուն տակ դէպք մը կը պատահի որ գրեթէ խնդիրը կը փոխէ եւ գրեթէ երկու [կողմերուն համար ալ] նպաստաւոր ելք կ՚ունենայ։

Ամառնային տաք օրերու մէջ գիշեր ժամանակ Ալէհ պէկին տղան՝ Մամօ պէկը, ձիերու ոտնաձայն մը կը լսէ փողոցին մէջ եւ դուրս կ՚ելլէ հասկնալու թէ ինչ է։ Անմիջապէս կը բռնեն այս պատանին, որ գրեթէ քսան տարեկանի շուրջն է, կը նետեն ձիու մը վրայ եւ կ՚անհետանան։

Ոչ հայրը, ոչ ալ ծառաները լուր ունին պատանւոյն մասին եւ ատ ձիաւորները թւով հինգ են, [զայն կը տանին] ատ գիւղէն եօթ մղոն դէպի հարաֆ՝ Կէօլ Պաշի ըսուած տեղը ջաղարք մը եւ որովհետեւ ցորեն աղալու [էջ 14] եղանակ չէ, ընդհանրապէս պարապ կ՚ըլլայ եւ ատ յիշեալ հինգ չարագործները նաեւ պատանին կ՚իջեցնեն ատ յիշեալ ջաղարջքը եւ ատ պատանւոյն անլուր չարչարանքներ կու տան, անչափ անգութ կերպով կը վարուին, տղան չի կրնար կրած տանջանքներուն դիմանալ, կը խնդրէ որ զինքը սպաննեն։ Չարագործները կ՚ըսեն թէ քեզ չպիտի սպաննենք, որպէսզի երթաս Ալէհ պէկին լուր տաս թէ ինքն ալ այսպէս օր մը ունի [իրեն ալ այսպիսի օր մը կը սպասէ]։

Վերին Խոխ գիւղի ջաղացպան Կուրղօ Կուրղոյեանն ու ընտանիքը։ Բոլորն ալ 1915-ին սպաննուած (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական, Նիւ-Եորք, 1959)

Պատանին թէեւ շատ չարչարանաց եւ տանջանքներու ենթարկուած, բայց նոյն ատենը իր ուշիմութիւնը պահած է, դեռ կը բացատրէ թէ իր հայրը եւ Ալէհ պէկը թշնամիներ են մէկզմէկ սպաննելու չափ։ Եթէ ինք պէկին երեսը տեսնելու յանդգնի, անմիջապէս պէկը կը վերջացնէ իր կեանքը, իսկ եթէ զիս այս վիճակիս մէջ տեսնէ եւ հասկնայ թէ որոնք զիս այս վիճակին հասցուցին, թերեւս մեծ պատիւներով վարձատրէ։ Եթէ մեր տունէն որեւիցէ մէկը վիրաւորեն կամ մեռցնեն, Ալէհ պէկը զանոնք կը վարձատրէ մեծ պարգեւներով։

Տղուն ազատ կ՚արձակեն որ երթայ։ Թէեւ քալելու անկարող, բայց կը ջանայ իր ամէնալաւը ընել գոնէ հեռանայ այդ չարագործներու խմբակէն։ Բայց խմբակին խելացիներէն մէկը կը թելադրէ որ [էջ 15] երթան Ալէհ պէկին տունը պատմեն իրենց ըրած քաջութեան, թէ ինչպէս վիրաւորած եւ չարչարած են իր թշնամիին որդին։ «Պէկը անշուշտ մեզի մեծ պարգեւներ կու տայ եւ նոյն ատեն պատեհութիւն կ՚ունենանք պէկը առեւանգելու»։ Բոլորն ալ կը հաւանին այս իմաստուն թելադրութեան։ Պատանին ալ հետերնին կ՚առնեն եւ տղան այնչափ քաղաքավարութեամբ կը խօսի հետերնին եւ այնպէս ճամբաներ ցոյց կու տայ եւ կերպեր մեծաւորը սպաննելու, անոր բոլոր գերդաստանը հիմնայատակ ընելու։ Եւ երբ ատոնք գործադրուին ի հարկէ մեծաւոր պիտի ըլլայ պատանիին հայրը եւ իրենք ալ պիտի վարձատրուին։ Այնպէս որ թաթարները կը զղջան պատանին այդ աստիճան չարչարելնուն համար եւ ալ կ՚որոշեն որ տղան պէկին չի յանձնել, [որպէսզի այս վերջինն ալ] չի մեռցնէ զայն։

Երբ գիւղ կը հասնին, պատանին տուն մը ցոյց կու տայ որպէս թէ իր բնակարանն է եւ թաթարները ուղղակի պէկին ապարանքը կ՚երթան։ Մինչեւ ձիերը կը տեղաւորեն, արդէն Մամօ պէկը ամէն բան հօրը պատմեր է եւ ուրիշ սենեակի մը մէջ առանձնացեր է հանգիստ մը առնելու համար։ Երբ չարագործները իրենց ցոյց տրուած սենեակը ոտք կը կոխեն, պէկին կը պատմեն մանրամասնօրէն, նաեւ քիչ մըն ալ չափազանցուած, թէ իր թշնամոյն որդւոյն ինչ դառն չարչարանքներ տուած են, եւայլն։

Պէկը կ՚ուզէ գիտնալ թէ ինչու չեն մեռցուցած [էջ 16] կամ իրեն չեն բերեր որ ինք մեռցնէ։ [Թաթարները] կը պատասխանեն թէ արդէն պիտի մեռնի, բայց մենք կ՚ուզենք որ քիչ մը եւս չարչարուի եւ ապա մեռնի։ [Պէկին կ՚ըսեն նաեւ]՝ քու բոլոր թշնամիներդ մեզի ցոյց տուր։ Ետքը պէկը կեղծ ժպիտով մը կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը, նաեւ նկատել կու տայ թէ մեծ պատիւներու պիտի արժանանան, մեծ գումարներ պիտի տրուի իրենց, պիտի ըլլաք իմ թիկնապահներս, ինծի հետ սեղան պիտի նստիք, իմ ազգականներէս աղջիկներ ձեզի կնութեան պիտի տրուի, նաեւ ուրիշ շատ բաներ, որ դուք չէք կրնար երեւակայել։ Հիմա քիչ մը հանգիստ եղէք, ձեզի ցոյց տրուած սենեակներուն մէջ, մինչեւ որ սպասաւորները պատրաստութիւն տեսնեն։ Եւ ամէն մէկին սենեակ մը կը տրուի, որ ամէն մէկն զատ-զատ հանգստանայ յաւիտեան։ Թուրքերուն համար ատ կերպով հանգստացնելը նորութիւն մը չէ, որ մէկը մէկին լուր չեն ունենար, թուրքերը միշտ գաղտնապահ եղած են։

Պէկը որ հեռատես մէկը նկատուած է իր գործերուն մէջ անշուշտ կը խորհի որ այս դէպքը պիտի ունենայ իր արդիւնքը եւ շատ սուղի պիտի նստի թէ իր եւ թէ բնակչութեան վրայ։ Ուստի կ՚որոշէ ժողովուրդին պահանջին տեղի տալ եւ մունետիկը կը կանչուի թէ այս ինչ օրը պատրաստ եղէք, որ փոխադրուին հիւղը, որ ներկայ գիւղին տեղին անունն է եղեր, բայց չի գիտցուիր թէ ատ [էջ 17] բառը հայերէն է թէ թուրքերէն։ Թուրքերը Խուխ կը կոչեն, հայերը՝ Խոխ կ՚ըսեն։ Ներկայ գիւղին տեղը ան ժամանակները ամառանոցի համար կը գործածեն եղեր եւ շատ հաւանական է որ հիւղեր կը շինեն եղեր եւ կ՚ըսուի թէ ադ բառը խրճիթի նշանակութիւն ունի, հետեւաբար հայերէն ըլլալու է։ Երբ Ալէհ պէկին հրամանովը մունետիկը կը հրատարակուի, Զիլֆօ պէկը ժողովուրդին մէկ մասին գլուխը անցած կ՚առարկէ եւ արգելք կը դառնայ որ հիւղը չերթան։ Բայց մեծաւորին որոշումը անբեկանելի էր։ «Եթէ մէկ մարդ չգայ ես իմ ընտանիքովս կ՚երթամ։ Աս է իմ որոշումս», կ՚ըսէ պէկը։

Երբ կը տեսնեն պէկին հաստատ որոշումը, բնակչութեան մեծ մասը Ալէհ պէկին կը հետեւի, իսկ հարիւրի մօտ (կամ քիչ մը պակաս) Զիլֆօ պէկին կը հետեւին։ Եւ որովհետեւ առանց Ալէհ պէկին պաշտպանութեան կարելի չէ ատ մեծ պողոտային վրայ բնակիլ, Զիլֆօ պէկը եւ հետեւորդները կ՚որոշեն հին գիւղէն մէկ մղոն հիւսիս, կէս մղոն արեւելք ճամբային վրայ գիւղ մը հաստատել եւ ատ գիւղին անունը Վարի Խոխ կը կոչուի (աշաղի Խուխ) (11)։ Իսկ Ալէհ պէկին եւ հետեւորդներուն գացած տեղին անունը Վերի Խոխ կոչեր են (եօքառի Խուխ) (12)։ Վարի Խոխը իրենց մեծաւոր ճանչցած են Զիլֆօ պէկը, իսկ Վերի Խոխի իշխանը արդէն Ալէհ պէկն է։ Հայերը Վերի Խոխ գացեր են միասնաբար։ [էջ 18] Ալէհ պէկ[ն ու] իր սերունդը բռնադիտութեամբ կառավարած են ժողովուրդը, որովհետեւ մեր օրերուն մենք կը տեսնէինք որ Վերի Խոխի թուրքերը աղաներուն առջեւ շատ ստրուկ երեւոյթ ցոյց կու տային եւ բառին բուն նշանակութեամբ [անոնցմէ] կը վախնային։

Բայց Վարի Խոխի թուրքերը աղաներուն հետ հաւասար կը սեպուէին եւ [անոնց նկատմամբ] համարձակ էին։ Վարի Խոխի մէջ միայն 5-7 աղա կար, իսկ Վերի Խոխի մէջ գրեթէ 30-40 տուն եւ իրեն զիրենք Ալէհ պէկի ուշախ (13) կը կոչէին։ [Ասոր] համար շատ հպարտ կը զգային։ Վերջապէս, մեր տեսութեամբ, Վարի Խոխի թուրքերը ընդհանուր առմամբ բարձր էին քան Վերի Խոխի թուրքերը՝ միշտ եւ ամէն ատեն։

Ինչպէս յիշած եմ իմ լսած այս պատմութիւնը հարիւր յիսուն տարուայ պատմութիւն մըն է, գրեթէ եօթը կամ ութը սերունդի [պատմութիւն], որ բերնէ բերան իրարու պատմած են։ Այս բոլոր պատմուածքներուն ցցուն ապացոյցները վկայ են անշուշտ, շատ մը մանրամասնութեանց անտեղեակ ենք, ես կը գրեմ ինչ որ լսած եմ մեծերէն եւ որոնց ապացոյցները կան։

Ֆրեզնօ, Յունուար 1906. Պաղտասարեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ Վարդենի (ծնեալ Ռահանեան), Զարուհի, Պաղտասար, Աւետիս։ Նկարին մէջ Վարդենի յղի է։ Ան հետագային ծնունդ պիտի տար Բենիամինի, որ այս էջին նախաբանին հեղինակին՝ Մարվին Պեքսթըրի հայրը պիտի ըլլար (Աղբիւր՝ Պեքսթըր ընտանիքի հաւաքածոյ)

Խոխ գիւղի մէջ գտնուող թէ թուրք եւ թէ հայ հիացումով նաեւ հետաքրքրութեամբ կը պատմէին [էջ 19] Ալէհ պէկին վարչագիտութեան մասին։ [Անոր] հեռատեսութեանը եւ ժողովրդականութեանը համար [զինք] գիւղին հայրը կը կոչէին։ Թուրքի կամ հայու խտրութիւն չի դներ եղեր, երկու տարրին ալ շահերը կը պաշտպանէ եղեր։

Երբ գիւղին յատակագիծը կը պատրաստուի, առաջին գործը կ՚ըլլայ հայերը եւ թուրքերը իրարմէ զատ պահել։ Ինչպէս ասկէ առաջ նկարագրած եմ գիւղը կտրուած է ձորով մը, որուն կը կոչենք հայերէն Չելեպոնց ձոր- անոր հարաֆի կողմը թուրքերուն թաղն է, իսկ հիւսիսի կողմը հայերուն թաղը։ [Այս բաժանումը] Ալէհ պէկին մէկ իմաստուն կարգադրութեան արդիւնքն է։

Գիւղին պարունակած գետինը սեքշընէն [section] աւելի է, թէեւ քառակուսի չէ, ոչ ալ տաբարակ։ Ամէն թաղ իր ջուրի աղբիւրը ունի, թէեւ գիւղէն դուրս աւելի լաւ եւ պաղ ջուրի աղբիւրներ կային, բայց որովհետեւ խողովակի դրութեանը ծանօթ չէինք՝ գիւղին մօտ քանի մը հոր զարկած են եւ փորձանքներով բերած են [մինչեւ] ատ շուկային թաղը։ Թէեւ որոշ տեղեր գետնէն բխող աղբիւրներ կան։ Թուրքերուն կողմը ջուրերը աւելի առատ են քան մեր կողմը։ Մեծ աղբիւր մը կայ, որուն բուն ակը գաղտնի պահուած է հասարակութենէն. պաղ ջուր մը ունի եւ ատ ջուրին մէկ մասը մզկիթին քովը կը վազէ։ Զայն կը կոչեն Ճամիին աղբիւրը։

[էջ 20] Մնացած մասը բաժնուած է աղաներուն խոնախները (14), այնպէս որ ամէն խոնախի մէջ վազուն ջուր կայ։ Ինչ որ պէտք է կը գործածեն, աւելցածը Չելեպոնց ձորը կը թափի։ Թրքաց կամ աղաներուն տան բակերուն մէջ ծաղիկ կամ բանջարեղէն կամ վարդի թուփ չէր տեսնուեր, ինչ որ կ՚ապացուցէ անոնց ծուլութիւնը նաեւ ճաշակ չունենալնին։ Ալէհ պէկը իր խոնախը շինած է մզկիթին մօտիկ, որ թրքաց թաղին կեդրոնն է եւ ատ ուղղութիւնը պահած են նոր սերունդը։ Խոնախները Չէլէպոնց ձորին թումբին վրայ շինուած են շարքով եւ լաւ կարգով։ Ասիկա գիւղին ամէնէն բարձր տեղն է որ շատ գեղեցիկ տեսարան մը կը ներկայացնէ։ Ասոնք Ալէհ պէկին եւ ուշախներուն մեծ պարծանքն է։ Բայց երբ բազմացան, ատ տեղը լմնցաւ, շարքերուն կողմերը տեղ չմնաց, ոմանք լեռներուն ստորոտները շինեցին [իրենց խոնախները], ոմանք ձորէն անցան հիւսիսի կողմը, ոմանք ալ հասարակ թուրքերուն թաղը։ Նաեւ քառասուն տունէն աւելի հասարակ թուրք ընտանիքներ ձորէն անցած են եւ կը բնակին հայոց թաղին հարաֆ-արեւմտեան կողմը։ Նոյն թիւով ալ հայ ընտանիքներ ձորին միւս կողմը անցած են եւ բնակութիւն հաստատած են թուրքերուն թաղին հարաֆ-արեւելեան կողմը։ Ասոնք մեծ մասամբ երկրագործներ էին, որ այդ թաղը [էջ 21] մեծ դիւրութիւն կու տայ երկրագործ դասակարգին։ Ատ թաղին կը կոչեն Վարի Թաղ կամ Վարի Մայլան։ Ատ թաղին թուրքերը եւ հայերը գրեթէ խառն կը բնակին, տուները քով-քովի են, տանիքները իրարու հետ կպցուած են, երեքէն մինչեւ ութ ընտանիք մէկ միացեալ տանիք ունին, ամառնային եղանակին խրճիթներ կը շինեն իբրեւ պառկելու սենեակ։ Հետեւապէս կրնանք ենթադրել որ ատ թաղի թուրքերը եւ հայերը աւելի սիրով եւ մտերմութեամբ կ՚ապրին եւ ատանկ ալ կը տեսնուէր։ Բայց երբեմն ալ սուրը եւ ատելութիւնը երեւան կու գար։ Աղաներուն կամքը մեծ դեր կը կատարէր, երբեմն սուր, երբեմն սէր, աղաներուն ուզածին համեմատ։ Բայց նոյն ատեն անուրանալի է որ աղաներ աւելի կը պաշտպանէին Վարի Թաղի հայերը, անոնց վրայ կը գթային, որովհետեւ պէկերուն հողերը կը մշակէին, երբեմն պէկերուն տանը գործերն ալ կ՚ընէին, թէեւ երբեմն անուղղակի կերպով կը վճարէին։ Ատոր համար Վարի Թաղի հայերը թուրքերուն կամ աղաներուն համակրութեան արժանացած էին։ Պատահեր է որ երբ հասարակ թուրք մը երկրագործ հայու մը նեղութիւն տուած է, աղան չարաչար ծեծած է նեղութիւն տուող թուրքին. այնպէս որ երկրագործ դասակարգը աւելի ապահով կը զգար ինքզինք։ Նոյն ատեն աղաները իրենց արհեստաւորն ալ պաշտպանելէ չէին զլանար։ Եմէքտերսէ (15) կ՚ըսէին, արհեստաւորն ալ փոխելու սովորութիւն չունէին։ Կը յիշեմ որ կ՚ըսէին [էջ 22] երեք սերունդներ իրարու հետ շատ լաւ ապրած են. այսինչ արհեստաւորը մեզի լաւ կերպով ծառայած է, գոհ թողացուցած է, մենք ալ իր իրաւունքը աւելիով վճարած ենք, նաեւ զինքն ալ պաշտպանած ենք, երբ մեր պաշտպանութիւնը պէտք եղած է։

Վերին Խոխ գիւղին պատմութիւնը։ Ձեռագիր ամբողջական էջերը։

Չի մոռնանք յիշեցնել թէ Ալէհ պէկը ցոյց տուած է իր հեռատեսութիւնը իր սերունդին ծերերուն ապահովութեանը համար։ [Այսպէս,] Խարբերդ քաղաքին առաջնակարգ շուկային թաղին մէջ մէկէ աւելի խանութներ շինել տուած է, որպէսզի իր սերունդին ամէնէն տարեցները ունենան յիշեալ խանութներուն վարձքերը։ Ալէհ պէկի սերունդը (որ կը կոչեն Ալէհ պէկ ուշախի) իրենց նախահօր ամէնէն մեծ եւ իմաստուն կարգադրութիւնը կը սեպէին այս գործը. տեղեակ չէր թէ քանի խանութ [կար], նաեւ վարձքը որչափ է։ Մինակ Ալէհ պէկի ուշախինները գիտեն եւ իրենց գաղտնիքը ուրիշին չեն յայտներ։

Ընդհանրապէս տարեց աղաները ոչ թէ միայն կը գովէին, այլ միշտ ռահմէթ (16) կը կարդային իրենց բարերար նախահօր հոգւոյն։ Բայց վարձքը գանձողներէ քանի մը տարի պակաս եղողն ալ Ալլահին եւ մարգարէին կ՚աղօթէին որ վարձք գանձողը (ամէնէն ծերը կ՚ըլլար) շուտ մը ռահմաթլիկներուն (17) կարգը անցնի, որպէսզի գանձումին կարգը իրեն գայ։ Խանութի վարձքը միայն այրերը իրաւունք ունէին [ստանալ], ոչ՝ կիները։

[էջ 23] Ալէհ պէկ ուշախ կոչուածները մեծ կալուածատէր եղած են եւ ոմանք տակաւին են։ Ասոնք ժառանգած են Ալէհ պէկէն։ Մեր օրերուն ոմանք հազար չերեկ սերմ ցանելու արտ ունէին, ոմանք պակաս։ Ամէնէն աղքատ աղան հարիւր չերեկի արտ ունէր։ Իրենց ունեցած արտերը ընդհանրապէս մարապայի (18) կու տային։ Կիսողաց աղան կը մատակարարէր սերմը, իսկ մարապան իր եզներովը կը հերկէ, կը հնձէ, իր գործաւորներովը կալ տեղը կը կրէ, կը կամնէ, կը մաքրէ, աղային հետ հաւասարապէս կը բաժնէ ցորեն, գարի, ոսպ, խոտ, մինչեւ իսկ հարթ։ Ասոնց արտերը կը գտնուին հետեւեալ տեղերը. Վերի Խոխ, Վարի Խոխ, Չըրչափուր, Ալընճուղ, Շնթիլ, Իչմէ, Էլէմլիկ, Ախոռ, Խալֆա, Խավազ, Հիսոլառ, Պալան, Խաթունքէվ, Պէյրծաղ, Լօթ օղլի, Կապան, Կիւնէ։ Նաեւ կը խօսուէր ուրիշ շատ մեծ ու պզտիկ գիւղերու մասին որոնք իրենց կը պատկանին, ծախուած են կամ ուրիշ արտերու հետ փոխանցուած են [փոխանակուա՞ծ]։

Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, 1907։ Կեդրոնը նստած՝ Վարդենի Պաղտասարեան (ծնեալ Ռահանեան) եւ զաւակը՝ Բենիամին։ Կողքի կիները ազգականներ են (Աղբիւր՝ Պեքսթըր ընտանիքի հաւաքածոյ)

Ալէհ պէկին տիրապետութիւնը յիսուն մղոն շրջանակի մէջ կը հասնի եղեր։ (…) Պզտիկ իշխանութիւն մըն էր, որ [նման] էր տերէպէկի (19) մը։

Խոխ գիւղին մէջ ուրիշ անգիր օրէնք մը կար։ Ենթադրենք թէ մէկը կ՚ուզէ գիւղէն քիչ մը դուրս որեւէ տեղ մը տուն մը շինել՝ պէտք է գին մը վճարէ գիւղին մէջ գտնուող ամէնէն տարեց աղային։ Իսկ եթէ լերան մը վրայ կամ ստորոտը այգի մը տնկելու փափաք ունենայ, կրնայ տնկել, բայց ատ տնկուած այգիին կէսը այս ինչ աղային կը պատկանի, իսկ միւս լեռը ուրիշ աղայի մը կը պատկանի, բայց չեն կրնար [էջ 24] ծախել։ Աղաները որեւէ ատեն այգի կրնային տնկել որեւէ լերան վրայ, բայց՝ ոչ հասարակ թուրքը։

Այտ լեռները արջառներու եւ ոչխարներու արօտ է։ Գիւղին մարդոցմէ ոեւէ մէկուն արջառներուն կամ ոչխարներուն արածուելուն արգելք եղող չկար։

Կը պատմուէր թէ հին ժամանակները միայն Ալէհ պէկ ուշախները կրնային արտ գնել։ Հասարակ թուրքերուն, նաեւ հայերուն արգիլուած էր անշարժ կալուածք գնել։ Միայն բնակելու տուն կրնան շինել կամ գնել, բայց ատ արգելքը վերցուած է իմ աշխարհ գալէս առաջ։ Մեր ատենները հայերն ալ, հասարակ թուրքեր ալ անշարժ կալուածքի առեւտուր կ՚ընէին։

Վերին Խոխ, 1912. գիւղին հայկական երկսեռ վարժարանին աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը (Աղբիւր՝ Պեքսթըր ընտանիքի հաւաքածոյ)

Ինչպէս յայտնի է, թուրքեր բախտախաղի շատ մօլի են։ Առաջուց ալ իրենց զբաղումը ատ եղած է եղեր։ Աղաներէն ոմանք հասարակ թուրքերուն հետ բախտախաղի միջոցաւ կորսնցուցած են իրենց արտերը եւ այգիները, ջաղարջքները։ Հիմա հասարակ թուրքեր կան որոնք պէկերէն աւելի հարուստ են։ Ասոնցմէ մէկը Ալի պէկի եղբայր՝ Զիլֆօ պէկն է։ Ասոնք Էրկի Պեքօղին տղաներն են։ Աղքատացած են աննշան թուրքէ մը՝ Էսէֆ աղային որդի՝ Իսկա աղայէն, որ բախտախաղով հարստացած է։ Երբ ես հոն էի, Ալի պէկը բոլոր միւս աղաներէն հարուստ էր եւ բոլոր Ալէհ պէկի ուշախներուն վրայ կը յոխորտար։ Աղաներուն մեծ մասը իրեն պարտք ունէին, ոմանք տոկոսը տալու չափ [էջ 25] դրամ չունէին։ [Ալի պէկ] որչափ որ ուզէին [պարտքի] կու տար։ Երբ այս գումարին [պարտքը վճարելու ժամկէտը հասներ] իրենցմէ արտ մը կը գնէր, քանի մը ոսկի եւս վճարելով։ Վերջերս այնքան հարստացան, որ գիւղի ղեկը իրենց ձեռքը անցեր էր, միւտիւրութիւնը (20) կարծես թէ իր մենաշնորհը դարձած էր։ Բայց ադ բոլոր առաւելութիւններովը մէկտեղ Ալէհ պէկի ուշախները երկու եղբօր վրայ տեսակ մը արհամարհանքով կը նայէին, առարկելով թէ հասարակ թուրք մըն է, Ալէհ պէկի ուշախ չէ։ Թէեւ երեսին բան մը չէին կրնար խօսիլ, բացակայութեանը՝ միայն կրնային։

Ինչպէս յայտնի է, հին ժամամանակներ օսմանեան տիրապետութեան այլ եւ այլ կողմերը ցեղապետներ կամ տերեպէկներ ինքնագլուխ կը կառավարէին կամ կը տիրապետէին միապետական դրութեամբ։ Գրեթէ պզտիկ թագաւորութիւններ էին, ինչպէս ներկայացուցի ընթերցողին Խոխ գիւղին մեծաւորը։ Կեդրոնական պետութիւնն ալ թոյլատու աչքով կը նայէր այսպիսիներուն։

