Ակն, 1897-ի շուրջ. Մաքրուհի Գաբրիէլեան (ծնեալ Տէր Ղազարեան) եւ Նիքոլա Գաբրիէլեան իրենց զաւակներով (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Սիրանուշ Մովսիսեանի)։

Ակն, երգեր - «Կոչնակ»

Հեղինակ՝ Վիրճինիա Փաթթի-Քերովբեան, 11/04/2020 (վերջին փոփոխութիւն՝ 11/04/2020), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունի

Ակնայ եւ յարակից շրջաններու ժողովրդական երգեր

Բանաստեղծութիւն կը բուրեն Ակնայ այդ լեռները, հովիտները, ձորերը ու ջուրերը։ Պատմական յիշատակներ, երգեր, աւանդութիւններ, ամէն ինչ բանաստեծական է հոն (Ա.Ա. [Արփիար Արփիարեան], «Ակնցի եւ Կեսարացի», Հայրենիք օրաթերթ, 8 օգոստոս 1891, թիւ 22, 22-րդ տարի, Պոլիս)։

Այս մէջբերումը կատարելապէս կը հաղորդէ Ակնայ գեղեցիկ բանահիւսութեան սքանչելիութիւնը։ Ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ բերուած բանաստեղծական տողերուն մէջ, իր փոքրիկին օրօր երգող մօր կամ հարսի գովքը հիւսող գիւղացիներուն երգերը իրենց գեղջկական միջավայրէն պատկերներ վեր հանող քերթողական արուեստի հիասքանչօրէն յղկուած նմուշներ են։

Հայալեզու գրականութեան մէջ բազում են Ակնայ բանաստեղծութիւնը գովաբանող էջերը։ Ակնայ քերթողական արուեստի հարուստ գանձարանը կ’ընդգրկէ հռչակաւոր անտունիները՝ սէրէն մինչեւ օտարութիւն, միջավայրի գովքէն մինչեւ աստանդական կեանք եւ պանդխտութիւն արծարծող այս երգերը։

Ակնայ քերթողական արուեստը արժանի է այս դրուատանքին։ Երգերու երաժշտութիւնը նոյնպէս արտակարգ է եւ կ’առանձնանայ հայոց աշխարհի՝ լեռնային թէ դաշտային այլ վայրերու երգերու երաժշտութենէն։ Բանաստեղծութեան պէս երաժշտութիւնն ալ բարդահիւս է ու զարդոլորուն եւ կը յուշէ ձայները բնութեան՝ հոսող եւ գահավիժող գետեր, զեփիւռի թրթիռ թէ փոթորիկի շառաչ։

Միհրան Թումաճանի գրի առած մեղեդիներու այս շարքը մեզի հպանցիկ ակնարկ մը կը պարգեւէ Ակնայ վաղանցուկ երաժշտական բնապատկերէն։

«Կոչնակ» համոյթը

«Կոչնակ» համոյթի սկզբնաւորումը գոյացած է Փարիզի մէջ թառահար Ռուբէն Յարութիւնեանի, Վիրճինիա Փաթիի ու քանոնահար Արամ Քերովբեանի 1980-ի հանդիպումով։ Անկէ ի վեր յայտնի երաժիշտներ, օրինակ՝ քամանչահար Մահմուտ Թապրիզի-Զատէհը, դհոլ ու դափ նուագող Էդմոնդ Զարդարեանը, դափահար Մաճիտ Խալաճը եւ քամանչահար Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեանը մաս կազմած են համոյթին։ «Կոչնակ»-ը համերգներ ունեցած է Եւրոպայի ամբողջ տարածքին եւ ԱՄՆ-ի մէջ։

Վերջին տարիներուն «Կոչնակ»-ը հանդէս եկած է առաւելաբար զուգերգ-զուգանուագով կամ եռեակի կազմով։ Երբ դափահար Վահան Քերովբեանը միանայ իրեն, «Կոչնակ»-ը կը դառնայ եռեակ. երբեմն կը միանան նաեւ Մարալ եւ Շուշան Քերովբեանները։

«Կոչնակ»-ի կողմնորոշումը հետեւեալն է. ճանաչել եւ կատարել հայկական աւանդական ժողովրդային եւ աշուղական երաժշտութիւնը որպէս Մերձաւոր Արեւելեան միամեղեդային եւ ձայնակարգային (մոտալ) երաժշտութիւն, եւ ի գործ դնել տարածաշրջանին բնորոշ երաժշտական գործիքները։

