Մալաթիոյ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ Սահակեան կեդրոնական վարժարանի աշակերտները։ Լուսանկարը 1912 թուականէն է (աղբիւր՝ Որբերեան հաւաքածոյ, Երեւան)։

Մալաթիա – Վանքեր, ուխտատեղիներ, սրբավայրեր (Բ. մաս)

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 01/07/26 (վերջին փոփոխութիւն՝ 01/07/26)

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վանք

Ս. Լուսաւորչի վանքը կը գտնուէր քաղաքէն հարաւ-արեւելք՝ մէկուկէս ժամ (4-5 քմ.) հեռու, Պէկ Տաղիի արեւելեան լանջին՝ բլուրի մը գագաթին, բարձրահայեաց, գեղատեսիլ դիրքի մը վրայ [1]: Վանքը տեղակայող Պէկ Տաղին՝ անոր անունէն առնուած, նաեւ Վանք Տաղի կը կոչուէր [2]: Վանքին շրջակայքը կ’ողողէին Պէկ Տաղիի արեւմտեան փէշերուն հոսող Գոզլուգի (թրք. gözlük՝ ջուրի ակ, աղբիւր) ջուրերը [3], որոնք վանքին զառիվարէն ընթանալով կը միանային Եփրատի բազմաթիւ վտակներուն:

Տրդատ վրդ. Պալեան այս վանքին համար կը գրէ. «Վանքին անունը հռչակաւոր է, դիրքը բարձրահայեաց, տեսարանը հրապուրիչ եւ ակնապարար, օդը մաքուր եւ առողջարար, ... ջուրը բարեհամ, զով եւ ականակիտ» [4]: Ղուկաս վրդ. Ինճիճեան վանքին տեղադրութիւնը կը նշէ քաղաքէն դուրս՝ Օրտուզու կոչուած պարտէզներու շրջանը [5], եւ կ’աւելցնէ. «Անդ նստի եպիսկոպոս Մալաթիոյ» [6]: Օրտուզին (հին անուամբ՝ Հորտեոզ) շրջանի հնագոյն բնակավայրերէն էր, պարտէզալից գիւղ մը, որուն կողքին կը գտնուէր Ս. Փրկչի վանքը, ու քիչ մը անդին՝ հազիւ 2 քմ. հեռաւորութեամբ կը գտնուէր Ս. Լուսաւորչի վանքը: Հաւանաբար, երկու վանքերուն իրարու բաւական մօտ ըլլալը պատճառ դարձած է Ս. Լուսաւորչի վանքը եւս Օրտուզիին վերագրելու:

19-րդ դարու վերջերուն եւ 20-րդ դարու սկիզբներուն, երբեմնի շէն եւ ծաղկուն վանքի շինութիւններէն կանգուն էին միայն փոքրիկ եկեղեցին եւ մօտ տասնի չափ վանական խուցեր [7]: Կը համարուէր Մալաթիոյ եւ շրջակայքի կանգուն մնացած երեք վանքերէն կարեւորագոյնն ու հնագոյնը:

Վանքի հիմնադրման ստոյգ թուականը ծանօթ չէ: Մալաթիացի հայեր աւանդաբար կ’ըսէին, թէ վանքը ժամանակակից էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին՝ անոր հիմնադրման թուականը հասցնելով մինչեւ 4-րդ դար [8]: Ըստ 1902-ին Մալաթիոյ առաջնորդարանին կազմած վիճակագրական տեղեկագիրին, վանքը կառուցուած է 1205-ին [9] (սկզբնաղբիւրը յայտնի չէ): Այսուհանդերձ, Ս. Լուսաւորչին վերաբերող գրչագրական աղբիւրները կը հաստատեն, թէ նշուած թուականը հաւանականին մօտ ըլլալ կը թուի:

Պատմական յիշատակութիւններ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վանքի մասին

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը հնադարեայ վանք ըլլալուն մասին կը վկայեն ոչ միայն վանական կառոյցներու յետին մնացորդները [10] այլեւ «ի դուռն Ս. Լուսաւորչին ի Մելիտինոյ վանքս» գրչագրուած մատեանները, որոնք կը հաստատեն 11-րդ դարու կէսերուն վանական դպրոցի մը եւ գրչատան գոյութիւնը [11]: Վանքէն մեզի հասած ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ յաճախ հանդիպող՝ «քաջ րաբունի եւ փիլիսոփայ», «րաբունապետ եւ վարդապետ», «վերակացու Սուրբ Ուխտիս» եւ կարգ մը բանալի բառերու առկայութիւնը, ինչպէս եւ տեղւոյն թարգմանական, մատենագրական աւանդույթը, բաւարար են հաստատելու, որ վանքը եղած է միջնադարու հայ հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական նշանաւոր, զարգացած կեդրոններէն մէկը [12]: Կը յիշուի իբրեւ անապատ, վանական դպրոց եւ մենաստան [13]: 11-րդ դարէն սկսեալ յայտնի եղած է որպէս Մելիտինէի պատմական թեմի եպիսկոպոսանիստ վանք [14]:

Մալաթիոյ անցեալի պատմութիւնը վկայագրող հեղինակ մը կը հաւաստէ, թէ ինք տեսած եւ ընթերցած է Ս. Լուսաւորչի վանքը պահուող, 11-12-րդ դարերուն պատկանող ձեռագիրի մը յիշատակարանը, որ կ’ըսէր, թէ վանքը եղած է վարդապետանոց (վանական բարձր տիպի դպրոց), 200-ի հասնող միաբաններով՝ աբեղայական, վարդապետական եւ եպիսկոպոսական դասերով [15]։

Մալաթիոյ մէջ շատ յայտնի եւ հին աւանդութիւն մը կ’ըսէ, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հռոմէն վերադարձին, երբ Մալաթիա կը հասնի, կը հիւրընկալուի ու կը մեծարուի տեղւոյն հայ իշխանին կողմէ, որ այդ միջոցին վրաններ լարած էր Գոզլուգ կոչուած աղբիւրին մօտ՝ ամրան օթեւանելու: Հայոց առաջին հայրապետը կը պտըտի բլուրին շուրջ եւ հիւրընկալ իշխանին կ’ըսէ, թէ այդ վայրը շատ յարմար է եկեղեցի կառուցելու համար: Իշխանը միտքը կը պահէ Ս. Հայրապետին պատգամը եւ մեկնելէն ետք այդ տեղ կը կառուցէ Լուսաւորչի անունը կրող եկեղեցի մը [16]։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասին առաջին յիշատակումը կու գայ Սիմէոն Լեհացիէն, որ 1616-ին Մալաթիա այցելութեան ընթացքին տեսած է եկեղեցին, եւ իր ճանապարհորդական նօթերուն մէջ գրած՝ «Եւ կայր մեծ եկեղեցի մի քարէ՝ Լուսաւորիչ անուն» [17]: Հպանցիկ այս ակնարկումը ենթադրել կու տայ, թէ եկեղեցին քանդումներու ենթարկուած ըլլալով՝ փոքր մաս մը միայն մնացած էր, կամ նորոգութեանց ընթացքին վերաշինուած էր փոքր չափերով [18], քանի որ ժամանակակիցներու նկարագրութիւններով՝ «տաճարը փոքր էր եւ անշուք»:

Ս. Լուսաւորչի վանքի ճարտարապետական համալիրը

Արդարեւ, նկարագրութիւններու համադրումէն կ’ուրուագծուի միանաւ թաղածածկ փոքր եկեղեցին, սեւ կոպտատաշ քարերով, անզարդ ու պարզ շինուածքով [19]: «Այս վանքը ուրիշ վանքերու պէս շքեղութիւն չունէր,– կը գրէ Գէորգ վրդ. Ասլանեան,– արտաքին ու ներքին փայլ ու փառաւորութիւն նմանապէս, բայց տաճարի սրբաբոյր բուլքը ամէն հաւատացեալի սրտիկն էր վառած»: Ան իր «այնչափ հնաբոյր ու խնկաբոյր մթնոլորտովը»՝ «արան-շարան» ուխտաւորներ կ’ընդունէր [20]:

Եկեղեցին, թէպէտ փոքր, բայց ամրակուռ, բերդի մը հանգոյն՝ հաստ պատերով կառոյց մըն էր: Երկու կողմերն ունէր լոյս արտացոլող նեղլիկ պատուհաններ [21]: Հնօրեայ դուռը պատրաստուած էր հացենիի անփուտ փայտէ, պողպատէ խոշոր սեպերով գամուած [22]։

Տաճարին ներսը՝ խորանի Ս. Սեղանին առջեւ, որպէս վէմ քար կանգնեցուած էր հին խաչքար մը՝ կանթեղներու ու մոմերու ծուխէն ամբողջովին սեւցած [23]: Խաչքարին ետեւի կողմը կար արձանագրութիւն մը. «ԹՎԻՍ ՉԹ (1260) ԿԱՆԳՆԵՑԱՒ ՍԲ. ՆՇԱՆՍ Ի ԲԱՐԵԽԱՒՍՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԵՏՐՈՍԻ ԵՒ ԱՅԼ[ՈՑՆ]. ԱՄԷՆ» [24]:

Տաճարին ներսը կայ Ս. Աստուածամօր սրբապատկերը՝ գիրկը մանուկ Յիսուսը, անարուեստ, բայց «սրբունակ դրոշմով» գործ մը [25]:

«Վանքին հնութիւններէն բան չէր մնացած, քանի մը ձեռագիրներէն զատ,– կը գրէ Ասլանեան,– եւ կը յիշէ «մագաղաթեայ Աւետարան մը՝ մեծարժէք» [26]:

Եկեղեցւոյ մուտքի դրան ճակատին կար եկեղեցւոյ վերակառուցման մասին փորագիր արձանագրութիւն մը.

«ՇԻՆԵՑԱՒ ԴՈՒՌՍ Ս. ԳՐԻԳՈՐԻ,
ՁԵՌԱՄԲ ՍԻՄԷՈՎՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ [27],
Ի ԹՈՒԻՆ ՀԱՅՈՑ ՊՁԸ (1439), ՄԱՐՏ Գ (3), 
ՅԻՇԱՏԱԿ ԻՆՁ ԵՒ ԾՆԱՒՂ[ԱՑ] ԻՄ[ՈՑ]» [28]:

Մկրտիչ Որբերեան կը նշէ նաեւ եկեղեցւոյ դրան վերեւի մասը գտնուող արձանագրութիւն մը՝ «888-ԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒԵՑԱՒ», որ կը համընկնի տաճարի վերաշինութեան տարեթիւին՝ 1439 (888 + 551 = 1439) [29]:

Վանքը շրջապատուած էր քարէ պարիսպով: Տաճարին հիւսիս-արեւելեան կողմը պարսպած էին միաբաններու եւ ուխտաւորներու կոպտատաշ քարով թաղածածկ խուցերը [30]: Ըստ աղբիւրներու՝ մինչեւ 1860-ական թուականներ շինութիւնը միայարկ էր, բաղկացած 8-10 մութ եւ խոնաւ սենեակներէ: Յետագային ասոնց վրայ երկրորդ յարկ մը աւելցնելով, նոյնչափ սենեակներ շինուած էին՝ փայտաշէն եւ հողածածկ, բաւական անփոյթ շինուածքով [31]: Վանքին հարաւային կողմը կային նաեւ տարբեր նշանակութեան քանի մը շինութիւններ՝ մշակներու կացարան, խաղախորդարան, ախոռ, մառան եւ այլն [32]:
    
Տաճարի մուտքին անմիջապէս դիմացը կային քանի մը գերեզմանաքարեր [33]: Ասոնցմէ մէկուն վրայ յստակ կ’ընթերցուէր. «ԿԱՆԳՆԵՑԱՒ ՇԻՐԻՄՍ ՓՐԿՉ[ԵԱՆ] ՆԱՀԱՏԱԿ ՍՏԵՓԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ, ԹՈՒԻՆ ՌՄԻԶ (1777)» [34]։ Ստոյգ տեղեկութիւն չունինք յիշեալ վարդապետին նահատակութեան մասին, սակայն ծանօթ է որ «նահատակ» կը կոչուէին հաւատքի համար զոհուած հոգեւորականները:

Ս. Լուսաւորչի վանքին «աւաղելի» վիճակը

Սրապիոն եպս. Սապունճեան 3 փետրուար 1861 թուակիրով Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին կը յղէ իր առաջին տեղեկագիրը: Նորընտիր առաջնորդը թեմէն ներս իր ձեռնարկած գործընթացներուն մասին տեղեկագրելով, կը յայտնէ, որ հետամուտ եղած է Ս. Լուսաւորչի վանքի կալուածներու խնդրին [35]: Մանրամասները կը պակսին, սակայն դիւրաւ կարելի է ենթադրել, թէ խօսքը վանքապատկան գրաւուած կալուածներուն մասին է: Սրապիոն եպիսկոպոսին առաջնորդական առաջին շրջանը կը տեւէ մինչեւ 1865: Անոր յաջորդած առաջնորդները կարճ շրջան մը մնալէ ետք կա՛մ հեռացած են, կա՛մ ժողովուրդին պահանջով հեռացուած են Մալաթիայէն: 1873-ին, մալաթիահայերու բուռն փափաքով՝ Սրապիոն եպս. վերստին կը ստանձնէ Մալաթիոյ թեմին առաջնորդութիւնը, միաժամանակ կը վարէ Ս. Լուսաւորչի վանահօր պարտականութիւնները [36]:

1878-ի ամրան Լուսաւորչի վանք այցելած Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց կը գրէ. «Բարձր եւ հովասուն դիրք մը ունի, փոքրիկ տաճարով մը եւ քանի մը քարուկիր սենեակներով, բոլոր դռները բաց, ամայի, ապականութեան մէջ։ Մարդու նշան չտեսանք: ... Այս է այն վանքը, որոյ կրօնաւորներ շատ ձեռագիրներ, եկեղեցական մատեաններ գրած են...: Բայց այսօր այս աւաղելի վիճակին իյնալուն պատմութիւնը լսելու արժանի է» [37]: Մասնաւորելով իր խօսքը, հեղինակը այնուհետեւ կը նշէ, որ վանքին այդ «աւաղելի վիճակին» պատճառ դարձած է ինքն իրեն վանքի տէր-տիրական կարգած Սահակ անունով քահանայ մը: Ան ընտանեօք վանքը բնակելով՝ թէ՛ վանահայր էր, թէ՛ կառավարիչ, թէ՛ մշակ եւ թէ՛ ամենայն ինչ: Աւելին ուզելով՝ կը փափաքի վանքին արտերը իր անունին դարձնելով սեփականել, բարեբախտաբար չի յաջողիր: Ասոր վրայ, առաջնորդարանի Քաղաքական ժողովը քահանան վանքէն հանելու որոշում կը կայացնէ: Քահանան կը դիմէ կառավարութեան բարձր ատեաններուն: Առաջնորդարանը հեռագիր կը ղրկէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին: Պատրիարքը Պոլիս կը կանչէ քահանան: «Նա,– կը գրէ Սրուանձտեանց հեգնանքով,– կարճ ճանապարհը կ’ընտրէ. կը դիմէ Մալաթիոյ կաթոլիկաց Ղեւոնդ գերապայծառին, անոր հաւատքը ու խնամքը կ’ընդունի», յուսալով, որ պիտի կարենար վանքի հողերուն տիրանալ, նոյնիսկ եթէ՝ «Լուսաւորիչն պապական դարձնել» [38]: «Մի՛ զարմանար ասոնց խելքին,– կը շարունակէ Սրուանձտեանց՝ վկայաբերելով կաթոլիկ առաջնորդին իրեն պատմածները,– թէ ինչպէ՞ս կանխապէս մարդ մը, մատ մը տեղ չեն ունեցած հոս, ... այսօր բաւական թուով կաթոլիկ, մեծ եկեղեցի մը, վարժարան, առաջնորդարան եւ այլ կալուածներ ունին» [39]:

Ս. Լուսաւորչի վանքը՝ համաժողովրդային ուխտատեղի

Վանքը միշտ լեցուն էր ուխտաւորներով: Ժողովուրդը թէ՛ քաղաքէն, թէ՛ շրջակայ գիւղերէն, ընտանիքներով կը դիմէր Ս. Լուսաւորիչ եւ օրեր ու նոյնիսկ նոյնիսկ շաբաթներ շարունակ` վանքը կը մնար: «Ուխտաւորք միշտ անպակաս են,– կը գրէ Կարապետ քհնյ. Պէննէեան,– բնիկ թէ պանդուխտ իրենց ընտանեօք շաբաթներ ու ամիսներ կ’անց[ը]նեն հոս» [40]: Վանքին առողջարար օդը, սառնորակ ջուրը, գեղատեսիլ միջավայրը՝ զայն դարձուցած էին ամրան օդափոխութեան ու հանգիստի սիրելի վայր մը: Յատկապէս՝ ամրան, շաբաթ եւ կիրակի օրերը ժողովուրդը՝ կին, տղամարդ, ծեր թէ երիտասարդ, խումբ-խումբ դէպի Ս. Լուսաւորիչ կ’ուղղուէր: «Երբ ձմեռուան ձիւները հալէին եւ կանաչի սաւանը ծածկէր սար ու ձոր, ... ուխտաւորներու կարաւանը կ’ուղղուէր դէպի Վանք՝ իր զոհը մատուցանելու հոն ապաստանող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին, եւ բժշկութիւն, իղձ ու մուրատ հայցելու համար» [41]: Կը պատմուի, թէ հիւանդկախ անձեր շաբաթներով վանքը կը մնային եւ կը բժշկուէին Լուսաւորչի կազդուրիչ օդով ու ջուրով: Ցաւագարներ, լուսնոտներ գիշերը տաճարին մէջ կը ձգուէին, եւ եթէ ըսուէր՝ «ուխտդ ընդունուած է», ուրեմն բժշկուած էր, եւ հակառակը, եթէ ըսուէր «ընդունուած չէ»՝ հիւանդութիւնը չէր անցած [42]: Վանք կը դիմէին ամուլ կիներ, զոյգեր, որոնք զաւակ չէին ունենար: Նաեւ կար հաւատալիք՝ որպէսզի նորածինն ապրէր՝ ուխտ կ’ընէին Ս. Լուսաւորչի վանքին մէջ մկրտելու [43]: Ուխտերնին կատարուած անձինք կու գային խոստացուած մատաղը զենելու: Կը պատահէր, որ ուխտաւորներ վանքին նուիրէին գորգ, կարպետ, ձէթ եւ այլ մթերքներ, իսկ ընդհանրապէս ընդունուած էր դրամական նուիրատւութիւնը [44]։

Առաւել մարդաշատ եւ եռուզեռուն էին եկեղեցական տօներու եւ սուրբերու յիշատակութեան օրերը: Վանքին ուխտի օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապէ տօնն էր, որ կը վերածուէր համաժողովրդային ուխտագնացութեան ու տօնախմբութեան [45]: Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տօնի նախօրեակին ուխտաւորներ ահագին պաշարներով, մատաղցու կենդանիներով վանք կ’ելլէին իրենց ուխտը նորոգելու: Եկեղեցւոյ արարողութիւնը հազիւ աւարտած, կը սկսէր տօնախմբութեան, կերուխումի եւ խրախճանքի մասը: Ուխտաւորներն, ըստ կարողութեան, կը բերէին մատաղի համար նախատեսուած ոչխար, գառ, ուլ, աքաղաղ կամ աղաւնի եւ եկեղեցւոյ արարողութեամբ օրհնուելէ ետք կը զէնէին, ապա կը սկսէին մատաղը եփելու եւ ուխտակատարման ուրախութիւնները: [46]։ Ըստ աւանդոյթին՝ մատաղէն անպայման բաժին կը հանէին կարօտեալներուն, ինչպէս սահմանած էր Գրիգոր Լուսաւորիչ:

Ըսել թէ Մալաթիոյ հայոց ամէնէն սիրելի վայրերէն էր Ս. Լուսաւորչի վանքը, կը նշանակէ ոչինչ ըսել մալաթիահայ ազգային-հաւաքական կեանքին, բարքերուն, սովորոյթներուն եւ հոգեկան ապրումներուն մասին:

Իր բնական հրաշալիքներով՝ լեռներով, ականակիտ առուակներով, կանաչազարդ տարածքներով, կիրճերով ու սրբատեղիներով Ս. Լուսաւորիչը – կամ՝ ինչպէս մալաթիացիք կարճ կը սիրէին ըսել՝ «վանքը» [47] – թէ՛ ուխտատեղի էր, թէ՛ սրբավայր եւ թէ՛ հանգիստի ու զուարճանքի վայր, ուր բնութեան ազատ միջավայրին մէջ ունէին հնարաւորութիւնն անկաշկանդ ուրախանալու եւ իրենց հանգիստը վայելելու: Աւելորդ չէ ըսել՝ վաղուց արդէն պետական-քաղաքական հովանաւորութենէ զրկուած եւ ամէն տեսակ հալածանքներու ենթակայ մալաթիահայոց համար վանքին միջավայրը դարձած էր ազատութեան, անկաշկանդուածութեան, ճնշուածութիւնը թօթափելու վայր մը: Հաւանաբար ա՛յս ըսել կ’ուզէ Գէորգ Մելիտինեցի [Թոփալեան], երբ կը գրէ. «Քաղաքի ճնշող, ստրկացնող մթնոլորտէն շղթայազերծ բազմութիւնը պահ մը ինքզինքը ազատ զգալով..., իր սիրտը կը բանար մայր բնութեան առջեւ, եւ ցաւի ու ուրախութեան կանչերը կը լեցնէին սար ու ձոր» [48]:

Մալաթիահայ աղբիւրներ իրենց յուշերուն մէջ կը պատմեն, որ յաճախ՝ դպրոցական ընկերներով, մասնաւորաբար Սահակեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ, կը բարձրանային Ս. Լուսաւորչի վանքը՝ «մալաթիացիներու աւագ ուխտատեղին»՝ հոն՝ գեղատեսիլ բնութեան գիրկը, ուրախանալու, լիաթոք երգելու, ժայռեր ու ծերպեր մագլցելու, բնութեան առեղծուածային վայրերով զմայլելու [49]: «Բայց Վանքը, լերան կատարը կառուցուած այդ մենաստանը,– իր դպրոցական յուշերուն մէջ կը պատմէ Մելիտինեցի,– իր հողով ու ջուրով, իր ծառ ու ծաղիկներով, կը դառնար կենդանի դրախտավայր մը, երբ սար ու ձոր արձագանգող մեր գոռ երգերով Սահակեան վարժարանի 300 աշակերտներս լեցուէինք իր մէջ։ ... Խաղի, պտոյտի ու վերելքի ընդմէջէն օրը կ’անցնէր վայրկեանի մը պէս... ու արցունքոտ աչքերով կը բաժնուէինք Վանքի հողէն ու ջուրէն, ծառէն ու ծաղիկէն» [50]:

Ս. Լուսաւորչի վանքին կալուածները

Հինէն ի վեր, ինչպէս բոլոր հայկական վանքերը, Ս. Լուսաւորիչը նոյնպէս, օժտուած էր ընդարձակ հողատարածքներով, պարտէզներով եւ այգիներով: Վանքը տեղագրող հեղինակները կը վկայեն, որ ան իր սեփական կալուածներով հարուստ եւ ինքնաբաւ վանք մը եղած է: Մասնաւորապէս կը յիշուի որ վանքն ունէր 400 կոտի հասնող ցանելի հողեր, խաղողի այգիներ, թութի, ծիրանի եւ նուշի ծառաստաններ [51]: Պէննէեան քահանայ կը նշէ որ վանքին կը պատկանէին 2-3 ժամ հեռաւորութեամբ կալուածներ, անտառներ, պարտէզներ, 400-500 արտավար ընտիր վարելահողեր [52]: Ըստ այլ աղբիւրներու՝ վանքն ունեցած էր ընդարձակ վարելահողեր, ծառ ու ծառաստաններ, պտղատու այգիներ, հազարաւոր որթատունկեր եւ այլն [53]: Սակայն, վանքապատկան հողերը, արտերն ու այգիները ժամանակէ մը ի վեր ամբողջովին անխնամ ձգուած էին, եւ կանոնաւոր մշակութենէ զուրկ ըլլալով՝ «ծերացած ու գօսացած» վիճակ ունէին [54]:

Վանքին հողերը մշակելու համար սովորաբար կը վարձուէին քիւրտ հողագործներ, կամ մասնաւորներու վարձու կը տրուէին [55]: Սակայն վերջին ժամանակներուն բաւարար արդիւնք եւ եկամուտ չէին ապահովեր: Պէննէեան, խօսելով վանքի կալուածներուն մասին, կը գրէ. «Մալաթիացի հայը խիստ անհոգ ու անտարբեր է սոյն վանքի հողերէն օգտուելու», փոխարէն հոգ տանելու, շահոյթ ստանալու, ապագային հոն վարժարան կամ այլ կրթական հաստատութիւն հիմնելու մասին խորհելու, բոլորովին անուշադրութեան մատնած է զանոնք [56]։ Պէննէեան դիտել կու տայ, որ եթէ «շէնք շնորհքով» երկրագործներ հրաւիրուէին, քանի մը տարիէն կարելի կ’ըլլար առատ բերք, յետոյ նաեւ բաւականաչափ շահոյթ ապահովել [57]։ «Ուստի,– կ’եզրակացնէ հեղինակը,– հարկ էր բանիբուն եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացեալ վանական խորհուրդ մը ստեղծել եւ անոր յանձնել վանքին կառավարումը [58]:

Մալաթիոյ թեմի առաջնորդ Գէորգ վրդ. Արսլանեան, անդրադառնալով Լուսաւորչի վանքի անտէրունչ վիճակին, կը նշէ, որ պատճառը իրարայաջորդ առաջնորդներուն ապարդիւն, երբեմն նաեւ հակոտնեայ գործունէութիւնն էր. «100 տարիէ ասդին եկող գացող վանահայր առաջնորդներն ալ որոշակի աշխատութիւն մը թափած չեն ո՛չ նիւթական եւ ո՛չ բարոյական տեսակէտով» [59]: Որպէս բացառութիւն կը յիշէ այն առաջնորդները, որոնք դոյզն օգտակար եղած էին վանքին՝ Սահակ եպս. Սահակեանը, որ վանքին ջուրը բերել տուած էր, Սաչլը Մատթէոս վարդապետը եւ բնիկ մալաթիացի Յարութիւն վրդ. Առաքելեանը, որոնք բաւական վարձք-երախտիք ունէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Փրկիչ վանքերուն վրայ [60]:

Ս. Լուսաւորչի վանքը 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 1915

Սահակ եպս. Սահակեան իր առաջնորդութեան շրջանին՝ 1889-ին վանքի շրջափակէն ներս շինել կու տայ մեծ գուռով գեղեցիկ աղբիւր մը՝ «ի յիշատակ իւր ընտանեաց» [61]: Քարաժայռերէն թափուող Գոզլուգի ջուրը աղտեղութիւններէ զերծ պահելու, վանքը անապակ ջուրով մատակարարելու համար, լերան բարձունքէն հոսող առուակներու ջուրը փողրակներով վար բերելով՝ մշտահոս աղբիւրի կը վերածուէր: Մալաթիացիք այս աղբիւրը կը կոչէին Լուսաւորչի աղբիւր կամ Լոյս աղբիւր, որ կը հասնէր Մալաթիոյ շրջանի ջրային հարստութիւններէն՝ Դերմեսիհի (Տեր Մեսիհ – Դերմէ սու) հոսանքէն [62]: Նոյնպէս Սահակ եպիսկոպոսին ջանքերով՝ դէպի վանք բարձրացող նեղ արահետը կը փոխարինուի լայն ճանապարհով [63]:

1895-ին Մալաթիոյ մէջ ծաւալած ապտուլհամիտեան կոտորածներու ժամանակ Ս. Լուսաւորչի վանքը նոյնպէս ենթարկուած էր թուրք եւ քիւրտ խաժամուժի ասպատակութեան եւ թալանին: Վանքին մէջ պահուող ձեռագիրներու եւ թանկարժէք սպասքի հետ գրաւուած էին նաեւ կալուածային փաստաթուղթերը (թափուները): Ատեն մը վանքը գրաւուած մնալէ յետոյ, անոնք կը վերադարձուին, բայց վանքին ջուրը Հաճի Ապտալլահ անունով ազդեցիկ էշրաֆի մը ձեռքը կը մնայ [64]:

1895-ի ջարդերէն ետք Մալաթիոյ մէջ կուտակուած որբերը պատսպարելու, խնամելու, ուսման եւ կրթութեան պայմաններ ստեղծելու համար՝ 1898-ին Ս. Լուսաւորչի վանքին մէջ կը բացուի որբանոց-դպրոց մը, ուր կը պատսպարուին 50-ի չափ որբեր [65]: Որբանոցը կը հաստատուի վանքին արեւմտեան կողմը՝ «10-12 ծածք»ով շէնքին մէջ, ուսուցիչի մը եւ հայրիկի մը հսկողութեան տակ: Որբանոցը կը կառավարէր մասնաւոր յանձնախումբ մը՝ առաջնորդարանին ղեկավարութեամբ [66]: Առաջին օրէն իսկ հոգ կը տարուէր, որ որբերը ուսման զուգընթաց սորվէին արհեստներ՝ կօշկակարութիւն, խաղախորդութիւն եւլն. [67]: Որբանոցին ծախսերը կը հոգացուէին Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին յատկացուցած 15 օսմ. ոսկիի գումարէն եւ վանքի միջոցներէն [68]: Կը յիշուի, որ պատրիարքարանէն ստացուած գումարը կը տրամադրուէր «Մոսկուայի Որբախնամներու» միջոցներէն [69]։

Մալաթիոյ առաջնորդական տեղապահ Խաչատուր վրդ. Տէր Ղազարեան 21 մարտ 1902 թուակիր տեղեկագիրին մէջ կը հաղորդէ, թէ վանքն ունի փոքրիկ տաճար մը, շուրջը՝ 30-ի չափ երկյարկ սենեակներ, յարակից՝ որբանոցի շէնքը եւ 2-3 հազար կրաթ ցորեն ցանելու չափ արտեր, որոնց մէկ մասը անմշակ կը մնար [70]։

1906-1907-ին, Գէորգ վրդ. Ասլանեանի առաջնորդութեան շրջանին Ս. Լուսաւորչի վանքէն ներս կ’իրականացուին վերականգնման շարք մը աշխատանքներ, որոնց անհրաժեշտութիւնը կար 1895-ի աղէտէն ի վեր: Ասլանեանի եռանդուն ջանքերուն շնորհիւ կը վերականգնուի եկեղեցին, նախկին անշուք սենեակներուն վրայ կը կառուցուին ուխտաւորներու համար նախատեսուած եւս 10-15 սենեակներ, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի հին շէնքի հիմերուն վրայ կը կանգնեցուի երկյարկանի «շքեղ ու փառահեղ» շէնքը [71]։ Ականատես յուշագրողներու նկարագրութիւններով, ինչպէս նաեւ պահպանուած եզակի լուսանկարէն մեր առաջ կը ցցուի վանքի ստորոտին բազմած՝ ընդարձակ քարակոփ շէնքը: Աչքի կը զարնեն վերի յարկի կամարաձեւ ճակտոններով պատուհանները եւ դէպի դուրս՝ չխարթմա (թմբիկաձեւ) գեղեցիկ պատշգամբները [72]: Այստեղէն գեղեցիկ տեսարան մը կը բացուէր դէպի լերան ստորոտը գտնուող խորխորատ ձորը, քիչ մը անդին՝ Բունարպաշիի մեծ աւազանը, մինչեւ Ս. Լուսաւորչի հորիզոնը գրկող դաշտավայրը [73], ու քիչ մը հեռու՝ արծաթէ ժապաւէնի պէս երկարած Եփրատը [74]:

Վանքի ընտիր օդին եւ բնական գեղեցիկ դիրքին հետ բարեկարգ միջավայրը, արդիական նորակառոյց շէնքը նոր զարկ կու տան ուխտագնացութիւններուն: Ամէն շաբաթ կը մատուցուէր Ս. Պատարագ, եւ միշտ մատաղօրհնութիւններ կը կատարուէին: Ուխտաւորներու հետ, օդափոխութեան եւ հանգիստի համար հոս կը դիմէին քաղաքին երեւելիները, նաեւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ [75]: Ականատեսներու վկայութեամբ, վանքին սենեակները բաւական չէին բազմաթիւ ուխտաւորները տեղաւորելու համար: Շատեր վանքին մէջ տեղ չգտնելով, դուրսը՝ ծիրանիներու պարտէզին մէջ վրաններու տակ կը գիշերէին [76]։

Ասլանեան նաեւ ջանքեր կը գործադրէ վանքապատկան կալուածները հնարաւորինս շահութաբեր դարձնելու համար: Աշխատանքներ կը տարուին «մեռած» արտերն ու այգիները արդիւնաւորելու, նաեւ նոր պարտէզներ ու որթատունկեր տնկելու ուղղութեամբ: 1900-ականներուն կը յիշուին «վանքի արտերուն ու պարտէզներուն» մէջ աշխատած երկու մշակներ՝ Վէլի տային եւ Միքայէլ եղբայրը [77]։

Յիրաւի, Ասլանեան վարդապետի ձեռնարկումներով, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու թիւի աճին շնորհիւ վանքի վիճակին բարելաւումով, Ս. Լուսաւորիչը կ’ապահովուի նիւթական մնայուն հասոյթներով [78]։

Ամէն կիրակի կանոնաւոր Ս. Պատարագ, մատաղօրհնութիւններ կը կատարուէին [79]։ Վանքին հոգեւոր սպասարկումը կանոնակարգելու համար, Մալաթիոյ Թեմական Խորհուրդի որոշմամբ՝ թեմին բոլոր քահանաները պարտաւոր էին հերթով այցելել գլխաւոր ուխտատեղիները՝ Ս. Լուսաւորչի եւ Ս. Փրկիչ վանքերը եւ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցել ուխտաւորներուն [80]։

Մալաթիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Եղիա քհնյ. Տէր Կարապետեանի՝ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարան ուղղած 11 մայիս 1911 թուակիր տեղեկագիրէն կ’իմանանք, որ Ս. Փրկիչ վանքն ունէր 350 արտավար հող, անտառակ մը եւ 3 ժամ շրջակայքով անմշակ, անջրդի արտեր եւ լեռներ [81]։ Նոյն տեղը կը նշուի, որ վանքն ունէր 60 օսմ. ոսկիի եկամուտ, որ ամբողջովին կը ծախսուէր իր կարիքներուն վրայ՝ «վասնզի վանքը թալանուած էր 1895-ի ջարդին»:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին նախորդող եւ յաջորդող տարիներուն Մալաթիոյ թեմը ինչպէս եւ վանքը զուրկ էր առաջնորդէ:

1915-ին Մալաթիոյ մէջ սկսած հայկական ջարդերուն ընթացքին Ս. Լուսաւորիչ վանքը կը գրաւուի եւ շուրջ ինը ամիս կը վերածուի թեքքէի (մահմետական աղօթատեղի) [82]: Ապա Խարբերդի անգլիական հիւպատոսին՝ նահանգի ընդհանուր կառավարիչ Շաքիր փաշային ներկայացուցած բողոքին վրայ, կը վերադարձուի հայոց՝ կողոպտեալ եւ քայքայեալ վիճակի մէջ: Վանքը վերադարձնելու ուղղութեամբ որոշ դեր ունեցած են նաեւ Խարբերդի ամերիկեան Նպաստամատոյցի միսիոնարներ դոկտ. Կէյթսը [83] եւ մըսթըր Փուլքը, ինչպէս նաեւ Միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները, որոնք այդ ատեն Մալաթիա կը գտնուէին յատուկ առաքելութեամբ: Զինադադարի հռչակումէն ետք՝ տարագրութեան ուղիներէն վերադարձող մալաթիահայ խլեակներ շրջան մը Ս. Լուսաւորչի վանքը կ’ապաստանին։ Անոնք դեռ երազներ ունէին վանքը շէնցնելու [84]:

Ականատեսներու վկայութեամբ, մօտակայ գիւղերու բնակիչները ամբողջովին մերկացուցեր էին արդէն իսկ կիսաքանդ վանքը, տանելով դուռ, պատուհան, ատաղձ եւ այլն: Յուշագրող մը այսպէս այդ օրերու վանքը. «Բայց հիմա սա առաջուայ վանքը չէր, այլ կիսաքանդ, աւեր ու անտիրական, կարծես սեւ քօղքը երեսին մի այրիացած հարս ըլլար ան» [85]։

Մալաթիացի Պօղոս Առաքելեան կը պատմէ, թէ մասնակցած է տեղահանութեան եւ տարագրութեան սարսափելի օրերէն ի վեր՝ առաջին եւ գուցէ վերջին անգամ տեղի ունեցած Ս. Լուսաւորչի ուխտագնացութեան՝ աւելի քան 100 ուխտաւորներու բազմութեամբ մը: Հեղինակը մասնաւորապէս կը յիշէ, որ իր երէց քոյրը՝ Աննան եւ երկու դրացի կիներ ուխտ ըրած էին, որ երբ իրենց «սիրելիներուն» (ամուսիններուն) ողջութեան լուրը առնէին՝ մէյ-մէկ ոչխար պիտի գնէին եւ զենէին ու մատաղ պատրաստէին Ս. Լուսաւորչի վանքին մէջ: Եւ ահա, շուրջ հինգ տարուայ անձկութեան, լացի ու տառապանքի օրերէն ետք՝ սպասուած լուրը եկած էր... ուստի ամէն երկիւղ ու վտանգ աչք առնելով, մօտիկ դրացիներու եւ ազգականներու հետ վանք կ’ելլեն մատաղի խորհուրդը կատարելու: Ուխտագնացութեան ամբողջ ընթացքին՝ Մուսթաֆա անունով թուրք կառապանն ու անոր ուղեկցողը կը հոգան հայոց անվտանգութիւնը [86]։