Ինչպէս նկարագրեցի, Ալէհ պէկին վարչագիտական կարողութիւնը, նաեւ հեռատեսութիւնը, որ միշտ ջանացած է (…) պաշտպանել հասարակութեան շահերը, առանց վտանգելու իր անձնական շահը։ Ունի եղեր կանոնաւոր բանտ, նաեւ իր սպասաւորները ճենտերմէի (21) պաշտօն կը կատարեն եղեր։ [էջ 26] Ասոնց ալ իշխանութիւնը իբրեւ թագաւոր՝ որդւոց որդի կը փոխանցուի եղեր, ինչպէս անգիր պատմութիւնը իր ապացոյցներովը կը վաւերացնէ։

Ալէհ պէկը Վերի Խոխ գիւղը կը շինէ, կը կարգաւորէ, կը ծերանայ, կը մեռնի։ Իրեն կը յաջորդէ իր որդին Մամօ պէկը։ Երբ Մամօ պէկ իշխանութեան գլուխ կ՚անցնի (անոր մասին ալ առասպելներ կը խօսէին) նաեւ այն համոզումը ունին եղեր, թէ եթէ հօրմէն աւելի չէ, անկից պակաս ալ չէ։ Անոր մասին կ՚ըսեն եղեր. խուրդ էնունկ խուրդ օլուր (գայլին ձագը գայլ կ՚ըլլայ)։ Թուրքերէն եւ հայերէն ոմանք Մամօ պէկին կը հնազանդին, ոչ թէ որ կը վախնան եղեր, այլ զինքը կը սիրեն եղեր։ Թուրք ժողովուրդը երբեմն շատ կը գովէր [զայն], անոր կեանքէն բաւական պատմութիւններ կը պատմէին, որ անոնք ալ իրենց մեծերէն լսած են։ Մամօ պէկի մահէն վերջ անգիր պատմութիւնը տեսակ մը լռութեամբ կ՚անցնի [անոր յաջորդներուն վրայէն], թերեւս [այն պատճառով որ] տիրող պէկերը կամ աղաները նշանաւոր գործ մը ցցուցած կամ թողուցած չեն։

Մի քանի սերունդ վերջ Ասաֆ աղա կոչուած սոսկում ազդող բռնապետ մը երեւան կու գայ։ [Անոնք որոնք] զինքը տեսած են, [կամ] իրմէ պատիժ [էջ 27] կրած են, [կը պատմեն] որ այս մարդը իրմէ նախորդներէն գերազանց եղած է։ Բռնապետութեամբ կը կառավարէ եղեր, շատ խիստ եւ անգութ մէկը եղած է, այնպէս որ երկիւղ կ՚ազդէ անոնց ամէն անգամ որ լսեն անոր անունը։

Ան կը շինէ հաստատուն բանտ՝ տեսակ-տեսակ շղթաներով, յանցաւորները բանտին մէջ կապելու չարչարանքի գործիքներ՝ չարագործները պատժելու համար։ Իսկ այն ոճրագործները, որոնց զսպելը դժուար է՝ սպաննել կու տայ։ Ինքն է վճիռ արձակողը, ինքն է գործադրելու հրաման տուողը։ Շատ անգամ ծանր տուգանքներ կը գանձէ եղեր յանցաւորներէն, որոնք [կու տային] ձի, ջորի, կով, եզ, ոչխար, այծ, ծխախոտ, իւղ, պանիր, ինչ որ կրնար ձեռք ձգել։ Աւելի ուրախ կ՚ըլլայ եղեր եթէ կարմիր ոսկիի գանձում ըլլայ տուգանքի փոխարէն։

Եթէ յանցանքը շատ ծանր չըլլայ, կը ղրկէ այգին կամ այսինչ արտը որ [յանցաւորը] գործ մը ընէ, իսկ եթէ բանտին մէջ որեւիցէ բանտարկեալ մը փախելու փորձ ընէ՝ մահուընէ կ՚ազատի եղեր Աստուծոյ օգնութեամբ կամ արտակարգ հրաշքով մը։

Երբ լուր ունենայ թէ քսան մղոն կամ աւելի հեռաւորութեամբ տեղ մը մարդասպանութիւն, գողութիւն, կռիւ, աղջիկ փախցնել, եւայլն պատահած է, անմիջապէս իր սելկմանները ղրկելով բերել կու տայ եղեր [յանցաւորները], տուգանքներ կ՚առնէ [անոնցմէ] կամ մեծ պատիժ վճարել կու տայ։ Կը գործադրէ վճիռը, [յանցաւորին] կարողութեան չափովը կամ կաշառքով կը ներէ [զանոնք], որպէսզի երթայ դարձեալ գողութիւն ընէ եւ մեծ մասը իրեն բերէ։

Ֆրեզնօ, Յունուար 1906. Պաղտասարեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ Վարդենի, Աւետիս, Զարուհի, Պաղտասար (Աղբիւր՝ Պեքսթըր ընտանիքի հաւաքածոյ)

[էջ 28] Իր [իմա՛ Ասաֆ աղային] իշխանութեան օրերերը տեսած դեռ կ՚ապրէին շատ մարդիկ, որոնք իրմէ պատիժներ կրած էին։ Ոմանք ալ պէկին առատաձեռնութենէն օգտուած են եղեր, ոմանք անգթութեան ենթարկուած են, ոմանք ալ՝ գութին եւ ողորմութեանը։ Կ՚ըսուէր թէ ատեն եղած է որ սպասաւորները այլ եւ այլ տեղեր կը ղրկէ հասկնալու համար թէ աղքա՞տ են կամ գոնէ հագնելու պէտքութիւն ունին։ Կարօտեալներուն կ՚օգնէ եղեր, չի ուզեր տեսնել որ իր հպատակները թշուառութիւն քաշեն։ Իր սպասաւորներէն մէկը դեռ կ՚ապրէր։ Իբրեւ վարձատրութիւն իր քսան տարուան հաւատարիմ ծառայութեան համար արտ մը ընծայ տուած է։ Շատերը կ՚ըսէին թէ ռահմաթլիկ Ասաֆ աղան լաւ կը պատժէր չարերը, իսկ լաւ մարդոց ալ լաւ ձեւով մը կը վարձատրէր։

Ասաֆ աղան իր օրուան ժամանակին մէջ ամէնէն հարուստն ալ եղած է։ Շատ մը արտեր, այգիներ, ջաղացքներ որ մենք կը ճանչնայինք եւ գիտէինք որ Ասաֆ աղային կը պատկանի եղեր։ Բայց իր անարգ որդին՝ Իսակ աղան, բոլոր կալուածները ծախելով՝ բախտախաղի մէջ փճացուց, նաեւ անառակութենէ։ Իր աւտաճին (22), որ հայ մըն էր, շատ անգամ իրմէ լսած եմ թէ հօրը [իմա՛ Ասաֆ աղային] վրայով ըրած պատմութիւնը թէ տղուն [Իսակի] մսխումներուն պամութիւնները։ [էջ 29] [Տնտեսը] Կ՚ըսէր թէ զինքը երբեմն կը խրատէի, երբեմն ալ կը յանդիմանէի. «կ՚ըսէի թէ կեանքդ եթէ այս ձեւով շարունակուի պիտի փճացնես նաեւ ռահմաթլիկ հօրդ անունը, անպատուութիւն պիտի բերես, եւայլն»։ Կը պատմէր թէ երբ կը յանդիմանէի՝ կը լրէր, բայց դէմքը տեսակ մը խոժոռ կերպարանք կ՚առնէր. «ինձ շատ ախորժելի չէր թուեր ատ նայուածքը»։ «Օր մը կանանոցէն լսեցի որ իմ տեղս ուրիշ մը բերելու միտք ունի եղեր Իսակ աղան։ Ես չէի ուզեր զրկուիլ այդ գործէս եւ համակերպութեամբ կը մատակարարէի, որու որ կը հրամայէր այսչափ ցորեն, այսչափ իւղ, քանի մը ոչխար, դրամ, եւայլն, որու որ կը հրամայէր՝ կը տանէի տուները եւ այդպէս ալ գործս կրցայ պահել եւ ծառայեցի մինչեւ որ ալ կարող չեղաւ որեւիցէ ծառայ մը վարձելու»։ Ես, նաեւ իմ տարեկիցներս տեսանք որ ամէն բան կորսնցուցած էր, ամէն բանէ զրկուած էր։ Ինքզինքը շատ բախտաւոր կը համարէր երբ կարող ըլլար շահնայութիւն (23) մը ձեռք ձգել, [թէեւ] ամէն տարի ալ չէր կրնար յաջողիլ։

Ծովքէն (Կէօլճիւք) տեսարան մը, Խարբերդի դաշտ (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Այս տողերը գրողս կը յիշէ ճիշդ երէկի պէս՝ տարիին մէկը երբ շահնայութեան պաշտօնին կանչուած էր այնչափ ուրախ էր, կու գար եւ այդ յաջողութիւնը Ալլահին ողորմութեանը կը վերագրէր։ Իմ Ամէրկա գալէս 2 տարի առաջ Իսակ աղան ռահմէթլիկներուն կարգը անցաւ։ Իր արտերը, այգիները, ջաղարջքները արդէն առաջուց Ալի պէկին եւ Զիլֆօ պէկին փոխանցուած էր։ [էջ 30] Ասաֆ աղային ուրիշ մէկ իմաստուն կարգադրութեան մասին քանի մը տող գրել կ՚ուզեմ։ Պատմութեան մէկ եւ կարեւոր մասը կը կազմէ հօրեղբայրս։ Այսպէս, կը պատմեն որ իր ժամանակին կը պատահի այս կարգադրութիւնը։ Ինչպէս յիշուած է Ասաֆ աղան Ալէհ պէկի ուշախ էր նաեւ։ Իր ազգականները կը շատնան։ Թէեւ գիւղին եւ շրջակայ գիւղերուն մեծաւորը ինքն էր, բայց իր ազգականները պատժելու մասամբ թոյլ կը գտնուի։ Ասոնք ալ այլ եւ այլ պարագաներու ոտնակոխ կ՚ընեն խեղճ հայոց իրաւունքները։ Այնպէս որ հայերը կը դիմեն Ասաֆ աղային։ Անշուշտ իր ազգականները հայոց համար չի պատժեր, յանդիմանելն ալ թերեւս մեծ արդիւնք մը պիտի չունենայ։ Բոլոր իր ազգականները կանչելով ժողով մը կը գումարէ եւ բոլոր Ալէհ պէկ ուշախներուն կ՚ազդարարէ թէ իր փափաքն է որ գիւղին մէջ բնակած հայերը ապահովութիւն ունենան իր տիրապետութեան օրով, անկարգութեանց վերջ պէտք է դրուի, թէ [հայերը] խոնարհ եւ ծառայող գործունեայ ժողովուրդ մըն են։ Նաեւ կը թելադրէ որ ամէն մէկ աղա իր կարողութեան չափով իր թեւին տակ առնէ՝ պաշտպանելու համար։ Օրինակ 60 հայ ընտանիք իր պաշտպանութեանը կը յանձնուի։ Այսինչ անուն աղան՝ 10 ընտանիք, այս ինչը՝ 15։ Ամէն մէկը իր կարողութեան չափով կ՚արձանագրեն մեծ տոմարին մէջ եւ ատ տոմարը տակաւին Մեծ Զիլֆօ պէկին խոնախը կը պահէին եղեր։

Ծովք/Կէօլճիւք լիճէն համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական, Նիւ-Եորք, 1959)

Այսպէս ոչխարներու պէս իրենց մէջ կը բաժնեն եւ ամէն [էջ 31] աղա կ՚ունենայ իր ռայան (24), նաեւ ամէն հայ կ՚ունենայ իր պաշտպանը։ Հայոց լուր կը տրուի թէ քու պաշտպանդ այսինչ աղան է, միւսինը՝ այսինչ անուն աղան։ Եթէ որեւիցէ մէկը ձեզ կը նեղեն՝ ձեր պաշտպանին իմացուցէք եւ ան կը պատժէ ձեր նեղիչը։ Այնպէս կը կարգադրուի որ ոեւէ մէկը որեւիցէ զրկանք կամ նախատինք կրելու ըլլայ նէ իր պաշտպան աղային իմացնէ։ Հօրեղբայրս կը պատմէր թէ դէպքեր պատահած են որ մէկ աղան միւսին հետ կռիւ ունեցած է իր ռայային պաշտպանութեան համար, նաեւ կը պատմէր թէ կատարեալ պաշտպանութիւն կը վայելէինք ատ ատենները։ Աղային պարտականութիւնն էր պաշտպանել իրեն պատկանած հայը, իսկ հայուն ալ պարտականութիւնն է ծառայել իր պաշտպան աղային։ Զոր օրինակ երբ աղայի այգին յօտելու, աչքը բանալու, փորելու ժամանակը կու գայ՝ հայը կը կանչուի։ Ձմերուկ պիտի ցանուի, խոտը պիտի զարկուի, պլղուր պիտի աղցուի, տանը մէջ մանր գործեր պիտի ըլլայ՝ դարձեալ ամէն աղա իր ռայաները կարգով կը կանչէ։ Հայերն ալ առանց դժգոհութեան կ՚երթան եւ ջոջերուն գործերը կը տեսնեն եղեր։ Գրեթէ ամէն տունէ մարդ մը կամ երկու՝ տարուան մէջ երկու կամ երեք շաբաթ աղային համար ժամանակ կը վատնէ եղեր։ Այս ձեւով իր տուրքը վճարած կը լինի։ Նոյն ատեն ալ աղաներուն ծուլութեան վարժեցուցած կ՚ըլլան։ Յիշեալ աղաները ծաղրածու հայ մը կամ թուրք մը կը կանչեն, զուարճալի խօսքեր խօսիլ կու տան, երբեմն իրենց կը հայհոյեն, տարօրինակ անուններով կը կոչեն եւ [էջ 32] ատ կերպով իրենց զուարճալի ժամանակը կ՚անցնեն եղեր։ Նաեւ աղաներուն համար ուրիշ հաճոյք մըն ալ կայ եղեր՝ գովել իրենց ռայաները եւ անոնցմով պարծենալ։ Երբ իր ռայան ըլլայ ունեւոր կամ ձայնաւոր, ընմբիշտ, տեսքով յաղթանդամ [այն ատեն] իրենց խօսակցութեան նիւթը ատ է եղեր։ Երբեմն երբ այս ինչ աղան իր ռայային այս ինչ յատկութեամբ կը պարծի՝ միւսին նախանձը կը շարժի եղեր։ Շատ անգամ երբ այդպիսի խնդիր պատահած է՝ ռայաները փոխանակած են՝ Կարապետը Յովհաննէսին հետ։ Ժամանակ ալ եղեր է որ պայրամի (25) առթիւ կամ ամուսնութեան պարագաներուն մէկ աղան միւս աղային նուէր կու տայ այս ինչ ռայաֆեմիլին [family, ընտանիք]։ Այսպիսի պատմութիւններ հասարակ խօսակցութեան նիւթ էին։ Թերեւս ընթերցողը ան գաղափարը ունենայ թէ կատարեալ գերութեան դար եղած է այդ դարը։

Հակառակ պատկերն ալ պիտի ներկայացնեմ այդ ատեններուն եւ զայն պիտի յանձնեմ ընթերցողին ուշադրութեանը։

Ադ թուականներուն մեր Խոխ գիւղի բնակիչներուն մէջ գտնուող հարուստներուն, նաեւ բարեկեցիկներուն անունները պիտի թուեմ ձեզ։ Խոխի պատմութիւնը ուրիշ որեւիցէ ժամանակ կամ որեւիցէ շրջանի մէջ ցոյց չի տար եւ ոչ ալ մենք տեսած ենք այնպէս հարուստներ որ եղած են Ասաֆ աղային իշխանութեան շրջանին։

[էջ 33] Հետեւեալ անձնաւորութիւններն են այն թուականի հարուստներուն անունները, որոնց հարստութեան փշրանքները մեծ ապացոյցներ են, նաեւ շատ մը բերաններ դեռ կը վկայէին.

Եաղուպենք՝ երկաթագործ նաեւ առեւտրական։
Գօթան Աւետենք՝ երկաթագործ։
Չալըղ Էլոյենք կամ Արզումանենք՝ երկաթագործ։
Տէր Զաքարենք՝ երկրագործ եւ խաշնարած։
Մուրատենք՝ երկաթագործ։
Թոփալ Մինասենք՝ երկրագործ։
Գինոյենք՝ երկրագործ եւ խաշնարած։
Կիւլեսերենք՝ ոստ[այնանկ]։

Նաեւ շատ մը ուրիշներ որոնք փոքր հարստութեան տէր եղած են, ոմանք ալ բարեկեցիկ վիճակ ունին եղեր։ Նաեւ ամէնէն մեծ վաճառականը Մհի [Մահտեսի] Պաղտօն եղած է, ոչ թէ միայն Խոխի մէջ, այլ ընդհանուր Խարբերդի մէջ։ Աւելորդ չեմ սեպեր քանի մը տող գրել Մհի Պաղտոյին մասին, թէեւ գիրքեր պէտք է որ գրուին ատ մեծ մարդուն մասին։

1754 թուականի ատենները Ծովք գիւղը ջուրով կ՚ողողուի, բնակչութեան մէկ մասը իրենց տուները կը շինեն լերան ստորոտին՝ ձորի մը շուրջ –թէեւ ծովակը վեր եկաւ մինչեւ տուներուն մօտ-, մեծ մասն ալ կը ցրուին Խարբերդ քաղաքին ու շրջակայ գիւղերուն մէջ։ Խոխն ալ կը դիմաւորէ այդ դժբախտներէն ոմանք։ Անոնց մէջ գտնուած է տասնհինգ տարեկան ծնողազուրկ (որբ) պատանի մը [էջ 34] որուն անունն է եղեր Պաղտասար Չուլխաշեան։ Յիշեալ պատանին կ՚առնուի Եաղուպենց արհեստանոցը իբրեւ երկաթագործի աշակերտ։ Եաղուպ վարպետը զինք այնպէս կը հոգայ եւ կը խնամէ որպէս թէ իր տղան եղած ըլլար։ Պատանին փոխադարձաբար հնազանդութիւն ցոյց կու տայ հիւրընկալուած տանը մէջ, նաեւ արհեստը սորվելու մեծ ընդունակութիւն ցոյց կու տայ։ Երբ անծանօթ մէկը Եաղուպենց արհեստանոցը կամ առեւտրական տունը մտնէ՝ պիտի խորհի թէ Եաղուպ վարպետին տան անդամներէն մէկն է յիշեալ պատանին։ Նոյն ատեն Եաղուպ վարպետը ատ պատանւոյն մէջ կը նշմարէ մեծ առեւտրականի մը յատկութիւնը եւ տաղանդը։ Իր առեւտուրին ամէնէն պատասխանատու պաշտօնին գլուխ կ՚անցնէ, այնպէս որ թէ գործաւորները, թէ Եաղուպին տղաները Պաղտասարին հրամանին կ՚անսան։ Ժամանակը երիտասարդը կը մտերմացնէ Եաղուպենց ֆեմիլիին հետ եւ մտերմութիւնը կը սիրուեցնէ։ Նաեւ սիրահարութիւն յառաջ կու գայ Եաղուպ վարպետին աղջիկին՝ Պատասխանին հետ։ Սիրահարութիւնը երկու կողմէն ըլլալուն համար Եաղուպ վարպետին հաւանութեանը կ՚արժանանայ, այնպէս որ կարճ ժամանակին մէջ ամուսնութեան խորհուրդը կը կատարուի։ Եաղուպ վարպետին հաւանութեան ապացոյցը կ՚ըլլայ իր տուած մեծ օժիտը, որն էր՝ իր տան կից տուն մը շինել կու տայ զոյքին բնակութեան [էջ 35] համար։ Ատ բաւական չի սեպելով՝ մեծկակ գումար մը կը տրամադրէ փեսին եւ աղջիկին որպէսզի Երուսաղէմ ուխտի երթան, այցելեն Սուրբ Փրկիչին գերեզմանը։ Մհի Պաղտասարի եւ Մհի Պատասխանի արձակուրդը ամէնէն քիչը երկու տարուայ [համար էր], ջորի-ջորեպան հետերնին, իրենց ալ [կը տրուի] մէյմէկ նժոյգ՝ մաղթելով բարի ճանապարհ։

Հալէպէն տեսարան մը (լուսանկար՝ Վիքթոր Ֆորպէնի, Service Historique de la Défense, Վենսէն)

Տէր եւ Տիկին Չուլխաշեան սիրով եւ հաճոյքով կ՚ընդունին Եաղուպ վարպետին տուած նուէրը, նաեւ առաջարկը եւ հաճելի ճամբորդութեամբ մը կը հասնին Երուսաղէմ։ Կը պտտին Սուրբ երկրին ամէն կողմերը, Պաղեստինի շրջակայքը, վերջը կ՚երթան Հալէպ, Դամասկոս։ Երկու տարուայ ժամանակամիջոցին կը ծանօթանան առեւտրական տուներու՝ վաճառականներու հետ կարգադրութիւններ ընելով։ Ապագայ մեծ ծրագիրներով կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը։ Մհի Պաղտասար եւ Մհի Պատասխան երբ քանի մը մղոն կը մնայ որ Խոխ գիւղը հասնին, զիրենք դիմաւորելու համար հայերէ եւ թուրքերէ մեծ բազմութիւն մը կ՚երթայ՝ մաղթելով բարի գալուստ։ Կ՚ընդունին մեծ խրախճանքներով իրենց հայրենակիցները՝ հարուստ Եաղուպին փեսան եւ աղջիկը։ Ասոնք ալ գիւղացւոց հետ՝ մեծ կամ փոքր նուէրներով կը տեսնուին։ Մհի Պաղտասարը կը դառնայ ժողովրդական մարդ մը, կը ճանչցուի Մղտեսի Պաղտօ անուամբ։ Այնպէս որ երբ մէկը ուզեր Մղտես Պաղտոյին թոռներուն մէկին սիրտը կոտրել կ՚ըսէր՝ դուն Չուխաշեան ես, ոչ՝ Պաղտօ։

[էջ 36] Եաղուպ վարպետը որ սկսած էր դէպի ծերութեան երթալ, իր խանութը Մհի Պաղտոյին նուիրեց, երկաթագործի արհեստանոցը՝ տղոց, իսկ տոմարին մէջի գանձելի գումարները, ապառիկները նաեւ մուրհակները – որ կ՚ըսուէր թէ քանի մը հազար ոսկիի կը հասնի եղեր – բոլորն ալ այրեց։ Տղայոց եւ փեսային պատուիրած է թէ եթէ յաճախորդներէն մէկը վճարելու փորձ ընէ՝ մերժեցէք։ «Այս օրուան հարստութիւնս որ ձեզի կը թողում բոլորն ալ յաճախորդներուն շնորհիւն է»։

Մհի Պաղտօն իր գործը անարգել կը շարունակէ, կը զարգացնէ, շատ մը բարեկամներ կ՚ունենայ, շատերը գործի վրայ կը հանէ, խանութը վաճառատունի կը վերածէ։ Հինգ տղայ եւ մէկ աղջիկ կ՚ունենայ։ Տղոցմէ մէկին բարձր ուսում կու տայ, իր վաճառատան տոմարակալը կը դառնայ։ Տղոցմէ ամէն մէկուն պատասխանատու պաշտօն մը կու տայ իր վաճառատան մէջ։ Հալէպէն եւ Դամասկոսէն խութնի խումաշ (26), որ ան ժամանակին արդիական ծախուելիք ապրանքներ են եւ անոնց մեծարանքի ծախելը Մհի Պաղտոյին ձեռքը եղած է։ [Ապրանքներուն] փոխադրութիւնը իր սեփական ջորիներով կ՚ըլլայ եղեր, որոնց քանակը քառասունէն աւելի ունի եղեր, նաեւ թուրք ջորեպաններ։ Էրզրումէն, Պինկէօլէն տասնեակ հազարներով խոյ, այծ, կով, եւայլն կը բերեն՝ մեծաքանակ եւ փոքրաքանակ, կը վաճարեն թէ Խարբերդ քաղաքը եւ թէ գիւղերը։ Ասոնք խաւուրմայի համար միշտ կը գործածեն կանխիկ թէ ապառիկ։

1) Դամասկոս, համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)
2) Երուսաղէմ քաղաքէն տեսարան մը (լուսանկար՝ Վիքթոր Ֆորպէնի, Service Historique de la Défense, Վենսէն)

[էջ 37] Մհի Պաղտօն կ՚ունենայ մեծ անուն եւ համբաւ ոչ թէ միայն Խարբերդի մէջ, այլ ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ։

Իր թոռը նաեւ շատ մը ուրիշներ կը պատմէին երբ Մղտէս Պաղտոյին ջորիներու կարաւանը կու գար փեշենկ (27) ջորիի մը առաջնորդութեամբ եւ Մղտես Պաղտօն ալ արաբական նժոյգ ձի նստած, որ Խոխի աղաները գալուն լուրը կ՚ունենան, հինգէն տասը մղոն դիմաւորելու կ՚երթան, բոլոր աղաները միասին՝ Ասաֆ աղայի ղեկավարութեամբը։ Եւ երբ աղաներուն խումբը, նաեւ Մղտես Պաղտօյին կարաւանը իրարու կը հանդիպին՝ երկու կողմէն ձիերէն վար կ՚իջնան, կը գիրկախառնուին, բարի գալուստի ուղերձը միշտ Ասաֆ աղան կու տայ։