19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդի սկիզբին հայերը արմատախիլ եղան։ Վերապրողները իրենց տարտղնուած ժողովրդական աւանդոյթներով ու գոյքով ցիրուցան եղան Մերձաւոր Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկա, նոյնիսկ Աւստրալիա եւ Ափրիկէ։ Բարեբախտաբար մի քանի երաժիշտներ եւ բանահաւաքներ, որոնց շարքին Կոմիտաս վարդապետը եւ Գրիգոր Սիւնին, բազմաթիւ ժողովրդական երգեր հաւաքած էին մինչեւ Ցեղասպանութիւնը։ Հետագային Կոմիտաս վարդապետի աշակերտները, յատկապէս Միհրան Թումաճանը, պիտի շարունակէին այս աշխատանքը՝ այցելելով Սփիւռքի մէջ ծուարած վերապրողներու։ Խորհրդային Հայաստանի մէջ նոյնպէս երգահաւաքչութեան աշխատանք պիտի տարուէր երաժշտագէտներու խումբերու կողմէ, որոնք արժէքաւոր ձայնագրութիւններ եւ հրատարակութիւններ պիտի կատարէին։

Մեզի աւելի մօտ ժամանակներուն ազգագրաերաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանը երգեր հաւաքած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։ Իր հաւաքած երգերը բովանդակող երկու հատոր, խտասալիկներով հրատարակած է։ Ալահայտոյեանի հաւաքած երգերու ձայնագրութիւնները այժմ հասանելի են նաեւ Յուշամատեանի կայքին մէջ՝ այսպիսով դառնալով բոլորին մատչելի մշտավառ գանձ մը։

Ունկնդրելի այս օրինակները կը փաստեն, եթէ այսպիսի ապացոյցի մը անհրաժեշտութիւնը կայ, թէ «Կոչնակ»-ի՝ իր անդրանիկ քայլերուն հետ ընտրած ճանապարհը իրօք ճիշտ ուղղութիւնն էր ներկայացնելու եւ կատարելու հայ ժողովրդական եւ աշուղական երաժշտութիւնը որպէս այսօր ապրող աւանդական ձեւ՝ Կովկասի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ ձգուող իր արմատներով։

«Կոչնակ»-ի աւելի քան քառասուն տարուան կեանքին ընթացքին անոր անդամները դիմած են երաժշտական արեւմտեան ձայնանիշերով գրի առնուած երաժշտական նիւթի եւ «տողատակերը կարդալով» քօղազերծած են այդ երգերուն ձայնակարգային բնոյթը։ Այս ձայնակարգերը ընդհանրական են հայերուն եւ դրացի բոլոր ազգերուն՝ յոյներուն, պարսիկներուն, թուրքերուն, ասորիներուն, քիւրտերուն եւ այլոց։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մօտեցումները ունի, իր երաժշտական լեզուներն ու ձայնակարգային տարբերակները, որոնք կը ներգործեն մեղեդիի ծաւալումին ու զարգացումին վրայ՝ միաժամանակ մնալով ձայնակարգային իրարանման միջավայրի մէջ։

1. Ակն, 1885-ի շուրջ. ամուսնական պատկեր Նիքոլա Գաբրիէլեանի եւ Մաքրուհի Տէր Ղազարեանի։ Լուսանկարիչ՝ Ա. Ֆ. Գաբրիէլեան (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Սիրանուշ Մովսիսեանի)։

2. Ակն, 1910։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ռոզա Գապուլեան (ծնեալ՝ Մեսոﬔան), Ռոզայի ամուսինը՝ Գեղամ «Ճոն» Գապուլեան։ Իրենց ﬕջև նստած է դուստրը՝ Արփէն։ Ան ծնած է 1911-ին կամ 1912-ին (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Արփէն Գապուլեան Աբրահաﬔանին)։

Ակնայ հարսանեկան երգեր

Կազմուած է հարսանեկան ծէսերու տարբեր պահերուն յատուկ երգերէ։

Կոչնակ խումբի դասաւորմամբ եւ մեկնաբանութեամբ, ձայնագրուած՝

ԿՈՉՆԱԿ / Kotchnak, Chants Populaires Arméniens, Al Sur, 1997 

Արամ Քերովբեան, երգ եւ քանուն. Վիրճինիա Քերովբեան, երգ. Ռուբէն Յարութիւնեան, երգ եւ թառ. Մաճիտ Խալաճ, դափ։