Արդէն, զինադադարէն քիչ ժամանակ յետոյ կառավարութիւնը գրաւած էր վանքը եւ կալուածներով միասին վաճառած էր չորս քիւրտերու, որոնք վանքը վերածած էին գոմի, իսկ եկեղեցին՝ յարդանոցի [87]։

Ս. Լուսաւորչի վանքին շրջակայքը

1. Գոզլուքի աղբիւրը

Վանքէն դուրս՝ լեռնային առուակներու եզերքին պար բռնած սաղարթախիտ ընկուզենիները ուխտաւորները կը սպասէին: Կանաչազարդ ու ջրառատ այս միջավայրը ակնաղբիւրին անուամբ՝ Գոզլուգ կը կոչուէր: «Նշանաւոր է Գոզլուգի վայրն եւ ջուրը սառնորակ,– կը գրէ Ասլանեան վարդապետը,– երեք դարաւոր ընկուզենիներ կը հովանաւորեն զայն, ուխտաւորները աւելի հոս կը դիմեն ուխտի քան վանքը» [88]: Կ’ըսուի, թէ մինչեւ 1880-ական թուականներ, վանքը շրջապատուած էր ընկուզենիներու անտառով, սակայն ժամանակի ընթացքին հսկողութենէ ու խնամքէ զուրկ մնալով, սակաւաթիւ ծառեր մնացած էին [89]:

Քիչ մը անդին, կար միայնակ կանգնած դարաւոր ընկուզենի մը, քովը՝ մշտահոս սառնորակ աղբիւր մը՝ մեծ գուռով: «Ահա՛ այս ընկուզենիին տակ, այս ջուրի[ն] քով կը սիրէին նստիլ» Մալաթիոյ հայերը, կը գրէ ժամանակակից մը, նշելով որ ան թէ՛ ուխտավայր էր եւ թէ՛ օդափոխութեան անզուգական վայր:

2. Լուսաւորչի աղբիւրը

Դէպի վանք ուխտագնացութեան ճանապարհին վրայ առաջինը կը դիմաւորէր խոշոր քարի մը տակէն բխող ջինջ ու սառն աղբիւր մը: Կանաչ սաղարթներով ծածկուած աղբիւրը յայտնի էր իր բուժիչ ջուրով: Զանազան ախտերէ, դողէրոցքէ ու տենդէ տառապող հիւանդներ կը բուժուէին այդ ջուրով: «Ասիկա Լուսաւորչայ ջուրն է,– կ’ըսէին մալաթիացիք,– որուն մէջ կը լողցնէին դող ու փայծաղ ունեցողները, որոնցմէ շատեր յաճախ կը գտնէին բժշկութիւն եւ հանգիստ» [90]:

3. Վարի կօլ, Վերի կօլ, Քէլէկ Բունար

Լուսաւորչի աղբիւրէն դէպի վեր, Գոզլուգի պարտէզին աջ կողմը, բարձր դիրքի մը վրայ կար Վարի կօլը (լճակ): Վանք այցելող երիտասարդները կը սիրէին ժամանակ անցընել ուռենիներով շրջապատուած այս ջրականին մօտ, կը լոգնային եւ շուրջի քարերուն վրայ իրենց թաց հագուստները կը չորցնէին: Ասկէ քիչ մը վեր եւ քովնտի՝ դալարիքներու մէջ ծուարած Քէլէկ Բունարի ջրականն էր, որու շուրջ կը հաւաքուէին պարզապէս զուարճանալու, խաղալու համար: Քիչ մը աւելի վեր՝ վանքին հարաւային կողմը կար Վերի կօլը, որ քարքարոտ էր եւ այցելուներ հազուադէպ կու գային հոս [91]:

4. Կուլունջ քար

Մինչեւ վանք հասնիլը կար ապառաժէ հսկայ քար մը, զոր տեղացիք Կուլունջ (բրբ.՝ կլոր, բաղարջ) քար կը կոչէին: Յօդացաւէ տառապողներ անոր քով կու գային եւ ցաւած տեղը քարին շփելով՝ կը բժշկուէին [92]:

5. Ս. Լուսաւորչի քարայրը

Վանք բարձրացող բլրի ստորոտին կային երկու յիշատակելի վայրեր: Պէկ Տաղիի արեւմտեան լանջին՝ Ինտարա (կամ՝ Ին Տէրէ, տէրէ – ձոր) կոչուած ձորին մէջ կը գտնուէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վիմափոր քարայրը [93], զոր ժողովուրդը «Լուսաւորչայ քալըֆա» (ճգնաւորի մնացած տեղը) կը կոչէր [94]: Ըստ աւանդութեան՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը այս քարայրին մէջ թաքնուած ու ճգնած է: Երբ քարայրէն ներս մտնես, այնպէս կը զգաս, թէ կը գտնուիս խորանի մը առջեւ, ուր կար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի քարէ քանդակը [95]: Դիմենք Որբերեանի պատկերաւոր նկարագրութեան. «Երեւակայեցէ՛ք,– կ’ըսէ,– հսկայահասակ եպիսկոպոս մը՝ զգեստաւորուած պատարագի զգեստներով, գլխուն չաթալ-թագ դրած, ձեռքերը դէպի վեր խոյացած քանդակը [96], որ «Լուսաւորչինն է՝ հրաշքով մը քանդակուած» [97]: Ժողովուրդը այս քարայրը սրբավայր կը համարէր, եւ հոնկէ բղխող աղբիւրն ալ՝ Լուսաւորչի զօրութեամբ բուժիչ ջուր: Պէննէեան քահանայ այս ժայռափոր այրը կը նմանցնէ մատրան մը եւ կ’աւելցնէ՝ «Կ’աւանդուի որ Ս. Լուսաւորիչն մեր հոս գալով ժամանակ մը այս այրին մէջ ճգնած է» [98]:

6. Գրիգոր Լուսաւորչի հետքերը

Վանքին մօտ բնական քարայրի մը մէջ դեռ կը մնային Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «ոտնահետքերը, ձեռքերուն տեղը, գլուխը դնելու փոսացած քարը» [99], որոնց շուրջ աւանդազրոյցներ յօրինուած էին: Ըստ անոնցմէ մէկուն, վանքը հիմնադրած է ինքը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը, եւ որպէս ապացոյց ցոյց կու տային քարաժայռերու վրայ դրոշմուած հսկայական ոտնահետքերը [100]։ Կը պատմէին, թէ Գրիգոր Լուսաւորիչը վանքին քարերը ուսերուն վրայ փոխադրած ատեն՝ ծանրութենէն ոտքերը մխրճուած էին ապառաժներու մէջ՝ խոր հետքեր ձգելով ժայռեղէն յատակին վրայ [101]:

7. Խոշրուկ քարայրը

Ձորին աջ կողմը՝ լերան կողին կար Խոշրուկ Մաղարասը կոչուող ուրիշ այր մը: Անոր մուտքը լայն էր, քանի մը հոգի հանգիստ կրնար ներս մտնել: Քարայրին մէջ, ջուր կը կաթկթէր ժայռերու խորշերէն: Կ’ըսուի, թէ այս ջուրը ստորերկրեայ կրախառն ջուր ըլլալով, մաշկային շատ հիւանդութիւններ կը բուժէր: Յատկապէս դէմքի, ձեռքի վրայ՝ ըստ մալաթիացոց խոշրուկ (պիսակ, գորտնուկ) ունեցողներ, այդ ջուրով կը լուացուէին եւ կը դարմանուէին: Այդ պատճառով ժողովուրդը այս քարայրը «Խոշրուկ» կը կոչէր [102]։

8. Մազէ Կամուրջ

Մինչեւ քարայր հասնիլը կար դժուարանցանելի կածան մը, որ կ’անցնէր ձորահայեաց ապառաժներու եւ վերէն կախուած սեպ ժայռերու միջով: Այդ նեղ ու վտանգաւոր անցքը կը կոչէին Մազէ Կամուրջ [103]. ով որ այդ կամուրջէն անցնէր ու քարայրը մտնէր, անոր իղձը կը կատարուէր՝ «բարեխօսութեամբ Ս. Լուսաւորչի» [104]: Մալաթիացիք այս սրբավայր-ուխտավայրը այցելելու մասնաւոր օր ունէին. Ս. Զատիկին յաջորդող՝ Նոր Կիրակիի օրը հոս ուխտի կու գային մեծաթիւ ուխտաւորներ, մանաւանդ երեխայ չունեցող կիներ, զաւակը շուտով կորսնցնողներ եւլն.: Ուխտ պահողներ, անտեսելով ամէն տեսակի վախ ու վտանգ, կը ջանային «Մազէ Կամուրջէն անցնիլ, որպէսզի Աստուած ի կատար ածի իրենց ուխտը» [105]։

9. Լուսաւորչի ձիու մսուրը

Մազէ Կամուրջին մօտ կար տափարակ տեղ մը, որուն համար կ’ըսէին, թէ Լուսաւորչի ձիու մսուրին տեղն է, ուր յստակ կ’երեւէին ձիու պայտերուն հետքերը: Պակաս չէին նաեւ սրախօս մարդիկ, որոնք այս տեղին համար կ’ըսէին՝ «Ձին հոս քալած ըլլալու համար թռչունի թեւեր ունեցած ըլլալու է» [106]։

Անարծաթ Բժիշկ (վանք)

Անարծաթ Բժիշկի վանքին մասին աւանդութիւններ եւ յիշատակութիւններ

Անարծաթ Բժիշկի վանքը կը գտնուէր Մալաթիոյ արեւելեան կողմը մէկ ու կէս ժամ հեռու՝ Ս. Փրկիչ եւ Ս. Լուսաւորիչ վանքերուն մէջտեղը, Բունարպաշի (կամ՝ Բուղար Պաշի) գետակի ջրառատ հովիտին մէջ [107]։

Անարծաթ Բժիշկի հիմնադրութեան վերաբերեալ ստոյգ տեղեկութիւններ չեն գտնուիր: Վանքին առաջին յիշատակումը կու գայ 1590-ի ձեռագիրի մը յիշատակարանէն, ուր ի շարս Մալաթիոյ վանքերու եւ եկեղեցիներու, կը նշուի Անարծաթ Բժիշկը. «...ի Մելտենի գաւառիս, որ կոչի տաճիկ բառով Մալաթիայ, ի մենաստանիս, որ կոչի յԱնապատ Սրբոյն Գրիգոր Լուսաւորչին, ընդ հովանեաւ Սրբոյ Յովանիսի եւ Սրբոց Անարծաթ բժշկացն Կոզմայի եւ Դամիանոսի եւ Սրբոյն Ստեփանոսի Նախավկային, եւ Սրբոյն Սոփիայի...» [108]։

Հ. Եփրեմ Պօղոսեան Մալաթիոյ հայկական վանքերուն նուիրուած իր աշխատասիրութեան մէջ նախ կը նշէ, թէ աղբիւրներու մէջ չէ հանդիպած Մալաթիոյ շրջանակէն ներս «Անարծաթ Բժիշկ» անուամբ վանքի մը յիշատակութեան, այնուհետեւ՝ վերոյիշեալ 1590-ի ձեռագիրի յիշատակարանէն մեկնելով, կ’ենթադրէ, թէ հոն յիշուած «Անարծաթ Բժիշկը» եկեղեցի կամ մատուռ եղած է Ս. Լուսաւորիչ վանքին [109], մինչդեռ յստակ է, որ գրիչը իր թողած յիշատակարանին մէջ ըստ աւանդոյթի կը թուարկէ Մալաթիոյ եկեղեցիներն ու վանքերը՝ իբրեւ հովանաւորներ ու պաշտպաններ։ Հոն Անարծաթը կը յիշուի իբրեւ ինքնուրոյն՝ առանձին վանք: Ալպոյաճեան, ինք ալ այս թիւրըմբռնման մէջ խճճուած, երկար-բարակ հետեւութիւններ կ’ընէ [110]:

Մատենագրական աղբիւրներու մէջ տեղ գտած անուղղակի յիշատակումներ ենթադրել կու տան, թէ վաղ միջնադարուն, իսկ աւելի ստոյգ՝ վաղքրիստոնէական ժամանակաշրջանին, Անարծաթը եղած է բաւական յայտնի, շէն եւ ծաղկուն վանք՝ ուսումնագիտական բարձր հենքով: Ասոր հեռաւոր մէկ արձագանգը կը գտնենք աւանդութեան մը մէջ, որ կ’ըսէ, թէ Մաշտոց հայերէն գիրերը ստեղծելով, վերադարձին կ’այցելէ Մալաթիա, եւ իր աշակերտներէն երկուքը ուսանելու համար կը թողու տեղւոյն «աստուածաբանական ճեմարանը» ու ինք կը վերադառնայ Հայաստան [111]: Այս աւանդութիւնը արտացոլումն է Մեսրոպ Մաշտոցի Միջագետք կատարած ուղեւորութեան դրուագին: Պատմական աղբիւրներու մէջ մասնաւորապէս կը յիշատակուի, որ Մեսրոպ Մաշտոց քարոզչական գործունէութեան ընթացքին, իր աշակերտներուն հետ այցելած է Մելիտինէ, ուր հանդիպած է տեղւոյն առաջնորդ Ակակ եպիսկոպոսին, որուն յանձնած է իր աշակերտները [112]: Եւ սա չէ միակ յատկանշելին, այլ աւանդութեան բովէն անցած պատմութիւնը, Մալաթիոյ հայոց յիշողութեան մէջ պահպանուած հեռաւոր յուշը՝ 4-րդ դարուն Մալաթիոյ երեք վանքերէն միայն մէկուն մէջ կար բարձր ուսումնարան մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ եղած է Անարծաթը [113]:

Կարապետ Պէննէեան քահանայ կը մէջբերէ վանքին մասին այլ աւանդութիւն մը եւս, ըստ որուն՝ Անարծաթ Բժիշկը հին ժամանակներուն եղած է շատ մեծ եւ անուանի վանք մը՝ բազմաթիւ մատուռներով, խորաններով ու խաչքարերով [114]: Իրաւամբ, երբեմնի փարթամ ու բարգաւաճ վանքի մասին կը վկայեն աւերակներն ու շինութիւններու մնացորդները [115]: Ըստ Պէննէեանի՝ բացի մատուռէն, բոլոր շինութիւնները աւերակ, քարուքանդ վիճակի մէջ կը գտնուէին [116]:

Անարծաթ Բժիշկի վանքի ճարտարապետական կառոյցին մասին

Ասլանեան վարդապետ այս վանքին մասին կը գրէ. «Աւերակ մատուռ մըն է այժմ. ընդարձակ շէնքերու բեկորներէն միայն երկու կամար կայ կանգուն բոլորովին աւերակոյտերու մէջ» [117]:

Մալաթիոյ յուշագրող հեղինակներէն Ա. Քէքէվեան շրջանէն հեռանալէ տասնամեակներ ետք կարեւոր մանրամասներ կը ներկայացնէ Անարծաթ Բժիշկի մասին: Հեղինակը իր «հայրերէն ու պապերէն լսածը» փոխանցելով կ’ըսէ, թէ այս վանքը բաղկացած եղած է գլխաւոր տաճարէ եւ ութը կամ աւելի եկեղեցիներէ, տարբեր սուրբերու նուիրուած քառասուն խորաններէ, ուր եկեղեցական յատուկ օրերու, սուրբերու յիշատակի եւ տօն օրերու առիթով յատուկ արարողութիւններ կը կատարուէին: Հին ատենները ունեցած է պատկառելի թիւով վանականներ՝ իրենց վանահայր հոգեւոր առաջնորդով [118]: Կ’ընդգծուի նաեւ, որ վանքը «անդեղ բժշկութիւններու» համբաւ ունեցած է եւ մշտապէս ընդունած է ուխտաւորներու բազմութիւններ [119]։

Գէորգ Մելիտինեցի [Թոփալեան] Անարծաթ Բժիշկին մասին կը գրէ. «Քառասուն մանկանց աւերակուած քառասուն խորաններուն փառքը» [120]։ Վստահաբար մալաթիահայոց բանաւոր յիշողութեան մէջ պահպանուած «քառասուն մանկանց քառասուն խորաններու» յիշեալ առասպելը կ’առնչուի 4-րդ դարու քրիստոնեայ զօրականներուն՝ Ս. Քառասուն Մանկանց յիշատակին հետ: Պատմիչ Ուխտանես եպիսկոպոսի վկայութեամբ, քառասուն մանուկները հալածանքներու ենթարկուելով, կ’ապաստանին ոմանք Մելիտինէ բերդաքաղաքը, ոմանք անոր լեռնակողմերը, ապա հետապնդուելով՝ սրախողխող կը սպանուին: Ապագային անոնց նահատակութեան տեղերը կը շինուին շատ եկեղեցիներ, որոնք շատ յարգուած ու փառաւորուած էին երկրի բնակիչներուն կողմէ [121]: Այս տեղեկութիւնները մտածել կու տան, թէ վանքը ունեցած է քառասուն նահատակներու՝ վկաներու յիշատակին կառուցուած մատուռ մը, որու հեռաւոր արձագանգները կը մնային լոկ [122]:

Անարծաթ Բժիշկի վանքին աւերակները եւ կանգուն մնացորդները առաջին անգամ նկարագրած է Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց: «Հայաստանի ճամբորդ»ը, շարունակելով իր ուղեւորութիւնը, կը գրէ. «Լուսաւորչի վանքէն իջանք Անարծաթ Բժիշկ, որ դաշտավայրի մէջ փոքր դարի մը տակ, աւերակ մատուռ մի է, միայն երկու կամարը ողջ. շուրջը աւերակաց կոյտեր ունի»։ Ան կը յաւելու. «Շէն վանք է եղած» [123]։

Տրդատ վրդ. Պալեան «Հայ վանօրայք»ի մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Անարծաթ Բժշկաց» սոյն վանքը, ... ի վաղուց անցած է ի շարս շաբաթացեալ վանօրէից, թէեւ այժմ կ’երեւին հողակոյտերը, եւ երբեմն տեղեր ալ հիմանց պատերը եւ փլփլուած սենեակներ» [124]։

1903-1907 թուականներուն Մալաթիոյ առաջնորդական տեղապահ, ծագումով բինկեանցի Գէորգ վրդ. Ասլանեան, մօտէն ճանչցած եւ ուսումնասիրած է Մալաթիոյ շրջանակի կանգուն եւ «շաբաթացեալ» (մարած, կործանած) վանքերը, յետագային այդ նիւթերով յօդուածներ ստորագրած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու մէջ: Անարծաթին անդրադառնալով՝ Ասլանեան կը յայտնէ, որ մինչեւ 1860-1870-ական թուականներ մատուռը եղած է կանգուն, ուր եկեղեցական արարողութիւններ կատարուած են. «Ասկէց 50 տարի առաջ դեռ կանգուն է եղեր եկեղեցին եւ հանգուցեալ Սրապիոն եպիսկ. ալ պատարագած է» [125]։ Հեղինակը մէկ այլ առիթով կը գրէ, թէ իր առաջնորդութեան շրջանին (1900-ականներու սկիզբները), սրբավայրի հին կառոյցներէն կանգուն էին մէկ-երկու կամարներ եւ մի քանի կիսափուլ պատեր, որոնք կենդանի վկաներն էին երբեմնի ճոխ ու շէն վանքին [126]:

Անարծաթ Բժիշկի վանքին մասին վկայութիւններ

Անարծաթի մասին կարեւոր սուղ տեղեկութիւններ ունի Գէորգ Մելիտինեցի: Թէպէտ հեղինակին հաղորդած տեղեկութիւնները հիմնուած են բացառապէս բանաւոր աւանդութեանց վրայ, սակայն նկատի ունենալով աղբիւրներու սակաւութիւնը, աւելի ճիշդ՝ բացակայութիւնը, վանքին շուրջ հիւսուած աւանդազրոյցները սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն ունին եւ պատմական-նկարագրական տարրեր կը յայտնաբերեն: Մելիտինեցի Մալաթիոյ վանքերուն մէջ ամէնէն հինն ու ամէնէն կարեւորը կը նկատէ Անարծաթ Բժիշկը, որ ծաղկում եւ վերելք ապրած է 1250-1350 հարիւրամեակի ընթացքին [127]։ Ըստ համանման մէկ այլ աւանդութեան, Անարծաթ Բժիշկը 10-12 դարերու հնութիւն ունէր: Աւելի հետաքրքրական է շարունակութիւնը, ուր կ’ըսուի, թէ Մելիտինէի իշխանները վանքը հիմնած են առաւելապէս իր գեղեցիկ դիրքին համար [128]։

Նշենք, որ ինչպէս Մալաթիոյ միւս վանքերուն, նոյնպէս Անարծաթ Բժիշկի մասին պատմող աւանդութիւններուն մէջ, չես գիտեր ուրկէ եւ ինչպէս, կը յայտնուին վերացարկուած «իշխաններ» (յիշենք Ս. Լուսաւորչի վանքը կառուցող «իշխանը»), որոնք, անկասկած, անմիջական աղերս ունին վանքի հիմնադրման ժամանակաշրջանի եւ պատմական եղելութիւններու հետ: Պատմութենէն ծանօթ է, թէ 11-րդ դարուն Բիւզանդական կայսրութեան ենթակայ եփրատական տարածքներու մէջ ստեղծուած էին հայկական իշխանութիւններ՝ հայ կառավարիչներով: Այսպէս, Մալաթիոյ մէջ սերնդէ-սերունդ փոխանցուած աւանդութիւններու այս շարքը զուգահեռներ կը գծէ պատմական իրական դէպքերու եւ դէմքերու հետ, որոնց նախատիպերը կան Մալաթիոյ պատմութեան մէջ: Յիշենք, մասնաւորաբար, հայ իշխան, բիւզանդական զօրավար եւ միապետ Փիլարտոս Վարաժնունին (11-րդ դար), նոյն ինքն՝ Մալաթիոյ կառավարիչ Գաբրիէլ իշխանը (1055-1103), կամ Վասիլ իշխանը (Գող), որ փաստացի իշխանութիւն ստացած էր Մելիտինէի վրայ (1102) եւ ուրիշներ: Այս շարքին է նաեւ այն վկայութիւնը, թէ Ս. Փրկիչ վանքը քանիցս յարձակումներու եւ թալանի ենթարկուած է, սակայն բարեպաշտ իշխաններ զայն վերակառուցած են. նաեւ վերյուշի սա պատկերը՝ մելիտինեցի մեծատունները հարստացուցած, շէնցուցած եւ բարգաւաճ վիճակի հասցուցած են վանքը [129]:

Պատմականն ու աւանդականը միահիւսող այս շղթային մաս կը կազմեն նաեւ վանքի աւերին ու աւարին մասին շրջանառուող զրոյցները: Մասնաւորապէս կը յիշուի, որ մոնղոլ-թաթարական արշաւանքներու շրջանին (1141) կողոպտուած են վանքին գանձերը [130], այնուհետեւ լէնկթիմուրեան աւերիչ արշաւանքներու ժամանակ հիմնովին աւերուած է ու անկէ վերջ շիջած է վանական կեանքը: Վանքին մասին բոլոր վկայութիւնները, յիշատակութիւնները կը հաստատեն, որ Անարծաթն իր շքեղ շինուածքով, իրեն պատկանող կալուածներով եղած է շէն ու փարթամ վանք: Մալաթիացիք աւանդաբար կ’ըսէին որ «այս մեծաշէն վանքին աւերքը Լէնկթիմուրի ձեռքով է եղած» [131], ինչը կը հաստատուի նաեւ հետեւեալ երգի կրկնակ տողերով.