Մղտես Պաղտօն ալ բոլոր աղաները թանկագին ընծաներով կը մեծարէ եղեր, Ասաֆ աղային կը տրուի ամէնէն մեծ եւ թանկագին նուէրը, որովհետեւ Մղտէս Պաղտօն Ասաֆ աղայի ռայան է եղեր եւ Մղտես Պաղտոյին բացակայութեան ատենը թէ իր ապրանքները եւ թէ ընտանեկան պարագաները Ասաֆ աղային անուան ազդեցութեամբ կը պաշտպանուին եղեր։

Ատ ժամանակները Ալէհ պէկի ուշախներէն զատ ոեւէ մէկը իրաւասութիւն չունի եղեր տարվաղա (զոյգ դուռ) ունենալու։ Միայն Մղտես Պաղտօն ունեցած է այդ առանձնաշնորհումը որ ադ տանը մէջ կը բնակէր։ Մղտես Պաղտոյին երէց որդին՝ Մղտես Խաչերը եւ անոր զաւակները ատ տարվաղան վկա(…) էր մինչեւ կոտորածին թուականին։ Կոտորածին ատենը թուրքերը գիւղին բոլոր հայոց տուները վառած են, տարվաղան ալ հետը։

[էջ 38] Մղտես Պաղտօն այս նկարագրուած մեծ գործը կը շարունակէ քառասուն երկայն տարիներ եւ իր ծերութեան տարիներուն մէջ ձախորդութիւններ իր վրայ կը տեղան, որ որ իր յառաջացեալ տարիքին մէջ երբ իրեն կը տեղեկացնեն թէ Էրզուրիմի (…) գալած ոչխարները որոնք տասնեակ հազարէն աւելի էին՝ հիւանդութեամբ վարակուած են։ Հազիւ հինգ հարիւր հատ Խարբերդ կրնայ հասնիլ, որ անոնք ալ անգործածելի դարձած են իրենց նիհարութեան պատճառաւ։

Մղտես Պաղտօն իր զաւակները կը մխիթարէ ըսելով թէ այսպիսի վնասներ շատ պատահած է եւ կը պատահի, հոգ մի ընէք եւայլն։ Բայց շաբաթներ վերջ լուր կու գայ թէ Մղտես Պաղտոյին քառասուն ջորիներու կարաւանը նաեւ ապրանքները յափշտակուած է արաբ աւազակախումբի կողմէն, իր տղան՝ Սարգիսը, մազապուրծ ազատած է մահուանէ, հրացանի գնդակը գլխարկին հանդիպած է, ջորեպաններէն ոմանք սպաննուած են, ոմանք փախած են, վիրաւոր ալ կայ, եւայլն։ Այս ծանր եւ դառն լուրը կը վհատեցնէ ծեր մարդը եւ տեսակ մը կաթուածահար կ՚ըլլայ։ Քանի մը օր վերջ Սարգիսը կու գայ իրականութիւնը պարզելով, [Մղտես Պաղտօն] շատ կը ջղայնոտի, Վարի Խոխի իր բարեկամին մէկը զինք իրենց տունը կը հրաւիրէ քանի մը օր, որպէսզի տեսակ մը մխիթարուի կամ նեղութիւնը մոռնայ։ Մէկ շաբաթ վերջ կը մեռնի Վարի Խոխի բարեկամին տունը։ [Կարաւանին կողոպտուելուն] լուրը լսելէն մինչ մահը քառասուն օր կը տեւէ։

[էջ 39] Խարբերդի վաճառականները որ Մղտես Պաղտոյէն ապրանք կը գնէին՝ Մղտես Պաղտոյին տղոց առաջարկեցին որ դարձեալ շարունակեն իրենց գործը։ Բայց տղաքը շնորհակալութիւն յայտնելով ետ կը կենան այդպիսի մեծ ձեռնարկէ եւ հինգ տղաք, զատ-զատ, ամէն մէկը իր հաշուոյն գործ մը կ՚ընեն. մսագործութիւն, հացագործութիւն, չարչութիւն (28), պախալութիւն (29)։ Ամէն մէկը մէկ ճիւղի մը մէջ էին արդէն, թէեւ վաճառականները խոստացան նիւթապէս օգնել, բայց տղաքները վախցած են արաբներու աւազակախումբին կրկին յարձակումէն։

Մղտես Պաղտոյին տղոց սկսած գործերը կամ արհեստները սահմանափակ եղան։ Թէեւ թոռները, թոռներուն թոռները բոլորն ալ առեւտուրով եւ արհեստով ապրողներ եղան, բայց բոլորն ալ սահմանափակ վիճակի մէջ։ Թէեւ Խոխցիներուն մեծամասնութիւնը առեւտուրով եւ արհեստով զբաղած են, բայց Մղտես Պաղտօ կամ Եաղուպ վարպետ մը երեւան եկած չէ ոչ թէ միայն Խոխի մէջ, այլ մինչեւ իսկ քաղաքին մէջ ալ չեմ գիտեր։ Պարագաներո՞ւն կը պարտինք թէ մարդը արտակարգ տաղանդ ունի եղեր, ատ ալ ընթերցողին դատողութեանը կը յանձնեմ։ Նաեւ ընթերցողին դատողութեանը կը յանձնեմ թէ ռայայութեան ատենը հայոց վիճակը լաւ էր թէ օգոստափայլ կայսրներու օրով (30), որոնցմէ ալ պատկեր պիտի ներկայացնեմ։ Ռայայութիւնը միայն Ասաֆ աղային օրովն էր։ Թէեւ Ասաֆ աղայէն վերջ Զիլֆօ պէկը գիւղին մեծաւոր կ՚ըլլայ, բայց ատ ատենները կեդրոնական կառավարութիւնը ղեկը իր ձեռքը անցուց։

[էջ 40] Ներողամիտ կ՚ըլլաք եթէ մեր նիւթէն դուրս պզտիկ պատմութիւն մը բերեմ։ Սուլթան Մահմուտի (31) օրօվ օսմանեան պետութիւնը որդեգրած է [քաղաքականութիւն մը] որպէսզի իր տիրապետութեան մէջ եղած տերեպէկիներուն վերջ տրուի։ Ցեղապետներ, երբեմն տեղեր աւազակապետեր, տեղ ալ կայ եղեր որ լաւ կառավարողներ կը գտնուին եղեր եւ այս յիշեալները ինքնագլուխ կը կառավարեն, կը շահագործեն։ Իրենց մարդիկներովը կը յարձակին միւս ցեղապետին վրայ, կը յաղթեն, կը յաղթուին իշխանութիւններ ամէն ուրէք։ Մանաւանդ քիւրտ շրջանակներու մէջ ոմանցս ծանօթ է Պատրխան պէկի (32), Խան Մահմուտի անունները, որ մեծ աշիրաթներ (33) են եղեր։ Մեր գիւղէն 30 մղոն հարաֆ՝ Ճելլօ կոչուած ցեղ մը կայ եղեր, որ Եփրատի հարաւային կողմը գրեթէ ապտիհներու թագաւորն է եղեր։ Ռաշիտ փաշան (34) 40 հազար զօրքով եւ ան ատենուայ թնդանօթով յարձակեցաւ, նուաճեց, անգութօրէն ջարդեց կիները եւ մանուկները, չխնայելով երիտասարդները։ Նոյն փաշան նոյն վիճակին հասցուց Թարխօ անուամբ ցեղապետը որն որ Եփրատի հիւսիսային կողմը քիւրտերուն վրայ կ՚իշխէր Եփրատի եզերքէն մինչեւ Մերհիմիտ, որ աս [իմա՛ Թարխօ անուամբ ցեղապետը] վերջը ուզեց օգնել Ճելլոյին, բայց ինքն ալ Ճելլոյին բաղդին արժանացաւ։ Նաեւ Քելպիքօ ցեղը եւ ուրիշ ցեղեր Հաֆդաւոր լեռնաշղթային կ՚իշխէր եղեր, ան ալ Հաճի Իզէթ փաշա կոչուած զօրավարը մեծ բանակով կը յարձակի։ Ինչպէս [էջ 41] ծանօթ է ամէնուս թրքաց անգթութիւնները, այս երեք տեղերը որ յիշեցի ականատես վկաներ են, լսած եմ, որոնք մասնաւոր կերպով կանչուած են որպէսզի թալանի ապրանք գնեն, որոնք կը պատմէին թէ որչափ ոչինչ գնով արժէքաւոր ապրանքներ գնած են, նոյնպէս Հաճի Իզէթ փաշային կողմէն կանչուածները հոն ալ գնած են շատ աժան եւ չնչին գնով մը արջառ, ոչխար, ձի, եւայլն։ Որոնցմէ մէկը իմ վարպետս եղած է, որ միշտ կը պատմէր։ Ուրիշ շատ մը տեղեր նոյն վիճակին ենթարկած են որպէսզի մաքրեն այս անբաղձալի տարրը։ Թէեւ անատենուայ լուրերը այսպէս ցոյց կու տայ թէ բոլոր տերեպէկիները ջնջուած են, բայց ոչ թէ մաքրուած, բայց դարձեալ իշխող ցեղապետեր եւ աւազակներ բազմաթիւ էին։

Բայց քիչ չէր Պոլիսէն գալած բարեկարգութեանց խոստումները։ Բոլոր կուսակալութեան շրջաններուն կը հաղորդէին թէ օսմանեան երկիրը պիտի հաւասարի եւրոպական երկիրներու եւ այնպէս ալ կը յուսային թէ այս երկիրը պիտի զարգանայ եւ ապահովութիւն պիտի տիրէ։ Սուլթան Մէճիտի (35), նաեւ Սուլթան Էզիզի (36) օրով ժողովուրդը հաւատք կ՚ընծայէր խոստումներուն եւ մեծ խանդավարութիւն կայ եղեր երիտասարդաց մէջ, իրար կ՚ողջունեն եղեր՝ բարի եւ խոստմնալի օրերը տեսնելու համար, մանաւանդ երբ կը տեսնուի որ չարագործներէն ոմանք կը պատճուին, երբ նոր սերունդը ինքզինք բախտաւոր կը սեպէ եղեր որ այս երջանիկ ժամանակին ծնած է։

Համիտիէ զօրագունդերը (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, Լոնտոն, 1901)

Բայց միայն յոյսով ապրեցան եւ երբ Սուլթան Համիտ (37) գահ բարձրացաւ ամէն բան փոխուեցաւ։ [էջ 42] Անկիւնները պահուըտող աւազակները եւ աւազակապետերը երեւան եկան, քիւրտ հաշրաթները [ցեղախումբերը] աւելի զօրաւոր կերպով կազմակերպուեցան համիտիա (38) անուան ներքեւ, Մուսա պէկեր, Խասըմ պէկեր եւայլն, եւայլն։ Իրարու բարեկամ կամ իրարու թշնամի՝ հայերուն [նկատմամբ] երկու կողմն ալ թշնամի [էին]։ Գողութիւններ, կողոպուտներ հասարակ բաներ դարձան։ Բայց ատոնք ընողները միայն քիւրտերը չէին։ Թուրքերը ոչ միայն պակաս չէին մնար, այլ կը գերազանցէին քիւրտերը։ Երբ կառավարութեան կը դիմուէր փոխանակ պաշտպանելու, աւելի կը քաջալերէր գողերը։ Ատ ժամանակները ռուս-թուրք պատերազմ կար, կարծես թէ պատերազմին պատճառը մենք եղած ըլլայինք. նորանոր կերպերով կը տանջէին քրիստոնեայ տարրը, կառավարութեան կողմէն նորահնար տուրքեր կը պահանջուէր եւ կը գանձուէր, մանաւանդ որ հայոց ապահովութեան չէր գար որ երթային այսինչ գիւղը գործէին, գոնէ արտակարգ տուրքերուն դրամ վաստկուէր, ամէն օր արտակարգ դէպք մը կը պատահէր եւ մինչեւ իսկ հայոցմէ շատերը չէին համարձակեր երթալ իրենց սեփական այգիներ խավող [իմա՛ խաղող] բերելու։ Հին մարդիկները կը փնտռէին հին ժամանակները, [երբ] աղաները կը պաշտպանէին իրենց ռայաները, անցեալ օրերուն երնէկ կու տային։ Իսկ հայերէն ոմանք իրենց ծանօթ կամ բարեկամ աղային կը դիմէին այսինչ անձին կրած զրկանքին համար եւ կ՚ակնկալէին պզտիկ օգնութիւն մը։ Շնական ժպիտով մը կը պատասխանէին թէ ձեռքէս բան մը չի գար, ջուր[ին հոսանքը] փոխուած է։

[էջ 43] Գիւղին մէջ կը գտնուէին քանի մը ակռաները սուր հայեր, անոնք ալ հազիւ իրենք զիրենք կրնային պաշտպանել։ Նոյն ատենը անոնց չէին ալ դպչել [իմա՛ չէին կրնար դպիլ]։ Եթէ խօսակցութիւն մըն ալ ունենային շատ քաղաքավարութեամբ կը խօսէին եւ եթէ [իրենց] դպչելու փորձը ընէին՝ թուրքերը յաջող ելք մը չէին ունենար։ Աւելորդ չեմ սեպեր յիշել այն անունները որոնք իրենք զիրենք կրնային պաշտպանել.

Գրիգոր Կարապետեան (Գագըռէ), Մահթէսի Խայօ Արզման, Փարսեխ Փարոսեան, Պաղտասար Մինասեան, Մարտիրոս Մինասեան, Մելքոն Պօյաճեան եւ քանի մը ուրիշներ որ պիտի հանդիպիք դէպքերու պատմութեան մէջ։

1876-ին գիւղին մէջ աւելի ընդհանրացաւ գողութիւնները, հնարուած էին թուրքերուն կողմէն տեսակ-տեսակ բանալիներ, պատերը ծակելու գործիքներ, նաեւ շատ մը անբաղձալի դէպքեր կը պատահէին որ գրեթէ կեանքը անստոյգ կը նկատուէր։ Հայերը առանց յուսահատելու դարձեալ կը վազէին Մեզիրէն (39), կը դիմէին կառավարութեան աղերսագրով, երբեմն աղաներուն բերանացի բայց ապարդիւնք, ձայներնին չի լսուիր, կը ջանան նեղութիւնները շատցնել, աղաները կը կանչեն լուսաւորչականաց եւ բողոքականաց հոգաբարձութիւնները եւ կ՚ազդարարեն թէ կոչնակ պիտի չզարնէք եւ վերջ տուէք ատ թախըլթիին (40)։ Բողոքականին մէկը նկատի առնել կու տայ իրենց [իմա՛ իսլամներուն] օրը հինգ անգամ թուլլան մինարէ ելլելը, ինչէ մարդուն ատ անակնկալ եւ յանդուգն հարցումին [էջ 44] կը պատասխանեն քանի մը ապտակներով եւ կ՚ըսեն թէ աղքատ ըլլալուդ համար պզտիկ պատիժ մը բաւական կը սեպենք, թէ որ նշանաւոր մէկը ըլլայիր ծեծդ մեծ պիտի ըլլար։ Այս պատիժը աղքատի մը կը բաւէ։ Գրիգոր եղբայր փառք տուաւ Աստուծոյ որ աղքատ է եւ քիչ ծեծեցին, նաեւ գողը իր տունը չայցելէր։ Սխալած էր։ Ատ հաշուոյն մէջ գողը այցելեց իր տունը, գողցաւ ինչ որ ունէր։ Ոչ լուսաւորչականները, ոչ ալ բողոքականները մեծ կարեւորութիւն տուին, դարձեալ կը շարունակէին կոչնակը զարնել։ Հիմա աղաներուն սպառնալիքը խիստ եղաւ։ Ըսուեցաւ հայոց եթէ ձեր կոչնակին ձայնը մեր ականջներուն լսելի ըլլայ ձեր աղաչանքին ու պաղատանքին ձայնը անլսելի պիտի մնայ։ Գացէք լաւ մը խորհեցէք, դուք էք պատասխանատուն։ Երկու եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը լաւ մը խորհրդակցելէ վերջ հնազանդեցան եւ տեղի տուին թրքաց անիրաւ պահանջին եւ դադարեցուցին կոչնակ զարնելը։ Բայց [օր մը] լուսաւորչականաց կոչնակը եւ թոխմախները (41) գողցուեցան թուրքերուն կողմէն։ Երբ հոգաբարձուներէն մէկը՝ Գէորգ Անկճուկեան, աղաներուն կ՚երթայ, կը բողոքէ՝ ըսելով թէ մենք արդէն դադարեցուցած էինք կոչնակ զարնելը, ինչ իրաւունքով կու գան կը տանին մեր կոչնակը, նուիրական բանի հետ կատակ պէտք չէ ըլլայ, եւայլն, աղաներ կը խոստանան որ ղրկեն եւ կը ղրկեն, բայց քանի մը օր վերջ սաստիկ ծեծ մը կը քաշեն Գէորգ աղբօր, որ գրեթէ տարի մը անկողինին ծառայելէն վերջ՝ մեռաւ։

[էջ 45] Այս սպառնալիքը, նաեւ Գէորգին ծեծ ուտելը բոլորովին դադարեցուց կոչնակներուն ձայները, երկու եկեղեցիները լուռ կերպով պաշտամունք կը կատարէին։

Համիտիէ հեծելագունդը (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, Լոնտոն, 1901)

Բայց ատ ալ երբեք փոփոխութիւն մը չբերաւ, դարձեալ ապահով չէր հայերուն կեանքը, նաեւ ունեցածը։ Թուրքերը ամէն պատճառ կը փնտրէին որ նեղութիւն մը կամ կռիւ մը ըլլայ, արձակ-համարձակ կը պոռային «իւչ կիւնըզ գալտի» (երեք օրեր մնաց)։ Ինչպէս յիշուած է ոչ ոք հայոցմէ կը համարձակէր իր այգիին խավողէն կամ տանձերէն իր տունը բերել։ Թուրքեր էին որ հայոց այգիները եւ պարտէզները կը վայելէին։ Երբեմն քանի մը երիտասարդներ միասին կ՚երթային իրենց սեփական այգիէն խավող բերելու՝ ան ալ գողի մը պէս։ Ատ ալ միշտ չէին յաջողեր։ Երբեմն թուրքերը ճամբուն վրայ պահուըտած կ՚ըլլային, կ՚ելլէին, ձեռքերնէն պտուղները կ՚առնէին, կը տրորէին, կը ծեծէին եւ երբ չէին համարձակեր ուրիշ անգամ մը եւս երթալ՝ իրենց սեփական այգին թուրքերուն կը մնար։

Հայերը դարձեալ ժողով կը գումարեն եւ կ՚որոշեն կրկին երթալ Մեզիրէն։ Մեծ բազմութեամբ իրենց առաջնորդ ընտրած են քահանան, քարզիչը (42), լուսաւորչական եւ բողոքական հոգաբարձութիւնները, գիւղին էղեները, խօճապաշին (43), որոնց հետեւող բազմութիւնը յիսունի չափ կը հասնի։ Պիտի երթան Մեզիրէն՝ մեծապատիւ փաշային աղերսագիր մը պիտի տան՝ ըսելու թէ մեզի հայոցս համար անկարելի է Խոխի մէջ բնակիլ, [էջ 46] մեզի բնակելու տեղ մը ցոյց տուր, եւայլն։

Սեպտեմբեր ամսուն Հինգշաբթի օր մը որոշուած թիւէն ալ աւելի մարդիկ Տէրտէրին, քարզիչին առաջնորդութեամբ կ՚երթան Մեզիրէն, կը գտնեն Կօշկար Մարտիրոսը որ Վերի Խոխցի է, իսկ ատ ատենը Մեզիրէն կը բնակէր եւ իր արհեստովը կը զբաղի։ Այս Մարդը կառավարութեան շրջանակին մէջ բաւական ծանօթ մէկը ըլլալուն համար այս յիշեալ խումբին առաջնորդը կ՚ըլլայ։ Ուրբաթը կարելի չէ աղերսագիր տալ, Շաբաթը կը տրուի եւ Երկուշաբթի օրը կը սպասեն պատասխանին եւ բոլոր բազմութիւնը Մեզիրէն կը մնան։

Կիրակէ օրը Միսիոնար մը Մսդըր Հույլըր (44) անուամբ Վերի Խոխի բողոքականաց ժողովարանը կ՚այցելէ քարոզելու համար։ Երբ քարոզելու ատենին կը մօտենայ՝ միսիոնարը կը հրամայէ որ կոչնակ զարնեն։ Կը պատասխանուի թէ թուրքերը արգիլած են կոչնակ զարնելը։ Միսիոնարը կ՚ըսէ թէ ես կ՚ուզեմ որ կոչնակ զարնուի, իմ պատասխանատուութեանս տակը։ Հոն եղող պատուելիներէն շատերը վարանեցան, իսկ Պօղոս Եաղուպեան անուամբ պատանի մը կար, յանդգնեցաւ կոչնակը զարնել։ Կոչնակը երկաթէ էր, երկաթէ մուրճով զարկաւ քիչ մըն ալ սովորականէն աւելի, այնպէս որ թուրքերուն ուշադրութենէն չվրիպեցաւ։ Անմիջապէս երկու թուրք կը ղրկուին իբրեւ լրտես, որոնք կը հանդիպին [էջ 47] Շաբղալի կեավուրի մը (45)։ Թուրքեր անչափ կը վախնան Շաբղալի կեավուրէ մը որչափ հայերը թուրքերէն։ Աղաներուն տեղեկութիւն կը տրուի եւ աղաները լրտեսներ կը ղրկեն իմանալու համար թէ միսիոնարը երբ պիտի բացակայի։ Մարդիկը եկան տեսան որ Շաբղալի կեավուրը ձին նստաւ եւ Խույլի (46) գնաց։ Ատ մասին ապահով եղան եւ աղաները կը խորհին որ ճիշդ ատ գիշեր բողոքականաց ժողովարանը հրոյ ճարակ դարձնեն, մանաւանդ որ լսած են թէ յիսուն մարդիկ Մեզիրէն գացած են։ Հայերէն ոմանք ունէին բարի սովորութիւն մը որ մեր գաղտնիքները թուրքերուն կ՚իմացնէին։ Միամիտ բողոքականները երբեք լուր չունին թէ ինչ փլան [plan, ծրագիր] պատրաստուած է իրենց ժողովարանին համար։ Շատ ուրախ եւ զուարդ տրամադրութեան տակ էին, որովհետեւ միսիոնարը կոչնակը զարնել տուած էր։ Կիրակէ ժամը տասներկքին, այսինքն կէս գիշերին Մղտես Խայոյին շունը կատաղի կերպով կը հաջէ, Մղտէս Խայօն հրացանը ձեռքը դուրս կ՚ելլէ իմանալու համար թէ ինչ է պատահեր կամ ինչու շունը ատպէս յուզուած է։ Կը տեսնէ դրան առջեւի ծածքին տակ խումբ մը մարդիկ, թուրքերէն լեզուով կը հարցնէ թէ ո՞վ են, ի՞նչ կ՚ուզեն։ Թուրքերուն խմբապետը որուն անունը Խալլօ է կը պատասխանէ լրբօրէն՝ Մղտեսի մի վախնար, քեզի վնաս մը չի հասնիր, [էջ 48] փրոտներուն (47) քիլիսան (48) պիտի վարենք, եթէ ուզես կրնաս մեզի ընկերանալ։ Մղտես Խայօն որ տաքարիւն եւ քաջ մէկը կը ճանչցուի՝ հրացանը կը պարպէ, գնդակ մը կը վրիպի, թուրքերը զէնք չունին, տունէն քիչ մը հեռու երթալով կը սկսին քար նետել։ Երբ աղմուկը կը շատնայ եւ գիւղացիք տակաւին տանիքներուն վրայ խրճիթներու մէջ կը պառկին՝ կը հաւաքուին կռիւին վայրը, մինչեւ իսկ վարի թաղերէն օգնութեան եկան։ Թուրքերը փախան դէպի արեւմուտք, բարձրը եւ սկսեցին քարերով կռուիլ։ Թէեւ հայերը թիւով շատ են, բայց թուրքերը բարձր ըլլալնուն համար յաղթանակը անոնց կ՚ենթադրուէր։ Հայերը արշաւեցին դէպի վեր, թէեւ քարերը կարկուտի պէս կը տեղային, ես ականատես էի, երբ վերէն քարերը ֆշշալէն դէպի վար կը թռէին, որոնցմէ մէկը Պետրոս Պաղտասարեանի ձեռքի փայտին դպաւ, փայտը կոտրեցաւ, կտորը Ազնաւուր Կարապետեանին աջ բազուկին հանդիպեցաւ եւ ճիշդ արմուկէն  կոտրուեցաւ։ Կարգէն դուրս հանուեցաւ, որ քաջ կռուողներէն մէկն էր։ Մահտէսի Յովհաննէս Արզըմանեանը թէ կը կռուէր, թէ կը քաջալերէր միւս կռուողները, կարծես տակաւին իր ձայնը ականջիս կը հնչէ, կը պոռար՝ հայեր, քանի մը չոճուխներ են, եթէ ատոնց յաղթուինք՝ ալ միշտ յաղթուած կը մնանք, արագ վազեցէք դէպի վեր, քաջ եղէք, մի վախնաք, հետերնիդ ենք, [էջ 49] բռնենք, կապենք։ Սկսեց խմբապետին անունը տալով թրքական քիւֆիրները (49) շարել։ Հայերը դարձեալ վազեցին դէպի վեր, թուրքերը փախան եւ անյայտացան, հայերն ալ խորհեցան թէ կռիւը վերջացաւ։ Հոն գտնուող տղայոց հրամայեցինք որ տուներնին երթան եւ իրենք ալ որպէս թէ յաղթանակ տարած կը պատրաստուէին որ ամէն մարդ իր տունը երթայ, երբ տեսնուեցաւ որ այս անգամ քարեր հիւսիսային բլուրէն կու գան. այս անգամ կը պոռան, կը քրֆեն, հայ ծանօթներու անունները մատնանիշ ընելով։ Հայերն ալ պակաս չէին կենար, քարերով, յիշոցներով յականէ յանուանէ, բարձր տանիքներու վրայ կ՚ելլէին, անոնք որ վարժ էին քար նետել, ատ ատենը ոչ մէկ կողմէն մէկը վնասուեցաւ, բացի Ազնաւուրէն, ան ալ քանի մը շաբաթ տեւեց, լաւացաւ։ Ատ վերջի կռիւը կարծես տղայական խաղ մըն էր, լուսուն լոյս գիշեր մըն էր, այնպէս որ երկու կողմի մարդիկն ալ կը ճանչցուէին։ Մէկէն տեսնուեցան երեք ձիաւորներ, կանգ առին հայոց բազմութեան մէջ, առտուայ ժամը երեքուկէսի ատեններն էր։ Մեր Խոխի աղաներն են, կ՚ուզեն գիտնալ թէ գիշեր ատեն այս ինչ արտակարգ բազմութիւն է որ հոս հաւաքուեր են (որպէս թէ չեն գիտեր)։ Կարճ բառերով հայերը բացատրեցին, մեծ Զիլֆօ պէկ հրամայեց որ տանիքը եղողներէ մի քանին վար իջնեն, բոլորն ալ վար իջան եւ աղաները սկսեզին հայերը յանդիմանել եւ ըսել թէ դրացիներու համար ամօթ է։