(հարսին գովքը)
Բարի լո՜ւս, աղուոր, բարի լո՜ւս.
Բարի լուսուն, բարին վրադ.
Որ ցաթէ արեւն ի վրադ,
Որ ցաթէ արեւն ի վրադ։

Բարի լուսուն, բարին վրադ.
Բարի լուսուն, բարին վրադ։
Որ ցաթէ արեւն ի վրադ,
Որ ցաթէ արեւն ի վրադ։

(հարսնցուն)
Մի՛ լար մարիկ, մի՛ լար. 
Ես ալվա տի գամ. տուտուս նանայ, նայ, նայ, նայ։
Տասնհինգ օրէն ալ, արկովս տի գամ. տուտուս նանայ, նայ, նայ, նայ։
Ինն ամիս որ լմննայ, գրկովս տի գամ. տուտուս նանայ, նայ, նայ, նայ։

(փեսացուի ընտանիքը)
Մենք, ա՛յ աղուոր աղջիկ, էկեր ենք ձերը. տուտուս նանայ, նայ, նայ, նայ։
Քեզ հազար նազերով կու տանինք մերը.
Էկու քեզի մերը, տանինք նազերով,
Պահենք շարէն, շապիկով, ազիզ լաթերով։

(գիւղացիները)
Թագուորը կլոր բոյէն է, ան աղուորներուն սոյէն է։
Թագուորը կլոր բոյէն է, ան աղուորներուն սոյէն է։
Թագուորն երթայ, լոգնայ ու գայ, թագուորն երթայ, լոգնայ ու գայ։
Հա՛յ իմ հա՛յ աննման աղուոր, հա՛յ իմ հա՛յ աննման աղուոր։

(հարսնցուն)
Մի՛ լար քուրիկ, մի՛ լար. իս մի՛ լացըներ.
Իս շատ են լացուցած, դուն մի՛ լացըներ։
Մի՛ լար մարիկ, մի՛ լար. ես ալվի տի գամ.
Ասկէ տասնըհինգ օր՝ արկովս տի գամ.
Տարին որ լմննայ՝ գրկովս տի գամ։

(փեսային ընտանիքը)
Խաթ մը լաթ ենք բերեր. կռնակդ անցուր.
Քազ տանել ենք էկեր, մարիկդ լացցուր.
Ոտքդ ուղուրով է, դուն մեզ խնդացուր։

Աղբիւրներ

  • Երգեր հաւաքուած եւ արտագրուած Միհրան Թումաճանի կողմէ (1923-էն 1936-ի միջեւ), որ Կոմիտաս վարդապետի աշակերտներէն էր (Միհրան Թումաճան, Հայրենի երգ ու բան, 2րդ հատոր, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1983)

Արտագրուած երգերը կ՚երգեն՝

1. Զմրուխտ Մեծատուրեան, Փլովտիւ, 1923
2.Վարսենիկ Գապուլեան, Նիւ Եորք, 1935
3.Մամա Իբրանեան, Նիւ Եորք, 1936
4.Վերգին Ղազարեան, Նիւ Եորք, 1935
5. Վարդանոյշ Եղիկեան, Նիւ Եորք, 1936
6. Օվսաննա Օրմանեան, Փլովտիւ, 1935

Ակնայ օրօրներ

Ակնայ եւ յարակից շրջաններու չորս օրօրոցային, զորս 1923-էն 1936 հաւաքած ու գրի առած է Կոմիտաս վարդապետի աշակերտներէն Միհրան Թումաճանը եւ Ակնայ օրօրի Կոմիտաս վարդապետի կողմէ 1895-ին գրիառնուած տարբերակը։

«Րուրի – գիրք եւ սկաւառակ», «Ակն» ընկերակցութիւն, ապրիլ 2016, Փարիզ։

Երգ՝ Վիրճինիա Քերովբեան, նուագակցութիւն՝ Արամ Քերովբեան, պատկերազարդում՝ ՄարալՔերովբեան։

Օրերդ շատնայ

Ակն

Օրօր, օրօր,
Օրերդ շատնայ.
Տարիդ մեծանայ, էյ, էյ, էյ։
Բաղչան կապեմ կախօրան,
Ծառէ ի ծառ,
Շքերն ալ վրան.
Ծառշքեր վրան, էյ, էյ, էյ։

Օրօր, օրօր,
Օրիմ որ քնանաս.
Պահիմ որ մեծնաս, էյ, էյ, էյ։
Օրօր կանչիմ, իմանաս.
Գամ շարուկդ վերցնեմ.
Վարդի նման բացուեր ես, էյ, էյ, էյ։

Աղուոր ես

Ակն քաղաքի տարբերակ

Աղուոր ես, չունիս խալատ,
Էրթամ, ո՞վ բիրի պեխալատ, օրօր։
Էրթամ, լուսնկան բիրիմ,
Լուսուն աստղերն պեխալատ, օրօր։

Բինկեան/Բենկէ [Ատաթեփէ] գիւղի տարբերակ

Աղուոր ես, չունիս խալատ,
Քու ամեն տեղդ պեխալատ, օր, օր, օր։

Ծոցիկդ առաւօտ նման,
Առտուան շաղիկն է վրան, օր, օր, օր։

Շաղուո՛ր՝ ետ ու ետ գնա՛,
Որ ցաթէ արեւն ի վրան, օր, օր, օր։

Ակն քաղաքի տարբերակ

Աղուոր ես, չունիս խալատ,
Քու ամեն տեղդ պեխալատ.
Մինակ մէկ խալատ մի ունիս՝
Քուն չունիս եւ արթուն կու կենաս։ Էյ, էյ, էյ։

Պառկէ՛ եւ անուշ քուն եղի,
Մինչեւ գայ լուսն առաւօտուն.
Պիւլպիւլս ալ կ՛ելլէ քնուն,
Կէսն է քուն, կէսն է արթուն։ Էյ, էյ, էյ։

Օրօր, օրերուդ համար

Արմտան [Արմութլու] գիւղ, Ակնի մօտիկ

Օրօր, օրօր, օրօր. օրերուդ համար, օրօր։
Օրօր, օրօր, օրօր. օրօրդ շատնայ, էյնըմ, է՛յ։

Օրօր, օրօր, օրօր. կախիմ կախօրան, օրօր։
Օրօր, օրօր, օրօր. ըլլիմ քեզ ղուրբան, էյնըմ, է՛յ։

Օրօր, օրօր, օրօր. օրանդ էր օսկուն, օրօր։
Օրօր, օրօր, օրօր. կամարդ՝ արծըթուն, էյնըմ, է՛յ։

Օրօր, օրօր, օրօր. գինդ է հազար օսկի, օրօր։
Օրօր, օրօր, օրօր. հազար տամ եւ ըլի, էյնըմ, է՛յ։

Բլբուլը պաղչան իջաւ

Բինկեան/Բենկէ [Ատաթեփէ] գիւղ

Բլբուլը պաղչան իջաւ, 
Կիւլ վարդին թուփը թառեցաւ, էյ, էյ։

Ինչ վարդ կար՝ գլխուն դրաւ,
Անուշ հոտուն քնացաւ. էյ, էյ։

Պաղչան կապեմ կախօրան,
Ծառէ ի ծառ, ծառշքեր վրան. էյ, էյ։

Տանեմ կիւլի պաղչան,
Վարդէ ի վարդ կապեմ կախօրան. էյ, էյ։

Ուռիներու շուքը վրան,
Ցաթէ պուտ-պուտ արեւը վրան. էյ, էյ։

Աղբիւրներ

  • Միհրան Թումաճան, Հայրենիերգուբան, 2րդ հատոր, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1983

  • Հնութիւնք Ակնայ, ձայնագրուած՝ Հ. Կոմիտաս Վարդապետ Սողոմոնեանց Կուտինացի եւ Գրիգոր էֆ. Մէհտէրեան Կ. Պոլսեցի, Տպարան՝ Մ.Դ. Ռօտինեանցի, Թիֆլիս 1895

Արտագրուած օրօրները կ՚երգեն՝

1. Վերգին Ղազարեան, Նիւ Եորք, 1935
2. ա - Յովսեփ Ճանիկեան, 1895
2. բ - Զմրուխտ Մեծատուրեան, Փլովտիւ, 1923
2. գ - Վերգին Ղազարեան, Նիւ Եորք, 1935
3. Օվսաննա Օրմանեան, Փլովտիւ, 1935
4. Վարդանոյշ Եղիկեան, Նիւ Եորք, 1936

Այս էջով ներկայացուած օրօրներուն աղբիւրը «Րուրի – Րուրի - Հայկական օրօրներ քնանալու եւ քնացնելու համար» գիրք եւ սկաւառակն է։ Զայն գնելու համար այցելէք սոյն կայքը. https://akn-chant.org/fr