Փրկիչն ու Բժիշկը Լէնկ Թէմուր քակից,
Քարերը ձեռքէ ձեռք Մուրատը (Եփրատը) թափից [132]:

Այդպիսով, վանքը կորսնցնելով իր միաբանները, նաեւ հովանաւորող իշխանները, վանական կեանքը կը դադրի եւ վանքը կը շարունակէ իր գոյութիւնը իբրեւ սրբավայր եւ ուխտատեղի: Փաստօրէն այդ դարերէն սկսեալ վանքը շրջանի հայութեան համար դարձած է ուխտագնացութեան վայր, ուր մատաղներ կը զենուէին, ուխտեր կը կատարուէին, նաեւ կ’ըլլային ժողովրդային տօնախմբութիւններ:

Վանքը, թէեւ վաղուց արդէն քայքայեալ ու աւերակ վիճակի մէջ, բայց կը մնար մալաթիահայոց պաշտելի սրբատեղիներէն մէկը:

Անարծաթ Բժիշկի վկայագրող Ա. Քէքէվեանի հաղորդմամբ, մինչեւ 1893-ի մեծ երկրաշարժը գործածելի վիճակի մէջ եղած են գլխաւոր տաճարը եւ քանի մը խորաններ: Կանգուն եղած են նախաստեղծ շինութիւններու մնացորդներ՝ քարակոփ, հաստ պատեր, այդ թուին՝ երկու-երեք կանգուն երկարութեամբ եւ նոյնքան բարձր պատ մը, որուն վրայ հայերէն արձանագիր մը ու բեկբեկուած խաչքար մը դեռ կը մնային իրենց տեղը [133]: Վանքէն ներս կար մնայուն ժամկոչ-պահապան, ուխտագնացութիւններ եւ եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարուէին: «Սակայն մեծ շարժը,– կը գրէ հեղինակը,– ի սպառ վերջ դրած է, հող ու քարակոյտի մը վերածելով այդ դարերու գեղեցիկ ու երախտաւոր հաստատութիւնը» [134]: Ըստ երեւոյթին երկրաշարժին հետեւանքով վթարային վիճակի մէջ գտնուելով Անարծաթը ամբողջովին լքուած է, ուխտագնացութիւններն ալ հետզհետէ նուազած են: Այս ենթադրութեան օգտին կը խօսի նաեւ Գէորգ Մելիտինեցիի այն վկայութիւնը, թէ Անարծաթ Բժիշկի քանդումէն ետք Ս. Փրկիչ վանքը իբրեւ ուխտատեղի աւելի կարեւորութիւն ստացած է [135]: Այս հպանցիկ ակնարկը կը հիմնաւորէ մալաթիացի տեղագիրներու այն վարկածը, թէ մինչեւ 1895՝ Անարծաթը եղած է մալաթիահայոց ամէնէն սիրելի, համաժողովրդային ուխտագնացութեան վայրը: Մալաթիացի Ք. Թաշճեան իր յուշերուն մէջ կը խօսի 1889-ին Անարծաթ Բժիշկի մատրան մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մասին, որուն ընթացքին «ժողովուրդը ծնկաչոք, ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէր» [136]:

Անարծաթին վրայ հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք, Սրուանձտեանց կը պատմէ մօտիկ անցեալին պատահած դէպք մը: Մալաթիոյ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչները փորձ կատարած են կառավարութեան միջոցով Անարծաթին տիրելու եւ հոն նոր վանք մը կառուցելու: Մայր համայնքը թէպէտ ատենին ձախողցուցած է գաղտնի գործարքը [137], այդուհանդերձ, Սրուանձտեանց չի վարանիր քննադատական խօսք հնչեցնել անոնց հասցէին. «Հազիւ արթնցեր են հայք, եւ թէպէտ յաջողեր են խափանել..., այլ իրենք գէթ մատուռը նորոգած չեն» [138]։

Յատկանշական է, որ նոյն այս մտահոգութեան մասին տարիներ ետք կը խօսի նաեւ Կարապետ քահանայ Պէննէեան, որմէ կը հետեւի, թէ բան մը չէ փոխուած. «Իցիւ թէ ազգայինք ձեռնամուխ ըլլային այս վանքը նորոգելու»,– ցաւով կը նկատէ տէր հայրը, նշելով, թէ «անգին գանձ մը ժառանգ թողուցած պիտի ըլլան ապագայից»՝ հոն վարժարան մը հաստատելով [139]։ Հեղինակը վրդոված նաեւ կը յայտնէ, թէ վանքին ընդարձակ հողերը բոլորովին խոպանցած, թողլքուած էին, մինչդեռ կանոնաւոր մշակելու պարագային կրնային բերք ու բարիքի վերածուիլ եւ շահոյթ ապահովել [140]:

Մալաթիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Խաչատուր վրդ. Տէր Ղազարեան իր 1902-ի տեղեկագիրին մէջ Անարծաթ Բժիշկին համար կը գրէ՝ աւանդաբար կը պատմուէր, թէ մեծաշուք վանք մը ըլլալով, անոր շրջակայքը գտնուող ընդարձակ արտերն ու այգիները ատենօք պատկանած են վանքին եւ անյայտ ժամանակի մը վանքը աւերուած է ու անոր կալուածները ուրիշներ գրաւած են [141]։

Վանքին շուրջի ընդարձակ դաշտավայրերը, կանաչախիտ այգիները յստակօրէն կ’ուրուագծէին երբեմնի ճոխ ու փարթամ վանքին սահմանները: Այս տեսարանին մասին Ասլանեան կը գրէ. «Բլրակէն աչքերնիս չը յագենար դիտելէն, ... զի այնչափ բազմազան ու բիւրազան են տեսարաններն, ու բազմերանգ՝ կանանչներու, ծառերու եւ ծաղիկներու տեսակները», վանքին աջ կողմը ամբողջ՝ կայ «այգեստան մը իր միլիոնաւոր որթատունկերով» [142]։ Սրուանձտեանց զմայլանքով կը խօսի վանքը շրջապատող «կանաչագեղ գորգերով խիստ զուարճալի» տեսարանին մասին, դիտարկելով միաժամանակ թէ վանքին հողատարածքները թուրք եւ քիւրտ աղաներու ենթակայութեան անցած էին [143]։

Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ մինչեւ 1895 մասամբ կանգուն էին տաճարին պատերը, կամարները եւ այլն: Ջարդերու ատեն «խեղճ Անարծաթ Բժիշկ»ի վերջին յիշատակներն ալ կը ջնջուին [144]։

Անարծաթ Բժիշկի վանքին շրջակայքը

Անդեղ ու Անարծաթ բժիշկը

Ժողովուրդը խոր հաւատք կը տածէր այս ուխտավայրին նկատմամբ, որ աւանդաբար դարձած էր մալաթիահայերու «անդեղ» ու «անարծաթ» բժիշկը, ուր կը դիմէին քաղաքէն եւ մերձակայ գիւղերէն ուխտաւորներու հոծ բազմութիւններ [145]։

Բուժիչ յատկութիւններ վերագրուած էին ինչպէս «հիւանդաց օգնական» սրբավայրին, նոյնպէս անոր ջուրին: Վանքի շրջափակին մէջ կար ժայռափոր հսկայ քարայր մը: Ժայռի վարի մասէն կը բացուէր մեծ խորշ մը, ուրկէ քանի մը մարդ հանգիստ կրնային մուտք գործել: Քարայրին մէջ կը հոսէր սառնորակ, հողահամ ջուր մը, որ հանքային ըլլալուն՝ շատ հիւանդութիւններ կը բուժէր: Մալաթիացիք խոր հաւատք եւ համոզում ունէին այս ջուրի բուժիչ զօրութեան, անոր աւերակներուն այցի կու գային գերազանցապէս բուժական նպատակներով [146]։ «Դեռ մեր օրերուն իսկ,– կը գրէ մեր յուշագրողը,– անոր աւերակներուն այցելուներ չէին պակսեր» [147]։ Անոնք կու գային Անարծաթի բուժարար ջուրով լուացուելու, իբրեւ սպեղանի իրենց մարմնին քսելու, իսկ անկարողներու, հաշմանդամներու համար շիշերով ջուր կը լեցնէին եւ հետերնին կը տանէին [148]: Այդ ջուրը որպէս դարման կը խմցնէին ներքին հիւանդութիւններ կամ ներքին ցաւեր ունեցողներուն. ապացուցուած էր անոր բուժիչ ազդեցութիւնը յատկապէս փայծաղով հիւանդներու պարագային: Կ’ըսէին, թէ յօդացաւէ տառապողներ այս ջուրէն խմելով եւ մարմինին ցաւող մասերը այս ջուրով ցօղելով, ընդմիշտ կ’ազատէին ցաւէն [149]: Մալաթիացիք այս ջուրը «ամէնաբոյժ», «ամէն տեսակ ցաւի դարման» կը սեպէին [150] ու անվերջ պատմութիւններ կը պատմէին անոր հրաշագործութիւններուն մասին [151]:

Ա. Քէքէվեան կը յայտնէ, որ վանքը իր «Անարծաթ Բժիշկ» անունը այդ ջուրէն առած էր, «որովհետեւ դիմողէն եւ դարմանուողէն վարձ չէր պահանջեր» [152]: Ակնյայտ է, որ սոյն մեկնաբանութիւնը արտացոլումն է ժողովրդային մտայնութեան: Ընդհանրապէս՝ թէ՛ վանքին բուժարար խորհուրդը, թէ՛ քարայրը, թէ՛ ջուրը եւ թէ՛ այլ ենթաիմաստներ, ուղղակի կապ ունին վանքի հիմնարար սուրբերուն՝ Կոզմա եւ Դամիանոս «անարծաթ» բժիշկներու վարքաբանական կամ վկայաբանական շերտերուն հետ: Յայտնի է որ Ս. Կոզմա եւ Ս. Դամիանոս երկուորեակ եղբայրները կը շրջէին մարդոց մէջ եւ կը բժշկէին զանոնք: Անոնք իրենց կատարած բժշկութեան դիմաց վարձք չէին ուզեր, այդ պատճառով ստացած էին «անարծաթ բժիշկներ» անուանումը: Այս իմաստով Անարծաթ Բժիշկ վանքին շուրջ ձեւաւորուած աւանդութիւնները, սովորոյթները եւ հաւատալիքները, խորքին մէջ «բժշկող» սուրբերու կեանքի ու վարքագծի արձագանգներն են, մասնաւորապէս այն փաստին, որ «վանքը իր կատարած բժշկութիւններուն համար երբեք վարձք չէր առներ» [153]։

Աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւնները, զանազան վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ վանքը բժշկող սուրբերու անուամբ կոչուիլը, անոր բուժական յատկանիշները եւ այլ հաւատալիքներ մտածել կու տան, թէ գուցէ այս վանքը մէկն էր վաղ միջնադարուն հայկական աղբիւրներու մէջ յիշատակուած Անարծաթ Բժիշկ հրաշագործ վկաներու մարմնոց մասունքներու վրայ շինուած հին վկայարաններէն։ Հաւանաբար 11-12-րդ դարերուն՝ վանքերու կառուցման վերելքի շրջանին, կառուցուած է վանական համալիրը:

Հայրենական խրախճավայր

Վանքի փէշերուն տակ փռուած Բունարպաշիի հսկայական աւազանը, շրջակայքի ամէն ձոր, լեռ ու բլուր, ալպեան մարգագետին թէ սաղարթախիտ անտառ ու ծառաստան, յատուկ գրաւչութիւն կը հաղորդէր վանքի միջավայրին: Կ’ըսուի թէ առաջները այս տեղերը իրենց բնական հարստութիւններով եղած են արիասիրտ կտրիճներու որսի, զբօսանքի ու վայելքի սիրելի վայրերը [154], իսկ Բունարպաշիի կանաչ թաւիշով ծածկուած ափունքը եղած է ուխտագնացութիւններու հանդիսավայր-խրախճանավայրը: Մալաթիացի յուշագրող մը «հայրենական խրախճավայր» եւ «զբօսավայրերու թագուհի» կ’անուանէ վանքի ստորոտէն հոսող Բունարպաշի աղբերակը, որ ի հնուց անտի պաշտամունքի առարկայ դարձած էր իր կենարար ու բուժիչ ջուրով [155]: Ուխտաւորները կը սիրէին հաւաքուիլ Բունարպաշիի մօտ, երբ համաժողովրդային ուխտագնացութիւնները կը շարունակուէին:

Բունարպաշիի ջուրը

Վանքին առջեւ՝ թաւշեայ խոտերէ կազմուած մարգագետիններու մէջ կը ծփար Բունարպաշիի բնաշխարհիկ աւազանը, որ բազում ջուրերու եւ ակերու միախառնումն էր: Անոր արծաթափայլ ջուրերուն մէջ ձուկեր կը լողային [156]: Ասլանեան վարդապետ կը յիշէ, թէ հին օրերուն այս ակնաղբիւրին քով կը գոյանային ուխտաւորներու շարքեր, որոնք կու գային անոր զուլալ ջուրով լուացուելու եւ բուժուելու [157]: Ի զուր չէ, որ այս փաստը իր անդրադարձը գտած է նաեւ Մալաթիոյ ժողովրդային երգին մէջ՝ «Բունար Պաշու ջուրը ակէն օրհնուած է» [158]: 