Կոչնակի գործածութիւնը Խարբերդի դաշտին մէջ։ Հոս՝ Մեզիրէի (Մամուրէթուլ-ազիզ) հայկական որբանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 1., 15. Jahrgang, Oktober 1912)

[էջ 50] Հայերը որ աւելի իրաւունք ունէին անոնք մեղադրելու, պէկերէն խնդրեցին որ ատ խրատը միւսներուն տան, նաեւ լաւ յանդիմանութիւն մը։ Մենք հանգիստ քունի մէջ էինք, անոնք էին որ խանգարեցին մեր հանգիստը։ Պէկերը քանի մը խօսք հասկցնող հայերուն հետերնին առնելով թշնամիին քովը գացին, որոնք դեռ քար նետելով կը զբաղէին։

Մեծ Զիլֆօ պէկը որ միշտ պէկերուն եւ աղաներուն առաջինը կը համարուէր՝ իր կրտսեր տղան կռուողներուն խումբին մէջ կը տեսնէ։ Առանց միւսներուն հետ խօսելու իր տղուն երեսը թքնելով կ՚ըսէ՝ «Ահմէտ, իւղն քարայ օլայ» (Ահմէտ, երեսդ սեւ ըլլայ), իմ անուանս արատ կը բերես եւ ուրիշ քանի մը յանդիմանական խօսքեր խօսելէն վերջ՝ կը հրամայէ որ տուն երթայ։ Ոմանք կը խորհէին թէ որովհետեւ հրձիգութեան [իմա՛ ժողովարանը այրելու] պաշտօնը չկրցաւ գլուխ հանել՝ ատոր համար էր թուքը եւ յանդիմանութիւնը, ոմանք ալ կը պնդէին թէ Զիլֆօ պէկը լուր չունի եղեր միւս աղաներուն սարքած ժողովէն։

Զիլֆօ պէկը եւ միւս երկու աղաները կը դադարեցնեն կռիւը եւ թուրքերուն կը հրամայեն տուներնին երթան. հնազանդեցան, գացին, կռիւը վերջացաւ։

Ատ հրձիգները ամէն տեղ կը պարծենային իր քաջութեան մասին։ Կ՚ըսէին մենք տասներկուքէն աւելի [էջ 51] չէինք, իսկ հայերը հարիւրներով կային, բայց մեզի՝ [թուրքերուս], չկրցան վնաս տալ։ Հայերը լռութիւն կը պահէին ատ մասին. մեծերէն այդպէս պատուիրուած էր։ Այս դէպքը առանց վնասի անցաւ։ Օգտակարութիւնը այն եղաւ որ հայերը այս դէպքերէն քաջալերուելով՝ սորվեցան միութիւն, բայց մասնաւոր կազմակերպութիւն չունեցանք։ Խոխի մէջ մինչեւ վերջը միութիւն աւելի շատ [կը նշանակէր] կառավարութեան երթալ, գանգատիլ եւ [այսպիսի բաներու ծախսերուն] շատ սիրով կը մասնակցէին գիւղին ընդհանուր հայութիւնը։ Նաեւ մեր թուրք դրացիներու վրայ ալ ունեցաւ իր ազդեցութիւնը, որու մասին ակնարկութիւններ պիտի տեսնանք։ Բնական է որ ընթերցողը անհամբեր կը սպասէ հասկնալ թէ ինչ արդիւնք յառաջ եկաւ կամ ինչ յաջողութիւն ձեռք բերին այն մարդիկը որոնք Մեզիրէ գացին եւ աղերսագիր տուին կառավարութեան։ Աղերսագիր տուողները մէկ քանի օր սպասելէ ետք՝ կը ստանան պատասխան մը որով կը խոստանան ղրկել պաշտօնեայ՝ քննելու եւ հասկնալու թէ ինչ է գիւղին մէջ եղած անհասկացողութիւնը։ Նոյն ատեն անպաշտօն կերպով զիրենք խրատած են թէ պատերազմի ատեններ խոհեմութեամբ շարժելու էք եւ կարելի եղածին չափ սիրով ապրելու էք, նոյնպէս երբեմն աչք գոցելու էք մանր եւ աննշան դէպքերուն։ Երբ այդպէս թելադրութիւն կը լսեն՝ յուսահատ կերպով կը վերադառնան՝ պարտուած զօրքերու նման առանց որեւիցէ արդարութիւն մը ակնկալելու։ Բայց երբ իրենց հարցուեր աղերսագրին արդիւնքին մասին՝ կը պատասխանէին թէ քննիչ յանձնախումբ մը պիտի գայ, թէեւ իրենք ալ չէին հաւատար [իրենց իսկ խօսքերուն]։

[էջ 52] Բայց տեսան որ քանի մը շաբաթ վերջ դուրսեցի թուրք քննիչ մը երկու տեղական պաշտօնեաներով կու գան Խոխ՝ Մեծ Զիլֆօ պէկենց տունը, նաեւ կը կանչուին հայոց էղաները, նաեւ թուրքեր՝ [բոլորը] ըխթիար մէյճլիսի (50) [անդամներ]։

Գալող [իմա՛ եկող] պաշտօնեաներէն մէկը կը հարցնէ եւ կ՚ուզէ հասկնալ թէ ինչ է հայոց նեղութիւնը կամ ինչ է ձեր պահանջը, մենք կրնա՞նք օգտակար ըլլալ ձեզի, եւայլն։

Հայոց էղեներէն մին կը պատասխանէ պաշտօնեային հարցումին. «էֆենտի, մեր տուները կը բացուին, պատերը կը ծակեն, մեր մալերը կը գողցուին, վերջապէս մեր ունեցածը մեր չէ։ Նաեւ մեր ազգայինները կը ծեծուին, կ՚անարգուին, կ՚անպատուին, եւայլն»։

Միւս պաշտօնեան կ՚ուզէ հասկնալ թէ որոնք են այս չարագործները կամ ինչ կերպով կարելի է զսպել [զանոնք]։ Հայոց էղեներէն մէկը կը պատասխանէ թէ խոհեմութիւն չենք սեպեր մասնաւորներու անունները տալ։ Այս գիւղին մէջ բաւականաչափ պալտըռիչփլախներ (51) կան, որոնք յիշեալ ոճիրները կը գործեն եւ ետ չեն կենար անվախ-համարձակ պարծենալէ՝ առանց ամչնալու, առանց խպնելու։ Եւ կը շարունակէ. «մեր գիւղին աղաները եւ պէկերը միտքի եւ խելքի տէր մարդիկ են, մենք կը հիանանք անոնց տաղանդին եւ կարողութեան վրայ, նաեւ կը ցաւինք որ Աստուծմէ տրուած այս կարողութեան մէկ մասը գոնէ իրենց հայ դրացիներուն համար սպաս չեն դներ։ Եթէ մեր գիւղի աղաները քիչ մը նեղութիւն յանձն առնեն եւ ջանան իրենց ազդեցութիւնը [էջ 53] գործածել պալտըռիչփլախ դասակարգին վրայ, [այն ատեն] գայլը գառին հետ կրնան բնակիլ, որովհետեւ անցեալին մէջ [աղաները] ցոյց տուած են իրենց պաշտպանութիւնը եւ մենք ապահով կեանք վարած ենք։ Ասոր համար շնորհակալութիւն յայտնած ենք եւ կրկին կը յայտնենք, մեր նախնիքն ալ օգտուած են Ալէհ պէկի ուշախներէն եւ մենք կը հաւատանք որ եթէ մեր աղաները մի քիչ նեղութիւն յանձն առնեն մեզ պաշտպանելու համար՝ մենք պաշտպանուած կ՚ըլլանք։ Մեր յարգոյ կառավարութիւնն ալ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ապահովելու իր նահանգին եւ գիւղերու բնակչութիւնը։ Մեծ ապացոյց մըն է էֆենտիներուդ ներկայութիւնը»։ Թէմէնդէօղ մը խոնարհութիւն կը յայտնէ եւ կը նստի տեղը։ Քննիչները այլ եւ այլ ուրիշ հարցումներ կ՚ընեն։ Երկու կողմերուն միջեւ միջնորդի հանգամանք աւելի կ՚առնէ անոնց ներկայութիւնը, քան թէ պաշտօնական քննիչի մը հանգամանք։ [Այս պատճառով] ալ հայերը շատ բան չեն կրնար ակնկալել, բայց դարձեալ կ՚ակնկալեն երբ աղաներէն մէկը խօսք կ՚առնէ։

Աղաները խօսուած ճառին լաւ կողմերը ըմբռնեցին, քիչ մըն ալ տրնտջալու պէս արտայայտուեցան։ Ըսին հին օրերէն ինչը մնացեր է հիմա, ժամանակները բոլորովին փոխուած են, մենք ունինք կառավարութիւն, թուրք հասարակութիւնը կառավարելը շատ դիւրին բան չէ, մեր ռահմեթլիկ հայրերուն, նաեւ մեր ձեզի ըրած պաշտպանութիւնը չենք ուրանար։ «Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ էր, որ քանի մը սրիկայ գիշեր ատեն [էջ 54] երբ մեր հայ դրացիներուն նեղութիւն կու տային՝ միջամտեցինք, մեր ազդեցութիւնը գործածեցինք, խրատեցինք եւ իրենց տուները ղրկեցինք։ Հիմա ադ պալտըռիչփլախները բռնի ուժով չենք կրնար կառավարել կամ զսպել։ Մենք ոչ զօրք ունինք ոչ ալ զէնք։ Բայց միշտ ջանացած ենք եւ պիտի ջանանք մեր դրացիները մաֆաղայ ընել»։

Էֆենտիներ [իմա՛ կառավարական պաշտօնեաները] երբեմն իրենք ալ թերի կը գտնուին իրենց պարտականութեան մէջ եւ տեղի կու տան. ան որ կը զարնէ, անոր [ազատ] կը ձգեն, թէեւ ատիկա պատճառ մը չէ որ չօգնենք։ Էֆենտին թելադրեց, որ աղաները կրցածնուն չափ գիւղին խաղաղութեանը հոգ տանին։ «Ասիկա [աղաներուն] մեծ պատիւ կը բերէ եւ շատ չանցած պարագաները պիտի փոխուին, գիւղերը միւտիւրլիկ (52) պիտի [հաստատուի] տեղական մարդոցմէ [բաղկացած] նաեւ։ Աղաներ, կը յուսամ թէ մենք պարապ տեղը հոս չեկանք եւ հայոց ալ թելադրեց որ աւելի համբերեն եւ յոյս յայտնեց թէ լաւ օրեր պիտի տեսնեն»։ Հայեր խոնարհութիւն ընելով կը մեկնին պզտիկ ակնկալութեամբ եւ քիչ յոյսերով։

Բայց թուրքերուն ապրելակերպը քիչ մը փոխուեցաւ։ Թէեւ տուներ կը [շարունակէին] բացուիլ, բայց շատ քիչ։ Երբեմն աղաները գողը կը գտնէին, գողցած ապրանքը ետ կ՚առնէին, երբեմն ալ չէին կրնար օգնել։

Թոյլտուութիւն կար այգիները երթալու, տաճիկներուն թաղին մէջ ալ [հայերը] համարձակ կը պտտէին։ [էջ 55] Ադ ատենները միսիոնարաց լուր տրուած էր կոչնակ զարնելու (…)։ Նաեւ Մսդր Հույլին (53) պատասխանատու (…) դերը Մսդր Պարնըմը (54) կառավարութեան դիմած է եղեր եւ կոչնակները զարնուելու հրաման առնուած է եղեր։ Ատ լուրը աղաները մեզի հաղորդեցին, նաեւ ցաւ յայտնեցին առաջի արգելքին համար, որն Մեզիրէյէն հրահանգ առած են եղեր։ Նոյն տեղէն ձեզի հրաման կու գայ որ զարնէք ձեր կոչնակները։ Այս եղաւ աղաներուն մեզի տուած բարի աւետիսը։ Անոնք փոխեցին քիչ մը իրենց խոժոռ նայուածքները եւ տեսակ մը համակրութիւն ցոյց կու տային, այնպէս որ հայերն ալ նկատի կ՚առնէին, բայց դարձեալ չէին կրնար վստահիլ, ուսկից եկաւ այս փոփոխութիւնը, մինչեւ երբ պիտի տիրէ, որեւէ մէկը պատասխան տալու անկարող էր։

Մեզիրէի կառավարութիւնն ալ պահանջներ միշտ կը բերէր. օր մը կը պահանջէր թէ պէտք է դրամ տաք որ զօրքերուն այսինչ պիտոյքները հոգացուին, օր մը՝ տասը ջորի, օր մըն ալ երեք կամաւոր զօրք պահանջեցին հայոցմէ կամ հարիւր ութսուն խայմա (55) դրամ հաւաքել գիւղին մէջ [Ռուս-թրքական պատերազմի բռնկումէն ետք. 1877-1878]։ Երեք հայ գտնուեցաւ, որոնք կամաւոր արձանագրուեցան։ Ատ ալ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ թուրք դրացիներուն նաեւ աղաներուն վրայ։ Կամաւորներուն պատմութիւնը պիտի գրեմ վերջը։ Բաւական հետաքրքրական պիտի գտնէք մեր հայ կամաւորներուն ըրած ճարպիկութիւնները։

[էջ 56] Ռուսիոյ եւ Թուրքի պատերազմը վերջացաւ թուրքին պարտութեամբը։ Կ՚ակնկալուէր անդորրութիւն, հանգիստ կեանք, եւայլն ունենային ամէն տեղ։ Թէեւ բաւական մեղմացան [իմա՛ կեանքի պայմանները], բայց ինչ որ կ՚ակնկալէինք չտեսնուեցաւ։ Խոխ գիւղէն հարիւր երեսունի չափ թուրք երիտասարդներ զօրք գացած էին, անոնց կէսին չափ վերադարձան իրենց տուները։ Քիչ մը աչքերը բացուած, քիչ մըն ալ որպէս թէ ուրիշ երկիր տեսած իրենք զիրենք անկախ կը զգային։ Աղաները որ ասկէ առաջ իրենց վրայ բռնութիւն կը բանեցնէին, կը ջանային որ ադպիսի դէպքեր չի պատահի այլեւս։

Տեսակ մը կ՚ըմբոստանան, բայց տակաւին չէին համարձակեր բացարձակ ապստամբիլ։ Վերջը կը հասկցուի որ ուրիշ աղա մը, որ Ալէհ պէկ ուշախ չէ, կը թելադրէ եղեր որ ըմբոստանան։ Ինչ որ ալ ըլլայ աչքերը բացուած էին, աղաներուն դէմ առաջին դիմադրողը Շիքիրի անուամբ երիտասարդ մը կ՚ըլլայ։ Ան Խալիլ աղա կոչուած կատղած աղային դէմ կը կռուի շուկային մէջ՝ Հայոց Թաղը։ Երկու եղբայրները [հաւանաբար Խալիլը եւ իր եղբայրը] կը յարձակին Շիքիրին վրայ, գլուխը քանի մը տ(…) կը կոտրեն, կը ձգեն գետին բազմութեան ներկայութեան, կը հրամայեն որ ոչ մէկը չմիջամտէ, մինչեւ որ աղեկ մը պատժեն։ Ոչ մէկը կը համարձակի բառ մը խօսիլ, Շիքիրին վիրաւոր իր տունը կ՚երթայ, միւս պալտըռիչփլախ կոչուած թուրքերը կը լսեն, բայց կազմակերպուած չէին տակաւին, ոչ ոք ձայն կը հանէ։ Խալլօ կոչուած խռովարար կռուասէր թուրք մը [էջ 57] որ իր վրայ մեծ համարում ունէր, լսելով ատ կռիւը, լսելով որ իր ընկերը ծեծ կերած է Խալիլ աղայէն՝ յոխորտալով կը պարծի ուրիշ թուրքերու ներկայութեան, ըսելով թէ եթէ ինծի դպչած ըլլան կամ փորձը ընեն՝ երկու եղբայրներն ալ ռահմաթլիկներուն կարգը կը դասուին։ Ինչպէս կ՚ըլլայ Խալիլ աղային կ՚իմացնեն Խալլոյին սպառնալիքը։

Երկու եղբայրները միասին կ՚երթան այնտեղ ուր Խալլօ կը գործէ քանի մը թուրք ընկերներու հետ։ Աղիւս շինելու համար ցեխ կը պատրաստեն։ Խալիլ աղան կը հրահանգէ որ Խալլօն իրենց քովը գայ։ Խալլօն քովը եղող ընկերներուն կ՚ըսէ լաւ դիտեցէք իմ ընելիքս։ Խալլօն կը մօտենայ երկու եղբայրներուն քով, երկաթէ թին ձեռքը առած – որով ցեխ կը շինէ – հեգնանքով կը հարցնէ ի՞նչ կ՚ուզէք աղաներ։

Խալիլ աղան ուշադրութեամբ մը ճիշդ աչքին մէջ կը նայի եւ կը պատասխանէ եկած ենք որ քեզ ալ Շիքիրիին վիճակին ենթարկենք։ Խալլօն կը պատրաստուի երկաթէ թիակը գործածել, բայց Խալիլ աղային եւ եղբօրը՝ Ահմէտ աղային բիրերու հարուածները անխնայ կը հարուածեն Խալլօն, [այնքան որ] Խալլոյին վիճակը աւելի գէշ [կ՚ըլլայ] քան նախորդինը [Շիքիրինը]։

Խալիլ աղան միւս գործաւորներուն քով կ՚երթայ բան հարցնելու, անոնք ալ կը փախչին։ Խալիլ աղան կը սպառնայ բոլոր պալտըռիչփլախները նոյն վիճակին ենթարկել ինչ որ վիճակի որ ենթարկուեցան Շիքիրին եւ Խալլօն։ Մէկը բան մը չի կրնար ըսել Խալիլ աղային։

[էջ 58] Ատ պարագաներուն երեսունէ աւելի զինուած լեռները կը փախին։ Ատ փախստականները գրեթէ բոլորն ալ զօրքէն եկած էին։ Սեպտեմբերի ամիսն էր, տակաւին այգիները քաշուած չէին, այս անգամին մինակ հայերուն չէր որ կը դպչէին, թուրքերուն ալ։ Բայց թուրքերը զէնք ունին եւ կրնան զէնք գործածել։ Հայերը զէնք չունին, իսկ եթէ ունենան ալ չեն կրնար, նաեւ չեն համարձակիր։ [Փախստականները] հայերուն դէմ շատ խիստ չէին, բայց անչափ ալ մեղմ չէին։ Անգամ մը մեզի հանդիպեցան Չենիճէ կոչուած լեռը։ Չորս մարդ էինք, անոնք՝ երկու մարդ, լաւ զինուած։ Հարցուցին թէ ի՞նչ ունինք ուտելու, միայն մէկ հաց եւ կտոր մը պանիր կար։ Իրենց տրուեցաւ, մեր ընկերներէն մէկը հաւ մը ունէր, առաջարկեց թէ այս ողջ հաւը կ՚ուզէ՞ք։ Առանց այո ըսելու առին եւ մեզի խստիւ պատուիրեցին որ իրենց հանդիպելնին ոեւէ մէկի չըսենք։ Ամիսէն աւելի լեռները մնացին, այգիները որ դեռ քաշուած չէր՝ քաշեցին, կերան, ոչխարներ կը գողնային, լեռներուն մէջ [զանոնք] կը մորթէին, կ՚եփէին։ Այդպիսով կ՚ապրէին։ Սկսեցին տուները բանալ, ինչ որ ձեռք ձգէին կը տանէին, այնպէս որ դուռ կոտրել, պատ ծակել, ոչխար գողնալ, հաւ, եւայլն հասարակ բան դարձած էր։ Այնչափ որ երբ լուսնար եւ լուացուելու համար աղբիւրը կ՚երթայինք, կ՚ակնկալէինք որ լսէինք թէ այսինչ մարդու տուն բացեր են։ (…) Հայերը գիշերը չէին շատ քնանար, դարձեալ կեանքը անտանելի կը դառնայ, հայերը [էջ 59] դարձեալ կը շուարին ինչ ընեն, որու դիմեն։ Աղաները ատ գողերուն բռնուիլը եւ պատճուիլը կ՚ուզեն։ Իրենց ալ այգիները աւրուեցան, Խալիլ աղային հաւերը տարին եւ մորթելէն ու փետտելէն վերջ՝ փետուրները խոնախին դրան առջեւ դիզուած գտան առաւօտուն կանուխ։ Բայց աղաները կը ծածկէին իրենց ունեցած վնասները։ Բայց ո՞վ էր պատասխանատուն։ Ամէնն ալ, թէ հայ, թէ թուրք կը խորհին թէ աղա մը կայ այս փախստականներուն թեւ ու թիկունք կայնած է, որովհետեւ գողցուած ապրանքները լեռը չեն կրնար տանիլ, [այլ] գիւղին մէջ են։

Թուրք սափրիչ մը, որ քաղաքացի պէրպէրին (56) տղան՝ Թեֆիք կը կոչուի, բաւական լաւ հայերէն ալ կը խօսի, հայոց էղեներէն մէկուն լուր կու տայ թէ փախստականները գիշեր ատեն Հաճի Հաֆիս աղային տանը մէջ կը համախմբուին եւ այդ թուրք երիտասարդը կը կասկածէր թէ Հաֆիս աղան գողերուն տնօրէնն է։ Նոյն հայերուն կը զգուշացնէ որ իր անունը բնաւ չի յիշուի, որուն արդիւնքը Թէֆիկին մահը կ՚ըլլայ, կը հասկնա՞ք կ՚ըսէ։ Հայոց էղերները գաղտնի ժողով մը կը գումարեն եւ ժողովին մէջ գաղտնիքը երեւան կը հանուի առանց Թէֆիկին անունը յիշելու։ Բայց հայերը աւելի վստահ ըլլալու համար քանի մը հայեր իրենց էշերուն բեռ մը բեռցուցած որպէս թէ ուրիշ գիւղերէ կու գան, որ [որպէս թէ] մզկիթին դուռէն անցնին եւ ամէնը տասը րոպէ մէկ մը իր էշը բեռցուցած կը քշէ [Հաճի Հաֆիս աղային] տան առջեւէն, կը տեսնուին [էջ 60] մտնող եւ ելլողը։ Ատ կամաւոր տիտաքթիֆները [detective, գաղտնի ոստիկան] կը տեսնեն եւ լռութեամբ կ՚անցնին իրենց ճամբան։ Այլեւս կատարեալ վստահ կ՚ըլլան թէ գողերը Հաճի Հաֆիս աղային հրամանատարութեամբը կը շարժին եւ կը գործեն։ Ուրիշ թուրքեր ալ կը խորհին թէ Հաճի Հաֆիս աղան գողերուն հետ յարաբերութեան մէջ է։ Բայց հայերը կ՚ուզեն որ այս անգամին աղաները իրենց ընկեր եւ օգնական ըլլան՝ «գայլը շունին բռնել տան»։ Էղեները կ՚երթան աղաներուն եւ կը բացատրեն թէ Հաֆիս աղան գողերուն հետ յարաբերութիւն ունի եւ գիշերները իրեն ախոռը կը պառկեցնէ [զանոնք]։ Վերջապէս, իր տունը գողի բնակարան է եւ ինք՝ գողերուն մեծը։

Աղաներուն պատասխանը այս կ՚ըլլայ. եթէ վստահ էք դուք՝ գացէք կառավարութեան դիմեցէք, որուն թեւը երկար է։ Կարճ եւ կտրուկ. [այնպէս որ] հայերը ուրիշ խօսք մը ըսելու պէտքը չըզգացին, շնորհակալութեամբ եւ թէմէնտէով (57) դուրս կ՚ելլեն։ Ատ թուականներուն Կ. Պօլիսէն քննիչ մը խրկուած էր մեր քով եւ ուրիշ վիլայէթներու մէջ ալ, որպէսզի հինգ տարուան մէջ [կատարուած] զեղծումները կամ ոճիրները քննուին արդարութեամբ։ Ամիսներ առաջ Մեզիրէէն պույրուլդի (58) մը եկած էր այսպէս կ՚ըսէր. «որու որ իրաւունքները զանց ըրած են, նաեւ զեղծում գործուած է, կառավարութեան դիմած էք եւ լսուած չէ [ձեր դիմումին կառավարութիւնը չէ արձագանգած], կամ երբեք դիմած չէք, հիմա պատրաստ ենք նկատի առնել, եւայլն»։ Շատ մը հայեր գացեր էին [դիմում ներկայացուցեր]։ Բայց մեր գիւղի աղաները Մեզիրէ երթալէ առաջ խնդիրը անուշ տեղը կապեր էին (…)։

[էջ 61] Այդ պարագաները բաւական քաջալերիչ էին եւ բոլոր հայերը ան հաւատքը ունէին թէ Հաճի Հաֆիս աղան պիտի պատճուի։ Բայց ո՞վ է Հաճի Հաֆիս աղան. յիսցուն տարեկաննոց մէկը՝ Դամասկոսի կողմերէն եկած, բարձր կրթութեան տէր, ունէր քաղցր լեզու (եթէ չըսեմ շողոքորթ)։ Իրեն համար կ՚ըսուէր թէ անչափ քաղցր լեզու ունի որ օձը ծակէն կը հանէ։ Երբ արապի-ֆարսի (59) խօսէր՝ հասարակ թուրքերը չէին հասկնար։ Իր կեանքը շատ հաճոյալի կ՚անցնէր, որսի շուն մը եւ որսի թռչուն մը (տօղան) (60) ունէր, լաւ կը հագուէր, ունէր սպասաւոր-սպասուհի։ Թէեւ պզտիկ արտ մը ունէր Իւմրի Սաղ կոչուած տեղը տասը չեբեկէն պակաս։ Քսանհինգ տարիէն աւելի կ՚ընէր որ Խոխ գիւղի մէջ կը բնակի եւ ոչ մէկը նկատի առած է թէ այս մարդը ինչպէս կամ ինչէ իր եկամուտի միջոցը [կ՚ապահովէր], առանց գործելու կ՚անցնէր այս սփորթ [sport, հաճոյալի իմաստով] կեանքը։

Ինչեւէ, բուն պատմութեան գանք։ Գիւղացւոց էղեները, տէրտէրը, քարոզիչը գացին Մեզիրէ։ Դարձեալ իրենց առաջնորդը Կօշկար Մարտիրոսը կ՚ըլլայ։ Աղերսագիր մը կու տան նկարագրելով գիւղին վիճակը եւ ադ վիճակին պատճառը [կը համարեն] Հաճի Հաֆիս աղան, նաեւ փախստական պալտըռչըփլախ կոչուածները, որոնք յականէ յանուանէ իրենց անուններ, մականուններ յիշուած են։ Զափթիաները (61) կու գան գիւղը, բայց միայն Հաճի Հաֆիս աղային կրնան գտնել։ Փախստականներէն գտնուածները տարին բանտ եւ հրամայեցին որ միւսներն ալ բերուին։ Բայց խումբերով զափթիաներ արշաւեցին դէպի [էջ 62] լեռները, բայց ոչ մէկը կարող եղան բռնել։ Մարդ չգիտցաւ՝ վախցա՞ն թէ չուզեցին բռնել։ Շաբաթներով [տեւեցին որոնումները], բայց ապարդիւնք եղաւ զափթիաներուն գործը։ Այնպէս կը խօսուէր թէ փախստականները Պոսմայի կողմը գացած են։ Կրկին զափթիաները կու գային հետապնդելու համար ատ փախստականներուն։ [Գիւղին] էղեները եւ մխթարները (62) կը ստորագրէին (…)։ Ռամազանի (63) ամսոյն կը հանդիպի Հաճի Հաֆիս աղային բանտարկութեան օրերը։ Աղաներուն նամակ մը կը գրէ, բայց պատասխան չեն գրեր։ Հայոց էղեներուն կը գրէ, ուր փափաք կը յայտնէ տեսութիւն մը ունենալ [անոնց հետ], եթէ կարելի է քանի մը խօսք խօսիլ։

Քահանան, քարոզիչը, էղեները, խոճապաշին Հաճի աղան տեսնելու կ՚երթան բանտին մէջ։ Բանտարկեալ Հաճի աղան երբ կը տեսնէ հայ խումբը, սիրտը կոտրած՝ տխուր դէմով կը սկսի խօսիլ։

«Էմիշերիներ (64), շատ ուրախ եմ որ փափաքիս համեմատ ինձ այցելեցիք։ Անշուշտ տրտում եւ տխուր պիտի զգաք զիս տեսնել այսպէս անբաղձալի տեղ մը, մանաւանդ այս նուիրական օրերուն մէջ, ուր իսլամ հաւատացեալի մը համար չի յարմարիր։ Մանաւանդ որ իմ այս տեղը գտնուելուս բուն պատասխանատուութիւնը բուն ձեր վրայ կը ծանրանայ։ Նաեւ դուք չեմ գիտեր թէ որքան մեծ պիտի ըլլայ ձեր կրելիք պատիժը եւ նկատելով որ դուք ինծի հայրենակից էք, մօտ դրացի, չեմ ուզեր [էջ 63] տեսնել ձեր պատժուիլը եւ քանի որ տակաւին ունիք պատեհութիւն՝ օգտուեցէք եւ ձեր տուած աղերսագիրը յետս կոչեցէք, սխալմունքի արդիւնք է ըսէք եւ ես ձեզի ներողամիտ աչքով պիտի նայիմ, նաեւ ձեզ հայերուդ շատ օգտակար պիտի ըլլամ եւ ես մեծ բարիք պիտի սեպեմ ձեր ըրածը եթէ սուրբ պարիամը իմ տանս մէջ ընեմ, նաեւ գտնուիմ մեր մզկիթը»:

Այս սպառնալիքը, նաեւ խոստմնալից ճառը շատ մեծ ազդեցութիւն մը չըրաւ հայոց իշխաններուն մտքին վրայ։ Շատ ցաւ յայտնեցին որ կարելի չէ խնդրանքը կատարել, որովհետեւ այս գործը կառավարութեան ձեռքն է եւ իրենց կարողութենէն շատ վեր է։ «Հաճի աղա ձեզ հոս բերողը կառավարութիւնն է, անշուշտ դատի օրը կու գայ եւ եթէ անպարտ գտնուիս՝ ձեզ ազատ կը հռչակեն եւ բոլոր գիւղացւոց առջեւ անպարտութիւնդ երեւան կ՚ելլէ»։ Նոյն ատեն նկատել տուին Հաճի աղային թէ քեզի հետ ուրիշ իսլամ հաւատացեալներ ալ կը գտնուին, երբ Պայրամի ժամանակ անոնց հետ ըլլաք՝ կրնաք շատ օգտակար ըլլալ ձեր կրօնակիցներուն, քանի որ դուք ունիք կրօնական բարձր կրթութիւն։

Այս ցուրտ եւ անկարեկից պատասխանը Հաճի աղան տրտմեցուց, աչքերէն արտասուք թափելու չափ։ Նոյն ատեն հայերը կրկին ցաւ յայտնելով մեկնեցան խօշտա խալասըն (65) ըսելով՝ Հաճի աղայէն առանց պատասխան մը լսելու։

[էջ 64] Պայրամէն վերջ դատավարութեան օրերը մօտեցան եւ Հաճի Հաֆիս աղան փաստաբանի պէտք չըզգաց՝ վստահելով իր լեզուագիտութեան վրայ, նաեւ արհամարհելով դէմը գտնուող անուս խումբը։ Կը խորհէր թէ քանի մը խրթին հարցումներով կրնայ պապանձեցնել իր հակառակորդները եւ փորձն ալ կ՚ընէ։ Բայց ընդհանուր դատախազը կ՚առարկէ ըսելով թէ էֆենտի ատ քու հարցումներդ այս խնդրին հետ գործ չունի։ Բայց Հաֆիս աղան շուտ մը չէր յուսահատեր եւ ուզեց որ քարոզիչը դարձեալ վկայութեան աթոռին ներկայանայ եւ Հաֆիս տեսակ մը բարկութեամբ կը հարցնէ դուք զիս կը զրպարտէք կամ կ՚ամբաստանէք իբրեւ գող, ատ շիտա՞կ է։ Քարոզիչը քիչ մը շուարելով կը պատասխանէ թէ՝ ոչ։ Հաճին որպէս թէ յաղթանակը տարաւ, կ՚ըսէ՝ հապա ինչ պատճառաւ ես հոս կը գտնուիմ ճիշդ այս պահուն։ Քարոզիչը կը պատասխանէ թէ դուք գողերուն ընդհանուր տնօրէնն էք, առանց ձեզի գողութիւն չի կատարուիր։ Թուրք ալ գտնուած է որ վկայած է թէ փախստականներէն ոմանք տեսնուած են Հաճի աղային խոնախը մտնել եւ ելլելը։ Հաճի աղան եւս ատեան կը հանեն եւ էղեներէն մին կը հարցնէ թէ էֆենտի կրնա՞ս ըսել թէ տարեկան որչափ եկամուտ ունիս եւ ուսկից են ձեր եկամուտին աղբիւրները, նաեւ ձեր խոնախին ծախսը որչա՞փ է։ Հաճին կը պատասխանէ թէ մենք տոմար պահելու սովորութիւն չունինք, Աստուծոյ տուածը ժամանակին կը ծախսենք։

[էջ 65] Նոյն ատեն ներկայ եղող էղեներ եւ ուրիշ հայեր ալ կան, որոնք կը վկայեն թէ իր եկամուտը շատ քիչ է։ Նաեւ կը նկարագրեն իր ծախսերը եւ իր ապրելակերպը, որոնք քանի մը անգամ աւելի են [իր եկամուտէն]։ Անշուշտ անկարելի է բոլորը դատավարութիւնը նկարագրել, անիկա կը տեւէ երեք օր։ Այս քանի մը խօսքերը որ գրեցի եղէներ եւ ուրիշ ներկայ եղողներ կը պատմէին։ [Միւս] բոլոր պատմութիւնները հոս գրել աւելորդ կը սեպեմ։

Վերջապէս դատաւորը այս եզրակացութեան կու գայ թէ այս էֆենտին Խոխի մէջ տեղի ունեցած գողութեանց լուր ունի, թերեւս գողերուն ղեկավարը ինքն է, ինչպէս կը վկայուի։ Բայց փաստերը որ տրուեցան անչափ զօրաւոր եւ բաւական չէին։ Բայց նոյն ատենը եթէ այս մարդը ջանայ կամ եթէ իր կամքը ուզէ՝ կրնայ արգիլել Խոխի մէջ եղած անտեղի գողութիւնները։

Նոյն ատեն ներկայ եղող պաշտօնեաները կը հիանան Հաճի Հաֆիս աղային խօսած մաքուր եւ բարձր թրքերէն խօսուածքին մասին, նաեւ անուշ եւ քաղաքավար տրուած պատասխաններուն մասին եւ ցաւ կը յայտնեն որ ան գող մըն է, անարդարութիւն կ՚ըլլայ [զայն] ազատ արձակելը, [բայց] նաեւ ափսոս է այսպիսի տաղանդաւոր մէկ իսլամ բանտարկել։ Թէեւ քննիչը, ընդհանուր դատախազը, նաեւ դատաւորը համոզուած են որ գողերուն վարիչն է, բայց կը խորհին թէ փաստերը տակաւին զօրաւոր չեն եւ կը ջանան խնդիրը անուշ տեղը կապել։ Նախ Հաճի Հաֆիս աղային կ՚ազդարարեն իրենց համոզումը թէ ինք յանցաւոր է այս դատին մէջ [էջ 66], յետոյ կ՚առանձնանան սենեակ մը, քանի մը րոպէ վերջ հայոց առաջնորդները, նաեւ Կօշկար Մարտիրոսը ներս կը կանչուին, ուր ոտքի են պաշտօնեաները եւ կը խօսին հետեւեալ կերպով. «նախ դուք վստահ եղէք որ մենք ձեր գիւղին խաղաղութեանը, նաեւ օգտակարութեանը փափաքող մըն ենք։ Նաեւ կը հաւատանք որ ձեր բոլոր վկայութեանց թէեւ տակաւին փաստեր կը պակսին, բայց փաստերը լման սեպենք, ենթադրենք թէ ադ մարդը բանտարկենք, պատճենք, դուք կը խորհի՞ք թէ ձեր գիւղի գողութիւնները պիտի դադարին։ Թերեւս աւելի գէշ ըլլայ, գողութեանց յաջորդեն մարդասպանութիւն, անիշխանութիւն, նաեւ ինչ դժուարութիւններ, որ մտքերնէդ կ՚անցնի՝ պիտի պատահի, որն որ դուք միշտ տեսած էք, ինչպէս նաեւ յայտնած էք դուք ձեր աղերսագրով։ Կարճ կապելով տանք մեր թելադրութիւնները, որոնք մեր փորձառութեանց վրայ հիմնուած են։ Ենթադրենք թէ Հաճի Հաֆիս աղան հոս մեր ներկայութեան խոստանայ գրութեամբ մը, թէ ասկից վերջ Խոխ գիւղի մէջ եղած բոլոր գողութեանց ինք պատասխանատու է, որուն համար ալ պարտի երաշխաւորութիւն տալ։ Եթէ այդ կրթեալ մարդը խոստանայ որ ալ գողութեան դէպքեր չպիտի պատահին, հաւատացէք որ գայլը գառին հետ պիտի ապրի։ Դուք ալ այսպէս չէ՞ք խորհիր նաեւ, չէ՞ք խորհիր թէ լաւ կերպ է առնել այս խոհեմ քայլը»։

Մեր հայ առաջնորդները կը յուսահատին, կարծես թէ թեւերը եւ թիկունքները թուլցած կը զգան եւ դատաւորին նկատել կու տան թէ որ զինքը [Հաֆիս աղան] անպարտ [էջ 67] արձակէք առանց որեւէ պատիժի կամ տուգանքի՝ ինքը մեզի կը պատժէ եւ վերջը առաջինէն գէշ կ՚ըլլայ եւ կը սկսին պաշտօնեաներուն աղերսել թէ ընդհանուր հայութեան վիճակը անտանելի պիտի դառնայ, եւալյն։

Պաշտօնեաները ժպիտով մը կը վստահեցնեն թէ ձեր երեւակայական երկիւղները բնաւ տեղի պիտի չունենան, այդպիսի բաներ երբեք չպիտի պատահին, ձեր կեանքը եւ ինչքը ապահով պիտի ըլլան, նաեւ գիտցած ըլլաք որ զինքը անպարտ չպիտի հռչակենք։

Կը կանչուի Հաճի Հաֆիս աղան եւ իրեն կը հարցուի թէ ինք պատասխանատու պիտի ճանչցուի ասկից վերջը պատահած որեւիցէ գողութեան կամ անկարգութեանց եւ որեւիցէ անբաղդ դէպքերու. «հասկըցուեցաւ որ դուն տեղեակ ես գողերու բոլոր գործունէութեանց եւ ունիս անոնց վրայ մեծ ազդեցութիւն, նաեւ կը հաւատանք որ դուն կրնաս զսպել եւ կառավարել զանոնք դէպի բարին։ Եթէ ասկից վերջը որեւիցէ խառնակութեան դէպքեր պատահին՝ դուք պատասխանատու պիտի ըլլաք եւ այս խոստումը պիտի ապահովէք ձեր տալիք երաշխաւորութեամբ»։

Հաճի Հաֆիս աղան որ առիթէն օգտուիլ գիտեր, պաշտօնեաներուն կը դիմէ որպէսզի իրեն միւտիրութեան (66) պաշտօն մը տրուի որ կարող ըլլայ իշխանութիւն գործածել։ Պահանջուած պաշտօնն ալ կը տրուի, հայերը ափուբերան կ՚ըլլան եւ իրարու կ՚ըսեն գողը պատճելու համար բերինք հոս, բայց հիմա պաշտօնով ետ կը տանինք։ Հայ էղեներէն մէկը [էջ 68] համարձակութիւնը ունեցաւ հարցնելու նոր իշխանին. Հաճի աղա, անցեալի գողցուած ապրանքները ետ պիտի դարձուի՞ն։ Հաճի աղան տեսակ մը յափշտակուած նոր պաշտօնով, նոր փլանով [plan], ինքզինքը աւելի ժողովրդային ընելու դիտաւորութեամբ կը խոստանայ ձեռք եկածը ընել. «դրացիներ ատ մասը ինծի թողուցէք եւ դուք պիտի տեսնէք ձեր միւտիրին գործերը»։

Հաճի Հաֆիս աղան թուղթ մը կը ստորագրէ, պէտք եղած երաշխաւորը կու տայ եւ հայերուն, նաեւ թուրքերուն ընկերակցութեամբ, նաեւ իր պաշտօնին վաւերաթուղթով Խոխ կը վերադառնայ յաղթանակով մը։

Նոր միւտիրը իր խոստումը մասամբ մը կատարեց։ Գողցուած ապրանքներուն (անոնք որ ծախուած չէին) գիշեր ատեն տէրերուն տունը կը դարձնեն։ Ինչպէս գողտուկ տարին, գողտուկ ալ բերին, թէեւ պզտիկ մաս մը։

Հաճի Հաֆիս աղային հինգ տարուայ միւտիրութեան շրջանը Խոխի պատմութեան մէջ որեւիցէ մէկի տիրապետութենէն խաղաղ եղած է։ Չեմ յիշեր որեւէ տան մէջ գող մտնելը։ Եթէ երբեմն կռիւներ պատահեր՝ շատ աչալուրջ կը գտնուէր։ Յանցաւորը ով որ ըլլար կը պատճէր, իր ախոռը կանոնաւոր բանտի վերածած էր, հիւրանոցն ալ՝ գրեթէ դատարան, իսկ սպասաւորն ալ զափթիա էր գիւղին խաղաղութեանը։ Միւտիրին համբաւը հայոց գոհունակութիւն, իսկ միւս աղաներուն ալ անհանդուրժելի դարձաւ, նախանձը արթնցաւ։ Բոլոր միւս աղաները կը սկսին ժողովներ սարքել։ [էջ 69] Բոլոր աղաներուն շատ անբնական կու գար որ Ալէհ պէկի ուշախ չեղող մը, նաեւ աղքատ աղա մը՝ գիւղի կառավարիչ ըլլայ, մանաւանդ որ Խոխցի ալ չէր սեպուեր։ Բայց չէին կրնար միջոց մը խորհիլ, կը պատահէր որ երբեմն Ալի պէկին մարապաները կը բանտարկուէին այլեւայլ յանցանքներու համար։ Թէեւ Ալի պէկը շատ կը նեղուէր, բայց բան մը ընելու ան անկարող էր։ Նոյնպէս Իպօշ աղան իր խալֆացի (67) մարապաներուն բանտարկուիլը կը լսէր կամ կը տեսներնէ շատ գէշ կը զգար, բայց կը համբերէր։ Երբ աղաներէն մէկը հայու կամ թուրքի մը զեղծումը ըրած ըլլայ եւ միւտիրին բողոքուէր, միւտիրը կը պատասխանէր թէ իմ ձիս [կամ ձեռքս] հոն չի խաղար, հասկցէք։

Ան հայ էղեները որոնք բողոքեցին, բանտարկեցին, հիմա յարգանքով կը վերաբերին, երկայն օրեր կը մաղթեն։ Նաեւ միւտիրը կը յարգէր հայերը, որ զինք այս մեծ պաշտօնին հասցուցին, թէեւ պատճելու համար բողոքեցին, բայց ատիկա Հաճի աղային լաւ եղաւ։

Անգամ մը պատահեցաւ որ եկրու էղերներ իրարու հետ սաստիկ կռիւ ունեցան։ Մէկը միւսէն [աւելի] զօրաւորը [հակառակորդին] ցեխերուն մէջ թապըլցուց (68), իյնողուն եղբօրորդին, 16 տարեկան, տանիքէն քար մը նետեց, զօրաւոր մարդուն գլուխը վիրաւորեց, միւտիրին լուր տրուեցաւ, իր ոստիկանը ղրկեց, երկու կռուողներն ալ միւտիրին ներկայացան եւ շատ մըն ալ հայեր ներկայ էին, կը խորհէին թէ մեծ պատիժ պիտի կրեն կռուող էղեները եւ միւտիրը [էջ 70] իր վրէժը պիտի լուծէ գոնէ քսանչորս ժամ բանտարկելով եւ ժուռնալ (69) մը գրելով ղրկել Մեզիրէն։ Բայց այդ ընելու մտադրութիւն մը ցոյց չի տուաւ երբեք։ Նայեցաւ երկու կռուողներուն դէմքերը, մէկը վիրաւոր, միւսը ցեխերով աղտոտած։ Շնական ժպիտով մը աչքերուն նայելով ըսաւ կռուողներուն տեղը հոս է՝ ցուցնելով ախոռը։ Բայց ձեզ պիտի խնայեմ այդ խայտառակութեան ենթարկելէ, պայմանով որ իրարու հետ թոխխա (շեյեհենտ) (70) ընէք, նաեւ սախխալ էբիշի (իրարու մօրուս համբուրել) (71), որը թրքաց սովորութիւնն է։ Անմիջապէս հնազանդեցան միւտիրին հրամանին եւ աղբիւրը որ միւտիրին գաւիթին մէջ կը վազէր՝ լուացուեցան, եւ Հաճի աղայէն քանի մը խրատ առնելով՝ միասին խօսակցելէն տուներնին գացին։ Էղաները [կ՚ըսէին] թէ մենք կը ցաւէինք որ Մեզիրէի դատավարութեան վճիռով Հաճի Հաֆիս աղան միւտիր հռչակեցին, բայց հիմա շատ ուրախ ըլլալու ենք այդ որոշումին համար։ Թէեւ Հաճի աղային շատ մը դատերուն տեղեակ եմ, բայց շատ թուղթ, մելան եւ ժամանակ պէտք է։ Ժամանակ խնայելու համար աւելորդ կը սեպեմ գրել, բայց կարեւոր գործ մը տեսնուեց որ կ՚ուզեմ հոս յիշել։

Գէորգ Եաղուպեան եւ Եաղուպ Եաղուպեան, երկու ազգականներ, Խամըշլըղ կոչուած քիւրտի գիւղ մը չերչութեան (72) կ՚երթան եւ երկու քիւրտ երիտասարդներ Հասսօ եւ Պուտօ կը հանդիպին [անոնց] լեռներու մէջ, կը կողոպտեն Եաղուպեանները։ Քիւրտերը ծանօթ են հայերուն։ Շաբաթ մը վերջը Պուտօ [էջ 71] Խոխ կու գայ գործով։ Երբ Եաղուպեանները կը լսեն որ Պուտօն Խոխ եկած է, միւտիրին լուր կու տան։ Այս վերջինը իր սպասաւորը կը ղրկէ, կը բերուի միւտիրլիք, կը բանտարկուի, քիւրտը չուրանար, ընկերն ալ մատնանիշ կ՚ընէ, նաեւ [կ՚ըսէ] թէ ապրանքը յանձնած է իր զոքանչին։ Պուտօ միւտիրին կ՚ըսէ թէ միայն Պաղտոյենց Յովակիմը կրնայ իմ զոքանչիս խօսք հասկցնել։ Միւտիրը կանչեց յիշեալ անձը եւ պաշտօն տուաւ Խամըշլըղ երթալ եւ ադ խնդիրը կարգադրել։ Եթէ ոչ Պուտօն ճուռնալ կ՚ընեմ եւ կառավարութեան կը ղրկեմ։ Յովակիմ Պաղտասարեանը խօսք տուաւ որ երթայ եւ քիւրտը բանտը մնաց չորս կամ հինգ օր։ Եաղուպեանները կը կերակրէին բանտարկեալ Պուտօն։

Յովակիմ Պաղտասարեանը գնաց Խամըշլըղ (այս տողերը գրողն ալ) (73)։ Երբ Պուտոյին զօքանչին հետ խօսեցաւ եւ ապրանքները պահանջեց՝ ցուցընելով միւտիրին երկտողը, կինը նախ ուրացաւ, բայց երբ բացատրեց Պուտոյին ապագան, որ բանտերուն մէջ պիտի փտտի, կինը խեղճ ու թշուառ պիտի ըլլայ, եւայլն, Էմիշ պաճին (այս էր անունը) ներս գնաց, պողչան (74) դուրս բերելով յանձնեց Պաղտօ Յովակիմին եւ այս վերջինն ալ թոփ (75) մը մանուսա (76) կնոջ նուէր ըրաւ, պզտիկ նուէր մըն ալ Պուտոյին կնոջ։ Այսպէս ապրանքները միւտիրլիկը բերուեցաւ, միւտիրը յանձնեց Եաղուպեաններուն, ըսելով թէ համրէ տես թէ բան մը պակսա՞ծ է։ Ամէն բան լման է։ Քիւրտը արձակուեցաւ, [միւտիրը] խստիւ պատուիրեց որ այս վերջինը ըլլայ։ Եաղուպեանները դրամական վարձատրութիւն մը [միւտիրին] առաջարկեցին, [էջ 72] բայց միւտիրը մերժեց առարկելով թէ Յովակիմ Քեահին կը պարտինք այս յաջողութիւնը։ Անիկա ալ մերժեց։ Թոփ մը մանուսա Պուտոյին եւս պախշիշ (77) տուին եւ խնդիրը վերջացաւ։ Երբ այսպէս եւ ատոր նման դատերու մէջ յաջողութեամբ դուրս կու գային, բնականապէս շատ մը մարդիկ միւտիրը կը գովէին եւ այդպիսի գովեստներ միւս աղաներուն նախանձը կը շարժէր։ Ալի պէյը իր խավազցի մարապաները կը գրգռէր, որ տեսակ մը ըմբոստ կեցուածք մը ունենան Հաճի Հաֆիս աղային դէմ։ Նոյնպէս Իպօշ աղան խալֆացի քիւրտերը կը գրգռէր որ իր մարապաներն էին։ Ատոնք կը խորհին թէ երբ ըմբոստութիւն յառաջ բերեն՝ արդիւնքը խռովութիւն պիտի ըլլայ եւ միւտիրը պիտի հրաժարի։ Բայց չյաջողեցան։ Ինչպէս յիշած եմ, ադ քանի մը տարիներուն անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն կը տիրէր Խոխ գիւղը եւ փորձով ցոյց տրուեցաւ թէ եթէ թուրքերուն կամքը ուզէ կրնան խաղաղութեամբ ապրիլ եւ ապրեցնել։ Աղաներն ալ վարժուեցան Հաճի Հաֆիս աղային իշխանութիւնը տեսնելու, ակնկալելով որ ուշ կամ կանուխ իրենցմէ մէկուն ձեռքը կ՚անցնի իշխանութեան ղեկը։ Կ՚ըսէին՝ ասիր պէյլա քալմաղ (78)։

Կուսակալութենէն բոլոր գիւղերուն պուրիւլթիներ ղրկեցին, ազդարարելով թէ ամէնէն շատ բնակութիւն ունեցող գիւղ միւտիր պիտի ունենայ։ [էջ 73] Իր շրջակայքի ութէն մինչեւ տասներկու գիւղերը պիտի կառավարուին մեծ գիւղին միւտիրովը։ Այդպիի ազդարարութիւն մըն ալ մեր Խոխի միւտիրլիկը եկաւ, որպէսզի Խոխցիներն ալ պատրաստեն իրենց թեկնածուները՝ թուրք մը միւտիրի համար, հայ մը՝ փոխ-միւտիրի համար, որ թուրքերը մահուին (79) կը կոչեն։ Գիւղին մէջ անցաւ իրարանցում մը։ Աղաները որոշեցին երկու աղա՝ Ալի պէկ եւ Իպօշ աղա՝ միւտիրի [պաշտօնին] համար, Արզըման Արզըմանեան եւ Սահակ Անկըճուկեան՝ մուավինի համար։ Այսինչ ատեն քուէ տեղի պիտի ունենայ [որուն] ինթիհապ (80) կը կոչէին։

Թէեւ հայերը շատ աշխատեցան որ թեկնածուին մէկը Հաճի Հաֆիս աղան ըլլայ՝ չի յաջողեցան, եւ ինքն ալ չուզեց։ Մեզիրայէն ուրիշ ազդարարութիւն մը ղրկեցին թէ ընտրացանկը մենք պիտի պատրաստենք եւ ձեզի պիտի ղրկենք, որ դուք ալ քուէարկէք։ Գիւղացիք՝ թէ հայ եւ թէ թուրք կը սպասէին որ ընտրելեաց ցանկը գայ, բայց բաւական ուշացաւ։ Օր մըն ալ պուրիւլթի մը կու գայ Մեզիրայէն թէ վարի Խոխցի Զիլֆօ պէկը ձեզի միւտիր ճաչնցէք, թէ վերի Խոխցի Վարդան Քաջ Վարդանեանը՝ ձեզի մուավին ճանչցէք։ Գիւղացիք յանկարծակիի եկան եւ ատ որոշումը կամ վճիռը ոչ մէկ Խոխցիի հաճելի թուեցաւ։

Զիլֆօ պէյը հայատեաց էր, նաեւ հակառակ էր Վերի Խոխի բոլոր աղաներուն։ Բոլոր աղաներն ալ զինք սաստիկ կ՚ատեն, բայց որեւիցէ բողոք կամ ցոյց չըրին [վճիռին դէմ]։ [էջ 74] Զիլֆօ պէկը վարի Խոխեցի է, գրեթէ քառասուն տարեկան, նիհար, միջահասակ, սեւ մորուքով մէկը, աւելի պարսիկի կը նմանի քան թէ թուրքի։

Իսկ Վարդան Քաջ Վարդանեանը վերի խոխցի է, Տեմիրճի Վարդան կը կոչեն [զինք], 50 տարեկան, գիւղին հայոց ամէնէն հարուստն է առուտուրով թէ արտերով, քաղաքական տեսակէտով բոլորովին անտեղեակ է եւ անընդունակ է, այնպէս որ ինքն ալ կը զարմանայ թէ այս ինչ տեսակ ընտրութիւն է։ Բայց Զիլֆօ պէկն ալ ընդունեց, Տեմիրճի Վարդանն ալ։ Պաշտօնատեղին Վերի Խոխի մէջ պէտք է ըլլայ եւ եղաւ։ Բայց Զիլֆօ պէկը իր պաշտօնին վրայ չէր գտնուեր, այնպէս որ Տէմիրճի Վարդանը իր (…) գործերը մէկդի թողելով՝ միւտիրին սենեակը կը պահէր, պէտք էր որ միշտ բաց մնայ եւ միւտիրին գործերը ինք վարէ։ Բայց Տէմիրճի Վարդանին ներկայութիւնը բնաւ արժէք մը չունէր թուրքերուն վրայ, բնաւ չէր կրնար իր ազդեցութիւնը գործածել։ Նաեւ պզտիկ վէճ մը երբ կը պատահէր, չէր կրնար, չէր ուզեր իր դատողութիւնը գործածելով վճիռ մը արձակել։ Ատորմէ զատ իր երկաթագործի խանութը բազում յաճախորդներ ունէր, իր սեփական արտերը ինք կը հերկէր իր գործաւորներովը։ Թէեւ բաւական գործաւոր ունէր, բայց իր տնօրէնութիւնը միշտ անհրաժեշտ էր։ Զիլֆօ պէկը շաբաթներով սենեակը չէր մտներ, ինքն ալ խանութը չէր կրնար տեսնել։ Երբ Զիլֆօ պէկը կու գայ Վարդանը կը բողոքէ ըսելով թէ [էջ 75] անկարող եմ երկու մարդու գործ տեսնել կամ պէտք է դուն միշտ ներկայ ըլլաս, եթէ ոչ ես կը հրաժարիմ։ Դեռ խօսքը չլմնցուցած Զիլֆօ պէկը կրակ կը կտրի, կը բարկանայ, կը հայհոյէ՝ կոչելով շուն, կեավուր, դուն պէտք է միշտ սենեակը պահես, միշտ ներկայ պէտք է ըլլաս, պէտք է այսչափ բան գիտնաս թէ ես եմ մեծաւորը։ Կ՚երթաս երկաթը կը ծեծես եւ կու գաս դէմս շան պէս կը հաջես։ Վերջինը պիտի ըլլայ դէմս համարձակ խօսիլդ։ Մեր հայ Վարդան ամուն, որ միւտիրին փոխանորդն է, կը բարկանայ, դուրս կը քալէ կրկին՝ չվերադառնալու պայմանով։ Միւտիրը չի տեսներ մուավինին դուրս ելլելը։

Վարդանը ուղղակի միւս աղաներէն մէկուն խոնախը կ՚երթայ, եղելութիւնը կը պատմէ։ Կը կանչուին քանի մը ուրիշ աղաներ, հայ էղեները եւ կարեւոր ժողով մը կը գումարեն, որ խորհին թէ ինչպէս պիտի վռնտեն վարի խոխցի օռման այուսին (81) (ատպէս կը կոչէին)։ Կը կանչեն Օսման էֆենտին որ Խոխի իմամն [էր, որպէսզի] այս վերջինը պատրաստէ հանրագրութիւն մը, որու մէջ կը բողոքեն Զիլֆօ պէկին անձին դէմ՝ առարկելով անոր անյարմարութիւնը միւտիրութեան պաշտօնին, որովհետեւ անհոգ է, բարբարոս է, հայոյիչ է, անգութ է, նաեւ շատ անբաղձալի անուններով եւ ածականներով զարդարած էին բողոքագիրը։ Բազում ստորագրութեամբ, թէ հայերէն, թէ թուրքերէն, գրեթէ երկու կողմի ժողովուրդն ալ ստորագրած էին, նաեւ խնդրած էին որ գիւղացւոց տրուի պատեհութիւն, որ որոշեն իրենց միւտիրը իրենց գիւղէն [էջ 76] նաեւ իրենց ճանչցած եւ գիտցած մարդը։ Խոճապաշին, մուխթարը, նաեւ Տէմիրճի Վարդանը կը տանին պատրաստուած հանրագրութիւնը եւ աղերսագրով մը կը ներկայացնեն կառավարութեան։ Կը լսուի եւ Զիլֆօ պէկը պաշտօնանկ կ՚ըլլայ, նաեւ գիւղացւոց թոյլտուութիւն կը տրուի որ որոշեն իրենց երկու թեկնածու[ները]՝ միւտիրի համար երկու թուրքեր, երկու հայ թեկնածու [ալ] մահուինի համար։ Երկու թուրք եւ երկու հայ թեկնածու [ալ] խորհրդատուի համար։ Թուրք աղաներուն ուրախութեան չափ ու սահման չկար։ Ընտրեցին երկու թեկնածու՝ Ալի պէկ եւ Իպօշ աղա, եւ քանի մը օրէն քուէարկեցին։

Առաջին անգամն էր որ մեր գիւղին մէջ քուէ կը քաշէին։ Շատ ծիծաղելի էր քուէարկութեան կերպը։ Ալի պէկը, նաեւ Իպօշ աղան ունէին իրենց ներկայացուցիչները։ Նախ կ՚ուզէին գիտնալ թէ քուէն որո՞ւ պիտի տար. ենթադրենք թէ ոեւէ մէկին անունը տամ, միւս կողմը մարդիկը կը համոզէին որ միտքը փոխէ։ Երկու կողմի մարդիկն ալ կը փաստեն եւ կը գովեն իրենց ներկայացուցած մարդիկը։ Վերջապէս առանց խառնակութեան Ալի պէկը մեծամասնութեան քուէով միւտիրութեան աթոռը բազմեցաւ եւ մահուինը դարձեալ Վարդան ամուն եղաւ, Սարգիս Մուրատեան՝ խորհրդատու։ Բայց Վարդան ամուն նկատելով իր զբաղումը, նաեւ անկարողութիւնը [էջ 77] միւտիրին եւ խորհրդականներուն հաւանութեամբը իր պաշտօնը յանձնեց իր քրոջը որդւոյն՝ Կարապետ Արզմանի։ Թէ հայ եւ թէ թուրք խորհրդականներուն ջանքերնին եղած է անաչառ կերպով տային իրենց որոշումը դատական խնդիրներու մասին, նաեւ միւտիրը կը ջանար գերազանցել իր նախորդը եւ կը ջանար օգտակար ըլլալ։ Բայց ինք [իմա՛ նոր միւտիրը] քիւրտերը աւելի շատ կը սիրէր, որովհետեւ քիւրտերէն աւելի շահ ունէր, անոնց դրամ եւ ցորեն կու տար, պարտք կու տար, ծանր տոկոս կը դնէր իրեն պարտք ունեցողներուն վրայ։ Վերջապէս կատարեալ վաշխառուին մէկն էր։ Եթէ մարդ մը Ալի պէկին պարտք ունէր, ալ անոր միշտ պարտք ունէր, որովհետեւ խստապահանջ չէր, տոկոսովը գոհ կ՚ըլլար, երբեմն եթէ ատ ալ չունենային գլուխ դրամին վրայ բարդելով տոկոսին տոկոսը կը գանձէր։ Երբեմն ոմանք կ՚առարկէին թէ տոկոսը (…) գլուխէն այսինչ չափով գումար մը վճարեր էի, բայց ստացականը պահած չեմ։ Ալի պէկը կրկին գանձեց։ Աղաները, նաեւ հասարակութիւնը շատ զգուշ կ՚ըլլային որ Ալի պէկին ոչ դրամ, ոչ ցորեն պարտք չընեն։ Բայց չէին կրնար օգնել. նեղը մնացած ատեննին կը դիմէին, պէկն ալ գործերնին կը տեսնար։

Բայց ատոնք արգելք չէին ըլլար որ հայոց օգտակար չըլլար։ Երբեմն հայոց յանցանքներուն աչք կը գոցէր, երբեմն հայ եւ թուրք երբ վէճ մը ունենային՝ թուրքերուն կը յանդիմանէր ըսելով թէ որ դուք հայոց չի դպչիք, անոնք երբեք ձեզի չեն դպչիր։ Ուրիշ սովորութիւն մըն ալ ունէր, որ հայերուն համար շատ օգտակար էր։ Օրինակի համար այս ինչ թուրք [էջ 78] կամ այս ինչ անուն աղան կօշկակարին կամ խանութպանին կամ որեւէ առեւտուրի այս ինչ չափ կը պարտի եւ չեն կրնար գանձել։ Կը դիմեն միւտիրին, նախ կ՚ուզեն գիտնալ թէ տալիք ունի՞, երբ մարդը կը խոստովանի իր պարտքը, միւտիրը կը հարցնէր հապա ինչու չես վճարեր մարդուն իրաւունքը։ Պէկ չունիմ որ տամ։ Պէկը կը հարցնէ եթէ ունենաս կու տա՞ս։ Մարդը կը պատասխանէ այո։ Պէկը կ՚առաջարկէ թէ ես կու տամ եւ դուն ինծի տուր կալին ատենը կամ բամպակին ատենը (82)։ Ասի հայոց գործին կու գար, եւ մարդը ալ փախուստի ճամբայ չունենալով՝ պէկէն կ՚առնէր եւ իր պարտքը կը վճարէր։

Բայց այս ալ խոստովանիմ որ Ալի պէկին միւտիրութեան օրովը երբեմն գողեր հայոց տուները կ՚այցելէին՝ գիշեր ատենները տունը բանալով կամ պատը ծակելով կը յաջողէին բան մը գողնալ տանիլ։ Երբ Ալի պէկին լուր կը տրուէր, գողին չափ կ՚աշխատէր գողցուած ապրանքը գտնելու։ Երբեմն չէր գտնուեր։

Հաճի Հաֆիս աղային օրովը գողութիւն չէր ըլլար, բայց միւս աղաները հաշտ աչքով չէին նայեր ոչ միւտիրին, ոչ ալ հայոց, որոնք պատճառ եղան անօթի աղայի մը աթոռակալութեան։ Հիմա բոլոր աղաները գոհ էին, մինչեւ իսկ Իպօշ աղան որ իր (…)կիցն էր։ Երբ ես Ամերիկա եկայ, տակաւին միւտիրութեան պաշտօնին վրայ էր։ Կը շարունակէ մինչեւ իր մահը։ Իրմէ վերջ իր եղբայրը՝ Զիլֆօ պէկը միւտիր կ՚ըլլայ։ Վերջէն՝ հայրենիքէն գալողները կը վկայէին թէ Զիլֆօ պէկը եղբօրմէն ալ ազդեցիկ էր եւ լաւ կառավարող մը։

[էջ 79] Խոխի երեք հայ կամաւորները

Խոստացայ գրել հայ կամաւորներու պատմութիւնը որոնք պատահեցան 1877-ի ատենները։ Թուրք կառավարութիւնը հայոցմէ պահանջեց երեք կամաւոր զօրք [զինուոր], կամ իւրաքանչիւր զորքի փոխարէն վացսուն (հարիւրնոց) խայմա։ Էղաներ ժողով մը գումարեցին լուսաւորչականաց եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։ Խոխի բոլոր հայերը հաւաքուեցան, լուսաւորչական եւ բողոքական, եւ հայ ժողովուրդին բացատրեցին թէ կառավարութիւնը երեք կամաւոր զօրք կ՚ուզէ։ Եթէ մէջերնիդ կայ այնպիսի մարդիկ որ կը փափաքի զօրքի երթալ՝ իրենց կը վճարուի վաթսուն խայմա։ Եթէ ոչ մէկը չուզէր՝ յիշեալ գումարը կը յանձնենք կառավարութեան, որով մեր պարտքը կատարած կ՚ըլլանք։

Կոչին պատասխանեցին երեք մարդ՝ Մահտեսի Գասբար Քելպոլոյեան վաթսուն տարեկան, շէկ մորուքով, ոչ մէկ մազ ճերմկած, ճարպիկ, լեզուանի մէկը, Սիսի վանքը (83) կարդացեր է քահանայ ձեռնադրուելու համար, բայց կիսատ թողուցած է եւ Խարբերդ դարձեր է՝ ծննդավայրը։

Երկրորդը՝ Գէորգ Աղաճանեան, քառասուն տարեկան, խենթ ու կրակ մէկը, հազիւ հայերէն խօսիլ գիտեր։

Երրորդը՝ Զաքար Կօշկարեան, քսանեօթ տարեկան երիտասարդ մը, արհեստով կօշկակար։ Միւս օրը [կամաւորները] խօճապաշի Մարտիրոս Մինասեանի եւ էղաներուն հետ գացին Մեզիրան որ արձանագրուին բանակին մէջ։ Երբ կառավարութեան սէրայ (84) կը հասնին, Զաքար Կօշկարեանը միտքը կը փոխէ եւ խօճապաշիին կ՚ըսէ թէ ուրիշ մը գտիր կամ դրամը կառավարութեան տուր. «ես չեմ ուզեր զօրքութեան երթալ»։ Խօճապաշին կ՚ըսէ՝ ես կը հագնիմ համազգեստ [էջ 80] եւ ես կ՚երթամ զօրքութեան։ [Խօճապաշիին] Եղբայրն ալ ներկայ է՝ Պաղտասար Մինասեանը, [որ] խօճապաշիի դեր կը կատարէ, Մարտիրոսն ալ զօրքի [զինուորի]։ Բայց Զաքար Կօշկարեան անունով կ՚արձանագրուի այս ինչ թիւ բանակին հետ։ Իրենց՝ այսինքն կամաւորներուն, կը տրուի երեք շաբաթ վաքանցայ (85), բայց ենթադրեալ Զաքար Կօշկարեանը վաքանցայ չուզեր։ Վերջապէս միւս օրը Զաքար Կօշկարեանը անյայտ կ՚ըլլայ։ Բանակին մեծաւորը կը խորհի թէ երեքն ալ վաքանցայ ունեցեր են։ Մահթէսի Գասբարը եւ Գէորգ Աղաճանեանը գիւղը եկան երեք շաբաթ վաքանցայի համար։ Մահտեսի Գասբարը հեծելազօրք էր, իսկ միւսները հետեւակ զօրք էին։ Մարտիրոս Մինասեանը յայտարարեց թէ ուրիշ գիւղացի հայու հանդիպեցաւ, որուն անունը Զաքար Կօշկարեան էր՝ իմ տեղս ղրկեցի, քանի մը խայմա շահեցայ, եւայլն։

Մահտէսի Գասբարը եւ Գէորգը երթալու պատրաստութիւն կը տեսնան եւ Մահտեսի Գասբարը իր ունեցած ձին իր տղուն՝ Յովակիմին կը յանձնէ որ դաշտը տանի արածելու համար։ Գրեթէ ամէն օր կը տանէր արածելու։ Օրին մէկը դաշտին մէջ կը հանդիպի Խալլօ անուամբ կռուասէր երիտասարդի մը եւ Յովակիմին ձեռքին ձին կ՚առնէ եւ չարաչար կը քշէ շատ մղոններ, այնպէս որ ձին ի վիճակի չէ ոտքերուն վրայ կայնիլ եւ ոտքերուն պայտերն ալ ինկած են։ Վերջապէս ձիուն բաւական հանգիստ տալէն վերջ ձին տուն կը բերուի եւ միւս օրը Մահտէսի Գասբարը Թորոս Թումօյեան անուն պայտար մը Խոխի մէջ անոր կը տանի որ դարմանէ։ Կը պայտէ։ Թորոսին խանութը շուկային կեդրոնն է եւ մեր գիւղացւոց [էջ 81] սովորութիւն մը կար որ շուկային տառապաներուն (86) առջեւը հինգով, տասով, քսանով եւ երբեմն աւելի հայ եւ թուրք խառն կը նստին եւ կը խօսակցին։ Երբ Մահտէսի Գասբար ձին բռնած պաղուրձին [անհասկնալի բառ] պայտարին կը տանէր։ Մեծ բազմութիւն մը նստած կը խօսէին։ Խալլօն ալ հոտ նստած էր։ Մեր հայ կամաւորը ձին պայտարին յանձնեց, եկաւ Խալլոյին հարցուց թէ ինչու կամ ինչ իրաւունքով այս խեղճ կենդանին աս վիճակին հասցուցիր, չես գիտեր որ այս ձին պետութեան կը պատկանի, կարգ մը ատոր նման խօսքեր խօսեցաւ։ Խալլօ կատղեցաւ եւ համարձակեցաւ յիշոցներով բանալ բերանը, տրամաբանելով թէ կեավուր մը որչափ մեծ աստիճանի ալ հասնելու ըլլայ իրաւունք չունի միսլիմանի [իմա՛ իսլամի] մը վրայ յոխորտալ։ Հայ կամաւորը նկատել տուաւ թէ դուն մեծ յանցանք ըրած ես եւ դուն պիտի պատճուիս։ Խալլօն աւելի բարկացաւ եւ քֆրտեց [իմա՛ հայհոյեց] հագած համազգեստին վրայ։ Բաւական ալ թուրքեր հաւաքուած են։ Հայ կամաւորը բարկութեամբ յարձակեցաւ Խալլոյին վրայ եւ սկսեցաւ հարուածել իր ձեռքի փայտովը՝ ըսելով թէ դուն թագաւորին պալատին եւ մզկիթին կը հայհոյես եւ ես ատոնց համար է իմ արիւնս պիտի թափեմ։ Գաւազանի հարուածներու ելեւէջը կը շարունակուի անխնայ կերպով Խալլոյի կրնակին, գլխուն, ուր որ հանդիպի։ Հայերը ջանացին միջամտել, թուրքերը արգիլեցին որեւէ միջամտութիւն։ Ծեր թուրք մը հոտ կը գտնուէր, ըսաւ պէտք է որ Խալլոյին լեզուն կտրուի, թուրք մը ատ խօսքերը պէտք չէ խօսի։ [էջ 82] Խալլօն փախաւ, որեւէ դիմադրութիւն չըրաւ։ Մահտէսի Գասբարին ձեռքերը կը դողային՝ բարկացած։ Թէեւ տաճիկները քանի մը մխիթարական խօսքեր ըսին, Խալլօն մեղադրեցին, խնդրեցին որ պինպաշիին (87) չբողոգէ. «դուն ձեռքովդ պատճեցիր, դարձեալ իրարու պէտք կ՚ըլլաք», որովհետեւ Մահտեսի Գասբարը սպառնացաւ թէ պինպաշիի պիտի բողոքէ։

Օսմանեան բանակի զինուորներ ռուս-թրքական պատերազմին ժամամանակ, 1877-1878 (Աղբիւր՝ Edmund Ollier, Illustrated History of the Russo-Turkish War, Vol. I, London, 1890)

Հիմա ժամանակը եկած է որ մեր կամաւորները դէպի Էրզուրում պիտի երթան Մոսքոֆին [իմա՛ ռուսերուն] դէմ կռուելու։ Զաքար Կօշկարեանը չերեւիր կամաւորներուն շարքին մէջ։ Խօճապաշին ցոյց տուաւ թէ այս ինչ զօրաբաժինին մէջ խայիտ (88) եղած է եւ վաքանցա ալ առած չէ։ Բայց դարձեալ զափթիաները ատենը անգամ մը կու գան Զաքար Կօշկարեանը տանելու։ Էղեները, խոճապաշին ցոյց կու տան կառավարութեան կողմէ տրուած ստացագիրը, թէ երեք կամաւոր յանձնուած է ձեզի, եթէ փախած է կառավարութեան թեւը երկայն է, կրնայ գտնել։ Ատպէս կը խուսափէին։ Բայց երբ տեվէ պօյնիին (89) բանակը ցրուեցաւ եւ շատ չանցած հաշտութիւն կնքուեցաւ՝ ալ մոռցան։ Վերջապէս հասկցուեցաւ որ Մ. Մինասեան մէկ օր բանակին մէջ կենալէն վերջ կաշառքով փախչեր է [իբրեւ] Զաքար Կօշկար։ Բայց գիւղացիք զինքը չմատնեցին, թէեւ գրեթէ բոլոր գիւղին հայերը տեղեակ էին բոլոր եղելութեան։

Քիչ մը գրեմ մեր հայ կամաւորին [իմա՛ Մահտեսի Գասպարին] ըրած պատմութիւնները որ գալէն վերջը կը պատմէր։ Մահտեսի Գասպարը [էջ 83] հօրեղբօրս կնոջ եղբայրն էր։ Շատ անգամ իր քրոջ քով կու գար, ես ալ հօրեղբօրս տունը կը բնակէի եւ շատ հետաքրքրիր էր լսել պատերազմի ճակատին պատմութիւնները (…)։ Երբ Մեզիրայի մէջ հեծելազօրքերու գունդերը կը կազմակերպէին, որուն տնօրէնը պէկ օղլին էր, նաեւ կամաւորներուն մեծաւորը, կը հանդիպի Մահտէսի Գասբարին եւ ուշադրութեանը առարկայ կը դառնայ։ Կը հասկնայ հայ ըլլալը, անունը, տարիքը [կը հարցնէ], կ՚ուզէ գիտնալ թէ կարդալ գրել գիտէ՞։ Հայ կամաւորը քիչ մը հայերէն գիտէ, պէկ օղլին ատ ալ բաւական կը սեպէ եւ բաւական պատասխանատու պաշտօն մը կու տայ իրեն, որն է բանակին ուտելիքի մթերքը իրեն կը յանձնուի եւ իր անունը կը փոխեն Հաճի Իւսիֆ աղա (…) արղաք մէմիւրի (90)։ Երբ խոհարարները որեւիցէ առարկայ մը տանելու ըլլան՝ հայերէն կը գրէ եւ խոհարարը կը ստորագրէ եւ պաշ քեթիպին (91) կը յանձնէ եղեր։ Մթերանոցը մեծ վրան մըն է եղեր։ Երբ տէվէ պոյնին կը հասնին՝ իր գործը կը շատնայ, թուրք քեթիպ մը կու տան իրեն, այնպէս որ մթերանոցին չավուշը (92) ինք կը ճանչցուի։ Եւ այնպէս կը պատահի որ Խոխ գիւղի զօրքերու [իմա՛ զինուորներու] մեծ մասը վերջը կ՚երթայ եւ ատ բանակին կը միանան, կը տեսնեն որ Խոխցի մեր կամաւորը որ հայ մըն է՝ բարձր պաշտօն մը ունի, անունը Հաճի Իւսիֆ աղա։ Կը ճանչնան, կը խօսակցին, կ՚ուրախանան, բայց անունդ ինչպէ՞ս ունեցար, ամէն բան պատմելէն վերջ խստիւ կը պատուիրէ որ զինքը իր նոր անունով կանչեն՝ չմոռնալով վերջի աղա մասնիկը։ Վերի յիշուած Խալլօն ալ րագիֆներուն (93) կարգին մէջ ըլլալով՝ զօրքի կը կանչուի, ան ալ տէվէ պոյնին կ՚երթայ, նոյն բանակին [էջ 84] մէջ կ՚առնուի, կը լսէ Հաճի Իւսիֆ աղային մասին, կ՚երթայ զինքը տեսնելու, ներողութիւն կը խնդրէ իր կոշտ վարմունքին համար, իրաւունք կու տայ Հաճի Իւսիֆ աղային փայտի հարուածներուն, նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ որ պինպաշիին չէ բողոքած։ «Բոլոր խնդիրները մոռցուած են Խալլօ, պէտք է այսպէս անձուկ վայրերու մէջ իրարու օգտակար ըլլալու ջանանք»։ «Ատկից վերջ բարեկամներէս մէկը Խալլօն էր եւ շատ պատիւ կու տար մասնաւորապէս երբ անծանօթ մը հանդիպեր» [կը պատմէ Մահտէսի Գասպար]։

Ռուսական բանակի զինուորներ Ադրիանապոլսոյ/Էտիրնէի մէկ պազարին մէջ (Աղբիւր՝ Edmund Ollier, Illustrated History of the Russo-Turkish War, Vol. II, London, 1891)

Երկայն չտեւեց օսմանեան բանակը տեղի կու տայ ռուսական աւերիչ թնդանօթներուն, շատ մը զօրք իրենց քէփթըններով (94) միասին գերի գացած են ռուսական բանակին, մէկ մասն ալ ցիրուցան, անկազմակերպ վիճակի մէջ է, այնպէս որ ատոնք ալ երկիւղի մէջ են թէ գերի պիտի տարուին եւ մեր գիւղացի զինուորները երբ ինձ հանդիպեցան ինձմէ խնդրեցին որ իրենց էրմանի նամազի (95) սորվեցնեմ, որ երբ գերի տարուինք մեզ քրիստոնեայ ճանչնան։ Խօսք տուի երբ որ ատ պարագաներուն ենթարկուինք ձեզի օգնելու պատրաստ եմ։ Հաճի Իւսիֆ աղան կը հանդիպի պէկ օղլիին որ տակաւին քումանտարն (96) է ջարդուփշուր եղած բանակին մէկ մասին։ Հաճի Իւսիֆ աղային շահատաթլամա (97) մը կու տայ, թէ իր պարտքը կատարած է եւ հրաման կու տայ որ ով որ կ՚ուզէ իր տունը երթայ։ Հաճի Իւսիֆ աղային ձիը [իմա՛ ձին] լաւ վիճակի մէջ չէ, կը խնդրէ որ ուրիշ ձի մը տրուի։ Խնդիրքը կը կատարուի, պայմանով որ երբ Մեզիրան հասնին ձին կառավարութեան կը վերաբերի եւ պէտք է որ խշլան (98) տանի եւ յանձնէ։

[էջ 85] Շատ ալ ուրիշ զինուորներ կ՚ընկերանան Հաճի Իւսիֆ աղային, ոմանք ձըաւոր, ոմանք հետեւակ։ Երբ կիրճ մը կու գան, որ Բալուի եւ Էրզուրումի մէջտեղն է՝ զինուած քիւրտեր ամէն մէկ ճամբորդի կը հրամայեն որ մերկանան, հանդերձները կը խուզարկուին եւ մէջէն դրամ կամ որեւէ արժէքաւոր առարկաներ կ՚առնուի եւ հանդերձները տիրոջը կը դարձուի։ Մեր Հաճի Իւսիֆ աղա[յի]ն բաւական դրամ հայթայթ[ու]ած է եղեր, կանխամտածութեամբ զատ զատ տեղեր պահած է եղեր. գլխարկին մէջ, փանդոլոնին (99) գրպանը, գօտիին մէջ, ջաքէթին (100) գրպանները, մինչեւ իսկ կօշիկներուն մէջ։ Բոլորը առնուած է կողոպտիչ քիւրտերէն, նմանապէս ճերմակ ձին։ Շատ խնդրած է որ ծերութեանը խնայեն, գոնէ ձին իրեն շնորքհ ընեն, որուն թամբին մէջ պահուած քիչ մը դրամ կայ։ Բայց իր խնդիրքը կատարած չեն, միայն էշ մը տուած են որ ճամբորդէ, երբեմն հանգիստ առնէ։ Ան [էշը] ալ բալուցի քիւրտերը իրմէն խլած են։ Վերջապէս երբ տուն կը հասնի՝ քաշած նեղութիւնները կը մոռցուին։ Գէորգ Աղաճանեանը վեց ամսի չափ կար որ բանակէն փախած էր, իր տունը բնակելու չէր համարձակեր, դրացիին յարդով լեցուցած մարագը կը պառկէր, գիշեր եւ ցորեկ շատ անգամ զափթիաներ կու գային զինքը կը հետապնդէին։ Բայց կարող չեղան գտնել։ Գիշեր մը, մարդ մը յարդ գողնալու կ՚երթայ ան մարագը ուր Գէորգ Աղաճանեանը պահուած է։ Գողը երբ իր ձեռքովը յարդը պարկին մէջ պիտի լեցնէ՝ Գէորգին գլուխը կը հանդիպի, գողը պարկը հոտ կը ձգէ եւ կը փախի։ Միւս օրը կ՚երթայ յարդին տիրոջմէն կը խնդրէ հոն թողուցած պարկը, ատ ատենը հասկցուեցաւ որ հոն պարկած [էջ 86] եւ յարդը պահպանողը Գէորգ Աղաճանեանը եղած ըլլալու է։ Գիւղացւոց մէջ [լուրը] տարածուած էր, բայց թուրք շրջանակը շատ տեղեկութիւն չունէր։ Երբ Մահտէսի Գասբարը եկաւ, իրեն պատմեցին Գէորգին գալուն եւ վեց ամիսի չափ է որ աստանդական-թափառական կը պահուըտի։ Պէկ օղլին Խարբերդ եկած էր, Հաճի Իւսիֆ աղան իր հետ առաւ Գէորգ Աղաճանեան, նաեւ պէկ օղլիին տուած շահատաթլաման։ Եւ տեսաւ պէկ օղլին Գէորգը՝ հիմա ազատ երթայ եւ հանգիստ իր տանը մէջ կրնայ բնակիլ ըսաւ։ Պէկ օղլիէն Հաճի Իւսիֆ աղան խնդրեց ամէն իրեն հանդիպողին որ ատ վերջի անունը չի գործածէ, ինչ որ կամաւոր երթալէն առաջ կը գործածէին՝ նոյնը թող գործածուի դարձեալ։ Եղաւ Մղտես ամու։

Մղտես ամուն լման երկու տարի չկեցաւ բանակին մէջ, բայց իր պատմութիւնները, նկարագրած տեղեկութիւնները ծայր վախճան չունէին։ Թէեւ շատ մը թուրքեր նոյն բանակէն եկած էին, բայց աղաները Մղտես ամուն կը հրաւիրէին իրենց խոնախները, որ պատմութիւն լսեն իրմէն։ Թուրքերուն այս գաղափարը կու տար թէ թուրքին պարտուելուն յանցանքը իրը չէր, այլ մոսքոֆը (101) թիւով շատ էր, եթէ հաւասար թիւով ըլլային մենք զինքը մինչեւ Խըզըլ Ալմա կը քշէինք։ Թուրքերը կ՚ըսէին «եաշա Մղտեսի» (102)։ Մղտես ամուն տասը տարի ապրեցաւ եւ իր տարեկից կնոջը հետ միասին մեռան։ Կինը մէկ օր առաջ մեռաւ։

Օսմանեան բանակի զինուորներ ռուս-թրքական պատերազմին ժամամանակ, 1877-1878 (Աղբիւր՝ Edmund Ollier, Illustrated History of the Russo-Turkish War, Vol. I, London, 1890)

[էջ 87] Բողոքականութիւնը ինչպէս մուտք գտաւ Խոխ գիւղին մէջ

Այս պատմութիւնը որ պիտի գրեմ մաս մը լսած եմ մօրմէս, մաս մըն ալ հօրեղբօրմէս եւ ուրիշներէն։ Մեծ մասին անձամբ տեղեակ եմ, որ պիտի պատմեմ իբրեւ ականատես։

1867 թուականին թրքախօս միսիոնար մը կու գայ Խոխ գիւղը, Կիրակի օր մը, որ տակաւին եկեղեցիէն արձակուած չեն եւ եկուոր միսիոնարը ուղղակի եկեղեցին կ՚երթայ եւ քահանայի հետ կը խօսակցի եւ փափաք կը յայտնէ որ եթէ կարելի է իրեն պատեհութիւն տրուի Սուրբ Գիրքէն մաս մը կարդայ եւ կարճ քարոզ մը խօսի։

Քահանան բացարձակապէս կ՚արգիլէ՝ առարկելով թէ ժողովուրդը իրենց հոգեւոր սնունդը առած է, այնպէս որ աւելորդ հոգեշունչ պաշտամունքէ վերջ ուրիշ քարոզ մը հրամցնել։ Մանաւանդ որ դուք բողոքականներդ մոլար [իմա՛ մոլոր] գաղափարի եւ մոլար վարդապետութեան հետեւողներ էք։

Երբ միսիոնարը կը հանդիպի այս ցուրտ ընդունելութեան, կը ստիպուի դառնալ իր գալած տեղը, ուսկից որ եկած էր։ Բայց չի յուսահատիր։ Այս անգամին հայախօս միսիոնար մը, նաեւ դպրոցի ուսանողներէն ճարպիկ երիտասարդ մը՝ Մարտիկ Էնֆիէճեան անունով, կրկին Խոխ կու գան, այս անգամ եկեղեցի չեն հանդիպիր։ Եւ այս այլակրօն հիւրերը տուներու մէջ հիւրասիրող մը չի գտնուիր, այնպէս որ թէ իրենք եւ թէ ձիերը դուրսը փողոցը կը մնան։ Կ՚որոշեն թուրքերուն թաղը երթալ եւ եթէ կարելի է թուրքերուն տունը գիշեր մը պառկիլ եւ առտուն վերադառնալ իրենց տեղը։ Ադ ժամուն իրենց կը հանդիպի ճերմակ մորուքով մարդ մը, որուն անունը [էջ 88] Մինաս Մ. Պաղտասարեան՝ Մինաս Ամու կը կոչեն բոլոր գիւղացիները։ Այս մարդուն կը հարցնեն թէ արդեօք կարելի՞ է տեղ մը գտնել գիշեր մը կենալու համար, պատրաստ ենք վճարել ինչ որ ուզեն։ Մինաս Ամուն կը պատասխանէ թէ իմ տանս վրայի յարկը ատեն մը հասարակաց խայվէ խանա (103) էր, երկայն ատեն է որ ատ նպատակին չի գործածուիր, կրնաք վեր ելլել եւ հանգստանալ, ձիերն ալ ախոռը կը կապենք՝ իմ ձիուս քովը։ Բարեբաղդութիւն մը կը սեպեն այս բարի մարդուն հանդիպելնուն համար, որուն մէջ նախախնամութեան մատը կը տեսնեն, մի քիչ հանգիստ առնելնէն վերջ՝ Մինաս Ամուն եւ ուրիշներ այս հիւրերուն այցելելու կու գան, հետաքրքրութեան համար շատ մը խօսքեր հարց պատասխաններ փոխանցուելէն վերջ՝ հիւրերը կը բացատրեն թէ իրենք բողոքական են եւ այս գիւղին մէջ դպրոց մը բանալու դիտաւորութիւն ունին, նաեւ կրօնական պաշտամունք եթէ ունենանք տեղ մը, նաեւ ունկնդիրներ։ Մինաս Ամուն սրճարանը հիւրերուն տրամադրութեան կը յանձնէ եւ երկու տղայ, երկու աղջիկներ աշակերտներ, ներկայ գտնուողներէն ալ ոմանք կը խոստանան ղրկել իրենց տղաքները դպրոց եւ իրենք ալ (…) պաշտամունմքի։ Եւ Մինաս Ամուին սրճարանը թէ դպրոց եւ թէ աղօթատեղի կը գործածուի, նաեւ զուգադիպութեամբ մը, որ ճիշդ ատ ատեն լուսաւորչականաց դպրոցը գոցուած է եղեր՝ Պօղոս վարժապետին եւ ժողովուրդին մէջ մէկ անհամաձայնութիւն մը կայ եղեր եւ ատ պարագաները շատ նպաստաւոր եղած են բողոքականութեան սկսուելուն։

Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ) քաղաքին ընդհանուր համայնապատկերը (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

[էջ 89] Միսիոնարը քանի մը շաբաթ Խոխի մէջ կը մնայ, բաւական կը կազմակերպէ եւ կը վերադառնայ Խարբերդ, կը ղրկէ Պրն. Յովհաննէս Պեշկեթուրեանը իբրեւ քարոզիչ, Մարտիրոս Էնֆիաճեանն ալ՝ վարժապետ։ Մինչեւ վերջը ճանչցուեցաւ Մարտիրոս վարժապետ անուամբ։ Բաւական թիւով դպրոց կը յաճախեն եղեր, որովհետեւ վարժապետին դրամ տալ չկայ, նոյնպէս՝ դրպոցի վարձք, փայտի (…), գիրգերը ձրի եւ դպրոցը կանոնաւոր։ Վարժապետը կրթեալ, տասէն մինչեւ քսան անձինք ալ քարոզի ունկնդիրներ կը յաճախեն եղեր, որ Պրն. Յովհաննէս Պեշկեթուրեանը ինք կը պատմէր, որ առաջին քարոզիչը ըլլալուն համար ունէր առաջին բողոքականաց թուոյն ցանկը, որոնք են հետեւեալները.

Գրիգոր Թոփալ Մինասեան, Մինաս Մահտէսի Պաղտասարեան, Յովակիմ Մահտէսի Պաղտասարեան, Վարդան Դանիէլեան, Պօղոս Մահտէսի Առաքելեան, Մահտէսի Յովհաննէս Կօշկար Պաղտօեան, այրի կին մը Նազլի անուամբ, որոնք բոլոր ընտանեօք կը յաճախեն եղեր ունկնդրելու վերոյիշեալ տեղեկատու քարոզիչին, որ ուրիշ անգամ ալ կը հրաւիրուի Խոխի քարոզիչ ըլլալու, որ պիտի տեսնաք։ Նազլի քոյրը կ՚ըլլայ բողոքականաց մէջէն առաջին ննջեցեալը, որուն մահուամբ բաւական նեղութիւն յառաջ եկած է լուսաւորչականաց եւ բողոքականաց մէջ։ Երբ Նազլի քոյր կը մեռնի բողոքականները կ՚երթան որպէսզի ննջեցեալին գերեզմանին տեղը փորեն, բայց լուսաւորչականներէն խումբ մը դէմ կը կենան, չեն թողուր որ բողոքականի մը մարմինը թաղուի սուրբ միւռոնով օծուած գերեզմանին մէջ։ Բողոքականները կը դիմեն հոգաբարձութեան, քահանաներուն։ [էջ 90] Բայց կը ստանան նոյն պատասխանը։ Մարմինը երկու օր անթաղ կը մնայ, այնպէս որ դիմում կ՚ըլլայ թուրք աղաներուն, որոնք անձամբ կը դիմեն քահանաներուն եւ հոգաբարձութեան եւ նկատել կու տան առողջապահութեան օրէնքները, նաեւ եթէ գոլերա մը պատահի բոլոր գիւղացիք պիտի տուժեն։ Նոյն պատասխանը կու տան, թէ մեր կրօնքը չի թոյլատրեր սուրբ միւռոնով օծուած տեղ մը այլ կրօն մը թաղուի։ Կը հարցուի թէ որչափ տեղ օրհնուած է, կը պատասխանուի քառասուն քայլ, կը չափեն քառասուն քայլ, մեծ քար մը սահման կը դնեն եւ բաւական ալ հեռուն հողքը բանալով մարմինը հողին կը յանձնեն եւ ատ վայրը կը կոչեն բողոքականաց գերեզմաննոց։ Գերեզմաննոցին խնդիրը որ յուզած են ոմանք, լուսաւորչականներէն ոմանք գայթակղած են քահանաներէն եւ հոգաբարձուներէն, որոնք կը տրամաբանեն թէ ննջեցեալ Նազլի քոյր այդ սուրբ միւռոնով կնքուած է եղեր, ինչ հարկ կար այսչափ աղմուկի, բայց եղած եւ լմնցած է ամէն ինչ։

Լուսաւորչականներուն աչքերը բաւական կը վարժուին տեսնել նայիլ, բողոքական համայնքին հետ նաեւ կը սկսին առնչութիւն ունենալ, որ եղած էին նոյնիսկ խնամութիւններ եւ երթալով թիւերը կ՚աճին, այնպէս որ յիշեալ սրճարանը աղօթատեղի ըլլալու համար անգոհացուցիչ կը դառնայ եւ բողոքականները կը պարտաւորուին Հովակիմ Պաղտասարեանի տանը վերի յարկը վարձել եւ ատ սուֆա (104) կոչուած տեղը, 40 × 60 ընդարձակ սրահ մըն էր, որ չեմ գիտեր թէ առաջ ինչ նպատակի կը ծառայէ եղեր, բայց ժողովարանի [էջ 91] շատ յարմար էր։ Հարաֆային կողմը սենեակ մը կար, որուն քովէն հոս կ՚անցնէր դէպի ժողովարանը։ Սենեակ մըն ալ հիւսիսային կողմն էր եւ այս սենեակները կը գործածուէին իբրեւ երէցատուն եւ այս նոր ժողովարանին նոր քարոզիչը Պրն. Կիրակոս անուամբ մէկն էր, որ ժողովուրդը գոհ կը թողէր իր հոգեշունչ քարոզներով։ Տարիի մը մօտ կը քարոզէ եւ Կիրակէ առտու մը երբ պաշտամունքը կը սկսի, կը կարդայ Աւետարան ըստ Մարկոսի եւ կանգ առնելով կը հարցնէ ըստ [ձեզի] ի՞նչ ըսելէ է։ Ներկաները անիմաստ սեպելով այդ հարցումը լուռ կը մնան, քարոզիչը կ՚ըսէ եթէ հարցումիս չպատասխանէք ես ալ ձեզի չեմ քարոզեր եւ ֆէսը գլուխը դնելով կը մտնէ սենեակը եւ ներսէն դուռը կը գոցէ։ Ժողովուրդը քիչ մը կը սպասէ եւ քարոզիչը դուրս չելլէր։ Եղբայր մը աղօթք մը կը կարդայ եւ ժողովուրդը կ՚արձակուի։ Արձակուելէն վերջ կ՚ուզեն եղելութեան պատճառը հասկնալ, կինը փափաք կը յայտնէ որ զինք հանգիստ ձգեն, մարդը երբեմն ուղեղի խանգարում կ՚ունենայ եղեր։ Այս վերջինը ամէնէն խիստը եղած է, թէեւ բժիշկին խնամքի յանձնած են, բայց շօշափելի արդիւնք մը երեւան եկած չէ։ Երբեմն լաւ, երբեմն վատ, քանի մը տարիէն կը հանգստանայ։ Երբ Պրն. Կիրակոսը օգտակարութենէ դադարեցաւ, միսիոնարք ղրկեցին երիտասարդ պաշտօնեայ մը Պրն. Գէորգ Պէշկեթուրեանը։ Այս երիտասարդ պարոնը մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, նաեւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ոչ թէ միայն բողոքականներէն, հապա լուսաւորչականներէն ալ։ Երբեմն կը հրաւիրուէր մայր եկեղեցին եւ շապիկ կը հագնէր, եկեղեցւոյ երգեցողութեան կը մասնակցէր, քարոզներով, խրատներով [էջ 92] ժողովուրդը կը յորդորէր, կը խրախուսէր։ Թէեւ քահանան բողոքական կրօնքը դաւանողներուն հաշտ աչքով չէր նայեր, բայց Պրն. Գէորգին հետ լաւ բարեկամ էր, ուրիշ ոեւէ քարոզիչի կ՚արգիլէր եկեղեցւոյ դասը ելլել, բայց միայն Գէորգ վարժապետին այդ անունով կը կոչէին զինքը։ Ցաւալի եղաւ որ այս պաշտելի անձնաւորութիւնը հազիւ երկու տարի պաշտօնավարեց մեր Խոխ գիւղին մէջ եւ ատ երկու տարուայ միջոցին իր օգտակարութիւնը շատ զգալի եղած է։ Վերջի գործը եղաւ հայրս թաղել որ իրեն տարեկից էր, քառասուն օր վերջը մեծ մայրս թաղեց։ Պոլիս հրատարակուած Աւետաբեր թերթի մէջ մեծ մօրս եւ հօրս վրայով յօդուած մը գրած էր։ Կը պահէինք իբրեւ յիշատակ։ Մեծ մայրս թաղելէն վերջ քաղաք գնաց երկու շաբաթի համար, կը հիւանդանայ, կը մեռնի կարճ օրերու մէջ։ Ինք բանաստեղծ մըն էր, իր դագաղին վրայ երգուելիք երգ մը պատրաստած էր հիւանդ եղած ատեն։ Մեր մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ կատարեցին։ Պրն. Գէորգին մահուանէն վերջ մեզի կը ղրկուի քարոզիչ Պրն. Պետրոս Էնֆիաճեանը։ Եկրու տարի պաշտօնավարելէ ետքը հրաժարեցաւ, Պոլիս գնաց, հաստատեց իր բնակութիւնը եւ ընտրեց առեւտրական ասպարէզը մինչեւ կեանքին վերջը։ Նաեւ միսիոնարք ղրկեցին Յովհաննէս Չաթալպաշեան կիսաւարտ վարժապետ եւ քարոզիչ, բայց իր ընթացքը լմնցնելու համար դպրոց գնաց, [ապա] ղրկեցին Պրն. Յակոբ Պէշկեթուրեանը, մէկ տարիէն աւելի պաշտօնավարեց, ան ալ հրաժարեցաւ [էջ 93] եւ առեւտրական ասպարէզը ընտրեց։ Միսիոնարները շրջիկ քարոզիչներ կը ղրկէին եւ երբեմն իրենցմէ մէկը կու գար քարոզելու։ Քանի մը ամիսներ այդ ձեւով շարունակեցին, օր մըն ալ Խոխցիներուն աւետիս մը ղրկուեցաւ միսիոնարաց կողմէն, թէ նախկին վարժապետը՝ Մարտիրոս Էնֆիաճեանը Աստուածաբանութեան ընթացքը աւարտած է եւ երկու տարի ալ քարոզելու փորձառութիւն ունեցած է, զինքը լաւ կը ճանչնաք, ձեզի պիտի ղրկուի շարունակելի քարոզիչ։ Այդ որոշումը Խոխի բողոքական հոգաբարձութիւնը շատ գոհ կը թողու։ Էնֆիաճեանը ամուսնացած եւ 18 անսուայ մանչ մը ունի եղեր եւ որովհետեւ բոլոր Խոխցիներուն ծանօթ էր, իր նախկին աշակերտները մեծցած, գիւղին բոլոր բնակիչներէն մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ յաջողութեամբ կը վարէր եկեղեցւոյ գործերը։ Բարի գտնուելու համար խոստովանինք թէ իր քարոզները ճարտասան լեզուէ մը կը բխէր, նաեւ տրամաբանական ալ էին։ Մըսթըր Պռավոնը (105) կը վկայէր թէ այս մարդուն հայերէն խօսած քարոզները Ամերիկայի մէջ անգլիարէն լեզուով խօսուէր, ան առաջնակարգ քարոզիչներուն կարգին կը սեպուէր։

Բողոքականները կը փափաքէին, նաեւ կ՚աշխատէին որ Պրն. Մարտիրոս Էնֆիաճեանը Խոխի մնայուն քարոզիչը ըլլայ, որովհետեւ կը տեսնէին որ լաւ կ՚աշխատի, եկեղեցւոյ գործերը յառաջ տանելու համար Կիրակի օրը երեք ժողով, շաբթուն մէջ երկու օր իրիկունները աղօթքի ժողով եւ ունկնդիրները բազմացան, այնպէս որ Հովակիմ Պաղտասարեանի սրահը պզտիկ կու գար, որն որ պարտաւորուեցաւ [էջ 94] ուրիշ տեղ մը գտնել եւ ուզած ձեւովը եւ չափովը շէնք մը շինել։ Ճիշդ Յովակիմ Մ. Պաղտասարեանի պատկից տուն մը գնեց, որ ունէր տուն, երկու չերեկի տեղ, պարտէզ մը, ամէն շաբաթ անգամ պարտէզին ծառերը ջրելու արտօնութիւն որ կը պատկանէր Չեթին Ղուկաս Քոթան Աւետեանի, որուն վճարեցին վաթսուն օսմանեան ոսկի եւ բաւական ծախս ըրին մինչեւ որ յարմարցուցին պաշտամունքի տեղ, նաեւ երիցատուն, եւ երէցին դիւրութիւն ըլլալու համար շինեցին հաւատուն, եւ որպէսզի երէցը կով մը պահէ՝ ախոռ մըն ալ շինեցին։ Ինչպէս ըսի ընդարձակ պարտէզ պտղատու ծառերով, որն որ [իմա՛ որոնց ճամբով] Մարտիրոս Էնֆիաճեանը կ՚ունենար ֆիզիքական աշխատանք՝ աճեցնելով շատ մը տեսակ բանջարեղէններ։ Արդէն ունէր հոգեւոր եւ մտաւոր աշխատանքները։ Տեսնուեցաւ որ բանջարեղէններու աշխատանքի մեծ մասը դպրոցի տղայոց զբաղումը դարձաւ, նաեւ խոհանոցի գործերուն մեծ մասն ալ աղջիկներուն շարունակելի գործերը եղան։ Եւ երբ աշակերտներուն ծնողները դիտողութիւն կ՚ընէին, Պրն. Էնֆիաճեան կը պատասխանէր թէ ադ ալ սորվելիք արհեստներ են։ Ատկից վերջ տղաքներուն եւ աղջիկներուն ազատ կամքին թողուեցաւ, անոնք ու ուզէին պարտէզ կ՚երթային, չսիրողը դասերը կը սորվէր։ Նոյնպէս աղջիկներէն ոմանք շատ կը սիրէին կերակուր եփել սորվիլ։ Քարոզիչը կով մը գնած էր, էշ մը կը պահէր, հաւ նաեւ գնած էր, երկու խոյ, որոնք թողուցած էր իրենց բնական վիճակին մէջ, առատ գարի կը կերցնէր, եղած էին կռուազան, [էջ 95] աւելի վտանգաւոր։ Շղթաներով կը կապէր [խոյերը] եւ երբեմն զանոնք կռուեցնելով մեր քարոզիչը շատ մեծ հաճոյք կը զգար։ Ժողովուրդին շատ ախորժելի չէր երեւնար, երբ իրեն ականջը հասներ [այս լուրերը]։ Խոյերը ծախեց, միւսները կը պահէր։ Այնպէս կը թուէր իրեն թէ ինք Խոխ ծնած է, երբեք միտքէն չէր անցներ [թէ] օր մը կարելի է ուրիշ գիւղ մը ղրկուի քարոզելու։ Գիւղին բոլոր բնակիչներն ալ բնիկի մը պէս կը յարգէին եւ կը պատուէին։ Ինչպէս յիշած եմ, իր պերճախօս քարոզները, իր ձայնը, հասակը, դէմքը կը համապատասխանէին իրարու, որ շատեր կը կոչէին զինք իր պաշտօնին յարմար մէկը։ Թուրքերը թէեւ երեսանց կը գովէին, բայց կը նախանձէին անոր վայլած ժողովրդականութեանը, նաեւ վայլած պատիւին։ Թուրքերէն ոմանք բողոքական խանութի մը գաղտնիք յայտնած են թէ թշնամիներ ունի, թող զգուշանայ, իր հագուստը անչափ փառաւոր է որ պէկերը չունին, քիչ մը թող զգուշ ըլլայ, եւայլն։

Եւ երբ աղաները զինքը կը հրաւիրէին, ինչ ինչ խնդիրներու համար մինակ չէր երթար կամ երբեք չէր երթար։ Թէեւ ժողովուրդն ալ, թէ բողոքական, թէ լուսաւորչական, կը ջանային միշտ պաշտպան կանգնիլ, բայց որեւէ բան մը չպատահեցաւ։ Նաեւ բողոքականները կը խորհին որ Պրն. Էնֆիաճեանը երէց ձեռնադրելով՝ իրենց մնայուն քարոզիչը դառնայ եւ անոր ձեռնադրութեան արարողութիւնը գալիք Զատկին օրուան թողուցած էին եւ ամէնուն փափաքելի էր շուտ տեսնել գալիք Զատիկը, նաեւ ձեռնադրութեան արարողութիւնը, որն առաջինը պիտի ըլլար Խոխ գիւղին մէջ։

[էջ 96] Բայց առակը կ՚ըսէ, օրը չծնած ինչ կը ծնի մենք չենք գիտեր։ Պատահեցաւ անբաղձալի անակնկալներ, որ Խոխ գիւղի բողոքականութեան մեծ գայթակղութիւններ յառաջ բերաւ։ Թէեւ ցաւալի, բայց ցուրտ իրականութիւն։ Թէեւ լսողին զզուելի կու գայ՝ նոյն ատենը չենք կրնար ծածկել։

Յիշեալ գովեստի արժանի տաղանդաւոր եւ ամէն բարեմասնութեամբ օժտուած Աւետարանի աշխուժ պաշտօնեան յարմար մէկը եղած չէ եղեր Աւետարանի պաշտօնեայ կոչուելու։ Ինք խաբուած է սատանայէն, ժողովուրդն ալ իրմէն։ Մարդիկ երեւոյթին կը նային, բայց Աստուած սիրտերը կը քննէ, կը կարդանք Սուրբ Գիրքին մէջ։ Այս քարոզիչը կը բռնուի եօթներորդ պատուիրանքը կոտրելու յանցանքին մէջ։

Եւ իր բոլոր համակիրները, իր քարոզներուն եւ իր տաղանդին վրայ հիացողները եւ զինքը չափէ դուրս յարգողները անակնկալի գալով շատերը գայթակղեցան ըսելով թէ աղեկութիւն ըն(…) չկայ մէկ մըն ալ չկայ։ Շատերու վստահութիւնը վերցուեցաւ քարոզիչներուն, գիտնականներուն կամ որեւիցէ կրօնական պաշտօնեաներու վրայ։ Մանաւանդ տգէտ դասակարգը կը խորհի թէ կրթութիւն ունեցողները սուրբ են։ Վերջապէս պէտք է նկարագրել տեղի ունեցած գայթակղութիւնները եւ թերութիւնները որ պատահեցան այդ պարագաներուն։

Էնֆիաճեանը աներեւութացաւ։ Պոլիսէն կու գայ ձայնը։ Երկու տարի վերջ Խարբերդ կը վերադառնայ։ Կնոջը կողմէն ընդունելութիւն չի գտներ, կը ձգէ կ՚երթայ Ամերիկա, կինն ալ Խարբերդի քոլէճը դասատու էր մինչեւ վերջ։

[էջ 97] Ատ պարագաներուն Խoխ գիւղի մէջ եղած բողոքականութիւնը տրտում (…) վիճակի մէջ էին։ Այդ պատահած դէպքերուն վրայով Խոխեցին ամօթ կը սեպէին, միշտ խոյս կու տային որպէս թէ Էնֆիաճեանի գործած յանցանքին պատասխանտուն իրենք եղած ըլլային։ Ամիսներով եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունք տեղի չունեցաւ։ Միսիոնարները այս յիշեալ դէպքերուն տեղեակ էին եւ մասնաւոր այցելութեան եկան՝ հետերնին ունենալով ուրիշ հայ Աւետարանի պաշտօնեայ մը, որոնք կարեկցութեամբ մօտեցան եղբայրութեան մօտ, որն որ միսիոնարական խօսքերով բացատրեցին թէ մարդիկ փորձութեան միշտ ենթակայ են, ամէն մարդ իր յանցանքին ինք պատասխանատու է, մանաւանդ որ գայթակղութեան բուն պատասխանատուն հեռացած է, եղած ու անցածը մոռնալու ենք, եւայլն, պէտք է ցաւուն դարման մը գտնենք։ Եկուոր պաշտօնեաներ շաբաթի մը չափ կեցան, ժողովուրդին մտայնութիւնները ուսումնասիրեցին, նաեւ թէ ի՞նչ է եկեղեցւոյ անդամներուն գաղափարները։ Քանի մը անգամ հոգաբարձութեան հետ միասին ժողովներ գումարեցին, վերջապէս այս եզրակացութեան եկան թէ ժողովուրդը քարոզիչ կ՚ուզէ, բայց վստահելի մէկը կ՚ակնկալէ։ Շատ խորհելէն եւ խորհրդակցելէն վերջ միաձայն հաւանութեամբ կ՚որոշեն Պրն. Գրիգոր Մ. Պաղտասարեանը (Խոխցի) հրաւիրուի Խոխի բողոքական եկեղեցւոյ քարոզիչ, որուն համար վկայեցին թէ անցեալին մէջ լաւ եւ անբասիր կեանք մը ունեցած է։

Թէեւ Պրն. Գրիգոր Մ. Պաղտասարեանը Մօրենիկ (106) կը քարոզէր, բայց ամէնէն յարմարը զինքը գտնելնուն համար միսիոնարներն [էջ 98] ալ հաւանութիւն տուին բանացի եւ արդարացի գտնելով որոշման շարժառիթը։ Բայց մորենիկցիները ատ եղած որոշումը անարդար սեպելով՝ միսիոնարաց բողոքագիր մը կը ներկայացնեն, թէ իրենց քարոզիչը իրենցմէ պէտք չէ խլուի։

Նոյն խումբը որ Խոխ եկած էին, կ՚երթան Մորենիկ եւ ամէն բան կը բացատրեն եւ իրենց կարող քարոզիչ մըն ալ կը յանձնարարեն, որ նոյն ատեն մորենիկցիք ալ գոհ կը մնան, նոյպէս Խոխեցիք։ 1877-ի վերջի ատեններն էր երբ Պրն. Գրիգոր Մ. Պաղտասարեան Խոխ եկաւ պաշտօնապէս քարոզելու։ Թէեւ ատկից առաջ շատ անգամ քարոզած էր երբ կը պատահէր որ ամպիոնը պարապ կը մնար կամ քարոզիչը բացակայ կ՚ըլլար։ Ինք սիրայօժար կը ծառայէր իր գիւղացւոց եւ հիմա որ Խոխ գիւղին քարոզիչը կ՚ըլլայ՝ 36 տարեկան է, երեք զաւակ ունի, բնաւորութեամբ մեղմ եւ համբերող, իր քարոզները նախորդին պէս պերճաբան չեն, ընդհանրապէս գրութեամբ կը հաղորդէր, ունկնդիրներուն աւելի հոգեւոր էր քան փիլիսոփայական։ Զինքը աւելի կը սիրէին քան թէ կ՚ակնածէին, նաեւ ինքզինք հասարակաց մակարդակէն բարձր մէկը չէր դասեր, ինչպէս կ՚ընեն քարոզիչներէն ոմանք։ Թէեւ ինք արտակարգ ուժի տէր էր, բայց կռուասէր չէր եւ ոչ ալ վախկոտ։ Երկայնահասակ, շէկ մազերով, քիթն ալ պզտիկ չէր, բայց ինչ որ է ժողովուրդին վստահութիւնը կը վայելէր, ամէն կերպով կը յարաբերէին իր հետ որպէս ընկեր կամ բարեկամ, երբեմն խորհուրդ կը հարցնէին, երբեմն ալ ինքը անոնց խորհուրդ կը հարցնէր։ Իր դասընկերներէն նաեւ խաղընկերներէն ոմանք ժողովուրդն էր։

[էջ 99] Նկարագրած եմ Պրն. Գրիգոր Պաղտասարեանի գալէն առաջ ժողովուրդին հոգեկան վիճակը հեռի էր մխիթարական ըլլալէ։ Գայթակղած, յուսահատած, թերի հաւատ վիճակի մէջ էր։ Բայց երբ մէկը որ ծանօթ էր ժողովուրդին, կը գործէր իր վարքովը եւ իր կեանքովը եւ իր հոգեշունչ քարոզներովը՝ նախկին գործուած արարքները մոռցուեցան։ Տիկին Մարգրիտ Պաղտասարեան կնիկներուն ժողովներուն կ՚առաջնորդէր, նաեւ դասատու կանանց այցելելով տուները, որ ատ ալ մեծ օգտակարութիւն ունէր։ Եղբայրներն ալ կ՚ունենային իրենց օգտակարութիւնը, նաեւ զոհող(…)իւները այցելութիւն, աղօթքի ժողովներ գումարել քաջալերէ(…)։ Կազմակերպուեցաւ Երիտասարդաց Ընկերութիւն, ժողովուրդին մէջ խանդավառութիւն յառաջ եկաւ եւ ինքնին ժողովուրդին թիւը զգալի կերպով աւելցաւ։

Մանաւանդ երիտասարդութիւնը կարծես նոր ոգի առած կը գործէին, եկեղեցւոյ համար ժողովներու մէջ կ՚աղօթէին, կը վկայէին, կը խոստովանէին։ Երկու տարի վերջ եկեղեցին միաբան հաւանութեամբ որոշեց որ նոր ժողովարան մը շինուի եւ բանակցութիւն եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան։ Հոգաբարձութիւնը եւ միսիոնարք որոշուեցաւ եկրու հարիւր ոսկի ծախսել թէ եկեղեցիի եւ թէ հովուատան համար, որուն կէսը միսիոնարք տալու յօժարեցան, մնացածը գիւղացիք միսիոնարք 100 ոսկի եկեղեցւոյ շէնքին շինութեան տնօրէնութիւնը յանձնեց քարոզիչին, որ թէ կը գործէր եւ թէ վերակացու էր հաշուական ամէն ինչին։ Երբ շէնքին պատերը բարձրացան, անչափ որ վարպետին աղիւս հասցնող չէր գտնուեր, միայն քարոզիչը եւ Պաղտասար [էջ 100] Տէր Չաբարեանը կրնային աղիւսը վեր հասցնել իրենց զօրաւոր բազուկներուն շնորհիւ եւ գործը շատ արագութեամբ յառաջ կ՚երթար։ Թէ բողոքական եւ թէ լուսաւորչական մեծ ջանքերով եւ երանդով կ՚օգնէին, ձրիաբար գերանները հինգ մղոն տեղէ ուսերնուս վրայ պէտք էր առնէինք եւ քալելով բերէինք։ Ուրիշ միջոց չունէինք։ Երբ կը պատահէր որ ամէնամեծ քերաններէն մէկը պիտի բերուէր 32 մարդ պէտք էր, սիրով կու գային, կը շալկէին, կը բերէին շէնքին վայրը։

Նաեւ եկրու հարիւր քայլ դէպի հիւսիս բլուր մը կար, որ քարահանք էր։ Խումբերով երիտասարդներ, ծերեր կը հաւաքուէին, քարերը երեւան կը հանէին եւ պատգարակով (քէշքէրով) (107) կը կրէին եւ աս տեսակ աշխատանքներու վարձքը երկինքին կը սպասէին։

Ներքին ջանքերու եւ արտաքին օգնութիւններու շնորհիւ շէնքը շուտով շինուեցաւ, երիցատունը աւելի կանոնաւոր, նաեւ արտաքին շէնքերը ըստ կարգին շինուեցաւ։ Շէնքը շինուած միջոցին ժողովները բաց օդին տեղի կ՚ունենար պարտէզին մէջ։

Միսիոնարաք յանկարծակիի եկան շէնքերը արագ լմննալուն համար եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին եւ շատ շնորհակալ եղան շէնքին վերակացուին յանձին Գ. Մ. Պաղտասարեանէն։ Երբ նուիրումի արարողութիւն կը կատարուէր միսիոնարաց մեծ մասը եւ Խարբերդի դաշտէն շատ մը երէցներ ներկայ գտնուեցան։ Խոխի բողոքական եկեղեցիներու մէջ չէ պատահած տեսնել որեւէ ատեն (…)

  • (1) Debbağci, tabakci. խաղախորդ, անասունի մորթը կաշիի վերածող արհեստաւոր։
  • (2) Հնակարկատ, eskiçi քէշկէր. հին կօղիկներ նորոգող։
  • (3) Չուլճի, çulci. համետ (իշու եւ ջորիի կրնակին դրուող հաստ կտորէ թամբ) կարող։
  • (4) Սեմերճի, semerci. թամբ կարող։
  • (5) Kılıççı.
  • (6) Kalaycı. պղինձէ ամաններ մաքրող։
  • (7) Nacar, neccar.
  • (8) Tezgah. ոստայն։
  • (9) Չարեկ. արմտիք եւ ընդեղէն չափելու միաւոր։ 1 չարեկ = 490-էն 512 քկ.։
  • (10) Պախալըք տեսնել - անհասկնալի։
  • (11) Aşağı. վարի։
  • (12) Yukarı. վերի։
  • (13) Uşak. ծառայ։
  • (14) Konak. ապարանք։
  • (15) Emektar. հին ու հաւատարիմ ծառայ։
  • (16) Ռահմեդ կարդալ - ողորմութիւն խնդրել։
  • (17) Ռահմեդլիք – ողորմած։
  • (18) Ճորտի կարգավիճակով գիւղացի։
  • (19) Աւատ։
  • (20) Այստեղ կը գործածուի գիւղապետի իմաստով։
  • (21) Ոստիկանութիւն։
  • (22) Տնտես։
  • (23) Գիւղացիին բերքին վրայ տասանորդը ճշդող պետական պաշտօնեան։
  • (24) Օսմանեան կայսրութեան ոչ-իսլամ հպատակները։
  • (25) Իսլամական տօն։
  • (26) Նախշուն կարուած կերպասեղէն։
  • (27) Կարաւանի մը առաջնորդող անասունը, որ ընդհանրապէս կ՚ըլլայ ջորի կամ էշ։
  • (28) Փերեզակ։
  • (29) Նպարավաճառ։
  • (30) Հեղինակը այստեղ կ՚ենթադրենք տարբերութիւն մը կ՚ուզէ դնել երկու ժամանակաշրջաններու միջեւ։ Առաջինը, այն ժամանակներն են երբ Խոխի հայ գիւղացին, նոյն տարիներու բազմաթիւ այլ հայերու օրինակով կ՚ապրէր ուղղակի աղաներու եւ պէյերու հակակշռին տակ եւ օսմանեան պետութիւնը այս տարածքներուն մէջ այնքան թոյլ էր, որ իսկական ուժը կեդրոնացած էր այս տեղական իշխանաւորներուն ձեռքին։ Երկրորդը, այն ժամանակներն են, երբ 19-րդ դարու առաջին կէսին օսմանեան պետութիւնը լուրջ քայլեր կ՚առնէ կեդրոնական իշխանութիւնը զօրացնելու եւ ամրապնդելու՝ ի հեճուկս տեղական աղաներու եւ պէյերու ուժին։ Շատ մը վայրերու մէջ այս քայլերը յաջողութեամբ կը պսակուին եւ պետական հաստատութիւնները կը սկսին աւելի ազդեցիկ դառնալ սոյն տարածքներուն մէջ։ Նախկին հաւասակշռութիւնը խախտած էր, բայց կարելի չէր եղած պէյերուն եւ աղաներուն ազդեցութիւնը ամբողջովին ոչնչնչացնել։ Շուտով երեւան կու գայ ուժերու նոր դասաւորում մը, որ երեւոյթները ցոյց կու տան որ աւելի շատ անկայունութիւն կը ստեղծէր։
  • (31) Սուլթան Մահմուտ Բ., որ գահակալած է 1808-1839։
  • (32) Պոհթանի (այժմու Ճիզէի շրջան) իշխանապետութեան քիւրտ էմիրը, որ կ՚իշխէ մինչեւ իր անկումը՝ 19-րդ դարու կէսերուն։
  • (33) Ցեղախումբ։
  • (34) Հեղինակը հաւանաբար կ՚ակնարկէ Մուսթաֆա Ռաշիտ փաշային (1800-1858), որ օսմանեան բարեփոխումներուն (թանզիմաթ) գլխաւոր ճարտարապետն էր։
  • (35) Սուլթան Ապտուլ Մէճիտ Ա., որ գահակալած է 1839-1861։
  • (36) Սուլթան Ապտուլ Ազիզ, որ գահակալած է 1861-1871։
  • (37) Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ., որ գահակալած է 1876-1909։
  • (38) Համիտիէ հեծելագունդ։ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի օրով ստեղծուած ոչ-պաշտօնական զինուորական միաւորներ, որոնք կը գործէին արեւելեան նահանգներուն մէջ եւ կը գործածուէին հայ բնակչութիւններուն դէմ։
  • (39) Հեղինակը շատ յաճախ Մեզիրէն անունը կու տայ այս քաղաքին, որ աւելի յայտնի է Մեզիրէ, Մեզրէ անուններով, կամ Մեմուրէթուլազիզ (ներկայիս Էլազըկ)։
  • (40) Պաշարուն, սեւեռուն գաղափար։
  • (41) Մուրճ։
  • (42) Բողոքական պատուելին։
  • (43) Ղեկավար, այս պարագային՝ գիւղապետ։
  • (44) Rev Crosby Howard Wheeler. ամերիկացի միսիոնար որ Խարբերդի շրջանին մէջ կը սկսի գործել 1850-ական թուականներէն։ Հետագային կը դառնայ Եփրատ գոլէճին տնօրէնը (1878-1893)։
  • (45) Şapkalı gavur - գլխարկաւոր անկրօն։ Խօսքը կը վերաբերի ամերիկացի միսիոնարներուն։
  • (46) Խույլու. գիւղ, ծանօթ է նաեւ Թլկատին անունով։ Ներկայիս Քույուլու։
  • (47) Բողոքականներուն տրուող մակդիր, որուն արմատը protestant (բողոքական) բառին առաջին վանկն է։
  • (48) Եկեղեցի։
  • (49) Հայհոյանք։
  • (50) Երէցներու խորհուրդ։ 
  • (51) Baldırıçıplak – ստահակ։
  • (52) Տեղական խորհուրդ։
  • (53) Rev Crosby H. Wheeler – Միացեալ Նահանգներէն բողոքական միսիոնար, որ գործած է Խարբերդի շրջանին մէջ եւ եղած է Խարբերդ քաղաքի «Եփրատ» գոլէճի տնօրէններէն։
  • (54) Rev Herman Barnum – Միացեալ Նահանգներէն բողոքական միսիոնար, որ գործած է Խարբերդի շրջանին մէջ եւ եղած է Խարբերդ քաղաքի «Եփրատ» գոլէճի տնօրէններէն։
  • (55) Kaime – 1841-ին, Սուլթան Ապտուլ Մէճիտի օրով շուկայ դրուած Օսմանեան կայսրութեան առաջին թղթադրամը։
  • (56) Սափրիչ։
  • (57) Temenna. ողջոյնի արեւելեան ձեւ մը։
  • (58) Buyrultu. հրամանագիր։
  • (59) Բարձր որակի օսմաներէն լեզուն, ուր արաբերէն եւ պարսկերէն (ֆարսի) բառերը հարուստ են։
  • (60) Doğan. բազէ։
  • (61) Zaptiye. ոստիկան։
  • (62) Muhtar, mukhtar, թաղապետ, գիւղապետ։
  • (63) Ramazan. իսլամական տօն, որու ընթացքին հաւատացելանեը ծոմ կը պահեն արեւածագէն մինջեւ արեւամուտ։
  • (64) Hemşeri. համաթաղաքացի, համագիւղացի։
  • (65) Hoşça kal. մնաք բարով։ 
  • (66) Müdür, müdir. կառավարիչ։
  • (67) Kalfa. վարպետ շինարար, ընտիր աշխատաւոր, բայց այստեղ շատ հաւանաբար կը գործածուի «ստորադաս» նշանակութեամբ։
  • (68) Թապլտկիլ. Խարբերդի բարբառ, որ կը նշանակէ գետին տապալիլ։
  • (69) Jurnal. տեղեկագիր։
  • (70) Tokalaş. ձեռնուիլ։
  • (71) Sakal öpüşü. մէկը միւսին մօրուքը համբուրել, հաշտութեան արտայայտութիւն։
  • (72) Çerçi. փերեզակ։
  • (73) Այնպէս կը հասկնանք որ Պաղտասար Պաղտասարեան ընկերակցած է իր հօրեղբոր։
  • (74) Bohça. մեծ ու հին լաթ մը, որ կը գործածուի իբրեւ ծրար։
  • (75) Կապոց։
  • (76) Միագոյն, ձեւաւորուած կամ առանց զարդարանքի հիւսուած մը, որմէ կը պատրաստուէին զանազան հագուստներ։
  • (77) Bahşiş. վրադիր։
  • (78) Asir Böyle kalmaz. դժուարութիւնը վերջ կ՚ունենայ։ 
  • (79) Muavin. փոխ, օգնական։ 
  • (80) Intihap. ընտրութիւն։
  • (81) Orman ayısı. անտառի արջ։
  • (82) Կալին ատենը- Կալատեղիին մէջ ցորենը կամնելու աշխատանքէն ետք։ Բամպակի ատենը - Բամպակը քաղելէ ետք։
  • (83) Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութեան պատկանող Սիս (ներկայիս Քոզան) քաղաքի դպրեվանքը։
  • (84) Saray. կառավարատուն։
  • (85) Արձակուրդ։
  • (86) Daraba. ցուցափեղկ։
  • (87) Binbaşı. հազարապետ։
  • (88) Kaid. պետ։
  • (89) Deveboynu. լեռնային անցքի մը մէջ զօրքին բնակած վայրը։
  • (90) Arghak memur. Arghak (անծանօթ բառ), memur (սպայ)։
  • (91) Baş katip. գլխաւոր գրագիր։
  • (92) Çavuş. յիսնապետ։
  • (93) Հաւանաբար րետիֆ (redif), որ կը նշանակէ պահեստի զինուոր։
  • (94) Captain. հարիւրապետ։
  • (95) Հայերէն աղօթք։
  • (96) Kumandar, kumandan. զինուորական հրամանատար։
  • (97) Şehadetname. վկայագիր։
  • (98) Kışla. զօրանոց։
  • (99) Տաբատ։
  • (100) Բաճկոն։
  • (101) Ռուսերը։
  • (102) Կեցցէ՛ Մղտես։
  • (103) Kahvehane. սրճարան։
  • (104) Դահլիճ, hall։
  • (105) Շատ հաւանաբար ամերիկացի միսիոնար մը։ Ինքնութիւնը անծանօթ։
  • (106) Ներկայիս Չաթալչեշմէ (Çatalçeşme)։
  • (107) Keşker։