Մալաթիա - «Թամզարա» (պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 14/07/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 14/07/22)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

********************************************************************

«Թամզարա»ն առանձնայատուկ 9/8 ռիթմով պար մըն է, որ տարածուած էր Հայկական բարձրաւանդակի մեծ մասին մէջ: Գիւղերն ու քաղաքները ունէին իրենց տեղական տարբերակները: Որոշ փորձագէտներ կ'ենթադրեն, որ պարը ծագում առած է Սեբաստիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի Թամզարա գիւղին մէջ:

Ռոպերթ Յարութիւնեան պարը սորված է 2000-ականներուն ներկայիս Իսթանպուլիմէջ բնակող մալաթիահայերէ: Յայտնի չէ, թէ այս «Թամզարա»ն որքան հին է:

Հալէպ, 1940։ Մալաթիոյ հայրենակցական միութեան կողմէ ներկայացուած «Անուշ» օփերային դերակատարուհիները, որոնք նոյնպէս ծագումով մալաթիացիներ են (Աղբիւր՝ «Պապ-Ուխտի» պարբերաթերթ, Է տարի, Դեկտեմբեր 1940, թիւ 1 (25), Քլիվլէնտ, Օհայօ)։ Այս պատկերը գունաւորուած է Myheritage.com-ի միջոցաւ։

Սկզբնաղբիւրը. Ռոպերթ Յարութիւնեան

Երաժշտութիւնը. Առանձնայատուկ 9/8 ռիթմը 1-2,1-2,1-2,1-2-3 է: Մալաթիայի «Թամզարա» պարային ֆրազը չորս Չափ/հատած է եւ անոր հետ զուգադրուած էիւրայատուկ մեղեդի մը:

Ոճը. Ծանր եւ ուժեղ շարժումներ:

Կատարման բնոյթը. Պարողներու շարք մը՝ «հայկական պահուածքով» (պարողները իրարու միացած են ճկոյթը-ճկոյթին եւ ձեռքերը բերած են կրծքավանդակի բարձրութեան վրայ, թեթեւակի դէպի առջեւ պահած), մինչ աջ կողմը կը գտնուի առաջնորդը: Դէպի առաջ շարժումին ընթացքին, թեւերը վար պահել եւ մարմինը խոնարհել։ Դէպի ետեւ շարժուելու ատեն մարմինը ձիգ պահել եւ ճկոյթով կողքի պարողին ճկոյթը բռնել՝ կրծքավանդակի բարձրութեան վրայ։

Մալաթիոյ «Թամզարա»յի ներկայացում եւ ցուցմունքներ

Չափ/հատած

Հաշիւ

Շարժումներ

 

 

Հակիլ դէպի առջեւ՝ ծռած.

1

1-2

Քայլ դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքի կրունկին վրայ

 

3-4

Աջ ոտքով ուժեղ քայլ մը դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքի կողքին

 

5-6

Քայլ դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքի կրունկին վրայ

 

7-9

Աջ ոտքը զարնել ձախ ոտքի կողքին

 

 

Ուղիղ դիրքի մէջ.

2

1-2

Յետքայլ՝  աջ ոտքով

 

3-4

Ձախ ոտնաթաթի գնդակը թեթեւակի դոփել յատակին

 

5-6

Ձախ ոտնաթաթի գնդակը թեթեւակի դոփել յատակին

 

7-9

Ձախ ոտքը բարձրացնել դէպի առջեւ . միեւնոյն ժամանակ աջ կրունկը թեթեւ մը բարձրացնել

3

1-2

Յետքայլ՝  ձախ ոտքով

 

3-4

Աջ ոտնաթաթի գնդակը թեթեւակի դոփել յատակին

 

5-6

Աջ ոտնաթաթի գնդակը թեթեւակի դոփել յատակին

 

7-9

Աջ ոտքը բարձրացնել դէպի առջեւ՝ ձախ կրունկը թեթեւակի բարձրացնելուն հետ

4

1-2

Յետքայլ՝ աջ ոտքով

 

3-4

Ձախ ոտնաթաթի գնդակը թեթեւակի դոփել յատակին

 

5-6

Ձախ ոտնաթաթի գնդակը թեթեւակի դոփել յատակին

 

7-9

Ձախ ոտքը բարձրացնել դէպի առջեւ՝ աջ կրունկը թեթեւակի բարձրացնելուն հետ

Մալաթիա, հայուհիներ։ Լուսանկարիչ՝ Եղբայր Ռաֆայէլ, 1904 (Աղբիւր՝ Album de la Mission de Mésopotamie et d'Arménie confiée aux Frères-Mineurs Capucins de la Province de Lyon, 1904).