Իբրեւ բացառիկ նմոյշ մը կը բերենք Մալաթիոյ հայոց ժողովրդային, գուսանական երգացանկէն երգ մը, որ ի յայտ կը բերէ պատմական յիշողութիւններու մէջ ամբարուած ուշագրաւ զուգորդումներ Մալաթիոյ եռեակ վանքերու մասին: Մալաթիացի Ք. Թաշճեանի վկայութեամբ՝ պատմական այս «ոտանաւորը» գրուած է Վարի քաղաքի (պատմական Մելիտինէ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցիի ժամագիրքերէն մէկուն մէջ: Հեղինակը նաեւ կը յայտնէ, թէ իր հայրը այդ ոտանաւորը պզտիկ եղած ատեն գոց սորվեցուցած էր իրեն [159]: 

Ամենակալն Աստուած Աբգար առաքեց,
Ասորւոց վիճակին թագաւոր կարգեց,
Իր ողորմութեամբը Մելտին աւագեց [շէնցուց, ընդարձակեց],
Զօրեղ Լուսաւորիչ, մեծդ Սուրբ Փրկիչ,
Հիւանդաց օգնական Անարծաթ Բժիշկ:

Մելիտինու քաղքին խազնա փարատեց [գանձերով օծեց],
Աստուածային անուան Ս. Փրկիչ շինեց,
Քառասուն խորնի վրայ սեղան հաստատեց,
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Թադէոս առաքեալ հայոց թեմելին [թեմը հովուեց],
Երեք հարուր վաթսունը վեց կամարին, 
Քառասուն խորան եւ քառասուն սեղանին,
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Թադէոս առաքեալ ձեռօքը օծեց,
Հաւատացեալ ժողովուրդը մկրտեց,
Ի սուրբ մարմին եւ արիւնէն հաղորդեց,
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Աբգար թագաւորն ալ մուրատին հասաւ,
Ադինայ դրախտը ծաղիկ մը բուսաւ,
Աստուածային լուսով լուսաւորեցաւ,
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Ի Մելիտինու կ’ելլայ եայան [ոտաւոր, ոտքով] ձիաւոր,
Գոհանամին տակէն կ’երեւայ ուխտաւոր,
Դուն ամմէնուս հասնիս Փրկիչ զօրաւոր,
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Բունար Պաշու ջուրը ակէն օրհնած է,
Անարծաթ Բժիշկն ալ վրան շինուած է,
Մելիտինու քաղաքը ջրին էհտաճ [կարօտ, կարիք] է,
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Մենք զարմանք կը մնանք Չինարի ծառին,
Երանութիւն կու տաք Աբգար արքային,
Ճեմալին [գեղեցիկ տեսք ունեցող] կարօտն եմք Սուրբ Սոփիային,
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Զօրեղ Լուսաւորիչ վանքերուդ հայեց, 
Փրկիչն ու Բժիշկը Լէնկթիմուր քակեց, 
Քարերը ձեռքէ ձեռք Մուրատը թափեց:
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Զօրեղ Լուսաւորչայ աղօթքը հասաւ,
Անգութ Լէնկթիմուրը շուտ ոչնչացաւ (այլ տարբերակի մէջ՝ չարաչար սատկաւ)
Քրիստոնեայ ազգը շատ պայծառացաւ (այլ տարբերակի մէջ՝ Հայ քրիստոնեայ ազգը պայծառացաւ)
Զօրեղ Լուսաւորիչ...

Սուրբ Փրկչայ դօռդան լարեցաք մէճլիս (Սուրբ Փրկիչի դռանը ժողով/հանդէս կազմեցինք) 
Մեղաւոր, անարժան կապեցաք թէճնիս (տեսթան, երգ կապել)
Մեզ վերջի ճաշակնուս մահրում չի հանես: (Սբ. Հաղորդութենէ չզրկես/անմասն չթողուս) 
Զօրեղ Լուսաւորիչ... [160]:

  • [1] Կարապետ քհնյ. Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական եւ ազգագրական աշխատասիրութիւնը եւ Գրիգոր Խանձեանի Մալաթիոյ գաւառաբարբառը, հրատարակութիւն Մալաթիոյ Կրթասիրաց Ընկերութեան հարազատ Կեդրոնական Վարչութեան, առանց հրատարակութեան վայրի եւ թուականի նշումներու [Հալէպ, 1942], էջ 58: Տե՛ս նաեւ Մկրտիչ Որբերեան, «Մալաթիա», Բիւրակն շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 1900, թիւ 8, էջ 117:
  • [2] Յ. Վիւնշ, «Պէկ-Տաղ եւ Մալաթիա», Հանդէս Ամսօրեայ, Վիեննա, 1892, թիւ 1, էջ 5: [Հրատարակուած է՝ Wünsch J. Der Berg Dagh und Malatia. Mittheilungen der k. k. Geographischen Gesellschaft in Wien, 1891. №. 8]
  • [3] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 58: 
  • [4] Տրդատ վրդ. Պալեան, Հայ վանօրայք, կազմեց՝ Կ. Աւետեան, Վաղարշապատ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչութիւն, 2008, էջ 216:
  • [5] Հ. Ղուկաս վրդ. Ինճիճեան, Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի, Ա. հատոր, Ա մասն – Ասիա, Վենետիկ – Ս. Ղազար, 1806, էջ 322:
  • [6] Նոյնը: Հեղինակը կը մէջբերէ վանքին մասին աւանդութիւն մը Քեաթիպ Չէլէպիէն, որ կ’ըսէ թէ ծնունդով մալաթիացի Պատալ Ղազի անունով փաշան երբ ուխտի կու գայ այստեղ՝ ուխտաւորներու բազմութեամբ, Մէլէք Ահմէտ փաշան քարաշէն գմբէթ մը կը կանգնեցնէ տաճարին վրայ՝ 1646-ին: Թէպէտ նշուած թուականը չի համապատասխաներ Պատալ Ղազիի ժամանակաշրջանին, այդուհանդերձ, աւանդութիւնը շատ հին շերտեր կը պարունակէ վիպականացած կերպարին հետ: Ըստ պատմական աղբիւրներու, ան զոհուած է Բիւզանդական Կայսրութեան դէմ պատերազմի ժամանակ՝ մօտ 740 թուականին, այդ պատճառով կոչուած է «ղազի»՝ այսինքն պատերազմիկ: Անոր անուան կը կապուի նաեւ Հին Մելիտինէի մօտ գտնուող Սէյիտղազի կոչուած վայրը, ուր կը գտնուէր Պատալ Ղազիի դամբարանը, որ Օսմանեան Կայսրութեան վաղ շրջանին սրբավայրի վերածուած էր:
  • [7] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 58:
  • [8] Գէորգ վրդ. Ասլանեան, «Մենաստաններու շուրջը. Ս. Լուսաւորիչ եւ Անարծաթ Բժիշկ», Մասիս շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 1906, թիւ 20, էջ 318:
  • [9] Արշակ Ալպոյաճեան, Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց – Տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական, Պէյրութ, տպարան «Սեւան», 1961, էջ 609:
  • [10] Պատմութենէն յայտնի է, որ վանքերն այս շրջանակին մէջ շատցած են 11-րդ դարէն սկսեալ, երբ Վասպուրականի բնակչութենէն մաս մը՝ Սենեքերիմ Արծրունի թագաւորին գլխաւորութեամբ, կը հաստատուի Փոքր Հայքի     հայաբնակ գաւառներու մէջ եւ իշխանութիւն կը ստանայ եփրատական երկրամասին վրայ, որուն մէկ թեւը Եփրատի աջ ափէն կ’երկարէր մինչեւ Մալաթիա: Յատկանշական է, որ այդ ժամանակ հիմնուած վանքերը մեծ մասամբ կոչուած էին Վասպուրականի վանքերուն անուններով եւ կը պահէին Արծրունիներու հարստութեան յիշատակները: Հաւանաբար, այդ ժամանակաշրջանէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ գոյատեւած եզակի վանքերէն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վանքը: 
  • [11] Տե՛ս Հայերէն ձեռագրերի յիշատակարաններ, Ե.-ԺԲ. դարեր, աշխատասիրեց Արտաշէս Մաթեւոսեան, Մատենադարան, Երեւան, 1988, էջ 100, 116, 157, 160...: 
  • [12] Նոյնը: Տե՛ս նաեւ Հ. Համազասպ վրդ. Ոսկեան, Սեբաստիայի, Խարբերդի, Տիարպէքիրի եւ Տրապիզոնի նահանգներու վանքերը, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1962, էջ 110-114:
  • [13] Հայերէն ձեռագրերի յիշատակարաններ, Ե.-ԺԲ. դարեր
  • [14] Նոյնը: Տե՛ս նաեւ՝ Ինճիճեան, Աշխարհագրութիւն..., էջ 322:
  • [15] [Գ. Ժ.], «Մալաթիոյ մագաղաթեայ ձեռագիր Աւետարանը», Նոր Մալաթիա, Ա. Մ. Ն., 1953, թիւ 1-4, էջ 11:
  • [16] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58: Տե՛ս նաեւ՝ Ասլանեան, Մասիս, էջ 318: Յատկանշական եւ հետաքրքրական է, որ Գրիգոր Լուսաւորչի՝ Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ եկեղեցիներ ու վանքեր հիմնելու մասին յայտնի ու շատ տարածուն աւանդութիւնը միաձուլուած է Մալաթիոյ մէջ պատմուող աւանդազրոյցին: Այստեղ, որպէս վանքի կառուցող հանդէս կու գայ ոչ թէ Գրիգոր Լուսաւորիչը, այլ՝ հայ իշխանը, որ նախանշուած տեղը կը կառուցէ վանք մը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուամբ:
  • [17] Տե՛ս Սիմէոն դպրի Լեհացւոյ ուղեգրութիւն, տարեգրութիւն եւ յիշատակարանք, ուսումնասիրեց եւ հրատարակեց Հ. Ներսէս Ակինեան, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1936, էջ 190: 
  • [18] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 598: 
  • [19] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58: Տե՛ս նաեւ Գէորգ արքեպս. Ասլանեան, «Պատառիկներ լուսածիր շաբաթացեալ վանքերէն» Բազմավէպ ամսագիր, Վենետիկ – Ս. Ղազար, 1937, թիւ 12, էջ 108-109:
  • [20] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58: Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109: 
  • [21] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58:
  • [22] Նոյնը:
  • [23] Նոյնը:
  • [24] Նոյնը, էջ 60: 
  • [25] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 108:
  • [26] Նոյնը, էջ 109: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի հայ գրչութեան եւ մանրանկարչութեան գլուխգործոցներէն՝ Մալաթիա քաղաքին անունով կոչուած նշանաւոր ձեռագրին: Յիրաւի, երբ կը խօսինք Ս. Լուսաւորիչ վանքին մասին, չենք կրնար չանդրադառնալ ընդհանրապէս Մալաթիոյ, մասնաւորապէս վանքի պատմութեանն առնչուող «Մալաթիոյ Աւետարան»ին, որ մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը կը պահուէր Ս. Լուսաւորչի վանքին մէջ: Բարձրարժէք այս Աւետարանը գրչագրած ու պատկերազարդած է Թորոս Ռոսլին՝ 1267-1268-ին, Հռոմկլայի մէջ (Կիլիկիա)՝ Կոստանդին Բարձրբերդցի կաթողիկոսի համար, իբրեւ ընծայ Հեթում արքայորդւոյն (Հեթում Բ.): Հետագային, հաւանաբար Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, Մալաթիա բերուած եւ երկար դարեր պահուած է Ս. Լուսաւորչի վանքին մէջ, այդ պատճառով ձեռագիրը ուսումնասիրողներու կողմէ կոչուած է «Մալաթիոյ Աւետարան»: Վերջինիս ճակատագիրը սերտօրէն կապուած է մալաթիահայոց ճակատագրին հետ. ան քանիցս կողոպտուած է վանքի յարձակումներու ընթացքին եւ ժողովուրդին նուիրատւութիւններով փրկագնուած է թուրքերէն: 1895-1896-ի ապտուլհամիտեան ջարդերու ժամանակ, Ս. Լուսաւորիչ վանքին թանկագին սպասներուն եւ ձեռագիրներուն հետ այս Աւետարանը եւս կը գողցուի: Որոշ ժամանակ յետոյ վաճառքի կը հանուի Ատանայի մէջ: Տեղւոյն առաջնորդարանը պահանջուած գումարը վճարելով կը գնէ զայն: Ապա՝ Մալաթիոյ առաջնորդին եւ ազգայիններուն կրկին դիմումներուն վրայ՝ Աւետարանը կը վերադարձուի տէրերուն: 1915-ին՝ Մեծ Եղեռնի թոհ ու բոհի ժամանակ, Աւետարանը կը գրաւեն Լքեալ գոյքերու յանձնախումբի երկու անդամներ։ Կառավարութիւնը գողօնը յայտնաբերելով՝ կը դնէ Խարբերդի պետական գանձատունը, ուրկէ, այլ թանկարժէք ձեռագիրներու եւ եկեղեցական սպասներու հետ կը փոխանցուի Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին (Ալպոյաճեան, Պատմութիւն Մալաթիոյ, էջ 611), ապա՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին: 1975 թուականին ձեռագիրը կը նուիրուի Մաշտոցեան Մատենադարանին, ուր կը պահուի 10675-րդ համարին տակ (տե՛ս Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, Կոստանդնուպոլիս, տպագր. Ե. Մ. Տնտեսեան, 1879, էջ 327-331. տե՛ս նաեւ Հայերէն ձեռագրերի յիշատակարաններ, ԺԳ. դար, կազմեց Արտաշէս Մաթեւոսեան, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1984, էջ 273: Հմմտ. Ցուցակ ձեռագրաց Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Գ. հատոր, կազմեց Ա. Մալխասեան, Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 2007, էջ 33, 88-89:
  • [27] Նոյն այս Սիմէոն եպիսկոպոսին կը հանդիպինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վանքէն մեզի հասած ձեռագիրներու յիշատակարաններու մէջ իբրեւ «անյաղթ փիլիսոփայ եւ վերադիտող (առաջնորդ) Մելիտինոյ»:
  • [28] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, Կոստանդնուպոլիս, տպագր. Ե. Մ. Տնտեսեան, 1879,, էջ 313: Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 60: Տե՛ս նաեւ՝ Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109: Եկեղեցւոյ մուտքի բարաւորին արձանագրութիւնը աղբիւրներու մէջ բերուած է տարընթերցումներով, երբեմն սխալներով: Համադրական ճշդումը՝ մեր կողմէ:
  • [29] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117:
  • [30] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58: Տե՛ս նաեւ՝ Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 108:
  • [31] Պէննէեան, նոյնը: Տե՛ս նաեւ՝ Ասլանեան, Մասիս, էջ 319:
  • [32] Հ. Անդրէաս վրդ. Աղեքսանդրեան, Պատմութիւն ականաւոր քաղաքին Սեբաստիոյ եւ սահմանաց նորա կամ արքեպիսկոպոսութիւն նորին, Վենետիկ - Ս. Ղազար, 1911, էջ 400:
  • [33] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58: 
  • [34] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, էջ 313: Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [35] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 563:
  • [36] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 119:
  • [37] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, էջ 311:
  • [38] Նոյնը, էջ 312:
  • [39] Նոյնը, էջ 312-313: 
  • [40] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 59: 
  • [41] Գէորգ Մելիտինեցի, Նախճիրներ (1915-1918), Պոսթոն, տպարան «Հայրենիք», 1929, էջ 33:
  • [42] Պօղոս Առաքելեան, «Մեր վանքը», Պապ-Ուխտի, պարբերաթերթ Մալաթիոյ Կրթասիրաց Ընկերութեան հարազատ Կեդրոնական Վարչութեան, Քլիվլենտ – Ա. Մ. Ն., 1949, թիւ 50, էջ 11:
  • [43] Պօղոս Առաքելեան, «Կարծես ըլլար հէքիաթ», Պապ Ուխտի, 1935, թիւ 2, էջ 11:
  • [44] Նոյնը:
  • [45] Ասլանեան, Մասիս, էջ 318:
  • [46] Մելիտինեցի, Նախճիրներ…, էջ 33:
  • [47] Նոյնը, էջ 32:
  • [48] Նոյնը, էջ 33:
  • [49] Կ. Նաճարեան, Պապ Ուխտի, 1935, թիւ 3, էջ 9:
  • [50] Մելիտինեցի, Նախճիրներ…, էջ 34:
  • [51] Առաքելեան,Պապ Ուխտի, 1949, թիւ 50, էջ 9: Մելիտինեցի,Նախճիրներ…, էջ 33: 
  • [52] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 59: 
  • [53] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117: Նաեւ՝ Ասլանեան, Բազմավէպ, 109:
  • [54] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 59: Տե՛ս նաեւ՝ Ասլանեան, Բազմավէպ, 109:
  • [55] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, էջ 313:
  • [56] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 59:
  • [57] Նոյնը: 
  • [58] Նոյնը:
  • [59] Ասլանեան, Մասիս, էջ 319:
  • [60] Նոյնը:
  • [61] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58: 
  • [62] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 108:
  • [63] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 59: 
  • [64] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 609:
  • [65] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 118:
  • [66] Նոյնը:
  • [67] Հ. Անդրէաս վրդ. Աղեքսանդրեան, Պատմութիւն ականաւոր քաղաքին Սեբաստիոյ..., էջ 400-401:
  • [68] Նոյնը, էջ 401: 
  • [69] Տրդատ վրդ. Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 217:
  • [70] Ալպոյաճեան…, Պատմութիւն, էջ 609:
  • [71] Ասլանեան, Բազմավէպ, 1938, էջ 109: Նոյնի՝ Մասիս, էջ 319: 
  • [72] Առաքելեան, Պապ Ուխտի, 1949, էջ 10:
  • [73] Նոյնը, էջ 11։
  • [74] Նոյնը։
  • [75] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [76] Առաքելեան, Պապ Ուխտի, 1949, էջ 11:
  • [77] Ասլանեան, Մասիս, էջ 319:
  • [78] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 58: Ասլանեան, Մասիս, էջ 319: Տրդատ վրդ. Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 217:
  • [79] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [80] Ս. Ափալաքեան, «Յուշեր եւ խոհեր», Պապ Ուխտի, 1941, թիւ 2, էջ 7:
  • [81] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 609:
  • [82] Նոյնը, էջ 614:
  • [83] Միսիոնար դոկտ. Քալեպ Ֆրէնք Կէյց (Caleb Frank Gates, 1857-1946) 1894-1902-ին վարած է Խարբերդի Եփրատ գոլէճին, 1903-1932-ին՝ Ռոպերթ գոլէճի (Կ. Պոլիս) տնօրէնութիւնը:
  • [84] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 614:
  • [85] Առաքելեան, Պապ Ուխտի, 1949, էջ 12:
  • [86] Նոյնը, էջ 11-12:
  • [87] Նոյնը, էջ 13:
  • [88] Ասլանեան, Մասիս, էջ 119:
  • [89] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 59:
  • [90] Առաքելեան, Պապ Ուխտի, 1949, էջ 9:
  • [9 ] Նոյնը:
  • [92] Նոյնը, էջ 11: 
  • [93] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 118: Յետագային մալաթիացիք այս կիրճը «մահուան ձոր» պիտի կոչէին: Յայտնի է, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Մալաթիան կեդրոնավայր եղած է տարագրութեան ուղիներու վրայ, հազարաւոր հայեր քշուած ու սպաննուած են այս կիրճին մէջ: Այդ բազմութիւններուն կը խառնուէին նաեւ Մալաթիոյ հայերը: Ին Տէրէի մասին բանաստեղծութիւն մը ունի Ա. Շահան՝ «Ինտարա, կեանքի հնձան, մահուան ձոր» սկզբնատողով (տե՛ս Պապ-Ուխտի, 1936, թիւ 4, էջ 11):
  • [94] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 599: Այս աւանդութիւնը տարբեր փոփոխակներով տարածուած է Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ: Ըստ ամէնաշատ տարածուած աւանդազրոյցներէն մէկուն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը կեանքին վերջին տարիները անցուցած է Սեպուհ լերան ստորոտը՝ քարայրի մէջ ճգնելով:  
  • [95] Տրդատ վրդ. Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 217:
  • [96] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 118: Տրդատ վրդ. Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 217:
  • [97] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 599:
  • [98] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 49:
  • [99] Գէորգ Մելիտինեցի, «Վանքը», Պապ Ուխտի, 1936, թիւ 1, էջ 12:
  • [100] Կարապետ Նաճարեան, «Յուշեր դպրոցական կեանքէ», Պապ Ուխտի, 1935, թիւ 3, էջ 10:
  • [101] Նոյնը:
  • [102] Նոյնը:
  • [103] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 118: Տե՛ս նաեւ՝ Տրդատ վրդ. Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 217:
  • [104] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 49:
  • [105] Նոյնը:
  • [106] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 118:
  • [107] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 60: Տե՛ս նաեւ՝ Ասլանեան, Մասիս, էջ 317: Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [108] Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Դ. հատոր, կազմեցին Ա. Քեօշկերեան, Կ. Սուքիասեան, Յ. Քեօսէեան, Երեւան, «Նաիրի» հրատարակչութիւն, 2008, էջ 330 (ձեռագիր համար 1253):
  • [109] Հ. Եփրեմ վրդ. Պօղոսեան, «Մալաթիոյ վանքերը», Պապ Ուխտի, 1951, թիւ 56, էջ 5, 7:
  • [110] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 621-623: 
  • [111] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 63:
  • [112] Հրաչեայ Աճառեան, «Մեսրոպ Մաշտոցի Չորրորդ քարոզչական գործունէութիւնը», էջ 7. տե՛ս՝ iling-spb.academia.edu/laacademiadelafluidezyelocuencia
  • [113] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 63:
  • [114] Նոյնը, էջ 60:
  • [115] Նոյնը: 
  • [116] Նոյնը:
  • [117] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [118] Ա.Ք.[էքէվեան], Պապ Ուխտի, 1941, թիւ 4 (28), էջ 5:
  • [119] Նոյնը, էջ 6:
  • [120] Գէորգ Մելիտինեցի, Պապ Ուխտի, 1936, թիւ 1, էջ 12:
  • [121] Ուխտանէս եպիսկոպոս, Հայոց պատմութիւն, թարգմանութիւնը, առաջաբանը եւ ծանօթագրութիւնները Վարագ Առաքելեանի, Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 2006, էջ 87:
  • [122] Մկրտիչ Որբերեան պատմական Մելիտինէի մէջ կը յիշատակէ նաեւ Քառասուն մանուկներու անուամբ ուխտի տապանակ մը, որ կը վկայէ հինէն ի վեր, նոյնիսկ Եկեղեցւոյ առաջին դարերէն սերող զօրաւոր կապ մը այս սուրբերուն նկատմամբ (տե՛ս Բիւրակն, էջ 116):
  • [123] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, էջ 313:
  • [124] Տրդատ վրդ. Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 217:
  • [125] Ասլանեան, Մասիս, էջ 317: Տե՛ս նաեւ նոյնի՝ «Մալաթիոյ վանքերը», Արեւելեան Մամուլ, 23 մայիս,1907, թ. 21, էջ 517:
  • [126] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [127] Մելիտինեցի, Նախճիրներ…, էջ 32:
  • [128] Ա.Ք.[էքէվեան], Պապ Ուխտի, էջ 5:
  • [129] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 620-621:
  • [130] Մելիտինեցի, Նախճիրներ…, էջ 32:
  • [131] Նոյնը. տե՛ս նաեւ՝ Ա.Ք.[էքէվեան], Պապ Ուխտի, էջ 6:
  • [132] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 62:
  • [133] Ա.Ք.[էքէվեան], Պապ Ուխտի, էջ 5:
  • [134] Նոյնը, էջ 6:
  • [135] Մելիտինեցի, Նախճիրներ…, էջ 32:
  • [136] Ք. Թաշճեան, «Անցեալի յուշեր», Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 3, էջ 9:
  • [137] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, էջ 314: 
  • [138] Նոյնը:
  • [139] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական...,, էջ 63:
  • [140] Նոյնը:
  • [141] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 619:
  • [142] Ասլանեան, Մասիս, էջ 317:
  • [143] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, էջ 314: 
  • [144] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 616:
  • [145] Ա.Ք.[էքէվեան], Պապ Ուխտի, էջ 6:
  • [146] Նոյնը, էջ 5:
  • [147] Նոյնը:
  • [148] Նոյնը:
  • [149] Նոյնը. տե՛ս նաեւ՝ Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109: 
  • [150] Ա.Ք.[էքէվեան], Պապ Ուխտի, էջ 5:
  • [151] Ասլանեան, Բազմավէպ, 109: 
  • [152] Ա.Ք.[էքէվեան], Պապ Ուխտի, էջ 5:
  • [153] Նոյնը:
  • [154] Նոյնը:
  • [155] Նոյնը:
  • [156] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, էջ 314: Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [157] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 109:
  • [158] Նոյնը:
  • [159] Թաշճեան, Պապ Ուխտի, էջ 9:
  • [160] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական..., էջ 60-62: Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 616-617: